Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առանձնութիւն, խոհանք, երազ, լըռութիւն,

Խաղա՜ղ ծալքեր հոգւոյս՝ դեռ շա՜տ դիւրազգած,

Անըրջանքի ըստուերալից քաղցր անկիւն,

Կը սիրեմ ձեզ, ըզձե՛զ միշտ եմ փափաքած։

 

Ձեր ծոցին մէջ կը քաղցրանան տըրտմագին՝

Անյաղթելի իմ զզուանքներս ինքնաբոյս.

Հոն կը կանգնէ խաղաղութիւնն իր բագին,

Ուր կը հըսկեմ մաքուր օծմանն իմ հոգւոյս։

 

Առանձնութիւն, երազ, խոհանք, լըռութիւն,

Դըրոշմն ըստոյգ՝ մեծ, վեհաշուք իրերու,

Ես, ծընրադիր նըւաստ մասնիկը փըցուն

Ձեզ նըւիրուած ընծայացու մ՚եմ հըլու։