Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սիրտըս անբաւ սուգերով է բեռնաւոր,

Մինչ՝ հեգնօրէն՝ դեռ պէտք է որ ես ժըպտիմ.

Անկարելի արցունքներուն պէտք է որ

Ես փայփայեմ հեշտին ցաւը մըտերիմ։

 

Ու կ՚ընեմ զայս, Մայր-բընութեան անձնատուր,

Հըպարտ՝ իմ խուլ, իմ անծանօթ սուգերով։

Կ՚անցնիմ կեանքէն՝ հանդարտ քայլովս իմ ամուր,

Ու դէմքըս ա՜լ չունի սուգ, ցաւ կամ վըրդով։

 

Երազաւէտ առտուները կը դիտեմ,

Եւ կամ քըրքումն՝ ըստուերալից իրիկուան,

Կամ գիշերուան լոյսերուն հետ դէմ առ դէմ

Ես կը փընտռեմ հոգւոյս վերջին օթեւանն։