Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՈԹՈՐԻԿԷՆ ԱՌԱՋ

Յունիսի վերջին օրն էր, երբ Վահէն եւ Պաստամեանը միասին մեկնեցան։

Հակառակ որ որոշուած էր Ալէքսանդրոպոլի ձեռնարկը շուտով կատարել, Քաչալի պատահական ձերբակալութեան պատճառով յետաձգուեցաւ։ Կը վախցուէր, որ ժանտարմական վարչութիւնը գրաւած քարտէզի գաղտնիքը կը բանայ։ Բարեբախտաբար, երկու շաբաթուան ընթացքին ոչ մէկ բան արդարացուց այդ կասկածը։ Թէեւ քիչ մը ուշ, այժմ այդ ձեռնարկին համար Աէլքսանդրոպոլ կ՚երթար Վահէն։

Երբ գնացքը Ջաջուրի օձապտոյտ երկաթագծէն վար սողալով կանգ առաւ Ալէքսանդրոպոլի ճերմակ ներկուած կայարանի առջեւ, մեր երկու բարեկամները առաջին պատահած կառքը նստան ու քաղաք գնացին։

Կովկասի մէջ, Ալէքսանդրոպոլը առանձին տեղ մ՚ունի։ Միակ քաղաքն է, ամբողջովին հայկական դիմագծով։ Պետական ցած պաշտօնէութիւնը, ոստիկանութեան ծառայողները, հայեր են, ինչպէս եւ քաղաքի բնակչութեան գրեթէ ամբողջութիւնը։ Քանի մը տասնեակ տուն կազմող յոյն ու թաթար բնակիչներն ալ իրենց մայրենի լեզուն կորսնցուցած՝ հայերէն կը խօսին։

Երկու ընկերները իջեւանեցան Վաճառականական վարժարանի ուսուցիչ Ռուբէն Գէորգեանի մօտ։ Թէեւ ամուսինը դեռ դպրոցէն վերադարձած չէր, բայց տիկին Յասմիկը գրկաբաց ընդունեց հիւրերը, որոնք, ինչպէս կ՚երեւէր, ամուսնու շատ մօտ բարեկամներն էին։

Կէս օրուան մօտ, երբ տան տէրը ներս մտաւ սենեակէն, ուրախ բացագանչութեամբ ընկերներուն մօտ վազեց, որոնք արդէն սեղան նստած էին։

Շատ մտահոգուած էինք ձեր այսքան ուշանալուն համար, ըսաւ Ռուբէնը, համակրելի արտաքինով երիտասարդ մը, եթէ վաղն ալ չերեւայիք, Վաղօն Թիֆլիս պիտի վերադառնար։ Պարոնովի համբերութիւնն ալ հատաւ։ Շաբաթ մը վերջը անոր հերթապահութեան ժամանակը կը վերջանայ ու Աստուած գիտէ թէ՝ մէկ ալ նման առիթ մը կ՚ունենա՞նք…

Ռուբէն, ճաշը պաղեցաւ. ժամանակ տուր որ խեղճերը կերակուր ուտեն, քնքուշ յանդիմանութեամբ ընդմիջեց տիկինը. դուք բոլորդ ալ արդէն այդպէս էք. երբ իրար տեսնաք, ալ ամէն բան կը մոռնաք…

Նոյնիսկ մեր թանկագին կիները, ծիծաղեց ամուսինը. տղաք, երեւակայեցէք, որ կինս կը խանդի նոյնիսկ ձեր վերաբերմամբ, կ՚ըսէ՝ այդ որքա՜ն իրար կը սիրէք։

Իսկի էլ չէ, ու տիկինը դառնալով Պաստամեանին աւելցուց. շատ չար մարդ մը ամուսին ընտրեցի, չէ՞— ու գորովով ամուսնուն նայեցաւ։

Ճաշի վրայ, խօսակցութեան ընթացքին, պարզուեցաւ, որ տեղացի ընկերները ամէն ինչ պատրաստած են՝ մարդիկ, ֆուրկոններ, պահեստներ, ու միայն Վահէ գալուն կը սպասեն։ Դեռ սեղանէն չէին ելած, երբ գանձակեցի Վաղօն աղմուկով ներս ինկաւ սենեակ։

Փառք Աստուծոյ եկաք. աչքերնիս ջուր կտրեցաւ ձեզ սպասելով։ Ուրեմն, այս երեկոյ չէ, վաղը երեկոյ անպատճառ…

Տօ մէկ նստիր ճաշէ, վերջէն կը խօսինք, խնդրեց տանտէրը։

Վահէն կարգադրեց որ այդ գիշեր մասնակցողներէն գլխաւորները իր մօտ հաւաքուին՝ վերջնական քննութիւնէ մը անցընելու համար կատարուած աշխատանքը եւ պատրաստութիւնը։ Վաղօն դուրս ելաւ՝ «մերոնցմէ» կառապան մը բերելու, որ Պաստամեանը Հառինջի վանքը տանի։

Երբ ճաշէն վերջը քաշուեցան Գէորգեանի առանձնասենեակը, Պաստամեանը, Վահէն եւ Գէորգեանը, վերջինս՝ ամփոփ ծանօթութիւն մը տուաւ քաղաքի եւ շրջանի յեղափոխական աշխատանքներու մասին։

Այդ համակրելի երիտասարդը պետական վարժարանի ուսուցիչներէն էր։ Հակառակ որ կովկասեան վարչութիւնը ամէն կերպով կ՚աշխատէր հայերը հեռու պահել պետական պաշտօններէ, ան այն շատ քիչներն էր, որ ծննդավայրին մէջ ուսուցչական պաշտօն մը կրցած էր ապահովել։

Փոքր քաղաքի մը մէջ, ինչպիսին է Ալէքսանդրոպոլը, ամէն մարդ գրեթէ մէկ մէկու կը ճանչնայ, կամ դուռ դրկից է, կամ հեռուէն հեռու՝ խնամի։ Ռուբէնին գրեթէ չճանչցող չկար. քաղաքի ամենէն աչքի զարնող երիտասարդներէն էր, խելօք, եռանդուն ու հասարակական հարցերով հետաքրքրուող։ Եւ բնականաբար, որպէս հասարակութեան բոլոր խաւերէն սիրուած մէկը, կառավարութեան աչքին կասկածելի եւ անբարեյոյս մէկը համարուած էր։ Ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ խուզարկեց Գէորգեանի տունը, բայց ոչինչ գտաւ։ Ասով մէկտեղ ժանտարմական վարչութիւնը հաստատ գիտէր. որ Գէորգեանը յեղափոխական շարժման ղեկավարներէն մէկն է։ Թերեւս շատ բան ներուէր անոր, բայց անոր յամառութեամբ հայ մնալը աններելի յանցանք մը կը նկատուէր։ Անգամ մը ուսուցչական ժողովի ընթացքին, դպրոցի տեսուչը, իսկական ռուս մարդ մը, որ ուղղակի կ՚ատէր բոլոր ոչ-ուղղափառները, մանաւանդ հայերը, դիտմամբ Գէորգով անուանած էր Ռուբէնը։ Բայց վերջինս կտրուկ կերպով հասկցուցած էր տեսուչին, որ իր ազգանունը Գէորգով չէ, այլ Գէորգեան։

Գէորգեանի եւ ընկերներու խօսակցութիւնը չէր վերջացած, երբ Վաղօն կառապանի ընկերակցութեամբ ներս մտաւ սենեակէն։

Վայ բարով, վարժապետ ջան բարով հազար բարով եկար, ու կառապանը յայտնապէս ուրախացած՝ գլխարկը վար առաւ, մօտեցաւ Պաստամեանին եւ հին ծանօթի մը մտերմութեամբ սեղմեց անոր ձեռքը. —գալդ բարի լինի։

Բնաւ չես փոխուիր, Առաքել աբեր, կառապանի ուսը թափահարելով ժպտաց Պաստամեանը, այս իրիկուն կ՚ուզեմ Հառինջի վանքը հասնիլ…

Աչքիս վրայ։ Արեւը մարը մտած չմտած՝ կը հասնինք։

Առաքէլ աբերը մեծ պայուսակ մը եւ երկու խոշոր ծրարներ շալկեց եւ դուրս ելաւ։ Պաստամեանը յայտնապէս յուզուած՝ ընկերներուն ձեռքը ջերմօրէն սեղմեց.

Յաջողութիւն ձեզ։

---------

Քա աղջի՞… գետինը մտնալիք, էդ ուր մնացիր, աղջի՜… հէ՜յ…

Հազիւ լուսացած էր։ Տան մը դռնէն գլուխը կիսովին դուրս հանած, պառաւ կին մը ձորն ի վար կը պոռար։

Վայ ես քու սուգը պահեմ, կը փնթփնթար պառաւը՝ դռնէն ներս քաշուելով։

Թոնրատան անկիւնէն ցախաւելը առաւ ու սկսաւ բարկութեամբ թոնրատունը աւլել, քթի մրթմրթալով։

Էս ի՜նչ վախտ եղաւ, ջրի գնաց… վա՜խ, էս մէջքիս ցաւը… օր հարսակ եղաւ, սատկելիք աղջիկ ո՜ւյ ո՜ւյ, էս անիծած քամին մէջքիս ոսկորին մէջ մտաւ…

Հը՛, ի՞նչ է մարէ՝, առտու կանուխ նորէն լեզուիդ կուտաս։

Խօսողը կարճահասակ երիտասարդ մ՚էր, մուրէն սեւացած դէմքով։ Անոր շատ նիհար դէմքին վրայ կենդանի աչքերը հոլի նման կը դառնային իրենց բունին մէջ։ Ախոռի դուռը անաղմուկ բանալով, թոնրատուն մտած էր։

Քէ մեռնիմ, Յիսուս Քրիստոս, եկողի ձայնն առնելով՝ պառաւը յանկարծակիի եկած՝ դարձաւ դէպի երիտասարդը. քա՛, լեզիս փրթաւ. աճալ աչայիպ մարդիկ էք, ինչպէս ալ առանց ձէնի կը շարժիք…

Մարէ, ջուր տուր՝ երեսս լուամ։

Կա՞յ որ։ Էդ սատկելիք աղջիկը… Ի՜նչ վախտ եղաւ, ջրի գնաց։ Պարոն Սարգիս, քէ մեռնիմ, շատ էրես կուտաք էդ աղջկանը…

Մարէ՛, Սաթօն լաւ աղջիկ է, պատասխանեց երիտասարդը՝ կարեւորութիւն չտալով պառաւի գանգատին, ուր որ է՝ հիմա կուգայ։

Ախոռի դռնէն մէկ մէկու ետեւէ ուրիշ երկու երիտասարդներ ալ դուրս եկան, նոյնպէս մրոտուած դէմքերով ու ձեռքերով։

Հը՛, ջուր չկա՞յ, հարցուց Սարգսին լայն կուրծքով, միջահասակ երիտասարդ մը. էս օր լաւ յոգնեցանք, կարծես ամբողջ թոքերս մրով լեցուած լինին։

Դարտ մ՚ըներ, Կարօ ջան, հեգնօրէն մխիթարեց Հրայրը, լայն դէմքով, հազիւ քսան տարեկան երիտասարդ մը. դարտ մ՚ըներ, շուտով Հառինջ ծխնելոյզ մաքրող մը պիտի գայ։

Ծխնելոյզ մաքրո՞ղ մը, Կարօն չհասկցաւ ընկերոջ ծաղրը։

Հա՛, թոքերդ մաքրելու համար, ծիծաղեցաւ Հրայրը ու երեսը թթուեցնելով՝ քթեց գետին. ֆո՛ւ, կարծես մինչեւ արիւնիս մէջ մտած լինի։ Տօ, էն սապօնի կտորը ի՞նչ եղաւ… Հը՛մ… էն էլ եւ եւս ու նշանակալից հայեացքը դարձուց դէպի պառաւը։

Սափոր մը աջ ուսին, նոյնքան մեծ սափոր մ՚ալ ձախ ձեռքով բռնած՝ ծանր հեւալով Սաթենիկը կանգնեցաւ շէմքի վրայ։

Ծամդ կտրեմ, ես քու պատանքդ կարեմ… էս քանի ժամ եղաւ, ու պառաւը իր սովորական տըռտռոցը սկսաւ։

Երեք երիտասարդներ իրարու օգնելով գէշ աղէկ մաքրուեցան, մինչ աղջիկը թոնրատան աջ անկիւնը դրուած թախտի վրայ նաշխուն սփռոց մը փռելով նախաճաշի սեղանը կը պատրաստէր։

Եարապ, ե՞րբ կարգին բան մը պիտի ուտենք, փնթփնթաց Հրայրը՝ տխրութեամբ սփռոցի շուրջը դրուած դատարկ պնակներուն նայելով, ամէն օր նոյն անհամ ջորվան, պանիրն ու սոխը… մարդ կը զզուի…

Կարօն Եւրոպա եւ Ամերիկա ապրած երիտասարդ մ՚էր։ Հրայրի խօսքերուն վրայ, առաջնակարգ ճաշարանի մը սպասարկողի քաղաքավարութեամբ ծռեցաւ ընկերոջ առջեւ, կարծես ան յաճախորդ մը լինէր, ու երեւակայական ճաշացուցակի մը վրայէն սկսաւ իրարու ետւէ կերակուրներու անուններ կարդալ.

—Տապակած գառան միս, կովկասեան խորոված՝ թոմաթէսով, ծնեփեկ՝ թարմ կարագով, հաւկթով սպաննաղ, խորոված վառեակ, աճմու փիլաւ…

Կաթնապուր, հարսի մատնիկ՝ մեղրով, շարունակեց Սարգիսը՝ գտնելով որ Կարօն քաղցրեղէններու բաժինը պակաս ձգեց եւ ահա քեզի, ու ծանր ձեռքով բամբեց Հրայրի գլուխը, տէ՛, հիմա կշտացա՞ր։

—Տօ՛, ես քու…— ու Հրայրը՝ տեղէն վեր ցատկելով՝ յարձակեցաւ Սարգսի վրայ։

Կարօն ալ օգնութեան հասաւ Հրայրին, ու աննկարագրելի գոռոցով մը սկսան գզուըտիլ։ Կարօն ու Հրայրը կազմով աւելի մեծ էին, բայց չէին կրնար վար բերել Սարգիսը, որ փայլակի արագութեամբ կը դառնար անոնց մէջ՝ մէկ Հրայրը մէկ Կարօն տապալելով գետին, մինչեւ որ յաջողեցաւ երկուքը իրար վրայ պառկեցնելով այդ դիրքով՝ վրանին նստած։

Դրսէն տեսնող մը պիտի կարծէր, թէ ականատես է իրական կռուի մը, մինչդեռ ամենօրեայ խաղ մ՚էր այդ՝ հեռաւոր գիւղի մէջ ինկած երիտասարդներուն համար։

Խեղճ պառաւը, վախեցած հաւի նման կչկչալով, թոնրատան չորս բոլորը կը դառնար շուարած, թէեւ ամէն օր միեւնոյն կռիւը կը տեսնէր, իսկ Սաթենիկը՝ առանց թախտէն վար իջնալու՝ ծիծաղէն կ՚արտասուէր։

Երեք ընկերները, ուրախ կատակելով, վերջացուցին նախաճաշը։ Ամբողջ գիշերը աշխատած էին, յոգնած ու քնատ։ Կարօն ու Հրայրը ախոռէն ներս մտան՝ դուռը պինդ գոցելով, մինչ Սարգիսը ձեռքի սիկարէթը վերջացնելով՝ ելաւ տեղէն եւ դռնէն դուրս ելաւ։

Այդ տունը ուր երկու ամիսէ ի վեր երեք ընկերները կը բնակէին, մեկուսի ինկած գիւղի ամենէն ծայրը ու կը պատկանէր պառաւ կնոջը։ Պառաւը, էրիկ մարդ չունէր, կ՚ապրէր մէկ հատիկ աղջկան հետ՝ ունեցած քանի մը արտերը դրացիներու հետ կիսրար ցանելով։ Շատ մեծ դժուարութեամբ համաձայնած էր իր տան մէջ տեղ տալ այդ երեք անծանօթ երիտասարդներուն, երբ վանահայրն ու գիւղի տանուտէրը բարեխօսած էին անոնց համար։ Խեղճ պառաւը առաջ չհասկցաւ անոնց «ինչացու» լինելը, ծուռ աչքով կը նայէր անոնց վրայ։ Սակայն, շատ չքաշեց, այդ մասին բոլորովին հանգստացաւ. երիտասարդները տան հարազատներու նման կը պահէին իրենք զիրենք։ Ասով մէկտեղ՝ շատ մը պարագաներ կային, որոնց խելք չէր կրնար հասցնել։

Այդ տղաքը, որոնք քիչ մը տարբեր հայերէն ալ կը խօսէին, ինչո՞ւ եկեր էին այդ կորած գիւղը. ո՞վքեր էին երբեմն այցելող խորհրդաւոր մարդիկ, որոնք գիշեր մը մնալով կ՚անյայտանային. ու վերջապէս ինչո՞ւ ախոռի դուռը միշտ փակ կը պահէին ու կ՚արգիլէին զինքը, որ ներս մտնէ։ Ճիշտ է որ, ախոռին մէջ կապ մը կով կամ եզ չունէր, բայց ինք այնպէ՜ս վարժուած էր ամէն առտու ախոռը մտնել, հին օրերու նման, երբ ամուսինը դեռ ողջ էր, ու իրենց քանի մը կապ տաւար ունէին։

Այս տարակուսանքներուն հետ մէկտեղ, պառաւը սկսած էր սիրել այդ երիտասարդները, որոնք այնքան բարեացակամ ուրախ մարդիկ էին։ Ատկէ զատ, պառաւի ինքնասիրութիւնը կը շոյէին վանահօր եւ տանուտէրի յաճախակի այցելութիւնները։

————

Գիւղէն հազիւ հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ կը բարձրանար հնամենի Հառինջի պատմական վանքը, շրջապատուած պարիսպով։ Եկեղեցիէն քիչ հեռու կը գտնուէին վանատունը եւ վանքի տնտեսութեան վերաբերեալ բոլոր բաժանմունքները։ Սքանչելի դիրք ունէր  վանքը։ Արագածի լանջին վրայ թառած։ Այդ տեղէն, անպարփակ հորիզոն կը բացուէր դիտողի աչքին։ Ամբողջ Շիրակի դաշտը, Արագածի փեշերէն սկսած, մանրանկար պատկերի մը նման կը տարածուէր վարը, բազմաթիւ գետերու արծաթ ժապաւէններով ակօսուած։ Դէմն ու դէմը հսկայ սարեր կը բարձրանային՝ մէկ մէկու քամակը ելած։ Եւ անոնց բարձրագոյն գագաթին վրայ կը հանգչէր անառիկ Կարսի բերդը։

Սարգիսը քանի մը րոպէ լուռ կանգնած մնաց վանքի մուտքի առջեւ՝ ագահութեամբ ծծելով առաւօտեան թարմ օդը եւ ապա սկսաւ բարձրանալ քարէ սանդուխէն՝ դէպի վանահօր սենեակը։

Սանդուխի վերի ծայրը պատշգամի վրայ կեցած էր վանահայրը, որ ձեռքը պղինձէ թաս մը բռնած, մէկ ափով ջուրը չպպացնելով երեսը կը լուար։

Աստուած օգնական, Հայր Սուրբ, ձայնեց Սարգիսը վեր բարձրանալով։

Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս… Աստուա՜ծ պահապան… բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո… Տօ առտու կանուխ… գիշերը վատ երա՞զ տեսար…

Գիշերը քնացած ունի՞նք որ, ծիծաղեցաւ Սարգիսը, ըսի՝ երթամ տեսնեմ Պաստամեանը ի՞նչ հալի է…

Տէ՜ր, զի բազում եղեն նեղիչք իմ… արդէն ան ալ քու խելքէն է… Եւ բազումք յարեան ի վերայ իմ… արեւը չծագած սարկաւագի հետ դուրս ելաւ… Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, ամէ՜ն… Արի, արի, ներս մտիր, մէկ մէկ բաժակ տաք թէյ խմենք, աչքերնիս բացուի, հիմա անոնք ալ որտեղ որ է կ՚երեւնան։

Բարի ծերուկ մ՚էր վանահայր Եղիշէ վարդապետը։ Երկու տարի առաջ եկած էր այդ մենաւոր վանքը, ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել, «յապաշխարութիւն եւ ի քաւութիւն մեղած իմոց»։ Ծանր յօդացաւ ունէր, ու ամէն անգամ, երբ տնքտնքտալով վար կ՚իջնար երկար սանդուխէն, ա՜խ կը քաշէր՝ յիշելով Էջմիածնի հանգստաւէտ խուցը։ Օրուան մեծ մասը քնանալով կ՚անցընէր, շատ քիչ կը կարդար եւ առտուընէ մինչեւ գիշեր կը ծխէր։ Երբեմն, երբ ուխտաւորներ կուգային Ալէքսանդրոպոլէն, Եղիշէ վարդապետը առտու իրիկուն եկեղեցիին կը բանար, իսկ սովորական ժամանակ միայն շաբաթ իրիկունները եւ կիրակի օրը։

Թէեւ հայ եկեղեցին որկրամոլութիւնը մեղքերու կարգը անցուցեր է, Եղիշէ վարդապետի համար ճոխ սեղան մը, մանաւանը խմորեղէնները այնքան մեծ գրաւչութիւն ունէին, որ յօժարակամ կը մոռնար մեղքի հանգամանքը, նոյնիսկ դժոխքի բոլոր սարսափները։ Չէր սիրեր ուսումնական համարուած մարդիկը, իսկ բոլոր սրտով կ՚ատէր այն վարդապետները, որոնք բարձրագոյն ուսում ունէին։ Իր խոր համոզմունքով՝ անոնք ֆարմասօններ էին։

Սարգիսի ու երկու ընկերներու հանդէպ վարդապետը թէեւ մասնաւոր սէր չունէր, բայց գիտէր, որ «անոնցմէ» են։ Այդքանը բաւական էր, որ այդ ազգային մարդիկ ազատ ել ու մուտ ունենային իր մօտ։ Կը սիրէր ժամերով անոնց հետ նստիլ եւ խօսիլ հայոց պատմութենէն, անցեալ փառքերէն, մանաւանդ Անի քաղաքէն ու անոր հազար ու մէկ եկեղեցիներէն։ Ու խօսած ատեն արցունքը կաթիլ կաթիլ վար կը գլտորէր երկար մօրուքի վրայէն։ Բայց այդ բոլորը անդառնալի անցեալ մ՚էր անոր համար, անցաւոր մեծութիւն մը, որու համար պէտք էր լալ, իսկ իր ապրած օրերուն համար հոգուն մէջ երազ մը չէր ծագած։ Ժամ-պատարագ ու աղօթել հայ ազգի եւ ռուսաց կայսեր արեւշատութեան համար, մէկ ալ յօդացաւին համար բուժիչ դեղ մը՝ այսքանով կը վերջանային իր ցանկութիւններն ու պարտականութիւնը։

Երբ վանահագրը Սարգիսի հետ տեղաւորուեցաւ հանգստաւէտ թախտի վրայ, գլուխը պատուհանէն դուրս հանեց եւ պոռաց։

Ծօ Օհաննէս, սամավարը չբերե՞ս։

Վանքի ծառան ֆշֆշացող սամավարը ներս բերաւ ու սկսաւ սեղանը յարդարել։ Պաստամեանն ու սարկաւագը երեւցան սեմի վրայ։

Պաստամեանը երեք օրէ ի վեր վանքն էր։ Առաջի երկու օրերը աւելի քան ուրախ տրամադրութեան մէջ էր, յաճախակի պտոյտները կը կատարէր սարկաւագի ընկերակցութեամբ եւ կամ վարդապետի հետ նստած պատշգամին, չէր կշտանար դիտելով Շիրակի զմայլելի համայնապատկերը։ Բայց վերջին օրը զարմանալի կերպով փոխուած էր։ Դէմքը մռայլ, հազիւ կը խօսէր շուրջիններուն հետ։ Նոյնիսկ Սարգիսի եւ ընկերներու ներկայութիւնը չէր զօրեր անոր տրամադրութիւնը բարձրացնելու։ Ըստ երեւոյթին, անորոշ սարսափ մը կ՚ապէր։ Վերջին գիշերը գրեթէ չէր քնած, մինչեւ լուսաբաց անհանգիստ դարձած էր անկողնի մէջ։

Երբ յոգնած քայլերով սենեակէն ներս մտաւ Պաստամեանը, բոլորովին գունաթափ էր ու աչքերը կարծես սեւ շրջանակի մէջ էին առնուած։ Սարգիսը անմիջապէս գլխի ինկաւ, որ քաղաքէն դեռ լուր չկար, որու համար ինքն ալ այնքան կանուխ եկած էր՝ Պաստամեանը տեսնելու։

Նախաճաշէն վերջ, որ գրեթէ լուռ անցաւ հակառակ Վարդապետի լաւ տրամադրութեան, Պաստամեանն ու Սարգիսը իջան վանքի բակը ու նստան ծառի մը շուքին տակ։

Սարգիսը խոր յարգանքի զգացում մ՚ունէր Պաստամեանի հանդէպ, որ իր հոգու փայփայած հերոսը կը մարմանւորէր։ Երեք ամիս առաջ Սարգիսը քանի մը ընկերներով եկած էր Պուլկարիայէն՝ յեղափոխութեան գործին իր մասնակցութիւնը բերելու։ Յանձնարարականով մը ներկայացած էր Պաստամեանին, որու անունը խանդավառ երիտասարդութեան մը ոգեւորութեան աղբիւրն էր։ Սարգիսը առաջին անգամ լինելով կը տեսնէր այդ հռչակաւոր յեղափոխականը, այնքա՜ն պարզ եւ ընկերական իր վերաբերումին մէջ։

Հա՛, գիտեմ որ դու ես ընկերներդ անմիջապէս Երկիր կ՚ուզէք անցնիլ, Պաստամեան ըսեր էր բարի ժպիտ մը դէմքին՝ Սարգիսի ուսը ծեծելով, բայց ժամանակ մը պէտք է Կովկաս մնաք։ Ժամանակի մը համար, հոս ձեր երեքի մասնագիտութեան պէտք ունինք։ Երբ գործը վերջանայ, կը ճամբենք Երկիր։

Ատկէ ետքը, Սարգիսն ու ընկերները ճամբած էր Հառինջի վանքը, որոշ գործ մը սկսելու համար։

Ատեն մը լուռ նստելէ վերջ Պաստամեանը դարձաւ ընկերոջը.

Սարգիս, զարմանալի է, դեռ քաղաքէն լուր չը կայ…

Լուր չլինելը բարի նշան է, ինքն ալ ըսածին չը հաւատալով պատասխանեց Սարգիսը, թերեւս գործը մէկ երկու օրով յետաձգեր են։

Անշուշտ ատիկա անկարելի էր։ Երեք օրէն Պարոնովի հերթապահութեան ժամանակը կը լրանար, ու ատոր հետ յաջողութեան ամէն յոյս։ Պաստամեանը այդ շատ լաւ գիտէր, բայց եւ այնպէս մտահոգուելով ալ կացութիւնը չէր փոխուեր։ Ու կարծես միտքը ցրելու համար՝ ան գրպանէն քանի մը նկարուած թղթեր հանեց ու Սարգիսի հետ գլուխ գլխի սկսաւ խօսիլ։

Չըսիր, թէ վերջին ուղարկած թղթիս տեսակը ինչպէ՞ս յարմարեցաւ…—

Շատ լաւն է։ Հեշտութեամբ կ՚ոլորուի եւ մանաւանդ լաւ սոսինձ կը բռնէ։

Գիտե՞ս, որ հրթիռներու չափը պիտի փոխուի, բացատրեց Պաստամեանը՝ նկար մը ցուցնելով Սարգսին, ա՜յ, ճիշդ այս նկարի մեծութեամբ… արտաքին պատեանը կէս մատէն աւելի պէտք է հաստնայ, որ դիմանայ զօրաւոր ճնշումի, իսկ երկարութիւնը պէտք է լինի մէկ ու կէս ոտք։

Բայց այդ պարագային փոխանակ վեր բարձրանալու, նկատեց Սարգիսը, հազիւ քանի մը քայլ հեռու գլխու վրայ պիտի իյնայ, կամ եթէ բարձրանայ ալ, օդի մէջ նետուած փայտի մը նման, ինքն իր վրայ դառնալով պիտի երթայ…

Անշուշտ, ընդմիջեց Պաստամեանը, երբ հրթիռի չափը կը փոխուի, անոր կապուած ձողն ալ համեմատական չափով մը պէտք է երկարացնել։ Ես կը կարծեմ, որ եօթ ոտքը բաւական է։

Նայած թէ գլուխ ծանրութիւնը որքան պիտի լինի։

Ես ալ այդ կ՚ուզէի ըսել։ Այս անգամ հինգ ֆունտանոց մը փորձենք։

Սարգիսը գլուխը ձեռքերուն մէջ  առաւ, րոպէ մը երկու մտածեց ու ժխտական կերպով գլուխը շարժեց.

Մեծ ծանրութիւն է, շատ մեծ… անշուշտ կարելի է փորձել։ Այդ պարագային ետեւի ձողը առնուազն 8 ոտք եւ բաւական մ՚ալ հաստ լինելու է հաւասարակշռելու համար գլխի ծանրութիւնը։

Իսկ եռոտանին պատրա՞ստ է.

Կարօն երէկ գիշեր վերջացուց. թեթեւ բայց հաստատուն բան մ՚է, հեշտութեամբ կարելի է տեղէ տեղ փոխադրել։

Ուրեմն, վաղը մէկ երկու փորձ կրնանք կատարել։

Ինչպէս որ կ՚ուզես, պատասխանեց Սարգիսը ու յանկարծ լռեց, երբ տեսաւ որ սարկաւագը կը մօտենար։

Եթէ ձեզ խանգարեցի, խնդրեմ ներէք, ու սարկաւագը ետ դարձաւ հեռանալու համար.

Ո՛չ, խնդրեմ, նստէք, քովը տեղ մը ցուցուց Պաստամեանը, թէեւ եկեղեցիի հետ անմիջական կապ մը չունի մեր խօսակցութիւնը, բայց ժողովուրդ մը հովուելու կոչում ունեցող մէկը, պէտք է շատ մը ուրիշ բաներ ալ գիտնայ, բացի կրօնի վերաբերեալ հարցերէ։ Մենք հրթիռներու մասին կը խօսէինք։ Գերմանական բանակի վերջին ռազմափորձերու ժամանակ հրթիռներու գործածութիւնը դրական հետեւանքներ տուեր է, ու հիմա այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կը կատարուի…

Պաստամեանն ու Սարգիսը շարունակեցին իրենց կիսատ ձգած խօսակցութիւնը, մինչ սարկաւագը մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր։

Գարեգին սարկաւագը տարի մը առաջ աւարտած էր ԳԷորգեան ճեմարանի լսարանական բաժինը ու կը պատրաստուէր աբեղայ ձեռնադրուիլ աշնան։ Ծնողքը 1896-ի կոտորածներէն մազապուրծ ազատուած՝ Ալաշկերտէն Նոր Պայազիտ գաղթած էին, երբ կորսնցուց ծնողքը ու համագիւղացի ազգական գաղթականի մը մօտ ապաստան գտաւ։ Քաղցր ու կլկլան ձայն մ՚ունէր։ Շաբաթ երեկոները, երբ եկեղեցիի դասը կանգնած «Լոյս զուարթ» կ՚երգէր, գիւղի պառաւ մամիկները ողորմիս կուտային ծնողքի հոգուն։ Երբ տասնեւչորս տարեկան եղաւ, նոր Պայազիտի Առաջնորդի միջնորդութեամբ դրուեցաւ Գէորգեան ճեմարանը։

Ոգեւորութեան շրջան մը կ՚ապրէր այդ շրջանին Ճեմարանի աշակերտութիւնը։ Գրեթէ բոլոր աշակերտները խանդավառուած էին ազգային հարցերով, մանաւանդ Տաճկահայաստանի ազատագրման շարժումով, որ այնքա՜ն տիրականօրէն կ՚իշխէր բոլորի մտածողութեան վրայ։ Աշակերտական նստարանները դեռ չձգած՝ ամէնքը իրենց համար ուղեգիծ մը կը ծրագրէին ազգին ծառայելու։

Գարեգինը թէեւ խոհուն ու մտաւորապէս պատրաստուած երիտասարդ մը, բայց տկարակազմ եւ շատ տկար թոքեր ունենալով եկեղեցական ասպարէզը ընտրեց, իր ապագայ գործունէութեան համար։ Վերջին ամիսները քաշուած էր Հառինջի վանքը հոգեպէս պատրաստուելու իր կոչումին։

Պաստամեանի անունը դեռ ճեմարանէն ծանօթ էր իրեն։ Երբ վերջինս անսպասելի կերպով Հառինջի վանքը եկաւ, Գարեգինը աւելի քան ուրախացած, գրեթէ անորմէ անբաժան էր։

Կարծես արձակուրդի ելած ուսուցիչ եւ աշակերտ լինէին։ Պաստամեանը կը խօսէր գրեթէ նիւթի մասին, ծանր ու մտածուած խորհուրդով, մարդու մը նման, որ գիտէ ըսածը։ Գարեգին սարկաւագը, անոր շրթներէն կախուած, չորցած արտի մը ագահութեամբ կը ծծէր Պաստամեանի խօսքերը։

Երբ կէսօրուան մօտ վանահօր ուժեղ ձայնը լսուեցաւ պատուհանէն, երեքը միասին աճապարեցին վեր բարձրանալ։ Ճաշի ժամանակ էր։ Վարդապետը, որ ճշդապահութեան մասին բնաւ գաղափար չունէր՝ զարմանալի կանոնաւորութիւն մը կը ցուցնէր, երբ խնդիրը ճաշելու գար։

Ճաշէն վերջ, Սարգիսը մեկնեցաւ հանգստանալու։ Վանահայրը թախտի վրայ երկնցաւ՝ իր ըսելով «վայրկեան մը աչքս գոցելու» համար, թէեւ այդ վայրկեանը սովորաբար երկու ժամ կը տեւէր։ Պաստամեանն ու սարկաւագը դուրս եկան պտոյտ մը ընելու ձորի ուղղութեամբ։

Երեկոյեան, երբ վարդապետ, Պաստամեան եւ սակաւագ միասին սեղան նստած էին, կառք մը գիւղի ծուռ ու մուռ փողոցներէն բարձրանալով կանգ առաւ վանքի դարպասի առջեւ։ Կառքի աղմուկը զարմանալի կերպով ազդեց Պաստամեանի վրայ։ Արդեօք քաղաքէ՞ն կուգար։ Լա՞ւ թէ վատ լուր կը բերէր։

Այո՛, սանդուխով պէտք է բարձրանալ։ Զգո՛յշ, օրիորդ վար չիյնաք, դրսէն կը լսուէր Վահէի ձայնը։

Կարծես նոր հիւրեր պիտի ունենանք, ըսաւ վարդապետը, Ծօ, Օհա՜ննէս, սամավարը նորոգէ, ու կը պատրաստուէր ոտքի ելլել՝ նորեկները դիմաւորելու համար, երբ Վահէն երկու օրիորդներու հետ կատակելով ու քրքջալով սենեակէն ներս ինկաւ։

Աստուա՜ծ օգնական, հայր սուրբ։ Դուրսը այնքան մութ է, որ քիչ մնաց սանդուխէն… Կարծեմ՝ մենք ծանօթ ենք, տարիներ առաջ Էջմիածին քանի մը անգամ այցելեր եմ ձեզ…

Աստուա՜ծ պահապան, որդի, բարի եկար։ Այ, ապրիք, աղջիկներս, դուք ալ բարի եկաք, ըսաւ վարդապետը, երբ անոնք աւանդական սովորութեան կռացան՝ համբուրելու համար Հայր Սուրբի աջը։ Հրամմեցէք նստէք, հիմա սամավար ալ կուգայ, ու նորէն գլուխը դուրս հանելով՝ գոռաց.

Ծօ՛, Օհաննէ՜ս…

Պաստամեանն ու Վահէն իրարու ձեռք սեղմեցին լուռ։ Այդքանը բաւական էր, որ Պաստամեանի մինչ այդ մռայլ դէմքը փայլէր, տրամադրութիւնը բարձրանար։

Հիւրերը շրջապատեցին սեղանը ու անվերջ կատակելով սկսան ախորժակով վայելել վանքի բարիքները։

Հա՛, որդի՛, անունդ ինչպէս էր… Վահէ՞։ Հա, պարոն Վահէ, քաղաքէն ի՞նչ լուր, շիտակ կամ սուտ։ Մենք այս վանքին մէջ աշխարհէ կտրուած բանտարկեալի կը նմանինք։ Քաղաքէն մինչեւ հոս, լուրը երկու շաբաթէն կը հասնի՝ գիւղէ գիւղ շրջելով, ամէն գիւղ ալ նոր պոչ մը կ՚աւելցնէ եղածին վրայ, ու մինչեւ որ մեզ հասնի, տէվէ կը դառնայ… Հա, քաղաքին մէջ ի՞նչ կայ չկայ։

Սաղութիւն, մասնաւոր նորութիւն մը չկայ… Շոգերը սկսան… Երէկ առտու ոստիկանութիւնը յանկարծ շատ մը թաղեր պաշարեց։ Կ՚ըսեն շատ խիստ խուզարկութիւն տեղի ունեցած է, նոյնիսկ քանի մը տներու առաստաղները քանդած են… Բայց չի գիտցուիր, թէ ի՞նչ կը փնտռեն, ու Վահէն Պաստամեանին նայեցաւ՝ հանդարտ գոհունակութիւն մը աչքերուն մէջ։

Նորէն ի՞նչ կ՚ուզեն մեր խեղճ ժողովուրդէն, հոգոց հանելով վարդապետը դարձաւ Վահէին, ի՞նչ  կ՚ուզեն մեր խեղճ ժողովուրդէն։

Ի՞նչ պիտի ուզեն… սովորական խուզարկութիւն մը, ուսերը թափահարելով պատասխանեց Վահէն, քաղաքի մէջ բերնէ բերան լուր մը կը շրջի, որպէս թէ հին բերդի պատը ծակեր են գիշերով…

Տէ՜ր Յիսուս Քրիստոս, վարդապետը մտահոգ սկսաւ երկար մօրուքը շոյել, բերդի պատը ո՞վ կրնայ ծակել…

Կ՚ըսեն թէ հայեր են ընողները, իսկ թէ ի՞նչ նպատակով, ոչ ոք գիտէ։ Հազար ու մի ենթադրութիւններ… Ուսուցիչ Գէորգեանը եւ ուրիշ երեք աչքի զարնող երիտասարդներ նոյն օրը ձերբակալուեցան, բայց այս առտու նորէն ազատ ձգուեցան։

Տէ՜ր, դու չարը խափանես, մրմնջեց վարդապետը մտահոգուած, էս շանը օրով, մեղա՜յ քեզ, Աստուած, Եգիպտոսի մէջ հալածուած Իսրայէլը դարձանք…

Աս ալ կ՚անցնի, Հայր Սուրբ, տարտ ընելու չէ, մխիթարեց Վահէն, սովորական խուզարկութիւն մը։ Մոռցայ ըսելու, որ շատ մը գիւղերու մէջ ալ փնտռտուքներ կատարուած են, առանց հետեւանքի։

Ուշ գիշեր էր, երբ Պաստամեան ըսաւ վարդապետին.

Հայր Սուրբ, օրիորդները յոգնած են։ Կարգադրեցէք, որ տեղ մը պատրաստեն անոնց համար… Իսկ պարոն Վահէն իմ սենեակս կրնայ գիշերել։

Երբ Պաստամեանն ու Վահէն դուրս ելան վանքի դարբասէն, գիւղը վաղուց քնած էր։ ՄԷկ մէկ շները իրարու ձայն կուտային։ Երկուքը միասին, ուղղուեցան դէպի ծանօթ պառաւի մեկուսի տունը, որ խաւարի մէջ հազիւ անորոշ սեւ կոյտի մը նման կ՚երեւէր։

————

Հօ՜յ… հօ՜յ նազանըմ, նազանըմ… կիւլ… նազանըմ… Տօ՛, էդ անտէրը դեռ չեղա՞ւ…

Գրեթէ բոլորովին մերկ, կարճ վարտիկ մը միայն հագած, Հրայրը խոշոր անիւ մը կը դարձնէր համաչափ արագութեամբ՝ կցկտուր երգ մը մրմռալով։ Ամբողջ մարմինը մուրի եւ քրտինքի խառնուրդով ծածկուած էր, իսկ երկար մազերը ուղղակի ճակտին փակած։ Առանց վայրկեան մ՚իսկ դադար առնելու՝ փուքսի նորաձեւ անիւը կը դարձնէր, անկարող մէջքը շտկելու, որ կարծես երկու տակ եղած էր։

Տօ, էդ անտէրը չեղա՞ւ…

Սարգիսը կարծես թէ չէր իսկ լսեր ընկերոջ հարցումները։ Երկաթագործի սովորական հնոցի մը առջեւ կանգնած, կաշիէ գոգնոց մը վրան, ուշադրութեամբ կը հետեւէր քուրայի կեդրոնը դրուած հալոցին, որ շիկացած գունդ մը դարձած էր, եւ որու մէջէն դողդողացող կանաչ եւ դեղին բոց մը դուրս կուգար։ ՄԷկ ձեռքին երկաթէ ծանր ունելի մը, հալոցը մէջքէն գրկած, կ՚աշխատէր ուղիղ պահել զայն, իսկ ձախ ձեռքի ակիշով, քարածուխը կը քշէր քուրայի կեդրոնը։

Կարօ՛, կաղապարը պատրա՞ստ է, առանց խօսակցին նայելու գոռաց Սարգիսը, ձեռքի ակիշով հալոցի մէջ գտնուող թանձր նիւթը խառնելով. մետաղը հասնելու վրայ է…

Իմ հոգիս ալ ելլելու վրայ է…— խղճալի ծամածռութեամբ ծիծաղիլ փորձեց Հրայրը, ջուրը ինկած շան նման ցնցելով գլուխը, անկարող դէմքէն աղբիւրի նման վազող քրտինքը սրբելու, տօ, էդ անտէրը…

Քիչ մնաց պալամ… հը՞, Կարօ՛…

Հիմա՛, հիմա՛…

Կարօն՝ դեղնաւուն հողով լեցուած կաղապարները չորցուցած՝ խնամքով իրար կը հագցնէր երկաթէ շրջանակները, մետաղ թելով ամուր մը կապելով անոնք իրարու որ ներքին ճնշման դիմանան։ Աշխատանքը վերջացնելով դարձաւ Սարգիսին.

Ես պատրաստ եմ։ ։

Հա՞… փոքր ունելիով մը հալոցը տակէն վեր բռնէ. մետաղը շատ ծանր է, վախնամ հալոցը պատռի… հա, այդպէս… Կամաց, Կարօ՛, ոտքերդ հեռու պահէ… Եթէ հալոցը պատռի… Հրայր, անիւը թող շուտ… կաղապարը պինդ պահէ… ուղիղ…

Հալոցը կրակի գունդի մը նման կը բոցավառէր։ Սարգիսը ունելիով գրկեց զայն եւ մօտեցաւ կաղապարին, մինչ Հրայրը անիւը ձգած՝ երկար ունելիով մը կաղապարը ուղիղ վեր կը պահէր։ Թանձր մետաղը չորցած հողի խոռոչէն հանդարտօրէն սկսաւ ծանր ծանր վար հոսիլ. մինչեւ որ փոքր պոռթկումով մը ճապղեցաւ մուտքի խոռոչի շուրջը ու անմիջապէս սկսաւ կարծրանալ։

Հազիւ Սարգիսը գործը վերջացուցած էր, երբ Հրայրը ձեռքի ունելին մէկդի նետեց ու երկնցաւ գետնի վրայ՝ ծանր հեւալով։ Կարօն եւ Սարգիսն ալ, ունելիները ջրով լեցուն փայտէ տաշտին մէջ նետեցին, ու ամառուան շոգէն, ծառի մը տակ հանգչող ոչխարներու նման հեւալով, երկնցան Հրայրի մօտ։ Արհեստանոցը հնոցի տաքութիւն ունէր, ուր շնչելը գրեթէ անկարելի կը դառնար։

Ախոռը չթրծուած աղիւսի պատով մը երկու մասի բաժնուած էր։ Առաջին մասին մէջ երեք երիտասարդները կ՚ապրէին՝ ախոռի սաքուն գործածելով որպէս ննջարան, իսկ երկրորդ մասը անոնք վերածեր էին արհեստանոցի։ Արհեստանոցի ետեւի պատին մօտ շինած էին երկաթագործի սովորական օճախ մը, նոր սիսթեմի անիւաւոր փուքսով մը, որ տասնապատիկ աւելի զօրեղ էր քան սովորական, հին ձեւի փուքսերը։ Դրան աջ կողմը հիւսնի կազմուածք մը կար, իսկ ձախ անկիւնը՝ տախտակներու մէջ առնուած դեղնաւուն հողի կոյտ մը, որ կաղապարելու համար կը գործածուէր։

Հը՞, մեր տղայ, շա՞տ յոգնեցար, հոգածու շեշտով հարցուց Սարգիսը Հրայրին, որ մեռելի մը նման փռուած գետին, աչքերը խփած, ծանր ծանր կը շնչէր. Հապա ի՞նչ կարծեցիր, օղուլ, Հայաստանը ազատելը դիւրի՞ն բան է։

Վայ, մէրդ չմեռնի Հայաստան, ծիծացեղաւ Կարօն՝ երեսի քրտինքը սրբելով, բոլորովին աղտոտ երեսսրբիչով մը. մէկ էս քաջարի զինուորիդ պոյին նայէ, ձեռքի երեսսրբիչը նետեց Հրայրի դէմքին, պառկած տեղէն բարձրացաւ եւ անկիւնի հողէ կուժը բերնին մօտեցուց. օխ ա՜յ…

Չոռ ու ցաւ խմեց, Հրայրը աչքերը բացած՝ գլուխը Կարոյին դարձուց. կարծես կուժը այս կողմը չես կրնար անցընել։

Առ, ու փոխանակ կուժը տալու՝ ջուրը թափեց Հրայրի գլխուն։

Տղաք, հանդարտ, բարկացաւ Սարգիսը, դուռը կը ծեծեն։

Իսկապէս, որ մէկը դրսի դուռը կը ծեծէր։ Երեք ընկերները անհանգիստ իրարու նայեցան։ Այդ ո՞վ կրնար լինել կէս գիշերէն վերջը եկողը։ Կարօն ախոռի միւս մասն անցաւ ու դրան ետեւը կանգնելով հարցուց.

Ո՞վ է։

Ես եմ, բա՛ց։

Պաստամեանն ու Վահէն էին։ Սարգիսն ու Հրայրը նոր եկողի ձայնն առնելով՝ պառկած տեղերէն վեր ցատկեցին ու յանկարծ Պաստամեանի հետ դռնէն ներս մտնող Վահէն ալ տեսնելով ուրախ շրջապատեցին զայն, մինչ վերջինս ծիծաղելով կը նայէր ընկերներու անճանաչելի դարձած դէմքերուն։

Տղա՛ք, բարեկենդա՞ն է։

Կարօն մէկ թեւէն, իսկ միւսէն ալ Հրայրը բռնած՝ ուրախ բացագանչութիւններով կը քաշքաշէին Վահէն եւ անընդհատ հարցումներ կ՚ուղղէին.

Հը՞, ինչպէ՞ս եղաւ գործը… Յաջողեցա՞ւ… որքա՞ն դուրս բերիք…

Շատ յաջող… երեք հարիւր հազարի մօտ, Վահէն կարճ կապեց՝ ի զուր փորձելով անոնց ձեռքէն ազատիլ. անիրաւներ, վրաս գլուխս մրոտեցիք…

Պաստամեանը արհեստանոց մտնելով ուղիղ կաղապարին մօտեցած էր ակնյայտնի հետաքրքրութեամբ մը։ Սարգիսը ժպտուն դէմքով մօտեցաւ անոր եւ կաղապարի մետաղէ թելը քանդեց։  Երբ շրջանակի երկու հատուածները զատուեցան իրարմէ, հողով ծածկուած երկար գլան մը ինկաւ գետին դեռ այնքան տաք, որ ձեռք զարնել չէր կարելի։

Կը կարծե՞ս թէ յաջողած է, մտահոգուած հարցուց Պաստամեանը։

Որ լուաք, յայտնի կը լինի։ Այս մեծութեամբ բան մը չէինք փորձած մեր ունեցած կէս կիսատ միջոցներով, պատասխանեց Սարգիսը եւ ունելիով մը գրկած գլանը կոխեց ջրի տաշտին մէջ։

Վահէն, Կարօն եւ Հրայրը աճապարեցին մօտենալ Սարգիսին, որ սառած գլանը ջրէն հանած՝ Պաստամեանի հետ մեծ ուշադրութեամբ կը քննէր։

Ինչպէս կ՚երեւի, կատարեալ գործ մ՚է, եթէ միայն խողովակի ներքին մասին մէջ խոռոչներ չկան, սկսաւ Պաստամեանը՝ ծանր մետաղը ձեռքին մէջ դարձնելով։

Հազիւ թէ, գլանը Պաստամեանի ձեռքէն առնելով պատասխանեց Սարգիսը. աւելի շուտ ծակերը արտաքին մասի վրայ կը գոյանան, ու քննութիւնը շարունակելով գոհունակութեամբ եզրակացուց. այս պայմաններու մէջ այսքանն ալ պէտք է կատարեալ գործ մը համարել։

Հուռա՜…

Հրայր երեխայի մը ոգեւորութեամբ Սարգիսի ձեռքէն վերցուց ծանր գլանը, որ երկու ոտքէ աւելի երկարութիւն ունէր.

ՄԷկ նայեցէք է՜… մեր արհեստանոցի առաջին թնդանօթը… հուռա՜…—ու ծիծաղելով դարձաւ շուրջիններուն, որոնք իրեն չափ ոգեւորուած էին, ինծի նայեցէք, վրան անպատճառ պէտք է փորագրել. «Շինեցաւ թնդանօթս այս, յաղագս յեղափոխութեան, ձեռամբ պուլկարացի վարպետ Հրայրի, որ է Ռուսչուկ քաղաքէն»։

Ներկաները բոլորն ալ սրտանց մասնակցեցան Հրայրի աղմկոտ ծիծաղին։

Անցնինք միւս սենեակը, հոս կարելի է խեղդուիլ ծուխի եւ մուրի մէջ, առաջարկեց Վահէն. կարծես թէ շնչահեղձ պիտի լինիմ…

Վա՜յ փափկասուն, որպէս թէ Հայաստանի ախոռները աւելի լաւ լինէին, հեգնեց Կարօն՝ հետեւելով միւսներուն, որոնք անցան ախոռի առաջին մասը, որ իրենց ննջարանն էր։

Երբ տեղաւորուեցան սաքուի չորս կողմը փռուած հաստ թաղիքներու վրայ, բոլորն ալ ակնդէտ կը սպասէին, որ Վահէն սկսի։

Է՜, չսկսի՞ս, բարկացաւ Հրայրը, տնաքանդ, հոգիներս հանեցիր…

Ի՞նչ սկսիմ որ, քմծիծաղով ըսաւ Վահէն, ի՞նչ կայ որ, ի՞նչ պատմեմ, ամէն ինչ մեր սպասածի նման յաջող անցաւ։

Տօ, եղբայր պատուական, այդ որքան մանրամասնութեամբ կը պատմես, քիչ մը կարճ կապէ, հեգնեց Սարգիսը. յաջողութեան մասին հարցնելու պէտք չունինք, դէմքիդ նայիլ բաւական է։ Օրհնած, մէկ կարգին պատմէ, տեսնենք։ Այս քանի օր է, մենք մտահոգութենէն հաւկիթ ածեցինք…

Սկսէ տեսնենք, ու Պաստամեանը հանդարտ եւ խոհուն աչքերը դարձուց Վահէին, պատմէ մանրամասնօրէն…

Բոլորը լռեցին՝ ականջ կտրած։

Քաղաքէն մեկնելուդ յաջորդ գիշերը, խօսքը Պաստամեանին ուղղելով, սկսաւ Վահէն, որոշեցինք ձեռնարկը կատարել։ Պարոնովը մեր զինուոր ընկերները պահակ պիտի նշանակէր գիշերուան ժամը տասէն մինչեւ մէկը։ Այդ պահը ընտրեցինք՝ մտածելով որ լոյսը չբացուած՝ ապրանքը կրնանք թագստոցները հասցնել։

«Ֆուրկոնները, երբ բաւական մը մօտեցան բերդին, ճամբայէն դուրս եկան եւ քիչ հեռանալով կանգ առին գետակի եզրը տնկուած ուռիներու շարքին քով։ Այնպէս որ ճամբայէն անցնող մը, գիշերուան այդ պահուն հազիւ թէ կրնար ծառերու ստուերներուն մէջ կորած ֆուրկոնները նկատել։

«Վաղօն ու ես յոյն որմնադիրներն ու երեք ընկերներ վերցնելով՝ դիմեցինք դէպի բերդը, սակայն, մինչեւ հոն հասնելնիս, հաւասար հեռաւորութիւններու վրայ մեզ ընկերակցող տղաքը պահակ դրինք։ Այդ ձեւով, ֆուրկոններու մէջ սպասող ընկերներուն հետ մեր կապը չկտրեցաւ։

Յոյները առարկութիւն մը չըրի՞ն, հարցուց Պաստամեանը։

Ինչպէ՞ս չէ։ Միհրդատը յիմարաբար այնպէս հասկցուցեր էր անոնց, որ մենք իբր թէ հաստատութեան մը դրամարկղը պիտի կողոպտէինք։ Անախորժ թիւրիմացութիւն մ՚էր եղածը։ Երբ գիշերով զիրենք ֆուրկոնը մտցուցինք, սկսան անհանգստանալ։ Իսկ երբ բերդին մօտեցանք, ու իրենց համար ալ որոշ չափով մը պարզուեցաւ մեր ձեռնարկին էութիւնը, յոյները բացէ ի բաց մերժեցին գործի սկսիլ, մինչեւ որ Վաղօն կտրուկ կերպով սպառնաց՝ ատրճանակի փողը ցուցնելով։ Ուրիշ բան չէր մնար խեղճերուն, բայց եթէ արագ աշխատիլ եւ ժամ առաջ ազատիլ մեր ներկայութենէն։

«Դժուարութեամբ գտանք պատի այն մասնաւոր կէտը, որտեղէն գործի պիտի սկսէինք։ Զարմանալի կերպով, երբ մօտեցանք բերդին, մեր ընկեր պահակը հոն չէր։ Հազիւ թէ յոյները կը պատրաստուէին գործի սկսելու, մէկ ալ տեսնենք բերդի աջակողմեան անկիւնէն ստուեր մը սկսաւ դէպի մեզ յառաջանալ։ Գետին թափեցանք։ Այդ ժամանակ ձախ անկիւնէն ալ մէկը հանդարտ քալուածքով մը սկսաւ մեզ մօտենալ։ Դժուար չէ երեւակայել մեր կասկածոտ սպասումը։ Բարեբախտաբար շուտով յայտնուեցաւ, որ մեր զինուոր ընկերներն էին եկողները։

«Յոյները սկսան պատի նախօրօք որոշուած տեղը քանդել։ Գիշերուան լռութեան մէջ փոքր աղմուկ մը, կամ քարի մը անկումի ձայնը ամբողջ տուն մը փլելու չար բարձր կը թուէր։ Հազիւ թէ շունչ կ՚առնէինք։ Պահակ զինուորները հեռացեր էին։ Կէս ժամէն աւելի էր որ կ՚աշխատէինք։ Վաղօն ու ես՝ կիրն ու մանր քարերը հաւաքելով՝ քիչ հեռուն կը նետէինք, որ պատի մօտ աչքի զարնող հետք մը չտեսնուի։

«Որքան ալ որ գիտէինք, թէ մեր ընկեր զինուորները կը հսկեն, նորէն զարմանալի կերպով ջղային վիճակ մ՚ունէինք։ Թէեւ թրջուած թաղիքներու վրայ կ՚իյանյին մուրճի ծանր հարուածները, մենք ամէն ինկած քարի ձայնէն տեղերէս վեր կը ցատկէինք, մանաւանդ յոյն վարպետները, որոնք եթէ մեզմէ չվախնային, շատոնց փախած կը լինէին։

«Երբ պատի ծակը այնքան մը բացուեցաւ, որ ներս մտնելը այլեւս հնարաւոր էր, նշան տուի մեր նշանակած առաջին պահակին, որ մօտենայ, եւ երկու յոյները անոր յանձնեցի։ Ան ալ յաջորդ պահակին տարաւ։ Իսկ վերջինս զանոնք հասցուց ֆուրկոններու մօտ մնացած ընկերներուն։

«Վաղօն ներս սողաց պատի ծակէն, ու բաւական ժամանակ ոչինչ կը տեսնէի։ Մէկ ալ ընդարձակ սենեակի մէջէն աղօտ լոյս մը երեւցաւ։ Վաղօն՝ մոմպատը վառած՝ չորս դին շարուած սնտուկները կը տնտղէր։ Մօտեցաւ ծակին ու յայտնեց, թէ ամէն ինչ կարգին է, թէ նշան տամ տղոցը որ գան։

«Պէտք եղաւ տղաներէն մէկն ալ ներս մտցնել որ օգնէ Վաղոյին։ Ես ծակի բերանը կանգնած էի, երկու քայլ ինձմէ հեռու ուրիշ երկու տղաք, որոնք փոխն ի փոխ ձեռքէս սնտուկ մը կը վերցնէին ու կը յանձնէին մէկ ուրիշի, որ նոյնպէս իրմէ հեռու գտնուողի մը կը հասցնէր։ Կարգին շղթայ մը ձգուած էր մինչեւ ֆուրկոնները։ Սնտուկները անվերջ դուրս կուգային պատի ծակէն եւ ձեռքէ ձեռք թռչելով՝ կը տեղւորուէին ֆուրկոններու մէջ»։

Բայց այդ սնտուկ ըսածդ, որքա՞ն բան կ՚առնէ, հարցուց Կարօն։

Ամէն սնտուկի մէջ երկու ցինկէ տուփ կայ։ Ամէն տուփի մէջ ալ  250 հրացանի փամփուշտ։

Մօսինի՞ փամփուշտ։

Ոչ, բերդանայի։

Կարօ, մի խանգարեր, ձգէ որ Վահէն պատմութիւնը շարունակէ, մեղմօրէն նկատեց Պաստամեանը։

Առանց շունչ քաշել կարենալու՝ մեքենայի մը նման լարուած կ՚աշխատէինք։ Հազիւ թէ ամբողջ կեանքիս մէջ այդպէս աշխատած լինէի ես…

Հըմ, ինքզինքը չկրցաւ պահել Հրայրը, մէկ երկու օր եթէ մեր մօտը աշխատիս ու էն անտէր անիւը դարձնես, այն ատեն կարծեմ ուրիշ երգ մը պիտի երգես…

«Ստուերներու նման անձայն կը շարժէինք, շարունակեց Վահէն, սնտուկներու վերջը կարծես պիտի չգար։ Մէկը կ՚առնէի, միւսը ծակի բերանն էր արդէն։ Քրտինքը մազերուս ծայրէն կաթ կաթ կը վազէր։

«Յանկարծ խոր լռութեան մէջ բերդի դրան կողմը լսուեցաւ հրացանի պայթիւն մը։ Հազիւ թէ թնդանօթի մը գոռոցը այդ տպաւորութիւնը ձգէր։ Սարսափած՝ կանգ առինք ու չորցած տերեւներու նման գետին թափեցանք։ Արդեօք ի՞նչ պատահեցաւ։ Շունչս ճռնած կը սպասէի։ Փախչէի՞նք։ Հապա զինուորնե՞րը։

«Բերդի գլխաւոր դռնէն բաւական հեռու էինք։ Հազիւ անորոշ աղմուկ մը, եւ մեծ դարբասի բացուիլ գոցուելու ձայնը լսեցի։ Ով ինչպէս գետին ինկեր՝ այն դիրքով ալ անշարժ մնացեր էր։ Այդ դրութեան մէջ քարացած սպասեցինք թերեւս հինգ րոպէ, որ սակայն ժամերու ծանրութեամբ անցաւ։

«Վաղօն ի հարկէ հրացանի ձայնը չէր լսած։ Գլուխը ծակէն դուրս հանեց ու բարկացած շշնջաց.

«— Խենթացա՞ք ի՞նչ բանի կը սպասէք։

«Ձեռքի շարժումով հասկցուցի, որ ներս քաշուի ու լուռ մնայ։ Պէտք էր սպասել։ Մէկ ալ շէնքի անկիւնէն ստուեր մը ուղղուեցաւ ուղիղ մեր կողմը՝ հայերէն ժողովրդական երգ մը մռմռալով։ Մեր ընկեր զինուորն էր, որ համաչափ քայլերով կը մօտենար ինձ, եւ հազիւ լսելի ձայնով մը փսփսաց.

«— Ոչինչ բան էր, շարունակեցէ՛ք, բայց մի տնտնաք. շատ ժամանակ չմնաց, ու դանդաղ քայլերով նորէն հեռացաւ։

«Վերջէն միայն իմացանք այդ դէպքի մանրամասնութիւնները։ Մուտքի դրան պահակը, վրացի զինուոր մը, կանգնելէն յոգնած՝ կեցած տեղը կը նստի, մատը հրացանի բլթակին վրայ դրած։ Կէս քուն կէս արթուն կը կնքվարտէ։ Ինչպէս կ՚երեւի, քնած ժամանակ անգիտակցօրէն մատը քիչ մը ուժեղ կը սեղմէ հրացանի թլթակը, որ եւ պատճառ կը դառնայ հրացանի կրակուելուն։ Հրացանի անակնկալ ձայնի վրայ, այդ գիշերուան հերթապահ ենթասպան դուրս կուգայ, ինչպէս նաեւ սարսափած սպայ Պարոնովը, որ թէեւ անկողին մտած, բայց առանց քնելու կը սպասէ եղեր։ Խստօրէն կը յանդիմանէ վրացի զինուորը եւ նորէն ներս կը քաշուի։

«Այդ անակնկալ դադարէն վերջ կրկնապատիկ արագութեամբ մը կը սկսինք աշխատիլ։ Ծանր սնտուկները թեթեւ խաղալիքներու նման ձեռքէ ձեռք կը թռին։ Ժամացոյց կը նայիմ. ֆոսֆորապատ սլաքը տասներկուքին քառորդ անցած կը ցուցնէ։ Հազիւ քառորդ ժամ մ՚ալ ազատ ժամանակ կը մնայ։ Սնտուկները անվերջ իրարու կը յաջորդեն։ Թէ ի՞նչ արագութեամբ կ՚աշխատինք, դժուար է նկարագրել։ Զարմանալի ագահութեան զգացումով մը բռնուած ենք՝ որքան կարելի է շուտ եւ շատ։ Դեռ մեր գործը չէինք վերջացուցած, մէկ ալ պահակ զինուորը երեւցաւ՝ անկիւնը դառնալով։

«— Պէտք է վերջացնել, շշնջաց, ժամանակ է հեռանալու։

«— Իսկ ընկերդ ո՞ւր է, կը հարցնեմ։

«— Հիմա կուգայ, ի սէր Աստուծու, աճապարեցէք։

«— Լաւ, կը պատասխանեմ, երբ ընկերդ գայ, կը հեռանանք։

«Տասնեակ մը սնտուկ ալ դուրս տալէ վերջ, Վաղօն սկսաւ հրացաններ երկնցնել ծակէն դուրս։

«— Սնտուկ չմնա՞ց, կը հարցնեմ։

«— Սենեակը բոլորովին մաքրեցինք, կը ծիծաղի Վաղօն. քանի մը հրացաններ կային անկիւն մը դրուած, անոնք ալ տանինք որ որբ չմնան։

«Մօտ տասնեւչորս հրացան վերցուցինք։ Երբ Վաղօն եւ ընկերը դուրս եկան ծակէն, մեր միւս զինւոր ընկերն ալ վրայ հասաւ։ Սաստիկ ջղայնացած էր խեղճը եւ անկարող՝ կեցած տեղը կանգնելու, կը խնդրէր որ անմիջապէս հեռանանք։ Առանց աճապարելու, պատի քանդուածը գէշ աղէկ կը ծածկենք մեծ քարերով, այնքան մը, որ գիծերով աչքի չզարնէ, եւ երկու զինուորները հետներս վերցուցած՝ կը հասնինք ֆուրկոններու մօտ։

«Ժամը գիշերուան տասներկուս եւ կէսն էր։ Մեր ընկերներէն երկուքը յոյն որմնադիրները տարին քաղաք, ուր տան մը մէջ պիտի պահէին մինչեւ երեկոյ։ Մեր երկու զինուորներուն զգեստները փոխելով՝ Ներսէսի հետ ուղարկեցինք քաղաք, նախօրօք պատրաստուած թագստոցներու մէջ քանի մը օր պահուելու, մինչեւ որ կացութիւնը պարզուէր։

«Վաղօն եւ ես ալ մեր ընկեր ֆուրկոնճիներու մօտ նստած՝ ճամբայ ելանք։ Քաղաքի շուրջը լայն շրջան մը ըրինք, ու ապա երկաթուղագիծը կտրելով՝ երկու ժամէն մօտեցանք Փոքր Ղարաքիլիսէին։ Ճամբուն երկու կողմերը արտերու կանաչ ցորենը բարձրացած՝ առաւօտեան քամիէն կը խշխշար։ Մէկ ալ ճամբու կողքը նստած, անորոշ ստուեր մը տեսանք, որ կ՚երեւի նեզ տեսնելուն՝ բարձրացաւ ու կաղալով եկաւ եւ կանգնեցաւ ուղիղ ճամբուն մէջտեղը, կարծես մեր ճամբան կտրելու համար։

«— Սեդրա՛կ, ձայնեց Վաղօն՝ կարգադրելով որ ֆուրկոնները կանգնին. Սեդրա՛կ։

«— Ես եմ Վաղօ։ Տօ էս որքա՜ն սպասեցինք։ Հը, աղջի՞կ ես, թէ մանչ, հարցուց կաղը, որ գիւղի ուսուցիչն էր։

«— Մանչ, եւ ասլանի պէս մանչ, հպարտութեամբ պատասխանեց Վաղօն՝ Ֆուրկոնէն վար ցատկելով։

«— Հէ՛յ, հէ՜յ…, մէկ ալ ձայնը գլուխը ձգած կանչեց Սեդրակը։

«Շիտակը ես անմիջապէս չհասկցայ, թէ ինչո՞ւ համար էր այդ տարօրինակ կանչը։ Բայց վայրկեան մը չքաշեց, գլխի ինկայ։ Ուսուցչի կանչի վրայ՝ ճամբու երկու կողմերու կանանչ արտերը կարծես հրաշքով մը կենդանացան։ Մինչ այդ, արտերու մէջ թագնուած բազմութիւնը, որ կէս գիշերէն կը սպասէ եղեր, այդ պայմանադրական նշանի վրայ ստուերներու նման չորս կողմէն կը բարձրանայ ու կը շրջապատէ ֆուրկոնները։ Ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ աղմուկ, կարծես աննիւթ ստուերներ լինէին։ Տասնեակներով բազուկներ կ՚երկարին դէպի ֆուրկոնները։

«Երիտասարդ, ալեւոր, կին ու երեխայ կարծես օղակ կազմած լինէին մեր շուրջը։ Սնտուկ մը վերցնողը անմիջապէս կ՚անհետանար խաւարի մէջ։

«— Այս ձեր հոգուն ղուրպան, Վաղօն կը քաջալերէր խումբ մը երեխաները. չէ, սնտուկը շատ ծանր է ձեզի համար, ու մէկ մէկ հրացան կը դնէր անոնց ուսերուն, տէ՛, ձեզ մատաղ, վազեցէք՝ տեսնեմ։

«Շատ յստակ գաղափար չունիմ թէ չորս ֆուրկոնները ինչպէ՞ս դատարկուեցան ։ Կարծես իրական թալան լինէր։ Կէս ժամ չքաշեց՝ ամէն ինչ մաքրուած էր։ Դատարկ ֆուրկոններով Ղարաքիլիսէ մտանք»։

Տօ՛, ապրի՛ք, Աստուած վկայ, տղամարդու գործ է ըրածնիդ, ոգեւորուած բացագանչեց Հրայրը։

Իսկ ֆուրկոնները ի՞նչ ըրիք, հետաքրքրուեցաւ Սարգիսը։

Ի՞նչ պիտի ընէինք որ։ Կէս օրուան մօտերը, գիւղացիները լեցուեցան ֆուրկոններու մէջ եւ երգելով ու տավուլ զուռնայով քաղաք իջան, որպէս թէ քաղաքէն հարս բերելու համար։

—Ուրեմն ոչ ոք չձերբակալուեցա՞ւ, ուրախացած հարցուց Կարօն, ա՜յ, յաջողութիւն եմ ըսեր…

—Առայժմ ոչ ոք։ Առտու կանուխ ոստիկանութիւնը թէեւ Գէորգեանը եւ քանի մը երիտասարդներ ձերբակալեց, բայց յաջորդ օրը ստիպուած եղաւ արձակելու։ Գէորգեանը խելօք խաղ մը խաղաց ոստիկանութեան գլխուն։ Առաջուց գիտնալով գլխուն գալիքը, այդ գիշեր տանը հրաւէր էր սարքած։ Եւ ո՞վ հրաւիրէ որ հաւնիք։ Այն բոլոր հայ երիտասարդները, որոնք ոստիկանութեան աչքին կասկածելի կը համարուին, եւ ասոնցմէ զատ շրջանային վարժարաններու ռուս տեսուչը, իր պաշտօնավարած վարժարանի հայատեաց վարիչը եւ դատարանի ռուս աւագ դատախազը, բոլորն ալ քաղաքի մէջ յայտնի անձնաւորութիւններ։ Մինչեւ առաւօտեան ժամը չորսը լաւ քէֆ մը ըրած են։ Յաջորդ օրը, երբ Գէորգեանն ու ընկերները կը ձերբակալուին, այդ ռուսները ստիպուած կը լինին վկայել թէ՝ մինչեւ առաւօտեան ժամը չորսը միասին եղած են։

Իսկ Պարոնովէ՞ն ինչ լուր, մտահոգուած հարցուց Պաստամեանը։

Ամբողջ մեղքը ծանրացեր է մեր երկու փախստական զինուորներուն վրայ, մէկ ալ վրացի զինուորին, որ անոնց գործակիցը կը համարուի։ Անշուշտ պահակագունդը անմիջապէս փոխուեր է, Պարոնովն ու ենթասպան ալ յանձնուած են զինուորական դատի, որ պարզապէս ձեւական նշանակութիւն ունի։

Յաջող գործ մ՚է, բաւականութեամբ ժպտաց Պաստամեանը. հիմա անցնինք մեր գործին։ Ձորի մէջ, այս տեղէն բաւական մը հեռու, շատ յարմար տեղ մը գտայ փորձերու համար։

Բայց ձա՞յնը, —տարակուսած հարցուց Սարգիսը. վախնամ…

Չէ, հազիւ թէ ձայնը մինչեւ գիւղ հասնի, ապահովցուց Պաստամեանը. տեղը շատ խոր է ու բաւական մը վերը։

Կարօն անգործածելի բուխերիկի մէջ շինուած գաղտնի պահարանը բացաւ եւ անկէ դուրս բերաւ բազմաթիւ եւ բազմաձեւ դատարկ ռումբեր, ծրարով տինամիթ, զանազան մեծութեամբ հրթիռներ։ Եւ հինգ ընկերները շուրջանակի նստած՝ սկսան յաջորդ օրուան փորձերու համար պէտք եղած ռումբերը լեցնել տինամիթով։

————

Ես միշտ ալ կ՚ըսէի, որ հինգէն տաս քայլ տարբերութեամբ կարելի է ցանկացած տեղը իջեցնել, մեծ բաւականութեամբ ձեռքերը իրար շփելով շուրջիններուն դարձաւ Պաստամեանը, եթէ միայն կարողանանք վառօդը եւ եռոտանին հակակշռի ենթարկել։

Անգամ մ՚ալ փորձենք, խնդրեց Վահէն, ասիկա սքանչելի զէնք մը կրնար լինիլ Երկրի մէջ։

Շատ լաւ, համաձանեցաւ Պաստամեանը, այս անգամ դիմացի մեծ ժայռը կը լինի մեր նշանակէտը։

Պաստամեանի մատնանշած ժայռը առնուազն երկու հարիւր յիսուն քայլ հեռաւորութիւն ունէր իրենց կեցած տեղէն։ Առանց աճապարելու, Պաստամեանը նոր հրթիռ մը զատեց ու դրաւ եռոտանիի վրայ, շեղակի դիրքով։ Երբ իր պահանջով ներկաները հեռացան, բացի Կարոյէն, խուրճինի մէջէն երկու ֆունտանոց նոր ռումբ մը հանեց ու երկարեց Կարոյին։ Վերջինս գրպանէն հանեց ռումբի երկար կապսիւլ մը եւ մեծ զգուշութեամբ խրեց ռումբի սրածայր կողմէն ներս, տինամիթի խմորին մէջ։ Պտուտակաւոր հաստ ասեղը անցուց ռումբի ծայրը, որ զսպանակով մը կախուած կը մնար կապսիւլին մէջ, առանց անոր դպչելու։ Այդ ասեղի դուրս ինկած հովանոցաձեւ գլուխը երբ հանդիպէր որեւէ արգելքի, այդ պարագային միայն ասեղը պիտի սեղմուէր կապսիւլին մէջ՝ պայթեցնելով զայն, որ իր կարգին պատճառ պիտի դառնար ռումբի մէջ սեղմուած տինամիթի կրակուելուն։

Երբ Կարօն ռումբը հաստատեց հրթիռի գլխուն, Պաստամեանը զայն ալ հեռացնելով իր քովէն՝ մօտեցաւ եւ ձեռքի լուցկիով հրթիռի պատրոյգը վառեց։ Մէկ երկու վայրկեան պատրոյգը տկար կերպով պլպլաց ու մէկ ալ հասնելով ածխախառն վառօդին, հրթիռը դէպի վեր ոստում մը ըրաւ շքեղ թռիչքով մը բարձրացաւ ծուխի եւ բոցի պոչ մը երկարելով ետեւէն։

Գրեթէ ուղիղ կիսաշրջան մը կազմելով, հրթիռը գլխու վրայ վար ինկաւ ժայռէն տասը քայլ հեռու։ Սարսափելի որոտ մը լսուեցաւ, ու քանի մը վայրկեան ծուխի եւ փոշիի մէջ ծածկուեցաւ ամէն ինչ։

Ամենէն առաջ Կարօն ու Հրայրը վազեցին դէպի ժայռը։ Պաստամեանը գոհունակ ժպիտով մը կը քալէր Վահէի հետ դէպի տղաքը, որոնք գետնի վրայ ռումբի կտորներ կը փնտռէին։ Պաստամեանը ամիսներով աշխատած էր ռմբաձիգ հրթիռը կատարելագործելու համար, ու հիմա իր աշխատանքի ակներես յաջողութիւնը տեսնելով՝ պատանիի մը նման կ՚ուրախանար։

Ռումբի ինկած տեղը երկու ոտք խորութեամբ փոս մը բացուած էր։ Մօտաւորապէս յիսուն քայլ տարածութեան վրայ կանաչութիւնը եւ մանաւանդ վայրի ծաղիկներու բարձր ցօղունները կամ արմատախիլ եղած էին եւ կամ գետնին հաւասարուած, պարզապէս պայթումէն յառաջացած օդային ուժեղ հոսանքի հետեւանքով։

Սարգիսը շատ մեծ ոգեւորութեամբ ընկերներուն կը ցուցնէր ռումբի երկու շատ փոքր կտորներ, որ փոսի մէջէն գտած էր։ Սարգիսի համար այդ կտորները շատ մեծ նշանակութիւն ունէին։ Ափին մէջ դրած՝ ան զմայլանքով կը դիտէր այդ մահ սփռող մետաղի կտորները՝ աղջկան մը յափշտակութեամբ, որ ադամանդեայ զարդ մը կ՚ունենայ ձեռքին։

Մէկ նայեցէք, մէկ նայեցէք, հէ՞, կ՚ըսէր Սարգիսը՝ ափը պարզած, մետաղը ճշմարիտ ապակիի մը նման փշրուած է. սքանչելի խառնուրդ մ՚է մեր գտած չափը։

Կարծես իրար փակած աւազ լինի, համաձայնեցաւ Վահէն, փխրուն եւ սակայն կարծր։

Շատ լաւն է, ապրիք, տղա՛ք, երեք ընկերներրուն խօսքը ուղղեց Պաստամեանը, շատ ապրիք։

Պաստամեանի քաջալերական մէկ խօսքը մեծ նշանակութիւն ունէր մեր երեք երիտասարդներուն համար, որոնք ամենածանր պայմաններու մէջ աշխատելով՝ մխիթարական շատ քիչ բան ունէին։

Փորձերը սպասուածէն շատ աւելի յաջող անցան։ Աւելի մեծ ռումբերով փորձեր կատարելու համար հարկաւոր էին համապատասխան մեծութեամբ հրթիռներ։ Երբ Պաստամեանը կրկնեց նախորդ օրուան հրահանգները այդ մասին, սկսան ձեռքի ռումբերու փորձերուն, որոնք ընդհանրապէս վտանգաւոր կը համարուին։

Տասներկու ռումբէ աւելի կրակեցին, բոլորն ալ յաջողութեամբ, բացի մէկէն, հին սիստեմի փշաւոր ռումբ մը, որ թաց եւ ցեխոտ գետնի վրայ իյնալով՝ չպայթեցաւ։ Կարոյի ու Սարգիսի հնարած հաւկթաձեւ ռումբը, որ կեդրոնին վրայ պարզ մեքենականութիւն մ՚ունէր, ամենահեշտ եւ համեմատաբար անվտանգ համարուեցաւ։

Երբ երեկոյեան կողմ բոլորը միասին դէպի վանք ուղղուեցան ուրախ տրամադրութեամբ, Պաստամեանը հանդարտօրէն քալելով՝ կը բացատրէր զինքը շրջապատող ընկերներուն նոր պայթուցիկի մը՝ մէլէնիթի յատկութիւնները, որ շատ աւելի աւերիչ ուժ ունէր, քան տինամիթը։

Կարօն Պաստամեանի մօտէն կը քալէր։ Ձեռքերը բաճկոնի գրպանները կոխած՝ ան ուշադրութեամբ կը հետեւէր տրուած բացատրութիւններուն։ Ինչպէս կ՚երեւէր, Կարօն անգիտակցօրէն գրպանի կապսիւլներուն հետ կը խաղար, որոնք ուժեղ շփումով մ՚իսկ կրնային բռնկիլ։

Ձորէն ելած՝ զառիվայր մը կ՚իջնային, երբ իրարու յաջորդող քանի մը պայթիւններ լսուեցան։ Առաջին րոպէին ոչ ոք հասկցաւ պատահածը։ Մէկ ալ Կարօն բոլորովին գունաթափ եւ կարծես նուաղելու մօտ՝ կամաց մը գետին նստաւ, զգացած ցաւէն ատամները կրճտացնելով։ Ընկերները անմիջապէա շրջապատեցին զայն, ու երբ Պաստամեանը ծուիկ ծուիկ եղած բաճկոնի գրպանէն դուրս բերաւ Կարոյի արիւնաթաթախ ձեռքը, ցուցամատն ու միջնամատը շորի կտորի նման կախուած էին։ Սարգիս օգնութեամբ Պաստամեանը գետին պառկեցուց նուաղած Կարօն։ Երբ տաբատը վար քաշեցին, ազդրի վերի կողմը երեւցան բազմաթիւ վէրքեր, որոնցմէ երեքը բաւականին խոր էին։

Անմիջապէս ձորի վտակէն, Վահէն գլխարկով ջուր բերաւ եւ օգնեց Պաստամեանին լուալու Կարոյի վէրքերը։ Կամաց կամաց սթափելով, Կարօն սկսաւ նայիլ ընկերներուն՝ կարծես անտեղեակ պատահածէն։ Հետզհետէ բոլորովին սթափեցաւ, երբ անտանելի ցաւ զգաց։ Վէրքերը վտանգաւոր չէին, բայց երկու մատները ամբողջովին կտրուած՝ սրունքի բազմաթիւ վէրքերուն մէջ խծկուած պղնձի կտորները սարսափելի ցաւ կը պատճառէին։

Բան չկայ, բան չկայ, Կարօ ջան, Հրայրը կ՚աշխատէր հանգստացնել ընկերոջը, բան չկայ, քեզ պէս ասլանի մը համար այդ ճանկրտուքները…, ու յանկարծ գլուխը անդին դարձուց՝ անկարող շարունակելու։

Կարոյի երկու մատները գետին ինկած էին։

Պաստամեանն ու Վահէն գէշ աղէկ վէրքերը փաթթեցին թաշկինակներով։

Սարգիսն ու Հրայրը Կարոյի թեւերը մտան ու կամաց կամաց քալելով՝ հասցուցին վանքը։ Բարեբախտաբար Վահէի հետ եկող օրիորդները դեռ չէին գացած։ Կառապանը անմիջապէս կառքի ձիերը լծեց, ու Կարօն օրիորդներու հետ բարձրացաւ կառքը։

Մնաք բարով, քանի մը օրէն կուգամ, հոգ մի՛ ընէք, ու Կարօն փորձեց ծիծաղիլ՝ նայելով իր երկու սրտակից ընկերներուն, Հրայր, չմոռնաս մատներս թաղել, քար մըն ալ դիր վրան, սրտաճմլիկ դամբանական մ՚ալ Սարգիսը թող խօսի։ Դէ՛, ցտեսութիւն… Ինչո՞ւ էթներդ կախեր էք…

Կառքը օրօրուելով ճամբայ ելաւ։

Կարօն Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղէն էր, պարզասիրտ, ուրախ ու հայրենասէր երիտասարդ մը, որ Ամերիկայէն անցած էր Պուլկարիա՝ ռումբ պատրաստել սովրելու համար։ Միեւնոյն հաստատութեան մէջ հանդիպած էր Սարգիսին եւ Հրայրին։ Առաջինը վարպետ ձուլող մըն էր, իսկ Հրայրը՝ սկսնակ մը։ Շատ շուտով այդ երեքին մէջ ջերմ բարեմակութիւն մը առաջացաւ։ Գործէն դուրս ազատ ժամերուն գրեթէ անբաժան էին իրարմէ։ Պուլկարիոյ վարիչ մարմինը որոշած էր Կովկաս ղրկել այդ երեքը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք զանազան մասնագիտութիւններ կը սովրէին։ Կովկասէն անոնք Երկիր պիտի անցնէին։ Երեք ընկերները թախանձագին խնդրեցին, որ զիրենք ուր ալ ճամբելու լինին, իրարմէ չզատեն։

Այդպէս, այդ երեք երիտասարդները դարձան անբաժան ընկերներ։

Երեկոյեան, ընթրիքը հազիւ վերջացուցած, Հրայրն ու Սարգիսը մեկնեցան վարդապետի սենեակէն։ Կողք կողքի, առանց խօսելու կը քալէին ու, երբ իրենց բնակած տնէն ներս մտան, կարծես երկու որբեր լինէին։ Անմիջապէս զգեստնին փոխեցին, ու գործի անցան։

Հրայրը միօրինակ արագութեամբ կը դարձնէր փուքսի անիւը, ձէթհանի անիւը դարձնող կոյր ձիու մը անկենդան կանոնաւորութեամբ։ Բայց եւ այնպէս ամբողջ գիշերը չկրցաւ երգել, կարծես բան մը դէմ առած էր կոկորդին մէջ։

————

Գիշերն ուշ ատեն, երբ Վահէն, Պաստամեանը եւ վարդապետը նստած վանքի անցեալէն կը խօսէին, վարդապետին ծառան ներս մտցուց գիւղացի մը, որ քաղաքէն կուգար։

Աստուած օգնական, Հայր Սուրբ, էս ղօնախներէն որն ա պարոն Պաստամեանը։

Ես եմ, ի՞նչ կայ որ։

Գիւղացին արխալուխի ներսի գրպանէն ճմրթկուած ու քրտիքէ թրջուած թերթ մը հանելով երկնցուց Պաստամեանին։

Ռսաց ըշկօլի (վարժարան) վարժապետը տուաւ Հա՛, էն էլ ասաց որ, ու գիւղացին գլուխը քերելով, թուքը կուլ տար. ասաց, որ շատ կարեւոր ա.

Շնորհակալ եմ, ախբեր։

Կարեւոր լուր մը լինելու էր թերթին մէջ։ Պաստամեանը լայն բացաւ թերթը, մինչ Վահէն անոր ուսի վրայէն կը նայէր։ Երեք օր առաջ հրատարակուած Կովկասի պաշտօնաթերթ «Կավկաս»ի մէկ թիւն էր։ Մինչ Պաստամեանը արագօրէն թռուցիկ հայեացք մը կը նետէր վերնագիրներուն վրայ, Վահէն անմիջապէս կարեւոր լուրը գտաւ ու մատը դրաւ պաշտօնական զեկոյցներու սիւնակի ամենէն վերը Պետերսպուրկէն հեռագրուած հաղորդագրութեանը վրայ, որ մեծ տառերով տպուած էր.

Լոյս տեսաւ բարձրագոյն հրաման՝ Հայ Լուսաւորչական Եկեղեցւոյ կալուածները գրաւելու մասին։

Ատկէ վերջ, աւելի փոքր տառերով կայսերական հրամանը կը սկսէր այսպէս.

Թագաւոր Կայսրը, մինիստրներու կոմիտէի որոշման համեմատ, Ռուսաստանի Հայ Լուսաւորչական Եկեղեցւոյ կալուածներու վարչութիւնը կառավարչական հիմնարկութիւններու տեսչութեան տակ կեդրոնացնելու համար…

Երեք գլխաւոր յօդուածներէ բաղկացած հրամանագիր մ՚էր, 1903 թուի յունիսի 12-ին հրատարակուած կայսերական ուքազը։

Եթէ յանկարծ ռումբ մը պայթէր սենեակին մէջ, հազիւ թէ այնքան շշմեցուցիչ տպաւորութիւն մը առաջացնէր։

Թագաւոր Կայսրը Բարձրագոյն հրամայել բարեհաճեց… Կարծես թէ՝ Պաստամեանի աչքի առջեւ տառերը կը պարէին հեգնօրէն։

Երբ Պաստամեանը երկրորդ անգամ կարդաց ամբողջ հրամանագիրը, դէմքը բոլորովին մահատիպ գունատութիւն մը ստացաւ ու անոր սովորաբար բարի եւ ժպտուն աչքերը սկսաւ փայլիլ ներքին կրակէ մը վառուած կատաղութեամբ։

Սրիկաներ, շշնջաց՝ ատամները պինդ սեղմած, սրիկաներ, ու թերթը սեղանի վրայ նետելով՝ ձեռքերը մէջքին կապած՝ ծանր ծանր սկսաւ ման գալ սենեակին մէջ։

Վահէն, պատին կրթնած, ինքն իր վրայ սմքեր էր։ Առաջին հայեացքովն իսկ գիտակցած էր նոր օրէնքի իսկական իմաստը։ Կովկասի հայատեաց կառավարչապետ Իշխան Կալիցինը այդ օրէնքով ամենամեծ հարուածը կը հասցնէր հայ ժողովուրդին։

Պաստամեանի սովորաբար խաղաղ կերպարանքը այնքան էր այլակերպուած, որ Եղիշէ վարդապետը, զգալով թէ շատ ծանր դէպք մը պատահած լինելու է, բայց չհամարձակելով անոր մօտենալ, տեղէն ելլելով՝ մօտեցաւ Վահէին ու փսփսուքով մը հարցուց.

Խեր լինի, որդի, ի՞նչ խապար է…

Կայսերական նոր օրէնք մը ելած է, ցրուած պատասխանեց Վահէն, նոր օրէնք մը հայ եկեղեցական կալուածները գրաւելու համար…

Դժուար թէ շատ բան մը հասկցաւ վարդապետը։ Աչքերը խոշոր խոշոր բացած՝ զարմանքով նայեցաւ Վահէին։ Այդ ինչպէ՞ս թէ եկեղեցական կալուածները գրաւել, կը մտածէր վարդապետը՝ երկար մօրուքը շոյելով. —նորէն էն նզոված շան՝ իշխան Կալիցինի գործն է անպատճառ։

Մեր եկեղեցիները, վանքերը… որդի, էդ ինչպէ՞ս թէ կալուածները պիտի գրաւուին։ Բա, ո՞վ պիտի տնտեսէ, ո՞վ պիտի հոգայ վանքերը, վարդապետներու, վանահայրերու ապրուստը…

Վահէն լուռ նայեցաւ վարդապետին եւ ուսերը թօթուեց։ Սրտանց կը ցանկար, որ լռէր այդ խեղճ մարդը։ Առանց անդրադառնալու օրէնքի կործանարար հետեւանքներուն, վարդապետը անասնական բնազդով ապրուստի մասին կը մտածէր, մինչդեռ անդին…

Հը՞, չըսե՞ս, որդի՛, վարդապետը իր հարցումը կը կրկնէր, ձեռքերը տրորելով, էդ ինչպէ՞ս թէ բոլոր կալուածները… Հապա Մայր Աթոռը… Վեհափառ Հայրապետը… մենք բոլորս… էդ ինչպէ՞ս թէ առանց կալուածներու պիտի մնանք։ «Տէ՜ր, զի բազում եղեն նեղիչք իմ եւ բազումք յարեան ի վերայ իմ»։ Էս օրերն ալ պիտի տեսնէինք։

Վարդապետի սովորաբար ուրախ ու անհոգ դէմքի վրայ այնպիսի Ֆիզիքական տառապանք մը գծագրուած էր, որ Վահէն ակամայ խղճաց ու՝ կարծես անոր ցաւը մեղմելու համար՝ երկու խօսքով ուղեց բացատրել նոր օրէնքը։

Կալուածները գրաւելով, եկեղեցիներու եւ եկեղեցականներու հոգը կառավարութիւնը ինք պիտի ստաձնէ… իսկ կրօնաւորները չինովնիկներու (պետական պաշտօնեայ) նման թոշակ պիտի ստանան պետական գանձէն…

Հէր օրհնած, այդպէ՜ս ըսէիր…, ու կարծես ծանր բեռ մը յանկարծ ուսերէն ինկած՝ վարդապետը երկար շունչ մը քաշեց, օրհնա՜ծ, այդպէ՜ս ըսէիր։

Եղիշէ վարդապետը բոլորովին միամտուած, դիւանի վրայ նորէն իր նախկին տեղը գրաւեց։ Կակուղ մինտէրի վրայ ծալապատիկ բազմելով՝ գրպանէն դուրս բերաւ սաթէ երկար համրիչը ու հանդարտօրէն սկսաւ զոյգ զոյգ քաշել հատիկները բթամատով՝ հազիւ լսելի ձայնով մը կրկնելով.

Խէ՜ր, շա՜ր, Աստուա՛ծ… խէ՜ր, շա՜ր, Աստուա՛ծ…

Այդ պահուն Գարեգին սարկաւագը, որ ամբողջ օրը բացակայած էր վանքէն, սենեակէն ներս մտաւ, երկար պտոյտէ մը վերադառնալով։

Աստուած օգնական, ողջոյն ձեզ։

Գրեթէ ոչ ոք պատասխանեց սարկաւագի բարեւին։ Վարդապետը, որ զբաղած էր համրիչով, գլխի անորոշ շարժում մը ըրաւ։ Վահէն այնպէս մը նայեցաւ սարկաւագին, որ կարծես առաջին անգամը զայն կը տեսնէր, իսկ Պաստամեանը, գլուխը կախ, ման կուգար, առանց ոչ ոք տեսնելու։

Շշմած սարկաւագն անմիջապէս կռահեց, որ իր բացակայութեանը շատ ծանր բան մը տեղի ունեցած էր, եւ հարցական նայեցաւ Վահէին։ Վահէ ձեռքը պարզեց՝ լռելեայն սեղանի վրայ ինկած թերթը ցուցնելով, կարծես ըսել կ՚ուզէր. «Ա՜յ թէ խնդիրը ի՞նչ է»։ Սարկաւագը թերթը վերցուց ու անմիջապէս տեսաւ կայսերական հրամանագիրը։

Խէ՜ր, շա՜ր, աստուա՛ծ, շարունակեց վարդապետը՝ երկար համրիչի հատիկները քաշելով ու մէկ ալ ուրախացած՝ դարձաւ Վահէի կողմը. ա՜յ, կը տեսնե՞ս խէր վերջացաւ. թերեւս ասոր տակն ալ բարիք մը կայ…

Վահէն արհամարհանքով ուսերը թափ տուաւ։ Խեղճ վարդապետ, որ համրիչի հատիկներուն խէր գալովը կ՚ուզէր ինքզինք մխիթարել։ Գարեգին սարկաւագը, ընթերցումը վերջացուցած, ուղղակի վարդապետին նայեցաւ՝ զսպուած յանդիմանութիւն մը աչքերուն մէջ։

Հայր Սուրբ, ինչպէ՞ս կարելի է խէր սպասել… Միթէ՞ չէք տեսներ նոր օրէնքի տակ թագնուած իսկական վտանգը…

Գիտեմ, զաւակս, գիտեմ . փառք Աստուծոյ, այնքան ալ յիմար չեմ։ Բայց մենք ի՞նչ կրնանք ընել… Կայսերական հրաման է…

Ինչ կրնանք ընե՞լ, ու Գարեգին սարկաւագի գունատ դէմքը զայրոյթէն կաս կարմիր կտրեցաւ, այս օրէնքը եկեղեցիի անունով կայ ազգի գոյութեան հիմքերուն ուղղուած ծանր հարուած մ՚է։ Եթէ չլինի հայ ժողովուրդը՝ կը մեռնի եւ հայ եկեղեցին, դուք ու ես ալ մէկ մէկ ռուս փոփ (քահանայ) կը դառնանք, ու ամէն ինչ կը վերջանայ։

Պաստամեանը կանգ առած՝ ուշադրութեամբ կը հետեւէր սարկաւագի խօսքերուն։ Իր մռայլ դէմքին վրայ արտայայտիչ հարցական նշան մը գծագրուեցաւ։ Չէ՛, այդ ֆարաճայի տակ տաք սիրտ մը կայ, եւ գանկին մէջ մտածող ուղեղ մը։

Վարդապետը չէր սպասեր, որ սարկաւագը այդ ձեւով խօսելու յանդգնութիւն կ՚ունենայ իրեն հետ։ Թէեւ սաստիկ բարկացած, բայց Վահէի ու Պաստամեանի ներկայութենէն քաշուելով, զսպեց իր բարկութիւնը ու շատ ապրած մեծի մը յանդիմանական շեշտով ՝ ըսաւ։

Որդի, ի հարկէ, վատ է, շատ վատ։ Բայց մենք ի՞նչ կրնանք ընել։ Պէտք է խոնարհ լինել եւ համբերող. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի»։

Բայց Հայր Սուրբ, գրեթէ պոռաց սարկաւագը, որու շրթները կը դողային անհնարին յուզումէ, բայց այս օրէնքը… կը հասկնա՞ք Հայր Սուրբ, հայ ազգի գերեզմանը կը փորէ։ Մենք ինչպէ՞ս կրնանք ձեռքերնիս ծալած նստիլ։

Իսկ որ չնստինք՝ յետոյ ի՞նչ— արդէն բարկացած խօսեցաւ վարդապետը. մէկ ըսէ տեսնեմ, գահի վրայ հայոց թագաւո՞ր ունինք, հայկական բանա՞կ, թոփ ու թֆա՞նք… ինչո՞վ դէմ պիտի դնենք մեծազօր թագաւոր-կայսեր հրամանին։

Տէ՜ր ողորմեա, այս ի՜նչ օրերու հասանք, կը մտածէր վարդապետը՝ դառնութեամբ գլուխը օրօրելով, երէկուան հաւկիթէն ելած վառեակները այսօր խելք սովրեցնելու ելած են։ Ու բարկութեամբ կակուղ մինտէրի վրայէն տնքալով՝ բարձրացաւ եւ քրթմնջելով իր սենեակը քաշուեցաւ։

Այո՛, բարեկամ, ու Պաստամեանը ընկերաբար ձեռքը սարկաւագի ուսին դրաւ, ճիշդ նկատեցիք դուք, այդ օրէնքը հայ ազգի գերեզմանն է լինելու։ Իսկ ձեր կարծիքով հայ եկեղեցին ու ժողովուրդը ի՞նչ դիրք պէտք է բռնեն, ու փորձիչ հայեացքով դիտեց սարկաւագը, որու պեխերն ու մօրուքը նոր սկսած էին աչքի զարնել.

Սարկաւագ յուսահատօրէն ձեռքերը կը ճմլէր՝ առանց բերանը բանալու։ Երանի թէ կարողանար որոշ ու յստակ պատասխան մը տալ։ Եթէ կեանքն անգամ զոհել պէտք լինէր, սարկաւագը հաստատ գիտէր, որ վայրկեան մ՚իսկ չէր մտածեր այդ մասին։ Ընդհակառակը, ուրախութենէն արցունք թափելով՝ այդ զոհաբերութեան ընդառաջ կ՚երթար, մարտիրոսի մը հեզութեամբ։ Բայց ատկէ աւելին, ինչո՞ւ պահանջել իրմէ, ինք դեռ անփորձ երիտասարդ մը, հազիւ կեանքի սեմէն ներս մտած։ Ու ակամայ, աչքերը վար առաւ։

Պաստամեանը, քանի մը վայրկեան լուռ սպասելէ վերջ, կրունկին վրայ դարձաւ ու նորէն շարունակեց ման գալ սենեակի երկայնքով։ Այդ ընդհանրապէս հանդարտ եւ քիչ մը դանդաղաշարժ մարդը կը քալէր զարմանալի տենդոտ շարժումներ ընելով։ Երբեմն բռունցքը սեղմած՝ կը սպառնար աներեւոյթ թշնամիի մը, երբեմն հատ ու կտոր բառեր կ՚արտասանէր՝ գլուխը ցնցելով ու հետզհետէ կ՚արագացնէր քայլերու ընթացքը երկաթէ վանդակի մէջ փակուած գազանի մը կատաղութեամբ։ Մէկ ալ մօտեցաւ ու Վահէի առջեւ կանգնեցաւ։ Ճակատը քրտինքի կաթիլներով ծածկուած էր, կուրծքը ծանր ծանր կը բարձրանար, կարծես ամբողջ հրաբուխ մը կը պատրաստուէր դուրս ժայթքելու։ Ոտքերը լայն բացած, ձեռքերը մէջքին, Վահէի դէմ դիմաց կանգնեցաւ՝ աչքերը ընկերոջ աչքի խորքը յառելով։

Վահէ, կը հասկնա՞ս, փոթորիկ պիտի պայթի։

Փոթորի՞կը, ու Վահէն չկրցաւ հեգնական ծիծաղը զսպել. փոթորի՞կ ըսիր. տե՛ս, ահա փոթորկաբեր ամպը, ու ձեռքի արհամարհական շարժումով վարդապետի սենեակը ցուցուց, խեղճ մարդ, ինչե՜ր կը սպասես…

Ո՛չ, մեռելները թող իրենց մեռելները թաղեն, ժողովուրդը…

Վահէն վայրկեան մը ուշադիր նայեցաւ ընկերոջ դէմքին, ու ապա տարակուսանքով ուսերը թօթուեց։ անշուշտ ժողովուրդ մը կրնար փոթորկուիլ, մտածեց Վահէն, բայց ինչո՞ւ 1885 թուականին հայ ժողովուրդը լուռ խոնարհեցաւ ուրիշ պետական օրէնքի մը առջեւ, որով գոցուեցան բոլոր ազգային ծխական վարժարանները, ու յիսուն հազար հայ մանուկներ փողոց նետուեցան։ Չէ՛, Վահէն շատ մեծ հաւատք չէր կրնար ունենալ ժողովուրդին վրայ։

Պաստամեանը ընկերոջ դէմքին վրայ կարծես կը կարդար անոր մտքէն անցածը։ Բռունցքը սեղմած, բոլորովին մօտեցաւ Վահէին, որ այդ պահուն կարծես ոխերիմ թշնամի մը լինէր, ու սեղմուած ատամներու արանքէն ընկերոջ դէմքին սուլեց.

Ե՛ս քեզի կ՚ըսեմ, որ փոթորիկը պիտի պայթի. փոթորիկը պէտք է որ պայթի, հասկցա՞ր…

Գարեգին սարկաւագը ոտքի մատներուն վրայ քալելով, քաշուեցաւ իր սենեակը։

Վահէն ու Պաստամեանը մինչեւ լոյս նստած կը խօսէին։ Նոր օրէնքի հրատարակութիւնը նոր կացութիւն մը կը ստեղծէր Կովկասի հայութեան համար։ Ու բնականաբար նախկին գործունէութիւնը պէտք էր զարտուղութիւն մը ունենար։ Պաստամեանը անմիջապէս Էջմիածին պէտք էր անցներ, ու ապա Թիֆլիս, որ ամբողջ Կովկասի զարկերակն էր ու ազգային հարցերու ուղղութիւն տուողը։ Վահէն անորոշ ժամանակով պէտք է մնար վանքը, մինչեւ որ Փոքր Ղարաքիլիսէի պահեստներուն մէջ գտնուող «ապրանքը» աստիճանաբար գիւղէ գիւղ փոխադրուէր ու սահմանամերձ վայրերու մէջ կեդրոնանար։

Առտու շատ կանուխ, Պաստամեանը Վահէի հետ արհեստանոցը հանդիպեցաւ տղոց մնաք բարով ըսելու։ Սարգիսն ու Հրայրը դեռ նոր աւարտած գիշերուան աշխատանքը, կը պատրաստուէին քնելու, երբ երկու ընկերները ներս մտան։

Պաստամեան քանի մը խօսքով բացատրեց ստեղծուած նոր կացութիւնը եւ իր Թիֆլիս վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը։

Շարունակեցէ ձեր աշխատանքը։ Փորձերը առայժմ կը մնան, մինչեւ որ հնարաւորութիւն ունենամ ազատ ժամանակ գտնելով ձեզ մօտ գալու։ Վահէն դեռ ժամանակ մը կը մնայ։ Եթէ կարիք ունենաք, կը դիմէք անոր։

Իսկ մեր Երկիր անցնիլը ինչպէ՞ս պիտի կարգադրուի, մտահոգուած հարցուց Սարգիսը, որուն, ինչպէս եւ երկու ընկերներուն ցանկութիւնն էր օր առաջ Տաճկաստան անցիլ. մենք բաւական երկար մնացինք հոս։

Շուտով, շատ շուտով, սիրելիք, խանդաղատանքով ժպտեցաւ Պաստամեանը, որ խորապէս կը գնահատէր այդ երեք արհեստաւոր ընկերներու խանդավառ հայրենասիրութիւնը, անձնազոհութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը. ձեզ շատ չեն պահեր։ Այդ հարցը Վահէն պիտի կարգադրէ։ Կը խորհրդակցիք միասին։ Սարգի՛ս, նոր շինելիք հրթիռի ներքին տրամագիծը պէտք է երկու եւ կէս մատնաչափ լինի. վառօդը շատ տկարացնելու չէ, երեսուն տոկոս ածուխը բաւական է։ Մինչեւ սեպտեմբեր նորէն կը տեսնուինք։ Դէ, մնաք բարով։

Երբ իր կարգին, Հրայրը Պաստամեանի ձեռքը կը սեղմէր, կամաց մը ըսաւ.

Կարօն շուտով ճամբեցէք՝ թող գայ։

————

«Պաստամեանի մեկնելէն երկու օր վերջ, Վահէն անակնկալ կերպով մեկնեցաւ վանքէն։ Շաբաթ մը վերջ, երբ վերադարձաւ, մտահոգուած ընկերներուն յայտնեց, որ «ապրանքի» մէկ կարեւոր մասը Ղամարլու հասեր է, իսկ մնացածը քանի մը օր ետքը Պաշ-Ապարանի ճամբայով պիտի ճամբուէր դէպի Երեւան։

Օր մը վերջ, ուշ գիշերով, Կարօն վերադարձաւ Ալէքսանդրոպոլէն, վէրքերը սպիացած, բայց ձեռքը հաշմանդամ։ Երեք ընկերներու մէկտեղուիլը կենդանացուց  արհեստանոցի քիչ մը տխուր մթնոլորտը։ Նորէն ծիծաղ, երգ ու անվերջ կատակներ։ Սարգիսն ու Հրայրը որոշեցին, որ յաջորդ օրը չգործեն, այլ ձեւով մը տօնեն Կարոյի վերադարձը։ Վահէն առաջարկեց երկու օրով բարձրանալ Արագածի եայլաները։

Պաստամեանի մեկնելէն յետոյ, Վահէն եւ Գարեգին սարկաւագը մօտեցեր էին իրարու։ Երկար պտոյտներ կը կատարէին միասին, շրջակայ կ՚երթային, կամ Վահէի սենեակը քաշուած՝ ժամերով կը խօսէին զանազան հարցերու, գլխաւորաբար ազատագրական շարժման եւ հայ ժողովուրդի ապագայի մասին։ Այդ ամենօրեայ մօտիկութիւնը պատճառ դարձաւ. որ Վահէն գնահատէ այդ դեռ հազիւ քսան մէկ տարեկան սարկաւագի հոգեկան գեղեցկութիւնը։ Երկուքի յարաբերութիւնը ստացաի մտերմական բնաւորութիւն։

Խօսակցութեան մը առթիւ սարկաւագը յայտնած էր, որ ինք մօտիկէն կը ճանչնայ եզիտի քրտերու աղան՝ Մէհմէտ բէկը։ Կարոյի գալը լաւ առիթ մ՚էր, թէ՛ տղաքը երկու օրով կը հանգստանային, եւ թէ՛ ինքը հնարաւորութիւն կ՚ունենար հանդիպելու Մէհմէտ բէկի երիտասարդ տղուն, կարեւոր գործի մը համար, որու մասին երկարօրէն խօսած էր սարկաւագի հետ։

Առաւօտեան ժամը երկուսին ճամբայ ելան սարկաւագի առաջնորդութեամբ։

Մօտ երկու ժամ, անընդհատ բարձրացան Արագածի փէշերով, միշտ դէպի արեւելք ուղղած իրենց քայլերը։ Առաւօտեան կողմ սարի պաղ քամին սկսաւ։ Յոգնած էին, քիչ մը հանգստանալու համար ժայռի մը տակ պատսպարուեցան։

Կամաց կամաց արեւելքը շառագունեց, եւ հեռուն հորիզոնի վրայ կախուած երկարաւուն ամպի շերտերը սկսան բոցավառիլ։ Հսկայ Մասիսի սքանչելի ձիւնափայլ գագաթը՝ խաւարի անորոշութեան մէջէն դուրս գալով՝ երկնքի վրայ սկսաւ գծագրուիլ իր մեծափառ վսեմութեամբը, մինչ Արարատեան Դաշտը, դեռ խաւարի անթափանց փէշին տակ, կը քնանար հսկայի մը անխռով քոնվ։

Զանգեզուրի եւ պարսկական Ղարադաղի հսկայ սարերու ստուերային ուրուագիծը խուրձ մը նիզակներու նման կը սղոցէր հորիզոնի անորոշ գիծը։ Այդ ուղղութեան վրայ, նախ թեթեւ կարմրութիւն մը, վերջէն բոցավառ կրակի լիճ մը գոյացաւ եւ այդ անհուն կրակի ծովի մէջէն արեւի հրավառ դունդը ոստումներով սկսաւ բարձրանալ շքեղ գեղեցկութեամբ, մինչ շրջապատի ամպերն ու սարի գագաթները ոսկի ծիրանի կ՚անցընէին ուսերնուն։

Նման բարձունքէ մը երբեք չէին տեսած արեւի ծագումը։ Վահէն սքանչացած այդ շքեղ պատկերէն՝ մտքին մէջ կը կրկնէր Վահագնի ծնունդը՝ Երկնէր երկինք եւ երկիր, երկնէր եւ ծովն ծիրանի, իսկ Գարեգին սարկաւագը, իր մեղմ, թաւ ձայնով սկսաւ երգել.

Առաւօտ լուսոյ,

Արեգակն արդար

Առ իս լոյս ծագեա…

Կռապաշտ, ժպտեցաւ Վահէն ու միտք կ՚ընէր, որ Գողթան երգիչը, Շնորհալին թէ Գարեգին սարկաւագ մը, թէեւ իրարմէ տասնեակ դարերով զատուած, նորէն հին աստուածը կ՚երգեն, բնութեան հզօր աստուածը, որ յաւիտենական տիրողն է մարդկային հոգիին։

Սարկաւագը Վահէի կատակը անուշադիր թողուց, թերեւս չլսեց իսկ. աչքերը յառած դէպի արեւը՝ շրթները անձայն կը շարժէր։

Մասիսի ձիւնափայլ կատարին, յանկարծ արեւի ոսկի շերտ մը ինկաւ։ Արարատեան Դաշտին վրայ չոքած խաւարը հետզհետէ փէշերը ժողված սկսաւ քաշուիլ խոր խոր ձորերու, քարանձաւներու խորքը, ու թափանցիկ, կապտաւուն մշուշի մէջէն երեւցան Դաշտի կենդանացող գիւղերը, կանաչազարդ արտերը, ճերմակի զարնող ճամբաներ ու Արաքս գետը, որ նեղ կիրճէն դուրս պրծած՝ խելառ պտոյտներով կը կտրէր Արարատեան Դաշտի ամբողջ երկայնքը։

Դաշտի զարթումը հոյակապ պատկեր մ՚էր։ Տղաք, զմայլած կը դիտէին Արագածի փէշերու տակ կեանք առնող տարածութիւնը։ Կարօն սքանչացած՝ նոյնիսկ փորձուեցաւ երգել, Հայաստա՜ն, երկի՜ր դրախտավայր… Բայց հոգէառ Հրայրը կը ձգէ՞ր, որ գէթ անգամ մը, Կարօն սրտի ուզածին պէս երգէր։ Հազիւ առաջին երկու բառը երգած՝ Հրայրը կողը մխթեց.

Սո՛ւս ագռաւ, ձայնդ կտրէ։

Կ՚ուշանանք, ոտքի ցատկելով ըսաւ սարկաւագը. լաւ է ճամբայ ելլենք։ Դեռ երկու երեք ժամ ունինք տեղ հասնելու։

Բայց դու եզիտիներու տեղը գիտե՞ս, հարցուց Վահէն։

Որոշ տեղ մը չունին, տեղէ տեղ կը քոչեն տաքին հետ հետզհետէ բարձրանալով։ Հիմա հաւանական է, որ արդէն կատարի մօտ լինին։ Ինչ որ է՝ հարցնելով կ՚իմանանք։ Ասկէ վեր եայլաները կը սկսին։ Անշուշտ քոչուորներու կը հանդիպինք։

Առաւօտեան ժամը ութը կը լինէր, երբ հանդիպեցան Ապարանցի հայ հովուի մը։

ՀԷ՜յ, ախպեր, —հեռուէն ձայն տուաւ սարկաւագը, եզիտիներու Մէհմէտ աղայի կոները ո՞ր կողմն են։

Հա՛, էտենց, շիտակ վեր ելէք։

Հեռո՞ւ է։

—Չէ՛ ախպեր, հունա՛, չորս քայլ առնէք չառնէք՝ կոները կը հասնիք։

Սարկաւագն ու ընկերները սկսան բարձրանալ Արագածի կուրծքը ճանկրտող բազմաթիւ ձորերէն մէկով, որու մէջէն կլկլացող պաղորակ գետակ մը կ՚անցնէր։ Թէեւ արդէն յոգնած, բայց վստահ, որ ձորը վերջանալուն՝ տեղ պիտի հասնին, տղաք ուժ կուտային ոտքերնուն։

Տօ, էտ մէկ ժամ է կը քալենք, բայց այդ անտէր հովուի չորս քայլը չվերջացաւ դեռ, ու յոգնած կանգ առաւ Հրայրը, ի՞նչ կ՚ըսէք, չնստի՞նք քիչ մը հանգստանալու։

Շատ հեռու չի կրնար լինիլ, ուզեց համոզել սարկաւագը, որ ամենէն շատ յոգնած էր, լաւ է շարունակենք. արդէն Արագածի գագաթներուն մօտեցանք։

Ձորը վերջացած էր։ Աննշան բարձունքի մը կատարը հասած էին, երբ Արագածի գագաթները երեւցան՝ շրջապատուած ընդարձակ արօտատեղիներով։ Վառ կանաչ մը, հազարաւոր վայրի ծաղիկներ, ու բազմաթիւ ոչխարի հօտեր ցրուած զանազան ուղղութիւններով, եւ իրարմէ շատ հեռու տարբեր գիւղացիներու պատկանող վրաններու խմբաւորումներ։

Տղոց կեցած տեղին մօտ, չորս կամ հինգ հարիւր քայլ հեռաւորութեան մը վրայ, ոչխարներու մեծ հօտ մը կ՚արածէր։ Թաղիքէ ապայ մը ուսերուն՝ հովիւը ծանր ծանր հօտը առաջ կը քշէր դէպի տղոց կողմը։ Աւելի հեռուն, բազմաթիւ վրաններ կիսաշրջան մը բոլորած էին, որոնց մէջ իր մեծութեամբ աչքի կը զարնէր կեդրոնի վրանը։

Հէ՜ հէ՜յ… բարով կուռօ…, պոռաց սարկաւագը, էր մալը որո՞ւնն է։

Հէ՜յ, ես Մէհմէտ բէկի չօպանն եմ, ձայն տուաւ հովիւը, մալը մեր աղայինն է։ Աստուծոյ բարին վրանիդ գայ, էդ ո՞ւր բարով։

Աղայիդ ղօնախ կուգանք, Ալի բէկը հո՞ն է։

ՀԷյ, մի՛ մօտենաք, զուլում շներ են… ես ձէն կուտամ Ալի բէկին, ու հովիւը, երկու ձեռքերը բերանին շուրջը դրած, դէպի վրանները դարձաւ ու զարմանալի բարձր ձայնով պոռաց.

Հէ՛հէ՜յ…

Հէ՛հէ՜յ…, վրաններէն մէկը դուրս գալով պատասխանեց հովուին։

Ալի բէկին քաղքցի ղօնախներ կուգան… հէհէ՜յ, խապար տուէք աղին, հէ՜յ…

Հինգ րոպէ չանցած, կեդրոնական վրանէն մէկը դուրս եկաւ ու նետուեցաւ ձիու մը վրայ եւ ձին շիտակ դէպի հովիւը սկսաւ քշել։ Բայց, կ՚երեւի, նշմարելով մեր բարեկամները, որոնք բարձունքին վրայ նստած կը հանգստանային, թափով ձին բաց ձգեց ու հասաւ տղոց մօտ։ Քանի մը քայլ հեռու՝ ձիէն վար ցատկեց երիտասարդը, ու մինչ վարանքով կը մօտենար ծանօթ դէմք մը տեսնելու ակնկալութեամբ, մէկ ալ ձիու սանձը բաց ձգած առաջ վազեց.

Գա՛րեգին։

Ա՛լի։

Ու երկու ընկերները իրար փաթթուած համբուրուեցան։

Ասոնք իմ բարեկամներս են, սարակաւագը ներկայացուց իր ընկերները, իմ ազիզ բարեկամներս։

Եղբօրս բարեկամները գլխիս վրայ տեղ ունին։ Բարի եկաք, հազար բարի եկաք, ես ու իմոնքս ձեր ծառաներն ենք, ու Ալի բէկը մէկուն մօտենալով՝ ձեռները թօթուեց։

Բացի Վահէէն, որ սարկաւագէն  լսած էր Ալի բէկի մասին, մնացածները ապշած իրարու կը նայէին։ Այս որքա՜ն գրական հայերէն կը խօսէր այդ լեռնական քիւրտ երիտասարդը։

Ուրեմն, վերջապէս եկար, Գարեգին ջան, ու Ալի բէկը կրկին գրակախառնուեցաւ սարկաւագի հետ, աչքերուս չեմ ուզեր հաւատալ։ Որքա՜ն ժամանակ է, որ քեզ չեմ տեսած։ Կարծես երկու տարին անցաւ։ Անիրաւ, լուր ալ չէին տար քու մասին։ ՆԵրեցէք խնդրեմ, դարձաւ Վահէին ու ընկերներուն, որ առաջ ինկած ձեզ առաջնորդեմ։ Մեր շները մեզ նման կիսավայրենի են, կրնան վնասել. ու Գարեգինի մէջքէն գրկած՝ առաջ անցաւ։

Կովկասեան եզիտի քրտերու գլխաւոր Մէհմէտ բէկի տղան՝ Ալի բէկը, Գէորգեան Ճեմարանի դասարանական բաժանմունքը Գարեգինի հետ միասին աւարտած էր երկու տարի առաջ։ Դպրոցի մէջ, երկու պատանիները շատ շուտով մտերմացեր էին իրարու, մինչեւ որ տարիներու ընթացքին այդ մտերմութիւնը փոխուած էր ընկերական ջերմ սիրոյ։ Գրեթէ ամէն տարի Ծննդեան եւ Զատկի արձակուրդներուն, Գարեգինը Ալի բեկի հետ, Մէհմէտ բէկի մօտ կ՚երթային։ Ալիի ծնողքը եւ եղբայրները ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը կը համարէին այդ որբ մնացած պատանին, որ իրենց Ալիի սրտակից ընկերն էր։

Տնեցիք, որ տեսնեն, որքա՜ն պիտի ուրախանան, կ՚ըսէր Ալին. տնաշէ՛ն, այս որքա՜ն փոխուեր ես։ Այդ նոր ձգած մօրուքդ ու պեխերդ ալ…—ու ընկերոջ սեւ ֆարաճային ու սեւ գտակին նայելով՝ ափսոսանքով հարցուց.

Ուրեմն, որոշած ես անպատճառ վարդապետ ձեռնադրուիլ…

Գարեգինը գլուխը շարժելով հաստատական նշան մը ըրաւ։ Գիտէր Ալիի տեսակէտը, ու չէր ուզեր վէճի բռնուիլ անոր հետ, հին օրերու նման, երբ Էջմիածնի լճի ափը ման գալով, ժամերով կ՚աշխատէին իրար համոզել՝ անհաշտելին հաշտեցնելու համար։ Ալիի հոգին վայրի այծեամի նման դէպի սարերը կը թռչէր, իսկ Գարեգինը դէպի ժողովուրդը կ՚ուզէր իջնալ։

Հանդարտօրէն քալելով վերջապէս մօտեցան վրաններուն։ Շուրջանակի դարձած վրաններու մէջտեղը կը գտնուէր այծի մազէ շինուած ընդարձակ վրան մը, որու երեք կողմերուն փէշերը վեր առնուած էին երկար ձողերով։ Այդ՝ Մէհմէտ բէկի վրանն էր։

Մէհմէտ բէկը նստած հաստ մինտէրի մը վրայ, կռնակը տուած վրանի կեդրոնի սիւնին, բաւականութեամբ կը քաշէր երկար չպուխը։ Երբ հիւրերը Ալի բէկի առաջնորդութեամբ ներս մտան, ծերունի բէկը ոտքի ելլելով դիմաւորեց զանոնք։

Բարով եկաք, հազար բարով, իմ աչքի, իմ գլխի վրայ տեղ ունիք։ Մէհմէտ բէկի տունը ձեր տունը համարեցէք, ու նոր նկատելով Գարեգին սարկաւագը՝ առանձին սիրալիրութեամբ մը բռնեց անոր թեւէն ու քովը նստեցուց. քեզ սպասելով՝ մեր աչքէն ծուխ ելաւ, տղաս, դուն հազար բարով եկար։

Է, նորէն բարի եկաք, ընդհանուրին խօսքն ուղղելով ըսաւ բէկը, երբ հիւրերը տեղաւորուեցան հաստ թաղիքներու վրայ, ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ վարը, աշխարհին մէջ, ու գոհունակ հայեացք մը նետեց վրանէն դուրս՝ շրջապատի վայրի գեղեցկութեան վրայ. մենք սարի մարդ ենք, աշխարհէ կտրուած։ Տօ՛, Ահմէտ, շուտ, տարեկան գառ մը մորթէ, երկար ճամբայէ կուգան, սոված կը լինին։

Ընդարձակ վրանը երկու մասի բաժանուած էր եղէգէ հիւսուած շարժական միջնորմով մը։ Մէկ ալ բէկի պառաւ մայրը միջնորմի ետեւէն դուրս եկաւ ու ցաւոտ աչքերը տրորելով ըսաւ.

Էն ո՞ւր է, կ՚ըսեն, Գարեգինը եկեր է. իրա՞ւ է, ու յանկարծ տեսնելով սարկաւագը. որ տեղէն բարձրացած կը մօտենար, պառաւը տղուն վիզը գրկեց ու իր կուրծքին սեղմեց.

Պոյ, պոյ, պոյ, մեծցեր ես տղաս, աչք չառնես։ Էս ո՞ւր մնացիր մինչեւ հիմա։  Եկուր, եկուր ներս, ու անոր թեւէն բռնելով՝ հետը տարաւ, մինչ Ալին ալ տեղէն ելլելով կը հետեւէր անոնց։

Մեր տան հարազատ տղան է, առանձին բաւականութեամբ հիւրերուն կը բացատրէր Մէհմէտ բէկը, ափսոս որ վարդապետ պիտի դառնայ։

————

Խաղաղ գիշեր էր։ Աստղերը անօրինակ շքեղութեամբ կը փայլէին երկնքի մութ կապոյտի վրայ ու կարծես հեռուէ իրար ձայն կուտային։ Լուսաւորչի կանթեղը արծաթ շղթայով մը կախուած էր Արագածի կատարի վրայ. ու մեղմօրէն կը փայլէր։

Վրաններու մէջ կենդանութիւնը մեռած էր. միայն քիւրտ պահապանը մեծ շրջան մը կը դառնար վրաններու շուրջը, եւ կամ երբեմն քարի մը վրայ նստած՝ հովուական շուին կ՚ածէր։

Հիւրերուն յատկացուած վրանէն կը լսուէր հազիւ լսելի խօսակցութեան մը ձայնը։ Վահէն, սարկաւագը եւ Ալին երկնցած անկողնի մը վրայ՝ ցած ձայնով կը շարունակէին սկսուած խօսկցութիւն մը։

Ըսիք որ, գիւղերէն մեկնած են, կը հարցնէր Վահէն։

Անշուշտ։ Ամիս մը առաջ, Ալաշկերտէն իրենց Էլի մարդոց հետ սկսան բարձրանալ սահմանի սարերը. հիմա՝ ամէն տարիներու նման՝ Պալքլի Կէօլի շուրջը զարկած կը լինին կոները։

Իսկ դուք դժուարութիւն պիտի չունենա՞ք Տաճկաստան անցնելու։

Ալի բէկը մեղմօրէն սկսաւ ծիծաղիլ։ Քիւրտ մը ի՞նչ դժուարութիւն կրնայ ունենալ սահմանը անցնելու համար։ Անցագիր եւ սահմանի մասին անոնք հազիւ թէ գաղափար ունին եւ պէտք ալ չունին գիտնալու։ Սարը, պարզապէս եայլայ մ՚է քրտի հասկացողութեամբ, կենսական անհրաժեշտութիւն մը՝ իր տնտեսութեան համար։ Իսկ թէ ի՞նչ սահմանի մէջ կը գտնուի այդ եայլան, այդ հազիւ թէ տարբերութիւն մը ընէ։

Մէհմէտ բէկի ցեղն ալ տարիներ առաջ, Պալքլի Կէօլի շրջանը կ՚անցընէր ամառուան ամիսները, մինչեւ որ Հայտարանցի Ահմէտ աղային հետ կռուի բռնուեցաւ, ու այդ կռուի մէջ սպաննուեցաւ Ահմէտ աղայի մէկ հատիկ զաւակը։ Ատկէ վերջն էր որ ՄԷհմէտ բէկը իր էլով, Արագածի եայլաները սկսաւ բարձրանալ։

Ալի բէկը իր մանկութիւնը Պալքլի Կէօլի շրջան անցուցած էր։ Ծանօթ էր բոլոր կածաններուն, ձորերուն, սահմանապահ պահակատուներու դիրքերուն։ Անշուշտ իրեն համար սովորական ճամբորդութիւն մ՚էր սահմանի մէկ կողմէն միւսը անցնիլը։ Վահէն կրնար վստահ լինել, որ ինք բոլորովին դժուարութիւն պիտի չունենար։

Մէկ ալ որ, ըսելիքը լրացուց Ալի բէկը՝ քիչ մը շփոթած, շուտով Հիւսէյին բէկի աղջիկը ուզելու պիտի երթայ հայրս…

Ալի՛, ու Գարեգին սարկաւագը պինդ սեղմեց ընկերոջ ձեռքը, մայրը այդ մասին բաներ մը ըսաւ, բայց լաւ չհասկցայ։ Ուրեմն ճի՞շդ է…

Եթէ Աստուած կամենայ, պատասխանեց Ալի բէկը շառագունած դէմքով. Նշանածիս եղբայրները մեծ ազդեցութիւն ունին այդ շրջանի քրտութեան վրայ, իրենք ալ կտրիճ, խօսքի տէր մարդիկ են։ Եթէ միայն համաձայնին…

Ես վստահ եմ որ կը համաձայնին, եթէ միայն դու խօսիս ու աշխատիս համոզել զիրենք, ըսաւ Գարեգինը։

Իսկ այդ մասին վստահ ես կարծես, ու Ալի բէկը ընկերոջ ուսին զարնելով՝ դարձաւ Վահէին ու արագօրէն սիկարէթ մը ծխէր. դուք կրնաք վստահ լինիլ. որ իմ լաւագոյնը պիտի ընեմ։

Եւ պիտի յաջողիս, աւելցուց սարկաւագը։

Հազիւ առաւօտեան կողմ, մեր երեք բարեկամները խօսակցութիւնը վերջացուցած, թաղիքներու վրայ երկնցան, հանգստանալու համար։

Յաջորդ առտու ՄԷհմէտ բէկը շատ դժուարութեամբ համաձայնեցաւ, որ հիւրերը մեկնին։ Քրտական հասկցողութեամբ սովորական անցորդ հիւր մը, գիշեր մը վայելելով աւանդական «Աստուծու հիւրի» ընդունելութիւնը, առտու կրնար ճամբան շարունակել։ Բայց բարեկամ մը, տան օճախի մօտիմ մը, առնուազն երեք օր մնալու պարտաւոր էր։ Մէհմէտ բէկէն աւելի դժուար եղաւ համոզել Ալիի պառաւ մայրը։

Տղա՛ս, քոռնամ ես, ոսկոր ու կաշի ես մնացեր, կ՚ըսէր Գարեգինի ձեռքը ափին մէջ սեղմած, մէկ երկու շաբաթ մնա՛, լաւ մը հանգստացիր…

Երբ Մէհմէտ բէկը, շրջապատուած տնեցիներով, քիչ մը հեռացաւ վրանէն՝ հիւրերը ճամբու դնելու համար, րոպէ մը Գարեգինի ձեռքը երկու ձեռքերուն մէջ սեղմած պահեց։

Տղաս, չըսիր թէ ե՞րբ պիտի ձեռնադրուիս։

Օգոստոս 23-ին ու զինքը շրջապատող ընտանիքի անդամներուն նայելով՝ յայտնապէտ զգուածած՝ աւելցուց. առաջին պատարագիս մէջ քու եւ քուկիններուդ անունը պիտի յիշեմ Մէհմէտ բէկ, ու պիտի աղօթեմ բոլորիդ համար…

Մէհմէտ բէկը յուզուած նայեցաւ դեռ շատ երիտասարդ այդ տղուն, որ այնքա՛ն ծանր ու լուրջ նկարագիր մ՚ունէր եւ որ այնքա՜ն պատասխանատու բեռան մը տակ պիտի մտնէր շուտով։

Աստուած հետդ, տղաս. օգոստոսի 23-ին ամբողջ էլովս Էջմիածին պիտի իջնամ։