Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Նոյեմբեր տասնեւհինգին ձիւնի հաստ խաւ մը ծածկեց Վասպուրականը։ Լեռ ու դաշտ, ձոր ու ձորձոր ծածկուեցաւ ճերմակ սաւանով մը ու սկսաւ Հայաստանի խստաշունչ եւ երկարատեւ ձմեռը։ Հայաստանի մէջ, ձմեռուան ամիսներուն, ոչ թէ միայն նահանգները իրարմէ կը կտրուին այլ երբեմն գաւառէ մը կողքի գաւառ անցնիլը շաբաթներով կը դադրի, մասնաւորաբար լեռնային շրջաններու մէջ, ուր բարձրաբերձ լեռնաշղթաներ սահման կը քաշեն գաւառներու չորս բոլորը։

Գիւղական շրջաններու մէջ դրսի կեանքը ամբողջովին կը դադրի։ Տաւարը ամիսներով փակուած կը մնայ ախոռի մէջ։ Մարդիկ կը քաշուին տները, տաք ախոռներու կամ սաքուներու մէջ բանտարկուելով։

Այդ ակամայ բանտարկութիւնն ալ ունի իր մասնաւոր գրաւչութիւնը։ Երբ դուրսը բուք ու բորան է, գիւղացիք սաքուի չորս կողմը շարուած, հինէն ու նորէն կը պատմեն, կամ կ՚ունկնդրեն ժամեր տեւող հէքեաթներու, որոնց մէջ անխուսափելի կերպով թագաւորի չքնաղ աղջիկ մը կայ, չօպան տղայ մը, որ վերջէն թագաւոր կը դառնայ ու եօթ գլխանի դեւ մը։ Չարքաշ գիւղացիի համար, ձմեռուան ամիսները հանգստի շրջան մը կը կազմեն, երբ ակամայ կը բանտարկուի գիւղին մէջ։ Եթէ կարելի լինէր, պիտի ըսէինք, որ այդ ամիսները գիւղացիի վայելքի ամիսներն են, երբ նշանտուքները եւ հարսնիքները տեղի կ՚ունենան, Բարեկենդանը կուգայ, Ծնունդի տօնական օրերը հոգեկան բաւականութիւն կը պատճառեն, երբ անուանակոչութեան օրերը իրարու կը յաջորդեն։ Գիւղացիք ձմեռուան երկար իրիկունները իրարու սաքու երթալով կ՚անցընեն ժամանակը։

Այո՛, ձմեռուան ամիսները իրական վայելքի շրջան մը կրնան լինիլ, եթէ միայն վայելելու արժանի բան մը ունենար հայ գիւղացին։ 1896 թուականի ընդհանուր կոտորածն ու անոր յաջորդող թալանը սրբած տարած էին Վասպուրականի հայութեան տնտեսութեան հիմերը։ Գարուն ու ամառ չարաչար աշխատելէ վերջ, հազիւ կալոցի ժամանակ կը հասնէր, չես գիտեր ո՞րտեղէն իրարու ետեւէ կը բուսնէին գիւղացիի գլխուն հարկահանը, միւլթազիմը, քաղքցի վաշխառուն, ամէն մէկը իր բաժինը պահանջելով։ Հազիւ այնքան մը կը մնար գիւղացիին, որ ճըժ ու պժերով սովէ չկոտորուէր։

Քաղաքի եւ Այգեստանի բնակչութիւնը համեմատաբար տանելի կեանք մը կ՚անցնէր ձմեռուան ամիսներուն։ Պազարի մէջ խանութ ունեցողները, կամ ուրիշի հաշուին աշխատողները Այգեստանէն ամէն առտու քաղաքամէջ կ՚իջնային, երեկոյեան մութը չկոխած վերադառնալով։ Թէեւ քաղաքի մէջ ալ ընդհանուր աղքատութիւն մը կը տիրէր, սակայն ամէն պարագայի տակ գիւղերու եւ քաղաքի չքաւորներու տարբերութիւնը շատ մեծ էր։

Երբ խստաշունչ ձմրան գիւղացին ու քաղաքացին իրենց տները կը քաշուին, ինչպէս խխունջը իր պատեանը, դուրսը բաց դաշտերուն, խոր խոր ձորերուն մէջ միայն սովահար գայլերը կ՚երեւէին, մէկ ալ թափառական ֆետայիներու խմբերը, որոնք բուք ու բորանի մէջէն գիւղէ գիւղ կը ճամբորդէին, բոլորովին անտարբեր սարսափելի ցուրտին ու փոթորիկներուն։ Մասնաւորաբար 1908-ի ձմրան այդ խմբերու երթեւեկը աչքի զարնող թափ մը ստացեր էր։ Ութ տաս անձերէ բաղկացած յեղափոխական խմբերը, գիշերները, տեղէ տեղ շարժելով, հայկական գիւղերը կը մտնէին՝ ստիպելով ժողովուրդը որ զինուի, զէնք ունեցողները կը վարժեցնէին, զինուորական ուժեր կը կազմակերպէին։

Անօրինակ ոգեւորութեան օրեր էին։ Սակաւաթիւ ունեւորներու կողքին, որոնք հաշտ աչքով չէին նայեր ազգային շարժման վրայ, աղքատ ժողովուրդը, դանակը ոսկորին հասած համարելով, պատրաստ էր նետուելու արիւնոտ պայքարի մը մէջ։ Մասնաւորաբար քաղաքի եւ գիւղական երիտասարդութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէր ընդհանուր ապստամբութեան պայթելուն, որու համար տարիներով պատրաստուած էին։ Ամէն գիւղ ունէր իր համայնական զէնքը, զէնքի պահեստը, զինուորական խումբը, խմբի ղեկավարը, տեղական գործապետը, շրջանի մարմինը, շալակաւորներու տասնեակը, սուրհանդակը։

Յեղափոխական խմբի մը մուտքը տօնական ազդեցութիւն մը կ՚ունենար գիւղի մէջ։ Ընդհանրապէս եկեղեցին կը լինէր հաւաքման վայրը, ուր նոր եկող խմբապետը օրերով զինուորական վարժութիւններ ընել կուտար գիւղի զինուորցուներուն, մինչ ամբողջ գիւղացիք հաւաքուած՝ կը դիտէին իրենց զաւակներու վարժութիւնները, խառն զգացումներով տոգորուած։ Ունեւորները աւելի թերահաւատ՝ կը սարսափէին մտածելով, որ իրենց կարողութիւնը, ունեցած չունեցածը կրնայ մէկ անգամով կորսուիլ, ինչպէս եղաւ 1896 թուականին, երբ թուրք կառավարութեան դրդումով եւ քաջալերութեամբ քրտերու վոհմակները յանկարծ ինկան անպաշտպան հայ գիւղերու վրայ ու տարին ամէն ինչ, մինչեւ տան դռները եւ առաստաղի գերանները։ Չքաւոր գիւղացիներու համար սակայն հաշիւը մէկ էր, բան չէր մնացեր, որ կորսնցնէին, հետեւաբար անհամբեր կը սպասէին մեծ օրուան գալուն։

Այս ժողովրդական ոգեւորութիւնը քիչ մը գինովութեան ձեւ առած էր։ Հինգ կամ վեց կտոր զէնք ունեցող գիւղ մը կը ծրագրէր շրջանի քրտական գիւղերու դէմ ելլել։ Դարեր շարունակ զէնքի հետ գործ չունեցող հայը, որուն արգիլուած էր նոյնիսկ դանակ մը ունենալ, սկսաւ երեխայական յափշտակութեամբ զէնքի հետ խաղալ։ Դեռ թշնամիի դէմ հրացան մը չարձակած՝ անզգուշութեան հետեւանքով վնասուողներ եղան, նոյնիսկ քանի մը երիտասարդներ մահացան։ Բայց այդ արգելք մը չէր, որ ամբողջ Վասպուրականը չապրէր անսահման ոգեւորութեան օրեր։

Ձմեռուան պատճառով Պարսկաստանի վրայով զէնքի փոխադրութիւնը կանգ չէր առած։ Ընդհակառակը՝ ամէն ատենէ աւելի եռանդով զէնքը եւ ռազմամթերքը գիւղէ գիւղ կը փոխադրուէր, հետզհետէ կեդրոնանալով քաղաքի մէջ կամ շուրջը, ուր կը գտնուէին յեղափոխական ղեկավարները։

Յունուարի երկրորդ շաբթուն այնքան սպասուած բժշկապետ Զախարովի խումբը տաժանելի ճամբորդութենէ մը ետք, վերջապէս հասաւ Վան, Իգտիր-Պայազիտ գծով։

Վան հասնելով, Զախարովի խումբը ուղղակի ռուսաց հիւպատոսարանը իջաւ։

Վան հասնելնուն յաջորդ օրը բժշկապետ Զախարովը եւ ընկերները ռուսաց հիւպատոսի առաջնորդութեամբ, ներկայացան Վանի կուսակալին եւ բարձր պաշտօնէութեան, որոնք թրքական սիրալիրութեամբ ընդունեցին հիւրերը՝ խոստանալով ամէն հնարաւոր աջակցութիւն, որ բնաւ կատարելու յօժար չէին սակայն։ Թուրք ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, օտարներու ներկայութիւնը անհանդուրժելի համարելով, Զախարովի խմբի հանդէպ սկիզբէն իսկ թշնամական դիրք մը բռնեց, մասնաւորաբար հիւանդանոց բանալու գաղափարին դէմ, որ անհանդուրժելի նորութիւն մ՚էր իրենց համար։ Նահանգի կեդրոնական քաղաք Վանը, թէեւ մօտաւորապէս քառասուն հազար բնակչութիւն ունէր, բայց հազիւ երկու զինուորական բժիշկներ կային, որոնք անգործութեան պատճառով իրենց զիրենք հարբեցողութեան տուած էին։ Թուրքը իր էութեամբ նորութիւններու հակառակ, կը խրտչէր Ամերիկեան հիւանդանոցէն օգտուելու գաղափարէն իսկ եւ կը բաւականանար մոլլաներու պատրաստած նուսխաներով, կամ տնավարի դեղերով։

Անշուշտ Վանի թուրքերու հակառակութեան մէջ, որոշ դեր մը կը կատարէր Ամերիկեան հիւանդանոցի, կամ բժշկապետ Զախարովի եւ ընկերներու քրիստոնեայ լինելու հանգամանքը։ Ասոնք պարզապէս անհաւատներ էին իրենց հասկացողութեամբ եւ ուղղափառ մահմետականութեան թշնամիներ։

Պոլսոյ կեդրոնական կառավարութիւնն ալ որ միայն դիւանագիտական ճնշման ազդեցութեան տակ համաձայներ էր Զախարովի խմբի Վան անցնելուն, թրքական երկերեսանի քաղաքականութեան հետեւելով, մինչ մէկ կողմէն կը թոյլատրէր անոնց մուտքը եւ հիւանդանոց մը բանալու ծրագիրը, միւս կողմէն՝ Վանի նահանգապետին կը հրահանգէր աչալուրջ արթնութեամբ հետեւիլ օտարականներու ամէն մէկ քայլին, ամէն հնարաւոր դժուարութիւններով պաշարել զանոնք, մինչեւ որ ձեռնթափ լինէին հիւանդանոց բանալու գաղափարէն եւ ստիպուած հեռանային Երկրէն։

Զախարովի եւ ընկերներուն գալու երկրորդ օրն իսկ, Լեւոնը այդ մասին արդէն լսած, Գարեգինի եւ Ներսէսի հետ խորհրդակցելէ վերջ հետեւեալ նամակը գրեց բժշկին.

«Ձեր եւ ձեր ընկերներու գալուստը բարի։ Ուրախ ենք, որ վերջապէս հասաք եւ կը պատրաստուիք անմիջապէս գործի անցնի։ Մենք, մեր հնարաւոր օժանդակութիւնը սիրով պիտի բերենք ձեր գործին։ Միայն հարկաւոր է ծայրայեղ զգուշութեամբ շարժիլ։ Կառավարութիւնը անշուշտ ձեր ամէն քայլին պիտի հետեւի։ Մեզ հետ տեսնուիլ առայժմ մի՛ փորձէք։ Յարմար ատենին մենք ինքներս ձեզ հետ տեսնեուելու յարմարութիւններ կը ստեղծենք։

«Աշխատեցէք կուսակալի հետ սիրալիր յարաբերութիւն պահել՝ առանց խաբուելու անոր քաղցր լեզուէն։ Մի՛ մոռնաք, որ Տաճկաստան էք, եւ թուրք պաշտօնեայի մը հետ է ձեր գործը։ Անոնք վարպետ են առանց զգացնելու՝ խաբել, բարեկամօրէն դաւաճանել, անմեղօրէն ժպտալով մահացու դանակ մը կոխել ետեւէն։ Մեր ընկերներէն Գարեգինը ձեր խորհրդականը կը լինի։ Շարժեցէք անոր խորհուրդներով։ Ճեմարանական մ՚է, ռուսերէն կը խօսի, լաւ կը ճանչնայ տեղացիներն ու թուրք պաշտօնէութիւնը։ Վստահ ենք որ ձեզ շատ օգտակար կը լինի։

«Յաջողութիւն ձեր գործին։ Ջերմօրէն կը բարեւենք ձեզ եւ ձեր ընկերները։

ԼԵՒՈՆ

Յաջորդ երեկոյեան, տեղացի աչքի զարնող հայերու նման, Գարեգինն ալ, Լեւոնի տոմսակը գրպանը դրած՝ «բարի եկաք»ի գնաց ռուսական քոնսիւլաթը, ուր կը մնային նորեկ հիւրերը։

Շքեղօրէն զարդարուած ընդունարանը գրեթէ լեցուած էր հիւրերով։ Ոմանք հետաքրքրութենէ մղուած, շատերն ալ ապագայ հնարաւոր շահ մը ունենալու յոյսով՝ բարեկամանալու եկած էին նորեկ հիւրերուն։

Գարեգինը երբ ներս մտաւ, քոնսիւլը՝ որպէս նախածանօթ, սիրալիր կերպով բարեւեց Գարեգինը ու անոր թեւը մտած՝ մօտեցաւ բժշկապետ Զախարովին, որ հիւրերով շրջապատուած, կոտորուած հայերէնով կը մը փորձէր անոնց հետ խօսիլ։

Պարոն բժիշկ, ձեզ կը ներկայացնեմ մեր քաղաքի մտաւորական երիտասարդներէն մէկը, պարոն Գարեգինը։ Էջմիածնի Ճեմարանն աւարտած է, գիտէ ռուսերէն։ Անվերապահ կը յանձնարարեմ ձեզ որպէս տեղացի մը, որու խորհուրդներուն կարելի է հետեւիլ։

Շատ ուրախ եմ, ջերմօրէն Գարեգինի ձեռքը թօթուելով՝ ըսաւ բժշկապետ Զախարովը եւ քովի աթոռը ցոյց տուաւ. խնդրեմ, նստէ՛ք։ Ինչպէս կը տեսնէք, իմ խեղճուկ հայերէնով ի զուր կը փորձեմ ինքզինքս հասկնալի դարձնել ձեր հայրենակիցներուն։

Ոչի՛նչ, շուտով կը վարժուիք, նոյնպէս ռուսերէն պատասխանեց Գարեգինը՝ յարմար առիթի մը սպասելով, որ բժշկին յանձնէ Լեւոնի տոմսակը։

Խնդրեմ ծանօթացէք, եւ Զախարովը Գարեգինին ներկայացուց երիտասարդ մը, իմ օգնականը, բժիշկ Վասիլիյ Արկատեւիչ Պաւլով։

Երկու երիտասարդները իրարու ձեռք սեղմեցին։

Տիկին Աւետեան, շարունակեց Զախարովը, մօտը նստած կնոջ դառնալով, մեր ապագայ հիւանդանոցի աւագ հիւանդապահուհին է, իսկ մեր միւս ընկերուհին դժբախտաբար ներկայ չէ, քիչ անհանգիստ լինելու պատճառով։

Շատ ուրախ եմ, ու մանկամարդ տիկինը Գարեգինի մօտ տեղաւորուելով՝ ոգեւորութեամբ սկսաւ խօսիլ, սքանչացած եմ ձեր երկրի բնական գեղեցկութեամբ։ Գերմանիոյ մէջ մենք նման տեսարաններ չունինք, նոյնիսկ գեղեցիկ Կովկասը չի կրնար մրցիլ ձեր երկրի հետ։ Փոքր տարածութեան մը վրայ, հսկայական բարձրութեամբ սարեր՝ անդնդախոր ձորեր, վեր բարձրացած ուղղաձիգ կողերով, սիրուն փոքր դաշտեր, ու երկնքի նման կապոյտ լիճը։ Անչափ ուրախ եմ որ եկայ հիմա չէ, բայց գարնան պիտի բարձրանամ ձեր սարերը… հրաշալի երկիր մ՚է… Ափսոս միայն…

Ու տիկին Աւետեանը վախնալով որ արդէն շատ բան ըսաւ, խոհեմութիւն համարեց լռել։

Այո՛, տիկին, այստեղ պէտք է զգոյշ լինիլ, տիկնոջ միտքը գուշակելով՝ ժպիտով մը պատասխանեց Գարեգինը, պէտք է գիտնալ լռել։ Տաճկաստանի մէջ ապրելու համար՝ լռելը անհրաժեշտ պայման մ՚է…

Ընդհանուր խօսակցութիւն մը ծայր առաւ, երբ քոնսիւլը շատ զբաղած լինելը պատրուակելով՝ սրահէն հեռացա։ Անշուշտ տեղացիները շատ հետաքրքրուած էն բացուելիք հիւանդանոցով։ Շատեր, քաղաքի համար նախախնամական պարգեւ մը կը համարէին այդ։ Ուրիշներ՝ կուլտուրական մեծ բարիք մը։ Բոլորն ալ սրտցաւօրէն խորհուրդներ կուտային, մանաւանդ ամէն մէկը հիւանդանոցի շէնքի համար ամենայարմարաւոր տեղը կ՚առաջարկէր եւ իր պատրաստակամութիւնը՝ անձնուիրաբար օգնելու կովկասահայ եղբայրներուն, որոնք տեղական սովորութիւններուն անծանօթ էին…

Ժամը տասնին մօտ հիւրերը կամաց կամաց սկսան ցրուիլ։ Գարեգինը ամենավերջին մեկնողներէն մէկը եղաւ։ Երբ մօտեցաւ Զախարովի «մնաք բարով» ըսելու, հազիւ լսելի ձայնով, ռուսերէն ըսաւ.

Կարեւոր նամակ մը ունիմ ձեզի յանձնելիք…

Շատ լաւ, նոյն ձեւով պատասխանեց բժիշկը եւ որպէս թէ Գարեգինը ճանապարհ դնելու համար՝ անոր թեւը մտած. խօսակցելով դահլիճէն դուրս ելաւ։

Վաղը նորէն ձեզի կը հանդիպիմ, նամակը բժիշկի ափին մէջ սահեցնելով ըսաւ Գարեգինը, առայժմ, գիշեր բարի։

Գիշեր բարի, եւ Զախարովը անմիջապէս դահլիճը վերադարձաւ, ուր քանի մը հիւրեր դեռ կը յամառէին մնալ։

Կէս ժամ վերջը բոլոր հիւրերը մեկնած էին։ Բժշկապետ Զախարովն ու բժիշկ Պաւլովը երբ երկրորդ յարկը իրենց յատկացուած ննջարանը կը բարձրանային, Զախարովը չորս կողմը զգուշութեամբ նայելէ վերջ կամաց մը փսփսաց ընկերոջը ականջին.

Վասիլիյ Արկատեւիչ, կարծեմ մերոնց հետ կապ հաստատեցի արդէն։

Ինչպէ՞ս, զարմացած հարցուց բժիշկ Պաւլովը։

Նամակ մը ստացայ։

Ե՞րբ, ո՞վ բերաւ։

Պարոն Գարեգինը…

Համակրելի երիտասարդ մը կ՚երեւի։ Իսկ նամակը ի՞նչ կ՚ըսէ…

Դեռ չեմ կարդացեր, ու բժշկապետ Զախարովը՝ յանկարծ ընկերոջ թեւը բռնելով կանգնեցաւ։

Չար սատանայ, վայ թէ հայերէն գրուած լինի։

Սոնիան կարծեմ հայերէն կարդալ գիտէ։

Անշուշտ, վերջին երկու տարուան մէջ սովրեցաւ, բայց այժմ քնած կը լինի։

Դեռ մէկ սենեակ բարձրանանք։

Բժշկապետ Զախարովը թիկնեղ, բարձրահասակ, միջին տարիքի մարդ մ՚էր, նուրբ դիմագծով եւ ազնուական շարժուձեւերով, իսկ ընկերը՝ հազիւ 32 տարեկան, միջահասակ երիտասարդ մը, անկասկածելի ռուսական դիմագծով մը։

Սենեակի դուռը խնամքով գոցելէ վերջ, երբ երկու ընկերները առանձին մնացին, Զախարովը գրպանէն դուրս բերաւ նամակը, պատռեց պահարանը, որու վրայ հասցէ չէր գրուած։ Աչք մը նետելով նամակի վրայ՝ ուրախացած ըսաւ ընկերոջը.

Նամակը մաքուր ռուսերէն գրուած է…

Ի՞նչ կ՚ըսէք։

Այո՛։

Կարդա՛, տեսնենք։

Ընթերցողին ծանօթ նամակը կարդալէ վերջ, Զախարովը թուղթը մօտեցուց մոմին։ Նամակը վայրկեանի մը մէջ բռնելով փճացաւ։

Հիմա աւելի հանգիստ կրնանք լինել, ժպտալով խօսքը ուղղեց բժիշկ Զախարովը, մեր վրայ հսկող աչքեր շատ կան։ Բացի թուրք կառավարութենէն մենք պէտք է հաշուի առնենք եւ մեր պատուական քոնսիւլը, որ անշուշտ մեր մասին պիտի տեղեկագրէ Փեթերսպուրկ։

Իսկ այդ Լեւո՞նը, այդ այն անձնաւորութի՞ւնն է, որու մասին մեզ յայտնեցին Թիֆլիս…

Միեւնոյնը։

Շատ կ՚ուզէի անոր հանդիպիլ։

Անշուշտ շուտով կը տեսնուինք։

Չախարովի հետ ունեցած առաջին հանդիպումէն վերջ, Գարեգինը գրեթէ ամէն օր, ազատ ժամերուն անոնց հետ կ՚անցընէր ժամանակը։ Գարեգինի ցուցմունքով Մահմուտ Աղի զօրանոցի ճիշդ դիմացը գտնուող անկիւնի տունը վարձուեցաւ, այն մտքով, որ եթէ հեռաւոր թաղի մը մէջ բնակին նորեկները՝ կառավարութիւնը շատ աւելի խստութեամբ պիտի հետեւի անոնց ամէն քայլին, քան եթէ այդքան հրապարակային տեղ մը բնակէին, ինչպիսին էր Խաչ Փողանը, պետական պահակատան դէմ դիմացը։

Երրորդ այցելութեան ժամանակ միայն Գարեգինը հնարաւորութիւն ունեցաւ հանդիպելու Զախարովի խմբի չորրորդ անդամի հետ, որ, ինչպէս նախօրօք ըսինք, պաղառութեան մը հետեւանքով սենեակէն դուրս չէր գար։

Ա՜յ, ահաւասիկ մեր չորրորդութեան հոգին, բարեսրտաբար ժպտալով բժշկապետ Զախարովը ընդառաջ գնաց օրիորդ մը, որ շալ մը ուսերուն առած՝ դահլիճի վրայ բացուող կողմնակի սենեակէ մը դուրս ելաւ, ծանօթացէք, պարոն Գարեգին… Սոնիա Ասլանով, մեր հիւանդանոցի մանկաբարձուհին։

Աղջիկը մտերմօրէն ձեռքը երկնցուց Գարեգինին, որ կարկամած՝ կարծես տեղէն չէր կրնար երերալ, այնքան որ շլացեր էր Սոնիայի արտակարգ գեղեցկութենէն։

Ձեր մասին լսեր եմ արդէն, մեր յարգելի բժիշկը պատմեց, հայերէն սկսաւ խօսիլ Սոնիան, կը ցաւիմ, որ աւելի շուտ չկրցայ հանդիպիլ ձեզ… տկար էի։

Կարծեմ Սոնիա Ասլանովը ընթերցողին կրկին անգամ ծանօթացնելու կարիք չկայ։ Միեւնոյն աղջիկն էր, որուն վերջին անգամ հանդիպեցանք Արսէնեաններու տանը։

Լեւոնի ու Մոսոյի Թիֆլիսէն հեռանալէն շաբաթ մը վերջը, Սոնիան մեկնած էր Մոսկուա ուսանելու։ Հակառակ հօր թախանձագին նամակներուն, մանկաբարձութեան ճիւղին էր հետեւած, օր առաջ աւարտելու եւ Կովկաս վերադառնալու ցանկութեամբ։ Ուսանողութեան երրորդ տարին, աւարտական քննութիւններէն առաջ պատահաբար հանդիպած էր բժշկապետ Զախարովին, որ Մոսկուայի մէջ ծանօթ անուն մ՚էր։ Առաջին իսկ հանդիպումէն, զիրար գնահատող ծանօթութիւն մը ծայր տուաւ անոնց մէջ, որ վերջէն սերտ բարեկամութեան մը փոխուեցաւ։ Միասին ծրագրեցին Տաճկահայաստանի որեւիցէ անկիւնը հիւանդանոց մը բանալու ձեռնարկը։ Երբ թրքական կառավարութենէն անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը ստացան, Սոնիան եւ Զախարովը անմիջապէս վերադարձան Թիֆլիս, ուր Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը, աղջիկը այդ ձեռնարկէն ձեռք քաշել տալէ յուսահատած, պատրաստակամութիւն յայտնեց նախնական բոլոր ծախսերը հոգալ անձնական գրպանէն, հիւանդանոցի շէնքի կառուցման ալ մասնակցելու խոստումով։

Սոնիան արտաքինով գրեթէ չէր փոխուած, նոյն գեղեցիկ աչքերը, նոյն փղոսկրեայ մորթը, նոյն սլացիկ հասակը, բայց ինչ որ չկար այլեւս, այդ անոր դէմքի մանկական, զուարթ արտայայտութիւնն էր։

Չախարովը եւ ընկերները նոր վարձուած տունը փոխադրուելէ վերջ, Գարեգինը ամենօրեայ հիւր մը դարձաւ անոնց, թէ որպէս մէկը, որուն կրնային վստահիլ եւ թէ որպէս հաճելի խօսակից մը, որու հետ կարելի էր ազատօրէն խօսիլ։ Բժշկապետը իր ընկերներով դեռ գործի չէր սկսած, սպասելով Պոլսէն գալիք կայսերական ֆերմանին, որ սակայն կ՚ուշանար, թէեւ կուսակալը կը հաւաստիացնէր, որ շատ շուտով կուգայ։

Ինչպէս ըսինք, Գարեգինը ամէն օր կը հանդիպէր Զախարովին եւ ժամերով կը մնար անոնց հետ։ Բացի գործի ընդհանուր հետաքրքրութենէն՝ Գարեգինի ամենօրեայ այցելութիւնները ունէին եւ անձնական դրդապատճառ մը։ Ճիշդ է որ Գարեգինը նոյնիսկ ինքնիրեն չէր խոստովաներ, բայց եւ այնպէս ան ոտքով գլխով սիրահարուած էր։

Սոնիան մտերմօրէն կը տեսնուէր Գարեգինի հետ։ Երբեմն ժամերով առանձին կը մնային։ Գարեգինը մանրամասնօրէն կը ծանօթացնէր աղջիկը յեղափոխական շարժման, իրենց կատարած աշխատանքներուն. կը խօսէր իրենց ծրագիրներու եւ հնարաւոր ապստամբական ընդհանուր շարժման մասին, որ միաժամանակ պիտի բռնկէր Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ։ Սոնիան դէմքի կեդրոնացած արտայայտութեամբ մտիկ կ՚ընէր Գարեգինի խօսքերուն, ներքուստ ուրախանալով, որ ինք պատմական շրջանի մը Երկիր կը մտնէր, որ մեծ դէպքերու ականատես եւ օժանդակող կը պիտի լինէր։   

Անգամ մը, երբ Գարեգինը աւելի հանգամանօրէն խօսեցաւ ապաստամբութեան ծրագրի մասին, Սոնիան քանի մը րոպէ մտածելէ վերջ, կարծես թէ երկմտելով հարցուց.

Ըսէք խնդրեմ, այդպիսի մեծ ծրագիր մը յաջողցնելու համար, կարող ղեկավարներ ունի՞ք։

Այսինքն թէ ի՞նչպէս…

Որ կարողանան զինուած ժողովուրդը ղեկավարել ոչ թէ միայն ցուցմունքներով, այլ անձնապէս անոնց ղեկավարութիւնը ստանձնելով։

Օրիորդ, մենք բաւական թուով փորձուած խմբապետներ ունինք…

Անշուշտ ունիք, բայց իմ հարցս ատոնց չի վերաբերիր… ա՜յ, ես ըսել կ՚ուզեմ թէ՝ ունի՞ք մէկ երկու մարդիկ, որ կարողանան այդ խմբապետները ղեկավարել, ընդհանուր ուղղութիւն տալ ապստամբական շարժումին… կարծեմ կը հասկնաք, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզեմ։

Կը հասկնամ, օրիորդ… անշուշտ մենք ունինք ղեկավար մարմին մը, բայց ձեր փնտռածը այդ չէ, դուք անհատ ղեկավարը կը փնտռէք։ Անշուշտ դժուար է ըսել թէ ղեկավար մարմնի ո՞ր անդամը ապստամբութեան մը պարագային իրապէս ուղղութիւն տուողը պիտի դառնայ… Ի հարկէ ես միայն կարծիք մը կրնամ յայտնել, ապագան է որ պիտի ցոյց տայ իսկական ղեկավարը։ Իմ կարծիքով, Լեւոնը կամ Վահէն… այս երկուքէն մէկը…

Գիտեմ, պարոն Վահէին անգամ մը հարեւանցի կերպով ծանօթացեր եմ Արսէնեաններու մօտ… այն ժամանակ ես շատ ալ չէի հետաքրքրուեր հայկական խնդիրներով…

Սոնիայի դէմքը թեթեւ մը կարմրեցաւ, եւ աչքերը վար առած՝ քանի մը վայրկեան լռեց եւ յետոյ շարունակեց.

Հետաքրքիր պիտի լինի կրկին հանդիպիլ պարոն Վահէին։ Կարծեմ ըսիք, թէ ան լեռնային շրջանը կը մնայ…

Այո՛, բայց փետրուարի չորսին քաղաք պիտի գայ, ինչպէս նաեւ բոլոր գործիչներն ու զինուորական խմբապետները, ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար։

Շատ հետաքրքիր պիտի լինի։ Երանի կարողանայի ներկայ լինիլ…

Թերեւս լինիք։ Պարոն բժշկապետը պիտի մասնակցի մեր ժողովին։ Վարագայ վանքը պիտի հաւաքուինք…

Ա՜յ, այդ սիրուն բախտաւորութիւն մը պիտի լինի ինձ եւ ընկերներուս համար, թէ՛ պատմական վանքը կը տեսնենք եւ թէ՛ յեղափոխական ղեկավարները։ Այդ մասին պիտի խնդրեմ որ սիրելի բժշկապետը մեզ չմոռնայ։ Դառնանք մեր խօսակցութեանը, պարոն Վահէն կը ճանչնամ։ Իսկ այդ ձեր պարոն Լեւոնը ի՞նչ մարդ է…

Շատ դժուարին հարցում մը տուիք, բարձրաձայն ծիծաղելով պատասխանեց Գարեգինը՝ մինչ Սոնիան զարմացած տղու այդ անսպասելի պոռթկումէն, յօնքերը կիտած՝ անոր կը նայէր։

Կ՚երեւի հետաքրքիր պատմութիւն մը կը պատմէք, պարոն Գարեգին, ըսաւ տիկին Աւետեանը՝ բժիշկ Պաւլովի հետ մօտենալով երկու խօսակիցներուն, չե՞նք խանգարեր…

Անշուշտ, ոչ, բայց տիկին, իրապէս պատմութիւն մը չէր որ կը պատմէի… Օրիորդ Սոնիան շատ դժուարին հարց մը տուաւ։

Ի՞նչ հարց, հետաքրքրուած հարցուց տիկին Աւետեանը։

Օրիորդը կ՚ուզէ իմանալ, թէ մեր Լեւոնը ի՞նչ տիպի մարդ է։

Շատ հետաքրքիր է լսել այդ մասին ձեր կարծիքը, պարոն Գարեգին։ Երեւակայեցէ՛ք, ամբողջ ճանապարհին, հայ թէ քիւրտ գիւղերու մէջ այդ մարդու անունը կուտային, անհաւատալի պատմութիւններ կը պատմէին անոր մասին։ Իրօք, ի՞նչ մարդ է այդ պարոն Լեւոնը։ Դուք, անշուշտ որպէս մօտ ընկերը…

Դժուար հարց մ՚է, տիկին Աւետեան, ծիծաղը դադարեցնելով պատասխանեց Գարեգինը, Եթէ քրտի մը կամ թուրքի մը հարցնելու լինիք, անոնք պիտի ներկայացնեն Լեւոնը անսիրտ, արիւնարբու գազան մը, կատաղի վագր մը, որ հաճոյք կը զգայ՝ աջ ու ձախ աւերներ գործելով։ Կառավարութեան աչքին ան վտանգաւոր ապստամբ մ՚է, կախաղան բարձրանալու արժանի, օրէնքէ դուրս ձգուած մէկը, զոր որեւէ մէկը կրնայ բռնել կամ սպաննել, հինգ հարիւր թրքական ոսկի նուէր ստանալով կառավարութենէն։ Իսկ եթէ հայու մը կարծիքը հարցնէք, ան պիտի ներկայացնէ Լեւոնը որպէս ժողովուրդի պահապան հրեշտակ մը, պաշտամունքի արժանի հերոս մը։ Կը տեսնէ՞ք որ, ժպտալով վրայ բերաւ Գարեգինը, դժուար է երկու խօսքով վճիռ մը արձակել անոր մասին։ Յանոսի նման երկու դէմք ունի Լեւոնը։

Այդ հաշուով, բացի հայերէն, մնացած ցեղերը կ՚ատեն այդ մարդը։ Բայց ես կը զարմանամ, որ քրտերն իսկ անոր գովքը կ՚երգեն, գէթ այդպէս ըսին մեզի…

Այդ արդէն բոլորովին տարբեր հարց է, բացատրեց Գարեգինը, քիւրտը ներկայիս որքան ալ որ այլասերած՝ դարձալ որոշ չափով մը պահած է ցեղային ասպետական գծերը։ Քրտի համար կռուի մէջ կտրճութիւնը, անվախութիւնը, յանդգնութիւնը՝ մարդու ամենամեծ առաքինութիւնները կը համարուին, անկախ անոր այս կամ այն ազգութեան պատկանելէն։ Հետեւաբար Լեւոնի մէջ անոնք նախ եւ առաջ կտրիճ տղամարդը կը տեսնեն, յետոյ միայն անոր թշնամի լինիլը…

Ճանապարհին մեզ այն գիւղը ցուցուցին, ուր վերջերս Լեւոնը մեծ կռիւ մը ունեցեր էր, խօսեցաւ բժիշկ Պաւլովը, որ մինչ այդ՝ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Գարեգինի խօսքերուն. հայ գիւղացիք հպարտութեամբ կը պատմէն, թէ Լեւոնը եւ իր եօթանասունի մօտ ընկերները երկու հազար քրտերու եւ թրքական կանոնաւոր զօրքի դէմ կռուած էին՝ սարսափելի ջարդ մը տալով անոնց… Անշուշտ ժողովուրդը ընդհանրապէս կը սիրէ չափազանցել, իր սիրած հերոսի արժէքը բարձրացնելու համար թշնամիի թիւը կը բազմապատկէ։ Ինծի կը թուի, թէ այդ պատմութիւնները վերապահութեամբ պէտք է լսել։ Սոնիա՛, ի՞նչ էր անունը այն գիւղին, ուր կռիւը տեղի ունեցած էր…

Ղզլճա, վրայ բերաւ Գարեգինը, գիւղը այժմ աւերակ է, քրտերը թալլեցին եւ այրեցին տները։ Ինչ կը վերաբերի կռուող կողմերու ուժերուն, ինչ որ լսած էք, բացարձակ ճշմարտութիւն է։ Մեր կռիւներուն մէջ միակ առաւելութիւն մը ունեցեր են ֆետայիներու խմբերը։ Այդ՝ դիրքն է եւ պաշտպանողական կռիւը, իսկ մնացած բոլոր առաւելութիւնները թշնամիի կողմն են եղած։ Ես կրնայի ձեզ կռուի մը մասին պատմել, ուր տասնեւհինգ ֆետայիներու դէմ երկու հազար կռուող գտնուած է…

Բայց այդ անկարելիութիւն է, այդ հաշուով, ձեր ֆետայիներէն ամէն մէկը գերբնական հերոս մը համարելու է։

Ո՛չ, պարզապէս կեանքէ ձեռք քաշած գաղափարական կռուողներ, հոգեկան վիճակ մը, որմէ զուրկ է թշնամին։ Ահա իրական տարբերութիւնը երկուքի միջեւ։

Իսկ արտաքին տեսքով ինչո՞ւ նման է այդ ձեր պարոն Լեւոնը, խորամանկ ժպիտ մը դէմքին, հարցուց տիկին Աւետեանը, Գիտէ՞ք պարոն Գարեգին, մեզ, կանանցս համար տղամարդու արտաքին երեւոյթը առաջնակարգ նշանակութիւն ունի, իսկ հոգեկան, մտաւորական կարողութիւնները երկրորդական կարգի վրայ կուգան…

Գարեգինի մինչ այդ ուրախ տրամադրութիւնը կարծես մէկէն փճացաւ։ Մէկ քանի վայրկեան լռեց ու ապա շատ հանդարտ ձայնով մը սկսաւ խօսիլ, կարծես արտասանած ամէն մէկ բառը կշռելով.

Մեզ՝ տղամարդոցս համար, մարդու արտաքինը այնքան ալ հետաքրքրական չէ… Կը կարծեմ, որ Լեւոնը առաջ շնորհալի արտաքինով երիտասարդ մը եղած լինելու է, բայց չեմ գիտեր որտե՞ղ եւ ինչպէ՞ս զարհուրելի արկած մը կ՚անցնէ։ Ատոր հետեւանքով, այժմ կաղ է եւ ձախ թեւը ազատօրէն չի կրնար շարժել… կերպով մը հաշմանդամ վիճակ մ՚ունի։

Տխուր պատկեր մը գծեցիք ձեր հերոսին համար, ծիծաղելով ըսաւ տիկին Աւետեանը, մինչ Սոնիան ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր. ես ու Սոնիան արդէն սիրահարուած էինք ձեր հերոսին։ Գէթ մեր խաթեր համար ըսէք որ գեղեցիկ դէմք ունի՞, կատակեց տիկին Աւետեանը՝ աչք ընելով Սոնիային։

Մեծ յօժարութեամբ կ՚ուզէի ձեզ բաւականութիւն պատճառել, նոյնպէս կատակի տալով պատասխանեց Գարեգինը, բայց իրողութիւնն այն է, որ Լեւոնը այդ արկածի ժամանակ դէմքի գրեթէ մէկ մասը կը կորսնցնէ… Պատկերի մնացած մասը ինքներդ կը տեսնէք, երբ հանդիպիք անոր…

Ափսո՜ս, իրապէս տխրած՝ ըսաւ տիկին Աւետեանը. չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար, բայց ես հերոսը միշտ ուժեղ, յաղթանդամ, գեղեցիկ տղամարդ մը կ՚երեւակայեմ։

Տիկի՛ն, Լեւոնը յաղթանդամ է, շատ յանդուգն, եւ անմարդկային լինելու աստիճան ուժեղ։ Այնպէս որ շատ տխրելու պատճառ մը չունիք։ Ձեր երեւակայած հերոսի յատկութիւններէն շատերը Լեւոնն ունի։

Իսկ չըսիք, թէ ո՞ր տեղացի է, հանդարտօրէն հարցուց Սոնիան. ինչպէս բժիշկը յայտնեց, շատ լաւ ռուսերէն գիտէ։ Թերեւս Կովկասէ՞ն եկած է։

Ճի՛շդը, չեմ գիտեր, օրիորդ…

Ինչպէ՞ս մի՞թէ ձեր մօտ ընկերոջ ինչ տեղացի լինելը ձեզ յայտնի չէ, զարմացած հարցուց բժիշկ Պաւլովը։

Ո՛չ, չեմ գիտեր, երբեք չեմ հարցուցած… Ընդհանրապէս Լեւոնը անձնական հարցերու շուրջ չի սիրեր խօսիլ… Մենք ալ այդ մասին խօսելէ կը խուսափինք… Բայց չեմ կարծեր, թէ ձեր ենթադրութիւնը ճիշդ լինի։

Որքան լսեր եմ, Պարսկաստանցի է Սալմաստի գաւառէն։

Թերեւս Կովկաս ուսում առած լինի… Կը պատմեն, որ երեխայութեան ժամանակ թոնիրը ինկած՝ կամ նման պատահարի մը հանդիպեր է, կիսովին այրուելով։

Այդ մա՞րդը յեղափոխական շարժման ղեկավարն է, հարցուց Պաւլովը՝ աչքերը խոշոր բացած։

Այո՛, չենք սխալիր եթէ այդպէս որակենք զայն։

Ես շատ ուրախ պիտի լինիմ անոր ձեռքը սեղմելու, ոգեւորուած ըսաւ բժիշկ Պաւլովը, հը՞, դո՞ւք ինչ կ՚ըսէք, տիկի՛ն, օրիո՛րդ։

Տիկին Աւետեանը անորոշ արտայայտութեամբ դէմքը ծռմռեց, իսկ Սոնիան րոպէ մը մտածելէ վերջ սկսաւ խօսիլ՝ խօսքը մասնաւորաբար ոչ ոքի ուղղելով։

Մարդու գործն է կարեւոր… գեղեցիկ թէ տգեղ, տկարակազմ թէ յաղթանդամ, երբ մէկը կրնայ ամբողջ ժողովուրդ մը կապել իրեն, երբ ոգեւորութեան աղբիւր մը կը դառնայ անոր համար, ապա ուրեմն այդ մարդը բարոյական մեծ արժէք մ՚ունի, կորովի նկարագիր մը… Ժողովուրդը հեշտութեամբ չի հերոսացներ. ան բնազդօրէն կը գտնայ մեծութիւնը, որու մէջ ալ որ թաղուած լինի, մինչ մենք, մտաւորականներս, մեր որպէս թէ առողջ դատողութեամբ, շատ անգամ կոյր մարդու նման առանց նշմարելու կ՚անցնինք իրական մեծութիւններու քովէն…

Այդ գիշեր, ուշ ժամանակ մեկնեցաւ Գարեգինը։ Ամէն անգամ որ դուրս կուգար այդ տնէն, կարծես իր էութենէն ակամայ բան մը կը ձգէր հոն։ Իսկ թէ ի՞նչ բան էր հոն ձգածը՝ այդ շատ ալ պարզ չէր իրեն համար։ Ձեռքերը վերարկուի գրպանները կոխած, գլխահակ՝ ծանր ծանր կը քալէր Գարեգինը, ձիւնով ծածկուած փողոցով։ Զարմանքով կ՚անդրադառնար, որ մէկ շաբաթուան ընթացքին ինք փոխուեր էր, Զախարովի տան ջերմ մթնոլորտը գարնան նման ծաղկեցուցեր էր իր կեանքը, նոր տրամադրութիւն առաջացնելով հոգւոյն մէջ, որ առաջ չկար։

Գարեգինը, որքան ալ որ կ՚աշխատէր ինքզինք համոզելու, որ իր նոր տրամադրութեան ստեղծուելուն մէջ Սոնիան մասնաւոր դեր մը չունէր, բայց ամբողջ ճանապարհի ընթացքին ակամայ կը մտածէր անոր մասին. կարծես անոր պատկերը կ՚ընկերակցէր իրեն։ Յանկարծ կանգ առաւ ծիծաղելով, այնքա՜ն էր տարուած իր մտածումով, որ իր սեփական տան առջեւով անցեր էր առանց նկատելու։ «Հը՞, մեր տղայ», ինքնիրեն խօսեցաւ Գարեգինը, «չլինի՞ թէ սիրահարուած ես», ու ետ դառնալով, տան դուռը բացաւ, բարձրացաւ երկրորդ յարկի իր սենեակը, լամպը մարեց եւ անկողին մտաւ։

Բայց ամբողջ գիշեր Գարեգինի աչքերը չգոցուեցան։ Մինչեւ լոյս կը մտածէր Սոնիայի մասին։

Ամբողջ շաբաթ մը Գարեգին չէր եղած Լեւոնի մօտ։ Յաջորդ իրիկուն, նախօրօք իմանալով անոր որ տեղ գտնուիլը, Ներսէսի հետ գնաց՝ զայն տեսնելու։ Որքան մեծ եղաւ իր զարմանքը, երբ սենեակի դռնէն ներս մտնելով Լեւոնի մօտ գտաւ Եկաւեանը, որու Պարսկաստանէն գալու մասին լուր չունէր։ Մանկութեան ընկերներ էին, միեւնոյն թաղի զաւակներ։

Մինչ Գարեգին ու Ներսէս՝ Եկաւեանի հետ համբուրուելով տաք խօսակցութեան մը բռնուած էին, Լեւոնը շորերը կը փոխէր, Մոսոյի օգնութեամբ քրտական զգեստ հագնելով։

Մոսօ՛, դու ալ պատրաստուէ, ու Լեւոնը մօտեցաւ երեք ընկերներուն, շաբաթ մ՚եղաւ որ չէք երեւցած։ Կ՚երեւի, հետաքրքիր բաներ ունիք պատմելու։ Դժբախտաբար, ես հիմա ճամբայ պիտի ելլեմ…

Նորէն ո՞ւր բարով, Լեւոնի թեւէն բռնելով հարցուց Գարեգինը, բայց ես քեզ հետ խօսելիք ունիմ։ Զախարովը յանձնարարեց ինչ որ…

Սիրելի՛ս, յայտնէ Եկաւեանին, միասին կը խորհրդակցիք, ես ժամանակ չունիմ։ Ուրեմն, այդպէս, խօսքը ուղղեց Եկաւեանին, փետրուարի չորսի գիշերը Վարագայ վանքը պիտի լինինք։ Տէ, ես գնացի…

Տօ, մարդ Աստուծոյ, մէկ յայտնէ, թէ ո՞ւր կ՚երթաս այսքան աճապարանքով։

Լեւոնը դրան մէջէն գլուխը դարձնելով՝ ըսաւ.

Եկաւեանը կը պատմէ։ Մոսօ, պատրա՞ստ ես. ուրեմն, երթանք։

Երբ Լեւոնն ու Մոսօն գնացին, Գարեգինը հարցական նայեցաւ Եկաւեանին։

Նորէն ո՞ւր կ՚երթայ։

Եկաւեանը երկու խօսքով բացատրեց որ Խարակոնիս գիւղի մէջ մեծ քանակութեամբ ապրանք դիզուած է, որ Ղզլճայի գիւղի քանդուելու պատճառով, խարակոնիսցիք կը դժուարանան ապրանքը մինչեւ Մխկներ հասցնել, որ բաւական երկար եւ անապահով ճանապարհ մ՚է։ Լեւոնը քանի մը ընկերներով կ՚երթայ, որպէսզի տեղին վրայ հարկաւոր կարգադրութիւնները ընէ։

Տօ՛, եղբայր պատուական, բարկացաւ Ներսէսը, մէկ ուրիշը չէ՞ր կարելի ճամբել…

Ես ալ միեւնոյն նկատողութիւնը ըրի, բացատրեց Եկաւեանը, թէեւ խօսքը մէջներնիս, Լեւոնի ներկայութիւնը տարբեր ազդեցութիւն կը ձգէ գիւղացիներու վրայ։ Ժողովուրդը առանց այլեւայլի կը հպատակի անոր կարգադրութիւններուն։

Անշուշտ ես ալ այդ գիտեմ, բայց յանկարծ որ բան մը պատահի։

Ձիւն ձմեռ, ի՞նչ կարող է պատահիլ… է՛, տղաք, մէկ ան ըսէք տեսնանք, ի՞նչ կայ չկայ, Վանը կարօտցեր էի։

Վանը իր տեղն է, մենք ալ շնորհիւ վեհափառ Սուլթանին ողջ ու առողջ ենք, թէեւ կախաղանի ստուերի տակ կ՚ապրինք։ Նորութիւնը քու քովն է, դրսէն դու կուգաս։ Հոս մնացողներուս համար Պարսկաստանն ալ ազատ արտասահման է։

Գարեգին, պատմելիք բաներ շատ կամ, կ՚իմանաք քանի մը օրէն, երբ կը հաւաքուինք Վարագայ վանքը։ Հիմա, տղաք, դուք ան ըսէք. այս երկու տարուան մէջ ո՞վ մեռաւ, ո՞վ ողջ մնաց… Երեք օր եղաւ գալս, էս անիրաւ Լեւոնը չձգեց, որ նոյնիսկ մեր տունը երթամ, մէկ մերոնց տեսնեմ։

Բժշկապետ Զախարովի եւ ընկերներու գալէն մօտ երեք շաբաթ անցած էր, եւ սակայն Պոլսէն սպասուած կայսերական հրամանագիրը կ՚ուշանար։ Հակառակ նահանգապետի սիրալիր ընդունելութիւններուն, ոչ մէկ դրական քայլ առնուած էր այդ ուղղութեամբ։

Զախարովին կը մնար համբերութեամբ սպասել։ Բայց այդ ձգձգումները զինք կը ջղայնացնէին։ Թրքական գործելակերպին անսովոր՝ ան անվերջ դիմումներ կը կատարէր կուսակալի մօտ, որ միշտ միեւնոյն սիրալիրութեամբ կ՚ընդունէր զինք ու միեւնոյն հաւաստիացումով ճամբու կը դնէր, որ «ինշալլահ մէկ երկու օրէն լաւ լուր մը ձեզ կը հաղորդեմ», իսկ միւս կողմէ ամէն հնարաւոր միջոց ձեռք կ՚առնէր Զախարովի ջանքերը ամլութեան մատնելու, նոյնիսկ արգիլելով որ անոնք բժշկական օգնութիւն հասցնեն ժողովուրդին, քանի հրամանագիրը չէր ստացուած։ Միակ բացառութիւնը Սոնիան էր, որ գրեթէ միշտ զբաղած էր ծննդաբերութեան մօտ գտնուող կիներով եւ հիւանդներով։

Վանի, ինչպէս նաեւ Տաճկաստանի ներքին գաւառներուն մէջ, մանկաբարձութիւնը յատուկ գործն էր պառաւ կիներուն, որոնք մեծամասնաբար ոչ միայն անգրագէտ էին, այլ եւ բոլորովին գաղափար չունէին առողջապահական տարրական կանոններու մասին։ Այդ պատճառով գաւառներու մէջ հարիւրաւոր նորածիններ եւ նորահարսներ, անժամանակ կը թառամէին։ Ծայրայեղ պարագաներու մէջ միայն հայ կնոջ համար բժիշկ կը կանչուէր, իսկ թուրքերը ոչ մէկ կերպով կրնային հաշտուիլ բժիշկ կանչելու գաղափարին հետ, այն ալ ծննդաբերութեան մը պարագային։ Եթէ տղացկան կնոջ ճակտին գրուած էր որ պիտի մեռնի, այդպէս կը մտածէին առհասարակ բոլորը, ուրեմն պիտի մեռնէր, հազար բժիշկ չէին կրնար ատոր առաջքը առնել։

Սոնիան որպէս համալսարանաւարտ մանկաբարձուհի մը, անօրինակ նորութիւն մ՚էր ժողովուրդի համար։ Ամենէն առաջ կուսակալը, որ տարի մը առաջ ամուսնացած էր, պալատական բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը աղջկան հետ, հրաւիրեց Սոնիան՝ խնամելու իր մանկամարդ կինը, որ հաւանօրէն մայիսի սկիզբները զաւակ մը պիտի պարգեւէր իրեն։ Անոր օրինակին հետեւեցան շատերը։ Սոնիայի գալէն շաբաթ մը չանցած՝ ան պայուսակը ձեռքը՝ տնէ տուն կը մտնէր, թուրք ու հայ հիւանդ կիները խնամելով։

Սոնիան շատ շուտով ընտելացաւ տեղական սովորութիւններուն, նիստ ու կացին, ըմբռնեց ժողովուրդի հոգեբանութիւնը, նախապաշարեալ հոգին։ Անկեղծ կարեկցութեամբ ան կը մօտենար բոլոր հիւանդներուն, որոնց ձրիաբար կը ծառայէր, իսկ չքաւորներուն ոչ միայն կ՚օգնէր, որ իր հաշուին քաղաքի միակ դեղարանէն դեղ ստանան, այլ եւ նիւթապէս կ՚օժանդակէր անոնց։ Սոնիան շատ քիչ ժամանակի մէջ շուրջը ստեղծեց ջերմ մթնոլորտ մը։

Անգամ մը, երբ Սոնիան կուսակալի կնոջ սովորական այցելութենէն վերջ կը պատրաստուէր դուրս գալու, անսպասելի կերպով կուսակալը ներս մտնելով՝ խնդրեց, որ Սոնիան մնայ, միասին ճաշելու համար։

Երեքով սեղան նստան։ Կուսակալը, որ Սուլթանի պալատական նախարարի աներձագն էր, ազատ կերպով ֆրանսերէն կրնար արտայայտուիլ, նոյնպէս եւ կինը։ Հաճելի ժամանակ անցուցին։ Կուսակալը, խորամանկ անձնաւորութիւն մը, ինչպէս կը լինին ընդհանրապէս թուրք բարձր պաշտօնեաները, որպէս թէ՝ ի միջի այլոց՝ խօսք բացաւ Զախարովի միսիոնի մասին։

Ա՜յ, օրինակ, կ՚ըսեն, թէ դուք մեծահարուստ վաճառականի մը մէկ հատիկ աղջիկն էք։ Ինձ կը զարմացնէ այն, որ դուք եկած էք Վանի նման յետ ինկած տեղ մը…

Բայց, պարոն կուսակալ, չէ՞ որ յետ ինկած տեղերը ամենէն աւելի պէտք ունին օգնութեան։ Ի՞նչ միտք պիտի ունենար, եթէ մենք Պոլսոյ մէջ հիւանդանոց մը բանալու աշխատէինք, ուր վեց եօթ հատ արդէն գոյութիւն ունին, մինչդեռ հոս հազիւ մէկ երկու բժիշկներ կան…

Որոնք անգործ են, ծիծաղելով կուսակալը ընդմիջեց Սոնիայի խօսքը, թէեւ ես կ՚ընդունիմ հիւանդանոցի մը անհրաժեշտութիւնը… բայց ինչ որ չեմ հասկնար… ըհը՛մ… այսինքն՝ դժուար է հասկնալ, ձեր մասնակցութիւնն այս գործին։ Դուք այդքա՜ն երիտասարդ, գեղեցիկ, հարուստ… չէ՛, չեմ կրնար հասկնալ…

Դժուար չէ՛ հասկնալը։ Ես ձեզ հարց մը տամ…

Խնդրե՛մ։

Դուք ինչո՞ւ եկած էք այս հեռաւոր նահանլը։

Այդ արդէն բոլորովին տարբեր հարց մ՚է։ Ես պաշտօնեայ մ՚եմ, Պոլիս պահեն թէ գաւառ ճամբեն, ես պէտք է պարտականութիւնս կատարեմ։

Ճիշդ այդպէ՛ս։ Ինչո՞ւ ուրեմն կը կարծէք, թէ մենք՝ մասնագիտութեան տէր անհատներս ազատ ենք պարտականութենէ։ Դուք պետութեան կը ծառայէք, մենք՝ մեր օգնութեան պէտք ունեցող ժողովուրդին։

Օրիորդը իրաւունք ունի, խօսքի խառնուեցաւ տիկինը, եթէ սիրելի օրիորդը չլինէր, ես չէի համաձայներ, չէի թոյլ տար, որ որեւէ բժիշկ զիս քննէր։

Երբ կիները կը միանան, անձեռոցը սեղանի վրայ դնելով ծիծաղելով ոտքի ելաւ կուսակալը, մենք՝ տղամարդիկս կը կորսնցնենք։ Կը յուսամ որ դուք եւ ձեր ընկերները չէք ձանձրանար մեր ողորմելի քաղաքին մէջ։ Եթէ կրնամ որեւէ բանով օգտակար լինիլ ձեզ…

Եւ կուսակալը թեթեւ խոնարհութիւն մը ըրաւ։

Միօրինակ կեանք մ՚էր մեր ապրածը, յարմար առիթը շահագործելով վրայ բերաւ Սոնիան, այս քանի մը օրերս կ՚ուզենք շրջակայ վանքերը այցելել։

Այս ցուրտ ձմրա՞նը։ Օրիորդ, սպասեցէք, մինչեւ գարունը գայ։

Գարնան, երբ հիւանդանոցը բացուի, հազիւ թէ ժամանակ ունենանք… Քանի ազատ ենք, ժամանակը օգտագործենք, եւ դառնալով կուսակալի կնոջը, Սոնիան քաջալերով ժպիտով մը շարունակեց, բոլորովին անհանգստանալու պատճառ չկայ, ամէն ինչ նորմալ է։ Պատուէրներուս հետեւեցէք։ Գալ շաբաթ կրկին կ՚այցելեմ ձեզ։

Երեկոյեան, երբ Սոնիան վերադարձաւ տուն, սամավարի շուրջը բոլորուած գտաւ, բացի իր ընկերներէն, Գարեգինն ու Ներսէսը, որոնք այդ օր քիչ կանուխ եկած էին այցելութեան։ Սոնիան պատմեց կուսակալի հետ ունեցած խօսակցութիւնը եւ առիթէն օգտուելով անոր յայտելը, թէ շրջակայ վանքերը տեսնելու պիտի երթան։

Վարպետորդի մարդ մ՚է մեր կուսակալը, ըսաւ Գարեգինը, այդ որպէս թէ անմեղ խօսակցութեամբ կը փորձէր ձեր խօսքերուն մէջ յետին նպատակ մը գտնել։ Օր. Սոնիա, շատ լաւ պատասխաներ էք։

Բայց, սիրելի՛ս, ինչո՞ւ մեր Վարագ երթալու մասին խօսեցաք, յայտնապէս անհանգստացած խօսեցաւ բժշկապետ Զախարովը, մենք կրնայինք առանց մէկու մը յայտնելու երթալ…

Որպէսզի հետեւէի՞ն մեզի… Ախր, սիրելի բժիշկ, դուք պիտի գիտնաք, որ մեր ամէն մէկ քայլին կը հետեւին։ Ես դիտաւորեալ կերպով յայտնեցի վանքերը այցի երթալու մասին, որ միամտուին եւ մեր բացակայութիւնը աչքի չզարնէ, իսկ մասնաւորաբար Վարագ երթալու մասին, ես չեմ խօսած։

Ինծի կը թուի, օրիորդը շատ լաւ ըրած է այդ մասին կուսակալի հետ նախօրօք խօսելով, կարծիք յայտնեց Ներսէսը, մինչեւ ականջներու ծայրը կարմրելով. եթէ առանց յայտնելու գնացած լինէիք, ձեր բացակայութիւնը անմիջապէս աչքի պիտի զարնէր, ու անշուշտ լրտեսները ձեզ փնտռելու պիտի ելլէին։

Ուրեմն, վաղը կ՚երթա՞նք, սարսափելի ձանձրացայ տան չորս պատերու մէջ փակուելով, ի՞նչ կ՚ըսէք, պարոն Գարեգին։

Անշուշտ, տիկին Աւետեան, կէս օրուան մօտ մօրս եւ քրոջս հետ միասին կուգամ, եւ օրը ցերեկով ճամբայ կ՚ելլենք, որպէսզի դիմացի պահակատնէն մեր երթալը տեսնեն։

Բայց ինչո՞ւ վաղը։ Կարծեմ ըսիք, թէ չորսին պիտի հաւաքուին մեր բարեկամները, հարցուց բժիշկ Պաւլովը։

Աւելի լաւ է օր առաջ երթանք, բոլորովին կասկածի տեղի չտալու համար։

Ուրեմն վա՞ղը։

Կէս օրի՛ն։

Առջի օր ուշ ատեն Գարեգինը մօրը, քրոջը եւ Զախարովի խմբի հետ Վարագայ վանքը հասաւ։

Երեկոյեան ժամերգութիւնը վերջացած էր, եւ միաբանները դուրս կուգային եկեղեցիէն, երբ անսպասելի ուխտաւորները վանքի դարպասէն ընդարձակ բակը մտան։ Վանահայրը վանքի լաւագոյն սենեակները տրամադրեց անոնց։ Հիւրերը յոգնած եւ ցրտահար թեթեւ ընթրիք մը վայելելէ յետոյ քաշուեցան իրենց սենեակները։

Առտու շատ կանուխ ոտքի վրայ էին մեր բարեկամները։

Ձմեռուան ցուրտ եւ պայծառ օր մ՚էր։ Մթնոլորտը այնքան խաղաղ ու ջինջ էր, որ հեռաւոր լեռնաշղթաներու ձիւնապատ գագաթները կարծես կախարդանքով մը մօտեցած կ՚երեւէին, զարմանալի յստակութեամբ։

Վարագայ վանքի որբանոց դպրոցի աւագ ուսուցիչը, ճեմարանաւարտ համակրելի երիտասարդ մը, առաջնորդի դեր կը կատարէր՝ պտըտցնելով հիւրերը վանքի պատմական վայրերը։ Ամենէն աւելի հիւրերու վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգեց Վարագայ վանքի եօթ եկեղեցիներէն Սուրբ Գէորգ եկեղեցիի գաւիթը, ուր սալայատակէն քանի մը մատնաչափ բարձրութեամբ երեք տապանաքարեր երկնցած էին կողք կողքի։

Այս տապանաքարի տակ, բացատրեց Դարմանեանը, որբանոցի աւագ ուսուցիչը, կը գտնուի Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսի գերեզմանը։

Ի՞նչ կը նշանակէ գետադարձ բառը, հետաքրքրքուած հարցուց տիկին Աւետեանը, որ հայոց պատմութեան մասին շատ թերի գաղափար մը ունէր։

Այդ անունը, յարգելի տիկին, կապուած է իններորդ դարուն կատարուած հրաշքի մը հետ։ Որքան ալ որ ներկայիս կը դժուարանանք հրաշքներու հաւատալ, սակայն մեր մատենագրութեան մէջ կը հանդիպինք անօրինակ հրաշքի մը, որ տեղի ունեցած է մեծազօր Վասիլ կայսեր ներկայութեանը։ Ծննդեան տօնին, մկրտութեան արարողութեան ժամանակ, օրթոտոքս եկեղեցիի ծիսակատարութեան նման, մենք՝ հայերս ալ խաչը լճի կամ գետի մէջ կը նետէինք։ Այդ սովորութիւնը մինչեւ հիմա ալ շատ մը շրջաններու մէջ պահուած է։ Երբ պոնտական Տրապիզոն քաղաքի մօտէն վազող Ճորոխ գետի մօտ կը հաւաքուին Վասիլ կայսրը, յոյն եւ հայ կղերը, Պետրոս կաթողիկոսը Կենաց Փայտի մասնատուփը կը նետէ գետի մէջ, ու յանկարծ Ճորոխը կանգ կ՚առնէ, ջուրը կը դադրի հոսելէ։ Ահա այդ հրաշքի պատճառով ալ Պետրոս կաթոիկոսը կը կոչուի Գետադարձ։

Իսկ ա՞յս գերեզմանը, հարցուց Սոնիան, որ լարուած ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր Դարմանեանի տուած բացատրութիւններուն։

Ա՛յս Արծրունի Սենեքերիմ թագաւորի գերեզմանն է, որ իր թագաւորութիւնը փոխանակեց Յունաց կայսեր հետ՝ գոհանալով Սեբաստիոյ շրջանով, ուր կ՚ապրէր որպէս կիսանկախ իշխան մը։ Սենեքերիմ թագաւորի մահէն վերջ սակայն իր հետեւորդներն ու ազգականները, 1022 թուականին թագաւորի եւ Խուշուշ թագուհիի աճիւնները ետ բերին Վասպուրական, ու ահա այստեղ թաղեցին։ Այս երրորդը թագուհիին գերեզմանաքարն է…

Զախարովն ու իր ընկերները հետաքրքրութեամբ կը լսէին Դարմանեանի տուած բացատրութիւնները, բայց ամենէն աւելի՝ Սոնիան կրօնական երկիւղածութեամբ կ՚ունկնդրէր անոր։ Պատմական վայրի մը մէջ, աւերակներով շրջապատուած, Սոնիան հոգեկան վերացումով կ՚ապրէր անցեալ օրերը, երբ հայ ժողովուրդը անկախ էր, ինքն իր տէրը, ունէր իր մեծագործ թագաւորները։ Բայց Սոնիայի յուզումը կրկնապատկուեցան, երբ Դարմանեանը եկեղեցիին մէջ մատնացոյց ըրաւ թագուհիին առանձնարան աղօթարանը։ Քարէ սանդուխներէն բարձրանալով սրբատաշ քարերով շինուած բարձրադիր անկիւնը, ուր բազմաթիւ հայ թագուհիները շրջապատուած իրենց նաժիշտներով, աղօթելու կը կանգնէին, Սոնիան, արմուկը յենած եկեղեցիի պատին, անձնատուր եղաւ իր հոգին ալեկոծող մտքերուն։ Երբ ընկերները եկեղեցիէն մեկնելով ձայն տուին, Սոնիան եկեղեցիէն դուրս գալէն առաջ, թաշկինակով աչքերը չորցուց։

Սուրբ Սոֆիա կիսաքանդ եկեղեցիի արեւմտեան պատին վրայ, Դարմանեանը ցոյց տուաւ Վարագայ վանքի ամենահին արձանագրութիւնը, որ հետեւեալ բովանդակութիւնն ունէր.

«Ես Խուշուշ խաթունս դուստր Գագկայ յազգէն Բագրատունեաց կենակից Սենեքերիմ ար… սրբ յիշեցէք ի մաքուր»…

Միակ վաւերական արձանագրութիւնն է, որ դեռ կը մնայ։ Եթէ այս պատն ալ քանդուի…— ու Դարմանեանը տխրօրէն գլուխը երերցուց։

Ես կ՚առաջարկեմ քիչ մ՚ալ վանքէն դուրս ելլենք, դէպի Կելիի կողմը։ Թէեւ ձիւնը խոր է, բայց իրարու օգնելով կ՚երթանք, ըսաւ Գարեգինը, երբ դասաւանդութեան պատճառով Դարմանեանը հեռացաւ հիւրերու քովէն։

Երթանք, երթանք, ուրախացած ձայն տուին հիւրերը, որոնք բնական անհամբերութեամբ կ՚ուզէին մէկ օրուան մէջ ամէն ինչ տեսնել։

Իսկ կրնա՞նք Վերին Վարագ բարձրանալ, հարցուց Սոնիան։

Դժբախտաբար, ոչ, շատ վտանգաւոր է, բացատրեց Գարեգինը։

Միթէ՞ այդքան հեռու է։

Անշուշտ ոչ։ Սովորական ժամանակ մէկ ժամուան ճանապարհ է միայն, բայց թանձր ձիւնը, ճանապարհի մը չգոյութիւնը… բայց ամենէն աւելի վտանգաւոր է ձիւնափոթորիկը՝ մեր երկրի հռչակաւոր բուքը։ Մի՛ խաբուիք կապուտակ երկնքէն։ Բաւական է որ հիւսիսային քամին քիչ մը ուժգնօրէն սկսի փչել, երկինք գետին իրարու կը խառնուին, ու այն ժամանակ վայ այն մարդուն, որ բարձունքներու վրայ կը գտնուի։

Առայժմ հեռուէն դիտելով կը բաւականանք, մինչեւ որ գարունը գայ։ Կ՚ենթադրեմ թէ ի՜նչ սքանչելի գարուն մը պիտի ունենանք։

Տիկին Աւետեան, գարնան մեր երկիրը, մանաւանդ Վարագայ սարն ու Քէշիշ Կէօլի շրջանը եդեմական պատկեր մը կը ներկայացնեն։

Խումբը վանքի պարիսպէն դուրս եկած, դժուարութեամբ կ՚առաջանար։ Վանքի հօտաղներէն հուժկու երիտասարդ մը, որ շատ մտերմօրէն կը խօսէր Գարեգինի հետ, առջեւէն կ՚երթար, ճամբայ բանալով։ Հազիւ գետակին քով հասան, որտեղէն կը բարձրանար ձորը, ժայռի մը տակ նստան յոգնած հիւրերը։ Այդ տեղէն, հեռուէն հեռու կ՚երեւնար Վերին Վարագի դիրքը, իսկ անոր կուշտին բարձրացած Վարագայ սարի ամենաբարձր գագաթներէն Աստղկան բերդը, քիչ ասդին՝ Գալիլիա գագաթը։

Ախ, ինչպէ՜ս կ՚ուզէի որ շուտով գարունը գար, բացագանչեց տիկին Աւետեանը, մէկ բարձրանայինք Աստղկան բերդը։ Սիրելի բժիշկ, Ռուսաստանի մէջ ես բոլորովին սարերու չհանդիպեցայ։

Ռուսաստանը անվերջ տափաստան մ՚է, ժպտաց Պաւլովը, սքանչացած շրջապատի ամեհի գեղեցկութիւնով. Հայաստանը ինչպէս կ՚երեւի, սարերու ժամադրավայրն է։

Իսկ ինչո՞ւ Աստղկան բերդ կը կոչեն այդ գագաթը, դառնալով Գարեգինին, հարցուց հարցասէր տիկին Աւետեանը։

Մեր մատենագրութեան մէջ այդ մասին որոշ յիշում մը չկայ, բայց աւանդաբար կը պատմեն, եւ շատ ալ հաւանական է, որ տասնեակ դարեր առաջ, երբ քրիստոնէութիւնը մուտքը չէր գործած Հայաստան, այդ տեղ կառուցուած լինէր Աստղիկ աստուածուհիի մեհեանը։ Դեռ մինչեւ օրս ալ, արեւելեան կողմի վրայ կ՚երեւին հաստ պատի մը հետքերը։

Շա՛տ, շա՛տ պիտի ուզէի բարձրանալ հոն, հառաչելով ըսաւ տիկին Աւետեանը. կ՚երեւակայեմ թէ ի՜նչ շքեղ համայնապատկեր մը պիտի պարզուի այդ բարձրութենէն…

Իսկ դուք պիտի չուզէի՞ք տեսնել Աստղկան բերդը, քնքշօրէն հարցուց Գարեգինը, որ Սոնիայի հետ՝ խմբէն քիչ մը հեռու նստած էր։

Գարեգինի ձայնին մէջ խանդաղատանք մը, անքօղարկելի ջերմութիւն մը կար։ Բառերը շրթները կ՚արտասանէին, իսկ ձայնը, սրտէն կուգար՝ բոլորովին փոխելով բառերու իմաստը։

Սոնիան հանդարտօրէն գլուխը բարձրացուց ու ուղիղ Գարեգինի դէմքին նայեցաւ։ Այնքան պերճախօս էին երիտասարդի աչքերը, որ Սոնիան ըմբռնեց անոր հոգւոյն մէջ փոթորկուող զգացումը։ Մինչ այդ, դեռ քաղաքը եղած ժամանակը Սոնիան զգացեր էր Գարեգինի հոգեկան վիճակը, հակառակ որ իր կողմէն ընկերական պարզ վերաբերմունք մը ցոյց տուած էր անոր հանդէպ, ու ոչ մէկ խօսքով չէր քաջալերած զայն։ Սոնիան, Գարեգինին նայելով, տխրօրէն գլուխը օրօրեց, ու ձեռքը քնքշօրէն անոր թեւին դնելով՝ ըսաւ։

Պարոն Գարեգին, ես ձեզ շատ կը յարգեմ, մենք լաւ բարեկամներ պիտի լինինք։

Միա՛յն բարեկամներ, շրթները կծելով հարցուց Գարեգինը դժուարութեամբ շնչելով։

Այո՛, բարեկամներ, լաւ բարեկամներ։

Գարեգինը ընկճուած եւ սաստիկ շփոթած՝ գլուխը կախեց, անորոշ հայեացքը կեդրոնացնելով ձիւնէն դուրս ինկած ցօղունի մը վրայ, որ քամիէն կը դողար։ Ակամայ իր զգացումը մատնած էր ու աղջիկը առանց այլեւայլի խնդրած՝ որ բարեկամ մնալով գոհանայ։

Բայց ես սկսայ սառիլ, ոտքի ցատկելով պոռաց տիկին Աւետեանը, քիչ շարժինք։ Այ կ՚ուզէ՞ք, քիչ մ՚ալ վեր բարձրանանք ձորով։

Բոլորն ալ ոտքի ելած՝ պատրաստուեցան ձորն ի վեր երթալու, երբ վանքի հօտաղ Մրտօն, մօտենալով Գարեգինին՝ ըսաւ.

Ճաշի ժամանակը անցեր է։ Հիմա ձեր վերադարձին կը սպասեն։ Մէկ ալ, տեսէ՛ք, սարի գագաթը սկսաւ խառնուիլ, բուք պիտի փրթի։

Իրօք, Աստղկան բերդի եւ Գալիլիայի գագաթի շուրջը կարծես թէ նօսր մշուշ մը պատած էր։ Այդ յարաշարժ մշուշը երբեմն կը խտանար գագաթի չորս բոլորը, երբեմն ալ բոլորովին կը փարատէր, կարծես թէ գոյութիւն ունեցած չլինէր։ Փորձուած մարդ մը անմիջապէս կրնար հասկնալ, որ հիւսիսի քամին սկսած էր փչել, եւ որ հետզհետէ թափ առնելով դիւական պարի մը պիտի փոխուէր շուտով։ Բնութեան գիրկը մեծցած հօտաղ Մրտոյի համար, այդ հազիւ նշմարելի մշուշը անկասկածելի նախակարապետն էր գալիք փոթորիկին, որ Հայաստանի բարձունքներուն վրայ անսանձ կատաղութեամբ կ՚ոռնայ՝ ամէն տարի բազմաթիւ մարդկային կեանքեր խլելով։

Հայաստանի մէջ ձիւնահիւսէն վերջ, բուքը, ամենէն ահաւոր աղէտը կը համարուի, երբ հիւսիսի քամին ամեհի թափով կը սուրայ՝ գետնի ձիւնը աւլել տանելով իր հետ, գազանի նման կաղկանձելով ոլորապտոյտ կը դառնայ ձորերու մէջ կամ ճամբաներու վրայ, պարզապէս խեղդելով մարդիկ եւ կենդանիներ, եւ կամ ձիւնի թանձր շերտերու տակ թաղելով զանոնք։

Լաւ է ետ վերադառնանք, մէկ երկու ժամէն փոթորիկ պիտի բարձրանայ, խորհուրդ տուաւ Գարեգինը, ու վայ անոնց որ դուրսը պիտի գտնուին այդ պահուն։

Իսկ որքա՞ն կը տեւէ փոթորիկը։

Ո՞ւ կարող է ըսել, տիկին Աւետեան, թերեւս հինգ վեց ժամ, թերեւս ամբողջ օր մը։

Այդ պարագային, ի՞նչպէս կը սպասէք որ ձեր ընկերները հաւաքուին այս գիշեր։

Յեղափոխականներու աստուածը զօրաւոր է, ժպտալով պատասխանեց Գարեգինը ու խօսքն ուղղելով մնացածներուն՝ ըսաւ. լաւ է՝ մտիկ ընենք Մրտոյի խորհուրդին եւ վերադառնանք վանք։ Շատ ուշացանք։

Ճաշէն վերջ, ոմանք գնացին որբանոցի դպրոցն այցելելու, իսկ ոմանք քաշուեցան իրենց սենեակները՝ հանգստանալու համար։ Սոնիան դպրոց այցելողներու հետ էր։ Դարմանեանի դասաւանդութեան ներկայ լինելէ վերջ, մինչ ընկերները վերադարձան, Սոնիան աւագ ուսուցչի հետ դասարանէն դուրս գալով՝ մտաւ ուսուցչանոցը։

Դարմանեանը քաջածանօթ էր հայոց պատմութեան, բայց մանաւանդ Վասպուրականի տեղագրական պատմութեանը, այցելած էր շրջանի բոլոր պատմական վայրերը, աւերակները, վանքերը, պտտած էր բոլոր գաւառները, խնամքով հաւաքած էր հոս ու հոն ինկած քարերու արձանագրութիւնները, գրչագիր մագաղաթեայ գրքերու յաւելուածները, ժամանակագրական յիշատակարանները։ Սոնիան, պատուհանի քով նստած, հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ընէր Վարագայ վանքի անցեալ պատմութիւնը, որ դարերու հնութիւն ունէր, Խրիմեան Հայրիկի վանահայութեան շրջանի մասին, երբ այդ պայծառ իմացականութեան տէր վարդապետը 1860-ին կը վառէր Հայաստանի այդ յետ ինկած շրջանին մէջ ազգային զարթօնքի լուսատու փարոսներէն մէկը։

Վարագայ վանքը հայութիւնը մարմնաւորող սիմպոլ մ՚է, խօսքը ամփոփեց Դարմանեանը, բազմաթիւ անգամներ այս մեծ վանքը թալանուեցաւ թուրքերու եւ քրտերու կողմէ, ամէն անգամ ալ, չանցած հինգ վեց տարի, աւերակներու մէջէն նորէն բարձրացած, ծաղկեցաւ վանքը։ Վերջին անգամ, 1896 թուականին, թուրք կառավարութեան դրդումով ամէն կողմէ յարձակեցան քրտերը, թալլեցին ամէն ինչ որ կարելի էր, կրակ տուին ու այրեցին բոլոր շէնքերը՝ ամայի աւերակ մը դարձնելով Վարագը։ Բայց, ինչպէս կը տեսնէք, օրիորդ, այդ դէպքէն շատ տարի չէ անցած եւ սակայն վանքը արդէն վերաշինուած է, տնտեսութիւնը վերականգնած ու իր ծոցին մէջ գուրգուրալով կը խնամէ 96 թուականի կոտորածի հետեւանքով որբ մնացած սերունդը։

Այո՛, իրաւունք ունիք, մտախոհ հայեացքը պատուհանէն դուրս նետելով պատասխանեց Սոնիան, զարհուրելի ճակատագիր մը ապրած է հայ ժողովուրդը, ուրիշ ոչ մէկ ազգ կրցած է ապրիլ միեւնոյն պայմաններու մէջ։

ՎԵՐՋ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԻ