Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԴՈՒԿԱՅԻՆ ԽՄԲԻ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐԸ

-Ծօ, խաղդ խաղա՛…

Հարիւր քսան,

Հարիւր երսուն։

Հարիւր յիսուն։

Չոռ ու ցաւ,   բարկութեամբ փափախը ճակտին վրայէն ետ քշելով՝ Առիւծ Գեւօն թուղթերը իրար խառնեց,   ծօ՛, քու կարգդ էր թուղթ տալու. ես ալ կ՚ըսեմ, թէ ինչո՞ւ կը վաստկիս։

Սպիտակ Վանք փոքր գիւղի րէս Յակոբի տանը հաւաքուած էին այդ գիշեր «ազգի» մարդիկը։ Մինչ թոնրատան մէկ անկիւնը խմբապետները խորհրդակցական ժողով մը կ՚ունենային, ախոռի սաքուին մէջ յիսունէ աւելի հայդուկները ժամանակ սպաննելու համար, խումբերու բաժնուած կամ թուղթ կը խաղային եւ կամ կը պատմէին իրարմէ բաժնուելէն վերջ պատահած անցքերը։

Մեր Առիւծ Գեւօն Վահէի մահէն վերջ ատեն մը իր ձեւի սուգ պահելէ յետոյ, որու գլխաւոր արտայայտութիւնն էր ձեռքը խաղաքարտ չառնել, հետզհետէ սակայն իր զուարթութիւնը գտաւ, մանաւանդ Սպիտակ Վանք գալէն վերջը, ուր այնքա՜ն հին ընկերներու կը հանդիպէր։

Լեւոնը իր ընկերներով երկու օր առաջ հասած էր Սպիտակ Վանք, քրտաբնակ Ոստանի պինդ մօտը, որմէ հազիւ քսան վայրկեան հեռու կը գտնուէր Չարահան Սուրբ Նշան պատմական վանքը։ Տեղացիները Չաղար Սուրբ Նշան կը կանչէին զայն։ Վանէն դուրս գալէն տաս օր վերջ Լեւոնը հասաւ այդ գիւղը, ուր ժամադրուած էր ընկերներուն հանդիպելու համար։ Ճանապարհին բազմաթիւ գիւղեր հանդիպեցաւ։ Ծըւըստանէն ելլելով գիշեր մը Կռնկավանք մնաց եւ ապա Արտամէտով անցաւ Մաշտակ ու Անգղայ գետաբերանի մօտ գտնուող հայկական գիւղերը։

Լեւոնի Սպիտակ Վանք հասնելու յաջորդ գիշերը, Պիծան ու վարդապետը իրենց խմբով եկած էին Գաւաշի շրջանէն, իսկ Մոսօն եւ Մոկացի Յակոբը՝ Վերի Հայոց Ձորէն, իրենց ապագայ գործունէութեան մասին խորհրդակցելու համար։

Սաքուի մէջ հաւաքուած հայդուկներու համար այդ մէկտեղումը իսկական տօն մ՚էր։ Որքա՜ն բան ունէին իրարու պատմելու։ Կարճատեւ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին այնքան դէպքեր պատահած էին, ու իրենցմէ ամէն մէկը այս կամ այն ձեւով մասնակցած էր այդ դէպքերուն։ Բայց, ի հարկէ, ամենէն աւելի պատմելիքներ ունէին Վանէն եկողները, որոնց պաշտօնական պատմողը կը համարուէր Առիւծ Գեւօն։ Մարդ քանի՞ գլխանի պիտի լինէր, որ երբ Առիւծ Գեւօն ներկայ էր, համարձակէր բերանը բանալ։ Բայց չես գիտեր ինչո՞ւ, հակառակ ընկերներու թախանձանքին, Առիւծ Գեւօն չլսելու կը զարնէր անոնց խնդրանքը՝ անպատասխանի ձգելով անոնց հարցումները, Թոփալ Սատանայի հետ սկսած խաղը շարունակելով։

Ծօ՛, ախպեր, հերիք թուղթ խաղաք,   Գեւոյի մօտ տեղաւորուելով ըսաւ Սալտաթը, ռուսական բանակէն փախած զինուոր մը, որ տարի մը առաջ Երկիր անցած եւ միացած էր հայդուկներուն։

Առիւծ Գեւօն ծուռ ծուռ նայեցաւ Սալտաթին։ Կարծես իր սրտի նեղութիւնը բաւական չլինէր, աս Սալտաթն ալ ո՞րտեղէն մէջտեղ ելաւ։ Երկրորդ խաղը կը խաղային, ու էդ քնձռոտ Թոփալը առաջին խաղը շահած՝ հա հա երկրորդն ալ վաստկելու վրայ էր։ Առիւծ Գեւոյի մէջքին ճաթիլը կուգար։ Եթէ չորս բոլորը խաղին հետեւողներ չլինէին, նորէն ոչինչ, վերջէն կրնար ըսել, թէ խաղը ինք տարաւ, բայց այդքան վկաներու ներկայութեան, քիչ մը շատ վրան բաց սուտ մը պիտի լինէր։

Ծօ, խաղդ խաղա՛,   Առիւծ Գեւօն պոռաց Թոփալ Սատանայի երեսին,   ժամերով կը սպասցնես…

Աշի, ձգեցէք էս խաղը,   մէջ ինկաւ Սալտաթը,   տնաշէննե՛ր, էգուց երեկոյ կը բաժնուինք, մէկ էլ ո՞վ իմանայ, թէ ե՞րբ կը հանդիպինք…

Ծօ, ախպար քու զօռդ ի՞նչ է,   որպէս թէ բարկացած՝ ծուռ ծուռ Սալտաթին նայելով խօսեցաւ Առիւծ Գեւօն, թէեւ ներքուստ ուրախ էր այդ բարեդէպ ընդմիջումին համար։

Գլխի իյնալով, որ երկրորդ խաղն ալ Թոփալ Սատանան պիտի վաստկի, մեր Առիւծ Գեւօն, կեղծ բարկութեամբ մը խաղաթղթերը իրարու խառնեց, Սալտաթի երեսն ի վեր պոռալով։

Ծօ՛, դուն փորձա՞նք եկար իմ գլխուս, չես ձգեր որ սրտիս ուզածին պէս խաղ մը խաղամ։ Տէ՛, հիմա ըսէ տեսնեմ, քու զօռդ ի՞նչ է։

Պատմէ, պատմէ,   չորս կողմէն վրայ տուին հայդուկները, շրջապատելով զայն։

Առիւծ Գեւօն փքուեցաւ, երկար պեխերը ոլորեց, ծանր ու մեծ սիկարէթ մը պլլեց եւ անցուց չիպուխին ծայրը, մինչ քանի մը հայդուկները վառած լուցկի կը մօտեցնէին։ Մէկ երկու անգամ պինդ պինդ ծուխը ներս քաշեց, քթածակերէն ու բերնէն դուրս տուաւ, բռունցքով բերանը սրբեց ու սկսաւ.

Էսչափ մարդու մէջ, մէկ Առիւծ Գեւօ, ծօ, չախալներ, որ ես չեղնէի ձեր մէջ, հա՜յ հո՜ւյ, ձեր բանը պօշ կ՚եղնէր, վալլահ, մէկ գիր կարդումս պակաս է…   Սուրբ Լուսաւորչի մատներուն մեռնիմ, էն որ հայու գիրը գտաւ…

Սուրբ Մեսրոպն էր գտնողը,   Թոփալ Սատանան փորձեց զգացնել Գեւոյի սխալը, մանաւանդ որ բարկացած էր Գեւոնի վրայ՝ խաղը կիսատ ձգելուն համար։

Ծօ՛, ի՞նչ Սուրբ Մեսրոպ… մէկ էսոր բերնին նայեցէք, հա՛, հա՛, հա՛։ Հէչ Մեսրոպէն սո՞ւրբ կ՚եղնի հայվան։ Որ չես գիտեր, սուս եղիր… Ախպօրս ըսեմ, Սուրբ Գրիգոր Լոսաւորիչ երանելին, երբ որ Խորվիրապին մէջ գազաններուն հետ բանտարկեցին, կռապաշտ թագաւորի հրամանով, մեռնիմ Աստուծու զօրութեանը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը գիշեր մը երազ տեսաւ…   Չէ, ճանըմ, երազ չէր, տեսիլք ունեցաւ եանիա, աչքերը բաց Աստուծու զօրութիւնը տեսաւ։ Աստուծու հրամանով, Գաբրիէլ հրեշտակապետը երեւցաւ մեր Լուսաւորիչին, ոնց որ ես ձեզի կը տեսնամ։ «Արդարներու արդար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», ըսաւ Գաբրիէլը, «տղաս, ո՞ղջ ես»։ Դու մի ըսեր կռապաշտ թագաւորին քուրը գաղտուկ, ամէն օր կտոր մը հաց ու բրդուճ մ՚ալ ժաժիկ կը տանի եղեր Սուրբին…

Հա՛պ գլուխ մ՚ալ սոխ,   հեգնեց Սատանան։

Անշուշտ աններելի սրբապղծութիւն մ՚էր Թոփալ Սատանայի խօսքերը։ Չորս կողմէն վրայ տուին հայդուկները, ու ալ չթողին որ բերանը բանայ։

Ծօ, փռոտ… յանուն հօր եւ հոգւոյն սրբոյ,   երեսը խաչակնքելով շարունակեց Առիւծ Գեւօն, պատմութեան թելը կրկին ձեռքն առնելով. - Մեր Աստուած-ընտրեալ կաթողիկոս Սուրբն Գրիգորիս Լուսաւորիչը…

Թէեւ Թոփալ Սատանան տեղէն բարձրանալով հեգնօրէն ծիծաղելով սաքուէն դուրս եկաւ, բայց Առիւծ Գեւօն մեծ բաւականութեամբ դիտեց շրջապատողները, որոնք իր շրթունքներէն կախուած էին, ու իր գիտցած ձեւով գրերու գիւտը պատմելէն վերջ, Վան քաղաքի դէպքերուն հասաւ։ Երկար ու բարակ պատմեց սայլի կռիւը, դաւաճանի սպանութիւնը։

Ընդհանրապէս Առիւծ Գեւօն այնքան ոգեւորուած կը պատմէր, որ հեւ ի հեւ լսողները ժամանակ իսկ չէին ունենար անդրադառնալու շատ մը մանրամասնութիւններու հակասութիւններուն վրայ։ Բոլորովին Առիւծ Գեւոյի մեղքը չէր, եթէ իր պատմութիւնը լսողները կարծեցին, թէ Դաւոյի սպանութեան մէջ շատ խոշոր բաժին մ՚ունեցած էր, որ գրեթէ գլխաւոր դերակատարն եղած էր Առիւծ Գեւօն։ Եթէ լսողները այդ եզրակացութեան կուգան, ինքն ի՞նչ մեղաւոր է։ Կեանքին մէջ ուրիշի մը անունը չէր շահագործած, իր բերնէն օր մը օրանց սուտ մը չէր լսուած, պատմութեան ընթացքին արժանաւոր տեղը տուած էր Տաճատին, անգամ մը յիշելով անոր անունը։

Էն պատմէ՛, սէլի կռիւը ինչպէ՞ս պատահեցաւ,   հարցուց տարիքը առած հայդուկ մը, որ մէջքը տուած պատին՝ երկիւղած ուշադրութեամբ կը հետեւէր Առիւծ Գեւոյի պատմութեանը։

Հա՛, պատմեմ, մեծ աղբար… եաման կռիւ եղաւ… մէկ ալ աչքս դարձնեմ ու ի՞նչ տեսնամ… Սղգեայի Ջաղտի վրայէն սէլ մը կուգայ, ութ տաս ասկեր… Հէ՜յ, Գեւօ, կ՚ըսեմ, տէ՛, թէ որ մարիֆաթ մ՚ունիս… թֆանքս շտկեցի, պո՛ւմ։ Մէկ ալ ոնց որ աշխարհը իրար խառնուի. չորս կողմէն կարկուտի նման կիւլլէ թափեցաւ։

Երկար, շատ երկար Առիւծ Գեւօն պատմեց դէպքի մասին այնքան կենդանի կերպով, որ լսողները կարծես թէ իրական կռուին ներկայ կը լինէին։

Մինչ Առիւծ Գեւօն իր անսպառ պատմութիւնները կը շարունակէր, թոնրատան մէջ հաւաքուած ընկերները թոնիրի շուրջը հաւաքուած, ապագայ գործունէութեան մասին կը խորհրդակցէին։

Գէորգը գրեց, թէ չի կրնար գալ, որովհետեւ Պիթլիսի Ալայ Բէկը երկու հազար զօրքով մտեր է Կառկառ,   ընկերներուն կը պատմէր Պիծան,   ընդհարում մ՚ալ ունեցեր էր զօրքի հետ Խնձորուտի տակ։ Սարգիսը երկու ընկերներով սարէն իջած կը լինի Խնձորուտի ժողովուրդը գիւղէն լեռ բարձրացնելու համար։ Գիւղացի մը հեռուէն ձայն կուտայ, որ գիւղ իջնան, զօրք չկայ գիւղին մէջ։ Սարգիսն ալ միամիտ կը մօտենայ. բարեբախտաբար, յանկարծ թուփերու մէջ շարժուող կարմիր ֆէսեր կը նկատէ, երբ արդէն գիւղի մօտ հասած կը լինի։ Գլխի կ՚իյնայ, որ թակարդի մէջ կ՚ուզեն ձգել զինքն ու ընկերները։ Անմիջապէս ընկերներուն հետ դիրք բռնելով կը սկսի կրակել։ Զօրքն ալ կը պատասխանէ։ Կռիւը կը սկսի։ Սարգիսը երկու ընկերներով կը կռուի, մինչեւ որ Խնձորուտի ժողովուրդը ապահով կերպով դուրս կուգայ գիւղէն, ու կը բարձրանայ սարը։

Հապա ինչո՞ւ գիւղացին կը պոռայ, թէ զօրք չկայ,   հետաքրքրուած հարցուց Մոկացի Յակոբը։

Պարզ է, որ այդ գիւղացին, անկարող ժամանակին փախչելու, զօրքի ձեռքը կ՚իյնայ, ու անոնց սպառնալիքին տակ, ինչ որ կը թելադրեն իրեն, ինքն ալ կը պոռայ։ Կարեւորը՝ Գէորգի եւ ընկերներուն կատարած աշխատանքն է։ Քանի մը մասի բաժնուած, Կառկառի գիւղերը կը շրջին ու ժողովրդական զէնքերը հաւաքելով լեռներու մէջ որոշ տեղեր կը պահեն։ Զէնքերու տեղերը Սարգիսը, Կարօն եւ Գէորգը միայն գիտեն։ Իսկ Գաւաշի մասին արդէն ըսի, փոքրաթիւ քանակութեամբ զէնք կորսնցուցինք միայն, իսկ մնացածները ապահով թագստոցներու մէջ պահուած են։

Մեր շրջանը, իր կարգին սկսաւ պատմել Մոսօն,   քաղաքին աւելի մօտ գտնուելով՝ չափազանց ազդուած էր քաղաքի անցուդարձերէն։ Յակոբն ու ես, բաժունեցանք իրարմէ։ Ես՝ վերի, ան վարի Հայոց Ձորի շրջանները վերցուցինք։ Կառավարութեան խստութիւնները շատ աւելի զգալի էին մեր շրջանին մէջ, քան ուրիշ որեւէ գաւառ։ Գիւղական պահեստներէն, հարիւր յիսունի չափ զէնք ձեռք անցուց կառավարութիւնը, բայց մէկ մասը տեղական զինուորական խումբերու աջակցութեամբ, կրցանք փրկել ու ապահով վայրերու մէջ թագցնել։ Ներկայիս կայուն վիճակ մ՚ունի Հայոց Ձորը. մեր աշխատանքը չափով մը լրացած է, եթէ նոր բարդութիւններ չպատահին։

Քաղաքի մասին լսեցինք, շրջաններու վիճակն ալ յայտնի է։ Հիմա կարեւորը մեր ապագայ գործունէութեան ուղեգիծը ծրագրելն է,   խօսք առաւ մեր վաղածանօթ Ծուռ Վարդապետը,   այսքան մեծ խմբով չենք կրնար շարժիլ։ Գիւղացիք իրենք իսկ սոված վիճակի մէջ են։ Եթէ երկու օր գիղ մը մնալու լինինք, գիւղին մէջ հացի փշրանք իսկ չի մնար… Պէտք է այդ մասին մտածել…

Բնազդօրէն ներկաներու հայեացքը կեդրոնացաւ Լեւոնի վրայ, որ դէմքի սաստիկ յոգնած արտայայտութեամբ մտիկ կ՚ընէր։

Լա՛, ի՞նչ կը մտածես, Լեւոն,   ընկերոջ ուսը թափահարելով հարցուց Պիծան,   տնաքանդ, կարծես ուշդ ու միտդ ուրիշ տեղ է։

Հա՛, քնէն արթնցողի նման, ինքզինքը թօթուելով պատասխանեց Լեւոնը,   անկասկած որ մեր այս խումբը շատ մեծ է, ատկէ զատ շրջաններն ալ բոլորովին առանց մարդու չենք կրնար ձգել։ Շուտով մայիսը կուգայ, լեռները կը բացուին, մեզ համար շարժիլը կը հեշտանայ։ Կը մտածեմ, որ Պիծան տասնեակ մը տղաներով նորէն վերադառնայ Գաւաշ, Յակոբը մնայ Հայոց Ձորի շրջանը, իսկ մնացածներս Փեսան Դաշտով անցնինք Շատախ։ Սարերը բացուելուն Մոսօն հինգ վեց զինուորներով կ՚ուղարկենք Մոկաց կողմը… Մինչեւ օգոստոս կը մնանք այս կողմերը, յետոյ արդէն կ՚որոշենք թէ ովքե՞ր պիտի անցնին Քաղաք, Ալիւրի եւ Արճակի շրջանները… Հիմակուհիմա մեր գլխաւոր նպատակը պիտի լինի ժողովուրդի տրամադրութիւնը պահել, զէնքերը փրկել, ու աշխատիլ որքան հնարաւոր է, կռիւներէ խուսափիլ…

Ուրեմն, որքան շատ ցրուինք, այնքան լաւ, առաջարկեց վարդապետը, գիւղացիք ալ մեզ հիւրասիրելով ամբարները դատարկեցին… Ա՞յս գիշեր…

Այո՛, թող այդպէս լինի։ Նոր բան մը չունինք խօսելիք, պատասխանեց Պիծան։

Յակոբը, Մոսօն ու վարդապետը հայդուկներու քով գնացին, Պիծան ալ կը պատրաստուէր տեղէն ելլելու, երբ Լեւոնը ընկերոջ թեւէն բռնելով՝ չթողուց որ շարժի։

Պիծա՛, քեզի հետ առանձին խօսելիք ունիմ։

Պիծան այն քանի մը ամիսներու ընթացքին կարծես տարիներով ծերացած լինէր։ Ալեխառն մազերը ալ աւելի սպիտակած էին, դէմքը նոր հերկուող արտի նման, կնճիռներով ակօսուած կ՚երեւէր։ Սարսափելի ձախորդութիւններու լրումը եղած էր Վահէի կախաղան բարձրանալը։ Այդ ցաւը ընկճած էր պողպատէ շինուած Պիծան։ Այդ մարդը, որ յոգնիլ եւ յուսահատիլ չէր գիտեր, այժմ վաստակաբեկ ու ծերացած, բոլորովին ընկճուած կ՚երեւէր։

Է, Լեւոն, խօսէ տեսնեմ,   աւելի մօտենալով ընկերոջը հարցուց Պիծան։

Լեւոնը քանի մը խօսքով պատմեց քաղաքի մէջ ըրած կարգադրութիւնները։ Ըսաւ, թէ Սոնիային յանձնած է կապ պահպանլեու հոգը։

Այդ լուրը այնքան ալ գոհացուցիչ չէր Պիծայի համար, որ մեծ համարում մը չունէր կիներու մասին։ Գլուխը տարակուսանքով շարժեց եւ ուսերը թափ տալով՝ ըսաւ.

Շիտակը, չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն խելօք կարգադրութիւն մ՚է ըրածդ։ Նախ՝ շատ հարցական է անոր կարողութիւնը, մէկ ալ որ չենք գիտեր, թէ որքա՞ն վստահելի է…

Պիծա՛, ես լաւ կը ճանչնամ այդ աղջիկը…

Է՜, եղբայր, հազիւ չորս հինգ անգամ հանդիպեր ես անոր…

Հնէն կը ճանչնամ,   ակամայ կարմրելով պատասխանեց Լեւոնը,   բոլորովին վստահելի եւ գործունեայ աղջիկ մ՚է…

Լա՛ւ, չուզելով այդ հարցի մասին վիճել՝ համաձայնեցաւ Պիծան, մանաւանդ երբ նկատեց Լեւոնի շփոթութիւնը. ուրիշ բան մը ունի՞ս ըսելիք…

Այո՛, ու Լեւոնը շատ կամաց ձայնով Պիծայի ականջին փսփսալէ վերջը հարցուց.

Է, Պիծա՛, ի՞նչ է կարծիքդ…

Վտանգաւոր ձեռնարկ մ՚է… թէեւ իմ խելքս ալ կը պառկի… Եթէ յաջողիս…

Մեր բոլոր ձեռնարկներն ալ վտանգաւոր են,   համաձայնեցաւ Լեւոնը, բայց մէկ մտածէ հետեւանքներու մասին… Ես քաղաքի ընկերներուն պատուիրեցի Կ՚երեւի, տասը տասնեւհինգ օրէն կ՚ուղարկեն քեզ, անմիջապէս ինձ հասցնես…

Այդ գիշեր, մութը իյնալուն, Պիծան իր տասնեակով մեկնեցաւ Գաւաշ, իսկ Մոկացի Յակոբը ուրիշ տասնեակով մը դէպի Հայոց Ձոր։ Վարդապետը մնաց Լեւոնի մօտ։

Ընկերները ճամբելէ վերջ միայն, Լեւոնը մնացած հայդուկները գիւղէն քիչ մը հեռու, կալերու մօտ հաւաքեց։ Տասնեակներուն խմբապետ նշանակուեցան Առիւծ Գեւօն, Մոսօն եւ Վարդապետը։ Հակառակ Գեւոյի եւ Թոփալ Սատանայի անվերջ կռիւներուն, այս երկուքը անբաժան էին իրարմէ։

Առիւծ Գեւօն իր տասնեակի գլուխը անցած, պատրաստ կը սպասէր առաջ շարժուելու, երբ Թոփալ Սատանայի հեգնական հայեացքը դիպաւ աչքին։

Ծօ՛, ես քու հոգին պիտի հանեմ,   կամացուկ մ շշնջաց Առիւծ Գեւօն,   կռապա՛շտ, ես տասնապետ եմ հիմա, քու մեծաւորդ, դուն հասարակ զինուոր, խելօք կեցիր Թոփալ, վալլահ աչքդ տեղէն կը հանեմ… Հա՛, չանթաս շալկէ տեսնամ. ծօ, որ ուզեմ, զէնքերս ալ շալակդ կուտամ. հէ՜յ, հէ՜յ, ինծի Առիւծ Գեւօ կ՚ըսեն, ընկեր մնկեր չեմ գիտնար, մէկ խօսքս երկուք չպիտի եղնի։

Քե՞զ ալ շալկած Արտոս պիտի հանեմ, հը՞,   ծիծաղեց Թոփալ Սատանան։

Որ ուզեմ։

Քաֆթարացեր ես արդէն, դաշտի մէջ իսկ տքտքալով կը քալեց։

Ծօ՛, ձէնդ… մեծ կոտորածի տարին…

Հա՛, հա քառասուն տարի առաջ։

Ծօ, անիրաւ։

Սո՛ւս, պարոն Լեւոնը մեր կողմը կուգայ։

Լեւոնը տասնեակները աչքէ անցուց, Քերձ գիւղացի Արշակը եւ Սպիտակ վանքեցի երիտասարդ վալադ մը հետը առած, առաջ ինկաւ։ Տասնեակները որոշ հեռաւորութեան վրայ սկսան հետեւիլ անոր, Արտոսի թեք փէշն ի վեր բարձրանալով։ Ճանապարհը այնքան ուղղաձիգ էր որ շուտով դժուարութեամբ սկսան քայլ փոխել։

Տասնեակներու հայդուկները հետզհետէ սկսան ետ մնալ, կարգը խանգարուեցաւ, քչեր միայն կրցան Լեւոնի ու վալադներու ետեւէն հասնիլ։ Մեծամասնութիւնը ձգուած շղթայի նման իրարու կը հետեւէին, ով ինչպէս որ կրնար։

Մեր բարեկամ Առիւծ Գեւօն հերոսական ճիգ կը թափէր տասնեակի գլուխը մնալու, թէեւ յոգնաբեկ քայլերը դժուարութեամբ կը շարժէին։ Վայրկեան մը կանգ առաւ Թոփալ Սատանայի կշտին։

Ախ, ծօ, հալ չմնաց վրաս,   գանգատեցաւ Առիւծ Գեւօն, բերանը բաց, ծանր ծանր շնչելով,   Աստուած պելան տայ Արտոսին, կ՚ելլես կ՚ելլես չի հատնիր… Պարոն Լեւոնն ալ ետեւը չի նայիր, մէկ մը չի հարցներ, թէ մենք ի՞նչ հալի ենք։ Անիրաւը արշինաչափ ոտքերը բացած՝ կը վազէ, կարծես հարսանիք կայ։ Ծունկերս ճաթեցան Թոփալ, քեզի պէս ընկեր չկայ, հազարի մէջ մէկ հատիկ ես… Քիչ մը տեղ չանթաս ու փամփուշտակալներուս մէկ կապը վերցուր, շունչ չեմ կրնար քաշել… Վալլահի պիտի խեղդուիմ…

Ես ալ յոգնած եմ, չեմ կրնար,   մերժեց Թոփալ Սատանան հեգնօրէն ծիծաղելով,   Հը՞, Գեւօ՛, էն ինչպէ՞ս թէ՝ Լուսաւորիչն էր հայոց գրերը գտնողը…

Ծօ, ատե՞նը գտար կատակ ընելու… Աղբօրս ըսեմ… էսպէս նեղ սհաթին, ընկեր ընկերոջ որ չօգնէ… Թոփալ, հիչ չէ նէ՝ չանթաս վերցուր ոտքերս չեմ կրնար շարժել։

Աստուածընտրեալ Գրիգորիս Լուսաւորիչն էր մեր գրերը գտնողը, չէ՞, Մեսրոպէն սուրբ չի լինիր… հը՞։ Հիմա ի՞նչ կ՚ըսես, Գեւօ ջան, սարի գագաթը դեռ շատ հեռու է, երկու ժամ մ՚ալ պիտի բարձրանանք…

Ծօ, բերանս բանալ մի տար, հիմա ըսի գիր շինողին ալ, կարդացողին ալ։ Անաստուած, մէջքս երկու կտոր եղաւ…

Չէ՛, պիտի ըսես որ Սուրբ Մեսրոպն էր մեր գրերը գտնողը։

Ծօ, անօրէն, ծօ կռապաշտ, քու խօսքդ թող եղնի, տէ, չանթաս վերցուր։

Չէ՛, բերնովդ պիտի խոստովանիս։

Ծօ, շուն շան որդի, երնէկ սատկիս, քառսուն օր սուգդ պահեմ, չորս մատ մօրուք ձգեմ, անօրէն կռապաշտ, թող խօսքդ եղնի,   եւ Առիւծ Գեւօն ձայնը ցածցնելով, որ միւս հայդուկները չլսեն, քթին տակէն քրթմնջաց. Սուրբ Մեսրոպը գտաւ այբ, բեն, գիմը, երնէկ չգտնար, զիս ալ էս փորձանքին մէջ չձգէր։ Է՞հ, հիմա պորտդ տեղը ինկա՞ւ, աւազակ… ա՛ռ չանթաս… Էօ՜ֆ, կարծես սար մը վերցուցին շալակէս… վալլահ, մէկ հատիկ ընկեր մ՚ես, Թոփալ… նմա՛նդ չկայ, ատոր համալ ալ քեզի աչքիս լուսին պէս կը սիրեմ։

----

Լեւոնն ու վալադները կանգ առած էին, որպէսզի ցրուած խումբը հաւաքուի։

Տասը րոպէի չափ հանգստանալէ վերջ, Լեւոնն ու երկու վալադները առաջ ինկան։ Խումբն հետեւեցաւ անոնց, ծանր ծանր բարձրանալով։

Հայդուկային խմբերը, հանդիպումներէ խուսափելու համար, որքան որ հնարաւոր էր, սովորական ճանապարհներով չէին երթեւեկեր։ Ընդհանրապէս կ՚ընտրէին դժուարանցանելի ուղղութիւն մը, վստահ որ պատահական ճամբորդի մը չէին հանդիպելու։ Եթէ դաշտային վայրերու մէջ ճամբաներէ խոտորումը դեռ մասամբ տանելի էր, սակայն լեռնային շրջաններու մէջ այդ խոտորումը կատարեալ դժոխք մը կը դառնար հայդուկներու համար, որոնք ստիպուած էին երբեմն տասը հազար ոտքէ աւելի բարձրութիւն ունեցող սարեր բարձրանալ՝ ծանրաբեռնուած զէնքերով, փամփուշտակալներով, չանթայով, երբեմն ալ ուտեստի պաշարով։

Սպիտակ Վանքէն Փեսան Դաշտ գնացող սովորական ճանապարհը Ոստանի մէջէն կ՚անցնէր, ու բարձրանալով Արտոսի համեմատաբար ցած լեռնանցքէն, որ Բարադօտիկ կը կոչուի, կ՚իջնար Փեսան Դաշտի Կաղազիզ գիւղը։ Դժբախտաբար խումբը չէր կրնար օգտուիլ այդ համեմատաբար դիւրին ճանապարհէն, այլ ստիպուած պիտի բարձրանար Արտոսի դժուարակոխ փէշով դէպի լայնանիստ գագաթը, մօտաւորապէս տասնեւմէկ հազար ոտք բարձրութեամբ։

Բազմաթիւ ձորերով ակօսուած Արտոսը, հսկայ պահակի նման, բարձրացած է Վանայ ծովակի հարաւային ափին, փոթփոթած ճակատը ձիւնի տակ ծածկուած։ Ձորերը, հեղեղատներու խոռոչները ձիւնով լեցուած էին։ Տղաք դանդաղօրէն կը շարժէին։ Ոչ մէկու վրայ կարողութիւն մնացած էր, երկու տեղ թէեւ հանգստացած, բայց նորէն հազիւ հազ կերպ մը կը շարժէին։ Միայն Լեւոնն ու Մոխրաբերդցի Յովհաննէսը, որ ծանօթ էր Մազոտ Արջ անունով, աշխուժով կը բարձրանային՝ դեռ մէկ երկուքի հրացաններն ալ շալկած։

Քանդուած շղթայի նման խումբը երկարած էր։ Աւելորդ էր ըսել, որ մեր բարեկամ Առիւծ Գեւօն, փոխանակ իր տասնեակի առջեւէն քալելու, ինչպէս որ կարգն էր, խմբի ետեւէն կը քալէր։ Հազիւ հազ ծանրացած ոտքերը կը քաշկրտէր մեր բարեկամը, տքալով, հայհոյելով, տրտնջալով ամէն բանի համար ու ամէնուն դէմ։

Երկար շունչ մը քաշեցին հայդուկները, երբ Լեւոնը հանգստանալու նշանը տուաւ։ Տղաք, ձիւնով լեցուած ձորի մը մէջ իրարու վրայ թափեցան։ Այդ ձորէն վեր, ձիւնի միապաղաղ հաստ շերտը մինչեւ սարի գագաթը կը հասնէր։ Խմբի համար, հանգստանալու նստիլն ալ իր կարգին ուրիշ ձեւի տառապանք մ՚էր։ Արիւն քրտինքի մէջ կորած հայդուկները հազիւ թէ մէկ երկու րոպէ անցած՝ սառեցան այդ բարձունքի վրայ տիրող ցրտէն. ներքնաշորերը տախտակի կարծրութիւն ստացան։ Ոչ կրնային շարունակել վերելքը եւ ոչ ալ նստած մնալ։

Հէյ տղաք,   ձայն տուաւ Քերձեցի Արշակը,   կէօնտ մը դառնանք…

Չէ, մի՛, զուռնայ, բարկացաւ Սալտաթը, որ արագիլի նման կը կափկափէր ատամները իրարու զարնելով,   ա՜յ մէրդ չմեռնի, Հայաստան, էլ բան չէ՞ս գտեր, էս աժդահա սարերն ես շարել քիթ քթի… Մէկ հարցնող լինի թէ՝ ինչի՞ համար… Հալա դրախտն էլ տեղ չեն գտեր տանելու՝ բերել են էս տնաքանդ երկիրը… Ոտքերս սառեցան, ախ թէ թոնիր մը գտնուէր…

Ինչպէ՞ս չէ, մէկ էլ եռացող սամավար, հալուա ու գաթա, տաքուկ անկողին,   հեգնեց Մոսօն՝ կառապաններու նման թեւերը խաչաձեւ զարնելով իրանին- զօռ ցուրտ է… Հը՞, ի՞նչ հալի ես, մեծ ախպեր…

Առիւծ Գեւօն բարկութեամբ գլուխը անդին դարձուց։ Կենդանութիւն չէր մնացած վրան, հալա քէֆդ կը հարցնէին։ Սեղմուած անբաժանելի Թոփալ Սատանայի եւ Մազոտ Արջի արանքը՝ կը փորձէր տաքնալ, եթէ կարելի էր տաքնալ սառեցնող քամիի դէմ նստած։ Խմբի տարէց հայդուկն էր մեր Գեւօն։ Իր ըսելով նոր երեսունինը վերջացուցած ու քառասունը մտած։ Գեւօն ընդհանրապէս տարիքի մասին չէր խօսեր ու սաստիկ կը բարկանար, երբ հին ընկերները կը պնդէին, որ տասը տարիէ ի վեր Գեւօն քառասունի վրայ խարսխած մնացեր է։

Էսպէս չի լինի,   տղաք,   տեղէն բարձրանալով կանչեց Արշակը, - վալլահ, բոլորս ալ պիտի սառինք, եկէք կէօնտ մը բռնենք։

Կէօնտ բռնենք, կէօնտ բռնենք,   ձայն ձայնի տուին հայդուկները ու հրացանները ձգելով կիսաշրջան մը կազմած կարծրացած ձիւնի վրայ, սկսան երգել.


Արի գինանք սարն ու սէյրան,
Մաքրուհի ջան, Մաքրուհի…

Հետզհետէ պարը տաքցաւ։ Բոլոր հայդուկները, նոյնիսկ Առիւծ Գեւօն ալ տքտքալով պարի մէջ մտաւ։ Իսկ երբ սկսան քոչարի պարել, աշխոյժ շուրջ պար մը. այլեւս յոգնութիւնն ու ցուրտը մոռցան։ Կուշտ կուշտի սեղմուած, համաչափ շարժումներով ոտքերնին սառոյցին կը զարնէին։

Տղաք, շարժինք, դեռ շատ ճամբայ ունինք երթալիք,   ձայն տուաւ Լեւոնը՝ նստած տեղէն բարձրանալով։

Վերջապէս Արտոսի գագաթը հասան, ուր արեւելեան քամին ձիւնը լիզելով՝ կողքերնէն կը ծեծէր հայդուկները հազարաւոր ասեղներու նման ծակծկելով զանոնք։ Բայց ճանապարհի դժուարին մասը անցած էին։ Վայրէջքը շատ աւելի հեշտ էր։ Սառած ձիւնի վրայէն գլտորելով, իյնալ ելնալով խումբը հեշտօրէն դէպի Փեսան Դաշտ կ՚իջնար։

Պարզ է, որ ժամանակին չպիտի կրնային հասնիլ Կաղազիզ. վերելքը երկար տեւած էր։ Դեռ բաւական ճանապարհ կար կտրելիք. երբ լուսաստղը շքեղօրէն սկսաւ բարձրանալ, տաք թոնիրի մը շուրջը բոլորուելու հայդուկներու յոյսը օդը հանելով։ Ճարահատ, ցերեկն ալ դուրսը պիտի մնային։

Հը, Արշակ, - Լեւնը հարցական նայեցաւ քովէն քալող վալատին,   ի՞նչ կ՚ըսեն։

Վալլահ, պարոն Լեւոն, մինչեւ գիւղ չենք հասնիր, լուսը բացուելու մօտ է…

Իսկ որտե՞ղ կրնանք սդրուել։

Լճակի մօտ շատ յարմար է, եթէ միայն հասնինք։

Տէ, տղաք, ձեզ մատաղ, ձայն տուաւ Լեւոնը,   քայլերնիդ պնդացուցէք, շատ ճամբայ չմնաց… հիմա լուսը կը բացուի…

Պէտք էր թեւ առնել։ Յոգնած, ուժասպառ հայդուկը պէտք է քալէ ու քալէ կրնկակոխ արագութեամբ, տեղ հասնելու համար։ Տղաք իրարու ձայն տուին, արճիճի ծանրութիւն ստացած ոտքերը արագօրէն սկսան փոխուիլ։ Եթէ գիւղ չէին հասնելու՝ գէթ լիճը պէտք է հասնէին, ուրիշ տեղ չկար ցերեկը անցընելու համար։

Լոյսը կարգին բացուած էր, երբ խումբը հասաւ լճակի մօտ։ Թէեւ Ոստանի ճանապարհը շատ մօտէն կ՚անցնէր, բայց լճակը, երեք կողմէն բարձրութիւններով շրջապատուած, ոչ գիւղէն ու ոչ ալ ճանապարհէն կ՚երեւէր։ Յարմար չոր գետին մը գտնալով, հայդուկները իրարու վրայ թափուեցան, մինչ քիչ մը հեռուն, բարձրութեան մը վրայ նշանակուած պահակը քարի մը տակ մտած, կը հսկէր։ Հայդուկները, խումբերու բաժնուած, սկսան իրարու ձեռքէ խլղտելով՝ վայելել չանթաներուն մէջ մնացած հացի փշրանքները։

Կռուի միջոցին հայդուկը դաժան զինուոր մ՚է, պարտաճանաչ ու կարգապահ։ Ճանապարհի վրայ, հայդուկը համբերատար ջորի մ՚է. որքան ալ որ ծանր բեռ մը դրուի ուսին, մտքէն իսկ չ՚անցըներ դժգոհիլ, բողոքել։ Բայց երբ հանգստի ժամանակ է, երբ ոչ ճանապարհ ունի երթալիք ու ոչ ալ կռիւ, այդ պահուն հայդուկը մազով մօրուքով երեխայ մ՚է, կատակասէր, անհանդարտ, երեխայական լինելու աստիճան կռուըտող։ Այս հոգեբանական վիճակը ընդհանուր երեւոյթ մ՚էր հայդուկային կեանքի մէջ։ Թէկուզ շատ լուրջ համարուած հայդուկներ, քառասուն յիսուն տարեկան, զաւակներու թոռներու տէր, հանգստի ժամանակ իրենք զիրենք այնպէս կը պահէին, ինչպէս արձակուրդ  ստացած դպրոցական պատանիները։ Այդ պահերուն մեծ ու պզտիկ չկար, ամէնքը իրարու հաւասար էին։

Լեւոնը բնաւորութեամբ սառը, եւ ոչ հաղորդական, հայդուկներէն մեկուսացած կը մնար, մինչդեռ նոյն պայմաններու մէջ, Գէորգը, Պիծան, բայց մանաւանդ Վահէն, երբ դեռ կենդանի էր, կ՚ապրէին հարազատ հայդուկի հոգեբանութեամբ։ Այս պատճառով ալ հայդուկներու եւ Լեւոնի միջեւ աներեւոյթ պատ մը կար. ան չէր սիրուեր այնպէս, ինչպէս իր ընկերները, թէեւ անոր հանդէպ խոր յարգանք մը կար, ու անսահման վստահութիւն։ Լեւոնի հրահանգը րոպէապէս կը կատարուէր։ Հայդուկները գիտէին որ ան խիստ է պահանջկոտ ու անխնայ, բայց միաժամանակ բացարձակ վստահութիւն ունէին անոր կարողութեան եւ ղեկավարութեան վրայ։ Գիտէին, որ այդ քարէ շինուած պաղ մարդը, որ հազիւ երբեմն կը ժպտար, զարմանալի հոգատարութիւն մ՚ունէր հայդուկի նկատմամբ, ամենայետին շալակաւորի մը համար պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու։ Հայդուկներու այս գիտակցութիւնն էր պատճառը՝ Լեւոնի մեծ հեղինակութեան եւ ազդեցութեան։

Մինչ խմբի հայդուկները, առիւծ Գեւոյի շուրջը հաւաքուած, ուշադրութեամբ կը հետեւէին անոր անվերջանալի պատմութիւններուն, Լեւոնը վալադի ու Քերձեցի Արշակի հետ կը խորհրդակցէր, խումբէն քիչ մը հեռուն նստած։

Մութը լաւ մը կոխելուն կը մտնանք Կաղազիզ,   կ՚ըսէր Արշակը,   արդէն քանի մը քայլի ճամբայ մնցած է…

Այո՛, բայց տղաքը ուտելու հաց չունին։

Մէկերնիս երթալու է գիւղը։

Ճիշդ այդ կը մտածէի… դու զէնքերդ վար դիր ու գնա գիւղ։ Եթէ գիւղին մէջ զօրք կամ քիւրտ չկայ, գործադիրին կ՚իմացնես մեր մասին. թո՛ղ իրիկուան համար տեղ պատրաստեն, քիչ մ՚ալ հաց ճամբեն ցերեկուան համար։

Արշակը զինաթափ եղած գիւղ գնաց, որ հազիւ երեք քառորդ ժամու հեռաւորութիւն ունէր։

Արեւը բարձրացաւ։ Նոր միայն հայդուկները, արեւի ճառագայթներէն տաքացած, երկնցան հանգստանալու։ Կէս օրուան մօտ, գիւղէն շալակաւոր երկու կիներ եկան տղայոց մօտ։

Վեր մեր աչաց, վեր մեր գլխին,   մօտենալով ըսաւ կիներէն տարէցը, մինչ ընկերը, ճահիլ հարս մը լաչակով ծածկած ճակատն ու բերանը, ինչպէս որ կարգն էր, ուսէն վար բերաւ ահագին ծրար մը։

Էս լէ ձի համար, ես քօռնամ անօթի կ՚եղնիք,   ծրարը բանալով կը խօսէր պառաւը,   թազա հաց, ժաժիկ, ձաւարէ փլաւ… Ձե ոտաց մեռնեմ, ազգութեան մարդ էք…

Մարէ, շնորհակալ ենք… գիւղին մէջ ասկեր, քիւրտ կա՞յ, - հարցուց Լեւոնը։

Կրողը տանի էտ շները, քէօքերնին չորնայ, չէ, պալամ, դրսէն մարդ չկայ, մենք գիւղ գիւղական… Որ մթնի, մեր ճահիլներ քեօ կուշտ պիտի գիան… մեծաւորը դո՞ւն ես… վախ քօռանամ, մեր ճահիլ ճիվան պարոն Վահէն… թուրքի տունը քանդուի… աշխարհի ղազէպն ի…

Այդ երեկոյ, մթնելէն վերջ, Արշակի հետ Կաղազիզէն եկող երիտասարդներու ընկերակցութեամբ խումբը մտաւ գիւղը եւ տեղաւորուեցաւ գիւղի ծայրը գտնուող տան մը մէջ։ Մինչ Լեւոնը տեղական Գործադիրի անդամներուն հետ ժողով կ՚ունենար թոնրատան մէջ, մեր Առիւծ Գեւօն, գիւղի երիտասարդները չորս բոլորը հաւաքած, Վանայ կռիւներէն կը պատմէր, դաւաճան Դաւոյի տեռօրէն, իր կատարած քաջագործութիւններէն։ Աւելորդ է ըսել, թէ գիւղացիք երկիւղած լռութեամբ մտիկ կ՚ընէին, առանց բառ մը մը կորսնցնելու։ Առիւծ Գեւոյի քէֆին քէֆ չէր հասներ։ Պատմութիւնները լրացնելով, բոլորովին անխռով ձեւով մը, ըսաւ գիւղացի երիտասարդներուն։

Տօ էս ձեր սարը…   համմա ցուրտ էր երէկ գիշեր, տղաներէն շատեր սառեցան։ Տղերք, կ՚ըսեմ, ոտք վերցուցէք, շուտով տեղ հասնինք, ախպօրս ըսեմ, որո՞ւ կ՚ըսես, տղոց վրայ հալ չէր մնացեր… էհ, հապա Հայաստան ազատելը հե՞շտ կարծեցիք… Եա, զօռ է… Ամէն մարդ հայդուկ չի կրնար լինել… Էհ, ինծի մի նայէք, իմ ոսկորներս եփեր են այս ճամբաներու վրայ… Արտոս է եղեր, Սիփան է եղեր, Մասիս է եղեր, էտ բոլորը մէկ հաշիւ է ինծի համար… Հա, Մասիսի գագաթը, հա դուրուն դաշտ…

Թոփալ Սատանան քթի տակէն մեղմօրէն կը ժպտար՝ յիշելով՝ Առիւծ Գեւոյի առջի գիշերուան խեղճացած վիճակը։

-----

Երկու օր մնալով Կաղազիզի մէջ, Լեւոնը խմբով անցաւ Յառեղ գիւղը։

Փեսան Դաշտի փոքր տարածութեան վրայ իրարու կշտի իննը գիւղեր կամ։ Ատոնցմէ եօթը հատը զուտ հայաբնակ են, իսկ Վերին ու Ներքին Դարենցները քրտախառն բնակչութեամբ։

Լեւոնի խումբը երկու շաբաթ մնաց այդ շրջանին մէջ, այցելելով հայաբնակ գիւղերը, ամէն գիւղի մէջ ալ  հանդիպելով սրտբաց ընդունելութեան։

Լեռնական պարզ ժողովուրդ մ՚է Փեսան Դաշտի հայը, նահապետական վար ու բարքով, անփոփոխելի սովորութիւններով, որոնք դարերու անցեալ ունին։ Շրջապատուած բարձրաբերձ սարերով, բնականաբար տեղացի ժողովուրդի տնտեսութեան մէջ անասնաբուծութիւնն ալ կարեւոր տեղ մը կը բռնէր։ Երբ յունիս ամսուն, հարաւէն ու շրջակայ գաւառներէն քրտերը կը բարձրանային սարերը, հայերն ալ իրենց հօտերով կ՚երթային եայլախ։ Վաչկատուն քրտերու հետ ամենօրեայ շփումը, իրենց սեփականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը բանականօրէն առաջացուցած էին իրենց մէջ մասնաւոր սէր մը դէպի զէնքը, որու միջոցով միայն կրնային պաշտպանուիլ ալան թալանի սովոր քրտերու յարձակումներէն, որոնք սովորական երեւոյթներ էին։ Փեսան Դաշտեցիները, թերեւս ուրիշ շրջաններու ժողովուրդէն աւելի կրցած էին գնահատել զէնքը, անոր անհրաժեշտութիւնը խաղաղ կեանք մը ապրելու համար։ Ու այդ էր պատճառը, որ կառավարութեան խիստ խուզարկութիւններու ատեն, խնամքով թագցուցած էին իրենց ունեցած զէնքերը, քանի մը կոտրտած չախմախլի հրացաններ միայն յանձնելով խուզարկող պաշտօնեաներուն։

Մայիսի սկիզբի օրերն էին, երբ ձիւնը կամաց կամաց սարերու գագաթը կը բարձրանայ։ Լեւոնը Փեսան Դաշտի Նառ գիւղէն անցաւ Սիւտկին, որտեղէն կը սկսի Շատախի ընդարձակ շրջանը, ու կ՚երկարի մինչեւ Արմըշատ, Տիգրիսի ափին ինկած հայկական գիւղը։ Գիւղէ գիւղ թափառելով, խումբը մայիս ամիսը անցուց Շատախի շրջանին մէջ։

Յունիսի սկզբնական օրերէն սկսած, հարաւէն եկող քոչուոր քրտերը երեւցան Տիգրիս գետի հարաւային ափերուն։ Անոնք հազարաւոր ոչխարներ քշելով, հանդարտօրէն կը մօտենային Խլկտունի եւ Արմաշատի կամուրջներուն, որոնք գլխաւոր անցքերն էին Տիգրիսի։

Յունիսի տասնէն սկսած, քոչուորները սկսան բարձրանալ Առնոսի լեռնաշղթան ու ցրուեցան մինչեւ վերի ծայրը, հասնելով մինչեւ Արտոս եւ Եղիրով լեռնաշղթան, ու Գաւաշն ու Հայոց Ձորը կը բաժնէ Շատախէն եւ Մոկսէն։

Յունիսի կէսին Լեւոնն ու իր ընկերները կը գտնուէին Շատախի Թաղէն երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բոլս զուտ հայաբնակ գիւղը։

Երկու օր այդ գիւղին մէջ հանգստանալէ յետոյ, Մոսօն տասնեակով մը գնաց Մոկսի շրջանը, իսկ Լեւոնը կը պատրաստուէր մնացած երկու տասնեակով դէպի Ծիծանց անցնիլ, երբ Փեսան Դաշտի Կարատեր գիւղէն սուրհանդակ մը եւ երեք շալակաւորներ հասան։ Սուրհանդակներ հասան ճիշդ այն ժամանակ, երբ խումբը ճամբայ պիտի ելնէր։

Պիծայէն ստացուած նամակը կարդալով, յայտնապէս ուրախացաւ Լեւոնը եւ կարգադրեց օր մ՚ալ սպասել Բոլսի մէջ։ Կարատերէն եկած շալակաւորներն ու սուրհանդակը իրենց շալկի ծրարները յանձնելով վերադարձան։ Ախոռի մէջ մնացին հայդուկներն ու տեղացի երիտասարդներէն ոմանք։

Տեսնես, ի՜նչ կայ այդ կապոցներուն մէջ,   Առիւծ Գեւոյին մօտենալով փսփսաց Թոփալ Սատանան, աչքը տնկած կապոցներուն վրայ,   Հը՞, Գեւօ, ի՞նչ կայ էդոնց մէջ, զէնքի չի նմանիր…

Հալուայ ու գաթա,   քթի տակէն խնդալով պատասխանեց մեր բարեկամը, բոլորովին անտարբեր ձեւ մը առած, թէեւ ըներոջմէն ալ աւելի կը հետաքրքրուէր ծրարներու բովանդակութեամբ։

Սագօ՛- կարգադրեց Լեւոնը,   ծրարները տար թոնրատուն, Մարէին պահ տուր։

Գործոթի Մղսիի տղան, մեր վաղածանօթ Սագօն, երկու ընկերներով վերցուց ծրարները, որոնք հակառակ մեծ լինելնուն՝ շատ ալ ծանր չէին ու մեկնեցան ախոռի սաքուէն, ուր հաւաքուած էին հայդուկները։

Վարդապետն ու Լեւոնը, սաքուի բուխերիկի մօտ իրարու կշտի նստած, ցած ձայնով կը խորհրդակցէին։

Ուրեմն, խօսքը վերջացուց Լեւոնը,   կ՚անցնիս Ծիծանցի վրայով Յինենց, կը մնաս այդ շրջանին մէջ մինչեւ վերադարձս։ Ութը զինուոր կը վերցնես հետդ… Այդքանը բաւական է։ եթէ պէտք ունենաս, տեղական կամաւորներով կրնաս խումբդ մեծցնել։

Իսկ դու քանի՞ օրէն կը վերադառնաս,   հարցուց վարդապետը. եւ որո՞նք վերցնեմ հետս։

Ես տասը տասնեւհինգ օրէն կը վերադառնամ, շատ շատ քսան օրէն, իսկ հայդուկներէն վերցուր Սագօն, Մկօն, վստահելի տղաք են, եւ ուրիշ տղաներ, որոնք որ կ՚ուզես։

Շատ լաւ, ուրեմն մենք ճամբայ ելնենք, հազիւ թէ լուսը բացուելէն առաջ Ծիծանց հասնինք։

Այո՛, բայց կը հասկնաս, վարդապետ, ոչ մէկ խօսք, նոյնիսկ զինուորները չպիտի իմանան։

Օ՜, անշուշտ,   ու Ծուռ վարդապետը ոտքի ելնելով՝ իր ընկերները ջոկեց։

Տասը րոպէ վերջ տեղացի վալադի մը առաջնորդութեամբ վարդապետը իր խումբով ճամաբայ կ՚ելնէր դէպի Ծիծանց։

Գեւօ, բան մը կը հասկնա՞ս անցած դարձածէն, հարցուց Թոփալ Սատանան,   իմ խելքս բան մը չի կտրեր։ Քիչ մը առաջ բոլորս միասին ճամբայ պիտի ելնէինք, ինչո՞ւ վարդապետը զատուեցաւ մեզմէ… Այդ կապոցներն ալ, զէնք է ըսեմ՝ զէնք չէ… Գեւօ, բաներ մը կ՚անցնին կը դառնան։

Հըմ, հէլպէթտէ, - ձայնին առանձին խորհրդաւորութիւն մը տալով ըսաւ Առիւծ Գեւօն, որ նոյնքան անգիտակ էր որքան ընկերը, բաներ մը կը դառնան մեր շուրջը, վաղը մէկէլ օր… մեծ բաներ, մեծ բաներ… Հասկցա՞ր, Թոփալ… մարդու բան չըսես…

Հա, ինչպէ՜ս չէ, հասկնալը հասկցայ, մեծ ախպեր, վաղը մէկէլ օր… խե՞նթ եմ որ բերանս բանամ…— ու կարծես նոր անդարդառնալով որ իր հասկցածդ այնքան անորոշ էր որքան Գեւոյի խօսքերը, կամաց մը ընկերոջ թեւէն քաշեց.

Հը՞, ծօ՛։

Եանի վաղը մէկէլ օր, ի՞նչ,   կզակը քորելով հարցուց Թոփալը։

Ծօ, սուս, մարդ չլսէ…

Թոփալ Սատանան պարտաւոր էր ընկերոջ այդ պերճախօս բացատրութեամբ գոհանալ, թէեւ ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր թէ ի՞նչ գաղտնիք էր որ մէկու մը չպտիի ըսէր։ Ըսենք, միայն մեր երկու բարեկամները չէին որ այդ երեկոյեան անցուդարձով հետաքրքրուած էին, այլ եւ խմբի բոլոր հայդուկները, որոնք զանազան ենթադրութիւններ կ՚ընէին, առանց հաստատ բան մը գիտնալու։

Ձաւարէ փլաւով ու մածունով կուշտ ու կուռ ընթրիք մը ընելէ վերջ, հայդուկները երկնցան սաքուի թաղիքներուն վրայ։ Լեւոնը մինչեւ ուշ ատեն գրելով զբաղած էր, մինչ ընկերները, բացի պահակէն, անխռով կը քնանային։ Մէկ երկու անգամ ժամացոյցը նայեցաւ, վերջապէս տետրակները հաւաքելով չանթային մէջ, կամաց մը Գեւոյի ուսը շարժեց.

Գեւօ, արթնցիր, Գեւօ։

Հը՞, ի՞նչ կայ,   թեւերը պարզած եւ յօրանջելով հարցուց Գեւօն։

Տղաքը արթնցուր, ճամբայ պիտի ելնենք։

Հէ՜յ տղաք,   աջ ու ձախ տուաւ Առիւծ Գեւօն, ուժեղ աքացի մ՚ալ Սալտաթի նստատեղիին բաժին հանելով,   ելէք, տղաք, ելէք պատրաստուեցէք… Ծօ՛, շոշորդ, չանթադ վերցուր… Ծօ՛, պոզ էշ, իւղամանդ ինկաւ…

Հայդուկները քնաթաթախ ոտքի ցատկեցին՝ զարմացած իրարու նայելով։ Կէս գիշեր կը լինէր, ալ ի՞նչ ճամբայ ելնել էր, իսկ եթէ տեղ պիտի երթային, ինչո՞ւ սովորականին պէս արեւը մարը մտնելուն ճամբայ չէին ելած։

Գեւօ՛, Աբրոյի հետ կապոցները տարէք Գործադիրի մարագը,   կարգադրեց Լեւոնը,   ինքը մարագի առջեւ ձեզ կը սպասէ։ Գեղամէջէն առանց աղմուկի անցէք, մարդ չնկատած ձեր երթալը…

Գեւօն ու Աբրօն թոնրատունէն կապոցները շալկելով՝ շուտով կալերը հասան, ուր մարագի մը առջեւ նստած՝ իրենց կը սպասէր երիտասարդ մը, Բոլս գիւղի Գործադիրը, կամ ինչպէս գիւղացիք կը կոչէին՝ Կոմիտէն։ Հազիւ թէ մարագը մտած ու քանի մը րոպէ նստած էին, երբ Լեւոնն ու խմբի մնացորդը ներս մտան։ Մոմպատի աղօտ լոյսը հազիւ կը լուսաւորէր փոքր մարագը։

Տղաք, հանուեցէք,   հրամայեց Լեւոնը ու առանց այլեւայլի ինքն սկսաւ փամփուշտակալները քանդելով զգեստները հանել։

Հայդուկները հազիւ խնդուքնին բռնած՝ հետեւեցան Լեւոնի օրինակին, առանց հասկնալու թէ ինչո՞ւ համար պիտի հանուէին։ Կային շատեր, որոնք երեք ամիսէ աւելի էր՝ ինչ բաճկոննին չէին հանած վրաներէն։

Գեւօ, կապոցները քանդէ…

Առիւծ Գեւօն Գործադիրի օգնութեամբ սկսաւ կապոցները բանալ։ Առաջին կապոցը բացուելուն, մեր Գեւօն զարմանքէն աչքերը չռած՝ դարձաւ Լեւոնին.

Էսո՜նք… պարոն Լեւոն, էսոնք…

Հա, Գեւօ, պիտի հագնիք… ջոկեցէք ձեզ յարմարները… ատոնց մէջ հատ մը ոսկեզօծ երիզով պիտի լինի… Հա, էդ… ինձ տուր… շուտ շարժեցէք…

Կապոցներու մէջէն դուրս թափեցաւ թուրք զինուորներու յատուկ համազգեստներ, ծոպաւոր ֆէսեր։ Հայդուկները հռհռալով վրայ ինկան։ Անոնցմէ մեծագոյն մասը կեանքերնուն մէջ տաբատ ու բաճկոն չէին հագած։ Լեւոնը արագօրէն սպայի համազգեստը հագած՝ կ՚օգնէր անճարակներուն։ Մեր Առիւծ Գեւօն կեցած տեղը սառած մնացեր էր։

Գեւօ, չհագուի՞ս,   կողը մխթելով ըսաւ Սալտաթը,   մէրդ չմեռնի, թուրք ասկեր ալ պիտի լինիս եղեր…

Գեւօն բարկութեամբ աչքերը ոլորեց Սալտաթի վրայ ու սգաւորի նման, դէմքը կախած, շալվարի կապը քանդելով հանեց զայն ու փորձեց տաբատներէն մէկը հագնիլ։

Լեւոնն ու Գործադիրը հաւաքեցին տղայոց հանած շորերը, ծրարելով կապեցին ու չոր խոտի դէզի տակ պահեցին։

Շաբաթ մը վերջը շալակաւորներով Ծիծանց կը ճամբես,   պատուիրեց Լեւոնը,   ոչ մէկ խօսք եղածի մասին, գիւղի մէջ քեզմէ զատ մարդ իմանալու չէ։ Տղաք, բոլորդ ալ պատրա՞ստ էք։ Լաւ, ուրեմն, ճրագը մարեցէք… Այդպէս, հիմա դուրս եկէք մարագէն։

Մինչ Գործադիրը դէպի գիւղ կ՚երթար, Լեւոնը վալադի հետ խումբի առջեւէն ինկած, գետի եզերքով ձորն ի վեր սկսան բարձրանալ։ Բաւական տեղ առաջանալէ վերջ, յանկարծ կանգ առաւ։ Հայդուկները խմբուեցան չորս դին։

Տղաք, մտիկ ըրէք,   ու Լեւոնը գլխին հաւաքուած հայդուկներուն երկար բարակ բացատեց թէ ինչո՞ւ համար այդ ծպտումը անհրաժեշտ էր, ի՞նչ պիտի ընէին եւ թէ հայդուկները ինչպէ՞ս պիտի պահէին իրենք զիրենք։

Բոլսցի երիտասարդ մը, որ նոր մտած էր խմբի մէջ, ու շատախեցի Ղարիպ անուն ճահիլ պատանի հայդուկ մը հետը վերցնելով՝ Լեւոնը առաջ ինկաւ։ Ութ տաս քայլի վրայ խումբը հետեւեցաւ անոնց, Առիւծ Գեւոյի առաջնորդութեամբ, որ խեղդուելու աստիճան սեղմուած էր այդ տարօրինակ զգեստներու մէջ։

Է՜, օնպաշի, բարի ճանապարհ, Գեւօն մխթելով ըսաւ Թոփալ Սատանան,   էֆէնտիմ, բարի վայելում, ինշալլահ քէֆդ տեղն է… լաբ խուզուած ոչխարի կը նմանիս… դմակդ դուրս ինկած է…

Ծօ, ձէնդ, ատամները կրճտացնելով բարկացաւ մեր Գեւօն, որու ոտքերը կարծես իրարու կը խառնուէին,   քաշելիք ունինք եղեր, մարդավարի լեն շալվարները հանեցինք՝ էս զուռնաները հագնելու համար… Աստուած պէլան տալ էսոնք հնճարկողին… Ա՜խ քեզի ի՜նչ ըսեմ Հայաստան, մէկ մը ազատէիր, մենք ալ քո փորձանքներէն ազատէինք…