Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԽՈԻՄԲԻ ՄԸ ԺՈՂՈՎԸ

Սըստ…

Սըստ… սըստ…

Սաթենիկենց այգիի կողքէն անցնող ջրի խոր առուի մէջէն բարձրացաւ խորհրդաւոր գլուխ մը։ Առուի մէջ թագնուած մարդը, պահ մը բոլորտիքը քննելէ վերջ, կիսովին բարձրացաւ պառկած տեղէն, երբ այգիի ծայրէն զգուշաւոր քայլերով եկող մէկը մօտեցաւ իր թագնւած տեղին։

Արսէ՞ն…

Հա, ես եմ… փայտ կտրած պիտի լինես էս ցրտին.. մարդ եկա՞ւ. ․․

Հինգ վեց հոգի մը անցան։ Արսէն, քիչ վերջը մէկը ղրկէ իմ տեղս մնալու, ոտքերս փետացան:

Լաւ, լաւ…

Առուին մէջ թագնուած երիտասարդը կրկին տափեցաւ սառած առուին մէջ, մինչ միւսը արագ քայլերով մօտեցաւ Սաթենիկենց տան այգիի դրանը ու դուռը բանալով աներեւոյթացաւ։

Սըստ…

Սըստ… սըստ…

Այգիի զանազան կողմերէն իրարու ետեւէ կուգային զգուշութեամբ շարժող ստուերներ, մէկ երկու բառ կը փոխանակէին առուի մէջ թագնուած երիտասարդին հետ ու կը դիմէին դէպի Սաթենիկենց տունը, որ խաւարի մէջ կորած հազիւ կը նշմարուէր։ Այդ տան անլոյս պատուհանները դրսէն դիտողի մը ենթադրել կուտային, որ տնեցիք կամ տանը չեն եւ կամ՝ արդէն քնած։ Բայց իրողութիւնը այն էր, որ տան պատուհանները բարձերով ծածկուած էին, ու փոքր սենեակի մը մէջ իրարու կողքի նստած բազմաթիւ պատանիներ շշնջալով կը խօսակցէին իրարու հետ։ Նեղ ու երկար սենեակի մէջտեղը, ցածկեկ աթոռակի մը վրայ ձէթէ ճրագ մը կը պլպլար՝ շարժող ստուերներ ստեղծելով պատերու վրայ։

Դուռը զգուշութեամբ բացուեցաւ, եւ երկու նորեկներ ներս մտան: Անոնցմէ մէկը մօտ քսանեւմէկ տարեկան բարձրահասակ տղայ մ’էր, իսկ միւսը միջահասակ, նիհար պատանի մը, որ հազիւ 16-17 տարու կ’երեւար, բոլորովին լերկ երեսով, բայց զարմանալիօրէն կենդանի աչքերը վայրենի կրակով մը վառուած։ Մինչ ներս մտնողներէն տարիքաւոր երիտասարդը բոլորին բարեւելով սենեակի վերի գլուխը, ընկերներու մօտ նստաւ, պատանին, որու դէմքի արտայայտութիւնը բոլորովին չէր համապատասխաներ անհամարձակ շարժուձեւին, ընկերներէն քիչ մը հեռու պատի տակ կըկզեցաւ։

Այդ տղան ինչո՞ւ հետդ բերիր, ընկերոջ ականջին շշնջար երիտասարդ մը քովը տեղ ընելով ընկերոջը։

Բայց ինչպէ՞ս չբերէի, նոյնպէս շշնջալով պատասխանեց երիտասարդը, չէ՞ որ մեր խմբի անդամներէն է։

Անշուշտ գիտեմ… բայց այս երեկոյ մենք ուրիշ բանի համար հաւաքուած ենք… ծծկեր երեխաներու տեղը չէ…

Հետզհետէ նորեկներ ներս կը մտնէին ու առանց աղմուկ հանելու սենեակի պատերուն տակ իրարու քով կը շարուէին։ Պատանիի մօտ ծունկ ծունկի նստած էր մէկ ուրիշը, որ տարեկից կը թուէր լինել անոր։ Երկուքը մօտ ընկերներ էին։

Հը՞, Պարգեւ, դո՞ւն ալ եկար, ուրախացած ըսաւ պատանին, քանի՜ շաբաթ եղաւ… չենք հաւաքուած։

Չորս շաբաթը անցաւ… տեսնես պարոններէն ո՞վ պիտի գայ այս գիշեր… դու խապար ունի՞ս…

Կ’ըսեն՝ պարոն Գէորգը…

Սխալ է, Տաճատ, պարոն Գէորգը Կառկառի կողմերն է… էսօր պազարի մէջ շշուկ մը տարաձայնուեցաւ, չեմ գիտեր՝ որքան ճիշդ է: Որպէս թէ Բաղէշի կողմէն Կառկառ գնացող զօրքի հետ, մերոնք Խնձորուտի ձորին մէջ տաք կռիւ մը ունեցեր են։ Զօրքը Խնձորուտը այրելէ վերջ, քաշուեր ու հեռացեր է Կառկառէն։

Տաճատի աչքերը վայրագ խնդութեամբ փայլեցան։

Ծօ՛, իրա՞ւ..

Այդպէս կը խօսուի։

Լաւ, ուրեմն, եթէ պարոն Գէորգը չէ, հապա ո՞վ պիտի գայ։

Պարգեւը շրթունքը Տաճատի ականջին մօտեցուցած՝ խորհրդաւոր ձեւով մը փսփսաց․

Մեր խմբապետը յայտնեց, որ պարոն Լեւոնն է եկողը….

Չէ հա՛, ու Տաճատի աչքերը պարեցին:

Ինքն ալ հաստատ չի գիտեր․ ուրիշէ մը լսած է… Ինչ որ է, շուտով յայտնի կը լինի։

Սենեակին մէջ զսպուած ձայնով ընդհանուր խօսակցութիւն մը կը շարունակուէր: Շաբաթներով իրար չտեսած ընկերները մէկ մէկու պատմելիք շատ մը նորութիւններ ունէին իրենց ապրումներէն, իրարու յաջորդող դէպքերէն, Դաւոյի կատարած դաւաճանութենէն:

Դուրսը այգիի մէջ սպասող պատանին, որ հին պահակի տեղը բռնած էր, առուի մէջ տափած՝ ցրտէն դողալով անհամբեր կը սպասէր ժամանակի լրանալուն։ Այլեւս եկող գացող չէր երեւար, ձիւնածածկ այգիներուն մէջ շարժումը դադրած էր։

Կողքի այգիի կիսաքանդ պատի ետեւէն գլուխ մը բարձրացաւ:

Ծօ՛, Հմայեակ…

Առուի մէջ թագնուած պատանին գլուխը բարձրացուց․

Ի՞նչ է, Վահան։

Ոտքերս փետացան, ե՞րբ պիտի փոխուինք։

Չեմ գիտեր. . իմ ոտքերս ալ…

Սըստ…, ու պատի ետեւէն երեւցող գլուխը անմիջապէս անյայտացաւ։

Հմայեակը գլուխը քիչ վեր բարձրացուց առուին թումբէն ու չորս բոլորը դիտեց։ Այգիի խորքի կողմէն շատ բարձր պատ մը կը զատէր երկու այգիները իրարմէ։ Այդ պատին վրայ մարդ մը նստած էր։ Ինչպէս կ՚երեւէր, այդ մարդը ծռած մէկ կողմի վրայ՝ վեր կը քաշէր մէկ ուրիշը, որ չէր երեւնար։ Մէկ ալ երկու ստուերներ երեւցան պատին վրայ։ Առաջին երեւցողը, որ բարձրահասակ մէկն էր, հեշտութեամբ վար ցատկեց ու օգնեց ընկերոջը վար իջնալուն։ Երկուքը միասին առուի եզերքէն քալելով՝ սկսան մօտենալ։

Բարձրահասակ մարդը, որ առջեւէն կը քալէր, թեթեւ մը կը կաղար․ ատրճանակը աջ ձեռքին պատրաստ բռնած՝ ան զգուշութեամբ չորս դին քննելով կ’առաջանար։ Մօտեցեր էին Հմայեակի թագնուած տեղին։ Պատանին պայմանադրական նշանը տուաւ․

Սըստ…

Սըստ, սըստ, պատասխանեց կաղացող մարդը ու ընկերոջ հետ շարունակելով ճամբան, ներս մտաւ Սաթենիկենց այգիի դռնէն։

Հմայեակ, լսուեցաւ պատի ետեւէն կողքի պահակի ձայնը, ովքե՞ր էին անցնողները։

Վահա՛ն, ան էր… կաղալէն ճանչցայ..

Երանի շուտով մեզ փոխարինելու գային։ Մենք ալ ներս երթայինք…

Հաւ, լաւ կը լինէր… ոտքերս բոլորովին սառեցան։

----------

Ես անգամ մը տեսայ ան շունը, կատաղութենէն ֆշշալով պատմեց երիտասարդ մը, Համուտ Աղի Ղշլայի առջեւ կանգնած էր ոստիկաններու հետ։ Զիստեսնելուն՝ հեգնօրէն ծիծաղեցաւ ու զիս մօտը կանչեց. ․․

Սենեակի մէջ Հաւաքուած պատանիներու փսփսուքը դադրեցաւ։ Շունչերնին բռնած մտիկ կ’ընէին։

«Լակոտնե՛ր», ըսաւ ինծի՝ ատրճանակը ձեռքին մէջ խաղցնելով, «իմ մասին գէշ բաներ կը գրէք ձեր աշակերտական թերթին մէջ։ Խելքերնիդ գլուխնիդ հաւաքեցէք, ինծի հետ կատակ ընել չըլլար, ինծի Դհերցի Դաւօ կ՚ըսեն, ձեր խերը կ’անիծեմ… Անգամ մ’ալ որ տող մը գրէք, ձեզ բոլորդ ալ կը փտեցնեմ բանտի մէջ: Ամէնքդ ալ կը ճանչնամ։ Այսպէս խապար տար ընկերներուդ։ Տէ՛, կորսուէ աչքիս առջեւէն, շան լակոտ… ձեզ բոլորդ ալ պիտի փտեցնեմ», ու առանց խօսեցնելու՝ վռնտեց զիս։

Օրուան ամենակարող Դաւոյի իրենց հասցէին ուղղած սպառնալիքը ծանր թաթով չոքեցաւ սենեակի մէջ։ Ոմանք սարսափեցան, շատեր ալ բռունցքնին սեղմած՝ կատաղութեամբ լռեցին։ Ի՜նչ ըսես չէր կրնար ընել Դաւօն, որ մէկ օրէն միւսը դաւաճանութեան գնով դարձած էր կառավարութեան աչքի լուսը, ամենակարող գործակալը, որու խօսքը գետին չէր իյնար։ Միշտ շրջապատուած ոստիկաններով ու բազմաթիւ զինուորներով՝ Դաւօն Խաչ Փողանի վրայ կ’երեւէր, աջ ու ձախ սպառնալիքներ թափելով։

Տաճատը, որ նոյնպէս ուշադրութեամբ մտիկ ըրած էր, կամաց մը Պարգեւի կողը մխթեց։ Յայտնի էր, որ կ’ուզէր հարցում մը տալ պատմողին, բայց չէր համարձակեր։

Հը՛, Տաճատ, ի՞նչ է:

Բան չկայ, Պարգեւ, միայն կ’ուզէի գիտնալ, թէ…

Էդ ի՞նչ կը խօսիք էդ անկիւնը, հարցուց պատմող պատանին՝ Տաճատի իրեն յառած աչքերէն կռահելով որ իր մասին կը խօսին։

Հի ՛չ, բան չկայ․․. դուն քովդ ատրճանակ ունէի՞ր։

Հա, ի՞նչ կայ որ…

Տաճատի վայրագ աչքերը վայրկեան մը խաղացին իրենց բունին մէջ եւ առանց պատասխանելու՝ գլուխը անդին դարձուց։

Տաճատի պատասխան չտալն ու գլուխը անդին դարձնելը զայրացուց վերի անկիւնը նստած պատանին…

Ծօ՛, խլլոտ, ի՞նչ ըսել կ’ուզես…

Հէ՛չ, չոր կերպով պատասխանեց Տաճատը։

Ինծի նայէ, մատը թափահարելով սպառնաց պատանին, կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր… տեղդ նստիր ու քիթդ մի կոխեր տղամարդու գործի մէջ։

Ինծի՞ կ’ըսես։

Հա, քեզի․․.

Շուրջի ընկերները միջամտելով՝ հանդարտեցուցին երկու կռուողները, որոնք զայրացած տեղերնէն բարձրացած էին: Անախորժ միջադէպը մոռցնելու մտօք, հաւանուած պատանիներէն Գալուստը սկսաւ Դաւոյի մէկ ուրիշ քաջագործութեան մասին պատմել։

Կէս գիշերը անցած էր, երբ յանկարծ չորս կողմէն շրջապատեցին մեր դրացի Էրկան Կարոյենց տունը։ Նախ քան Կարոյենց տունը մտնելնին, շրջապատի բոլոր տներու տանիքները բռնուեցան զինուորներու կողմէ։ Ատոնցմէ 5-6 զինուոր ալ մեր տան տանիքը բարձրանալով՝ դիրք բռնեցին։ Ես աղմուկէն արթնցած էի։ Մօտեցայ պատուհանին ու վարագոյրի ծայրը բարձրացնելով՝ սկսայ դիտել փողոցի անցուդարձը։ Պայծառ լուսինը ցերեկուան նման կը լուսաւորէր։ Որոշ կերպով կարելի էր տեսնել, նոյնիսկ ճանչնալ մարդիկը։ Տունը շրջապատող զինուորները դիրքեր բռնած՝ կը սպասէին։ Ինչպէս կ’երեւէր, կը սպասէին մէկու մը գալուն։ Մէկ ալ փողոցը գտնուող զինուորներու մէջ շարժում մը սկսաւ։ Փողոցի վերի կողմէն երեւցան խումբ մը մարդիկ, որոնք արագ քայլերով կը մօտենային։ Սիրտս սկսաւ մուրճի պէս զարնել։ Ամբողջովին տեսողութիւն կտրած էի։ Հասան մեր դրան մօտ ու կանգ առին Կարոյի դրան քով։ Գրեթէ միահասակ մարդիկ էին, միաձեւ հագուստներով, ու բոլորի գլուխներն ալ պաշլուխով փաթթուած՝ այնպէս որ ոչ մէկու դէմքը կարելի էր տեսնել։

Այդ՝ դաւաճանի սովորական ծպտումն է, Գալուստին ընդմիջեց Արսէնը, գիշերային խուզարկութիւններու ժամանակ, Դաւօն ինքնութիւնը ծածկելու համար, զինուորի համազգեստով կը պտըտի միշտ բազմաթիւ հետեւորդներով։

Ա՜խ, երանի անգամ մը դէմ դիմաց հանդիպէի այդ սրիկային, հոգոց հանելով փսփսաց Պարգեւը Տաճատի ականջին․- Ես գիտեմ թէ ի՜նչ կ՚ընէի..

Տաճատը ատամները սեղմած՝ նայեցաւ ընկերոջը, քիթը տրորեց բռունցքով, աչքերը պսպղացին ու գլուխը շարժեց, որպէս թէ ըսել ուզէր՝ ես ալ գիտեմ թէ ի՛նչ կ՚ընէի:

Յանկարծ սենեակի դուռը բացուեցաւ եւ սեմին վրայ երեւցաւ Լեւոնի բարձր հասակը։ Սենեակին մէջ հաւաքուած քսանէ աւելի պատանիները մէկ մարդու նման ոտքի ցատկեցին ու, երբ Լեւոնը կաղալով ներս մտաւ, հաւաքուած տղաքը ուրախութենէ ցոլացող դէմքերով շրջապատեցին զայն։ Իրարու խառնուեցան: Պատանիներէն ամէն մէկը կը մօտենար Լեւոնի ձեռքը թօթուելու։ Կային որ ուրախութենէ կ’արտասուէին։ Կարծես առաքեալ մը լինէր Լեւոնը, շրջապատուած հոգեսուն զաւակներով, որոնք կորսնցուցած էին իրենց առաջնորդը ու ահա յանկարծ կը գտնային զայն։

Յուզուած էր եւ Լեւոնը՝ ինքզինք գտնելով այդ պատանիներու հաւաքոյթին մէջ։ Չորս դին բոցավառ աչքեր, անձնուիրութեան պատրաստ լուրջ դէմքեր, հին օրերու հաւատաւոր վերաբերմունք։

Նստէք, տղաք, խնդրեց Լեւոնը, անցնինք գործի։

Պատանեկան երկու խումբերու միացեալ հաւաքոյթն էր այդ։ Դաւոյի դաւաճանութենէն վերջ, երբ յեղափոխական խումբերը հետզհետէ կը քայքայուէին, հին, փորձառու ընկերները կը քաշուէին հրապարակէն, շատեր իրենց գլուխը ազատելու համար կը լքէին շարքերը, նոր սերունդը՝ դպրոցական պատանեկութիւնը հրապարակի վրայ մնաց, ամէն ժամանակէ աւելի գործելու եռանդով, պատրաստ ամենածանր զոհաբերութեան։ Կը պակսէր միայն ղեկավար ձեռք մը, կամք մը՝ ուղղութիւն տալու, առաջնորդելու զանոնք: Յեղափոխական ղեկավարներէն Վահէն էր պատանեկան խմբերու իսկական ոգին, սիրուած գործիչը։ Անոր աշխատանքով եւ գուրգուրոտ վերաբերմունքով հետզհետէ կազմակերպուած էին դպրոցներու բարձր դասարաններու աշակերտները, հոգեպէս կապուելով անոր հետ:

Լեւոնը աւելի գործնական աշխատանքներով տարուած՝ անցեալի մէջ հազիւ ժամանակ ունեցեր էր աշակերտներով զբաղելու։ Բացի այն հանգամանքէն, որ Վահէն կը ղեկավարէր աշակերտութիւնը, Լեւոնին շատ ալ չէր գրաւեր տեսական հարցերով զբաղիլը այդ պատանիներուն հետ, որոնց միտքը նոր փնտռտուքներու ետեւէն ու եռուզեռի մէջ էր։ Սակայն, սարսափելի աղէտէն վերջ, երբ հները քաշուած էին, Վահէն ձերբակալուած, հրապարակը ամայի, յոյսի վերջին բեկոր մ’էին այդ պատանեկան խմբերը։ Լեւոնը յուսահատ մարդու մը նման՝ կառչած էր այդ խումբերուն:

Ժողովը բացուած է, Լեւոնի մօտ տեղաւորուելով խօսեցաւ համակրելի դէմքով պատանի մը։

Սենեակին մէջ փսփսուքը դադրեցաւ։ Այդ պատանիները, որոնցմէ շատեր դեռ մեծ երեխաներ կրնային համրուիլ, լուրջ, կեդրոնացած դէմքերով սկսան խօսիլ զանազան կարեւոր հարցերու մասին, որոնցմէ ամենագլխաւորն էր դաւաճան Դաւոյի խնդիրը։ Լեւոնը լուռ մտիկ կ՚ընէր, երբեմն միայն մէկ երկու բառով բացատրութիւն մը կուտար, կամ տրուած հարցէն շեղող մէկու մը նկատողութիւն կ՚ընէր։ Հետզհետէ ձայները կը բարձրանային։

Պահակները փոխուեցան, ու Հմայեակը ընկերոջ հետ ներս մտաւ ցրտէն կիսովին սառած վիճակի մէջ։ Ատեն մը լուրջ մտիկ ընելէ վերջ, Հմայեակը, շատ նիհար պատանի մը, գռուզ մազերով, երկարած դէմքով, յանկարծ փոթորկեց ժողովը, իր անզուսպ, ոգեւոր ճառով։ Փրփուրը բերնին, կատաղութենէն դողալով կը խօսէր ան՝ շեշտելով իրենց պատրաստակամութիւնը, ամենածանր զոհաբերութիւններ կատարելու, եթէ իրենց միջոցներ տրուին, եթէ իրենց քայլերը ղեկավարուին։

Լեւոնը համբերութեամբ կը լսէր բոլորի արտայայտած մտքերը, առանց խօսքի խառնուելու, պարզ հանդիսատես մը լինէր կարծես այդ ժողովին մէջ։ Եթէ Լեւոնը չէր արտայայտուեր, բայց միտքը լարուած մեքենայի մը կանոնաւորութեամբ կը գործէր, թափանցող հայեացքը ուղղած շրջապատող տղայոց դէմքերուն։ Այդ տղաքներէն ո՞րը խօսքէն մինչեւ գործը կրնար անցնիլ՝ այս ծանր միտքն էր որ կը զբաղեցնէր Լեւոնը։ Պայծառ, ինքնավստահ դէմքեր, ոգեւորութեամբ վառուած աչքեր, պատրաստակամ պատանիներ բոլորն ալ, եւ սակայն Լեւոնը կը դժուարանար որոշ տղաք ընտրելու։

Առաւօտեան ժամը երեքը անցած էր։ Պատանիները անսովոր ոգեւորութեամբ կը շարունակէին դեռ խօսիլ բանտարկեալներու, պահեստները փոխադրելու, դաւաճանի շահատակութիւններուն վերջ մը տալու մասին։ Սակայն, ցրուելու ժամը կը մօտենար։ Ժամհարի կոչնակէն առաջ պէտք էր որ իրենց տները հասնէին։ Ոմանք թէեւ մօտաւոր, բայց շատերն ալ Այգեստանի ամենահեռաւոր թաղերէն եկած էին։

Լեւոնը ամբողջ գիշերը աւելի մտիկ ըրած էր քան թէ խօսած: Բաւականութեամբ կը հետեւէր պատանիներու ոգեւորուած խօսակցութեանը, իւրովի մտածելով, որ կորիզը առողջ մնացած էր, որ համատարած յուսալքումի օրերուն իսկ, նոր երիտասարդութիւնը, գործելու, անձնուիրաբար ծառայելու տրամադրութիւն ունի։

Երբ ցրուելու ժամանակը հասաւ, Լեւոնը մատնանշելով երեք պատանիներ՝ խնդրեց որ դեռ ժամանակ մը մնան իրեն հետ։ Այդ պատանիներէն մէկը՝ Տաճատն էր։

Լեւոնը չէր մոռցած, որ Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան Սբ. Խաչ վանքը իրմէ լուրի մը կը սպասէին։ Պէտք էր կարգադրութիւն մը ընել անոնց մասին: Պատանիներէն մէկը Փաշի փողոցը կը բնակէր։ Մօտը նստեցնելով զայն՝ ցած ձայնով մը սկսաւ անոր հետ խօսիլ։ Պատանին դրական միտքով գլուխը կը շարժէր։

Ուրեմն, այդպէս, վաղը գիշեր աչալուրջ կը հսկես, հրահանգեց Լեւոնը, եթէ գան, եթէ՝ կ՚ըսեմ, որովհետեւ հաստատ չեմ գիտեր, թէ պիտի կրնան ապահով կերպով անցնիլ։ Ուրեմն, եթէ գան, ձեր տանը կը պահես, ու անմիջապէս կ’իմացնես Սաթենիկին։ Ան լուրը ինծի կը հասցնէ։ Տէ՛, երթաս բարով, փողոցներով զգոյշ անցիր…

Մնացին Յակոբը, երկու պատանիները եւ Լեւոնը։ Մօտաւորապէս ժամ մը խօսեցաւ Լեւոնը, ցած, հազիւ լսելի ձայնով մը. երկար բարակ բացատրեց, ցուցմունքներ տուաւ, մինչ պատանիները անոր շրթներէն կախուած՝ չորցած սպունգի նման կը ծծէին անոր խօսքերը: Խօսքը վերջացնելով՝ ամէն մէկուն մաւզէր տասհարուածեան ատրճանակ մը ու բրաունինկ մը տուաւ։

Ժամանակ էր որ մեկնէին։

Պատանիները ջերմօրէն Լեւոնի ու Յակոբի ձեռքը թօթուեցին եւ դուրս եկան սենեակէն։

Խելքս շատ բան չի կտրեր, ըսաւ Յակոբը, որ ամբողջ գիշեր բերանը չէր բացած։

Ինչո՞ւ, Յակոբ…

Դժուար գործ է։ Մարդ այդպիսի գործ մը կատարելու համար՝ տաք ու պաղ ջրերէն անցած պիտի լինի։ Շատ մը նոր հայդուկներ տեսած եմ, որոնք առաջին կռուի մէջ, հրացան արձակած ժամանակնին, երկու աչքերը մէկանց գոցեր են… Միայն արիւն տեսած մարդ մը կրնայ պաղարիւնով գործել…

Ըսածդ ուղիղ է, թէեւ այս՝ պարզապէս մեր ձեռնարկներէն մէկն է… միւսներու մասին յետոյ քեզի կը խօսիմ։ Մէկ ձայն տայիր Սաթենիկին, անոր ըսելիք մ’ունիմ։

Երբ Սաթենիկն ու Յակոբը կողքի սենեակէն ներս մտան, Լեւոնը եկած ժամանակ Սաթենիկի տուած տոմսը ձեռքը բռնած՝ խօսքը ուղղեց մանկամարդ աղջկան։

Սաթենիկ, դու գիտե՞ս թէ ինչո՞ւ զիս տեսնել կ’ուզեն այդ աղջիկները…

Ոչ, պարոն Լեւոն, չուզեցին յայտնել․ ըսին՝ շատ, շատ կարեւոր խնդրի մը համար կ’ուզեն քեզ տեսնել, եւ եթէ ես տեղդ գիտեմ, քեզ յանձնեմ իրենց տոմսակը։

Հըմ, ու Լեւոնը սկսաւ մտածել։

Թէեւ ես կը կարծեմ որ…

Հը՞, ի՞նչ կը կարծես, Սաթենիկ։

Կը կարծեմ, որ դաւաճանի խնդրի մասին կ’ուզեն անձամբ հետդ խօսիլ։

Շատ լաւ, Սաթենիկ, կ՚ըսես իրենց, որ վաղը երեկոյեան կողմ թո՛ղ Յակոբը տեսնելու գան։ Չյայտնես, որ զիս հոն պիտի գտնան։

Շատ լաւ, պարոն Լեւոն։

Սաթենիկը այգիի դուռը բացաւ։ Ոչ ոք չէր երեւնար։ Յակոբն ու Լեւոնը ատրճանակները պատրաստ բռնած՝ մեկնեցան։

Երբ տուն հասան եւ Լեւոնը բարձրացաւ իր սենեակը, թէեւ պատուհանները մութ էին, բայց Սոնիայի սենեակէն յուշիկ քայլերու ձայն մը լսուեցաւ։ Հակառակ Լեւոնի հաւաստիացումին, Սոնիան չէր քնած ու կը սպասէր երկուքի վերադարձին։

Լեւոնը նետուեցաւ անկողնի վրայ, գլուխը թաղեց բարձի մէջ, մինչեւ կոկորդը բարձրացող հեծկլտանքը խեղդելու համար:

-----------

Ձեզ համար հեշտ է մինչեւ Կուռուպաշ երթալը, որպէս թէ հիւանդի մը պէս այցելէք։ Այդ ձեւով Յակոբը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Պաղտոյի հետ տեսնւելու.. Այդքանը բաւական է, ուրիշ ընելիք չունիք։ Պաղտօն լուր կուտայ վանքի տղոցը: Շատ կը ցաւիմ, որ ձեզ ակամայ վտանգաւոր գործերու մէջ խառնեցի, բայց ներկայ պայմաններու մէջ…

Այդ մասին չխօսինք, ամէն մէկս իր պարտքը պիտի կատարէ։ Ե՞րբ կ’ուզէք որ երթամ։

Որքան կանուխ մեկնիք, այնքան լաւ։

Սոնիան ու Լեւոնը առտու կանուխ, նախաճաշի սեղանի քով նստած, իրարու հետ վերեւի խօսակցութիւնը կ՚ունենային։ Երկուքն ալ յոգնած երեւոյթ մը ունէին գիշերային երկար սպասումի պատճառով ու, կը խուսափէին շիտկէ շիտակ իրարու նայելէ։ Սոնիան ինքն ալ չէր կրնար բացատրել դէպի այդ չոր երիտասարդը ունեցած խառն զգացումը. մինչ կ՚աշխատէր խուսափիլ անոր ներկայութենէն, կը զգար սակայն, որ ներքին հոգեկան կապ մը հետզհետէ կը կաշկանդէր զինք։

Առջի գիշեր, մինչեւ Լեւոնի եւ Յակոբի վերադարձը Սոնիան ջղային վիճակի մէջ սենեակը չափչփելով սպաննած էր ժամերը, անկարող նստելու կամ որեւէ կերպով հանգստանալու։ Հոգեկան այս վիճակը խորապէս կը վրդովէր Սոնիան։ Կ’աշխատէր ինքզինքը համոզել, որ Լեւոնի վտանգաւոր վիճակն էր պատճառը իր ջղային անհանգստութեան։ Կ’աշխատէր ինքզինք համոզել թէ՝ Լեւոնի մասին ունեցած անհանգստութիւնը պիտի ցուցնէր ուրիշներու ալ, եթէ անոնք ալ միեւնոյն պայմաններու մէջ գտնուէին։ Ասով մէկտեղ Սոնիան զարմանալի բաւականութիւն մը կը զգար Լեւոնի համար տառապելով: Այդ տառապանքը հետզհետէ կը ջերմացնէր աղջկան սիրտը՝ անորոշ քաղցրութեամբ լեցնելով զայն։

Ուրեմն, կ’ըսէք որ անմիջապէս ճանապարհուեմ։

Այո՛, միայն զգոյշ եղէք, ձին չսահի, ճանապարհը շատ վատ է, սառոյցը…

Անհոգ եղէք. լաւ ձիավարժ եմ։ Ուրեմն, դուք մինչեւ վերադարձս ձեր սենեակէն դուրս չէք գար: Գիտէ՛ք, աղախինը երբեմն սենեակս կը բարձրանայ, խեղճը գաղափար իսկ չունի որ դուք իմ մօտ թագնուած էք։ Ուրեմն ես գնացի, ցտեսութիւն։

Սոնիայի ու Յակոբի մեկնելէն վերջ, Լեւոնը քաշուեցաւ իր սենեակը՝ բանալին դարձնելով։ Առջի գիշեր գրեթէ չէր քնացած։ Երկնցաւ անկողնին վրայ եւ ի զուր փորձեց աչքերը գոցել։ Վահէն փախցնելու ձեռնարկը, դաւաճան Դաւոյի հարցը, վտանգուած պահեստներու խնդիրը, քայքայուած խումբերը վերակազմելու հոգսը պաշարած էին Լեւոնի միտքը։ Բայց որեւէ հարցի մասին մտածած ժամանակ անսպասելիօրէն Սոնիայի պայծառ դէմքը կուգար խաչաձեւելու այդ խորհուրդները՝ տիրականօրէն յետ վանելով ուրիշ ամէն մտածում։

Սոնիայի յանկարծական երեւումը տակնուվրայ ըրած էր Լեւոնի անդորրութիւնը, կոտրած՝ անոր պողպատէ կամքը։ Մասնաւորաբար Սոնիայի մօտ ապաստանելէ վերջ, Լեւոնի հոգիին մէջ վերակենդանացած էին հին օրերը, երբ դեռ ինք Թիֆլիս էր, ու Սոնիան՝ իր երազներու թագուհին։

Պէտք է շուտով հեռանալ այս տեղէն, ինքնիրմէ դժգոհ, խօսեցաւ Լեւոնը, այս վիճակը արգելք պիտի լինի աշխատանքիս։

Կէս օրէն հազիւ ժամ մը անցած՝ Սոնիան ու Յակոբը վերադարձան։ Բակի մէջ սովորական հիւանդներու խումբ մը կը սպասէր։ Սոնիան անմիջապէս գործի անցաւ, մինչ Յակոբը վեր ելաւ յայտնելու Լեւոնին, որ Կուռուպաշ պէտք եղածը կարգադրուած էր։

Հաւաքուած կիներէն շատեր, ինչպէս սովորաբար, եկած էին օտարական հարուստ խանումէն օգնութիւն խնդրելու։ Անոնցմէ ազատուած՝ Սոնիան Յակոբի սենեակի մօտ գտնուող փոքր սենեակը մտաւ, ուր կ’ընդունէր հիւանդները։ Երկու աթոռ, սեղան մը, բազմոց մը եւ դեղերու պահարան մը կը կազմէին ամբողջ կահաւորումը այդ սենեակին։ Հիւանդները մէկիկ մէկիկ ներս մտնալ սկսան։ Բակի մէջ, պատի տակ Սոնիան նկատած էր երկու կիներ, որոնք իր սովորական հիւանդներէն չէին։ Անոնց հագուստներէն ենթադրեց որ անոնք Վանի ցիկաներու ցեղին կը պատկանէին, բայց առանց մասնաւոր ուշադրութիւն մը դարձնելու անոնց վրայ, ներս մտած էր՝ հիւանդները ընդունելու։

Երբ վերջին հիւանդը դուրս եկաւ, ու Սոնիան կը պատրաստուէր ձեռքերը լուալու, մէկ ալ երկու ցիկան կիները համարձակ քալուածքով դռնէն ներս մտան ու իրարու կողքի նստան յատակի վրայ։ Ճահիլ կիներ էին այդ ցիկանները ու երկուքն ալ չափազանցուած ձեւով ձիւթ կը ծամէին՝ երբեմն գետինի վրայ թքնելով։

Տոքթոր խանում, սկսաւ մէկը, միջահասակ նիհար աղջիկ մը, կ’ուզե՞ս բախտդ նայիմ… բաժակ մը ջուր բաւական է… բաց գրքի նման ապագադ մէջը կը կարդամ… կ’ուզես քար նետեմ, ու ցիկան կինը Սոնիայի լռութիւնը հաւանութիւն համարելով ծոցէն կարմիր թաշկինակ մը հանեց ու գետին փռելով՝ ափին մէջ սկսաւ շարժել զանազան գոյնի եւ մեծութեամբ քարեր։

Սոնիան առջի բերան զգացած զարմանքէն չէր կրցած խօսիլ։ Զինքը աւելի շփոթողը այդ կնոջ գործածած շատ մաքուր հայերէնն էր, մինչդեռ Վանի ցիկանները բացի իրենց լեզուէն միայն թուրքերէն կը խօսէին։ Բնականաբար առաջին մտածումն այն եղաւ, որ այդ կիները լրտեսներ էին, թերեւս կառավարութեան կողմէ ճամբուած։ Սոնիայի դէմքը մռայլուեցաւ, յօնքերը կիտեց, ու ոտքի ելլելով՝ բարկացած պոռաց․

Դո՛ւրս, խնդրեմ դուրս ելէք, ինձ բախտ ըսող հարկաւոր չէ։ Կարծեցի թէ հիւանդներ էք։ Յակո՛բ եղբայր…

Խանում, ան վերն է, գլուխը դռնէն ներս կոխելով ըսաւ Մարիամը, կ’ուզե՞ս վեր ելլեմ կանչեմ։

Չէ՛, չէ՛, չ’ուզեր, դող ելած ըսաւ Սոնիան, գիտնալով որ Յակոբը Լեւոնի հետ է, ես ինքս կը կանչեմ, ու առանց այլեւս ուշադրութիւն դարձնելու ցիկան կիներու վրայ՝ հապճեպով դուրս ելաւ եւ բարձրացաւ վեր։

Իրօք, Յակոբը Լեւոնի մօտ անկողնին վրայ նստած էր։ Երկուքն ալ այնքան տարուած էին իրենց խօսակցութեամբ, որ նոյնիսկ չնկատեցին Սոնիայի սենեակ մտնելը։ Բայց երբ ան յուզուած ձայնով սկսաւ խօսիլ, զարմացած ոտքի ցատկեցին։

Վարը ցիկան լրտեսներ եկած են, այլայլած ըսաւ Սոնիան, վստահ եմ որ կառավարութեան կողմէ ղրկուած են։ Թէեւ ցիկանի գգեստներով՝ բայց պարզ է, որ ծպտուած են, հայերէն կը խօսէն…

Հայերէ՞ն, դէմքը երկարած հարցուց Լեւոնը։

Եւ շատ մաքուր հայերէն․ վախնամ փորձանք մը պատահի, յուսահատութեամբ ձեռքերը ճմլելով ըսաւ Սոնիան։

Յակոբ, վայրկեան մը երկու մտածելէ վեր կարգադրեց Լեւոնը, մէկ վար իջիր, տես ինչացո՞ւ են… Օրիորդ, մի վախնաք, սիրտերնիդ պինդ պահեցէք…

Օ՜, ես իմ մասին չեմ մտածեր… Տէր Աստուած, եթէ բան մը պատահելու լինի ձեզ…— ու Սոնիան շառագունած՝ լռեց։

Լեւոնը որպէս թէ չլսեց Սոնիայի վերջին խօսքերը եւ կաղալով սկսաւ ման գալ սենեակի երկայնքին, թեթեւ մը սուլելով։ Արդեօք ո՞վքեր էին այդ կիները, կը մտածէր Լեւոնը, երբ սանդուխի վրայ մէկէ աւելի ոտնաձայներ լսուեցան։ Յակոբը դուռը բանալով նախ ցիկան կիները ներս մտցուց ու վերջէն ինքն ալ սենեակը մտաւ եւ դուռը գոցեց։

Ահա, պարոն Լեւոն, քեզի երկու չարաճճի բոշա կիներ, ծիծաղելով ըսաւ Յակոբը, սատանաները լաւ յարմարցուցեր են։

Ա՜յ թէ ի՛նչ ցիկաններու կը հանդիպիմ, ձեռքը պարզած ծիծաղելով նորեկներուն մօտեցաւ Լեւոնը, լաւ վախցուցիք մեզ… Օրիորդ Սոնիա՛, էսոնք մեր փորձուած, լաւ ընկերուհիներէն են։ էտ մէկը Համասփիւռն է, միւսը՝ Աննիկը։ Նստէ՛ք, բոշա աղջիկներ, էս բարեկենդանային ծպտումը ինչո՞ւ համար է…

Կրնա՞մ ազատօրէն խօսել…

Անշուշտ, հոս օտար մարդ չկայ։ Օրիորդ Սոնիան մեր ընկերներէն է։

Պարոն Լեւոն, կ’ուզէինք ձեզ հետ խօսիլ կարեւոր խնդրի մը մասին, ինքնավստահ ձեւով սկսաւ խօսիլ Համասփիւռը․— քանի մը օր առաջ մեր խմբական ժողովը ունեցանք: Ձեր քաղաք վերադառնալու մասին գաղափար չունէինք այն ատեն։ Ընկերուհիներու մեծամասնութիւնը ներկայ էր։ Որոշեցինք, որ…

Այո՛, որոշեցիք որ. ․․, ու Լեւոնը իր սովորական լրջութեամբ, հարցական նայեցաւ Համասփիւռին, որ քիչ մը շփոթած՝ մէջքի գօտիին հետ կը խաղար․— որոշեցիք, որ ի՞նչ…

Որ մեր վրայ վերցնենք դաւաճանը սպաննելու գործը, այտերը շառագունած, բայց հաստատուն ձայնով մը պատասխանեց Համասփիւռը՝ ուղիղ Լեւոնի աչքերուն նայելով։

Ա՜, Լեւոնի յօնքերը կիտուեցան, ու քիչ առաջուան ծիծաղկոտ դէմքը խոհուն արտայայտութիւն մը ստացաւ։

Կը ճանչնար այդ աղջիկը, որ երբեմն յեղափոխական վտանգաւոր յանձնարարութիւններ կատարած էր, եւ կանանց ու աղջիկներու խմբերու առաջնորդը կը համարուէր։ Մտացի աղջիկ մ’էր, ուժեղ կամքի տէր, համարձակ ու անվախ բնաւորութեամբ։

Սոնիան անկիւն մը կանգնած՝ զարմացած կը նայէր այդ աղջիկներուն, որոնք եկած էին խնդրելու, որ իրենց թոյլ տրուի դաւաճանը տեռօրի ենթարկելու։ Դեռ քանի մը վայրկեան առաջ կը կարծէր, թէ անոնք թրքական լրտեսներ էին։ Սոնիան մօտեցաւ ու Համասփիւռի կողքին նստելով՝ գրկեց զայն։

Քաջ աղջիկ մ՚էք դուք, հիացած եմ ձեզմով…

Չէ՛, ի՜նչ քաջ… դաւաճանը մեր ամբողջ գործը պիտի քանդէ․ մէկը մահը աչքն առնելու է՝ զայն վերջացնելու համար։ Օրինակ, մենք երկուքս պատրաստ ենք…

Իսկ ի՞նչ ձեւով կը յուսաք անոր մօտենալ, հարցուց Լեւոնը, գիտէ՞ք որ միշտ բազմաթիւ մարդերով շրջապատուած կ’երեւնայ հրապարակի վրայ։

Այդ, այնքան ալ դժուար չէ մասնաւորաբար երեկոները, երբ ժողովուրդը քաղաքամիջէն կը վերադառնայ Այգեստան։ Հրէշը Խաչ Փողանի վրայ, պահակատան առջեւ կը սպասէ եկող գնացողը տեսնելու, ոմանց սպառնալու, բարեկամ համարուածներուն հետ մէկ երկու խօսք փոխանակելու…

Շարունակէ, յետո՞յ:

Բոշաներու վրայ ուշադրութիւն դարձնող չկայ, անոնք կառավարութեան հաւատարիմ շները կը համարուին։ Մեզի համար դժուար պիտի չլինի՝ առանց կասկած հրաւիրելու մեր վրայ մօտենալ զինուորներուն՝ անոնց բախտը նայելու պատրուակով ու մինչ Աննիկը զինուորները կը զբաղեցնէ, ես պիտի մօտենամ դաւաճանին ու պիտի կրակեմ…

Իսկ վե՞րջը։

Վե՞րջը, երկու աղջիկները իրարու նայեցան ու բնազդօրէն մօտենալով իրար գրկեցին։

Պատասխանը աւելի քան պերճախօս էր։ Յակոբն ու Սոնիան յափշտակութեամբ կը նայէին այդ երկու ճահիլ աղջիկներու վրայ, որոնք եկած էին խնդրելու թոյլտուութիւն, զոհաբերելու իրենց կեանքը: Լեւոնը գլուխը կախած՝ ատեն մը ման եկաւ եւ ուղիղ Համասփիւռի առջեւ կանգնելով ըսաւ․

Լա՛ւ, հիմա ի՞նչ կ’ուզէք։

Նախ՝ ձեր համաձայնութիւնը, եւ երկրորդ՝ երկու փոքր ատրճանակներ…

Ինչո՞ւ համար երկու, միթէ՞ մէկը բաւական չէ։

Այո՛, ի հարկէ, բաւական է… բայց մենք, ու Համասփիւռը խորհրդաւոր հայեացք մը նետեց ընկերուհիին վրայ, մենք հաստատ որոշած ենք… կենդանի չիյնալ թուրքերուն ձեռքը…

Հասկցա՛յ, ի հարկէ, այդ ձեւը լաւագոյն վերջն է։ Միայն կը թուի թէ աններելի շռայլութիւն մը պիտի լինի ձեզ պէս երկու արժէքաւոր աղջիկներ զոհել…

Ինչո՞ւ համար որ, ինքնասիրութիւնը վիրաւորուած զգալով ջերմութեամբ ընդդիմախօսեց Համասփիւռը, եթէ պէտք լինի, գիտեմ որ դուք կանգ չէք առներ զոհերու քանակի առջեւ, միայն թէ սատկի այդ հրէշը։ Եթէ տղամարդիկ կրնան զոհուիլ, պատճառ մը չկայ որ հայ աղջիկը հայրենիքի համար կեանքը չզոհէ, մանաւանդ որ ներկայ պայմաններու մէջ մենք աւելի գործ կրնանք տեսնել, աւելի հեշտութեամբ կրնանք մօտենալ հրէշին…

Սխալ հասկցար զիս, ներողամտաբար ժպտելով հանդարտօրէն պատասխանեց Լեւոնը, որ Համասփիւռի հետ կը վարուէր, ինչպէս պիտի վարուէր ընկերոջ մը հետ, սխալ հասկցար զիս։ Անշուշտ ես չէ որ հայ աղջկան զոհաբերութեան ոգին պիտի չգնահատեմ, նոր չէ որ կը ճանչնամ քեզ, գիտեմ երկուքիդ արժէքը… Որքան ալ որ ձեր զոհաբերութիւնը մեծ է, մերժելու իրաւունք չունիմ։ Ամէնքս՝ հայրենիքի համար։ Բայց ձեր երկուքի միասնաբար գործելը աւելորդ շռայլութիւն մը կը համարեմ։ Գործեցէք անկախաբար, ամէն մէկդ առանձին։ Տարբեր միջոցներ ալ ձեռք առնուած են։ Երանի մէկն ու մէկը յաջողի, ու ժողովուրդը ազատի այս անօրինակ պատուհասէն:

Սկսած էր մթնիլ, երբ Համասփիւռն ու Աննիկը այգիի դռնով դուրս եկան Սոնիայի տնէն: Երկու ժամէ աւելի մնացին Լեւոնի հետ։ Ամէն հնարաւոր արգելքները կշռելով՝ վերջնական ծրագիր մը կազմած էին։ Աղջիկները բարձր տրամադրութեամբ կը քալէին այգիներով՝ գօտիներու մէջ խրուած ատրճանակներու կարծրութիւնը զգալով իրենց մարմնի վրայ, որ առանձին ինքնավստահութիւն մը ներշնչած էր իրենց։

Այդ գիշեր Լեւոնը մեկնեցաւ Սոնիայի մօտէն: Գիշերը Սաթենիկենց մօտ մնաց, իսկ առաւօտեան շատ կանուխ Փաշի փողոցի պատանին եկաւ իմացնելու Սաթենիկին, որ Առիւծ Գեւօն եւ Թոփալ Սատանան ապահով կերպով հասած են իրենց տունը:

Դեռ ժամանակ կար շարժելու։ Լեւոնը պատանիին հետ ճամբայ ելաւ, երբ ժամհարը կոչնակը զարնելով՝ կը սկսի ման գալ Այգեստանի փողոցները՝ հաւատացեալները առաւօտեան աղօթքի հրաւիրելով։

ՎԵՐՋ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԻ