Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՈՐՏԱԿՈԻԱԾ ՍԻՐՏ ՄԸ

Հոկտեմբերի կէսերուն, օր մը Պեոտր Կարպովիչը կը պատրաստուէր դրա սենեակէն դուրս գալու։ Շաբաթ օր մ’էր, ժամը չորսի ատեն։ Գրասենեակին մէջ ոչ ոք մնացած էր։ Պեոտր Կարպովիչը վերարկուն հագնելով գլխարկը կախարանէն վերցուց ու գրասեղանի վրայէն ռուսերէն թերթը թեւի տակ դնելով դէպի դուռը կը դառնար, երբ այդ օրուան «Մշակ» թերթը հանդիպեցաւ աչքին, որ ծալլուած վիճակի մէջ ինկած էր գրասեղանին վրայ:

Թերթի եզերքին վրայ սեւ մահազդի գիծ մը ուշադրութիւնը գրաւեց։ Պեոտր Կարպովիչը վերջերս կը հետաքրքրուէր մահերով, լաւ էր գիտնալ թէ՝ ո՞վ մնացած էր, ո՞վ մեռած։ Երբ թերթը ամբողջութեամբ բացաւ, առաջին բանը որ տեսաւ իրարու տակ գրուած, ութ մահազդեր էին սեւ ու հաստ գծերով իրարմէ բաժնուած։

Պեոտր Կարպռվիչը բոլորովին անուշադիր կերպով սկսաւ կարդալ.

 

Սրանով յայտնում ենք մեր ազգականներին եւ
բարեկամներին, որ Էգուց, Վանքի եկեղեցում, յետ
պատարագի, տեղի է ունենալու մեր սիրասուն զաւկի եւ
եղբօր՝
ՎԱՐԴԱՆ Ա. ԱՐՍԷՆԵԱՆԻ
եղերական մահուան քառասունքի հոգեհանգիստը:
Աշոտ, Մարիամ, Եւգինէ Արսէնեաններ

Պեոտր Կարպովիչը գրեթէ առանց հասկնալու, մեքենաբար կարդացեր էր հոգեհանգստի ազդը։ Յանկարծ գլխի ինկած, ծանրօրէն նստաւ աթոռին վրայ, դէմքը զարմանքէն ու զգացած ցաւէն ճմռթկուած։ Այնպիսի անակնկալ, ծանր լուր մ’էր կարդացածը, որ շլմորած, Պեոտր Կարպովիչը մէկ երկու րոպէ այդ սեւ գծերուն կը նայէր, առանց շարժում մը ընելու։

Բայց անկարելի, անհաւատալի բան մ’էր եղածը։ Անշուշտ սխալ չէր կարդացածը, ութը սիւնակներու մէջ ալ, միեւնոյն անունը, ՎԱՐԴԱՆ Ա. ԱՐՍԷՆԵԱՆը կերեւէր աչքի զարնող մեծ գրերով:

«Խեղճ Աշոտ, խեղճ Աշոտ», մռմռաց Պեոտր Կարպովիչը, եւ անկեղծ տխրութեամբ մտածեց ընկերոջը կացութեան մասին։ Որքան ալ որ Պեոտր Կարպովիչը ճանչցւած էր որպէս անկարեկիր, անգութ մարդ մը, որ յարգանքի զգացում չունէր ոչ մէկ մարդու հանդէպ, Աշոտ Արսէնեանը միակ մարդն էր, որու հանդէպ այդ քարէ շինուած մարդը յարգանք ու իսկական ընկերոջ մը զգացումը ունէր։

Անմիջապէս դուրս գալով կառք մը վերցուց ու քշել տուաւ ուղիղ Կովկասեան պանքը, ուր գլխաւոր հաշուապահի պաշտօն ունէր Աշոտ Արսէնեանը։ Արսէնեանը հոն չէր. Պեոտր Կարպովիչը մտաւ պանքի նախագահի առանձնասենեակը:

Արսէնեանը շաբաթէ մը ի վեր չէր գար գործի, յայտնեց կառավարիչը։ Այո՛, դժբախտաբար լուրը ճշմարիտ էր, Վարդանը պարսկական սահմանը անցած ժամանակ, պայթումի մը հետեւանքով մեռած էր. «Ափսոս տղայ, ափսոս տղայ», վերջացուց խօսքը նախագահը։

Պեոտր Կարպովիչը անմիջապէս դուրս եկաւ պանքէն, ու կառապանին հրամայեց քշել ուղիղ Արսէնեաններու տունը։

Երբ Պեոտր Կարպովիչը Արսէնեաններու հիւրասենեակէն ներս մտաւ, Աշոտն ու տիկին Մարիամը գլուխնին կախ, դէմ դէմի նստած էին, մոմէ շինուած արձաններու նման։ Կարծես թէ՝ Ասլանովը տասը տարով իր բարեկամները տեսած չլինէր, այնքան որ այր ու կին քանի մը օրուան մէջ փոխուած, ծերացած էին։ Մասնաւորաբար տիկին Մարիամի կերպարանքը սարսափեցուց Պեոտր Կարպովիչը։ Խեղճ կինը, երկու տակ եղած էր, դէմքը քաշուած ու անվերջ լալէն աչքերը ուռած եւ դուրս ինկած էին:

Ասլանովը մօտեցաւ, գիրկընդխառնուեցաւ հեկեկացող ընկերոջը հետ, տիկին Մարիամի ձեռքը համբուրեց, ու աթոռ մը վերցնելով նստաւ քովերնին: Ի՞նչ ըսէր, ի՞նչպէս մխիթարական խօսք մը գտնէր անմխիթար ծնողքի ցաւը մեղմելու համար։ Լուռ նստաւ քովերնին, ու մէկ ալ զգաց որ արցունքները կը կախուէին թերթեւանքէն։ Սիրտ չէր ըներ տիկին Մարիամին նայելու, որ ամբողջ ժամանակ լուռ նստած, ինքնիր վրայ քարացածի նման կծկուեր մնացեր էր։

Ընթրիքի ժամանակ էր, երբ տուն եկաւ Եւգինէն՝ ժողովրդական գաղտնի դպրոցներու մէջ, դասաւանդութիւնը աւարտած։ Ոչ մէկ բան կրնար հեռացնել զինք այդ գործէն, որու ղեկավարողներէն մէկն էր դարձած։ Վարդանի մահէն յետոյ, որ շաբաթ մը առաջ միայն լսած էին, Եւգինէն պահ մը թէեւ ընկճուեցաւ, բայց շուտով ալ աւելի եռանդով կպաւ գաղտնի դպրոցներու գործին։ Վարդանը զուր տեղը չէր մեռած։ Ան իտէալի մը համար զոհուած էր։ Եւգինէն կրկնապատիկ եռանդով կ’աշխատէր հիմա, Վարդանի բաժինն ալ ուսերուն առած։ Այդ գիտակցութիւնը հոգեկան մխիթարութիւն մը կը պատճառէր իրեն։ Եթէ միայն ինքն ալ տղայ մը լինէր, Եւգինէն, առանց տատամսելու եղբօրը ճամբան պիտի բռնէր։

Ամբողջովին սեւեր հագած, Եւգինէն սեղանի վրայ դրաւ ձեռքի գրքերն ու տետրակները եւ մօտեցաւ Պեոտր Կարպովիչին, որու մինչեւ այդ ժամանակ չգալը զինքը զարմացուցած էր։ Երկուքը միասին պատշգամը ելան, մինչ հայրն ու մայրը, այնպէս, դէմ դիմաց նստած մնացին, առանց խօսելու, գրեթէ առանց շարժում մը ընելու։

Եւգին, այս ի՞նչ սարսափելի դժբախտութիւն է… քիչ առաջ միայն լսեցի։ Չեմ, կրնար բացատրել զգացած ցաւս, բոլորիս համար ալ մեծ կորուստ մ’է, բայց այս խեղճերը…– ու Պեոտր Կարպովիչը գլխով հիւրասենեակի կողմը ցուցուց։

Այո՛, Վարդանի մահը զիրենք խորտակեց… վախնամ մայրս չդիմանայ…

Եւգինէի աչքերը լեցուեցան, ու չկրցաւ շարունակել։

Եւգի՛ն, ի հարկէ դու գիտես, Վարդանը ինչո՞ւ Պարսկաստան կ’ուզէր անցնիլ։ Այդ է որ չեմ հասկնար, հարցուց Պեոտր Կարպովիչը։

Եւգինէն, պատասխանելէ առաջ, վայրկեան մը լուռ, նայեցաւ Պեոտր Կարպովիչին, որ քանի մը շաբաթ առաջ գրասենեակէն վռնտած էր իրեն դիմող ազգային մարդիկը։

Դէպքը քաղաքի ամբողջ հասարակութեան ծանօթ էր։ Հայ մը չկար, որ չդատապարտէր Պեոտր Կարպովիչը։ Թերեւս խնդիրը ծանր հանգամանք ալ ստանար Ասլանովի համար, եթէ հեղինակաւոր մարդիկ չմիջամտէին:

Հօրեղբայր, Եւգինէն վարժուած էր Պեոտր Կարպովիչը հօրեղբայր կոչել, Վարդանը Պարսկաստան չէր երթար…

Ապա ինծի այնպէս ըսին…

Վարդանը Հայաստան կ’ուզէր անցնիլ։

Հայաստա՞ն…

Պեոտր Կարպովիչը այդքանը արդէն չէր կրնար հասկնալ։ Ինչո՞ւ երիտասարդ մարդիկ պիտի ուզէին Հայաստան երթալ։ Ի՞նչ կար այդ քամբախտ երկրի մէջ, ուրկէ միայն գաղթականներ կուգային, դռնապաններ, մշակներ։ Անշուշտ Պեոտր Ասլանովն ալ Հայաստանը կը սիրէր, կ’ուզէր որ ան ազատի, բայց հաւատք չունէր հայ ժողովրդի կարողութեան վրայ։ Բոլորովին ուրիշ բան էր, եթէ քրիստոնեայ ռուս ցարը իր անթիւ բանակները շարժման մէջ դնէր ու երթար, ինչպէս գնաց օգնելու հաւատակից Պուլկարիային: Այն ժամանակ թեւերս Հայաստան մը կրնար գոյութիւն ունենալ։

Ոչ մէկ կասկած որ այդ՝ պիտի ուրախացնէր Պեոտր Ասլանովի սիրտը։ Ինչ ալ որ լինէր, ինք վերջապէս հայ էր, Տէր Կարապետի տղան։ Ատկէ զատ, վերջին ատենները, իշխան Ալեքսէյի հետ ունեցած բախումէն յետոյ, դառնութիւն մը կը զգար։ Անշուշտ այդ դառնութիւնը ազգային հիմք չունէր, աւելի անձնական էր։

Պեոտր Կարպովիչը, ահագին հարստութիւն դիզած էր ճակատի արդար քրտինքովը, դիրքի, ազդեցութեան տէր էր դարձած. ամէն մարդ, նոյնիսկ ռուս պաշտօնէութիւնը իր բարեկամութիւնը կը փնտռէր, իր դրամի ետեւէն կը վազէր։ Բայց եւ այնպէս կը գիտակցէր որ անհամաձայնութեան մը պարագային, նորէն արմեաշկա մ’էր ինք…

Առաջ, երբ պզտիկ խանութպան մ՚էր եւ ամբողջովին տարուած էր յաջողելու ցանկութեամբ, իրեն հանդէպ ցոյց տրուած արհամարհանք մը, երեսին նետուած արմեաշկա բառը ժպիտով մը կուլ կուտար, բաւական էր որ յաճախորդը իր գնումը կատարէր։ Բայց գործի մէջ գտած յաջողութեան հետ փոխուեցաւ եւ իր զգայնութիւնը։ Հիմա կ’ուզէր որ յարգուի ինք այնպէս, ինչպէս բոլոր հարուստները կը յարգուէին։ Մեղքը իրը չէր որ հայ ծնած էր։ Վերջապէս հայը ի՞նչ պակաս է համեմատած վրացի տուտուցներու եւ հարբած ռուսներու հետ։ Գիտէր որ ժամանակին Անի քաղաքին մէջ հազար ու մէկ եկեղեցիներ գոյութիւն ունէին, ուր հայ թագաւորներ կը նստէին գահու վրայ։ Բայց եւ այնպէս, յեղափոխական շարժման հանդէպ արհամարհական վերապահում մը ունէր։ Ուրիշ խօսքով՝ չէր հաւատար Հայաստանի ազատութեան կարելիութեանը, ա՜յն ալ խումբ մը անօթի մտաւորականներու ձեռքով, որոնց իբրեւ հասարակ գործակատար իսկ պիտի չվերցնէր իր գործին մէջ։

Այս էր պատճառը, որ Վարդանի մահուան վրայ կրկնակի կերպով ցաւեցաւ Պեոտր Կարպովիչը, որու ըմբռնումով ի զուր ինքնազոհողութիւն մ’էր տղու ըրածը: Ասով մէկտեղ, թերեւս ակամայ, Վարդանը իր աչքին մեծցաւ, գեղեցկացաւ. այնքա՜ն ջահիլ, այնքա՜ն խոստմնալից տղայ մը ինքնաբերաբար կրակի մէջ նետուած էր։ Չհասկնալով հանդերձ Վարդանի խելառութիւնը, Պեոտր Կարպովիչը երբ տուն կը վերադառնար, կառքի մէջ ակամայ կը մտածէր այդ տղու վրայ, որ հայ ժողովուրդի սիրոյն գիտակցօրէն կեանքը վրայ տուած էր: Պեոտր Կարպովիչը հաստատ չէր գիտեր ինչպէ՞ս որակել այդ քայլը՝ խելառութի՞ւն թէ հերոսութիւն, բայց ակամայ խոր յարգանք մը կը զգար այդ տղու յիշատակին հանդէպ։

Տիկին Վառվառէն ու Սոնիան ընթրիքի կը սպասէին Պեոտր Կարպովիչին, որ շատ ուշացած էր։ Սոնիայի եւ իշխանի բաժանումէն վերջ, տան մէջ զարմանալի խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր։ Միայն տիկին Վառվառէն էր, որ երբեմն, երբ ամուսինն ու աղջիկը ներկայ չէին, իշխան Ալեքսէյի վրայ թափած արցունքները սրբելու համար՝ թաշկինակը աչքերուն կը տանէր։ Պեոտր Կարպովիչը, ամէն իրիկուն, առանց քլըպը հանդիպելու, կանոնաւոր կերպով տուն կուգար։ Հայր ու աղջիկ զարմանալի կերպով մօտեցած էին իրարու։ Այդ մօտիկութիւնը տեսակ մը մխիթարանք էր Սոնիայի համար, որ երկու շաբաթուան ընթացքին մէջ տարիներով ապրած կը զգար ինքզինքը: Հայրը, առանց հասկնալու աղջկան տրտմութեան պատճառը, շարունակ կը պնդէր արտասահման երթալու մասին։ Ան կը կարծէր, թէ քանի մը ամիս Փարիզ եւ Նիս ապրելով Սոնիայի տրամադրութիւնը պիտի փոխուէր:

Արտասահմանը ի՞նչ ընեմ, հայրիկ ջան, ըսաւ Սոնիան անգամ մը, իմ երջանկութիւնս հոս պիտի գտնամ… Շուտով քեզի մեծ գաղտնիք մը պիտի յայտնեմ… չէ՛, հիմա չեմ յայտնելու… բայց շուտով… շատ շուտով…

Սոնիան կ’ուզէր իր մեծ գաղտնիքը պահել, մինչեւ որ Վարդանը վերադառնար, անցածը մոռնային եւ գեղեցիկ ապագայի մը շէմքը կոխէին միասին: Մինչեւ այդ՝ ոչ ոք պէտք չէ գիտնար իր սրտին գաղտնիքը, եւ ոչ ալ Եւգինէն, որ այնքա՜ն վշտացուցած էր զինք։ Կը փափաքէր Արսէնեաններուն երթալ, բայց հակառակ բուռն ցանկութեանը կը դժուարանար առաջին քայլը առնել, մէկ ալ որ Ալեքսէյի հետ ունեցած բաժանումէն ահա երկու շաբաթ անցած էր ու Արսէնեանները դեռ չէին երեւցած, մինչդեռ առաջները շաբաթը մէկ երկու անգամ կը հանդիպէին իրենց։

Այդ երեկոյ, մայրն ու Սոնիան ընթրիքի չնստան. ու մինչեւ ժամը տասը սպասեցին Պեոտր Կարպովիչի գալուն։ Մէկ ալ լսեցին դրան առջեւ կանգ առնող կառքի մը դղրդիւնը։ Չէին սխալած, Պեոտր Կարպովիչն էր եկողը: Ներս մտնելով ծանր ու տխուր դէմքով մը, ան Սոնիայի հետ չըրաւ սովորական ուրախ կատակները, այլ սեղանի մօտ էր տեղը բռնեց ու նեղացաւ տիկին Վառվառէի վրան, որ ի զուր իր գալուն սպասած էր։

Մայրն ու աղջիկը իրարու նայեցան զարմացած։ Ի՞նչ էր պատահած։ Անշուշտ գործի սրտնեղութիւն մը, թէեւ Պեոտր Կարպովիչը երբեք տան մէջ գործի յաջողութեան կամ ձախորդութեան մասին չէր խօսեր։ Ամուսնոյն միտքը ցրելու համար, տիկին Վառվառէն խօսք բացաւ Շուանիձէներու մասին, որոնք յաջորդ օրը ճաշկերոյթի հրաւիրած էին զիրենք:

Պեո՛տր, Սոնիան երթալ չ’ուզեր։ Շիտակը ամօթ է, մարդիկը երկու անգամ եկան մեզի, դեռ անգամ մ’իսկ չգնացինք։ Քանի որ Սոնիան չ’ուզեր երթալ, մենք երկուքով պէտք է երթանք…

Պեոտր Կարպովիչը գլուխը ձեռքերուն՝ ուշադրութիւն շդարձնելով, կը շարունակէր ուտել կերակուրը կամ աւելի ճիշդը՝ խաղալ կերակուրին հետ։

Հը՞, Պեո՛տր, կ’երթանք, չէ՞…

Պեոտր Կարպովիչը գլուխը վերցուց ու կնոջը նայեցաւ սրտնեղութեամբ.

Վազ անցիր այդ Շուանիձէներէդ, Ջաւջաւաձէներէդ։ Բաւական է: Թո՛ղ որ կերակուրս ուտեմ հանգիստ սրտով։ Ամէն օր անշուշտ յիմար բան մը կ’ունենաս զիս նեղացնելու:

Ընդհանրապէս տիկին Վառվառէի արցունքը աչքի պոչին տակ կը սպասէր, պատրաստ դուրս յորդելու: Ամուսնոյն նկատողութիւնը սրտին դպաւ: Սկսաւ մեղմօրէն հեկեկալով արտասուել։ Սոնիան հօրը նայեցաւ: Ի՞նչ էր պատահած:

Պեոտր Կարպովիչը սակայն շուտով ինքզինքը հաւաքեց եւ աւելի հանդարտ շեշտով մը խօսքը ուղղեց տիկին Վառվառէին։

Նու, լաւ, լաւ, սիրելիս, բաւական է. հիմա պատմութիւն մի՛ շիներ ըսածս։ Մենք, մենք չենք կրնար անոնց երթալ, որովհետեւ վաղը եկեղեցի պիտի երթանք։

Ամիսներով եկեղեցի երթալ մտքէդ չէր անցներ, աչքերը չորցնելով ըսաւ կինը, վաղը որ տեղ պիտի երթանք, նո՞ր միտքդ ինկաւ եկեղեցին։ Դու արդէն այդպէս ես. թո՛ղ մէկ երկու շաբաթ վերջը երթանք, ի՞նչ կը լինի որ… Ես Շուանիձէներուն խոստացայ…

Վառվառա՛… մենք երեքս պէտք է եկեղեցի երթանք վաղը, հազիւ լսելի ձայնով ըսաւ Պեոտր Կարպովիչը:

Դէմքը մթագնած էր։ Ակնյայտնի ճիգ մը կը թափէր խօսած ժամանակ հանդարտ երեւնալու:

Վաղը պատարագէն վերջը հոգեհանգիստ պիտի լինի, շարունակեց ան, պզտիկ լռութենէ մը յետոյ։

Պեոտր, ի՞նչ հոգեհանգիստ…

Վարդանի մահուան քառասունքն է… ես ինքս ալ միայն…

Քա, մա՛րդ, որո՞ւ մասին է խօսքդ, շփոթած խօսքը կտրեց տիկին Վառվառէն։

Սոնիան, որ անուշադիր կը լսէր հօր ու մօր խօսակցութիւնը, Վարդան անունը լսելուն տարտամ անհանգստութիւն մը, անորոշ նախազգացում մը ունեցաւ: Այդ ի՞նչ Վարդանի մասին էր խօսքը: Ձեռքի բաժակը շրթներուն տարած՝ այնպէս ալ մնաց։

Քանի՞ Վարդան կայ որ… մեր Աշոտի…

Բայց Պեոտր Կարպովիչը չկրցաւ խօսքը վերջացնել։ Բաժակը Սոնիայի ձեռքէն վար իյնալով ջարդուեցաւ: Աղեխարշ ճիչ մը դուրս թռաւ աղջկան շրթներէն։ Խելագարի մը ձեւով ան ոտքի ցատկեց ու մազերը սկսաւ փետտել անիմաստ բառեր արտասանելով։ Ոչ Պեոտր Կարպովիչը եւ ոչ ալ տիկին Վառվառէն կրցան տեղերնէն շարժիլ. ապշած իրարու կը նայէին։

Վարդա՛ն… հայրի՛կ… հայրիկ կը մեռնի՜մ… օ՜օ՜հ…– մահատիպ գունատութիւն մը ծածկեց աղջկան դէմքը, ու կամաց մը ինքն իր վրայ դառնալով, նուաղած գետին ինկաւ:

Սոնիան, աչքը բացաւ: Հիւրասենեակի դիւանին վրայ երկնցած էր, մայրը ջուր կը սրսկէր դէմքին, հայրը ձեռքերը կը շփէր։ Սոնիան զարմացած՝ չորս բոլորը կը նայէր, առանց հասկնալու իրեն հետ պատահածը։ Ճիգ մը ըրաւ միտքը կեդրոնացնելու։ Յանկարծ յիշեց հօր խօսքերը «Վարդանը մեռած է»… Բոլորովին ջախջախուած, նստաւ դիւանի վրայ։ Տաք արցունքը հանդարտօրէն սկսաւ վազել աչքերէն: Աշխարհը մէկէն դատարկուած էր. անհուն պարապութեան մը մէջ ինքզինքը կը զգար Սոնիան, ինքը մէն մինակ, սարսափելի ծանրութիւն մը կուրծքին չոքած։ Արցունքներու մէջէն տեսաւ սարսափէ կծկուած հօր դէմքը։ Նիհար ձեռքը ափին մէջ, զայն քովը նստեցուց, մինչ մայրը դիւանին առջեւ չոքած մնաց։

Սոնիան մղկտալով կը շարունակէր լալ։

Մի՛, մի լար, սիրական աղջիկս, կեանքի պատահարներ են, ամէնքս ալ ենթակայ ատոր…

Սոնիան աչքերը վերցուց ու նայեցաւ հօրը։ Պեոտր Կարպովիչի սիրտը կարծես դադրեցաւ զարնելէ. այդ ի՜նչ խոր յուսահատութիւն կար Սոնիայի աչքերուն մէջ, ի՜նչ սարսափ, անյատակ անդունդ մը, վշտով լեցուած։

Հայրի՛կ… հայրիկ ջան, Վարդանը ես սպաննեցի… ե՛ս, ե՛ս ինքս սպաննեցի…

Մեռած, անգոյն ձայնով մը կը խօսէր Սոնիան, ու կարծես թէ այն ձայնը շատ հեռուներէն կուգար, առանց ջերմութեան, կարծես թէ կենդանի ձայնի մը մեռած արձագանգն էր միայն։ Բայց այդ ձայնին մէջ այնպիսի խոր գիտակցութիւն մը կար, այնպիսի հաստատուն շեշտ մը, որ Պեոտր Կարպովիչը ակամայ ցնցուեցաւ։ Տէր Աստուած ի՞նչ ըսել կ’ուզէր Սոնիան։ Ինչպէ՞ս թէ իր աղջիկը սպաննած էր Վարդանը։

Ես պիտի երթամ Արսէնեաններուն… Չէ, խնդրեմ, հայրիկ, առանձին կ’ուզեմ երթալ… Գիշերը հոն կը մնամ…

Սոնիան վճռական շարժումով տեղէն բարձրացաւ, եւ ուղղուեցաւ դէպի հիւրասենեակի դուռը։

-------------

Տիկին Մարիամի ոտքերուն քով կծկուած Սոնիան կ’արտասուէր, մինչ սգաւոր կինը մեքենական շարժումով մը աղջկան մազերը կը շոյէր՝ աչքերը անորոշ կէտի մը յառած:

Վառօդը յանկարծ կը պայթի, միօրինակ ձայնով կը շարունակէր պատմել պր. Աշոտը, ու երեք ընկերները կը նետուին աս ու ան կողմը… երկուքը կ’ազատին, իսկ Վարդանը…

Տիկին Մարիամը եւ ոչ իսկ կը լսէր ամուսնոյն խօսքերը: Կարծես մշտապէս սարսափելի նկար մը կար աչքին առջեւ, որմէ չէր կրնար հեռացնել հայեացքը։ Ցաւի տակ ընկճուած՝ ան իր ինքնութիւնը կորսնցուցեր էր այն աստիճան, որ ճաշի ժամանակ երբ Եւգինէն ներս եկաւ՝ հայրն ու մայրը ճաշասենեակը տանելու, երեխայի մը հլութեամբ մայրը հետեւեցաւ աղջկանը, առանց գիտակցելու թէ ո՞ւր կը տանէին զինք ու ինչո՞ւ համար։

Եւգինէն զարմանալի տոկունութեամբ տարաւ սիրական եղբօր եղերական մահուան բօթը, մանաւանդ երբ տեսաւ, որ հայրն ու մայրը գերանդիի տակ ինկած խոտի նման տապալեցան ցաւի ծանրութեան տակ։ Եւգինէն ուժերը հաւաքեց՝ դիմագրաւելու համար անսպասելի աղէտին, միաժամանակ խնամելով հայրն ու մայրը, որոնք ուրիշի մը օգնութեանը պէտք ունէին։ Լծուեցաւ այդ ծանր աշխատանքին, առանց իր դպրոցները եւ ոչ ալ մասնաւոր դասերը ձգելու։ Դրսի ազգային աշխատանքը, ամէն ժամանակէ աւելի նուիրական պարտականութիւն մը դարձաւ իրեն համար։

Երբ Սոնիան այնքան անակնկալ կերպով եկաւ Արսէնեաններուն, Եւգինէն ընթրիքէն վերջը քաշուեցաւ իր սենեակը, նստեցաւ փոքր գրասեղանին առջեւ եւ սկսաւ աշակերտներու տետրակները սրբագրել:

Միջանցքին մէջ յանկարծ հեծկլտուք մը լսուեցաւ, ու մէկը անհամարձակ կերպով դուռը բախեց: Անշուշտ, աղախինը լինելու էր, հիւսիսէն եկած ռուս սպասուհին, որ ընտանիքի հարազատ անդամի նման կը սգար Վարդանի մահը։

Մտէ՛ք, ձայնեց Եւգինէն՝ շարունակելով աշխատանքը։

Դուռը բացուեցաւ, ու զսպուած հեծկլտանքը աւելի բարձր լսուեցաւ:

Հը՛, ի՞նչ կայ, սրտնեղած ըսաւ Եւգինէն ու աթոռին վրայ կիսով մը դարձաւ դէպի դուռը, Օ՜, Սոնիա՛!…

Երկու ընկերուհիները դէմ դիմաց կանգնեցան։ Եւգինէն ինքնամփոփ, սառը, իսկ Սոնիան՝ արցունկալած աչքերով, հազիւ ոտքի մնալու կարող։

Եւգին… Եւգին ջան, ու Սոնիան Եւգինէի մէջքը գրկեց, չոքեցաւ գետին, գլուխը ծածկեց անոր շրջազգեստի փէշին մէջ ու ամբողջ մարմնովը ցնցուելով ազատ ասպարէզ տուաւ իր մինչ այդ զսպած արցունքներուն։ Եւգինէն յանկարծակիի եկաւ: Երբեք չէր սպասեր, որ Սոնիան, Ասլանովի հպարտ ու կամակոր աղջիկը, այդքան խեղճացած, պաղատագին ձեւով մը զինք պիտի գրկէր, այդպէս դառնութեամբ ու սրտանց պիտի ողբար Վարդանի մահը։ Տխուր ժպիտ մը անցաւ Եւգինէի դէմքի վրայէն։ Ծռեցաւ, գրկեց Սոնիան ու անկողնին վրայ, իր քովը նստեցուց՝ աշխատելով հանգստացնել զայն:

Եւգին… Օ՜հ, Եւգին, հեծկլտուքի մէջէն կը մրմնջէր Սոնիան, որու արցունքները կարծես վերջ պիտի չունենային. Չգիտես… չգիտես, Վարդանը…

Գիտեմ, սիրելիս, գիտեմ, Եւգինէն փաղաքշելով կ’աշխատէր հանգստացնել Սոնիան։

Օ՜, Եւգին… ե՛ս, ե՛ս սպաննեցի Վարդանը… դու չգիտես… մեր… մեր կապը… դու չգիտես թէ՝ ես… ի՜նչ անսիրտ վարուեցայ… ես Վարդանը սպաննեցի… իմ սիրածս… իմ հոգիս… Եւգին, ես… ես ինքս սպաննեցի…

Ու անկարող այլեւս շարունակելու՝ կամաց մը սահեցաւ եւ անկողնէն վար նուաղած ինկաւ Եւգինէի ոտքերուն տակ:

Եւգինէն անմիջապէս գրկեց զայն, երկնցուց անկողնին վրայ ու շորերը թուլացնելով՝ դէմքին վրայ ջուր սրսկեց։ Նոր միայն Եւգինէն զգաց, որ իր խնամքին կարօտ էին ոչ միայն հայրն ու մայրը, այլ եւ Սոնիան ու թերեւս ամենէն շատ Սոնիան։

Երկու ընկերուհիները այդ գիշեր միասին անցուցին։ Եւգինէն կարդաց Վարդանի վերջին նամակը, ու Սոնիայի մասին գրած այնքա՜ն քնքուշ տողերը։ Այդ նամակը փոխանակ հանդարտեցնելու, կարծես կրկին անգամ աւելի ծանրացուց Սոնիայի սրտի անչափելի տառապանքը, աւելի խորութեամբ զգաց անդառնալի կորուստը, որ այլեւս ոչինչով չէր լեցուելու։

Եւգին, Եւգին, ես ի՞նչպէս, ի՞նչպէս սպաննեցի Վարդանը, ձեռքերը ճմլելով կը հառաչէր Սոնիան անհնարին դառնութեամբ։

Սիրելիս, Վարդանը դու չսպաննեցիր, Եւգինէն աշխատեցաւ հանգստացնել Սոնիան, որ երբեմն հեծկլտուքը դադրեցուցած կը լռէր, մէկ ալ նորէն, աւելի մեծ թափով սկսելու համար:

Եթէ միայն գիտնայիր, եթէ գիտնայիր…

Գիտեմ, սիրելիս, ես ամէն ինչ գիտեմ. եղբայրս ինձմէ բան չէր ծածկեր: Վարդանը դու չսպաննեցիր, ան հայրենիքի համար զոհուեցաւ ուրիշ շատ մը երիտասարդներու նման… Հայաստանի համար։

Կէս գիշերը վաղուց անցած էր։ Եւգինէն յոգնած՝ արդէն կը քնէր, բայց Սոնիան, երբեմն հեծկլտալով, երբեմն լալով կը մտածէր ու կարծես անելի մը մէջ ինկած, ելք մը չէր գտնար, թէկուզ աղօտ շող մը ճշմարտութիւնը տեսնելու:

Վարդանը ինչո՞ւ պիտի զոհուէր Հայաստանի համար։ Բայց եթէ նոյնիսկ ճշմարիտ լինէր Վարդանի Հայաստանի համար զոհուիլը, ատով մի՞թէ իր վարմունքը կը փոխուէր, մի՞թէ ինք կը դադրէր այն թեթեւամիտ աղջիկը լինելէ, որ սիրելով հանդերձ իր մանկութեան քաղցր ընկերը, ինչ որ անմիտ փառասիրութիւն գոհացնելու համար կռնակ դարձուցած էր անոր։

---------------

Կիրակի օր, վանքի եկեղեցին ծայրէ ի ծայր լեցուած էր հաւատացեալներով: Դուրսը բակին մէջ մնացած էր հոծ բազմութիւն մը, անկարող եկեղեցին մտնելու։ Խմբակներու բաժնուած, իրարու կը պատմէին ինչ որ լսած էին Վարդանի մասին։ Ամէն պատմող մեռնողը գեղեցկացնելու խօսք մը անշուշտ պիտի աւելցնէր իր կողմէն պատմած ժամանակ: Բերնէ բերան տարածուած էին նաեւ Պոնտոլովսկիի տերորի պատմութիւնը եւ ուրիշ շարք մը գործեր, որոնք Վարդանի հետ կապ մը չունէին սակայն։

Եկեղեցիի ներսը ասեղ ձգելու տեղ չկար։ Դասի անմիջապէս ետեւի կողմը կանգնած էին Աշոտ Արսէնեանը, տիկին Մարիամը, Եւգինէն եւ Սոնիան՝ շրջապատուած ազգականներով եւ բարեկամներով։ Տիկին Վառվառէն, Վարդանի մօր թեւը մտած, դժուարութեամբ զայն ոտքի կը պահէր, իսկ Սոնիան, որու երկու կողմերէն կը քալէին Եւգինէն եւ Պեոտր Կարպովիչը, մեղմօրէն կ’արտասուէր։

Զարմանալիօրէն խառն հասարակութիւն մ’էր եկեղեցիի մէջ հաւաքուածը։ Աչքի կը զարնէին մանաւանդ աշակերտները եւ աշակերտուհիները, որոնք դասի երկու կողմերը խռնուած էին։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ ուսուցիչնեը եւ քաղաքի աչքի զարնող մտաւորականներ: Կառապան Վաղօն, իր ընկերները ու յաղթանդամ Մոսօն սգաւորներու անմիջապէս ետեւի կողմը տեղ բռնած էին։

Խղճալի էր մասնաւորաբար Մոսոյի տեսքը: Ահագին երիտասարդը, Աշոտ Արսէնեանի ետեւը կանգնած, ինքզինք պահելու անկարող երեխայի նման կ’արտասուէր։ Ամբողջ շաբաթ մը ժպիտ չէր երեւցեր անոր դէմքին։ Սովորաբար կատակող, ուրախ Մոսօն, երբ առաջին անգամ Եւգինէէն լսեց Վարդանի մահը, կարծես թէ շանթահար եղաւ։ Այլեւս գիշերները ուշ ատեն, երբ փողոցները մեռնին, ու կեանքը կը դադրի, տան շէմքին առջեւ չէր նստեր Մոսօն, եւ ոչ ալ դրկիցները կը լսէին անոր Լելէ եաման քեամին կեուգայ երգը։ Գործը վերջացուցած՝ կը բարձրանար վեր, Արսէնեաններու յարկաբաժինը, եւ Եւգինէի բացակայութեան ժամանակ ժամերով կը նստէր սգաւոր հօր ու մօր մօտ, կը զբաղեցնէր անոնք, կը պատմէր իրենց խմբի հետ Վարդանի կատարած աշխատանքներու մասին։ Մոսօն այլեւս հասարակ դռնապան մը չէր Արսէնեաններու համար, այլ Վարդանի ընկերներէն մէկը, տան ցաւը սգացող հարազատ մը:

Եկեղեցիի մէջ, Աշոտ Արսէնեանի ետեւը կանգնած դռնապան Մոսոյի կողքին տեղ բռնած էին ծանօթ վաճառականներ, Կովկասեան պանքայի վարիչը եւ պաշտօնեաները։ Քանի մը ամիս առաջ այդ խառն հասարակութիւնը անհաւատալի երեւոյթ մը պիտի նկատուէր, բայց հիմա ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէր ատոր։ Ռուս կառավարութեան խելագար հալածանքը ակամայ եղբայրացուցած էր ազգի զանազան դասերը։

Պատարագիչ քահանան քարոզ մը խօսեցաւ՝ բնաբան վերցնելով Եղիշէի իմաստուն խօսքը՝ «մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»։ Քահանան, որու ծուխն էին Արսէնեանները, կը ճանչնար Վարդանը մկրտութեան օրէն։ Խօսեցաւ պարզ, անպաճոյճ ձեւով, շատ յուզուած։ Պատմեց անոր մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, թէ որքան լաւ տղայ մ’էր, պարկեշտ, ընկերասէր, բայց, որ գլխաւորն էր, լաւ հայ մը, ազգը սիրող, ազգի ցաւերը զգացող: Կողմնակի ձեւով անդրադարձաւ ռուս կառավարութեան հալածանքներուն, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը ոտքի հանած էր։ Պատմեց, որ Վարդանը առաջիններէն մէկն էր կառավարութեան դէմ ըմբոստացողներէն։ Յետոյ Ալեքսանդրոպոլի դէպքը ու վարագուրուած ակնարկ մը ըրաւ Պոնտոլովսկիի տերորին վրայ ու քարոզը վերջացուց հետեւեալ խօսքերով. «Աստուծու պատուհասող աջն էր Վարդանը, երկրորդ Դաւիթ մը, որ պարսատիկով զինուած՝ չվախցաւ արիւնարբու Գողիաթը դիմաւորել»։

Ծերունի քահանայի պարզ, քիչ մը միամիտ խօսքերը մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ ժողովուրդը։ Երբեմն միայն զանազան կողմերէ բարձրացած զսպուած հեծկլտանք մը խանգարեց լռութիւնը։

Հոգեհանգիստը վերջացաւ։ Բազմութիւնը սկսաւ ցրուիլ։ Արսէնեանները, շրջապատուած մօտիկ բարեկամներով, գնացին տուն։ Վերջին վարագոյրը իջած էր։ Վարդանը, ինչպէս շատ ուրիշներ, կամաց կամաց պիտի աղօտանար՝ հեռաւոր յիշողութիւն մը միայն մնալով։

Ասլանովները՝ Արսէնեաններուն հետ գնացին անոնց տունը։ Ինչ որ մեծապէս կը մտահոգէր Պեոտր Կարպովիչը՝ այդ Սոնիայի վիճակն էր։ Տուն հասած՝ Սոնիան փակուեցաւ Եւգինէի սենեակը եւ, հակառակ հօր թախանձանքներուն, դուռը չբացաւ, մինչեւ, որ Եւգինէի գալով՝ յօժարեցաւ ներս ընդունիլ հայրը։

Նո՞ւ, աղջիկս, պէտք է տուն երթանք… Կուգանք, վաղը նորէն կուգանք…

Սոնիան առջեւը կը նայէր՝ առանց պատասխանելու, թերեւս չէր լսեր իսկ հօրը ըսածները։

Եւգին, սիրելիս, դու խօսէ հետը, խնդրեց Պեոտր Կարպովիչը, թերեւս քեզ մտիկ ընէ։

Հօրեղբայր, աւելի լաւ է հանգիստ ձգել Սոնիան։ Եթէ կ’ուզէ հոս մնալ, թո՛ղ մնայ: Առաջին անգամը չէ որ մենք միասին կը քնենք։

Անշուշտ… բայց քեզի նեղութիւն, կմկմաց Պեոտր Կարպովիչը, թէեւ լաւ գիտէր թէ Սոնիան Եւգինէի հետ մնալով աւելի մխիթարուած պիտի զգար։

Ուշ գիշերով, երբ տնեցին քնած էին, Սոնիան եւ Եւգինէն սեղանի առջին նստած՝ կր խօսէին Վարդանի, անոր ապրած վերջին ամիսներու պատահարներու մասին։

Սոնիան նորէն կարդաց Վարդանի գրած վերջին նամակը, որուն մէջ տղան քրոջը մանրամասնօրէն կը նկարագրէր Պոնտոլովսկիի դէպքը, իր փախուստը, ու անկէ վերջ գլխուն եկածները։ Այդ նամակի մէջ արտայայտուած գաղափարները, ցանկութիւնները, ժողովուրդի համար աշխատելու որոշումը բոլորովին նորութիւններ էին Սոնիայի համար։ Բայց ամէն բանէ աւելի զինքը կը վրդովէր Սարգիս Աբօր ծեծամահ լինելը։ Սոնիան երբեք չէր կրնար երեւակայել թէ ռուս պաշտօնեայ մը, որ այնքան քաղաքավար է պարասրահներու մէջ, կրնար գազանային գործեր կատարել յետ ինկած գիւղերու մէջ։ Եթէ միայն այդ նամակը Վարդանը գրած չլինէր, Սոնիան պիտի չկրնար հաւատալ ուրիշի մը։ Երբ Սոնիան կարդաց Պոնտոլովսկիի տերորի նկարագրութիւնը, առաջին զգացումը եղաւ անչափ ուրախութիւն մը, որ վերջապէս արիւնխում գազան մը իր արժանի պատիժը գտած էր։ Բայց հետզհետէ անդրադառնալով կատարուածի վրայ, Սոնիան սկսաւ զարմանքով մտածել, թէ ինչպէ՞ս Վարդանի նման քնքոյշ, մեղմ տղայ մը ընդունակ դարձած էր մարդ սպաննելու։

Եւգի՛ն, Վարդանը ինչպէ՞ս… ինչպէ՞ս կրցաւ սպաննել, հարցուց Սոնիան ու ամբողջ մարմնով սարսռաց։

Եւգինէն վերջին տետրակը կը սրբագրէր: Գլուխը վերցուց ու շիտակ Սոնիայի աչքերուն նայեցաւ։

Երեխա՜յ, որ անհրաժեշտութեան մը առջեւ գտնւի մարդ… անշուշտ դժուար է, մտածելը անգամ սոսկում կը պատճառէ մարդու… բայց Պոնտոլովսկին մարդ չէր, գազան մ’էր, արիւնարբու գազան մը, անէծք մը հայ ժողովուրդի գլխուն։ Ես իսկ…, ու Եւգինէի աչքերը վառուեցան անօրինակ կրակով մը, ես իսկ կը փորձէի, եթէ հնարաւորութիւն ունենայի…

Սոնիան գլուխը կախ՝ կը մտածէր։ Կարծես ամէն ինչ փոխուած էր շուրջը. նոր միայն կը տեսնէր, նոր միայն կը մտածէր, կը զգար։ Ու այս գիտակցութիւնը չափազանց կը ճնշէր իր հպարտ, գոռոզ գիտակցութիւնը։ Մինչդեռ քանի մը ամիսներու ընթացքին շուրջը ամէն ինչ կերպարանափոխուած էր, նոյնիսկ Մելիք-Ադամեաններու, Ասրբէկեաններու նման ընտանիքներ տարուած էին ազգային շարժումով, որ ժողովուրդի վարի խաւերէն ծայր տուած էր, միայն ինք, Սոնիան չէր նկատած տեղի ունեցած փոփոխութիւնը, միայն ինքը անմասնակից մնացած էր, բոլորովին օտարի նման։ Վարդանը երիտասարդ կեանքը դրած էր գործի մէջ, իսկ ի՞նքը… հապա հա՞յրը, որ քանի մը շաբաթ առաջ գրասենեակէն վռնտած էր խումբ մը երիտասարդներ, որոնք հանգանակութեան համար դիմած էին անոր: Սոնիայի դէմքը ամօթէն շառագունեցաւ, ու գլուխը աւելի վար կախեց։

Ա՜, վերջացաւ, տետրակը գոցելով Եւգինէն դարձաւ Սոնիային, սիրելիս, պէտք է այժմ հանգստանալ:

Երկու ընկերուհիները հանուեցան, ճրագը մարեցին ու անկողին մտան: Բայց դեռ երկար կը լսուէր անոնց փսփսուքը։ Աւելի շատ Եւգինէն էր խօսողը։ Կը պատմէր Երկրի յեղափոխական աշխատանքներէն, Կովկասի մէջ նոր սկսող շարժումէն։ Խօսեցաւ Վահէի, Գէորդի ու Քաչալի մասին, որոնց անգամ մը Սոնիան հանդիպած էր ու այնքա՜ն արհամարհական վերաբերմունք ցոյց տուած անոնց հանդէպ։

Բայց, Եւգին, առաջ ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այս բոլորը չէիր պատմեր ինձ, կսկծալով հարցուց Սոնիան, այն ժամանակ թերեւս…

Սիրելիս, այն ժամանակ, չէիր հասկնար…

Ճիշդ է, խոստովանեցաւ Սոնիան՝ մեղմօրէն արտասուելով, չէի հասկնար… իսկ այդ երիտասարդները ի՞նչ եղան…

Գնացին, ամէն մէկը իր աշխատանքին։

Իսկ Քաչա՞լը, հարցուց Սոնիան, որ ընկերուհիի խօսելու ջերմ ձեւէն զգացեր էր որ ինչ որ կապ կար երկուրի մէջ, ան, ո՞ւր գնաց:

Հո՛ն, ուր պարտականութիւնը զինքը կանչեց։

Սոնիան վերմակը գլուխը քաշեց ու այլեւս չխօսեցաւ։ Մինչ Եւգինէն օրուան յոգնութենէն ընկճուած՝ հանդարտօրէն կը քնանար, Սոնիան մինչեւ լուսաբաց, կը մտածէր բոլոր լսածներու մասին ու երբեմն մեղմ հեծկլտալով կ’արտասուէր անժամանակ մեռած Վարդանի վրայ, որ հետը տարած էր Սոնիայի երջանկութիւնը։

Արսէնեաններու ընտանեկան կեանքը իր սովորական հունին մէջ մտաւ կրկին։ Պարոն Աշոտը, երկու շաբաթ բացակայելէ ետք, պաշտօնի գլուխը անցաւ, տիկին Մարիամը տնային գործերով զբաղեցաւ, իսկ Եւգինէն իր դրսի աշխատանքներու ետեւէն՝ միայն ճաշի եւ ընթրիքի ժամանակ տուն կուգար։

Հեշտ է ըսել, թէ՝ Արսէնեաններու տունը իր սովորական հունին մէջ մտաւ։ Հո՛ն բան մը կը պակսէր, աւելի ճիշդ նոր բան մը աւելցեր էր, որ առաջ չկար։ Այդ նոր եկուորը՝ սուգն էր, հարազատի մը մահուան սուգը, որ ծանրօրէն զգալի էր, որ օդի մէջ կախուած կը մնար, որ ամէն քայլափոխի ինքզինքը կը զգացնէր եւ որմէ կարծես ազատում չկար այլեւս։

Տիկին Մարիամը երկու տակ կռացած՝ արցունքը միշտ թերթեւանքէն կախ՝ սաստիկ պառաւած էր: Հազիւ թէ տասը տարիներ կարողանային այդ աւերը առաջ բերել, ինչ որ մէկ երկու շաբաթը ըրած էին: Պարոն Աշոտն ալ, որ կանոնաւոր կերպով գործի կ’երթար, մտամոլոր, շուարած վիճակ մ’ունէր. շատ անգամ գրիչը ձեռքը, գլուխը պանքայի մեծ տետրակին վրայ հակած՝ կը մնար, մինչեւ որ պաշտօնեաներէն մէկը, կամ յաճախորդ մը զինքը արթնցնէր այդ վիճակէն։ Կ’աշխատէր մեքենականօրէն, առանց ներքին եռանդի ու գիտակցութեան, դարձած էր պարզ մարդկային մեքենայ մը, որ տասնեակ տարիներու սովորական աշխատանք մը կը կատարէր։ Անցեալին մէջ այնքա՛ն բծախնդիր եւ զգոյշ հաշուապահութեան մէջ, Արսէնեանը կը զարմանար իր կատարած կոպիտ սխալներուն վրայ, որ հիմա շատ յաճախ կը պատահէին: Ամէն անգամ որ իր օգնականը, մեղմօրէն իր ուշադրութեանը կը յանձնէր սխալ մը, Արսէնեանը շատ վատ կը զգար, եւ ի զուր կ’աշխատէր ուշը կեդրոնացնել գործին վրայ: Դժուար էր սակայն։ Վարդանի պատկերը, իր խորտակուած յոյսերը զինք հանգիստ չէին ձգեր: Երեկոները, ընթրիքի սեղանի շուրջ հաւաքուիլը, աւելի քան տառապանք մը դարձած էր բոլորին համար: Այդ պահուն ամենէն շատ կը պակսէր Վարդանի շէնշող ուրախութիւնը, կենսուրախ ծիծաղը, առողջ, կենդանի դէմքը:

Սոնիան Արսէնեաններու մօտ մնացեր էր, հակառակ հօր ու մօր թախանձանքին։ Սեւ զգեստներու մէջ, գունաթափ դէմքը դուրս ցցուած էր, աւելի տխուր, աւելի կեդրոնացած արտայայտութեամբ, կարծես ցաւը քօղ մը լինէր դէմքը ծածկող: Այն աստիճան անակնկալ կերպարանափոխութիւն մէր կատարուածը, որ ծանօթներ կը դժուարանային ճանաչել այդ սեւեր հագած, քիչ գունաթափ ու լուրջ դէմքով աղջկան մէջ նախկին կենսուրախ, քրքջան Սոնիան։ Հոգեկան տառապանքը իր ծանր թաթով ճնշած էր Սոնիան։

Երբ սեւ զգեստներ կ’ապսպրէր Սոնիան, Եւգինէն զարմանքով հարցուց անոր.

Բայց, սիրելիս, մէկ զգեստ ունիս արդէն, քանի մը շաբաթէն սեւ զգեստի այլեւս պէտք չես ունենար։

Սոնիան չէր պատասխանած։ Հայեացքը անորոշ կէտի մը ուղղած՝ մնացեր էր, որպէս թէ լսած չլինէր ընկերուհիին նկատողութիւնը: Բայց եւ այնպէս զգեստներ ապսպրեց։ Ժամերով Եւգինէի սենեակը քաշուած՝ առանձին կը մնար։ Մէկ երկու անգամ անոր հետ դուրս ելած էր, գաղտնի վարժարանները այցելելու համար: Սրտանց կ’ուզէր մասնակցիլ Եւգինէի աշխատանքին, բայց դեռ ինքը պէտք ունէր հայերէն սովրելու։ Երեկոները, երբ ընկերուհին կը վերադառնար մասնաւոր դասերէն, Սոնիան դասագիրքը բացած՝ Եւգինէի օգնութեամբ կ’աշխատէր, գլուխը ծռած Մայրենի Լեզուի առաջին տարուան գրքի մը վրայ։ Որքան ալ որ ամբողջ կարողութեամբ կ’աշխատէր, եւ շատ ալ հեշտութեամբ կ’իւրացնէր Եւգինէի դասերը, սակայն Սոնիան չէր կրնար բաւարարուիլ այդ աշխատանքով: Կենդանի գործ մը հարկաւոր էր իրեն համար, որ ամբողջովին կլանէր զինքը, որուն նուիրուէր ամբողջ էութեամբը։

Անգամ մը, երբ հայրը, որ ամէն երեկոյ կուգար, նստած կը խօսէր Արսէնեանէի հետ, Սոնիան յանկարծ ընդմիջեց զայն.

Հայր, իրա՞ւ է որ, դու գրասենեակէն վռնտած ես քեզի դիմող երիտասարդները։

Անախորժ հարցում մ’էր: Պեոտր Կարպովիչը վերջերս կը զգար, թէ վատ վարուած էր ու ատոր համար վատ կը զգար։ Առանց աղջկանը նայելու, աւելի ինքնիրեն խօսելու ձեւով մը, պատասխանեց.

Չէի գիտեր թէ ովքե՞ր են…

Հայրի՛կ, պէտք է սխալը ուղղել… ամէն մարդ ձեռքէն եկածը պիտի ընէ իր ազգին օգնելու համար… Երբ ուրիշները իրենց կեանքով կը ծառայեն ժողովուրդէն…– յանկարծ Սոնիայի ձայնը դողաց, աչքերը լեցուեցան, բայց ինքզինքը զսպելով, շարունակեց.

Երբ ուրիշներ կեանքերնին կուտան, ունեւորներն ալ իրենց սրտին հետ քսակնին լայն բանալու են։

Սոնիայի խօսքերը ծանր յանդիմանութեան նման վիրաւորեցին Պեոտր Կարպովիչի ինքնասիրութիւնը: Կարծես ականջներուն չէր կրնար հաւատալ։ Մի՞թէ այդ իր Սոնիան էր, իր հարազատ աղջիկը, որ հայեացքը իրեն սեւեռած, այնքան լրջութեամբ կը խօսէր ազգի, հայ ժողովուրդի մասին: Անորոշ ձեւով մը գլուխը շարժեց՝ աղջկանը նայելով. ինքն ալ կը ցանկար կատարած սխալը կերպով մը ուղղել։

Յաջորդ օրը, երբ Պեոտր Կարպովիչը Արսէնեաններուն տունը եկաւ, ծրար մը յանձնեց Սոնիային ու կամաց մը ականջին շշնջաց.

Սոնիա՛, գիտցած գործիդ համար է։

Սոնիան ուրախացած՝ հօրը նայեցաւ։ Շաբաթներէ ի վեր առաջին անգամ լինելով՝ ուրախութեան կայծ մը շողաց աղջկան աչքերուն մէջ, մեղմօրէն ժպտաց ու գրկեց հայրը.

Սիրելի հայրիկս, մենք դեռ շատ պարտական ենք…

Գիտեմ, աղջիկս, գիտեմ…

Իրար հասկցած էին։ Պեոտր Կարպովիչը առաջ արհամարհանքով, նոյն իսկ թշնամաբար դիտած էր գաւառներէն ծայր տուող ժողովրդական շարժումը։ Բայց երբ այդ տարերային շարժումը տարածուեցաւ բոլոր շրջանները, եւ գրեթէ կազմակերպուած ըմբոստութեան մը ձեւը ստացաւ, մանաւանդ երբ հայ ժողովուրդի բոլոր դասերը՝ գիւղացին, քաղաքացին, մեծափարթամ հարուստն ու փողոցի մշակը միացած մէկ ճակատ կազմեցին կառավարութեան դէմ, Պեոտր Կարպովիչը յանկարծ ինքզինքը կտրուած զգաց ազգային հաւաքականութենէն։ Ոչ ռուս, ոչ հայ, այլ պարզապէս վաճառական մը դուրս ինկած էր ազգային համայնքէն։ Այդ հանգամանքը կը վիրաւորէր իր անձնասիրութիւնը, բայց որ գլխաւորն է, ծանր կերպով կ’անդրադառնար իր առեւտրական գործին վրայ։ Բերնէ բերան տարաձայնուած էր իր բռնած հակազգային դիրքը, շարժման նիւթապէս օժանդակելու չկամութիւնը։

Խելօք վաճառական մը լինելով՝ Պեոտր Կարպովիչը կը զգար, որ պէտք էր նահանջէր, բայց նահանջ մը՝ առանց իր ինքնասիրութիւնը վիրաւորելու: Սոնիայի նկատողութիւնը՝ փնտռած առիթը տուաւ։ Աղջկան տուած ծրագրին մէջ Պեոտր Կարպովիչը զետեղած էր հինգ հազար րուպլի։

Սոնիան չէր գիտեր թէ այդ գումարը որո՞ւն պէտք էր յանձնել։ Այդ մասին Եւգինէի հետ խորհրդակցեցաւ։

Բժիշկ Ջանեանին յանձնէ, խորհուրդ տուաւ Եւգինէն, Բեհբուդեան փողոցի վրայ կ’ապրի, մեր ղեկավարներէն մէկն է։

Այդ գումարի յանձնումը եղաւ պատճառ, որ Սոնիան ծանօթացաւ բժիշկ Ջանեանի հետ ու անոր միջոցով այն մարդոց շրջանին, որոնք յեղափոխական շարժման ղեկավարներէն կը համարուէին: Սոնիայի առջեւ, այդ ծանօթութեան հետեւանքով բացուեցաւ բոլորովին նոր աշխարհ մը, որ մինչեւ այդ անծանօթ էր իրեն։ Նոր մարդիկ, նոր դէմքեր, բայց մանաւանդ ազգային արժէքներու նոր գնահատումներ, որոնց մասին առաջ Սոնիան երբեք մտածած չունէր։ Նոր բարեկամները հակառակ որ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մարդիկ էին, բայց շատ պարզ, ջերմ զգացումներով սրտակից բարեկամներ էին, որոնք առաքելական պարզութեան հետ անսահման սէր ունէին դէպի իրենց ժողովուրդը, ու անոր ծառայելու մոլեռանդ պատրաստակամութիւն մը:

Ամենէն աւելի Պաստամեանէն տպաւորուեցաւ Սոնիան։ Այդ թափթփած արտաքինով մարդը, որ թափառաշրջիկ տերվիշի նման միշտ շարժման մէջ էր, ընդհանրապէս լռակեաց, աւելի կը սիրէր լսել քան խօսիլ, հարազատի մը ջերմութեամբ ընդունեց Սոնիան։ Այնպիսի քնքուշ վերաբերմունք մ’ունէր, որ առաջին հանդիպումին Սոնիան թէեւ վերապահ, սակայն շատ շուտով ինքզինքը կապուած զգաց գրաւչութենէ զուրկ այդ մարդուն, որ մտամոլոր հայեացք մ’ունէր ու միշտ ծանր խորհուրդ մը միտքը զբաղեցնող։

Սոնիան կը սիրէր Պաստամեաններու տունը այցելել։ Գրեթէ աղքատ ընտանիք մ’էին անոնք, երկու, ողորմելի սենեակներու մէջ տեղաւորուած, ուր հազիւ անհրաժեշտ կարասիներ կային։ Հակառակ այդ պարզութեան, որ մինչեւ աղքատութիւն կ’իջնէր, Սոնիան ոչ աթոռներու չորութիւնը կը զգար եւ ոչ ալ սեղանի աղքատութիւնը, բաւական էր որ մտիկ ընէր Պաստամեանի եւ կնոջ խօսքերուն, անոնց հետ միասին լինէր:

Եթէ երկու ամիս առաջ մէկը ըսէր, թէ Սոնիան կրնար Պաստամեանի հետ բարեկամանալ, աղջիկը միայն կրնար քրքջալ այդքան անհեթեթ ենթադրութեան մը վրայ։ Բայց հիմա, Պաստամեանի ազդեցութեան շնորհիւ Սոնիային կը թուէր, թէ գտած է կեանքի ուղիղ ճամբան, որ Վարդանի մահէն վերջը այնքան ամայի կ’երեւնար։ Աղջիկը եկած էր այն եզրակացութեան, թէ Վարդանի մահով թանկագին աւանդ մը ձգուած էր իրեն, թէ ինք պարտականութիւն մը ունէր կատարելիք: Այդ պարտականութեան գաղափարը թէեւ մշուշապատ, բայց հետզհետէ Պաստամեանի խորհրդներով կը պարզուէր, ու Սոնիան արդէն կը գիտակցէր ընելիք գործը։ Այդ մասին Սոնիան ոչ ոքի բան ըսած չունէր, մինչեւ իսկ հօրը, երբ Մոսոյի մեկնումը պատճառ դարձաւ որ Սոնիան իր որոշումը յայտնէ։

Սոնիայի համար առաջ Մոսօն գռեհիկ դռնապան մ’էր, որուն նոյնիսկ բարեւ չէր տար ու կը սրտնեղէր, երբ անոր կը հանդիպէր Արսէնեաններու տունը։ Ի՞նչ գործ ունէր հոն այդ կռօն, ա յդ հասարակ գիւղացին, որ մտերմօրէն կը խօսէր Վարդանի հետ։ Բայց Վարդանի մահէն վերջ, երբ Սոնիան տասնհինգ օրէ աւելի մնաց Արսէնեաններու մօտ, Մոսոյի հետ յաճախակի հանդիպելով, այդ հասարակ դռնապան երիտասարդի այնքա՜ն սրտանց սուգը տեսնելով, ակամայ զգաց մօտիկութիւն մը, որ առաջ չէր իսկ կրնար երեւակայել։ Երկուքը իրարու մօտեցնող կապը Վարդանի յիշատակն էր։

Մոսօն, Սոնիայի մօտ նստած, ժամերով կը պատմէր Վարդանի մասին, անոր կատարած աշխատանքներէն, իրենց խմբի հետ ունեցած պարապմունքներէն, իրենց պտոյտներէն ու Վարդանի ունեցած ապագայի ծրագիրներէն: Մոսօն, պարզամիտ ու խանդաւառուող երիտասարդ մը, յափշտակութեամբ կը խօսէր Վարդանի մասին, ու կարծես չէր կրնար հաշտուիլ անոր մահացած լինելու գաղափարէն հետ։ Ամէն անգամ, երբ խօսքը Վարդանի վրայ դառնար, Մոսօն այնքան ջերմօրէն կը խօսէր անոր մասին, որ Սոնիան պատրանքը կ’ունենար հարազատի մը հետ խօսելու:

Հետզհետէ սակայն, Սոնիան Մոսոյի մէջ սկսաւ տեսնել ինքնուրոյն գեղեցկութիւն մը, որ առաջ չէր կրնար տեսնել: Երկուքի մօտիկութիւնը կամաց կամաց մտերիմ բնաւորութիւն մը կը ստանար։ Մոսօն կը պատմէր իր կեանքէն։ 1896 թուականի ընդհանուր կոտորածէն մազապուրծ ազատած, դեռ հազիւ տասնեւութ տարեկան պատանի մը, Մոսօն խումբ մը բախտակից ընկերներով ռուսական սահմանը կ’անցնէր, ուրախ որ կեանքը ազատած էր: Տարիներ անցած էին, բայց կեանքի ապահովութիւնը կամ կտոր մը հալալ հացը չէին կրցած Մոսօն կապել այդ օտար քաղաքին։

Մոսօն կ’երազէր Երկիր անցնիլ, բայց Երկիր անցնիլ որպէս կռուող զինուոր մը։ Այս պարագան սաստիկ կը հետաքրքրէր Սոնիան, որ զարմանքով մտիկ կ’ընէր Մոսոյի խօոքերը։ Ուրեմն Մոսօն ալ Վարդանի նման միեւնոյն ճամբայով կ’ուզէր երթալ. ճամբայ մը, որ այնքա՜ն անորոշ վախճան մը ունէր։ Սոնիայի աչքին կը մեծնար երէկուան հասարակ, անգրագէտ դռնապանը, կ’ամբողջանար անոր նկարագիրը, արժէքը: Սոնիան կը ցաւէր որ առաջ այնքա՜ն կոյր՝ առանց շրջապատը տեսնելու կ’ապրէր ինք։ Ներքին բաւականութիւն մը կը զգար այդ գիտակցութեամբ ու կ’աշխատէր նախկին մեղքերը քաւել։ Ժամերով նստած Մոսոյի հետ կը խօսէր, մանաւանդ պատմել կուտար անոր Ախլաթի շրջանի մասին, հայ ժողովուրդի ապրած օրերէն, Մոսոյի տեսած ու ապրած կեանքէն:

Ճիշդ է, որ Սոնիան շատ ալ բան չէր հասկնար Մոսոյի պատմութիւններէն։ Նախ որ, ինք լաւ հայերէն չէր գիտեր, մէկ ալ որ, այն՝ ինչ Մոսօն կը պատմէր, անհաւատալի կը թուէր Սոնիային։ Եթէ այդ պատմութիւնները իրողութիւն էին, ապա ուրեմն հայ ժողովուրդը Երկրի մէջ դժոխք մը կ’ապրէր։ Որքան ալ որ Սոնիան Մոսոյի պատմութիւնները չափազանցուած կը համարէր, բայց վերջին երկու երեք ամիսներու անցուդարձերը Կովկասի մէջ զինքը ակամայ բերին այն եզրակացութեան, որ թուրքերն ու քիւրտերը ռուս անհոգի պաշտօնեաներէ աւելի վատ կրնային լինել։

Նոյեմբերի վերջերը, օր մը, Պեոտր Կարպովիչը եւ Սոնիան եկած էին Արսէնեաններուն։ Երեկոյեան թէյի ժամանակ էր։ Ռուս սպասուհին եռացող սամավարը ներս բերած՝ թէյ կը բաժնէր սեղանի շուրջ նստողներուն։ Սոնիան այնքա՜ն վարժուած էր Արսէնեաններու մօտ Մոսոյին հանդիպելու, որ անմիջապէս անոր բացակայութիւնը նկատեց: Արսէնեաններու համար ալ Մոսօն տան մարդ էր դարձած: Այնպէս որ ոչ ոք, նոյնիսկ Պեոտր Կարպովիչը չզարմացաւ, երբ Սոնիան սպասուհին վար ճամբեց Մոսօն կանչելու համար։ Սակայն Մոսօն առտու կանուխ մեկնած էր իր խցիկէն, ու դեռ չէր վերադարձած, թէեւ արդէն մութ էր, ու պէտք էր որ Մոսօն, որպէս դռնապան, իր պաշտօնին գլուխը գտնուէր։

Սեղանին շուրջը հաւաքուած մեր բարեկամները առօրեայ հոգերու շուրջ կը խօսակցէին։ Աշոտ Արսէնեանը կը գանգատէր մշտական գլխացաւէ մը, ու իր անկարողութենէն՝ առաջուան նման իր գործին կանոնաւոր կերպով հետեւելու։ Եւգինէն, որ անխուսափելի տետրակները կը սրբագրէր ու միեւնոյն ժամանակ մտիկ կ’ընէր հօր գանգատներուն, գլուխը բարձրացուց ու խօսքը հօրը ուղղելով ըսաւ.

Այդ կը նշանակէ, սիրելի հայրիկս, որ դու պէտք է գործդ ձգես։ Արդէն կենսաթոշակի իրաւունք ստացեր ես 35 տարի աշխատելով այդ հաստատութեան մէջ։ Ասկէ վերջ պէտք է որ խաղաղ կեանք մը անցընես…

Խաղա՞ղ…

Աշոտ Արսէնեանը տխուր ժպիտով մը նայեցաւ աղջկանը: Այլեւս ի՞նչ խաղաղ կեանք կրնար ապրիլ ինք: Միակ խաղաղութիւնը, որ կար, գերեզմանն էր։

Հայրի՛կ, Եւգինէի ձայնին մէջ կշտամբանքի շեշտ մը կար, հայրի՛կ, մենք բացառութիւն չենք, հազարաւոր հայ ընտանիքներ կան…

Անգործ ի՞նչ ընեմ, աղջիկս… աշխատած ժամանակս գէթ կը մոռնամ…

Անգո՞րծ։ Ի հարկէ, ոչ։ Կ’երթանք Երեւան. ես ուսուցչուհիի պաշտօն մը կը վերցնեմ… դու էլ…

Ես էլ տանը նստած գուլպայ կը գործեմ, հեգնօրէն ժպտաց Արսէնեանը:

Եւգինէն վերջի ատենները կ’աշխատէր համոզել ծնողքը, որ Երեւան տեղափոխուին։ Ի՞նչ ունէին այլեւս Թիֆլիսի մէջ։ Այս գաղափարը, որ սկիզբը անհանդուրժելի էր, հետզհետէ սակայն տեղ կը բռնէր Արսէնեանի մտքին մէջ։ Իսկապէս, այլեւս ի՞նչ կար Թիֆլիսի մէջ. ինք նիւթապէս ապահովուած՝ կրնար Երեւան երթալ, հոն հաստատուիլ։ Մանաւանդ որ Եւգինէն այդպէս կը ցանկար։

Սոնիան լուռ մտիկ կ’ընէր, իսկ Պեոտր Կարպովիչը զարմանքով կը նայէր իր բարեկամին։ Ի՞նչպէս թէ երթալ Երեւան, այդ ողորմելի քաղաքը, որ ոչ գիւղ էր եւ ոչ ալ ապրելու յարմար քաղաք մը։ Մէկ երկու անգամ այդ ուղղութեամբ կարծիք յայտնած էր, բայց Եւգինէն ու Սոնիան բուռն կերպով հակաճառած էին իրեն։ Ատկէ վերջ խոհեմութիւն համարած էր լռել։ Տէր Աստուած, եթէ յանկարծ Սոնիան ալ ելնէր ու նոյնանման ցանկութիւն մը յայտնէր… Ինք՝ Պեոտր Կարպովիչ Ասլանովը Երեւանի մէջ… այդ միտքը միայն բաւական էր զինք խենթացնելու։

Երեկոյեան ժամը ութի ատեններն էր, երբ Մոսօն հիւրասենեակը մտաւ, ուր հաւաքուած էին մեր բարեկամները։ Մոսոյի սովորաբար տխուր դէմքը այդ երեկոյ անսովոր ուրախութեամբ մը կը փայլէր. ոչ գաւազան ունէր ձեռքին, ոչ ալ ճերմակ գոգնոցը, այլ կիրակնօրեայ մաքուր զգեստները հագած էր։ Մոսոյի երեւոյթը, մանաւանդ ուրախութենէ ճառագայթող դէմքը այնպիսի հակապատկեր մ’էր սովորականին, որ Սոնիան զարմանքով նայելով՝ մեղմօրէն հարցուց.

Հը՞, Մոսօ, ուրախ կ’երեւիս, հագուած շտկուած։ Կ’երեւի, տեղ մը հիւր երթալու կը պատրաստուիս։

Մոսօն կանգնած տեղը շփոթած մնաց։ Հակառակ գործ դրած բուռն ճիգին, չէր կրնար զսպել իր ուրախութիւնը։ Օ՜, եթէ միայն կարողանար ըսել իր ուրախութեան պատճառը, եթէ միմիայն կարողանար ըսել… բայց շրթունքները գոցուած էին, լեզուն՝ կապանքի տակ։

Եկայ, կմկմաց Մոսոն, եկա՛յ մնաք բարով ըսելու.

Մնա՞ք բարով, ո՞ւր կ’երթաս որ, հարցուց Եւգինէն, մինչ մնացածները զարմանքով կը նայէին Մոսոյին.

Անշուշտ, աւելի լաւ տան մը մէջ պաշտօն մը գտած լինելու ես, Մոսօ… Քեզի այնպէս վարժուած էինք… դուն հարազատի պէս էիր մեզ համար… Քանի Վարդանը…

Տիկին Մարիամը խօսքը չշարունակեց, գլուխը կախեց կրծքին վրայ։

Սոնիան հարցական կը նայէր Մոսոյին։ Ինչո՞ւ այդ անակնկալ որոշումը։ Դեռ օր մը առաջ ժամերով խօսած էր Մոսոյի հետ, սակայն մեկնելու մասին ոչ մէկ բան չէր յայտնած տղան։

Չէ՛, խանում, սաստիկ յուզուած ըսաւ Մոսօն, որու աչքերը արցունքով թրջուած էին. Աստուած այ գիտէ, որ եթէ այս բազարը մնայի, ձեզմէ երբեք չէի զատուեր… Բայց այնպէս եղաւ, որ Կովկասէն մեկնիմ… Ես Երկիր պիտի անցնիմ…

Սոնիան ուրախացած՝ ոտքի ցատկեց ու մօտեցաւ Մոսոյին.

Ե՞րբ պիտի երթաս։

Այս իրիկուն, ժամը տասնեւմէկի գնացքը պիտի առնեմ։

Ա՞յս իրիկուն… ինչո՞ւ այդպէս յանկարծակի։

Օրիորդ Սոնիա, այսպէս պատահեցաւ… ի՜նչ ընեմ…

Մոսոյի դէմքին արտայայտութիւնը լեզու առած կարծես կը խնդրէր Սոնիային, որ այդ ուղղութեամբ այլեւս չխօսի։

Սոնիան զարմացած նայեցաւ տղու յուզուած դէմքին։ Անշուշտ Մոսոյի խօսքերուն տակ աւելի բան մը թագնուած էր, որ իրենք չէին հասկնար։

Բայց, Մոսօ, տղաս, այսպէս երթալ չի լինի, գէթ մէկ երկու օր առաջ ըսէիր, քեզի համար պատրաստութիւն տեսնէինք, նեղացած ըսաւ Արսէնեանը։

Վնաս չունի, պարոն Աշոտ… Աստուած տայ, մէկ ալ իրարու հանդիպինք։ Էվէլ պակաս հելալ ըրէք, ու մօտենալով համբուրեց տիկին Մարիամի ձեռքը։

Արսէնեանի եւ Պեոտր Կարպովիչի ձեռքը թօթուելով՝ Եւգինէի եւ Սոնիայի ընկերակցութեամբ ան դուրս եկաւ միջանցքը։

Ուրեմն, Մոսօ, այս իրիկուն անպատճառ կ’երթա՞ս, հարցուց Սոնիան՝ ձեռքի դրամապանակը խառնելով.

Այո՛, անպատճառ։

Պարսկաստանո՞վ պիտի անցնիս։ Թերեւս տեսնես…

Չէ, օրիորդ Եւգին, Թաւրիզ չենք երթալու, ուղիղ Թադէոս Առաքեալի վանքով Երկիր պիտի մտնանք:

Ուրեմն, ընկերո՞վ կ’երթաս, հարցուց Եւգինէն։

Եւգինէի այդ միամիտ հարցումը սաստիկ չփոթեց Մոսօն, որ վայրկեան մը ինչ պատասխանելը չիմացաւ, բայց անմիջապէս ինքզինք ժողվելով՝ ըսաւ.

Այո՛, մեր երկրացի երիտասարդ մ’ալ կուգայ հետս։

Երբ հանդիպիս, Վահէին եւ Գէորգին բարեւ կ’ընես։

Աչքիս վրայ։ Հիմա մնաք բարով։

Սոնիան Մոսոյի ձեռքը սեղմած ժամանակ ծրար մը թղթադրամ կոխեց տղուն բուռը ըսելով.

Դու գիտես, թէ ի՞նչ բանի պիտի գործածես այս դրամը։

Մոսօն նայեցաւ Սոնիային, գլուխը թօթուեց ու աճապարեց դուրս ելլել դռնէն, կարծես թէ կը վախնար այդ աղջիկներու հետ աւելի երկար մնալու։

Երբ Սոնիան եւ Եւգինէն նորէն հիւրասենեակը մտան, տիկին Մարիամը լուռ կ’արտասուէր, մինչ երկու տղամարդիկը ցած ձայնով կը խօսէին իրարու հետ։

Գնա՞ց, հարցուց տիկին Մարիամը արցուեքը սրբելով, լաւ տղայ էր Մոսօն, Աստուած բարի ճանապարհ տայ. Աստուած փորձանքներէ պահէ…

Գնաց, մօրաքոյր… ես ալ շուտով կ’երթամ…

Սոնիա՛, դուն ո՞ւր պիտի երթաս որ…

Շաբաթէ մը կը մեկնիմ, Մոսկուա կ’երթամ… ուսանելու…

Բոլորը շփոթած՝ իրարու նայեցան ու յետոյ Սոնիային, որ ժպտուն իրենց կը նայէր մէկու մը նման որ հաստատ որոշած է ընելիքը եւ գիտէ թէ ի՛նչ կ’ընէ:

ՎԵՐՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԻ