Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ՀԱՅ ԳԻՒՂԱՑԻՆ ԴՈԻՌԸ ԿԸ ԳՈՑԷ

Լեւոնի խումբը, երկու օր Քերձ գիւղի մէջ պահուելէ վերջ, Կզլդաշի մէջ երկու մասի բաժնուեցաւ: Լեւոնը, Առիւծ Գեւօն, ու Թոփալ Սատանան Կզլդաշէն Կէմ անցնելով, գիշերով հեռացան այդ գիւղէն՝ Բերդակ երթալու համար։ Կէմեցի վալադ մը կ’առաջնորդէր զիրենք։ Կէմի մէջ գիւղացիք դժուարութեամբ տեղ տուած էին փախստականներուն, որոնց դեռ երկու շաբաթ առաջ այնքան մեծ ոգեւորութեամբ ու պատիւներով ընդունած էին այդ նոյն գիւղացիները։

Մեր երեք ընկերները Կէմի սարը կը բարձրանային: Լեւոնն ու վալադը քիչ առաջ անցած էին։ Առիւծ Գեւոյի քէֆը շատ տեղը չէր այդ գիշեր։ Աբդուլլահ բէկի կտրուած գլուխը Լեւոնէն աննկատելի կերպով պահած էր չանթային մէջ, ինքն ալ չէր գիտեր թէ ինչո՞ւ համար: Վերջ ի վերջոյ երբ Լեւոնը իմացաւ եղածը, սաստիկ բարկացաւ եւ կարգադրեց, որ փոսի մը մէջ թաղեն բէկի գլուխը: Սակայն, բէկի ականջները չգտնուեցան: Առիւծ Գեւօն հազար երդում ըրաւ, որ ինք խապար չունէր կտրուած ականջներէն։ Խմբի միւս տղաքն ալ երդուեցան, որ չէին տեսած։

Այս ականջներու խնդիրը պատճառ եղաւ որ Լեւոնը հայդուկներու ներկայութեան խստօրէն յանդիմանէ Առիւծ Գեւօն, որ հին եւ անուն ունեցող մարտիկ մը լինելուն՝ շատ վատ ազդուած էր։

Ծօ՛, Սատանայ, խռովկան երեխայի նման կը գանգատէր Առիւծ Գեւօն, կարծես աշխարհը կործանեցաւ, եղած չեղածը երկու ականջ է..

Հա, իրաւ, էդ ականջները ի՞նչ ըրիր Գեւօ՛, անպատճառ, դու պահած ես։

Առիւծ Գեւօն իր մտերիմ ընկերոջն իսկ չուզեց յայտնել, որ բէկի ականջները, թելէ անցուցած, վզէն կախած էր։

Կէմի սարի գագաթը որ հասան, վալադը ետ վերադարձաւ։ Ատկէ անդին թոփալ Սատանան ու Առիւծ Գեւօն շատ լաւ գիտէին ճանապարհը։ Երեքը միասին իջնալով լեռնէն, արագօրէն կտրեցին դաշտը, ու մօտեցան Բերդակին։

Գիւղին մօտեցած, Լեւոնը եւ երկու ընկերները պահ մը կանգ առին։

Հիմա որո՞ւ տունը երթանք, ընկերներուն հարցուց Լեւոնը՝ ինքն ալ հաստատ չգիտնալով, թէ ի՞նչ ընդունելութիւն կրնային սպասել Բերդակի մէջ։

Գեւօն ու Թոփալ Սատանան ալ այդ մասին շատ վստահ չէին։ Վերջին անգամ Բերդակի մէջ Առիւծ Գեւօն փառաւոր կերպով ապրած էր, մանաւանդ րէսի տանը, ուր փորցաւի այնքան ազդու դեղ մը գտաւ։ Այդ յիշողութիւնը, մանաւանդ դարձեալ փորիցաւ մը ունենալու ախորժելի հեռանկարը ջերմացուց Առիւծ Գեւոյի քիչ մը ինկած տրամադրութիւնը։ «Այլեւս ի՞նչ կարիք կայ փնտռտուքի», իւրօվի մտածեց Գեւօն, «անշուշտ րէսի մօտ պիտի իջնային»:

Գործադիր Գրիգորի տունը կրնանք երթալ, առանց մեծ ոգեւորութեան խօսեցաւ Թոփալ Սատանան՝ քիթը քերելով:

Բայց այդ առաջարկութիւնը այնպիսի ձեւով մը արտասանուած էր, որ աւելի կը նշանակէր թէ հոն չեն կրնար երթալ:

Հէ՜յ, հէ՜յ, բանը որ Գրիգորին մնայ… Աստուած գիտէ չոլը կը մնանք։ Աւելի լաւ է մէկ րէսին տունը երթանք, հացով մարդ է, խօսեցաւ Առիւծ Գեւօն։

Լեւոնի համար բոլորը մէկ էր, բաւական էր, որ տեղ մը ճարուէր, ուր ցերեկը կարենային մնալ։ Սակայն, պէտք էր առաջուց լուր տալ րէսին։

Շատ լաւ, Գեւօ՛, ձեզմէ մէկը թող երթայ գիւղ, լուր տալու։

Ես կ՚երթամ, ուրախացած ըսաւ Գեւօն, րէսը իմ խաս բարեկամն է։

Լեւոնն ու Թոփալ Սատանան նստան քանդուած շէնքի մը մօտ, մինչ Գեւօն կորաւ խաւարի մէջ։ Հազիւ հինգ րոպէ անցած՝ գիւղի շները կատաղութեամբ սկսան հաջել։ Այդ կը նշանակէր, թէ Գեւօն գիւղը մտած էր։

Քնած գիւղը մէկէն արթնցաւ։ Հեռուէն կը լսուէր ճռճռալով բացուող գոցուող դռներու ձայնը։ Քիչ անցած, գիւղին մէջ աղմուկ մը փրթաւ։ Շատ մը ձայներ պոռպռալով կը խօսէին ու անոնց մէջէն յստակօրէն կը լսուէր Առիւծ Գեւոյի բարձր ձայնը։ Արդեօք ի՞նչ էր պատահած, ինչո՞ւ այդ աղմուկը։ Լեւոնն ու ընկերը այնքան մը մօտ չէին, որ հասկնային այդ ղալմաղալի պատճառը։

Գեւոյի թարս տամարն է բռնած նորէն, սրտնեղելով խօսեցաւ թոփալ Սատանան, տեսնես՝ ի՞նչ պատահեցաւ։

Երթանք տեսնենք, հիմա ամբողջ գիւղը ոտքի կ՚ելլէ։

Երկու ընկերները քանի կը մօտենային գիւղին, ձայները այնքան կը բարձրանային։ Յայտնի էր, որ անախորժ խօսքի կռիւ մ՚էր տեղի ունեցածը։ Մարագներու մօտէն անցնելով՝ Լեւոնն ու Թոփալ Սատանան, աջ ծռեցան ու մտան գիւղի միակ փողոցը։ Րէսի տան առջեւ բազմութիւն մը հաւաքուած էր։ Շատեր շապիկ վարտիկով դուրս թափած էին փողոց։

Էնա ժամ պատարագ, կը լսուէր Առիւծ Գեւոյի բարկաճայթ ձայնը, որ Վասակ վասակութիւն արած՝ ձեր գեղականի արածի քով հիչ բան է… Հա Սոդոմ Գոմոր, հա ձեր էս գեղը…

Ախպե՛ր, զօ՞ր է, բազմաթիւ ձայներու մէջէն կը լսուէր գիւղացիի մը բամբ ձայնը, որ գեղական չուզեր, ալ ինչո՞ւ զօռով մեր գեղը կուգաք. ․․ Զաթի մեր գեղ աւիրաւ ձեր երեսէն… տահա ապուր ալ ունիք… Ախպեր, ահա էս դո՛ւ, է՛ս լէ ճամբան, բարով, հազար բարով երթաս… հասկցա՞ր…

Ծօ, անօրէնի տղայ, ալ աւելի բարձր կը պոռար մեր բարեկամ Գեւօն, ո՞նց թէ՝ էս դու, էս լէ ճամբան, պա դուք հայ քրիստոնեայ չէ՞ք, ձեր երեսին սուրբ մեռոն չկա՞յ… Հիմա լուսը կը բացուի.. ո՞ւր կարանք երթալ․ ես խօմ մինակ չեմ. տնաքանդներ, դուք թասիպ չունի՞ք, պարոն Լեւոնը, մէկ հատ ալ ուրիշ ընկեր ունիմ…

Հա՜յ հո՜ւյ… Լեւոն Մեւոն չենք ճանչնար, հեգնօրէն պոռաց ուրիշ գիւղացի մը, ձեր ճամբան գնացէք… Էնա Տիրամէր, էս սհաթին տրեխիս կապերը պնդած՝ քաղաք կ’երթամ… վալլահ պիլլահ խապար կուտամ…

Ծօ, դու Կայէնի կոտոշ, ծօ, դու կռապաշտ, ես քու…

Այդ պահուն Լեւոնն ու Թոփալ Սատանան մօտեցան բազմութեանը: Եթէ բոլորովին մութ չլինէր, Լեւոնի դէմքը տեսնողը կը սոսկար։ Ինքզինքը զսպելով՝ հանդարտօրէն հարցուց․

Էս ի՞նչ ղալմաղալ է, ախպրտիք։

Գեղականը չ’ուզեր որ գեղ մնանք, բացատրեց Գեւօն՝ հազիւ ինքզինք զսպելով:

Միայն ցերեկ մը պիտի մնանք, մեղմօրէն բացատրեց Լեւոնը զինք շրջապատող գիւղացիներուն, վաղը մութը իջնալուն՝ պիտի մեկնինք…

Չէ ախպե՛ր, ընդդիմացաւ Բերդակի առաջաւոր գիւղացիներէն մէկը, ոչ ձեր խերը կ՚ուզենք, ոչ ձեր շառը, հազիր ճամբու վրայ էք, անցէք՝ ձեր գործին գնացէք…

Ծօ՛, քու էդ բերանդ թրիքով կը լեցնեմ, կատղած պոռթկաց Առիւծ Գեւօն, ծօ, դու որո՞ւ հետ կը խօսիս… պարոն Լեւոնին…

Տէ՜, զահլէ տարաք, յոխորտալով առաջ անցաւ հարուստ գիւղացի մը, պարոն Լեւոն, հա պարոն Լեւոն, գլուխնիս տարաք ձեր պարոն Լեւոնով… Եանի ի՞նչ մեծ բան ըրած է էտ ձեր պարոն Լեւոնը, եղած չեղածը քանի մը փամփուշտ կրակեր է… Թահո՜ւ, անցէք գնացէք ձեր գործին, մենք ալ մեր տեղը մարդ ենք, մեր գլխին ալ քոլոզ կայ, շատ մի տրտռաք, Աստուած գիտէ ձեր ոտքը ձեռքը կապած՝ քաղաք կը տանիմ փաշին թասլիմ կենիմ, ձեր մէրը չմեռնի, ինծի ջաղացպան Կարօ կ՚ըսեն…

Լեւոնը ձեռքի շարժումով մը զսպեց Առիւծ Գեւօն, որ ձեռքը ղանչալին նետած՝ կը պատրաստուէր յարձակիլ յանդուգն ջաղացպանի վրայ։

Հանդարտ, խստօրէն կրկնեց Լեւոնը ու դառնալով գիւղացիներուն՝ ըսաւ․- լա՛ւ, որ չէք ուզեր, ահա կ՚երթանք…

Քանի մը ձայներ վախվխելով ըսին, «Աստուած հետերնիդ»: Գիւղացիք քաշուեցան իրենց տները։

Մեր երեք ընկերները, պահ մը շփոթած իրարու նայելէ վերջ, ծանր քայլերով սկսան հեռանալ գիւղէն: Առիւծ Գեւօն, անկարող ինքզինք պահելու, բարկութենէն կ՚արտասուէր երեխայի նման։ Դեռ ջրաղացը չհասած՝ ճամրու եզրը նստան, ընելիքնին որոշելու համար:

Լուսը շուտով կը բացուի, մրմռաց Թոփալ Սատանան։

Ձւըստան չե՞նք կրնար երթալ։

Երկու ժամ կ’առնէ մինչեւ հոն հասնիլը… մէկ ալ որ թրքախառն գիւղ մ’է, ով ալ գիտէ թէ…

Մեզ պիտի ընդունին, ընկերոջ խօսքը լրացուց Լեւոնը, բայց ցերեկով դուրսն ալ չենք կրնար մնալ, ճար մը ընելու է…

Գէշ աղէկ, նորէն Բերդակի մէջ մնալու ենք, թէեւ չեմ գիտեր թէ ինչպէ՞ս, գլուխը մեղաւորի նման կախած ըսաւ Թոփալ Սատանան։

Ծօ, Սատանայ, չլսեցի՞ր, թէ գեղացիք ինչե՛ր ըսին։ Ես անոնց բոլորին ալ…, նախադասութեան վերջին մասը կուլ տալով պատասխանեց Առիւծ Գեւօն։

Լեւոնը ճամբու եզրը ձիւնի վրայ նստած, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած կը մտածէր։ Մէկ ժամէն լոյսը կը բացուէր։ Ձւըստան երթալու մասին այլեւս խօսք չէր կրնար լինիլ։ Սակայն, պարզ էր եւ այն, որ դուրսը չէին կրնար մնալ։ Ջրաղացը ճամբու վրայ, մեր երեք բարեկամներուն համար ապահով ապաստանարան մը չէր կրնար լինիլ։ Մինչդեռ Առիւծ Գեւօն եւ Թոփալ Սատանան դառնութեամբ կը համեմատէին բերդակցիներու նախկին սրտազեղ ընդունելութիւնը քիչ առաջուան թշնամական վերաբերմունքին հետ, Լեւոնը, սառնօրէն դատելով, կը հասկնար գիւղացիներու հոգեկան վիճակը։

Բարոյալքուած, խուճապահար ժողովուրդ մը ամէն անգթութեան ընդունակ է. դատողութիւնը չէ որ կը գործէ անոր մէջ, այլ զուտ անասնական բնազդը, ինքնապաշտպանութեան կոյր զգացումը: Լեւոնի համար պարզ էր որ այդ հոգեկան վիճակը կ՚ապրէին ոչ միայն բերդակցիք, այլ եւ Վասպուրականի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը։ Սակայն, Լեւոնի այդ եզրակացութեան յանգիլը եւ ոչ ալ միւս երկուքի բարկութիւնը որեւէ կերպով կրնային օգնել եղած վիճակը բարելաւելու։ Հրամայական պահանջ մը կար մէջտեղ՝ թագնուիլ տեղ մը, ցերեկը ապահով կերպով անցընելու համար։ Բայց թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, այդ մասին ոչ մէկը միջոց մը կրնար ցուցնել։

Հաւանական է, որ քառորդ ժամէ աւելի հոդ նստած մնացին մեր երեք բարեկամները, երբ Սատանան վիզը առաջ երկարած՝ հայեացքը կեդրոնացուց մութ զանգուածի մը վրայ, որ գիւղի կողմէն ձիւնի վրայէն գլորուելով դէպի ջրաղացը կուգար։

Կարծեմ մէկը էս կողմը կուգայ, փսփսաց Թոփալ Սատանան՝ մատնացոյց ընելով գիւղի կողմը։

Հա, ծօ, իրաւ, բան մը կը շարժի, ծօ գէլ է…

Երեք ընկերները ոտքի ցատկած՝ ուշադրութեամբ կը հետեւէին ձիւնի վրայ շարժող մութ ստուերին, որ մօտենալով մարդու ձեւ ստացած էր։

Արդեօք ո՞վ կրնայ լինիլ, ինքնիրեն խօսեցաւ Գեւօն՝ հրացանը պատրաստ բռնած։

Վա՜յ, Յովակ աբերն է, ուրախացած բացականչեց Սատանան, երբ ծերունին դժուարութեամբ ձիւնի մէջէն քալելով բաւական մօտեցեր էր մեր բարեկամներուն։

Ալմաստ մօրքուրի մարդը, էն սուրհանդակ պառաւը, որ նամակդ տարաւ, պարոն Լեւոն…

Լեւոնը յիշեց Ալմաստ մօրքուրն ու անոր դժբախտ պատմութիւնը: Ծերունին տքտքալով հասաւ փախստականներուն մօտ։

Աստուած ձեր բանը յաջողէ, յայտնապէս յուզուած, ծանր ծանր հեւալով ըսաւ Յովակ Աբերը, վա՜յ թէ ձեզ չգտնայի… անտէր մնան, ոտքերս կը զօրե՞ն որ ժիր ժիր քալեմ… Քօռանան մեր գեղի մեծաւորները։ Էս օր Բերդակայ նամուս ոտնատակ առին… Վա՜խ, ցրտին փետ կտրեցաք… էրթանք, էրթանք, պառաւս աչքը ճամբուն՝ կը սպասէ… «Ա՜յ մարդ», ըսաւ պառաւս, «որ ազգութեան մարդիկ ետ չբերես, հարամ էղնի կերած հացդ, մէկ էլ էս տան շէմքէն ներս չմտնաս»… Հա, պարոն Լեւոն, պառաւս զօռ պառաւ է… Ըհը՛մ, փառք Աստուծու անկէ վախցողը չեմ… մենք ալ քոլոզ ունինք մեր գլխուն… բայց կին արմատը թարս կ’եղնի… որ մէկ բերանը բանայ… էրթանք, էրթանք, լուսը էս է կը բացուի…

Յովակ Աբերը առաջ ինկած՝ գիւղի շուրջը մեծ շրջան մը ընելով, աննկատելի կերպով մեր բարեկամները առաջնորդեց իր տունը որ, ինչպէս նախօրօք ըսած ենք, գիւղի ամենէն վերի կողմը կը գտնուէր, գրեթէ առանձնացած գիւղի խմբաւորուած տներէն։ Իրօք, տան սեմին վրայ նստած՝ Ալմաստ մօրքուրը կը սպասէր։ Մեր մօտեցող բարեկամները տեսնելով՝ անխօսուկ տեղէն բարձրացաւ պառաւը, առաջնորդեց զանոնք ախոռի սաքուն, որ նոր աւլուած էր եւ թաղիքներ փռուած։

Վայ, քէօռանա՜մ, էս ի՞նչ հալի ինկաք, ձեռքերը յուսահատօրէն տրորելէն Ալմաստ մօրքուրը կը դառնար հիւրերու շուրջը, քեա մարդ, բուխերիկը թէժեցուր, փետի նման կեցեր ես որ ինչ… կազալ (չոր տերեւ) նետէ բուխերիկի մէջ, ցախ դիր… Վախ վախ վախ, ես ձեր ցաւը տանիմ, փէտացեր էք…

Հակառակ Լեւոնի եւ ընկերներու ընդդիմութեան, Ալմաստ մօրքուրը պղինձով ջուր բերաւ, սառը ջրով անոնց ոտքերը մաժեց, միեւնոյն ժամանակ պատմելով գիւղի մէջ կատարուածները։ Անոր պատմածներէն իմացան մեր բարեկամները, որ երկու օր առաջ մութ ու լուսին գիւղը շրջապատուած էր քաղաքէն եկած զօրքով։ Ամէն տուն խուզարկած՝ շատեր ծեծած ու քահանան ու եօթ երիտասարդներ ձերբակալած էին ու հետերնին քաղաք տարած։

Կայէնի կոտոշը բուսնի ջեոջ գիւլխիդ Գործադիր Գրիգոր, կը շարունակէր Ալմաստ մօրքուրը, պեմուրազ սատկիս… ես քէօ պատանք կարիմ. ․․ Բերդակայ տուն աւերեցիր, քէօ տուն աւերի, չօլ ու վերան դառնայ… «Ամման մի՛ թակէ, ես քէօ ոտք պաչեմ», ասաց էն վասակ՝ պինպաշու ոտքը իյնալով, «ամման մի թակէ, պահարանաց տեղ շանց կուտամ… Կէօ էստեղն է․․. » պապանձուէր իտա քէօ բերան, Յուդայ, անմիռոն Վասակ…

Դեռ երկար Ալմաստ մօրքուրը կը շարունակէր անիծել ազգուրաց Գրիգորը, որ ծեծի չդիմանալով՝ զէնքերու տեղը ցուցուցած էր, մինչ Լեւոնն ու ընկերները կողք կողքի երկնցած՝ կը քնէին պարտասած մարդու անխռով քունով։

Յաջորդ օրը առանց պատահարի անցաւ։ Մթնելուն մեր բարեկամները Յովակ աբօր առաջնորդութեամբ աննկատելի կերպով դուրս եկան գիւղէն, իրենց հետ տանելով Ալմաստ մօրքուրի սրտաբուխ աղօթքները եւ ջերմագին մաղթանքները։ Երբ հասան դէպի Կուռուպաշ տանող ճանապարհը, ջերմօրէն սեղմեցին Յովակ Աբօր ձեռքը ու արագ քայլերով կորան խաւարի մէջ։

Այդ գիշեր թէեւ երկար ճանապարհ մը չունէին երթալիք, բայց Լեւոնը կ՚աճապարէր շուտով տեղ հասնիլ։ Բայց թէ ո՞րտեղ հասնելու համար էր աճապարանքը, այդ մասին Լեւոնը ինքն ալ յստակ գաղափար մը չունէր։ Կէմի, բայց մանաւանդ Բերդակի գիւղացիներու թշնամական ընդունելութենէն վերջ, դժուար, նոյնիսկ վտանգաւոր էր որեւէ հայկական գիւղ մտնել, առանց նախօրօք անոնց տրամադրութեանը ծանօթանալու։

Քաղաքի մօտ Կուռուպաշ եւ Շուշանց գիւղերը կային, լաւ կազմակերպուած գիւղեր, բայց չէ՞ որ Կէմն ու Բերդակն ալ կազմակերպուած էին, խանդավառ երիտասարդ ընկերներ ունէին այդ տեղերու մէջ․ ի՞նչ երաշխիք որ Կուռուպաշն ու Շուշանցը պիտի ընդունէին զիրենք։ Իսկ եթէ չընդունէի՞ն։

Տղա՚ք, քանի մը րոպէ նստինք ու մտածենք մեր ընելիքի մասինդ, առաջարկեց Լեւոնը։

Երեքով միասին նստան ճամբու եզերքը, սառած ձիւնի կոշտերու վրայ։

Է՛, հիմա ո՞ւր պիտի երթանք, ընկերները ճակատելով հարցուց Լեւոնը։

Թոփալ Սատանան քիթը մռութը ծռմռելով ուսերը թօթուեց, իսկ Առիւծ Գեւօն առանց պատասխանելու հրացանի կոթով սկսաւ ձիւնը ծեծել։ Իրենք ի՞նչ գիտնային, թէ ո՛ւր կրնան երթալ։ Գիտցածնին միայն այն էր, որ սարի գայլն իսկ որջ մը ունի պատսպարուելիք, իրենք՝ ոչ, որ կառավարութեան կողմէ հալածուելէ վերջ, հիմա ալ արենակից գիւղացիք կը սպառնային մատնել զիրենք։

Կուռուպաշ՝ Պաղտօն կայ, հին վստահելի ընկեր մը, մտածելով՝ ինքնիրեն խօսեցաւ Լեւոնը։

Հա՛, Պաղտօն, բայց տունը գեղամէջն է… մինչեւ հոն հասնինք՝ ամբողջ գեղականը կ’իմանայ մեր հոն գտնուիլը, մէկ էլ որ Կուռուպաշը Խոշաբի ճամբու վրայ կը գտնուի, եկող գնացող զափթիան, քիւրտը անպակաս…

Թոփալ Սատանայի նկատողութիւնը ճիշդ էր: Երեք փախստականները իրարու նայեցան անկարող եզրակացութեան մը գալու։

Ես գտայ, ուրախացած կանչեց Առիւծ Գեւօն, ես գտայ, երթանք Սուրբ Խաչ վանքը, ծերուկ վանահայր մը կայ հոն, երկու հատ ալ ճահիլ հօտաղներ․ լաւ տղաներ են, կը ճանչնամ, երկուքն ալ ազգութեան զինուոր:

Ծօ, հա՛, ինչպէս ալ մտքէս չանցաւ, Գեւօ՛, էդ մէկը լաւ մտածեցիր, ըսաւ Սատանան։

Առիւծ Գեւօն պատասխանի մը իսկ չարժանացուց Թոփալ Սատանան, բաւականացաւ վերէն վար չափելով ընկերը, որ դեռ նոր կը հասկնար, թէ Առիւծ Գեւօն որ կայ, Առիւծ Գեւօն է, հայդուկներու մէջ միակ խելքի տոպրակը։ Լեւոնն ալ այդ պայմաններու մէջ ուրիշ միջոց մը չէր գտնար, եթէ ոչ համաձայնիլ Առիւծ Գեւոյի առաջարկութեանը, եւ երթալ Սուրբ Խաչ վանքը, որ քաղաքէն հազիւ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ, Կուռուպաշ գիւղի մօտ, լերան փէշին թառած, մենաւոր դիրք մ’ունէր։

Որ երկուքդ ալ Սուրբ Խաչը յարմար կը գտնաք, ուրեմն ճամբայ ելլենք։

Քայլերնին արագացնելով երկու ժամէն հասան Սուրբ Խաչ վանքի գոց դարպասին առջեւ։ Թեթեւաշարժ Թոփալ Սատանան, բարձրանալով Լեւոնի ուսին վրայ, պարսպէն ներս ցատկեց վանքի արտաքին փոքր բակը, որ երկրորդ դռնով մը զատուած էր բուն բակէն, որու շուրջը կը գտնուէին վանքի պատմական եկեղեցին, թոնրատունը եւ վանատունը։ Լեւոնն ու Առիւծ Գեւօն նստան դարպասի առջեւ: Բաւական երկար սպասեցին: Մէկ ալ դարպասի ետեւէն քսփսոցի ձայներ լսուեցան։ Դրան բակի փայտէ լեզուակը զգուշութեամբ ետ քաշուեցաւ, ու կիսովին բացուած դրան մէջ երեւցան Թոփալ Սատանան ու վանքի ծառաներէն մէկը, հօտաղ Նշանը։

Նշանը, 96 թուականի կոտորածէն ազատուած Նորգեղցի որբ մ’էր, որ երկու տարի Կարմրուորի որբանոցը մնալէն վերջ, Սբ. Խաչի հօտաղ նշանակուած էր։

Բարի եկաք, բարի եկաք, յայտնապէս ուրախացած դիմաւորեց Նշանը, ներս մտէք, ձեր եկած ճամբուն ղուրպան, մէկ էս դուռը կողպեմ. ․․

Փոքր բակի մէջն էին։ Բակի մէկ կողմը ախոռն էր, միւս կողմը յարդանոցը եւ խոտանոցը։ Նշանը յարդանոցը մտցուց մեր բարեկամները։ Փոքր մարագ մ’էր, լաւ պատսպարուած ու համեմատաբար տաք։ Տղայք յարդի կոյտի վրայ երկնցան։

Էս տեղ բոլորովին ապահով էք, ըսաւ Նշանը, ձեզ անհանգիստ ընող չի լինիր, ես ու ընկերս կուգանք երբեմն․ ընկերս ղոչախ տղայ մ’է, մենք երկուքս ալ ազգի մարդ ենք…

Վանքի մէջ ո՞վ կայ, հարցուց Լեւոնը՝ ընկերներուն մօտ երկննալով։

Ծերունի վանահայրը, ան ալ արդէն սենեակէն դուրս չի գար, ամբողջ օրը կ’անցընէ քիւրսիի առջեւ, ծխելով եւ կնքվարտելով։ Երկու հատ ալ կնիկ մարդ կայ. մէկը վանքի պառաւ տնտեսն է, մէկէլն ալ Հնդստան գեղացի հարս մը, որուն ամուսինը վեց ամիս առաջ քրտերը սպաննեցին, հարսը փոքր երեխայով, քաղաք փախաւ։ Առաջնորդն ալ ղրկեց՝ որ հոս սդրուի։

Կիսովին յարդի կոյտի մէջ խրուած, Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան անմիջապէս խռկալով սկսան քնանալ աններդաշնակ համերգ մը կազմելով։ Լեւոնն ու Նշանը իրարու քով նստած՝ կը շարունակէին խօսիլ:

Քաղաքէ ի՞նչ լուր կայ, հարցուց Լեւոնը։

Քաղաքի վիճակը շատ, շատ գէշ է․ ամէն օր խուզարկութիւն, ձերբակալութիւններ։ Շատ զօրք եկած է Էրզրումի կողմերէն։ Երէկ գեղ իջած էի։ Կուռուպաշցիք կը պատմէին, որ ազգի մեծերէն մէկը սպաննուեր է…

Ո՞վ, ինչպէ՞ս, ծանր նախազգացում մը սեղմեց Լեւոնի սիրտը։

Ինչպէս պատմեցին, զօրքն ու ոստիկանութիւնը յանկարծ կը պաշարեն Նորաշէնի թաղը. դու մի ըսեր պարոն Կայծակը այդ…

Կայծա՞կը, Կայծա՞կը ըսիր, ինքզինք զսպել ջանալով հարցուց Լեւոնը։

Հա, պարոն Կայծակը հոն կը գտնուի եղեր։ Զօրքը երբ կը մօտենայ էն տանը, ուր ան թագնուած է եղեր, այգիի դռնէն դուրս գալով կը փորձէ Աղւըսաձորի կողմն անցնիլ։ Տանիքներու վրայ բարձրացող զինուորներ կը նկատեն անոր փախուստը եւ համազարկ տալով՝ տեղն ու տեղը կը սպաննեն զայն…

Լեւոնը հազիւ կրցաւ, կոկորդին մէջ սեղմել հեծկլտանքը։ Գլուխը ձեռքերուն մէջ առած՝ ան երկար ժամանակ անշարժ նստած մնաց տեղը, քարացածի նման արձանացած։ Ահա մէկն ալ կ՚իյնար էր փայլուն ընկերներէն՝ այնքան անժամանակ կերպով։ Այս բոլորի վերջը ո՞ւր պիտի երթար… Դժբախտութիւն դժբախտութեան կը յաջորդէր։ Ոմանք բանտարկուած էին, ոմանք սպաննուած.. խոշոր ամրակուռ կարծուած շէնքն էր որ կը փլէր անհնարին թափով։

Նշանը հեռացեր էր։ Լեւոնը մինչեւ լուսաբաց արթուն մնաց։ Եթէ առաջ քաղաք մտնելը անհրաժեշտութիւն մը կը համարէր, հիմա արդէն հրամայական պահանջ մը կը դառնար իրեն համար։ Բայց ինչպէ՞ս մտնալ քաղաք։ Ամբողջ քաղաքը զինուորական խիստ շղթայի տակ առած էր կառավարութիւնը։ Ատկէ զատ կը մնար եւ ուրիշ հարց մը։ Եթէ յաջողէր քաղաք մտնալ, ո՞ւր պիտի երթար, որո՞ւ տունը պիտի ապաստանէր․ արդեօ՞ք նախկին բարեկամներն ու ընկերները տեղ պիտի տային, թէ՞ բերդակցիներու նման տան դուռը պիտի ցուցնէին: Բայց ինչ ալ որ լինէր, Լեւոնը կը զգար, որ պարտաւոր է քաղաք երթալ։ Պէտք էր ցրուած ուժերը հաւաքել, ոգեւորել զանոնք, վերջ տալ բարոյալքումին եւ դաւաճանի շահատակութիւններուն։

Կէս օրուան ժամանակ Նշանն ու ընկերը եկան: Լեւոնը անոնց հետ միասին բարձրացաւ մարագի տանիքը, ուրկէ կ՚երեւէր Վան քաղաքի համայնապատկերը։ Դիտակը ձեռքը, Լեւոնը երկար ժամանակ ուսումնասիրեց քաղաքի շրջակայքը, քաղաք մտնալու ճանապարհները։ Շուշանցի դաշտը, որ մինչեւ քաղաք կ՚երկարէր, ծածկուած էր ձիւնի անկտրուկ սաւանով մը:

Դեռ բոլորովին չմթնած, երեք ընկերները կարճ խորհրդակցութիւն մը ունեցան: Լեւոնը այդ գիշեր իսկ պիտի փորձէր քաղաք մտնալ, իսկ ընկերները Սուրբ Խաչի մէջ պիտի սպասէին անոր հրահանգին։ Այս կարգադրութիւնը որքան ալ որ մեր երկու բարեկամներու սրտովը չէր, որոնք չէին ուզեր Լեւոնէն բաժնուիլ, բայց գիտակցելով երեքով քաղաք մտնալու անկարելիութիւնը, կամայ ակամայ լռեցին։

Իսկ եթէ ինձ հետ ալ բան մը պատահելու լինի, պատուիրեց Լեւոնը, այդ պարագային անմիջապէս ճանապարհ կ՚իյնաք դէպի Հայոց-Ձոր, Մոսոյին միանալու համար։ Ամէն պարագայի, շաբաթ մը հոս կը սպասէք։

Գեւօն եւ Սատանան գլուխնին կախած մտիկ կ՚ընէին Լեւոնի խօսքերուն: Ի՞նչպէս թէ եթէ Լեւոնին ալ «բան մը պատահելու լինէր», միթէ՞ այդ կարելի էր, Լեւոնը որ իրենց ամենակարող առաջնորդն էր, իրենց գնահատութեամբ գերմարդ մը։ Բայց եւ այնպէս Լեւոնի վերջին խօսքերը շատ ծանր ազդեցին անոնց վրայ։

Դուրսը սկսած էր մթնել։ Նշանը եկաւ տղոց մօտ լուր տալու, որ ժամանակն է շարժելու։ Բոլորը միասին դուրս եկան բակը:

Նշան, խնդրած շապիկս բերի՞ր, հարցուց Լեւոնը:

Նշանը անութի տակ սեղմած փոքր ծրարը երկարեց Լեւոնին, վանքի դարպասը կամաց մը բացաւ ու բոլորը միասին դուրս եկան վանքէն։ Առիւծ Գեւոյի հետ խօսիլ չէր լիներ, քիթն ու մռութը կախած՝ ճիգ կ’ընէր ինքզինք զսպելու:

Տէ՛, տղերք ջան, մնաք բարով. ․․

Երեք ընկերները ջերմօրէն համբուրուեցան։ Առիւծ Գեւօն պինդ մը Լեւոնը գրկած՝ հեկեկալով կ’արտասուէր։

Լա՛ւ, բաւական է, Գեւօ՛, Լեւոնն ալ սաստիկ յուզուած կ՚աշխատէր հանդարտեցնել ընկերը, Գեւօ, նոր բան մը չէ, շատ անդամներ դուրս ենք պրծած նեղ վիճակէ, էս էլ կ’անցնի… Տէ՛, նորէն մնաք բարով, սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզ լուր ուղարկեմ, ու Լեւոնը միայն տասնոց ատրճանակով մը զինուած՝ Նշանէն ստացած ծրարը թեւին տակ պինդ մը սեղմեց, որպէս թէ շատ թանկագին բան մը լինէր ան, խոշոր քայլերով զառիվարէն իջաւ ու շուտով անյայտացաւ խաւարին մէջ։

Ներս մտնանք, խորհուրդ տուաւ Նշանը՝ աչքերը չորցնելով, լաւ է դարպասը գոց պահենք, հէչ հոգ չընէք, վանքի մէջ էնպէս թագստոց մը կայ, որ ոչ ոք կրնայ ձեզ գտնալ…

Գեւօն եւ Սատանան անխօս հետեւեցան Նշանին, որ խնամքով դրան փայտէ ահագին լեզուակը կոխեց երկաթէ շրջանակին մէջ։

Մարագը մտնանք, Գեւօ՛, առաջարկեց որբացածի նման գլուխը կախած Թոփալ Սատանան, Աստուած բարի յաջողութիւն տայ էնոր։

Չէ՛, յամառեցաւ Առիւծ Գեւօն, չէ՛, տանիքը ելլենք… ականջ տանք… տեսնենք թֆանքի ձէն կուգա՞յ…

Լաւ, դուք բարձրացէք՝ ես տաւարին յարդ պիտի տանիմ, ու Նշանը մեկնեցաւ, մինչ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան իրարու օգնելով բարձրացան տանիքը։

Երկու ընկերները իրարու քով պըպզեցան: Ցուրտ էր։ Եթէ վարը, դաշտի մէջ հրացան մը արձակուէր, անշուշտ այդտեղէն պիտի լսուէր։ Կէս ժամէն Լեւոնը անցնելու էր Հաճի-Պէքիրի զօրանոցի առջեւէն։ Մէկ մը այդ վտանգաւոր տեղէն անցնէր, մնացած ճանապարհը համեմատաբար աւելի դիւրին էր։

Անցաւ կէս ժամ, երեք քառորդ ժամ։ Թանձր խաւար ու համատարած խոր լռութիւն մը կ’իշխէր քաղաքի ուղղութեան վրայ։ Թոփալ Սատանան աչքերը լարած ու ամբողջովին լսողութիւն կտրած՝ արձանացած էր։ Գեւոյի շրթները երբեմն կը շարժէին, ու ինքնիրեն մեղմօրէն կը մրմնջէր.

Եա, Տիրամէր… զօրութեանդ ղուրպան էղնիմ Սուրբ Գէորգ… Վալլահ ուխտի պիտի գամ ոտքդ… դու քէօմէկ էղնիս մեր պարոն Լեւոնին. ․․ դուն փորձանքէ պահես… Սուրբ Գէորգ ախպօրս ըսեմ, ինծի Առիւծ Գեւօ կ’ըսեն… էնա Աստուած գիտէ, խօսքս բռնող մարդ եմ… Խօսքս՝ խօսք… պատկերիդ առջեւ տասներկու քրտու ականջ պիտի կախեմ… որ խօսքս չպահեմ… էն ատեն դու գիտես… Հայր մեր Սուրբ Աստուած, որ սուրբ եղիցի յանուն քէօ… ծօ աւանակ, ու Գեւօն դադրեցնելով ջերմեռանդ աղօթքը, որուն կապը կորսնցուցած էր, բռունցքը իջեցուց Թոփալ Սատանայի կողին, ծօ՛, կռապաշտ, բերան մը աղօթք չըսե՞ս…

Երբ երկու ժամ վերջ Գեւօն եւ Սատանան վար իջան տանիքէն, կարգին սառած էին։ Երկնցան յարդի կոյտին վրայ։ Սակայն, մինչեւ լուսաբաց ոչ մէկը կրցաւ քնանալ։