Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՆԻԱՅԻ ՄՕՏ

Խօսէ՛, պարոն Լեւոն, աչքիս լուսը, ընկերոջ տրեխները հանելուն օգնելով կ’ըսէր Յակոբը՝ ուրախութենէն ինքն իրմէ ելած, երկնքէ՞ն իջար, էս ին՜չ հալի մէջ… Ազգի տունը քանդուեցաւ, քանդողի տունը քանդուի… Որ գիտնաս թէ ի՜նչ վիճակի մէջ է քաղաքը… անշուշտ լսած կը լինիս… Կեցանի Աբդուլլահ բէկի դէպքը լսեցինք… Խե՜ղճ Պետրոս.. փառք Աստուծու, որ սաղ սալամաթ եկար… շատ գործ կայ կատարելու, դաւաճան շունը.. Երբ կը մտածեմ, որ եթէ առաջ գիտնայի տանիքի վրայ գտնուիլդ, կրնայի ոստիկանին յայտնել… մեղա՛յ, մեղա՛յ, մեղա՛յ… արիւնդ պիտի մտնէի… Բայց ո՞վ կը սպասէր… Կէս գիշերէն վերջը պարոն Լեւոնս տանիքի վրայ… Աստուած օրհնէ մեր օրիորդը, հակառակ սարսափին ի՜նչ ալ սառնարիւն կերպով գլխէն ցանեց ոստիկանը… Վեր ելլեմ տեսնեմ՝ տերեւի նման կը դողայ… տանիքի վրայ մէկը կայ կ’ըսէ… բայց ինչպէ՞ս գիտցաւ լռել… Խելօք աղջիկ է, նմանը չկայ…

Լեւոնը երկնցած Յակոբի անկողնին վրայ՝ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր անոր խօսքերուն։ Ընկերոջ մօտ, ապահով տեղ մը գտնուելու գաղափարը, զարմանանալի կերպով անդրադարձաւ իր մինչ այդ պրկուած ջղերուն վրայ, յանկարծ սաստիկ յոգնած զգաց՝ գրեթէ շարժելու անկարող վիճակի մէջ։ Բայց հակառակ Յակոբի թախանձանքին, որ քնի ու հանգստանայ, նորէն մինչեւ լոյս նստած՝ խօսեցաւ ընկերոջը հետ, աւելի շիտակ, խօսեցուց Յակոբը, վերջի շաբաթներուն քաղաքի անցուդարձերը պատմել տալով:

Լոյսը վաղուց բացուած էր։ Յակոբը ճրագը մարած՝ կը շարունակէր տեղեկութիւններ տալ փախստական ընկերներու՝ բանտը գտնուող ընկերներու մասին։

Երկու անգամ Սաթենիկը քովս եկաւ, շարունակեց Ուրանցցի Յակոբը, քու մասին լուր մը կը հարցնէր․ վերջէն Կայծակն որ եկաւ՝ անոր քովը գնաց… Ափսոս Կայծակը․ Սաթենիկի մօրաքրոջ տունը պահուած էր, կառավարութիւնը բոլորովին պատահական կերպով այդ թաղը շրջապատեց. ․․ Ափսոս, շատ ափսոս եղաւ Կայծակին. ․․ Քու մասիդ կ՚ըսէին, Գաւաշի կողմերն ես… շատ զօրք գնաց այն շրջանը։ Կը պատմեն թէ՝ Բաղէշէն ալ զօրք կ’երթայ Կառկառի վրայ, կ՚ըսեն Գէորգը Կառկառ անցեր է…

Յակո՛բ, ընկերոջ խօսքը ընդմիջեց Լեւոնը, կրնա՞ս Սաթենիկը մօտս կանչել, կամ մեր պատանեկական խմբի տղաքներէն մէկուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնել…

Կրնալը՝ կրնամ, բայց աւելի լաւ է, մէկ օրիորդին յայտնել քու հոս գտնուելուդ մասին: Քիչ վերջը տան բակը կը լեցուի հիւանդ կիներով, աղքատներով… հայն ալ կուգայ, թուրքն ալ, քիւրտն ալ, իսկական վանքի տուն դարձեր է մեր տունը. ․․ Օրիորդն ըսես, ոչ ոքի խաթրին չի դիպիր, հիւանդներուն դեղ կուտայ, աղքատներուն դրամով կ’օգնէ. ․․ Շատերը կը խաբեն, «աղքատ ենք» ըսելով դրամ կը փրցնեն օրիորդէն, ան ալ առանց ձայն հանելու կուտայ: «Օրիորդ» կ՚ըսեմ, «էդոնց բոլոր խօսքերուն մի՛ հաւատար»։ Բայց որո՞ւ կ՚ըսես․ ժպտելով դէմքիս կը նայի։ «Վնաս չունի, Յակոբ եղբայր», կ’ըսէ, «երբ որ կրնամ, ինչո՞ւ չօգնեմ․ ամբողջ եկողներն ալ խաբեբաներ չեն, շատերը կտոր մը հաց չունին ուտելու»։ Խօսք չի հասկնար: Կ՚ըսեմ. «Լա՛ւ, որ պիտի օգնես, գէթ միայն հայերուն օգնէ, քիւրտին, թուրքին ինչո՞ւ կուտաս»։ Աչքերը խոշոր խոշոր բացած՝ բարեսրտաբար կը ժպտի։ Ալ ի՞նչ կրնամ ըսել․ նորէն իր գիտցածին պէս կ’ընէ։ Հա՛, օրիորդին յայտնեմ քու հոս գտնուիլդ.. մէկ ալ որ շատ մարդիկ կուգան այցելութեան․ կուսակալի կինը ամէն շաբաթ այցելութեան կուգայ, ռուսաց քօնսիւլը, Հայտարանցի քրտերու աղան՝ Հիւսէյին բէկը, մանաւանդ կինը ամէն օր հոս է, ան ալ Կովկասի կողմերէն է, չէրքէզ…

Իսկ Սոնիան.. օրիորդը ըսել կ’ուզեմ, անմիջապէս ինքզինք ուղղեց Լեւոնը, կասկածուած չէ՞, կառավարութիւնը ի՞նչ վերաբերմունք ցոյց կուտայ անոր հանդէպ…

Առաջ մեր տունը հսկողութեան տակ էր, օրիորդի ամէն մէկ քայլին կը հետեւէին, նոյնիսկ, երբ ընդհանուր խուզարկութիւնը սկսաւ, որպէս թէ առանց կուսակալի գիտութեան, մեր տունը պաշարեցին, երբ օրիորդը դուրսը կը գտնուէր։ Ամէն ծակ ու ծուկ խուզարկելով, օրիորդի բոլոր նամակները առին ու հեռացան։ Իրիկուան կողմ, փոլիս քոմիսարը կուսակալի կողմէ ներկայացաւ ու ներողութիւն խնդրեց ցաւալի պատահարի համար։ Անշուշտ նամակները աչքէ անցուցած էին, որոնց մէջ կասկածելի բան մը չկար։ Թիֆլիսի թրքական քօնսիւլէն ալ շատ նպաստաւոր տեղեկութիւն ստացած են Ասլանովներու մասին, որ անոնք հայկական շրջաններէ կտրուած մեծահարուստ ընտանիք մ’են, որ մեր օրիորդը ռուս իշխանի մը հետ նշանուած ու յետոյ նշանը ետ եղած լինելուն՝ աշխարհէն ձեռք քաշեր է ու ինքզինքը տուեր է բարեգործութիւններու… Ատկէ վերջ մեր տան վրայէն հսկողութիւնը վերցաւ։ Օրիորդն ալ շատ խելօք վարուեցողութիւն մը ունի… Հա՛, պարոն Լեւոն, իրա՞ւ որ մեր օրիորդը ռուս իշխանի մը նշանուեր է…

Լեւոնը ուսերը վեր քաշեց, բանէ տեղեկութիւն չունեցողի նման եւ տարակուսանքով նայեցաւ ընկերոջը, որպէս թէ ըսել ուզէր. «Ես ալ նոր ճանչցայ օրիորդը, ի՞նչ գիտնամ թէ որո՛ւ նշանուած՜ է»։

Այդ պահուն յանկարծ դուռը բացուեցաւ ու սեմին վրայ երեւցաւ Սոնիան, որ կիսախաւար սենեակին մէջ եղողները յստակօրէն տեսնելու համար՝ վիզը քիչ առաջ ծռած, աչքերը լարած կը նայէր:

Ահա օրիորդը, Յակոբը տեղէն բարձրանալով մօտեցաւ Սոնիային, ես ալ հիմա վեր պիտի գայի լուր տալու… գիշերուան անծանօթ մարդը պարոն Լեւոնն է…

Պարոն Լեւո՞նը, զարմացած, քիչ մ’ալ վախցած հարցուց Սոնիան՝ ակամայ քայլ մը ընկրկելով, պարոն Լեւոնը հո՞ս

Լեւոնը անկողնին մէջ նստած լուռ, ակնապիշ կը նայէր Սոնիային։ Ահա որպէս փախստական, այդ պայմաններու մէջ երկրորդ անգամ լինելով՝ կը հանդիպէր վաղուցուան պաշտած աղջկանը։ Եթէ Վարագի վանքի հանդիպումէն կրցած էր շուտով փախչիլ, այժմ սակայն, երբ տեղ չունէր երթալու, կամայ ակամայ մէկ երկու օր պիտի մնար հոդ, անխուսափելի կերպով շփման մէջ գալով Սոնիայի հետ։

Այո՛, ես եմ, օրիորդ Սոնիա, յուզումը զսպելով խօսեցաւ Լեւոնը, պարագաները այնպէս դասաւորուեցան, որ ակամայ այստեղ ապաստանեցայ… Գիտեմ, որ ձեզ համար եւս վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ հոս գտնուիլս… կ՚աշխատիմ այս երեկոյ ուրիշ տեղ մը ճարել…

Օ՜, չէ, արդէն սեմէն ներս մտնելով ջերմօրէն խօսեցաւ Սոնիան, մանաւանդ ներկայիս ձեր ներկայութիւնը քաղաքի մէջ անհրաժեշտ է… Կը խնդրեմ չմտածել ինձ վտանգելու մասին… Բայց դուք այս սենեակին մէջ չէք կրնար մնալ․ շուտով այստեղ կը լեցուի հիւանդներով.. Յակոբ եղբայր, տան մէջ ո՞րտեղ կրնանք պահել պարոն Լեւոնը․․.

Եթէ սենեակին դուռը գոցենք, տարակուսած ըսաւ Յակոբը։

Չէ, աւելի լաւ կը լինի, եթէ պարոն Լեւոնը վերի յարկը բարձրացնենք, վայրկեան մը մտածելէ վերջ ըսաւ Սոնիան, հոն բացի հիւրերէն, մարդ չի բարձրանար։ Իմ սենեակի կողքի դատարկ սենեակը ըսել կ’ուզեմ, Յակոբ եղբայր, հոն անկողին մը փռեցէք… Դուք պէտք է կազդուրուիք, պարոն Լեւոն, շատ նիհարցած կ՚երեւիք, ձեզի կարեւոր նորութիւններ ունիմ հաղորդելիք։ Դժբախտաբար հիմա երկու հին հիւանդներու պիտի այցելեմ։ Յակոբ եղբայրը ձեր հանգստութեան հոգ կը տանի։ Բոլորովին անհոգ եղէք, այստեղ այնքան մութ է, որ հազիւ իրար կարելի է տեսնել: Կ՚աշխատիմ շուտով վերադառնալ։

Սոնիան թէեւ քանի մը քայլ առաւ դէպի դուռը, բայց անմիջապէս վերադառնալով, խօսքը ուղղեց Յակոբին

Յակոբ եղբայր, եթէ Խատիճէ հանումը գայ, կ’ըսէք որ վերադարձիս սպասէ, ու Սոնիան սենեակէն դուրս գալով պայուսակը վերցուց ու մեկնեցաւ։

Լեւոնը ապշանքով մտիկ ըրած էր Սոնիային։ Որքա՜ն փոխուած էր։ Ո՜ւր այն հպարտ աղջիկը, որ հազիւ կը հանդուրժէր ուրիշի հետ խօսիլ, մանաւանդ երբ ան լինէր իր դասէն դուրս մէկը, եւ ո՜ւր ներկայի Սոնիան, որ այնքան ջերմօրէն Յակոբ եղբայր կը կանչէր Ուրանցցի գեղջուկ մը։ Բայց ատկէ աւելի Լեւոնին ապշեցուց Սոնիայի ինքնավստահ խօսելաձեւը, ծանր պայմաններ դիմագրաւելու վճռականութիւնը։ Դառն ժպիտ մը գծագրուեցաւ Լեւոնի դէմքին: Պատանեկութեանը կ’երազէր Սոնիային հետ նուիրուիլ հասարակական աշխատանքի, անոր հետ միասին ծառայել ազգին։ Ահա իր երազը իրականացած կը տեսնար, բայց ի՜նչ պայմաններու մէջ։ Կեանքը անանցանելի անդունդ մը բացած էր երկուքի միջեւ։ Լեւոնը բնազդօրէն ձեռքը այլանդակուած դէմքին տանելով՝ շօշափեց զայն ու դառնութեամբ լեցուն հայեացքը ինկաւ հաշմուած ձեռքին վրայ։ Իրօք, Վարդանը մեռած էր ու տեղը կը մնար անճանաչելի մարդ մը, հաշմանդամ Լեւոն մը, որուն հետ Սոնիան կը գործակցէր, որպէս օտարական երիտասարդի մը։

Այդ գիտակցութիւնը դառնութեամբ լեցուց Լեւոնի սիրտը, թէեւ կը զգար որ այդ պայմաններու մէջ ատկէ աւելին պահանջելու իրաւունք չունի․ ինք պարզապէս անծանօթ պարոն Լեւոն մ’է Սոնիային համար, յեղափոխական ղեկավար մը։

Ո՞վ գիտէ, թերեւս լաւ որ ինք պարզապէս անծանօթ երիտասարդ մ’է Սոնիային համար, մտածեց Լեւոնը։ Եթէ յանկարծ աղջիկը իմանար իրողութիւնը, Լեւոնը կասկած չունէր որ այդ սարսափելի հարուած մը պիտի լինէր Սոնիայի համար, պիտի խորտակուէր անոր սիրտը։ Աննկարագրելի յուսահատութեամբ Լեւոնը ատամները սեղմեց, հաստատ որոշած, որ իր ինքնութեան մասին կասկածելու առիթ պիտի չտայ, որ միշտ զգուշաւոր պիտի մնայ Սոնիայի հետ, մինչեւ որ մէկ երկու օրէն հեռանայ այդ տեղէն։

Յակոբը վերի սենեակը պատրաստելէ վերջ, օգնեց Լեւոնին երկրորդ յարկը բարձրանալու։ Վերմակով զայն ծածկելէ վերջ, երբ կը պատրաստուէր սենեակէն դուրս գալու, Լեւոնը գլուխը բարձրացնելով ըսաւ․

Յակո՛բ, աշխատէ Սաթենիկին հետ յարաբերութեան մտնել, պէտք ունիմ անոր. մէկ ալ տես, կրնա՞ս Մելոյի ուր լինիլը իմանալ, շատ կարեւոր է. յետոյ կը բացատրեմ քեզի… աչքերս չեմ կրնար բաց պահել. ․․

Հազիւ Լեւոնի վրայէն դուռը կղպած էր Յակոբը, երբ Լեւոնը երեք օրերու անքնութենէ կսկծացող աչքերը խփելուն պէս՝ մեռելի նման քնացաւ։

Կէս օր չեղած՝ Սոնիան վերադարձաւ հիւանդները այցելելէ։ Տան բակին մէջ հիւանդներու սովորական բազմութիւն մը հաւաքուած էր արդէն։ Մինչեւ ժամը երեքը, Սոնիան հիւանդներով զբաղեցաւ։

Յակոբը մէկ երկու անգամ մտաւ Լեւոնի սենեակը, կէս օրուան ճաշը տանելու համար, բայց այնպէս խոր քնով մը քնացած գտաւ զայն, որ սիրտ չըրաւ արթնցնելու։ Ուտելէն աւելի լաւ է, մտածեց ան, Լեւոնի քնանալն ու հանգստանալը։

Երեկոյեան կողմ, երբ Հիւսէյին բէկի կինը՝ մեր նախածանօթ Խատիճէն եկաւ այցելութեան, Սոնիան գործը նոր վերջացուցած քաշուեր էր իր սենեակը: Երկու բարեկամուհիները առանձին ջերմութեամբ գրկուեցան իրարու հետ։ Երկուքն ալ որպէս մէկ երկրացի, օտարութեան մէջ շատ շուտով բարեկամացեր էին իրարու։ Ատկէ զատ, կար եւ այն, որ Վահէն, Խատիճէի հետ ունեցած տեսակցութեան ժամանակ, յանձնարարած էր անոր, որ բարեկամանայ Սոնիայի հետ։

Լեռնականի պարզ բնաւորութեան տէր՝ Խատիճէն շուտով բարեկամացեր էր Սոնիային, մանաւանդ Վահէի ձերբակալումէն վերջ։ Ցաւէն խելագարուած Խատիճէի համար, Սոնիան այդ անծանօթ քաղաքին մէջ միակ մխիթարութիւնն էր։ Ամէն վերապահում մէկդի դրած՝ չէրքէզուհին պատմած էր Սոնիային Վահէի հետ ունեցած հանդիպումը Թադէոս Առաքեալի վանքին մէջ, իրենց փոխադարձ սէրը։ Դառնօրէն արտասուելով՝ գրկած էր Սոնիան, ու խոստովանած, որ իր զաւկին՝ Ալիի հայրը Վահէն էր: Այս հանգամանքը ա՛լ աւելի իրարու մօտեցուց երկու կիները:

Վահէի ձերբակալումէն վերջ, գրեթէ ամէն օր Խատիճէն կ՚այցելէր Սոնիային։ Ժամերով կողք կողքի կը նստէին։ Խատիճէն սիրտը կը բանար․ արտասուելով կը պատմէր իր դժնդակ կեանքէն, կը խօսէր իր անբախտ սէրէն ու այն սարսափելի տառապանքէն, որ Վահէի ձերբակալուելով՝ իրեն բաժին ինկած էր։ Սոնիան մեծ քրոջ նման, կ’աշխատէր մխիթարել մանկամարդ կինը, անորոշ յոյսերով, որոնց պատրանք լինիլը ինքն ալ շատ լաւ գիտէր։

Երկու օր առաջ Խատիճէն եկած էր Սոնիայի մօտ բոլորովին այլայլած ու գունաթափ դէմքով։ Հազիւ թէ երկու ընկերուհիները առանձնացած էին, երբ Խատիճէն այլեւս ինքզինք պահելու անկարող հեկեկալով ինկած էր Սոնիայի գիրկը։ Լալով պատմած էր, որ Վահէի մասին առանձին հրահանգ եկած է Պոլսէն, որ անոր կեանքին լուրջ վտանգ կը սպառնայ եւ որ այդ լուրը լսած է, երբ կուսակալի օգնականը Հիւսէյին բէկի մօտ գալով՝ պատմած էր Պոլսէն եկած նոր կարգադրութեան մասին։

«Պէտք է, պէտք է կերպով մը ազատել Վահէն», մղկտալով լացեր էր Խատիճէն. «Սոնիա՛, հրեշտակս, դու ռուսական քօնսիւլին մօտ բարեկամ ես… կերպով մը պէտք է ազատել Վահէն. չէ՞ որ ան ալ ռուսահպատակ է»։ Սոնիան խոստացել էր անպատճառ տեսնել քօնսիւլը։ Այդ օրը Խատիճէն եկած էր լուր մը առնելու համար։

Երկու ընկերուհիները մէկ երկու րոպէ լուռ մնացին: Խատիճէի աչքերը լալէն կարմրած՝ արտասովոր կերպով կը փայլէին․ լեռնականի անզուսպ կատաղութիւն մը կը վառէր անոնց մէջ։ Սոնիան ինքնամփոփ՝ տխրութեամբ կը նայէր ընկերուհիին։ Ի՞նչ ըսեր: Քօնսիւլը կտրականապէս մերժած էր որեւէ միջամտութիւն, քանի Վահէն չէր խոստովանած ռուսահպատակ լինելը, թէեւ այդ ալ մեծ տարբերութիւն մը պիտի չընէր քօնսիւլի կարծիքով, որովհետեւ ձերբակալուելու պահուն՝ Վահէն դիմադրելով սպաննած էր քոմիսէր մը եւ երկու զինուորներ ու վիրաւորած ուրիշ երկուքը, որոնցմէ մէկը հիւանդանոցի մէջ մեռած էր։

Գիտեմ, շրթները սեղմած սկսաւ խօսիլ Խատիճէն, լաւ լուրեր չունիս… բայց… ի սէր Աստուծու, ի՞նչ կ՚ընեն ձեր այդ յեղափոխականները, պիտի ձգե՞ն, որ իրենց ընկերը անարգ ոճրագործի նման չուանէ մը կախուի… Ձեւ մը, միջոց մը պէտք է գտնալ, ահա՛, Սոնիա՛, ինչ ունիմ չունիմ…

Խատիճէն ծոցէն փոքր կապոց մը հանեց ու բանալով դրաւ Սոնիայի առջեւ։ Բազմաթիւ մատանիներ կային կապոցին մէջ, ապարանջաններ, օղեր, ոսկի շղթայ եւ ժամացոյց: Հարեւանցի ակնարկ մը նետելով կապոցի բովանդակութեան վրայ՝ Սոնիան հարցական հայեացքը ուղղեց ընկերուհիի տառապանքէ երկարած դէմքին:

Ծախենք, Սոնիա, հրեշտակս, ծախենք… թերեւս կարելի լինի կաշառել դատաւորները…

Բայց չէ՞ որ ամուսինդ կրնայ կասկածիլ, երբ զարդերդ չտեսնէ, հարցուց Սոնիան։

Հո՛գս, ուսերը թափահարելով պատասխանեց Խատիճէն, բաւական է որ Վահէն ազատի… իմ մասին մտածելու ժամանակը չէ, Սոնիա՛, դրամով…

Սոնիան ծրարը վրայ բերելով՝ երկարեց Խատիճէին:

Վերցուր, սիրելիս, եթէ խնդիրը հնարաւոր լինի դրամով կարգադրել, դրամ գտնալը հեշտ է, ես ուրիշ նորութիւն մը ունիմ քեզի յայտնելու. ․․

Ի՞նչ նորութիւն, եւ Խատիճէի յուսալից աչքերը սկսան կայծկլտալ։

Պարոն Լեւոնը քաղաք եկած է, լսած ես անշուշտ։

Ես ալ քեզի պիտի խօսէի այդ մասին։ Երէկ գիշեր զինուոր մը սպաններ է։ Այս գիշեր ընդհանուր խուզարկութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Այգեստանի մէջ։

Խուզարկութիւնը իր կարգին… Անշուշտ գիտես, պարոն Լեւոնը Վահէի ամենամօտ ընկերն է…

Ո՞ւր է, ո՞ւր, կ’ուզեմ զայն տեսնել. ․․ հիմա՛, անմիջապէս անոր քով կ՚երթամ, Սոնիա, հրեշտակս, ո՞ւր է պարոն Լեւոնը…

Սոնիան առանց պատասխանելու րոպէ մը մտածեց։ Արդեօք իրաւունք ունէ՞ր Խատիճէին յայտնելու զաղտնիք մը, որ ոչ ոք պիտի չգիտնար․ կրնա՞ր վստահիլ անոր գաղտնապահութեանը։ Խատիճէն, սիրտը աչքերուն մէջ, կախուած էր Սոնիայի դէմքէն։

Խատիճէ, մտիկ ըրէ, սիրելիս մեղմօրէն սկսաւ խօսիլ Սոնիան, դու զիս գիտես որպէս միջոցներու տէր մանկաբարձուհի մը, որ այս հեռաւոր քաղաքը եկած է ժողովուրդին ծառայելու համար…

Խատիճէն շունչը բռնած մտիկ կ՚ընէր։

Այդ թէեւ ճշմարտութիւն մ’է, բայց ամբողջը չէ…

Աչքերը մեծ մեծ բացած՝ Խատիճէն զարմանքով կը նայէր ընկերուհիին, կարծես առաջին անգամն էր որ զայն կը տեսնէր։

Սոնիա՛, Սոնիա՛։

Սիրելիս, ես ալ պարոն Լեւոնի, Վահէի գաղափարակից ընկերներէն մէկն եմ, միեւնոյն մեծ նպատակին նուիրուած…

Դո՛ւ, դո՛ւ Սոնիա, ու այլեւս անկարող շարունակելու՝ Խատիճէն գրկեց Սոնիան, ինչպէս մէկը կը գրկէ մայրը ու գլուխը անոր կրծքին գրած՝ սկսաւ հեկեկալով արտասուել։

Սոնիա, հրեշտակս, պէտք է ազատենք Վահէն. ․․ Ես կը զգայի որ դու մեծ կին մ’ես, հրեշտակ մը… երանի քեզի, Սոնիա, որ կեանքդ զոհած ես ազգիդ. ․․ Ա՜խ, ես, ես քրտու մը կինն եմ… Սոնիա, հրեշտակս, պէտք է ազատել Վահէն..

Այդ մասին պէտք է խորհրդակցիլ պարոն Լեւոնի հետ… Եթէ բան մը կարելի է ընել, ան լաւագոյնը կ’ընէ… Անշուշտ քաղաք գալու նպատակներէն մէկն ալ Վահէի մասին է։

Բայց ո՞ւր է. երթանք, Սոնիա, ժամանակ չկորսնցնենք, երթանք անոր քով…

Սոնիան առանց պատասխանելու, ցուցամատը բարձրացնելով՝ ուղղեց դէպի կողքի սենեակի դուռը։

Հո՞ն…

Խատիճէն ակամայ ցնցուեցաւ։ Մտքէն իսկ չէր կրնար անցընել, որ Սոնիան կրնար իր տան մէջ տեղ տալ հռչակաւոր յեղափոխականի մը, որու մասին այնքա՜ն սարսափելի բաներ լսած էր ինք։ Ու ինչե՜ր ըսես չէին պատմեր այդ մարդու մասին քրտական շրջաններու մէջ։

Երբ մութը կոխելուն՝ Խատիճէն կառքով կը վերադառնար տուն, բազմոցի անկիւնը սեղմուած կը մտածէր Լեւոնի ըսածներուն մասին։ Անոր յուսադրիչ խօսքերը կը դարձնէր մտքին մէջ, ու շաբաթներէ ի վեր առաջին անգամ լինելով, յոյսի փոքր շողք մը լուսաւորած էր սիրտը։ Ապագան այնքան ալ խաւար չէր երեւնար Խատիճէին, ինչպէս առաջ։

Առաջին անգամ, զարմանալի կերպով ճնշող տպաւորութիւն ձգած էր Լեւոնը Խատիճէի վրայ։ Երբ Սոնիայի հետ մտած էին անոր վարագուրուած սենեակը, հսկայ երիտասարդ մը տեղէն բարձրացած՝ թեթեւ մը կաղալով մօտեցեր էր իրեն։ Ձախ այտի տեղ պալարներով ծածկուած փոս մը, աջ դէմքի հարիւրաւոր կապտագոյն սպիները, սարսափեցնող տպաւորութիւն մը ձգած էին Խատիճէի վրայ։ Մի՞թէ այդ էր Լեւոնը, հայերու պարոն Լեւոնը, որու քաջութեան մասին քրտերը այնքա՜ն առասպելական պատմութիւններ կը պատմէին, որու կռիւներու մասին այնքա՜ն քրտական երգեր կային, որոնցմէ մէկ երկուքը գիտէր Խատիճէն։

Այդ երիտասարդը, կուռքի նման անշարժ, գլուխը կախած լսած էր Սոնիան, որ երկու խօսքով ծանօթացուցեր էր Խատիճէն: Միայն անգամ մը, երբ Սոնիան կմկմալով կը բացատրէր Խատիճէի Վահէի մասին ունեցած հետաքրքրութեան պատճառը, ներողամիտ ժպիտի նման բան մը ուրուագծուեր էր Լեւոնի դաժան դէմքի վրայ։ Խատիճէն խօսած էր այնպէս, ինչպէս սիրող կին մը կրնայ խօսիլ, մղկտալով լացեր էր ու յայտներ Լեւոնին, որ ինչ ունի չունի պատրաստ է զոհելու Վահէի համար, եթէ կարիք լինի նոյն իսկ կեանքը, միայն թէ Վահէն ազատէր վերահաս վտանգէն։ Սոնիան ալ պատմեր էր քօնսիւլի հետ ունեցած խօսակցութիւնը, անոր տուած մերժողական պատասխանը: Լեւոնի անշարժ նստւածքը, դէմքի դաժան արտայայտութիւնը ու քարէ արձանի նման պահած լռութիւնը փոթորկեր էր Խատիճէի հոգին։ Ինչո՞ւ եկած էին այդ մարդու մօտ, դառնութեամբ մտածեց Խատիճէն, որ թերեւս չէր ալ լսեր իրենց խօսքերը, ու դեռ, որպէս թէ Վահէի ամենամօտ ընկերն էր այդ մարդը։ Ի՜նչ ընկեր, երբ երկու խօսք չէր գտնար խօսելու համար, ճիգ մը չէր ըներ՝ ընկերը փրկելու:

Բայց երբ Լեւոնը երկու կիները լսելով, քանի մը րոպէ մտածելէ վերջ սկսաւ խօսիլ, Խատիճէին այնպէս թուաց, որ յանկարծ կերպարանափոխուած՝ նոր մարդ մ’էր խօսողը, Վահէի մօտ հարազատը։ Թաւ կրծքային ձայնով մը կը խօսէր Լեւոնը ու ձայնին մէջ նկատելի յուզում մը կար, թէեւ դէմքը դիմակի նման սառն՝ չէր փոխուած։ Բացատրեց, որ եթէ հրամանը Պոլսէն կուգար, հազիւ թէ տեղական դատաւորը կաշառելը օգուտ մը ունենար եւ որ Վահէի կեանքը փրկելու համար՝ տարբեր միջոցներու դիմելու է։ Բայց այդ միջոցներու մասին բացատրութիւն մը չտուաւ։

Երբ Խատիճէն Սոնիայի հետ դուրս եկաւ Լեւոնի մօտէն, արդէն այն համոզումը գոյացեր էր իր մէջը, որ եթէ Վահէին օգնող մը կրնայ լինիլ, այդ միայն Լեւոնը կրնար լինիլ։ Այդ իրիկուան ընդհանուր խուզարկութիւնը Սոնիային կրկին անգամ յիշեցնելով՝ մեկնեցաւ Խատիճէն։

Սոնիան դէպի բակը նայող պատուհանին առջեւ նստած՝ կը մտածէր։ Որքան ալ վստահ էր որ ընդհանուր խուզարկութենէ ազատ էր իր տունը, բայց կառավարութիւնը, առջի անգամուան նման կրնար խաղ մը խաղալ, եւ վերջէն, թրքական «թիւրիմացութեամբ» կատարուած խուզարկութեան համար ցաւ յայտնել։ Սոնիան խոհեմաբար խուզարկութեան մասին բան մը չէր ըսած Լեւոնին՝ վախնալով որ վերջինս կրնայ զինք չվտանգելու մտահոգութեամբ հեռանալ եւ վտանգել ինքզինքը։ Սոնիայի համար պարզ էր, որ Լեւոնը պահել՝ կը նշանակէ փրկել շարժումը վերջնական փլուզումէ։ Հետեւաբար պէտք էր ամէն միջոցի դիմել իր տունը խուզարկելէ ազատ պահելու համար։

Արմուկը պատուհանի շրջանակին՝ գլուխը յենած ձեռքին, Սոնիան ելք մը կը մտածէր, երբ դէմքին վրայ հեգնական չարաճճի ժպիտ մը գծագրուեցաւ։ Անշուշտ այդպէս պէտք էր ընել։ Սոնիան անմիջապէս նստաւ, երկու տոմսակներ գրեց ու Յակոբի հետ ճամբեց, ու վար իջնալով կարգադրեց, որ Մարիամը՝ խոհարար սպասուհին, որ ցերեկները կ’աշխատէր, այդ գիշեր մնայ իր մօտ։

Այս երեկոյ հիւրեր պիտի ունենամ, ըսաւ Սոնիան Մարիամին, կ’ուզեմ որ ճոխ ընթրիք մը պատրաստես։

Շատ լաւ։ Օրիորդ, ի՞նչ կ’ուզէք որ պատրաստեմ։

Սիրելիս, ինչ որ կ’ուզես, միայն աճապարէ։

Մինչ Մարիամը թեւերը սոթթած՝ գործի սկսաւ, Սոնիան բարձրացաւ իր սենեակը գոհունակօրէն ժպտալով։ Կէս ժամ վերջը, Յակոբը վերադառնալով՝ կ’օգնէր սպասուհիին։

Սկսած էր մթնիլ։ Սոնիան ճրագը վառեց, ու կողքի սենեակը թխկացնելով՝ ներս մտաւ Լեւոնի մօտ։

Պարոն Լեւոն, կը ցաւիմ, որ այս գիշեր ձեզ խաւարի մէջ ձգել ստիպուած եմ, անհոգօրէն խօսեցաւ Սոնիան, հիւրեր պիտի ունենամ, բոլորովին անխռով՝ հանգստացէք. թէեւ կը վախնամ որ մեր խօսակցութիւնը ձեզ խանգարէ…

Վնաս չունի, օրիորդ Սոնիա, ես խաւարի մէջ ալ տեսնելու վարժուած եմ… միայն թէ Յակոբէն պատուիրած էի, այս գիշեր Սաթենիկը…

Գիտեմ, վրայ բերաւ Սոնիան, բայց հազիւ թէ այս գիշեր Սաթենիկը յաջողի գալ… Վաղը գիշեր, անպատճառ… Հիմա կը ներէք, որ ձեզ խաւարի մէջ ձգեմ, ու Սոնիան դուռը գոցելով՝ բանալին զգեստի արանքէն, կուրծքին վրայ պահեց։

Սոնիայի մեկնելէն վերջ, Լեւոնը անկողնին վրայ երկնցած՝ կը մտածէր ընելիքներուն մասին։ Նախ՝ պէտք էր մնացած ուժերը համախմբել, դեռ կառավարութեան ձեռքը չանցած պահեստները ապահով տեղեր փոխադրել, անտիրական մնացած գաւառներու հետ կապ հաստատել: Բայց ատոնցմէ ամենակարեւորը, Վահէի վիճակն էր։ Պարզ էր, որ թուրք կառավարութիւնը սարսափեցնելու համար ժողովուրդը, ջլատելու համար յեղափոխական շարժումը՝ Վահէի հանդէպ ամենախիստ վճիռ մը պիտի տար։ Պաղ սարսուռ մը անցաւ Լեւոնի մարմնէն։ Գիտէր պատահելիքը։

----------

Սոնիայի սենեակէն հետզհետէ բարձրացող խօսակցութեան բազմաթիւ ձայներ կուգային պնակներու աղմուկին հետ։ Լեւոնը լսողութիւնը սրած՝ սկսաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընել։ Ինչ որ զարմացուց զինք՝ կողքի սենեակէն լսուող բազմալեզուեան խօսակցութիւնն էր։ Երբեմն ռուսերէն, երբեմն հայերէն, իսկ ընդհանրապէս ֆրանսերէն կը տարուէր խօսակցութիւնը: Լեւոնը որոշապէս կը լսէր ձայները մէկէ աւելի կիներու, որոնք քրքջալով, երբեմն խօսքի կը խառնուէին։

Ատեն մը կողքի սենեակէն լսուող խօսակցութեան հետեւելէ վերջ, Լեւոնը անձնատուր եղաւ միտքը չարչարկող խորհուրդներուն։ Թէ որքան ատեն անցաւ, ինքն ալ հաստատ չէր գիտեր, երբ դրսէն ելեւէջաւոր շեփորի ձայն մը լսուեցաւ։ Վայրի կատուի արագութեամբ ցատկեց անկողնէն՝ ձեռքը ատրճանակին նետած: Մոռցաւ, որ ինք Սոնիայի տունը կը գտնուի, Համուտ Աղի զօրանոցի դէմն ու դէմը։

Այդ պայմանադրական շեփորին անմիջապէս արձագանգ տուին Այգեստանի բազմաթիւ կէտերէն։ Լեւոնը ականջները սրեց, անպատճառ դուրսը արտակարգ բան մը կը կատարուէր, բայց թէ ի՞նչ, ի հարկէ հասկնալ չէր կրնար:

Սոնիայի սենեակէն լսուող ուրախ ձայները, շեփորահարութեան հետեւանքով պահ մը լռած, ա՛լ աւելի աղմուկով վերսկսան։ Լեւոնը ոտքի մատներուն վրայ քալելով մօտեցաւ ու ականջը դրաւ դրան փեղկին։

Այո, թաւ ձայնով տղամարդ մ’էր ֆրանսերէն խօսողը, վերջի պահուն ինձ իմացուցին, թէ ընդհանուր խուզարկութիւն մը տեղի պիտի ունենայ այս գիշեր…

Ինձ ալ քիչ առաջ միայն լուր տուին, լսուեցաւ երկրորդ ձայն մը, տիկիններուն հետ կը պատրաստուէինք կառք նստիլ, երբ ոստիկան մը կուսակալի նամակը բերաւ…

Բայց ինչո՞ւ համար նորէն այս խուզարկութիւնը, Լեւոնը որոշապէս ճանչցաւ Սոնիայի ձայնը․- այս երկրին մէջ կ՚երեւի խուզարկութիւնները վերջ չունին… այս անգամուան խուզարկութիւնը ինչո՞ւ համար է։

Սիրելի Սոֆիա Պետրովնա, լսուեցաւ թաւ ձայնով տղամարդու ձայնը, որ այս անգամ ռուսերէն պատասխանեց․- կառավարութիւնը հաստատ լուր ունի, որ յայտնի յեղափոխական Լեւոնը քաղաք մտած է։ Առջի գիշեր զօրքին հանդիպելով՝ զինուորներէն մէկը սպաննած է եւ ոտքով գլխով աներեւութացած… Կառավարութիւնը ամբողջ Այգեստանը զինուորական ցանցի տակ առաւ ու հիմա տակն ու վրայ պիտի դարձնէ թաղերը։ Վստահ եմ, որ այս անգամ մեռած կամ ողջ ձեռք պիտի անցնի այդ մարդը…

Եթէ այդքան վտանգաւոր մարդ մ’է այդ Լեւոնը, յաջողութիւն կը ցանկամ կառավարութեան, Սոնիայի քրքջան ձայնն էր պատասխանողը։

Բայց ես, շիտակը շատ պիտի ցաւիմ, լսուեցաւ կանացի մեղմ ձայն մը, ժողովուրդը ուղղակի կը պաշտէ այդ մարդը… Ես խորապէս պիտի ցաւիմ…

Ատոր համար ալ ես քեզի կ’ըսեմ, որ դու շատ սանթիմանթալ ես, պատասխանեց ուրիշ տղամարդու մը յանդիմանական ձայնը․- դու երբեք պիտի չկրնաս մոռնալ հայ ծնողքներէ սերած լինելդ…․

Յարգելի քօնսիւլը պիտի գիտնայ, որ մեր ամենամեծ առաքինութիւնը սանթիմանթալ լինելն է, Սոնիան էր խօսողը․- եթէ մենք ալ ձեզ՝ տղամարդոցդ նման չոր եւ տրամաբանող լինէինք, հաւատացէք, որ մեր գրաւչութենէն շատ բան կը կորսուէր… Չէ՞, տիկին, դուք ի՞նչ կ’ըսէք…

Անշուշտ այդպէս է, լսուեցաւ նախկին խօսող կնոջ ձայնը, յամենայն դէպս սարսափելի է մտածել, որ այս րոպէիս մարդ էակ մը վայրի գազանի նման կը հալածուի իր նմաններու կողմէն եւ որ այս պահուս կամ սպաննուած է եւ կամ սպաննուելու մօտ վիճակի մը մէջ։

Գիտէ՞ք ինչ, յարգելի տիկին, կրկին թաւ ձայնով մարդու, ձայնը լսուեցաւ, աւելի լաւ կը լինի, որ մեր այս ուրախ սեղանը չտխրեցնենք նման հարցերու մասին խօսելով։ Մեր Ռուսաստանի մէջ ալ այս յեղափոխական խելագարներէն շատ ունինք, անոնց ինչ պտուղ լինելը ինձ յայտնի է։ Չ’արժեր անոնց մասին մտածել… Այս օր մեր սիրելի հիւրընկալի ծննդեան տարեդարձն է, խնդրեմ բաժակները լեցնել… Ձեր կենացը, յարգելի Սոֆիա Պետրովնա… երջանիկ տարիներ…

Երջանիկ տարիներ… շատ տարիներ, լսուեցան ուրիշ ձայներ եւ բաժակներու չխկոց։

Լեւոնը դրան մօտ յօնքերը կիտած՝ սկսաւ մտածել։ Այս ի՞նչ նորութիւն էր, մարդ տարուան մէջ քանի՞ անգամ ծննդեան օր կ՚ունենայ։ Սոնիայի ծննդեան օրը Լեւոնը գիտէր որ յունիսի տասներկուսն է։ Ինչո՞ւ այս խաղը։ Յանկարծ գաղափար մը միտքը լուսաւորեց. Սոնիան՝ Լեւոնի թագստոցը ապահովելու համար՝ հնարած էր այդ ծննդեան նոր թուականը եւ անշուշտ իտալական եւ ռուսական քօնսիւլներն էին իրենց տիկիններով կոչունքի կանչուած հիւրերը։ Լեւոնը անձայն սկսաւ ծիծաղիլ ու կուրծքը հպարտութեամբ ուռեցաւ։ Չէ՛, Սոնիան շրջահայեաց, խելօք աղջիկ մ’էր ամէն մէկ քայլը հաշուող, ու գիտէր թէ ի՜նչ կ՚ընէր։ Լեւոնը չորեքթաթ մօտեցաւ անկողնին, առանց հանուելու երկնցաւ մահճակալի վրայ ու փորձեր քնել, վստահ որ դուրսը պահապան հրեշտակ մը կը հսկէ իր ապահովութեանը վրայ։

Թերեւս Լեւոնը քնեց, եւ կամ մտային այն վիճակին մէջ էր, երբ գիտակցութիւնը կը նուաղի ու մարդ կէս քուն կէս արթուն վիճակ մը կ՚ունենայ։ Մէկ ալ տան դրան աղմուկը ընդոստ արթնցուց զինքը։ Լեւոնը անմիջապէս ոտքի ցատկեց եւ զգուշութեամբ այգին նայող վարագոյրի ծայրը վեր բարձրացուց։ Այգիի կողմէն ոչ թէ միայն Սոնիայի, այլ եւ շուրջի տները շրջապատուած էին զինուորներու շղթայով մը, որոնք ձեան սպիտակութեան վրայ ետ ու առաջ կը շարժէին։ Ապահովաբար այդ պահուն այգիի դուռն էր որ կը ծեծէին։ Լեւոնը ոտքի մատներուն վրայ քալելով՝ մօտեցաւ կողքի սենեակի դրանը։

Սոնիայի հիւրասենեակը գտնուող կոչնականները այնքան ցած ձայնով կը խօսակցէին, որ Լեւոնը անորոշ աղմուկէ զատ բան մը չկրցաւ լսել։ Այն է, Լեւոնը կը պատրաստուէր նորէն պատուհանին մօտենալ, երբ դէպի Սոնիայի սենեակը բարձրացող սանդուխի վրայ ծանր ոտնաձայներ լսուեցան, ու մէկ ալ սենեակի դուռը շռնգալով բացուեցաւ այնքան ուժեղ կերպով, որ Լեւոնի կրթնած դուռը տեղէն երերաց։

Կողքի սենեակին մէջ խօսակցութեան շշուկը յանկարծ դադրեցաւ։

Հազար ներողութիւն, լսուեցաւ նոր ձայն մը․ ապահովաբար դուռը բացողի ձայնն էր, որ թուրքերէն կը խօսէր, ձեր վսեմութեան ներողամտութիւնը կը խնդրեմ… Գիտէք, որ այգիներու կողմէն դժուար է ճշդորոշել թէ ո՞ր տունը որո՞ւ կը պատկանի… Անշուշտ, եթէ գիտնայինք, որ տոքթոր հանըմին տունն է, Աստուած չընէ, որո՞ւ մտքէն կ՚անցնէր նեղութիւն պատճառել։ Արդէն կուսակալ պէյն ալ այդ մասին մասնաւորաբար կարգադրած էր… Կը խնդրեմ որ ներէք այսպէս յանկարծ ներս մտնելուս համար։ Եթէ գիտնայի…

Քոմիսէր էֆէնտի, լսուեցաւ թաւ ձայնով մարդու բարկացոտ ձայնը, դուք պիտի չմոռնայիք, որ բացի կուսակալի հրամանէն, տոքթոր հանըմը ռուսահպատակ է, ու առանց իմ համաձայնութեան դուք իրաւունք չունէիք դռնէն ներս մտնելու։ Կ’երեւի, Վանի մէջ այնքան ալ բարակը չէք փնտռեր․ ես պիտի բողոքեմ ուր որ անկ է… խնդրեմ անմիջապէս դուրս ելէ՛ք…

Կասկած չկար, որ խօսողը ռուսաց քօնսիւլն էր, մեծ ազդեցութեան տէր անձնաւորութիւն մը։ Լեւոնը դրան կողքին կծկուած՝ բաւականութեամբ ինքն իրեն կը ժպտար: Սոնիայի խորամանկութեան շնորհիւ ռուսաց քօնսիւլն էր որ կը թեւարկէր յեղափոխական փախստականը, որուն ձերբակալելու համար այդ պահուն Այգեստանը տակն ու վրայ կը լինէր։

Հազար ներողութիւն կը խնդրեմ… եթէ միայն գիտնայի, կմկմոտ ձայնը կը լսուէր քօմիսարին․- խնդրեմ, ներէք, հանըմ էֆէնտի…

Վայրկեան մը խնդրեմ, լսուեցաւ Սոնիայի սիրալիր ձայնը, պարոն քօնսիւլը ներողամիտ պիտի գտնուի, եթէ ըսեմ իրեն, թէ դուք ինձ նկատմամբ միշտ ուշադիր գտնուած էք… ինչպէ՞ս կ՚երթայ ձեր խուզարկութիւնը, յաջողութիւն ունեցա՞ք։

Հանըմ էֆէնտի, դժուար, շատ դժուար…

Ուրեմն, դեռ ձեռք չձգեցի՞ք այդ ապստամբը…

Ձեռք ձգուելիք պտո՞ւղ է որ, կատարեալ դեւ մը։ Կ՚ըսեն կապիկի նման պատերէն վեր կը մագլցի, որպէս թէ գետնի վրայ կը քալէ… բայց այո անգամ ձեռքերնէս չի կրնար պրծնիլ, ամբողջ թաղերը շրջապատած ենք…

Յաջողութիւն կը ցանկամ ձեզ, լսուեցաւ Սոնիայի անհոգ ձայնը։

Սանդուխէն իջնող քայքերու ձայնը մարեցաւ։ Լեւոնը վերադառնալով անկողնի մօտ՝ երկնցաւ անկողնի վրայ ու աչքերը գոցեց։