Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԻՒՆՈՏ ՃԱՄԲՈՒ ՎՐԱՅ

Փարաքար գիւղէն հազիւ քարընկէց մը հեռու, ուղիղ մեծ ճամբու վրայ, չորս աչքանի ջրաղաց մը կայ։ Ընդարձակ շէնք մը, ցած առաստաղով ու շատ խոշոր բացուած դուռով մը, որու առջեւ գրեթէ միշտ քանի մը աւանակներ կապուած, կամ գիւղական մէկ երկու սայլ կեցած կը լինէին։

Ուստա Ակոբը, այդպէս էր ծերունի ջրաղացպանի անունը, առտու կանուխ, ջրաղացքի խոշոր քարերէն մէկը առջեւը ձգած, մուրճով քարը կը կռանէր։ Ծերուկը ե՛ւ կ՚աշխատէր եւ երաժշտութեան մը գրաւչութեամբ կ՚ունկնդրէր անիւներու խլացուցիչ աղմուկին։ Վարպետ ջրաղացպան մ’էր Ուստա Ակոբը: Ջախջախի ձայնէն իսկ ան կրնար ըսել, թէ տաշտի ցորենը հատնելու վրայ է, եւ կամ թէ ցորենը շատ կը վազէ: Ձեռքի աշխատանքը ձգելով՝ ան յաճախ ներս կը վազէր ցորենահոսը վեր կամ վար ընելու, կամ ալիւրին մէկ ձեռք նետելու, իմանալու համար որ քարը լաւ կ՚աղա՞ր թէ՝ կը տրորէր ցորենի հատիկը:

Բարի լոյս, Ակոբ։

Վա՜յ բարի լոյսը վրադ, Սարգիս Աբեր, քէյֆ-հալ, ու Ուստա Ակոբը տեղէն ցատկելով ներսէն սնտուկ մը բերաւ, որ նորեկը նստի:

Սարգիս Աբերը գիւղի աչքի զարնող մեծ մարդն էր։ Նախ որ՝ հարուստ էր։ Վեց եօթ կտոր ջրարբի արտեր ունէր, վեց դեսեատին տարածութեամբ կէս ճախճախուտ հող մը՝ բրնձի մշակութեան յատկացուած, Էջմիածնի ճամբուն վրայ այգի մը, որ վանքի «մեծ այգիէն» վերջ, ամենամեծն էր ամբողջ Արարատեան դաշտին մէջ:

Այսքանը ինքնին բաւական էր, որ մէկը գիւղի «առաջաւոր» մարդը համարուէր։ Բայց Սարգիս Աբերը ատկէ աւելէն ունէր: Շէն, հացով տունի հռչակը քառասուն գիւղ հեռուները հասած էր, ուր Աստուծու մէկ հիւրը կ’երթար, միւսը կուգար: Հայր Աբրահամն ալ օրհներ էր օճախը՝ լեցնելով ամբարները ցորենով ու մառանը պէրէքէթով:

Զաւակներէն երկուքը տան հաստատուն սիւներն էին, հասուն մարդիկ՝ կնկայ, զաւակներու տէր: Հալալ աշխատող երկու զաւակները՝ ալ իր վրայ բե՞ռ կը ձգէին։ Բայց աշխարհի բանը ե՞րբ է շիտակ եզեր: Սարգիս Աբերը ծերութեան օրերուն սրտի կսկիծ մ’ունէր, այնպիսի կսկիծ մը, որ ուշ կամ կանուխ գերեզման պիտի իջեցնէր զինքը, աչքը ետեւը թողած։ Երրորդ եւ կրտսեր զաւակ մ’ալ ունէր Սարգիս Աբերը, զաւակներուն մէջ ամենէն սիրականը, անոր պատճառով ալ սրտի անբուժելի կսկիծը: Տղան, օրին մէկը գլուխը առած գացած էր սահմանի միւս կողմը, ինչ է, ազգութեան ծառայելու համար։ Ալ ո՛չ մէկ լուր, ոչ մէկ բարի աւետիս անկէ: Ջրաղացպան Ակօն 78 թուականի Ալաշկերտի գաղթականներէն էր։ Է՛ն երկրի մարդոցմէն, ու եթէ այն կողմերէն լաւ կամ վատ խապար մը լինէր՝ հարկաւ ան կ’իմանար: Սարգիս Աբերը գրեթէ ամէն օր կ’այցելէր ջրաղացպանին։

Ուստա Ակոբի համար ալ այդ այցելութիւնները նշանակութիւն մ’ունէին: Եկողը անյայտ Թորոս մը, նախրապան Մարկոս մը չէր։ Դիրքի, հարստութեան տէր Սարգիս Աբերն էր, որու տանը՝ անգամ մը նոյնիսկ գաւառապետը գիշերած էր։

Սարգիս Աբերը գիւղի եկեղեցիի երէցփոխն ալ էր։ Երէցփոխներու մասին թէեւ ժողովուրդը կ’ըսէր թէ «մեղրի հետ գործ ունեցողը, մատը կը լիզէ», բայց նոյնիսկ նախկին երէցփոխներն ալ կը խոստովանէին, որ Սարգիս Աբօր օրով եկեղեցիի հին պարտքէն մաս մը վճարուած՝ եկեղեցին ալ շէն ու պայծառ վիճակի մէջ էր։

Երկու ծերունի բարեկամներ, ատեն մը լուռ մնալէ վերջ, իրարու նայեցան: Ուստա Ակոբը գիտէր թէ, դիմացինը ի՞նչ պիտի հարցնէ: Սարգիս Աբերն ալ անոր տալիք պատասխանը գիտէր։

է՜, Ուստա Ակոբ, ըսէ տեսնենք ի՞նչ կայ չկայ։

Ջան սաղութիւն, ի՞նչ պիտի լինի։ Աստուած օգնութեան հասնի, ազգի վիճակը յայտնի է…

Հա՛, էդ շիտակ ըսիր, էսպէս ծանր օրեր չէինք տեսած։ Մէկ էն ըսէ, ու ծերունին ձեռքի գաւազանը դէպի Բարթողեան լեռնաշղթան ուղղելով, մէկ ըսէ, էն կողմերէն ի՞նչ խապար կայ…

Նոր խապար մը չկայ, Սարգիս Աբեր. ամէն ինչ գիտցածիդ պէս…

Հա՞, Աստուած տայ էդպէս լինի, ու ծերունին խոր հոգոց մը քաշեց:

Է՜, ինչպէս հոգոց չքաշէր։ Էն սարերու ետեւը, ինչե՞ր ըսես չէր կատարուեր՝ ալան թալան, սպանութիւն, կոտորած: Ծանր էր մտածել թէ՝ սիրական զաւակը հոն էր։ Սիկարէթ մը պլլեց Սարգիս Աբերը, Ուստա Ակոբն ալ չիպուխը նորոգեց: Ծանր ու դանդաղ սկսան ծխել։

Այգիները լաւ բռներ են, ըսաւ Սարգիս Աբերը, աւելի շուտ ինքնիրեն խօսելով, եթէ ջրի պակասութիւն չքաշենք…

Ջրաղացքի մօտէն երբեմն Երեւանէն կամ Էջմիածնէն եկող կառք մը սրարշաւ կ’անցնէր՝ փոշիի երկար պոչ մը ձգելով ետեւէն: Կառքի անիւներու տակը չմնալու համար գիւղի սագերն ու բադերը օրօրուելով կ’աճապարէին ջրաղացքի առուն ապաստանիլ:

Երկու բարեկամները անխռով խաղաղութեամբ կը շարունակէին իրենց ընդհատ խօսակցութիւնը աշխարհի շեռէն ու խերէն՝ առուի եզերքներուն բարձրացած բարտիներու զով շուքը վայելելով։

Հա՛, չալթուկի արտս էս տարի Չոպան-քերեցի Իպրահամին տուի կիսրար…

Պապի, պապի…

Գիւղի նեղ փողոցէն, հազիւ հինգ տարեկան երեխայ մը դուրս գալով սկսաւ վազել դէպի ջրաղացքը.

Պապի, հէյ պապի…

Հը՞, Ակոբ, կարծես էդ մեր Սահակն է վազողը։ Անտէր մնայ, աչքերս լաւ չեն ջոկեր…

Հա, էն է , հաստատեց Ուստա Ակոբը։

Պապի, պապի…

Երեխան օրօրուելով, շնչասպառ հասաւ ու պլլուեցաւ մեծ հօրը։ Դէմքը շառագունած էր, աչքերուն մէջ անզսպելի ուրախութիւն մը կը խաղար, բայց այնպէս սաստիկ կը հեւար, որ անկարող խօսելու՝ միեւնոյն խօսքը կը կրկնէր շարունակ.

Պապի… պապի…

Հա, պալէս, պապին քեզ մատաղ, ու Սարգիս Աբերը շոյեց երեխայի գլուխը։

Պապի… Գէորգ… Գէորգ հօրեղբայրը…

Յանկարծ կարծես թէ կայծակը խփեց ոտքերուն քով, Սարգիս Աբերը նստած տեղը օրօրուեցաւ, դէմքը սպրթնած՝ հազիւ կրցաւ շշնջալ.

Ի՞նչ… ի՞նչ ըսիր…

Եկաւ… Գէորգ հօրեղբայրը եկաւ…

Ուստա Ակոբը տեղէն ցատկեց ու օգնեց շշմած բարեկամին ոտքի կանգնելու։

Որ ես կ’ըսէի… աչքդ լոյս, Սարգիս Աբեր…

Բայց Սարգիս Աբերը կանգնած տեղէն կարծես չէր կրնար շարժիլ: Անշուշտ, սխալ չէր լսած՝ իր սիրական զաւակը վերադարձեր էր։ Մէկ ալ, թոռանը ձեռքէն բռնած, սկսաւ վազել, որչափ որ կը ներէր յօդացաւէ ծանրացած ոտքը։ Գիւղամէջէն անցաւ նոյն արագութեամբ՝ առանց չորս կողմը նայելու, բայց երբ մօտեցաւ տանը, քայլերը դանդաղեցուց: Տէ՜ր Աստուած, գեղ գեղական ի՞նչ պիտի մտածէ հիմա. երէցփոխ Աբերը ճահիլ երիտասարդի նման վազելով անցնի գիւղամիջով:

Տան սեմէն ներս մտաւ սովորական ծանրութեամբ, նոյնիսկ չմոռցաւ հազալ։ Տարինեը շարունակ Սարգիս Աբերը տուն մտնելու ժամանակ բարձր կը հազար, որ տնեցիք իմանային իր գալը։ Երբ ընդարձակ սենեակէն ներս մտաւ, ուր արդէն դուռ, դրացի հաւաքուած էին, Սարգիս Աբերը երէցփոխի մը արժանավայել ծանրութեամբ՝ նախ գաւազանը դրաւ սովորական անկիւնը, դուռ դրացին բարեւեց ու յետոյ մօտեցաւ Գէորգին, որ զինքը տեսնելուն՝ ոտքի ելած կը մօտենար:

Շատ ալ որ Սարգիս Աբերը բուռն ցանկութիւն ունէր զաւակը կրծքին սեղմելու եւ կարօտով համբուրելու, բայց այդքան օտարներու առջեւ անշուշտ որ անվայել էր այդ, ոչ ալ իր դիրքին, անունին յարմար։ Բաւականացաւ տղուն ուսը ծեծելով.

Բարի ես եկեր…

Հա՛յր, էս իմ ընկերն է , ու Գէորգը հօրը ներկայացուց Քաչալը՝ որպէս ղզլարցի ուսուցիչ մը, պարոն Յակոբ, որ իբր թէ Հիւսիսային Կովկասէն եկած էր Մասիսն ու Էջմիածինը տեսնելու համար:

Բարով, հազար բարով եկաք:

Բերնէ բերան Գէորգի գալու լուրը շրջան ըրաւ Փարաքարի չորս բոլորը: Խնամի, քաւոր, սանահեր, մօտիկ՝ ու մինչեւ եօթ պորտ հեռաւոր ազգականներու տողանցք մը սկսաւ դէպի Սարգիս Աբօր տունը՝ մօրը աչքալուս տալու եւ իրենց սեփական աչքերով տեսնելու Գէորգը։ Խաղաղ տունը մէկէն հարսնետան մը կերպարանքը ստացաւ։ Մտնող ելլողը անպակաս էր։ Մօտիկ ազգականներ, թեւերնին վեր սոթթած, տան հարսներուն կ’օգնէին այդքան բազմութեան համար ճաշ պատրաստելու։ Իսկ Գէորգի պառաւ մայրը, ուրախութենէն եօթերորդ երկինքը հասած, նոր հարսի մը աշխուժով մէկ խոհանոց կը վազէր, մէկ տղուն քով կը նստէր եւ ուրախութենէն թափած արցունքները կը չորցնէր՝ կարմիր թաշկինակը աչքերուն տանելով:

Ի զուր չէր, որ ամէն իրիկուն, Տիրամօր պատկերին առջեւ մոմ վառած՝ կուրծքր ծեծած էր։ Աչքերը չգոցած ահա կը տեսնար զաւակը, որ Ղազարոսի նման մեռելներու մէջէն յարութիւն առած՝ իր գիրկը կը վերադառնար։

Սուրբ Աստուածածին, ու պառաւ մօր շրթները աղօթելու ձեւով, թոյլ կը շարժէին, զօրութեանդ մեռնիմ, թագուհի Տիրամէր… Դուն՝ սգաւոր մայրերը մխիթարող…

Ու կ’որոշէր Աստուածածնայ տօնին, բոպիկ ոտքով ուխտ երթալ հեռաւոր Աստուածածնի վանքը, երկու ոչխար մորթել ու ձեռքովը բաժնել աղքատներուն։

Կէս օրուան մօտ, այգիէն եկան Գէորգի եղբայրները՝ Միքայէլն ու Աշոտը։ Գիւղացի տղայ մը աչքալոյս տարած, բայց իրենք չէին հաւատացած այդ արտառոց լուրէն: Ո՞վ կրնար ըսել, թէ Գէորգը նոյնիսկ ողջ էր: Բայց երբ պատկից այգեպանը գիւղէն գալով հաստատեց Գէորգի գալը, երկուքն ալ գործ մործ ձգած, տուն վազեցին:

Վարժապետ Յակոբը՝ մեր բարեկամ Քաչալը, կանուխ քաշուեցաւ հանգստանալու համար:

Հազիւ երեկոյեան ուշ ատեն հիւրերը մեկնեցան, տան աղմուկը խաղաղեցաւ ու տնեցիք առանձին մնացին։ Նոր միայն տնեցոց անչափ ուրախութիւնը անկեղծ արտայայտութիւն մը գտաւ։

Գէորգ ջան, ու Սարգիս Աբերը, որ ամբող ջ ցերեկը այնքան վայելուչ կերպով ինքզինք պահած էր, փղձկելով ինկաւ տղուն գիրկը։

Արեւուդ մեռնիմ, իմ ասլան մանչս, Գէորգը գրկած կ’արտասուէր մայրը, մէկ էլ պիտի չերթաս. եթէ կ’ուզես, մէրդ ողջ ողջ գերեզման դիր ու անկէ վերջը…

Ամէն մէկը բան մը կը հարցնէր, առանց պատասխան մը սպասելու։ Երբ բաւական մը խաղաղեցան, Գէորգը յայտնեց, որ իր ընկերը տկար է եւ կազդուրուելու համար եկած է իրենց գիւղը:

-------------

Գէորգի գալէն շաբաթ մը վերջը, թէեւ դեռ կանուխ էր, տնեցիք այգիի տունը քաշուեցան: Ծալօն միայն մնաց գիւղի տան մէջ: Այգի քաշուելով, Սարգիս Աբօր այցելութիւնները ջրաղացպանին՝ դադրեցան, նոյնիսկ գիւղամէջ չէր ուզեր երթալ։ Եթէ իրեն մնար, ան վայրկեան մ’իսկ պիտի չհեռանար տղու մօտէն: Զինուորի նման պահակ կանգնիլ կ’ուզէր, որ մէկ ալ ձեռքէն չփախչի Գէորգը։

Կեանքի զարմանալի խաղաղ շրջան մը սկսալ մեր Քաչալին համար, որ Փարաքարի մԷջ վերստին մկրտւած՝ նոր անուանակոչութիւն մը ստացեր էր: Վարժապե՜տ Յակոբ, ինչ որ ալ լինէր, Քաչալ օտարոտի անունէն պակաս չէր նորը. երբ իսկական անունը չէր կրնար գործածել, իր ի՞նչ հոգը, թէ շուրջինները ի՞նչ անունով կը կանչէին զինքը:

Վարժապետ Յակոբի եւ Գէորգի անկողինները տանիքը կը փռէին: Արեւի ճառագայթները հազիւ կ’ոսկեզօծէին վեհափառ Մասիսի ճակտին նստած ձիւնը, երբ Յակոբ վարժապետր ամէնքէն առաջ կ’ելլէր անկողնէն, այգիի մէջէն անցնող առուակի կլկլացող ջրով երեսը կը լուար, բահը շալկած՝ կ’երթար բանջարանոցը աշխատելու, մինչեւ որ տնեցիք տեղերնէն ելլելով նախաճաշը պատրաստէին:

Տնեցիք շատ շուտով մտերմացան հիւրին հետ, բայց մանաւանդ կէս երկոտասնեակ երեխաները, որոնց իսկական խաղընկերը դարձած էր վարժապետ Յակոբը։ Ան, որքա՜ն ալ շատ հէքեաթներ գիտէր։ Երեխաները հանգիստ չէին ձգեր մազով մօրուքով այդ բարձրահասակ մարդը, որ այնքան պատրաստակամ եւ սիրալիր էր իրենց հանդէպ, նոյնիսկ Գէորգ հօրեղբայրէն աւելի։

Գէորգի ուշադիր եւ յարգալիր վերաբերմունքէն Սարգիս Աբերն ու Գէորգի եղբայրները շատ չանցած գլխի ինկան, որ այդ օտարական հիւրը աւելի բան մ’է, քան սովորական հայ վարժապետ մը։ Բայց քանի որ Գէորգը ատկէ աւելի բան մը չէր յայտներ, իրենք ալ եղածովը կը գոհանային: Անգամ մը սակայն Սարգիս Աբերը լուրջ պատճառ ունեցաւ անհանգստանալու: Շրջանի ռուս պրիստաւը երկու ոստիկաններու հետ յանկարծ այգին մտաւ։ Հին ծանօթ մ’էր պրիստաւը եւ շատ անգամներ հիւր եկած: Հազիւ թէ եկւորները տեսած՝ վարժապետը, որ ցնցուղով ծաղիկները կը ջրէր, բոլորովին սպրթնած տուն մտաւ, եւ դուրս չեկաւ, մինչեւ որ անոնք մեկնեցան այգիէն։

Սարգիս Աբերը հին, փորձուած մարդ մ’էր։ Դունջը ձեռք առած՝ սկսաւ մտածել. ինչո՞ւ վարժապետը պրիստաւը տեսնելուն այնքան վախեցաւ։ Այդ մասին՝ Գէորգին խօսք բացաւ, բայց աւելի եւս զարմացաւ, երբ տղան բոլորովին անհանգստացած՝ խնդրեց, որ էդ պաշտօնական մարդիկ քիչ մը հեռու պահէ այգիէն: Սարգիս Աբերը աւելի ծանր սկսաւ մտածել։

Անգամ մը յուլիսի կէսերուն, Վահէն անակնկալ կերպով մէջտեղ ելաւ: Իր հաղորդական ջերմ բնաւորութեամբ անմիջապէս բարեկամացաւ տնեցւոց բոլորի հետ։ Սարգիս Աբերն ալ, որ ուրախ մարդիկ կը սիրէր, գոհունակութեամբ ձեռքերը շփեց։ Վերջապէս, Գէորգի ընկերներէն մէկը եղաւ, որ սեղանի վրայ նոր հարսի նման նազ ընել չէր գիտեր երկու բաժակ օղի խմելու համար: Երկու օր հիւր մնաց Վահէն։ Մէկ ալ երրորդ առտու տնեցիք ելան, որ Վահէն չկայ, գիշերով անյայտացեր է: Սարգիս Աբերը այլեւս ոչինչ հարցուց Գէորգին։

------------

Փարաքար գիւղը հողագործի ծանր աշխատանքով կը տնքար: Արարատեան Դաշտի հզօր արեւն երկնքէն ոսկի ճառագայթ կը մաղէր ցորենի խշշացող արտերուն, կանաչ այգիներուն, բամպակի դեղին եւ ճերմակ ծաղիկներուն վրայ: Մեր վարժապետին համար այդ հսկայ դաշտի ծովը, անտառապատ գիւղերով, մշակուած արտերով, անսովոր պատկեր մը կ’երեւէր։ Արեւմուտի ժամանակ, երբ ստուերները կ’երկարէին, ժամերով տանիքը նստած, աչքը Մասիսներուն եւ Դաշտին, նայելէն չէր կշտանար:

Այդպէս անցաւ յուլիս ամիսը: Վարժապետը հետզհետէ կը կազդուրուէր։

Օգոստոս երեքի մեծ ցոյցը առաջին դէպքն էր, որ տեղի ունեցաւ Արարատեան Դաշտին մէջ։ Հազարաւոր բազմութիւն մը մինչեւ Էջմիածին գնաց Հայրապետին բողոքելու, եւ խնդրելու, որ հայ եկեղեցիի կալուածները ցարական կառավարութեան չյանձնէ։ Գէորգի եղբայրները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիւղացիներ միացան ցուցարարներուն:

Այդ ցոյցէն վերջ, քաղաքի ինչպէս նաեւ Դաշտի բոլոր գիւղերուն մէջ անօրինակ եռուզեռ մը սկսաւ։ Գիւղական ժողովներ, որոշումներ իրարու կը յաջորդէին։ Քաղաքն էր շարժման ուղղութիւն տուողը։ Այդ տրամադրութիւններու խմորումը աւելի ուժեղացաւ անով, որ այդ տարի, օգոստոսի 28-ին տեղի պիտի ունենար Էջմիածնի մէջ միւռոնօրհնէքի մեծ հանդէսը։ Չորս կամ ութ տարին անգամ մը միայն տեղի կ’ունենար միւռոնօրհնէքը, եւ ամէն անգամ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ կը հաւաքուէին Էջմիածնի տաճարի շուրջր։

Քանի օգոստոս 28-ը կը մօտենար, Յակոբ վարժապետը, շեշտուած կերպով հոգեկան խաղաղութիւնը կը կորսնցնէր: Տասնեւչորս տարի անցած էր տնէն մեկնելէն ի վեր: Այդ սարսափելի տարիներու ընթացքրին մեռած էին մայրը եւ մեծ եղբայրը։ Հիմա կը մնային ծերունի հայրը եւ քոյրը, որ հազիւ թէ երկու տարեկան երեխայ մը լինէր, երբ ինք մեկնեցաւ տնէն:

Թիֆլիսէն հեռանալէն վերջ, Եւգինէի հետ կանոնաւորաբար կը թղթակցէր Քաչալը։ Վերջին նամակը ստացած էր Ալէքսանդրոպոլէն։ Նկարագրելէ վերջ հոն տեղի ունեցած ժողովրդական մեծ ցոյցը, Եւգինէն կ’իմացնէր, որ Զանկեզուրէն Քաչալի հայրն ու քոյրը միւռոնօրհնէքի հանդէսին պիտի գան, եւ որ ինքն ալ քանի մը օրէն կը լինի Փարաքար։

Հարազատներուն եւ Եւգինէի գալու լուրը բարձրացուց Քաչալի տրամադրութիւնը, որ երբեմն շատ ինկած կը լինէր ապագայի անորոշութեան պատճառով։ Երկու սիրահարները, հազիւ թէ քանի մը օր անխառն զգացումով իրարու ներկայութիւնը վայելած էին, երբ ստիպուած բաժնուեցան, անորոշ ապագայի մը երկիւղը իրենց սրտերուն մէջ։

Եւգինէի հետ ունեցած կապը, հոգեկան բաւականութեան հետ միասին, ծանր պատասխանատուութեան զգացում մը առաջացուցեր էր Քաչալի սրտին մէջ։ Ո՞ւր պիտի յանգէր այդ զգացումը, երբ ինք, կեանքի յստակ հեռանկար մը չէր տեսներ, երբ պատահական հանդիպում մը միայն կրնար կործանել ամէն յոյս, ամէն երազ։ Ասով մէկտեղ Եւգինէն տեսնելու պահանջը այնքան ուժեղ էր Քաչալի մէջ, որ ապագայի մասին ամէն մտահոգութիւն մէկդի նետած՝ անհամբեր կը սպասէր աղջկան գալուն։

Երկու օր վերջը Եւգինէն եկաւ՝ երբ ամբողջ տնեցիք նստած էին նախաճաշի։ Գէորգի մայրը, իր զաւկի վերադառնալէն վերջ կարծես տասը տարով երիտասարդացած էր, մօր մը ջերմ վերաբերմունքով ընդունեց հիւրը, անոր յատկացնելով տան լաւագոյն սենեակը ընդարձակ երեսբացով:

Մեր սիրահարներուն համար, այդ հեռաւոր գիւղի յետ ինկած այգիի խաղաղութեան մէջ, ժամանակաւոր երջանկութեան նոր շրջան մը սկսաւ։

Վերջապէ՛ս, եկար, որքա՜ն անհամբերութեամբ գալուդ կը սպասէի, կ’ըսէր տղան, երբ իրիկուան կողմ, երկուքը միասին թեւանցուկ կը ճեմէին այգիի վերի ծայրը շարքով բարձրացող բարտիներու շուքին տակ:

Եւգինէն առանց պատասխանելու, ուժով սեղմեց տղուն թեւը: Եթէ միայն գիտնար ընկերը թէ՝ ինք ալ ինչ անհամբերութեամբ կը սպասէր Փարաքար գալու: Այգիի խաղաղ մենութեան մէջ, սիրած տղամարդու ներկայութեանը, կուրծքր կ’ուռէր անհուն երջանկութեամբ ու կեանքը կ’երեւէր կատարեալ:

Երբեմն անցծա օրերը երազ կը թուէին ինձ, ըսաւ Քաչալը, չէի կրնար հաւատալ որ զիս կը սիրես։

Աղջիկը գլուխը վերցնելով, լուռ յանդիմանութեամբ նայեցաւ Քաչալին, եթէ միայն գիտնա՜ր…։

Իմ սէրս Մասիսի նման մեծ, հպարտ ու բարձր է, շշնջաց աղջիկը, կարծես ինքն իրեն խօսելով:

Գիտե՛մ, անգինս, ու տղան աղջիկը սեղմած կուրծքին, համբուրեց:

Եւ սակայն երկուքն ալ մտահոգուած էին ապագայով։ Անորոշ սարսափ մ’ունէին գալիք օրերու մասին: Ի՞նչ պիտի լինէր իրենց վերջը: Քաչալը չէր կրնար մնալ Ռուսաստանի մէջ, ուր ամէն րոպէ կրնար ձերբակալուիլ։ Պէտք է հեռանար, բայց Եւգինէն, կեանքի լաւ պայմաններու վարժուած աղջիկ մը, պիտի կրնա՞ր հետեւիլ իրեն, բաժնել փախստական սիպիրականի մը կեանքը։

Քեզի միայն անստոյգ ապագայ եւ չարքաշ կեանք մը պիտի կրնամ տալ, ըսաւ Քաչալը, աղջկան աչքեըուն նայելով - ու չեմ գիտեը թէ որքան իրաւունք ունիմ այդքան եսասէր լինելու։

Երջանկութիւնը, կեանքի սովորական հանգստութեան մէջ չէ, սիրելի՛ս, - ըսաւ աղջիկը պահ մը մտածելէ վերջ, - քու տնակդ ինծի համար պալատ մը…

Այո՛, եթէ միայն տնակ մը ունենամ…

Այն ժամանակ, քրքջալով վրայ բերաւ աղջիկը, այն ժամանակ այծի մազէ վրան մը կը զարնենք ուր որ պատահի: Չեմ ուզեր որ այդքա՜ն մելամաղձոտ խորհուրդներ միտքդ պաշարեն. քիչ մը արեւ պէտք է տեսնել մութ ամպերու արանքէն, հասկցա՞ր։

Քու մասիդ է որ կը մտահոգուիմ…

Խնդրեմ, մի՛ մտահոգուիր: Ես կեանքիս ճամբան շատ պարզ կը տեսնեմ: Հա՛, գիտե՞ս թէ քու մեկնելէդ վերջը ի՜նչ պատահեցաւ։

Տղան հարցական աղջկանը նայեցաւ: Զարմանալի կերպով, Եւգինէի ներկայութեանը, ծանր մտածումներ կը թեթեւնային, աւելի պայծառ կը տեսնէր, ու ապագան այնքան ալ սարսափելի չէր երեւնար իրեն:

Երբ Թիֆլիսէն մեկնեցար, ապահովութեանդ մասին շատ մտահոգուած էի։ Մի ծիծաղիր վրաս եթէ ըսեմ որ՝ ընկերուհիիս հետ Հաւլաբար գնացի բախտ նայող մը տեսնելու համար։

Է՜, ու տղան խնդալով Եւգինէին նայեցաւ:

Պառաւը ըսաւ որ ես երիտասարդ մը կը սիրեմ…

Անշուշտ աղջիկները մէկը կը սիրեն, վերջը՞։

Ըսաւ մէկը կը սիրեմ, որ շատ, շատ հեռուներէն եկած է, շատ փորձանքներ անցուցած է ու դեռ շատ փորձանքներ պիտի անցընէ: Բայց, երկու կամ չորս տարիէն պիտի ամուսնանաք ըսաւ, ու…

Եւգինէն յանկարծ մինչեւ ականջներու ծայրը կարմրած, լռեց, ու չուզեց շարունակել:

Է՛, վերջը՞, ամենահետաքրքիր տեղը լռեցիր, ըսաւ, տղան ծիծաղելով, չշարունակե՞ս.

Չէ՛, այսքանը բաւական է։

Կ’ուզե՞ս ես շարունակեմ, կատակեց Քաչալը։

Եւգինէն վախեցած նայեցաւ տղուն, բայց անմիջապէս սկսաւ ծիծաղել իր միամտութեանը վրայ։ Քաչալը ինչպէ՞ս կրնար գիտնալ բախտ ըսողի մը խօսքերը, չէ՞ որ ինք ոչ ոքի չէր յայտնած այդ գաղտնիքը:

Ըսաւ, որ շատ բախտաւոր պիտի լինիս, շշնջաց Քաչալը աղջկայ ականջին… եւ որ…

Աղջիկը վախեցած նայեցաւ ընկերոջ աչքերուն: Այս որտեղէն գիտէր…

Չէ՛, բաւակա՛ն է, ալ մի՛ շարունակեր.

Եւ որ, երեք հատ զաւակ պիտի ունենաս… ճիշդ գուշակեցի չէ՞։

Ու մինչդեռ աղջիկը ականջները գոցած կը փախչէր դէպի տուն, Քաչալը ծիծաղելով հասաւ անոր ու միասին սկսան քալել։ Երբ տանը մօտեցան, տղան զգուշացուց Եւգինէն.

Մի՛ մոռնար որ ես հիմա վարժապետ Յակոբ եմ։

------------

Երկու սիրահարները սքանչելի այգիի կատարեալ խաղաղութեան մէջ կ’անցընէին իրենց ժամանակը: Քաչալը նոյնիսկ մոռցեր էր, որ ինք փախստական մ’է։

Իրիկուն մը, միւռոնօրհնէքէն երեք օր առաջ, այգիի դռնէն ներս մտան երկու օտարականներ։ Մէկը մեր Առիւծ Գեւօն էր, իսկ ընկերը՝ անբաժանէլի Համբօն։ Նամակ մը յանձնեցին Գէորգին ու անմիջապէս շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Էջմիածնի կողմը։

Նամակաբերներու երթալէն ետք, Գէորգ խնդրեց հօրմէն, որ տան լաւագոյն սենեակը կարգի բերէ՝ այդ գիշեր օտարական հիւրեր պիտի ունենային։ Ուշ ժամանակ այգիի դրան առջեւ կառք մը կանգ առաւ. սպասուած հիւրերն էին։ Գէորգ դիմաւորեց ու քիչ անցած Վահէի, անգլիացի րժիշկին եւ անոր կնոջ ընկերակցութեամբ ներս մտաւ սենեակէն, ուր տնեցիք հաւաքուած կը սպասէին հիւրերու գալուն:

Արդէն ուշ էր, անմիջապէս ընթրիքի նստան: Սարգիս Աբերը մառանի լաւագոյն գինին մէջտեղ հանեց: Այդ այն գինին էր, որուն տասներկու տարիէ ի վեր ձեռք չէր զարկած, ուխտած՝ որ այդ կարասի բերանը Գէորգի հարսանիքին միայն պիտի բացուի:

Գինի խօմ չի , օրհնուած միւռոն, արդար հպարտութեամբ մը իր գինին կը գովէր Սարգիս Աբերը, հոգի՛դ սիրես, պարոն Վահէ, մէկ հարցուր էդ անգլիացի տոքթորին թէ իրենց երկրի մէջ էս տեսակ գինի ունի՞ն։

Երբ Վահէն բացատրեց Սարգիս Աբօր խօսքերը, երիտասարդ բժիշկը բարեմտօրէն սկսաւ ծիծաղիլ, յայտնելով որ՝ իրենց երկրի գինին դրսէն կուգայ, եւ որ զարմանալու չէ Հայաստանի գինիի լաւ յատկութեան վրայ, քանի որ առաջին անգամ Նոյ նահապետը Հայաստանի մէջ դրաւ գինեգործութեան հիմքը։

Ընթրիքէն վերջ, Գէորգը, Վահէն եւ Անգլիացի բժիշկը ման գալով հեռացան դէպի այգիի այն մասր՝ ուր պտղատու ծառերու երկար շարքեր տնկուած էին: Քաչալը քիչ մը տնտնալէ վերջ, ինքն ալ դուրս ելաւ որպէս թէ քիչ մը ման գալու համար։ Այգիի շրջանը ըրաւ ու յետոյ միացաւ ընկերներուն, որոնք ծիրանի ծառի մը տակ նստած կը խօսէին:

Եթէ Սարգիս Աբերը գաղտնի կերպով ականատես լինէր անոնց հանդիպումին, շատ աւելէ մտածելու պատճառներ պիտի ունենար՝ քան Պրիսդաւի յանկարծական գալուն պատճառով։

Երեք ընկերները ծառին տակ նստած, ցած ձայնով կը խօսէին իրարու հետ, երբ խաւարի մէջէն դուրս ցցուեցաւ Քաչալի բարձր հասակը, որ դանգաղօրէն առաջ կը շարժէր: Ուայթը հազիւ թէ Քաչալի գալը նշմարած՝ աշխուժով ոտքի ցատկեց ու թեւերը բացած հասաւ՝ ու գրկելով զայն համբուրուեցաւ հետը, կարծես հարազատ եղբայրներ լինէին տարիներով իրարմէ բաժնուած։

Ընթրիքի ժամանակ հազիւ ինքզինքս կրցայ պահել, կ’ըսէր Ուայթը ձեռքը Քաչալի մէջքին անցուցած։

Քաչալը բարեմտօրէն կը ժպտար իր մեղմ ու բարի ժպիտովը:

Չէ՛ք կրնար երեւակայել թէ՝ որքան բախտաւոր կը գգամ ձեզ հանդիպելով, կը շարունակէր Ուայթը ակնյայտնի կերպով յուզուած, դուք իմ պատանեկան հասակիս հերոսն էք եղած։ Շատ փոքր էի երբ ձեր դէպքը պատահեցաւ ու երբ ամբողջ խմբով Սիպիր աքսորուեցաք, որքա՜ն արցունք թափեցի ձեզ համար։ Այն օրերուն կը մտածէի, որ երբ մեծնամ, ձեր ճանապարհով քալեմ…

Ուրախ եմ որ ձեզ մեր մէջը կը գտնամ, ըսաւ պարզօրէն Քաչալը, կրկին սեղմելով Ուայթի ձեռքը, «աշխատանքր շատ է ու մշակները քիչ»։

Ձեր բացած ճանապարհով է որ կը փորձենք քալել, պատասխանեց բժիշկը համեստօրէն:

Տղե՛րք, խնդրեմ, նստէք, առաջարկեց Վահէն, շատ ժամանակ չունինք:

Չորս երիտասարդները շուրջանակի նստան: Վահէն յայտնեց, թէ՝ Թիֆլիսի ընկերները կ’իմացնեն որ Կովկասի փոխարքան հրամանագրեր է նահանգապետներուն, խառն յանձնախմբեր ուղարկել բոլոր գիւղերը, գիւղաքաղաքները, պաշտօնապէս արձանագրելու համար հայ եկեղեցական կալուածները, եւ գրաւելու պանքերու եւ երէցփոխներու մօտ գտնուած պատրաստի գումարները: Միաժամանակ հրահանգուեր է ամենախիստ միջոցներու դիմել անսաստողները պատժելու համար եթէ պէտք լինի նոյնիսկ զինու զօրութեամբ։

Այժմ ծանր կացութիւն մը ստեղծուած է մեզ համար, եւ փոքր շեղում մը կրնայ ազգային այս մեծ շարժումը ծիծաղելի կատակերգութեան վերածել։ Բանը այն է, որ կառավարական խստութիւններէն, հալածանքներէն ահաբեկած կղերը կամ երէցփոխները, իրենց գլուխը ազատելու համար կրնան տեղի տալ կառավարութեան պահանջին։ Իսկ անգամ մը որ նման դէպք մը պատահի, օրինակը կրնայ վարակիչ հանգամանք մը ստանալ:

Պէտք է բոլոր գիւղերու մէջ բացատրական ժողովներ գումարել, առաջարկեց Քաչալը, եւ հսկել որ պաշտօնական անձնաւորութիւններ իրենց պարտականութեան մէջ չթերանան։

Ըսելը հեշտ է, բայց իրագործելը դժուար, բացասաբար գլուխը շարժեց ընկերոջ առաջարկին հակառակեցաւ Վահէն, մենք խօմ ամէն մէկ տէրտէրի կամ երէցփոխի կուշտին պահակ չեն կրնար դնել որ հսկեն: Այժմ իրարու յաջորդող ցոյցերը բարձրացուցին ժողովուրդի տրամադրութիւնը, բայց անգամ մը, որ տեղատւութիւնը սկսի, ո՞վ կրնայ գուշակել թէ մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ: Մենք պէտք է ձեւ մը խորհինք կառավարութեան ձեռք առած միջոցներուն հակազդելու…

Ուրեմն ի՞նչ կ’առաջարկես, հարցուց Քաչալր.

Այն՝ որ առաջին սայթաքումի պարագային, մենք պէտք է վճռական ձեւով գործենք:

Բոլորն ալ գլխի ինկան թէ ինչ ըսել կ’ուզէր Վահէն. միայն Քաչալն էր որ աւելի ինքնիրեն խօսելու ձեւով, ըսաւ.

Այսինքն տերօ՛ր, ու անմիջապէս աւելցուց տարակուսական ձեւով մը, կը կարծէ՞ք թէ այդ է միակ միջոցը։ Ես չեմ քաշուիր յայտնելու թէ՝ ես քիչ մը անհաւատ եմ տերօրներու օգտակարութեան նկատմամբ. համոզելը, հասկցնելը աւելի արժէք ունի քան սպաննելը։

Այո՛, եթէ միայն նորմալ պայմաններու մէջ գտնուէինք, խօսողը Գէորգն էր որ մինչ այդ լուռ մտիկ կ’ընէր ընկերներու, ես Վահէի հետ համաձայն եմ: Որքան որ տերօրը անարդար ձեւ մըն է, բայց այս պայմաններուն մէջ, երբ կռիւ յայտարարուած է կառավարութեան դէմ, ժողովրդական զգաստութիւնը եթէ պէտք էինի, պէտք է բռնի պահել: Ոչ մէկ խօսք եւ քարոզ կռուի ժամանակ կրնայ այն զգաստացուցիչ դերն ունենալ, ինչ տերօրը:

Անշո՛ւշտ, խօսեցաւ Ուայթը, տերօրը ինքնին ոչ նպատակ է եւ ոչ ալ ցանկալի զէնք մը, բայց ներկայ պայմաններու մէջ, ես ալ դժբախտաբար անհրաժեշտ կը գտնամ: Միայն թէ, ես պիտի առաջարկէի, որ այդ միեւնոյն միջոցը գործադրէինք եւ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ ալ, որոնք այնքա՜ն ի զուր մարդկային արիւն թափեցին վերջի մէկ ամսուան ընթացքին: Օրինակ՝ Պաքուի նահանգապետը…

Լա՛ւ յիշեցուցիր: Ես մոռցայ յայտնելու: Երէկ լուր ստացանք որ Գանձակի մէջ տերօրի ենթարկուած է փոխ-նահանգապետ Անդրիէվը, հաւատափոխ հրէայ մը, որ Գանձակի արիւնահեղութեան գլխաւոր պատճառը եղաւ:

Ի հարկէ, այդ շատ լաւ է, բայց… ես ըսել կ’ուզէի շատ աւելի բարձր դիրք ունեցող մէկը…

Պէտք չկար անուն տալու, ներկաները հասկցան Ուայթի ակնարկութիւնը փոխարքայ իշխան Կալիցինի մասին էր։ Այս արդէն սրբազան պահանջ մը դարձեր էր հայ ժողովուրդի համար։ Մարդիկ որոնք կեանքերնուն մէջ հաւ մը չէին մորթած, կամ միշտ «ծանը հետեւանքները» մտածելով ժողովրդական շարժման սկզբնական շրջանին հակառակ էին ցոյցերուն, հիմա արդէն յեղափոխական ղեկավարներուն հանդիպած ժամանակ, անոնց երեսովը կուտային, որ դեռ «խելագար շունը» ողջ մնացեր է։

Վահէն առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնալու, քանի մը խօսքով յայտնեց որ Թիֆլիսի մէջ, այդ մասին կը մտածեն:

Ատկէ վերջ, չորս երիտասարդները մինչեւ առաւօտեան ժամը մէկը շարունակեցին խորհրդակցութիւնը զանազան հարցերու մասին: Քաչալն ալ պիտի անցնէր Պարսկաստան, Թաւրիզ, ուր ազգային վարժարանի մէջ պաշտօն մը յարմարցուցեր էին այն տեղի ընկերները:

Վահէն յայտնեց ընկերներուն, որ ինք քանի մը օրով, Ալի բէկի հետ պիտի անցնի Թուրքիա, Պալըքլի Կէօլի շրջանը, այդ գծով փոխադրական ճանապարհ մը բանալու համար դէպի երկիր:

Վերադարձիս, շարունակեց Վահէն, քանի մը օը մնալով Երեւան, կ’անցնիմ Թադէոս Առաքեալի վանքը: Հոն կը սպասեմ, մինչեւ որ Գէորգը գայ. սեպտեմբերի վերջերուն երկուքով միասին սահմանը կ’անցնինք:

Ուշ ատեն ընկերները վերադարձան տուն հանգստանալու համար։

Առտու կանուխ Վահէն, Տոքթ. Ուայթ եւ իր կինը մեկնեցան դէպի Էջմիածին։ Կէս օրէ վերջն ալ մնացածները, Սարգիս Աբօր հետ հասան էջմիածին ճիշդ այն ժամանակ, երբ վանքի զանգակները սկսան զարնել: Հազիւ Սարգիս Աբօր խնամոնց տան առջեւ կառքէն վար իջած, Գէորգը, Քաչալը եւ Եւգինէն աճապարեցին վանքը տեսնելու երթալ:

Մասամբ սալայատակուած ընդարձակ բակի կեդրոնը կը բարձրանայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիի Մայր Տաճարը։ Տուսնեւվեց դարերու պատկառելի հնութենէ մը կուգայ այդ եկեղեցին, որու ճարտարապետական պարզութիւնը եւ սքանչելի կառուցուածքը խորհրդաւոր տպաւորութիւն մը կը թողուն բոլոր տեսնողնէրու վրայ:

Բակի չորս բոլորը շղթայած էին միաբաններու քարաշէն խուցերը, վանքի ընդարձակ մառանը, վանքի տպարանն ու մատենադարանը եւ հայրապետական վեհարանը։

Թէեւ լրագրութեան մէջ ամիսներ առաջ յայտարարուած էր որ միւռոնօրհնէքի հանդէսը օգոստոսի 28–ին պիտի կատարուի, բայց յետոյ կաթողիկոսական հրամանագրով օրը փոխուած էր 24–ի, այն մտահոգութեամբ, որ տիրող պայմաններու մէջ, այդ տօնակատարութիւնը կրնար քաղաքական մեծ ցոյցի մը կերպարանք ստանալ: Որքան ալ որ թուականի փոփոխութիւնը գաղտնի կը պահուէր, բայց լուրը բերնէ բերան տարածուած, ուխտաւորներու բազմութիւն մը սկսած էր արդէն հաւաքուիլ:

Ուխտաւորները խմբերով կ’աճապարէին եկեղեցի մտնել, ուր երեկոյեան ժամասացութեան ժամանակ տեղի պիտի ունենար Գարեգին սարկաւագի կոչումի արարողութիւնը: Թէեւ ծանօթներ եւ բարեկամներ, արդէն սարկաւագ կը կոչէին Գարեգինը, բայց իրապէս ան այդ իրիկուն միայն պիտի ստանար իր կոչումը եւ սարկաւագի աստիճանը, իսկ յաջորդ օրը, պատարագի ժամանակ աբեղայ պիտի օծուէր:

Քաչալն ու ընկերները նոյնպէս աճապարեցին եկեղեցի մտնել, որ լեցուած էր խայտաբղէտ բազմութեամբ: Քաղաքացիներ, հեռաւոր շրջաններու գիւղացիներ, տեղացիներ, ու անոնց մէջ աչքի զարնող եզիտի քրտեր լեցուցեր էին Մայր Տաճարը։ Մէհմէտ ու Ալի բէկերը իրենց խոստման հաւատարիմ, եկեր էին իրենց ցեղի մարդոցմով, ներկայ լինելու Գարեգինի օծման:

Տոքթոր Ուայթը, կինը եւ Վահէն, ձախակողմեան դասը, վարդապետներու մօտ տեղ գրաւեցին մասնաւոր կարգադրութեամբ։

Դարերու ծանրութենէն խունցած բարձր գմբէթի տակ մեղմօրէն կը հնչէին շարականներու կլկլացող երկար ելեւէջները։ Հարիւրաւոր մոմեր դողդղալով կը լուսաւորէին տաճարի ստուերոտ խաւարը, ու խունկի եւ կնդրուկի կապոյտ ծուխը երկարաւուն ոլորքներ կազմած կը լողար Մայր Տաճարի նեղ ու երկայն պատուհաններէն ներս ինկող արեւի լոյսէ սիւնին մէջ։

Փոխն ի փոխ տիրացուներու երգեցողութիւնը եւ վարդապետներու աղօթքները վսեմ ներդաշնակութեամբ մը կը յաջորդէին իրարու:

Ահա, խարդաֆիլակ եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ Գարեգինը շապիկ հագած, դասէն ծնկաչոք կը սկսի բարձրանալ դէպի խորանը։ Քանի մը քայլի վրայ, աղօթք մը կը կարդացուի ու աստիճան կը տրուի անոր։

Մէհմէտ բէկի մօտ գտնուող կիներու մէջ փսփսուք մը ծայր կ’առնէ:

Վայ աչքերս քոռանան, կ’ըսէր քովը կեցող կնոջ մը Ալի բէկի մայրը, մեր տղան ձեռքէ գնացեր է, մեռելի գոյն ունի…

Գլուխը հակած, աչքերը գետին, Գարեգինը բոլորովին գունաթափ, կը հետեւէր խարդաֆիլակին, մինչեւ որ խորանը հասած, ստացաւ սարկաւագի վեցերորդ աստիճան: Եկեղեցական կարճ արարողութենէ վերջ բազմութիւնը դուրս թափեցաւ եկեղեցիէն։ Գէորգը, Քաչալը եւ Եւգինէն դիմեցին դէպի Էջմիածնի լիճը։

Անտառի կողքին զարնուած էր Մէհմէտ բէկի ընդարձակ վրանը։ Ծերունի ցեղապետը կարծես թէ Գարեգինի հարազատ ծնողքը լինէր։ Վրանի վերի գլուխը բազմած, եկող-գացող հիւրերը կը հիւրասիրէր տանտիրոջ մը անկեղծ սրտբացութեամբ։ Ծառաներն ու երիտասարդ կիները գունաւոր սփռոց մը փռած կանաչի վրայ, երեկոյեան ընթրիքի սեղանը կը շտկէին քառասուն հոգիի համար: Քարէ օճախներու վրայ երկու մեծ կաթսաներու մէջ կ’եփէր այդ օրուան մատաղը։

Ալի բէկ մօտեցող Գէորգն ու ընկերները տեսնելով աճապարեց դիմաւորել զանոնք ու առաջնորդեց իր հօր, Մէհմէտ բէկի մօտ։

Շատ ուշ ժամանակ, Մէհմէտ բէկի վրանի շուրջը դեռ կը տիրէր այն քիչ մը աղմկոտ կենդանութիւնը, որ յատուկ է ուխտատեղիներու։

Երբ Տոքթ. Ուայթ կնոջը եւ Վահէի հետ դուրս ելաւ Մայր Տաճարէն, ուր հիացմունքով դիտած էր կամարներու արեւելեան նաշխերը, հիւրընկալ վարդապետի առաջնորդութեամբ գնացին մատենադարանը տեսնելու։ Անգին հարստութիւն մը դիզուած էր այդ շէնքին մէջ։ Բազմաթիւ գրչագիր աւետարաններ իններորդ դարէն սկսած դարակներու մէջ խնամքով շարուած էին։

Մատենադարանէն դուրս գալով օտար հիւրերը առաջնորդուեցան վեհարան, ուր Հայրապետը սիրալիր ընդունելութիւն մը ընելով րնթրիքի պահեց զանոնք։ Երբ ընթրիքէ վերջ ընդունելութեան սրահը քաշուեցան, Վեհափառը շուրջինները դուրս ճամբելով ինք առանձին մնաց հիւրերուն հետ։ Թէ ի՞նչ խօսեցան, արդեօք Ուայթը իր անգլիացիութիւնը պահե՞ց, յայտնի չէ։ Երբ կէս գիշերի մօտ դուրս եկաւ վեհարանէն, Ուայթի անգլիացի նորահարսը, սքանչացած ժողովրդական մեծ Հայրապետի նահապետական պարզութենէն, ըսաւ ամուսնուն.

Սքանչելի դէմք մ’ունի Նորին Սրբութիւնը, հազիւ թէ կեանքիս մէջ տեսած լինիմ այդպիսի տպաւորիչ պատկառելի մարդ մը, որ այնքան հարազատօրէն վերակենդանացնէր աստուածաշնչական նահապետները։

Երեքը միասին դուրս ելան վանքի պարիսպէն դէպի վանքի նոր հիւրանոցր. լճի առուի գլխուն նստած ստուեր մը շտապով բարձրացաւ, ու մօտենալով Վահէին, տոմսակ մը սեղմեց անոր ափին մէջ ու անմիջապէս անյայտացաւ։

Երբ սենեակը բարձրացան, Վահէն ափին ճմռթկուած տոմսակը մօտեցնելով ճրագին հետեւեալ տողերը կարդաց.

«Զգո՛յշ, գաւառապետը սաստիկ հետաքրքրուած է օտարական անգլիացիի ներկայութեամբ։ Այդ մասին հեռագրած է Թիֆլիս, հրահանգ խնդրելով։ Լրտես մը նշանակուած է անոր քայլերուն հետեւելու համար։ Կրնան քեզմով ալ հետաքրքրուիլ։ Խոհեմութիւն է հեռանալդ։ Վերադարձիդ հանդիպէ մեզ։

ԳԷՈՐԳ»

Վահէն տոմսակի բովանդակութիւնը յայտնեց Ուայթին, որ բոլորովին անտարբեր լսելէ վերջ, ուսերը թօթուեց։ Անհանգստանալու մասնաւոր պատճառ մը չկար, յաջորդ առտու իսկ Երեւան հանդիպելով պիտի անցնէր Պարսկաստան։ Վահէն այդ գիշեր չմնաց վանքի հիւրանոցը։ Բարի ճանապարհ մաղթելով Ուայթին եւ տիկնոջը, դուրս եկաւ հիւրանոցէն ու շիտակ գնաց Սարգիս Աբօր խնամոնց տունը, ուր իջած էին իր ընկերները։

Յաջորդ առտու պատարագի ժամանակ մեծ շուքով կատարուեցաւ Գարեգին սարկաւագի օծման հանդէսը։ Երբ Մայր խորանի առջեւ կանգնած, Գարեգինի ճակատն ու ձեռքի ափերը միւռոնով օծեց եպիսկոպոսը, դառնալով Գարեգին աբեղային ըսաւ.

Տէ՛ր Գարեգին աբեղա՛յ, օրհնէ ժողովուրդը։

Հազիւ ոտքի մնալու կարողութիւն մնացեր էր երիտասարդ աբեղային վրայ, որ խիստ ծոմապահութեամբ եւ աղօթելով անցուցած էր վերջի շաբաթը։ Գունաթափ դէմքը դարձուց դէպի ժողովուրդը, իրարու բերած ձեռքերը բարձրացուց ու խաչակնքեց ժողովուրդը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, ամէն, ու արցունքի երկու խոշոր կաթիլներ վար սահեցան փոսացած աչքերէն։

Պատարագի աւարտումէն առաջ Եւգինէն Քաչալի կողքին կանգնած էր, երբ խնամոնց ծառան իրեն մօտենալով ականջին բաներ մը փսփսաց։ Հապճեպով ան դուրս եկաւ եկեղեցիէն՝ յայտնելով ընկերոջը որ շուտով կը վերադառնայ։ Պատարագը վերջացաւ, ու ժողովուրդը դիմեց դէպի դասը, ուր գրակալի առջեւ կանգնած էր Գարեգին վարդապետը, գլուխը կախ, ձեռքերն իրարու միացուցած։ Ըստ հնաւանդ սովորութեան, ժողովուրդը կարգով կը մօտենար, ու կը համբուրէր նոր օծուած աբեղայի աջը։

Տղաս, շնորհաւոր լինի, Ալի բէկի մայրն էր ըսողը, որ իր կարգին մօտենալով ծռեցաւ ու համբուրեց վարդապետի աջը։

Եւգինէն ընկերներուն հանդիպեցաւ երբ անոնք դուրս կուգային Մայր Տաճարէն ու բոլորը մէկտեղ ուղղուեցան դէպի Սարգիս Աբօր խնամոնց տունը։ Ճաշի ժամանակ էր։ Խնամոնք, Էջմիածնի հին եւ հարուստ համարուած ընտանիքներէն էին։ Մեծ դարպասէն կը բացուէր ընդարձակ բակ մը, որու ծայրը կը բարձրանար երկյարկանի տարածուն տուն մը, որ զարմանալի ճարտարապետական խառնուրդ մ’էր, քաղաքի եւ գիւղական շէնքերու։ Վարի յարկը ցախատունն էր, մառանները եւ կամարակապ պահեստը գինիի կարասներու, իսկ վերի յարկը յատկացուած էր բնակութեան։

Մէկը միւսին մէջ բացուող սենեակներէն վերջ կուգար շատ ընդարձակ դահլիճ մը, որ թէ հիւրանոց էր, եւ թէ մասնաւոր պարագաներու ժամանակ՝ ճաշարան։

Երկար սեղան մը դրուած էր հիւրանոցի մէջ տեղը, ծանրաբեռնուած բազմազան կերակուրներու լեցուն պնակներով: Բայց այդ օրուան սեղանի գլխաւոր զարդը, Երեւանի հռչակաւոր քիւֆթէն Էր, ամէն մէկը երեխայի մը գլխու մեծութեամբ: Երբ հիւրերը կը պատրաստուէին սեղան նստիլ, Եւգինէն մօտենալով Քաչալին, որպէս թէ անտարբեր ձեւով, ըսաւ.

Հա մոռցայ ըսելու, քեզ տեսնելու համար հիւրեր եկած են…

Ո՞վքեր պիտի լինէին զինք տեսնելու եկողները, եթէ ոչ… ու Քաչալը հազիւ ինքզինք պահելու կարող Եւգինէին նայեցաւ.

Ո՞րտեղ են…

Երթանք, ու Եւգինէն տղու ձեռքէն բռնած առաջնորդեց զայն, քանի մը ժամ առաջ եկան, սենեակս տարի որ հանգստանան։

Քաչալը սաստիկ յուզուած բացաւ սենեակի դուռը։ Պատուհանի մօտ նստած էր ծերունի մարդ մը, ալեխառն մօրուքով, եւ երիտասարդ աղջիկ մը, որ ձեռքի գիրքը կը փորձէր հեգելով կարդալ։ Դրան բացուելու ձայնին հետ, երկուքն ալ տեղերնէն վեր թռան, ու ծերունին թեւերը բացած առաջ նետուեցաւ.

Արշակ, քէ՛ մատաղ, ազիզ պալէս…

Եւգինէն մէկ կողմ քաշուած, զգացուած կը դիտէր հարազատներու այնքան յուզիչ հանդիպումը։ Ծերունին զաւակը գրկած, ուրախութենէն կ’արտասուէր. քոյրը եղբօրը կողքին կուլար, մինչ Քաչալը թէեւ ինքն ալ չափազանց յուզուած, կ’աշխատէր հանգստացնել հայրը։

Փառք քէ՛, Աստուած, փառք քէ՛, աչքերը թեւով սրբելով կ’ըսէր ծերունին, մէկ էլ տեսայ պալէս։

Քիչ վերջ, երբ բաւական մը հանգստացան, բոլորը միասին վերադարձան հիւրասենեակ, ու իրենց տեղերը գրաւեցին սեղանին շուրջը։ Վահէն այդ օրուան սեղանապետն էր։ Ըսենք սեղանապետի գործը հեշտ էր այդ սեղանին վրայ, ուր խնամոնց պատուական գինին այնքան առատ էր եւ ազդեցութիւնը զգալի։ Քաչալ, զոր մենք այլեւս Արշակ իսկական անունով պիտի յիշենք, անխառն երջանկութեան պահ մը ապրեցաւ, հօր ու նշանածին մէջտեղը նստած, մինչ քոյրը, որ հազիւ կը յիշէր, դէմն ու դէմը նստած, աչքերը իրմէն չէր հեռացներ։ Երեւանեան ուրախ սեղանը՝ երեք ժամէն աւել տեւեց, ինչ որ սովորական երեւոյթ մ’է քէյֆի սիրահար այդ ժողովուրդին համար։

Երեկոյեան թէյի ժամանակ, Գարեգին վարդապետն ու Ալէ բէկը անսպասելի կերպով ներս մտան հիւրասենեակը: Վարդապետի դէմքը կը ճառագայթէր ուրախութենէն։ Երբ ժամ մը առաջ վեհարան բարձրացեր էր Հայրապետի ձեռքը համբուրելու համար, ծերունազարդ Կաթողիկոսը հայրական քնքշութեամբ զինք ընդունելով յայտներ էր որ Պարսկաստանի Թադէոս Առաքեալ վանքի փոխ-վանահայր նշանակեր է զինք։

Այս այնքան արագ նշանակումը եւ ուրախացուցեր եւ թէ միաժամանակ շփոթեր էր Գարեգին վարդապետը։ Սովորաբար մէկ երկու տարիէն պաշտօնէ կը կանչուէին աբեղաները, ու չէր գիտեր վարդապետը թէ ի՞նչ բանի վերագրէ Հայրապետի այդքան բարեացակամ վերաբերմունքը։ Մինչ ինք զարմացած կը պատմէր այդ մասին, Վահէն ժպտելով դարձաւ, ու ձեռքը դրած վարդապետի ուսին, ըսաւ.

Գիտեմ։ Ես խնդրեցի Վեհափառէն որ քեզ նշանակէ փոխ-վանահայր։ Անփորձ էք, բայց Թադէոս Առաքեալի վանքին մէջ պիտի հանդիպիք վանահայր Գէորգ վարդապետին, որ իսկական «քաջ հովիւ մ’է», նուիրուած Ազգին եւ Եկեղեցիին։ Մե՛նք, Գարեգին վարդապե՛տ , ձեզմէ շատ բան ունինք սպասելիք։

Հանելուկը կը պարզուէր։ Վարդապետը զգածուած՝ Վահէի ձեռքը սեղմելով, համեստօրէն ըսաւ.

Ես իմ ամբողջ կարողութեամբս ուխտած եմ ծառայել ազգիս։

----------

Միւռոնօրհնէքի հանդէսը, այն բացառիկ եկեղեցական արարողութիւններէն է, որ ամիսներ առաջ կը յայտարարուի ու հաւատացեալ ժողովուրդը մեծ անհամբերութեամբ կը սպասէ այդ օրուան։ Շատերու համար, Երուսաղէմ երթալու համազօր է՝ Էջմէածին երթալ, Սուրբ միւռոնի կաթսան համբուրել, Իջման սեղանի վրայ մոմ մը վառել։ Հայ ժողովուրդի համար, Էջմիածինը վանք մը լինելէ աւելի, հայ եկեղեցիի կեդրոնն է, այն վայրը, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչը տասնեւվեց դարեր առաջ հայ քրիստոնեայ եկեղեցիի հիմքը դրաւ։

Կովկասի ամէն ծայրերէն հաւատացեալներու բազմութիւն մը կը դիմէր միւռոնօրհնէքի հանդէսներուն ներկայ լինելու համար, մանաւանդ ռուսական տիրապետութենէն վերջ, երբ երկրի քաղաքական դրութիւնը խաղաղած, այլեւս այդ ուխտագնացութիւնը չէր կապուած վտանգներու եւ անհարկի նեղութիւններու հետ։

Հակառակ որ միւռոնօրհնէքը նշանակուած ժամանակէն չորս օր առաջ տեղի կ’ունենար, դարձեալ հինգ հազարէ աւելի ուխտաւորներու բազմութիւն մը հաւաքուած էր։ Մեծ մասը բակի մէջ, Մայր Տաճարը շրջապատած էին, իսկ համեմատաբար փոքր թիւ մը յաջողած էր եկեղեցին մտնել, ուր, ինչպէս կ’ըսեն, ասեղ ձգելու տեղ չէր մնացեր։

Ութսունեւչորս տարիներու բեռ մը ուսերուն, բայց դեռ կաղնիի մը նման շքեղ հասակով, հայոց Հայրապետը կը պատարագէր այդ օր։ Հարիւրաւոր դողդողացող լոյսերու տակ, ծերունի հովուապետի կերպարանքը մեռելային գունատութիւն մը ստացեր էր, շրջապատուած ձիւնի նման սպիտակ մազերով եւ փառահեղ երկար մօրուքով։ Երբ դողդոջուն ձեռքը բարձրացուց, կիսովին ետ դարձաւ ու խաչակնքելով օրհնեց ժողովուրդը, մօտիկ գտնուողները նկատեցին այն խոր տառապանքը, որ դրոշմուած էր ծերունիի դէմքին.

Խաղաղութի՜ւն ամենեցո՛ւն.

Վերջին վանկերը հազիւ շշնջոցի մը մեղմութեամբ դուրս եկան Հայրապետի բերնէն։ Խաղաղութիւն ամենեցուն… Ի՜նչ հեգնանք։ Այդ պահուն ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին ամէն բանէ աւելի կարօտ էին խաղաղութեան։

Եկեղեցիի պատերուն մէջ սեղմուած ժողովուրդին համար սովորական պատարագը նոր իմաստ մը ստացեր էր, նոր յայտնութիւն մը։ Սրտաբուխ «ամէ՜ն»ներով հաւատացեալներու բազմութիւնը կը ձայնակցէր պատարագէն, գիտակցելով այն մեծ պատարագը, որ հայ ժողովուրդը կոչուած էր ընելու իր դարեւոր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։

Աւետարանը կարդալու ժամանակ պատարագը ընդմիջուեցաւ։ Տասներկու զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ բարձրացան խորանը ու Հայրապետի հետ շրջապատեցին միւռոնով լեցուն արծաթէ բարձրադիր կաթսան։

Սկսաւ միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը։ Ահա Կաթողիկոսը՝ ձեռքին բռնած Գրիգոր Լուսաւորչի աջը, որ կը թաթխէ միւռոնի մէջ, մինչ եպիսկոպոսներն ու սարկաւագները կը սկսին երգել.

Առաքելոյ աղաւնոյ, իջանելով հնչմամբ մեծաձայն ի բարձանց…

Արարատեան դաշտի կիզիչ տաքը, եկեղեցիի մէջ խռնուած այդքան մեծ բազմութիւնը, անտանելի հեղձուցիչ մթնոլորտ մը ստեղծեր էին տաճարին մէջ: Երբ պատարագը վերջացաւ, ժողովուրդը վարար գետի մը նման հոսեցաւ դռներէն դուրս։ Քիչ անցած, տաճարի գլխաւոր դրան առջեւ, ըստ իրենց աստիճաններուն երկու կարգի վրայ շարուեցան վանքի միաբանութեան անդամները։ Ահա կ’երեւի Հայոց Հայրապետը, որ ձեռքի ասային կռթնելով հանդարտ կ’առաջանայ՝ աջ ու ձախ օրհնելով ժողովուրդը։

Կեցցէ Վեհափառը, կեցցէ Հայոց Հայրիկը, կ’որոտայ ժողովուրդը, որ ալիք ալիք յորձանք կուտայ դէպի վեհարանը, որ հազիւ, յիսուն քայլ հեռաւորութիւն մ’ունենայ Մայր Տաճարէն։

Ճանապա՛րհ, թողէ՛ք պատգամաւորութիւնը վեհարան մտնէ, իրար հրմշտկելով մէկ մէկու ձայն կուտան մարդիկ։

Եւգինէն ու խումբ մը կիներ դժուարութեամբ կը մտնեն վեհարանի դռնէն ներս՝ Հայրապետին ներկայացնելու կիներու ժողովի որոշումը, այն է՝ չյանձնել կալուածները յափշտակիչ կառավարութեան։ Կամաց կամաց ժողովուրդը կը ցրուի դէպի լիճը կամ անտառը։ Հեռուէն կը լսուի գիւղական դահուլ-զուռնայի ձայնը։

Այդ օր, կէս օրէ վերջ ընկերները իրարմէ բաժնուեցան: Վահէն մեկնեցաւ Իգտիրի շրջանը, հոն Ալի բէկին սպասելու համար։ Երեկոյեան կողմ Գէորգը, Արշակը (Քաչալ) եւ Եւգինէն մեկնեցան Էջմիածնէն եւ, ճամբու վրայ Զուարթնոցի աւերակները այցելելէ վերջ, հասան Փարաքար։

Եւգինէն կը սպասէր նշանածի ապահով մեկնելուն, որ ինքն ալ միամտուած վերադառնար Ղարաքիլիսէ, մօր մօտ։ Բայց Երեւանի ընկերներու խոստացած պարսկական անցագիրը կ’ուշանար՝ մտահոգութեան մատնելով աղջիկը, որ կը սարսափէր՝ մտածելով նոր դժբախտութեան մը մասին։

Գէորգը այդ օրերուն հազիւ թէ տունը կը մնար։ Սարգիս Աբերը սաստիկ անհանգստացած, չէր հասկնար, թէ ի՞նչ իմաստ ունի շրջակայ գիւղերը ոտքի տակ առնելը, տգէտ գիւղացիներուն խօսք հասկցնելու համար։

Աշտարակէն սկսած մինչեւ Նորագաւիթ գիւղը այցելած էր Գէորգ։ Ամէն գիւղի մէջ հաւաքած էր գիւղացիները եւ անոնց հասկնալի լեզուով բացատրած եկեղեցական կալուածներու գրաւման օրէնքի նշանակութիւնը։ Աչքի զարնող գիւղացիները կամ երէցփոխները ոչ մէկ թուղթ պէտք է ստորագրէին եւ ոչ մէկ ցուցմունք պէտք է ընէին կառավարութեան կողմէ նշանակուած յանձնախումբին, որ շուտով հայկական գիւղերը պիտի այցելէր։

Թէ եւ դաշտային աշխատանքներու ամենաեռուն ժամանակն էր, բայց գիւղացիք հետաքրքրուած՝ գիշերով կը հաւաքուէին կամ եկեղեցիի բակը եւ կամ ոեւէ տան մէջ ուշադիր կը լսէին Գէորգը ու անվերապահ կերպով կ’որոշէին հետեւելու անոր խորհուրդներուն։ Ընդհանուր առմամբ գիւղացիներու վախը նոր օրէնքէն եթէ գիտակցական ալ չէր, հզօրապէս բնազդական էր։ Այնպէս որ ոչ մէկ տեղ Գէորգի առաջարկները լուրջ ընդդիմութեան հանդիպեցան։

Սեպտեմբերի չորսին վերջապէս Երեւանէն հասաւ պարսկական անցագիրը։ Արշակը յաջորդ առտու պէտք է մեկնէր։ Երկու սիրահարները րնթրիքէն վերջ առանձնացան այգիի մէկ անկիւնը եւ ծառի մը տակ նստելով՝ զսպուած հանդարտութեամբ սկսան խօսիլ անցած եւ մանաւանդ գալիք օրերու մասին, որ ոչ մէկուն համար ալ այնքան պայծառ չէր երեւնար։ Ասով մէկտեղ երկուքն ալ կ’աշխատէին իրարմէ ծածկել իրենց մտահոգութիւնները։

Շուտով, խօսեցաւ Եւգինէն, երբ Վարդանը վերադառնայ արտասահմանէն, կ’անցնիմ Պարսկաստան, կուգամ մօտդ՝ քեզի օգնելու, բախտս կապելու քուկինիդ… եթէ միայն զիս ուզես…

Անգին աղջիկս, ու տղան քնքշօրէն համբուրեց զայն։

Այդպէս ուրեմն, կը մտածէր Արշակ, պիտի բաժնուէին իրարմէ, երբ հազիւ կարճատեւ երազի մը նման իր ճամբուն վրայ յայտնուեր էր Եւգինէն։ Ծիածանի մը շքեղ գեղեցկութեամբ այդ աղջիկը երեւցաւ իր ամպոտ երկնքին վրայ, ու վաղը այլեւս պիտի չլինէր այդ տեսիլքը, ու ո՞վ գիտէր թէ անգամ մ’ալ պիտի հանդիպէի՞ն իրարու…

Ուշ է, շշնջաց աղջիկը, առտուն երկար ու ձանձրացուցիչ ճամբորդութիւն մը ունիս։ Անմիջապէս որ հասնէս պարսկական ափը, անպատճառ գրէ ինձ, Թիֆլիսի հասցէով: Ինքզինքիդ լաւ նայէ, սիրելիս։

Տղան՝ գլուխը կախած՝ մտիկ կ’ընէր, ի՞նչ ըսէր։ Ի՞նչ կրնար ըսել։ Իրար գրկած, ծանր քալելով մօտեցան տանը, ուր ամէնքը վաղուց քնած էին։

Արշակի մեկնելէն օր մը ետքը, Եւգինէն վերադարձաւ մօրը մօտ, որ միասին երթան Թիֆլիս։ Երբ հակառակ ուղղութեամբ շարժող գնացքները ճանապարհին իրարու հանդիպեցան, Եւգինէն հազիւ կրնար երեւակայել, որ միւս գնացքով Վարդանը Փարաքար կ’անցնէր։

Երբ քրոջը Ղարաքիլիսէ վերադառնալու մասին իմացաւ Վարդան, որոշեց քանի մը օր սպասել Վահէի գալուն, որուն անպատճառ կ’ուզէր հանդիպիլ։

-----------

Գէորգ թէեւ այդ շրջանի բոլոր գիւղերը այցելած էր, բայց դեռ Փարաքարի մէջ գիւղական հաւաքոյթ չէր ունեցած։ Իրիկուն մը գիւղի ծխական վարժարանի ուսուցիչը կանչելով՝ անոր թելադրեց, որ այդ գիշեր ժողով մը գումարէ Ուստա Ակոբի տան մէջ։

Վարդանը Փարաքար գալէն ի վեր օրերով կ’առանձնանար այգիի մէկ անկիւնը եւ ժամերով ման կուգար՝ ձեռքերը ետեւը կապած, գլուխը կախ, ծանր մտահոգութիւն մ’ունեցող մարդու նման, որ յստակօրէն չի տեսներ բռնելիք ճամբան, ու որքան աւելի կը խորհի, այնքան աւելի անելի մը առջեւ կը գտնէ ինքզինք։

Երբ Գէորգ յայտնեց այդ գիշերուան գիւղական ժողովի մասին, Վարդան ցանկութիւն յայտնեց անոր ընկերանալ։ Արեւը մայր մտնելէ բաւական մը վերջ, երկուքը ուղղուեցան դէպի գիւղամէջ գտնուող Ուստա Ակոբի տունը։

Ընդարձակ թոնրատան կեդրոնի սիւնէն լապտեր մը կախուած էր, որ հազիւ կը լուսաւորէր այդ ընդարձակ հողատան կէս խաւար անկիւնները։ Պատերու տակ շարուած մարդոց դէմքերը անորոշ ստուերներու նման կը դողային ամէն անգամ, երբ սիւնէն կախուած լապտերը կը շարժէր։

Թոնրատան ցածկեկ դռնէն հետզհետէ հասնող գիւղացիները ծռելով ներս կը մտնէին եւ ընդհանուր բարեւ մը տալով կը տեղաւորուէին անկիւն մը, ծանր ու լուրջ արտայայտութիւն մը դէմքերուն։ Մէկ երկու երիտասարդներ, շրջակայ տանիքները նստած, պահակ կը սպասէին, որ յանկարծ պաշտօնական անձնաւորութիւն մը գիւղ չմտնէր։

Գիւղի առաջաւոր մարդիկը, Սարգիս Աբօր հետ, թոնրատան կեդրոնը՝ սիւնի տակ շրջան մը կազմած՝ կը սպասէին վարժապետին, որ դեռ չէր եկած։ Թէեւ ոչ ոք բարձրաձայն կը խօսէր, բայց ընդհանուր փսփսուք մը շրջան կ’ընէր թոնրատան չորս բոլորը։ Խօսելիք այնքա՜ն բան ունէին՝ գիւղացիի դարդը ե՞րբ է հատեր։

Միշտ էլ, էդպէս եղած է, կ’ըսէր քովի նստողին դուրս ցցուած, լայն ականջներով Մուկուչը, որ գիւղի չունեւորն էր, ե՞րբ արդարութիւն ըրած ունի էդ ջրբաշը ֆախիր քեասիպին։ Տո՛, դեռ ջրի ծէրը արտի կէսը չհասած՝ մէկ էլ էն տեսնեմ՝ ջուրը լուբ ցամքեց։ Թին ուսս նետած առուի թումբով կը վազեմ. պալքի մէկն ու մէկը ջուրս իր արտը դարձուցած է, պալքի տեղ մը թումբը քանդուեր է։ Ճաթած մեծ քարին քով՝ դէմ դիմաց կուգամ ջրբաշին։ «Ա՜յ տունդ չքանդուի, մարդ Աստուծու», կ’ըսեմ, «ջուրս ինչի՞ կտրեցիր, արտս կիսատ մնաց»։ «Ադա՛, խօմ կէօլ չէիր կապելու արտիդ մէջ», կ’ըսէ անիրաւը։ «Տօ՛, ո՞նց թէ կէօլ, հողը թոնրան մոխիրի նման չոփ չոր, բամպակը թոշներ, մէկ երկու օրէն կը չորնայ»։ Ախպերս, որո՞ւ ցաւդ ըսես, իմ հալալ իրաւունքս կուտայ ուրիշին։ Նորէն տարուան մը արուն քրտինքս պօչը…

Ջուրը որո՞ւն արտը կապեր էր, հարցուց յօրանջելով քովի նստողը, զուլում մարդ է մեր ջրբաշը, զուլում…

Որո՞ւն արտը պիտի կապէր… Սարգիս Աբօր չալթուկը։ Էնոր իրաւունքն է՝ կ’ըսէր տնաքանդը։ Էսպէս էլ ցա՞ւ։ Ունեւորի իրաւունքը չես գիտեր ի՞նչ թաւուր, շաբաթը անգամ մը կուգայ, մերը՝ երկու շաբաթը մէկ հեղ, էն էլ կէս կիսատ։

Թոնրատան մէկ ուրիշ անկիւնը՝ քանի մը գլուխներ իրար եկած մտիկ կ’ընէին ծերուկ գիւղացիի մը պատմութեանը, որ այդ օր եկած էր Սուրմալուէն.

Տօ՛, էնպէս ծեծ մը քաշեց խեղճ մարդուն, որ սաղ ոսկոր մը չմնաց վրան։

Գաւառապետ չէ հօ, գազան է գազան, ընդմիջեց ծերուկին մտիկ ընողներէն երիտասարդ մը։

Միւռոնօրհնէքի օրն ալ, աւելցուց ուրիշ մը էդ գազանը տասը ստրաժնիք (ձիաւոր ոստիկան) հետը վերցուցած, Մարգարայի կամուրջը փակեր գիւղացիներու առջեւ, թէ՝ «Էջմիածին պիտի չերթաք, թագաւորի հրաման է»։ Սուրմալուի շրջանի ուխտաւորներէն հարիւրաւորներ ճարահատ ետ դարձան. որո՞ւ մտքովը կ’անցնէր բողոքել։ Որո՞ւ ալ բողոքես որ։ Ախբօրս ըսեմ՝ իր աղուոր կնիկը կուպերնաթորի (նահանգապետի) սիրական է, էլ խալխի բողոքին ո՞վ ականջ կը կախէ։

Տուզ խօսք կ’ըսես, ախպեր. կուպերնաթորը ջաղցի տակի քարը, էդ գազանն ալ վերի քարի պէս կը դառնայ, մենք էլ ցորենի հատիկի նման երկու քարի արանքը ինկած…

Հա՛, Մարգարայի կամուրջը կը փակէ, չէ՛ ու չէ, ոչ ոք պիտի անցնի մէկէլ ափը, շարունակեց պատմողը։ Երկու գիւղացիներ, կամուրջէն վեր, Արազի ծանծաղուտ տեղով կ’անցնէին միւս կողմը։ Ստրաժնիկներէն մէկը կը տեսնէ ու խապար կուտայ գաւառապետին, էն էլ թէ՝ «շուտով էդ շանորդիքը առջեւս հանեցէք, ինչպէս թէ մէկէլ ափը անցնին առանց իմ հրամանիս»։ Աստուած դուշմանիս չցուցնէ խեղճերու քաշածը։ «Վա՜յ դո՞ւք էք Էջմիածին երթալ ուզողները, թէ առէ՛ք». տուր որ կուտաս, էլ մտրակով, էլ հրացանի ղօնդաղով, էլ աքացիով… Գեղացիներէն մէկը տուն հասնելէն օր մը վերջը մահացաւ, մէկէլն էլ առջի ատամները թափած, ձեռքն ալ կոտրած, էս քանի օր եղաւ պառկած է…

Զուլում է, աղբեր, Աստուծու կրակը։ Էս քանի՜ տարի եղաւ չազատուեցանք էդ գազանի ձեռքէն, գլուխը օրօրելով հոգոց հանեց ծերուկը։

Սարգիս Աբօր կուշտին նստող Քէլէշենց Պետրոսը՝ գեղին ամենէն հարուստն էր։ Հալը վախտը տեղը մարդ մը, որ ոչ գիւղամէջ կ’ելլէր, ոչ ալ ուրիշներու գործով կը զբաղէր։ Այդ իրիկուն ալ հակառակ իր կամքին հազար զօռով եկեր էր ժողովի։ Ախպե՜ր, ինք ի՞նչ գործ ունէր խալխի խէր ու շառի հետ, իր ցաւը իրեն բաւական էր։ Ղորդ որ կնկայ մազը երկար, խելքը կարճ կը լինի։ Իր պառաւը ստիպեր էր որ ժողովի երթայ. «ա՜յ մարդ, է՛լ գնա, դու էլ հայ քրիստոնեայ ես, երեսիդ օրհնած մեռոն կայ»։

Շիտակը ըսելով, Քէլէշենց Պետրոսը լաւ հետեւանք մը չէր սպասեր այդ ժողովէն, որ պետութեան զակոններուն (օրէնք) հակառակ՝ գաղտնի տեղի կ’ունենար։ Գլուխը ծռեց դէպի Սարգիս Աբերը ու ըստ սովորութեան բառերը հատիկ հատիկ արտասանելով պատմեց այդ օր պատահած դէպք մը, որ ինք լսած էր էջմիածինցի կառապանէ մը, երբ կառքի ձիերը կը հանգստացնէր ջրաղացի մօտ։

Երկու օր առաջ, Էջմիածնի գաւառապետը կ’երթայ եկեղեցիի երէցփոխին մօտ ու կը սպառնայ շան նման ծեծելով սպաննել զայն, եթէ թուղթը չստորագրէ։ «Խոշոր կտորդ ականջդ կը ձգեմ, շան զաւակ», կ’ըսէ գաւառապետը, «զառամած կաթողիկոսի մը խօսքին մտիկ ընելով, թագաւորի հրամանը ո՞նց թէ ոտքի տակ կ’առնես»։ Ի՞նչ ընէր խեղճ երէցփոխը։ Կնիկն էլ մէկ կողմէն վրայ կուտայ. «այ մարդ, խալխի ցաւը քեզի՞ տւեր են, ի՞նչ գլուխդ փորձանքէ տակ կը դնես, որ թագաւորի հրաման է, ստորագրէ թուղթը, պրծնի գնայ»։

Սարգիս Աբերը հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընէր։ Էջմիածնի երէցփոխը, բազի շատ հարուստ եւ իր բարեկամ լինելէն, հեռուէն հեռու ալ իրեն խնամի կուգար, Աշոտի կնոջ հօրեղբայրը լինելով։

է՜, յետո՞յ։

Անճրկացած երէցփոխը ի՞նչ վայ տար գլխին, երկու օր առաջ թուղթը կը ստորագրէ ու կը յանձնէ գաւառապետին։ Համա դու գեղականի բանին նայէ։ Ամէն մարդ երես կը դարձնեն իրմէ, կարծես թէ իրենց տունը քանդած լինէր երէցփոխը։ Ազգական, խնամի ճամբան հանդիպած ժամանակնին՝ զինք չտեսնելու կը զարնեն, գիշերով ալ գիւղի լակոտները կը քարեն տունը, ապակիները փշրելով։

Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ, գլուխը թափահարելով ցաւակցեցաւ Սարգիս Աբերը, էս ի՞նչ օրերու հասանք. թագաւորի հրաման է, ախբեր, ո՞նց թէ՝ դէմ կանգնիս… Ա՜խ, էս մեր ջահիլները…

Հալա վերջը չիմացար, տնաքանդ, մէկ մտիկ ըրէ։

Քելէշենց Պետրոսը, շրթունքները գրեթէ Սարգիս Աբօր ականջր կոխած, ձայնը աւելի ցածցուց, ու բառերու կէսը ուտելով՝ շարունակեց.

էսօր, իրիկուան ժամու զանգերու ատեն երէցփոխը պազար կ’ելլէ միս առնելու։ Մսագործի խանութին մէջ, երկաթէ կեռէն ամբողջ կէս ոչխար մը կը լինի կախուած։ «Այ մարդ, քանի մը գրուանքայ միս տուր, պուտի կողմէն լինի»։ Մսագործը թէ՝ «քեզի համար միս չունիմ ծախու»։ Երէցփոխը սուս փուս կը հեռանայ խանութէն։ Վանքի դարպասի առջեւով կ’անցնի։ Ճիշդ հրապարակի մէջ տեղը, մէկ էլ գաղթական զօռպա մարդ մը, երկար բեխերով կը մօտենայ, մէջքէն ատրճանակը կը քաշէ ու իրարու ետեւէ երկու անգամ կը կրակէ վրան։ Երէցփոխը ինկածին պէս հոգին կուտայ…

Դու մի՜ ըսեր…, Սարգիս Աբօր թուքը չորցաւ բերնին մէջ, Ա՜յ, քեզ բան… զարկին, հէ՞, զարկին… ախպե՛ր, էս կողմն ալ կրակ, էն կողմն ալ կրակ։

Սարգիս Աբերը ձեռքը դունջին տարած սկսաւ ինքնիրեն մտածել։ «Երկար բեխերով, գաղթական մարդ մը»… Դեռ երէկ իրենց տանը մէջ խնամի երէցփոխի մասին խօսք էր անցեր… Էն ինչո՞ւ Գէորգը յանկարծ բարկացաւ… «Էդ մարդու անունը մի տաք»… Սարգիս Աբերը ինքն իր վրայ կուչ եկաւ։ Տէ՜ր Աստուած, անգամ մը Երեւանէն երկար բեխերով մէկը, էն կողմի մարդերէն նամակ մը բերած էր Գէորգին… Հը՞, չլինի որ… ու Սարգիս Աբերը ինքն էր մտքէն սարսափած, շուրջիններուն նայեցաւ, չլինի՞ որ անոնք ալ միեւնոյն բանը կը մտածէին։

Թոնրատունը գրեթէ լեցուեր էր։ Գէորգն ու Վարդանը աննշմար ներս մտան ու տեղաւորուեցան անկիւն մը՝ սպասելով գիւղի ուսուցչին, որ ժողովը պիտի բանար։

Վերջապէս վարժապետն ալ եկաւ։ Երիտասարդ տղայ մ’էր, թեմական վարժարանի նախկին աշակերտ մը, որ ըմբոստութեան պատճառով արտաքսուած էր դպրոցէն։ Երկար մազերը մատներով սանտրեց, սեւ պլուզի կարմիր վզկապը շտկեց, Գէորգը տեսնելով մտերմաբար ժպտաց ու իր դիրքի կարեւորութիւնը գիտցողի մը հպարտութեամբ չորս բոլորը աչք նետելէն վերջ, սկսաւ խօսիլ։

Այնքա՜ն խօսուած էր եկեղեցական կալուածներու գրաւման մասին, որ շիտակը վարժապետը նորութիւն մը չունէր ըսելիք։ Բայց եւ այնպէս մեր երիտասարդ վարժապետը շէնքով շնորհքով ճառ մը խօսեցաւ, որ ուղիղ մէկ ու կէս ժամ տեւեց։ Յոգնած գիւղացիներէն շատեր նստած տեղերնին կը քնանային, ուրիշներ կէս ականջ մտիկ կ’ընէին այդ շատ գրաբար ճառը, որու բառերուն կէսը հազիւ լսած լինէին։

Վարժապետը շատ ազդու խօսքերով վերջացուց ճառը։ Ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը այդ ճակատագրական օրերուն պէտք է նախընտրէ մեռնիլ, քան բռնակալ կառավարութեան յանձնել իր դարեւոր եւ անբռնաբարելի իրաւունքները։ Վարժարանի աշակերտները, որ այնքա՜ն հպարտութեամբ մտիկ ըրած էին իրենց ուսուցչի ճառը, սկսան ծափահարել։ Ծափահարեցին նաեւ երիտասարդներէն ոմանք։ Այդ ծափահարութիւնը այն անուրանալի օգուտն ունեցաւ, որ քնացողները արթննալով աչքերնին ճմռեցին ու իրենք ալ պակաս չմնալու համար սկսան ծափահարել։

Երկարատեւ ծափահարութենէն յետոյ, թոնրատան մէջ տիրեց խոր լռութիւն մը։ Մոծակներու գզզոցը կը լսուէր: Ոչ ոք կ’ուզէր խօսիլ։ Շիտակը խօսելիք բան մ’ալ չկար արդէն: Գեղի եկեղեցին, փառք Աստծու, ոչ կալուած ունէր, ոչ հարստութիւն, դեռ շօշափելի պարտք մը կար վճարելիք։ Հետեւաբար, յանձնելիք բան մը չունէին, շատ շատ պարտքի մուրհակները կրնային տալ կառավարութեան։ Անլուծելի կը մնար սակայն, տէրտէրի եւ երէցփոխի բռնելիք դիրքը։ Անոնք կառավարական յանձնախմբի առջեւ պէտք է բանային եկեղեցին, մատեանները ներկայացնէին, եւ կառավարութեան ներկայացուցած թուղթը ստորագրէին։ Անոնց մասին ալ հաւաքուած գիւղացիք ինչո՞ւ տարտ ընէին, առաջաւոր մարդիկ էին, թող իրենց գլխու ճարը տեսնային։

Լռութիւնը անախորժ կերպով կը շարունակուէր։ Գիւղացիք՝ անհանգստացած՝ իրարու կը նայէին։ Ինչո՞ւ առաջաւոր մարդիկը բերան չէին բանար, հօ մինչեւ լոյս հոն մնալու չէի՜ն։

Խօսելու բան մը չմնաց, յանկարծ լսուեցաւ փինաջի Մարտոյի ձայնը, վարժապետը լաւ ըսաւ՝ ոչ ստորազրութիւն, ոչ բանալի, պրծաւ գնաց։ Խալխը էգուց աշխատանքի պիտի երթայ, էլ ինչո՞ւ կը պահէք, թողէք երթան կնիկներուն ծոցը հանգստանալու։

Զսպուած փրթկոց մը դիմաւորեց Մարտոյի խօսքերը։ Նոյնիսկ վարժապետը, որ ճառը վերջացնելէ վերջ այնքա՜ն լուրջ դիրք մը բռնած էր, չկրցաւ ժպիտը պահել։

Փինաջի Մարտօն Փարաքարի մէջ միակ մարդն էր, որու խօսքերը ոեւէ գրաքննութեան չէին ենթարկուեր։ Խելքին պառկած միտքը առանց քաշուելու կ’ըսէր, եթէ նոյնիսկ այդ խօսքերը գիւղի աղաներէն մէկն ու մէկի դէմ լինէին, բան մը, որ բաւական յանդգնութիւն կը պահանջէր։ Գիւղի միակ խանութպանն էր փինաջի Մարտօն։ Խանութ ըսուածը Էջմիածնի ճամբուն վրայ կ’իյնար, ջրաղացէն քիչ ասդին, փոքր ծակ մը, որուն մէջ ինք հազիւ կրնար շարժիլ։ Կարճահասակ նիհար մարդ մ’էր Մարտօն. երկար եւ ծուռ քիթը քիչ կը մնար դպչէր վերի շրթունքին։ Խոշոր գլուխը երկար եւ բարակ վզին վրայ այնպէս կը շարժէր, ինչպէս հասած տանձ մը կոթին վրայ։ Խանութի մէկ անկիւնը փինաջու խարխլած սեղան մը կար, դարակներուն մէջ քանի մը կապոց չիթ, շաքար, լուցկի, ծխախոտ, թէյ, նաւթ եւ չիր։

Ընդհանրապէս փինաջի Մարտօն կը նստէր սեղանին քովը, ցածլիկ աթոռակի վրայ գինիի կաւէ պոզիկը կողքին, որ քիչ մը շատ յաճախ կը բարձրանար դէպի բերանը։ Ան սկզբունքով հակառակ էր ջուր խմելու։ Այս պոզիկի գոյութիւնը առիթ մ’էր Մարտոյի թշնամիներու համար, որ երդում պատառ լինէին, թէ՝ ան ամբողջ շաբաթներով հարբած վիճակի մէջ է։ Այս դատողութիւնը անշուշտ անիրաւ զրպարտութիւն մ’էր։ Ոչ ոք Մարտոյի օրօրուելով քալելը տեսած էր, անշուշտ բացի բարեկենդանի շաբաթէն, երբ բոլոր գիւղացիներն ալ քիչ թէ շատ օրօրուելով քալելնուն՝ Մարտոյի մէկ մէկու խառնուած ոտքերը չէին կրնար տեսնել։

Հը՛, ինչո՞ւ խալխը պահեր ես, Մարտօն դարձաւ Վարդապետին, որ բան չունէս ըսելիք, թող վեր կենան՝ ամէն մէկը իր տունը երթայ։

Սարգիս Աբերը ձեռքը ծնօտին տարած՝ կը մտածէր։ Շուրջը նստողները բոլորն ալ հարուստ, գիւղի ունեւոր մարդիկ էին։ Շատերը, անցեալի մէջ եկեղեցիի երէցփոխ եղած էին, բայց հիմա, բոլորովին անտարբեր, ձանձրացած դէմքերով նստած՝ բերան իսկ չէին բանար։ Հա՛, երբեմն միայն բերաննին պատռելու աստիճան կը բանային, մեծաձայն յօրանջելու համար։

Բայց Սարգիս Աբերը աւելէ կը բարկանար գիւղի քահանային՝ զառամած ծերուկի մը վրայ, որ կիսախուփ աչքերով, դանդաղ կանոնաւորութեամբ համրիչի հատիկները կը քաշէր գոհունակ դէմքի արտայայտութեամբ։ Կարծես թէ այդ ժողովը իրեն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունենար։

Սարգիս Աբերը դառնութեամբ գլուխը շարժեց։ Է՜յ կիտի աշխարհ, որո՞ւ հոգը թէ՝ ինք վաղը, մէկէլ օրը պիտի դիմաւորէր գաւառապետը, Երեւանէն եկած պաշտօնական յանձնախումբը, ու անոնց պատասխան պիտի տար։ Որո՞ւ հոգը, ամէն մարդ անհամբեր, տուն երթալու մասին կը մտածէր, նոյնիսկ քովը նստող Քելեշենց Պետրոսը, այս հաստավիզ եզը, որ մօտ ազգական ալ կուգար իրեն, գլուխը կախած կրծքին, կանոնաւոր ընդմիջումներով, մէկ կուրծքը կ’ուռեցնէր մէկ ալ ձայնաւոր խռմբոց մը կ’արձակէր։ Չէ՛, ոչ մէկէն նպաստաւոր խօսք մը, յոյսի ճամբայ մը։ Սարգիս Աբերը կարծես ամենքէն լքուած, բոլորովին մինակ զգաց ինքզինքը։ Բայց, Տէ՜ր Աստուած, այդպէս չէր կարելի ձգել, պէտք էր բան մը ըսել, բան մը ընել վերջապէս։

Հը՛մ, լաւ կ’ըսէք, սկսաւ Սարգիս Աբերը՝ աչքերը գետին յառած, ընդհանուրին ուղղելով խօսքը, լաւ կ’ըսէք՝ երէցփոխը եկեղեցիի բանալին չտայ, թուղթը չստորագրէ, բայց մէկ հարցնող լինի, թէ էն որո՞ւն կռնակ տուած Մոսկոֆի դէմ պիտի ելնենք։ Հը՞, դուք ըսէք տեսնեմ, թո՞փ ունինք, թուա՞նք ունինք, ղօշո՞ւն (զօրք) ունինք։ Դեռ երէկ Երեւանի Սուրբ Պետրոս եկեղեցիի երէցփոխը կուպեռնաթօրի (նահանգապետ) հրամանով Սիպիր քշեցին։ Կը հասկնա՞ք… Սիպի՜ր…

Թոնրատան մէջ մեղմ շշուկ մը փրթաւ՝ Սարգիս Աբօր խօսքերէն յետոյ։ Սիպի՜ր… Սիպի՜ր… բառերը որոշակի կը լսուէին այս ու այն կողմէն։ Այդ միակ անունը անբացատրելի սարսափ մ’ունէր իր մէջ։ Սիպի՜ր, տաժանակի՜ր աշխատանք, է՜հ, աւելի լաւ էր որ մարդ իր ձեռքով փորէր իր գերեզմանը, եւ ողջ ողջ մէջը թաղուէր։

Հապա՞, Սիպիր, բաս ի՞նչ կարծեցիր, ծանր ծանր շարունակեց Սարգիս Աբերը, հեշտ է ըսել, թէ մի՛ յանձնէք, մի՛ ստորագրէք… հա վերջը՞…

Թէեւ ոչ ոք կը համարձակէր խօսիլ, բայց յայտնի էր, որ Սարգիս Աբօր խօսքերը խոր տպաւորութիւն ձգած էին։ Եւ ինչպէ՞ս չձգէին. հանաք մասխարկութիւն չէր Սիպիր երթալը: Գիւղացւոց կոշտ ու սառը դէմքերը կը փափկէին, նոյնիսկ խղճալու արտայայտութիւն մը կը ստանային։ Փինաջի Մարտոյի նման թունդ ազգասէր մը, գլուխը կախած՝ սրտանց կը ցաւէր Սարգիս Աբօր վիճակին վրայ, հազար երանի տալով, որ գիւղականը զինք երէցփոխ չէր ընտրած։

Է՜, բան մը ըսէք, դարձաւ շուրջիններուն Սարգիս Աբերը՝ սաստիկ յուզուած, գեղ գեղական պատուեցիք զիս, երէցփոխ ընտրեցիք, շնորհակալ եմ, ես ալ աշխատեցայ, եկեղեցիի պարտքէն մաս մը իջեցուցի։ Հիմա կ’ըսէք, որ թուղթը չստորագրեմ ու Սիպիր երթամ։ Հա՞, է՞ս է ձեր խօսքը…

Սարգիս Աբօր ձայնին մէջ ե՛ւ դառնութիւն կար ե՛ւ յուսահատ կատաղութիւն մը։ Գիւղացիք, գլուխնին կախ, յանցաւորներու նման մտիկ կ’ընէին անոր խօսքերը։ Նոյնիսկ Վարժապետը, որ այնքան ոգեւորուած կերպով խօսած էր մահը նախընտրելու մասին, խօսք չէր գտնար պատասխանելու համար։

Յանկարծ բոլոր գլուխները դարձան դէպի թոնրատան վերի անկիւնը։ Գէորգն էր խօսողը որ սովորական ցած եւ լեցուն ձայնով՝ խօսքը կարծես ընդհանուրին կ’ուղղէր։

Ժողովուրդի մը առաջաւոր մարդը, միայն շէն եւ լաւ օրերու համար չ’ընտրուիր, այլ նեղ օրերուն է որ ան բոլորէն բարձր պէտք է կանգնի։ Խնդիրը մեր գիւղի եկեղեցիի մասին չէ, այլ ամբողջ ժողովուրդի մը գոյութեան հարցն է մէջտեղ դրուած։ Հարուածը վերէն կուգայ, ոչ թէ տէրտէրի մը կամ երէցփոխի մը, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդի գլխուն։ Իսկ եթէ կան գլուխներ որ աւելի բարձը կանգնած են ժողովրդէն, անշուշտ անոնք կը ստանան հարուածի առաջին թափը։ Խնդիրը Փարաքարի եկեղեցիի շուրջը չէ. պիտի հասկնաք, որ պայքարը ազգային պայքար մ’է եւ ամէն մէկս մեր բաժինը պիտի ունենանք անոր մէջ։ Ոեւէ խուսափում, դասալքում համազօր է ազգի դէմ դաւաճանութեան։

Գէորգը վերջացուց իր խօսքը։ Անոր կարճ, կտրուկ նախադասութիւնները, յանկարծ ռումբ մը պայթելու տպաւորութիւնը առաջ բերին ներկաներու վրայ։ Թոնրատան պատերուն տակ շարուած գիւղացիները իրար կը մխթէին եւ Գէորգի յայտնած մտքերուն համախորհուրդ լինելու ձեւով գլուխնին կը շարժէին։

Սարգիս Աբերը, անակնկալի եկած մարդու մը նման զարմացած, մտիկ ըրաւ Գէորգի խօսքերուն։ Անշուշտ եթէ զաւակը պիտի խօսէր, ուրիշ կարծէր չէք կրնար սպասել Գէորգէն, բայց ան կրնար լռել, ի՞նչ կարիք կար խօսելու։ Սարգիս Աբերը դիտեց շուրջինները, որոնք միայն ժամ առաջ մեկնելու մասին կը մտածէին, նայեցաւ Գէորգին, որ հարցական հայեացքով իրեն կը նայէր, ուսերը թօթուեց ու վարժապետին ուղղելով խօսքը՝ ըսաւ.

Քանի որ դուք բոլորդ այդպէս կ’որոշէք, ձեր կամքը թող լինի։

Ժողովը վերջացաւ։

Գէորգն ու Վարդանը գիւղի ուսուցչին հետ խօսքի բռնուելով քիչ ուշացան։ Երբ դուրս եկան թոնրատնէն, բակի մէջ մարդ չէր մնացած, բոլորը ցրուած էին իրենց տները։

Սքանչելի խաղաղ ու պայծառ գիշեր մ’էր։ Միասին սկսան քալել Էջմիածնի ճամբայով դէպի այգին, որ գիւղէն բաւական մը հեռու կը գտնուէր։ Երբ վերջացաւ ճամբու այն մասը, որ երկու կողմերէն կ’եզերուէր այգիներու պատերով, եւ պարզուեցաւ ձախ կողմի վրայ լուսնի լոյսով ողողուած դաշտը, Գէորգը տասնեակ մը քայլ առաջ մէկը տեսաւ, որ համաչափ քայլերով կը քալէր։ Սարգիս Աբերն էր։ Երկու երիտասարդները շուտով հասան անոր քով։

Հա՛, էդ դո՞ւ ես, Գէորգ։

Այո՛, հայրիկ։

Ձեռքդ տուր, աչքերս լաւ չեն ջոկեր… անտէր մնայ ծերութիւնը, եւ Սարգիս Աբերը պինդ մը սեղմեց տղուն ձեռքը եւ զայն բաց չձգեց, մինչեւ որ հասան տուն։

Գէորգը կը զգար, թէ ինչպէ՞ս հօը ձեռքը կը դողար ու մատները պինդ հուպ կուտային իր ձեռքը. ֆիզիքական հպումէ աւելի կարծես հոգեկան պահանջ մը կը զգար ծերունի հայրը իր ձեռքը սեղմելու։ Դժուար չէր Գէորգի համար հասկնալ հօր այդ պահուն ապրած ողբերգութիւնը։ Այն գիտակցութիւնը, որ ինք ոչնչով կրնար օգնել, իր հարազատ հօրը, կը դառնացնէր Գէորգի սիրտը։

Կարծեմ, յանձնախումբը էգուց պիտի գիւղ գայ, աւելի ինքնիրեն խօսեցաւ Սարգիս Աբերը, ճի՞շդ է, որ էգուց պիտի գայ… Հը՞, Գէորգ դու կ’իմանաս…

Էգուց կամ միւս օրը, պատասխանեց Գէորգը, առաջին անգամ մեր գիւղէն պիտի սկսին։ Փարաքարը օրինակ պիտի դառնայ Արարատեան Դաշտի ամրողջ գիւղերուն…

Սարգիս Աբերը շատ լաւ հասկցաւ զաւկի արտասանած խօսքերուն իսկական իմաստը, բայց ոչինչ չպատասխանել։ Երբ հասան տուն, իր սենեակին առջեւ դառնալով երկու երիտասարդներուն, թեթեւ հեգնութեամբ մը ծիծաղեցաւ անոնց երեսին, ու որպէս թէ զարմացած՝ ըսաւ .

Հա՞։ Փարաքարը օրինա՞կ պիտի դառնայ։ Տէ՛, գիշեր բարի։