Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄԽԻԹԱՐ Ա. ԳՌՆԵՐՑԻ

1287. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ

Երբոր 1341-ին Յակոբի յաջորդ մը տալու պէտքը զգացուեցաւ, Լեւոնի կամքը եւ եպիսկոպոսներու կարծիքը շուտով համաձայնեցան Մխիթար Գռներցի եպիսկոպոսի վրայ, որ Բարձրբերդ գաւառին, Գռների վանքն առաջնորդն էր ( ՍԻՍ. 147), եւ ոչ Երնջակ գաւառին Քռնայ գիւղէն ( ՉԱՄ. Գ. 339): Մխիթար ժողովրդական եւ ծանօթ անձնաւորութիւն պիտի ենթադրուի, ժողովուրդին կողմէն իրեն տրուած Տէր Մխիկ փաղաքշական անունէն հետեւցնելով: Միւս կողմէն ալ թագաւորին եւ արքունիքին մօտիկ եւ հաճոյական անձ եղած ըլլալը կը քաղուի 1335-ի աղէտներու միջոցին` Լեւոնի կողմէն Նասր սուլտանին մօտ դեսպան ղրկուած ըլլալէն ( ՍԻՍ. 559): Իսկ իր գործելու կերպովը` Մխիթար ըստ ամենայնի մօտիկ եղած է Լատիններու հետ յարաբերութիւն մշակելու դրութեան, ինչպէս որ գործով ալ ցուցած է իր կաթողիկոսութեան բովանդակ ընթացքին մէջ: Գուցէ իր դեսպանութեան Եգիպտացւոց հետ չի յաջողիլը, զինքն ուծացուցած էր անոնց հետ գործ ունենալէ, որով Լատիններու յարաբերութիւնները մշակելէ զատ միջոց չէր գտներ: Միայն պէտք է ընդունիլ թէ Մխիթար Լատիններու հետ յարաբերութեան կողմը լինելով մէկտեղ, Լատիններու մոլի հետեւող չէր, որովհետեւ ամէն առթի մէջ իր յարաբերական ոճը` Հայ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան վրայ հաստատուած է, ինչինչ կէտեր իբր մտացածին եւ անգոյ մերժելով, եւ ինչինչ ալ իբր Լատիններուն համամիտ եւ համաձայն մեկնելով, եւ կերպով մը միջասահման ուղղութիւն մը մշակելով, թէ Լատինները գոհացնելու եւ թէ Հայերը չի վշտացնելու համար: Այս տեսութեամբ ժամանակին յարմար անձնաւորութիւն մը նկատուեցաւ, ինչ որ իր ընտրուելուն տեսակէտն ալ կը պարզէ: Նոյնը կը մեկնէ նաեւ Ունիթորներուն Մխիթարի մօտենալուն շարժառիթը: Ներսէս Պաղոն, որ Կանչի պատահարէն ետքը խոյս տուած էր, ( § 1279), եւ Սիմոն Պէկ, որ Կիպրոս կը գտնուէր, կը քաջալերուին նորէն գործի ձեռնարկել եւ Մխիթարի մօտ կու գան, զայն իրենց կողմը շահելու ակնկալութեամբ: Բայց յուսախաբ կը մնան, որովհետեւ Մխիթար թէպէտ Հռոմի հետ յարաբերութենէ չէր խորշեր, բայց լատին ծէսերն ու բանաձեւերը ու սովորութիւնները չէր ուզեր ընդունիլ, եւ իր եկեղեցին իր իսկութեան մէջ պահելով, Հռոմի հետ հաշտեցնելու գաղափարը կ՚օրօրէր: Մինչեւ իսկ Մխիթար բացարձակապէս կ՚արգելուր անոնց գործածել այն ծէսերը, զորս Ունիթորներ կազմած էին Լատիններու հետեւողութեամբ: Ներսէս ու Սիմոն յուսահատելով Մխիթարը համոզել, կը մեկնին Կիլիկիայէ եւ Աւինիոն կու գան Բենեդիկտոս ԺԲ. պապին մոտ, իրենց գործունէութիւնը զօրացնելու նպատակով: Հոն կը հասնին նոյն ատեն Լեւոնի պատուիրակները, Դանիէլ Մինոր, այսինքն Փրանկիսկեան կրօնաւոր, եւ Թորոս Միքայէլեանց պալատական ( ՍԻՍ. 55), պաշտօն ունենալով պապը հաճեցնել, որ զինուորական օգնութիւն փութացնէ, քանի որ մօտալուտ էր Եգիպտացւոց յարձակումը: Ունիթորներու համար նպաստաւոր էր պարագան, Հայերը կասկածաւոր ցուցնելով` պապին միտքը պղտորել, եւ օգնութիւնը պայմանաւորելով Հայերը բռնադատել, եւ լատինականութեան տիրապետութիւնը ապահովել:

1288. ՄՈԼՈՐՈՒԹԵԱՆՑ ՑՈՒՑԱԿ ՄԸ

Բենեդիկտոս կ՚ուզէ լուսաբանուիլ, եւ կը յանձնարարէ որ իրեն գրաւոր ներկայացուին այն կէտերը, որոնց մէջ Հայոց եկեղեցին մոլորած կ՚ըսուի: Շուտով գործի կը ձեռնարկեն այնտեղ գտնուող լատինամոլ Հայեր, եւ Կիլիկիայէ եկած հայատեաց Լատիններ, որոնք հարկաւ պատրաստ ունէին իրենց պաշարը, եւ ահագին ցուցակ մը կը ներկայեն Հայ եկեղեցւոյ կարծեցեալ մոլորութեանց մասին, զորս 117 հասուցած էին ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1185): Այս խումբին իբր գլուխ ճանչցուած է Ներսէս Պաղոն, որ իրեն աւելի կարեւորութիւն տալու համար, արքեպիսկոպոս Մանազկերտի անունն ալ առած էր ( ՉԱՄ. Գ. 340): Պապին պատասխանը վճռական կ՚ըլլայ Լեւոնի դեսպաններուն, թէ Հայեր ոչ մի օգնութիւն պէտք չէ յուսան, մինչեւ որ այդ ցուցակագրուած մոլորութիւններէն չի հեռանան: Այս կերպով պատգամաւորներ առանց յաջողութեան ետ կը դառնան ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1185): Անտեղի չէր ըլլար խորհրդածել, թէ Բենեդիկտոս կրօնամոլ նպատակին հետ, ճարտար խուսափողութեան ձեւ մըն ալ կը գործածէր, վասնզի Արեւելքի քրիստոնեաներուն օգնութեան երթալու եռանդը մարած էր, եւ արեւմտեան իշխաններէն ոչ ոք նոր խաչակրութեան կը յորդորուէր, եւ ամէնքը ներքին պայքարներով զբաղուած էին: Լեւոն տակաւին յուսալից Արեւմուտքէն հասնելիք օգնութեանց վրայ, նոյն ինքն դեսպանութենէ դարձող Դանիէլի ձեռքով, առաջարկեալ գլուխներու մասին բացատրական գրութիւն մը պատրաստել կու տայ, որ հարկաւ շատ ընդարձակ չէր կրնար ըլլալ: Այդ գրութիւնը դեռ տեսնուած չէ, որչափ ալ անոր գոյութիւնը վերջին ատեններ լսուած է, բայց հրատարակուած չէ ( ԴԱՐ. 42): Լեւոն գրութեան հետ Դանիէլն ալ անմիջապէս պապին կը դարձնէր, որպէսզի գրուածը ներկայէ, բերանացի ալ բացատրէ, եւ պապը համոզէ օգնութիւնը փութացնելու: Մխիթարի անունը չի յիշուիր, բայց անհնար էր որ թէ' Լեւոնի կարգադրած գործողութեան մէջ, եւ թէ' Դանիէլի պատրաստած գրութեան մէջ` խորհրդակցութիւն եւ մասնակցութիւն չ՚ունենար կաթողիկոսը` որ յատկապէս այդ օրերը` կացութիւնը դիւրացնելու համար ընտրուած էր: Երթեւեկներուն արագ կատարումը կը ցուցնէ, թէ ինչ մեծայոյս ջանքով կ՚աշխատէին Լեւոն ու Մխիթար, հռոմէական յարաբերութիւններ մշակել եւ անով իրենց քաղաքական կացութիւնը ապահովել: Դանիէլ նորէն Աւինիոն դարձած է 1342 տարւոյն սկիզբները, բայց առաջին անգամէն աւելի յաջողութիւն ունեցած չէ: Իր բերած գրութիւնը անբաւական դատուած է, տրուած բացատրութիւնները անկատար նկատուած են, եւ պահանջուած է որ Հայերը յատուկ եկեղեցական ժողով գումարեն, 117 գլուխները մէկիկ մէկիկ նկատողութեան առնեն, եւ իւրաքանչիւրին մասին իրենց լիակատար հպատակութիւնը յայտնեն, եւ յամենայնի ու ըստ ամենայնի լատինականութեան հետեւելու յանձնառու ըլլան: Այդ վերջին դարձուածը կրկին կը հաստատէ մեր խորհրդածութիւնը, թէ Բենեդիկտոսի ընթացքին մէջ մեծ մաս ունէր խուսափողական նպատակը: Իսկ Ունիթոր խորհրդատուները կը ջանային պատեհէն օգտուիլ Հայ եկեղեցին վերջնականապէս լատինականին ձուլելու համար:

1289. ԼԵՒՈՆԻ ՄԱՀԸ

Երկրորդ մերժումը չափազանց վշտացուց Լեւոնը, եւ հարկաւ մերկապարանոց յայտնութեամբ պատկերացուց անոր աչքին առջեւ Լատիններուն խաբէական ուղղութիւնը, բայց ինչ օգուտ, որ արդէն բացարձակապէս պարտաւոր մնացած էր նա Եգիպտացիներուն առջեւ, Արեւմտեաններուն հետ պաշտօնական յարաբերութիւններ կատարելով, եւ վերահաս կը տեսնէր իր թագաւորութեան սպառնացող վտանգը: Նա իր ընթացքով պարտաւոր կը մնար իր ազգին ու ժողովուրդին առջեւ ալ, որ իբրեւ յետին ապաստան յանձնառու եղած էր եգիպտական հաշտութեան ծանր պայմանները ( § 1280), եւ զոր Լեւոն խախտած էր իր թեթեւամիտ ակնկալութիւններով: Դանիէլ պատգամաւորին երկրորդ անգամ ձեռնունայն եւ անյաջող դարձը` լրումն եղաւ տագնապալից վիճակին, որովհետեւ այնչափ յանձնառութիւններէ ետքն ալ տակաւին ինքզինքնին խաբուած ու վտանգուած կը գտնէին` թագաւորն ալ, կաթողիկոսն ալ եւ իրենց համախոհներն ալ: Այսու հանդերձ ուրիշ ելից ճանապարհ մը չունէին: Լեւոն ու Մխիթար կը համաձայնին պահանջուած ժողովը գումարել եւ յարակից ձեւակերպութիւնները լրացնել, այդ կերպով պապը գոհացնելու եւ օգնութեան պարտաւորեցնելու յոյսով: Սակայն Լեւոն չի հասնիր իր մտածմունքին արդիւնքը տեսնալ, եւ կը մեռնի 1342 օգոստոս 26-ին ( ՍԻՍ. 559): Պատմութիւնը անորոշ կը թողու Լեւոնի մահուան պարագաները: Տարիքի խնդիրը չի կրնար ըլլալ, վասն զի դեռ նոր թեւակոխած էր իր 33-րդ տարին, ուստի ոմանք ներքին յուզման եւ սիրտի ցաւի կը վերագրեն կանխահաս մահը, մինչ ուրիշներ ժողովրդական յուզումէ եւ լատինամոլ ուղղութեան դէմ կազմակերպուած շարժումէ յառաջ եկած սպանութիւն մը կը տեսնեն այդ պարագային մէջ ( ՍԻՍ. 559), ինչ որ մեր տեսութեամբ ալ բոլորովին անհաւանական չ՚երեւիր, քանի որ յառաջիկային ալ այդ տեսակ շարժումներու եւ սպանութիւններու օրինակները պիտի տեսնենք: Լեւոնի մահը նոր տագնապ մը կը պատճառէր, վասն զի իրմով կը վերջանար Կոռիկոսեան կամ Պապերոնեան ազգատոհմին արական ճիւղը, որ Ռուբինեան ազգատոհմին արական ճիւղին սպառելէն ետքը, իգական սերունդի իրաւունքով եւ Լեւոն Բ-ի Զապէլ աղջկան հետ խնամութեամբ ( § 1105), Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը ժառանգած էր: Լեւոն անորդի կը մեռնէր, եւ իր հօրեղբայրներէն ալ արու զաւակ չէր մնացած, եւ ամէնէն մերձաւորներ կը նկատուէին Լեւոն Դ-ի Զապէլ կամ Զապլուն աղջկան Ամաւրի Լուսինեանէ ունեցած զաւակները, որոնցմէ երկուքը ըսպաննուած էին, մէկը Յունաստան կը մնար ( § 1270), իսկ վերջին երկուքը Սիսի արքունիքի մէջ գլխաւոր դիրքեր կը վայելէին ( § 1277): Այս անգամ նորէն Զապէլի մը միջնորդութեամբ Կիլիկիոյ թագակապ ազգատոհմը կը փոխուէր, սակայն յաջորդողը այլեւս Հայ չէր, այլ բնիկ եւ ըստ ամենայնի Լատին, արեամբ եւ զգացմամբ եւ դաւանութեամբ որ արդէն թագաւորութեան տկարանալուն պատճառն էր եղած, եւ որ զայն կործանման ալ հասուց:

1290. ԼՈՒՍԻՆԵԱՆՑ ԹԱԳԱՒՈՐԵԼԸ

Երիցութեան կարգով ժառանգութիւնը պէտք էր իյնար Գուիտոնի, որ Աքայիոյ կուսակալութիւնը կը վարէր, բայց երկար ժամանակի ու շատ գործողութեանց պէտք կար մինչեւ անոնց գալն ու գործի ձեռնարկելը, ուստի վերապահելով մէկտեղ Գուիտոնի իրաւունքը, Ջիւան Լուսինեան, որ պայլութեան պաշտօն կը վարէր, պետութեան գլուխը անցաւ եւ թագաւորութեան տիրացաւ, եւ ոչ թէ խնամակալութեան ձեւով կամ թագապահի տիտղոսով, ինչպէս ոմանք կը մեկնեն ( ՍԻՍ. 559), այլ իսկական տիրապետութեան կերպով, եւ Ջիւան անսովոր անունն ալ Կոստանդինի փոխելով, հռչակուեցաւ եւ ընդունուեցաւ, իբր փառաւորեալ տէր Կոստանդին, շնորհիւ եւ ընտրութեամբ Աստուծոյ թագաւոր ամենայն Հայոց ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1186): Լատին պատմիչը կ՚ըսէ, թէ Գուիտոնի հրաժարելովը Ջիւան տիրացաւ թագաւորութեան ( ԴԱՐ. 32), սակայն ուրիշներ այդ պարագան չեն յիշեր, եւ կ՚երեւի թէ Ջիւանի հապճեպ որոշման եւ Հայերուն համակերպութեան նպաստած է Եգիպտացւոց կողմէն 1342-ին կազմակերպուած արշաւանքը, ճիշդ Լեւոնի մահուան միջոցին: Արդէն դիմադրելն ալ` պաշտօնին բերմամբ Ջիւանի կ՚իյնար, քանի որ զինուորական ոյժն ալ իր ձեռքին տակ կը գտնուէր: Սակայն արդիւնք մը չէ ունեցած իր հրամանատարութիւնը, եւ ոչ ալ կրցած է արգելուլ Հայերուն կոտորածը եւ Կիլիկիոյ աւերածը ( ՍԻՍ. 559), որ տեղի ունեցան Եգիպտացւոց երեսէն: Միւս կողմէն Եգիպտացւոց յայտնի թշնամութիւնը, աւելի եւս սաստկացուց Լատինները օգնութեան անհրաժեշտութիւնը, հետեւաբար Լատիններու հաճեցնելու հարկն ալ, կամ որ նոյն է Բենեդիկտոսի պահանջած ժողովական վճիռը եւ անպայման հպատակութիւնն ու համակերպութիւնը, որուն համար ամենայն հաւանականութեամբ հրաւէրներն ալ Լեւոնին մեռնելէն առաջ ղրկուած էին: Ժողովին թուական նշանակուած է սովորաբար 1342 տարին ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1185), սակայն նկատելով թէ նոյն տարւոյ օգոստոսի վերջը տեղի ունեցած է Լեւոնի մահը, թէ ժողովը գումարուած է կամօք եւ հաւանութեամբ Կոստանդին թագաւորին ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1186), որ է Ջիւան Լուսինեանը, եւ թէ Եգիպտացւոց արշաւանքն ալ պէտք էր գումարման յապաղելուն պատճառ ըլլար, յարմարագոյն է ժողովին թուականը դնել 1343-ին սկիզբները ( ՍԻՍ. 559): Հետեւաբար պէտք կը զգանք այստեղ Մխիթարի գումարած Սիսի ժողովին պատմութիւնն ընել, եւ ժողովական դրութիւնը վերլուծել, եւ կարծեցեալ 117 մոլորութեանց քաղուածն ալ տալ: Գիտենք թէ երկար եւ ձանձրալի պիտի ըլլայ այդ քաղուածը, եւ թէ պարունակութիւնն ալ այնչափ անկարեւոր եւ ստորին է, որ մինչեւ իսկ երկիւղած Ալիշանն ալ համարձակեցուցած է կոչել անոնք 117 յօդուածս անյարիրս, եւ վկայել թէ անոնցմէ շատք զզուանս իսկ ածեն ընթերցանելեաց ( ՍԻՍ. 147): Ասով մէկտեղ կ՚ուզենք հռչակաւոր 117 գլուխները բացատրել, որպէսզի միանգամ ընդ միշտ տեսնուի, թէ ինչ անտեղի կերպերով եւ անհիմն փաստերով կը վարուին հռոմէադաւանները երբ Հայ եկեղեցւոյն դէմ կը զինուին, եւ անոր մասին տեղեկութիւններ կու տան: Միւս կողմէն այդ հռչակաւոր ցուցակը, ոչ հայերէն բնագիրով մը եւ ոչ լիակատար քաղուածով մը մերայնոց ծանօթացած չէ, եւ միայն լատիներէն գրուածը կայ մէջտեղ, որ անշուշտ թարգմանութիւն է Ունիթորներու ձեռքով կատարուած, եւ գուցէ այն ալ մասամբ աղաւաղուած:

1291. ՍՍՈՅ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Մեր առջեւն եղած ժողովական գրութիւնը, գումարման տեղ եւ տարի եւ օր չի նշանակեր, միայն 1342-ին Բենեդիկտոս ԺԲ. պապէն կարծեցեալ մոլորութեանց ցուցակին ղրկուած ըլլալը կը յիշէ, իսկ Բենեդիկտոս 1342 տարւոյն մէջ մեռած էր, եւ մայիս 19-ին իրեն յաջորդած էր Կղեմէս Զ., որին անունն ալ սոյն գրութեան մէջ կը յիշուի ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1188): Գիտենք ալ որ ժողովը Լեւոնի մահուընէ ետքը բացուեցաւ, որ օգոստոս 26-ին տեղի ունեցած էր ( ՍԻՍ. 559), եւ Եգիպտական արշաւանքն ալ նկատի առնելով 1343-ին սկիզբը դնելը յարմարագոյն հաշուեցինք ( § 1290): Իսկ տեղը անշուշտ Սիս եղած է, եւ այնպէս ալ սովորաբար ընդունուած է ( ՉԱՄ. Գ. 341): Ներկաները կաթողիկոսով մէկտեղ 30 եպիսկոպոսներ են, 15 վարդապետներ, եւ 7 աւագերէցներ, եւ ուրիշ քահանաներ: Ասոնց ցուցակը լատիներէնին մէջ կը գտնենք աղաւաղուած անուններով, զորս Չամչեան նմանողութեամբ ջանացած է հայացնել: Եպիսկոպոսներէն 20 հատը Կիլիկեցիներ են, Բարսեղ Սիսի, Վարդան Տարսոնի, Ստեփանոս Անարզաբայ, Բարսեղ Բարձրբերդի, Գրիգոր Ատանայի, Յովհաննէս Այասի, Ներսէս Կապանի, Յովհաննէս Մաշարդի, Գրիգոր Գերմանիկիոյ, Պօղոս Կոկիսոնի, Դաւիթ Համանի, եւ Գրիգոր Մաշկեւորի, իսկ ութն ալ առանց թեմի` կաթողիկոսարանի եպիսկոպոսներ, Յովհաննէս, Կոստանդին, միւս Յովհաննէս, Ստեփանոս, Սարգիս, Բարսեղ, Գրիգոր եւ Բարսեղ ատենադպիր: Ասոնցմէ ոմանց վիճակները անիմանալի կը մնան եթէ լատին բառերուն հետեւինք, զի Կապան մեկնուածը` գրուած է Կամպանիա, Մաշարդը` Մաթիքար, Կոկիսոնը Կոգուանիա, Համանը` Կամանտիա, եւ Մաշկեւորը` Մասգուկիմիա: Վեց եպիսկոպոսներ ալ Փոքր Ասիոյ մերձաւոր վիճակներէն են. Մարկոս Կեսարիոյ, Բարսեղ Իկոնիոյ, Սիմոն Սեբաստիոյ, Բարսեղ Անկիւրիոյ, Ստեփանոս Տրապիզոնի, եւ Գրիգոր Տիանայի, որուն վիճակը լատիներէնին մէջ Տարտուինիտ է գրուած: Երեք եպիսկոպոսներ միայն Հայաստանէ կը կարծուին, Դաւիթ Տարոնի, Դանիէլ Չմշկածագի եւ Մեսրոպ Խորձեանի, թէպէտ շատ կեղակարծ են, զի Չմշկածագի փոխուածը լատիներէնի մէջ Թեմիսկիա կը կարդացուի, եւ Խորձեանը` Սորկանանտիա, եւ Չամչեանի տուած մեկնութիւնը կամայական կը դառնայ, եւ միայն իբրեւ ճիշդ անուն կը մնայ Տարոնը իբր Հայաստանի վիճակ, եւ ինքնիրեն նշանակութիւն ալ չ՚ունենար: Ներկայ վարդապետներն են Դանիէլ Սսեցի, նոյնինքն պատգամաւոր գացող Փրանկիսկեան կրօնաւորը, Բարսեղ Մաշկեւորցի, Ներսէս Պոսինանդացի, եւ Յովհաննէս եւ Ստեփանոս կաթողիկոսարանի պաշտօնեաներ: Մնացած տասները իբրեւ հայր վանաց կը նշանակուին, եւ են Յովհաննէս Ակների, Կարապետ Մեծքարի, Թորոս Մովսիսավանքի, Ստեփանոս Միակեցերի, Յովհաննէս Բլուրի, Կոստանդին Լիսանկանի, Հայրապետ Ռամանոսի, Յովհաննէս Քելեղականի, Լեւոն Գերմաղբերի, եւ Դաւիթ Փրկիչի: Այս տեղ ալ քանի մը անուններ բոլորովին տարբեր կը հնչեն լատիներէնին մէջ, Մեծքարը կը կարդացուի Կիրորիմ, Միակեցերը` Կեսետան, Քելեղականը` Կայլգոյն, Գերմաղբերը` Կէմէրկէկոն, եւ Փրկիչը` Պերդեր: Վերջապէս աւագերէցներէն կը յիշուին, Լեւոն արքունի պալատին, Յովհաննէս Սիսի, Բարսեղ Ատանայի, Աստուածատուր Տարսոնի, Կոստանդին փակակալ մեծ եկեղեցեաց, Կոստանդին Սուրբ Սոփիայի, եւ Յովհաննէս Հեթումաշէնի, կամ աւելի ճիշդ Եթենակինի: Այդ անունները տալէն ետքը գլխաւոր գիտելիքնիս այն է, թէ պարզապէս Կիլիկեցւոց գումարում մը եղած է Սիսի ժողով ըսուածը, եւ ոչ երբեք ընդհանուր Հայոց եկեղեցւոյ ժողով մը, ինչ որ կը տկարացնէ անոր կանոնական նշանակութիւնն ու հեղինակութիւնը: Դիտուելու է եւս, որ թագաւորի եւ իշխաններու անուններ չեն յիշուիր, ինչ որ ազգային ժողովի սկզբունքին համաձայն չէ, եւ ասով աւելի կը շեշտուի լատինական սկզբունքի հետեւողութիւնը, որ աշխարհականները հեռու կը պահէ եկեղեցական գործերէ: Ըստ այսմ Մխիթարի փողովը լոկ մասնաւոր խորհրդակցութեան համար գումարում մը եղած կ՚ըլլայ` պապին պահանջած պատասխանները պատրաստելու, եւ ոչ երբեք ազգային կանոնական ժողով մը: Կամ աւելի ճիշդ, Լատինները հաճեցնելու համար կազմակերպուած զիջողական միջոց մը, եւ ոչ թէ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ ծէսին ազատ բացատրութիւնը:

1292. ԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈՃԸ

Պարզապէս պատասխանները պատրաստելու համար գումարուած խորհրդակցութիւն մը ըլլալը յայտնապէս ալ նշանակուած կը գտնանք ժողովական բացատրութիւն կոչուած գրութեան սկիզբը: Ժողովականները կը յայտարարեն թէ մէկտեղ հաւաքուելով կարդացին եւ լսեցին սխալներու եւ ստութիւններու գրութիւնը, եւ զայն իր բոլոր մանրամասնութեանց մէջ քննեցին, թէ անոր մէջէն զատեցին ուղղափառ հաւատոյ եւ եկեղեցւոյ խորհրդոց ճշմարտութիւնները` սուտ մոլորութիւններէն, եւ թէ Հռոմի տէր Կղեմէս պապին, տէր Բենեդիկտոսի յաջորդին կը ներկայացնեն հաւատքի եւ խորհրդոց վարդապետութիւնները ծէսերն ու սովորութիւնները, ինչպէս որ միշտ ունեցած է Հայոց եկեղեցին եւ ինչպէս այժմ ալ ունի: Իսկ Հայերէն ոմանց մոլորութիւնները, որոնք պատահաբար խօսուած են, իրենք ընդունած չեն, եւ կը մերժեն ու կը դատապարտեն օտարազգի հերետիկոսներուն մոլորութիւնները: Այդ բացատրութիւնները զորս Սսոյ ժողովին գրութենէն կը քաղենք ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1188), բացայայտ կը ցուցնեն, թէ Մխիթար կաթողիկոսին եւ իրեն հետ եղողներուն բռնած ձեւը եղած է, չի հեռանալ Հայոց եկեղեցւոյ դաւանութենէն ու արարողութիւններէն, այլ աշխատիլ անոնք Հռոմի պահանջած ձեւերուն մօտեցնել: Իսկ այլանդակ կամ տարօրինակ գլուխները, որոնք իբրեւ Հայոց եկեղեցւոյ մոլորութիւններ ցուցուած էին, մասնաւորներու խօսք կամ գործ ըսելով` վրաներնէն հեռացնել: Այս ուղղութիւնը բոլորովին տարբեր է Ունիթորներու հետեւած կերպէն, որոնք կ՚աշխատէին Հայ եկեղեցին կատարելապէս լատին կաղապարին վրայ ձուլել, հազիւ թէ լեզուն հայերէն պահելով, եւ մինչեւ իսկ հայ լեզուն ալ լատինական ոճին ենթարկելով: Հռչակաւոր 117 գլուխները այդ գրութեան մէջ մի առ մի յառաջ բերուած են, հարց պատասխանի ձեւով, առաջարկուած կէտերը բառացի դնելով, անոնց պատասխանները դիմացը նշանակելով: Մենք կրկնութենէ խորշելու համար առաջարկները եւ բացատրութիւնները միատեղ պիտի քաղենք, ջանալով, որչափ հնար է, համառօտ կերպով էական իմաստները տալ, եւ ոչ թէ ընդարձակօրէն բացատրել, զի այն ատեն կատարեալ թարգմանութիւն մը տալու պիտի պարտաւորուէինք ամբողջ գրութեան, որ 86 ահագին էջեր կը գրաւէ լատիներէն բնագիրին մէջ ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1185-1270): Թէպէտեւ այս ամփոփ քաղուածն ալ բաւական տեղ պիտի գրաւէ մեր պատմութեան մէջ, սակայն անհրաժեշտ սեպեցինք որ մերայինք անգամ մը այդ 117 գլուխներուն ցուցակը ամբողջաբար աչքի առջեւ ունենան:

1293. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 1-5

Առաջին կէտը կը սկսի Հոգւոյն Սրբոյ բղխման խնդիրով: Ունիթորներու կազմած եւ պապին իւրացուցած ցուցակը կ՚ըսէ 1. Հայերը առաջ եւ յՈրդւոյ բղխումը կ՚ընդունին եղեր, բայց իբր 612 տարի առաջ ժողովով մը մերժեր են, եւ հիմայ ալ կը մերժեն, եւ եթէ այս տեսակ բացատրութիւն մըն ալ կը գործածեն, ոչ թէ յաւիտենական բղխումին վրայ, այլ արարածոց սրբութեան համար եղած ժամանակաւոր բղխումին վրայ կ՚իմանան: Պատասխանին մէջ, եւ յՈրդւոյ բացատրութիւնը գործածուած ըլլալու վկայութիւն կը բերեն Հոգեգալուստի օրուան երրորդ աղօթքին սկիզբը ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1188), սակայն այժմեան օրինակներ այս բացատրութիւնը չունին ( § ԱՇ. Բ. 55): Կ՚ըսեն եւս թէ յիշուած ժողովը` Մանազկերտի ժողովը կրնայ ըլլալ, բայց անոր մէջ Հոգւոյն Սրբոյ խնդիր եղած չէ, իսկ բղխման վրայ խօսած ատեն տարբերութիւններ դրուած ըլլալը` անհիմն եւ ճշմարտութեան հակառակ կը հռչակեն: 2. Թէ Հայեր հանգանակի մէջ եւ յՈրդւոյ բղխում չեն յիշեր, Յովհաննու աւետարանի բացատրութիւնը կը պնդեն, եւ եթէ մէկը ընդունի ալ, յայտնել չի համարձակիր, մինչ Քաղկեդոնի ժողովը Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եփեսոսի վճիռները ընդունելով, եւ յՈրդւոյ բղխումը հաստատած է: Կը պատասխանեն, թէ իրենք աւետարանի վրայ կը հիմնուին, բայց յորմէհետէ Հռոմի հետ յարաբերութիւն հաստատեցին, եւ յՈրդւոյ վարդապետութիւնը կ՚ընդունին, իսկ Քաղկեդոնը չեն ընդունած, որովհետեւ Լեւոնի տումարը նեստորական միտք ունի, յայտնապէս ալ գրած ըլլալով, թէ Բանն մարմին եղեւ եւ տաղաւարեցաւ ի մեզ ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1190): Այս կտորին մէջ դիտել պիտի տանք թէ հանգանակէն յառաջ բերուած հատուածը` ունի քարոզեաց յառաքեալսն ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1180), եւ ոչ զառաքեալն: 3. Թէ Հայեր նոյն ժողովին մէջ, այսինքն դատապարտեցին Քաղկեդոնի ժողովը, եւ Լեւոնի տումարը, եւ դաւանեցին մի բնութիւն, մի կամք եւ մի ներգործութիւն, եւ հակառակը դաւանողները բանտարկեցին եւ սպաննեցին: Դիոսկորոսն ալ իբր սուրբ հռչակեցին, եւ տարին երեք անգամ կը կրկնեն անոր փառաբանութիւնը: Կը պատասխանեն, դարձեալ կրկնելով Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի դատապարտութեանց համար տուած բացատրութիւննին: Դատապարտութիւնը կը վերագրեն Մանազկերտի ժողովին, բայց զայն դադարած կ՚ըսեն Սսոյ եւ Ատանայի ժողովներով: Կը յաւելուն թէ Դիոսկորոսի պատւոյն երգը գործածութենէ դադրած է, եւ փոխարէն շարականի նոր տուն մը յօրինուած է, իբր երկու բնութեանց յայտարարութիւն: Այդ տունը պէտք է Անաւարզեցիին անգործածական շարականներէն եղած ըլլայ: Հնար չէ չի դիտել, թէ ինչպէս ենթադրական ձեւերով կ՚աշխատին Հռոմը գոհացուցած երեւնալ: 4. Թէ Հայերը կը կարծեն թէ նախահայրերուն մեղքը անձնական էր, եւ թէ լոկ մեղքին ծանրութեան պատճառաւ` իրենց սերունդը դատապարտուեցաւ, թէ տղայ մեռնողները` Քրիստոսի գալուստէն առաջ դատապարտութեան ենթարկուեցան, թէպէտ իրենք մեղաւոր չէին, բայց թէ այն ալ վերջացած է Քրիստոսի գալուստէն եւ նախահայրերուն մեղքը ջնջելէն ետքը: Կը պատասխանեն, թէ այսպիսի կարծիք ունեցան Պեղագեաններ եւ Կեղեստինեաններ, որոնք Հայ չէին, եւ որոնց կարծիքը Հայաստան չի հասաւ: Եւ երկար հատուածներ յառաջ բերելով մկրտութեան մաշտոցէն, կը ցուցնեն թէ Հայեր կը մկրտեն ի թողութիւն մեղաց, որ հարկաւ տղայոց վրայ իրենց անձնական մեղքը չի կրնար ենթադրուիլ: 5. Թէ Մխիթար վարդապետ մը սորվեցուցած է` զաւակներու հօրերնուն հոգիէն ելլելը, ինչպէս ճրագը ճրագէ, եւ թէ Արճէշի գաւառի եօթը վիճակներ իբրեւ սուրբ կը պատուեն Մխիթարը: Կը պատասխանեն, թէ ասանկ բան մը լսած չեն եւ զրպարտիչներու յօրինած սուտերուն կարգէն է, եւ թէ ընդհակառակն Մխիթար իր կենդանութեան այդ կարծիքը հերքած է: Խնդիրը Մխիթար Սասունցի վարդապետին վրայ է, ինչպէս արդէն յիշեցինք ( § 1286):

1294. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 6-12

Կը շարունակէ կարծեցեալ մոլորութեանց ցուցակը: 6. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ քրիստոնեայ ծնողաց տղաներուն հոգիները Ադամի դրախտը կ՚երթան, իսկ ոչ-քրիստոնեայ ծնողներու տղայոց հոգիները իրենց ծնողքներուն հոգիներուն մօտ կ՚երթան: Կը պատասխանեն, թէ Հայերը քրիստոնեայ եւ ոչ-քրիստոնեայ տղայոց հոգիներուն մէջ զանազանութիւն չեն դներ, այլ թէ ամէնքն ալ միատեղ կ՚երթան տեղ մը` որ որոշ չէ, եւ ուր առանց պատժոյ երանութենէ զրկուած կը մնան, եւ թէ այդ տեղին Լիմպոս անուն տալն ալ Լատիններէն սորվեցան: 7. Թէ Հայերը կ՚ըսեն թէ բոլոր մեռածներու հոգիները օդին կամ երկրի մէջ տեղ մը կը մնան մինչեւ դատաստանի օրը, եւ անմիջապէս դժոխք կամ արքայութիւն չեն երթար, եւ թէ անկնունք տղայոց հոգիներն ալ յարութենէ ետքը արքայութիւն կ՚երթան առանց երանութեան: Կը պատասխանեն, թէ թէպէտ վարդապետներէն ոմանք Յոյն եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայնեցան, սակայն Հայոց եկեղեցին կ՚ընդունի թէ մեռածներ այժմէն հոգւով, եւ յարութենէ ետքը հոգւով ու մարմնով արքայութիւն կամ դժոխք կ՚երթան: Իրենց ըսածին հաստատութեան համար շատ մը շարականի կտորներ յառաջ կը բերեն, որոնք սակայն անմիջական երանութեան ճշդիւ չեն պատասխանէր: 8. Թէ Հայերը չեն ընդունիր, որ վերջին դատաստանէն ետքն ալ արքայութիւն գացողներ Աստուծոյ էութիւնը պիտի տեսնեն: Կը պատասխանեն, թէ ասանկ վարդապետութիւն չունի Հայոց եկեղեցին, աստուածային տեսութիւնը կ՚ընդունի, թէպէտ աստիճաններ կը դնէ երանելեաց արժանիքին համեմատ: Աւելի յստակ խօսած կ՚ըլլային եթէ աստուածային տեսութիւնը` անիմանալի էութեան կատարեալ իմացութենէն զանազանէին: 9. Թէ Հայերը անկնունք տղայոց եւ ոչ կատարեալ սրբացելոց հոգիներուն համար կ՚ըսեն, որ ամէնքը դրախտ կ՚երթան, իսկ կատարեալ արդարացեալներ միայն հրեղէն լոյսի պսակներ ունին եւ խաչին լոյսով կը զուարճանան: Կը պատասխանեն, թէ այսպիսի անհեթեթ բաներ Հայերուն մէջ եւ ոչ իսկ խօսուած են: 10. Թէ Հայեր կ՚ընդունին, որ վերջին դատաստանէն ետքը, ոչ կատարելապէս չարեր այս երկրի վրայ կը մնան ամուսնացեալ վիճակով, իբրեւ նուազ երանութեան դրախտի մը մէջ: Կը պատասխանեն, թէ Հայ եկեղեցին դատաստանէն ետքը միայն արքայութիւն եւ դժոխք կ՚ընդունի, եւ ոչ մի միջակ կամ տարբեր կայարան, եւ ոչ ամուսնական վիճակ: 11. Թէ Հայերուն կարծիքները չարերուն համար տարբեր են: Ոմանք դատաստանէն ետքը կ՚ընդունին հրեղէն ովկիանոս մը ուր վիշապներ պիտի չարչարեն դատապարտեալները, ինչպէս նաեւ սատանաները: Իսկ ոմանք բնաւ դժոխք չեն ընդունուիր. թէ դատապարտեալներ իրենց մեղքերուն խիղճովը կը չարչարուին: Կը պատասխանեն, թէ հրեղէն ովկիանոսը եւ վիշապները առասպելներ են, իսկ դժոխքին Քրիստոսի մահուամբը բոլորովին ջնջուած ըլլալը, քանի մը անիմաստներ կրնան ըսած ըլլալ, ինչպիսիներ Լատիններուն մէջ ալ կը գտնուին, այլ եկեղեցին կ՚ընդունի դատապարտելոց դժոխքը` Լատինացւոց վարդապետութեան նման: 12. Թէ Հայեր կ՚ըսեն, որ ամէնուն բարի եւ չար գործերը կշիռի երկու կողմերը պիտի դրուին, եթէ չարերը ծանր կշռեն, հրեղէն ովկիանոսը պիտի նետուին, եթէ բարի գործերը ծանր կշռեն, այդ երկրին երանաւէտ դրախտը պիտի տարուին, իսկ եթէ հաւասար գան, երկրի վրայ պիտի մնան առանց երանութեան: Կը պատասխանեն, թէ այդ խօսքերը առասպելներ են, եւ անամօթ ստութիւններ:

1295. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 13-19

Կը շարունակէ, 13. Թէ Հայերը, որչափ ալ տղաքները մկրտելու պէտքը կը ճանչնան, բայց կ՚ըսեն թէ կը մկրտուին ոչ թէ մեղաց թողութեան համար, այլ քրիստոնեայ ըլլալու եւ փառաց արժանանալու համար: Կը պատասխանեն, թէ Հայերը մկրտութիւնը կը կատարեն ի թողութիւն մեղաց, ինչպէս 4-րդ յօդուածով բացատրուեցաւ, եւ նոր վկայութիւններ ալ աւելցնելով, առարկութիւնը սուտ ու զրպարտիչ կը կոչեն: 14. Թէ Հայերը կը դաւանին որ Քրիստոս մահուընէ ետքը դժոխք իջաւ, եւ դատապարտեալներէն որոնք որ իրեն հաւատացին, արդարացուց, եւ չի հաւատացողներ տարբեր աստիճաններու վերածեց. ինչպէս վերը ըսուեցաւ, դժոխքը ջնջեց, եւ ամէնուն վիճակը առկախ թողուց մինչեւ դատաստանին օրը: Կը պատասխանեն իւրաքանչիւր կէտի մասին` արդէն բացատրուած յօդուածներուն համեմատ, աւելցնելով ալ թէ արդէն դատապարտեալներու համար արդարացում չեն ընդունիր: Իսկ մինչեւ աշխարհի վերջը հոգիներուն դատաստանի սպասելը Յոյն եկեղեցւոյ հետ միաձայնութեամբ ընդունուած ըլլալը յայտնելով, այժմ Հռոմի եկեղեցւոյն համաձայնած ըլլալնին կ՚աւելցնեն: 15. Թէ Հայերը չեն ընդունիր որ սատանաներ զգալի պատիժներ կը կրեն, այլ թէ մինչեւ աշխարհի վերջը օդին մէջ կը մնան, սեւցած եւ երանութենէ զրկուած: Կը պատասխանեն, թէ այժմ Հռոմի կարծիքին դարձած են: 16. Թէ Հայերը հրեշտակներուն ստեղծելուն ժամանակին մասին տարակարծիք են, թէ' աշխարհի ստեղծումէ առաջ կամ թէ աշխարհի ստեղծման սկիզբը: Թէ կը կարծեն որ բոլոր հրեշտակներ բարի ստեղծուեցան, թէ չորրորդ կամ վեցերորդ օրը մեղանչեցին, եւ երկինքին մէկ ծակէն վար ինկան, ուսկից բարի հրեշտակ մըն ալ ինկաւ, բայց Ս. Բարսեղի միջնորդութեամբ երկինք դարձաւ: Թէ Ադամի մեղանչելու ատենը ոմանք նոյն օրը ժամը 6-ին կ՚ըսեն, եւ ոմանք շաբաթ մը ետքը: Կը պատասխանեն, թէ առասպելական յօրինուածներ են, քանի որ հրեշտակներ աննիւթական են, եւ Ադամին մասին Շնորհալին կը յիշեն, որ ժամը մէկին Ադամը, եւ երեքին Եւան ստեղծուած կը դնէ, վեցին ալ նախահայրերուն մեղքը: 17. Թէ Հայերը Մաքրարան կամ Քաւարան չեն ընդունիր, եւ խոստովանութեամբ ամէն մեղքերը կատարելապէս ներուած կը կարծեն: Թէ սուրբերուն համար ալ կ՚աղօթեն, եւ անհաւատներուն հոգիները իրենց գերեզմաններուն վրայ մինչեւ դատաստանին օրը կը մնան, կ՚ըսեն: Կը պատասխանեն, թէ այդ անունը չեն գործածեր, բայց ննջեցելոց համար կ՚աղօթեն, որպէս զի իրենց մեղքերուն ներում շնորհուի, եւ թէ գիտեն որ մեղքերուն քաւութեան համար ապաշխարութիւններ կամ պատիժներ ալ պէտք են: Կը յաւելուն, թէ սրբոց նկատմամբ պատարագամատոյցին աղօթքը սխալ մեկնուած է, եւ թէ անհաւատներուն համար ըսուածը առասպելաբանութիւն է: 18. Թէ Հայեր կը կարծեն, որ Քրիստոս մարդացաւ, ոչ թէ սկզբնական մեղքը ջնջելու համար, այլ իրմէ առաջ դժոխք մնացողները ազատելու, դժոխքը ջնջելու, մանուկները արքայութիւն տանելու, եւ մարդիկները զղջումի բերելու համար: Կը պատասխանեն, թէ սկզբնական մեղքին մասին 4-րդ յօդուածին մասին խօսեցան, մնացածներն ալ սխալ մեկնութիւններ են: 19. Թէ Հայերը նախահայրերէն մինչեւ Քրիստոս` ամէնքը հոգւով եւ մարմնով մեռած կ՚ընդունին, եւ մարմնոյ ցանկութիւնը անոնց մեղքին հետեւանք կ՚ըսեն, օրինաւոր ամուսնութեան ցանկութիւնն ալ մեղք կը նկատեն, եւ եթէ մեղանչած չ՚ըլլային, կ՚ըսեն, մարդիկ առանց զուգաւորութեան եւ առանց սերման պիտի շատնային, ինչպէս ճրագը ճրագէ: Կը պատասխանեն, մերժելով բոլոր ըսուածները իբր անհիմն զրպարտութիւն, կը յայտնեն թէ Զաքարիա կաթողիկոսի խօսքերը սխալ մեկնուած են:

1296. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 20-33

Կը շարունակէ, 20. Թէ Հայերը Քրիստոսի մարդեղութեան մէջ, մարդկային բնութիւնը աստուածային բնութեան փոխարկուած կ՚ըսեն, երկու բնութիւն ընդունողները` իբր անկնունք հեթանոսներ նորէն կը մկրտեն: Կը պատասխանեն, փոխարկութիւնը միաւորութենէն զանազանելով, Շնորհալիէն երկար հատուած մը բերելով, եւ կրկին մկրտութիւն չ՚ընելնին վկայելով, նոյնիսկ Նեստորականաց վրայ: 21. Թէ Հայերը մարդկային բնութիւնը աստուածային բնութեան փոխարկուած ընդունելով, նոյնը չարչարելի եւ անչարչարելի, մահկանացու եւ անմահ կ՚ընդունին, եւ թէ մէկ կամք եւ մէկ ներգործութիւն կը դաւանին: Կը պատասխանեն, միաւորութիւնը պաշտպանելով, եւ կատարեալ մարդ դաւանելով Քրիստոսը, եւ շատ երկար բացատրութիւններ կու տան այդ մասին, առանց ընդունելու երկու բնութիւն բանաձեւը: 22. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ Քրիստոս մահուընէն ետքը դժոխք իջաւ, դժոխքը ջնջեց եւ հոգիները դրախտ տարաւ, եւ անկէ ալ հանելով երկրին մէջ բերաւ, եւ այն տեղ կամ օդին մէջ թողուց դրախտի մօտերը: Կը պատասխանեն, թէ սուտ եւ անիմաստ եւ անհիմն առասպելներ են: 23. Թէ Հայերէն ոմանք կը կարծեն, որ աւազակին զրուցուած այսօր-ը, դատաստանի օրուան համար պիտի իմացուի, իսկ ուրիշներ կը կարծեն թէ նոյն ուրբաթ օրը դրախտին դուռը գնաց, եւ երբոր Քրիստոս ալ եկաւ, Ենովք ու Եղիա դուռները բացին, ու ներս մտան, բայց թէ նորէն Քրիստոս զայն դրախտէն հանեց ու երկրի մէջ բերաւ: Կը պատասխանեն, թէ իրենք կը ճանչնան որ աւազակին հոգին ալ Քրիստոսի հետ դժոխք իջաւ, որ Գոգն Աբրահամու ըսուածն է, եւ ուրիշ հոգիներու հետ անկէ երկինք փոխադրուեցաւ: 24. Թէ Հայերը կը կարծեն որ Քրիստոս մահուընէն ետքը դժոխքը ջնջեց, եւ այս պատճառով մարդիկներուն մեռնելէն ետքը, հրեշտակներ բարիները կը տանին մինչեւ դրախտը, եւ սատանաներ չարերը կը տանին հրեղէն ովկիանոսը, եւ կը ցուցնեն, բայց չեն մտցներ, եւ երկիր կը դարձնեն, որ դատաստանի օրուան սպասեն: Կը պատասխանեն, թէ արդէն յայտնած են որ ամէնքն ալ շինծու առասպելներ են: 25. Թէ Հայերը Քրիստոսի վրայ մարդկային հոգի չեն ընդունիր, եւ երբ հակառակ փաստերու չեն կրնար պատասխանել, ծեծի եւ պատիժներու կը դիմեն, եւ թէ կ՚ըսեն, որ Քրիստոս իր աստուածութիւնը մարդկութեան կերպարանով ծածկեց: Կը պատասխանեն, նորէն միաւորութիւնը բացատրելով, եւ առարկութեան երկու մասերուն մէջ հակասութիւնը ցուցնելով: 26. Թէ Հայերը Քրիստոսի վրայ, ոչ մարդկային հոգի եւ մարմին կ՚ընդունին: Կը պատասխանեն, եւ կը հաստատեն թէ բոլորովին անհիմն ենթադրութիւն է: 27. Թէ Հայերը կը կարծեն որ յարութիւնը շաբաթ երեկոյ ժամը վեցին տեղի ունեցաւ, եւ ըստ այնմ տօն կը կատարեն եւ հաւկիթ ու պանիր կ՚ուտեն: Կը պատասխանեն, տօնը նախատօնակէն զանազանելով, եւ նախատօնակի նշանակութիւնը, եւ Քրիստոսի կիրակի օրը յարութիւն առած ըլլալը երկարօրէն կը բացատրեն: 28. Թէ Հայերը չեն կրնար պատասխանել անոնց, որ Քրիստոսի յարութենէն ետքը մարմին ունենալը կը ցուցնեն: Կը պատասխանեն, թէ երբեք հակառակը ըսած չեն, եւ արդէն ըսածներնուն վրայ նոր բացատրութիւններ կ՚աւելցնեն: 29. Թէ Հայերը կ՚ըսեն, որ Քրիստոսի աստուածային բնութիւնը իր կամքին կը հնազանդէր, որ զայն ուզածին պէս փոփոխէր եւ մարդկային կրից ենթարկէր: Կը պատասխանեն, եւ կը մերժեն իբրեւ յիմարութեան խօսքեր: 30. Թէ Հայերը կը կարծեն որ յարութենէ ետքը Քրիստոս մարդկային բնութիւն չունէր, թէ ոչ երկինք չէր համբառնար, այլ Ենովքի եւ Եղիայի պէս դրախտ կ՚երթար: Կը պատասխանեն, մարդկային բնութեան ոչ թէ ջնջուած այլ միաւորուած ըլլալը լուսաբանելով: 31. Թէ Հայերը առաքելոց եւ մարգարէից խօսքերը, ուր Քրիստոսի համար գրուած է, թէ հոգիները գերութենէ ազատեց, այնպէս կ՚իմանան` որ ոչ թէ դժոխքէն երկինք, այլ երկիր բերած ըլլայ: Կը պատասխանեն, միշտ իրենց կանխաւ ըսածները կրկնելով: 32. Թէ Հայերը կ՚ըսեն, որ Քրիստոս սատանաները կապեց, որ մարդիկներուն չի վնասեն, սակայն 300 տարիէ իվեր կապանքներէ ազատեցան, եւ մարդիկներ խաբեցին` Հայերէն զատ, բայց 30 տարուընէ իվեր Մեծ Հայոց Հայերէն ալ մաս մը խաբեցին որ բաժակին ջուր խառնեն եւ դեկտեմբեր 25-ին ծնունդ տօնեն: Կը պատասխանեն, պատմելով Քրիստոսի 1000 թուականին եղած շարժերը եւ խաւարումները, զորս Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետը սատանային կապանքներէն արձակուելուն վրայ մեկնած է ( § 833), եւ վերջին կ՚ընդունին թէ իրենց ճշմարիտ հայադաւաններէն մեղադրուած են լատինական ծէսերու համակերպած ըլլալնուն համար: 33. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ Քրիստոս երկինքին մէջ մարդկութիւն ունի, այլ մարդկային բնութիւն եւ կամք չունի, եւ թէ կը կարծեն որ Քրիստոսի համբառնալէն ետքը ամէն օր հրեշտակներուն մէկ դասակարգին հետ մնաց, եւ միայն տասներորդ օրը նստաւ ընդ աջմէ Հօր, եւ Հոգին Սուրբը ղրկեց: Կը պատասխանեն, աննշանակ ցուցնելով մարդկութեան մասին տարբերութիւնները, իսկ հրեշտակաց դասակարգներուն մասին կը պատմեն Լուսաւորիչին վիրապի մէջ ունեցած տեսիլքը, որ պարզ տօնախմբութիւններ կը յիշէր, եւ ոչ թէ օրէ օր տեղափոխութիւններ:

1297. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 34-44

Կը շարունակէ. 34. Թէ Մեծ Հայոց Հայերը ինքզինքնին բուն կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցի կ՚ընդունին, վասնզի նոյնութեամբ կը պահեն առաքեալներու քարոզած վարդապետութիւնը. իսկ Յունաց ու Լատինաց եկեղեցիները ոչ եւս, վասն զի երկու բնութիւն կ՚ըսեն. բաժակին ջուր կը խառնեն եւ դեկտեմբեր 25-ին ծնունդ կը տօնեն: Իսկ Փոքր Հայոց Հայերէն` թագաւորէն եւ քանի մը իշխաններէն դուրս ամենքը իրենց համամիտ կը կարծեն, ինչպէս նաեւ, թէ Հայոց եկեղեցին միայն պիտի մնայ աշխարհի վերջը: Կը պատասխանեն, աւելի փախուստ տալով, քան մերժելով, ոչ Մեծ Հայոց` այլ Ամենայն Հայոց եկեղեցին, առաքելական եւ կաթողիկէ կը հռչակեն, բաժակի ջուրը եւ դեկտեմբերի 25-ին Ծնունդը` Յոյներու մէջ վերջէն մուծուած կը յայտնեն, ուրիշներուն վրայ նախատական ակնարկները կը մերժեն, եւ Կիլիկիան ընդհանրապէս Հռոմի հետ համաձայնած կը յայտարարեն: 35. Թէ Հայերը կաթողիկէ եկեղեցին միութեան մէջ կ՚ընդունին մինչեւ Քաղկեդոնի ժողովը, բայց անկէ սկսելով Յոյները ու Լատինները ուղղափառութենէ հեռացած կ՚ըսեն: Կը պատասխանեն, Հայոց Քաղկեդոնի ժողովը մերժելնուն պատճառը, որովհետեւ Եփեսոսի ժողովին բանաձեւին հակառակ երկուքութիւն ընդունած էր Նեստորի հետեւողութեամբ: Կը պատմեն Եզրի ժամանակ Կարնոյ ժողովով Քաղկեդոնի ընդունուիլը, եւ Օձնեցւոյն ժամանակ Մանազկերտի ժողովով նորէն մերժուիլը, եւ վերջապէս Սսոյ եւ Ատանայի ժողովներով նորէն ընդունուիլը, որով այլ եւս խնդիր ընելու տեղի չմնար: Յայտնի կը տեսնուի որ կեղակարծ զրոյցներով կ՚ուզեն դժուարութենէ ազատիլ: 36. Թէ Հայերը ինքզինքնին միայն կաթողիկէ եկեղեցի կը ճանչնան, իբր ուղիղ հաւատքը անփոփոխ պահած, եւ հանգանակին մէջ չեն ըսեր ի մի սուրբ եկեղեցի, այլ յայս սուրբ եկեղեցի, եւ անով Հայոց եկեղեցին կ՚իմանան: Կը պատասխանեն, հանգանակին մասին ըսուածն անհիմն եւ սուտ յայտարարելով, եւ բոլոր եկեղեցիներն ալ ընդունելնին վկայելով, որով Հայոց եկեղեցւոյ ներողամիտ սկզբունքը պաշտպանած կ՚ըլլան: 37. Թէ Հայերը երեք տարբեր կաթողիկոսներ ունին, որոնք տարբեր հաւատք եւ տարբեր մկրտութիւն ունին: Այս կարգին հնագոյն կոչուած է Աղուանից աթոռը, զոր Աղաւնեաց կը թարգմանեն լատիներէնին մէջ. երկրորդ Աղթամարինը, զոր Աքամար կը գրեն. եւ երրորդ Սսոյ աթոռը: Քանի մը տարբերութիւններ ալ կը յիշեն. ինչպէս գինիով մկրտութիւն ընելը, եւ Յանուն Հօր եւայլն բանաձեւը չի գործածելը: Կ՚առարկեն եւս թէ երրորդ աթոռը հազիւ 50 տարիէ ասդին թողած է Հայոց մոլորութիւնները: Կը պատասխանեն, մերժելով տարբերութիւնները, կը վկայեն թէ Աղուանից եւ Աղթամարի հետ հաւատքով եւ մկրտութեամբ միացած են, միայն թէ իրենք ինչ ինչ կէտերու մէջ Լատիններուն համակերպած են: 38. Թէ Հայերը ուրիշ եկեղեցիներու մէջ մեղաց թողութիւն տալու իշխանութիւնը կորած կը կարծեն, նոյնիսկ մկրտութեան մէջ, վասնզի անոնք Քրիստոսի կողէն բղխած ջուրը բաժակին ջուրին վրայ կը մեկնեն, եւ ոչ մկրտութեան վրայ: Կը պատասխանեն, մերժելով ամբաստանութիւնը, եւ ամէն եկեղեցիներու խորհուրդները ընդունելնին կը վկայեն: 39. Թէ Հայերը մէկ կաթողիկոսութեան հաւատացեալներուն ուրիշ կաթողիկոսութեան պաշտօնեաներէն առած խորհուրդները վաւեր կ՚ընդունէին, բայց պաշտօնէից ընդունածները անվաւեր կը ճանչնան: Կը պատասխանեն, բացատրելով նուիրապետական յարաբերութեանց պահանջները, վասնզի Աղթամար հակառակ է Սսոյ դէմ, եւ Աղուանիցը կը խորշի Սիսի լատինասիրութենէն, թէ ոչ` հաւատքի եւ խորհուրդի տարբերութիւն չունին մէջերնին: 40. Թէ Հայերը Լատին կամ Յոյն եպիսկոպոսներէ եւ քահանաներէ տրուած մեղաց ներումը` Հայերու համար անվաւեր կը նկատեն, եւ Հայ պաշտօնեաներէ առնել կը հրամայեն, իսկ ոմանք ալ կը պնդեն թէ Աստուած կը շնորհէ ներումը, եւ ոչ պաշտօնեաներ, եւ անոր համար սովոր են կրկնել` Աստուած թողութիւն շնորհեսցէ: Կը պատասխանեն, պաշտպանելով թէ Հայեր պէտք է Հայ պաշտօնէից դիմեն, այլ կ՚ընդունին ուրիշ եկեղեցիներու պաշտօնեաներէն տրուած ներումին վաւերականութիւնը, եւ միանգամայն պաշտօնէական իշխանութեան ձեւը: 41. Թէ Հայերը անգամ մը շնորհքէ զրկուողներուն նորէն շնորհքի դառնալը անհնար կը կարծեն, որ միայն Քրիստոսի չարչարանքը բաւական է մեղաց թողութեան, առանց մարդկային գործակցութեան: Կը պատասխանեն ի վեր հանելով նենգաւոր մեկնութեանց կէտերը: 43. Թէ Հայերը մարդկային ազատութիւնը բաւական չեն սեպեր մեղանչելու համար, այլ դիւական փորձութեանց կը վերագրեն մեղքը: Կը պատասխանեն, մերժելով խարդախեալ ստութիւնները: 44. Թէ Հայերը պատարագի մէջ ննջեցելոց համար չեն աղօթեր: Կը պատասխանեն, թէ հիմնովին սուտ է:

1298. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 45-56

Կը շարունակէ. 45. Թէ Հայերը երբոր իրենցմէ մէկը մեռնի, ոչխար մը կամ արջառ մը երեկոյէն եկեղեցի կը բերեն, մետաքսէ զգեստներով կը զարդարեն, պաշտօնեաներ դուրս կու գան, աղ կ՚օրհնեն, կենդանիին կու տան, ետքէն կը մորթեն, եւ միսէն կ՚ուտեն, միայն պատարագիչ քահանայն չ՚ուտեր: Թէ այս բանը կ՚ընեն, ըսելով թէ մեռեալին թողութեան համար պէտք է արիւն թափուի, իբր թէ Քրիստոսի արիւնը չի բաւէր: Սակայն Յովհաննէս Դամասկացին ալ զիրենք յանդիմանած է այս տեսակ հրէական եւ հեթանոսական սովորութեանց համար: Թէ Հայեր իրենց ըրածներուն մասին Հաւատարմատ անունով գիրք մըն ալ պատրաստած են Մանազկերտի ժողովին մէջ: Կը պատասխանեն, բացատրելով մատաղի սովորութիւնը, իբր ողորմութեան նուէր, եւ ոչ մեղաց թողութեան պատարագ: Թէ Դամասկացիին վերագրուածը չեն տեսած, բայց եթէ հեթանոսական սովորութեանց վրայ կը խօսի, աւելի Լատիններուն ակնարկած պիտի ըլլայ: Մանազկերտի ժողովն ալ չենք ընդունիր, կ՚ըսեն: 46. Թէ Հայերը ուտելիքներու մէջ սուրբի եւ անսուրբի խտրութիւններ կը դնեն Մովսիսական օրէնքներու հետեւողութեամբ, եւ թէ վանականներ խոզենի ուտելը դեւերհալածելու արգելք կը կարծեն: Կը պատասխանեն, թէ ինչինչ բաներ չ՚ուտելը, ոչ Մովսիսական օրէնքի, այլ տեղական ճաշակի հետեւանք է, իսկ վանականներ բնաւ միս չեն ուտեր: 47. Թէ Հայերը պահք օրերը միս, ձուկ, հաւկիթ, պանիր, կարագ, կաթ ու ձէթ չեն ուտեր, այլ միայն հաց, բանջարեղէն եւ գինի, որչափ որ ուզեն, իսկ առաջ յիշուած բաներն ուտողները անիծեալ եւ անհաւատ կը կոչեն: Կը պատասխանեն, իրենց հնաւանդ կանոնը բացատրելով, ձէթին պահոց օրեր ուտուիլ կը յայտնեն, եւ ուտելու ու չ՚ուտելու մասին Պօղոսի թոյլատու վարդապետութիւնը ունենալնին կը վկայեն: 48. Թէ Հայերը երկրորդ անկումը աններելի կը կարծեն: Կը պատասխանեն, թէ սուտ է: 49. Թէ Հայերը երրորդ եւ չորրորդ ամուսնութեան անցնողները անիծեալ եւ հեթանոս կը նկատեն, խորհուրդներէ կը զրկեն, մեռնելնին ոչ տունին դուռնէն, այլ պատէն ծակ բանալով դուրս կը հանեն, եւ անոնց համար աղօթք ու պատարագ չեն մատուցաներ. իսկ եթէ երրորդ կինը թողու եւ 15 տարի խիստ ապաշխարութիւն կրէ, ներման կ՚ընդունին: Կը պատասխանեն, երրորդ ամուսնութեան հին օրէնքով արգելուած ըլլալը, իսկ միւս պարագաները իբր մտացածին կը մերժեն: 50. Թէ Հայերը մէկը ձեռնադրելէ առաջ խոստովանահօրմէն վկայութիւն կ՚առնեն, եւ եթէ նա յայտնէ թէ պոռնկութեան մէջ ինկած է, չեն ձեռնադրեր: Նոյնպէս ձեռնադրութենէն ետքն ալ եթէ պոռնկութեան մէջ իյնայ, խոստովանահայրեր կը յայտնեն եւ արգելել կու տան: Կիներն ալ կը պարծենան թէ քահանաներ լուծել տուած են: Անոր համար պոռնկութեան մէջ ինկողներ չեն խոստովանիր: Կը պատասխանեն, թէ մասնաւոր պատահարներ կրնան հանդիպած ըլլալ, բայց ոչ կանոն է եւ ոչ սովորութիւն: Իսկ բարի վկայութիւններ կը պահանջուին, բայց ոչ երբեք խոստովանութիւնները յայտնելով: 51. Թէ Հայերը պոռնկութեան եւ հայհոյութեան մեղքերը աններելի կը համարին: Կը պատասխանեն, տարբերելով աններելիութիւնը ծանր ապաշխարութեան պայմաններէն: 52. Թէ Հայերը շնութեան, սոդոմականութեան, անասնապղծութեան, մարդասպանութեան, ուրացողութեան, եւ երկաբնակ դաւանութեան մեղքերուն մէջ ինկողները` թէպէտ կ՚արձակեն, բայց մինչեւ մահը խորհուրդներէ կը զրկեն, եւ եթէ նորէն իյնան, այլեւս չեն արձակեր: Կը պատասխանեն, մերժելով բացարձակ աններելիութիւնը, եւ երկաբնակ դաւանութիւնը Նեստորականներուն կը պատշաճեցնեն: 53. Թէ Հայերը կը ներեն քահանաներուն իրենց կնոջ հետ սոդոմականութեան մէջ գտնուիլ: Կը պատասխանեն, թէ ինչպէս հնար է զայն գիտնալ, որ ներելու ալ առիթ ընծայուի, եւ առարկութեան սուտ ըլլալը կը հետեւցնեն: 54. Թէ Հայերը կը ներեն որ նաեւ առանց պատճառի կաթողիկոսներ եւ եպիսկոպոսներ բանադրանքներ արձակեն, եւ կ՚ըսեն թէ մէկուն բանադրածը ուրիշէն չի կրնար արձակուիլ: Կը պատասխանեն, թէ օրէնք է որ եկեղեցական իշխանութիւններ իրարու դէմ չի գործեն, այլ կաթողիկոս կրնայ եպիսկոպոսի բանադրածը արձակել: 55. Թէ Հայերը չեն ընդունիր որ բանադրանքը արքայութենէ կը զրկէ, ինչպէս կը զրկեն պոռնկութեան, մարդասպանութեան, շնութեան, քահանայից երկրորդ ամուսնութեան, եւ երկաբնակ դաւանութեան մեղքերը: Կը պատասխանեն, թէ առաջին մասը հակասական է նախընթաց առարկութեան, մեղքերը կը զրկեն` եթէ անզեղջ կը մնան, իսկ երկաբնակութիւնը կը մեկնեն միշտ նեստորականութեան վրայ: 56. Թէ Հայերը` մահմետականութեան կամ հրէութեան գացող եւ նորէն Հայ եկեղեցին դարձողները չեն մկրտեր, այլ միայն ճակատէն կ՚օծէն, եւ կը պարտաւորցնեն որ ուրացած տեղերնին երթան եւ հրապարակաւ խոստովանին: Իսկ Յոյն կամ Լատին եկեղեցին գացող եւ անկէ դարձող, կամ թէ ուղղակի այն եկեղեցիներէ եկողները նորէն կը մկրտեն: Կը պատասխանեն, մերժելով թէ հրապարակաւ խոստովանութեան պարտաւորութիւնը, եւ թէ յունադաւանները կամ հռոմէադաւանները կրկին մկրտելու զրոյցը:

1299. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 57-65

Կը շարունակէ. 57. Թէ Հայերը միւռոնի վաւերականութեան համար, շատ մը խունկեր ու նիւթեր եւ գինի կը խառնեն ձէթին, եւ կաթողիկոսի օրհնութիւնը անհրաժեշտ կը ցուցնեն, եւ առանց այդ միւռոնի մկրտութիւնը անվաւեր կը համարին, եւ երբոր քահանայն մօտը միւռոն չունենայ` մկրտութիւնն ալ զանց կ՚ընէ, իսկ անկնունք տղաքները կը կարծեն թէ պիտի մկրտուին Քրիստոսի արիւնով, որ լուսինի մէջ պահուած է: Կը պատասխանեն, ընդունելով միւռոնի պատրաստութեան ձեւը, բացի գինի խառնելէն. կը պնդէն թէ միւռոն չի գտնուած միջոցին` լոկ մկրտութիւն կը կատարուի, իսկ լուսինի մէջ պահուած Քրիստոսի արիւնը անխիղճ առասպելներ կը նկատեն: 58. Թէ Հայերը մկրտութեան վաւերականութեան համար միւռոնն ու հաղորդութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեն. եւ թէ մկրտութիւնը ի թողութիւն սկզբնական մեղաց չեն կարծեր: Կը պատասխանեն, թէ երեք խորհուրդ միասին կը պաշտեն, բայց մկրտութիւնը առանց միւս երկուքի անվաւեր չեն կարծեր, ինչպէս որ ստիպողական պարագաներու մէջ ալ կը պաշտուի: Իսկ մեղաց թողութեան խնդիրը քանիցս կրկնուած առարկութիւն մըն է: 59. Թէ Հայերը միակերպ չեն մկրտեր, նիւթին համար գինի եւ կաթ ալ կը գործածեն, իսկ ձեւը ամէն պաշտօնեայ ուզած կերպովը կ՚ըսէ: Այս տեղ տեսակ տեսակ ձեւեր ալ կը յիշեն: Կը պատասխանեն, բացէբաց մերժելով այսպիսի տարբերութիւնները, եւ ընդարձակ բացատրութիւններ ալ կու տան: 60. Թէ Հայերը յունադաւանութենէ եւ հռոմէադաւանութենէ եկողները կրկին կը մկրտեն, իսկ մէկ կաթողիկոսի հպատակութենէն միւս կաթողիկոսին անցնողները նորէն իրենց միւռոնով սուտ եւ չի լսուած զրոյցներ են: 61. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ մկրտուածները ոչ թէ մեղքէ կը սրբուին, այլ միայն քրիստոնեայ եկեղեցւոյ անդամ եւ խորհուրդներ ընդունելու յարմար կ՚ըլլան, եւ վերջին դատաստանէն ետքը արքայութիւն կ՚երթան: Կը պատասխանեն, վերջին կտորին մասին 7-րդ առարկութեան համար ըսածնին կրկնելով: 62. Թէ Հայերը 12 տարեկանէ վար եղողները անմեղ կը նկատեն, վասնզի մարմնական ցանկութեան ենթարկեալ չեն, եւ ըստ այսմ անոնք ի թողութիւն մեղաց մկրտած չեն ընդունիր: Կը պատասխանեն, 4-րդ, 13-րդ, եւ 58-րդ առարկութեանց հետ բաղդատելով, եւ հակասութիւնները ցուցնելով: 63. Թէ Մեծ Հայոց եւ Փոքր Հայոց Հայերը դրոշմի խորհուրդ չունին, եւ թէ քահանայ ու եպիսկոպոսէ զատ անձէ տրուած մկրտութիւնը անվաւեր կը նկատեն: Կը պատասխանեն, մկրտութեան հետ տրուած դրոշմը յիշելով, եւ ենթադրեալ անվաւերութիւնը մերժելով: 64. Թէ Փոքր Հայոց կաթողիկոսը չ՚ընդունիր դրոշմին վաւերականութիւնը, եւ թէ ինքն կու տայ իր քահանաներուն այդ իշխանութիւնը: Կը պատասխանեն, թէ բոլորն ալ նախատալից ենթադրութիւններ են: 65. Թէ Հայերը մկրտութեան ատեն մարմինին ինը տեղերուն վրայ եղած օծումները, ամէն օծումներու տեղ կը նկատեն, եւ դրոշմի եւ վերջին օծումի, եւ քահանայութեան եւ եպիսկոպոսութեան օծումներ չունին: Այլ երբ քահանայ մը կը մեռնի, գլուխն ու ճակատը ու աջը կ՚օծեն, եւ ժողովուրդէն նուէրներ կը հաւաքեն առաջին պատարագի պէս, եւ դրան առջեւ կենդանիներ կը մորթեն, ինչպէս 45-րդ առարկութեան մէջ ըսուեցաւ: Կը պատասխանեն, թէ այն ինը տեղ օծումները դրոշմի խորհուրդ են, թէ Վերջին Օծում Հայոց մէջ սովորութիւն եղած չէ, թէ քահանայից եւ եպիսկոպոսաց օծումներ` Շնորհալիէն սկսելով 200 տարիէ ասդին կը կատարուին, անկէ առաջ Յունաց սովորութեան համեմատ չէին օծուիր: Իսկ ննջեցեալ քահանաներու գլուխը չի օծուիր, նուէր չի հաւաքուիր, եւ կենդանիներ մորթելն ալ պարզապէս ողորմութեան նշանակութիւն ունի:

1300. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 66-74

Կը շարունակէ. 66. Թէ Հայերը չեն ընդունիր, որ Կանոն կոչուած աղօթքի ատեն, որ է Առեալ զհացն խօսքերով սկսած հատուածը, սրբագործութիւն կը կատարուի, այլ թէ այն կը լրանայ Հոգւոյն Սրբոյ վերակոչութեամբ, եւ միանգամայն պարզ փայտեղէն ու խեցեղէն սկիհով, հասարակ զգեստով, եւ դուռերը փակելով պատարագ կը մատուցանեն: Կը պատասխանեն, թէ վերակոչութեան ձեւը Աթանասի, Ոսկեբերանի եւ Բարսեղի պատարագամատոյցներէն առնուած է, թէ սրբագործութիւնը կ՚ընդունին Լատիններու նման, թէ վերջին պարագաները Մեծ Հայոց մէջ միայն տեղտեղ մնացած են անհաւատներուն վախէն, բայց վերացման ատեն դուռերը կը բանան եւ ժողովրդեան ցոյց կու տան: 67. Թէ Հայերը Հաղորդութեան խորհուրդը իբր նշանակ եւ օրինակ կը մեկնին, եւ ոչ իբր փոխարկութիւն ու գոյացափոխութիւն. թէ Ներսէս վարդապետ մը ըսած է որ Առէք կերէք ըսուած ատեն Քրիստոսի մեռած մարմինը կ՚ըլլայ, իսկ Որով աղօթքներուն ատեն կենդանի կը դառնայ. եւ թէ Դամասկացին ըսած է` որ Հայոց եկեղեցին խորհուրդներ չունի: Կը պատասխանեն, թէ իրենք իսկական ներկայութիւն կ՚ընդունին եւ ոչ նմանութիւն, եւ յառաջ կը բերեն պատարագամատոյցի կտորները: Ներսէս վարդապետին, որ Լամբրոնացին պէտք է ըլլայ, ասանկ բան մը ըսած ըլլալէն տեղեկութիւն չ՚ունենալնին կը յայտնեն. եւ Դամասկացիին համար չեն կարծեր, որ անանկ բան ըսած ըլլայ, որովհետեւ իրենք վեց խորհուրդները կը պաշտեն, զորս միառմի կը բացատրեն. եւ թէ Վերջին Օծումն ալ յունականէն լատինական ձեւի վերածել կ՚աշխատին: 68. Թէ Հայերը կը կարծեն որ պոռնկութեան մէջ ինկող քահանային պաշտած խորհուրդները չեղեալ կը նկատուին, եւ թէ բարեպաշտ աշխարհականներ կրնան սրբագործուած հաղորդութիւնը բաշխել: Կը պատասխանեն, թէ Հայոց մէջ ասանկ բան երբեք ըսուած չէ: 69. Թէ Հայերը, թէպէտեւ պոռնկութեան մէջ ինկողները քահանայական իշխանութենէ զրկուած կ՚ըսեն, բայց նոյնը չեն ընդունիր, եթէ քահանայն հերետիկոսութեան, հրէութեան, մահմէտականութեան, մարդասպանութեան, ստերդմնութեան, եւ ուրիշ ոճրագործութեանց մէջ իյնայ: Կը պատասխանեն, մերժելով այդ ենթադրութիւնները. միայն կը դիտեն, որ մարդասպանութիւնը մեղք չեն սեպեր, եթէ քահանայն անհաւատից դէմ պատերազմելով, կամ քրիստոնեաներուն վրայ յարձակողներուն դէմ ելլելով սպանութիւն կը գործէ: 70. Թէ Հայերը Հաղորդութեան խորհուրդով մեղքերու կամ մեղաց պատիժներու թողութիւն չեն ընդունիր, այլ միայն կ՚ըսեն թէ հաղորդուողին մարմինը Քրիստոսի մարմնոյն հետ կը միանայ, եւ անոր համար մինչեւ երեք օր արիւն հանել կ՚արգիլեն, եւ միանգամայն կ՚ըսեն թէ հաղորդութիւնը հիւանդութիւններէ եւ արկածներէ կը պահպանէ: Կը պատասխանեն, մեղաց թողութիւն ընդունելնուն համար վկայութիւններ յիշելով, եւ կը յաւելուն թէ Քրիստոսէ հոգեւոր բարութեանց հետ մարմնաւորներ ալ կը շնորհուին: 71. Թէ Հայերը Մանազկերտի ժողովով արգելեցին բաժակին ջուր խառնել, եւ թէ ջրախառն պատարագը չեղեալ, եւ այնպէս պատարագ մատուցուած եկեղեցին պղծեալ կը համարին: Կը պատասխանեն, Մանազկերտի ժողովը մերժելով, բայց կը մերժեն եւս ջրախառն պատարագը չեղեալ եւ եկեղեցին պղծեալ կարծելու առարկութիւնը: 72. Թէ Հայերը կը կարծեն որ յունադաւան կամ հռոմէադաւան եղող քահանաներ պատարագելու կարողութիւնը կը կորսնցնեն: Կը պատասխանեն, մերժելով: 73. Թէ Հայերը երկաբնակները չեն հաղորդեր, եթէ նախապէս միաբնակութեան դարձած եւ նորէն Հայոց կողմէ մկրտուած չըլլան, եւ թէ Հայ քահանաներ պատարագած ատեննին կը նզովեն երկաբնակները եւ բաժակին ջուր խառնողները եւ պատկերապաշտները: Կը պատասխանեն, որ Նեստորականները եւ ուրիշ հերետիկոսներ չեն հաղորդեր, մինչեւ որ դառնան, այլ նորէն չեն մկրտեր. նզովքի խօսքը կը մերժեն, եւ Հայերուն միշտ եկեղեցիներուն մէջ, պատկերներ ունեցած ըլլալը կը վկայեն: 74. Թէ Մեծ Հայոց եկեղեցիներուն մէջ խաչելութեան եւ սուրբերու պատկերներ չեն գտնուիր: Կը պատասխանեն, թէ միշտ եղած են եւ կան, բայց ոչ առատութեամբ, եւ երբեմն վերցուած են Սարակինոսներու վախէն:

1301. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 75-78

Կը շարունակէ. 75. Թէ վարդապետ մը այսինչ տեղ մը եկած ատեն, քահանային հաղորդութիւնը ժողովուրդին ցուցնելը տեսնելով, զայն յանդիմանած եւ արգելած է: Կը պատասխանե, թէ ասանկ եղելութիւն մը Յակոբ կաթողիկոսին գրած էր Ներսէս Որմիոյ եպիսկոպոսը, որ ստութեամբ Մանազկերտի արքեպիսկոպոս անունը առած էր: Ասոր վրայ Բարսեղ Իկոնիոյ եւ Բարսեղ ատենադպիր եպիսկոպոսները քննիչ ղրկուեցան Կանչի աւանը, որոնք ժողովուրդը, Մանաճիհր վարդապետը եւ Տիրացու քահանայն քննելէ ետքը երդմամբ հաստատեցին այժմեան Մխիթար կաթողիկոսին առջեւ, թէ Ներսէսի գրածը հիմնովին սուտ էր: Այս պատճառով ժողովուրդը պիտի սպաննէր Ներսէսը ու իր գրագիր եղբօրորդին, եթէ չի փախչէր եւ պապին մօտ չ՚ապաստանէր, ուր այդ սուտ առարկութիւնները յօրինած է: 76. Թէ երեք Հայեր, որոնց Հայոց ծէսով մկրտուած էին, Պոլոնիոյ (Bologna) մէջ կրկին լատին ծէսով մկրտուեցան, եւ երբ Փլորենտիա (Firenze) եկան երկու Հայեր անոնց հարցուցին թէ իրաւ բաղնիքի լուացք ըրաflծ են. եւ այդ բացատրութիւնը անոնց ընդունել տալու համար այնչափ ծեծեցին, որ մէկը մեռաւ, եւ երկուքը բանտարկեցին, մինչեւ որ հաւանեցան, եւ նորէն Հայոց ծէսով մկրտեցին, որպէսզի կարենան հաղորդուիլ: Կը պատասխանեն ասանկ եղելութիւն մը լսած իսկ չեն, բայց եւ կը զարմանան որ հռոմէադաւան Իտալիոյ մէջ կրկնամկրտութիւններ տեղի կ՚ունենան եղեր: 77. Թէ Փոքր Հայոց կաթողիկոսը ձերբակալել տուաւ լատին ծէսով մկրտուած եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ, եւ զանոնք նախատեց գլուխնին եւ մօրուքներուն մէջտեղը ածիլել տալով, եւ հագուստնին պատռելով, եւ բանտարկեց լատին մկրտութիւնը չուրանալնուն համար: Կը պատասխանեն թէ այդ անձերը պատժուեցան ոչ թէ լատին մկրտութիւն ընդունած ըլլալնուն համար, այլ շատ մը շփոթ զրոյցներով ժողովուրդը խռովելնուն, եւ կրկնամկրտութիւններ եւ կրկնաձեռնադրութիւններ ընելնուն համար: Բանտարկութիւննին ալ երկար չեղաւ, այլ ներում ստացան` երբոր օրէնքին հպատակեցան: Այդ առարկութիւններ առանց անուն տալու Յակոբ կաթողիկոսին կ՚ակնարկեն, թէպէտ դիպուածներուն որոշ յիշատակները չունինք: 78. Թէ իրենց մկրտութեան եւ ձեռնադրութեան վրայ կասկածող արքեպիսկոպոսներ, Փոքր Հայոց կաթողիկոսին մօտ եկան, նա անոնց հրամայեց Ա. Լատիններու ծէսով չպատարագել: Բ. Լատիններու օրէնքով պահք ու ծոմ չպահել: Գ. Կրկին մկրտութիւն չընել ըսելով թէ Հայոց մկրտութիւնը լատինականէն լաւ է: Դ. Բնաւ հայ մը հռոմէադաւանութեան չի դարձնել, ըսելով թէ լաւագոյն է իբր Հայ դժոխք երթալ: Ե. Տղոց լատիներէն չի սորվեցնել, եւ իրօք ալ վեց եպիսկոպոսներ ձեռնադրած ատեն անոնցմէ ստորագրութիւն առաւ, թէ իրենց վիճակներուն մէջ լատիներէն չսորվեցնեն եւ լատին քարոզիչ պիտի չընդունին: Զ. Թէ պապը Արեւելքի եկեղեցիներուն գլուխ պիտի չընդունին, որովհետեւ ծովէն ասդին մինչեւ Թաթարաստան ինքն է եկեղեցւոյ գլուխը: Եւ երբոր վերոյիշեալ արքեպիսկոպոսները չհաւնեցան, անոնց մէկը Կիպրոս անցաւ, ուր լսեց որ կաթողիկոսը թագաւորին գործակցութեամբ լատինականութեան անցնողները ձերբակալել տուաւ, եւ խիստ բանտերու մէջ փակեց, եւ ինչքերնին գրաւեց: Կը պատասխանեն, թէ երկու եպիսկոպոսներն Յակոբ կաթողիկոսի օրով Կիլիկիա եկան, եւ Սիմէոն Պէկ եւ Ներսէս Պազոն, որոնք Յակոբ կաթողիկոսի օրով Կիլիկիա եկան, եւ երկրին մէջ խռովութիւն սերմանեցին` միտքերը շփոթելով եւ կրկնամկրտութիւններ կատարելով: Կաթողիկոսը զիրենք խրատեց, բայց իրենց լատինական ձեւեր գործածել չ՚արգիլեց, ինչպէս ուրիշներուն ալ չէր արգելեր, այլ միայն հրամայեց որ միտքեր չյուզեն եւ խռովութիւն չսերմանեն: Այս կերպով մի առ մի կը հերքեն իբր Յակոբ կաթողիկոսէ տրուած վերոյիշեալ հրամանները, եւ վեցերորդ կէտին վրայ կ՚աւելցնեն թէ իրեն ալ հարցուցինք, եւ ասանկ խօսք ըսած չըլլալը վկայեց: Կը վերջացնեն, թէ ոչ Լատինութեան հետեւողներու, այլ խռովութիւն հանողներու դէմ խստութիւններ գործածուեցան: Այդ ամէնը կ՚ակնարկեն Յակոբ կաթողիկոսի մասին պատմածներուս ( § 1279), բայց եւ կը հաստատեն Յակոբի ուղղութեան մասին գրածնիս ( § 1284):

1302. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 79-87

Կը շարունակէ. 79. Թէ Հայերը Յոյն կամ Լատին եկեղեցւոյ մէջ մկրտուողները երկարամեայ, իսկ լոկ հաղորդուողները հնգամեայ ապաշխարութեան կ՚ենթարկեն, հրամայելով շարունակ պահք պահել, զգուշանալով միսէ, ձուկէ, կաթէ, պանիրէ եւ հաւկիթէ: Կը պատասխանեն, թէ ապաշխարութիւնը կը դնէին միայն անոնց, որ յանարգանս Հայ եկեղեցւոյ նորէն կը մկրտուին: Պահեցողութեան ձեւը, կը հաստատեն Հայոց եկեղեցւոյ սովորութեամբ, իսկ ծոմի համար կ՚ըսեն թէ միայն մեծպահոց մէջ կը պահուի մինչեւ ժամը ինը, եւ ժամերգութենէ ետքը կերակուր կը ճաշակուի: 80. Թէ Հայերը մեծպահքի եւ ուրիշ տասը շաբաթներու մէջ, միայն շաբաթ եւ կիրակի կը պատարագեն, եւ թէ տարւոյն ուրիշ մասերուն մէջ այս երկու օրերէն դուրս պատարագել զանց կ՚ընեն, եւ թէ գլխաւոր սրբոց տօները շաբաթ օր, եւ Վերափոխումը ու Խաչվերացը կիրակի օր կը կատարեն: Կը պատասխանեն, թէ Մեծ Հայոց մէջ հին սովորութիւններ կը պահուին, թէպէտ Փոքր Հայոց մէջ Լատինաց նմանողութիւններ ընդունուած են: Մեծպահքէ դուրս միայն Առաջաւորաց` եւ ոչ ուրիշ շաբաթներու մէջ պատարագին լռելը կը յայտարարեն: 81. Թէ Հայերէն անոնք որ շաբաթապահք պահած են Աստուածայայտնութեան ճրագալոյցին կը հաղորդուին, իսկ պահած չեղողներ տօնին առտուն, եւ թէ կը նզովին դեկտեմբեր 25-ին Ծնունդ տօնողները, եւ թէ ոմանք աւագ հինգշաբթի եւ Զատկի ճրագալոյցին ալ կը հաղորդուին: Կը պատասխանեն, մերժելով յիշուած նզովքին ստուգութիւնը, եւ յիշելով հնաւանդ սովորութեան պահպանութիւնը Մեծ Հայոց մէջ: 82. Թէ Հայերը խոստովանութիւնը կը կատարեն ընդհանուր բացատրութիւններով, եւ ոչ իւրաքանչիւրը իր մեղքը քահանային յայտնելով. թէ երբ կը խոստովանին, չեն ըսեր որ մեղանչեցին, այլ թէ սատանան խաբեց. թէ կը վախնան խոստովանիլ որ քահանայն չի յայտնէ. թէ քահանայն ընդհանուր արձակում կու տայ, թէ արձակումի հաստատուն ձեւ չունին, թէ ապաշխարութիւնը չի լրացուցած հաղորդուիլը կ՚արգիլեն, եւ կը կարծեն թէ ընդհանուր արձակումը նաեւ առանց զղջումի մեղքերուն թողութեանը կը բաւէ: Կը պատասխանեն, բոլորն ալ ստելով եւ հերքելով` ոմանց պատահական զեղծումները ընդհանուր կանոն եւ սովորութիւն չլինելը յայտնելով, եւ այսպիսի զրպարտութիւններ գրողներուն կը պատշաճեցնեն մարգարէին խօսքերը, Անէծք եւ դառնութիւն եւ նենգութիւն լի է բերան այսպիսեաց, եւ ի ներքոյ լեզուի նոցա ցաւք եւ վաստակք ( ՍԱՂ. Թ. 7): 83. Թէ Հայերը հոգեվարները կը հաղորդեն, բայց երբ վերջին վայրկեանի մէջ են, լոկ բերանը կը դպցնեն, եւ կամ հաղորդութեամբ կը խաչակնքեն, եւ զայն բաւական կը սեպեն: Կը պատասխանեն, թէ հաղորդութիւնը կը տրուի ուզողներուն, միայն թէ իրապէս կարենան զայն ընդունիլ: 84. Թէ Հայերը կը կարծեն որ քահանաներ, եպիսկոպոսներ եւ կաթողիկոս` արձակելու եւ կապելու իշխանութիւն ունին հաւասարապէս: Կը պատասխանեն թէ, վարչական իշխանութեան տարբերութիւններ կ՚ընդունին, իսկ կապելու եւ արձակելու մասին պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Լատիններուն համակերպելու, եթէ պահանջեն: Անցողաբար կը յիշեն թէ Նիկիոյ ժողովը Հռոմի պապը բոլոր եկեղեցիներու գլուխ վճռած ըլլայ, թէպէտ այս ճիշդ չէ: Բայց ինչպէս ուրիշ գլուխներու մէջ ալ տեսնուեցաւ, ամէն տեսակ զրոյց առանց դիտողութեան կ՚ընդունին Լատինները չվշտացնելու համար: 85. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ Հռոմի պապերը Նիկիոյ ժողովէն առաջ ուրիշ պատրիարքներու վրայ իշխանութիւն չունէին եւ Նիկիոյ ժողովով առած են, Քաղկեդոնի ժողովին պատճառով կորսնցուցին, եւ թէ այժմ Հայոց կաթողիկոսը կը վայելէ այդ իշխանութիւնը: Կը պատասխանեն, թէ հակառակասիրութեան խօսքեր են, որոնք լսուած ալ չեն: 86. Թէ Հայերը կ՚ըսեն, որ Հռոմի պապը միայն Լատիններուն վրայ իշխանութիւն ունի: Կը պատասխանեն, թէ պապին իշխանութիւնը ճանչցած են: 87. Թէ երբ Հայոց թագաւորը կաթողիկոսին հարցուց, որ եթէ պապը զինքը բռնադատէ, իflնչ կը կարծէ, կաթողիկոսը պատասխանեց, թէ զայն բանադրուած չի կարծեր, վասնզի պապը անոր վրայ իշխանութիւն չունի: Կը պատասխանեն, թէ թագաւորը մեռած է, բայց Յակոբ կաթողիկոս կը վկայէ թէ ասանկ հարցում ալ իրեն եղած չէ, եւ թէ իրենք ասանկ բան լսած չեն:

1303. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 88-89

Կը շարունակէ. 88. Թէ Հայերը տարօրինակ ձեւեր ունին իրենց կաթողիկոսներուն ընտրութեան համար: Աղաւնեաց, այսինքն Աղուանից, եւ Աղթամարի կաթողիկոսները, իրենց կենդանութեան յաջորդնին կ՚ընտրեն եւ կ՚օծեն, այլ մինչեւ նախորդին մահը չեն պաշտօնավարեր, եւ մեռնելէն ետքը Թաթարաց կայսեր կ՚երթան անկէ իշխանութիւն եւ հաստատութիւն կ՚ընդունին, ինչ որ Պարսից Շապուհ թագաւորին օրէն սկսած օրէնք մըն է: Թէ այս առաջին անգամ եւ թէ իւրաքանչիւր տարի մեծ գումարներ կը վճարեն Թաթար կայսեր, իրենք ալ իրենց հպատակներէն թէ առաջին անգամ եւ թէ տարեկան գումար մը կը ստանան, իւրաքանչիւր քահանայէ տարեկան գոնէ մէկ Ֆիօրին, եւ իւրաքանչիւր հասարակութենէ տարեկան գոնէ վեց կրօսսօ: Իսկ Փոքր Հայոց կաթողիկոսներուն մեռնելէն ետքը, թագաւորը ուզած եպիսկոպոսները կը հաւաքէ, որոնք երեք ընտրելի կը ներկայացնեն, թագաւորն ալ անոնցմէ աւելի վճարողը կաթողիկոս կ՚ընտրէ: Այժմեան կաթողիկոսը առաջին անգամ 50 հազար կրօսսօ վճարեց, եւ տարուէ տարի ալ 20 հազար կը վճարէ թագաւորին, որ երբ ուզէ կրնայ զայն պաշտօնանկ ընել կամ ուրիշ կերպով պատժել: Կ՚առարկեն եւս. 89. Թէ Աղուանից եւ Աղթամարի կաթողիկոսները իրենց իշխանութիւնը Արեւելքի կայսրէն կ՚առնեն, որ անոնց կապելու եւ արձակելու իշխանութիւն կու տայ, եւ կը հրամայէ որպէս զի տեղական կառավարիչներ ստիպեն եւ պատժեն կաթողիկոսին չի հնազանդողները: Թէ նոյնպէս կը կատարուի Փոքր Հայոց կաթողիկոսին համար ալ իրենց թագաւորին կողմէ: Այս թագաւորն է որ իրեն սահմանին եպիսկոպոսներն ու քահանաներն ալ կ՚ընտրէ, վճարմանց փոխարէն, եւ ձեռնադրութեան համար կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներուն կը հրամայէ: Թէ վերջապէս Հայերուն մօտ ամէն ընտրութիւն եւ ձեռնադրութիւն եւ խորհուրդներու մատակարարութիւն` միշտ դրամական վճարումով կը կատարուի: Կը պատասխանեն, այդ ամէնէն ինչինչ ուղղելով եւ ինչինչ բացատրելով: Թէ Աղուանից եւ Աղթամարի կաթողիկոսներ Թաթարաց խանին կը դիմեն, արտաքին կերպով իշխանութիւննին ճանչցնել տալու եւ ոչ թէ հոգեւոր իշխանութիւն ստանալու համար: Որովհետեւ նոյնիսկ իրաւունքնին գանձելու համար պարտաւոր են Թաթարաց խանէն արտօնուած ըլլալ: Թէ դրամական վճարումները բռնակալ տէրութեան բռնադատեալ պահանջներ են: Թէ Սսոյ կաթողիկոսի ընտրութեան համար երբեք դրամական վճարման խնդիր չըլլար, այլ ամէն արքեպիսկոպոսներ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ եւ աւագերէցներ, թագաւորի հրամանով կը հաւաքուին, եւ կնքեալ տոմսով իրենց քուէն կու տան եպիսկոպոսներէն, վարդապետներէն, վանահայրերէն եւ վանականներէն որուն որ կ՚ուզեն, եւ կը յանձնեն թագաւորին, որ երբ քուէները շատ ցրուած են, կը կրկնէ որ երկուքի կամ երեքի վրայ համաձայնին, եւ անոնցմէ որն որ ուզէ թագաւորը կ՚ընտրէ, ժողովին մէջ ծնրադիր անոր մատը մատանին անցընելով, ուսկից ետքը օծումը կը կատարուի ըստ կանոնի: Թէ թագաւորը չի կրնար ինքնիրեն կաթողիկոս պատժել կամ պաշտօնէ ձգել, այլ խնդիր եղած ատեն եպիսկոպոսաց ժողով կը գումարէ, եւ անոնց որոշման համեմատ կը վճռուի: Թէ Թաթարաց խանը եւ Փոքր Հայոց թագաւորը երբեք հոգեւորական իշխանութիւն չեն տար, եւ ոչ ալ կապելու եւ արձակելու իշխանութիւն, այլ միայն սեփական իշխանութիւննին համարձակ գործածելու արտօնութիւն: Թէ Փոքր Հայոց եպիսկոպոսներուն թագաւորի հաւանութեամբ ընտրուիլը հետեւանք է բոլոր վանքերուն թագաւորներու հովանաւորութեան ներքեւ ըլլալու, եւ վանքերուն ալ վիճակներու հետ կապուած ըլլալուն: Իսկ Մեծ Հայքէ ընծայագիրով եկածները կաթողիկոսը համարձակ կը ձեռնադրէ: Թէ անհիմն է բոլորովին որ թագաւորը քահանայից ընտրութեան միջամտէ եւ դրամ ստանայ: Թէ վերջապէս բոլորովին սուտ է որ Հայերը ամէն ձեռնադրութիւն եւ խորհուրդ դրամով կը կատարեն, ուրիշ բան, եթէ երբեմն ձեռնադրեալը ձեռնադրութենէն առաջ կամ ետքը եպիսկոպոսին նուէր մը ընէ, ոչ իբր գին կամ պայման, այլ իբր կամաւոր ընծայ:

1304. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 90-99

Կը շարունակէ. 90. Թէ Հայերը կը կարծեն որ Պետրոսին տրուած իշխանութիւնը անձնական էր, եւ յաջորդներու չանցաւ: Կը պատասխանեն, թէ յաջորդներու իրաւունքին մասին 84-րդ առարկութեան մէջ յայտարարած են: 91. Թէ Հայերը կ՚ըսեն, որ Հռոմի պապերը ընդհանուր իշխանութիւնը ոչ Քրիստոսէ, այլ Նիկիոյ ժողովէն առին, եւ ետքէն զայն իւրացուցին: Կը պատասխանեն, թէ ասանկ բան իրենց մէջ լսած չեն: 92. Թէ Հայերը միայն երեք աստիճան կ՚ընդունին, որոնք են դպրութիւն, սարկաւագութիւն եւ քահանայութիւն, թէ եպիսկոպոսները առանց դրամի ձեռնադրութիւն չեն ըներ, թէ կաթողիկոսէ զատ ոչ ոք կրնայ եպիսկոպոս ձեռնադրել, թէ կաթողիկոսն ալ առանց դրամի չի ձեռնադրեր, թէ Մեծ Հայոց մէջ ձեռնադրող եւ ձեռնադրեալ հասարակ զգեստներով կը մնան: Կը պատասխանեն, թէ դպրութեան մէջ կու տան դռնապանութիւն, ընթերցողութիւն եւ ջահընկալութիւն, եւ թէ անկէ ետքը կիսասարկաւագ կը ձեռնադրեն, որուն մէջ կը միացնեն երդմնեցուցչութիւնը ու կիսասարկաւագութիւնը, որով կը լրանան հինգ աստիճաններ, որոնցմէ ետքը կու տան սարկաւագութիւն եւ քահանայութիւն, եւ երկարօրէն կը բացատրեն ձեռնադրութեան ծէսերը եւ քահանայութեան օծումը: Կը հերքեն դրամով խորհուրդ պաշտելու զրպարտութիւնը, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կաթողիկոսին վերապահուած ըլլալը իբր ազգային սովորութիւն կը պաշտպանեն, եւ Մեծ Հայոց մէջ եկեղեցական զգեստներու կիրառութեան տարածուիլը կը ծանուցանեն: 93. Թէ Հայերը կը ներեն սարկաւագութենէ ետքը ամուսնանալ, եւ անկէ ետքը քահանայանալ: Կը պատասխանեն, թէ այդ ներումը կը տրուի միայն դպրութենէ ետքը: 94. Թէ Մեծ Հայոց Հայերը սարկաւագի ձեռնադրութեան ատեն աւետարան եւ ուրար չեն տար, եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան ատեն աւետարանը պարանոցին վրայ չեն դներ, եւ գլուխն ու ձեռուըները չեն օծեր: Կը պատասխանեն, թէ իրենք այս բաները Փոքր Հայոց մէջ կը կատարեն, եւ Մեծ Հայոց կաթողիկոսներուն ըրածէն տեղեկութիւն չունին: 95. Թէ Մեծ Հայոց կաթողիկոս մը քահանայի մը հրաման տուած է սարկաւագ ձեռնադրելու, եւ 96. Թէ Փոքր Հայոց կաթողիկոսներուն եպիսկոպոս ձեռնադրած ատեն, ուրիշ եպիսկոպոսներ չեն մասնակցիր ձեռնադրութեան: Կը պատասխանեն եւ երկու կէտերն ալ իբր անհիմն կը հերքեն: 97. Թէ Հայոց կաթողիկոսներ պաշտօնէ կը զրկեն այն եպիսկոպոսները որոնք տարեկան սակը չեն վճարեր, եւ ուրիշներ կը ձեռնադրեն, որով մէկ վիճակի վրայ մինչեւ երեք կամ չորս եպիսկոպոսներ կը գտնուին, բայց երբ վճարեն, նորէն կը հաստատեն: Ինչպէս նաեւ չի վճարողները կը բանադրեն եւ անոնց միւռոն չեն տար: Կը պատասխանեն, թէ եպիսկոպոսները պատժել կամ պաշտօնէ ձգել եւ ուրիշ ձեռնադրել կը հանդիպի ոչ թէ չվճարելնուն համար, այլ երբ անհաւատից երկիրները գտնուելով կ՚անսաստեն, կամ ուրիշի վիճակ կը յափշտակեն, կամ մոլորութիւն կը քարոզեն, կամ ժողովուրդը կը գայթակղեցնեն, եւ կոչին չեն անսար: Բայց եթէ յայտնուի որ զրպարտութեամբ եւ սուտ վկայութեամբ դատապարտուեցան, պարտք կը սեպեն աթոռնուն դարձնել: 98. Թէ Փոքր Հայոց կաթողիկոսները եպիսկոպոս ձեռնադրած ատեննին Լուսաւորչի Աջը կը դնեն անոր գլխուն վրայ, եւ անկէ կը կարծեն ձեռնադրութեան վաւերականութիւնը, եւ Մեծ Հայոց կաթողիկոսներէն ձեռնադրուած եպիսկոպոսները չեն ընդունիր, անոնց Լուսաւորչի Աջը չունենալնուն համար: Կը պատասխանեն, թէ Լուսաւորչի Աջը ձեռնադրութեան ատեն կը գործածեն, բայց վաւերականութիւն չեն վերագրեր. Աղթամարի եւ Աղուանից եպիսկոպոսներն ալ իբր եպիսկոպոս կ՚ընդունին, միայն չեն հաղորդուիր անոնց հետ ըմբոստ ըլլանուն համար, բայց երբ կը հնազանդին` անմիջապէս իբր եպիսկոպոս կ՚ընդունուին: 99. Թէ Իտալիա եկող Հայեր ինքզինքնին հալածուած եպիսկոպոսներ կը ձեւացնեն, կամ արքեպիսկոպոս կը հռչակեն, մինչ Հայեր արքեպիսկոպոս չունին, եւ դրամով եպիսկոպոսութիւններ կու տան, քահանաներ եւ սարկաւագներ կը ձեռնադրեն, եւ կը հալածեն այն Հայերը որ հռոմէական ծէսով կը մկրտուին կամ հռոմէադաւանութեան կը հետեւին: Կը պատասխանեն որ եթէ Իտալիոյ մէջ զեղծումներ տեղի ունեցած են, ընողներու եւ ընդունողներու պատկանող մի բան է. կը հաստատեն թէ Հայոց մէջ արքեպիսկոպոսութիւն կայ, եւ թէ իրենց լսածին համեմատ` հայադաւան եղողներ Իտալիոյ մէջ կը հալածուին, եւ ոչ թէ կը հալածեն:

1305. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 100-109

Կը շարունակէ. 100. Թէ Հայերը պսակի ատեն երկու կողմերուն հաւանութիւնը յայտնող բացատրութիւններ չունին, եւ ծնողաց ու ծանօթից բռնադատութեամբ նաեւ իրար չուզողներ կը պսակեն: Կը պատասխանեն, թէ յայտնի բացատրութիւններ ունին, եւ յառաջ կը բերեն քահանայական խրատը, եւ տէր եflս հարցումները, իսկ բռնադատութիւն ընողները եկեղեցական եւ դրամական միջոցներով պատժելնին կը յայտնեն: 101. Թէ Հայերը թէպէտ եօթը աստիճանի ազգակցութիւն կ՚ընդունին, բայց մինչեւ երրորդ եւ նուազագոյն աստիճանի մէջ պսակուողներն ալ չեն լուծեր: Կը պատասխանեն, թէ ազգակցութեան արգելիչ աստիճանները մինչեւ հինգերորդ կը հաշուեն, եւ եթէ սխալմամբ երկրորդ կամ երրորդ աստիճանի ամուսնութիւններ եղած են, կը լուծեն: 102. Թէ Հայոց եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ կը լուծեն ամուսնութիւնը, եթէ ամուսիններէն մէկը միւսին հաճելի չէ, եւ եթէ պատշաճապէս կը վճարեն: Կը պատասխանեն, թէ այլեւս այսպիսի լուծումներ իրենք չեն ըներ, թէպէտ Մեծ Հայոց մէջ երբեմն պատահի, այլ միայն ներքինիներուն եւ դիւահարներուն պսակը կը լուծեն եօթը տարի ետքը: 103. Թէ Հայերը բազմակնութիւնը կը ներեն, վաճառականութեամբ շրջողներ ամէն տեղ մէկ մէկ կին կ՚ունենան, թէ միեւնոյն տեղ երկու կին առնողներ ալ կ՚ըլլան, թէ ապօրէն զաւակները իբր օրինաւոր ժառանգ կ՚ընդունին, եւ մինչեւ իսկ այնպիսիները եպիսկոպոսութեան կը բարձրացնեն, եւ օրինակ կը բերեն Զաքարիայէ եղբօր ապօրէն զաւակը, որ հօրեղբոր տեղը եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ: Կը պատասխանեն, թէ բազմակնութիւնը օրէնքով արգելուած է, բայց ապօրէն կենակցութիւն ունեցողներ, կամ նենգութեամբ օտար տեղ ալ պսակուողներ կրնան եղած ըլլալ: Ապօրէն զաւակներու մասին իրենց օրէնքն ալ նոյնն է, իսկ Զաքարիայի եղբօրորդւոյն ապօրէն եղած ըլլալը չեն իմացած, այլ միայն Յովհաննէս կաթողիկոսի հրամանով ձեռնադրուած ըլլալը գիտեն: Այդ անձերուն ով ըլլալը որոշուած չէ, եւ կ՚երեւի թէ Յովհաննէս Մեծաբարոյ կաթողիկոսի եւ Արտաղի Զաքարիա եպիսկոպոսին կ՚ակնարկեն: 104. Թէ Հայերը կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս վերջին դատաստանին ոչ մարդկային այլ աստուածային կերպարանով պիտի երեւի: Կը պատասխանեն, թէ իրենք մարդկային բնութիւնը ընկղմած եւ ոչնչացած չեն ըսեր, եւ դատաստանին օրուան համար ըսուածը սուտ եւ զրպարտութիւն է: 105. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ դատաստանէն ետքը` հոգիները երկնից արքայութեան եւ դրախտի եւ աշխարհի վրայ պիտի բաշխուին, եւ թէ երկնից մէջ աստուածային տեսութիւն պիտի չունենան: Կը պատասխանեն, թէ այդ կէտերը 8-րդ առարկութեան մէջ լուսաբանած են: 106. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ յարութենէ ետքը այր եւ կին մարդու սեռական տարբերութիւն պիտի չըլլայ: Կը պատասխանեն, թէ սեռական տարբերութիւն չեն ուրանար, այլ աւետարանի համեմատ կ՚ըսեն թէ իբրեւ զհրեշտակս իցեն: 107. Թէ Հայերը մահուան ատեն եթէ չեն կրնար հաղորդ առնել, գետնին վրայ խաչ կը գծեն, եւ անկէ կտոր մը հող բերաննին դնելով հաղորդ կը համարին: Կը պատասխանեն, թէ պառաւանց խօսքեր պատասխանի իսկ արժանի չեն, եւ թէ այս տարի իսկ տասը հազար հոգի անհաւատներէ որով կոտորուեցան, բայց այս տեսակ հաղորդուող մը եղած չէ: 108. Թէ Հայ մեծամեծներէն ոմանք ըսած են, թէ մարդիկներուն հոգիները անասուններուն պէս կ՚ոչնչանան եւ յարութիւն չեն առներ: Կը պատասխանեն, թէ Հայոց մէջ ասանկ բան լսուած չէ, այլ Արեւորդիներ են ըսողները, որոնք հայերէն կը խօսին, բայց Հայ չեն: 109. Թէ Հայերու մէջ երեք յանցաւորներու պատիժ չի տրուիր: Կը պատասխանեն, թէ պատիժներ միշտ տրուած են, ինչպէս քաղաքական, նոյնպէս կրօնական յանցանքներու համար:

1306. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆ 110

Կը շարունակէ. 110. Թէ շատ ու շատ մոլորութիւններ եւս կը պարունակուին Հայոց ընդունած եւ գործած գիրքերուն մէջ, անոնցմէ 18 հատ անունով կը յիշեն, բայց շատերը աղաւաղուած հնչումներով: Յիշուած գիրքերն են. 1. Տօնապաքազ կամ Տօնօփակէն կամ Տօնապաքար, հռոմէական եւ յունական եկեղեցիներու դէմ գրուած մը, որ պէտք է ըլլայ Տօնապատճառ: 2. Անատօարմատ, որ է Հաւատարմատ, արմատ հաւատոյ ըսուած: 3. Յովհաննէս Մանդակունեցի, որ է Մանդակունին: 4. Յովհաննէս Օսինեցի, որ է Օձնեցի: 5. Միաստոսուրուի կամ Միասկօսուրոս, իբր Միաբանութեան կամ Միաձայնութեան գիրք բացատրուած, գուցէ Շնորհալիի եւ Տղայի միաբանութեան թուղթերը: 6. Միխայէլ պատրիարք Անտիոքոյ, որ է Միխայէլ Ասորի: 7. Պօղոս Տարոնեցի: 8. Ոկկենեցի կամ Ոկտաւեցի կամ Տոկտանեցի, նմանաձայնութեամբ ճշդելն ալ դժուար: 9. Մատթէոս, որ պէտք է Ուռհայեցին ըլլայ: 10. Կանոնք առաքելոց, որոնց մէջ կ՚ըսեն, Հայոց մոլորութիւնները կը պարունակուին: 11. Սարգիս, որ պէտք է ըլլայ Սարգիս Շնորհալին: 12. Մարուգէ վարդապետի, աւետարաններու մեկնութիւնը, մեզի անծանօթ: 13. Վանամի մեկնութիւն Յովհաննու, որ Վանական կամ Վարդան վարդապետ պիտի ըլլայ, թէպէտ Յովհաննու մեկնութիւն գրած ըլլալնին յայտնի չէ: 14. Իգնատիոս, որ է Իգնատիոս Շնորհալիի Ղուկասի մեկնութիւնը: 15. Գանազան, որ է Գաւազանագիրք: 16. Նեկինոս Պատրիարգին կամ Պատարագին Մեհգինգ, իմա' Մեկնութիւն պատարագի` Լամբրոնացիի գրածը: 17. Տէյտորգունտ կամ Տեքոտորկեր, Գիրք խնջոյից թարգմանուած, ճշդելը դժուար: 18. Այսմաւորդ, որ է Յայսմաւուրք: Կը փակեն ուրիշ շատ մը գիրքեր ալ յիշելով: Կը պատասխանեն, թէ յիշուածներէն Տոկտանեցի, Մատթէոս եւ Միսակոսուրոս ըսուածները իրենց անծանոթ անուններ են: Օոսինեցի, Մանդակունեցի, Տարոնեցի, Մարուգէ, եւ Միքայէլ կոչուածներն ալ իրենցմէ ընդունուած չեն: Իրենց ընդունածներն են Տօնապաքար, Հանատօարմատ, Կանոնք առաքելոց, Սարգիս, Վանամ, Գանազան, Այսմաւորդ եւ Պատարագին Մեհգինգ, բայց եթէ ասոնց մէջ ալ երկու բնութեան, բաժակի ջուրին, Ծնունդի տօնին, Քաղկեդոնի ժողովին, կամ ուրիշ կէտերու դէմ բան մը գրուած կայ, որ չեն յիշեր, այն ալ կը մերժեն: Այդ առարկութեան վրայ շատ ըսելիքներ կան, բայց անոնց վրայ երկարել չենք ուզեր, եւ եթէ միառմի յառաջ բերինք, նպատակնիս պատմական էր, ժամանակին խնդրոյ նիւթ եղող գիրքերուն ցուցակը տուած ըլլալու համար:

1307. ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ 111-117

Կը շարունակէ: 111. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ Քրիստոս բնական աւելորդներու արտաքսում չունեցաւ, որովհետեւ այդ ապականութիւնները մեղքի հետեւանք են: Կը պատասխանեն, թէ ասանկ կարծիք մը երբեմն մասնաւորներէ, եւ ոչ Հայ եկեղեցիէ յայտնուած է: 112. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ Քրիստոսի թլփատութեան ատեն, կտոր չի վերցուեցաւ, այլ միայն ճեղքուեցաւ, ինչպէս անդրանիկներու վրայ ընել սովորութիւն էր: Կը պատասխանեն, այս ալ ոմանց կողմանէ տրուած բացատրութիւն մըն է, եւ իրենցմէ ընդունուած չէ: 113. Թէ Հայերը կ՚ըսեն որ Աստուած մարդուն սէրէն յաղթուեցաւ, եւ Ադամի ըրած սպառնալիքները չի ճշմարտուեցան, որովհետեւ Ադամ հոգւով չմեռաւ, մարմնով ալ 930 տարի ապրեցաւ, եւ կենդանիներ մարդուն դէմ չ՚ապստամբեցան: Կը պատասխանեն, թէ եւ ոչ իսկ լսած են որ Հայոց մէջ ասանկ բաներ ըսող եղած ըլլայ: 114. Թէ Հայերը կ՚ըսեն, որ Աստուած Կայէնի վրայ նշան դրած ըլլալով, որ մէկը զայն չսպաննէ, ճշմարիտ չի կրնար ըլլալ որ Ղամեք զայն սպաննած ըլլայ, այլ նա գահավիժելով ինքզինքը սպաննած է: Կը պատասխանեն, թէեւ ոչ տեղեկութիւն ունին, որ ասանկ բաներ ըսող ապուշ մը գտնուած ըլլայ Հայոց մէջ: 115. Առարկութիւնը կը նկատէ եղեր երկու եպիսկոպոսներու խնդրանքով կաթողիկոս մը գահընկեց ընող թագաւորի մը գործը, սակայն յօդուածը կը պակսի, եւ անուններ յիշուած չեն: 116. Թէ Հեթում թագաւորի օրով, ժողով մը եղած է ուր պապական նուիրակին ձեռքով թագաւորը Հռոմի հետ միաբանութիւնը ընդունած է, բայց եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ եւ իշխաններ չեն հաւանած, եւ Վահրամ Սեաւլեռնեցի վարդապետ մը պապին դէմ գիրք մը գրած է, ուր պապը Փարաւոն, եւ մոլորութեանց մէջ ընկղմած կը կոչուի, եւ նուիրակը ամօթով ետ դարձած կ՚ըսուի, եւ թէ Լատիններ Ծնունդի տօնը եւ բաժակին ջուրը անիծեալ Արկոմանոսէ առած են, եւ թէ Հայոց վարդապետներ, եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ այդ գիրքը իբր առաքելական կանոն կ՚ընդունին: Կը պատասխանեն, թէ Մեծ Հեթում թագաւորը պատուով ընդունած է պապական նուիրակը, եւ զայն Հռոմկլայ յղած Կոստանդին կաթողիկոսին, եւ նա ալ սիրով ու պատուով մեծարած, եւ թէ Վահրամ վարդապետը աննշան մէկն է, եւ անոր դիրքը ընդունելի չէ: 117. Թէ Հայերը չունին այն ուղիղ հաւատքը եւ խորհուրդները զորս Հռոմայ եկեղեցին ունի, թէ Հայերուն մէջ թագաւորէն եւ իշխաններէն զատ շատ քիչեր կան որ Հռոմայ եկեղեցւոյն դաւանութիւնը ունենան, եւ թէ Հայերը դաւանութիւնը ունենան, եւ թէ Հայերը կ՚ըսեն որ պապն ու կարտինալներ ամէն օր մազերնուն թելերէն աւելի մարդ կը սպաննէն, թէ զանոնք հերետիկոս կը հռչակեն, անոնց դէմ կը հայհոյեն, եւ ամէն հոգեւորական պաշտօն սիմոնականութեամբ կը կատարեն: Կը պատասխանեն, իբրեւ ստախօսութիւն մերժելով Հայերուն վերագրուած խօսքերը: Իսկ իրենց դաւանութեան ուղղափառութիւնը հաստատելու համար, ամբողջաբար առջեւ կը բերեն Հաւատամք հանգանակը, որուն մէջ եւ յՈրդւոյ ալ աւելցուած են, եւ կը կցեն Իսկ որք ասեն, եւ Իսկ մեք փառաւորեսցուք հատուածները: Իսկ խորհուրդներու մասին կը յիշեցնեն 67-րդ առարկութեան տուած պատասխանին: Պապերուն դէմ բան մը ըսուած ըլլալուն մասին կ՚ըսեն, թէ այն ատենուան կաթողիկոսին ալ հարցուցին, եւ նա պատասխանեց. Ոչ գիտեմ: Եւ պարզ ամէն մըն է Մխիթարի եւ իրեն հետ եղողներուն պատասխանագիրին փակումը` առանց վերջաբանի, եւ առանց վերջնական ընդհանուր դիտողութեան ( ՄՆՍ. ԻԵ. 127):

1308. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Որչափ ալ երկար, ու թերեւս ձանձրալի ալ երեւայ յառաջ բերուած վերլուծութիւնը, մենք կը կարծենք թէ այն մեծ օգտակարութիւն ունի Ունիթորներու կամ հռոմէադաւաններու միտքն ու գործը կշռելու, Հռոմի պապութեան բռնած ընթացքը ճանչնալու, եւ միանգամայն ժամանակին սովորութիւններուն նկատմամբ ալ ինչինչ տեղեկութիւններ քաղելու: Մեզի զարմանալի պիտի չ՚երեւար Ներսէս Պաղոնի եւ Սիմէոն Պէկի պէս կատաղի մոլեռանդներու ամէն տեսակ ծայրայեղութեանց դիմելը եւ ստութիւններ խօսիլը, այլ առանց զարմանքի եւ առանց տեսակ մը ցաւի չենք կրնար անցնիլ, տեսնելով որ Հռոմի աթոռը, որ իր բարձրութեամբ եւ վեհութեամբ կը սիրէ պարծենալ, կը զիջանի իւրացնել ծանրակշռութիւն չունեցող զրոյցներ, անոնց պաշտօնական նշանակութիւն կու տայ եւ կրկին անոնց բացատրութիւններ կը պահանջէ: Մեր այդ դիտողութիւնը իր հաստատութիւնը կ՚ընդունի նոյնիսկ Լատին հեղինակներու կողմէ, որոնց յատկապէս ուսումնասիրելով նշանաւոր 117 մոլորութիւնները, անոնցմէ շատը իբրեւ անհիմն ու ծիծաղական մէկ կողմ կը թողուն: Կալանոս Թէադինեան կրօնաւոր հազիւ 30 հատ նկատողութեան արժանի կը գտնէ, Վիլլօթ Յիսուսեան կրօնաւոր միայն 13, Լըպրիւն Աղօթականաց միաբանութենէն 8, Լըքիէն Դօմինիկեան կրօնաւոր 6, եւ Մանսի Սերվիտեան միաբանութենէն, գրեթէ եւ ոչ մէկ հատ նկատողութեան արժանի կը գտնէ, ( ՊՐՕ. 837): Եւ ըսել, թէ պապ մը այս տեսակ անհիմն առարկութիւններուն կ՚ենթարկէ, քրիստոնէութեան համար հալածուած ու նեղուած, եւ ամէն տեսակ վտանգներու եւ վնասներու ենթարկուած ժողովուրդ մը: Այս պարագան ուրիշ կերպով չենք կրնար մեկնիլ, բայց եթէ ըսելով, որ օգնելու կամք ու միտք չ՚ունենալով, պապութիւնը կը ջանար այս դարձուածներով իր չկամութիւնը կամ անկարութիւնը քօղարկել: Մեր նպատակին հետեւողութեամբ, պէտք է աւելի Մխիթար կաթողիկոսի եւ իրեն հետ եղողներուն պատասխանները կշռել, եւ տուած պատասխաններուն հեղինակութիւնը ճշդել: Կանուխէն յայտարարեցինք ( § 1292) թէ կատարեալ ազգային ժողով մը չէ Մխիթարի գումարածը, որ ոչ ընդհանուր հրաւէրով եւ ամէն բաժիններու ներկայացուցիչներով տեղի ունեցած է, այլ շուրջը գտնուողները հապճեպ հաւաքելով կատարուած խորհրդակցութիւն մըն է: Նմանապէս ազատ կերպով կանոններ հաստատող ժողով մը չէ, այլ բարոյական ճնշման ներքեւ արտաքին օգնութիւններ ընդունելու համար` պապին կողմէն կրկին եւ կրկին բռնադատութեամբ պահանջուած պայմանին գլուխ ծռած ըլլալու համար կատարուած գործ մըն է, որ երբեք ոյժ եւ հեղինակութիւն չի պարունակեր: Շատ առարկութիւններու հանդէպ տրուած պատասխաններն իսկ բաւական են հաստատել Հայ եկեղեցւոյ ընդհանուր ուղղութիւնը: Երբ կ՚ըսեն թէ առաջ տարբեր էր, կամ թէ Մեծ Հայոց մէջ տարբեր է, կամ թէ իրենք Հռոմի պահանջին կը համակերպին, կամ թէ այժմ այլեւս այնպէս չեն ըներ, կամ թէ պատրաստ են Հռոմի հրահանգները գործադրել, նովին իսկ կը հաստատեն թէ Հայ եկեղեցին իրեն յատուկ դաւանութիւնն ու կանոններն ունէր, եւ նոյները իր ընդհանրութեան մէջ կը պահէր, որով հռոմէադաւան Լատին թագաւորի մը հրամանով եւ բռնադատեալ պարագաներու ներքեւ` կաթողիկոսի մը քանի մը եպիսկոպոսներու հետ տուած հաւանութիւնը, ոչ Հայ եկեղեցւոյ իսկութիւնը կը փոխէ, եւ ոչ Հայ հաւատացելոց ընդհանուր հաւատքը կ՚այլայլէ: Լատին պատմիչն ալ կը վկայէ, թէ թագաւորն էր որ կը յորդորէր Հայերը, զի գայցեն ի հնազանդութիւն եւ կը ցուցնէր զբարիսն մեծամեծս որք ունէին յառաջ գալ անտի, եւ իբրեւ փաստ կ՚աւելցնէր, թէ թագաւորն իւրեանց էր յարեւմտեան սերնդէ եւ ճշմարիտ կաթողիկեայ եւ հպատակ եկեղեցւոյն Հռոմայ ( ԴԱՐ. 41): Նոյն իսկ հակառակորդներն են, որ կը վկայեն թէ Լատին թագաւորէն եւ իրեն կամակատար ու ազգակից քանի մը իշխաններէն զատ, ճշմարիտ հռոմէադաւաններ չկային Հայոց մէջ ( § 1307) եւ հակառակորդներու տուած այդ նպաստաւոր վկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի ճշմարտութիւնը հաստատելու համար:

1309. ԳՈՒԻՏՈՆ ԵՒ ՋԻՒԱՆ

Մխիթարի զիջողութիւնները նշանակութիւն մը ունեցած կ՚ըլլային, եթէ գոնէ յաջողէր Լատիններուն վստահութիւնը գրաւելով Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը վերահաս վտանգէ ազատել, եւ զօրաւոր եւ արդիւնաւոր օգնութիւններ ստանալ Արեւմուտքէն: Սակայն այդ ալ չի ճշմարտուեցաւ: Չամչեան գրած է, թէ ընդհակառակն մեծամեծ շփոթութիւններ տեղի ունեցած են Հայոց մէջ, եւ մինչեւ իսկ Ջիւան-Կոստանդին սպանուած է իր լատինամոլ բռնադատութիւններուն համար, միայն տարի մը թագաւորելէ ետքը, այսինքն 1343-ին ( ՉԱՄ. Գ. 348): Սակայն Դարդէլ 1344 օգոստոս 17-ին կը դնէ Ջիւանի մահը, խաղաղական վախճանով, եւ գունտստապլի աստիճանով ( ԴԱՐ. 50), ուսկից հետեւցուցած են նորեր, թէ Ջիւան, ոչ իբր թագաւոր, այլ թագապահ կամ տեղակալ վարեց իշխանութիւնը ( ՍԻՍ. 559): Սակայն մենք տեսանք որ Սիսի ժողովական գրութեան մէջ, ժամանակին իշխող Ջիւանը` Կոստանդին անունով, եւ շնորհիւ եւ ընտրութեամբ Աստուծոյ թագաւոր Ամենայն Հայոց կոչումով յիշուած է ( ՄՆՍ. ԻԵ. 1186): Ուստի պէտք է ըսենք թէ Գուիտոնի հրաժարելուն եւ Սիս չգալուն վրայ, Ջիւան իսկապէս թագաւորի անունն ու պաշտօնը ստանձնած է, բայց երբ Յովհաննէս Ն. Պալէոլոգ, Անդրոնիկոս Գ. որդին եւ Ռիթա Մարիամ կայսրուհւոյ` այսինքն Գուիտոնի մօրաքրոջ թոռը, կայսր եղաւ, գժտութիւն ինկաւ Յովհաննէսի եւ Գուիտոնի մէջ, որ պարտաւորուեցաւ Աքայիոյ կուսակալութենէն քաշուիլ ( ՉԱՄ. Գ. 347) եւ Կիլիկիա դառնալ, եւ այդ կերպով թագաւորութիւնը ստանձնեց: Ջիւանի յօժարակամ տեղի տալը կ՚իյնայ, վերոյիշեալ 1343 տարւոյ սկիզբը, եւ ըստ այսմ ոչ եւս սպանութեամբ, այլ կամաւոր հրաժարմամբ դադրած կ՚ըլլայ Ջիւան-Կոստանդինի թագաւորութիւնը, Սսոյ ժողովէն քիչ ետքը: Արդէն` 1343 մարտ 8 թուականով Գուիտոն իբր Հայոց թագաւոր` Անգղիոյ Եդուարդ Գ. թագաւորին դեսպան կը յղէ, ինչպէս յիշատակուած է պատմութեանց մէջ ( ՍԻՍ. 559): Ջիւան այլեւս ուրիշ դեր վարած չէ պատմական եղելութեանց մէջ, բայց եթէ աջակից եւ գործակից եղած է իր եղբօր Գուիտոնի անոր քաղաքական ձեռնարկներուն եւ կրօնական մոլեռանդութիւններուն մէջ, եւ միայն քանի մի օրերու կանխահաս մահուամբ ազատած է այն եղերական սպանութենէն, որով մեռան իր եղբայրները Գուիտոն թագաւոր եւ Պէմունդ Կոռիկոսի կոմսը, 1344 նոյեմբեր 17-ին ( ԴԱՐ. 49): Ջիւան երկու զաւակ թողուց, Պէմունդ 5 տարեկան, եւ Լեւոն 2 տարեկան ( ԴԱՐ. 52), որ շփոթութեամբ կամ թէ կրկին անուն ունեցած ըլլալուն` Գուիտոն ալ կոչուած է ( ԴԱՐ. 61), եւ եղած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան վերջին Լեւոնը:

1310. ԳՈՒԻՏՈՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Մխիթարի ժողովին վերջանալը եւ Գուիտոնի թագաւորելը, իրարու գրեթէ կից գործեր են, եւ Գուիտոնի օրով Կղեմէս Զ. պապին ձեռքը հասան Սիսի մէջ խմբագրուած ընդարձակ բացատրութիւնները, եւ պահ մը գոհունակութիւն ազդեցին անոր, գլխաւորապէս յայտնուած պատրաստակամութեան քան, թէ պատասխաններուն պարունակութեան համար: Սակայն Պաղոն շարունակեց իր բծախնդիր պրպտումները, եւ պատասխանները մեկնաբանելով ներքին իմաստներ քաղել, Հայերուն վրայ կասկածներ բարդելով, ինչ որ դժուար պիտի չըլլար, քանի որ Մխիթար Ունիթորներու նորաձեւութեանց համակերպող չէր, եւ մինչեւ աստիճան մը Հայոց եկեղեցւոյ ինքնութիւնը պաշտպանող էր: Պապին ալ շատ դիւր կու գային այդ դարձուածները, քանի որ կերպով մը օգնութիւնները զլանալու իբր պատճառանք կը ծառայէին: Գուիտոն թագաւոր եւ Մխիթար կաթողիկոս պապը հանդարտելու եւ օգնութեան յորդորելու համար նոր դեսպանութիւն մը յղեցին Աւինիոն, զոր կը կազմէին Յովհաննէս Կրակեցի եպիսկոպոս, եւ քանիցս գացող եկող Դանիէլ Մինոր, այսինքն է Փրանկիսկեան կրօնաւոր, եւ երկու ասպետներ: Ասպետներ պապին յանձնարարականով գացին ներկայանալ Փիլիպպոս Զ. թագաւորին` օգնականութեան յորդորելու համար, մինչ եկեղեցականները մնացին պապին մօտ, որ կարգեաց եպիսկոպոսունս երկուս հրահանգել զնոսա ի կաթողիկեայ հաւատս, եւ ցուցանել թէ յիմ իմիք էր մոլորութիւն նոցա ( ԴԱՐ. 42): Եղածը 117 կարծեցեալ մոլորութեանց մասին տրուած բացատրութեանց վերաքննութիւնն էր, եւ թերեւս նոյնինքն Պաղոնն էր նշանակուած եպիսկոպոսներէն մէկը: Երբոր այդ ձգձգումները տեղի կ՚ունենային Աւինիոնի մէջ, անդին Գուիտոն եւս քան զեւս կը սաստկացնէր իր մոլեռանդութիւնը, ոչ միայն արքունիքը կատարեալ լատինականութեան վերածելով, այլեւ Հայերը ստիպելով կատարելապէս լատինական դաւանութիւն եւ սովորութիւն, ծէս եւ ձեւ ընդունելու, յետադասելով եւ հեռացնելով այն Հայերը, որ լատինակերպ չէին գործեր, եւ բուն Լատինները յառաջացնելով պաշտօններու եւ գործերու մէջ: Հայեր անտարբեր աչքով չէին կրնար նկատել այդ ընթացքը, եւ տոկալ Լատինի մը մոլեռանդ եւ մոլեգին իշխանութեան: Անշուշտ տժգոհութեան նշաններ, գանգատանաց յայտարարութիւններ, եւ սպառնալից պահանջումներ կանխեցին, որ վերջապէս սպանութեան ծայրայեղ միջոցին դիմեցին, եւ 1344 նոյեմբեր 17-ին Ատանայի մէջ ժողովեցան բազմութեամբ մեծաւ, եւ վառեալ ի զէն գրոհ ետուն, եւ սպաննեցին Գուիտոն թագաւորը, Պէմունդ եղբայրը, եւ բազմութիւն մեծ արանց պատերազմի, զորս բերեալ էր արքային ի կողմանցն Արեւմտից, որ է ըսել արքունիքին եւ բանակին մէջ պաշտօններու անցած Լատինները ( ԴԱՐ. 49), որոնց թիւը մինչեւ երեք հարիւր կը հաշուուի ( ԴԱՐ. 73): Ասոնց հետ սպաննեցին նաեւ զոմն քահանայ դրաներէց արքային` մինչ մատուցանէր զպատարագն ( ԴԱՐ. 49), անշուշտ լատինածէս նորաձեւութիւնով պատարագելուն համար: Պարագաները կը ցուցնեն, թէ իշխաններէն ոմանց դաւադրութեան գործ չէր եղածը, այլ համախումբ ազգովին շարժումի մը հետեւանք, եւ արդիւնք լատինականութեան դէմ զգացուած հակառակութեան, ինչ որ չի նպաստեր Կիլիկիոյ Հայոց հռոմէականութեան հնազանդած լինելուն կարծիքին, զոր կը սիրեն փայփայել հռոմէադաւաններ, կաթողիկոսական դրութեանց հաճոյակատար արտաքնայարդար բացատրութեան յենլով:

1311. ՆՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Թագաւորական գահին յաջորդութեան համար արքունի գերդաստանին ճիւղը սպառած էր ( § 1290), Լուսինեանց տոհմէն ալ յարմար ժառանգ չէր մնացած, քանի որ Ջիւան ալ երեք ամիս առաջ մեռած էր: Գուիտոնէ միայն երկու աղջիկներ եւ Ջիւանէ երկու անտիական զաւակներ մնացեր էին ( § 1309), որոնք չէին կրնար կացութեան տէր կանգնիլ, չնայելով ալ Լուսինեանց դէմ էր ազգային զայրոյթը: Ուստի հարկ եղաւ բոլորովին նոր սերունդէ մէկ մը թագաւոր հռչակել շարժումի գլուխներուն ընտրութեամբ, եւ այս եղաւ Կոստանդին, որդի Բաղդովինոս մարաջախտի, Նղրեցւոց ազգատոհմէն, որ ըստ ոմանց յազգէ Լեւոնի հինգերորդի էր ( ՉԱՄ. Գ. 349), բայց ժամանակակից լատին պատմիչը կ՚ըսէ թէ Օշին թագաւորի խնամակալ նշանակուած Բաղդովինոսի որդին էր ( ԴԱՐ. 28), եւ թէ էր բռնաւոր, եւ ոչ սերեալ յարքայական ազգէ ( ԴԱՐ. 44): Արքայազարմ ըսողները թերեւս հիմնուած ըլլան Բաղդովինոսի մարաջախտին, եւ Օշին խնամակալին եղբայրներ կարծուելուն վրայ, որով Կոստանդին Լեւոնի մօրեղբօրորդի եղած կ՚ըլլար: Կոստանդինի ազգակցութիւնը կը հետեւի անոր ամուսնութենէն ալ, քանի որ իր կինն էր Մարիամ, դուստր Օշին խնամակալին եւ Յովհաննայի` Օշին այրի թագուհիին, իսկ Օշին խնամակալ Լեւոնի մօրեղբայրն էր: Շատ հաւանական է Կոստանդինը շարժումին գլուխ եղած ըսել, եւ այնպէս թագաւորութեան բարձրացած, որ նախապէս հռչակուած է Տարսոնի մէջ, ուր իր անունով դրամ ալ հանած է Կոստանդին, եւ անկէ ետքը Սիսի տիրացած ( ՍԻՍ. 380): Գուիտոնի սպանութիւնը նոր պատճառանք մը եղաւ Կղեմէս Զ. պապին ձեռք, խոստումները չի գործադրելու համար, եւ ոչ կամեցաւ առնել մեծ ինչ շնորհս եւ նպաստաւորութիւն, եւ կարճեաց եւս զօժանդակութիւն թագաւորաց եւ իշխանաց քրիստոնէից ( ԴԱՐ. 43): Լուսինեանց սպանութիւնը յայտնի դժկամութեան նշանակ էր լատինասիրութեան եւ հռոմէադաւանութեան դէմ, ուստի պապը նորէն գլխաւոր նպատակին դառնալով, վերջէն եկող պատգամաւորները կը յանդիմանէր ( § 1310), եւ զանոնք ձեռնունայն ետ կը դարձնէր, իր կողմանէ երկու նուիրակներ ալ ընկերացնելով անոնց, որպէսզի քննեսցեն զհաւատս Հայոց եւ քարոզեսցին զկաթողիկեայ հաւատս, իբր զի ըստ հպատակութեան ի հաւատալ ուղղապէս եւ ընդունիլ զհաւատս սրբոյ եկեղեցւոյն Հռոմայ` պիտի տրուէին սպասուած օգնութիւնները եւ նպաստները ( ԴԱՐ. 44): Պապէն յղուած եպիսկոպոսներն էին, Անտոն Կայետիոյ (Gaeta), եւ Յովհաննէս Կոլոնիոյ (Coron), որոնց առաքման թուական ցուցուած է 1346 օգոստոս 31 ( ՍԻՍ. 559) որով իբր երկու տարի անցած կ՚ըլլայ Գուիտոնի սպանութենէն: Ասիկայ կը ցուցնէ թէ բաւական քննութիւնք եւ բանագնացութիւնք կատարուած են, մինչեւ այդ որոշումը, զոր ձեռք ձգած են Հայ պատգամաւորները շատ մը խոնարհամիտ յայտարարութիւններով ( ԴԱՐ. 43):

1312. ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

Կոստանդին Բաղդինեան, որ լատինամոլութեան դէմ շարժումին հետեւանքով գահ բարձրացած էր, թագաւորելէն ետքը պէտք զգաց ինքն ալ Լատիններուն բարեացակամութիւնը վաստկիլ` հաճոյակատար ձեւերով եւ հպատակութեան վկայութիւններով, միջասահման ընթացքով մը հայադաւան դրութեան եւ մոլեռանդ լատինականութեան միջեւ, Հայ եկեղեցւոյն ծէսն ու ձեւը պահելով, դաւանական եւ կանոնական զիջողութիւններ յանձն առնելով: Նոյն էր Մխիթար կաթողիկոսի ընթացքն ալ, քանի որ երկրին եւ թագաւորութեան կացութիւնն ալ այնպիսի ձեւ մը առած էր, որ այլեւս զայն փոփոխել անհնար էր: Լատինաց հետ յարաբերութիւններ տիրապետած էին, եւ դրացի Արեւելեան պետութիւններն ալ Կիլիկիան այլեւս իրենցմէ օտարացած եւ Արեւմուտքի կապուած կը նկատէին: Կայետիոյ եւ Կոլոնիոյ եպիսկոպոսները ամիսս ութ մնացին Կիլիկիա, որ է ըսել մինչեւ 1347 ամառուան սկիզբը, եւ այդ միջոցին հրահանգեցին զթագաւորն, զկաթողիկոսն, զեպիսկոպոսունս, զիշխանս եւ զժողովուրդ աշխարհին, ի հաւատս ճշմարիտս, ըստ Լատին պատմիչին, իմա' ի հռոմէադաւանութիւն, եւ այդ մասին անոնցմէ գիր ուխտի եւ երդմանց ուզեցին, եւ պահանջեցին զայն կնքել մատանեաւ իւրեանց, եւ ստորագրել իւրեանց իսկ ձեռամբ ( ԴԱՐ. 45): Պէտք է դիտել տանք, թէ այս քանի անգամներ են որ այսպիսի յայտարարութիւններ կը պահանջուին եւ կը տրուին, եւ վստահութիւն ազդելու չեն բաւեր, վասն զի երկու կողմերն ալ արտաքին ձեւակերպութիւններ ըլլալը կը զգան: Ասիկա կը հաստատէ թէ Հայ եկեղեցին հիմնապէս հռոմէականութեան անցած չէր եւ չ՚անցաւ, ինչ ալ ըլլայ երկու կողմերուն զիրար խաբելու մէջ անպատեհ մրցում մը: Ըստ այսմ Կղէմէս պապ ալ բաւականանալ ցուցուց այն յայտարարութեամբ, զոր երկու եպիսկոպոսները Կիլիկիայէ բեռին, իրենց հետ ունենալով Կոստանդինի արքունիքէն Կոստանդին Կարսիլլի անուն ասպետ մը ( ԴԱՐ. 47): Պապը 1347 սեպտեմբերի 27-ին խոստացաւ տարեկան 12. 000 ոսկի եւ 1000 ձիաւոր յղել Հայերուն, բայց միշտ յետ միաբանութեան պայմանով ( ՍԻՍ. 559), որով Հայերուն յայտարարութեանցը տակաւին չի գործադրուած ըլլալը կը հաստատուի: Պապին խոստումներն ալ նոյն տեսակէն էին, զի ձիաւորներ դեռ պիտի հաւաքուէին: Իսկ ոսկիներու վճարումն ալ Կիպրոսի թագաւորին կը յանձնարարուէր, որ Արեւելքի Լատիններէն հաւաքուելիք պապական իրաւունքներէն վճարէ նշանակուած գումարը: Այդ նպատակով Ներսէս Պաղոն եւ Կոստանդին Կարսիլլի Կիպրոս կը ղրկուէին, այլ ներքին վէճերով գործը կը վիժէր ( ԴԱՐ. 48), եւ կացութիւնը կը շարունակեր իր տարտամ եւ անկայուն վիճակի մէջ:

1313. ԼԵՒՈՆ ՋԻՒԱՆԵԱՆ

Վերջին Լեւոնի խոստովանահայրն ու ներբողաբան պատմագիրը Յովհաննէս Դարդէլ, շատ մը հրաշապատում պարագաներ կը հիւսէ անոր առաջին կեանքին շուրջը, այլ չենք կրնար հաստատել թէ որ աստիճան ստուգութեամբ, զի ընտանեկան զրոյցներու հաւաքածոյի կերպարանը կը ներկայեն: Դարդէլի պատմելով, Կոստանդին Բաղդինեան, իր թագաւորութիւնը ապահովելու համար Ջիւանի այրին Սուլթան տիկինը, եւ երկու մանուկները` Պէմունդն ու Լեւոնը, դրած է Կոռիկոսի բերդին մէջ ( ԴԱՐ. 53) եւ մեռցնելու համար ալ թոյնով խառնուած մեղր ղրկած, բայց Սութան կասկածելով մեղրը աղքատ կնկան մը կը կերցնէ, որ կը մեռնի, եւ իրենք կ՚ազատին ( ԴԱՐ. 54): Անկէ ետքը երկու ասպետ կը ղրկէ որ ծովին մէջ խեղդեն, բայց Սուլթան Կիպրացի նաւակ մը գտնելով, Կոռիկոսի բերդէն կը փախչի, եւ նորէն կ՚ազատին ( ԴԱՐ. 55): Կիպրոսի մէջ ցամաք կ՚ելլեն Կարպասի խորշը, այլ Կիպրոսի թագաւոր Հուգոն Դ անոնց լաւ ընդունելութիւն չ՚ըներ, վասն զի Ամաւրիի որդիները իրեն դէմ դատ բացած էին իրենց հօրը կալուածները պահանջելու, եւ Կարպասի մէջ կը թողու համեստ ծախքով մը ապրելու: Սուլթան կ՚իմանայ թէ Կոստանդին զիրենք անկէ ալ յափշտակել պիտի տայ, ուստի ծովեզերքը կը թողու երեք տարի այնտեղ ապրելէ ետքը, եւ Ս. Սիմէոնի դղեակը կը փոխադրուի ու նորէն կ՚ազատին ( ԴԱՐ. 56): Այնտեղ ալ հրաշքով ականակիտ ջուրի աղբիւր մը կը բղխի, եւ Հուգոն ուխտի գալուն, իր հօրեղբօր թոռներուն վրայ կը կարեկցի, եւ մօրերնուն հետ իրեն արքունիքը կը փոխադրէ, եւ այսպէս այս անգամ ալ խեղճ կեանքէ, կ՚ազատին ( ԴԱՐ. 57): Լուսինեանց վերջին շառավիղները կ՚ապրին Կիպրոսի արքունիքին մէջ, մինչեւ Հուգոն Դ-ի մահը 1361-ին, եւ միեւնոյն պաշտպանութիւնը կը վայելեն անոր յաջորդէն Պետրոս Ա-է, որ հօրը հիւրասիրութիւնը կը շարունակէ: Պեմունդ եւ Լեւոն հետզհետէ կը զարգանան զինուորական կրթութեանց մէջ, մինչեւ որ չափահաս ըլլալնէն ետքը Հայոց թագաւորական գահը ձեռք ձգելու ձեռնարկեցին, իբրեւ Գուիտոնի եղբօրորդիներ եւ օրինաւոր յաջորդներ, իրենց մեծ մօրը Զապլունի ճիւղով Կոռիկոսեանց կամ Պապերոնեանց ժառանգներ նկատուելով:

1314. ՄԽԻԹԱՐԻ ՆՈՐ ՃԻԳԵՐԸ

Երբոր մէկ կողմէն Լատիններու հոգեւոր պետը կրօնական պայմաններով, եւ տրուած բացատրութիւններէ չի գոհանալով խոստացուած օգնութիւնները կը զլանար, եւ Հայեր առերեւոյթ գոհացումներով զայն հաճել կ՚աշխատէին, Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը հետզհետէ իր քայքայման կը դիմէր: Գարամանցիք հիւսիսէ Պապերոնը կը գրաւէին, Եգիպտացիք հարաւէն Այասի կը տիրանային, եւ Կոստանդին թագաւորի ու Լիպարիտ զօրավարի մասնակի յաջողութիւնները` կացութիւնը բարելաւելու չէին բաւեր: Իսկ Կղեմէս պապ միշտ նոյն յանկերգը կը կրկնէր 1348-ին գրած նամակներուն մէջ, թէ գինուք եւ գանձուք պիտի օգնէ, երբ վստահութիւն ստանայ թէ Հայք իսպառ մաքրեալ իցեն յարատոյ մոլորութեանց ( ՉԱՄ. Գ. 351): Իսկ ընդհակառակն այդ վստահութիւնը աւելի կը նուազէր, զի Կիլիկիա գտնուող Լատին կրօնաւորներ եւ լատինամոլ Հայեր կը շարունակէին տեղեկագրել, թէ Հայերուն կրօնական ընթացքին մէջ փոփոխութիւն չէ եղած, եւ յղուած յայտարարութիւններ մեռեալ տառեր, եւ կեղծեալ խօսքեր են: Պատմուած հանգամանքներէն եթէ իսկական հետեւութիւն մը ուզենք քաղել, պէտք է ընդունիլ, թէ իրաւ Հայոց խօսքերը ու գործերը իրարու համաձայն չէին, հռոմէադաւանութեան հաւանութիւննին բերանացի էր, արտաքին օգնութեան համար բռնադատեալ պայմանը կատարած երեւնալու համար, այլ ընդհանուր եկեղեցին եւ ժողովուրդը, ինչ որ էր նոյն կը մնար, հայադաւան մը իր բնիկ վարդապետութեամբ եւ արարողութեամբ: Պապն ալ այդ պարագայէն կ՚օգտուէր խոստումները չկատարելու, եւ ինչպէս առաջ, նոր ստացած յայտարարութիւններուն ալ նշանակութիւն չի տալով, եւ 1351-ին դարձեալ նոր բացատրութիւններ կը պահանջէր Մխիթարէ ( ՍԻՍ. 559): Իսկ Մխիթար շարունակ նոյն բաները կրկնելէ ձանձրացած, պապին դիտել կու տար, թէ պէտք չէ որ ամէն հանդիպած լրատուներու ականջ կախէ, այլ իր գրութեանց հաւատք ընծայէ, եւ փութայ ինչ որ խոստացած էր` գործով ալ կատարել ( ՉԱՄ. Գ. 352): Ասոր վրայ Կղեմէս կը պահանջէ վերջնական եւ վաւերական յայտարարութիւն մըն ալ ստանալ, եւ Արեւելքի լատին եպիսկոպոսներուն կը յանձնարարէ տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարել եւ իրեն տեղեկագրել, այլ անոնք ալ խոյս կու տան, ձեռնհաս եւ վստահելի թարգմաններ չունենալնուն պատճառանքով ( ՉԱՄ. Գ. 352), եւ գործը կ՚երկարաձգուի, մինչեւ որ 1353-ին Ներսէս Պաղոնի Արեւելք դառնալուն առթիւ, պապը անոր կը յանձնարարէ թարգմանի եւ քննիչի պաշտօնները կատարել ( ՍԻՍ. 560): Որոշակի չունինք թէ ինչ եղաւ Պաղոնի գործունէութիւնը, եւ ինչ արդիւնք արտադրեց անոր միջամտութիւնը, սակայն վստահաբար կրնանք ըսել թէ բարի եւ օգտակար պտուղ մը հնար չէր ակնկալել այնպիսի անձի մը գործէն, որ մոլեռանդ եւ մոլեգին կիրքերու մատնուած հոգի մը ունէր, եւ ուղղութեան ու շինութեան հետեւելու նպատակէն շատ հեռու էր: Իբրեւ Պաղոնի պաշտօնը հակակշռող ձեռնարկ մը, Չամչեան այդ միջոցին, այսինքն 1354 թուին, կը նշանակէ հրաժարեալ կաթողիկոս Յակոբ Անաւարզեցիի իբր պատգամաւոր Աւինիոն երթալը, պապը հաճեցնելը, եւ Հռոմի ուխտն ալ կատարելով Կիլիկիա դառնալը ( ՉԱՄ. Գ. 353): Այդ եղելութեան իբր աղբիւր կը յիշէ Մխիթար Ապարանցին, Ունիթոր պատմագիրը, զոր մենք ձեռուընիս չունինք ստուգելու համար, այլ կ՚երեւի թէ Չամչեան թիւրիմացութեամբ գրած է այդ կէտը, քանի որ Ալիշան իր նորագոյն հետազօտութեանց համեմատ բոլորովին կը լռէ, եւ անուղղակի հերքած կ՚ըլլայ Յակոբի պատգամաւորութեան պատմութիւնը: Հաւանական ալ չ՚երեւիր, որ նախկին կաթողիկոս մը յանձն առնու այսպիսի պաշտօն մը կատարել, թող որ Յակոբի անձն ալ պապին առջեւ հաճելի չէր, որ կարենար նպաստաւոր ընդունելութիւն գտնել եւ տպաւորութիւն ներգործել: Արդէն 117 կարծեցեալ մոլորութեանց կարգին ալ տեսանք, որ քանի քանի առարկութիւններ ուղղակի Յակոբի անձը կը դիտէին, եւ զայն իբր գլխաւոր ընդդիմադիր կը ցուցնէին ( § 1307): Այդ պարագաները կշռելով երբեք հաւանական չենք գտներ Յակոբի պատգամաւորութիւնը, եւ ըստ այսմ պարզ թիւրիմացութեան հետեւանք կը կարծենք Չամչեանէ պատմուած պատուիրակութիւնը:

1315. ՄԽԻԹԱՐԻ ՄԱՀԸ

Թագաւորութեան վտանգեալ եւ եկեղեցւոյն տատամսեալ վիճակին մէջ կը հանդիպի Մխիթարի մահը, 1355-ին, 14 տարի հայրապետական աթոռը վարելէն ետքը: Ծանր եւ մեծամեծ տագնապներու ենթարկուած, եւ գրեթէ ապարդիւն մնացած պաշտօնավարութիւն մը ունեցաւ Մխիթար, աւելի արգահատելի, քան թէ քննադատելի իր գործունէութեան եւ ուղղութեան մէջ: Հնար չէ Մխիթարը լատինամոլութեամբ զառածեալ եւ հռոմէականութեան աշակերտեալ կարծել, որչափ ալ ամէն կերպով ջանացած երեւայ պապերուն հաւատացնել, թէ հնազանդ եւ համամիտ է Լատին եկեղեցւոյ վարդապետութեանց եւ սովորութեանց: Ժամանակակից ցուցակագիր մը, կաթողիկոսներու շարքը կազմած ատեն կը գրէ. տէր Յակոբ Հռոմեցւոց դաւանութիւն, տէր Մխիթար ուղղափառ դաւանութիւն ( ՏԱՇ. 989), ուր ուղղափառ կոչումը Հռոմեցի կոչումին դիմաբաժան դնելովը կը ցուցնէ, թէ այդ կոչումը հայադաւանի եւ ոչ հռոմէադաւանի իմաստով կը գործածէ եւ մեր տեսութիւնը կը հաստատէ: Մխիթարի միտքը բացատրելու համար պէտք է յիշել, որ ահագին եւ վերահաս վտանգ մը կը սպառնար: Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը հիմնովին վտանգեալ էր, միակ յուսոյ նշոյլ մը Լատիններէն կ՚ըսպասուէր, անոնց կողմանէ ալ հռոմէադաւանութիւնը իբր բռնադատեալ պայման կը դրուէր, ուստի համակերպութիւնը անհրաժեշտ կը դառնար, գոնէ այն չափին մեջ որչափ որ պէտք էր դիմացինը գոհացնելու համար: Հոս կանգ կ՚առնէր Մխիթարի համակերպութիւնը, իսկ միւս կողմէն իր բոլոր ոյժերով կ՚ընդդիմանար հռոմէականութեան անձնանուէր քարոզիչ եւ հայադաւանութեան ոխերիմ թշնամի, եւ իրենց եկեղեցւոյն ուխտեալ քանդիչ եղող Ունիթորներուն եւ նոյնիսկ հռամէադաւանութեան պետին առջեւ կը պարզէր անոնց մոլար ու վնասակար արարքները: Եթէ երբեք ոմանց կողմէն դատապարտելի կամ պարսաւելի դատուի Մխիթարի այդ ընթացքը, մենք պիտի ըսենք թէ վտանգը ու տկարութիւնը այնպիսի բուռն եւ գերագոյն պարագաներ են, որ ոչ միայն կը նուազեն, այլ եւ իսպառ կը ջնջեն պատասխանատուութիւնը: Ամէն առթի մէջ եթէ կեղծիքը արդարանալի բան մը չէ տկարին համար, աւելի անարդարանալի է զօրաւորին համար, որ տկարը խաբելով զայն իր կորուստին կ՚առաջնորդէ: Պապերուն կողմէ շարունակ խօսուած եւ երբեք չի գործադրուած խոստումները, շարունակ պահանջուած եւ առնուած, եւ առժամեայ գոհունակութենէ ետքը նոր բծախնդրութեամբ եղծուած յայտարարութիւնները, եւ հետզհետէ բարդուելով մինչեւ 117 հասած անհիմն առարկութիւնները, շատ աւելի կը ծանրանան Հռոմի պապերուն, քան թէ Մխիթարի եւ անոր նման կաթողիկոսներուն վրայ: Շատ աւելի աղէկ կ՚ըլլար, եթէ միանգամընդմիշտ եւ վերջնականապէս մերժէին օգնել իրենց դաւանութեան չհամակերպող Հայերուն, որ երթային եւ իրենց գիտցած կերպով իրենց գործը վարէին, եւ իրենց վտանգին դարմանը հոգային, քան թէ շարունակ սուտ յուսադրութիւններով, խաբէական խոստումներով, կեղծեալ բարեմտութիւններով եւ արուեստակալ պայմաններով խաղցնէին, եւ քայլ առ քայլ քայքայման մղէին: Գոնէ իրենց պատասխանատուութիւնը ազատած կ՚ըլլային, եւ պատմութիւնը իրաւունք չէր ունենար Լատինական միջամտութեանց վերագրել Հայ իշխանութեանց վերջնական անկումը: