Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ Բ. ԱԹՈՌԱԿԱԼ

1500. ՅԱՋՈՐԴԵԼՆ ՈՒ ԴԻՐՔԸ

Հայրապետական աթոռին դատարկանալը նոր ընտրութիւն պէտք չէր ստեղծեր, զի երկու օծեալ աթոռակիցներ պատրաստ էին, եւ երիցագոյնն Արիստակէս նովին իսկ աթոռին տէր կը դառնար: Նոր էր յաջորդութեան այդ ձեւը, եւ ժողովական վճիռ մը զայն հաստատած չէր, բայց այնչափ ցրուած ու ցնցուած էր ազգին կացութիւնը, որ ոչ ոք դիտողութիւն կամ ընդդիմութիւն յարուցանելու միտք ունեցաւ, եւ կատարուած գործողութիւնը ամէնուն կողմէն ընդունուեցաւ ու նուիրագործուեցաւ եւ ապագային ալ նախընթաց եղաւ եւ իբր կանոն ծառայեց: Արիստակէսի ոչ ուստն յայտնի է եւ ոչ նախընթացը ( § 1481), որով ծննդավայրի կամ պաշտօնատեղւոյ մականուն չունենալուն, Աթոռակալ կոչումը, որով առաջին անգամ Գրիգորի գործակից եւ բարձակից ճանչցուեցաւ, իրեն վրայ իբրեւ մականուն մնացած է: Գրիգորի հետ արդէն երկրորդ աթոռակից եւ կաթողիկոսակից կը գտնուէր Սարգիս ( § 1495), որ այժմ Արիստակէսի հետ առաջին աթոռակիցի տեղը կը ստանար, եւ բնաւ ակնարկ մը չունինք, որ Արիստակէս նորէն երկրորդ աթոռակից մը աւելցնել ուզած ըլլայ: Այս է եղած հայրապետանոցի դիրքը 1466-ին, Գրիգորի մահուանէ անմիջապէս ետքը: Խարբերդցի յիշատակագիրի մը սոյն 1466 թուին պարզապէս ի կաթողիկոսութեան տեառն Սարգսի գրելը ( ԹՈՐ. Բ. 479), մեզ չստիպեր Արիստակէսը մեռած ենթադրել, ինչպէս ոմանք կարծեցին ( ՉԱՄ. Գ. 506), այլ թէ երկուքին ալ անունը հաւասարապէս կը յիշատակուէր, երբեմն ի միասին եւ երբեմն զատ զատ: Մեր խօսքը կը հաստատուի ուրիշ յիշատակարանով մը, որ 1468-ին կը գրէ ի հայրապետութեան Վաղարշապատու տեառն Ռստակէսի Սուրբ Էջմիածնի աստուածադիր աթոռոյն ( ԹՈՐ. Բ. 577): Իսկ քաղաքական կացութիւնը փոփոխութիւն չէր կրած, միայն վեհապետները փոխուեցան եւ 1467-ին Ճիհանշահի յաջորդեց որդին Հասան Ալի, որուն ազդեցութեամբ Ջալալբէգեանց զօրացած եւ Զաքարիա խոյս տուած էր ( § 1493): Ճիհանշահէ քիչ առաջ Ճիհանկիրն ալ մեռած եւ իրեն յաջորդած էր որդին Հասան, Ուզուն այսինքն Երկայնահասակ մականուանեալ, որ կրցաւ Աքքօյունլուներուն անկեալ դիրքը բարձրացնել:

1501. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ

Էջմիածնի եւ Աղթամարի աթոռները միաժամանակ աթոռակալ փոխած էին, եւ Ստեփանոս իւր նախորդէն ոչ նուազ ձեռներէց, եւ Աջը իրեն ձեռքը ունենալուն վստահ, ուզեց նորէն փորձել Զաքարիայի անգամ մը կատարած յարձակումը, որ մոռցուած չէր, եւ որուն ինքն ալ գործակցած էր, եւ Էջմիածինի մէջ ալ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացած էր ( § 1497): Գրիգորի մահը բարեդէպ առիթ նկատեց փորձը կրկնելու, եւ ինչպէս Կիրակոս Ջօշկանց երէց կը գրէ, Ստեփանոս Աղթամարցին յայսմ ամի որ է 1467 տարին, գնաց յԷջմիածին եւ տիրեաց յամենայն Հայկազեան ազգի ( ՓԻՐ. 229): Այդ եղելութենէն ետքը անմիջապէս յիշուիլը ի ղանութեան Ջհանշայի ( ՓԻՐ. 230), կրնայ մեզ առաջնորդել, թէ Ստեփանոս յաջողեցաւ պահ մը նորէն շահիլ Ճիհանշահի պաշտպանութիւնը, որ իրեն նախորդին հովանաւորն ու բարերարն էր եղած, եւ այնպէս քաջալերուիլ իւր ձեռնարկին մէջ, սակայն բախտը այս անգամ ալ նպաստաւոր չեղաւ Աղթամարցիներուն: Վասնզի միեւնոյն միջոցին տեղի ունեցաւ Աքքօյունլուներու վեհապետին Ուզուն Հասանի յարձակումը Գարաքօյունլուներու վրայ, իւր հօրը Ճիհանկիրի վրէժը լուծելու ( § 1493): Ուզուն Հասան զօրացաւ, եւ Ճիհանշահ, ոչ ինքն անձամբ որ մեռած էր, այլ որդին Հասան Ալի` հօրը պատուանունովը կոչուած, չկրցաւ դէմ դնել, եւ 1468-ի մեծ պատերազմին մէջ ինքն ալ սպանուեցաւ, եւ իւր ազգատոհմը գերի ինկաւ, եւ Աքքօյունլուներ իսպառ նուաճեցին Գարաքօյունլուները եւ Ուզուն Հասան ինքնակալ տիրապետող եղաւ երկու բաժիններուն միանգամայն, Միջագետքի եւ Պարսկաստանի, եւ զքրիստոնէք ազատեց ի գերութենէն ( ԹՈՐ. Բ. 377): Անշուշտ Ստեփանոսի պաշտպաններուն անկումը իւր փորձը պարապի հանեց, եւ ինքն ալ իւր նախորդին նման համառօտ միջոց մը Էջմիածինի եւ ամենայն Հայկազեան ազգի տիրապետելէն ետքը, պարտաւորուեցաւ խոյս տալ եւ Զաքարիայի փախուստը կրկնելով Աղթամար ապաւինիլ: Հաւանական է կարծել թէ Լուսաւորչի Աջը երկրորդ անգամ մըն ալ Էջմիածին տարուեցաւ եւ ետ բերուեցաւ, վասնզի Ստեփանոս չէր կրնար Աջը Աղթամար թողլով Էջմիածինի տիրանալ: Պէտք է եւս յիշենք, թէ Ճիհանկիրը հարկատուութեան համոզող Զաքարիայի յաջորդը, չէր կրնար աղէկ աչքով նկատուիլ կամ պաշտպանուիլ Ջիհանկիրի զաւակէն: Արիստակէս անգամ մըն ալ Աղթամարցիներէ ազատելով իւր հայրապետական աթոռին դարձաւ: Ստեփանոսի ձեռնարկին մէկ նշանը կը տեսնենք նաեւ Հայրապետ Աղթամարցի աբեղային անցողակի ակնարկին մէջ, որ ճառընտիր մը գրած է զկէսն ի Սուրբ Էջմիածինն եւ զկէսն յաստուածաբնակ կղզիս Աղթամար ( ՓԻՐ. 231), որով Ստեփանոսի հետ գացած եւ դարձած ըլլալը կը հաստատուի: Եւ եթէ ճառընտիրի մի լաւ մասը կրցաւ նա Էջմիածինի մէջ գրել, ուրեմն միջոց մը այն տեղ մնացած էր, եւ ըստ այսմ Ստեփանոսը 1467-ին Էջմիածինի տիրացած եւ 1468-ին Էջմիածինէ փախած կրնանք դնել:

1502. ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐ

Արիստակէս կաթողիկոսի նշանաւոր գործերուն կարգը պէտք է դասենք Լեհաստանի համար եպիսկոպոս ձեռնադրելը, որ տեղի ունեցած է 1467-ին, Ստեփանոսի յարձակումէն առաջ: Լեհաստանի Հայ գաղթականութեան սկզբնաւորութիւնը կը բարձրանայ չորս դար առաջ մինչեւ 1065, Անիին Ալփասլանի ձեռք իյնալուն ատեն ( § 869), երբ Անեցի կամ ընդհանրապէս Շիրակացի գաղթականներ Կովկասը անցնելով սկսան տարածուիլ դէպ հիւսիս, եւ հետզհետէ ընդարձակուեցան, ու Լեհաստանի թագաւորներուն պաշտպանութիւնը զիրենք քաջալերեց անոնց հովանւոյն ներքեւ ամփոփուիլ: Հայերուն կեդրոնացած տեղը եղաւ գլխաւորապէս Իլվով կամ Լով քաղաքը, գերմանական հնչմամբ Լէմպէրկ եւ լատինական հնչմամբ Լէոպոլիս կոչուած, որ 1259-ին մեծ քաղաքներու կարգն անցաւ: Հայերու Իլվով հաստատուելուն ճիշդ թուականը որոշել դժուար է, բայց հարկաւ հետզհետէ աճեցան եւ բազմացան քաղաքին առեւտրական զարգացման ընթացքով: Առաջ քաղաքէն դուրս իրենց յատուկ թաղ եւ սեփական եկեղեցիներ ունեցած են ( ԲԺՇ. 97), եւ միայն 1173-ին քաղաքին մէջ փայտաշէն փոքրիկ եկեղեցի մը արտօնուած են շինել, որուն տեղը 1363-ին քարաշէն մեծ եկեղեցի մը կառուցած են Յակոբ Շահնշահեան Կաֆացի եւ Փանոս Ավրանեան Ղազալցի, որոնք կը վկայեն թէ շինած են հայադաւան սուրբ Լուսաւորչին օրինօքն, հնազանդ կաթուղեկէին, այսինքն հայրապետութեան Ամենայն Հայոց, եւ Հայ եպիսկոպոսի ( ԲԺՇ. 104): Իլվովի եպիսկոպոսներուն առաջինը եւս այդ թուականին կը յիշուի, թագաւորազուն Յովհաննէս մը Մեսրոպ Արտազեցիէ ձեռնադրուած 1365-ին, թէպէտ ոմանք 1364-ին ձեռնադրուած Գրիգոր մըն ալ կը յիշեն ( ԲԺՇ. 106): Բայց յաջորդներուն մասին յիշատակներ կը պակսին, մինչեւ Խաչատուր եպիսկոպոսը, որ 1467-ին պաշտօնի կ՚անցնի, Արիստակէսէ ձեռնադրուած ( ԲԺՇ. 110): Նոյն միջոցին Լեհաստան կը գտնուին երկու նուիրակներ, Անանիա արքեպիսկոպոս եւ Թովմաս եպիսկոպոս, որոնց ղրկող աթոռները յիշուած չեն: Ասոնց հետ ժողով մը կը գումարուի ի մենաստանիս որ է ընդդէմ քաղաքիս ( ԲԺՇ. 110), որ անշուշտ Հաճկատար Աստուածածին վանքն է ( ԲԺՇ. 98), եւ ուր զանազան կարգադրութիւններ եղած են եպիսկոպոսարանի գործունէութեան եւ եպիսկոպոսին ձեռնհասութեան վրայ: Այդ արձանագրութենէն կը քաղուի, որ տանուտէրաց մարմին մը կայ քաղաքին մէջ հաստատուած, տեսակ մը վարչական ժողով մը, եւ Խաչատուր եպիսկոպոս կը խոստանայ, առաջի Աստուծոյ, որ առանց տանուտէրաց հրամանին, 1. Եկեղեցեաց եւ անոնց ընչից մասին հրաման չտայ: 2. Քահանայից մտոցն ձեռնամուխ չլինի: 3. Երիցանուն զդատն ու զդատաստանն ի տեղս ընէ եւ այլ տեղ չձենէ: 4. Զքահանայ եւ զսարկաւագ չձեռնադրէ: 5. Անհասակ խնամութիւն կամ այլ անհաս բան կաշառօք չընէ: 6. Ինչ որ իւրեանց կարեացն հոգոյ բաժին կամ հանեն տան, զայն առնէ, եւ աւելի չպահանջէ: 7. Ինքնին եկեղեցապան եւ հայրպետ չդնէ: 8. Ինչ բան որ լինայ կամ դատաստան, հոգեւոր կամ մարմնաւոր, առանց տանուտէրաց չընէ: Ի վերջոյ նկատելով որ թերեւս կաթողիկոսին կողմէն տարբեր կարգադրութիւն կարենայ ըլլալ, եպիսկոպոսը իր վրայ կառնէ պատշաճը գործադրել, եւ կը յայտարարէ որ եթէ կաթողիկոսն տէր Արիստակէսն վերստին հրաման այնէ եւ զԼով քաղաքս տէրունի այնէ, գրով ես պատասխան տամ կաթողիկոսին Աստուծով ( ԲԺՇ. 110): Այդ դրութիւնը հետեւանք էր այն ազատութեան զոր Կազիմիր Գ. Մեծն, Լեհաց թագաւորը տուած էր Իլվովցիներուն 1356-ին, եւ անկէ առաջ Կամենիցցիներուն 1344-ին, ազատ քաղաքի իրաւունքներ վայելել, եւ սեփական վոյթ կամ իշխանապետ եւ տասերկու դատաւորներ ունենալ, թէ քաղաքային եւ թէ դատական գործերը վարելու համար: Ասոնք են որ հայերէն կոչմամբ Տանուտէրաց ժողով կը կոչուէին ( ԲԺՇ. 116), եւ որոնց հրամաններուն համակերպիլ կը խոստանայ Խաչատուր եպիսկոպոսը: Հարկաւ նախընթացաբար տեղի ունեցած անհամաձայնութիւնները խափանելու համար հաստատուած է այդ պայմանագրութիւնը:

1503. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԻ ՄԱՀԸ

Արիստակէսի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը եւ մահուան թուականը ստոյգ կերպով գրուած չըլլալուն կը պարտաւորուինք զանազան տեղեկութիւնները համեմատելով եզրակացութեան յանգիլ: Դավրիժեցին 1466-էն մինչեւ 1474 յիշատակութիւններ չունի, որով Արիստակէսի մասին որոշ բան մը չենք կրնար քաղել ( ԴԱՎ. 337): Երեւանեցին 1466-ին կը գրէ. յետ Զաքարիայի Տէր Սարգիս ( ՋԱՄ. 20), Արիստակէսը բոլորովին զանց կ՚ընէ, մինչ մենք անոր անունը յիշատակուած ունինք մինչեւ 1467 ( § 1502), եւ նոյնիսկ մինչեւ 1468 ( § 1501), որով Չամչեան ալ չ՚արդարանար 1466-ին մեռած ըսելով Արիստակէսը ( ՉԱՄ. Գ. 506): Աւելցնենք եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացի բժշկապետին յիշատակարանը, որ իւր թարգմանութիւնը 1469 դեկտեմբեր 26-ին աւարտելով, ի կաթողիկոսութեան տէր Ըռըստակիսի կը գրէ. ( ՓԻՐ. 224): Եթէ Փիրզալէմեանի հաւաքած յիշատակարաններուն հրատարակութիւնը այս միջոցին փակուած չըլլար ( ՓԻՐ. 232), կամ եթէ նորա ձեռագիրները տրամադրելի գտնուէին, պիտի կարենայինք շատ տեղեկութիւններ քաղել անոնցմէ, ինչպէս օգտուեցանք վերջին կէս տարու միջոցին համար: Առ այժմ կը պարտաւորուինք 1469-էն անդին չյետաձգել Արիստակէսի կեանքը, եւ սոյն տարին մեռած ըսել, ենթադրելով ալ որ դեկտեմբեր 25-ին կրնար գոյժը տակաւին Ֆիլիպէ քաղաքը հասած չըլլալ: Արիստակէսի յիշատակին եթէ գովութեան խօսքեր եւ արդիւնաւորութեան փաստեր պիտի չկարենանք աւելցնել, մեղադրութեան եւ գորովանքի դիտողութիւններն ալ գրելու պատճառ չունինք: Առաջ իբրեւ Ջալալբէգեանցի աթոռակից եւ վերջէն իբրեւ անոր յաջորդ շարունակ տագնապալից օրեր անցուց, եւ եթէ մեծ արդիւնք մը յառաջ չբերաւ, գոնէ կրցաւ եղածը պահպանել, եւ Մայրաթոռի դիրքը պաշտպանել, եւ Զաքարիա ու Ստեփանոս Աղթամարցիներու ոտնձգութեանց դէմ դնել: Իրաւ Հասան Ալիի ձգտումները եւ Ուզուն Հասանի յաջողութիւնները իրեն նպաստեցին, բայց գովելի արդիւնաւորութիւն մըն է առիթներէ օգտուիլ գիտնալն ալ: