Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ Բ. ԲԻՒԶԱՆԴԱՑԻ

2040. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Էջմիածինի միաբանութիւնը Մինասի յաջորդին ընտրութեան համար հաւաքուելով, միեւնոյն ոճին հետեւեցաւ, զոր նախընթաց պարագաներու մէջ ալ պահած էր, այսինքն է, Տաճկահայոց մէջ ամէնէն աչքառու դէմքը Մայրաթոռին վրայ բազմեցնել, եւ անոր փորձառութեամբ ու ազդեցութեամբ հայրապետութիւնը բարձրացնել: Այդ տեսութեամբ ընտրութիւնը շատ դիւրին էր, եւ Յակոբ Նալեան պատրիարք անհակառակ կաթողիկոսութեան ընտրելին ընդունուեցաւ, եւ Տաճկահայոց համաձայնութիւնն ալ ստանալու, եւ պաշտօնական գործողութիւնները լրացնելու, եւ ի հարկին պատշաճը կարգադրելու համար` պատգամաւորութիւն մը կազմուեցաւ, որ 1753 գարնան մէջ հասած կ՚ըլլայ Կ. Պոլիս: Նալեան ոչ մէկ կերպով յանձնառու եղաւ Կ. Պոլսոյ աթոռը թողուլ, որ իրեն իբրեւ ժառանգութիւն մնացած էր Կոլոտէն, եւ ուսկից միջոց մը հեռու մնալէ ետեւ, նորէն ձեռք անցուցած էր: Մայրաթոռի հայրապետութիւնն ալ զինքն չհրապուրեց. եւ ստուգիւ ալ յաջող եւ փառաւոր կացութիւն մը չունէր Էջմիածին, երբ խռովութիւններ կը տիրէին Պարսկաստան, եւ ճիշդ այդ միջոցին էր որ Ալիմէրտան Լոռիստանի իշխան` Ասպահանը կը գրաւէր, երբ Շահռուհ ալ կը շարունակէր թագաւորել Մէշէթի մէջ ( ԽԱՉ. 282): Երբոր Նալեան քաշուեցաւ, յառաջ եկող անուններն էին Աղեքսանդր Քարաքաշը եւ Սահակ Ահագինը, պահ մը Գէորգ Ղափանցիի վրայ ալ խօսուեցաւ, բայց Կոստանդնուպոլսոյ մեծամեծներուն եւ ժողովներուն առջեւ աւելի Ահագինը եղաւ որ խօսեցաւ եւ յորդորեց, եւ 1753 յունիս 22-ի ժողովին մէջ բռնադատեց Քարաքաշը յանձնառու ըլլալ կաթողիկոսութեան, եւ բոլոր ժողովականք միաձայն եւ միակամք զայն կաթողիկոս ընդունեցան ( ԴԻՒ. Գ. Է ): Աղեքսանդր Քարաքաշը առիթ ունեցանք յիշել, անդստին Կրետացիին օրէն իբրեւ անոր փոխանորդը 1973), եւ յետոյ Ջահկեցիին օրով իբրեւ Քիւթիւրի ընկերակիցը նեղութեանց եւ խոշտանգանաց մէջ 2023), որ վերջէն այլեւս չյիշուելուն մէկ կողմ քաշուած պիտի ըլլայ` ըսինք 2024), եւ այս անգամ զինքը կը գտնանք Կ. Պոլսոյ մէջ առանձնական կեանք վարող: Չենք գիտեր թէ Ջահկեցիին ձեռքէն խոյս տալով անմիջապէս Կ. Պոլիս եկած է, թէ ոչ ուրիշ տեղեր ալ եղած է, բայց ինչ ալ ըլլայ, վերջապէս Կ. Պոլիս իր ծննդավայրը քաշուած է ծերութեան օրերը հանդարտ անցընելու համար: Շատ տեղ Կոստանդնուպոլսեցի մակդիր անունով յիշուած է ( ՋԱՄ. 32), բայց մենք նախադասեցինք Բիւզանդացի կոչել, հետեւելով իր գերեզմանին մակագրութեան մէջ գործածուած յորջորջումին ( ՇԱՀ. Ա. 230): Իսկ Քարաքաշ մականունը որով յիշուած է ստէպ, հաւանականօրէն իրեն տրուած է սեւ եւ թաւ յօնքեր ունենալուն համար, թէպէտեւ կարծողներ ալ կան թէ գերդաստանի ազգանուն է, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ բանասէր Կարապետ Քարաքաշեանի ընտանիքն ալ, այժմ հռոմէադաւան, իր ցեղէն կարծած է Աղեքսանդր Կաթողիկոսը:

2041. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻ ՄԱՀԸ

Ինչպէս նախընթացներն ալ կը ցուցնեն, ծերութեան տարիքն ունէր Աղեքսանդր, երբ հակառակ իր մերժելուն եւ դիմադրելուն ստիպուեցաւ կաթողիկոսական պաշտօնը ստանձնել, եւ Մայրաթոռին համար աշխատիլ, որուն ի մանկութենէ զբարերարութիւնս բազումս ըրած էր, գոլով որդի եւ բնիկ միաբան սրբոյ աթոռոյն: Ինքն կը ներկայացուի իբր այր հեզաբարոյ եւ պարզամիտ եւ բազմաշխատ ( ՋԱՄ. 32), եւ եթէ տարիքին պատճառաւ հնար չէր իրմէ երկարատեւ եւ բազմարդիւն պաշտօնավարութիւն սպասել, գոնէ կաթողիկոսական աստիճանը արդար վարձատրութիւնն էր իր նախկին արդիւնաւորութեանց, եւ կրած տառապանաց ու տանջանաց, եւ համեստ երկայնամտութեան` հակառակ Քիւթիւրի արկածախնդիր գործունէութեան: Աղեքսանդր ընտրութեան համակերպելէ ետքը անմիջապէս Կ. Պոլսէն մեկնած չէ, թերեւս անձնական մի արգելքով, վասնզի առանց ձմեռուան խստութեան նայելու 1753 հոկտեմբեր 14-ին մեկնած է Կ. Պոլիսէ, եւ բազում տառապանօք ճանապարհի, եւ ցամաքի ճամբով հասած է Էջմիածին 1754 մարտ 2-ին ( ԴԻՒ. Գ. Է. ): Եւդոկիա հանդիպած ատեն հաստատած է Յարութիւն Բասենցի եպիսկոպոսին առաջնորդութիւնը: Էջմիածին հասնելէն քիչ օր ետքը օծուած է 1754 մարտ 6-ին ( ՉԱՄ. Գ. 865), ինչպէս կը գրեն ամէնքը ( ՇԱՀ. Ա. 229), որ կը հանդիպի Տնտեսի կիրակիին: Ըստ այսմ իր յիշատակարանին մէջ մարտի ամսեանն եօթն աւուրն գրուած ըլլալը, շփոթութիւն սեպելու է, զի ինքն ալ կը յիշէ, թէ յաւուր Տնտեսի կիւրակէին օծեցին, որով եղաւ տնտես ազգիս Արամեան ( ԴԻՒ. Գ. Է. ): Տարիուկէս ապրեցաւ Աղեքսանդր աթոռին վրայ, եւ կեանքը կնքեց միւս տարին, 1755-ին Հրեշտակապետաց շաբաթ օրը, որ կ՚իյնար նոյեմբեր 11-ին ( ՇԱՀ. Ա. 230), եւ թաղուեցաւ Մայրտաճարին դրան մօտ, զանգակատան ներքեւ, հարաւակողմը, որուն հանդիպակաց հիւսիսակողմը թաղուած էր Աղեքսանդր Ա. Ջուղայեցի, որ 41 տարի առաջ նոյն ամսուան մէջ վախճանած էր նոյեմբեր 22-ին ( ՇԱՀ. Ա. 224): Անցողակի յիշեմ, թէ 1888 մայիսին, երբոր Էջմիածինի ներքին բակին յատակը ցածցնելու պեղումներ կը կատարուէին, Աղեքսանդրներու գերեզմաններն ալ աւելի խոր իջեցնելու պէտք տեսնուեցաւ, եւ Մակար կաթողիկոսի հրամանով, եւ Ներսէս Խուդավերդեան ու Մամբրէ Սանասարեան եպիսկոպոսներու հետ` ես ալ անձամբ աշխատեցայ անոնց ոսկորներուն օրինաւոր զետեղման եւ շիրիմներուն կանոնաւորապէս փակուելուն: Աղեքսանդր Բիւզանդացիին գործունէութեան գալով` գլխաւոր դիպուած կամ նշանաւոր շինուած մը չունինք յիշատակուած, եւ Երեւանեցին ալ կը բաւականանայ ըսելով, թէ ունի եւ զգրեանս հոգացեալ ի յօգուտ սրբոյ աթոռոյս ( ՋԱՄ. 32): Միջադէպ մը չպատմուիլը, իր օրերուն Մայրաթոռի մէջ խաղաղութիւն տիրելուն նշան պիտի ընդունուի, եւ իրեն համար ալ, խոհական վարչութեան փաստ պիտի նկատենք այդ պարագան, ինչպէս իր նախորդ Մինասին համար ալ ըսինք 2039): Դժբախտաբար տարիքնին առած ծերունիներ սկսած էին գրաւել Մայրաթոռը, որոնք ոչ երկարատեւ պաշտօնավարութիւն կ՚ունենային, եւ ոչ ժիր գործունէութիւն կը խոստանային: Աղեքսանդրի կանոնաւոր վարչութեան նշան պէտք է սեպել, օծուելէն քիչ ետքը, 1754 ապրիլ 5-ին, որ զատկին երրորդ օրուան կը հանդիպի, յատուկ տոմար մը հաստատելը` հասոյթներն ու ծախքերը գրելու, որ եւ ցարդ կը պահուի` իբրեւ առաջին նմոյշ Մայրաթոռի կանոնաւոր հաշուակալութեան ( ԴԻՒ. Գ. Է. ):

2042. ՆՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Աղեքսանդրի մահուանէ ետքն ալ Մայրաթոռի միաբանութիւնը կրկնեց իր առաջին փափաքը, հայրապետական աթոռի վրայ տեսնել Յակոբ Նալեան պատրիարքը, թէ' կարողութեամբը եւ թէ' արդիւնաւորութեամբը յայտնի, եւ միանգամայն տակաւին 54 տարեկան, ժիր գործունէութեան տարիքին մէջ: Այդ փափաքին իրականացման համար Կ. Պոլիս յղուած պատգամաւորութեան գլխաւորն էր Սիմէոն եպիսկոպոս Երեւանեցին: Միաբանութիւնն աչքը Նալեանի վրայ էր դրած, բայց եթէ նա նորէն մերժէր, երկրորդ ընտրելի ցուցուցած էին Սահակ Ահագինը, միշտ նոյն տեսութեամբ, Տաճկահայերէն աւելի աչքառու անձը բերելու համար: Սիմէոն Կ. Պոլիս հասաւ 1756-ին սկիզբները, եւ Նալեան միեւնոյն վերջնական եւ վճռական մերժումը դիմադրեց, եւ ոչ մի կերպով յանձն չ՚առաւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը Մայրաթոռոյ կաթողիկոսութեան հետ փոխանակել: Կ. Պոլսեցիք ալ շատ վրայ տուած չեն երեւնար, Նալեանի պէս պատրիարք մը ձեռքէ հանած չ՚ըլլալու համար: Պատրիարքը մեծամեծներու ժողովը հաւաքեց, որոնք կաթողիկոսութեան արժանաւոր նկատեցին Սահակ Ահագինը, համաձայն Մայրաթոռոյ միաբանութեան որոշման, եւ 1756 փետրուարին կաթողիկոս հռչակուեցաւ ( ՇԱՀ. Ա. 229), թէպէտ Սահակ, որ ուրիշ անգամներ ալ հրաժարած էր, այս անգամ ալ ոչ մի յօժարութիւն չէր ցուցնէր, եւ ակամայ կամօք հաւանութեան բռնադատուեցաւ: Թերեւս Սահակը համոզելու ստիպողական պատճառներուն կարգին, նկատի առնուեցան Սիմէոն Երեւանեցիին եւ Զմիւռնիոյ առաջնորդ Աբրահամ Աստապատեցիին ձեռքի տակէն հանած դժուարութիւնները, որոնք մեծ համակրութիւն չէին գտած մայրաքաղաքին Հայութեան մէջ: Այսպէս թէ այնպէս Սահակ վերջնապէս կաթողիկոս ճանչցուեցաւ, ըստ այսմ ալ Էջմիածին ծանուցուեցաւ, ուր իբր տեղակալ գործի գլուխ կը մնար Շամախեցի Յակոբ եպիսկոպոսը, զոր յիշեցինք իբրեւ Ջահկեցիէն հալածուած անձերէն մին 2024):

2043. ԱՀԱԳԻՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Սահակ, բնիկ Խորձենացի կամ Կեղեցի, Կոլոտի յառաջադէմ աշակերտներէն էր, ցուցակին մէջ հինգերորդ նշանակուած, Նալեանէն անմիջապէս ետքը եւ Ահագին մականուն ստացած ուժեղ ձայնին համար, սակս ահագնապէս եւ փողաբարբառ քարոզելոյն զբանն կենաց ( ՍՐԳ. ): Բայց տեսլեամբ եւ կազմով ալ ահագին եղած պիտի ըլլայ, զի Պետրոս Տէր-Յովհաննէսեան Կարնեցի քահանան, որ Կարնոյ Ս. Լուսաւորիչ վանքին նորոգութեան առթիւ, Սահակի գերեզմանը բանալու առիթ ունեցած էր, ինձ բերանացի վկայած է թէ սովորականէն մեծ են եղած անոր ոսկրները: Սահակի գործունէութենէն ինչ ինչ յիշուեցաւ պատմութեանս կարգին, եւ գլխաւորապէս Ջահկեցին տապալելու համար Կ. Պոլսէ պատուիրակ ղրկուիլը 2024): Էջմիածինէ երբ դառնալը յայտնի չէ, բայց 1754-ին զինքն Զմիւռնիոյ առաջնորդ կը տեսնենք ( ԳԱԼ. 260), ուսկից 1755-ին Կ. Պոլիս կու գայ ( ԳԱԼ. 276): Սահակ որ թէ Ջահկեցիին պարագային 2025) եւ թէ Բիւզանդացիին ընտրութեան ատեն 2040) խոյս տուեր էր կաթողիկոսական աթոռէն, այս անգամ ալ կարծես թէ միեւնոյն միտքին վրայ կը մնար, թէպէտ պաշտօնապէս յանձնառու կ՚ըլլար կաթողիկոս ճանչցուիլ: Ճանչցուիլ կ՚ըսենք, զի արդեամբ եւ իրօք կաթողիկոս չեղաւ Սահակ, եւ ոչ ալ կաթողիկոսութիւն վարեց, զի օծումն ալ չ՚ընդունեցաւ: Այս ու այն պատճառանքներով ուղեւորութիւնը ուշացուց, եւ տակաւին ամ մի եւ ամիսս ինն Կ. Պոլիս մնաց ( ՉԱՄ. Գ. 865), որ է ըսել թէ այնտեղ կը գտնուէր մինչեւ 1757 տարւոյ վերջերը, իբր ընտրեալ կաթողիկոս, եւ ոչ տիրապէս կաթողիկոս, ոչ ալ պաշտօնական գործունէութիւն կատարելով: Վերջապէս ամէն կողմէ եղած դիտողութեանց վրայ, եւ հարկեալ ի բազում անձանց Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ, եւ անշուշտ չշտապեց, այլ քաղաքէ հանդարտօրէն հանգիստ առնելով հասաւ Կարին, եւ սահմանագլուխը անցնելու դանդաղելով տեղաւորուեցաւ Կարնոյ Ս. Լուսաւորիչ վանքը` Մուտուրկա գիւղի բարձունքին վրայ: Սահակի հոն հասնիլը իդէպ է դնել 1758 տարւոյ գարնան միջոցին, ուսկից այլեւս չհեռացաւ. ատենը անցուց Կարնոյ Ս. Լուսաւորիչ եւ Հինձքի Կարմիր վանքերու մէջ տարուբերելով իր բնակութիւնը: Այսպէս տարիուկէս եւս այնտեղ մնաց, մինչեւ որ թէ Էջմիածին եւ թէ Կ. Պոլիս անոր յամառ դանդաղկոտութիւնը տեսնելով, որ ոչ Մայրաթոռ երթալ յանձն կ՚առնէր, եւ ոչ պաշտօնապէս ստանձնած աստիճանէն կը հրաժարէր, ստիպուեցան երկու կեդրոններ իրարու հետ բանակցութեան մտնել, եւ համաձայնութիւն գոյացուցին Ահագինէ ձեռք քաշել, ըրած ընտրութիւննին չեղեալ համարել, եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւն կատարել: Սահակի ընտրութիւնը կատարուած էր 1756 փետրուարին, իսկ նոր ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 1759 օգոստոսին, որով երեքուկէս տարի աթոռոյ պարապութիւն մը տեւեց, պարզապէս Սահակի անօրինակ ընթացքին համար:

2044. ԵՆԹԱԴՐԵԱԼ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐ

Իրաւ ալ պատմութեան մէջ անօրինակ է, որ բարձր պաշտօնի ընտրուած անձ մը, թէպէտ դժկամակութեամբ, բայց վերջապէս պաշտօնապէս իրեն տրուած աստիճանն ու պաշտօնը յանձն առնելէն ետքը, տարիներով վրան պահէ այդ անունը, առանց անոր պայմանները լրացնելու, եւ առանց իսկ զայն պաշտօնապէս եւ վճռապէս վրայէն նետելու. այլ անունը պահէ, գործն ալ կէսկատար կերպով կատարէ, եւ մանաւանդ անոր պատկանեալ հասոյթներն ալ գանձէ, առանց պաշտօնավայրը երթալու, եւ առանց պաշտօնին տէրը դառնալու: Անմեկնելի հոգեբանական վիճակ մը կը տեսնուի Սահակի վրայ, եւ այնչափ աւելի մթին, որչափ իրեն վրայ խօսող ժամանակակիցներ որոշակի չեն բացատրեր, թէ ինչ էր Սահակի գաղտնի մտածմունքը կամ ծածուկ շարժառիթը, որով այսպիսի տարօրինակ ընթացքի մը կը հետեւէր: Եթէ պաշտօնին պատասխանատուութեան երկիւղածութիւնն էր, վերջին անգամ ալ կրնար բացարձակապէս հրաժարիլ, ինչպէս երկու անգամ ըրած էր: Եթէ Պարսկաստանի խռովեալ վիճակն էր, ինքն ալ կրնար պարագայէն օգտուելով Էջմիածինի մէջ քաշուած դիրք մը ստեղծել, ինչպէս ըրած էին Մինաս եւ Աղեքսանդր: Եթէ միաբաններուն հակառակութենէն կը խիթար, եւ գլխաւորապէս Սիմէոնի եւ Աբրահամի եւ անոնց հետեւողներուն ազդեցութենէն, կամ պէտք էր իսպառ հրաժարիլ, եւ կամ տեղւոյն վրայ անոնք ընկճել լիակատար իշխանութեամբ, եւ ոչ ինքզինքը անոնցմէ մերժուելու վտանգին ենթարկել, ինչ որ իրօք տեղի ունեցաւ: Եթէ Սահակին նամակները գտնուէին կամ հրատարակուած ըլլային, հնար էր անոնց վրայ ուսումնասիրութիւն կատարել, բայց այդ աղբիւրն ալ չունինք ձեռուընիս: Չամչեան, որ ժամանակակից մըն է, տեղ մը կը յիշէ, որպէս յայտ է ի թղթոց նորա, Յակոբ Շամախեցիի նամակներուն ակնարկելով ( ՉԱՄ. Գ. 865), բայց ասոնք ալ մենք չենք տեսած, եւ միայն Չամչեանի վստահանալով չենք կրնար հաստատել, թէ Շամախեցին Ահագինի գրած ըլլայ. Մի' եկեսցես այսր, իբր զի տեղական իշխանաւորներ վանքը կը նեղեն, եւ եթէ եկեսցես այժմ, առաւել եւս նեղեսցեն զմեզ եւ զքեզ ( ՉԱՄ. Գ. 865): Ասիկա միտքերը գոհացնող մեկնութիւն մը չէ, մանաւանդ թէ պէտք էր որ Սահակ յորդորուէր, տեղւոյն վրայ հնարաւոր դարմանները հոգալու, քանի որ ինքն էր գործերուն պատասխանատուն: Անձնական տկարութիւն ալ ենթադրելու տեղի չկայ, զի ընտրութենէն ետքը, եօթը տարի եւս ապրեցաւ, որ գոնէ ընտրութեան ատեն տկարութիւն ունեցած չ՚ըլլալը կը ցուցնէ: Ինչպէս կը տեսնուի, ենթադրելի պատճառներէն եւ ոչ մէկը հաւանական չ՚ըլլալով, ստուգապէս անբացատրելի կը մնայ Սահակի հոգեբանական վիճակը, եւ սեւեռեալ գաղափարէ կամ մելամաղձոտ վիճակէ տարբեր շարժառիթ մը դժուար է գտնել իր տարօրինակ ընթացքին:

2045. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Գալով Սահակ Ահագինի հայրապետական աթոռին հանդէպ ունեցած դիրքին, սովորական ցուցակին մէջ անոր անունը կը տեսնենք կաթողիկոսներուն շարքին անցած, Սահակ Ե. Կեղեցի կոչմամբ, իբրեւ օրինաւոր եւ իսկական կաթողիկոս ( ԺԱՄ. 640): Սակայն մեր տեսութեամբ հնար չէ իբրեւ օրինաւոր կաթողիկոս ընդունիլ մէկ մը, որ ոչ օծում է ստացած եւ ոչ հայրապետական աթոռի վրայ բազմած, եւ ոչ ալ տիրապէս կաթողիկոսութիւն ըրած: Այս մասին մեզի ձայնակից կը գտնենք Երեւանեցին ալ, որ անոր անունով գլխակարգութիւն չի կազմեր ( ՋԱՄ. 32), եւ Շահխաթունեանը, որ անոր անունն իսկ ծանօթութեանց մէջ կը թողու ( ՇԱՀ. Ա. 230): Սահակ ինքն ալ հայրապետական ոչ մի գործի ձեռնամուխ եղած չէ, եպիսկոպոս ձեռնադրած չէ. կ՚երեւի թէ կոնդակ իսկ տուած չէ. միայն գոհացած է աստ անդ յանուն կաթողիկոսութեան եղած իրաւունքները եւ հասոյթները գանձել, թէպէտ Էջմիածին անոր բան մը ղրկած չ՚երեւիր: Երբոր իր վրայէն ձեռք քաշելու եւ կաթողիկոս մը ընտրելու միտքը հաստատուեցաւ, Աստապատեցին Կարին ղրկուեցաւ որպէսզի առցէ ի Սահակայ զհաշիւ հասից կաթողիկոսութեանն ( ՉԱՄ. Գ. 686). այլ կ՚երեւի միայն հաշիւը առնելու, եւ ոչ թէ գանձուած գումարները ետ պահանջելու համար, որպէսզի գիտնան թէ ինչ գանձուած է, եւ ինչ գանձելի կը մնայ, որպէսզի ըստ այնմ կանոնաւորուին ապագային մէջ: Սահակի վրայ հինգերորդ թուահամարին կիրառութիւնն ալ աւելորդ կը սեպենք, զի այդ թուարկութիւնը օրինաւոր կը գտնենք միայն գահակալներու եւ աթոռակիցներու վրայ, իսկ Ահագին ոչ մէկն եղաւ եւ ոչ միւսը: Սովորութիւն է թուարկեալ համարը պահել եւս երբոր իսկապէս մէկէ մը գործածուած է, ըլլայ օրինաւոր, ըլլայ ապօրինի կերպով. իսկ Սահակ Ահագինի ատեն թուարկութեան սովորութիւնը չկար, եւ կիրառութիւնն ալ չեղաւ, ուստի պէտք ալ չէ հինգերորդ թուահամարը լրացած եւ փակուած կարծել. եւ եթէ ապագային Սահակ մը ընտրուի, անոր կը մնայ Սահակ Ե. կոչումը գործածել: Այս սկզբունքով Աղեքսանդրի մահէն 1755 նոյեմբեր 11-էն 2041), մինչեւ նոր կաթողիկոսին օծումը 1759 նոյեմբերին, աթոռոյ պարապութեան միջոց կը հաշուուի` չորս տարի կատարեալ, որ միջոցին տեղապահութիւնը վարեց Յակոբ Շամախեցի եպիսկոպոսը 2042): Իսկ մենք նոր կաթողիկոսին ընտրութեան չ՚անցած, պէտք է յառաջ բերենք միւս աթոռներուն անցքերը` Աղեքսանդրի ընտրութեան ժամանակէն սկսելով:

2046. ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐԸ

Յիշեցինք իր կարգին Սարաֆեան Սարգիս եպիսկոպոսը, Կոլոտի աշակերտներէն ( ՍՐԳ. ), որ Գաղատիոյ առաջնորդութենէն ետքը, Երուսաղէմի նուիրակութիւն էր ըրած, եւ թէպէտ ամբաստանուած իբր արդիւնքին անհաւատարիմ, սակայն Նալեանի շնորհիւ վճարած գումարին համար Շղթայակիրէ մուրհակ մը ստանալով 2001), շիտակ Զմիւռնիա էր դարձած, եւ աւելի ապահով սեպած Արեւմուտք երթալ Լատիններէն օգտուելու համար: Սարգիս 1744-ին շիտակ Վենետիկ կու գար ( ԳԱԼ. 48), միւս տարին 1745-ին Հռոմ կ՚անցնէր, եւ երկու տարի այնտեղ մնալէ ետքը, 1747-ին կրկին Վենետիկ կը դառնար, եւ տպագրութեան ու հրատարակութեան ձեռնարկին կը հետեւէր, իրեն համար յատուկ տառեր ալ պատրաստել տալով ( ԳԱԼ. 50): Սարաֆեան այդ ձեռնարկին մէջ անշուշտ նիւթական շահուն մտադրութենէն ալ հեռու չէր, եւ զի յայն գործ` ինչք իւր բաւական չէին. նպաստներ գտնելու հետամուտ էր, բայց սոյն կամք նորա ոչ յաջողէին ( ԳԱԼ. 51): Արեւմուտք իր կարծած բախտը իրեն չէր տուած, անոր համար նորէն Հռոմ ու Լիվօռնօ հանդիպելով, 1754 զատիկէն ետքը կը դառնար Զմիւռնիա, Սահակ Ահագինի առաջնորդութեան միջոցին ( ԳԱԼ. 55): Սարաֆեանի ներբողաբանը հռոմէադաւանութեան միսիոնար, այսինքն քարոզիչ ըլլալու նպատակը կու տայ անոր Արեւելք դառնալուն ( ԳԱԼ. 258), սակայն Սարաֆեանի ձեռնասունը, աւելի անկեղծ կը խոստովանի, թէ պաշարեալ ուրեմն արծաթոյ սովու, զոչ ոք տեսեալ անդ ինքեան ձեռնտու, որոշէր թողուլ իսպառ զՎենետիկ, չոքալ գտանել զհայրենեան բնիկ ( ԳԱԼ. 53), այսինքն դրամի բախտը փնտռելու համար կը դառնար, եւ ոչ թէ ուրիշ նպատակով: Սարգիս Զմիւռնիայէ Պրուսա` եւ անկէ Կ. Պոլիս եկաւ, մայրաքաղաքը աւելի յարմար գտնելով իր շահադէտ նպատակին. եւ նախ Նալեան պատրիարքը, իր հին ընկերակիցը շահիլ ջանաց, որպէսզի իրեն կռուան մը կազմէ: Բայց կարծել թէ Սարգիս` Յակոբ պատրիարքի թոյլտուութեամբ իւր հռոմէական քարոզութիւնները սկսաւ ( ԳԱԼ. 275), բոլորովին չճանչնալ է Նալեանի անձը, բանիւ եւ գրով հռոմէադաւանութեան դէմ մաքառողը, եւ հայադաւանութեան եռանդուն պաշտպանը, թէպէտ խոհական միջոցներով: Նմանապէս Սարգիսի վրայ ծանր կասկածներ յուզուելէ, եւ նորա ֆռանկութեան եւ պատրիարքական աթոռի թեկնածութեան մասին զրոյցներ շրջելէ, եւ այդ մասին քննութիւններ կատարուելէ ետքը Սարգիսի պաշտօնի անցնիլը, եւ պատրիարքական հաստատութեամբ Ռոտոսթոյի առաջնորդ երթալը ( ԳԱԼ. 68), յայտնի կը ցուցնեն, թէ անոր Վենետիկ եւ Հռոմ երթալով հռոմէադաւանութեան յարելէն ետքը, ետ դառնալով Նալեանի ձեռքին ներքեւ նորէն պատրիարքարանէ առաջնորդութիւն ընդունիլը, կրկին հայադաւանութեան համակերպելուն եւ հպատակելուն արդիւնքն է: Ասիկա ուրիշ բան չի ցուցներ, բայց եթէ Սարաֆեանի յեղյեղուկ ընթացքը, զի որ կողմէ բախտ մը կամ դիւրութիւն մը կը յուսար` այն կողմ կ՚անցնէր: Այդ բանը իրմէ զատ ուրիշ Հայ եկեղեցականներու վրայ ալ կը նշմարուէր այն ատեն, երբոր իրենց ձգտումներուն կամ ակնկալութիւններուն յագուրդ չէին գտներ: Սամուէլ Երզնկացի վարդապետ, Նալեանի փոխանորդը, միջնորդի դերը վարած է Սարաֆեանը Նալեանի հաճելի ընելու ( ԳԱԼ. 59): Իսկ Սահակ Ահագինի` Սարգիսի դէմ թշնամական ընթացք կը վերագրուի, եւ չենք վարանիր վեղարակիցներու իրարու դէմ նախանձաբեկ քայլեր վարելնին ընդունիլ, բայց այս պարագայով եւս քանզեւս կը շեշտուի, թէ Նալեան հռոմէադաւանութեան մօտեցած չէ, այլ Սարգիս հայադաւանութեան դառնալը օգտակարագոյն գտած է:

2047. ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Սարգիս Սարաֆեան Ռոտոսթոյի առաջնորդութեան անցնելով, ինքզինքը ապահով սեպեց նորէն գոյն փոխել, եւ համարձակեցաւ իսկ խիստ ոճով նամակ մը գրել Յակոբ Նալեան պատրիարքին, որ այնպիսի պարունակութիւն ունէր, լոյտ եւ նախատ էր, եւ որ փոքր ինչ ծանր էր ( ԳԱԼ. 68), ինչպէս իր ձեռնասունն ալ կը խոստովանի: Ասոր հետեւանքը կ՚ըլլայ Սարգիսի համար աքսորի հրամանը, եւ կը ձերբակալուի Կ. Պոլիս գալուն, ուր կ՚ուզէր իր ըրած սխալները դարմանել` սակայն չի հասնիր մտադրութիւնը իրականացնել: Կ. Պոլսոյ մէջ Սիմէոն Երեւանեցի վարդապետէ հիւրընկալութիւն գտնելն ալ ( ԳԱԼ. 279), մեզի համար նշան է Սարգիսի անգամ մըն ալ հայադաւանութեան ծոցը ապաւինելուն, զի ուրիշ կերպով հնար չէր Սիմէոնի միտքն ու համոզումներն ունեցողի մը` հռոմէադաւանութիւն քարոզողին պաշտպան կանգնիլ: Միշտ Սարգիսի յեղյեղուկ ընթացքին նշաններն են, որ դիմացնիս կ՚ելլան: Սարգիս ձերբակալուած եւ ձիու վրայ ոտքերէն շղթայուած Ռոտոսթոյ, անկէ ալ նաւով Տարտանէլի նեղուցին վրայ Պօղազհիսար կը տարուի, սպասելով որ Կիպրոսի Մավսա ամրոցը տանող նաւ գտնուի: Այդ միջոցին բարեկամներու եւ նիւթական նուէրներու եւ Սարգիսի մօրը թախանձանքներուն շնորհիւ, հրաման կը տրուի աքսորավայրը Քիոս կղզին փոխել, եւ առանց բերդարգելութեան հոն ազատ թողուլ, ինչպէս ալ կը գործադրուի ( ԳԱԼ. 283): Այդ եղելութիւնները պէտք է դնել 1756-ին, որ է Սիմէոն Երեւանեցիին Կ. Պոլիս գալուն թուականը 2042): Սարգիսի Քիոսի մէջ մնացած ժամանակը ճշդուած չէ, բայց երկար եղած պիտի չ՚ըլլայ, զի իրեն պաշտպաններ գտնուած են Կ. Պոլսոյ մէջ, որ պատրիարքն ալ հաճեցուցած են զայն Եւդոկիոյ առաջնորդ անուանելով աքսորավայրէն ազատել, եւ այնպէս ալ եղած է: Բայց Սարգիս նախ Կ. Պոլիս գալով, հոն մնացած է ( ԳԱԼ. 284): Այստեղ ալ աւելորդ չ՚ըլլայ դիտել տալ, թէ անշուշտ Սարգիս իր հայադաւանութեան համար յայտարարութիւններ ըրած եւ վստահութիւն ներշնչած է, որ իրեն պաշտպան ամիրաներ գտնուած են, եւ Նալեան ալ նորէն զայն առաջնորդութեան կոչելու հաճած է: Սարգիս տկարութիւն պատճառելով Կ. Պոլիսէ մեկնած չէ, եւ Եւդոկիոյ առաջնորդութիւնը տարի մը փոխանորդով իր վրան պահած է, մինչեւ որ վերջնապէս հրաժարելով Կ. Պոլսոյ մէջ հաստատուած է` եկեղեցիէ եկեղեցի փոխադրուելով քարոզչական պաշտօնով, ինչպէս Սամաթիոյ Ս. Գէորգը, Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչը ( ԳԱԼ. 301), Պալաթու Ս. Հրեշտակապետը ( ԳԱԼ. 305), դարձեալ Ղալաթիա ( ԳԱԼ. 306), եւ նոյնիսկ Վոսփորի եկեղեցիները ( ԳԱԼ. 301): Սարգիս յաջողած է շատերուն համակրութիւնը գրաւել, որով իրեն նուիրուեցան Յակոբ պատրիարքէ եւ Սիմէոն եպիսկոպոսէ ըրած փոխառութիւնները, մինչեւ իսկ աքսորի առթիւ ըրած ծախքերուն փոխարինութիւն ստացաւ ( ԳԱԼ. 300): Ասոնք ուրիշ կերպով չէին կրնար իրականանալ, եթէ ոչ ջերմ հայադաւան լինելը երաշխաւորելով, եւ ոչ թէ ինքզինքը հռոմէադաւան ցուցնելով, ինչպէս իր ներբողաբանները կ՚ուզեն ենթադրել: Մանաւանդ չէին ալ պակսիր Սարգիսի վրայ կասկածով նայողներ, եւ անոր քարոզներուն հետեւողներ` հայադաւանութենէ օտար բառ մը կամ խօսք որսալու համար, որ կարենան զինքը բամբասել ( ԳԱԼ. 304): Եւ եթէ Սարգիս գիտէր ինքզինքը տարիներով վտանգէ ազատ պահել, ուրեմն հռոմէականութենէ ալ հեռու կը մնար այլեւս, ցորչափ հայադաւանութիւնը իր շահադէտ ձգտումները կը գոհացնէր:

2048. ԱՄԻՐԱՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ

Կոստանդնուպոլսոյ վրայ խօսուած ատեն, անհնար է լռութեամբ անցնիլ մայրաքաղաքին մեծամեծները, որոնք մեծ ազդեցութիւն եւ գրեթէ տիրապետութիւն կը վայելէին ազգային կեանքին եւ ազգային գործերու վրայ: Արդէն առիթ ունեցանք յիշատակել Սեղբեստրոս Երեւանեանցը 1947), Յակոբ Յովհաննէսեանը 2036), կամ սովորական կոչմամբ Սեղբոս եւ Եաղուպ ամիրաները, որոնց երկրորդը աղետալի մահ ունեցաւ, իսկ Սեղբոս խաղաղութեամբ վախճանեցաւ 1754 փետրուար 5-ին, Ս. Սահակ Պարթեւի շաբաթ օրուան երեկոյին ( ԱՍՏ. Ա. 82): Այդ մեծամեծներ, ոչ յատուկ ընտրութեամբ եւ ոչ պաշտօնական անուանուամբ կը վայելէին այդ իրաւունքը, այլ իրենց դիրքով եւ իրենց դրամական կարողութեամբ` ազդեցութեան տէր կը դառնային: Տաճիկ պաշտօնեաներ, մեծ եպարքոսէն սկսելով, իւրաքանչիւրը իր ելեւմտական գործակատարը կ՚ունենար, որ իրեն վաճառապետ կամ սեղանաւորն էր, պէտք եղած ատեն պահանջուած գումարները հայթայթելու կամ հրամայուած ծախքերը ընելու պաշտօնով, եւ փոխադարձաբար ամէն կերպերով իրենց գլխաւորին համար դրամ ճարելու իրաւունքներով: Այդ իրաւունքները կարգ ու կանոն, չափ ու կոպար չունէին: Արդարութիւնը ծամածռել, պաշտօնեաները վաճառել, պաշտպանութիւնը սակարկել, եւ նմանօրինակ գործեր` այդ վաճառապետներուն ձեռքով կը կատարուէին, որոնք ոչ միայն իրենց պաշտպանը կը հարստացնէին, այլեւ իրենք կ՚օգտուէին, եւ երբ իրենց պաշտպանը բարձր դիրքի հասնէր, իրենք ալ ըստ այնմ ազդեցութեան եւ իշխանութեան տէր կը դառնային, եւ ազգային շրջանակի մէջ ալ իրենց կամքը կը քայլեցնէին: Բայց որովհետեւ անհաստատ էր պետական պաշտօնեաներուն դիրքը, եւ անակնկալ տապալումներ եւ ոչնչացումներ սովորական էին, ազգային մեծամեծներն ալ նոյն բախտին ներքեւ կ՚իյնային, եւ ցանցառ չէին իրենց գլխով եւ գոյքով` իրենց գլխաւորին անիրաւութիւնները քաւող, եւ անոնց հետ տապալուող եւ ոչնչացող Հայերուն օրինակները, ինչպէս Եաղուպի համար պատմեցինք 2036): Ժամանակիս գլխաւորներուն մէջ կը յիշուին Ղազար Ակնեցի, եւ Պետրոս Ալեքսանեան` Կամարակապցի ընկերներ եւ եպարքոսական վաճառապետներ ( ՊԱՍ. 10), Մաթոս վերակացու սարաֆաց, այսինքն սեղանաւորներու արհեստապետ ( ԳԱԼ. 278), որ Նալեանի թիկունք էին. Աբրահամ Քուլէլեան, Սիմէոն Աստուրեան, Մարտիրոս Չօպանեան կամ Հովուեան, Գասպար Մուրատեան եւ Պաղտասար Մուրատեան ( ԳԱԼ. 70), որոնք իբրեւ մեղմ ընթացքի պաշտպաններ կը յիշուին. Պետրոս Պուռունսուզեան, Մուրատ Մուրատօղլու եւ Փիլիպպոս Մուրատեան, որ Էջմիածինի հետ յարաբերութեան մէջ էին (01 ՕՐԱ. 143). Պաղտասար Սրմաքէշ եւ Միքայէլ Տիւզեան Հռոմէականութեան հակամէտնէր ըլլալով մէկտեղ, խօսքով կը մերժէին իբր զրպարտութիւն ամբաստանողաց ( ՉԱՄ. Գ. 868): Մենք հետամուտ չենք ասոնց իւրաքանչիւրին գործունէութիւնը առանձինն պատմել, միայն անունները քաղեցինք իբր յիշատակ:

2049. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԹՈՌ

Երուսաղէմի պատրիարքութեան բարձրացած տեսանք Թէոդորոս Խորենացին 1752-ին 2037): Իրեն օրով կատարուած իրողութեանց գլխաւորն է զանազան ազգերու մէջ յուզուած սեփականութեանց նոր վէճը: Լատիններ 1756-ին Գաղղիոյ դեսպանատան ձեռքով հրամանագիր մը ձեռք ձգեցին Աստուածածնայ եկեղեցին նորոգելու եւ սեփականելու համար: Յոյներ իսկոյն բողոքեցին, իրենց հին հրովարտակները ներկայացուցին, եւ Լատինները ձեռք անցուցած տեղերնէն արտաքսելու նոր հրովարտակ առին 1757-ին յատուկ պաշտօնեայ մըն ալ ղրկել տուին Կ. Պոլիսէ, որ Երուսաղէմ երթալով 1758-ին Լատինները հանեց Ս. Աստուածածնայ եւ Ս. Յարութեան եկեղեցիներէն, եւ հոկտեմբեր 7-ին Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցիէն ( ԱՍՏ. Բ. 84): Յոյներ ստացած հրովարտակնուն սահմանն անցնելով, յատուկ պաշտօնէին ձեռքով Հայերն ալ վտարեցին յիշեալ սրբավայրերէն, եւ պէտք եղաւ որ Թէոդորոս պաշտպանութեան ձեռնարկէ: Կարեւոր փաստերը հաւաքելով եւ տեղական դատաւորէն տեղեկագիր առնելով, Կ. Պոլիս հաղորդեց: Նալեան պատրիարք գործը ստանձնեց, եւ 1759-ին Մուսթաֆա Գ. սուլտանէն նոր հրովարտակ ստացաւ Հայերու սեփականութեանց համար, եւ ըստ այնմ Հայերուն վերադարձուեցան իրենցմէ յափշտակուած տեղերը ( ԱՍՏ. Ա. 87): Այդ յաջողութեան աշխատողներ եղան Ղազար Ակնեցի եւ Պետրոս Կամարակապցի ամիրաներ, եւ Գրիգոր վարդապետ Պասմաճեան Թէոդորոսի փոխանորդը Կ. Պոլսոյ մէջ ( ՊԱՍ. 11): Իսկ վէճերը եւ շփոթները հիմնովին չվերջացան: Դամասկոսի կուսակալները փոփոխակի Լատիններէ եւ Յոյներէ կաշառուելով խնդիրները չվերջացուցին. Երուսաղէմացի Տաճիկներուն անհիմն պահանջներուն կարեւորութիւն տուին, քրիստոնեաները նեղեցին: Հայերն ալ այդ երեսէն տագնապներ կրեցին, ծախքերու պարտաւորուեցան, պարտքերու ներքեւ ինկան, եւ կուսակալներու կողմէն բարդուած պարտքերուն հանդէպ անբաւական գտնուեցան: Թէոդորոս պատրիարք երկարօրէն կը գրէ այդ ամէնը 1769 մայիս 13-ի ընդարձակ նամակով ( ԱՍՏ. Բ. 91-96), եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանէն օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն կը խնդրէ: Կը յիշէ եւս Երուսաղէմի գանձանակին Էջմիածինի գանձանակէն ետքը դասուած ըլլալը, որ վնաս կը բերէր Սուրբ Տեղեաց նպաստներուն, եւ կ՚ազդարարէ եւս որ Երուսաղէմի մասին պատրիարքէ եւ խորհրդականներէ չկնքուած գրութեանց կարեւորութիւն չտան ( ԱՍՏ. Բ. 96): Այդ պարագաներ գոնէ մեզի ցոյց կու տան ժամանակին տեղի ունեցող զեղծումները:

2050. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌ

Մեր ձեռքը գտնուած աղբիւրներ եւ յիշատակներ շատ աղքատ են միւս աթոռներու պատկանեալ տեղեկութեանց վրայ: Պատմեցինք արդէն, թէ Միքայէլ Աջապահեան Կ. Պոլիս կը գտնուէր երբ իր եղբայրը կը մեռնէր 2008), եւ իբր արդէն օծեալ կաթողիկոսակից` կը փութար աթոռը գրաւել: Միքայէլի կեանքէն կը յիշուի ուրիշ երկու անգամներ ալ 1749-ին եւ 1751-ին Կ. Պոլիս եկած ըլլալը ( ՋԱՄ. 99), առիթ առնելով Էջմիածինի սեփական եւ իրեն սահմանակից վիճակներուն խնդիրները, եւ ջանալով իր իրաւասութիւնը ընդարձակել: Այդ փորձերը կը պատասխանեն Պրոխորոնի յափշտակութեան 2029), եւ Ղափանցիին պատրիարքութեան 2036) թուականներուն, ինչ որ կը ցուցնէ թէ խորհած է առիթներէն օգտուիլ, եւ զգուշացած է Նալեանի պատրիարքութեան միջոցին այսպիսի խորհուրդներ մշակելէ: Իբր 20 տարի պաշտօնի վրայ գտնուած է Միքայէլ, եւ բաւական արդիւնաւոր եղած պիտի ըլլայ որ տապանագիրին մէջ մեծն ընտրեալ եւ վսեմագոյն վերաբերեալ դրուատիքներ արձանագրուած են ( ՍԻՍ. 217): Որոշակի գրուած չենք գտներ, բայց իբր ստոյգ կը կարծենք ընդունիլ, որ ինչպէս Միքայէլ իր երիցագոյն եղբօրմէն կաթողիկոսակից օծուած էր 2008), անանկ ալ ինքն իր կրտսերագոյն եղբայր Գաբրիէլը, կաթողիկոսակից եւ յաջորդ օծած ըլլայ, աթոռը Աջապահեան ազգատոհմին ձեռքէն չհանելու համար: Մահը եղած է հանգստիւ, Ռ. եւ երկու Ճ եւ Է թուականին, այսինքն է 1758-ին ( ՍԻՍ. 217), իսկ ամսաթիւը յիշուած չէ: Յաջորդութիւնը առանց միջադէպի կատարուած կը կարծենք նախորդին կենդանութեան ատեն կարգադրուած ըլլալով: Այսպէս երեք եղբայրներ, Ղուկաս ու Միքայէլ ու Գաբրիէլ իրարու յաջորդած են Կիլիկիոյ աթոռին վրայ, հազուադէպ պարագայ մը որեւէ աթոռի մէջ: Չմոռնանք յիշել, որ այդ միջոցներուն Գօզանօղլու տոհմը սկսած էր բռնապետել Կիլիկիոյ մէջ, եւ կաթողիկոսներն ալ մերթ անոնց պաշտպանութեանց եւ մերթ հարստահարութեանց կը հանդիպէին, ինչպէս որ բռնաւոր իշխաններուն շահը կամ հաճոյքը իրենց կը թելադրէր: Կիլիկիոյ կողմերը բազմաթիւ էին կէս ինքնագլուխ ցեղապետներ, անուանական հպատակներ Կեսարիոյ Օսմանեան կուսակալին: Ասոնց մէջէն Սիսի վրայ բռնացողը Լիւանօղլուն էր, որ ասէր զինքենէ լինել յազգէ Լեւոն թագաւորին Հայոց: Ասոր դէմ ելաւ Եուսուֆ Գօզանօղլու, անտոհմիկ մարդ մը, որ Տէվէլու գաւառի ցեղապետին այրիին հետ ամուսնանալով, նախ այնտեղ կը զօրանայ, եւ վերջէն Լիւանօղլուն ալ հալածելով իշխէ քաղաքին եւ սահմանացն Սսոյ, եւ մինչեւ իսկ Տորոսի լեռնաշղթային այդ մասը յանուն իր անուանէ Գօզանտաղի ( ԴԻՒ. Դ. 730):

2051. ՈՒՐԻՇ ԱԹՈՌՆԵՐ

Նուազագոյն եւս են միւս աթոռներուն մասին գիտցածնիս: Աղթամարոյ կաթողիկոսութեան մէջ, Նիկողայոս Սպարկերտցիէ ետքը 2018) կը յիշուի Գրիգոր կաթողիկոս մը, որ 1758-ին աթոռին վրայ կը գտնուի, բայց անկէ աւելի տեղեկութիւն չունինք (00 ԲԻԶ. 1199): Աղուանից աթոռին վրայ կը շարունակէ Ներսէս Գանձակեցին 2009), որ մինչեւ 1763 ապրած է ( ՋԱՄ. 66): Իսկ Պարսկաստանի աթոռին վրայ, Զաքարիա` երկամեայ առաջնորդութենէ կամ ըստ այլոց տեղեկալութենէ ետքը 2038) պաշտօնէ կը հանուի ( ԽԱՉ. 285), եւ 1754-ին կ՚ընտրուի Գէորգ Ջուղայեցի, այն որ յիշուեցաւ սուրբ գիրքերու պարսկերէնի թարգմանուելուն առթիւ 2021), եւ էր այր աստուածաշնորհ եւ մեծիմաստ ( ԽԱՉ. 285): Բայց չկարենալով տոկալ Պարսկաստանի անիշխանութեան երեսէն տեղի ունեցած բազմապատիկ նեղութեանց եւ հարստահարութեանց բռնաւորաց, Ս. Ամենափրկչի վանքին թանկագին սպասները հաւաքելով, հանդերձ երեւելի միաբանիւքն կը քաշուի Պասրա քաղաքը, որ Պարսկաստանի թեմ էր, եւ այն տեղէն վարէ զպաշտօն առաջնորդութեան: Վանքին մէջ մնացող Պետրոս եւ Բարաղամ վարդապետներ 1760 սեպտեմբեր 20-ին կը թախանձեն որ դառնայ, յայտնելով թէ յուսահատած մնացելանք, տանս տէր չկայ, բայց Գէորգ չի վստահիր դառնալ, եւ Պասրա կը մնայ տակաւին մինչեւ 1763 ( ՏՅՈ. Բ. 61), մինչեւ որ Քէրիմ խան զօրանալով երկիրը քիչ մը կը խաղաղի:

2052. ԽԱՆՈՒՄ ՎԱՂԱՐՇԱԿԵՐՏՑԻ

Ժամանակակից նահատակներուն յիշատակներէն գլխաւորն է Խանում Վաղարշակերտացի կոյսը, բնիկ Բագրեւանդ կամ Ալաշկերտ գաւառի Թօփրաքքալէ աւանէն, տեսքով փայլուն եւ նախշունիկ, եւ ձայնովը լսողները զմայլեցնող աղջիկ մը ( ՆՈՐ 565): Ինչպէս եւ ինչու չենք գիտեր, մայրը մահմետականութիւնը կ՚ընդունի, եւ աղջիկն ալ կ՚ուզէ ընկերացնել. բայց Խանում խոյս կու տայ, Արածանիի մէջ կը նետուի, հետապնդողներ կիսախեղդ դուրս կը հանեն, Անթափ գիւղի մէջ կազդուրելով մօրը կը յանձնեն, որ շէյխերու կը դիմէ: Անոնք ալ խոստումներով չկրնալով շահիլ, ատեան կը հանեն, կը բռնանան, գիշեր մի կը չարչարեն, եւ չկրնալով անոր միտքը փոխել տալ, մահուան կը դատապարտեն, իբրեւ իսլամութիւնը անարգող իր խիստ պատասխաններով, ու դահիճներուն կը յանձնեն ( ՆՈՐ. 566): Նախ կողէն կը խոցեն, եւ վերջէն անդամ անդամ կը յօշոտեն, իբրեւ կեր գազանաց ( ՆՈՐ. 564) բայց քրիստոնեայք հաւաքելով կը թաղեն գերեզմանատան մէջ, եկեղեցւոյն եւ աղբիւրին միջավայրը, ուր քարակոյտ մը միայն կը ցուցնէ նահատակ կոյսին գերեզմանը ( ՆՈՐ. 566): Նահատակութեան թուականն է 1755 մայիս 3, Նոր կիրակիին չորեքշաբթին ( ՆՈՐ. 562):

2053. ՓՌԱՆԿՈՒԼ ՇՐՋԸՎԱՆՑՑԻ

Ուրիշ նահատակի մըն ալ գերեզմանը կը տեսնուի Տաւրիկեան նահանգի կամ Խրիմի Ղարասուբազար քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գաւթին մէջ: Անունը Փռանկուլ, Ազիզ պէկի որդի, բնիկ ի յերկրէն Արեւելից ի գիւղէն Շրջըվանց, որ պէտք է Արարատի գիւղերէն ըլլայ, թէպէտ չենք կրցած ստուգել: Քսանամեայ երիտասարդ, որ վասն հաւատոյ կախիւ մահուամբ կատարի, այսինքն կախաղան հանուի, սակայն տապանագիրը ուրիշ պարագայ չի տար, եւ ուրիշ կողմէ տեղեկութիւն չէ հասած: Նահատակութեան թուականն է 1757 յունիս 1 ( ՆՈՐ. 567), որ կը հանդիպի Էջմիածինի տօնի կիրակէին: Շատ հաւանական է որ Փռանկուլ Շրջըվանցցիին նահատակութեան պարագաները յար եւ նման ըլլան Սահակ Բրուտեցիին պարագաներուն, որ նոյնպէս Արեւելքէն գալով Խրիմի մէջ նահատակուեցաւ, նորահաս երիտասարդութեան տարիքին 1962):

2054. ՈՒՐԻՇ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Այստեղ աւելցնենք քանի մը նահատակներու անուններն ալ, որոնց կը հանդիպինք աստ եւ անդ առանց պատմական պարագաները գիտնալու: Սարգիս դպիր կը յիշէ Աստուածատուր Մալղարացին, նահատակուած 1710 յունուար 10-ին, երեքշաբթի օր ( ՍՐԳ. ), որ կը համեմատի Աստուածայայտնութեան հինգերորդ օրուան: Նահատակութեան տեղը Կ. Պոլիս եղած կ՚երեւի, եւ տիրացու Պաղտասարն զպատմութիւնն գրեալ է կ՚ըսէ, բայց մենք չենք տեսած: Բանկալթիի գերեզմաննոցի մէջ բաւական թուով նահատակներու գերեզմաններ կը գտնուին, որոնց տապանագիրներէն միայն պէտք է քաղենք հակիրճ տեղեկութիւններ: Հազար հարիւր եւ չորս քսան, ընդ որս եւ չորս յարազուգեալ, այսինքն 1735 թուականին նահատակուած է Յակոբ յաղթողս այս քաջաջան, որ տիօք մանուկ էր եւ առոյգ, բայց չերկուցեալ ի սուսերաց, եհեղ զարիւնն վկայական: Կոմիտաս Պիլէճիկցին ալ որդի Պէկօղլիցի Սատէթի, 1742-ին փոխեցաւ կ՚ըսուի պարզապէս, սակայն տապանաքարին վրայ կախուած մարմին մը քանդակուած է, որ նահատակութեան նշանակ է:

2055. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՕՓՃԻՕՂԼՈՒ

Ընդարձակ տապանագիր մը ունի Յարութիւն նահատակ, որդի Թօփճիօղլու Սահակի, որուն հայրենիքը եւ ծննդավայրը չէ յիշուած, այլ Կ. Պոլսոյ մէջ կատարուած է: Տապանագիրը նահատկին բերնէն գրուած է, որով կը խոստովանի, թէ երեսներեք ամացս շաւղէս հեստեցի, այսինքն է 33 տարեկան իսլամութիւն ընդունած է, եւ տասն եւ մէկ ամիս ետքը ազդեցայ, այսինքն է զղջացած է: Այդ զգացմամբ համարձակ իշխանութեան կը ներկայանայ. գնացի, կ՚ըսէ, ասի հաւատն իմ ինձ, ձեր ձեզ լիցի, եւ դատաւորի առջեւ ելլալով զհաւատս խնդրեցի: Այդ պատճառով իբր իսլամութենէ ետ դարձող, վճիռ կը տրուի որ գլխատեսցի, սակայն ի կախաղանի կը նահատակուի, ինչպէս տապանաքարին քանդակն ալ կը ցուցնէ: Թուականը ԶՂՋԱՄ բառիւ ցուցուած է, որ է 1748 հոկտեմբեր 27, եւ ըստ այսմ ուրացութիւնը հանդիպած կ՚ըլլայ 1747 նոյեմբերին: Միեւնոյն 1748 թուականին ուրիշ նահատակ մըն ալ կայ, միեւնոյն պարագաներու մէջ վկայուած, որուն տապանաքարը գլխատման քանդակ ունի, եւ նահատակի բերնէն գրուած է, թէ առաջ զհոգիս մատնեցի դժոխի, բայց վերջէն Տեառն զարիւն իմ հեղի: Սակայն տապանագիրին մէջ նահատակին անունն իսկ յիշուած չէ, գուցէ վերոյիշեալ Յարութիւնին ընկերակից մըն է