Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԴԱՆԻԷԼ Ա. ՍՈՒՐՄԱՌԵՑԻ

2290. ԴԱՆԻԷԼԻ ԳԱՀԱԿԱԼԵԼԸ

Արքունի հրամանին գործադրութիւնը յատուկ պաշտօնէի մը յանձնարարուեցաւ, որ 500 հեծեալներու գլուխ անցած, Դանիէլը Մարաղայէ Թավրէզ եւ Թավրէզէ Երեւան առաջնորդեց հանդիսաւոր կերպով: Ապրիլին մէջ ստացուած էր հրովարտակը, եւ մայիս 14-ին ( ՄՍՐ. 68), Երեւման խաչին երեքշաբթին, Դանիէլ հասած էր Երեւանի մօտ Նորագաւիթ գիւղը, եւ Հիւսէյին Սարտար նոր կուսակալը` պատրաստութիւններ կը կարգադրէր` պաշտօնապէս իշխանութիւնը Դաւիթէ Դանիէլի փոխանցելու: Պաշտօնական գործողութիւնը կատարուեցաւ կուսակալին ապարանքին մէջ: Դանիէլ ամէն հանդերձանօք Նորագաւիթէ եկաւ, Հիւսէյինէ ընդունուեցաւ, եւ անոր աջ կողմը նստեցաւ, գլխուն վրայ կրելով արքունական հրովարտակը ( ՄՍՐ. 70), որ է թագաւորին հրամանը գլխուս վրայ բացատրութեան` նիւթական եւ շօշափելի պատկերացումը: Էջմիածինէ միաբաններու բազմութիւն մը, Նորագաւիթ եկած եւ անկէ Երեւան ընկերացած էր Դանիէլի, գլուխնին ունենալով Ղազար Վեցիկեան, Սահակ Դարբինեան, Յովհաննէս Գայլակերեան, եւ գրագիր Անդրէաս եպիսկոպոսները: Դաւիթ իր վերջին ատեններու սովորութեան համեմատ կը գտնուէր Երեւանի Անապատը, եւ բաւական վրդովում զգացած էր, քաղաքին մէջ տեղի ունեցող շարժումներէն: Անհնար էր որ արքունի հրամանը անգիտանար, բայց կ՚երեւի թէ իր սովորական միջոցներէն վստահութիւնը վերուցած չէր, զի իր ձեռքին տակ պատրաստ կը պահէր պարկք չորք ոսկելիցք, որոց միոյ միոյ աւելի քան զթզաչափ երկայնութիւն էր ( ՄՍՐ. 71): Նոյն միջոցին իրեն ալ հրաւէր կու գայ Սարտարէն` Թադէոս Մելիք-Մինասեանի ձեռքով, եւ կաթողիկոսական ամենայն հանդերձանօք կուսակալին կը ներկայանայ, բայց կաթողիկոսի յատուկ բարձին վրայ Դանիէլը նստած տեսնալով, ետ կը դառնայ ու դուրս կ՚ելլայ: Կառավարական պաշտօնեաներ ետեւէն հասնելով կը գրաւեն զամենայն սպասս եւ զզարդս կաթողիկոսական եկաւորութեան, երիվարը, խաչալէմը, գաւազանը, ու շաթրները ( ՄՍՐ. 71): Դաւիթ կը պարտաւորուի Անապատ դառնալ իբրեւ սոսկական մը. Դանիէլ ետեւէն կու գայ նոյն Անապատը, իբրեւ կաթողիկոսներու յատուկ իջեւան, կաթողիկոսական շքախումբի ամէն պարագաներով, եւ բազմաթիւ հետեւորդներով միաբանութենէն եւ կառավարական պաշտօնեաներէն: Հիւսէյին Սարտար պաշտօնապէս հռչակած էր արքունի հրամանը, Դաւիթի իշխանութենէ դադարիլը, եւ Դանիէլի իշխանութեան տիրանալը, եւ ամէնուն հրամայած այսուհետեւ Դանիէլի հնազանդելու պարտաւորութիւննին:

2291. ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Այսպէս վերջացաւ Դաւիթ Ե. Էնէգէթցիի կաթողիկոսութիւնը, որ 1801 ապրիլ 28-ին պարսիկ խանի ձեռքով աթոռին տիրացած էր ( § 2118), եւ 6 տարի ու 16 օր ետքը, 1807 մայիս 14-ին, աթոռէն կը զրկուէր նոյնպէս Պարսիկ խանի ձեռքով, եւ կ՚արդարանար բան գրոյն, թէ որով իւիք մեղանչէ ոք, նովիմբ եւ տանջեսցի ( ԴԻՒ. Ե. 455): Պարսիկ կառավարութեան պաշտպանութեամբ ստացած կաթողիկոսութիւնը, Պարսիկ կառավարութեան հրամանով կը կորսնցնէր: Այսպէս Դաւիթ իր միակ ոյժը կը կորսնցնէր, զի իր իշխանութիւնը ոչ կանոնական ընտրութեան վրայ հիմնուած էր, ոչ ընդհանուր համակրութեամբ զօրացած էր, ոչ ալ քրիստոնեայ պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գտնուէր. այլ միմիայն Պարսիկ կառավարութեան արտաքին բազուկն էր իր ոյժը, եւ անոր պաշտօնէից անյագ ընչաքաղցութեան պարարումն ալ` իր միակ միջոցն էր: Երբոր այս ալ իրմէ կապտուեցաւ, եւ քաղաքական տեսակէտներ Պարսիկ կառավարութեան վրայ ազդեցին, զգաց թէ իրեն այլեւս յոյսի նշոյլ չէ մնացած, եւ ամէն ձգտումներէ մերկանալով, ու նենգամիտ հնարագիտութեան կերպ մը չգտնելով, այն քանի մը օրերուն մէջ, որ Դանիէլի հետ միասին մնաց Երեւանի Անապատը, անձամբ եկաւ եւ անոր յանձնեց Էջմիածինի կաթողիկոսարանին բանալիները, ըսելով. Առ զայսոսիկ, կաթողիկոս եղբայր, յորոց թէ ես շահեցայ ինչ, շահեսցիս եւ դու ( ՄՍՐ. 71): Այսպէս ինքնաբերաբար կը խոստովանէր Դաւիթ թէ երբեք վայելք մը կամ օգուտ մը չշահեցաւ իր բռնազբօսիկ կաթողիկոսութենէն: Գործին իսկութեան գալով, հարկ կը զգանք դիտել որ երբ Դաւիթի աթոռազրկութիւնը Պարսիկ կառավարութեան կը վերագրենք, Դանիէլի աթոռակալութիւնն ալ նոյնին վերագրելով, կրնար ըսուիլ, թէ ուրեմն Դանիէլի կաթողիկոսութիւնն ալ կանոնական եւ եկեղեցական պայմաններէն զուրկ կը մնայ, ինչպէս որ Դաւիթին համար գրեցինք ( § 2249), եւ պարզապէս գործնական տեսակէտով արդարացեալ կաթողիկոսութիւն մը կը դառնայ, ինչպէս Դաւիթինը որակեցինք ( § 2251): Մեր տեսութիւնը բացայայտ կերպով ճշդելու համար, պէտք է յիշել տանք, թէ Դանիէլ կանուխէն օրինապէս ընտրեալ մըն էր, թէ Մայրաթոռոյ միաբանութենէն ( § 2219), եւ թէ Տաճկահայոց պատրիարքութենէն ( § 2227), երբ վրայ հասաւ Յովսէփի կաթողիկոսութիւնը ( § 2232): Եթէ այս կերպով առաջին ընտրութիւնը իր ոյժը կորուսած ըսենք, երկրորդ ընտրութիւն մըն ալ ունինք ( § 2244), կանոնական կերպով կատարուած, որ միեւնոյն կացութիւնը կը վերանորոգէր, եւ որ իր ոյժը կորուսած չէր կրնար ըսուիլ` Դաւիթի առանց նախընթաց եւ կանոնական պայմանի, լոկ արտաքին եւ կառավարական բռնի ոյժով օծուելովը ( § 2249): Մենք գովաբան չեղանք Դանիէլի տարաժամ օծուելուն ( § 2268), եւ պիտի ուզէինք, որ Դանիէլի իրաւունքը պաշտպանելով մէկտեղ, անոր օծումը Մայր տաճարին մէջ կատարուէր, երբ կառավարական ոյժով կանոնական իրաւունքը կը պաշտպանուէր: Այդ արարողութիւնը այս անգամ տեղի չունեցաւ, եւ 1802 մայիս 25-ին կատարուած Բագրեւանդի օծումը վաւերական սեպուեցաւ, եւ Դանիէլ իբրեւ հինգ տարիէ իվեր ստացուած իրաւունքի տէր, կաթողիկոսական աթոռը բազմեցաւ Էջմիածինի մէջ, ուր բաւական ատեն մնացած էր իբրեւ կալանաւոր եւ կարգալոյծ, եւ ուր մօրուքը գերծուելուն նախատանաց ալ ենթարկուած էր:

2292. ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

Դանիէլ եւ Դաւիթ քանի մը օր միասին բնակեցան Անապատը. Հիւսէին խան պարտուպատշաճ հրամանները տուաւ երկուքին ալ, Դաւիթին որ միամտօրէն հնազանդի, եւ Դանիէլի որ վեհանձնօրէն սիրաշահի, եւ միաբանութեան ալ` որ հակառակութիւնները վերջացնէ. եւ այսպէս մայիս 20-ին, Յինանց վեցերորդ երկուշաբթի օրը, ամէնքը միասին Երեւանէ Էջմիածին եկան շքեղ հանդիսութեամբ: Ղըռի այգիի, կամ Ս. Հռիփսիմէի վանքին մօտ. Էջմիածինի միաբաններ եւ Վաղարշապատի բնակիչներ ուրախութեամբ դիմաւորեցին եկաւորները, յարգանաց նշաններ ցուցնելով Դաւիթի ալ, որ կը մերժէր անոնց ցոյցերը, թէ ահա, ըստ սրտից ձերոց արդ յաջողեցան իրքդ ( ՄՍՐ. 72), որ լռելեայն խոստովանութիւն էր թէ ինքն հանրութեան համակրութիւնը չէր վայելած: Հաւանական է որ մայիս 23-ին Համբարձման օրը` իր առաջին հայրապետական հանդիսադրութիւնը կատարած ըլլայ Դանիէլ Մայրտաճարին մէջ, թէպէտ որոշակի նշանակուած չենք գտներ: Դանիէլ շատ աւեր ու քանդուած գտաւ Մայրաթոռը, որուն մասին Դաւիթ վերջին երկու տարիներու մէջ անփոյթ եւ անհոգ էր դարձած, եւ կարծես նախատեսելով, որ այլեւս պիտի չկարենայ վայելել, բոլորովին ձեռքէ թողած էր իր առաջին գործունէութիւնը, եւ Մայրաթոռին ու Մայրտաճարին համար անտարբեր դիրք մը առած, աւելի Երեւանի մէջ կ՚անցընէր իր օրերը: Դանիէլ իր գործունէութեան մէջ իրեն հետ չունէր իրեն հզօր պաշտպանները, Եփրեմ ու Յովհաննէս, Գրիգոր ու Բարսեղ եպիսկոպոսները, եւ Մանուէլ ու Ներսէս վարդապետները, որոնք գործօն դեր մը չունեցան վերջին եղելութեանց մէջ, եւ ոչ ալ տեղերնէն շարժեցան երբոր Դանիէլի Էջմիածին մտնելը իմացան, այլ իրենց պաշտօններուն կամ զբաղումներուն վրայ մնացին: Նոյն ինքն Ներսէս Աշտարակեցին ալ հազիւ 1808 մարտ 8-ին Գրիգորուպոլիսէ Էջմիածին եկաւ ( ԶԱՄ. Բ. 150), Դանիէլի նստելէն 10 ամիս ետքը, որով չ՚արդարանար ոմանց խորհրդածութիւնը, թէ Եփրեմ Ներսէսի ներկայութենէն ազատելու համար, Դանիէլի գահակալելը պատճառանք ընելով, փութացուցած ըլլայ զայն իրեն քովէն հեռացնել ( ԴԻՒ. Է. լթ ): Ընդհակառակն Եփրեմ ու Ներսէս, Լազարեան Մինաս իշխանի միջնորդութեամբ, ջանացած են Ռուսական կայսրութեան մօտ Դանիէլի դիրքը ուժովցնել եւ նպաստաւոր օգնութիւններ ձեռք ձգել. ինչպէս եղած են, Սուրբ Աննայի ասպետութեան առաջին կարգի շքանշանը ( ԴԻՒ. Ե. 547), եւ թանկագին ընծաներ: Ներսէս այդ միջոցին զանազան խնդիրներ կարգադրելու համար` պտտած է Եաշ ( ԴԻՒ. Ե. 525) եւ Մոզդոկ եւ ուրիշ քաղաքներ, որով կը տեսնուի թէ հապճեպ վազք ալ ունեցած չէ դէպ Էջմիածին` եպիսկոպոսանալու տենչանօք ( ԴԻՒ. Է. լթ ), որ իրեն համար արդարացի վարձատրութիւն էր Դանիէլին կողմէն. այլ կատարուեցաւ իր Էջմիածին դառնալէն ետքը, այսինքն Դանիէլի աթոռ բազմելէն տարի մը ետքը: Այդ տարւոյն մէջ Դանիէլ աշխատեցաւ ցրուեալ միաբանները հաւաքել, տարուած գոյքերը դարձնել, վանական բարեկարգութիւն հաստատել, միջոցներուն ներելուն չափ նորոգութիւններ ընել, միշտ իրեն գործակից ունենալով ներկայ միաբանները, որոնց գլուխը կը յիշուի Բարսեղ եպիսկոպոս Աշտարակեցին, որ Դանիէլեան գործիչներէն մին էր Տփղիսի մէջ, եւ առաջին դարձողներէն մին եղած է: Խամսեցի Գրիգորին գործունէութիւնը այլեւս յիշուած չենք գտներ, բայց եւ ոչ մահուան տեղւոյն եւ ժամանակին վրայ, ճիշդ տեղեկութիւն ունինք: Ընդհանրապէս Տփղիսի մէջ մեռած կ՚ըսուի (01. ՕՐԱ. 172), բայց 1808 օգոստոս 23-ին տակաւին իբրեւ կենդանի կը յիշուի Դանիէլի նամակներուն մէջ ( ԴԻՒ. Ե. 584):

2293. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Երբոր Էջմիածինի մէջ այդ մեծ փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենար, Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին վրայ կը գտնուէր Յովհաննէս Բաբերդցին, զոր զանազան առիթներու մէջ Դաւիթի իբր յայտնի պաշտպան ճանչցանք ( § 2262, 2272): Մայրաթոռոյ միաբանութիւնը Դանիէլի գահակալութիւնը աւետող պաշտօնագիրը յղած էր Կ. Պոլիս, Յովհաննէս վարդապետի մը ձեռօք, որ Գայլակերեանն եղած կ՚ըսուի ( ՊԷՐ. 54), որ փութացած էր շուտով հասնիլ մայրաքաղաքը, ուստից յուլիս 27-ին կը գրէ, թէ շնորհիւ Կարապետ Ազնաւորեան եւ այլ ամիրաներու սիրով ընդունուեցաւ, եւ առաջադրեալ բանն մեր ի բարին կատարեցաւ, առանց այլեւայլ ներհակական ընթացից. եւ թէ Դանիէլ կաթողիկոսի անունը սկսաւ յիշուիլ յուլիս 13-ին, Վարդավառի բարեկենդանին նախընթաց Առաքելոց տօնին օրը. եւ թէ զինքն ալ մայրեկեղեցին պատարագելու հրաւիրեցին Վարդավառին օրը, յուլիս 21-ին: Մահսերաբեր, այսինքն միաբանութեան հանրագիրը բերող Յովհաննէս վարդապետը, կը գրէ եւս, թէ շնորհ ունիմք ի պատրիարք հօրէն, զոր բազմահանճար արհի ալ կը կոչէ ( ԴԻՒ. Ե. 529), եւ այսու կը վկայէ, թէ Յովհաննէս Դանիէլի աննպաստ կամ Դաւիթի նպաստաւոր ոչ մի նշան տուած չէ, եւ լրացած եղելութեան անհակառակ համակերպած է, եւ գրած ալ է ի բոլոր քաղաքս եւս յիշատակել Դանիէլի անունը: Այդ առթիւ կը յիշուի Յովհաննէսի հրաւէրով ազգային ժողով ալ գումարուած ըլլալը, Դանիէլի համար Օսմանեան կառավարութենէ հրովարտակ ստացուիլը, Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցի վարդապետին ձեռօք Էջմիածին ղրկուիլը, պատուիրակին եւ անոր ընկերակցին Երեմիա Կոստանդնուպոլսեցի վարդապետին եպիսկոպոս ձեռնադրուիլը, եւ ի դարձին Դանիէլէ օրհնութեան կոնդակ բերելնին ( ՊԷՐ. 55): Յովհաննէսի ընթացքը լիովին կ՚արդարացնէ` կանուխէն անոր մասին մեր յայտնած կարծիքը, թէ նա Դաւիթի մոլեռանդ հետեւող կամ շահադէտ կողմնակից մը չէր, այլ պարզապէս լրացուցած եղելութեանց համակերպող, եւ անձերու կամ ձեւակերպութիւններու բծախնդրութեամբ խնդիրներ յուզելէ խուսափող մըն էր ( § 2236): Ասով Դաւիթ-Դանիէլեան վէճերը միանգամ ընդմիշտ կը փակուէին, երկու կաթողիկոսներու վրայ պառակտումները կը դադարէին, եւ 1801 ապրիլ 28-ին սկսած, եւ վեց տարիէ աւելի տեւող, կիրքերու ճարակ տուող, եւ ազգին վնասներ հասցնող վէճերն ու կռիւները վճռապէս կը վերջանային 1807 յուլիս 13-ին. այլեւս Դաւիթեաններ չէին մնար, եւ Դանիէլ հաւասարապէս ամէնէն օրինաւոր կաթողիկոս կը ճանչցուէր:

2294. ՍԻՆՈԴԻ ԿԱԶՄՈՒԻԼԸ

Դանիէլի Մարաղայէ գրած կոնդակովը ծրագրուած էր Մայրաթոռոյ կառավարութիւնը եւ որոշուած էր, կաթողիկոսի անձնական իշխանութիւնը խորհրդակցական ձեւի փոխել, մնայուն Սինոդի մը կազմութեամբ ( § 2286), զոր մենք մեր այժմեան ճշդաբանութեամբ Կրօնական Ժողով կամ Կաթողիկոսական Խորհուրդ կրնայինք կոչել: Դանիէլ խոստացած էր որ իր ազատութիւնը ստացած վայրկեանէն ըստ այնմ պիտի վարուէր, սակայն իր Էջմիածին դառնալէն տարի մը անցած էր, եւ դեռ օրինական գործադրութիւն չէր եղած, թէպէտ ինքն առանց խորհրդակցութեան ձեռնարկներ ընել չէր սիրեր: Անշուշտ կը սպասէր, որ Ռուսիոյ մէջ այդ նպատակին աշխատողներ Եփրեմ եպիսկոպոս, Ներսէս վարդապետ եւ Մինաս իշխան յաջողին Ռուսական կառավարութեան որոշումը ստանալ, որուն համար 1806 դեկտեմբեր 17-ին պաշտօնական դիմում ալ ըրած էր Եփրեմ եպիսկոպոս: Բայց Ռուս կառավարութիւնը քաղաքական տեսակէտով չէր կրնար գործին պաշտօնական ընթացք տալ, քանի որ Երեւան ու Էջմիածին իր իշխանութեան ներքեւ չէին ( ԶԱՄ. Բ. 149): Այդ վերջնական որոշումին լուրը Ներսէս բերաւ, երբոր Էջմիածին եկաւ 1808 մարտին, եւ ուղղակի իրենց կողմէ գործադրելու ստիպողականութիւնը զգացուց, եւ եպիսկոպոս ձեռնադրուելով, ու իբրեւ գրագիր կամ ատենադպիր` հայրապետական գործունէութեան գլուխ կանգնելով, ձեռնարկեց պէտք եղածը նախապատրաստել: Խնդիրը միաբանութեան հաղորդուեցաւ պաշտօնապէս, եւ միաբանութիւնը 1808 ապրիլ 25-ին յատուկ հանրագրութեամբ, ոչ պարզ հաւանութեան այլ շնորհակալութեան ուղերձ մը մատոյց կաթողիկոսին, հաստատուելիք կարգադրութեան մասին: Ամիս մը եւս անցաւ անոր վրայ, մինչեւ որ պարտուպատշաճ գրութիւններ ու ծրագիրներ եւ ուրիշ պատրաստութիւններ լրանան, եւ մայիս 25-ին Հոգեգալստեան երկուշաբթի օրը հրատարակութիւնը կատարուեցաւ Մայրտաճարի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ: Խորհրդաւոր էր նշանակուած օրը, զի ճիշդ հինգ տարի առաջ 1803-ին, օրը օրին եւ տօնը տօնին, մայիս 25-ին եւ Հոգեգալստեան երկուշաբթիին էր, որ Դաւիթ` Դանիէլին մօրուքը գերծելու նախատական բռնութիւնը կատարած էր ( § 2277): Մայիս 25-ին էր կատարած Բագրեւանդի օծումն ալ վեց տարի առաջ, բայց եօթնեկի օրն ու տօնը տարբեր ( § 2266): Նախ կոնդակաձեւ գրութիւն մը կարդացուեցաւ, որուն մակագիրն էր. Բան յաղագս վերահաստատութեան բարեկարգութեան կառավարիչ սուրբ ժողովոյ յԱրարատեան գերագահ աթոռն Ամենայն Հայոց, ի Կաթողիկէ եկեղեցի Սուրբ Էջմիածին ( ԴԻՒ. Բ. 222): Անոր մէջ կը կրկնուէին Մարաղայէ տրուած, 1806 յուլիս 10-ի կոնդակին միտքերը, եւ Դանիէլ յանդիման սրբութեան սեղանոյն կը յայտարարէր, ենթադրել օրինաց եւ պատուիրանաց սրբոց` զազատութիւն կամաց եւ գործոց իւրոց, եւ կամակար մտօք կը շնորհէր ժողովոյն` ազատօրէն եւ անբռնադատ խորհիլ վասն ամենայն հարկաւորութեանցն բարեկարգութեանց ( ԴԻՒ. Բ. 223): Գործին աւելի նշանակութիւն աւելցնելու համար` Մայրտաճարին մէջ իսկական ստորագրութեամբ երդմնագիր մըն ալ կ՚արտասանէր եւ կը յանձնէր ժողովին, որուն մէջ ընդարձակ կերպով բացատրուած էր իր բռնելիք ընթացքը, վարելիք իշխանութիւնը եւ ժողովին որոշումներուն համակերպութիւնը ( ԴԻՒ. Բ. 223): Կաթողիկոսէ ետքը երդուընցան բարձրաձայն խորհրդարանի վեց նորահաստատ անդամները ( ԴԻՒ. Բ. 226) հաւատարմութեամբ եւ արդարութեամբ պաշտօննին վարելու համար. եւ ամենէն վերջը երդուընցան միաբանութեան անդամները, 7 եպիսկոպոս եւ 15 վարդապետ, խղճի մտօք յարգելու եւ հպատակելու կաթողիկոսին եւ ժողովին, հաստատուած կանոններուն եւ տրուելիք որոշումներուն ( ԴԻՒ. Բ. 228): Քանի մը քահանաներ ալ մասնակցեցան երդումին, իբր ներկայացուցիչք քահանայական դասուն:

2295. ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Ժողովականներուն թիւին համար նախատեսուած էր որ չիցեն պակաս քան զվեց ( ԴԻՒ. Բ. 201), եւ այս առաջին անգամ ալ մայիս 25-ին վեց անդամներ յիշուած կը գտնենք ( ԴԻՒ. Բ. 226), առանց անունները տալու: Սակայն քիչ ետքը սեպտեմբեր 5-ին ի բարձրագոյն խորհրդարան գրուած պաշտօնագիրի մը ներքեւ 7 անուններ կը կարդանք, եւ են Բարսեղ, Յովակիմ, Յովհաննէս, Ստեփանոս, Ալեքսան, Ներսէս եւ Ռեթէոս եպիսկոպոսներ ( ԴԻՒ. Ե. 618), որոնցմէ մէկը, հաւանաբար վերջինը, մայիս 25-էն ետքը աւելցուած պիտի ըլլայ: Սուրբ Ժողովին, կամ Կառավարիչ Ժողովին, կամ Բարձրագոյն Խորհրդարանին, կամ Սրբազան Սիւնհոդոսին, եւ աւելի ճշդութեամբ` Կաթողիկոսական Խորհուրդին անդամներուն թիւը կանոնագիրին մէջ որոշուած չէր, ուստի պարագաներու համեմատ աւելցաւ կամ նուազեցաւ, եւ մինչեւ 11 ալ եղաւ երբեմն: Առձեռն ներքին կանոնագիր մը կազմուեցաւ 22 յօդուածներով, որուն մէջ պաշտօնական կոչում կ՚որոշուի` Սուրբ Ժողով եւ Սուրբ Ժողովի անդամներ, եւ կը հրամայուի միշտ Խաչն եւ Աւետարանը ու Կանոնագիրքը մէջտեղ ունենալ: Նիստերը ամէնօրեայ պիտի ըլլան, բացի կիրակիներէ, մեծահանդէս տէրունիներէ, սրբոց մեծ տօներէ, նաւակատիքներէ, մեծ բարեկենդանէ ու այլ այսպիսի օրերէ: Անդամներուն կարգը պիտի ըլլայ ինչպէս եկեղեցին կը կանգնին: Իսկ կանոններուն մեծագոյն մասը, 6-րդէն մինչեւ վերջինը, խօսելու եւ վիճելու ձեւերով կը զբաղի, որպէսզի սուրբ ժողովը արբեցողների ժողովի նման չդառնայ ( ԴԻՒ. Բ. 228-232): Ժողովին գործունէութենէն յիշատակներ չունինք ձեռուընիս, եւ կ՚անգիտանանք ալ, թէ Մայրաթոռի դիւանը այդ առաջին սկզբնաւորութեան ժամանակէն ատենագրութիւններ պահուած ունիfl արդեօք: Ամէն առթի մէջ ժողովը Դանիէլի օրով երկար պաշտօնավարութիւն չկրցաւ ունենալ, զի կազմութենէն քանի մը ամիս ետքը Ռուսաց եւ Պարսից պատերազմները վերսկսան, Էջմիածին շփոթութեանց մատնուեցաւ, եւ Դանիէլ ալ բռնադատեալ Երեւան փոխադրուեցաւ, ուր եւ վախճանեցաւ նոյն 1808 տարին, հոկտեմբեր 9-ին ( ՇԱՀ. Ա. 234):

2296. ՍԻՆՈԴԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Երբոր Մայրաթոռի մէջ խորհրդարանի մը հաստատութեամբ` վերջ կը տրուէր կաթողիկոսին անձնական եւ անձնահաճ իշխանութեան, բնական էր որ պիտի ընդարձակուէր խորհուրդի անդամներուն գործունէութիւնը: Միւս կողմէն հնար չէր, եւ երբեք ալ եղած չէ, որ համահաւասար գործունէութիւն յայտնուի իւրաքանչիւր անդամի կողմէն, եւ բնական էր որ աշխոյժով ու կարողութեամբ առաւելութիւն ունեցողներ, առաւելագոյն դեր կը վարէին, եւ աւելի աչքի զարնէին: Նորահաստատ անդամներէն աւելի զրուցուածներն են երկու Աշտարակեցիները, Բարսեղ եւ Ներսէս, առաջինը իբր երիցագոյն եւ նախանդամ, եւ երկրորդը իբր երիտասարդագոյն եւ արտասովոր թափով գործունեայ: Դաւիթի ջատագովներ կը մեղադրէին եւ կը մեղադրեն այդ երկուքը` եւ կը պնդեն, թէ Ներսէսը Էջմիածնում կատարեալ բռնապետ դառաւ, թէ Դանիէլ անունով էր միայն կաթողիկոս, թէ եղած էր որպէս խրտուիլակ` Ներսէսի եւ Բարսեղի ձեռքին խաղալիք, զի Ներսէսին ոյժ էր տալիս եւ Բարսեղ ( ԴԻՒ. Է. լթ ): Բայց այդ խիստ դատաստանը ինքնին կը ցնդի, երբոր դիտենք, թէ Դանիէլի պաշտօնավարութեան առաջին ամիսներուն Ներսէս Էջմիածինէ բացակայ էր, թէ գալէն երկու ամիս ետքը ժողովը կազմուեցաւ, եւ թէ կազմուելէն ետքը հազիւ չորս ամիս կրցաւ գործել ժողովը Դանիէլի ատեն, պատերազմի շփոթ օրերն ալ մէջը ըլլալով: Հետեւաբար շատ պիտակ բռնաւորութիւն մը եղած կ՚ըլլար Ներսէսի վարած բռնապետութիւնը: Բարսեղի անունն ալ կցելը, արդարացում կը դառնայ Ներսէսի, զի Բարսեղ նախանդամ էր, եւ կաթողիկոսի տկարութեան եւ հիւանդութեան պատճառով օրինաւորապէս իբր գործադիր իշխանութեան աւանդապահ կը ներկայանար, եւ Ներսէս օրինաւորութեան սահմանին մէջ կը մնար Բարսեղի հետ գործելով: Գալով կացութեան, անկարգ եւ խառնակ եւ շփոթ վիճակի մէջ էր Էջմիածին, երբոր գործի տէր կը դառնար Դանիէլ. բացառիկ պարագաներ բացառիկ միջոցներ կը պահանջէին, եւ նոր բան մը չէր ըլլար, եթէ կաթողիկոս եւ ժողով բացառիկ եւ ուժգին միջոցներու դիմէին կարգուսարք, ձեւուկանոն վերահաստատելու համար: Եթէ այդ պարագաներու մէջ Ներսէս աւելի գործունէութիւն ցուցուց, պարզապէս իր անձնական կարողութեան եւ անխոնջ աշխատասիրութեան հետեւանքն էր: Ձրի կը նկատենք նաեւ միւս մեղադրանքը, թէ այդ քանի մը ամիսներու միջոցին, եւ ոչ իսկ աթոռին անբարեզարդութիւնն ու անկարգութիւնները անհետացան ( ԴԻՒ. Է. լթ ), զի ոչ միայն դիւրին չէր քանի մը ամիսներու շփոթ կացութեան միջոցին` մեծ արդիւնաւորութիւն ունենալ, այլ այս ըսողները խոստովանած կ՚ըլլան, թէ Դաւիթ իր վեցամեայ պաշտօնավարութեամբ, միայն անբարեզարդութիւն եւ անկարգութիւններ թողած է իր ետեւէն: Թող որ անարգելի բաներ չեղան, միաբանութիւնն ու գոյքերը հաւաքել եւ ամփոփելը, միաբանական կեանքը վերանորոգելը, եւ որ աւելին է` խորհրդակցական կամ ժողովական կառավարութիւն հաստատելը, որուն համար օրէն չէ ըսել, թէ եկեղեցու շահերին վտանգաւոր եղաւ, վասնզի եկեղեցւոյ հնաւանդ կանոններուն համաձայն էր. եւ ոչ ալ հայրապետական իրաւունքների սահմանափակումը նախագծեց ( ԴԻՒ. Է. լթ ), զի Հայոց եկեղեցին չ՚ընդունիր հայրապետներու անկոպար եւ անկանոն, բացարձակ եւ անձնական պաշտօնավարութիւնները: Եթէ սահմանափակում նախագծել ըսելով` 1836-ի պետական կանոնադրութեան կ՚ակնարկեն, տրամաբանական չէ երեսուն տարիներ ետքը եղած իրողութիւն մը, երեսուն տարի առաջուան գործիչներուն վրայ բեռցնել: Այդ կէտը կը թողունք իր կարգին լուսաբանել:

2297. ԴԱՒԻԹԻ ՀԱՆԴԷՊ

Միակ պատմական պարագայ մը, որ ծանրածանր մեղադրանքներու իբր փաստ յառաջ կը բերուի, Դաւիթի վրայ օր մը կատարուած բռնական գործն է: Բայց նախապէս պէտք է յիշենք, թէ Դանիէլ եւ Դանիէլեանք մինչեւ այն օրը, ոչ մի կերպով Դաւիթի անձին դէմ հակառակութեան կամ նեղութեան գործ մը ըրած չէին, եթէ բռնի ձեռք ձգուած եւ բռնութեամբ պահուած կաթողիկոսութեան` բռնի ձեռքէն առնուիլը, անիրաւութիւն ըսող կամ կարծող չգտնուի: Կը պատմուի, թէ երբոր Դանիէլ փառաւորութեամբ Երեւանէ Էջմիածին պիտի գար, Հիւսէին Սարտար` պաշտօնի փոխանցումին օրը Դաւիթէն կրած անարգանքին վրայ բարկացած ( § 2290), հրամայած ըլլայ զայն բոկոտն եւ բացաւ գլխով ընթացուցանել յառաջոյ երիվարին մինչեւ ցԷջմիածին ( ՊԷՐ. 54): Պատմուածին ստուգութիւնը չենք երաշխաւորեր, զի ականատես մը չէ պատմողը, բայց այս ինչ ստոյգ է, թէ Դանիէլ ուզեց եւ կարգարդեց որ Դաւիթ համապատիւ շքեղութեամբ իրեն ուղեկցի, եւ ուրիշներէ ալ յարգուի, ինչպէս յիշեցինք ( § 2292): Էջմիածինի մէջ ալ թողուց միւս եպիսկոպոսներու կարգին համարձակ եւ ազատ կեանք վայելել, եւ ապրիլ ինչպէս որ ուզէ, ոչ ներսի Ղազարապատը փակեց, ոչ յարաբերութիւններէ զրկեց, եւ ոչ շաթըրներու պահպանութեան ենթարկեց, որ կերպով Դաւիթ իրեն հետ վարուած էր ( § 2273): Դանիէլ այդչափ ազատութիւն ներելուն համար` պարտաւոր եղած էր միաբաններուն զայրոյթն ալ զսպել, եւ քինախնդրութիւննին սանձել, զի անոնցմէ ամէն մէկը դեռ չէր մոռցած Դաւիթէ կրած խոշտանգանքները եւ հալածանքները, բանտարկութիւնները եւ գանարբութիւնները: Եթէ մէկն ալ կար որ նուազ գանգատելու ու զայրանալու պատճառ ունէր, Ներսէսն էր, որ Դաւիթի բռնութիւններէ ազատ մնացած էր, բայց ան իր ընկերներուն զգացումներուն մասնակից էր, եւ անոնց փափաքները տեղը տանելու ճարպիկութիւնն ունէր: Դաւիթին գլուխը փորձանք մը բերելու, եւ իրենց կրել տուածները` անոր ալ կրել տալու ձգտումը ընդհանուր էր միաբաններուն մէջ. միայն Դանիէլի անյիշաչար բարեսրտութիւնը եւ իրեն հանդէպ տիրող պատկառանքն էր, որ ամէնքը կը կասեցնէր, եւ 1807 մայիսէն մինչեւ 1808 սեպտեմբեր, Դաւիթ բանէ մը ցաւելու կամ զրկումի մը համար գանգատելու առիթ չէր ունեցած, մինչեւ իսկ իր սենեակին, հանդերձանքին, կերակուրին եւ սպասարկութեան յատուկ մտադրութիւն կը դարձուէր: Բայց կ՚երեւի թէ որչափ ալ Դաւիթ հանդարտ կ՚երեւէր, ներքին զգացումները բոլորովին հանդարտած չէին, եւ Դանիէլի դէմ դժկամակ մտայնութիւնը իր սիրտին մէջ կը տիրէր տակաւին: Պատահական առիթ մը մէջտեղ հանեց այդ տրամադրութիւնը:

2298. ԲԺՇԿԱՐԱՆԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ

Դանիէլ շարունակ հիւանդկոտ եւ տկար էր, եւ ամէնն ալ այն միտքը ունէին, թէ` Աստուած գիտէ ողջանալն ( ԴԻՒ. Ե. 621): Առաւելագոյն տագնապ մը ունեցաւ 1808 օգոստոսին վերջերը, որ իբր կաթուած մը կամ կաթուածի հետեւանք կը յիշուի ( ԴԻՒ. Է. լթ ): Կաթողիկոսը խնամող բժիշկը Նահապետ է կոչուած ( ՄՍՐ. 73), բայց անոր հետ ուրիշ մըն ալ կը բերուի, Թօփալ Յովհան Նորգեղցի, որ խնդրեաց զԲժշկարան, եւ խոստացաւ ցուցանել անդ զցաւն սրբազանին եւ զդեղն նորա ( ԴԻՒ. Ե. 621): Ուզած գիրքը Ամիրտօվլաթի բժշկարանն էր, որ Դաւիթի քով գտնուելուն ( ՄՍՐ. 73), Գրիգոր վարդապետը կը ղրկեն ուզել ( ԴԻՒ. Ե. 621): Դաւիթ կը զլանայ գիրքը յանձնել: Պէտքին ստիպողականութիւնը եւ Դաւիթին տմարդի զլացումը, կիրքերը կը գրգռեն, եւ սանձուած զայրոյթին պոռթկալու առիթ կու տան: Երկրորդ անգամ գիրքը կ՚ուզեն վէքիլ կամ գործակալ Գրիգոր եպիսկոպոսի ձեռքով, եւ երբ անոր ալ կը զլանայ, գործին օրինական ձեւ տալու համար, ժողովը եօթը ստորագրութիւններով ( § 2295) հրամանագիր մը կ՚ուղղէ Դաւիթին. Սուրբ ժողովն բարձրագոյն խորհրդարանի յայտնէ ձերում սրբութեան, զի Բժշկարանն սրբոյ աթոռոյն որ առ ձեզ է, առաքեսջիք ընդ այն գրաբերիս, քանզի վասն առողջութեան մեր սրբազնակատար տեառն հարկաւոր է այժմիկ ( ԴԻՒ. Ե. 618): Գիրը 1808 սեպտեմբեր 5 թուական կը կրէ ( ԴԻՒ. Ե. 61), որ կը ճշդէ պատահարին օրը, եւ կը պատասխանէ Խաչի բարեկենդանին նախընթաց շաբաթ օրուան: Գրութեան մէջ սպառնալիք չկար, եւ դարձեալ եթէ գիրքը Դաւիթի եւ ոչ Մայրաթոռի սեփականութիւն ալ ըլլար, ինչպէս Դաւիթի ջատագովները կը թելադրեն, մարդկային ամենատարրական զգացումը պիտի չներէր, ուրիշի մը առողջութեան պարագային` այսպիսի բծախնդրութեանց դիմել, որոնք իսկապէս տեղի ալ չունէին: Նորէն Դաւիթին գացողը Գրիգոր եպիսկոպոսն է, բայց Դաւիթ նորէն կը զլանայ, ժողովին հրամանագիրը կը պատռէ, Ներսէսի դէմ ալ կը զայրանայ` Անիծուած լինիս հայհոյութեամբ, ժողովն ալ կ՚անարգէ ըսելով. Մի քանի կով բազմեցրել ես այնտեղ, եւ ինչ որ մրում ես, նոքա ստորագրում են ( ԴԻՒ. Է. խ ): Կաթողիկոսի հիւանդութեան հանդէպ թշնամական ընթացքը, հայհոյալից խօսքերը, ժողովին նախատուիլը, եւ հազիւ զսպուած հին ցասումը, կը բորբոքին եւ միաբանները կը զայրացնեն, եպիսկոպոս եւ վարդապետ, հրացանակիր եւ սպասաւոր, Դաւիթին սենեակը կը խուժեն, Ներսէսին տուած հարուածը` Դաւիթը կը գլորէ ( ԴԻՒ. Է. խ ), Ստեփանոս Ենոքեան եպիսկոպոս, ժողովականներէն մին, անոր առատ մօրուքը կը խուզէ, մինչեւ ձմեռնային թանապա կոչուած սենեակը բռնի կը տանին, մօրուքը սափրիչին գերծել կու տան, եւ տպագրատան խուցն կը փակեն, Մելքոն Ղարաբաղցի հրացանակիրին պահպանութեան ներքեւ, որ յատուկ կիրք ալ ունէր Դաւիթի դէմ, զի ժամանակին իր կինը լլկել տուած էր, Ենոքեանը Էջմիածինէ փախուցած ըլլալուն համար ( ՄՍՐ. 74): Դաւիթի սենեակը խուզարկելով Բժշկարանը կը գտնուի եւ բժիշկին կը յանձնուի ( ՊԷՐ. 65): Դանիէլ եղածը լսելով կը ցաւի, եւ միաբանները կը յանդիմանէ, անկողինին մէջէն Դաւիթը ազատելու հրամաններ կու տայ, բայց կ՚երեւի թէ չեն գործադրուած, զի ութ օր մնացած է Դաւիթ արգելարանին մէջ, զրկումներ ալ կրելով, որոնց մէջ շղթաներ եւ զզուելի կերակուրներ ալ կը յիշուին ( ԴԻՒ. Է. խա ): Մենք ոչ մի կերպով պիտի արդարացնենք Դաւիթի վրայ գործածուած բռնական արարքը, որչափ ալ դատապարտելի ըլլայ անոր տմարդի եւ անխիղճ զլացումը: Սակայն այն մեղադրանքը զոր կը յայտնենք Դանիէլեանց վրայ, կրկին եւ երեքկին սաստկութեամբ կը դառնայ Դաւիթին վրայ, զի իր վրայ գործուածը` մէկ տասներորդն իսկ չէր, այն ամէն խոշտանգանքներուն` զորս Դանիէլի ( § 2274, 2277) եւ միաբաններուն ( § 2264, 2265) վրայ կատարած էր ինքն երկար տարիներով:

2299. ԴԱՒԻԹԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Երբոր Դաւիթի արկածին լուրը Երեւան հասաւ, Բարսեղ եղբայրը եւ անոր Աբրահամ աները` եղելութիւնը Հիւսէյինի ներկայացուցին, իբրեւ անսաստութիւն, անոր հրամաններուն դէմ ( § 2292): Սարտարն փութաց անձամբ Էջմիածին գալ սեպտեմբեր 6-ին, իբր ի տես սրբազանին Դանիէլի ( ԴԻՒ. Ե. 621): Հոն հասնելով, ութը օրէն ( ԴԻՒ. Է. խա ) Դաւիթը արգելարանէն հանել կու տայ, նախապէս ապահովելով Դաւիթի խոստացած փէշկեաշն ( ԴԻՒ. Ե. 621), մօրուքը ածիլողները պատժելու համար քննութիւն ալ կ՚ուզէ բանալ, բայց կը հանդարտի երբոր եղելութեան կաթողիկոսին հրամանով եղած ըլլալը իրեն կը հաւաստեն, եւ Դանիէլն ալ զայն կը հաստատէ: Այսու հանդերձ Դանիէլեանք ալ կը ստիպուին տալ Սարտարի զբազում ընծայս եւ զգումար դրամոց, եւ այնպէս դարձուցանել զնա յետս: Հիւսէյին մէկտեղ Երեւան կը տանի Դաւիթը, որ անշուշտ ամէն միջոց գործածած էր Հիւսէյինը այդ բանին համոզելու համար: Այսպէս Դաւիթ սեպտեմբեր 5-էն սկսած ութօրեայ բանտարկութենէն ետքը, Երեւան կու գայ եւ Բարսեղ եղբօրը տունը կը տեղաւորուի: Այս միջոցին նորէն սկսած էին Ռուսներու եւ Պարսիկներու պատերազմները: Աղեքսանդր Ա. Ռուսիոյ կայսրը, 1807 յուլիս 8-ին Գաղղիոյ Նաբօլէոն կայսեր հետ հաշտութիւն կնքելուն վրայ, պատեհ գտած էր իր տիրապետութիւնը ընդարձակել հիւսիսէն Շուետներու եւ հարաւէն Պարսիկներու դէմ, եւ 1808 սեպտեմբեր 15/27-ին ալ Էրֆուրթ (Erfurt) կը հասնէր Նաբօլէոնի հետ անձամբ տեսակցելով երկկողմանի ձեռնարկներու ծրագիրը ընդարձակելու: Թուականը ճշդիւ կը համապատասխանէ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Դաւիթի արկածին, եւ Երեւան փոխադրուելուն: Ապպաս Միրզա արքայորդին, Ատրպատականի եւ Հայաստանի գաւառներուն կողմնակալ եւ բանակին հրամանատար, նոյն օրեր կը հասնէր Երեւանը պաշտպանելու Ռուսներու դէմ, որոնք Գուտովիչի զօրապետութեամբ քաղաքին դէմ կը յառաջէին: Դաւիթ հազիւ Երեւան եկած, կը փութայ երթալ Խորվիրապի դաշտը, ուր հասած էր Պարսից բանակը, եւ Ապպաս Միրզայի առջեւ Դանիէլն ու Ներսէսը կ՚ամբաստանէ, իբրեւ թէ անոնք են գրգռիչն Ռուսաց եւ ածողն ի վերայ Պարսից: Հետեւանքը կ՚ըլլայ որ Ապպասի հրամանով եւ Հիւսէյինի ձեռքով, Դանիէլ իբրեւ կասկածաւոր կը փոխադրուի ի բերդն Երեւանայ` հիւանդագին անձամբ, իսկ Ներսէս Պարսից բանակը կը տարուի, ուր Ապպաս զայն հարցուփորձի կ՚ենթարկէ զպատճառաց գալստեան Ռուսաց, եւ կը յայտնէ զբողոքանսն Դաւթի ( ՄՍՐ. 75):

2300. ՅԱՋՈՐԴԻ ՈՐՈՇՈՒՄ

Այդ ամէն շփոթութեանց մէջ միաբանութիւնը սկսած էր մտահոգ ըլլալ, թէ որչափ ալ Դանիէլ աթոռին տիրացած էր, սակայն անոր տկար եւ հիւանդագին վիճակը նախատեսել կու տար, թէ երկար պիտի չկարենայ ապրիլ, եւ աթոռի մօտալուտ պարապութեան պարագային, կրնար ըլլալ որ Դաւիթ, իբրեւ արդէն օծեալ կաթողիկոս, նորէն աթոռին տիրանար. մանաւանդ եթէ անգամ մըն ալ իր քաղաքական վարմունքը փոփոխելով, Ռուսական հովանաւորութեան ապաւինէր, ինչպէս առաջին անգամ օգտուած էր ( § 2245): Միաբանութեան մէջ այդ մտածումները հետզհետէ կը զօրանային Դանիէլի վերջին հիւանդութեան վրայ: Այդ տեսութեամբ 1808 սեպտեմբեր 5 օրը, միաբանք ժողովեալ էին եւ գիր արզալի կը պատրաստէին կաթողիկոսին ուղղուած, որ Եփրեմն լինի կաթողիկոս յետ ձեր: Ճիշդ այդ միջոցին էր, որ խապարն լսեցին, որ երեք անգամ մարդ գնաց, եւ Դաւիթն Բժշկարանն չտուաւ ( ԴԻՒ. Է. 621): Ասոր վրայ հանդիպածը արդէն պատմեցինք ( § 2298). եւ զուգադիպութիւնը լաւ կը բացատրէ միաբանական զայրոյթին բորբոքումն ու սաստկութիւնը: Գիրին պատճէնը ունինք ( ԴԻՒ. Է. 61), որուն ներքեւ ստորագրած են 5 եպիսկոպոսներ, Ստեփանոս, Մարտիրոս, Յովհաննէս, Գրիգոր եւ Յակոբ, եւ 17 վարդապետներ, իսկ եօթը ժողովական եպիսկոպոսները` իբրեւ գործադիր իշխանութիւն դուրս մնացած են: Միաբաններ ընդարձակօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեն արքայորդի Ապպասի եւ կուսակալ Հիւսէյինի, որ Դաւիթը հեռացուցին եւ Դանիէլը նստեցուցին, բայց տեսնելով որ սրբազնակատար տէրդ մեր ի հիւանդութեան կայ, որչափ ալ կը յաւելուն թէ տացէ Տէր զի երկարեսցին աւուրք ձեր, այլ ըստ որում ի մահկանացու վիճակի կամք ամենեքեանքս, կ՚առաջարկեն որ յետ ձեր մեր կաթողիկոսն` Եփրեմ սրբազանն լինիցի, ինչպէս որ կանուխէն ալ ընտրուած ու ծանուցուած էր: Եւ կը խնդրեն որ հաստատուն գրով Շահզատային եւ Հիւսէյին խան Սարտարին միամտութիւն տրուի իրենց, որպէսզի Դաւթին միւս անգամ ամենեւին չլինիցի իշխանութիւն կաթողիկոսական ( ԴԻՒ. Է. 620): Յայտնի է թէ Դանիէլի համար ասկէ ընդունելի առաջարկ չէր կրնար ըլլալ, մինչեւ անգամ կ՚երազէր իւր ձեռքով օծել Եփրեմին, ու գահը նրան յանձնելով, ապա հանգիստ խփել աչքերը ( ԵՐՑ. Ա. 41): Սակայն նոյն օրը տեղի ունեցաւ Դաւիթի պատահարը, որուն յաջորդեցին Դաւիթի հեռանալը, ու Պարսից արքայորդւոյն դիմելը, եւ Դանիէլի Երեւանի բերդը փակուիլը ( § 2298), զոր պէտք է դնել շուրջ սեպտեմբեր 20-ին: Սոյն օրերն էր որ Ներսէս ալ հարցուփորձի կ՚ենթարկուէր Ապպաս Միրզա արքայորդւոյն վրանին մէջ, Խորվիրապի մօտերը:

2301. ՆԵՐՍԷՍ ԱՐԴԱՐԱՑԵԱԼ

Ներսէս հանդարտութեամբ լսեց Դաւիթի կողմէն իրենց դէմ եղած ամբաստանութիւնը, իբր թէ Ռուսերը Պարսից դէմ գրգռող ըլլային, հերքեց եղած զրպարտութիւնը, եւ երկու ժամի պայմանաժամ խնդրեց ու ստացաւ` իրենց արդարացման փաստը ներկայելու: Իսկոյն դարձաւ Էջմիածին, գտաւ 1804-ին Դաւիթէ Ցիցիանովի գրուած նամակը, եւ փութաց դառնալ եւ Ապպասի ներկայացնել եզրակացնելով, թէ Տեսէք ոfl է հրաւիրիչն Ռուսաց, եflս, թէ դա ինք Դաւիթ ( ՄՍՐ. 75): Հաւանաբար այդ միեւնոյն 1804 յունիսին Ցիցիանովի գրուած նամակն է ( § 2280), որուն թէպէտ ամսաթիւը չկայ ( ԴԻՒ. Է. 428), սակայն յունիսի վերջերը պիտի հաշուուի, զի 20-ին էր Ցիցիանովի Շրէշ հասնիլը ( § 2278): Այդ գիրով Դաւիթ կը յայտարարէր, թէ Ուրախ եմք յոյժ եւ ցնծուն եւ զուարթամիտ ըստ ներքին ախորժութեան հոգւոյ եւ աներեւոյթ ըղձութեան կամաց, ընդ ցանկալի եւ փրկութենագործ եկաւորութիւն ձեր, եւ ընդ տիրապարգեւ յաղթութիւն, եւ կը յաւելուր, Աչք մեր եւ ամենեցուն հաւատացելոց եղիցի ի լոյս, եւ օրհնեալ եւ խնկաւորեալ է բարեմաղթութեամբ մուտ ձեր յերկիրս ( ԴԻՒ. Է. 427): Այդ յայտնութիւնը զայրացուց արքայորդին, վասնզի կը մերկացնէր թէ Դաւիթ զիրենք կը խաբէր նոյնիսկ այն միջոցին, երբ զինքն իրենց անձնուէր եւ Ռուսաց ոխերիմ կը ցուցնէր: Ներսէս այդ յայտնութեամբ Դաւիթի կործանման վճռական հարուածը տուած եղաւ, զի այլեւս Դաւիթ չկրցաւ Պարսից պաշտպանութենէն օգտուիլ: Ապպաս այնչափ զայրացաւ Դաւիթի դէմ, որ Ներսէսը արտօնեց զի վարեսցի ընդ նմա որպէս եւ կամեսցի, բայց Ներսէս չուզեց առիթէն օգտուելով նոր նեղութիւն տալ Դաւիթի, որ կ՚երեւի թէ Ապպասի ներկայութեան ալ ելած էր, եւ չէր կրցած իր գրածը ուրանալ, զի կ՚ըսուի, թէ Ներսէս թոյլ ետ Դաւթի գնալ նստիլ ի տան եղբօրն յԵրեւան: Ներսէս յօգուտ գործածելով Ապպասի առջեւ վաստկած վստահութիւնը, անոր ներկայեց Եփրեմի յաջորդութեան խնդիրը ( ՄՍՐ. 75), միաբանութեան կամքին համեմատ ( § 2300), եւ հաւանութիւնը ստացաւ, հրաւիրանաց գիր ալ ձեռք ձգեց յանուն Եփրեմայ, եւ Էջմիածին դառնալով Ռեթէոս եպիսկոպոսը` ժողովականներէն մին, հարկաւ ժողովական որոշմամբ, ճամբայ հանեց դէպի Ռուսաստան, որ Ապպասի պաշտօնագիրին զօրութեամբ օր առաջ Եփրեմը Էջմիածին առաջնորդէ ( ՄՍՐ. 75), եւ յաջողութեան խնդիրը լրացեալ գործողութեան կարգ անցնի:

2302. ԴԱՆԻԷԼԻ ՄԱՀԸ

Պէտք է ենթադրել, թէ Ներսէս արտօնութիւն ալ ստացած ըլլայ Դանիէլը Երեւանի բերդին արգելարանէն ազատելու, բայց Դանիէլ հիւանդագին վիճակի մէջ Մայրաթոռէն բերդ տարուած ու փակուած ըլլալով, դժբախտաբար վիճակը հետզհետէ աւելի ծանրացած էր արգելարանին մէջ, եւ հոն մտնելէն ետքը հազիւ երկու շաբաթ եւս կրցաւ ապրիլ անյոյս վիճակի մէջ, եւ կեանքը կնքեց 1808 հոկտեմբեր 9-ին ( ՇԱՀ. Ա. 234), որ կ՚իյնար Խաչի չորրորդ եօթնեկի ուրբաթին: Երեւանի մէջ գտնուող միաբաններ եւ եկեղեցականներ յուղարկաւորութեան կարգը կատարեցին, բայց թաղել չուզեցին, այլ զմռսելով պահեցին ի տապանակի, պատեալ բեհեզօք եւ շուրջառովք ( ՊԷՐ. 65), որպէսզի կարենան առաջին առթիւ Էջմիածին տանիլ եւ Մայրտաճարին հովանւոյն ներքեւ հանգուցանել: Դանիէլի մահուան օրերը դեռեւս Երեւան պաշարուած էր Ռուսներէն, եւ հնար չէր հանգուցելոյն մարմինին փոխադրութիւնը կատարել: Դանիէլի կաթողիկոսութիւնը 1807 մայիս 14-էն համրելով, միայն 17 ամիս տեւած կ՚ըլլայ. իսկ 1802 մայիս 25-ի Բագրեւանդի օծումէն համրելով վեց ու կէս տարի, թէպէտ մենք առաջին հաշուով միայն անցուցինք զայն կաթողիկոսաց գաւազանին, իրաւական տեսակէտէն աւելի, իրականին եւ գործնականին հետեւելով:

2303. ԴԱՆԻԷԼԻ ԱՆՁԸ

Դանիէլի անձին վրայ մեր դիտողութիւնը յայտնել ուզելով, նախեւառաջ պիտի յիշենք, թէ բոլոր իր վրայ գրողներ, համակիրներ եւ հակակիրներ, համամիտ կերպով կը հաւաստեն անոր բարեսէր եւ բարեսիրտ բնաւորութիւնը: Եթէ իր անունով եւ իրեն համար եղած ձախող գործեր ու պարագաներ ալ պատմեն, համաձայն են զինքն արդարացնելու եւ հաւաստելու, թէ առանց իր կամաց գործուեցան, եւ իրեն վրայ մեղադրանք կամ պատասխանատուութիւն չեն բերեր: Այդ համամիտ վկայութիւնը մեծագոյն գովեստն է Դանիէլին համար, անհատապէս նկատուած ատեն, եւ շատ նշանակելի կէտ մըն է այնպիսի մէկու մը համար, որուն անձն ու անունը ճշմարիտ կռուախնձոր դարձած էր ընդհանուր Հայութեան մէջ: Անոնք որ կերպով մը նուազել կ՚ուզեն Դանիէլի անունին վայելած համակրանքը, բոլոր անցուդարձերը Ներսէսի վրայ կը բեռցնեն, եւ Դանիէլն ալ անոր ձեռքը ապիկար եւ գրեթէ անզգայ գործիք մը կը դարձնեն, զուրկ ամէն արժանիքէ: Սակայն պատմական պարագաներ, զորս մանրամասնօրէն յառաջ բերինք, Ներսէսը կը ներկայեն, ոչ իբրեւ գործին տէր, այլ իբրեւ գործին միջնորդ, զի Դանիէլեան կուսակցութեան գլուխը գտնուողները, Եփրեմ Ձորագեղցին, Գրիգոր Խամսեցին, Յովհաննէս Գեղարդակիրը, Բարսեղ Աշտարակեցին, Յովհաննէս եւ Մինաս Լազարեաններ, եւ ուրիշներ, Ներսէսը վարելու կարող, եւ ոչ Ներսէսէ վարուելու զիջող անձեր էին: Նոյն իսկ այն մանրավէպերը զորս խնամով հաւաքած են, իբրեւ Ներսէսի ու Յովհաննէսի ( ԴԻՒ. Է. լղ ), եւ Ներսէսի ու Եփրեմի ( ՄՍՐ. 79) միջեւ անհամաձայնութեան նշաններ, մեր ըսածը կը հաստատեն, թէ անոնք Ներսէսի ձեռքը խաղալիք դարձած խրտուիլակներ չէին: Հետեւապէս պէտք է ընդունիլ, թէ վերոյիշեալ գլխաւորներ ուղղակի Դանիէլի անձին յարած էին, եւ եթէ Դանիէլի անձին այնչափ ուժգնութեամբ համակրութիւն կը տածէին, ապա ուրեմն անոր վրայ արժանիք մը տեսած էին: Իսկ եթէ այդ արժանիքը` բարձր կարողութիւն չէր, ուրեմն գերազանց բարութիւնն էր որ ամէնքը իրեն գրաւած էր, եւ իրեն մէջ ուղղամիտ եւ ճշմարիտ հայրապետի տիպարը կը կազմէր:

2304. ԴԱՆԻԷԼԻ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Ասոր հետ մէկտեղ Դանիէլի ընթացքին վրայ կատարուած մանրազննին դիտողութիւններով կը տեսնուի, թէ իրաւացի ալ չէ իբր կատարեալ ապիկար մը ներկայել Դանիէլը: Ռուսական կառավարութիւնը` որ անպայման վստահութիւն դրած էր Դանիէլի վրայ, հնար չէր որ Ներսէսի մը կամ Եփրեմի մը վկայութեամբ կազմէր իր համոզումը, քանի որ ունէր իր Կնօրինները, Ցիցիանովները, Գուտովիչները, որոնք իսկութիւնը իրեն կ՚իմացնէին, եւ անմիջական շփմամբ կազմած գաղափարնին կը հաղորդէին: Վերջին պարագային ալ Պարսից արքունիքը` իր ուղղութիւնը փոփոխելով եւ Դանիէլը պաշտպանելով ( § 2290), Դանիէլի անձին համար նպաստաւոր վկայութիւն տուած կ՚ըլլար, հաստատած լինելով, որ նորա միջնորդութիւնը սիրով կ՚ընդունին Ռուսերը, եւ Պարսիկ կառավարութիւնը անով կը նպաստաւորուի. որով Դանիէլ քաղաքական միջնորդի նշանակութիւն կը ստանար երկու տէրութեանց աչքում ( ԵՐՑ. Ա. 37): Դանիէլի նամակագրութիւնները, եւ յատկապէս անոնք զորս գրած է Ներսէսին իրեն մօտ չեղած ատենները, հանդարտ եւ կշռադատ միտքի արտայայտութիւններ են: Դանիէլի վարչագէտ տեսութեանց իբր փաստ կը նկատենք այն շրջահայեաց արթնութիւնը, որով Պարսից եւ Ռուսաց կառավարութիւններուն հետ ալ յարաբերութիւններ կը մշակէր Հայ ազգին եւ Հայ եկեղեցւոյն պաշտպանութեան համար: Յատուկ գիրեր է ուղղած Գաղղիոյ կայսր Նաբօլէոնի ( ԴԻՒ. Ե. 522), եւ նախարար Փորթալիսի (Joseph Portalis), զոր մինստըր հաւատոյ եւ օրինաց կը կոչէ ( ԴԻՒ. Ե. 554), նոյնպէս Գերմանիոյ կայսեր հետ ( ԴԻՒ. Ե. 556), որ էր Փրանկիսկոս Բ. (Franz II): Նաբօլէոնի գրելով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ժօմպաթիստ Բուասօ (Jean-Baptiste Boisseau) դեսպանը Էջմիածին յղած ըլլալուն, եւ կը խնդրէ, զի ուր եւ տարածեսցի ողորմութիւն աթոռոյ ձերոյ կայսերական մեծութեան, եղիցի հովանի ազգի եւ եկեղեցւոյ Հայաստանեայց ( ԴԻՒ. Է. 553): Իսկ Ֆրանցի կը յանձնարարէ Սչով (՚Suczava) քաղաքը բնակող զազգն Հայոց, որ կը գտնուի ներքոյ Արարատեան աթոռոյ կաթողիկոսին Ամենայն Հայոց` Հոգեւորական կանոնօք եւ եկեղեցական կարգօք: Կը յիշէ եւս, թէ Գրիգոր անուն սուտ եպիսկոպոս մի 1807 օգոստոսին այնտեղ անհամաձայնութիւն սերմանած է, որով կ՚ակնարկէ Գրիգոր Աքքիմացիին, եւ կը խնդրէ որ այլեւս առանց վկայական գրոյ կաթողիկոսին Արարատեան աթոռոյ, հոգեւորականներ չ՚ընդունուին կայսերական սահմաններուն մէջ ( ԴԻՒ. Է. 559): Այդ նամակները գրուած են 1808 յունիսին մէջ: Դանիէլի համար ուրեմն կրնանք համարձակ ըսել, թէ ամէն հնարաւոր միջոցներով ջանաց հոգ տանիլ քանդուած աթոռի շուքը վերականգնեցնելու ( ԵՐՑ. Ա. 36), եւ պէտք է բարեյիշատակ հայրապետներու շարքին մէջ արձանագրել իր անունը:

2305. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Կաթողիկոսական աթոռին յաջորդութեանց գործերը, մեզ ստիպեցին պահ մը աչքէ վրիպեցնել Տաճկահայ հանրութեան գործերը, գոհանալով պարագաներու յարմարութեամբ յիշել միայն կաթողիկոսական ընտրութեանց մէջ ունեցած մասնակցութիւննին ( § 2223-2232), եւ պատրիարքներ փոփոխելնին, Յովհաննէս Բաբերդցիի պաշտօնէ դադարիլը ( § 2262), եւ վերստին պաշտօնի դառնալը ( § 2272): Բայց ասոնցմէ դուրս ալ բաւական պատահարներ ունինք, որոնք Տաճկահայ կեանքին համար հետաքրքրական եւ մեզի համար գիտցուելու արժանի դէպքեր են: Յովհաննէսի երկրորդ պատրիարքութիւնը տասնամեայէ աւելի տեւողութիւն ունեցաւ, որ եթէ մէկ կողմէն ժողովուրդին յարափոփոխ յուզումներէն յոգնած ըլլալուն հետեւանքն էր, սակայն հնար չէ Յովհաննէսի խոհական եւ շրջահայեաց վարչականութեան արժանիքն ալ չյիշել: Հակառակ որ բոլոր աշխարհ ամէն կողմէն խռովութեանց եւ պատերազմաց մէջ էր ԺԹ. դարուն սկիզբները, եւ նոյնիսկ Տաճկաստան անկայուն վիճակ մը ունէր` Ռուսաց հետ պատերազմներուն, եւ Ռուսաց հակառակորդ Նաբօլէոնի հետ բարեկամութիւն հաստատելուն պատճառով, ասով մէկտեղ Յովհաննէսի շրջանը, մայրաքաղաքի Հայութեան համար օգտակար ձեռնարկներու ժամանակամիջոց մը եղած է: Այդ միջոցէն յանուանէ կը յիշուին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյն վերաշինութիւնը եւ Գասըմփաշայի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյն առաջին շինութիւնը, Նարլըքաբուի Ս. Յովհաննէս եւ Բերայի Ս. Յարութիւն հիւանդանոցներուն վերանորոգութիւնները, իրենց յարակից փոքրիկ եկեղեցիներով (01. ՕՐԱ. 175), եւ շատ մըն ալ թաղական վարժարաններու սկզբնաւորութիւններ կամ բարեկարգութիւններ. զորօրինակ Գումքաբու, Սամաթիա, Ղալաթիա, Բերա, Գարթալ, Պէյքօզ, այնպէս որ այդ միջոցին գրեթէ ամէն թաղ իր վարժարանն ունեցաւ (01. ՕՐԱ. 176): Ասոնց մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներն ալ` անուն եւ հռչակ եւ գրական արդիւնքներ թողուցող անձեր եղած են, ինչպէս Մեսրոպ Կարնեցի աւագերէց, Թագւոր Ասլանեան եւ Խաչատուր Սամաթիացի վարժապետներ, Մատթէոս դպիր եւ Պօղոս Յովհաննէսեան տպարանատէրներ, որոնց հետ պէտք է յիշուի եւ Մարգար առաջին գրավաճառ` Քիթապճի մականուն ստացած (01. ՕՐԱ. 177): Այդ ընդհանուր շարժումը, աշխատաւորներու ձեռնարկութեան եւ նուիրատուներու քաջալերութեան հետ, պատրիարքին ընծայած հովանաւորութեան ալ պիտի վերագրուի: Յովհաննէս այդ ընթացքին մէջ, հաւատարիմ եւ աւանդապահ հետեւող մըն էր իր վարդապետին, Կաղզուանցի Զաքարիա պատրիարքին ( § 2185):

2306. ԲԵՐԱՅԻ ԹԱՂԸ

Այստեղ ներուի քանի մը տող աւելցնել յատկապէս Բերայի թաղին վրայ, որուն կազմակերպութիւնն ալ Յովհաննէսի ժամանակ տեղի ունեցած է: Կոստանդնուպոլսոյ պարսպապատ քաղաքին հանդէպ, պարսպապատ Ղալաթիա մը կար, Յունական տիրապետութեան ժամանակէն, Գենուայի Իտալական հանրապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ: Ըստ այսմ Իտալացիներէն մնացած կ՚երեւի տեղւոյն անունն ալ, զի մինչեւ այսօր Քալաթա (Calata) կը կոչուին Լիգուրիոյ նաւահանգիստներուն ծովափնեայ մասերը կամ քարափները: Հայոց յատուկ եկեղեցի ալ կար սոյն մասին մէջ Օսմանեան տիրապետութենէն առաջ ( § 1484): Մայրաքաղաքին մէջ հետզհետէ շատցող Հայութիւնը` իրեն գլխաւոր կեդրոններէն մին ըրած էր Ղալաթիան, որ նախկին Եւրոպական կազմակերպութենէն մնացորդ նշաններ կը պահէր, եւ առեւտրական ձեռնարկներու աւելի յարմարութիւններ ունէր: Մենք տեսանք որ ԺԷ դարու վերջերը եւ ԺԸ դարու սկիզբները տեղի ունեցած ազգային շփոթներու մէջ` Ղալաթիա մեծ նշանակութիւն ունէր, եւ Ղալաթիոյ եկեղեցին ալ կերպով մը Մայր եկեղեցւոյ մրցակից դիրք կը պահէր: Քանի շատցաւ Ղալաթիոյ բնակչութիւնը, պարսպապատէն դուրս ելլելով տարածուեցաւ Բերայի կամ Պերայի, այսինքն է Կոստանդնուպոլսոյ հանդիպակաց բարձունքներուն վրայ, եւ տեղացի Յոյներէն եւ Հայերէն աւելի` այդ կողմերուն կարեւորութիւն տուին Եւրոպական դեսպանութիւններ, իբրեւ Տաճկական կերպաւորութիւններէ ազատ արուարձան մը: Այդ պարագան Բերան նախադասելի երեւցուց` կաթոլիկութեան միտող կամ յարող Հայերուն, եւ անոնցմէ մաս մը սիրեց այդ կողմերը անցնիլ, բայց անհիմն կ՚ըլլար հետեւցնել թէ Բերայաբնակ Հայութիւնը կաթոլիկ եղած ըլլայ, կամ թէ բոլոր կաթոլիկամիտներ` Բերայաբնակ եղած ըլլան: Ղալաթիան հայադաւան կեդրոն էր, եւ Ս. Յարութիւն հիւանդանոցը եւ Թաքսիմէ անդին եղող գերեզմաննոցը սկիզբէն իրենն էին, թող որ կաթոլիկամիտ Հայութիւնը որոշ մարմին չէր եւ որոշ կացութիւն չունէր, այլ Հայ պատրիարքութեան հպատակ եւ Հայ ժողովուրդի կամ հասարակութեան մասն էր, իբր հայադաւան տարրին անդամ, ինչ ալ ըլլար իր հեռացեալ միտքը կամ հեստեալ ընթացքը: Հայերուն հետզհետէ այդ արուարձանին մէջ շատնալը, եւ պարսպապատ քաղաքներուն գիշերները դռնփակ մնալուն սովորութիւնը, եւ դուրսի եղողներուն հոգեւորական պէտքերուն պահանջը, այդ արուարձանի մէջ ալ եկեղեցի մը ունենալու պէտքը շեշտեցին: Առաջին անգամ Յոյներ 1804 օգոստոս 15-ին, Կալինիկոս Ե. պատրիարքին ջանքով եկեղեցի մը հիմնարկեցին, որ է իրենց Ս. Աստուածածնայ նուիրեալ եկեղեցին Բերայի հին Պալըքբազարի շուկային մօտ: Ասոր վրայ Հայերն ալ քաջալերուեցան նոյնն ընել, եւ 1805-ին, Գրիգոր Մահտեսի-Գէորգեան կամ Չարաղլեան ամիրա, Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն միւթէվէլլի, որ է վարիչ իշխանապետ, 6000 կանգուն տարածութեամբ բանջարանոց մը գնեց Յոյներուն եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, եւ ետքը յամենայն անձնէ գուն գործեալ մահուչափ ճգնեցաւ, եւ քրտնաշխատ գտեալ` զամենայն վտանգ ի բաց արհամարհեաց, մինչեւ որ յաջողեցաւ փայտաշէն եկեղեցի մը կառուցանել գնուած գետնին մէջտեղը, որ 1807 մայիս 31-ին Հոգեգալստեան նախընթաց ուրբաթ օրը օծուեցաւ Ռումէլիի նուիրակ Ալեքսան արհիեպիսկոպոսի ձեռքով: Իսկ յօծմանէ յետ ինն աւուր յայսկոյս, այսինքն Հոգեգալստեան դիմացի կիրակիին, յունիս 9-ին, Րէն աստ զենանի սուրբ գառն Յիսուս, այսինքն առաջին պատարագը կը մատուցուի: Քանի որ յիշատակարանին մէջ այլեւս Ալեքսան եպիսկոպոս չի յիշուիր, իդէպ է հետեւցնել, թէ քաջաքարոզ կարդացեալ աստուածաբան պատրիարքն Յովհաննէս եղած կ՚ըլլայ առաջին պատարագը մատուցանողը ( ԵՐՐ. 1): Կ՚երեւի թէ պատրաստութիւնները չեն կրցած լրացնել, որ օծումէ երկու օր ետքը Հոգեգալստեան տօնին առաջին պատարագ չէ մատուցուեր բայց Հոգեգալուստը եղած է միշտ եկեղեցւոյն տարեդարձի օրը, ինչպէս նոյն տօնին ալ` 1907 յունիս 10-ին, կատարուեցաւ եկեղեցւոյն հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը: Փայտաշէն եկեղեցին հազիւ երեք տարի կեանք ունեցաւ եւ Բերայի մեծ հրդեհին հրով եղեւ սոյզ: Պէրպէրեան զայն կը դնէ ապրիլ 7-ին ( ՊԷՐ. 448), յիշատակարանը կը դնէ շաբաթուն յորում Ղազար զարթեաւ, որ կ՚իյնայ ապրիլ 9-ին, եւ կ՚երեւի թէ երկու երեք օր տեւած է հրդեհը: Բայց քանի մը օրուան մէջ հապճէպ կարգի դնելով ազատած քարուկիր մասը, Մեծի ուրբաթուն օրը, այսինքն ապրիլ 15-ին, էացեալ տեսաք, կը գրեն, զաւագ սեղան յոյս ( ԵՐՐ. 2), զի կրցած են այնտեղ տօները կատարել: Այս վիճակը տեւած է, մինչեւ վերաշինութիւնը 1836-ին, հակառակ վերաշինութեան համար թափուած ջանքերուն: Այդ միջոցին Բերայի խարխուլ եկեղեցին, Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն յարակից նկատուած էր եւ նոյն եկեղեցպանութեան ձեռքը կը մնար:

2307. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Յովհաննէսի պատրիարքութեան գլխաւոր հոգածութիւններէն մին ալ Երուսաղէմն եղաւ, որ կարծես թէ երբեք չէ դադարած Կ. Պոլսոյ աթոռը զբաղեցնել, երբեմն արտաքին հակառակութեանց եւ երբեմն ներքին երկպառակութեանց երեսէն: Երուսաղէմի գործերը թողած ենք Պետրոս Եւդոկիացի պատրիարքին մահուան, եւ յաջորդի ընտրութեան երկարելուն պարագային ( § 2181), որ է ըսել 1800 տարւոյ կիսուն Յովհաննէսի առաջին անգամ պատրիարքութեան բարձրացած օրերը ( § 2231): Պետրոս կարօտութեան եւ դրամական նեղութեան պատճառով Յոպպէ եկած էր, եւ հազիւ քանի մը հազար դահեկան կը մնար աթոռին արկղը, ծանրածանր պարտքերու դիմաց, մինչ եպարքոսը ուժգին կը պնդէր, հազար քսակ դրամ տալ եւ անմիջապէս սատար լինել բանակին ( ԱՍՏ. Բ. 134): Անհնարին տագնապին մէջ միաբանութիւնը պարտաւորուեցաւ ունեցածէն մերկանալ եւ ժողովուրդին վրայ ծանրանալ եւ հազիւ պահանջուած գումարին կէսը հայթայթել: Այսպիսի կացութեան մէջ, միաբաններու մէջ պատրիարքութեան բարձրանալու փափաքն իսկ մարած էր, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին դիմեցին, որ ազգովին որեւէ մէկը իրենք նշանակեն միաբաններուն մէջէն, եւ պաշտօնական պահանջները լրացնելով հաղորդեն. եւ այս միտքերնին Երուսաղեմայ փոխանորդ եպիսկոպոսին ալ իմացուցին: Այնչափ էր միաբանութեան յուսահատութիւնը, որ մինչեւ իսկ կը մտածէին թողուլ լքանել զվանօրայս եւ ցրուիլ ( ԱՍՏ. Բ. 136), Կ. Պոլսոյ մէջ պատրիարքութեան յարմար դատուեցաւ Թէոդորոս Վանեցի եպիսկոպոս, եւ իրեն ծանուցուեցաւ Երուսաղէմ, բայց նա յանձն չառաւ: Միաբանութիւնն ալ չկրցաւ պնդել, եւ Պետրոս ու Կարապետ եպիսկոպոսներն ու Ստեփանոս վարդապետը ճամբայ հանեց Կ. Պոլսեցոց իմացնելու իր ցրուելու խորհուրդը, եթէ երեւելիք ազգին ձեռնտու չ՚ըլլան, որ ազատեսցեն զսուրբ աթոռն ի պարտուց ( ԱՍՏ. Բ. 137): Երուսաղէմի մէջ կը շարունակէին դրամ կորզելու համար սպառնալիքներն ու բռնութիւնները. Կ. Պոլսոյ մէջ չէին վերջանար ընտրողական վարանումները, մինչեւ որ 1802 փետրուարին, ազգային ժողովը կրկին կը պնդէ Թէոդորոսի ընտրութիւնը, եւ այս միտքով ետ կը դարձնէ Երուսաղէմէ եկող պատուիրակները: Վերջապէս 1802 ապրիլ 10-ին, Աւագ հինգշաբթի օրը, Թէոդորոս կը զիջանի առժամեայ կերպով գործերը հոգալ. իսկ յուլիս 11-ին, Վարդավառի նախատօնակին, կրնան զինքը աթոռ ալ նստեցնել ( ԱՍՏ. Բ. 141), Պետրոսի մահուընէ երկու տարի եւ ամիս մը ետքը ( § 2181): Այսպէս աթոռն իր գահակալն ունեցաւ, բայց տագնապներ չթեթեւցան: Յոպպէի մէջ ապստամբ Մէհմէտ փաշա չարաչար տանջանքներով քրիստոնեաները կը կողոպտէր, եւ Հայոց տեսուչ Ղազար վարդապետը կը չարչարէր: Ճէզար փաշա եւ օգնականները Իսմայիլ եւ Սիւլէյման` ապստամբը ընկճելու նպատակով ժողովուրդը կը կողոպտէին: Ապտուլլահ փաշա նոր կուսակալ, նորանոր պահանջնէր կը շատցնէր, իսկ Թէոդորոսի Կ. Պոլիս դիմելէ զատ միջոց չէր մնար, բայց հոն ալ Դաւիթ Դանիէլեան խնդիրներու կը բաղխէր, զի Խամսեցին` Դանիէլէն յատուկ գիր չ՚առնող նուիրակները կը հալածէր: Կիլիկիոյ կաթողիկոս Կիրակոսին ալ ( § 2133), 1803 տարւոյ Տեառնընդառաջէն Զատիկ` Երուսաղէմի մէջ մնալը նորանոր ծախքերու ենթարկեց պատրիարքարանը ( ԱՍՏ. Բ. 143), այնպէս որ ամէն կողմէն տկարացած եւ նեղուած կը մնար Երուսաղէմի աթոռը, եւ մօտալուտ յոյսեր ալ չէին տեսնուեր:

2308. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԽՆԴԻՐ

Վերահաս տագնապներէն մի մասը հասարակ էր միւս քրիստոնեայ ազգերուն ալ, բայց անոնք իրենց ազգայիններուն` Յոյներուն եւ Լատիններուն օժանդակութեամբ դիրքերնին կրնային պահպանել, մինչ Հայերը արտաքնապէս տագնապի եւ տուգանքի մատնուած, ներքնապէս ալ Դաւիթի եւ Դանիէլի խնդիրներով պառակտած, դիրքերնին խախտած եւ ամէն միջոցէ զրկուած ու յուսահատ վիճակ մը ունէին: Այդ կացութիւնը համարձակութիւն կու տար Յոյներուն ու Լատիններուն, եւ մանաւանդ առաջիններուն, համարձակ Հայոց իրաւունքները անարգել, մինչեւ իսկ անոնց պատրիարքարանին տիրանալու ձգտիլ, եւ Հայերը իսպառ վտարել Սուրբ Տեղեաց մասնակցութենէն: Մայրաքաղաքին մէջ մեծ էր Յունական ազդեցութիւնը այդ ժամանակին, եւ իրենց իշխանաւորները կրնային կամակատար գործիքներ դարձնել պետական պաշտօնեաները, քանի որ հնչուն փաստերու տէր էին: Մեր նպատակը չէ մանրամասնութեանց մտնելով պատմութիւննիս ճապաղել, միայն եղելութեանց ընթացքը կ՚ուզենք անցողակի ակնարկել առայժմ: Այն ատեններ բաւական էր որեւէ փասքուս ամբաստանութեամբ առիթ մը ստեղծել, եւ դրամական ազդեցութեամբ մեծամեծները շահիլ, որ նորանոր հրամանագիրներ ստացուէին շարունակաբար: Ըստ այսմ կը յիշուի 1802-ին Յոյներէ առնուած հրովարտակ մը, իբր թէ Հայեր ոտնձգութիւններ ըրած ըլլան Յոյներու իրաւունքներուն ( ԱՍՏ. Բ. 149). հրովարտակ մըն ալ 1804-ին առնուած, որով սուլտանը Յունաց սեփականէ զբովանդակ սուրբ տեղիս ( ԱՍՏ. Բ. 14), Հայերուն թողլով միայն ուխտի երթալու ազատութիւն: Բայց այս հրովարտակներ ծածուկ կը պահուէին, եւ հազիւ 1806-ին, անոնց մասին զրոյցներ սկսան պտտիլ ( ԱՍՏ. Բ. 159): Այդ գաղտնապահ յապաղման պատճառ կրնանք նկատել` այն բուռն խռովութիւնները, որոնք Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ կը տիրէին, ապստամբ փաշաներու եւ ըմբոստ Եէնիչէրիներու երեսէն, եւ գործադրութեանց արգելք կ՚ըլլային: Սէլիմ Գ. գահընկէց կ՚ըլլար 1807 մայիսին ( ԺՈՒ. 373), եւ կը սպաննուէր 1808 յուլիս 28-ին, եւ սոյն օր գահընկէց կ՚ըլլար իրեն յաջորդող Մուստաֆա Գ., եւ գահ կը բարձրանար Մահմուտ Բ., Մուստաֆա ալ կը սպաննուէր նոյեմբեր 15-ին ( ՊԷՐ. 447): Բայց Յոյներու ձեռք ձգած հրովարտակներուն զրոյցն ալ չլսուած, Հայեր կրցած էին տեղեկութիւններ քաղել, եւ փոխանորդ Յակոբ եպիսկոպոս ազդարարած էր Երուսաղէմ` ունել ի պատրաստի զհին եւ զհաստատուն հրովարտակս ( ԱՍՏ. Բ. 149): Բայց որովհետեւ երկու կողմեր իրարու դէմ երեսած չէին, արտաքին ձեւով գործակցութիւններ ալ կրնային կազմակերպել: Այսպէս եղաւ երբ 1806-ին երեք ազգեր համաձայնեցան Երուսաղէմը Դամասկոսի կուսակալութենէն զատելու աշխատիլ, եւ մի մի վարդապետներ որոշելով` Կ. Պոլիս պատուիրակ յղեցին ( ԱՍՏ. Բ. 158): Բայց այսպիսի պարագաներ ներքին հակառակութիւնները չէին ջնջեր, եւ ոչ ալ Յոյները իրենց վերջնական դիտումէն ետ կը կասեցնէին, որոնք քիչ ետքը բուռն կերպով մէջտեղ ելան, ինչպէս իրենց կարգին պիտի պատմենք: