Տ.
ՅԱԿՈԲ
Ե.
ՇԱՄԱԽԵՑԻ
2056.
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ
Սահակ
Ահագինի
տարօրինակ
ընթացքը
(§
2043),
ամէնուն
վրայ
տխուր
տպաւորութիւն
մը
թողած
էր,
եւ
եկեղեցին
անգլուխ
կացութեան
ենթարկած
էր:
Եթէ
ամէն
Հայ
պէտք
էր
զգածուէր
այդ
պարագայէն,
աւելի
խորապէս
զգածուելու
իրաւունք
ունէին
Մայրաթոռի
միաբանները,
որոնք
իրենց
կարգն
ու
սարքը
կորուսած,
յայտնի
չէր
թէ
կաթողիկոս
ունէին
կամ
թէ
ոչ,
եւ
չէին
գիտեր
թէ
ինչ
ուղղութեան
պէտք
էր
հետեւէին:
Միաբաններուն
մէջ
ալ
աւելի
սրտացաւ
ունէին
երկուքը,
որ
գլխաւորներն
էին,
եւ
Ահագինի
ընտրութեան
ատեն
գործի
վրայ
գտնուած
էին,
եւ
բնաւ
կողմնակից
ու
համակիր
չէին
եղած
այդ
ընտրութեան,
գուցէ
Ահագինի
տարտամ
բնաւորութեան
գիտակ
ըլլալով:
Բայց
իրենց
ձայնը
ոյժ
չէր
ունեցած,
եւ
Ահագինի
ընտրութիւնը
մայրաքաղաքի
մեծամեծներուն
կամքով,
անշուշտ
Նալեանի
ալ
ազդեցութեամբ,
կատարուած
էր:
Այդ
երկուքն
էին
Սիմէոն
Երեւանեցին
եւ
Աբրահամ
Աստապատցին
(§
2042):
Ասոնք
կանուխէն
սկսան
խօսիլ
ու
պնդել,
համոզել
ու
տարածել,
թէ
պէտք
է
Սահակէն
ձեռք
քաշել,
նա
կաթողիկոսութիւն
ընելիք
չունի,
Մայրաթոռը
առանց
կաթողիկոսի
թողուլ
հնար
չէ,
նոր
կաթողիկոսի
ընտրութիւն
կատարել
անհրաժեշտ
է:
Երեւանեցիին
եւ
Աստապատցիին
խօսքերը
առջի
բերան
մեծ
ազդեցութիւն
չ՚ըրին,
իրենց
համար
աշխատելնուն
կասկածը
կը
տիրէր,
բայց
հետզհետէ
պարագաները
սկսան
անոնց
իրաւունք
տալ,
զի
տարիներ
կը
լրանային
եւ
Ահագին
տակաւին
Էջմիածին
գացող,
օծում
ընդունող,
եւ
գործի
տիրութիւն
ընող
չէր:
Անշուշտ
իրենց
համախոհ
էր
Շամախեցին
ալ,
բայց
նա
մէջտեղ
չերեւնալու
խոհեմութիւնը
կը
պահէր,
ինչ
որ
տեղակալի
պաշտօնն
ալ
կը
պահանջէր:
Նալեան
պատրիարքն
ալ,
որ
իր
ընկերակցին
Սահակի
պաշտպանն
էր
եղած,
եւ
կը
շարունակէր
ըլլալ,
կամաց
կամաց
կը
տեսնար
Ահագինի
պահանջից
ու
պատշաճից
չափն
անցընելը,
եւ
հարկաւ
կը
զգար
անոր
պատճառաւ
տիրող
անկերպարան
վիճակը,
եւ
դարման
մը
հոգալու
ստիպողականութիւնը:
Գրուած
չենք
գտներ,
բայց
անհնար
է
որ
մտերմական
նամակներ
ալ
փոխանակուած
չ՚ըլլան
Նալեանի
եւ
Ահագինի
միջեւ,
եւ
գուցէ
իր
յորդորներուն
յարգուած
չ՚ըլլալն
էր,
որ
Նալեանի
ալ
միտքը
փոխեց,
եւ
Երեւանեցիին
ու
Աստապատցիին
կողմն
անցնելով
հաւանեցաւ
կաթողիկոսական
խնդիրին
համար
մեծամեծներու
ժողով
գումարել:
Արդէն
ասոնց
մեծագոյն
մասը
Ահագինէ
իրաւամբ
պաղած,
եւ
նոր
կաթողիկոս
ընտրելու
կողմը
դարձած
էր:
Ընտրելիի
անձին
վրայ
ալ
մեծ
խնդիրներ
ու
դժուարութիւններ
չծագեցան:
Նալեան
երկու
անգամ,
Աղեքսանդրի
(§
2040)
եւ
Սահակի
(§
2042)
ընտրութեանց
ատեն
հրաժարած
էր
այդ
պաշտօնէն,
եւ
երրորդ
անգամ
ընտրելի
ըլլալու
կամք
չունէր,
եւ
իրմէ
զատ
ալ
Տաճկահայերու
մէջ
կարկառուն
դէմք
մը
մնացած
չէր:
Երեւանեցին
եւ
Աստապատցին`
Ահագինի
դէմ
այնչափ
մաքառելէ
ետքը
չէին
կրնար
անոր
տեղը
անցնիլ`
առանց
ինքզինքնին
մեղադրանքի
ենթարկելու:
Կը
մնար
Շամախեցին
որ
չորս
տարիներէ
ի
վեր
աթոռը
կը
կառավարէր
առանց
կաթողիկոսական
աստիճանի
եւ
անունի,
եւ
իրեն
վրայ
դիտողութեան
առիթ
չէր
տուած:
2057.
ՆՈՐ
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Կոստանդնուպոլսոյ
մէջ
կաթողիկոսութեան
ընտրական
ժողովը
գումարուեցաւ
1759
օգոստոսին,
հաւանաբար
Աստուածածնայ
տօնին,
որ
օգոստոս
15-ին
կը
հանդիպէր,
կամ
մօտ
օր
մը:
Սահակ
Կեղեցիի
ընտրութիւնը
չեղեալ
նկատեցին,
քան
թէ
ընկեցին
զնա
յիշխանութենէն,
զոր
կանոնաւորապէս
եւ
արարողապէս
ստանձնած
չէր,
եւ
կաթողիկոս
հռչակեցին
Յակոբ
Շամախեցին,
չորս
տարիէ
ի
վեր
տեղակալութիւն
վարող
եւ
արդիւնաւոր
եղող
եպիսկոպոսը:
Ընտրութիւնը
հաւանութեամբ
յերկուց
կողմանց
եղած
կ՚ըսուի
(
ՇԱՀ.
Ա.
230),
որ
է
ըսել
է
թէ
Մայրաթոռոյ
հաւանութիւնը
կանուխէն
ապահովուած
էր,
եւ
Երեւանեցին
ու
Աստապատցին
գործին
ներկայ
եւ
երաշխաւորներն
էին:
Անմիջապէս
երկուքն
ալ
ճամբայ
ելան
որոշումին
գործադրութեան
համար,
Երեւանեցին
դէպի
Էջմիածին
եւ
Աստապատցին
դէպի
Կարին:
Հազիւ
թէ
Կ.
Պոլսոյ
մէջ
ընտրութիւնը
լրացաւ,
մէջտեղ
ելաւ
Սահակէ
գրուած
նամակ
մը,
որուն
մէջ
կ՚ըսէր,
թէ
որովհետեւ
կամք
ձեր
է
զի
գնացից
յԷջմիածին,
ահա
ըստ
կամաց
ձերոց
գնամ
անդր:
Այդ
նամակին
առիթ
տուած
էր`
Գասպար
Մուրատեան
ամիրային
կողմէ
Սահակի
իմաց
տրուած
ըլլալը,
թէ
իր
ընտրութեան
ջնջուիլը
մօտալուտ
է,
եւ
Սահակ
ուզած
էր
այդ
կերպով
վտանգի
առջեւն
առնուլ
եւ
ազգը
խաբել,
զի
իրօք
տեղէն
շարժուած
չէր:
Երբ
ամիսներ
ետքը
Աստապատցին
Կարին
հասաւ,
Սահակը
իր
տեղը
գտաւ,
որ
բնաւ
երթալու
շարժում
ըրած
չէր:
Չենք
կրնար
հաւաստել
թէ
Սահակին
նամակը
օրը
օրին
Շամախեցիի
ընտրութենէն
ետքը
հասաւ.
բայց
եթէ
օր
առաջ
ալ
հասած
էր,
եւ
Նալեան
կամաւ
զայն
ընտրութենէ
առաջ
մէջտեղ
չէր
հանած,
դարձեալ
մենք
գովելի
պիտի
ըսենք
Նալեանի
ըրածը,
որ
ուզած
է
վերջնականապէս
փակել
Սահակի
ստեղծած
տարօրինակ
վիճակը,
եւ
թոյլ
չէ
տուած
որ
այն
տակաւին
անպայման
կերպով
շարունակէ:
Նալեան
նախապէս
մեծամեծներէն
մէկ
քանի
գլխաւորներուն
հաղորդեց
նամակը,
եւ
երբ
անոնք
համաձայնութեամբ
պատասխանեցին,
զոր
ընտրեցաք`
ընտրեալ
է,
այլեւս
հարկ
ալ
չեղաւ
նորէն
ժողով
գումարել,
եւ
նամակին
վրայ
խորհիլ
(
ՉԱՄ.
Գ.
866):
Նամակը
գրողին
գալով,
անհնար
է
զայն
արդարացնել,
եւ
կեղծիքի
ու
խաբկանքի
մեղադրութենէ
ազատել,
որ
չորս
տարի
ազգն
ու
եկեղեցին
խաղցնելէ
ետքը,
տակաւին
սիրտ
կ՚ունենայ
բռնազբօսիկ
կամ
կեղծեալ
յայտարարութիւններով
այդ
տխուր
ընթացքը
երկարել:
2058.
ՅԱԿՈԲԻ
ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ
Երբոր
Աստապատցին
Կարին
հասաւ,
այնտեղ
գտաւ
Շամախեցին
ալ
Սահակի
այցելութեան
եկած,
ինչ
որ
կը
ցուցնէ
թէ
արտաքին
զրոյցք
չեն,
որ
Շամախեցին
Սահակը
յորդորէր`
փութալ
գալ
յԷջմիածին
(
ՉԱՄ.
Գ.
865):
Սահակը
Էջմիածին
գալէ
ետ
ընելու
համար,
պէտք
չէր
զգացուեր
անձամբ
այցելութեան
գալ
չորս
տարի
ետքը:
Աստապատցին
փութաց
Կարնոյ
եկեղեցւոյ
մէջ
հանդիսաւոր
կերպով
ծանուցանել
եւ
հրապարակել
Կ.
Պոլիս
կատարուած
ընտրութիւնը,
Սահակի
ընտրութեան
ջնջումը,
եւ
Շամախեցիին
կաթողիկոսութիւնը:
Սահակէ
հաշիւ
ալ
պահանջեց,
որովհետեւ
շատ
բան
գանձած
էր
Էջմիածինի
հասոյթներէն,
եւ
գործաւարտ
նուիրակունքն
նմա
տային
զարդիւնսն
եւ
զհաշիւսն
նուիրական
(
ԴԻՒ.
Գ.
30):
Հաշիւը
ստացաւ
ձեռամբ
բդեշխին,
այսինքն
կուսակալին,
որ
կը
ցուցնէ
թէ
արքունական
հրովարտակ
ալ
բերած
էր,
Սահակի
դադարումը
եւ
Շամախեցիին
ընտրութիւնը
հաստատող:
Կուսակալին
միջամտութեան
դիմուիլը
կը
ցուցնէ,
թէ
Սահակ
դժկամակութիւն
ցուցած
է
իւրացուցած
գումարներն
ու
հաշիւը
տալու:
Վերջապէս
գէշ
աղէկ
հաշուական
գործն
ալ
կարգադրելէ
ետքը
եւ
գումարներն
ալ
վճարելու
խոստումին
վրայ,
Աստապատցին
առջեւ
կ՚անցնի
եւ
Շամախեցին
Էջմիածին
կ՚առաջնորդէ,
եւ
1759
նոյեմբեր
24-ին
օծման
հանդէսը
կը
կատարուի,
ինչպէս
Չամչեան
կը
գրէ
(
ՉԱՄ.
Գ.
866),
եւ
Շահխաթունեան
կը
կրկնէ
(
ՇԱՀ.
Ա.
230):
Յիշուած
թուականը
Յիսնակաց
պահոց
չորեքշաբթիին
կ՚իյնայ,
եւ
հաւանական
է
որ
գրչութեան
սխալ
մը
սպրդած
ըլլայ
ամսաթիւին
մէջ,
քանի
որ
հաւանական
չէ
լուր
օր
եւ
պահոց
օր
այսպիսի
հանդէս
մը
կատարելնին,
եւ
յարմարագոյն
կը
թուի
նոյեմբեր
28
կիրակիին
յետաձգել:
Երեւանեցին
որ
գործունեայ
դեր
մը
ունեցաւ
Յակոբ
Ե.
Շամախեցին
կաթողիկոսութեան
բարձրացնելու
մէջ,
կը
ներկայէ
զայն
իբր
այր
պիտանի
եւ
խորհրդական,
խելօք
եւ
հանճարեղ
յամենայն
գործս,
գիտուն
եւ
շնորհաշատ:
Մանկութենէն
Մայրաթոռի
մէջ
սնած
եւ
ապրած,
եւ
բազմակողմանի
ուսմամբ
զարգացած
էր,
այնպէս
որ
ասէր
դաս
միաբանից
զինչ
եւ
խնդրէին,
ինչ
տեսակ
գրութիւն
ալ
որ
պէտք
ըլլար,
ինքն
կը
խմբագրէր
եւ
տայր
գրագրացն
որ
ընդօրինակեն,
եւ
այս
ոչ
միայն
հայերէն,
այլեւ
պարսկերէն
լեզուով,
զի
նա
ինքն
էր
որ
գրէր
եւ
հոգայր
զգրոց
արքունականաց
եւ
դատաւորականաց:
Երեւանեցին
կ՚աւելցնէ
թէ
նաեւ
զարդեանս,
այսինքն
իր
ատենն
ալ
Շամախեցիին
թողած
պատճէնները
կը
պահուէին
եւ
կը
գործածուէին
իբրեւ
պաշտօնական
գրութեանց
պատրաստ
ձեւեր,
յորոց
գրագիրքն
առնուն
զօրինակս
գրելեաց
իւրեանց
(
ՋԱՆ.
32):
Ինչպէս
կը
տեսնուի
Շամախեցին
Մայրաթոռին
ներքին
գործերուն
նուիրեալ
անձ
մը
եղած
է,
եւ
շատ
շրջագայած
չ՚երեւիր:
Նա
ալ
ազատ
չէր
մնացած
Ջահկեցիին
բռնութիւններէն
(§
2034),
իսկ
Մինասի
եւ
Աղեքսանդրի
օրով
լաւ
դիրք
վայելած
պիտի
ըլլայ,
իբր
փոխանորդ
եւ
ընդհանուր
գործակատար,
որով
վերջնոյս
մահուընէ
ետքը
երկարատեւ
տեղակալութիւն
վարելու
կոչուեցաւ:
Աւելի
այդ
ժամանակին
պէտք
է
վերագրել
Երեւանեցիին
ըսելը,
թէ
ունի
զանհամար
բարերարութիւնս
ի
սուրբ
աթոռոջն,
վասնզի
կաթողիկոսանալէ
ետքը
ծերացած
էր,
եւ
ատեն
ալ
չունեցաւ
անհամար
գործեր
կատարելու:
Կը
յիշուին
միայն
կալուածական
պաշտօնագիրներու
ստացութիւնը,
եւ
Երեւանի
մէջ
Չորագիւղի
անապատին
նորոգութիւնը,
զոր
կազմակերպեց
իբրեւ
զտունս
հայրապետանիստ
(
ՋԱՄ.
33):
2059.
ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ
ԽՄԲԱԿԸ
Կոստանդնուպոլսոյ
կացութիւնը
բաւական
հանդարտ
կ՚անցնէր
Նալեանի
պատրիարքութեան
ներքեւ,
որ
իր
վարդապետին
Կոլոտի
ընթացքին
հաւատարիմ
հետեւող,
միջասահման
իմն
ձեւ
կը
գործածէր
համերաշխ
հաշտութիւն
պահելու
համար
բուն
հայադաւան
եւ
մեղմ
հռոմէադաւան
տարրերուն
մէջ:
Կոլոտ
իր
անձնական
հեղինակութեամբ
կրցած
էր
զսպուած
պահել
երկկողմանի
ծայրայեղները,
եւ
այս
կերպով
առած
էր
բուռն
վէճերու
եւ
ներհակընդդէմ
պայքարներու:
Նալեան,
թէպէտ
հմտութեամբ
եւ
կարողութեամբ
Կոլոտէ
ստորին
չէր,
եւ
իր
երկասիրութիւններով
առաւելութիւն
ալ
ունէր,
սակայն
Պրոխորոնի
շփոթը,
եւ
Պրուսա
քաշուիլը
եւ
Երուսաղէմ
երթալը
խախտած
էին
իր
դիրքը,
եւ
Եաղուպի
պաշտպանութեամբ
դառնալէն
ետքը,
իր
պաշտպանին
եղերական
վախճանը
(§
2036),
պակսեցուցած
էր
իրեն
ներքին
ոյժը,
եւ
առիթ
կ՚ընծայէր
ժողովրդական
շշուկներու,
եւ
կաթոլիկութեան
հանդէպ
թոյլ
եւ
զիջողական
վարուող
մը
կը
կարծուէր:
Սակայն
Նալեանի
բռնած
թոյլատու
եւ
ներողամիտ
ընթացքը`
չէր
այլայլած
երբեք
անոր
ներքին
համոզումները,
եւ
եթէ
իրեն
շուրջը
գտնուողներ,
եւ
առաջին
գիծին
մէջ
Սարգիս
Սարաֆեան
եպիսկոպոսը,
կաթոլիկութեան
միտումներ
կը
ցուցնէին,
սակայն
չէին
կրնար
իրենց
հայադաւան
ուղղութիւնը
փոխած
ըլլալ,
քանի
որ
Նալեանի
գործակից
էին:
Հակառակ
Նալեանի
զգուշաւորութեանց`
շփոթ
մը
յուզուեցաւ
1761
ամառուան
վերջերը:
Գլխաւորն
էր
Մանուէլ
Բալուեցի
քահանան,
կորաքամակ
(
ԳԱԼ.
97)
եւ
սապատող
(
ԳԱԼ.
102)
կոչուած,
կ՚երեւի
տձեւ
կողմին
համար,
իրեն
ընկեր
ունենալով
ուրիշ
քահանայ
մըն
ալ`
Սարգիս
Տիպաճեան
(
ՉԱՄ.
Գ.
867),
եւ
աշխարհականներէն
Յովհաննէս
Սափրիչ,
Մովսէս
Տիվրիկցի,
եւ
Մեծմատնեան
կոչուած
մէկ
մը,
եւ
այլք
ամբոխէն
(
ԳԱԼ.
97):
Յովհաննէսի
համար
ըսուած
է
թէ
բնիկ
Ագուլեցի
է
եղեր,
մանկութեան
ատեն
լատինամիտ
կրթութիւն
ստացած,
քսանամեայ
ըլլալէն
ետքը
սկսեր
է
զրպարտել
զՀայաստանեայցս
սուրբ
եկեղեցի,
ասոր
համար
երեք
անգամ
պատժուեր
է
ի
քիւրէկն,
բայց
վերջապէս
միտքը
լուսաւորուէր,
եւ
վերահասու
եղեր
է
որ
Հայոց
եկեղեցին
է
ճշմարտապէս
ուղղափառ
եւ
անբիծ:
Ասոր
վրայ
Լուծիչ
տարակուսանաց
անունով
գիրք
մըն
ալ
շարադրել
եւ
տպագրել
տուեր
է
(
ԳԱԼ.
303),
եւ
Մանուէլ
քահանայի
միանալով`
նախանձայոյզ
պայքարող
ալ
դարձեր
է:
Այս
խումբը
նախապէս
Սարգիս
Սարաֆեանի
դէմ
կ՚ելլէ,
առիթ
առնելով
անոր
ինչ
ինչ
անզգոյշ
խօսքերը
թէ
Գունտ
սիսռան
ոչ
բանայր
դուռն
արքայութեան,
կամ
թէ`
Լաւ
է
ուտել
զմիս`
յաւուրս
պահոց
յամէն
տարիս,
քան
բամբասել
զընկեր
մարդիս,
եւ
տեսնելով
ալ
թէ
յաւուրս
աղուհացից,
ձէթ
ի
վերայ
հեղոյր
խահից
(
ԳԱԼ.
98),
ինչ
որ
կը
ցուցնէ
թէ
աւելի
կոկորդի
դիւրութիւններն
են
եղեր
կաթոլիկներու
հրապուրիչ
գրգիռները:
Մէջտեղ
կը
դնեն
նաեւ
Երուսաղէմի
նուիրակութեան
ժամանակէն
դրամ
իւրացուցած
ըլլալուն
մասին
տարածուած
խօսքերը
(§
2001):
Բայց
Նալեան
նորէն
Սարաֆեանը
կը
պաշտպանէ
Շղթայակիրին
տուած
ընկալագիրին
փաստովը,
թէպէտեւ
ինչպէս
ժամանակին
դիտեցինք,
գումարի
մը
ընկալագիրը
հանգանակութեան
քանակին
փաստը
չէ:
Իսկ
մնացեալ
ամբաստանութիւնները
Սարաֆեան
ինքը
կը
ցրէ,
որ
է
ըսել
բացարձակ
հայադաւանութեան
յայտարարութիւն
կու
տայ:
Արդ
եթէ
սիրտով
ալ
տուած
չէ,
գոնէ
պաշտօնական
ձեւակերպութիւնը
պահած
է,
զի
առանց
այդ
զգուշաւորութեան
հնար
չէր
որ
նորէն
Պալաթի
(
ԳԱԼ.
103)
եւ
Ղալաթիոյ
(
ԳԱԼ.
104)
մէջ
քարոզչութիւն
ընէր,
Մանուէլեան
խմբակին
հսկողութեան
եւ
գրգռման
ներքեւ:
2060.
ԿԱԹՈԼԻԿԱԿԱՆ
ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Մանուէլեան
խմբակը
իր
գործունէութիւնը
ալ
աւելի
առաջ
մղելով,
Ֆրանկացեալներուն
դէմ
ամբաստանագիր
տուաւ
նոյնիսկ
առ
արքայ,
թէ
օտար
եկեղեցիներ
կը
յաճախեն,
եւ
դեսպաններու
պաշտպանութեամբ
կը
ճոխանան,
եւ
տեղական
իշխանութիւնները
կանարգեն:
Տրուած
յայտարարութիւնը
ստուգելու
համար,
կառավարութեան
յատուկ
պաշտօնեաներ
ղրկուեցան
կիրակի
օր
մը,
1761
նոյեմբեր
11-ին,
Ղալաթիոյ
Ս.
Պետրոս,
Ս.
Գէորգ,
եւ
Ս.
Բենեդիկտոս
լատին
եկեղեցիները,
որոնք
հոն
դիմող
Հայերէն
52
հոգի
ձերբակալելով
նաւատեղեաց
բանտը
տարին:
Բռնի
միջոցը
Նալեան
պատրիարքի
հաճութեամբ
չէր,
ուստի
դժուար
չեղաւ
բանտարկելոց
ազատութիւն
ստանալ:
Մանուէլի
խմբակը
նոր
ամբաստանագիր
մատոյց
կառավարութեան
1762-ին
սկիզբները,
եւ
այս
անգամ
յանուանէ
24
հոգիներու
անուններ
տալով:
Նալեան
եղելութիւնը
իմանալով
ինքն
հոգ
տարաւ
որ
ամբաստանեալներ
մէջտեղ
չերեւան,
եւ
մէկ
մը`
գոհարավաճառ
Յովհաննէս
Թումաճանեան
ձեռք
ինկաւ,
եւ
հարցուփորձի
ենթարկուեցաւ:
Պէտք
եղաւ
պատրիարքի
վկայութիւնը
լսել,
որ
հաստատեց
թէ
ձերբակալեալը
իր
ժողովուրդէն
Հայ
մըն
է,
եւ
այնպէս
արձակուեցաւ.
նոյնպէս
միւս
23-ներուն
ձերբակալութեան
հրամանն
ալ
ետ
առնուեցաւ:
Երբոր
եպարքոսը
պատրիարքէն
բացատրութիւն
կը
խնդրէր,
թէ
ինչոflւ
կռիւք
եւ
կագք
յուզին
վասն
օրինաց
ձերոց,
եւ
թէ
զիflարդ
ոչ
տանիս
փոյթ
անոնց
առջեւն
առնել,
Նալեան
պարտաւորուեցաւ
յայտնել,
թէ
Մանուէլ
քահանայ
մը
եւ
Յովհաննէս
սափրիչ
մը
առանց
իր
հրահանգին
գործերու
կը
ձեռնարկեն:
Ասիկա
բաւական
եղաւ
որ
ձերբակալութեան
հրաման
ելլէ
Մանուէլի
խմբակին
համար,
որոնցմէ
շատեր,
ինչպէս
եւ
Սարգիս
Տիպաճեան
քահանան
պատրիարքին
գթութեան
դիմեցին,
իսկ
Մանուէլ
եւ
Յովհաննէս
խնդրակներու
ձեռք
իյնալով
բանտարկուեցան
եւ
վերջէն
աքսորուեցան
(
ՉԱՄ.
Գ.
867-871):
2061.
ԱՅԴ
ՄԱՍԻՆ
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նալեանի
այդ
ընթացքը
կը
հաստատէ,
թէ
Հայոց
պատրիարքարանը
ներողամիտ
եւ
թոյլատու
ընթացք
ունէր
լատինամիտներու
հանդէպ,
քանի
որ
անոնք
իրենց
խրոխտ
եւ
նենգամիտ
ընթացքով
չէին
զայրացներ
ուղղամիտ
ժողովուրդը,
չէին
անարգեր
ազգային
եկեղեցին,
եւ
չէին
զեղծանիր
օտարատեսուչ
ձգտումներով:
Չենք
կարծեր
որ
կաթոլիկութեան
պաշտպաններ,
Նալեանի
այս
ընթացքը
տեսնելով,
յանդգնին
զայն
ալ
կաթոլիկացած
ըսել,
քանի
որ
անոր
գիրքերը
մշտաբարբառ
կը
քարոզեն
իր
հաստատուն
համոզումները:
Այս
կ՚ըսենք
որովհետեւ
ստէպ
կը
տեսնենք
որ
առաջնորդի
մը
մեղմ
ընթացքը,
եւ
վարդապետի
մը
չափաւոր
խօսքը,
կաթոլիկ
գրողներու
ձեռք
իբր
հիմ
կը
ծառայեն
զանոնք
հռոմէադաւան
հռչակելու:
Նոյնպէս
եպիսկոպոսի
կամ
վարդապետի
մը
նեղութենէ
խուսափելու
կամ
շահ
ու
նպաստ
մը
ձեռք
ձգելու
համար
Արեւմուտք
դիմելը,
եւ
հոն
տեղական
պահանջից
համակերպիլը,
անոնց
գրիչին
տակ
հռոմէադաւանութեան
ճշմարտութիւնը
հաստատող
փաստեր
կը
դառնան:
Բայց
ուղիղ
տեսութեամբ
իրենց
դատը
աւելի
կը
տկարացնեն,
երբ
այդպիսի
փծուն
եւ
անարժէք
փաստերով`
զայն
արդարացնելու
կ՚աշխատին:
Կաթոլիկ
գիրքերու
մէջ
ստէպ
կը
տեսնուին,
ասկէ
ու
անկէ
քաղուած
եւ
փաստի
նպատակով`
արկածախնդիր
վարդապետներու
եւ
եպիսկոպոսներու
անուններով
կազմուած
ցուցակներ,
բայց
ասոնք
ոչ
հայադաւանութեան
վնաս,
եւ
ոչ
հռոմէադաւանութեան
օգուտ
մը
կրնան
պատճառել:
Այդ
պատճառով
հետամուտ
չենք
այնպիսիներու
անունները
քաղել,
քանի
որ
բնաւ
կարեւորութիւն
չունին:
Ամէնուն
տեղ
բաւական
ըլլայ
Սարգիս
Սարաֆեանի
կեանքին
եւ
գործունէութեան
վրայ
տուած
տեղեկութիւննիս,
որ
երբ
Արեւմուտքի
հեռապատկերը
իր
շահադիտութիւնը
կը
գրգռէ,
Իտալիա
կ՚անցնի
եւ
հռոմէադաւան
կ՚ըլլայ.
իսկ
երբ
պաշարեալ
արծաթոյ
սովու,
զոչ
ոք
կը
տեսնէ
անդ
ինքեան
ձեռնտու
(
ԳԱԼ.
53),
նորէն
Արեւելք
կը
դառնայ
եւ
հայադաւան
կ՚ըլլայ,
մինչեւ
որ
այստեղ
ալ
ակնկալութիւնները
նուազելուն`
նորէն
Արեւմուտքի
ճանբան
կը
բռնէ:
2062.
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ
ԱԹՈՌ
Թէոդորոս
Երուսաղէմի
պատրիարքը,
որ
1752-էն
աթոռի
վրայ
կը
գտնուէր
(§
2049),
հասեալ
էր
ի
խոր
ծերութիւն
տկարացեալ,
եւ
ստիպուած
ի
մահիճ,
մինչեւ
չկրնալ
վարել
զպաշտօն
իշխանութեան
իւրոյ:
Ուստի
պարտաւորուեցաւ
Յովհաննէս
եպիսկոպոսի
յանձնել
լիազօր
փոխանորդութիւնը,
մինչեւ
նոր
ընտրութիւն
(
ԱՍՏ.
Բ.
97),
իսկ
իբր
յաջորդ
յանձնարարեց
իր
ձեռնասուն
Կարապետ
Գանձակեցի
եպիսկոպոսը,
որ
նուիրակութեամբ
Ատանա
կը
գտնուէր
(
ԱՍՏ.
Բ.
99):
Թէոդորոս
հոգ
տարաւ
կոնդակով
յայտարարել
եւ
վաւերական
կոնդակով
հաստատել,
թէ
բոլոր
իր
ունեցածները,
մինչեւ
ցյետին
պատմուճան
եւ
վերարկու,
աթոռին
սեփականութիւն
են,
եւ
ինքն
անձնական
ոչինչ
չունի,
որով
իր
մերձաւորներէն
ոչ
ոք
կրնայ
իբր
ժառանգորդ
բան
մը
պահանջել
(
ԱՍՏ.
Բ.
97):
Թէոդորոսի
այդ
զգուշաւորութիւնը
օգտակար
եղաւ`
իր
ազգականներէն
ոմանց
պահանջումները
ցրելու,
որոնք
անոր
մահուընէն
ետքը
վանքէն
ժառանգութիւն
կը
պահանջէին,
եւ
այդ
առիթով
հոգ
տարուեցաւ
արքունի
հրովարտակով
ալ
հաստատել,
թէ
Երուսաղէմի
միաբաններուն
ժառանգորդը
միաբանութիւնն
է,
եւ
ոչ
իրենց
ազգականները
(
ԱՍՏ.
Բ.
100):
Թէոդորոս
ամենայն
ինչ
կարգադրելէն
ետքը
խաղաղութեամբ
վախճանեցաւ
1761
դեկտեմբերի
վերջի
օրերը,
եւ
թաղուեցաւ
Ս.
Փրկիչ
վանքը,
որուն
համար
կանուխէն
պետական
հրամանն
ալ
առնուած
էր,
Տաճիկներու
կամայական
արգելքներուն
տեղի
չտալու
համար
(
ԱՍՏ.
Բ.
98):
Երուսաղէմի
միաբանութիւնը
Թէոդորոսի
մահուան
գոյժին
հետ,
Կարապետի
հաստատութիւնն
ալ
խնդրեց
Կ.
Պոլսոյ
պատրիարքարանէն:
Սակայն
ազգային
մեծամեծներ
որ
արդէն
1762
յունուարին
գոյժն
ու
առաջարկը
ստացած
էին
(
ՊԱՍ.
11),
շուտով
չհամարձակեցան,
եւ
կ՚ուզէին
պատրիարքութեան
կոչել
Գրիգոր
Պասմաճեան
վարդապետը,
որ
Կ.
Պոլիս
կը
գտնուէր
իբր
Երուսաղէմի
փոխանորդ:
Բայց
Գրիգոր
ոչ
մի
կերպով
յանձնառու
չեղաւ:
Ինքն
իբր
հրաժեշտի
պատճառներ
ցոյց
կու
տայ,
իր
անարժանութենէն
զատ,
հանգուցելոյն
կտակը,
միաբանութեան
կամքը,
եւ
Կարապետին
քան
զինքն
երիցագոյն
ըլլալը,
թէպէտեւ
երկուքն
ալ
համշիրակ
եղբայր,
եւ
միոյ
հօր
հոգեւորի
Թէոդորոսի
սննդակից
զաւակունք
էին
(
ՊԱՍ.
12):
Չմոռնանք
որ
Գրիգոր
դեռ
եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն
չունէր,
եւ
Պարսկաստանի
ներքին
յուզումները
կը
դժուարացնէին
անմիջապէս
Էջմիածին
երթալը:
Վերջապէս
ժողովն
ու
պատրիարքը
հաստատեցին
Կարապետի
ընտրութիւնը
եւ
հրովարտակն
ալ
ստացան,
եւ
Կարապետ
ալ
Կիլիկիոյ
նուիրակութիւնը
փակելով
Երուսաղէմ
հասաւ
զատկէն
ետքը,
որ
կ՚իյնար
1762
ապրիլ
7-ին,
եւ
պաշտօնը
ստանձնեց:
Կարապետ
գործունեայ
նախընթաց
մը
ունեցած
էր:
Բնիկ
Գանձակեցի
արեւելեան
գաւառներէն,
18
տարեկան
եղած
ատեն
Թէոդորոսի
կը
յարի
Եւդոկիոյ
մէջ,
անոր
նուիրակութեան
միջոցին,
եւ
միասին
Երուսաղէմ
կու
գայ
1734-ին,
եւ
ուսմանց
ու
աստիճաններու
մէջ
յառաջանալէն
ետքը,
նուիրակ
կը
ղրկուի
Ակն
ու
Ռումէլի
ու
Քղի`
Շղթայակիրի
հրամանով:
Նալեան
զայն
Կ.
Պոլսոյ
փոխանորդ
կը
նշանակէ
1750-ին,
վեց
տարի
ետքը
Երուսաղէմ
կը
ղրկուի
Թէոդորոսի
եւ
միաբաններուն
մէջ
յուզուած
վէճը
հանդարտելու:
Նորէն
նուիրակութեան
կ՚ելլէ
1760-ին,
նախ
Եւդոկիա,
եւ
անկէ
Ատանա,
ուր
կը
գտնուէր
1761-ին
Թէոդորոսի
մահուան
միջոցին
(
ԱՍՏ.
Բ.
98):
Այս
հաշուով
շուրջ
50
տարեկան
եղած
կ՚ըլլայ
պատրիարքութեան
աթոռ
բարձրացած
թուականին:
Իբրեւ
Երուսաղէմի
աթոռին
պատկանեալ
կարեւոր
տեղեկութիւն
աւելցնենք,
որ
1762
մայիս
11-ին
Կ.
Պոլսոյ
մեծ
հրդեհին,
Մայր
եկեղեցւոյ
շուրջի
շէնքերը,
եւ
անոնց
հետ
Շղթայակիրին
շինած
հոգետունն
ալ
(§
1996)
այրելուն
վրայ,
որոշուեցաւ
որ
եկեղեցիին
շուրջը
մնասցէ
բացօթեայս
եւ
պարտէզս,
ուստի
Պասմաճեան
փոխանորդն
ալ`
հանդէպ
դրանն
Սուրբ
Աստուածածնի
Մայր
եկեղեցւոյն,
նոր
բնակարան
մը
շինեց
Երուսաղէմի
միաբաններուն
համար
1763-ին
(
ՊԱՍ.
13),
որ
է
այժմեան
Երուսաղէմատունին
տեղը:
2063.
ՊԷՅԹԽԱՇՊՕ
ԵՒ
ԶԸՄՄԱՌ
Լիբանանի
մէջ
հաստատուած
հռոմէականներուն,
այսինքն
Անտոնեան
միաբանութեան
եւ
նորահաստատ
կաթողիկոսութեան
մասին
չխօսեցանք
Արծիւեանի
մեռնելէն
եւ
Յովսէփեանի
յաջորդելէն
ետքը
(§
2032):
Այնտեղ
յիշեցինք
կաթողիկոսարանի
համար
Զըմմառի
բլուրին
ստացութիւնը,
որուն
վրայ
Յակոբ
Պետրոս
Բ.
կաթողիկոսը
փոյթ
տարաւ,
շինութիւն
մը
հիմնարկել
իբր
կաթողիկոսարան:
Բայց
վրան
արձանագրուած
1749
տարին
(
ԱՂՔ.
Ա.
21)
պէտք
է
իբր
շինուածին
սկզբնաւորութիւն
նկատել
եւ
ոչ
իբր
աւարտման
թուական,
զի
շէնքը
անագան
վերջացաւ
1771-ին
(
ԱՂՔ.
Ա.
26):
Յակոբ
շինուածին
բաւարար
ձեւ
մը
տալէն
ետքը,
թողուց
Քրէյմի
վանքը,
եւ
Զըմմառ
հաստատուեցաւ
1750-ին,
Անտոնեաններէն
ալ
քանի
մը
հոգի
մէկտեղ
առնելով:
Իսկ
1752
յունիս
30-ին
սիւնհոդոսական
ժողով
գումարելով,
հաստատեց
Մարոնի
Անտոնեանց
կանոնագիրին
Հայազգի
Անտոնեանց
պատշաճեցուցած
ձեւը,
ըստ
այնմ
ալ
պապական
վաւերացման
ենթարկելու
համար:
Նկատելի
է
որ
այդ
կանոնագիրին
կցուած
էր
Անտոնեան
կուսանաց
կանոնագրութիւնն
ալ,
թէպէտ
այդ
մտադրութիւնը
գործադրութեան
չ՚անցաւ
(
ԱՆՏ.
):
Կաթողիկոսին
Քրէյմի
վանքէն
հեռանալուն
ժամանակակից
է,
Լիբանանի
մէջ
երկրորդ
վանքի
մը
համար
Անտոնեանց
նոր
տեղ
ստանալը
1750-ին,
որ
է
Պէյթխաշպօ
կոչուած
բարձունքը,
Ղազիր
եւ
Շնանէյիր
գիւղերու
մէջտեղ,
գեղեցիկ
եւ
ծովահայեաց
դիրքի
մը
վրայ:
Հայր
Գրիգոր
Ներսէսեան
աբբահայր`
Քրէյմի
եւ
Պէյթխաշպոյի
մէջ
ալ
կարեւոր
շինութիւններու
ձեռնարկելէ
ետքը,
1752-ին,
իր
եռամեային
լրանալուն,
գործը
կը
թողուր
նորընտիր
աբբահօր`
Ղուկաս
Աբրահամեանին,
որ
քիչ
ետքը
եպիսկոպոս
կը
ձեռնադրուէր
հայր
Բարսեղ
Գէորգեանի
հետ,
եւ
աբբայական
պաշտօնը
փոխանորդաբար
կը
վարէր
հայր
Յովհաննէս
Կարապետեան:
Կանոնագիրը
պապական
հաստատութեան
ենթարկելու
համար
Հռոմ
կը
ղրկուէր
հայր
Գաբրիէլ
Մատթէոսեան,
իսկ
հայր
Գրիգոր
Ներսէսեանի
պաշտօն
կը
յանձնուէր
Հռոմի
մէջ
սեփական
վանքի
մը
ստաձութեան
եւ
կազմակերպութեան
գործը
ի
գլուխ
տանիլ:
2064.
ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ
Ճիշդ
այդ
միջոցներուն
կը
վախճանի
Յակոբ
կաթողիկոսը,
ըստ
ոմանց
մայիս
15-ին
(
ԱՂՔ.
Ա.
23),
ըստ
այլոց
յունիս
10-ին
(
ԱՆՏ.
),
իսկ
յիշատակուած
Հոգեգալստեան
օրը
այն
տարի
կ՚իյնար
մայիս
30-ին,
որ
կը
համեմատի
նոր
տոմարի
յունիս
10-ին:
Յակոբ,
հօրենական
անունով`
Մուրատեա~ն,
պապենական
անունով
Յովսէփեա~ն,
իսկ
կաթողիկոսական
կոչմամբ
Պետրոս
Բ.,
շարունակ
յիշատակուեցաւ
սկսելով
Անտոնեանց
սկզբնաւորութեան
օրէն
(§
1894),
եւ
իբրեւ
ամենանշանաւոր
դէմք
մը
պէտք
է
նկատուի
հայ
հռոմէական
տարեգրութեանց
մէջ,
իր
համարձակ
նախաձեռնութեամբ,
անխոնջ
գործունէութեամբ,
եւ
խոհական
չափաւորութեամբ:
Զի
եթէ
երկու
Աբրահամներ
իբր
հիմնարկուներ
կը
նկատուին
միաբանութեան
եւ
կաթողիկոսութեան,
պէտք
է
բացարձակապէս
յայտարարել,
թէ
երկուքն
ալ
իրենց
ձեռնարկին
մէջ
պիտի
չյաջողէին
առանց
Յակոբի
աջակցութեան,
որ
արգելքներու
դիմաց
խիզախ
եւ
դժուարութեանց
մէջ
արթուն,
կրկին
նպատակներուն
իրականացման
գործադիրն
եղաւ:
Ասոր
հետ
մէկտեղ
պէտք
է
իբր
գովեստ
յիշել,
թէ
իր
հռոմէականութեան
մէջ
ալ
զգուշացաւ
կծու
պայքարներէ
եւ
անտեղի
նախանձախնդրութիւններէ,
որով
իր
վրայ
ալ
խիստ
մտադրութիւններ
չհրաւիրեց:
Յակոբ
թէպէտ
Զըմմառի
մէջ
կը
բնակէր
իր
կեանքին
վերջին
միջոցին,
բայց
գերեզմանը
Քրէյմի
վանքին
մէջ
եղաւ
(
ԱՂՔ.
Ա.
23)
որ
է
իր
գործունէութեան
առաջին
օրրանը:
Երբոր
Յակոբ,
վերոյիշեալ
Ղուկաս
եւ
Բարսեղ
եպիսկոպոսները
կը
ձեռնադրէր
(§
2063),
անոնց
ընկերացնել
ուզած
էր
ուրիշ
Անտոնեան
միաբան
մըն
ալ,
հայր
Միքայէլ
Գասպարեանը,
եւ
զայն
Կ.
Պոլիսէ
Լիբանան
կոչած
էր,
այլ
նա
կը
հասնէր
Յակոբի
մեռնելէն
ետքը:
Եպիսկոպոսներ
ընտրութիւնը
լրացած
տեսնելով,
իրենք
կը
կատարեն
ձեռնադրութիւնը,
եւ
իրենց
ձեռնադրածը
անմիջապէս
կաթողիկոսական
յաջորդութեան
կը
կոչեն
1753
յունիս
23-ին,
եւ
ընտրութիւնը
պապական
հաստատութեամբ
կը
վաւերացուի
1754
մայիս
6-ին:
Միքայէլ
Պետրոս
Գ.
թէպէտ
Անտոնեան
միաբանութենէ,
այլ
նուազ
նպաստաւոր
գտնուեցաւ
հանդէպ
միաբանութեան,
նպատակ
ունենալով
իր
կաթողիկոսական
աթոռը
զօրացնել,
նոյնիսկ
միաբանութեան
լաւագոյն
ոյժերը
իրեն
քաշելով
(
ԱՆՏ.
):
Միանգամայն
ձեռք
առաւ
Արծիւեանի
մշակած
գաղափարը,
իր
իրաւասութիւնը
բոլոր
Հայ
կաթոլիկներուն
վրայ
տարածել`
ուր
ուրեք
որ
գտնուին,
գոնէ
Օսմանեան
կայսրութեան
մէջ,
այլ
ընդունելութիւն
չգտաւ
Հռոմի
պապութեան
կողմէն:
Այդ
նպատակով
1758
ամառուան
մէջ
յատուկ
ուղեւորութիւն
մըն
ալ
ըրաւ
ի
Հռոմ,
բայց
1759
ապրիլ
30-ի
պապական
վճռով,
իրեն
իրաւասութիւնը
Կիլիկիոյ
բնական
վիճակներուն
մէջ
պարփակուեցաւ,
այսինքն
է
Կիլիկիա
եւ
Ասորիք,
Միջագետքի
յաւելուածով
(
ԱՂՔ.
Ա.
25):
2065.
ՀՌՈՄԻ
ՎԱՆՔԸ
Իսկ
Անտոնեանք
կ՚աշխատէին
ինքզինքնին
զօրացնել,
թէ
Պէյթխաշպօն
վերջնական
եւ
հաստատուն
սեփականութիւն
դարձնելով
1760
ապրիլ
12-ի
վաւերագրով,
եւ
Ս.
Անտոն
անունով
վանք
մըն
ալ
կազմակերպելով,
թէ
Հռոմի
կղերանոցներուն
մէջ
նորահաս
միաբաններ
զետեղելով
ուսմանց
մէջ
զարգանալու
համար,
եւ
թէ
Հռոմի
մէջ
վանք
մը
ստանալու
համար
աշխատութիւնները
շարունակելով:
Այդ
մասին
աւելի
աշխատողներն
եղան`
հայր
Ռափայէլ
Թումայեան
երկու
եռամեայ
շրջան
աբբայութեան
վրայ
գտնուելով,
եւ
հայր
Գրիգոր
Ներսէսեան
Հռոմի
մէջ
անխոնջ
եւ
անդուլ
հետապնդութեամբ:
Ներսէսեան
ոչ
միայն
Հռոմ
այլեւ
Նաբօլի
եւ
Անքոնա
ալ
շրջեցաւ
յարմար
տեղ
մը
գտնելու
յոյսով,
պահ
մը
Լէոպոլսոյ
կամ
Իլվովի
մէջ
հաստատուելու
գաղափարն
ալ
նկատի
առնուեցաւ,
միանգամայն
ստիպուեցաւ
Հայ
հռոմէականներու
կողմէն
յարուցուած
արգելքներու
դէմ
ալ
մաքառիլ:
Միքայէլ
ալ
Հռոմ
եղած
միջոցին
երբեք
չ՚օժանդակեց
իրեն
միաբանութեան
ձեռնարկին,
եւ
այնպէս
1760-ին
սկսելով
տասը
տարիի
մօտ
այդ
նպատակին
աշխատեցաւ,
եւ
Հայ
հռոմէականներէ
հեռու
մնալու
համար
Ս.
Մարիամ
Եգիպտացի
(Santa
Maria
Egiziaca)
եկեղեցւոյն
յարակից
հայ
հիւրանոցին
բնակութիւնն
ալ
թողլով
Ս.
Պանտալէոն
(San
Pantaleo)
լատին
վանքը
քաշուեցաւ:
Պէտք
եղաւ
որ
պապական
արտօնութիւնը
ձեռք
ձգելու
համար`
շատ
մը
ձեւակերպութիւններու
ենթարկուի,
բայց
վերջապէս
նպատակին
հասնելու
գոհունակութիւնն
ունեցաւ,
եւ
1762
յուլիս
15-ին
նօտարական
վաւերագրով
գնեց
Վատիկանի
հրապարակին
վրայ
Չէզի
(Cesi)
դուքսերուն
ժառանգական
ապարանքը,
յարակից
այգիով
ու
պարտէզով,
զոր
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորիչ
անունով
վանքի
փոխարկեց
(
ԱՆՏ.
):
Այդ
գործին
մէջ
յիշուելու
արժանի
է
նաեւ
հայր
Թադէոս
Գօլօտեան
վարդապետը,
որ
քաղաքէ
քաղաք
նուիրակութեան
պտտելով
հայթայթեց
այդ
ստացութեան
համար
պէտք
եղած
գումարը:
Միաբանութիւնն
ալ
գործին
աւելի
փայլ
տալու
համար,
վերջին
1761-ի
եռամեայ
ժողովին
մէջ
հայր
Գրիգոր
Ներսէսեանը,
բացակայ
մնալով
ալ,
նորէն
աբբայական
պաշտօնին
բարձրացուցած
էր,
որով
ոչ
իբրեւ
լոկ
ներկայացուցիչ,
այլեւ
իբր
գլուխ
միաբանութեան
ստացութիւնը
կնքեց:
Անկէ
ետքը
Ներսէսեան
պարտուպատշաճ
փոփոխութեանց
ձեռնարկեց,
եւ
1766
օգոստոս
17-ին,
նոյն
ապարանքին
մէկ
թեւին
մէջ
ձեւակերպած
եկեղեցիին
նաւակատիքը
կատարեց
(
ԱՆՏ.
):
2066.
ՅԱԿՈԲԻ
ՄԱՀԸ
Մայրաթոռի
կացութիւնը
ներկայելու
դարձած
ատեննիս,
հնար
էր
քիչ
մը
աւելի
տեղեկութիւն
տալ
Պարսկաստանի
ներքին
պատերազմներուն
վրայ,
եւ
ներհակընդդէմ
մաքառողները
յիշել,
բայց
այդ
մանրամասնութիւնները
մեր
նպատակէն
դուրս
կը
նկատենք:
Բաւական
ըլլայ
ըսել,
թէ
անհնար
էր
Էջմիածինի
հանդարտ
վիճակ
ունենալ
եւ
բազմաթիւ
տուայտանքներէ
ազատ
մնալ,
երբոր
երկիրը
անիշխանութեան
մատնուած
էր,
եւ
երբոր
ամէն
իշխան
Հայոց
կաթողիկոսարանին
վրայ
յառած
էր
իր
աչքը`
անոր
ենթադրեալ
գանձերէն
օգտուելու
համար:
Այդ
շփոթութեանց
եւ
նեղութեանց
գլխաւոր
ենթարկուողը
Շամախեցին
էր,
նախ
իր
տեղակալութեան
եւ
յետոյ
գահակալութեան
օրով:
Պարսիկ
մրցակիցներուն
մէջ
ամէնէն
կարկառուն
դէմքն
էր
Քէրիմ
խան,
Զենտերուն
ցեղապետը:
Ալիմէրտան
զայն
իրեն
օգնական
եւ
աջակից
ըրած
էր,
եւ
իր
սպանուելէն
ետքը
Քէրիմ
տեղը
անցաւ,
եւ
Իսմայիլ
արքայազուն
տղուն
վրայ
թագաւորի
անունը
պահելով
(§
2024),
բացարձակապէս
կ՚իշխէր
վէքիլ
կամ
խնամակալ
անունով
(
ՏՊԷ.
366),
եւ
անոր
անունով
կը
պատերազմէր
ուրիշ
մրցակիցներու
դէմ,
մինչեւ
որ
1761-ին
Ասպահան
քաղաքի
եւ
Պարսկաստանի
արեւմտեան
գաւառներուն
բացարձակ
տէրը
դարձաւ:
Բայց
պատերազմները
չվերջացան,
զի
պարտաւորուեցաւ
թէ
արեւելեան
գաւառներու
մէջ
բռնացողներուն,
եւ
թէ
նուաճեալ
գաւառներու
մէջ
նորէն
ապստամբողներուն
դէմ
ելլալ:
Այդ
պատճառներով
արշաւանքներ
անպակաս
եղան
նաեւ
ի
սահմանս
Հայաստան
աշխարհի
(
ԽԱՉ.
318),
որոնց
մանրամասնութեանց
չենք
մտներ:
Բայց
անյիշատակ
չենք
ուզեր
թողուլ
Ֆաթալի
խանին
անունը,
զոր
Քէրիմ
սպաննել
տուաւ
սակս
ոճրագործութեանց,
զորս
արար
մանաւանդ
ի
միաբանս
Տաթեւու
սուրբ
վանաց
(
ԽԱՉ.
324):
Քէրիմ
կը
ներկայուի
իբր
ուղղութիւն
սիրող,
արդարութեան
հետեւող,
ժողովուրդին
խնայող
(
ՏՊԷ.
366),
սակայն
այդ
չի
խափանեց
ներքին
պատերազմները
ու
տառապանքները`
գրեթէ
բոլոր
իր
երկարամեայ
թագաւորութեան
միջոցին
մինչեւ
1779,
այնպէս
որ
Շամախեցին
չկրցաւ
խաղաղ
եւ
հանդարտ
եւ
վիշտերէ
ազատ
օր
մը
տեսնել:
Արդէն
տարիքն
առած
ու
աշխատութիւններէ
եւ
տագնապներէ
յոգնած
էր,
եւ
հազիւ
երեքուկէս
տարի
մնաց
կաթողիկոսական
աթոռին
վրայ,
եւ
վախճանեցաւ
1763
մարտ
21-ին,
նոյնիսկ
աւագ
ուրբաթ
օր,
յիններորդ
ժամու
գիշերին,
զոր
ի
դէպ
է
իմանալ
լոյս
ուրբաթին:
Իսկ
ի
յաջորդ
աւուրն,
այսինքն
աւագ
շաբաթ
օրը
թաղումը
կատարեցին
եւ
ամփոփեցին
Ս.
Գայիանէի
բակին
աջակողմը
(
ՇԱՀ.
Ա.
231):
Էջմիածինի
մէջ
աւանդաբար
կը
պատմուի,
թէ
ծաղրածու
հռչակուած
Ահարոն
վարդապետը,
աւագ
ուրբաթ
օր
մը,
երեկոյեան
ժամերգութեան
վերջ
Քրիստոսի
թաղման
նախատօնակը
կատարուելէն
ետքը,
կաթողիկոսին
նոյն
օր
մեռած
ըլլալուն
առթիւ,
օղի
եւ
գինի
տանելով
վանքին
աղբիւրին
գլուխը`
կը
սկսի
միաբանները
խմելու
եւ
զուարճանալու
հրաւիրել,
գոչելով
թէ
Քրիստոս
մեռած
է
եւ
կաթողիկոս
ալ
մեռած
է,
եւ
թէ
այսպիսի
առիթ
մը
մէյ
մըն
ալ
ձեռք
չեն
կրնար
անցնել:
Անշուշտ
Շամախեցիի
մահուան
պէտք
կ՚ըլլայ
պատշաճեցնել
այդ
աւանդական
պատմուածքը:
2067.
ՅԱԿՈԲԻ
ԱՐԺԱՆԻՔԸ
Առանց
փառաւոր
գործունէութիւն
մը
պատմած
ըլլալու,
եւ
առանց
փայլուն
արդիւնաւորութիւն
մը
ցոյց
տալու
ալ,
չենք
վարանիր
Յակոբ
Ե.
Շամախեցի
կաթողիկոսին
անունը
արժանաւոր
հայրապետներուն
հետ
դասել:
Մանկութենէ
սկսելով
վանքին
ծառայելը,
համեստ
բայց
եւ
օգտակար
պաշտօններու
մէջ
աշխատիլը,
երկարատեւ
տեղակալութեամբ
աթոռը
պաշտպանելը,
եւ
ամենադժուարին
պարագաներու
ներքեւ
աննկուն
յարատեւելը,
իսկական
արդիւնաւորութեան
փաստեր
են,
եւ
բաւական
են
իր
անունին
փառք
ու
փայլ
աւելցնել:
Իբրեւ
վարչական
կանոնաւորութեան
փաստ
յիշենք
Գաւազանագիրքը,
զոր
1743-էն,
Ջահկեցիի
օրէն
սկսելով
կազմելու
ձեռնարկած
էր,
Մայրաթոռի
անցքերը
արձանագրելու
համար
(
ԴԻՒ.
Գ.
ե
):
Շամախեցին
հեռանկատ
քաղաքականութենէ
ալ
հեռու
մնացած
չէ:
Այն
ձեռնարկը
զոր
Օրի
զինուորականը
եւ
Մինաս
վարդապետը
այնչափ
խնամով
մշակած
էին,
Ռուսական
պետութեան
պաշտպանութեամբ
Մայրաթոռը
Պարսկական
անտանելի
դարձած
լուծէն
ազատելու,
բաւական
ժամանակէ
ի
վեր
մոռցուած
էր,
եւ
Կարապետ
Ուլնեցիէ
ասդին,
ամէնքն
ալ
Տաճկաստանէ
գացող
կաթողիկոսներ,
այլեւս
դէպ
հիւսիս
աչք
դարձուցած
չէին
(§
1956):
Շամախեցին
է
որ
նորէն
այդ
գաղափարը
կը
նորոգէ,
1760
յուլիս
20-ին
Ռուսիոյ
Եղիսաբեթ
կայսրուհւոյն
գրած
նամակովը,
որով
կը
խնդրէ
Հայ
ողորմելի
ժողովուրդին
ու
Վրաց
մասին
հոգացողութիւն
ունենալ
(
ԶԱՄ.
Բ.
48):
Շամախեցիին
դիմումին
ատեն
Ռուսիոյ
մէջ
տեղի
կ՚ունենային
այլակրօններու
դէմ
մղուած
հալածանքները,
այլ
երբ
ուրիշ
եկեղեցիներ
կը
փակուէին,
բաց
մնաց
միայն
Հայոց
Աստրախանի
եկեղեցին
(
ԶԱՄ.
Բ.
51):
Շամախեցիով
նորոգուած
այդ
սկզբնաւորութիւնն
է,
որ
յաջորդներուն
օրով
հետզհետէ
մշակուեցաւ
ու
աճեցաւ,
եւ
վերջապէս
արդիւնաւորուեցաւ,
թէպէտեւ
70
տարի
հեռաւորութեամբ:
2068.
ՍԱՀԱԿԻ
ՄԱՀԸ
Շամախեցիին
մահուանէ
ճիշդ
ամիս
մը
առաջ,
1763
փետրուար
22-ին,
Մեծ
պահոց
երրորդ
շաբաթ
օրը
վախճանած
էր
Կարնոյ
մէջ,
Սահակ
Ահագին
(
ԱՍՏ.
Բ.
99),
տարօրինակ
անձնաւորութիւնը,
ընտրուած
ու
չհրաժարած,
բայց
խուսափած
ու
մերժուած
կաթողիկոսը:
Սահակ
վախճանեցաւ
իջուածովք
(
ՉԱՄ.
Գ.
866),
իբր
զի
յզբօսնուլն
ի
տանիս
ի
Կարին,
ի
Կարմիրվանքն,
պատահի
նմա
ցաւ
սաստիկ,
եւ
առնէ
զնա
ուշաթափ,
եւ
կը
վախճանի
ի
նոյն
գիշերի
(
ԴԻՒ.
Գ.
31),
եւ
կը
թաղուի
Կարնոյ
Ս.
Լուսաւորիչ
վանքին
եկեղեցւոյն
քովը:
Հանդիսադիրը
կ՚ըլլայ
Սիմէոն
Երեւանեցին
(
ՍՐԳ.
),
որ
Կ.
Պոլսոյ
նուիրակութենէն
Էջմիածին
կը
դառնար,
եւ
քիչ
օր
ետքն
ալ
Շամախեցիին
թաղման
պիտի
գտնուէր:
Սահակի
վրայ
նորէն
չենք
խօսիր,
բաւական
գրեցինք
իր
ընթացքին
նկատմամբ
(§
2043),
եւ
նոր
աւելցնելիք
չունինք:
Ցաւալի
է
ապաքէն
որ
աչքառու
դէմք
մը,
ինչպէս
էր
Սահակ,
որ
իր
վրայ
մեծամեծ
յուսադրութիւններ
կը
հրաւիրէր,
եւ
քանիցս
հայրապետական
բարձր
աստիճանին
արժանաւոր
նկատուած
էր,
բոլորովին
մոռցուած
եւ
ստորնացած
վիճակին
մէջ
կը
մեռնէր,
որուն
իսկական
պատճառը,
ոմանց
հակառակութենէն
աւելի,
իր
տատամսոտ
եւ
վարանոտ
ընթացքն
էր
եղած:
Միւս
կողմէն
պէտք
չէ
եւս
մոռնանք,
որ
դրամական
գործին
կարգադրութիւնն
ալ
զանց
ըրաւ,
եւ
խոստմանը
հակառակ
(§
2058)
վճարումները
չկատարեց:
Թէպէտ
այս
պատճառով
Շամախեցիին
եւ
Ահագինի
միջեւ
անկաւ
խռովութիւն
մեծ
եւ
վէճ,
այլ
Կ.
Պոլսոյ
մեծամեծներուն
միջնորդութեամբ
Շամախեցին
ի
բաց
եկաց
ի
պահանջելոյ,
եւ
հազիւ
ուրեմն
հնար
եղեւ
խնդիրը
փակել,
եւ
ի
մէջ
երկոցունցն
զհաշտութիւն
հաստատել
(
ԴԻՒ.
Գ.
31):