Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԹԷՈԴՈՐՈՍ Բ. ԿԻԼԻԿԵՑԻ

1354. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հնար է միտքէ անցընել, թէ այն խառնակ ու անկերպարան վիճակի մէջ, որ կը տիրէր Սսոյ հայրապետական աթոռին շուրջը, հնար ըլլար կանոնաւոր ձեւակերպութիւններով կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարել, ուստի աւելորդ կը նկատենք որոնել թէ ինչ կերպով բարձրացաւ Թէոդորոս հայրապետական աթոռը: Իր նախընթացէն ալ տեղեկութիւն չունինք, եւ Կիլիկեցի մակդիր անունը տուած ենք իրեն այն ենթադրութեամբ, որ երկրացի մը պէտք է եղած ըլլայ, քանի որ Սիս աւերակ էր այլ եւս: Անշուշտ ազդեցիկ եպիսկոպոսներէն մին եղած է, թագաւոր կոչուող Կոստանդինի պաշտպանութիւնը վայելած է ( § 1369), եւ Սսոյ ամիրային ալ պաշտպանութիւնը ստացած է անշուշտ այն միջոցներով, որոնք Թուրք ամիրաներու աչքին նշանակութիւն ունէին: Ուրիշ եղանակ մը մտածել անհնար է, կշռելով պարագաները եւ բաղդատելով հետզհետէ անկումի դիմող աթոռին վիճակը: Թէոդորոսի աթոռ բարձրանալուն թուականը, հաւանակագոյն հաշուով դրինք 1382-ին, եւ պէտք չենք զգար անգամ մըն ալ կրկնել մեր տուած բացատրութիւնները ( § 1348): Անեցիին շարունակողը կը գրէ թէ տէր Թէոդորոս գնաց ի Մսըր, եւ մեծաւ պատուով ընկալաւ զնա սուլտան Բարխուղն ( ՍԱՄ. 170), որ է Բարկուկ կամ Պարգօն-Տայէր, այն որ առաջ լոկ խնամակալ էր: Դարդէլի պատմութեամբ, Շապան-Էշրէֆ սուլտանին 1377 մարտ 12-ին ( ԴԱՐ. 157) սպանուելուն վրայ, անոր յաջորդած էր որդին Մելէք-Մանսու կամ Մանսուր-Ալայէտտին, 7 տարեկան տղայ մը ( ԴԱՐ. 159), իսկ իշխանութիւնը իրարու ձեռքէն յափշտակած էին ինքնընտիր խնամակալներ, Գարաշ ( ԴԱՐ. 159), Էնէբէգ ( ԴԱՐ. 160), Դեստամուր ( ԴԱՐ. 163), Բարեկ ( ԴԱՐ. 162), եւ Բարկուկ, միշտ իբրեւ խնամակալ սուլտանին եւ պետութեան ( ԴԱՐ. 181): Վերջինիս սուլտանութեան հասնիլը 1382-ին կը դրուի, եւ Թէոդորոսի անոր օրով Եգիպտոս գալը կը ցուցնէ, թէ նոր բարձրացած էր կաթողիկոսութեան: Պատմութիւնը բացառիկ պատճառ մը չի տար այդ այցելութեան, ուստի կը մնայ հետեւցնել, թէ նոր պաշտօնի անցած ըլլալով, հաստատութիւնն ընդունելու եւ տիրապետող սուլտանութեան պաշտպանութիւնը ստանալու համար կատարուած ուղեւորութիւն մըն էր: Սոյն այս պարագան նոր փաստ մը կ՚ըլլայ Պօղոսի մահը մինչեւ 1382 յետաձգելու ( § 1348), եւ նոյն տարին դնելու յաջորդին կաթողիկոսութիւնը:

1355. ԼԵՒՈՆԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Թէոդորոսի Եգիպտոս գացած տարին, Լեւոնի գերութեան վերջանալուն եւ Եգիպտոսէ հեռանալուն թուականն է, այլ չենք կարծեր որ իրարու հանդիպած ըլլան: Լեւոնի Աղեքսանդրիայէ մեկնիլը 1382 հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ, իսկ Թէոդորոս աւելի ետքը հասած պիտի ըլլայ, զի Լատին պատմիչը բնաւ անոր մասին ակնարկ մը չունի: Լեւոն գրեթէ մոռցուած մնացած էր Գահիրէին մէջ մինչեւ 1377 տարին, երբ խումբ մը ազնուական եւ եկեղեցական Լատին ուխտաւորներ Երուսաղէմ չգացած Գահիրէ հանդիպեցան եւ իրեն հետ տեսակցեցան: Ասոնց մէջ էր Յովհաննէս Դարդէլ քահանայ ( ԴԱՐ. 158), Փրանկիսկեան միաբան ( ԴԱՐ. 168), բնիկ Գաղղիացի, Եստամպ (Etampes) քաղաքէ, որ առանձինն մտադրութիւն դարձուց Լեւոնի վրայ: Յուլիս 20-ին յատուկ պատարագեց թագուհիին անունին օրը` Ս. Մարգարիտայի տօնին, եւ յանձն առաւ իր մեծաւորէն հաւանութիւն ստանալով դառնալ եւ Լեւոնի մօտ մնալ, իբրեւ խոստովանահայր կամ դրաներէց, եւ այնպէս ալ ըրաւ ( ԴԱՐ. 158): Սա ինքն է Դարդէլ պատմիչը, որ ինչպէս կը տեսնուի, նախընթաց եղելութիւնները իր հեղինակութեամբ պատմած չէ, այլ պարզապէս Լեւոնի ըմբռնումները կրկնած է, որոնք հարկաւ ինքզինքը արդարացնելու տեսակէտով հաղորդուած էին: Լեւոն կանխաւ դիմումներ ըրած էր պապին, Գերմանիոյ եւ Յունաց կայսրներուն, Գաղղիոյ եւ Նէապոլսոյ եւ Սպանիոյ թագաւորներուն, բայց ոչ մէկ կողմէն օգնութիւն չէր տեսած Դարդէլի գալուստը կարծես թէ բարեգուշակ եղաւ, զի 1377 օգոստոսին պատգամաւորներ հասան Եգիպտոս` Կիպրոսի թագաւորէն, Նէապոլսոյ թագուհիէն, եւ Գուիտոնի Զապէլ աղջկան միջնորդութեամբ Յունաց կայսրէն, որոնք Լեւոնի ազատութեանը համար միջնորդեցին, բայց արդիւնք չունեցան, զի ունայնաձեռն եկած էին, մինչ Սարակինսոք ընչաքաղցք են ի բնէ, եւ աչս արձակեն ի գոյս օտարաց, կ՚ըսէ Դարդէլ ( ԴԱՐ. 155): Եգիպտացիք այդ միջնորդութիւնները նախատեսելով` Լեւոնի ձեռքէն գիր առած էին թէ ինքն Գահիրէէ հեռանալ չի փափաքիր ( ԴԱՐ. 156), եւ անկէ օգտուեցան միջնորդութիւնները մերժելու: Լեւոն եւ Դարդէլ պէտք զգացին պատուիրակ մը ունենալ Եւրոպիոյ մէջ, որ ազատութեան համար պէտք եղած միջոցները հոգայ, եւ այս նպատակով Դարդէլ ինքն Եգիպտոսէ մեկնեցաւ 1379 սեպտեմբեր 11-ին եւ 1380 մարտ 5-ին Արագոնայի Պետրոս Դ թագաւորին ներկայացաւ Բարկինոնիա (Barcellona) քաղաքի մէջ, գիրերը յանձնեց եւ գործը բացատրեց, ինչպէս նաեւ խոստումներ ընդունեցաւ, բայց չի կրցաւ Եգիպտացիները հաճեցնելու համար պէտք եղած հարուստ ընծաները ձեռք ձգել: Այդ պատճառով Դարդէլ Կաստիլիա անցաւ, եւ Յովհաննէս Ա թագաւորին ներկայացաւ 1380 նոյեմբեր 29-ին Մէդինա-Կամպօ (Medinad el Campo) քաղաքը ( ԴԱՐ. 172), եւ սիրտը շարժելու համար սկսաւ պատմել զնեղութիւնս բանտին եւ զվիշտս թագուհւոյն Մարգարիտայ` եւ զօրիորդին Մարիամու կամ Փեննայի դստեր նորա եւ թէ զիարդ զօր ամենայն բռնադատէին զնա ուրանալ զՔրիստոս ( ԴԱՐ. 173), թէպէտեւ Լեւոն որչափ ալ արգելական ի Գահիրէ ( ԴԱՐ. 163), սակայն նոյնիսկ Դարդէլի վկայութեամբ, Գահիրէի մէջ կ՚ապրէր ըստ հաճոյից կամաց իւրոց ( ԴԱՐ. 153): Իրաւ ալ Դարդէլի գործածած միջոցը իր օգուտը ունեցաւ եւ յուզեցան գութք արքային Կաստիլիոյ, եւ խոստացաւ ընել եւ տալ ինչ որ պէտք ըլլայ ( ԴԱՐ. 174): Սակայն գործադրութիւնը յապաղեցաւ թէ Կաստիլիոյ արքունիքին մէջ տեղի ունեցած արկածներուն պատճառով, եւ թէ Հռոմէական եկեղեցւոյ մէջ տիրող մեծ հերձուածին երեսէն, որ յառաջ կու գար Աւինիոնի Կղեմէս Է պապին, եւ Հռոմի Ուրբանոս Զ պապին իրարու դէմ մղած բուռն պայքարէն: Դարդէլ բաւական աշխատեցաւ մինչեւ որ ամէն տեսակ դժուարութեանց յաղթէր, եւ Կաստիլիոյ թագաւորին ընծաները, եւ երկու թագաւորներուն գիրերը ձեռք ձգէր, եւ հազիւ 1382 մայիս 21-ին կրցաւ Սպանիայէ մեկնիլ Եգիպտոս դառնալու համար ( ԴԱՐ. 180):

1356. ԼԵՒՈՆ ԱԶԱՏ

Յովհաննէս Դարդէլ, եւ Կաստիլիոյ թագաւորին զինակիրը, եւ Արագոնայի թագաւորին պատգամաւորը, միասին Աղեքսանդրիա հասան 1382 օգոստոս 14-ին, անկէ Գահիրէ անցան. եւ Լեւոնի կարգադրութեամբ բերուած ընծաները մաս մաս ըրին, սուլտանին, Բարկուկին եւ կարեւոր պաշտօնէից համար: Սեպտեմբեր 5-ին Բարկուկին ներկայացան, եւ սեպտեմբեր 18-ին սուլտանին, եւ ընծաները իրենց արդիւնքն ունեցան, եւ սեպտեմբեր 30-ին Լեւոնի ազատութեան հրամանը ստացուեցաւ եւ հանդիսաւոր պատուիրասիրութիւններ կատարուեցան: Լեւոն առանց ժամավաճառ ըլլալու ճամբորդութեան պատրաստութեանց ձեռնարկեց, իր հետեւորդներն ու գերութեան ընկերները փրկանաւորեց նոր ստացած միջոցներով, եւ սուլտանին սեփական գետանաւով Նեղոսն իվար Գահիրէէն Աղեքսանդրիա հասաւ, եւ հոկտեմբեր 7-ին առաջին գտած նաւովը Աղեքսանդրիայէ մեկնեցաւ: Եգիպտական արքունիքի մեծերը մոռցեր էին Լեւոնէ երդում պահանջել նորէն իրենց դէմ չպատերազմելու եւ չգործելու համար, եւ ստիպաւ հրովարտակ հանեցին ետ դարձնելու հրամանով, սակայն սուրհանդակը հասաւ առտուն, երբ Լեւոն գիշերուան մէջ արդէն մեկնած էր: Ասկէ ետքը կը դնէ Դարդէլ Մանսուր սուլտանի սպանութիւնը, եւ Բարկուկի սուլտան հռչակուիլը ( ԴԱՐ. 185): Ըստ այսմ Լեւոնի մեկնելէն ետքը տեղի ունեցած կ՚ըլլայ Թէոդորոս կաթողիկոսի Եգիպտոս հասնիլը, քանի որ սուլտան Բարխուղն է որ մեծաւ պատուով ընկալաւ զնա ( ՍԱՄ. 170): Դարդէլի պատմութեամբ, Լեւոն հոկտեմբեր 7-ին հասաւ Հռոդոս, եւ հոն լսեց Կիպրոսի Պետրոս Բ թագաւորին հոկտեմբեր 10-ին մեռած ըլլալը: Պահ մը մտածեց Կիպրոս անցնիլ եւ թագաւորութիւնը ձեռք ձգել իբրեւ Լուսինեան ազգատոհմին երիցագոյնը, բայց Հռոդոսի ասպետները չօգնեցին Գենուացւոց հետ չթշնամանալու համար: Ուստի նոյեմբեր 21-ին Հռոդոսէ նաւարկելով դեկտեմբեր 12-ին հասաւ Վենետիկ եւ Վենետկեցիք ալ զլացան Կիպրոս երթալու համար ուզած նաւերը տալ ( ԴԱՐ. 187): Մրցակից պապերուն մէջէն, Լեւոն` Աւինիոնի պապին կողմը բռնեց, թէպէտ Հռոմի աթոռը մինչեւ այսօր հակապապ կը հռչակէ Աւինիոնի Կղեմէս Է պապը: Վենետիկէ հիւսիսային Իտալիոյ ճամբով Լեւոն եկաւ Աւինիոն, եւ իբրեւ ճշմարիտ թագաւոր եւ իբրեւ հաւատոյ խոստովանող մեծ պատուով ընդունուեցաւ, եւ 1383 մարտ 1-ին Կղեմէս նուիրեց անոր զպատուական վարդն ոսկեղէն, իբրեւ քան զամենեսին ազնուագունի ի թագաւորս ( ԴԱՐ. 189): Լեւոն Եգիպտոսէ ելնելէ ետքը Դարդէլի աշխատութիւնը վարձատրելու համար, անուանած էր զայր ատենադպիր Հայոց ( ԴԱՐ. 185), այսինքն է իրեն քարտուղար, պապն ալ զայն վարձատրելու համար նշանակեց յեպիսկոպոսութիւն քաղաքին Տորտիբոլեայ ի թագաւորութեան Նէապոլսի, թերեւս Տերլիտիոյ (Terlizzi), զի յիշուած անունով քաղաք չենք գտներ: Այս առթիւ Լեւոն ալ Յովհաննէս Դարդէլի տեղ Յովհաննէս Կորսինի կրօնաւորը անուանեց ատենադպիր Հայոց ( ԴԱՐ. 189): Յատկապէս մանրամասնեցինք Լեւոնի ազատութիւնը եւ ուղեւորութեանց պարագաները` քաղելով Դարդէլի գրածներէն, որ գլխաւոր գործիչն ու Լեւոնի ուղեկիցն էր: Այս կերպով անհիմն կը յայտնուին այն պատմութիւնները, որոնք Շահան Հայ իշխանի մը աշխատութիւնը, եւ Հռոմի Ուրբանոս պապին միջնորդութեան կը վերագրեն Լեւոնի ազատութիւնը: Թերեւս Շահան կոչուածը շփոթուած ըլլայ նախկին Հայ քահանայ եւ հաւատափոխ Մանուէլի հետ, զոր Դարդէլ սուտ ասպետ եւ խաբեբայ կ՚անուանէ, բայց եւ այնպէս պարտաւորուեցաւ միջոց մը իրեն գործակից պահել ( ԴԱՐ. 179): Միեւնոյն պատճառով ալ չկրնար հաստատուիլ Լեւոնի Եգիպտոսի ելնելէն ետքը Երուսաղէմ այցելած, եւ Մարգարիտան ու Փեննան այնտեղ թողած ըլլալը ( ՉԱՄ. Գ. 363), որուն արձագանգ կ՚ըլլան Երուսաղէմի մէջ ընդունուած զրոյցներն ալ, թէ Լեւոն պատուասիրուած ըլլայ Յովհաննէս Լեհացի պատրիարքին կողմէ, եւ թէ թագուհին ու աղջիկը Երուսաղէմ ապրած ու մեռած եւ Ս. Յակոբի մէջ թաղուած ըլլան, Սարգիս Եգիպտացի պատրիարքին օրով 1405-ին ( ԲԱՌ. 46): Ուրիշ մըն ալ Մարգարիտ թագուհին Եգիպտոսի մէջ մեռած եւ Հայոց Ս. Մարտիրոս եկեղեցւոյն մէջ թաղուած, կը գրէ, 1377-էն քիչ ետքը ( ՍԻՍ. 560), որ է ըսել Դարդէլի Եգիպտոսէ մեկնելէն առաջ: Սակայն Դարդէլ այսպիսի բան մը չի յիշեր, եւ Կաստիլիոյ թագաւորին առջեւ արքայազուն տիկիններուն նեղութիւնները կը պատմէ ( ԴԱՐ. 173), որով կը ցուցնէ թէ 1380-ին վերջերը դեռ կենդանի էին: Բայց միւս կողմէն պէտք է եւս նկատել, թէ Լեւոնի Եգիպտոսէ մեկնելուն առթիւ եւ մեկնելէն ետքը, Դարդէլ այլեւս թագուհիին եւ դստեր խօսքը չ՚ըներ, ուսկից կրնայ հետեւիլ Մարգարիտի 1381-ին վերջերը կամ 1382-ին սկիզբները Եգիպտոսի մէջ մեռած ըլլալուն աւանդութիւնը ( ԲԱՍ. 147):

1357. ՆՈՐ ՎԱՆՔԵՐ

Ուղղամիտ եւ ուղղափառ վարդապետներու կողմէ Ունիթորներու դէմ բացուած պայքարը պատմած ատեննիս ( § 1350), յիշեցինք Ապրակունեաց կամ Երնջակի վանքին մէջ ծագած գայթակղութիւնը, եւ աշակերտութեան մէջ ծագած շփոթութիւնը ( § 1352), որ նախազգացուած էր Ստեփանոս փակակալ վարդապետէն տեսլեամբ գիշերոյ յանուրջս երազոյ ( ՄԵԾ. 31): Մաղաքիա Ղրիմեցի վարդապետ հազիւ թէ լուր կ՚առնէ, տեղւոյն վրայ կը հասնի, եւ Ապրակունեաց վանքին կացութիւնը ուղղելու համար, անմիջապէս Տաթեւէ հոն կը հրաւիրէ Որոտնեցին, եւ անոր կը յանձնէ գործը նայիլ եւ կարգադրել, մինչ ոչ է տարածեալ գայթակղութիւնն չարութեան տգէտ աշակերտացն ( ՄԵԾ. 39): Իսկ Սարգիս Ապրակունեցին, որ ուղղութենէ չէր շեղած, բայց յուզումը զսպելու զօրութիւնը չէր ունեցած, կը փոխադրէ Նախիջեւանի մօտ Աստապատի վանքը, հոն ալ աշակերտութիւն մը պատրաստելու համար: Ղրիմեցին իր նիւթական միջոցները երկուքին տրամադրութեան տակ կը դնէ, վանքերուն բարեկեցիկ վիճակն ապահովելու համար, եւ իր գիտցած արտաքին միջոցներն ալ կը գործածէ` դուրսէ ոտնձգութիւնները ու բռնութիւնները զսպելու: Այդ կարգադրութեանց թուական կրնանք նշանակել 1380 տարին, կամ քիչ առաջ, Պօղոս կաթողիկոսի վերջին ատենները: Որոտնեցին ազդու կերպով քննութիւն կատարեց, կոչեաց զամենայն կարգաւոր եւ աշխարհական, եւ ստուգեաց ի նոցանէ զամենայն չարութիւն տգէտ աշակերտաց: Ամէնքը հրապարակային հարցուփորձի ենթարկեց, եւ երբ պարտաւորեցան արտաքին պատիժներով ալ խրատեց, զոմանս եդին ի բանտի յերկաթի հարեալ, եւ զոմանս բրածեծ արարին ( ՄԵԾ. 40): Որոտնեցիին ըրածը պէտք չէ զարմանք պատճառէ, նկատելով ժամանակին սովորութիւնները, եւ Ունիթորներու կողմէ ձեռք առնուած բռնութիւնները, մանաւանդ որ Որոտնեցին իբր ապաշխարութիւն խստացած է թերութիւննին ճանչցողներուն վրայ, իսկ բաժնուիլ ուզողներ` ելած ու մեկնած են ազատօրէն: Ասոնց մասին ալ կը գրէ Մեծոփեցին, թէ ամենեքեան պատժեցան, ոմանք գետակուր եղեն, ոմանք խայտառակեալ մերկս շրջէին, եւ անոնք իսկ որ փախուցեալ գնացին յաշխարհն Ֆրանկաց, ի նոցա միջի չարախօսութիւն արարեալ` ի պղնձի եդեալ եփեցին ( ՄԵԾ. 40): Քանի որ իրեն չտեսած բաները կը պատմէ Մեծոփեցին, զրոյցներ կրկնած կ՚ըլլայ: Իր բացատրութիւնները վերլուծելով կրնանք ըսել, թէ լատինացեալ վարդապետներուն մէջէն ջլախտաւոր խելագարներ ալ եղան, կամ թէ Լատիններուն կասկածաւոր երեւնալով կրակի փորձութեան ալ ենթարկուեցան, հաւատաքննական ատեններու սովորական ձեւով: Այդ անջատուողներուն մէջէն զղջացեալք ետ դարձողներ ալ եղած են, ինչպէս յանունէ կը յիշուի Ատոմ Մոկացի վարդապետ մը, որ դառնալէն ետքը առաջ Երուսաղէմ գացած, եւ անկէ իր գաւառը եկած է, ուր եւ զմարմնաւոր պատիժն իւր կրեաց ( ՄԵԾ. 40): Ապրակունեաց եւ Աստապատի վանքերը, երկու նշանաւոր մեծ վարդապետներուն ձեռքին տակ շուտով յառաջացան եւ փայլեցան` Ղրիմեցիին կատարած պահպանութեան եւ պաշտպանութեան շնորհիւ: Ամէն կողմէ ուսման ծարաւի, եւ եկեղեցւոյն հաւատարիմ աբեղաներ եւ քահանաներ եւ դպիրներ` խուռն դիմեցին սոյն վանքերը, եւ բազմաթիւ աշակերտութիւն մը կազմուեցաւ, որ նոյնիսկ Ունիթորութեան կեդրոնին մէջ ուղղափառութեան համար աշխատեցաւ ու արդիւնաւորուեցաւ, եւ զօրաւոր թումբ եղաւ օտարամուտ նորութեանց եւս քան զեւս տարածուելուն: Մաղաքիա Ղրիմեցի, ամէն տեսակ դիւրութիւններ պատրաստեց եւ դժուարութիւններու յաղթեց, մինչեւ իր կեանքին վերջը, որ դժբախտաբար շատ շուտ վրայ հասաւ:

1358. ԼԷՆԿԹԻՄՈՒՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Քաղաքական կացութիւնը, թէպէտ անկանոն ու բռնապետական իշխանութեանց ներքեւ, փոքր ի շատէ հանդարտած վիճակ մը ունէր, երբ անակնկալ մրրիկի պէս նոր արշաւանք մը հասաւ արեւելքէն, որ վերիվայր դարձուց երկրին կացութիւնը, հուր ու սուր, աւերած ու կոտորած սփռելով ամէն կողմ, եւ գլխաւորապէս Հայաստան ու Հայաբնակ գաւառները: Լէնկթիմուրի կամ Կաղ-Թիմուրի կ՚ուզենք ակնարկել, զոր Եւրոպացիք Թամէրլան անունով կը ճանչնան: Լէնկթիմուր 1335-ին Թաթարաց Քէշ քաղաքը ծնած էր, եւ 1361-ին իր հայրենական երկրին մասնաւոր իշխանութեան անցաւ, եւ հետզհետէ զայն ընդարձակեց, քաջութեան, բռնութեան եւ խարդաւանութեան միջոցները անխտիր գործածելով, մինչեւ որ 1370-ին Թաթարաց մեծ խան հռչակուեցաւ: Իսլամ պետութիւններ կամ սուլտանութիւններ բոլոր Ասիոյ կը տիրէին այն միջոցին, եւ բաժինները իրարու ձեռքէ կը խլէին: Մեծ Խալիֆա մը կը մնար Պաղտատի մէջ, որ անունէ աւելի ազդեցութիւն չունէր միւս սուլտաններուն վրայ, որոնք կ՚իշխէին Պարսկաստան, Ատրպատական, Միջագետք, Ասորիք, Եգիպտոս, Փոքր Ասիա, Կովկաս, եւ ամէնուն ձեռքին ներքեւ ալ Հայութեան ցրուեալ բաժիններ կը գտնուէին, որոնք ամէն շարժումներուն աղէտները կը կրէին: Լէնկթիմուր իր ընդհանուր իշխանութեան առաջին տասնամեակին մէջ Թաթարներու եւ Պարսիկներու սահմաններուն մէջ գործեց, եւ միայն 1380-ին իրեն բանակները ողողեցին Ատրպատականը եւ Հայաստանը: Սուլտանիոյի ամիրան Էտիլ հպատակութիւն յայտնեց, եւ Թաւրիզի ամիրա Ահմէտը հալածելու օգնեց, բայց իբր գաղտնի դաւադիր ամբաստանուելով, պղնձի սանի մէջ եփուելով սպանուեցաւ ( ՄԵԾ. 13): Իսկ Թաթար հրոսակը Ատրպատականէ սփռեցաւ Վանայ եւ Կարսի կողմերը, Սիւնիք ալ մտաւ եւ 12 գաւառները աւերեց ու աւարեց, բայց 1382-ի յունուար 6-ին Յայտնութեան օրը եկած սաստիկ ձիւնը, հրոսակը ստիպեց ցրուիլ, ու այդ առթիւ բազումք զերծան ի գերութենէ, եւ ասպատակողները զբազում մասն աւարին ի բաց ընկեցեալ, գնացին յաշխարհն իւրեանց ( ՄԵԾ. 14): Սիւնեաց գաւառներուն արկածները, անհնար էր որ Ապրակունեաց եւ Աստապատի վանքերուն ալ աղետալի չըլլային, սակայն յատուկ յիշատակութիւն մը չգտնելնուս կը հետեւցնենք, թէ Ղրիմեցիին ջանքերն ու նպաստները` վնասները արգիլեցին կամ դարմանեցին:

1359. ՂՐԻՄԵՑԻԻ ՄԱՀԸ

Մաղաքիա վարդապետ Ղրիմեցի, եղելութեանց պարագաներէն ստիպուած, եւ Ունիթորներու շահատակութիւններէն գրգռուած, խիստ կերպով զանոնք զսպելու կը հետեւէր: Միառմի կը դիտէր աւելի նախանձայոյզ գործիչները եւ իբր հասարակ խռովարարներ աշխարհական դատարանի առջեւ կը հանէր, ծախք չէր խնայեր, բուռն միջոցներէ չէր քաշուեր, այնպէս որ սարսափ ազդեր էր անսանձ նախանձայոյզներուն վրայ: Ասոնք ալ իրենց կողմէ ատելութեան միջոցներու ձեռնարկեցին: Նախ փորձեցին ամբաստանութիւններ գրել Հռոմի Ուրբանոս պապին, որ առանց արեւմտեան հերձուածին զբաղումներուն ալ ( § 1355), դժուար թէ կարենար ազդեցութիւն գործել իրեն չհպատակող Հայերուն վրայ: Տեսնելով որ Ղրիմեցիին ազդեցութենէն ազատելու կերպ մը չեն գտներ, եւ իրենց անոր դէմ գործած հակառակութիւնները արդիւնք չեն ունենար, ձեռք առին նոյնիսկ Մաղաքիայի սանամայր եղող կին մը, որ ունիթորութեան աշակերտած էր, եւ համոզեցին թէ հռոմէական եկեղեցւոյ նուիրական յաջողութիւն պիտի ըլլայ անոր մահը: Մաղաքիա Երնջակի Քարադաշտ գիւղին մէջ, կերակուրի սեղանին վրայ մեռաւ, դեղակուր եղեալ ի սանամօրէն իւրմէ յաղթարմայէ ( ՄԵԾ. 16): Մխիթար Ապարանցի ջերմ Ունիթոր, որ առաջ Մաղաքիայի աշակերտած էր, կ՚ըսէ թէ յանկարծամահ մեռաւ կերակուրի վրայ, եւ ել համբաւ թէ Ունիթորք դեղեալ իցէն զնա ( ՉԱՄ. Գ. 449): Մեզի կը բաւէ որ տիրող կարծիքին Ունիթոր մըն ալ վկայէ, իսկ հերքելու փաստ մը չի ցուցներ: Մաղաքիա Ղրիմեցին իր տեսակին մէջ յատուկ դէմք մըն է, ազնուականութիւնը եւ հարստութիւնը ճգնաւորի խստամբերութեան փոխանակող, որ զամենայն ժամանակս կենաց իւրոց, հարկաւ եկեղեցական կեանքին մէջ, միս ոչ եկեր եւ գինի ոչ էարբ, որ Սուրբ Սարգսի տօնէն մինչ ի տօն Վարդավառին ջուր ոչ էարբ, որ ի մեծի պահոցն` կիւրակիէ միայն փոշեջուր ճաշակէր, որ միշտ քուրձ զգեցեալ էր, որ քքով աւազակաց, փշոտ ճիւղերով, պատեալ էր զանդամս իւր, եւ այս խստամբեր կեանքը կը վարէր, ոչ թէ անապատ քաշուած ու աշխարհէ հեռացած, այլ աշխարհի ամէնէն բուռն եւ սաստիկ զբաղանքներուն եւ տաղտուկներուն մէջ: Իրեն զգացումներն ալ ոչ այնչափ հեզութեան հակամէտ, իշխանական հով մը կը պահէին եկեղեցականութեան ներքեւ ալ, եւ ակն ընդ ական օրէնքին հետեւելով, մոլեռանդ Ունիթորներուն դէմ կը դարձնէր, ինչ որ անոնք ազգային եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն դէմ կը գործէին: Մաղաքիայի մահը ճգնաւորի եւ մեծ նախանձայոյզի փառքին հետ նահատակի պսակն ալ աւելցուց իր վրայ, զի զոհ գնաց իր անկոպար եկեղեցակասիրութեան եւ ազգային հաւատարմութեան: Մահը տեղի ունեցաւ 1384 թուականին, իսկ օրը անորոշ է մնացած: Յովհաննէս վարդապետ եւ Մատթէոս աբեղայ, որ Մաղաքիայի պատանումը կատարած են, ուզած են անոր մարմինին վրայ գտնուող քուքերը իբր մասունք պահել, բայց Որոտնեցին չէ ներած, եւ միասին թաղել տուած է Ապրակունեաց վանքին մէջ ( ՄԵԾ. 16), որուն մօտ քիչ ետքը ինքն ալ պիտի թաղուէր:

1360. ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԷՆԿԹԻՄՈՒՐ

Կրկին անգամ դարձաւ Լէնկթիմուր Հայոց կողմերը, եւ 1386-ին ներքին գաւառներէն ելնելով, նորէն իջաւ դէպի Պարսկաստան եւ Ատրպատական, անկէց դէպ Սիւնիք, եւ հեղեղօրէն յառաջացաւ մինչեւ Երնջակ, Կարբի, Բջնի, Կողբ, Գառնի, եւ Սուրմարի ( ՍԱՄ. 171) որ Սուրբ-Մարի ալ գրուած է ( ՄԵԾ. 17): Այնչափ ահաւոր էր արշաւանքին վախը, որ ամէն կողմէ ժողովուրդները լեռներու անառիկ կիրճերը եւ անմատոյց գագաթները կ՚ապաւինէին: Մարտիրոս Կողբացի տանուտէր մը, իր երկրացիները Բարդող լերան վրայ հանեց, եւ ապրեցոյց մեծաւ պատերազմաւ եւ սրտապինդ զօրութեամբ ( ՄԵԾ. 18): Այդ միջոցին պէտք է դնել Որոտնեցիին ալ Ծար գիւղի բարձունքը ապաւինիլը, այլ ոչ եթէ Որոտնէ ( ՍԱՄ. 170), այլ Ապրակունիքէ փախչելով` Երնջակի պաշարման պատճառով ( ՄԵԾ. 17): Մեծոփեցին կը պատմէ, թէ Կաղզուանու Վարդիկ-Հայր վանքի միաբաններէն երկուքն ալ Գետարգել Ս. Նշանը ազատելու համար գաղտնի կը թաղեն, բայց երկուքին ալ սպանուելովը, տեղը անյայտ կը մնայ, եւ գտնելու համար եղած ջանքեր եւ հետազօտութիւններ անպտուղ կը դառնան ( ՄԵԾ. 18): Միայն թէ 15 տարի ետքը 1401-ին գրուած յիշատակարանի մը մէջ, Յովհաննէս եւ Թովմաս եւ Կիրակոս աբեղաներ, կը վկայեն թէ վերստին թափեցաք զսուրբ Նշանն Գետարգել, եւ թէ յանձնեցին Վարդապատրիկի Ս. Եղիշէի ուխտը, որ է այժմեան Ոստանի Չաղար Ս. Նշանի վանքը ( ՓԻՐ. 15): Բջնայ մէջ ալ ամրոցին գրաւուելէն ետքը կը նահատակեն տեղւոյն Վանակ ( ՉԱՄ. Գ. 422) կամ Վանական եպիսկոպոսը, որ էր այր իմաստուն եւ գիտնական, ողորմած եւ գթած ամենայն աղքատաց ( ՄԵԾ. 19): Լէնկթիմուրի արշաւանքները ոչ միայն աւերած եւ կոտորած կը սփռէին, այլ հաւատուրացութիւնը իբր ազատութեան պայման առաջարկելով, պատճառ կ՚ըլլային որ բազումք նահատակութեան հասին եւ պսակաց արժանացան: Այս նպատակով իրենց հաւատքին հաստատուն եղողները չարչարէին տանջանօք, սովով, սրով, գերութեամբ, անտանելի չարչարանօք եւ անագորոյն բարուք ( ՄԵԾ. 13), զոր աւելի մանրամասնելով Շահապունեցի յիշատակագիր մը կ՚ըսէ. Ոմանք հրով կիսայրեաց տոչորեալք, եւ այլք ի սովոյ գազանաբէկ վտանգեալք, կէսք առաթուր դիաթաւալ սրախողխող գալարեալք եւ առհասարակ անթաղ ընկեցեալք ( ՉԱՄ. Գ. 421), իսկ նահատակուողներուն թիւը Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ միայն է գիտելի, կ՚ըսէ ժամանակակից պատմիչը ( ՄԵԾ. 19): Լէնկթիմուր Վրաստան ալ կարշաւէ, Տփղիսի բնակիչները կը կոտորէ, այնպէս որ սպանեալն յոլով էր քան թէ ապրեալն, եւ Ստեփանոս Փիր վարդապետ հազիւ կ՚ազատի մազապուրծ եղեալ ի սպանմոնէ: Բագարատ վրաց թագաւորը, կը կարծէ ընծաներով ազատիլ, այլ հաւատքն ալ վրայ տալու կը հարկադրուի, թէպէտ առ երեսս. սակայն ձմեռը հասած ըլլալուն, Լէնկթիմուր ձմերելու համար Արցախ կը քաշուի, որ է Ղարաբաղ ( ՄԵԾ. 20), կամ որ նոյն է նախնի Մուզանու դաշտը ( ՍԱՄ. 171), Բագարատն ալ մէկտեղ տանելով: Իսկ սա կեղծեալ պատրաստականութեամբ, Լէնկթիմուրէ մեծ բանակ մը կ՚ուզէ որ անոր հնազանդեցնէ ամբողջ Կովկասի ութը ցեղերը, որ են Վրացի, Ափխազ, Իմէրէլ, Մէկրէլ, Օսէդ, Սօնք, Մեսխ ու Դրալ: Գունդերը առնելով ճամբայ կ՚ելլէ, եւ գաղտնի իր Գորգի, Կոստանդին ու Դաւիթ որդիներուն լուր կու տայ պատրաստ գտնուիլ, եւ իր ձեռքը եղած բանակը, ի նեղսագոյն եւ ի կածան տեղիս առաջնորդելով, 12. 000 հոգիէ աւելի ջարդել կու տայ, եւ ինքն ալ լեռնային կողմեր ապաւինելով կ՚ազատի ( ՄԵԾ. 20): Ի գալ տարւոյն յաւուրս աւագ զատկին, որ 1387-ին ապրիլ 7-ին կը հանդիպէր, Լէնկթիմուր Մուղանէ Սիւնիք կ՚իջնայ եւ անկէ կը դիմէ Հայաստանի հարաւային գաւառները:

1361. ԾՌԱԶԱՏԻԿ ՉԵՂԱՒ

Այս տեղ հարեւանցի յիշենք թէ ուղիղ չէ ոմանց 1387 տարին ծռազատիկ կարծելը ( ՉԱՄ. Գ. 423), որուն պատճառ եղած է թերեւս վերջին 1292 տարւոյ ծռազատիկէն ( § 1191), 95 տարի հաշուելը, որ է ծռազատիկներու պարբերական շրջանը: Սակայն այդ պարբերականը հաստատուն չէ, այլ միջոց մը այն կը խախտի նահանջներու յառաջ բերած տարբերութեամբը, եւ 532 տարիներու շրջանին մէջ միայն չորս ծռազատիկներ տեղի կ՚ունենան, եւ 247 տարիներու միջոց մը առանց ծռազատիկի կ՚անցնի: Ըստ այսմ 1292-է ետքը նոր ծռազատիկի պիտի հանդիպինք 1539-ին: Արդէն ալ յիշեցինք, թէ 1287-ին զատկի կիրակի օրը, ոչ թէ ապրիլ 6-ին կը հանդիպէր` ինչպէս պէտք էր ըլլար ծռազատիկ կազմելու համար, այլ ապրիլ 7-ին:

1362. ԼԷՆԿԹԻՄՈՒՐԻ ՅԱՂԹՈՒԻԼԸ

Հայաստանի հարաւային կողմերը երկու գլխաւոր ամիրայութիւններ կազմուած էին վերջին ատեններ, զորս ժամանակակից ազգայիններ Թուրքմանի տէրութիւններ կը կոչեն, այլ եւ Մարաց պետութիւն կ՚անուանեն ( ՄԵԾ. 27), եւ Քուրդ անունն ալ կու տան ( ՄԵԾ. 29): Մէկուն կեդրոնն էր Սասունի լեռներուն վրայ, եւ միւսինը Ամիթ կամ Տիարպէքիր քաղաքին մէջ, եւ համացեղ լինելով ալ` իրարու հետ թշնամութեամբ էին: Ընդհանրապէս հովիւ ժողովուրդ էին, եւ մեծութիւննին ոչխարներու հօտերը ըլլալուն, անոնցմէ կ՚առնէին իրենց անունը, հիւսիսայինները Գարաքօյունլու եւ հարաւայինները Աքքօյունլու, իբր սեւ ու ճերմակ ոչխար ունեցողներ: Երկուքն ալ ժամանակին սովորութեան համեմատ բազմաթիւ փոքրիկ իշխանութիւններու համախմբութիւններ էին` գերիշխան պետի մը գլխաւորութեան ներքեւ: Հիւսիսայիններու պետն էր Յուսուփ` Սասունի մեծ ամիրայն, որ Գարտ-Եուսուֆ ալ կը կոչուի, եւ իրեն գլխաւոր հպատակներէն էին Գարա Մէհմէտ` Արճէշի, եւ Շէյխ Շէրիֆ` Խոյթի ամիրաները: Իսկ Աքքօյունլուներու պետն էր Օսման, որ եւ Օթման կը հնչուի: Լէնկթիմուր առաջ Գարա Մէհմէտի վրայ քալեց, որ մինչեւ Ճապաղջուր փախաւ, բայց ետ դառնալով զարկաւ Լողմաղան թաթար զօրավարին գունդը ( ՄԵԾ. 21): Ասպատակին մեծ ճիւղը կը յառաջէր դէպի Տարոն, այս պատճառով ճամբուն վրայ եղող Արճէշ եւ Մանազկերտ եւ շուրջ եղող ժողովուրդը դէպի Գլակայ վանքը վազեց, Ս. Կարապետի երկնային պաշտպանութեան ալ ապաւինելով: Տեղւոյն եպիսկոպոսն Աբգար, եւ Յակոբ ճգնաւոր վարդապետ, եւ այնտեղ ապաւինող Ներսէս Մեծոփայ եպիսկոպոս եւ Ստեփանոս Արճիշեցի վարդապետը, եւ Թովմաս Մեծոփեցի պատմիչ վարդապետն ալ, որ եւ ես ի ներս կայի կ՚ըսէ ( ՄԵԾ. 23), հոգեւորով եւ մարմնաւորով կը խնամէին եւ կը քաջալերէին փախստականները: Իսկ Յուսուփ մեծ ամիրայն Տարոնի ժողովուրդը փութացուց Սասունի լեռները բարձրանալ, Շէյխ Շէրիֆին յանձնելով զայն դէպի Խալթ քշել բռնութեամբ եւ հարկանելով, զի քրիստոնէիցն ապստամբեալ ոչ կամէին ելանել ի լեռան Խութայ եւ Սասնոյ, բայց վերջէն համոզուեցան թէ ստիպումը նախախնամական եղաւ ( ՄԵԾ. 22): Յուսուփի Թիւրքմէններն ալ Քրիստոնէից Աստուծոյն կը դիմէին, եզ մը մատաղ կտրելով Առաքելոց վանքի ուխտարանին, եւ իրօք ալ յաջողեցան վանել Լէնկթիմուրի ասպատակը, եւ բեկեալ խորտակեցաւ զօրութիւն Չաղաթային մինչեւ իսկ 2. 000 հոգիէ աւելի` սաստիկ շփոթութենէն գահավիժելով մեռան, եւ Մարաֆ անուն Թուրքման մը 100 հոգի սպաննեց Թաթարներէն: Մեծոփեցի պատմիչը կը գրէ, թէ Կարապետ Մեծոփեցի կրօնաւորը, որ իր տեսեալ զտեսողսն, իրեն պատմեր է թէ երեք սպիտակափայլ արք հեծեալ ի սպիտակ ձի, գային ի վերայ օդոյս եւ իջեալ խառնեցան ի զօրս Թուրքմանին ( ՄԵԾ. 24), այնչափ անակնունելի եւ հրաշալի եղած էր Լենկթիմուրի յաղթուիլը: Թաթարներ չվստահելով լեռներէն վեր արշաւել, դէպի Վասպուրական դարձան, Բաղէշի ամիրային հպատակութիւնը ընդունեցին, Արծկէէ շատ գերի տարին, որոնց հետ էր Կարապետ Ջուղայեցի աբեղան, որ գերիներու հոգեւոր մխիթարիչը, եւ վերջէն եպիսկոպոս ալ եղաւ Սմրղանդ տարուած քրիստոնէից համար ( ՄԵԾ. 28):

1363. ՄՇԵՑԻ ՔԱՋՈՒՀԻՆ

Սրտաճմլիկ եւ զարմանալի տեսարանի մը յիշատակը պահած է Մեծոփեցին, զոր պէտք չէ որ մենք ալ զանց ընենք յիշել: Այդ ահագին խուճապին մէջ, որուն մատնուած էին Տարոնցիք, Թաթարներուն հասնելուն պատճառով, երբ ամէն ոք ծակամուտ կը պահուէր քարայրներու եւ մացառներու մէջ, աւելի զգալի էր կիներուն տագնապը, որոնք մահէն աւելի գերութեան եւ բռնաբարութեան եւ խէնէշ ցանկութեանց զոհ երթալէ կը վախնային, հաւատքնին կորսնցնելու ալ վախով: Մուշի գաւառէն կին մի երկիւղած եւ հաւատարիմ, եօթը ութը տարեկան իբրեւ զերեսս հրեշտակի գեղեցկադէմ մանչ զաւակը ձեռքէն բռնած, սուր մըն ալ առած իբր պաշտպանութիւն, կը վազէր զառիվեր Խոյթի լեռները փախչողներուն ետեւէն: Յանկարծ կը տեսնէ զի հետապնդող Թաթարներ գային զկնի եւ մերձենային, եւ այլեւս փախուստի հնարաւորութիւն չունէր: Միտքին առջեւ պատկերացան յանկարծ կրելիք լըլկանքը եւ տղուն ապագայ աղէտը, եւ բորբոքեալ զգացումներուն բուռն թափով, սուրը հանեց, զենեաց զորդին ցանկալի, եւ մօտը եղող բարձրաւանդակ ժայռէն ի վայր ընկեց զինքն, փառաւորելով զանուն Յիսուսի Քրիստոսի, եւ եհան զհոգի գոհութեամբ ( ՄԵԾ. 26): Որդեսպան մայր մը եւ անձնասպան կին մը չէ հնար կարծել այդ Քաջուհին, զոր Մեծոփեցին կը բաղդատէ որդին ողջակիզելու պատրաստ Աբրահամին, եւ եօթը զաւակները մահուան տուող Շամունէին, եւ անոնց գերազանց առաքինութեան համահաւասար կը գտնէ Մշեցի կնոջ քաջութիւնն ալ: Որչափ ալ բորբոքեալ երեւակայութեան մէկ վայրկեանին մէջ կատարուած ըլլան կրկնակ սպանութիւնները, սակայն եռանդուն հաւատքի, հաստատուն առաքինութեան, եւ նախանձայոյզ համոզման արդիւնք է այն զօրաւոր որոշումը, որով մայր մը ձեռքը կը մխէ իր զաւակին արիւնին, եւ ինքն իր մահով կը պաշտպանէ իր հաւատքն ու պարկեշտութիւնը: Ընդհանուր ըմբռնման մէջ ալ աւելի մեծ քաջութիւն մը ճանչցուած չէ` քան թէ հաւատքին, առաքինութեան, հայրենիքին եւ ընկերին սիրոյն` իր կեանքը զոհել: Մշեցի կնոջ ըրածն ալ այս է: Մեծոփեցին որպէս զի յայտնէ թէ երկբայութեամբ կամ կարծեօք պատմութիւն մը չէ ըրած, կը յաւելու թէ Գլակէ Մուշ գալով հարցափորձած է զտեսողսն եւ զլսողսն, եւ իրողութիւնը ստուգած է: Անունով ալ կը յիշէ Առաքելոց վանքին առաջնորդ Բարթողիմէոս վարդապետին եղբայր Դաւիթ աբեղայն ( ՄԵԾ. 27), որ հարկաւ ճամբու վրայ գտնուած եւ եղելութիւնը աչքով տեսած է, այլ դժբախտաբար կնոջ ով ըլլալը եւ անունը չէ կրցած իմանալ, որով մենք ալ չկրնալով անունը յիշատակել` Մշեցի Քաջուհի կոչելով կը գոհանանք ( ՄԵԾ. 129): Առաքելոց վանքին միաբաններուն յիշատակուիլը, մտածել կու տայ թէ Տիրնկատարին սարին վրայ տեղի ունեցած է Քաջուհիին գործը, եւ իրօք ալ այդ կողմէն է ճամբան` որ Մուշէ Սասուն կը տանի:

1364. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Միեւնոյն 1387 տարին տեղի ունեցաւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոս Ստեփանոսի եւ երկու ընկերներուն նահատակութիւնը, բայց ոչ Թաթարներու երեսէն: Սելճուքեանց հատուածներէն Սեբաստիոյ մէջ կը տիրէր Պուրհանէտտի ամիրայ, որ իշխանութիւնը ձեռք ձգած էր նախորդ ամիրան սպաննելով ( ՆՈՐ. 137): Չարամիտ եւ յանդուգն մարդ մը, ամէնուն ատելի եղած էր իր խստասրտութեան եւ ամբարտաւանութեան համար, եւ միշտ կասկածոտ ու դաւաճանութիւններէ վախցող էր, նոյնիսկ Թուրքերուն կողմէն: Չարախօսներէն ոմանք Ստեփանոսի անունն ալ խառնեցին, եւ այդ պատճառով բոլոր Ս. Նշանի վանականներուն ձերբակալութիւնը հրամայուեցաւ: Ստեփանոս աղաչանքով եւ կաշառքով պաշտօնեաները հաճեցուց ամէնքը չտանիլ, եւ գոհացան ձերբակալելով Ստեփանոս եպիսկոպոսը, եւ միաբանութեան երիցագոյններէն Սեղբեստրոս եւ Թորոս աբեղաները: Ամիրան վասն ամառնային տօթոյն եւ թերեւս ապահովութեան համար ալ, Աղշար լեռը հովանոցի գացած էր, եւ հոն տարին ձերբակալեալները, եւ քննութիւնը յանձնուեցաւ դատաւորին: Ստեփանոս զօրաւոր կերպով պաշտպանեց իրենց անմեղութիւնը, բայց ամիրային կողմէ ուրացութեան հրաւիրուեցաւ ազատութեան արժանանալու համար: Այս անգամ եպիսկոպոսը արիութեամբ խոստովանեցաւ իր անյողդողդ հաւատքը, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան վրայ ալ ակնարկներով եւ բացատրութիւններով, ինչ որ զայրացուց Պուրհանէտտինը, եւ մահուան վճիռ արձակեց Ստեփանոսի, ինչպէս նաեւ աբեղաներուն դէմ, որոնք ձայնակից էին իրենց եպիսկոպոսին ( ՆՈՐ. 141): Երբոր գլխատման տեղը տարին, դահիճը երկու անգամ զարնելով չկրցաւ վիզը կտրել, ինչ որ կախարդական զօրութեան վերագրուելով, ձեռքէն ոտքէն բռնելով եպիսկոպոսը գետինը տարածեցին, մէջքէն կտրեցին եւ անդամները յօշոտեցին, եւ ետեւէն Սեղբեստրոս եւ Թորոս աբեղաներն ալ գլխատեցին: Մարմինները անթաղ թողուեցան, բայց քրիստոնեայք յաջողեցան վերցնել եւ գաղտնի թաղել ( ՆՈՐ. 143): Միայն ներուած էր գլուխը վերցնել եւ քաղաք տանիլ հօրը ցուցնելու համար, որուն լցաւ արիւնով սիրտն ի փորին, եւ մայրն լայր ողորմագին, երբ տեսաւ զորդին յայն հալին ( ՆՈՐ. 150): Նահատակութեան օրը նշանակուած է յունիս 23 ( ՅԱՍ. Ա. 268), որ էր Լուսաւորչայ կիրակին, իսկ որովհետեւ յունիս 26 ալ գրուած կայ ( ՆՈՐ. 148), յարմար է զայն պատշաճեցնել գլուխը հօրը ցուցուած օրին, որ չորեքշաբթի ըսուած է ( ՆՈՐ. 150): Ստեփանոս տարիքոտ պիտի չըլլայ, ինչ որ կը հետեւցնենք ոչ միայն հօրն ու մօրը տակաւին կենդանի ըլլալէն, այլ եւ յատկապէս յիշուելէն թէ կու փայլէր այն կարմիր մօրուսն յերեսին ( ՆՈՐ. 150), ինչպէս կը գրէ անոր յիշատակին ձօնուած զգայուն տաղին հեղինակը, անշուշտ Սեբաստիոյ Ս. Նշանի միաբաններէն մէկը: Պուրհանէտտին Ստեփանոսի նահատակութենէն ետքը, Ս. Նշանի վանքը հրամայած է կողոպտել, նոյնպէս ուրիշ վանքեր ալ, եւ Զորայ վանքին առաջնորդ Միքայէլ վարդապետը 36 աբեղաներով շատ չարչարելէն ետքը գլխատել տուած է: Իսկ ինքն վերջէն Օսմանեանց սուլտան Պայազիտ Եըլտըրըմին ձեռքն ինկած եւ չարաչար սպանուած է ( ՉԱՄ. Գ. 432):

1365. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾԸ

Լէնկթիմուրի արշաւանքին դառնալով, Տարոնի ձախողութիւնը զայն չընկճեց, այլ ընդհակառակն աւելի սաստիկ զայրոյթով Վասպուրական քալեց, ամէն կողմ այրեացաւեր քանդելու եւ արիւնաշաղախ կոտորելու նպատակով: Առաջ Արծկէ եկաւ, եւ տեղւոյն ամիրայն Սահանդ անուն, միջնորդներով եւ ընծաներով հպատակութիւն յայտնեց, ուստի յոյժ սիրեցեալ եղեւ, եւ այս պատճառով ազատեցաւ երկրին եւ մնաց ի խաղաղութեան ( ՄԵԾ. 29): Սահանդի իշխանութիւնն ալ ընդարձակեց ( ՄԵԾ. 29), եւ հաւանաբար սա ինքն է Սահաթ ամիրայն, որ Մարտիրոս Կողբացի քաջ տանուտէրը ( § 1360) նահատակեց, Երասխի մէջ խեղդել տալով ( ՄԵԾ. 18): Լէնկթիմուր Արծկէէ անցաւ Տոսպ գաւառը, բայց տեղւոյն ամիրայն Եզդին անուն ( ՄԵԾ. 30), կամ ըստ այլոց Փիրի-Պէկ ( ՉԱՄ. Գ. 424), ընդդիմացաւ, եւ ամենայն զօրօքն եւ բազմութեամբ քրիստոնէից Վանայ անառիկ ամրոցին մէջ փակուեցաւ, եւ 40 ( ՄԵԾ. 30), կամ 25 օր պաշարումէ ետքը, պարտաւորուեցաւ տեղի տալ: Թէպէտ ամիրայն խոնարհեցաւ, սակայն Լէնկթիմուրի ցասումը չիջաւ, եւ զայրոյթով գրաւեց բերդը յաւուր հինգշաբաթոջ, յաթոռաց պահոց Սուրբ Խաչին ( ՍԱՄ. 171): Պահքի աթոռ կամ պահքի ոտք կը կոչուին շաբաթապահքներու նախընթաց եօթնեակները, իբր կամաւոր շաբաթապահքեր, եւ ըստ այսմ Խաչի շաբաթապահքին նախընթաց հինգշաբթի նշանակուած օրը կ՚ըլլայ 1387 սեպտեմբեր 5: Լէնկթիմուր հրամայեց կին ու տղայ գերի պահել, իսկ բոլոր այրերը զհաւատացեալս եւ զանհաւատս ի բերդէն ի վայր ընկենուլ, այսինքն է Վանայ քաղաքին վրայ բարձրացող սեպաձեւ գագաթէն վար հոսել: Այնչափ բարձրացաւ դիակոյտը, մինչ զի վերջին անկեալքն ոչ մեռանէին ( ՄԵԾ. 30), որոնց թիւը եօթն հազար մարդ կը հաշուուի ( ՍԱՄ. 171): Եւ կ՚երեւի թէ կոտորածը ա'լ աւելի շատ եղած պիտի ըլլար, եթէ մուզրի մի, որ է երգեցող քաղաքին մինարայն ելլելով Ղիամաթի սալա, այսինքն աշխարհի վերջին կոչը չի հնչեցներ, ուսկից Լէնկթիմուր սթափեալ` կոտորածը կը վերջացնէր նոյն օրը ( ՄԵԾ. 31): Այդ տեղ ալ Մեծոփեցին ականատեսներու վկայութիւնը կը յիշէ, որ են Զաքարիա արքեպիսկոպոս եւ Պօղոս վարդապետ, որոնք ի բերդին լինելով, ազատուեցան վերջը մնալով, եւ Թաթար իշխանի մը գերի տրուելով, որ զիւր տուեալ բաժին գերիսն ազատ արար ( ՄԵԾ. 31): Ձմեռնային եղանակին վրայ հասնելուն, Լէնկթիմուր նորէն իր երկիրը դարձաւ, արշաւանքին արդիւնքը, աւարն ու գերիները մէկտեղ տանելով, եւ անցած տեղերէն իր անգթութեան հետքերը թողլով, այնպէս որ աւերացաւ ամենայն երկիրս Հայոց, յԱրճշոյ մինչեւ տունն Վրաց եւ մինչեւ ի Կուր գետն: Աւերածին եւ կոտորածին հետեւանքն եղաւ սաստիկ սովը, որ տարածուեցաւ յամենայն տեղիս, եւ այնպիսի սաստկութեամբ, զի կերան զշունս եւ զկատուս, եւ երբ անոնք ալ սպառեցան, խորովէին զուստերս եւ զդստերս, թէպէտ եւ այդ անբնական կերակուրներէն ուտողներն ալ յետոյ ինքեանք մեռանէին ( ՄԵԾ. 32): Սովին տեւողութիւնն երկարեցաւ, եւ յաջորդ 1388 եւ 1389 տարիներուն ալ շարունակեց, եւ Մեծոփեցին որ այդ կողմերը կ՚ապրէր, լալագին կը նկարագրէ ընդհանուր խեղճութիւնը:

1366. ՈՐՈՏՆԵՑԻԻ ՄԱՀԸ

Կ՚երեւի թէ այդ ցաւալի կացութիւնը այնչափ ծանր չէր Սիւնիքի եւ շրջակայից մէջ, զի Ունիթորներ մէկ կողմէն, եւ Ապրակունեաց ու Աստապատի վանքերը միւս կողմէն, իրենց նպատակին կ՚աշխատէին եւ կրօնական մրցումները կը շարունակէին: Թէպէտ Ղրիմեցին մեռած էր, բայց անոր կարգադրածն ու թողածը տակաւին կը բաւէին, եւ Որոտնեցին Ապրակունեաց վանքի եւ Ապրակունեցին Աստապատի վանքը առաջ կը տանէին իրենց վանական եւ ուսումնական գործունէութիւնը, բազմաթիւ եւ զարգացեալ աշակերտներ պատրաստելով ազգային եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար: Չորրորդ տարին էր նախանձայոյզ Մաղաքիայի մահուընէն` երբ տկարացաւ Որոտնեցին, իր կենաց 73-րդ տարին թեւակոխելէն ետքը: Ծանր աշխատութիւնները եւ ժամանակին եկեղեցականներուն սովորական եղող կենցաղական խստութիւնները տկարացուցած էին անոր մարմինը: Նա իր արդիւնաւոր կեանքը կնքեց 73-րդ տարին լրացուցած օրը, օրը օրին նաւասարդ 30-ին, Հայոց 837 թուին, որ այն տարին կ՚իյնար 1388 յունուար 13-ին, Աստուածայայտնութեան ութօրէնքին, որ անշուշտ շփոթմամբ յունուար 6-ին բուն տօնին օրին հետ փոխանակուած է ( ՅԱՅ. 302), վասնզի այն տարին յունուար 6-ը նաւասարդի 23-ին կը հանդիպէր եւ ոչ 30-ին: Իսկ օրը օրին հանդիպումը լոկ Հայոց հին տոմարով կ՚արդարանայ զի ծնած տարի նաւասարդի 30-ը կ՚իյնար յունուար 29-ին ( § 1351): Նաւասարդի 30-ին միեւնոյն օրը ծնունդին ու մահուան զուգադիպութիւնը ճշմարտուած էր Սահակ Պարթեւի վրայ ( § 222), եւ Մեծոփեցին այդ նմանութիւնը յիշելով, կ՚աւելցնէ, թէ այս է օրինաւոր մահ մաքուր քրիստոնէից ( ՄԵԾ. 17): Սակայն կը տարբերի Խլաթեցիին տուած թուականը, ի յութհարիւր Հայոց թուական, ընդ որս եւ հինգ եօթն յաւելան, յունուարի մին պահք յայտնութեան, յոյս արեւուն խաւարեցան, յետ վեց աւուրըն խաւարման, փոխի առ Տէրն իւր անձկական ( ՓԻՐ. 36): Ըստ այսմ 1386 յունուար 1-ին հիւանդացած եւ յունուար 6-ին վախճանած պիտի ըսուէր, սակայն միւս հաշիւը շատերէն տրուածն է, եւ միայն Խլաթեցիին վկայութիւնը չի բաւեր զայն խախտել: Որոտնեցին թաղուեցաւ Ապրակունեաց վանքը, Ղրիմեցիին գերեզմանին մօտը ( § 1359): Իրմէ մնացած գրական աշխատութիւններն են, Յովհաննու աւետարանին եւ Պօղոսի թուղթերուն մեկնութիւններ, բազմաթիւ քարոզներ, եւ Փիլոնի ու Արիստոտէլի ու Պորփիւրի փիլիսոփայական գիրքերուն վրայ բացատրութիւններ: Անշուշտ օտար լեզուներու, եւ գլխաւորապէս լատիներէնի ալ հմտացած էր, Ունիթորներու արուեստակեալ վարդապետութեանց դիմադրելու համար: Նոյնը կրնանք հետեւցնել Ապարանցիին ըսելէն ալ, թէ Որոտնեցին առաջները հաւան ցուցանէր զինքն ընդ ուղղափառութիւն մեր ( ՉԱՄ. Գ. 450), ինչ որ միայն արեւմտեան ուսումներուն հետեւած ըլլալը կրնայ ցուցնել: Բայց Որոտնեցիին գլխաւոր արդիւնքն ու փառքն եղած է, գլուխ եւ նախահայր նկատուիլ այն բուռն պայքարին, զոր ազգային եկեղեցւոյ վարդապետները մղեցին Ունիթորներու լատինամոլ ճիգերուն դէմ, ամուր թումբ մը կազմելով հոսանքին հանդէպ, որ հակառակ զօրաւոր ջանքերու պարտաւորուեցաւ յետս ընկրկիլ, օտարը տկարացաւ եւ Հայ եկեղեցին իր ինքնութիւնն ու իսկութիւնը պահեց: Այդ բազմերախտ վարդապետներ ամէնքն ալ Որոտնեցիին աշակերտներն կամ աշակերտներուն աշակերտներն են, այնպէս որ առաջին եւ մեծ արդիւնքը աներկբայ կերպով պիտի վերագրուի Յովհաննէս Որոտնեցիի: Ուստի իրաւամբ ըսուած է, թէ պայծառացոյց զազգս Հայոց վարդապետօք եւ քահանայիւք, գեղեցիկ կարգաւորութեամբ եւ ուղղափառ դաւանութեամբ, մանաւանդ տիւ եւ գիշեր մաքառելով ընդդէմ քրիստոսատեաց աղթարմայիցն գաւառին Երնջակու: Մեծոփեցին անոր մահը յիշատ ատեն կ՚աւելցնէ, թէ խաւարումն եղեւ աշխարհիս Հայոց ( ՄԵԾ. 15), սակայն մենք պիտի ըսենք, որ թէպէտ ինքն պակսեցաւ, այլ իր վառած ջահը բաւական ատեն լուսաւոր մնաց իր աշակերտներուն ձեռքով, եւ անշէջ մնաց ազգային եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ: Նորա արտաքինին համար ըսուած է, թէ էր մեծահասակ եւ բարետեսիլ շքեղ եւ փառահեղ, իսկ ներքինին համար թէ էր հեզ բարուք, ողորմած, առատատուր, քաղցր յաչս ուղղափառ դաւանողաց եւ ամենեւին լցեալ շնորհօքն Աստուծոյ ( ՅԱՍ. 303), ուստի իրաւամբ եկեղեցին անոր անունը տօնելի սուրբերուն կարգը անցուց, թէպէտեւ չկարենանք ճշդել այդ սովորութեան սկիզբը: Անոր տօնը մենք ալ կը կատարենք այսօր ( ՏՕՆ. 45), բայց պահ մը ընդհատեցաւ` ԺԹ-րդ դարուն սկիզբները տեղի ունեցած միաբանական ջանքերուն ատեն, եւ այս պատճառով Յայսմաւուրքի վերջին տպագրութիւնն ալ զանց ըրած է անոր յիշատակը:

1367. ՏԱԹԵՒԱՑԻՆ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԷ

Որոտնեցիին աշակերտներուն թիւը նշանակուած չենք գտներ, բայց անտեղի չէր ըլլար իրեն վրայ ալ մերձաւորաբար կրկնել, ինչ որ իր ուսուցչին Եսայի Նչեցիին վրայ ըսուած էր թէ 363 աշակերտներու վարդապետական գաւազան տուած է ( § 1241): Այդ բազմաթիւ եւ ընտրեալ խումբին գլուխը պէտք է յիշենք Գրիգոր Տաթեւացին, որ իր վարդապետին յաջորդեց, եւ գրեթէ զայն գերազանցեց: Գրիգոր որդի էր Արճիշեցի Սարգիսի, որ երկրին աղէտից պատճառով անկէ գաղթած, եւ Փարպեցի աղջկան մը հետ պսակուած, բնակութիւն հաստատած էր Վայոցձոր գաւառին հաւանաբար համանուն աւանին մէջ: Այն տեղ ծնած է Գրիգոր, քանի մը վաղամեռիկ զաւակներէն ետքը ուխտի զաւակ ( ՅԱՅ. 531): Տարին չէ նշանակուած, բայց հաշուելով որ 14 տարեկան Որոտնեցիին աշակերտած ( ՅԱՅ. 532), եւ 28 տարի անոր մօտ մնացած է ( ՄԵԾ. 33), 1346-ին եղած կ՚ըլլայ ծնունդը: Քահանայական ձեռնադրութիւնը առած է Որոտնեցիին հետ Երուսաղէմ գացած ատենը, վարդապետական գաւազանը Որոտնեցիէ ստացած է Երզնկայի մէջ, իսկ ծայրագոյն գաւազանը անագան ընդունած է 1387-ին Որոտնեցիին վերջին տարին ( ՅԱՅ. 532), եւ 1388-ին յաջորդած է անոր, հաւանութեամբ եւ կամօք մեծ վարդապետին Սարգսի Ապրակունեցւոյ եւ համշիրակ եղբարց իւրոց ( ՄԵԾ. 17), ինչ որ ընտրական գործողութիւն մը կը ցուցնէ, եւ Գրիգորի վկայեալ արժանիքը կ՚ապացուցանէ: Գրիգոր երկու տարի միայն մնաց Ապրակունեաց վանքը յաթոռ վարդապետութեան ուսուցանելոյ, մինչ երթալով կը նուազէին վանքին միջոցները եւ կը տկարանար անոր դիրքը, այնպէս որ վերջին ձմեռը պարտաւորուեցաւ սակաւ աշակերտօք անցընել ի յԱպրակունեաց հնձան, եւ 1390 տարւոյ ի գարնան եղանակին փոխադրուեցաւ Տաթեւի վանքը, ուր իրեն պաշտպանութիւն եւ ձեռնտուութիւն կը խոստանային իշխանն Սմբատ Օրբելեան որդի Իւանէի եւ թոռն Բուռթէլի ( ՄԵԾ. 33), եւ թոռնորդի Ելիկումի ( § 1175), եւ արքեպիսկոպոսն Առաքել, Գրիգորի քուերորդին ( ՄԵԾ. 51), կամ լաւ եւս քեռիին որդին: Այն տեղ Գրիգոր հետզհետէ ժողովեաց զբազում աշակերտս, եւ նոր զարկ տուաւ Տաթեւի դպրեվանքին, որ եղաւ այն մեծ հաստատութիւնը, որ լուսաւորեաց զազգս մեր ճշմարիտ եւ ուղղափառ դաւանութեամբ եւ հաւատով ( ՄԵԾ. 33), եւ ուստի յառաջ եկաւ ազգային եկեղեցւոյն մէջ գտնուող այժմեան վարդապետական դասակարգը: Սովորութիւն էր վարդապետական վկայականներուն մէջ յիշել իրարմէ գաւազան ստացողներուն շարքը, եւ վերջին դարերու վկայականներ միշտ նախ Գրիգոր Տաթեւացին սկզբնաւորութեամբ կը գրուէին, եւ անոր զանազան աշակերտներէն տարբեր ճիւղեր կը կազմուէին ( ԴԱՎ. 340), որով ներկայիս մեր եկեղեցւոյն բոլոր վարդապետները Գրիգոր Տաթեւացիի բարոյական սերունդը կը նկատուին, եւ Որոտնեցիին իսկ անունը չի յիշուիր, ու Տաթեւացին ընդունուած կ՚ըլլայ իբրեւ վարդապետութեան նահապետը, կամ Մեծոփեցիին բացատրութեամբ` քրիստոսածաւալ աղբիւրն անմուտ արեգակն, եւ երկրորդ լուսաւորիչն ( ՄԵԾ. 17):

1368. ՍՈՒԽԱՐՈՒ ՎԱՆՔԸ

Սարգիս Ապրակունեցի Աստապատի վանքն էր տակաւին, երբ Գրիգոր Ապրակունեաց վանքին մէջ հաստատուեցաւ, բայց ինքն անկէ առաջ թողուց իր տեղը, ի նոյն ամի դառնութեան, որ է 1388-ի սովին տարին ( § 1355): Սարգիս պարտաւորուեցաւ Աստապատը թողուլ, եւ Հեր կամ Խոյ քաղաքին մէջ սակաւ աշակերտօք անցոյց զաւուրս սովոյն դառնութեան նեղութեանն, եւ քիչ մը կացութիւնը մեղմանալէն ետքը, իր աշակերտներէն Յովհաննէս Սադաղ վարդապետը ճամբայ հանեց, որ Հայաստանի ներսերը յարմար տեղ մը գտնէ նորէն դպրէվանք մը կազմելու: Քաջբերունեաց կամ Արճէշի եպիսկոպոս Զաքէոս, ցուցուց անոր Խառաբաստ գիւղի մօտ, Սուխարու Ս. Աստուածածին վանքը: Մեծոփեցին որ միշտ տեսիլքներու եւ երազներու փաստերով կը գնահատէ եղելութիւնները, Յովհաննէսն ալ տեսիլքով համոզուած կ՚ըսէ Սուխարու վանքին յարմարութեան վրայ, Սարգիսն ալ նոյն փաստով իր որոշումը տուած ( ՄԵԾ. 36), եւ 1389-ին եկած հաստատուիլ այն տեղ, եւ ի գրոց աշակերտաց եւ ի կրօնաւորաց եւ յուսումնասիրաց, աւելի քան վաթսուն կարգաւորներ հաւաքելով, նոր եւ զարգացուն աշակերտութիւն մը կազմել, եւ Վասպուրականի լճեզերայ գաւառները մխիթարել ուսմամբ եւ գիտութեամբ. ժամօք եւ պատարագօք ( ՄԵԾ. 37): Սուխարու աշակերտութենէն է ինքն Մեծոփեցի պատմիչն ալ, որ չափազանց կը բարձրացնէ իր վարդապետին արժանիքը, թէ հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ եւ ոչ գոլով նման նմա յորդիս Ադամայ, եւ թէ միանգամայն դէմք կերպարանաց իւրոց ահաբեկէր եւ զարմացուցանէր զամենայն մարդ, մանաւանդ զազգս այլազգեաց, մինչ զի ազգ Չաղաթային յերկրպագութիւն գային նմա ( ՄԵԾ. 36):

1369. ՈՒՐԻՇ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Աստապատի եւ Ապրակունեաց վանքերուն նուազիլը պատճառ եղաւ, որ Գրիգորի եւ Սարգիսի համշիրակ կամ աշակերտակից վարդապետներ անոնցմէ բաժնուին, եւ իրենք ալ աստ եւ անդ ցրուեալ զատ զատ վանքերու մէջ հաստատուելով նոր աշակերտութիւններ կազմեն, եւ Որոտնեցիին հիմնած գործը ընդարձակեն: Այս տեղ այն տեղ տեսնուած ցրիւ յիշատակները հաւաքելով կը տեսնենք նախ Յակոբ վարդապետը, որ Այրարատի մէջ Կարբի գիւղի մօտ գտնուող Սաղմոսավանքը սկսաւ շէնցնել ( ՄԵԾ. 33): Գէորգ վարդապետ, շփոթմամբ Գրիգոր գրուած ( ՄԵԾ. 33), Երնզկա գնաց, եւ այն տեղ աշակերտութիւն հաստատեց եւ լաւ երկասիրութիւններ ալ պատրաստեց, թէպէտ ճշդուած չենք գտնար թէ Երզնկայի բազմաթիւ վանքերէն որն եղաւ Գէորգ Երզնկացիին հաստատուն տեղը: Յովհաննէս վարդապետ Քաջբերունեաց գաւառէն, Զարիշատի Ներսէս քահանային ուխտի զաւակը, Նահապետ աբեղայի մօտ առաջին ուսումն առնելէն եւ Ներսէս եպիսկոպոսէ քահանայ ձեռնադրուելէն ետքը, Ստեփանոս աբեղայի մը հետ Ապրակունեաց վանքը եկան Որոտնեցիին աշակերտիլ: Երեք տարիէ մասնաւոր գաւազան ստացան, բայց մեծ վարդապետութիւնը չկրցաւ տալ Որոտնեցին իր մահուան կանխելովը, եւ Տաթեւացին տուաւ: Յովհաննէս քիչ ետքը եկաւ ի հայրենի տունն իւր, ի սուրբ ուխտն Մեծոփայ վանք, յաւուր նոր կիւրակէի ( ՄԵԾ. 56): Տարին նշանակուած չէ, բայց որովհետեւ արդէն Սարգիս Սուխարու մէջ աշակերտներ հաւաքած կը յիշուի, գոնէ 1391-ին պէտք կ՚ըլլայ դնել Յովհաննէսի Մեծոփ դառնալը, եւ այդ ենթադրութեամբ նոր կիրակին կը հանդիպի ապրիլ 2-ին: Իսկ Մեծոփի հռչակաւոր տաճարին շինութեան սկզբնաւորութիւնը աւելի ուշ տեղի ունեցած է 1402-ին ( ՄԵԾ. 58): Որոտնեցիին աշակերտներէն կը յիշուին նաեւ Ստեփանոս Դարացի ( ՄԵԾ. 47), որ հաւանաբար վերոյիշեալ Ստեփանոսն է` Յովհաննէս Մեծոփեցիին հետ աշակերտութեան գացողը: Վարդան Հոգոցեցի ( ՄԵԾ. 49), այն որ յետոյ Ապրակունեցի Սարգիսին յաջորդեց Սուխարու վանքին մէջ, եւ Յակոբ Ովսանացի որ նահատակուեցաւ: Ուրիշ շատ մը վարդապետներու անուններ ալ ունինք, որոնք յետոյ Տաթեւացիին եւ Ապրակունեցիին մօտ ալ մնացած ըլլալնուն, անխտիր ասոնց եւ անոր աշակերտներ կը կոչուին, եւ վերջին կը թողունք անոնք յիշատակել:

1370. ԱՒԱԳ ԲԱՂԻՇԵՑԻ

Երբ մէկ կողմէն Հայ եկեղեցին գիտութեամբ զօրաւոր վարդապետներով կը պայծառանար, նոյնիսկ արտաքին տագնապներու եւ հալածանքներու ներքեւ, միւս կողմէն ուսմամբ տկար բայց հաւատքով զօրաւոր զաւակներն ալ իրենց կեանքով եւ արիւնով կը պաշտպանէին եկեղեցին: Կոտորածներու մէջ սպանեալները ճշմարիտ մարտիրոսներ էին ընդհանրապէս, զի իսլամական մոլեռանդութիւնը ամէն մէկուն կ՚առաջարկէր ուրացութիւնը իբրեւ ազատութեան միջոց, իսկ Հայ քրիստոնեայն կը նախընտրէր իր կեանքը զոհել քան իր սուրբ հաւատքը: Մասնաւոր մարտիրոսներու ալ յիշատակներ պահած են մեզի ժամանակակիցներ, որոնց հիմը միշտ կեղծ կամ սուտ կրօնափոխութեան պարագայն է, հետեւանք մահմետական օրէնքին` որ իսլամութենէ ետ դարձողը մահապարտ կը վճռէ: Աւագ անուն քսակակար հասարակ արհեստաւոր մը, բնիկ Բաղէշ քաղաքէն, երիտասարդութեան ատեն Սալմաստ գացած եւ Պարսիկներու մօտ աշխատած էր, առանց քրիստոնէութիւնը թողլու, եւ վերջերը իր քաղաքը դառնալով արհեստին կը հետեւէր: Երեսուն տարի անցած էր Սալմաստ երթալէն, երբ այն տեղէ եկող Պարսիկ մը զայն կը տեսնէ շուկայի մէջ, եւ կը զրուցէ թէ նա ժամանակով Պարսիկներուն մօտ իսլամացած էր, իսկ Աւագ կը պնդէ. Ես քրիստոնեայ էի եւ եմ եւ եղեց ( ՆՈՐ. 158): Այսչափը կը բաւէ որ խաժամուժը գլուխը ժողվուի, եւ ուղղակի Ամիրշարաֆ ամիրային առջեւ հանէ իբրեւ իսլամութիւնը ուրացող: Ամիրայն կը լսէ եւ կը տեսնէ թէ բաւական վկաներ չկան ամբաստանութիւնը հաստատելու, եւ կ՚ուզէ արձակել, բայց ժողովուրդին ստիպման վրայ վճիռը դատաւորին կը թողու: Մոլեռանդներ կասկածելով որ մի' գուցէ այն տեղ վճիռ չի տրուի, Աւագը կը ստիպեն ու կը չարչարեն տարած ատեննին, եւ անոր հաստատամիտ պատասխաններէն զայրանալով` քարերով ու բիրերով ու զէնքերով վրան կը յարձակին, եւ վերջապէս փայտեայ կոճիւ զարկին եւ հարին ի գլուխն, եւ դատաւորին չտարած, ճամբան սպաննեցին: Աւագի վկայութեան օրը եղած է 1390 մեհեկի 17, որ պէտք է սարկաւագադիր տոմարով փետրուար 23-ին հաշուուի, զի գրուած է թէ եղաւ յաւուր չորեքշաբթի յերկրորդում շաբաթու քառասնորդաց պահոց ( ՆՈՐ. 154), ինչպէս տոմարական հաշուով ալ կը ստուգուի: Աւագ սովորաբար Բաղիշեցի կը կոչուի ( ՅԱՍ. Ա. 93), բայց Սալմաստեցի ալ ըսուած է ( ՆՈՐ. 152), երկար ժամանակ Սալմաստ ապրած ըլլալուն համար:

1371. ԵՂԻՍԱԲԵԹ ԽԱՌԱԲԱՍՏԵՑԻ

Յիշենք եւս Եղիսաբեթ վկայուհին, բնիկ Արճէշի Խառաբաստ գիւղէն, բայց կ՚երեւի թէ Սուխարու վանքին ազդեցութիւնը չէր զգացած, զի աւեր աղջկան կեանք կը վարէր, Բերկրիի մէջ տաճկացեալ էր, եւ Վանայ մէջ կը հետեւէր գործոյ պոռնկութեան, եւ անյագ էր ի մեղս: Օր մը վիճելու ատեն խօսքը հաստատելու համար, Սուրբ Աստուածածին վկայ, կ՚սէ, որ այս բանս այս է ( ՆՈՐ. 157): Սուխարու Ս. Աստուածածնի մանկական յիշատակն էր, որ բերնէն կը թռէր: Շուրջը եղողներ վրան կը յարձակին, թէ զիա՞րդ իշխես զայդ ասել: Յանկարծական արիութիւն մը կու գայ Եղիսաբեթի վրայ եւ համարձակօրէն կը պատասխանէ. Ասեմ եւ ոչ ամաչեմ, զի ես ծառայ եմ Սուրբ Աստուածածնին: Ոչ միայն Ազգին թաթար ամիրայն ու դատաւորը, այլեւ ամիրային կինը Փաշախաթուն կոչուած, սպառնալիք եւ սղոքանք կը գործածեն Եղիսաբեթը տարհամոզելու, սակայն չեն յաջողիր, նա հաստատուն կը մնայ իր արիւնով աղտեղի կեանքը սրբելու միտքին վրայ, եւ քարկոծուելով կը նահատակուի 1391-ին Քառասնից յիշատակին օրը ըստ յայսմաւուրաց ( ՆՈՐ. 168), այսինքն մարտի 9-ին: Թէպէտ յայսմաւուրքը, Եղիսաբեթ Խառաբաստեցիին յիշատակը կը դնէ ապրիլ 24-ին, Թամար Մոկացիի յիշատակին կցելով, յաւուր տօնի սրբոց Քառասնից պարագան ալ աւելցնելով, որ նոյն օրուան վրայ չի ճշմարտուիր ( ՅԱՍ. Ա. 183):

1372. ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐ

Թէոդորոս կաթողիկոսի հազիւ թէ աթոռ բարձրանալը յիշեցենք ( § 1354), եւ մէյ մըն ալ առիթ չունեցանք անոր անունը տալ: Պատմական դէպքեր մեզ արեւելեան երկիրներուն մէջ պահեցին, Կիլիկիայի մասին գրելիք չունեցանք, զի իրօք ալ այն կողմերը բնաւ եղելութիւն չկար` որ մեր մտադրութիւնը գրաւէր: Եգիպտական սուլտանութիւնը իր նպատակին հասած, քրիստոնեայ պետութեանց վերջինը պաշտօնապէս ջնջած, նոր արշաւանքներու առիթ չ՚ունէր, միւս կողմէն Արեւելքէն հասնող Լէնկթիմուրեան հեղեղը զինքն կը ստիպէր ամփոփ մնալ, որեւէ պատահականութեան հանդէպ: Այս պատճառով Կիլիկիոյ թագաւորութեան բեկորներէն կազմուած, Տաւրոսի եւ Ամանոսի ժայռերուն մէջ պահուըտող Հայ իշխաններն ալ, աւելի խաղաղ վիճակ կը վայելէին, եւ անկէ օգտուելով Կոստանդին Կիլիկեցին ալ թագաւորի պիտակ անունով ( § 1349) իր գլխաւորութիւնը կը պահէր լեռներու մէջ ցրուած Հայերուն վրայ: Այդ պարագաներուն մէջ մեծ գործունէութիւն մը հնար չէր սպասել որեւէ կաթողիկոսէ, որ մենք ալ կարենայինք գործունեայ պաշտօնավարութիւն մը պահանջել Թէոդորոսէ, որուն ուր մնացած եւ ուր նստած ըլլալն իսկ ճշդելու դժուարութիւն կը կրենք: Որոշակի ալ չգիտենք թէ ինչ ուղղութիւն կը տիրէր այս միջոցին Կիլիկիոյ մէջ կրօնական տեսակէտէն: Մեծոփեցին միայն ունինք, որ Սսոյ վերջին վեց կաթողիկոսներուն ժամանակը ամէնէն սեւ գոյներով նկարագրած, եւ անոնց անկարգ եւ ապօրէն եւ դսրովելի գործերը մեղադրած ատեն, այդ ամէնը կը վերագրէ անոնց լատինամոլ ուղղութեան եւ կը գրէ. մանաւանդ զի մնացեալ էր խմոր աղթարմայութեանն, քաղկեդոնական գոլով ( ԿՈՍ. 55): Այդ վեցերուն առաջինն էր Թէոդորոսը, եւ պէտք կ՚ըլլայ նոյն կարծիքն ունենալ անոր վրայ ալ: Մենք բաւական յստակ կերպով տեսանք թէ Պօղոս լատինասիրութեան շատ հակամէտ մը չէր ( § 1344), բայց արդէն հայադաւան եւ հայածէս եկեղեցին, դիտմամբ կամ պատահմամբ, որոշմամբ կամ սովորութեամբ զանազան կէտերու մէջ լատինականի մօտեցած էր եւ լատինամօտ հով մը կը տիրէր Սսոյ աթոռին վրայ: Յայտնի եղելութիւն մըն է, թէ հակառակ Արեւելեան վարդապետներու ճիգերուն, հակառակ Տուտէորդիներու եւ Օրբելեաններու, Որոտնեցիներու եւ Տաթեւացիներու ընդդիմադիր ջանքերուն, լատինամօտ միտքեր եւ ծէսեր եւ ձեւեր մուտք գործած էին, եւ ոմանք մինչեւ այսօրս ալ կը մնան ազգային եկեղեցւոյն մէջ, եւ տակաւին թօթափելու քաջութիւնը չ՚երեւիր: Լատինամոլութեան մեծ ազդակը, այն է Լատիններու օգնութեամբ քաղաքական դիրքերնին պահելու ակնկալութիւնը, պէտք էր այլեւս իսպառ ջնջուած ըլլար Հայերուն միտքէն, վերջին Լեւոնի վերջէն ետքը: Բայց սեւեռեալ գաղափարներ դժուարաւ կը ջնջուին, եւ մինչեւ յետին դարեր Կիլիկեցւոց միտքէն իսպառ չհեռացան Արեւմուտքէն օգտուելու նպատակը եւ Արեւմուտքը հաճեցնելու գաղափարը: Հետեւաբար անհիմն չի կրնար ըսուիլ Մեծոփեցիին գրածը, թէ լատինամոլներ էին Սսոյ վերջին կաթողիկոսները, այլ ոչ տիրապէս լատինացեալներ կամ կատարեալ հռոմէադաւաններ, ինչպէս նոր հայ-կաթոլիկներ կը սիրեն պնդել: Հայ եկեղեցին երբեք իր ինքնուրոյն եւ բնատիպ իսկութիւնն կորսուած չէր: Այս բանիս իբրեւ հաստատութիւն պէտք է նկատել որ նոյնիսկ Որոտնեցին ու Տաթեւացին եւ բոլոր Տաթեւեան աշակերտութիւնը, չէին վարանիր Սսոյ վերջին կաթողիկոսները իբր ճշմարիտ եւ օրինաւոր հայրապետներ ճանչնալ, ինչ որ ըրած չէին ըլլար եթէ կատարեալ հռոմէադաւաններ եղած ըլլային Սիս նստող վերջին կաթողիկոսները:

1373. ԹԷՈԴՈՐՈՍԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Այս տեսութիւններով մէկտեղ մենք պիտի չհամարձակինք բացարձակ կերպով մեղադրել Թէոդորոսը, եւ զայն կատարեալ աղթարմաներուն շարքը անցնել: Առ այս մեր գլխաւոր հիմնակէտն են Թէոդորոսի սպանութիւնն եւ սպանութեան շարժառիթը, Մեծոփեցիին գրածին համեմատ, թէ զՍսոյ կաթողիկոսն տասն եւ վեց տանաւտէրօք սպան ի նենգութենէ քրիստոնէիցն Սսոյ պիղծ մելիք Օմարն ( ՄԵԾ. 71): Մենք այս կտորին մէջ քրիստոնէից անունով լատինամոլները ակնարկուած կ՚իմանանք, վասնզի Մեծոփեցիին միտքն է օտարներու վրայ նետել կաթողիկոսին մահուան պատճառը: Եթէ իրեններուն վրայ խօսիլ ուզէր, պէտք էր ուրիշ դարձուած գործածէր, եւ տարբեր կերպով որակէր նենգամիտ մատնիչները: Արդ եթէ Մեծոփեցիին ուղղութենէ օտարներ էին Թէոդորոսի մահուան պատճառ եղողները, ուրեմն աղթարմաներու դասակարգէն էին, ուրեմն Թէոդորոս անոնցմէ չէր, ուրեմն Թէոդորոս ալ Պօղոսի նման քիչ ու շատ հայադաւան եւ հայածէս ուղղութեան հետեւող էր: Ըսուած չէ թէ նենգամիտ քրիստոնեաներու զրպարտութիւնը ինչ էր, բայց 16 տանուտէրներու կամ իշխաններու ալ միասին սպանուիլը, բաւական է հետեւցնելու թէ, քաղաքական խնդիր էր յուզուածը, եւ թէ Հայոց կաթողիկոսին եւ իշխաններուն վրայ եղած ամբաստանութիւնը, քաղաքական խլրտումի եւ Եգիպտացիներուն դէմ ելլելու գոյն ունէր, որ ամիրայն անմիջապէս ամէնքը մէկէն սպաննելու կ՚ելլար, իբրեւ մեծ դաւաճանութիւն մը արգելելու նպատակով: Ամիրան գրգռողներուն` նենգութիւն վերագրուիլը կը ցուցնէ, թէ անհիմն էր պատճառանքը, բայց բռնութեան միջոցին եւ բռնաւոր իշխաններէ, ոչ անաչառ քննութիւն կը սպասուէր, եւ ոչ արդար դատաստան: Իսկ մէլիք Էօմէրը, պէտք է Սսոյ ամիրայն ըլլայ, այլ յայտնի չէ թէ ժառանգական իշխան մըն էր, թէ ոչ յատկապէս ղրկուած կողմնակալ զօրավար մը: Սսոյ վերջին կաթողիկոսներ Մեծոփեցիէ ամբաստանուած են թէ իրարու ձեռքէ աթոռը յափշտակելու համար, իրար սպաննած են դեղ մահու խմցնելով ( ԿՈՍ. 55), ինչ որ թերեւս չպատշաճի Թէոդորոսի սպանութեան, բայց եթէ ենթադրելով թէ իրեն յաջորդն ալ քսու խմբակէն մէկն էր, եւ թէ այս քսութեան պատճառով Թէոդորոս 16 իշխաններու հետ եւ ամիրայի հրամանով սպաննուած է, ինչպէս նոյնինքն Մեծոփեցի յայտնի կը վկայէ ( ՄԵԾ. 71): Գործը կրնար աւելի որոշ կերպարան ունենալ, եթէ լոկ Շարունակողին գրածովը մնայինք, թէ զտէր Թէոդորոսն ի Սիս սպանին ( ՍԱՄ. 172): Սպանութեան թուականը Մեծոփեցիի գրելովը 1393-ին յանցեալ ամին է ( ՄԵԾ. 71), որ է 1392, եւ նոյնը կրկնած է յիշատակարանին մէջ ալ Հայոց 841 թուականը դնելով ( ԿՈՍ. 55), եւ այդ կրկին յիշատակութիւնները մեզի համար բաւական են պատմական թուական մը հաստատելու: Ուստի զանց կ՚ընենք զննել Շարունակողին Հայոց 842 տարին յիշելը ( ՍԱՄ. 172), եւ ուրիշ յիշատակարանի մը 844 տարին ի հայրապետութեան տեառն Թէոդորոսի կարծելը ( ՓԻՐ. 6), որ գրիչի կամ տպագրութեան սխալ մըն է, եւ կամ Բաբերդցի յիշատակագիրին Կիլիկիոյ մէջ անցած դարձածէն լուր չունենալուն հետեւանքն է: Չենք գիտեր նոյնպէս թէ ինչ աղբիւրէ քաղած են ուրիշներ ալ 1389 թուականը ( ՍԻՍ. 560), գուցէ համեմատութեան դնելով նոյն տարին Նէվըրսի կոմս Յովհաննէսին դէպ արեւելք դիմելը, եւ Եգիպտոսի սուլտան Բարկուկին Կիլիկիոյ կողմերը արշաւելը: