Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՅԱԿՈԲ Դ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ

1723. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԱԳՈՒՄ

Փիլիպպոս կաթողիկոսի թաղումը վեց օր ուշացած էր ( § 1709), եւ այս պատճառով աւելի շատցած Էջմիածին եկող եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն թիւը, որոնք պէտք տեսան աթոռոյ պարապութեան միջոցը կարճել, եւ անմիջապէս նոր կաթողիկոսն օծել եւ նստեցնել: Մարտ 25-ին եղած էր Փիլիպպոսի մահը, եւ 31-ին թաղումը, Ս. Լուսաւորչի տօնին օրը: Զատիկը մօտ էր, ուստի շտապեցին, եւ Ծաղկազարդի կիրակիին 1655 ապրիլ 8-ին կաթողիկոս օծուեցաւ Յակոբ Ջուղայեցի եպիսկոպոսը, որուն անունը տուինք Փիլիպպոսի բացակայելուն միջոցին ( § 1686): Ծաղկազարդին նախընթաց օրը` Ղազարու յարութեան յիշատակին հետ Աւետման ալ տօն էր, բայց չենք կրնար պնդել թէ այն օր տեղի ունեցած ըլլայ ընտրութեան համար ժողովը: Փիլիպպոսի թաղումէն ետքը` որ օր ալ եղած ըլլայ ընտրական ժողովը, նկատելի կէտ մը կը մնայ, որ ժողովեալ վարդապետքն եւ եպիսկոպոսանքն կ՚ըսուի միայն (ԴԱՎ. 266), եւ իշխանաւորներու յիշատակը չ՚ըլլար, որով հարկ կ՚ըլլայ սոսկ եկեղեցական տարրով լրացած ըսել ընտրութիւնը: Եւ ոչ ալ կը պահուի այն ձեւը որ Փիլիպպոսի ընտրութեան ատեն գործածուեցաւ, ազգային գլխաւոր կեդրոններու հաւանութիւնը առնելէն ետքը օծումը կատարելով ( § 1666): Պատմութիւնը բացատրած չէ թէ ինչ էր այդ շտապին շարժառիթը, եւ թէ ինչու զանց եղաւ աշխարհական տարրին մասնակցութեան պայմանը: Միայն այս ինչ յայտնի է, թէ Յակոբի ընտրութիւնը ոչ մէկ կողմէ դժգոհութեան կամ տրտունջի տեղի չտուաւ: Թերեւս Փիլիպպոսի կողմէն յայտնուած յանձնարարութիւն մը պատկառանք ազդեց, բայց աւելի զօրաւոր եղած պիտի ըլլայ Յակոբի տեղակալութեան մէջ գտնուիլը` Փիլիպպոսի երկամեայ բացակայութեան միջոցին, եւ գործով ցուցած յաջողակութիւնը, եւ արդեամբ ստացած իրաւունքը: Կերպով մը գործադրուած է աթոռակիցներու շրջանին սովորութիւնը, զի Յակոբ առանց օծումի եւ առանց կաթողիկոսի դերին մէջ կը գտնուէր: Յակոբ բնիկ Ջուղայեցի էր, ծննդեամբ Հին Ջուղայէ, զի 1680-ին 82 տարեկան վախճանած ըլլալով, 1598-ին մարտին ծնած, եւ 1605-ին բռնի գաղութին ( § 1589) 7 տարեկան եղած կ՚ըլլայ: Իսկ կեանքը անցուցած պէտք է ըլլայ Նոր Ջուղայ կամ Ասպահան, մինչեւ Էջմիածինի աշակերտիլը, ուր ուսած կ՚ըլլայ Մելքիսեդեկի եւ Սիմէոնի ձեռքին տակ: Ըստ այսմ 57 տարեկան կաթողիկոսական աթոռ բարձրացած կ՚ըլլայ, միայն 6 տարեկան պզտիկ Փիլիպպոսէ, որով աւելի կըրտսեր ընկերակիցը պէտք է ըսել, եւ ոչ թէ անոր աշակերտը (ՋԱՄ. 23): Էջմիածինի մէջ շուտով կարեւոր դեր ստանձնած պիտի ըսենք, քանի որ յարմար տեսնուած է կաթողիկոսական տեղակալութիւն վարելու: Իսկ վերջին օրերու մէջ յիշուեցաւ նա` Դարաշամբի Ս. Նախավկայ վանքին նորոգութեան առթիւ ( § 1722): Իր երկարատեւ եւ վաստակաբեկ եւ արդիւնաւոր կաթողիկոսութիւնն ալ կը ցուցնէ, թէ խոհական եւ գործունեայ եւ ազդեցիկ անձ մը եղած է, եւ ամէնուն կողմէ արժանապէս գնահատուած է:

1724. ԴԱՇՏԵՑԻՆԵՐ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ

Ջուղայեցիին կաթողիկոսութեան սկիզբները տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի ընդարձակման եղելութիւնը: Հին Ջուղայի գաղթականը Ասպահանի մէջ առանձին թաղ մըն էր կազմած, քաղաքին մէջէն անցնող Զէնտէհրուտ գետին հարաւային կողմը, իսկ ուրիշ կողմերէ եկած Հայեր Ասպահանի մէջ զանազան թաղերու մէջ զետեղուած էին` Պարսիկ մահմետականներու եւ ուրիշ ազգերու հետ խառն: Գողթն գաւառի Դաշտ գիւղի եւ շրջակայից գաղթականներ, որոնք կանուխէն եկած էին ( § 1583), եւ առհասարակ Դաշտեցի կը կոչուէին, բնակած էին Շամշապատ թաղը (ԴԱՎ. 340): Երեւանէ եւ շրջականերէն գաղթածներ կը գտնուէին Թաղթիխարաջայ եւ Բաղաթ թաղերը, իսկ առհասարակ Հայաստանի զանազան կողմերէն` Տիարպէքիրէ, Բաղէշէ, Մուշէ, Կարինէ, Երզնկայէ եւ անոնց շրջականերէն բերուածներ կը բնակէին, Շախշաբան եւ Թորոսկան թաղերը (ԴԱՎ. 345): Ասոնց ամէնուն` Ջուղայեցւոց կազմած Նոր-Ջուղայի մէջ կեդրոնանալն է, որ տեղի ունեցաւ Շահաբաս Երկրորդի հրամանով եւ բռնի գործադրութեամբ: Գործին առաջին ծագումը Շամշապատէն սկսաւ, որ աւելի գեղեցիկ եւ հանգիստ թաղն էր, եւ ուր կը կեդրոնանային պալատան նախկին պաշտօնեաներ եւ հին ներքինիներ, եւ կ՚ուզէին Հայերը հեռացնել անոնց տեղերը գրաւելու համար (ԴԱՎ. 345): Պատեհ առիթ մը եղաւ անոնց ձեռքը Շահաբասի կողմէ տրուած հրամանը, որով Մահմետականներուն կ՚արգելուէր գինիի գործածութիւնը, սաստիկ պատիժներու, քիթ ու ականջ, ձեռք ու ոտք կտրելու, եւ մինչեւ իսկ մահապարտութեան պատիժներով (ԴԱՎ. 342): Ասով մէկտեղ արբեցութիւնը սովորական էր Պարսիկներու մէջ, մինչեւ իսկ թագաւորին զարմանք պատճառեց, որ Ասպահանէ Ղազբին էր քաշուած: Ասոր ներքին պատճառը իմանալու համար Նաջաֆղուլի բէկ անուն զգաստ եւ փոյթ պալատականի մը պաշտօն տրուեցաւ Էհտիմալ-Դոլվաթ եպարքոսէն` Ասպահան երթալ, եւ հետազօտութիւններ ընել: Շամշապատի բնակիչ Պարսիկներ թելադրեցին արքունական գրապահ կամ դիւանապահ պաշտօնէին, եւ նա պատեհ առիթով զգացուց Նաջաֆղուլի պատուիրակին, թէ բուն պատճառը գինի խմելու արտօնեալ Հայերու հետ խառն բնակութիւնն է, վասնզի մէկուն ձեռքը գինի տեսնուած ատեն, յայս ոմն Հայոց տանէ, եւ յայն ոմն Հայոց տուն տանիմ` կ՚ըսէ, եւ կ՚ազատի, եւ ուզողը Հայու մը տունը կը մտնէ ու կը խմէ, կամ կը գնէ եւ տունը կը տանի (ԴԱՎ. 244): Բաց աստի գետին ջուրն ալ, ուսկից Մահմետականներն ալ կը խմեն, շարունակ կը պղծուի, վասնզի Հայեր անոր մէջ կը լուան գինիի կարասները, եւ անոր մէջ կը վաթեն քաղցուէն աւելցած կնճիռը եւ օղիէն մնացած մրուրը (ԴԱՎ. 346): Նաջաֆղուլի գաղտնիքը գտած ըլլալու գոհունակութեամբ եպարքոսին հաղորդեց զայն, նա ալ թագաւորին առաջարկեց, եւ այսպէս տրուեցաւ 1655-ին Դաշտեցիներուն համար արքունի հրամանը (ԴԱՎ. 351): Շամշապատէ ելլելու, եւ գետին միւս կողմը Նոր-Ջուղայ եւ Գաւառապատ թաղերը փոխադրուելու: Հայեր թէպէտ ընդդիմացան, բայց վերջապէս եթէ ի հրամանէ թագաւորին, եթէ ի բռնութենէ իշխանացն եթէ ի հարստահարութենէ Մահմետականացն, անճար մնացին, եւ Դաշտեցի Հայերուն համար նշանակուած թաղերը անցան (ԴԱՎ. 347):

1725. ԱՍՊԱՀԱՆՑԻՔ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ

Շամշապատի Դաշտեցիներուն վրայ կատարուած առաջին հրամանը գոհացուցիչ արդիւնք տուած ըլլալով, միւս տարին 1656-ին միեւնոյն հրամանը գործադրուեցաւ Երեւանեցիներու վրայ (ԴԱՎ. 351), որոնց նախ բարեկամօրէն յանձնարարուեցաւ, գիւղաւագ խօջայ Յակոբջանին ձեռքով, բայց ոսպռ եւ բիրտ ազգս Հայոց, կը գրէ Դավրիժեցին, սկսան դժկամակ եւ դիմադարձ լինել, մինչեւ իսկ աղմուկով եւ աղաղակով թագաւորին դիմեցին, սակայն օգուտ չըրաւ, եւ թագաւորը զիշխանս հանդերձ զօրականօք վրանին ղրկեց, ուժգին բռնութեամբ հանելու համար: Բայց երբ յաճախեաց բիրն ի վերայ գլխոցն Հայոց այն ատեն զխելս եւ զգօնութիւնս յինքեանս բերեալ, ժամանակ եւ փոխարէն գետին խնդրեցին, որոնք իրենց շնորհուեցան (ԴԱՎ. 319): Միեւնոյն ատեն Շախշաբանցիներն ալ ստիպուեցան տեղերնէն ելլալ, եւ փոխադրուիլ Ջուղայեցիներու քովը իրենց ցուցուած հողերուն վրայ, եւ տեղափոխութիւնը լրացաւ 1659-ին (ԴԱՎ. 351), որով բուն Ասպահանի մէջէն Հայերը պարպուեցան, եւ Նոր-Ջուղան կատարեալ հայաքաղաքի ձեւ առաւ, եւ ստացուած արդիւնքը հետզհետէ հաճելի եւ սիրելի դարձաւ Հայերուն: Զի անով ազատեցան շատ մը անտեղութիւններէ, որոնք խառն բնակութեան հետեւանք էին, եւ խառնակ կենակցութեան դիւրութիւն կը մատակարարէին: Այս անտեղութեանց կարգէն էին շատերուն մտերմութիւն շատցնելով քրիստոնէութենէ ուծանալն եւ կրօնափոխ ալ ըլլալը: Մանաւանդ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, փոխադարձաբար իրարու սիրահարուելով ուրացութեան կը յորդորուէին, որպէսզի ուստերք մահմետականաց քրիստոնեայ աղջիկներ առնեն, կամ ուստերք քրիստոնէից մահմետականներու հետ ամուսնանան, եւ զայսպիսի բազումս տեսաք աչօք մերովք կը յարէ պատմիչը: Նիւթական դիւրութիւն ալ ունեցան Հայերը, զի քաղաքամիջի նեղ եւ անձուկ եւ սակաւաջուր բնակութեան տեղ, ընդարձակ յօրինուածով եւ ամարասուն հովանոցօք տուներ ունեցան պարտէզներէ շրջապատուած: Վերջապէս խառն բնակութեան պատճառով, մահմետականներ խածատեալ նենգէին եւ զզուէին քրիստոնեայ դրացիները, մինչ նոր բնակութեանց մէջ այդ ձանձրոյթներէ ալ ազատ` ի միում տեղւոջ գումարեալ ուրախութեամբ կենակցելու սկսան: Այս պատճառներով Հայերը մինչ առաջ դժուարէին, վերջէն դիւրսիրտ դառնալով սկսան գոհանալ, զի խնամարկութեամբ Աստուծոյ կատարեցաւ այս գործս (ԴԱՎ. 350):

1726. ԶԱՆԳԱԿԱՏԱՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յակոբի կաթողիկոսութեան սկիզբը նշանաւոր յաջողութիւն մը եղաւ զանգակատունին գործը, զոր Փիլիպպոս հիմնարկած էր ( § 1707), եւ որուն մինչեւ վերջ հակառակ էր կեցեր Մահմատղուլի կուսակալը ( § 1709), շարունակ սպառնալով շինուածն ալ քակել: Սակայն Աստուած պահեաց զզանգակատունն եւ զխանն քակեաց, կը գրէ պատմիչը: Մահմատղուլի իր գոռոզ բնաւորութեամբ անարգած էր եւ ի չմարդի ունէր թագաւորին կողմէ եկող իշխանները, որոնք դարձած ատեննին զինքն ամբաստանեցին եւ պաշտօնանկ ընել տուին, եւ յաջորդ նշանակուեցաւ Նաջաֆղուլի խան, որ հաւանաբար վերեւ յիշատակուած ( § 1724) միեւնոյն Նաջաֆղուլի բէկն է: Այդ փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ Փիլիպպոսի մահուընէ ոչ շատ ետքը, եւ Յակոբ ալ նոր եկող կուսակալին մտերմութիւնը մշակելով, երթեւեկութիւն առնելով ի դուռն նորա, եւ ոսկին ու արծաթը չխնայելով կուսակալէն եւ անոր շուրջը գտնուող իշխաններէն, յաջողեցաւ 1657 յուլիսին, Փիլիպպոսի մահուընէ երկու տարի ետքը, զանգակատունը լրացնելու հրամանը ստանալ, եւ ամէն փոյթ եւ ջանք թափելով, տարիէ մը զայն բարձրացուց ու աւարտեց` զանազան քանդակներով զարդարեց: Մէջը սեղան ալ կանգնելով անուանեց Սուրբ Հրեշտակապետ` խորհրդով Գաբրիէլեան փողոցն, եւ 1658-ին Խաչվերացին օրը, սեպտեմբեր 12-ին, զանգակատունին գաղութին խաչը օրհնեցին, եւ քակեցին զիսկալէն, այսինքն է վար առին շինութեան ծառայող լաստակառոյց կազմածը, որ կը նշանակէ գործին աւարտումը: Դավրիժեցին կը դիտէ թէ զանգակատունին վրայ գրեալ թուականքն այլապէս են (ԴԱՎ. 263), սակայն Մխիթարեան կ՚ըսէ թէ կաթողիկէին ներքին կողմը 1658 թուականը գրուած կը տեսնուի (ՎԱՂ. 24):

1727. ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ազգային կեանքին եւ մեծ աթոռներուն աղետալի անցուդարձերը պատմելու չանցած, յիշենք եւս Յակոբ կաթողիկոսի հայկական տպագրութեան համար ունեցած հոգածութիւնը: Այդ կենսական գործը Միքայէլ կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ Աբգար Եւդոկիացիի ձեռքով ստացած առաջին ազգային շարժումէն ետքը ( § 1557), թէպէտ ընդհատ, բայց ոչ սպառած ընթացք մը ունեցաւ, բայց միշտ Իտալական քաղաքներու եւ առաւելապէս Վենետիկի մէջ: Արեւելքի մէջ առաջին փորձը Խաչատուր Կեսարացիինը եղաւ 1640-ին ( § 1711), սակայն արդիւնքը գոհացուցիչ չէր արհեստական տեսակէտէն: Յովհաննէս Ջուղայեցին ալ ետ չէր եկած կատարելագործութիւն բերելու, եւ նոյն նպատակով 1637-ին Եւրոպա անցնող Յովհաննէս Անկիւրացին ալ իր գործունէութիւնը Իտալիոյ մէջ ամփոփած էր, մինչ Յակոբ կաթողիկոս հետամուտ էր արհեստը ազգային կեդրոնին մէջ զարգացնել: Այդ նպատակով, իր կաթողիկոսութեան սկիզբը Եւրոպա ուղարկեց Մատթէոս Ծարեցի սարկաւագը, որ Վենետիկ հասաւ 1656-ին, բայց պարտաւորուեցաւ 14 ամիս այնտեղ դեգերիլ իզուր. անկէ Հռոմ անցաւ, հոն ալ 8 ամիս մնաց ապարդիւն կառավարական արգելքներու չկրնալով յաղթել, եւ 1658-ին գնաց Հոլանտիոյ մայրաքաղաքը Ամսդելոտամ (Amsteldam) հին հնչմամբ, կամ Ամսդերտամ (Amsterdam) նոր հնչմամբ: Հայ տառերու նոր կաղապարներ կը սկսի պատրաստել տալ, բայց շատեր չեն օգներ, եւ միայն Աւետիս Ղըլըջենց Երեւանեցի վաճառականը դրամով եւ խորհրդով ձեռնտուութիւն կ՚ընծայէ, եւ 1660-ին կը սկսին Յիսուս որդի մը տպագրել: Բայց գործը չաւարտած 1661 յունուար 22-ին կը մեռնի Ծարեցին (ՏՊԱ. 98), եւ Աւետիս կը շարունակէ եւ կը լրացնէ, եւ ուրիշ գիրքեր ալ կը հրատարակէ, ընկերակցութեամբ Կարապետ Անդրիանեցի վարդապետին, որ Էջմիածինէ ղրկուած էր Ծարեցիին մահուանէ ետքը: Աւետիս իր իսկ եղբայրը` Ուշիի Ս. Սարգիսը նորոգող ( § 1713) Ոսկան Երեւանեցի վարդապետը խնդրած էր կաթողիկոսէն գործին գլուխ կանգնելու համար, եւ Ոսկան իրմէ առաջ փութացուցած էր իր աշակերտ Կարապետը, մինչեւ որ ինքն զանազան տեղեր հանդիպելով նպաստներ հաւաքէ եւ այնպէս երթայ (ՏՊԱ. 102): Այդ ամէն աշխատութեանց հովանաւորող եւ ոգեւորութիւն ներշնչողը միշտ Յակոբ կաթողիկոսն էր, որուն տպագրուած Աստուածաշունչ մը ունենալն էր` Սուրբ Գիրքը տարածելու համար:

1728. ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՔ ԵՒ ԿԱԼՈՒԱԾՔ

Յակոբի շինարարութեան արդիւնքներէն յիշած ենք վկայարաններուն նորոգութիւնները ( § 1704), Շամբուձորու Ս. Ստեփանոսի (ՋԱՄ. 24) որ է Դարաշամբու Ս. Նախավկայի ամբողջական վերաշինութիւնը ( § 1722), եւ վերջէն զանգակատունին աւարտումը ( § 1726), բայց շատ աւելի գործեր ալ լրացուց հետզհետէ, եւ առանձինն իր հոգածութեան առարկայ ըրաւ աթոռապատկան գիւղերուն ստացութիւնը ընդարձակել եւ ապահովել: Կաթողիկոսութեան սկիզբները Ասպահան ալ գնաց, որպէսզի Շահաբասէն առցէ հրաման վասն կաթողիկոսութեան իւրոյ, եւ մեծ յաջողութիւն գտաւ, եւ համարձակ ալ քրիստոնէութեան խորհուրդները բացատրեց շահին առջեւ: Այս առթիւ արքունի հրովարտակով ապահովեց Էջմիածին գիւղին տասանորդին վայելումը (ԶԱՔ. Բ. 60-62), եւ Շահաբասէ յոյժ սիրեցեալ ըլլալով, սաստիկ հրամանագրովք հաստատել տուաւ աթոռին իրաւունքները (ՋԱՄ. 24): Յակոբի օրով վանքապատկան գիւղերուն աւելցան Ամիրի` Գեղարքոնի գաւառին մէջ, Եայճի` Ծաղկունի գաւառը, Բոխենիս` Անբերդի հանդէպ, Ղարաղօյունլու` Արագածի վրայ, Մելիքի` Ապարան գաւառը, Օշական` Արագածի ոտքը, Նորագիւղ` Երեւանի մօտ (ՎԱՂ. 23), զոր մեր գիւղ կը կոչէ Երեւանեցին (ՋԱՄ. 24): Իսկ Զաքարիա կը յիշէ Քասաղ, Թեղնեաց, Սանտոյ, Սեւաւեր, Բաղռինճ, եւ Բիւրական գիւղերն ալ (ԶԱՔ. Բ. 62): Երկու տարբեր տեղերէ ալ ջուր հանելով եւ ընթացքը կանոնաւորելով, մէկը Նորգիւղի արտերը ոռոգելու, եւ միւսը Մայրաթոռին ներքին կիրառութեան յատկացուց, եւ նոյն ջուրերէ օգտուեցաւ ջրաղացներ եւ տնկիներ ալ բանեցնելու: Երեք տեղ ալ, Մոլլատուրան գիւղը, Ղռի այգին եւ Մանկասար ագարակը, շինեաց զերիս ծովակս, այսինքն է մեծ ջրամբարներ, որոնք ոչ սակաւ առնին զօգտութիւնս այգեաց եւ արտօրէից (ՋԱՄ. 24): Այսչափ ինչ Յակոբի բազմօգուտ ձեռնարկներու, եւ Մայրաթոռի ներքին գործերու վրայ գրելէն ետքը, անցնինք քաղել այն աղետալի անցուդարձերը, որոնց ասպարէզ դարձան Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի աթոռները:

1729. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ Կ. ՊՈԼԻՍ

Երբոր Փիլիպպոս 1653-ին Կ. Պոլիսէ Էջմիածին դարձաւ ( § 1709), Յովհաննէս Մուղնեցին Կ. Պոլսոյ, եւ Աստուածատուր Տարոնեցին Երուսաղէմի պատրիարքներ էին, երկու տեղերն ալ համեմատաբար խաղաղութիւն էր, եւ Բեթղեհէմի կալուածին եւ Ս. Փրկիչի վանքին համար յարուցուած խնդիրները Հայերուն նպաստաւոր կերպով վերջացած էին (ԱՍՏ. Ա. 342): Կոստանդնուպոլսոյ մէջ պատրիարքական աթոռին շուրջը յուզուող եւ զայն իրարու ձեռքէ խլելու խնդիրները լռած էին, ցորչափ կենդանի էր Փիլիպպոս, որ Մուղնեցին պատրիարքութեան անցուցած էր, բայց հազիւ թէ Փիլիպպոսի մահը լսուեցաւ` ձգտումներ զօրացան, գլխաւորապէս Եղիազար Այնթապցիի կողմէն, որուն կ՚օգնէր Մարտիրոս վարդապետ Կաֆացի իր ձեռնասունն ու պաշտպանեալը: Շուտով կազմուեցաւ նշանաւոր ազգայիններու խմբակ մը, որոնց հետ կը գտնուէր Ռուհիջան Վանեցի ( § 1697), եւ Մուղնեցին վար առնուեցաւ, սակայն յաջորդ չդրուեցաւ, վասնզի իշխանաւորներ իրենց ձեռնտու գտան տեղակալութեան ձեւը, զոր անգամ մըն ալ փորձած էին 1649-ին, եւ իրենց վրայ պահեցին պատրիարքական իշխանութիւնը, Կաֆացին գործածելով իբր փոխանորդ, որ իրենց անունով եկեղեցական գործերը կատարէ: Այդ փոփոխութիւնները տեղի ունեցան 1655-ին (ՉԱՄ. Գ. 664), Փիլիպպոսի մահուան տարին չլրացած: Ասկէ առաջ Երուսաղէմի մէջ վախճանած էր Գաբրիէլ Եթովպացի վարդապետ, Եթովպացւոց կամ Հապէշաց տեսուչը, որ յաջորդ չունեցաւ, եւ Եթովպացի կրօնաւորներն իրենց երկիրը երթալու առիթով, սրբավայրնին եւ կալուածնին Հայոց պատրիարքութեան յանձնեցին, որոնց հետեւորդներն էին արդէն: Բայց Յոյներ, որ Ծռազատիկի տարիէն ի վեր սաստիկ հակառակութիւն կը վարէին Հայոց դէմ ( § 1671), պատեհ գտան Հապէշներու մասերը յափշտակել, իսկ Հայերուն հնար չեղաւ որ դատարանով եւ ոչ Աղեքսանդրիոյ Ղփտի պատրիարքին վկայութեամբ իրաւունքնին պաշտպանել, եւ Աստուածատուր պատրիարք պարտաւորուեցաւ անձամբ Կ. Պոլիս երթալ, ուր հասաւ 1656-ին սկիզբները, տեղակալներու իշխանութեան միջոցին (ԱՍՏ. Ա. 344): Միեւնոյն ատեն Կ. Պոլիս դարձած էր Թովմաս Բերիացին, որ 1644-ին անուանական պատրիարքութենէ մը ետքը` Հռոմ փախած էր ( § 1696), եւ այժմ ետ կը դառնար ներքին շփոթութիւններէ օգտուելով, եւ դեսպանատուներու եւ անոնց ծառայող Հայերու ձեռքով պատրիարքութիւնը ձեռք ձգելու համար: Օսմանեան պետութեան վիճակն ալ ոչ նուազ խառնակ էր նոյն միջոցին, զի Եէնիչէրի եւ Սիփահի գունդեր ապստամբութիւն յարուցած էին իրենց ռոճիկներուն պատճառով, եւ եպարքոսներ եւ նախարարներ զոհ կ՚երթային իրենց պահանջումներուն: Հազիւ 1656 մարտ 8-ին քիչ մը հանդարտութիւն կրցած էր պատրաստել մեծ եպարքոս Չավուշ փաշա, այլ ամիսէ մը այն ալ կը մեռնէր, եւ իրեն կը յաջորդէր Պօյնուէյրի Մէհէմմէտ փաշա, եւ եպարքոսութեան տեղակալ Եուսուֆ փաշա` ապստամբներէն չորս հոգի ձեռք անցընելով կը գլխատէր մայիս 8-ին, եւ անով ապստամբութիւնը կ՚ընկճուէր (ԺՈՒ. 261):

1730. Ս. ՅԱԿՈԲԱՅ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ

Աստուածատուր պատրիարք, Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի ձեռնտուութենէ յուսաբեկ, Եղիազար Այնթապցիին հետ համաձայնութեան կը մտնէր, վստահելով անոր վարչական եւ դրամական կարողութեանց վրայ, եւ կը խոստանար յաջողած ատեննին Երուսաղէմի գործերը անոր յանձնել փոխանորդի անունով: Իրօք ալ ուղղակի նոր եպարքոս Պօյնուէյրիին կը դիմէին Ռուհիջանի միջնորդութեամբ, եւ կը ստանային Հապէշներու սեփականութիւնները Հայոց յանձնելու հրովարտակը: Եղիազար զայն առած կը փութար Երուսաղէմ, եւ կը տիրանար խնդիրի ներքեւ եղող կալուածներուն` եւ կը կարգադրէր Հայոց իրաւունքները Բեթղեհէմի տաճարին վրայ (ԱՍՏ. Ա. 349): Այդ պարագային կը պատմուի Եղիազարի Հայոց վանքին մէջ պահուած 200, 000 դահեկանի արժողութեամբ ոսկի եւ արծաթ դրամներ գտնելը, զորս Գրիգոր Պարոնտէր ծածկած է եղեր, եւ ծածկագրութեամբ դեղին մոմի եւ սպիտակ մոմի անուններով տետրներու մէջ նշանակուած: Ինչ ալ ըլլան գիւտին պարագաները, Եղիազար արդէն դրամական կարողութեան տէր, ասով անգամ մըն ալ զօրացաւ, եւ գումարները մասամբ գործածել սկսաւ, եւ մասամբ գաղտնի տեղեր պահեց (ՉԱՄ. Գ. 666): Բայց յաջողութիւնը շատ չտեւեց, զի 1656 սեպտեմբեր 5-ին Պօյնուէյրին ալ փոխուեցաւ, եւ տեղը անցաւ Քէօբրիւլիւ Մէհմէտ փաշա, լիազօր իշխանութեան պայմանով, եւ անկէ օգտուեցան Յոյներ` նոր հրովարտակ մը ընդունել իրենց նպաստաւոր, Հապէշաց սեփականութիւնները գրաւելու, եւ Եղիազարը իբր յանցապարտ ձերբակալելու: Աստուածատուրի դիմումներ արդիւնք չունեցան, ընդհակառակն Յոյներ նոր ամբաստանութիւններ բարդեցին Եղիազարի եւ ընդհանրապէս Հայոց վրայ, եւ Ս. Յակոբն ալ գրաւելու հրովարտակ ստացան: Եղիազար պարտաւորուեցաւ թաքչիլ, եւ Աստուածատուր յուսակտուր Երուսաղէմ դարձաւ այն տեղ աշխատելու համար: Երկուքը մէկտեղ շահեցան Երուսաղէմի կուսակալ Հասան եւ Գազայի կուսակալ Հիւսէյին փաշաները, որոնք անմիջական գործադրութիւնը յապաղեցին: Ասոնց ձեռքով կրցան շահիլ Դամասկոսի մեծ կողմնակալն ալ, Թիյարօղլու կոչուած, որ առաջ Եղիազարը բանտարկած էր, բայց ապա թողուց, անոր ձեռքէն ստանալով Ս. Յակոբայ մայրավանքին բանալիները, զորս իր մօտ իբր աւանդ պահեց, եւ վանքին դուռներն ալ կնքեց, բայց միանգամայն Հայոց նպաստաւոր գիր ալ ղրկեց Քէօբրիւլիին: Անկէ առաջ Աստուածատուր եւ Եղիազար ճամբայ հանած էին Դաւիթ Բերիացի եպիսկոպոսը, եւ անոր ձեռքով բաւական գումար ալ յղած Ռուհիջանի, որ Երուսաղէմի փոխանորդութիւնն էր ստանձնած, պատշաճը հոգալու: Բայց թէ Դաւիթի ու Ռուհիջանի դիմումը, եւ թէ Թիյարօղլուի գիրը օգուտ չունեցան, եւ Քէօփրիւլիւն կրկնեց իր հրամանը Ս. Յակոբը Յոյներուն յանձնելու, եւ Եղիազարը իբր գլխապարտ Կ. Պոլիս յղելու: Այս պատճառով Հայեր իրենց վանքէն հեռացուած թափառական կը մնային Երուսաղէմի մէջ, իսկ Եղիազար ձեռք չիյնալու համար` Դամասկոսի եւ Գազայի եւ Եգիպտոսի կողմերը կը դեգերէր, տեղ մը դադար չ՚ընելով: Այսպէս անցաւ ձմեռը, եւ նոր տարւոյ 1657-ի զատկին, որ մարտ 29-ին կը հանդիպէր, Թիյարօղլուն առժամապէս ներեց Հայերուն, զատիկնին Ս. Յակոբի մէջ ընել, նորէն բանալիները ետ առնելու եւ դուռերը կնքելու պայմանով: Այս պատճառով Քէօփրիւլին աւելի զայրացաւ Թիյարօղլուի դէմ, եւ կրկնեց իր առջի հրամանները, որով շփոթ կացութիւնը կը շարունակէր Երուսաղէմի մէջ:

1731. Կ. ՊՈԼԻՍ ԵՒ ՍԻՍ

Իսկ Կ. Պոլսոյ մէջ տեղակալութեան ձեւը նորանոր անկարգութեանց դուռ կը բանար: Պատրիարք չգտնուելուն վեց թաղերուն կամ վեց մեծ եկեղեցիներուն աւագները ուզածնուն պէս կը գործէին եւ իրարու հետ կը կռուէին, եւ Կաֆացին որ իբր փոխանորդ կը գործէր, ոյժ չունէր զանոնք զսպել: Առիթէն ջանաց օգտուիլ Ղազար Սեբաստացի աբեղայ մը, որ առաջ Կ. Պոլիս էր ապրած, ետքէն Էջմիածին գացած, եւ չկրնալով Փիլիպպոսէ եւ Յակոբէ վարդապետութիւն ստանալ, Կ. Պոլիս էր դարձած, եւ Կաֆացիին յարելով, վերջապէս անկէ վարդապետութեան աստիճան առած էր: Երկուքը մէկտեղ Էջմիածինի վրայ չարախօսելու կը հետեւէին, անուղղակի կերպով նախորդ պատրիարք Մուղնեցին վատաբանելու համար, որ պատրիարքութենէ ելնելէ ետքը ( § 1729) Էջմիածին էր դարձած: Կ. Պոլսոյ մէջ Ս. Նիկողայոսի եւ Ս. Աստուածածնի թաղերը` Կաֆացիին եւ Ղազարին կեդրոնն էին դարձած, ուր եկեղեցիներու մէջ իրենց շաղակրատութիւնները կը խօսէին, մինչեւ որ ժողովուրդներ զայրացան, աւելի Ղազարի վրայ, եւ զայն ձեռք ձգել ուզեցին: Իսկ երբ Ղազար պահուըտեցաւ, իբրեւ խռովարար ամբաստանեցին, Ս. Նիկողայոսի քահանաներուն եւ թաղեցիներուն սպառնացան, բայց ասով ալ չյաջողեցան: Այդ միջոցին Կ. Պոլիս կը գտնուէր Կիլիկիոյ կաթողիկոս Թորոս, որ 1653-ին յաջորդած էր Ներսէս Սեբաստացիին, այն որ Փիլիպպոսի հետ Երուսաղէմի խաղաղութիւնը կնքած էր ( § 1690): Թորոս ալ Սեբաստացի էր ինչպէս կը վկայէ Քէօմիւրճեան, գրելով Թորոս Սեբաստացի կաթուղիկն Կիլիկիոյ տան (ՉԷԼ. 51), թէպէտ ուրիշներ Սսեցի կը գրեն (09. ՕՐԱ. 283): Սա երկարակեաց չէ եղած, եւ 1657 ապրիլ 29-ին վախճանած է Կ. Պոլիս եղած միջոցին, այլ որոշ չենք գտներ անոր մահուան պարագաները: Միայն կը պատմուի թէ Մարտիրոս Կաֆացին, որ 1657 փետրուար 8-ին սկսող մեծ պահքին սկիզբը Երուսաղէմ էր գացած, ճիշդ ապրիլ 29-ին Կ. Պոլիս դարձաւ, եւ Խաչատուր Սեբաստացիին հետ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Թորոսի յուղարկաւորութեան գտնուեցաւ, որ թաղուեցաւ Պալըքլըի գերեզմաննոցը, ուր կը տեսնուի տակաւին իր գերեզմանը նորոգեալ տապանագրով: Խաչատուր Սեբաստացին առիթէն կ՚օգտուի Թորոսի յաջորդութիւնը ձեռք ձգել, Կ. Պոլսոյ եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրին հարիւրական ղուրուշ նուիրելով, եւ հրովարտակն ստանալով կ՚երթայ Սիս, եւ կ՚օծուի 1657 յունիս 17-ին: Այս առթիւ Ղազար ալ Կ. Պոլիսէ կը հեռանայ Խաչատուրին յարելով, եւ անշուշտ անոր կաթողիկոսութեան օգնած ըլլալուն համար անմիջապէս եպիսկոպոս ալ կը ձեռնադրուի Տիվրիկի վիճակին վրայ (ՉԱՄ. Գ. 669), թէպէտեւ քիչ ետքը նորէն Կ. Պոլիս կու գար, նոր ոտնձգութեանց սկսելու` աւելի զօրութեամբ: Կաֆացին ալ իր քաղաքն էր գացած այն կողմէն միջնորդութիւն ճարելու յոյսով:

1732. Ս. ՅԱԿՈԲ ՅՈՅՆԵՐՈՒՆ

Հայերուն ոյժը նուազած ըլլալուն Թիյարօղլուն անոնց կողմէ շահի ակնկալութիւնն ալ քիչցած տեսաւ, մանաւանդ զատկին առթիւ ըրած թոյլտուութեամբը Քէօբրիւլին զայրացուցած ըլլալը բուժել ալ ուզելով, Հոգեգալուստին օրը 1657 մայիս 17-ին, Ս. Յակոբի բանալիները յանձնեց Յոյներուն, որոնք անարգել գրաւեցին Հայոց վանքը, սպաներուն եւ ինչքերուն տիրացան, մեծ դուռը Հայոց դէմ գոցեցին, եւ Կողմնակի անցքէ մը ներեցին մտնել. անարգ թաղի մը մէջ տեղ ցուցուցին մնալ ուզողներուն, եւ այլեւս չափ չկար Հայոց դէմ ըրած նախատինքներուն եւ ցուցած յոխորտանքներուն (ՉԱՄ. Գ. 670): Բայց երբ լրացած կ՚երեւէր Յոյներու յաղթանակը, յանկարծական պատահար մը կերպարանափոխ ըրաւ կացութիւնը: Մեծ դաւաճանութիւն մը յայտնուեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ, որուն պատճառով 4000 հոգի սպանուեցան եւ դիակնին ծով նետուեցաւ: Յոյներու Պարթենիոս Գ. պատրիարքին գիրերն ալ ձեռք ինկան, եւ յանցապարտ դատուելով Փարմաքքաբուն կախուեցաւ իր պաշտօնական տարազով, եւ դիակը ծով նետուեցաւ (ԺՈՒ. 263): Ուրիշ Յոյներ ալ փնտռուեցան եւ ցրուեցան, եւ նոյնիսկ Երուսաղէմի Յոյն պատրիարքն ալ պարտաւորուեցաւ խոյս տալ եւ թաքչիլ:

1733. ՏԵՂԱԿԱԼՆԵՐ ԵՒ ԹՈՎՄԱՍ

Այդ արկածէն քիչ առաջ, Քէօբրիւլին միտք ունէր Հայերուն գործերը կարգադրել, ուստի ստիպած էր պատրիարք մը դնել, եւ տեղակալները բանտարկել տուած: Ասոնք 10, 000 դահեկանի տուգանքով ազատած էին, եւ տարեկան 100, 000 փող պատրիարքարանի 140, 000 հազարի բարձրացնելով ընտրութիւնը յետաձգել տուած կը կարծէին: Բայց Թովմաս Բերիացին մեծ եպարքոսին մօտ երթալով Ադրիանապոլիս, եւ պատրիարքարանի տուրքը 400, 000 փողի բարձրացնելով, պատրիարքութեան հրովարտակ կը ստանար, եւ առջեւէն իբր իր փոխանորդներ կը ղրկէր Նիկողայոս Թուլկուրանցի ու Դաւիթ Բերիացի վարդապետները, եւ Աստուածատուր Վանեցի երէցը: Անոնց ետեւէն ինքն ալ կը հասնէր Կ. Պոլիս 1657 մայիս 13-ին, եպարքոսութեան տեղակալ Սինան փաշայի հետ: Թուականները բաղդատելով կը տեսնենք, որ այդ գործը տեղի կ՚ունենար Ս. Յակոբի գրաւումին հետ միեւնոյն օրերը ( § 1730): Յիշեալ Աստուածատուր երէցը նոյն ինքն Թըլթըլ մականուանեալն է, այսինքն է Թոթովախօս, յախուռն եւ ձեռներէց քահանայ մը, որուն անունով կուսակցութիւնն ալ Թըլթըլեան կոչուեցաւ, եւ Թովմաս Բերիացիին կողմնակից ըլլալուն, լատինասիրութեան եւ օտարամոլութեան կերպարանը առաւ վրան, թէպէտ իսկապէս պարզ կուսակցութիւնն էր պառակտումներուն շարժառիթը: Անհնարին շփոթութեանց միջոց մը կը ներկայէ 1657 տարւոյ երկրորդ կէսը: Վերագոյնդ յիշեցինք դաւաճանութեան մը յայտնուիլը եւ Յոյն պատրիարքին մահապարտութիւն եւ Յոյներու լքումը: Թերեւս այդ պատճառով Հայերուն նպաստաւոր վիճակ մը ստեղծուէր, բայց Թովմասի հանած փորձանքը ներքին պառակտումը աճեցուցած էր: Տեղակալներու խումբը 24 հոգիներու աճած էր, իրեն հովանաւոր ունենալով Ռուհիջանը, որոնցմէ 15-ին անունները յիշուած են, եւ են, Խօջայ Տավութ, Սէֆէր Խանճի, Շէհրի Արալիճի, Պէկլէր Էքմէքճի, Գրիգոր Քէրէստէճի, Յարութիւն Եաղճի, Սիմոն Պօտուր, Յարութիւն Պալի, Հաճի Կոստիկ, Ֆէրհատ օղլու, Մկրտիչ, Մուրատ, Էխթիկ, եւ երկու երէցներ` Սիմէոն եւ Քիւրքճիւ օղլու: Թերեւս Յոյներու անկումով Հայերը շահէին, գլխաւորապէս Ս. Յակոբի խնդիրին մէջ, սակայն միւս կողմէն պետական ապստամբութիւն մը կազմած էին Ասիակողման 18 կուսակալներ, գլուխնին ունենալով Ապազա Հասան փաշան, եւ յայտնապէս Քէօբրիւլիին անկումը պահանջելով (ԺՈՒ. 265): Ապստամբներէն մէկն էր Թիյարօղլուն, եւ Եղիազար Այնթապցին ալ անոր մօտ կը գտնուէր, Ս. Յակոբի վանքը պաշտպանելու համար, որուն Թիյարօղլուն կը խոստանար` Քէօբրիւլին տապալելէ ետքը գործը կարգադրել: Այնթապցին արդէն Քէօբրիւլիէն հալածուած ( § 1729), կրկին ատելի դարձած էր Թիյարօղլուին ապաւինած ըլլալովը, որով թէ Հայերուն գործերը, եւ թէ մասնաւորապէս Ս. Յակոբի գործը, պաշտպանութիւն չէին գտներ կառավարութեան առջեւ: Ռուհիջան եւ տեղակալներէն ոմանք Ադրիանուպոլիս դիմեցին Թովմասի պատրիարքութեան դէմ բողոքելու, բայց հարուածովք գանից վռնտուեցան, եւ Թովմաս ետեւնէն երթալով իր պաշտօնին համար նոր հաստատութիւն ստացաւ, եւ այնպէս Կ. Պոլիս դարձաւ, բայց ազգը չէր ուզեր զայն ճանչնալ, եւ ոչ հրամանները կ՚ընդունէր: Իսկ Թովմաս ալ Գումքաբուի պատրիարքարանն իսկ մտնել չէր համարձակեր, եւ առանձնացեալ կ՚ապրէր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյն ժամատունը, շրջապատուած Պօսթանճի գունդէն պահակներով, 20 քսակի վարձքով (ՉԱՄ. Գ. 672): Այս կացութեան մէջ կ՚անցնէին 1657 տարւոյ վերջին, եւ 1658 տարւոյ առաջին ամիսները:

1734. ԹՈՎՄԱՍԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Հայերուն համար մեծ փորձանք մըն էր Ս. Յակոբի Յոյներէն գրաւուիլը, բայց կարծես թէ այն կը մոռցուէր Թովմաս Բերիացիին բռնակալ պատրիարքութեան հանդէպ, որ ազգին կամքին հակառակ կաշառքի զօրութեամբ եւ պետական բռնութեամբ իշխանութիւնը ձեռք անցուցած, կեղեքմանց եւ անիրաւութեանց կը ձեռնարկէր, յանձնառու եղած գումարները ճարելու համար: Մասնաւոր պարագայ մը տժգոհութիւնը կ՚աւելցնէր, զի Թովմաս ձեռք ձգած հրովարտակին մէջ Երուսաղէմն ալ իբր իրեն ենթարկեալ անցընել տուած էր: Տեսնելով որ Թովմաս կաշառքի ոյժով պաշտպանութիւն կը գտնէ կառավարութեան մէջ, հակառակորդները ստիպուեցան ուրիշ զէնքով զայն տապալել, եւ յօգուտ գործածելով Թովմասի տասը տարիներ Հռոմ մնալը, կատարելապէս Ֆրէնկներու հետ համաձայնիլը, եւ անոնց տարազն ու կենցաղն ալ ընդունած ըլլալը, զայն կասկածելի ներկայեցին կառավարութեան աչքին, եւ վկաներ ալ ներկայացուցին Թովմասի Հռոմի մէջ ունեցած ընթացքը հաստատելու: Սինան փաշա եպարքոսութեան տեղակալ` դատական քննութեան նստաւ, եւ Թովմասը պարտաւոր գտնելով, բանտարկեց զայն Գանլըգույու կոչուած, մահապարտներու արգելարանը, իր փոքրաւոր Մելիտոն աբեղային հետ, 1658 յուլիս 3-ին (ՉԱՄ. Գ. 673): Սակայն ազգայիններ հետամուտ էին, որ Թովմաս բոլորովին իսկ մէջտեղէ վերնար հեռաւոր աքսորով կամ որեւէ կերպով, զի գիտէին թէ անհնար չէր կաշառքի զօրութեամբ բանտէն ալ իշխանութեան դառնալ: Ուստի նորէն պէտք եղած ճիգերը շարունակեցին, եւ վեց թաղերու, այսինքն Գումքաբու, Սամաթիա, Պալաթ, Ղալաթիա, Հիսարտիպի եւ Չինիլիհամամ թաղերու եկեղեցականներն ու իշխանները այս անգամ միաձայնութեամբ, մուրհակ ալ կնքեցին ըլլալիք ծախքերը վճարելու, Թովմայէ պահակներուն խօստացուած վարձքը առաւելօքը փոխարինելու, եւ պետական պաշտօնեաներու պէտք եղած հատուցումներն ընելու: Գործին ոյժ տալու համար, իրենց կողմը շահեցան նաեւ Աստուածատուր պատրիարքը, որ Ս. Յակոբին Յոյներուն յանձնուելէն ետքը, տեղւոյն վրայ յաջողութիւն չգտնելով մայրաքաղաք էր եկած, Ս. Յակոբի սեփականութեան համար պէտք եղած հրովարտակն կառավարութենէն ստանալու համար: Աստուածատուր պատրիարք ուշնուրուշը Երուսաղէմի տուած, կ՚ուզէր Կ. Պոլսոյ աթոռին խնդիրներուն չխառնուիլ. նոյն միտքով գրած էր Այնթապցին ալ Թիյարօղլուի բանակէն, թէ գլխաւոր խնդիրը Ս. Յակոբն է, եւ ոչ պատրիարքի անձը: Սակայն Կ. Պոլսոյ հասարակութեան աչքին Երուսաղէմ ետեւ կը մնար, եւ բոլոր մտադրութիւննին գրաւուած էր Թովմայի բռնակալ եւ կաշառագին պատրիարքութեամբը: Այս պատճառով Այնթապցիին նամակը նկատի չ՚առին, եւ Աստուածատուրը համոզեցին թէ Երուսաղէմի գործը յաջողութիւն չի կրնար գտնել ցորչափ Թովմաս կը մնայ, եւ այսպէսով անկէ ալ Թովմայի դէմ դատապարտութեան եւ նզովից գիր առին, եւ կրկին զօրացած` ամբաստանութիւնները սաստկացուցին. այնչափ որ Սինան փաշա, եպարքոսութեան տեղակալը, Թովմայի մահապարտութեան հաւանեցաւ, առանց գործադրութիւնը հրապարակաւ կատարելու: Ըստ այսմ դեղատուութեամբ մեռաւ Թովմաս բանտին մէջ, իբր թէ իւրովի մեռած ըլլար, եւ 1658 օգոստոս 1 կիրակի առտուն դիակը բանտին առջեւ նետուեցաւ ի ձաղանս, ըստ սովորութեան. եւ երկու օր այսպէս մնալէ ետքը, օգոստոս 3-ին երեքշաբթի օր ծով նետուեցաւ Ուկեղջուրի կողմը: Որչափ ալ տգեղ ըլլայ Թովմայի անձին վրայ կատարուած աղետալի վրէժխնդրութիւնը, ալ աւելի տգեղ պէտք է դատուի Թովմայի եպերելի փառասիրութիւնը, որ նենգութեամբ եւ կաշառքով հանրութեան կամքին հակառակ աշխատեցաւ պատրիարքութեան տիրանալ, եւ բռնութեամբ զայն պահել: Եթէ փորձանքի հանդիպեցաւ, գրգռութիւնը իր կողմէն տրուեցաւ: Անոնք որ Թովմայի նախընթացաբար Կաղանոսի հետեւած ըլլալէն ( § 1693) եւ տասը տարի Հռոմ ապրելէն, բոլոր այդ անցուդարձը Թովմայի հռոմէական ըլլալուն կը վերագրեն, եւ ազգայիններուն ըրածը հռոմէականութեան դէմ հալածանք մը կը ցուցնեն, պէտք է դիտեն, որ հռոմէականութիւնը աւելի անարգուած է Թովմայի վատ եւ շահասէր եւ փառամոլ ընթացքովը, քան իրեն ընդդիմադիրներուն հակառակութեամբը: Միւս կողմէն ալ պէտք է համոզուին, թէ Հայութիւնը լատինասէր եւ հռոմէական չէ եղեր, ինչպէս կը սիրեն կարծեցնել:

1735. ՊԱՐՏՔԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Թովմայի պատրիարքութիւնը, թէպէտ իբր 15 ամիս տեւողութիւն ունեցած էր, բայց իրապէս անուանական մնացած էր, գրեթէ նման իր առաջին պատրիարքութեան ( § 1696), վասնզի միեւնոյն միջոցը պատրիարքարանը տեղակալներուն ձեռքն էր, թէպէտ յայտնի չէ թէ ով եղած էր իրենց կողմէն եկեղեցական փոխանորդը Կաֆացիին մեկնելէն ետքը ( § 1730): Երբոր Թովմայի մեռնելով պատրիարքի անուն կրողն ալ պակսեցաւ, տեղակալներ աւելի համարձակութեամբ գործերնին սկսան շարունակել, օգտուելով դարձեալ Կաֆացիին գործակցութենէն, որ նոյն միջոցին Կաֆայէ Կ. Պոլիս կը դառնար: Անոր յորդորներով նորէն ձեռք առնուեցաւ Ս. Յակոբի սեփականութեան խնդիրը: Այդ նպատակով Կաֆացին ընկերներով Քէօբրիւլիին հետ տեսակցելու գնաց, երբ նա ալ Մաճառներու պատերազմէն կը դառնար, բայց խիստ ու զայրացկոտ ընդունելութեան հանդիպելով, գացողները հազիւ կրցան ազատօրէն ետ դառնալ: Թըլթըլեանը այդ պարագայէն քաջալերուելով նոյն ինքն Թըլթըլերէցին գլխաւորութեամբ Քէօբրիւլիին տեսակցութեան գացին հոկտեմբեր 14-ին, իրենց հակառակորդները ամբաստանելով, Թովմայի մահը մէջ տեղ դնելով, եւ այդ երեսէ եղած ծախքերուն համար իրենց նեղուիլը աւելցնելով: Քէօբրիւլին ասոնք ալ ետ դարձուց, Կ. Պոլիս հասնելէն ետքը գործը նայելու խոստումով, եւ ահա երրորդ պատգամաւորութիւն մը կու գայ Ռուհիջանի գլխաւորութեամբ, եւ տեղակալներէն եօթը հոգիներու ընկերակցութեամբ, որոնք Քէօբրիւլիին կը հանդիպին Չէքմէճէ կոչուած աւանը, բայց կը ձերբակալուին, եւ Կ. Պոլիս բերուելով կը բանտարկուին: Թըլթըլեանք քաջալերուած` ամբաստանութիւնները կ՚ընդարձակեն եւ կը ծանրացնեն, բոլոր տեղակալներու համար ձերբակալութեան հրաման կ՚ելլէ, նոյն ինքն եպարքոսութեան տեղակալը կ՚ամբաստանուի եւ կը յանդիմանուի, բայց վերջապէս կը յաղթէ նորէն շահեցողական մեծ միջոցը, որ է արծաթը, եւ ամէնքը կ՚արձակուին, եւ այս անգամ Թըլթըլեանք կը սկսին վախնալ որ չվտանգուին: Երկու կողմերուն մէջ ծանր վէճեր կը յուզուին, Թովմայի դէմ գործողութեանց առթիւ եղած ծախքերուն եւ խոստացուած գումարներուն վճարման համար, որոնք հարիւրաւոր քսակաց գումարներ կը կազմէին, եւ նախընթաց պայմանագրութեան համեմատ հաւասարապէս վեց թաղերու վրայ կը ծանրանային ( § 1733): Այլ այժմ Թըլթըլեանք կը խուսափէին եւ գլխաւորապէս Ս. Սարգիսի եւ Չինիլիհամամի թաղեցիները, որոնց մեծամասնութիւնը Թըլթըլեանց կողմէն էր: Այս կերպով մէկ կողմէն ներքին վէճեր կը յուզուէին, եւ միւս կողմէն բռնի հանգանակութիւններ կը շարունակէին, զի եպարքոսական հրամանը վճարումը անխտիր ամէնուն վրայ ծանրացուցած էր (ՉԱՄ. Գ. 678): Իսկ Երուսաղէմի գործը նորէն մոռացութեան տրուած էր, կառավարութիւնն ալ Հայերուն գործին շատ մտադիր չէր, զի Ասիակողման ապստամբները հետզհետէ մայրաքաղաքին կը մոտենային ( § 1731): Մուրթէղա փաշա անոնց դէմ ղրկուեցաւ, բայց յաղթուեցաւ 1658 դեկտեմբեր 11-ին Ըլկընի ճակատամարտին մէջ: Նա չյուսահատեցաւ, եւ նենգութեան դիմեց, սուտ հրատարակութիւններով ապստամբներուն մէկ մասը շահեցաւ, հրամանատարնին Ապազա Հասանը մօտը բերել տուաւ, եւ սիրալիր ընդունելութենէ եւ մեծահաց կոչունքէ ետքը, զայն սպաննել եւ բոլոր հետեւորդները կոտորել տուաւ 1659 փեթրուար 17-ին: Այսպէս ընկճեցաւ ապստամբական շարժումը (ԺՈՒ. 265), եւ այդ առթիւ ձերբակալուեցաւ ու գլխատուեցաւ Թիյարօղլուն ալ (ԱՍՏ. Ա. 362), Երուսաղէմի բարեկամ կուսակալը ( § 1733):

1736. ԵՂԻԱԶԱՐ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ

Եղիազար Այնթապցին, որ տարիէ ի վեր Թիյարօղլուի ձեռքին ներքեւ ապստամբներու բանակին հետ էր, քանիցս մայրաքաղաքի գլխաւորներուն գիրեր եւ գումարներ հասուցած էր Ս. Յակոբի խնդիրին համար, առանց արդիւնք մը տեսնելու: Ապստամբաց հետ գտնուելուն համար կառավարութենէ վախնալով, վարանոտ վիճակ մը ունէր. բայց վերջապէս որոշեց խոյս տալ Թիյարօղլուի քովէն, եւ որոշ դեր մըն ալ չստանձնելով եւ հրապարակ չելլելով, անծանոթ բնակիլ Կ. Պոլսոյ մօտերը, իրեն նախածանօթ Մէհմէտ աղայի մը պարտէզին մէջ: Եղիազար այդպէս ապրեցաւ 1658 նոյեմբերէն մինչեւ 1659 փետրուար, եւ միայն Կաֆացին եւ քիչեր գիտէին իրողութիւնը եւ լռելեայն կ՚աշխատէին, թէ' Ս. Յակոբի վանքին, եւ թէ' Եղիազարի ապահովութեան համար: Բայց վերջապէս Թըլթըլեանք լուր առին, եւ Շէկ Գասպար մը կառավարութեան իմացուց, խնդրակներ ելան, եւ Եղիազար ձերբակալուած մեծ եպարքոսին ատեանը հանուեցաւ, որ շատոց ետեւէ էր զայն ձեռք ձգել եւ դատապարտել: Եղիազար ճարտար պատասխաններով ջանաց շիջուցանել Քէօբրիւլիին զայրոյթը, որ թէպէտ զգածուեցաւ, բայց չհանդարտեցաւ, եւ միայն հրամայեց շղթայակապ բանտարկել Եէնիչէրիներուն պահականոցին մէջ: Ձիւնապատ եւ ցրտաշունչ գիշեր մըն էր, 1659 փետրուար 18-ին, երբ Եղիազար բանտ առաջնորդուեցաւ Մեծպահոց առաջին ուրբաթին: Ոչ ոք համարձակեցաւ անոր մօտենալ, միայն Երեմիա Քէօմիւրճեան, պահապանները հաճեցնելով մօտը գնաց. ելաց եւ լացոյց, զի մօտալուտ մահապարտութեան նշան էր այդ ընթացքը: Եղիազար անոր յանձնեց իր կնիքները եւ վրան եղող 500 ոսկւոյ ծրարը, որ Ռուհիջանին յանձնէ, իբրեւ Երուսաղէմին գործակալի կամ փոխանորդի: Օրեր անցան եւ մահապարտութեան կասկածը չճշմարտուեցաւ, մանաւանդ զգուշութիւններն ալ թուլցան, եւ Եղիազարի այցելութիւններ ներուեցան: Սա ոգի առած առաջին սարսափէն, սկսաւ յանձնարարել որ բոլոր աշխատանքնին Ս. Յակոբի համար գործածեն. եւ իրեն համար չհոգան. մինչեւ իսկ Կաֆացիին նամակ գրելով յայտարարեց, որ ոք կամիցի հանել զիս աստի, առանց կամելոյ հոգ տանիլ ազատութեան Ս. Յակոբայ, նզովեսցի յԱստուծոյ: Բայց Եղիազարի համար աշխատողներ չկասեցան, դիմումները շարունակեցին, եւ վերջապէս Քէօբրիւլին հրամայեց Եղիազարը արձակել, մինչեւ իսկ առանց իրիք տուգանաց, որ առաջին տեսակցութենէ մնացած տպաւորութեան պիտի վերագրուի: Եղիազար Ղալաթիա եկաւ 1659 մարտ 22-ին, Մեծ պահոց վեցերորդ երեքշաբթին, 32 օրուան շղթայակապ բանտարկութենէ մը ետքը (ՉԱՄ. Գ. 681):

1737. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Հազիւ թէ Եղիազար բանտէ ազատեցաւ, մտադրութիւն դարձուց Ս. Յակոբի գործին հետեւիլ, եւ Կ. Պոլսոյ մէջ տիրող կացութիւնը բարւոքել: Տեղակալներու իշխանութիւնը` իրեն տեսութեամբ ալ ապօրինի բան մըն էր, մանաւանդ որ Երուսաղէմի համար հոգ տարած չէին, եւ իրենց հովանաւորող Ռուհիջանի հետ, իրենց կամքին ծախսած էին այն գումարները` զորս Եղիազար անոր հասուցած էր Երուսաղէմի խնդիրները վարելու համար: Թըլթըլենք արդէն ընկճուած էին Թովմասի մահուընէ ետքը, եւ մեծ եպարքոսին առջեւ ալ համարձակութիւննին կորուսած, ուստի կամայ ակամայ մասնակցեցան հասարակաց պարտք կոչուած գումարին մնացորդին վճարման ( § 1733), եւ այսպէս այդ խնդիրը փակուեցաւ շուտով: Բայց նոր խնդիր մը բացուեցաւ զատկին օրը, ապրիլ 3-ին, Տաճիկներէ փոխ առնուած 14, 000 դահեկանի վճարման համար, զոր տեղակալներ ծախսած էին Թովմայի սպանութիւնը փութացնելու: Տեղակալներ իշխանաբար կ՚ուզէին զայն Երուսաղէմացւոց վճարել տալ, այլ Աստուածատուր պատրիարք եւ Մարտիրոս Կաֆացին վրաներնէն նետեցին, վճարելու անկարողութիւննին յայտնելով: Այն ատեն դարձան Եղիազարի վրայ ծանրանալ, բայց նա ընդհակառակն սկսաւ տեղակալները ամբաստանել, Ռուհիջանն ալ միատեղ, թէ Երուսաղէմի գումարները իրենց կամքին ծախսեցին, եւ ինքն սկսաւ իր տուած գումարները պահանջել անոնցմէ: Կառավարութեան առջեւ ալ նոյնը կրկնեց, երբ տեղակալներ գործը դատարանի հանեցին, եւ ժողովուրդին մէջ ալ նոյն խօսքերը տարածեց, մինչեւ որ ամէնքը տեղակալներու իշխանութիւնը վերջացնելու համար, Եղիազարը պատրիարք անուանել ուզեցին, բայց Եղիազար յանձնառու չեղաւ, եւ ընտրելի ներկայացուց Կաֆացին: Ժողովուրդն ալ հաւանեցաւ եւ պաշտօնապէս կառավարութեան ներկայացուց, եւ 1659 մայիս 25-ին, Կարմիր կիրակիի երկուշաբթին, Մարտիրոս վարդապետ Կաֆացի, դեռ եպիսկոպոս չձեռնադրուած, պաշտօնապէս պատրիարք հռչակուեցաւ, եւ տեղակալներու իշխանութիւնը բոլորովին դադրեցաւ, Մուղնեցիին իյնալէն չորս տարի ետքը: Այս առթիւ Եղիազար 10, 000 դահեկան վճարեց պատրիարքութեան ծախքերուն համար, բայց տարեկան տուրքը մինչեւ 140 հազար վճռուեցաւ, ինչպէս տեղակալներ յանձնառու եղած էին, եւ ոչ 400 հազար ինչպես Թովմաս աճեցուցած էր ( § 1731): Միանգամայն պատրիարքին հրովարտակէն վերցուեցաւ Երուսաղէմ ալ անոր ենթարկեալ ըլլալուն յիշատակութիւնը, որ Թովմասի հրովարտակին աւելցուած էր ( § 1733):

1738. ՄՆԱՑՈՐԴ ՊԱՐՏՔԸ

Կը մնար 14, 000 դահեկանին խնդիրը, որուն համար Եղիազար, Աստուածատուրի եւ Մարտիրոսի հետ, մինչեւ իսկ մեծ եպարքոսին բողոք մատոյց Ռուհիջանի եւ տեղակալներու դէմ որուն առջեւ ասոնք պարտաւորուեցան խոստովանիլ թէ Երուսաղէմի դրամներ ուրիշ նպատակի գործածուած են: Բայց Քէօրբիւլին Եղիազարը համաձայնութեան յորդորեց, նկատելով որ Ռուհիջան վաստակաւոր է յարքունիս (ՉԱՄ. Գ. 683): Այս անգամ Կաֆացին ալ իբր պատրիարք, իր ժողովուրդին կողմը սկսաւ խօսիլ, Եղիազարի եւ Աստուածատուրի դէմ: Բայց Եղիազար անողոք մնաց, մինչեւ որ օգոստոսի մէջ իրաւախոհութեան եկան, 14, 000 էն 4-ը Երուսաղէմի, 6-ը վեց թաղերու, եւ 4-ը տեղակալներու վրայ բաշխելով: Այս անգամ ալ Հիսարտիպի, Չինիլիհամամ, եւ Պալաթ թաղերու քահանաները սկսան դժուարութիւն յարուցանել, զորս Կաֆացին անգամ մը հնազանդեցուց քահանայագործութենէ դադրեցնելով: Բայց խնդիրը նորոգուեցաւ, եւ դիմադրողներ եպարքոսական հրամանագիր մըն ալ առին եւ եկեղեցւոյ մէջ կարդալ ուզեցին, որուն պատրիարքը ընդդիմացաւ: Այդ պատճառով եպարքոսական տեղակալութեան կողմէն Մարտիրոս պատրիարք եւ վեց պաշտօնական ազգայիններ բանտարկուեցան ալ: Բայց վերջապէս ազգին մեծամեծները տեսնելով որ չնչին պատճառով խնդիրներ կ՚երկարաձգուին, ոչ միայն անմիջապէս փրկանք վճարելով պատրիարքն ու ընկերները բանտէ ազատեցին այլեւ մնացած պարտքն ալ սրբեցին (ՉԱՄ. Գ. 687), եւ այսպէս փակուեցաւ այդ գծուծ եւ անպէտ խնդիրներուն շարքը: Թերեւս արժան ալ չէր, որ այսչափ երկարէինք անոնց մասին, բայց ուզեցինք ճաշակ մը տալ այն անկումին, ուր իջած էր ազգային կացութիւնը:

1739. Ս. ՅԱԿՈԲ ԵՏ ԱՌՆՈՒԱԾ

Եղիազար այդ շփոթութեանց մէջ չէր մոռցած Երուսաղէմը, եւ երկու պատրիարքներու անունով ալ խնդրագիր մատուցած էր մեծ եպարքոսին, եւ մանրամասն տեղեկութիւններով եւ հրովարտակներու յիշատակութիւններով ցուցուցած էր Հայոց իրաւունքը Ս. Յակոբայ վանքին վրայ: Մեծ եպարքոսն ալ յատուկ պաշտօնեայ յղած էր Երուսաղէմ, ամենայն ինչ տեղւոյն վրայ ստուգել, եւ պատուաւոր ու տեղեակ անձերու վկայութեամբ հաստատել: Երուսաղէմի այլազգիները առհասարակ եւ համարձակ վկայութիւն տուած էին, թէ ինչպէս ի սկզբանէ անտի Ս. Յակոբի վանքը Հայոց սեփականութիւնն էր, եւ Յոյներ անոր վրայ երբեք իրաւունք ունեցած չէին, եւ վկայութիւններն ալ օրինաւոր վաւերացումներով հաստատուած էին: Յատուկ պաշտօնեան դարձած էր նոյն միջոցներուն, երբ պարտքերու խնդիրներն ալ փակուած էին. եւ Եղիազար երկրորդական հոգերէ ազատուած, պատեհի կը սպասէր Ս. Յակոբի մասին դիմումը կրկնելու: Որչափ ալ Եղիազարին սիրտին մէջ սաստիկ էր ազգային սեփականութեանց իրաւանց պաշտպանութեան հոգին, սակայն անուրանալի է, որ խիղճի խայթ մըն ալ կը կրծէր անոր սիրտը, որովհետեւ ինքն էր եղած որ միամտութեամբ Ս. Յակոբայ բանալիները Թիյարօղլուին յանձնած էր իբր աւանդ ( § 1730): Ճիշդ այդ օրերուն մեծ եպարքոս Քէօբրիւլի Մէհմէտ փաշա մեծահանդէս տօնախմբութիւն մը կազմակերպած էր Պրուսայի մէջ, սուլտան Մէհէմմէտ Դ. կայսեր ներկայութեամբ, իր որդւոյն Քէօբրիւլի Ահմէտ փաշային, Կարնոյ կուսակալութեան պաշտօնով ուղեւորուելուն օրը: Առիթէն օգտուեցաւ Եղիազար, փութաց ինքն ալ Պրուսա երթալ, ձեռքը լեցուն առատ եւ ընտիր նուէրներով: Եպարքոսութեան պաշտօնակալներուն ձեռօք մեծ եպարքոսին դիմեց, եւ վասն սիրոյ որդւոյն իւրոյ Հայոց իրաւունքներուն հաստատութիւնը խնդրեց. եւ Քէօբրիւլին, որ արդէն համոզուած էր եկած պաշտօնագիրներով, հաճեցաւ խնդիրը թագաւորին ներկայել, եւ ստացաւ Հայոց իրաւունքները վերահաստատող հրովարտակը: Խաչվերացի տօնէն մէկ երկու օր առաջ էր, երբ կայսերական հրամանը արձակուեցաւ Պրուսայի մէջ (ՉԱՄ. Գ. 687), իսկ 1659-ին Խաչվերացը կը հանդիպէր սեպտեմբեր 11-ին: Հրովարտակը մանրամասնօրէն կը յիշատակէ նախընթաց հրամանագիրները, Թիյարօղլուին վրայ կը թողու գործուած զրկանքները, կը հրամայէ Հայերուն եկեղեցւոյ, վանօրէից, ուխտատեղեաց եւ ամենայն ստացուածոց իրաւունքները անխախտ պահել, կ՚արգելու Յունաց հակառակութիւնները, որ մինչեւ իսկ եթէ խաբէութեամբ հրովարտակ եւս հանեալ մատուսցեն, մի' երբեք յարգ ընծայեսցի այնմ (ԱՍՏ. Ա. 362): Այդ հրովարտակին հիմամբ Աստուածատուր պատրիարք ճանչցուեցաւ տէր Երուսաղէմի բոլոր ազգային սեփականութեանց: Բայց լաւագոյն սեպուեցաւ, որ ինքն Կոստանդնուպոլիս մնայ տակաւին, եւ գործադրութիւնը Եղիազարի յանձնուի: Ուստի անոր անուան փոխանորդութեան եւ գործակալութեան պաշտօնագիր կազմուեցաւ` Նազըր անունով, եւ անով Եղիազար ճամբայ ելաւ, եւ Երուսաղէմ հասնելով տիրացաւ Ս. Յակոբի եւ բոլոր ազգապատկան սեփականութեանց 1659-ին վերջերը, տօնախմբութեանց օրերէն քիչ առաջ: Ըստ այսմ Հայոց մայրավանքը Յոյներու ձեռք մնացած կ՚ըլլայ երկուքուկէս տարի 1657 մայիս 17-էն սկսելով ( § 1730): Եղիազար ոչ միայն ազգային սեփականութիւններն ազատեց, այլեւ օգտակար ընելով իր դրամական կարողութիւնը եւ պահած գումարները ( § 1729), եւ կանուխէն մտադրած նպատակն ալ իրականացնելով, շքեղացուց եւ ընդարձակեց մայրավանքին շատ մասերը իր պաշտօնավարութեան քանի մը տարիներուն մէջ: Այդ կարգէն կը յիշուին Էջմիածին մատուռը, պատրիարքական աթոռը, Յոպպէի կալուածները, Ռամլէի վանքը ու եկեղեցին, Գազայի եկեղեցին, եւ Մայրավանքին աբեղաթաղը (ԱՍՏ. Ա. 364):

1740. ՂԱԶԱՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Մարտիրոս պատրիարք, թէպէտ առաջին անգամ Եղիազարի ձեռքով միայն 140 հազար փող վճարած էր իբր տուրք, սակայն երկրորդ տարին` Եղիազարի մեկնելէն ետքը 400 հազար պահանջուեցաւ, Թովմասի հրովարտակին հետեւողութեամբ ( § 1733), եւ Մարտիրոս Ադրիանուպոլիս գնաց, ուր էր արքունիքը, գործը կարգադրելու նպատակով, բայց չյաջողեցաւ, եւ 40 օր արգելական մնաց, մինչեւ իսկ իրեն ըսուեցաւ, թէ կան այլք, որք պատրաստ են տալ, եւ նստիլ պատրիարք: Ազգային եւ պետական գործառնութեանց մասին դիտողութեան արժանի խօսք: Մարտիրոս թերեւս զիջանէր, բայց Քէօմիւրճեան ընդդիմացաւ, եւ յաջողեցաւ յաւելուածական վճարումը իբրեւ կաշառք գործածելով` օրինական սակը չաւելցնել: Մարտիրոս Ադրիանուպոլսէ մեկնեցաւ աւագ երկուշաբթի օր, 1660 ապրիլ 16-ին, Զատիկը Ռոտոսթոյ կատարեց ապրիլ 22-ին, եւ անկէ Կ. Պոլիս հասաւ (ՉԱՄ. Գ. 688), ուր քիչ օր առաջ, ապրիլ 7-ին, Ղալաթիոյ հրդեհն էր տեղի ունեցած: Շատ չանցաւ, ահագին հրդեհ մըն ալ Կոստանդնուպոլիսը լափեց եւ անապատացուց, որ սկսաւ յամսեանն յուլիսի ի քսաներորդի եւ նախկնորդի, յաւուր շաբաթու, ինչպէս կը գրէ ականատես Մեղրեցին (ԴԱՎ. 433), եւ չենք իմանար թէ ինչու ուրիշներ յուլիս 14-ին կը դնեն (ՉԱՄ. Գ. 691): Հրդեհը երեք օր տեւեց, եւ քաղաքին հիւսիսային ծայրէն սկսելով մինչեւ միջավայրին գագաթը տարածուեցաւ վօռէասական այսինքն հիւսիսային հողմոյն նպաստութեամբ (ԴԱՎ. 434), եւ երկու կողմերէն ծովեզերքները իջնալով, իբր 30, 000 տուն ու 3000 անձ այրեց: Հայոց եկեղեցիներէն հրկիզեցան Ս. Նիկողայոս եւ Ս. Սարգիս, եւ հազիւ ազատեցաւ Գումքաբուի եկեղեցին (ՉԱՄ. Գ. 691), զի հրդեհին մէկ ծայրը դադրեցաւ ի դուռն Աւազակոչականին, իմա' Գումքաբուի, վախճան առեալ առ տունն վանից, այսինքն պատրիարքարանին (ԴԱՎ. 434): Պատրիարքին համար նոր տագնապի պատճառ մըն էր բազմաթիւ Հայերու անտուն եւ անինչ մնալը, եւ ահա ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ ծագեցաւ գաւառացիներու երեսէն: Ասոնք իրենց տեղերը պարտաւոր էին պետական տուրքերը տեղացիներու վրայ բաշխելով վճարել. բայց շատ գաւառացիներ մայրաքաղաք գալով կը հարստանային, եւ այլեւս իրենց հայրենիքին տուրքերուն չէին մասնակցեր, եւ տեղերնին մնացող խեղճերը կը նեղուէին: Այս պատճառով Եւդոկիայէ, Սեբաստիայէ, Կամախէ, Տիվրիկէ եւ ուրիշ քաղաքներէ պատուիրակներ եկան Կ. Պոլիս, եւ մեծ եպարքոսին դիմելով արտօնութիւն ստացան իրենց գաւառացիները ցոյց տալ, որ վճարման բռնադատուին: Ղազար Սեբաստացին, որ Տիվրիկի եպիսկոպոս եղած, եւ անկէ Կ. Պոլիս եկած էր ( § 1731), առիթ գտաւ գանգատաւորներու գլուխ անցնիլ, եւ Մարտիրոս պատրիարքը մեղադրելով կուսակիցներ շահիլ, որոնց կ՚առաջնորդէր Շրվան Տիվրիկցին: Մարտիրոսը յորդորողներ եղան որ Ղազարը աքսորով հեռացնել տայ, բայց չյաջողեցաւ. եւ Ղազար զօրացաւ, եւ Շրվանի օգնութեամբ կաշառք ու նուէր սփռելով, Մարտիրոսի պաշտօնանկութեան եւ իր պատրիարքութեան հրովարտակը հանել տուաւ, եւ պատրիարքարանին տիրացաւ 1660 նոյեմբերին (ՉԱՄ. Գ. 690): Մարտիրոս վերստին պատրիարքութիւնը ձեռք ձգելու համար Եղիազարի օգնութեան դիմեց, բայց սա լաւագոյն սեպեց Ղազարը պահել, եւ Մարտիրոսը Երուսաղէմի նուիրակ նշանակեց Արեւելեան վիճակները: Իսկ Մարտիրոս առիթէն օգտուեցաւ 1661-ին Էջմիածին անցնիլ, ու Յակոբ կաթողիկոսէ Ղրիմի եպիսկոպոս ձեռնադրուիլ: Թէպէտեւ մեծ ընդունելութիւն չգտաւ, բայց կրցաւ քանի մը տարի Ղրիմ մնալ, քանի որ բնիկ Կաֆացի ալ էր (ՉԱՄ. Գ. 691):

1741. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԻՒԹԻՒՆՃԻ

Ղազարի պատրիարքութիւնն ալ, նախորդներուն նման` անակնկալներու եւ քմահաճոյքներու ենթարկեալ բան մըն էր, եւ պատրիարքութեան եղողը ամէն տեսակ պարագաներէ օգուտ պէտք էր քաղեր աթոռին վրայ մնալու համար: Ղազարին համար յաջողականութիւն համարուեցաւ այրած Ս. Նիկողայոսի վերաշինութիւնը, առանց նոր հրովարտակի, օգտուելով մեծ եպարքոսին բացակայութենէն, եւ Յոյներուն ինը այրած եկեղեցիներու վերաշինութեան նախաձեռնարկ ըլլալէն (ՉԱՄ. Գ. 691): Քէօբրիւլի Մէհմէտ մեծ եպարքոսը մեռաւ 1661 հոկտեմբեր 31-ին, 5 տարի պաշտօնավարելէն, եւ իբր 30, 000 հոգի զանազան պատճառներով սպաննելէն ետքը, որուն հետեւանքը եղած էր, ահարկու դարձնել պետական իշխանութիւնը (ԺՈՒ. 271): Իր առաջարկութեան վրայ իրեն յաջորդեց որդին Քէօբրիւլիւ Ահմէտ փաշա, որուն երկու տարի առաջ Կարնոյ կուսակալութեան երթալը յիշեցինք ( § 1738), որ տակաւին 26 տարեկան էր (ԺՈՒ. 271), եւ աւելի յաճախ Քէօբրիւլիօղլու անունով կը յիշուի հօրմէն զատուելու համար: Որդին ալ հօրը քաղաքականութեան սկսաւ հետեւիլ, եւ հազիւ թէ դարձաւ Մաճառաց դէմ պատերազմէն, առաջին գործերէն մին եղաւ հիմնայատակ ընել տալ առանց հրովարտակի վերաշինուած Յոյներուն եւ Հայերուն եկեղեցիները, նոյնիսկ զատկի օրը, 1662 մարտ 30-ին (ՉԱՄ. Գ. 692): Այսչափ ալ բաւեց որ Ղազար պատրիարքին կացութիւնը սկսի վտանգուիլ, եւ այս անգամ իրեն մրցակից հանդիսացողը եղաւ Յովհաննէս վարդապետ Արեւելցի, մականուանեալ Թիւթիւնճի, գուցէ շատ ծխող ըլլալուն համար: Յովհաննէս ծննդեամբ Վասպուրականցի եղած պիտի ըլլայ, զի Հաւաքարանին համեմատ իր առաջին պաշտօնները եղած են Հոգեաց Ս. Աստուածածին, Սալնապատու Ս. Գրիգոր եւ Վարագայ Ս. Նշան վանքերուն մէջ, եւ մանաւանդ այդ վերջինին արդիւնաւոր եղած է նորափոր առուով մը, որուն միայն հետքերը կը նշմարուին այժմ (00. ԲԻԶ. 1198): Յովհաննէս Էջմիածինի նուիրակութեան ելած էր, եւ լաւ գումար մը հաւաքած էր Կ. Պոլիս հասած ատեն, եւ Ղազարի մասին սկսած տժգոհութիւնները եւ կուսակցական հակառակութիւնները` զինքը քաջալերեցին պաշտօնին հետամուտ ըլլալ: Թըլթըլեանց յարեցաւ, իր դրամական միջոցները անոնց օգնութեան տրամադրեց, եւ Թըլթըլ երէցին հետ Քէօբրիւլիօղլուին ետեւէն Սիլիվրի գնաց, երբ սա Մաճառներու դէմ պատերազմին համար նորէն ճամբայ ելած էր, եւ պատշաճ վճարումներով պատրիարքութեան հրովարտակը ստացաւ կամ գնեց (ՉԱՄ. Գ. 692), եւ մայրաքաղաք դառնալով պատրիարքարանին տիրացաւ 1663 փետրուարին (01. ՕՐԱ. 104) կամ 1663 մարտին (ԺՈՒ. 272), եւ աւելի ապահովութեան համար Ղազարն ալ բանտարկել տուաւ (ՉԱՄ. Գ. 692): Աղթամարի Հաւաքարանը` Թիւթիւնճիին պատրիարքութիւնը կը յետաձգէ 1683-ին (00. ԲԻԶ. 1198), սակայն Կ. Պոլսոյ աթոռին յիշատակները, որ աւելի ստուգապատում են, կը հերքեն այդ դրութիւնը:

1742. ՆՈՒԻՐԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Յովհաննէս թէ պատրիարքութեան հասնելու եւ թէ պատրիարքութիւնը պահելու համար իբրեւ մեծ փաստ կը գործածէր կաթողիկոսական իրաւասութեանց տեսակէտը, իբր զի ինքը Էջմիածինի նուիրակ էր, մինչ Ղազար Սիսէ ձեռնադրուած էր ( § 1729): Սակայն ինքը անհաւատարիմ նուիրակ մը եղած էր, Էջմիածինի արդիւնքը իր անձնական հետապնդութեանց ծախսած ըլլալուն համար, եւ որպէսզի հանրութեան մէջ պտտող շշուկը կը լռեցնէ, յայտնապէս կը խոստովանէր եղելութիւնը, բայց եւ կը խոստանար պատրիարքութեան արդիւնքով Էջմիածինի գումարները վճարել, եւ իրեն երաշխաւորներ կը ցուցնէր Խոսրով եւ Միրզա` Արեւելցի իշխանաւորները: Նոյնը կը հաստատէր եւ Թըլթըլեան խումբը, որպէսզի ձեռքէ չհանէ իրեն կուսակից պատրիարք մը: Այդ դիտմամբ երաշխաւորագիր ալ պատրաստուեցաւ Յակոբ կաթողիկոսի ղրկելու, եւ Մինաս Արեւելցի վարդապետի մը եւ աշխարհականի մը ձեռքով ճամբայ հանուեցաւ, խնդրելով որ հայրապետական կոնդակով կը հաստատուի Յովհաննէսի պատրիարքութիւնը: Սակայն գիրը հասցէին չի հասաւ: Ղազարի կողմնակիցները ձերբակալել տուին թղթատարները Քարթալի մէջ, թուղթերը գրաւեցին, եւ տանողներ ծանր տուգանքով ազատեցան տասնօրեայ բանտարկութենէ ետքը: Յովհաննէսի ակնկալութիւնը չիրականացաւ, մանաւանդ թէ աւելի վատթարացաւ, նոյն օրեր կաթողիկոսէն հասած գրութեամբ մը, որ Յովհաննէսի պատրիարքանալը լսելով, նուիրակութեան արդիւնքները կը պահանջէր, եւ Յովհաննէսը կը մեղադրէր, առանց Ղազարն ալ պաշտպանելու, որ Մայրաթոռոյ յայտնի հակառակորդ մըն էր: Նամակին ետեւէն Կ. Պոլիս հասաւ Էջմիածինի նոր նուիրակը, Մինաս Գաղատիոյ առաջնորդը, բայց ժողովուրդը նուիրակներու ընթացքէն զզուած, անոր ալ երես չտուաւ, եւ ապարդիւն մնացին Մինասի ջանքերը (ՉԱՄ. Գ. 694): Արդէն իսկ ընդհանուր տժգոհութեան առիթ տուած էին Էջմիածինի նուիրակները, զորս Մայրաթոռն աւելի թուով եւ աւելի յաճախակի կը զրկէր իր կարօտութենէն ստիպուած: Նուիրակները իրենց հանգանակութեանց փոխարէն միւռոն բաշխելու պաշտօնն ունէին, որով կը զեղծանէին չափազանց գումարներ պահանջելով, բռնանալով եւ կեղեքելով, հոգեւորական պատիժներ սպառնալով, առաջնորդներ եւ քահանաներ արգելելու կամ փոփոխելու ալ կը միջամտէին, եւ ամէն կողմ խռովութիւն կը սփռէին, կուսակցութիւններ կը կազմէին, եւ ոչ միայն եկեղեցականներ անոնցմէ ձանձրացած էին, այլեւ ժողովրդականք զզուանք կը զգային: Իրաց կացութիւնը այնչափ ծանրացած էր, որ մինչեւ իսկ Օսմանեան պետութեան դիմումներ եղան, որպէսզի Պարսից տէրութեան սահմաններէն եկող նուիրակները արգելէ, որոնք ոչ միայն ժողովուրդը կը կեղեքէին, այլեւ պետական տուրքերու վճարման արգելք կ՚ըլլային: Մեծ եպարքոսութեան կողմանէ ալ այդ իմաստով հրահանգներ ղրկուեցան կուսակալներուն (ԱՍՏ. Ա. 354): Նուիրակներու այդ գործերը, արդիւնքներու տարադէպ եւ անհաւատարիմ կիրառութեան պարագային հետ խառնուելով, դուռ բացին հակաթոռ կաթողիկոսութեան մը ստեղծուելուն, որուն պատմութիւնը չսկսած, պէտք կը ըզգանք Եւրոպիոյ հայաբնակութեան եղելութիւնները քաղել, ժամանակակից դէպքերը համընթաց քալեցնելու համար:

1743. ՆԻԿՈԼ ԵՒ ԿԱԼԱՆՈՍ

Փիլիպպոս կաթողիկոսի օրով Նիկոլ եպիսկոպոսի եւ Իլվովացոց մէջ 1652-ին կատարուած հաշտութիւնը, ինչպէս այն տեղ ալ ըսինք, անկեղծ եւ հիմնական բան մը չէր ( § 1703): Ժողովուրդը իր հայադաւանութեան հռոմէական կերպ մը տուած էր, Նիկոլ ալ իր հռոմէադաւանութիւնը հայկական երեւոյթի ներքեւ ծածկած էր, բայց գոնէ դաւանական խնդիրներ դադարած էին, եւ պատիր միութիւն մը կը տիրէր (ԲՌՆ. 160): Սակայն Նիկոլի գործերը, որ անպատշաճք էին բարձր աստիճանի սորա, կը շարունակէին համարձակօրէն (ԲՌՆ. 28), եւ նա արքեպիսկոպոսարանին մէջ կ՚ապրէր իր սիրուհւոյն հետ, որ կուսաստանէ հանուած միանձնուհի մըն էր, եւ անկէ ունեցած երկու տղաքներն ալ իրենց քովը կը պահէին: Տրտունջներ ընդհանուր էին, բայց ամս մետասան բովանդակ յակամայից իմն ժուժէին, եւ 1652-էն մինչեւ 1662 նոյն կացութիւնը կը տիրէր: Յակոբ կաթողիկոս ալ կրցաւ 1662 յունուար 12-ի կոնդակով Յովհաննէս վարդապետ մը նուիրակ ղրկել Լեհաստանէ իրաւունք եւ նպաստ եւ միւռոնաբաշխութեան նուէրներ հաւաքելու (ԿԱՄ. 257): Միեւնոյն տարին Իլվով կը հանդիպի, Լեհաստանի արքունեաց մօտ պապական նուիրակ մը կամ դեսպան գտնուող Բինիաթելլի (Pignatelli) արքեպիսկոպոսը, եւ Հայեր` որ իբր թէ Հռոմի հետ միութեան մէջ էին, նուիրակէն կը խնդրեն որ Նիկոլը ուղղութեան բերէ: Նուիրակը խրատներով եւ յորդորներով կը սկսի, բայց երբ կը տեսնէ թէ արդիւնք չունին, եւ Նիկոլ կամակորեալ ի չարիս, արհամարհէ զամենեսեան եւ ոչ կամի վարել կենցաղ սուրբ, իշխանաբար գործելու կը ձեռնարկէ, եւ Մարիամ Լուդովիկէ թագուհիէն ալ աջակցութիւն գտնելով, կը հրամայէ բռնի կորզել Նիկոլէն զտարփածու նորա, զոր կ՚ամուսնացնէ զինուրականի մը հետ մեծահարուստ օժիտ տալով, եւ երկուքը մէկտեղ կը ղրկէ ի հեռաստան վայրս աշխարհին (ԲՌՆ. 160): Նուիրակը Հայ գաղութին ներքինն ալ զննելով, եւ շատ հեռու գտնելով կարծեցեալ հռոմէականութենէն, իսկոյն ընդդիմութիւն չի ցուցնէր չխրտչեցնելու համար, եւ կ՚առաջարկէ որ իրենց համար Հռոմի ծախքով դպրանոց մը հաստատէ արժանաւոր եկեղեցականներ հասցնելու, որուն Հայերը միամտաբար կը հաւանին, եւ գործը Հռոմ գրուելով նպատակայարմար վարիչի մը առաքումը կը խնդրուի: Հռոմ իսկոյն աչքը դարձուց Կղեմէս Կալանոսի վրայ, որ 1643-ին Կ. Պոլիսէ հեռանալէն ի վեր Հռոմ կը մնար ( § 1696), իբր Թէաթինեան միաբանութեան Կուիրինալի վրայ ունեցած Ս. Սեղբեստրոսի վանքին մեծաւորը (San Silvestro al Quirinale), եւ Փրոփականտայի Ուրբանեան դպրանոցին ուսուցիչն էր, եւ յատկապէս Հայերու համար կը գրէր եւ կը հրատարակէր: Կալանոս ծերացեալ կ՚ըսուի, թէպէտ 53 տարեկան էր տակաւին, բայց տկարացած ալ պաշտօնը ստանձնեց, եւ իրեն ընկերակից ընտրեց հայր Ալոզիոս Փիթու (Louis Pitou) Թէաթինեան միաբանակիցը, եւ Բովնավենտուրա Քօսթուցցի (Bonaventura Costuzzi) աշխատաւոր եղբայրը, եւ Հռոմէ մեկնեցաւ 1663 սեպտեմբեր 30-ին: Ձմեռը վրայ հասնելուն, պարտաւորուեցաւ մնալ Բաւարիոյ Միւնխէն (Munchen կամ Munich) քաղաքը, եւ հազիւ 1664 ապրիլ 17-ին հասաւ Լեհաստանի Վարշաւիա (Varszawa կամ Varsovie) մայրաքաղաքը, ուր թագաւորական յանձնարարագիրներն եւ նուիրակի հրահանգներն ալ ստանալով Իլվով մտաւ մայիս 1-ին (ԲՌՆ. 30), զոր պէտք է համեմատել հին տոմարի ապրիլ 21-ին: Կ՚երեւի թէ Հայեր օր անցնելով զգացին Բինիաթէլլի ներքին միտքը, որովհետեւ Կալանոս եւ ընկերներ անսիրելութեան հանդիպեցան Հայոց կողմէն: Նիկոլ ալ թէպէտ արտաքնապէս սիրալիր ընդունելութիւն ցուցուց, այլ հարկաւ չսիրեց իր վրայ իբրեւ քննիչ ղրկուած անձերը, եւ երեքին մէկտեղ բնակութեան համար ցուցուց սենեակ մը, ուր չորս ուրիշ անձեր ալ կը բնակէին (ԲՌՆ. 31), եւ շուրջ պատեալ էր շեղջ շեղջ աղբիւսօք եւ քակորաւ ձիոց եւ արջառոց (ԲՌՆ. 33): Դպրոցի համար բնաւ տեղ չցուցուց, եւ միայն Կալանոսի սպառնալիքին վրայ, չորս բնակակիցները սենեակէն հանեց, եւ խոհանոցի համար հեռու տեղ մը ցուցուց, եւ քանի մը երիտասարդներու ներեց աշակերտիլ նոյն սենեակին մէջ, որոնք հազիւ 7 հատ էին, եւ տարի անցնելով 16 եղան (ԲՌՆ. 32): Այդ կրթական հաստատութեան Վարժարան երկոտասանից Նպարունեաց անունը տրուած է (ՏԱՇ. 115):

1744. ԲՌՆԱԴԱՏԻՉ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Կալանոս եւ ընկերներ տեսան թէ կեղծեօք միայն եւ ի վերին երեսս է միութիւն Հայոց ընդ եկեղեցւոյն Հռոմայ (ԲՌՆ. 31), ուստի իրենց պաշտօնական իսկական նպատակին հետեւելով, ձեռնարկեցին պահանջումներ ընել հայադաւան եւ հայածէս կետերէն այս ու այն զեղչելու, եւ հռոմէադաւան ու լատինածէս կէտերով փոխանակելու: Նիկոլ հաւանութիւն կը ցուցնէր, բայց չէր գործադրէր, ժողովուրդին ատելի չըլլալու համար (ԲՌՆ. 33), որովհետեւ երբ անգամ մը Յակոբ Գրիգորեան քահանային ներեց բաժակին ջուր խառնել, տհաճեալ սարտեաւ ի նմանէ ժողովուրդն (ԲՌՆ. 36): Սակայն կալանոս եւ ընկերներ իրենց նպատակէն չէին շեղիր, եւ իրենց խորհրդակից գտան Լազար Սլոնիովսքի (Lazar Sloniowski) անուն Լեհացի ազնուական մը, որ շատ երկիրներ պտտած էր, եւ 78 լեզուներ կը խօսի կ՚ըսէին, բայց կոյր էր ի բազում ամաց հետէ (ԲՌՆ. 36): Կալանոս եւ Փիթու այս մարդուն խրատներէն ալ քաջալերուելով, սպառնական դիրք կ՚առնեն Նիկոլի հանդէպ, թէ իրեն դէմ թագաւորին կը բողոքեն, եւ ժողովուրդին հանդէպ ալ, թէ միութեան անունով ստացած արտօնութիւնները ետ առնել կու տան (ԲՌՆ. 37): Ասոնք են ահա առաքելական զէնքերը, որով հռոմէականութիւնը իր յաղթանակը կը կազմէ, եւ Նիկոլի բարոյականով մէկն է` իրենց յաջողութեան միջնորդը: Ասով մէկտեղ Նիկոլ, երկու կողմերն ալ չկորսնցնելու համար, կ՚աշխատէր Կալանոսի համոզել, թէ լաւ եւս էր մնալ առ ժամանակ մի եւ ակնունել բարեպատեհ ժամու, սակայն Կալանոս եւ իրեններ չեն կասիր, եւ ամէնէն առաջ պետական հրամանով 1664 նոյեմբեր 7-ին աքսորել կու տան Յակոբ Բրոսկի, բնիկ արեւելցի քահանայն, ինչպէս կ՚ըսեն, զակատեալ խմորեալն ի հերետիկոսութեան. տեսնելով թէ նա խոչընդոտ կ՚ըլլայ իրենց ամենայն գործոց եւ կամաց: Այդ աքսորը եւ շարունակ կրկնուած զրկումներու սպառնալիքները իրենց արդիւնքը կ՚ունենան, որով հայեր իրենց սովորական առերեւոյթ զիջողութեան ձեւին կը դիմեն, եւ 1664 դեկտեմբեր 25-ին համաձայնութեան ձեւակերպութիւն մը կը կատարեն (ԲՌՆ. 38): Այդ զիջողութեան աւելի ազդեցիկ փաստեր կ՚ըլլան, Նիկոլի համար` տարեկան 200 հռոմէական դահեկանի թոշակը (ԲՌՆ. 163), եւ ժողովուրդին համար ալ` թագաւորական արտօնութիւնները դադարեցնելու սպառնալիքը (ԲՌՆ. 164): Կալանոս այսպէս զորացած կը ձեռնարկէ հետզհետէ հայադաւան եւ հայածէս նշանները զեղչել տալ Հայոց եկեղեցիներէն: Իբր սկզբնաւորութիւն 1665 յունուար 5-ին, որ է հին տոմարով 1664 դեկտեմբեր 26, Ս. Ստեփանոսի տօնին, Նիկոլի կողմէն բանադրանքի սպառնալիքով կը հրամայուի բաժակին ջուր խառնել, թէպէտեւ յուզեցան խռովեցան ժողովուրդն առ հասարակ եւ քահանայք (ԲՌՆ. 38): Քիչ ետքը 1665 փետրուար 24-ին, հին տոմարով 14-ին, Տեառընդառաջի տօնին, նոր ձեռնադրուող երեք դպիրներուն հրապարակաւ արտասանել կու տան զդաւանութիւն կաթոլիկաց: Մարտ 18-ին Ստանիսլասովի եկեղեցին եւ 20-ին Զամսոտիայի եկեղեցին ալ նորութիւնները կը գործադրեն, ինչպէս Զամսոտիացի Սիմէոն քահանան կ՚արձանագրէ, թէ մուծաւ այսօր հերետիկոսութիւն յեկեղեցին Հայոց Զամաստիոյ: Մարտ 21-ին, հին տոմարով 11-ին, Մուտն ի վիրապ տօնին, Սուրբ Աստուած փառաբանութենէն կը զեղչեն Որ խաչեցար վասն մեր բառերը (ԲՌՆ. 39), եւ Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ, ու Մարմին տէրունական եւ արիւն փրկչական կայ առաջի` երգերուն խօսքերը ապառնիի կը փոխեն: Միանգամայն հանգանակին մէջ Հաւատամք ի սոյն կաթողիկէ եկեղեցի մասէն սոյն բառը կը զեղչեն, եկեղեցւոյ միութեան հակառակ կարծելով: Յիշեալ 1665 տարին ապրիլ 2-ին, հին տոմարով մարտ 23-ին աւագ հինգշաբթի օրը, տօնական երգերուն եւ շարականներուն մէջ 30 փոփոխութիւններ կը մտցնեն, զոր Փիթու ուղղագրեցան Հայոց մոլորութիւնք կ՚անուանէ: Ապրիլ 14-ին, հին տոմարով 4-ին Նոր կիրակէի երեքշաբթին, կ՚արգելու վերաբերութեան ատեն ծնրադրել (ԲՌՆ. 40), եւ այսպէս հետզհետէ կամայական փոփոխութեանց կը յաջորդեն հալածանքներ եւ աքսորներ եւ զրկումներ այն Հայ եկեղեցականներուն դէմ, որոնք կամակար չէին հնազանդիր Կալանոսի թելադրած եւ Նիկոլի հրամայած նորաձեւութիւններուն, որոնցմէ մնացածները աւելորդ կը սեպենք անուններով յիշատակել (ԲՌՆ. 41-44): Մեծ հակառակութեան եւ հալածանքի կը հանդիպի Յակոբ կաթողիկոսի նուիրակ Պօղոս Եւդոկիացի վարդապետն ալ, որ 1655 յուլիս 11-ին Իլվով հասնելով կը պնդէր, թէ Հայերուն օրէն չէ որեւէ փոփոխութիւն կատարել, մինչեւ հաւանեսցի ընդ այն կաթողիկոսն Յակոբ (ԲՌՆ. 44): Նուիրակին դէմ հակառակութիւնները ամիսներով կը շարունակեն, մինչեւ որ 1665 հոկտեմբեր 29, կը բռնադատեն Լեհաստանէ ելնել, որով զկնի մեկնելոյ գնալոյ նուիրակին յաջողէր գործն միութեան (ԲՌՆ. 49), կը գրէ Փիթու: Բայց եւ կը խոստովանի, թէ ամենայն ինչ իրենց կը յաջողէր, վասն ամի ամի թոշակին 200 դահեկանաց, զոր Հռոմ Նիկոլին կը ղրկէր (ԲՌՆ. 42), այն Նիկոլին, որուն անառակ կեանքը յայտնի էր Հռոմին, եւ դատապարտուած էր պապական նուիրակէն ( § 1742):

1745. ՈՍԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԵՑԻ

Եւրոպակողման մէջ կատարուած գործերէն մէկն ալ տպագրական ձեռնարկին հետապնդումն էր, որ Ծարեցիին մահուընէ ետքը Ոսկան Երեւանեցիին յանձնուեցաւ, եւ այն ալ իրմէ առաջ ճամբայ հանեց Կարապետ Ադրիանեցին ( § 1727): Ոսկան վարդապետ Ղլիճենց տոհմէն էր (ՏՊԱ. 100), եւ թէպէտ Երեւանեցի կոչուած էր ծագումին համար, բայց Ասպահան ծնած էր 1614-ին, եւ նախ այն տեղ Խաչատուր Կեսարացիին աշակերտած, անգամ մը Մովսէս կաթողիկոսի օրով Էջմիածին եկած, բայց նորէն Ասպահան դարձած, եւ Փիլիպպոս կաթողիկոսէ Մայրաթոռի ծառայութեան հրաւիրուած, Ուշիի վանքն ալ իրեն յանձնելով ( § 1713): Ոսկան ուշիմ եւ զարգացման ծարաւի` մտերմութիւն կապեց Պօղոս Փիրօմալլի լատին կրօնաւորին հետ, որ Էջմիածին կը մնար ( § 1676), եւ անկէ ուսաւ լատին լեզուն, երբ Լատինն ալ իրմէ հայերէն կը սորվէր, երկուքն ալ անկատար` բայց յաւակնոտ, որով անընտել եւ անսովոր ոճով, եւ աղաւաղ եւ անպէտ շարադրութեամբ թարգմանութիւններու ձեռնարկեցին, մինչեւ իսկ նախնեաց գրուածներուն եւ Աստուածաշունչին թարգմանութեան ձեռք մտցնել յանդգնեցան (ՉԱՄ. Գ. 620): Փիրօմալլի 1638-ին Հռոմ դարձած ատեն, Հայոց կաթողիկոսին փափաքը լրացնելու դիտմամբ հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան հետամուտ եղաւ, բայց նախնեաց Եօթանասնից թարգմանութիւնը լատինական Վուլկաթային համաձայնեցնելու համար շատ կտորներ եղծեց, այնպէս որ պապական գրաքննութիւնն իսկ իրեն չներեց զայն հրատարակել: Փիրօմալլի 1642-ին Էջմիածին գալով նորէն Աստուածաշունչի կազմութեան աշխատեցաւ Ոսկանի հետ, բայց միշտ նոյն նախապաշարեալ դիտմամբ, եւ հայերէն օրինակը լատինականին վրայ ձուլելու փափաքով (ՉԱՄ. Գ. 621): Երբոր Յակոբ կաթողիկոս Ոսկանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն տալով Արեւմուտք ուղեւորեց, Աստուածաշունչի տպագրութիւնը գլխաւոր նպատակն էր, իսկ Ոսկանի մէկտեղ առած օրինակը, վերը յիշուած բռնազբօսեալ օրինակն էր: Էջմիածինէ մեկնեցաւ 1662-ին, եւ ուղիղ գնաց Ալիգուռնա, որ է Լիվօռնօ քաղաք Իտալիոյ, ուր եկած էր իր եղբայրը Աւետիս, որ Ոսկանի անունին փոխանցեց Ծարեցիէ մնացած Ամսդելոտամի տպարանը ( § 1727): Ոսկան Հռոմի ու Ալիգուռնայի մէջ երթեւեկեց վաճառականներէ պէտք եղած միջոցները հայթայթելու համար, եւ միայն երեք հոգի գտնուեցան օգնող, Ստեփանոս Խանենց, Թէոդորոս Քթրեչենց եւ Պետրոս Տէր-Աւագենց, տպագրութեան արդիւնքէն իրենց տուած գումարը ետ առնելու, եւ շահը Էջմիածինի եւ Երուսաղէմի ու Ուշիի վանքերու վրայ բաժնելու պայմանով (ՉԱՄ. Գ. 659): Այդ հիմամբ պայմանագիր ալ կազմելով, Ոսկան անցաւ Ամսդելոտամ, ուր հասած կ՚ըլլայ 1663-ին, եւ անմիջապէս ձեռնարկեց նոր տառեր եւ զարդեր եւ պատկերներ պատրաստել Աստուածաշունչի տպագրութեան մեծ գործին, զանց չ՚ընելով նոյն միջոցին առձեռն զանազան հրատարակութիւններ ընել: Աստուածաշունչի տպագրութիւնը սկսած է 1666-ին (ՉԱՄ. Գ. 660), բայց անկէ առաջ 1665 յուլիս 23-ին Իլվով կը հասնի Վարդան աբեղայ մը, Ոսկան եպիսկոպոսին կողմէ նամակով, ուր Ամսդելոտամի մէջ կրած դժուարութիւնները յիշելով` Նիկոլի կ՚առաջարկէր տպարանը Իլվով փոխադրել: Կալանոս առիթը յաջող կը գտնէ իր ձեռքին ներքեւ նոր միջոց մըն ալ ունենալու, եւ հաւանութեան գիր գրել կու տայ Ոսկանի, մանաւանդ որ գիտէր թէ Ոսկանէ կը հրատարակուէին գիրք հերետիկոսականք եւ ոչ ուղղագրեալք, եւ Ոսկան միացած էր ընդ կաթողիկոսին Էջմիածինի (ԲՌՆ. 45), որով Ոսկանը Իլվով բերելով հայադաւանութեան նոր հարուած մըն ալ տրուած կ՚ըլլար: Ոսկան այլեւս չի պատասխանէր, եւ իր գործը կը շարունակէ Ամսդելոտամի մէջ: Փիթու կը կասկածի թէ Ոսկան միտքը փոխած է` իրենց Իլվով գտնուելուն պատճառով (ԲՌՆ. 40):

1746. ՈՍԿԱՆԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ

Երկու տարի աշխատեցաւ Ոսկան Աստուածաշունչի տպագրութիւնը լրացնելու, զոր 1666-ին սկսելով աւարտեց 1668-ին (ՉԱՄ. Գ. 660), եւ է առաջին տպագրուած հայերէն Աստուածաշունչը, որ նախորդ կաթողիկոսներէն շատերուն, Սալմաստեցիէն սկսելով, մեծ փափաքն էր եղած: Ոսկանին տպագրութիւնը միակ հատոր մըն է, սովորական քառածալ մեծ, գրեթէ խորանարդի մօտեցող գիրք մը, իր արտաքին ձեւերովը իրմէ առաջ կատարուած բոլոր տպագրութիւններէն գերազանց գործ մըն է, տառերը ընտիր ձեւով, այժմ ալ իբր տիպար սեպուելու արժանի, պատկերներով եւ զարդերով ճոխացած, որոնք ամէնքը կրնան պատիւ բերել Ոսկանի արուեստագիտական հանճարին: Դժբախտաբար նոյն գովեստը պիտի չկարենանք կրկնել տպագրուած բնագիրին համար, որ աւելի նախնեաց ընտիր թարգմանութեան աղաւաղումը եւ խանգարումը կրնայ ըսուիլ: Չենք գիտեր թէ այն Փիիրօմալլիի հետ Էջմիածինի մէջ կազմուած օրինակն է ( § 1745), թէ ոչ անկէ ետքն ալ Ոսկան իւրովի ուրիշ փոփոխութիւններ ալ մուծած է, աւելցնելով կամ պակսեցնելով: Ամէն առթի մէջ անտեղի ձեռնարկ մը եղած է Ոսկանի ըրածը, թերեւս անգիտակցաբար, մանաւանդ Հին կտակարանին վրայ, այս է Եօթանասնից օրինակը` ուսկից եղած է մեր նախնեաց թարգմանութիւնը, համաձայնեցնել եբրայական օրինակին, որ եղած է լատին թարգմանութեան բնագիրը: Ոսկանի տպագրութեան ըլլալիք դիտողութեանց գլխաւորները հետեւեալներն են: Հայերէն Աստուածաշունչը մինչեւ այն ատեն կը պահէր միայն հին Ամոնեան եւ Եւթաղեան բաժանումները, որով իւրաքանչիւր գիրք բազմաթիւ մանր գլուխներու բաժնուած էր: Իսկ Լատիններու գործածական դարձած` գիրքերուն գլուխներու եւ գլուխներուն համարներու բաժանումը, որ Հուգոնեան կը կոչուի, Հայերուն անծանոթ էր: Ոսկան զայն հայերէնին ալ պատշաճեցուց, որ բնաւ անտեղութիւն չէր ունենար, եթէ հայերէն բնագիրը այլայլուած չըլլար, եւ այս կերպով Յակոբ կաթողիկոս ալ կրնար զայն թոյլատրած ըլլալ: Իրօք ալ ըսուած է, թէ տպագիր օրինակը գրչագիրներէն տարբերելով, հրամանաւ վեհափառին տեառն Յակոբայ Հայոց կաթողիկոսի` գլխակարգեալ եւ տնացեալ է ըստ դաղմատականացն (ՏՊԱ. 109): Բայց ասկէ դուրս ըրածներուն համար կաթողիկոսական հրաման ստացած չէ, եւ իւրովի գործեր ըրած է, ինչպէս են` հայերէն օրինակը լատինականին յարմարցնելու համար յաւելուածներ ընել, խօսքեր այլայլել, հատուածներ տեղափոխել, բառեր փոփոխել, տարօրինակ ոճով հայերէն մը ներմուծել, եւ խորթ լեզուով նորէն գիրքեր թարգմանել, ինչպէս Սիրարքը, Չորրորդ Եզրը եւ Երեմիայի թուղթը: Այս փոփոխութեանց համար Ոսկան իր օրով ալ մեղադրանքներ լսած է մտացի եւ խղճամիտ բանասէրներէ, զորս ինքն սուտակասպաս եւ բարձրայօն իմաստակ կ՚անուանէ, բայց աւելի իր յանդգնութեան կրնային պատկանիլ այդ կոչումները: Այսու հանդերձ տպագրութեան դիւրութիւնը եւ գրչագիրներու նուազութիւնն ու թանկութիւնը պատճառ եղան Ոսկանին օրինակներուն ամէն կողմ տարածուելուն, եւ անոր վրայէն կատարուեցան Պետրոս Լատինացիի 1705-ին Կ. Պոլիս, եւ Մխիթար Սեբաստացիի 1733-ին Վենետիկ հրատարակած նոր տպագրութիւնները, թող Նոր կտակարանի կամ չորս աւետարաններու մասնաւոր տպագրութիւնները: Մինչեւ իսկ անոր հետեւողութեամբ կազմուեցաւ Թադէոս երէցին 1686-ին Վենետիկ հրատարակած Ճաշոցը: Եւ այսպէս շարունակեցին հրատարակութիւնները երկար ատեն, մինչեւ որ 1805-ին Վենետիկի մէջ հրատարակուեցաւ Զոհրապեան Յովհաննէս վարդապետի նախնեաց թարգմանութեան հետեւողութեամբ կազմած օրինակը:

1747. ՈՍԿԱՆԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Ոսկանի տպագրական գործունէութեան պատմութիւնը լրացնելու համար, համառօտիւ քաղենք Աստուածաշունչի հրատարակութենէն ետքը կատարուած գործերը, կրած ծանր դժուարութիւնները եւ տեսակ տեսակ տագնապները: Ոսկան Ամսդելոտամ մնաց մինչեւ 1669 տարին, եւ քանի մը ուրիշ գիրքեր ալ հրատարակեց, բայց ստիպուեցաւ քաղաքէն հեռանալ, թէպէտ այնտեղ յարմարութիւններ ունէր թէ արուեստական միջոցներուն եւ թէ գրաքննական պայմաններուն կողմէ: Հեռանալուն պատճառը պարտապաններուն երեսէն նեղուած ըլլալն էր, զի դրամական միջոցները պակսած ըլլալուն` անձնական պատասխանատուութեամբ պարտքերու ներքեւ ինկած էր: Գրուած է թէ Ալիգուռնացի երեք վաճառականները տուած խոստմունքնին չի կատարեցին (ՏՊԱ. 109), բայց աւելի հաւանաբար նախնական պայմանէն աւելին չվճարեցին: Արեւելք ղրկուած օրինակներէն մաս մը նաւաբեկութեամբ կորսուեցաւ, մաս մըն ալ յամրաբար վաճառուեցաւ, եւ գինը Ոսկանի շուտով չդարձաւ (ՉԱՄ. Գ. 661): Մինչեւ իսկ Ոսկան իր տպարանը գրաւումէ ազատելու համար, Կարապետ Ագրիանեցիի անունին դարձուց (ՏՊԱ. 111), եւ այս կերպով կրցաւ Ամսդելոտամէ խոյս տալ, եւ տպարանը բովանդակ կազմածովը Ալիգուռնա փոխադրել: Սակայն Իտալիոյ մէջ գրաքննութիւնը խիստ էր, եւ հռոմէադաւան սկզբունքներէ դուրս բան մը տպագրել անհնար էր: Ուստի երբ տպարանը Ալիգուռնա կը բերէր, միւս կողմէն 1669 մայիս 26-ին Գաղղիոյ Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորին կը դիմէր, հայերէն Աստուածաշունչէն օրինակ մըն ալ յղելով, որ արտօնուի անոր երկիրներուն մէջ բանալու իր տպարանը, Գաղղիոյ գրաքննութիւնը Իտալիայէն աւելի լայնախոհ ենթադրելով: Ալիգուռնա դիմելովը երեք շահակից վաճառականներուն հետ ալ կարգադրութիւն մը կրնար յուսալ, բայց անոնք արդէն Ամսդելոտամէ Թադէոս երէցի ձեռքով իրենց յղուած գիրքերը գրաւելով, Ոսկանին պարտքերուն դարման մը չէին ըրած (ՏՊԱ. 110): Յակոբ կաթողիկոսէ գալիք դրամական օգնութիւնն ալ պարապի ելած էր (ՏՊԱ. 116), զի կաթողիկոսը հակաթոռութեան տագնապներով շրջապատուած, ինչպէս պիտի տեսնենք, որեւէ ձեռնտուութիւն ընելու անհնարութեան մատնուած էր: Դրամական նեղութեանց հետ, Հռոմէ հրամայուած գրաքննական դժուարութիւններն ալ աւելցան Ոսկանի վրայ, որոնք սաստկացան Փիթուի գրգռութեամբ, որ 1672 յունուար 17-ին Հռոմ հասած էր, Իլվովէ դառնալով (ԲՌՆ. 216), եւ Ոսկանի դէմ շատ գէշ տրամադրուած էր, Դավրիժեցիին պատմութեան 1669-ին կատարուած տպագրութիւնը տեսնելով, որուն մէջ հռոմէականներու ճիգերը, եւ յատկապէս Լեհաստանի եւ Նիկոլի գործերը ուժգին ձաղկուած էին (ԲՌՆ. 215): Ոսկան, որ Ամսդելոտամի մէջ 19 կտոր հրատարակութիւններ կատարած էր, հազիւ երկու մանր գիրքեր կրցաւ տպագրել Ալիգուռնա 1670-ին, իսկ Մարսիլիա հազիւ կրցաւ 1673-ին գործի սկսիլ: Վասնզի այն տեղ ալ հասան Հռոմի հրահանգները, որոնք արքունական հաստատութիւն ալ ստացան եւ կրօնական իշխանութեան յանձնարարուեցան: Ոսկան Մարսիլիա եւ Փարիզ անձամբ երթեւեկելէ ետքը (ՏՊԱ. 114), իր տպագրական անզուսպ փափաքը լրացնելու համար, յանձնառու եղաւ գրաքննական խստութեանց ենթարկուիլ, եւ մինչեւ իսկ հաւատոյ դաւանութիւն ստորագրել հռոմէական վարդապետութեան համաձայն (ՏՊԱ. 115): Ահա թէ ինչ պայմաններու ներքեւ ստիպուեցաւ Ոսկան հռոմէադաւան միտքով փոփոխութիւններ մտցնել իր տպագրած ծիսական գիրքին մէջ, որոնց համար այնչափ մեծ գոհունակութիւն կը զգան հռոմէականներ (ՉԱՄ. Գ. 661): Անոնք երբեք Ոսկանի միտքին յայտարարութիւնները չեղան, այլ բռնադատեալ համակերպութիւններ:

1748. ՈՍԿԱՆԻ ՄԱՀԸ

Ճիշդ այդ հոգեմաշ տագնապներուն պէտք է վերագրենք Ոսկանի տարաժամ մահն ալ, որ տեղի ունեցաւ Մարսիլիոյ մէջ հազիւ 60 տարեկան եղած ատեն, երբ շատ աւելի արդիւնքներ հնար էր սպասել, իրեն նման տոկուն եւ անխոնջ բնաւորութեան վիճակեալ անձէ մը: Ոսկան իրեն դժբախտութենէն անհաւատարիմ եւ նենգաւոր ընկերակիցի մըն ալ հանդիպեցաւ, ինչպէս եղաւ Թադէոս Համազասպեան, ծագմամբ Երեւանեցի, եւ ծննդեամբ Ասպահանեցի երէցը: Ամսդելոտամի մէջ եկած յարած էր Ոսկանի, եւ անոր գործակից կը գտնուէր Ալիգուռնայի մէջ, իսկ Մարսիլիոյ տպարանին շահակից ընկեր ալ եղաւ, բայց աւելի տպարանը փճացնելու եւ գիտութեան լոյսը մարելու նպատակով, ինչպէս ըսած են զինքը ճանչցող ժամանակակից Զմիւռնացիք (ՏՊԱ. 115), որոնք զայն ոչ միայն քահանայ այլ եւ քրիստոնեայ կոչուելու անարժան կը համարին (ՏՊԱ. 117): Ուստի ամենայն իրաւամբ կրնանք կասկածիլ, թէ Թադէոս անմասն չէր Ամսդելոտամի եւ Ալիգուռնայի մէջ ալ Ոսկանի կրած նեղութիւններուն պատասխանատուութենէն: Նա իր նենգապատիր գործունէութիւնը պսակեց Ոսկանը ամբաստանելով 1673-ին վերջերը, թէ նոր սկսուած Ժամագիրքի տպագրութեան մէջ, հերետիկոսական մասեր կը պարունակուին, եւ խնդիրը հանելով պետական եւ կրօնական ատեաններուն առջեւ: Այդ զրպարտութենէն քիչ օրեր ետքը, 1674-ին սկիզբը վախճանեցաւ Ոսկան (ՏՊԱ. 117), աւելի սիրտին ցաւէն եւ ներքին մորմոքէն: Այս կերպով տպագրութեան ձեռնարկին կատարելապէս նահատակ մը եղաւ տպարանի փոշիներուն մէջ թաւալող այդ սրբազան արքեպիսկոպոսը, մինչ շատ դիւրին էր իրեն, իր ծագումով եւ աստիճանով` փառքերու եւ հեշտութիւններու մէջ անցընել իր կեանքը, իր դասակից եկեղեցականներուն նման (ԼԷՕ. 182): Ոսկանի անձնաւորութիւնը արժանի է մեր ազգին մտաւոր զարգացման տեսակէտէն` մեծ երախտաւորներու կարգը դասուիլ, եւ Հայ տպագրութեան իսկապէս մղում տուողը ճանչցուիլ: Նախընծայ տպագրութիւն ճանչցուած 1512 եւ 1513 տարիներու Յակոբի հրատարակութիւնները, միայն ժամանակագրական փառք մը ունեցան, առանց իրական օգուտի: Աբգար Եւդոկիացիին ձեռնարկն ալ ամփոփուած ու սեղմուած մնաց, ու անհետացաւ. Ոսկանի գործն է, որ իր տարաբախտ մահուանէ ետքն ալ շարունակեց, եւ չորցած բոյսէ մը թափուած սերմերու նման բողբոջները բազմացան: Իր քեռորդին Սողոմոն Լեւոնեան, իր ազգականը Պետրոս Լատինացին, իր գործակատարը Նասիպ Գրիգորեան, իր գրաշարը Մատթէոս Վանանդեցին, եւ նոյնիսկ իր դաւաճանը Թադէոս Երեւանեցին, տպարաններու վարիչներ եղան Մարսիլիա, Կ. Պոլիս, Ամսդելոտամ եւ Վենետիկ, եւ հետզհետէ ընդարձակուեցան Հայ տպարաններու թիւն ու արդիւնքը: Դաւանական տեսակէտէն, հռոմէականներ իրենց համախոհ մը եղած կը կարծեն Ոսկանը, սակայն յառաջ բերուած պատմական պարագաներ կը ցուցնեն, թէ պատահաբար եւ բռնադատեալ առ երեսս համակերպող մը, եղած է նա, եւ ոչ աւելի: Եւ այն ալ տպագրական ձեռնարկը չխափանելու եւ չխանգարելու համար, ինչպէս շատ լաւ զգացին իր հալածող ու քննադատ Փիթուները, եւ ինչպէս ցուցուցին Դավրիժեցիին պատմութեան եւ նման գիրքերուն հրատարակութիւնները: Նոյն կէտը կը հաստատուի եւս` մինչեւ իր մահուան օրը կրօնամոլ հռոմէականներէ եւ նենգամիտ դաւաճաններէ այդ երեսէն ամբաստանուած ըլլալովը: Գերեզմանին ալ անյայտ մնացած ըլլալը, կրնայ իբր նշան նկատուիլ թէ իր յիշատակը պատւոյ արժանացած չէ տեղւոյն կրօնական շրջանակին մէջ: Մենք զինքը մեղադրեցինք Աստուածաշունչի նախնեաց թարգմանութիւնը այլայլելու եւ աղաւաղելու ձեռնարկած ըլլալուն համար ( § 1746), բայց աւելի գործին եւ ոչ գործողին մասին է մեր դատաստանը, զի կ՚ընդունինք թէ բարեմիտ կրցած է ըլլալ Ոսկանի նպատակը, հայերէն Աստուածաշունչը թերի կարծելով, քանի որ սուրբ գրոց ուսումը Հայերուն անծանոթ էր, Եւրոպայի մէջ ալ մշակուած չէր, եւ Ոսկան կրնար իբր տիպար ենթադրել լատին աշխարհին մէջ գործածական եղած բնագիրը:

1749. ՈՍԿԱՆ ՎԻՃԱԿԱԳԻՐ

Ոսկանի վրայ ըսուելիքը չփակած կ՚ուզենք յիշատակել իրեն վերագրուած գործ մըն ալ (ԱՐԱ. 231), այն է Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վիճակագրական ցուցակը: Արեւմտեան եկեղեցւոյ նուիրապետութեան արքեպիսկոպոսարաններու եւ եպիսկոպոսարաններու կանոնաւոր բաժանման դրութիւնը տեսնելով, եւ իր եկեղեցւոյ պատիւը պահպանելու նախանձայուզութեամբ, նմանօրինակ ցուցակ մըն ալ կազմած է Ոսկան Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան համար, թէպէտ մենք կը կարծենք թէ իսկականին եւ իրականին ճիշդ պատկերը եղած պիտի չըլլայ իր ցուցակը: Հայոց նուիրապետութեան արքեպիսկոպոսական նահանգներու կամ մետրապոլտութիւններու, եւ անոնց ենթարկեալ եպիսկոպոսարաններու բաշխուած ըլլալը, ոչ միայն կանոնաւոր ցուցակներով մեզի հասած չէ, այլեւ ոմանց կարծիքով Հայ եկեղեցին այսպիսի դրութիւն ունեցած չէ: Մենք չունենալուն համակարծիք չենք, ապա թէ ոչ դժուար կ՚ըլլար բացատրել նահանգներու անունով կոչուած եպիսկոպոսները, զորօրինակ Սիւնեաց, Ծոփաց, Աղձնեաց, Մոկաց, Տայոց, եւ այլն, երբ նոյն նահանգներուն գաւառներն ալ եւ քաղաքներն ալ յատուկ եպիսկոպոսարաններ ունեցած են: Ասով մէկտեղ կանոնաւոր ցուցակներ չունինք նուիրապետութեան կազմութիւնը քաղելու համար, մանաւանդ Ոսկանի ապրած դարուն մէջ, ուր այլեւս նահանգներ եւ գաւառներ ալ քաղաքական նշանակութիւննին կորուսած էին, եւ կաթողիկոսներ ըստ հաճոյս եւ ըստ բերման թեմակալներ կամ առաջնորդներ կը ձեռնադրէին: Մենք կը սիրենք գնահատել Ոսկանի դիտումը որ ուզած է իր եկեղեցին կարգաւորեալ ներկայացնել Լատին աշխարհին առջեւ, եւ իրականը կանոնականի մերձեցնելով ցուցակ մը կազմած է: Ասով մէկտեղ այդ ցուցակը կարեւոր կը նկատուի, գոնէ ժամանակին տիրող մեծ բաժանումները, եւ նոյն ատեն գտնուող նուիրապետութեան պատկերը գիտնալու համար: Ցուցակը միայն լատիներէնով պահուած է, եւ հաւանաբար հայերէն բնագիր ալ ունեցած չէ, զի ուղղակի օտարներու համար կազմուած է: Ոսկանին ցուցակը` բոլոր վիճակները երկու կաթողիկոսութեանց վրայ կը բաժնէ, այսինքն Էջմիածին եւ Սիս, եւ նշանակուած աթոռները Ալիշան համրած է 138, որոնցմէ 47 արքեպիսկոպոսական եւ 91 եպիսկոպոսական (ԱՐԱ. 231): Սակայն ցուցակին մէջ (ՊԷՆ. Ա. 820), եկեղեցական նահանգ կազմող արքեպիսկոպոսարանները 17 են, եւ անոնց ներքեւ եպիսկոպոսարաններէ զատ պատուակալ արքեպիսկոպոսարաններ ալ յիշուած են: Սսոյ կաթողիկոսութիւնը իբր միակ նահանգ կը նկատուի, իսկ Աղթամարը իբրեւ պարզ արքեպիսկոպոսարան կը յիշուի, որ կաթողիկոսական անուն կը վերագրէ իրեն: Մենք կ՚ուզենք այս ցուցակին քաղուածը տալ, որչափ հնար է հայկական անուններուն մերձեցնելով, զի մեր ձեռքն եղած օտարալեզու ցուցակը գրչագրական եւ տպագրական շատ փոխանցումներ ունեցած է, եւ անբացատրելի անուններ ալ կը պարունակէ: Շատ եպիսկոպոսարաններուն բուն անունէն զատ, եպիսկոպոսին բնակած վանքն ալ ցուցուած է, զոր մենք զանց կ՚ընենք համառօտութեան համար, բաւական սեպելով համառօտ քաղուած մը տալ, եւ մերձաւորաբար ներկայել ԺԷ. դարուն մէջ Հայ նուիրապետութեան կազմութիւնը:

1750. ՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ՔԱՂՈՒԱԾՔԸ

Էջմիածինի կաթողիկոսութեան ներքեւ եղող արքեպիսկոպոսներն են: Ա. Երեւան, որուն եպիսկոպոսներն են, Առինջ, Եղիվարդ, Մուղնի, Սաղմոսավանք, Գօշավանք, Յովհաննավանք, Գեղարդ, Տփղիս, Մաղարդավանք, Վարդիհայր, Խոյ, Կարբի, Աղջոցվանք եւ Գետարգել, իսկ պատուակալ արքեպիսկոպոսարաններն են, Խորվիրապ, Ուշի եւ Բաղէշ, բովանդակ 18 աթոռ: Բ. արքեպիսկոպոսարան Բջնի, եպիսկոպոսարաններ` Կեչարիսիվանք, Գեղարքունի, Շողագավանք եւ Սեւան, 5 աթոռ: Գ. արքեպիսկոպոսարան Հաղբատ, եպիսկոպոսարաններ` Գորի, Հաղարծին եւ Մակարավանք, պատուակալ արքեպիսկոպոսարան, Մաքենոցացվանք, 5 աթոռ: Դ. արքեպիսկոպոսարան Կարմիրվանք, եպիսկոպոսարաններ` Կապոյտվանք, Հերմոնիվանք, եւ 3 անբացատրելի անուններ, 6 աթոռ: Ե. արքեպիսկոպոսարան Սուրբ Նախավկայ, եպիսկոպոսարաններ` Աստապատ եւ Նախիջեւան, պատուակալ արքեպիսկոպոսարաններ` Ագուլիս` Սանահին եւ Շամախի, 6 աթոռ: Զ. արքեպիսկոպոսարան Մակու, եպիսկոպոսարաններ` Խոյ, Ուրմիա, Մարաղա, եւ Սալմաստ, եւ անբացատրելի անուն մը, 6 աթոռ: Է. արքեպիսկոպոսարան Տաթեւ, եպիսկոպոսարաններ` Մեղրի, եւ 3 անծանոթ, պատուակալ արքեպիսկոպոսարան Ֆահրապատ, 6 աթոռ: Ը. արքեպիսկոպոսարան Ասպահան, եպիսկոպոսարաններ Փարիա, եւ 3 անծանոթ, պատուակալ արքեպիսկոպոսարան Վան, եպիսկոպոսարաններ` Արճէշ, Խլաթ, Կտուց, Լիմ, Ոստան, Խիզան, եւ Աղբակ, 8 աթոռ: Ժ. արքեպիսկոպոսարան Աղթամար, որ կաթողիկոսական աստիճանի կը յաւակնի, եպիսկոպոսարաններ 3 անբացատրելի եւ ուրիշ անծանօթներ, ըսենք 6 աթոռ: ԺԱ. արքեպիսկոպոսարան Ամիդ, եպիսկոպոսարաններ` Ակլ, Արզնի, Բալու, Եդեսիա, Ջերմիկ, Մերտին, Չնքուշ, եւ Թուլկուրան, 9 աթոռ: ԺԲ. արքեպիսկոպոսարան Խարբերդ, եպիսկոպոսարաններ` 4 անծանօթ, 5 աթոռ: ԺԳ. արքեպիսկոպոսարան Մուշ, եպիսկոպոսարաններ` Մատնավանք եւ Բաղէշ, 3 աթոռ: ԺԴ. արքեպիսկոպոսարան Կարին. եպիսկոպոսարաններ` Ս. Աստուածածին որ է Հինձք, Ճինիս եւ Մամըրուան, պատուակալ արքեպիսկոպոսարան Դերֆան, 5 աթոռ: ԺԵ. արքեպիսկոպոսարան Սեբաստիա, եպիսկոպոսարաններ` Ածպեր, Անդրէաս, եւ Ս. Հրեշտակապետ, 4 աթոռ: ԺԶ. արքեպիսկոպոսարան Կեսարիա, եպիսկոպոսարաններ` Ս. Աստուածածին եւ 1 անբացատրելի, 3 աթոռ: ԺԷ. արքեպիսկոպոսարան Եւդոկիա, եպիսկոպոսարաններ` Նազիանզ, Մարսուան եւ Նէոկեսարիա, 4 աթոռ: Որով Էջմիածինի կաթողիկոսութեան ներքեւ կ՚ըլլան 105 աթոռներ: Դիտելի է որ քանի մը անուններ, ինչպէս Խոյ ու Բաղէշ, երկու անգամ յիշուած կը գտնուին, եթէ աղաւաղումները տարբեր կերպով մեկնուելու չեն: Սսոյ կաթողիկոսութեան ներքեւ նշանակուած աթոռներուն սկզբնաւորութեան ժամանակներն ալ նշանակուած են, եւ ըստ այսմ կաթողիկոսութեան ալ սկիզբը ԺԳ. դար ըսուած է: Արքեպիսկոպոսարաններն են, Կոստանդնուպոլիս, որ պատրիարքական իրաւունքներ կը պահանջէ` ԺԳ. դար, Երուսաղէմ ԺԲ. դար պատրիարք չէ ըսուած, Բերիա` ԺԴ. դար, Թեսաղոնիկէ` ԺԳ. դար, Կիպրոս ԺԲ. դար, եւ Տարսոն` ԺԳ. դար, Եպիսկոպոսարաններն են, Անարզաբա, Ատանա, Մոպսուեստիա, Թիանա, Նէոկեսարիա, եւ Անկիւրիա, բոլորն ալ ԺԳ. դար, ընդամէնը 12 աթոռ: Այս տեղ ալ դիտելի է որ Էջմիածնական աթոռներու կարգին յիշուած էին արդէն Նէոկեսարիա եւ Անկիւրիա: Ցուցակին վերջը նշանակուած են ինչ ինչ եպիսկոպոսարաններ, որ անծանօթ են կամ դադարած են (ՊԷՆ. Ա. 823), եւ յառաջ կը բերուին 25 անուններ մասամբ անբացատրելի, որոնց մէջ ծանօթ կը գտնենք Բարձրբերդ, Կապան, Մաշկեւոր, Բասէն, Կոպիտար, Օծոպ, Մարաշ, Բաբերդ, Նփրկերտ, Ճապաղջուր, Մեծկերտ, Կարս, Կոկիսոն, Այաս, Ծամնդաւ, եւ Խորձեալ, որ կը ցուցնէ թէ զանազան կողմերու աթոռներ են: Ըստ այսմ աթոռներուն բովանդակ թիւը կը հասնի 144-ի, երկու կաթողիկոսութիւններն ալ միատեղ: Հարեւանցի դիտողութեամբ ալ կը տեսնուի, որ շատ թեթեւ կերպով կազմուած ցուցակ մըն է, արքեպիսկոպոսներուն եւ իրենց եպիսկոպոսներուն աշխարհագրական դիրքերը միշտ չեն համապատասխաներ, եւ կրկնուած անուններ կան, ինչպէս դիտել տուինք: Յատուկ նահանգ մըն ալ կազմուած է Լատինացեալ Հայք անունի ներքեւ, եւ հինգ պատուակալ արքեպիսկոպոսարաններու անուններ կը յիշուին, որոնք են Նախիջեւան, Կաֆա, Մարաղա, Տփղիս եւ Սուլթանիէ, բայց առաջինէն զատ միւս չորսերը ջնջուած կ՚ըսուին (ՊԷՆ. Ա. 823): Աւելի չենք ուզեր երկարել ցուցակիս ուսումնասիրութեան վրայ, բաւական սեպելով մտադրութիւն հրաւիրել Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը չընդունելուն, եւ Կ. Պոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները Սիսի աթոռին ենթարկելուն վրայ: Այդ տեսութիւնները չենք կրնար իբր հաստատուն կացութիւն ընդունիլ, այլ միայն նոյն ժամանակին տիրող խառնակ դիրքին վերագրել, եւ տեղի ունեցող հակաթոռութեանց հետեւանք ըսել, ինչպէս մինչեւ հիմա պատմուածներ եւ առաջիկային պատմուելիքներ յայտնի կը ցուցնեն:

1751. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՆՊԱՏԱԿԸ

Ոսկանի անձին պատկանող տեղեկութիւնները լրացնելու համար, պարտաւորուեցանք ժամանակագրական կարգը առջեւ մղել մինչեւ 1674. այժմ պարտաւոր ենք տասը տարիով ետ դառնալ պատմելու համար հակաթոռութեան շփոթութիւնները, որուն հաւասարապէս խառնուեցան Էջմիածինի, Սիսի, Երուսաղէմի, եւ Կ. Պոլսոյ աթոռները: Այդ կացութեան առիթ տուաւ նուիրակներու անտեղի ընթացքը, ինչպէս արդէն ակնարկած ենք ( § 1742), որ եւ զօրաւոր պատճառանք մը դարձաւ Եղիազար Այնթապցիին ձեռքը: Սա վերջին անգամ եկած էր Երուսաղէմ, իբրեւ ընդհանուր վերակացու եւ գործակալ Աստուածատուր պատրիարքի փոխանորդագրով, տիրացած էր Ս. Յակոբայ վանքին, եւ սկսած էր ընդարձակել եւ պայծառացնել Երուսաղէմի աթոռը, նորոգութիւններով եւ նոր շինութիւններով ( § 1639): Նոյն իսկ Աստուածատուրի Կ. Պոլսէ Երուսաղէմ գալէն ետքը, գործառնութեանց տէրը միշտ Եղիազար էր, որուն աչքին պատրիարքական աթոռներն ալ յագեցուցիչ չէին, հեռուէ հեռու աւելի բարձր ծրագիրներ կ՚որոճար, եւ անոր համար իր անձնականէն ալ կը ծախսէր, Երուսաղէմին աւելի փայլ աւելցնելու համար: Զաքարիայի պատմութեամբ Եղիազար Էջմիածինէ ալ քաջալերութիւններ ստացած էր իր գաղափարին, իբր զի քանի մը միաբաններ գլխաւորութեամբ Ոնոփրիոս Երեւանեցի վարդապետին, գրեցին բազում հայհոյանօք սուտս Յակոբ կաթողիկոսի վրայ, եւ Եղիազարը հրաւիրեցին, թէ եկ ի սուրբ աթոռս, եւ մեք տեղ տամք զկաթողիկոսութիւն Էջմիածնի, եւ Ոնոփրիոս ալ հրաւիրակ գնաց, նամակին ետեւէն (ԶԱՔ. Բ. 71): Իսկ Եղիազարի եւ Ոնոփրիոսի մտերմութեան սկիզբը պէտք է տանիլ այն ժամանակին, որ Եղիազար Արզնի կը մնայր, եւ Ոնոփրիոս ալ Ամիդ նուիրակ էր եկած, եւ քաղաքացւոց խնդրանօք Ամիդի եպիսկոպոս ձեռնադրուած: Ոնոփրիոս կանուխէն Ամիդէ ալ Էջմիածին նախապատական գիրեր էր գրած կաթողիկոսին եւ միաբանութեան դէմ, որոնք այն ատեն անհետեւանք մնացին (ԶԱՔ. Բ. 67), բայց մէջ տեղ ելան երբոր իր զազիր եւ գարշ գործերուն համար Ամդեցիները վիրաւորեալ, տաղտկացոյց, եւ ստիպուեցաւ փախչիլ Էջմիածին յաւուրս Յինանցն, որուն տարին ճշդուած չէ ((ԶԱՔ. Բ. 68): Այնտեղ ալ ներկայանալ չհամարձակելով, ուզեց փախչիլ, բայց Կաւակերտի մէջ ձերբակալուելով Էջմիածին բերուեցաւ, դատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ, Յակոբ առեալ մկրատ եւ խուզեաց զգանգուրն, եւ հրամայեց բանտարկել ի մահահոտ եւ խաւարային բուրգ մի: Սակայն Ոնոփրիոս յաջողեցաւ բանտէն փախչիլ, եւ Ասպահան ապաւինիլ, եւ նորէն կաթողիկոսին հետ հաշտուիլ, եւ Էջմիածին դառնալ, ուր կը մնար խորհելով չարիս (ԶԱՔ. Բ. 70): Այս անգամ ալ վերոյիշեալ գիրը Եղիազարի ղրկելով, ինքն ալ ետեւէն կ՚երթայ, սակայն Կարինէ ետ կը դառնայ (ԶԱՔ. Բ. 72): Իսկ Եղիազար Էջմիածինի մէջ կաթողիկոսանալու դժուարութիւնները նախատեսելով, առանձինն կաթողիկոսութեան ձեւը սկսած էր միտքին մէջ որոճալ:

1752. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Իր այս գաղտնի խորհուրդը առաջին անգամ խոստովանաբար յայտնեց Կիլիկիոյ Խաչատուր կաթողիկոսին, երբ սա 1663-ին Երուսաղէմ ուխտի էր եկած: Գլխադիրի մատուռին մէջ առանձնանալով անոր յայտնեց, Օսմանեան գաւառները Էջմիածինի կաթողիկոսութենէն զատելու խորհուրդը. Կիլիկիոյ աթոռին չդպչելով, եւ անոր թողլով որչափ ինչ արդէն անոր կը պատկանէր, եւ մնացածներուն համար նոր կաթողիկոսութիւն մը ստեղծել, եւ զայն իրեն սեփականել, աթոռն Երուսաղէմի մէջ հաստատելով, եւ Երուսաղէմի ու Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնները իրեն ենթարկելով: Գործին յաջողութեան համար Եղիազար նիւթական միջոցներն ունէր, Երուսաղէմի մէջ գտած թաքուն գանձն ալ մէջն ըլլալով ( § 1730), Երուսաղէմն ալ պատրաստած էր արդէն, Էջմիածինի խորհրդաւոր անունով մատուռը շինած ատեն ( § 1739): Հայ ազգը շուտով կրնար գրաւել նուիրակներու հանգանակութիւնները եւ կեղեքումները պատճառելով ( § 1742), եւ ձրի միւռոն բաշխելով, կառավարութեան հովանաւորութիւնն ալ դիւրին էր ստանալ` Պարսկաստանի հետ յարաբերութիւնները վերջացնելու փաստով: Կը մնար եկեղեցական օրինաւորութեան ձեւակերպութիւնը, այս ալ պիտի լրացուէր ճանչցուած կաթողիկոսէ մը օծում ընդունելով, եւ այդ էր Եղիազարի Խաչատուրէ խնդրած աջակցութիւնը: Խաչատուր համոզուեցաւ, քանի որ իրեն վնաս պիտի չհասնէր, Էջմիածին պիտի տկարանար, եւ անշուշտ ծառայութեանը փոխարէն պատշաճ վարձն ալ սակարկուած էր: Կը մնար օրն ու տեղը որոշել, զոր Եղիազար պիտի պատրաստէր, եւ Խաչատուր խոստացաւ անոր կոչին պատասխանել եւ օծումը կատարել, մինչեւ որ նախապատրաստութիւնները լրանան: Այսպէս 1663 Երուսաղէմի վանքին Գլխադիրի մատուռին մէջ հաստատուեցաւ հակաթոռութեան առաջին խորհուրդը:

1753. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Խաչատուր Երուսաղէմէ իր աթոռը դարձած ատեն հակաթոռներ յարուցանելու միտքին հաշտուած էր, ուստի կամակար գործակցեցաւ Անդրէաս Ասորի վարդապետի մը, որ իր իսկ կաթողիկոսին դէմ հակաթոռութեան կը հետապնդէր, եւ կառավարութեան հաւանութիւնն ալ ստացած էր: Ուստի Խաչատուր Բերիոյ մէջ պէտք եղած ձեռնադրութիւնն ու օծումը տուաւ Անդրէասի, եւ այս կերպով խռովութիւն եւ երկպառակութիւն թողուց Ասորւոց մէջ: Խաչատուրի ըրածը Հայերուն ալ տգեղ երեւցաւ եւ տժգոհութիւններ բարձրացան, գլուխ ունենալով Դաւիթ Բերիացի եպիսկոպոսը, զոր յիշեցինք Երուսաղէմի խնդիրներուն ատեն Կ. Պոլիս պատուիրակ յղուելուն առթիւ ( § 1730): Դաւիթ, որ Կարկառեցի ալ կոչուած է, անշուշտ Բերիոյ գաւառին Կարկառ գիւղը` իր ծննդավայրն ըլլալէն, Բերիոյ մէջ առաջնորդ կը գտնուէր, ուստի կուսակցութիւն կազմելով ինքն ալ Խաչատուրի հակառակ կաթողիկոսանալու ետեւէ եղաւ: Կ. Պոլիս գնաց, Յովհաննէս պատրիարքը շահեցաւ, եւ անոր տեղեկագիրովը հրովարտակ ալ ձեռք ձգեց, եւ Բերիա դառնալով, ու Ասորւոց կաթողիկոսէն ալ պաշտպանութիւն գտնելով, կաթողիկոս օծուեցաւ եւ Բերիոյ մէջ հաստատուեցաւ Խաչատուրի դէմ, եւ կաթողիկոսական իշխանութիւն սկսաւ գործածել: Այս ամէնը տեղի ունեցաւ 1663 տարին չլրացած: Խաչատուր իւրովի չկրնալով Դաւիթը յաղթահարել ու մերժել, կը պատրաստուի Կ. Պոլիս երթալ, որ այս անգամ ինքն շահի պատրիարքն ու մեծամեծները եւ Դաւիթը հեռացնէ, բայց Դաւիթ փութաց ետեւէն հասնիլ, եւ որովհետեւ երկուքն ալ հնչուն փաստերով կը խօսէին, Յովհաննէս Թիւթիւնճի պատրիարք չկրցաւ երկուքն ալ մերժել, եւ առաջարկեց որ Սսոյ կաթողիկոսական վիճակը մէջերնին բաժնեն, եւ իւրաքանչիւրը իր մասին մէջ ազատօրէն կաթողիկոսութիւն վարէ: Դաւիթ միշտ բան մը վաստկած կ՚ըլլար, իսկ Խաչատուր պէտք ունէր որեւէ կերպով գործը վերջացնել, վասնզի անդիէն ուրիշ կարեւոր գործ մըն ալ կը ստիպէր զինքն Կ. Պոլիսէ մեկնիլ, ուստի համաձայնութիւնը գոյացաւ եւ խնդիրը փակուեցաւ: Եղիազար նոր կազմուելիք կաթողիկոսութեան համար Խաչատուրի հետ համաձայնութենէն ետք անգործ չէր մնացած, այլ պէտք եղած գումարները մէկտեղ առնելով եկած Կ. Պոլիս, եւ Յովսէփ Ամանօղլու Ռոտոսթոցի վարդապետը այնտեղ գործակատար թողլով, անմիջապէս անցած էր Եւրոպակողմ, Քէօբրիւլիւօղլու մեծ եպարքոսին ետեւէն, որ 1664 մարտ 20-ին Սէմլին կը գտնուէր` Մաճառներու դէմ պատերազմը (ԺՈՒ. 275) պատրաստելու համար: Մեծ եպարքոսին հետ էր իր սեղանաւորը Ապրոյ Չէլէպի, Եղիազար նախ անոր հետ բարեկամացաւ եւ անոր ձեռքով իր միտքը յայտնեց մեծ եպարքոսին, որուն շատ դիւր եկաւ Տաճկահայերը Պարսկաստան գտնուող աթոռէն զատելու գաղափարը: Ընծայ եւ կաշառք փաստին պակասը լրացուցին, եւ Եղիազարը Տաճկահայոց կաթողիկոս ճանչնալու հրովարտակը տրուեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնն ալ իբր նոյն պաշտօնին լրումն եւ նոր կաթողիկոսութեան աթոռ ընդունուեցաւ: Եղիազար եւ Ապրոյ համաձայնեցան գործը գաղտնի պահել, եւ Եղիազար առանց Կ. Պոլիսէ անցնելու շիտակ Բերիա գնաց, պէտք եղած կարգադրութիւններն ընելու: Նամակով ազդարարեց Խաչատուրի, որ փութայ անմիջապէս Բերիա գալ, եւ ատեն չ՚անցընելու համար հետեւորդ եւ կարասի ալ չ՚առնէ, եւ սուրհանդակներու հետ արագընթաց ճամբորդներով Բերիա հասնի, ծանօթ նպատակը իրագործելու համար: Այս էր, որ Խաչատուրը կը ստիպէր Կ. Պոլիսէ մեկնումը փութացնել:

1754. ԵՂԻԱԶԱՐ ՀԱԿԱԹՈՌ

Որչափ ալ Խաչատուր արդէն իր գործակցութիւնը խոստացած էր, բայց երբ գործադրութեան վայրկեանը հասաւ, յանկարծ վարանեցաւ, եւ կերպով մը խղճիխայթէ ազատուելու համար, ուզեց գաղտնի խորհուրդը քանի մը խելահասներու հաղորդել, որոնց մէջ կար նաեւ Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան: Խորհուրդի հրաւիրուածներ զարմացմամբ լսեցին եղածը, եւ Խաչատուրը յորդորեցին զայն չգործադրել, եւ վրանին առին Եղիազարն ալ յետս կասեցնել, նոյնիսկ Քէօմիւրճեանը, որուն Եղիազար վստահութիւն ունէր եւ իր մօտ ունենալ ուզած էր, ճամբայ հանեցին Բերիա երթալ, եւ տարադէպ գործը արգելել: Երեմիա մեկնեցաւ շտապով, Խաչատուր ալ ետեւէն. Երեմիա շատ խօսեցաւ եւ թախանձեց որ եկեղեցւոյն վրայ այդ դժբախտութիւնը չբերէ, բայց Եղիազար անդրդուելի մնաց` եկեղեցւոյն եւ ազգին մեծ բարիք մը ըրած ըլլալ կարծեցնելով: Խաչատուրն ալ առիթը կորսընցնել չուզեց, եւ մեծ եպարքոսին հրամանագիրը իրեն արդարացում առնելով, Երեմիայի խրատներուն ալ չ՚անսաց. եւ ժողովեաց զամենայն եպիսկոպոսունս այնմ նահանգի, այսինքն Կիլիկիոյ (ԶԱՔ. Բ. 72), ու Եղիազարի վրայ կաթողիկոսական օծումը կատարեց Բերիոյ Ս. Քառասունք եկեղեցւոյն մէջ, 1664 տարին, բայց օրը նշանակուած չենք գտներ (ԹՈՐ. Բ. 464): Տեղ մը 1666 գրուած ըլլալը (ԹՈՐ. Բ. 407) գրչագրական սխալանք պէտք է սեպել: Եղիազար հազիւ կաթողիկոս օծուած` օրհնութեան անդրանիկ կոնդակ գրեց եւ ղրկեց բոլոր Օսմանեան պետութեան մէջ եղող վիճակներուն, Խաչատուրի ենթարկեալ թեմերէն զատ: Նախապէս սովորական ձեւով օրհնութիւններ շռայլելէն ետքը, կը ծանրանար Էջմիածինի նուիրակներուն խստութիւններուն եւ կեղեքումներուն վրայ, եւ ինքն կը խոստանար բոլոր այդ զեղծումները խափանել, ձրի միւռոն բաշխել, ժողովուրդին բարօրութեան աշխատիլ: Օսմանեան հովանաւորութեամբ գործել, եւ օտար միջամտութիւնները դադրեցնել: Իր կաթողիկոսանալը եպարքոսին ալ հաղորդելով, խնդրեց որ Օսմանեան գաւառներէ վտարուին Պարսկաստանէ եկող նուիրակները, եւ ըստ այնմ եպարքոսական հրամանագիրներ յղուեցան Սեբաստիա, Կարին, Վան, Ամիդ, եւ ուրիշ գլխաւոր կուսակալութիւններ: Վիճակներէն բաւական թուով Եղիազարի յարողներ եղան, բայց ոչ ամէնքը, վասնզի Էջմիածինի Մայրաթոռէն զատուիլը շատերուն ծանր կու գար. Յակոբ կաթողիկոսի անունն ալ սիրելի եւ պատկառելի մնացած էր, հակառակ իր նուիրակներէն շատերուն անտեղի ընթացքին: Եղիազարի օծումին կատարումը իբրեւ լուաւ Ոնոփրիոս, վաղվաղակի գնաց առ նա խնդութեամբ (ԶԱՔ. Բ. 72), եւ միասին պատրաստեցին գրգռութեան միջոցները ( § 1751): Ասկէ ծագեցան հայրապետական իրաւասութեան պառակտումները, եւ Յակոբեան ու Եղիազարեան կուսակցութեանց կոչումները: Կաթողիկոսի յիշատակութիւններն ալ վիճակէ վիճակ, քաղաքէ քաղաք եւ եկեղեցիէ եկեղեցի տարբերեցան բովանդակ Թուրքիոյ մէջ: Արդէն Կիլիկիա ալ բաժնուած էր Խաչատուրի եւ Դաւիթի մէջ, Աղթամարն ալ կանուխէն իրեն սեփական իրաւասութեան վիճակներն ունէր: Եթէ մաս մը վիճակներ շահած ըլլալն ալ Եղիազարի համար յաջողութեան սկզբնաւորութիւն մըն էր, սակայն մեծ ձախողուած եղաւ Երուսաղէմ չկարենալ մտնելը, զոր իբր կեդրոն քրիստոնէութեան` իրեն աթոռանիստ որոշած էր ընել:

1755. ՍԱՐԳԻՍ ԹԷՔԻՐՏԱՂՑԻ

Երբոր Եղիազար 1659-ին Ս. Յակոբայ վանքին տիրացաւ ( § 1735), ամէն կողմ Երուսաղէմի նուիրակներ հանած էր, եւ ասոնցմէ մէկն էր, Սարգիս եպիսկոպոս Թէքիրտաղցի, Աստուածատուր պատրիարքի աշակերտ, կամ որ նոյն է Երուսաղէմի միաբան, որուն վիճակեցաւ երթալ Կաֆայի շրջանակը, եւ արդիւնաւոր նուիրակութիւն ալ ունեցաւ, բայց Երուսաղէմ դառնալուն քիչ արդիւնք ներկայեց: Եղիազար կասկածեցաւ եւ Սարգիսի պտտած քաղաքներէն ճիշդ հաշիւներ բերել տուաւ, եւ Սարգիս ստիպուեցաւ պարտքը ճանչնալ, եւ վճարումը պարտամուրհակներով երաշխաւորել: Եղիազար պարտագիրները կէս գինով այլազգիներու փոխանցեց, որոնք սկսան Սարգիսը նեղել, որ 1663-ին Կ. Պոլիս անցաւ միջոց ճարելու եւ պարտատէրերը գոհացնելու համար. բայց երբ չյաջողեցաւ, պարտատէրներու բողոքին վրայ բանտարկուեցաւ: Հոն իրեն բանտակից գտաւ Ղազար Սեբաստացին, զոր Յովհաննէս Թիւթիւնճի պատրիարքը բանտարկել տուած էր, պատրիարքութենէ գահընկէց ընելէն ետքը ( § 1741): Մօտաւորապէս տարի մը իրարու հետ ապրեցան, բարեկամացան, եւ խորհրդակցութիւններ կազմեցին իրենց ոսոխներուն դէմ: Առաջ Ղազար ազատեցաւ իր կողմնակիցներուն միջնորդութեամբ, իսկ Սարգիս նոյնիսկ իր պարտատէրներէ նպաստաւորուեցաւ, որոնք նոր փոխատուութիւններով իր պատրիարքութիւնը յաջողցուցին, որպէսզի այս կերպով հին ու նոր պարտքերը միանգամայն վճարէ: Սարգիս բանտէ ելլալով Ադրիանուպոլիս գնաց եպարքոսին ետեւէն, եւ պատրիարքութեան հրովարտակն առնելով Կ. Պոլիս դարձաւ, Յովհաննէսը վտարեց, եւ պատրիարքարանին տիրացաւ 1664-ին: Ճիշդ այդ միջոցին էր որ Եղիազար կաթողիկոսական օծում ստացած էր Բերիոյ մէջ, եւ Երուսաղէմ կ՚ուզէր մտնել յաղթանակով, որուն պատրիարքութեան իրաւունքն ալ ստացած էր հրովարտակով: Աստուածատուր պատրիարք եւ Երուսաղէմի միաբաններն չուզեցին ճանչնալ Եղիազարի պատրիարքութիւնը, իրենց կողմը շահեցան Երուսաղէմի կուսակալ, Էմիրհաճ փաշան, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան ալ դիմեցին, որ Սարգիս Թէքիրտաղցիին էր անցած, եւ որ Եղիազարի մէծ հակառակորդն էր. սա բոլոր իր իշխանութիւնը գործածեց, որպէսզի Եղիազարի տրուած Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ջնջուի ( § 1754), եւ Աստուածատուրի պատրիարքութիւնը վերահաստատուի: Եղիազար այդ արգելքներուն պատճառով Երուսաղէմ երթալ չհամարձակեցաւ, եւ աթոռանիստ տեղ չունենալուն թափառական կը շրջէր Եգիպտոս, Դամասկոս, Անտիոք եւ Բերիա, որպէսզի իր կողմը զօրացնէ եւ Երուսաղէմի տիրանայ:

1756. ՀԱԿԱԹՈՌԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՂՆԵՐ

Եղիազարի մէջտեղ նետած հակաթոռ կաթողիկոսութիւնը, բոլոր հայութիւնը տակնուվրայ ըրաւ, եւ ներհակընդդէմ կիրքեր զօրացան, թշնամութիւններ աճեցան, կաշառքներ յորդեցին, գայթակղութիւնն եւ բաբելոնական խռովութեան վիճակը գագաթնակէտը հասան: Եղիազարի դէմ մաքառողներէն աւելի ճիգ թափողն եղաւ Մարտիրոս Կաֆացի, որ երբեմն Եղիազարի բարեկամն էր, բայց վերջին անգամ իրեն չօգնելէն ցաւած, Էջմիածին էր անցած, եւ Ղրիմու եպիսկոպոս եղած ( § 1740): Անմիջապէս Կաֆայէ մեկնեցաւ Եղիազարի դէմ պայքարին գլուխն անցնելու համար, ուր որ հանդիպեցաւ ամէն տեսակ նախատինքներով եւ ամբաստանութիւններով ջանաց զայն անուանարկել: Եւդոկիա հասած ատեն, հոն տեսաւ Եղիազարի անդրանիկ կոնդակը, եւ անկէ առիթ առնելով չարաչար քննադատեց, եւ ըսածները գիրի առնելով` նամակի ձեւով Եղիազարի յղեց, երբ տակաւին Բերիա կը գտնուէր, եւ որպէսզի Եղիազար զայն բանայ, պատուաւոր հասցէ դրաւ վրան, Կաթողիկոս Հայաստանեայց վերատառութեամբ: Անկէ շտապով Էջմիածին անցաւ Յակոբ կաթողիկոսը գրգռելու, եւ բոլոր Եղիազարի հակառակորդներուն կողմէ խօսեցաւ: Մարտիրոս հասած էր յաւուրս պահոց Յայտնութեան (ԶԱՔ. Բ. 73), որ է ըսել 1665 տարեգլխին: Նախապէս հաշտուելով Յովհաննէս Մուղնեցիի հետ, որուն պատրիարքութենէն հանուելուն գրգռիչն էր եղած ( § 1729), անոր ձայնակցութեամբ կաթողիկոսը յորդորեց, որ միասին Կոստանդնուպոլիս երթան, եւ հայրապետական ազդեցութեամբ եւ ժողովրդական համերաշխութեամբ Եղիազարը կործանեն, եւ հակաթոռութեան հերձուածը խափանեն: Յակոբ առաջիկային ուղեւորութեան առաջարկը գործադրելու խոստմամբ, Մարտիրոսին յանձնարարեց առաջուընէ Կ. Պոլիս երթալ, եւ պէտք եղած միջոցները ձեռք առնել, Եղիազարի հակաթոռութիւնը խափանելու համար: Իսկ ինքը ջանաց շրջաբերական նամակներով ժողովուրդը հակաթոռութեան աղետէն զգուշացնել, Մայրաթոռոյ իրաւունքները պաշտպանել, Հայաստանեայց կաթողիկոսութեան նուիրակութիւնը բարձրացնել, եւ ամէնքը միութեան եւ սիրոյ յորդորներով զօրացնել: Նոյնինքն Եղիազարի ալ գրեց ձեռնարկին վնասները պարզելով, եւ յանուն եկեղեցւոյ երդմնեցուցանելով` սիրայորդոր խրատներ ուղղեց: Յովհաննէս Արզնեցի վարդապետն ալ, որ իմաստուն եւ զգօնամիտ մարդու համբաւ կը վայելէր, իբրեւ միջնորդ եւ պատուիրակ ճամբայ հանեց, հանդիպած տեղերը խրատել, եւ Եղիազարին մօտ ալ երթալով` պէտք եղածը խոսիլ եւ կարգադրել:

1757. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդհանուր շփոթութեան կացութիւնը նկարագրելու համար, բաւական ըլլայ մայրաքաղաքին վիճակին վրայ ամփոփ գաղափար մը տալ, ուր հասաւ Կաֆացին 1665-ին առաջին ամիսները, եւ Եղիազարի դէմ շարժումին գլուխ կանգնեցաւ: Այդ նպատակով անխտիր ամէն բաժիններու հետ միացաւ, բաւական էր որ Եղիազարի դէմ վարուելիք պայքարին ոյժ տային: Այդ մասին յառաջընթաց կը գտնուէին Պարսկահայ գաւառներէ գաղթողներ, որոնց գլխաւորներն էին Խուսրէվ եւ Միրզա մեծահարուստ իշխանաւորներ ( § 1742), որոնք սովորաբար Ջահուկեան կը կոչուէին, երկու գլխաւորներուն ծննդավայր` Նախիջեւան գաւառի Ջահուկ գիւղին անունով (ԶԱՔ. Բ. 72): Կային եւ Պարսկահայ գաւառներու սահմանակցութենէն ու Հայաստանի ներքին կողմերէն վերջին ատեններ գաղթողներ, որոնց համանգամայն Արեւելցի անուն կը տրուէր: Թըլթըլ երէցին կուսակիցներն ալ, որոնք լատինասէր սկզբունքներու հետեւողներ էին, Եղիազարի դէմ միացան, որուն կանուխէն հակառակորդներն էին: Թըլթըլեան խումբը ընդհանրապէս ստորին դասակարգի անձերէ կազմուած էր, ինչպէս հռոմէականութեան պաշտպաններն ալ կ՚ընդունին, խոստովանելով թէ Կաֆացին միաբանեաց ընդ իւր զարս աննշանս եւ զխռովարարս եւ զատելիս ամենեցուն, այսինքն զԹըլթըլեանս եւ զնմանիս նոցա (ՉԱՄ. Գ. 702): Սակայն Կաֆացիին նպատակին ասոնք ալ կը ծառայէին, եւ թերեւս աւելի ալ օգտակար էին յուզմունքներ գրգռելու համար: Կաֆացին իրեն կողմ ձգեց Ղազար Սեբաստացին ալ իր Տիվրիկցիներով, որ բանտէն ազատելէն ետքը նորէն պատրիարքութեան տիրանալու հետամուտ էր, եւ Կաֆացիին կը խոստանար` Երուսաղէմի գործակալութիւնը անոր թողուլ: Սարգիս պատրիարք արդէն իսկ Եղիազարի հակառակորդ էր, բայց իր ազդեցութիւնը տակաւ նուազած էր, հին եւ նոր պարտքերը ( § 1755), եւ անոնց դիզուած տոկոսները վճարել` այլազգի պարտատէրներուն ձեռքէն ազատիլ չկրնալուն համար: Այս պատճառով ստէպ թաքչելու եւ չերեւնալու կը ստիպուէր` պատրիարքարանի գործերը թողլով, կանուխէն իր աշակերտակից եւ հաւանաբար Թէքիրտաղցի Յովհաննէս վարդապետի մը ձեռքը, գուցէ նոյն ինքն Ամանօղլուն ( § 1753), որ կ՚երեւի վերջէն Եղիազարի հակառակ դարձած էր: Այդ զանազան բաժինները, Կաֆացիին գլխաւորութեան ներքեւ միացած, միաձայն կերպով Եղիազարի կործանման կ՚աշխատէին, Էջմիածինի աթոռին եւ Յակոբ կաթողիկոսին իրաւունքը պաշտպանելով: Կաֆացին անձամբ թաղէ թաղ եւ եկեղեցիէ եկեղեցի կը վազէր, ամէն տեղ Եղիազարի գործերը կը պախարակէր, կեանքը կը խայտառակէր, եւ ձեռնարկը դատապարտող քարոզներ կը խօսէր: Սակայն Եղիազարն ալ իր պաշտպաններն ունէր, եւ այս խումբը կը կազմէին ընդհանրապէս Հռոմցիներ, անուն մը որ ոչ Հռոմի եւ ոչ Հոռոմներու հետ առնչութիւն ունէր, այլ իր ծագումը կ՚առնէր առաջակողման Ասիայի կամ Անատօլուի` Հռոմաստան կոչելէն. եւ այս անունն ալ գործածական եղած էր Սելճուքեան թագաւորութեան` Ռումի սուլտանութիւն կոչուած ըլլալէն: Այս խումբը կը կազմուէր ընդհանրապէս հինէն Կ. Պոլիս հաստատուած կամ մերձաւորագոյն գաւառներէն մայրաքաղաք փոխադրուող Հայերէն, որոնք նուազ համակրութիւն կը զգային դէպի հեռաւոր Էջմիածինը, եւ սաստիկ զզուած էին Էջմիածինի նուիրակներէն: Կաֆացին կը պնդէր անոնց տկար փոքրամասնութիւն մը ըլլալը, եւ անոնք ալ Կաֆացին լռեցնելու համար, մինչեւ իսկ սպառնական գիրեր սփռելու միջոցներուն դիմեցին: Եղիազարեաններուն գլխաւորն էր Ապրոյ Չէլէպին, որ անոր կաթողիկոսութիւնն ալ յաջողցուցած էր ( § 1753), եւ Ապրոյի` մեծ եպարքոս Քէօբրիւլիւօղլուին մօտ լաւ ազդեցութիւն վայելելը` Եղիազարի եւ Եղիազարեանց վստահութեան հիմնակէտն էր:

1758. ԵՂԻԱԶԱՐ ԹԱՓԱՌԱԿԱՆ

Եղիազար տակաւին Բերիա եղած ատեն ստացած էր Կաֆացիին յանդիմանական եւ նախատական գիրը ( § 1756), եւ զայն հրապարակաւ կարդացած էր` հակառակ Քէօմիւրճեանի եւ իր աշակերտներէն Սուքիաս վարդապետի դիտողութեանց, մեծանձնութիւն ցոյց տալու կերպով մը: Երուսաղէմ չկրնալով երթալ, թափառայած կը շրջագայէր ( § 1754), եւ զանազան քաղաքներ հանդիպած ատեն ( § 1755), ստէպ կը պարտաւորուէր ծպտիլ իբր վաճառական կամ իբր այլազգի իշխանաւոր կամ ուրիշ տարազով, որովհետեւ հակառակորդները գաւառներու կուսակալներն ալ կը գրգռէին իրեն դէմ զանազան պատրուակներով, եւ ասոնք ալ խնդրակներ կը հանէին զայն ձերբակալելու համար: Բաւական ամիսներ անցուցած էր Եղիազար այդ կերպով, երբ 1665 ապրիլին Յոպպէէ խառնուեցաւ Եգիպտոսէ եկող կարաւանի մը, բայց Համա հասած ատեննին զինքն ճանչցող գտնուեցաւ, եւ պարտաւորուեցաւ խոյս տալ օթեւանէն, Պէյլանի մէջ հանդիպեցաւ Քէօմիւրճեանի եւ Դաւիթի, որոնց դիտողութիւններուն հանդէպ ապագայ ակնկալութիւններ եւ յաջողութիւններ կը յուսադրէր վստահօրէն: Նորէն ծպտեալ տարազով, եւ սրընթափ գնացքով ճամբան շարունակեց, մինչեւ հասաւ Պրուսա, միտք ունենալով Ադրիանուպոլիս անցնիլ եւ Քէօբրիւլիօղլուին դիմել. եւ այսպէս ալ կանխեց լուր հասցնել Ապրոյի, որպէսզի պէտք եղած կերպով եպարքոսին միտքը պատրաստէ: Այս առթիւ եպարքոսական կարգադրութեամբ Ադրիանուպոլսոյ մէջ ազգային գործոց համար մեծ ատեան մը բացուեցաւ: Յովհաննէս Թիւթիւնճին, պատրիարքութենէ ելնելէն ետքը ( § 1755), Թըթըլեաններուն գլխաւորներէն երկու հոգի առած մեծ եպարքոսին ետեւէն էր գացած մինչեւ Սերպիոյ Պելկրատը եւ Մաճառաց դէմ պատերազմին առթիւ անոր տեղափոխութեանց հետեւած, առանց արդիւնք մը ձեռք ձգելու, մինչեւ որ պատերազմին վերջանալուն եպարքոսին ետեւէն Ադրիանուպոլիս եկած` այնտեղ կը դեգերէր: Մարտիրոս Կաֆացին ալ Ադրիանուպոլիս եկած էր Յակոբեան կուսակցութենէ շատերու հետ, որ Եղիազարի կաթողիկոսութիւնը տապալէ եւ Աստուածատուրի պատրիարքութիւնը վերահաստատել տայ արքունի հրովարտակով, որուն հետ կապուած պիտի ըլլար իր փոխանորդութիւնը: Սարգիս Թէքիրտաղցին տեսնելով որ իր պատրիարքութեան վտանգ կը սպառնար Թիւթիւնճիին կողմէ, հարկ սեպած էր ինքն ալ Ադրիանուպոլիս երթալ, որպէսզի իր աթոռը պաշտպանէ: Այդ միջոցին կը հասնէր Եղիազար Այնթապցին ալ, որպէսզի նոր հրովարտակով եւ նոր զօրութիւնով իրականացնէ իր նպատակը, եւ օծումով ու անունով ստացած կաթողիկոսութեան իսկական դիրք մը տայ` Երուսաղէմի մէջ տիրաբար հաստատուելով: Այդ խառնակ կացութեան լուծումն էր որ եպարքոսէն կը սպասուէր, եւ որուն վրայ ներհակ խորհուրդներով կը ճնշէին Ապրոն` որ Եղիազարի պաշտպանն էր, եւ եպարքոսութեան աւագ պաշտօնեայն` որ Կաֆացիէ շահուած էր: Եպարքոսը կանոնաւոր ատեան ալ կազմեց, Կաֆացիին կողմէ Եղիազարի դէմ եղած ամբաստանութիւնները լսելու, ինչպէս են Աստուածատուր պատրիարքէ 200 քսակ արծաթ դրամ առնելով ուրիշ նպատակի գործածելը, ի ծնէ Հայ եղած չըլլալը: Սակայն եպարքոսը Ապրոյէ խրատուած, ճարտար դարձուածներով ամբաստանութիւնները ջրեց, եւ Եղիազարի կաթողիկոսութիւնը հաստատեց, եւ միւս կողմն ալ չկոտրելով` Աստուածատուրի պատրիարքութիւնն ու Մարտիրոսի փոխանորդութիւնն ալ հաստատեց Երուսաղէմի վրայ: Արդիւնքը Մարտիրոսը գոհացուց, որ հրամանագիրները առնելով փութաց Երուսաղէմ, իսկ Եղիազարը չկրցաւ գոհ մնալ, զի առանց Երուսաղէմի իր կաթողիկոսութիւնը` նշանակութիւն պիտի չունենար: Իսկ Յովհաննէսի եւ Սարգիսի խնդիրին մէջ Եղիազար եւ Ապրոյ ալ Սարգիսի դէմ զինուեցան, պէտք եղած կաշառքներն ալ առատօրէն տրուեցան, եւ պատրիարքութիւնը հաստատուեցաւ Յովհաննէսի վրայ, որ շուտով եկաւ պատրիարքարանի տիրեց, եւ Սարգիս յուսախաբ մնաց բոլորովին: Այդ եղելութեանց ժամանակը իդէպ է նշանակել 1665 տարւոյ մայիսի վերջերը:

1759. ՅԱԿՈԲ ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Յակոբ կաթողիկոս, որ անմիջապէս Կաֆացին ճամբայ հանած էր ձմեռ օրով ( § 1756), ինքն ալ շատ չ՚ուշացուց իր ուղեւորութիւնը, եւ զատիկն ընելով, որ 1665 մարտ 26-ին կը հանդիպէր, որոշեց մտադրութիւնը կատարել: Զաքարիա կը յիշէ թէ Յակոբ կաթողիկոս կանուխէն ալ Կ. Պոլիս երթալու միտք մը ունեցած էր, եւ Սահակ Մակուեցի եպիսկոպոսը աթոռակալ եւ տեղապահ նշանակելով` մինչեւ Եւդոկիա ալ եկած էր, բայց Ոնոփրիոսի կուսակցութեան հանած շփոթներուն պատճառով ստիպուած էր ետ դառնալ Էջմիածին (ԶԱՔ. Բ. 72). իսկ Կաֆացիին գալէն ետքը հարկ տեսաւ ուղեւորութիւնը փութացնել: Սոյն առիթով ժողովեցան ամենայն առաջնորդք վանօրէից, եպիսկոպոսք եւ վարդապետք, եւ հարք եւ անապատականք, եւ աշխարհական արք երեւելիք, եւ մեծաւ փառօք ուղարկեցին զկաթողիկոսն (ԶԱՔ. Բ. 73): Այս անգամ Էջմիածինի մէջ տեղապահ մնացող եպիսկոպոսը Մատթէոս եղած պէտք է ըլլայ, որ աթոռակալ անունով յիշուած է սոյն բացակայութեան միջոցին (ԶԱՔ. Բ. 76): Ճանբորդութեան նպատակակէտը Կոստանդնուպոլիս էր, բայց Յակոբ լաւագոյն սեպեց նախ չեզոք տեղ մը իջնալ, եւ այնտեղէն որոշել ընելիքը, կացութիւնը կշռելէն ետքը: Այդ դիտմամբ շիտակ եկաւ Զմիւռնիա, եւ հոն հասաւ երբ արդէն տրուած էին Ադրիանուպոլսոյ մէջ եպարքոսական վճիռները, եւ Մարտիրոս գացած էր Երուսաղէմ ( § 1758): Իսկ Եղիազար տակաւին Ադրիանուպոլիս կը դեգերէր, զի առանց Երուսաղէմի վրայ իշխանութեան` այնտեղ երթալ չէր կրնար: Յակոբի նպատակը յայտնի ըլլալուն, դժուար է հաւատ ընծայել` կամէր երթալ ի Հռոմ, բայց արգելանի երթալ` ըսողներուն (ՊԼՃ. 277), մանաւանդ որ Զմիւռնիա հասնելուն պէս հրաւէր ստացաւ Երուսաղէմէ, որով Աստուածատուր եւ Մարտիրոս կը ծանուցանէին, թէ Երուսաղէմի տիրացած են, եւ այդ կողմէն Եղիազար տկարացած է, եթէ գայ, միասին կը խորհին Եղիազարի կաթողիկոսութիւնն ալ խափանել տալ, զոր այլեւս դժուարին չէին կարծեր: Այդ առաջարկին վրայ Յակոբ որոշեց ուղիղ Երուսաղէմ երթալ, եւ ուր տեղէ որ անցաւ, միշտ համակրութեան նշաններ եւ ձեռնտուութեան նպաստներ կը ստանար, ինչպէս որ Էջմիածինէ Զմիւռիա եկած ատենն ալ ստացած էր: Եղիազար Ադրիանուպոլսոյ մէջ Ապրոյի միջնորդութեամբ կը շարունակէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան հրովարտակն ալ ստանալ, սակայն Քէօբրիւլիւօղլուն այս անգամ պինդ մնաց Աստուածատուրի անունին տուած հրովարտակին վրայ, որուն պաշտպանն էր իր աւագ պաշտօնեայն ( § 1758), այնպէս որ Եղիազարեաններէն շատեր, առանց Երուսաղէմի ալ Օսմանեան երկիրներու կաթողիկոսութեամբ գոհանալու կողմն էին: Սակայն Եղիազար կը պնդէր. Ոflւր ապա հաստատեսցի աթոռ կաթողիկոսութեանս: Ապրոն անտանելի կացութենէն ելնելու համար մտածեց պատրիարք կոչումի վրայ չպնդել, որ Աստուածատուրի վրայ հաստատուած էր, եւ եպարքոսը փոխել չէր ուզեր, այլ նազր եւ միւթէվէլլի կոչումներով գոհանալ, որոնք բաւական էին Երուսաղէմի ստացութեանց եւ մատակարարութեանց տիրանալու, անգործութեան վերածելով Աստուածատուրի պատրիարք կոչումը: Եղիազար ստիպուեցաւ այդ ձեւին համակերպիլ, ոչ միայն պատրիարք կոչումը ստանալու անհնարութեան համոզուելով, այլեւ վախնալով որ եթէ ուշանայ, մի' գուցէ Երուսաղէմի մէջ իր թաքուցած դրամները հակառակորդներուն ձեռքն իյնան:

1760. ԵՂԻԱԶԱՐ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Եղիազար Տաճկաստանի կաթողիկոսութեան համար նոր հրովարտակը եւ Երուսաղէմի գործակալութեան համար պաշտօնագիրը ստանալով` փութաց Ադրիանուպոլիսէ Ռոտոսթոյ իջնալ եւ անկէ Պրուսա անցնիլ, շիտակ Երուսաղէմ երթալու նպատակով: Բայց Եղիազարի հակառակորդներ եւ գլխաւորապէս Թըլթըլեաններն ու Ջահուկեանները բողոք մատուցանելով թէ Եղիազարի հետ դատ ունին, հրաման հանեցին զայն բռնի Կ. Պոլիս բերելու եւ իրենցմէ երկուքը Սիմոն Պօտուր եւ Պօղոս Ասերօղլու ոստիկաններու ընկերակցութեամբ Պրուսա յղեցին, որոնք գիշերային տանիքը քակելով Եղիազարը ձերբակալեցին: Տեղւոյն կուսակալը դէմ դարձաւ առանց իրեն կատարուած գործին, եւ Եղիազարի հետեւորդներէն Ոնոփրիոս ( § 1754) եւ Սարգիս վարդապետները ձերբակալելով կապանօք Կ. Պոլիս բերին, ուր Եղիազարեանք յաջողեցան վարդապետները ազատել, եւ Եղիազարի դէմ խօսուածները հերքել: Այսուհանդերձ հարկ եղաւ որ Եղիազար Կ. Պոլիս գայ իր գործը վերջնականապէս կարգադրելու համար, ինչպէս որ ալ եկաւ, եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին նստաւ, եւ շարունակ քարոզելով աւելի եւս ժողովրդականութիւն ստացաւ եւ կողմնակիցներ շատցուց: Ուրիշ թաղերու եկեղեցիներէն ալ հրաւէրներ կը ստանար, եւ վերջէն փոխադրուեցաւ Սամաթիոյ եկեղեցին, որ աւելի նշանակութիւն ունէր, իբրեւ հայաշատ կեդրոն եւ իբրեւ հին պատրիարքարան: Եղիազար այդ յաջողութենէն քաջալերուած, կը յուսար Երուսաղէմի պատրիարքութեան գործն ալ յաջողցնել ու Կ. Պոլիս մնալը կ՚երկարէր: Բայց միւս կողմէն Յովհաննէս Թիւթիւնճին իր պատրիարքութիւնը կորսնցնելու վախով, կառավարութեան կը դիմէր` որ Եղիազարը հեռացնեն, վասնզի բոլոր արդիւնքներ անոր կ՚երթային, եւ ինքը իր իրաւունքներէն կը զրկուէր: Եղիազար հրաման ստացաւ հեռանալ, եւ այս անգամ Ապրոյ միջամտեց, զայն իր տունը հիւրընկալեց, եւ միանգամայն կառավարութիւնը համոզեց թէ Եղիազար Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեամբ չի զբաղիր, այլ օրինաւորապէս ստացած կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի խնամակալութեան շահերուն կը հետեւի: Յովհաննէսի ալ խօսուեցաւ որ Եղիազարն էր` որ պատրիարքութիւնը յաջողցուցած էր ( § 1758), եւ անոր հակառակութիւնը կրնար իրեն վնասել: Յովհաննէս զիջաւ, Եղիազարը իրեն մօտ հրաւիրեց Պալաթի եկեղեցին, եւ սկսան բնակակից ըլլալ, բայց Եղիազարեանք յարմար չդատեցին, եւ Եղիազար նորէն Ապրոյի տունը փոխադրուեցաւ: Այդ եղելութիւնները յարմար է նշանակել 1665 տարւոյ վերջին կէսին մէջ:

1761. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՅԱՋՈՂԻԼԸ

Կացութիւնը քիչ մը հանդարտած կը կարծուէր, եւ ահա Երուսաղէմէ Կ. Պոլիս կը հասնի Մարտիրոս Կաֆացին, ամբաստանագիրներով եւ բողոքագիրներով զօրացած, Եղիազարը իսպառ տապալելու համար: Եղիազարի ստացած Երուսաղէմի գործակալութեան հրամանագիրը` կը ջնջէր Մարտիրոսի պաշտօնը, եւ կը քայքայէր Աստուածատուրի դիրքը, ուստի ամէնքը միացան, Յակոբ կաթողիկոսն ալ միասին, Եղիազարի դէմ ամբաստանագիրներով եւ Երուսաղէմի իրաւունքներուն պաշտպանութեան գիրերով Մարտիրոսը ճամբայ հանած էին` մայրաքաղաքին մէջ Եղիազարի դէմ մաքառելու: Մարտիրոս 1666 տարւոյ սկիզբները Կ. Պոլիս հասնելով` նորէն իր շուրջը համախմբեց բոլոր Եղիազարի հակառակ խումբերը, Ջահուկեանները, Արեւելցիները, եւ Թըլթըլեանները, որոնց գլուխը կը գտնուէր Անդրէաս երէց մը, Ճէհէննէմ-Մէրտիվէնի մականուանեալ, որ կը նշանակէ Դժոխքի սանդուխ, եւ բաւական է ցոյց տալ քահանային բնաւորութիւնը: Անդրէաս երէց Թըլթըլեանց պետ եղած ըլլալ կ՚երեւի, իբր յաջորդ Աստուածատուր երէցին ( § 1733), որուն այլեւս անունը չի յիշուիր: Պահ մը Եղիազարեանք ալ վախնալ սկսան Մարտիրոսի կազմակերպած հակառակութենէն, բազմաթիւ ամբաստանութիւններէն եւ տրամադրելի միջոցներէն, եւ սկսան խաղաղութեան եւ հաշտութեան առաջարկներ ընել: Նոյնինքն Ապրոյ` Մարտիրոսը շահելու կերպեր ձեռք առաւ, եւ Երեմիա Քէօմիւրճեան անգամ մըն ալ իր բարեմիտ զգացումներով մէջտեղ ինկաւ հաշտութեան եւ խաղաղութեան բանագնացութիւններ կատարել: Մարտիրոսի երկդիմի եւ կեղակարծ ձեւերով ուզեց ատեն շահիլ, եւ հակառակորդ կողմը տկարացած կարծելով, իր ձգտումները աւելի եւս յառաջ տանիլ, եւ նոյնիսկ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը իր անունին դարձնել, որուն համախոհ գտնուեցան իր կուսակիցները, զի Աստուածատուր պատրիարք ծերացած եւ կորովէ ինկած էր: Այդ նպատակով առաջարկներ եղան եպարքոսութեան աւագ պաշտօնեային, որ արդէն Մարտիրոսէ շահուած էր Ադրիանուպոլսոյ մէջ ( § 1758), եւ անոր հետ սակարկութիւններ սկսան, մինչ պաշտօնեայն ալ իր կողմէն` Ապրոյի միջնորդութեամբ միւս կողմին հետ ալ սակարկութեան կը մտնէր, տեսնելու թէ որ կողմէն աւելի շահաւոր վարձք մը կրնար ապահովել: Բայց Ապրոյ` Քէօբրիւլիւօղլիի հետ մտերմութեանը վստահ` պէտք չէր տեսնար վճարումը բարդել, եւ պաշտօնեայն կը մնար Մարտիրոսի կողմնակից: Այս կերպով կ՚անցնէին օրերը, երբ Քէօբրիւլիօղլուն Կրետէի պատերազմին համար Կ. Պոլիսէ կը մեկնէր, եւ պատեհը չկորսնցնելու համար Մարտիրոս ետեւէն կը հասնէր մայրաքաղաքէն դուրս Տավութփաշայի բանակատեղը, եւ Եղիազարի դէմ ամբաստանութեանց գիրերը կը մատուցանէր: Եպարքոսը կը հրամայէր Եղիազարը բերել, բայց Ապրոյ եղանակը կը գտնէր եպարքոսը համոզելու, թէ այդ խնդիրները արմատէն վերցնելու եղանակը, Աստուածատուրն ու Մարտիրոսը գործերէ հեռացնելով` ամենայն ինչ Եղիազարի յանձնելն է, որ կարող եւ տէրութեան հաւատարիմ անձն է, եւ նպատակ ունի օտար միջամտութիւնները ջնջել Օսմանեան երկիրներէն (ՉԱՄ. Գ. 712): Եղիազար իրեն դատը զօրացնելու համար, շատ մըն ալ գիրեր պատրաստել տուեր էր Ասիակողման քաղաքներէն, Կարինէ, Ամիդէ, Սեբաստիայէ, Կուտինայէ, Եւդոկիայէ, Ամասիայէ, Անկիւրիայէ, եւ ուրիշ տեղերէ, որոնք կը գանգատէին Էջմիածինի նուիրակներուն, եւ նոյնիսկ Յակոբ կաթողիկոսի ուղեւորութեան առթիւ հաւաքած իրաւունքներուն համար. եւ գոհունակութիւն կը յայտնէին Եղիազարի մասին, որ իրաւունք չէր պահանջէր եւ ձրի միւռոն պիտի բաշխէր: Նոյնիսկ Կ. Պոլսոյ հայաբնակութեան կողմէ ալ նմանօրինակ գիրեր պատրաստուած էին (ԱՍՏ. Ա. 381-384): Քէօբրիւօղլուն այդ տպաւորութեամբ կատարեց հարցաքննութիւնները, եւ Մարտիրոսի ամբաստանութեանց դէմ Եղիազարի բացատրութեանց հաւանելով, վճիռն արձակեց Ապրոյի թելադրութեան ձեւով, եւ Եղիազար յաղթանակելով ստացաւ թէ կաթողիկոսութեան եւ թէ Երուսաղէմի պատրիարքութեան համար նոր հրովարտակ մը: Վճիռը տրուեցաւ 1666 մարտ 31-ին Մուտն ի վիրապ յիշատակին շաբաթ օրը (ՉԱՄ. Գ. 712):

1762. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Հազիւ թէ Եղիազար իր կաթողիկոսութիւնը եւ պատրիարքութիւնը ապահովցուց, հրամաններ ղրկեց Երուսաղէմ Յակոբ կաթողիկոսը հեռացնելու. եթէ իբր հիւր կը վարուի` պատուով ճամբայ դնել Երուսաղէմէ, իսկ եթէ գործերու կը միջամտէ` բռնութեամբ վտարել: Յակոբ միաբանութեան ալ նեղութիւն չպատճառելու համար, Ս. Յակոբայ մայրավանքը թողուց եւ Յունաց վանք մը քաշուեցաւ. միւս կողմէն Կ. Պոլիս երթալու պատրաստութեանց ալ ձեռնարկեց` բաւական դժուարութեամբ, զի դրամական միջոցները սպառած լինելով, պարտք ընելու ստիպուեցաւ: Եղիազար ալ կը պատրաստուէր Երուսաղէմ երթալ, բայց յառաջագոյն ուզեց մայրաքաղաքին մէջ ալ փառաւորուիլ եկեղեցական հանդէսներով, եւ եօթը եպիսկոպոսներ ձեռնադրեց, սուրբ տեղեաց նուէրներ հաւաքեց, եւ 250 ուխտաւորներու կարաւան մը կազմեց: Յակոբ ու Եղիազար միեւնոյն ժամանակ ճամբորդութեան մէջ եղան, բայց իրարու չհանդիպեցան: Յակոբ Կ. Պոլիս մտաւ 1666 սեպտեմբերին, իրեն հետ ունենալով իր պարտատէրներն ալ, որոնց վճարումը մայրաքաղաքէ մեկնած էր (ԱՍՏ. Ա. 387): Եղիազար առանձինն հրովարտակ ալ առած էր Ս. Գերեզմանին վրայ պատարագելու համար, որ Հայոց հին իրաւունքն էր, բայց Լատիններ արգելք կը դնէին, եւ շարունակեցին ընդդիմանալ, եւ նոյն հրովարտակին կրկնուիլն ալ օգուտ չունեցաւ, եւ Եղիազար ոչ կարաց գործադրել այդ իրաւունքը (ԱՍՏ. Ա. 386): Բայց իր կաթողիկոսութիւնը նուիրագործելու համար, 1667 յունուար 6-ին միւռոնի օրհնութիւն կատարեց Երուսաղէմի մէջ, եւ յունուար 27-ի կոնդակովը ձրիաբար յղեց ամէն վիճակներ: Թիւրիմացութեան հետեւանք կը կարծենք միւռոնի օրհնութիւնն ու կոնդակը 1666-ին դնելը (ՍՏՈ. 106), զի 1666-ին կը ճշմարտուի Մուտն ի վիրապ յիշատակին մարտ 31-ին հանդիպիլը (ՉԱՄ. Գ. 712) ասկից ետքն է միւռոնի օրհնութիւնը: Իր յաջողութեանը երկնային պաշտպանութեան գոյն տալու համար, կոնդակին մէջ կը յիշէր թէ ան ձիթենին, որուն կապուելով ձաղկուեցաւ Յիսուս, Ս. Հրեշտակապետի վանքին մէջ կը պահուի, եւ թէեւ մինչեւ այն տարի գրեթէ բնաւ պտուղ չէր տար, բայց այն տարին այնչափ շատ տուեր է, որ բաւական եղեր է իր ամէն կողմ բաշխած միւռոնին ձէթը մատակարարել, եւ թէ ի խնդրոյ Լատինաց, նոյն ձէթէն նաեւ Հռոմայ պապին շնորհ առաքեցաւ (ՍՏՈ. 106): Եղիազարի գիւտը հանճարեղ էր, բայց իրական չէր, զի ոչ միայն միակ անպտուղ ծառէ մը այդչափ պտղաբերութիւն անհնար էր, այլեւ Յիսուս պրետորիոնին մէջ սիւնի կապուած ձաղկուած էր, եւ ոչ պարտէզի մէջ ծառի մը կապուած: Ասկէ ետքը Եղիազար իր դիրքը այլեւս կատարելապէս ապահովուած տեսնելով, շինարար ձեռնարկներու սկսաւ, եւ բաւական շինութիւններու ձեռնարկեց Երուսաղէմի եւ Յոպպէի մէջ: Միաբանութիւնը համակերպելու եւ Աստուածատուր պատրիարք լռելու ստիպուեցան, քանի որ արքունի հրովարտակով եւ կուսակալներու յղուած պետական հրամանագիրներով զօրացած էր Եղիազարի իշխանութիւնը:

1763. ՅԱԿՈԲԻ ՅԱՋՈՂԻԼԸ

Յակոբ կաթողիկոս Կ. Պոլիս հասնելով, Իւսկիւտարէ սկսաւ բազմաթիւ դիմաւորողներէ պատուասիրուիլ: Արեւելցիք, Ջահուկեանք եւ Թըլթըլեանք ամէն մեծարանք կը ցուցնէին, կծու ակնարկութիւններով կը խօսէին եւ ծանր ամբաստանութիւններ կը կուտէին Եղիազարի վրայ, որոնք կը լսէր Յակոբ, այլ չէր ձայնակցէր, մեղմօրէն կը պատասխանէր, եւ սիրոյ քարոզներ կը խօսէր: Այդ հեզահամբոյր ընթացքը մեծ տպաւորութիւն գործեց ամէնուն վրայ, եւ մինչեւ իսկ Եղիազարեանները յորդորեց անոր մօտենալ: Նոյնինքն Ապրոյ` Երեմիայի հետ կաթողիկոսին սկսաւ առաջարկել` որ հաւանի կաթողիկոսութեան բաժնուելուն, թող տալով որ Եղիազար Օսմանեան գաւառներու վրայ իշխէ, եւ ինքն ալ բաւականանայ Պարսկական երկիրներով: Յակոբ քաղցրութեամբ կը լսէր առաջարկը, ոչ կը բարկանար եւ ոչ կ՚ընդդիմանար, այլ մեղմ խօսակցութիւններով Ապրոն նեղի կը դնէր, բաժանումներու երեսէն ազգին կրած ու կրելիք վնասները բացատրելով, զորս Ապրոյ չէր կրնար չճանչնալ եւ չխոստովանիլ, եւ Երեմիա կը ձայնակցէր անշուշտ: Այս ընթացքով Յակոբ մեծ ընդունելութիւն եւ համակերպութիւն սկսաւ շահիլ, եւ մինչ մայրաքաղաքի մեծամեծներուն եւ իշխանաւորներուն շատերը Եղիազարեան էին, կը սկսէին Յակոբեան դառնալ եւ անոր կողմը բռնել, յորդորել եւ օգնութիւն խոստանալ` Օսմանեան կառավարութեան ձեռքով Էջմիածինի իրաւունքները վերահաստատելու (ՉԱՄ. Գ. 714): Յակոբի գլխաւոր օգնականները կ՚ըլլան Խոսրով եւ Միրզա, Ջահուկեանց գլխաւորներ, եւ վերջապէս կ՚որոշուի որ Յակոբ Ադրիանուպոլիս երթայ եւ թագաւորին ներկայանայ Էջմիածինի իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար: Խոսրով եւ Միրզա անոր կ՚ընկերանան, իսկ Ապրոյ եւ Երեմիա ընդդիմութենէ ձեռնթափ կ՚ըլլան: Խոսրով նախապէս կը դիմէ, իր բարեկամներէն եւ թագաւորին մտերիմներէն Ղայմազ խան կոչուած պալատականը շահելու, որ բազմէր ընդ թագաւորին ի սեղան (ԶԱՔ. Բ. 73), եւ անոր խորհրդով աղերսագիր մը կը պատրաստուի, եւ կ՚որոշուի որ ուրբաթի աղօթքին առթիւ Յակոբ մէկ ձեռքը աղերսագիրը, եւ միւս ձեռքը Փիլիպպոսի տրուած հրովարտակը ( § 1700) փողոցին անկիւնը Մէհմէտ Դ. սուլտանին դիմէ, իսկ Ղայմազ ըսելիք խօսքերն ալ կը թելադրէ: Այնպէս ալ կ՚ընէ Յակոբ, որ լայր կսկծանօք եւ դառն հեծեծանօք, երբ երկու գիրերը կը մատուցանէր (ԶԱՔ. Բ. 74): Թագաւորը թուղթերը կ՚առնէ, մի' լար ըհտիար, մի լար բաբայ ըսելով, կը ճանչնայ իր իսկ տուած հրովարտակը, եւ խնդրուածին վրայ Ղայմազէն բացատրութիւններ կ՚ուզէ, որ պատշաճը կը խօսի Յակոբին համար եւ Եղիազարի դէմ, այնպէս որ թագաւորը բացարձակ հրաման կը հանէ, կատարել եւ հոգալ զամենայն գործ դորա, եւ զգլուխ թշնամւոյ դորա ի մօտոյ իրեն բերել: Ասոր վրայ պէտք եղած հրովարտակը կը ստացուի, Եղիազարի տրուած իշխանութիւնները ետ կ՚առնուին, եւ կաթողիկոսութիւնն ու Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը Յակոբի կը տրուին (ԶԱՔ. Բ. 76): Այդ յաջողութիւնը կը ստանար Յակոբ այն միջոցին, որ Երուսաղէմի մէջ Եղիազար ինքզինքը ապահովուած կը կարծէր: Միւս կողմէ պէտք է գիտնալ թէ Ոնոփրիոս ( § 1754), վերջին անգամ Եղիազարի հետ Երուսաղէմ գացած չէր, եւ երբ Յակոբի յաջողութիւնը տեսաւ, անմիջապէս Եղիազարի դէմ դարձաւ, եւ որպէս զղջացեալ Յակոբին դիմեց, խոստովանելով թէ ահա ծանեայ զանօրէնութիւն իմ: Յակոբ հաւատաց սուտ եւ նանիր բանից նորա, եւ իրմէ առաջ զայն Էջմիածին ղրկեց լինել անդ աթոռակալ (ԶԱՔ. Բ. 85), որ այս անգամ պարզ գործակալի իմաստով առնուելու է:

1764. ՅԱԿՈԲ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Յակոբ կաթողիկոս այլեւս Կ. Պոլսոյ մէջ անդիմադրելի ազդեցութեան տէր դարձած, տեղական կարգադրութեանց ալ սկսաւ ձեռնարկել: Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, որ իրեն վերագրուած էր, Մարտիրոս Կաֆացիին կը փոխանցէր, եւ պարտ ու պատշաճ հրովարտակով եւ հրամանագիրներով ճամբայ կը հանէր, որ երթայ Եղիազարը հեռացնէ: Աստուածատուրի իրաւունքը ոտնակոխ եղած կ՚ըլլար այս կերպով, սակայն դիւրին է մտածել, որ Յակոբ Աստուածատուրը անձամբ ալ տեսնալէ ետքը` համոզում գոյացուցած պիտի ըլլար, թէ նա Եղիազարը տապալելու չափ կորով չունէր այլեւս, եւ Մարտիրոսի պէս բուռն եւ յախուռն անձի մը պէտքը զգալի կ՚ըլլար: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան վրայ գտնուող Յովհաննէս Թիւթիւնճին, Էջմիածինի իրաւունքը խորելուն համար կանուխէն Յակոբ կաթողիկոսի աչքէն ինկած էր ( § 1742), եւ ժողովուրդին ալ սիրելի չէր` պարտքերէ ճնշուած կեղեքումներու դիմելուն համար, ուստի Յակոբ իր ազդեցութեամբ այն ալ պաշտօնանկ ընել տալով, պատրիարքութիւնը նորէն Սարգիս Թէքիրտաղցիին անցուց պետական հրովարտակով: Յակոբ, Երուսաղէմի ուղեւորութեան եւ Ադրիանուպոլսոյ գործառնութեանց պատճառով ըրած պարտքերն ալ կրցաւ դիւրաւ մաքրել, ժողովուրդին յօժար եւ առատ նուէրներովը, ամէնուն սէրն ու համակրանքը գրաւած ըլլալով, իր հեզահամբոյր եւ առաքինազարդ ընթացքով, եւ միանգամայն առանց աղմուկի եւ շփոթի կատարած գործերով: Հաւանական է որ Յակոբ կաթողիկոս այդ ամէնը կրցաւ վճարել մինչեւ զատիկը, որ կը հանդիպէր 1667 ապրիլ 7-ին, եւ գարնան բացուելուն ուղեւորեցաւ Էջմիածին, գործերը կարգադրած, Էջմիածինի իրաւունքները պաշտպանած, եւ Եղիազարի հակաթոռութեան գայթակղութիւնը դարմանած ըլլալու գոհունակութեամբ (ՉԱՄ. Գ. 715):

1765. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՅԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Մինչեւ այն ատեն, արդէն Մարտիրոս հասած էր Երուսաղէմ, եւ Եղիազարը վտարելով պատրիարքութեան տիրացած: Որչափ ալ Եղիազարին փառամոլ ձգտումները, եւ ազգը գայթակղեցնելը ու խռովութեանց պատճառ ըլլալը մեղադրանքէ զերծ համարել հնար չըլլայ, սակայն հնար ալ չէ անոր յաջողակ եւ շինարար գործունէութիւնը ծածկել: Այն համառօտ միջոցին մէջ, որ Երուսաղէմի տիրապետեց, դարձեալ բաւական նշանաւոր երախտիքներ ունեցաւ աթոռին համար: Վրաց վերատեսուչ Մելետիոս վարդապետին` Ս. Յակոբայ վանքին տիրանալու յաւակնութիւնները արմատաքի ոչնչացուց. Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Հայերուն վայելած իրաւունքները, տեղերը, կանթեղները, աշտանակները, պատկերները, սովորութիւնները, աւելածութիւնները, թափորները, եւ ուրիշ կէտերը` պետական արձանագրութեամբ արձանագրել տուաւ եւ ապահովցուց: Դաւիթ Բերիացին, որ Կիլիկիոյ աթոռէն բաժնուած մաս մը վիճակներու վրայ կաթողիկոսութիւն կը վարէր ( § 1753), շփոթ կացութենէն օգուտ քաղելով, սկսէր էր միւռոն ղրկել եւ նուէր հաւաքել Բերիոյ շրջակայ Էջմիածինի պատկանող վիճակներէն: Եղիազար զայն ալ զսպեց, եւ պետական հրամաններով Դաւիթի նուիրակները արտաքսեց (ԱՍՏ. Ա. 390): Եւ երբ ամէն կողմէն իր դիրքը ամրացուցած կը կարծէր, ահա իր դիմացը կը կանգնէր Մարտիրոս նորագոյն հրովարտակով մը, որով Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը Եղիազարէ առնուած էր, կաթողիկոսութիւնն ալ ջնջուած էր, քանի որ Յակոբ արտօնուած էր Օսմանեան պետութեան մէջ եղող գաւառներուն վրայ կաթողիկոսական իրաւունք վարել: Եղիազար անակնկալի հանդիպած անձի մը շուարումը ունեցաւ, զի իր զօրաւոր պաշտպաններն ալ դարձած կամ պարտուած էին Կ. Պոլսոյ մէջ, ուստի ստիպուեցաւ անհակառակ տեղի տալ, եւ քաշուեցաւ Ռամլէի վանքը, զոր ինքն շինել տուած էր ( § 1639), եւ քիչ ետքը անկէ ալ հեռացաւ, եւ գնաց Արզնի (ՉԱՄ. Գ. 715), որ իր անդրանիկ պաշտօնավայրը եւ գործունէութեան առաջին ասպարէզն էր եղած եւ անդ դադարեցաւ բարեպատեհ առիթի սպասելով նորէն մէջտեղ ելնելու համար: Իսկ Երուսաղէմի միաբանութիւնը որ նախապէս լռած եւ ընդունած էր Մարտիրոսի պատրիարքութիւնը, որպէսզի անոր ձեռքով Եղիազարը վտարէ, երբոր նպատակին հասաւ եւ կացութիւնը ապահովեց, սկսաւ նորէն խլրտիլ եւ Աստուածատուրի պատրիարքութիւնը պաշտպանել: Մարտիրոս հարկ չտեսաւ դիմադրել, վասնզի այլեւս Աստուածատուր անուանական եւ պատուակալ պատրիարքութենէ աւելի բանի մը կարող չէր խոր ծերութեան հասած ըլլալով, եւ յանձնառու եղաւ, պատրիարքութեան անունը եւ պատիւը անոր թողուլ, իրեն պահելով փոխանորդութեան, կամ ինչպէս կ՚ըսէին նազըր անունի կիրառութիւնը (ՉԱՄ. Գ. 715), զոր աւելի ճշդութեամբ կրնայինք աթոռակից պատրիարքութիւն կոչել: Այդ փոփոխութիւնը կը դրուի 1668-ին, Մարտիրոսին գալէն ոչ շատ ետքը, իսկ տեւողութիւնը դարձեալ յոյժ կարճատեւ:

1766. ԵՂԻԱԶԱՐ ԵՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍ

Եղիազար երբոր լսեց Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնը, եւ Մարտիրոսի պատրիարքութենէ ելնելը, փութաց Կ. Պոլիս գալ, եւ Քէօբրիւօղլուի մօտ Ապրոյի միջնորդութեամբ դիմումները կրկնել, նուէրներն ալ առատացնել, մինչեւ որ յաջողեցաւ իր արդէն ստացած հրովարտակները նորոգել տալ, ու պատրիարք եւ կաթողիկոս անուամբ նորէն Երուսաղէմ երթալ 1668-ին (ԱՍՏ. Ա. 392): Բայց չկրցաւ երկար վայելել, զի Մարտիրոս Կ. Պոլիս դարձաւ, եւ նորէն իր վրայ անցուց Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը, Եղիազարը ամբաստանելով թէ անհրաման շինութիւններ կատարած է: Սակայն ընտրած միջոցը ձախող ելք ունեցաւ, եւ հրաման եղաւ ու պաշտօնեաներ յղուեցան անհրաման շինութիւնները քակելու, եւ Մարտիրոս պարտաւորուեցաւ Եղիազարի դիմել, այս բանին առջեւն առնուլ, եւ սա կրցաւ կաշառքներով պաշտօնեաները գոհացնել, եւ միայն փոքրիկ շինուած մի արտաքոյ եկեղեցւոյ եւ վանաց քակելով, հրամանը կատարած ըլլալ: Եղիազար նորէն իր դիրքը վտանգուած տեսնելով, կամովին հեռացաւ Երուսաղէմէ, եւ Պրուսա քաշուեցաւ անզբաղ հանգստանալու համար, եպարքոսական հրամաններով պատուաւոր կացութիւն մը ապահովելով: Այստեղ միջանկեալ պարագայ մը կը պատմէ Երուսաղէմի պատմիչը (ԱՍՏ. Ա. 393), զի ուրիշներ կը գրեն, թէ Երուսաղէմի մէջ Աստուածատուրի պատրիարքութիւնը եւ Մարտիրոսի փոխանորդութիւնը վերահաստատելուն վրայ ( § 1765), մնաց պատրիարքութիւնն Երուսաղէմի յայսպիսի վիճակի ամս իբր երիս (ՉԱՄ. Գ. 715): Մեր ձեռքը բնագիր յիշատակարաններ կը պակսին իսկութիւնը ճշդելու համար: Եղիազարի միջանկեալ գալուստին վրայ` որն եւ ըլլայ ստուգութիւնը, Մարտիրոս էր որ Երուսաղէմի գործոց գլուխը կը գտնուէր, երբ Աստուածատուր Տարոնեցին խոր ծերութեան մէջ կեանքը կնքեց 1671-ին, ինչպէս ունի Երուսաղէմի Ս. Փրկիչին մէջ եղող տապանաքարը (ԱՍՏ. Ա. 393), թէպէտ ոմանք 1670-ին կը դնեն (ՉԱՄ. Գ. 715, ԲԱՌ. 55): Աստուածատուր պատրիարք յաջորդած էր Պարոնտէրին 1645-ին ( § 1688), որով 26 տարի պաշտօն վարած կ՚ըլլայ, թէպէտեւ իսկապէս շատ քիչ միջոց գործի գլուխ գտնուեցաւ, երբեմն բացակայ, եւ երբեմն գահընկեց ըլլալով, երբեմն ալ լիազոր գործակալներ ունենալով իր մօտը, որոնք տիրապէս պատրիարքութիւն կը վարէին: Բնաւորութեամբ հեզահամբոյր եւ ուղղութեամբ առաքինի անձի մը տիպարը կը կերպարանէ Աստուածատուր, որ անտրտունջ ամէն կացութեան հետ համակերպած է, չուզելով երբեք հեռանալ եւ լքանել Երուսաղէմը, որուն օգուտն եղած է իր գլխաւոր նպատակակէտը, ինչ ալ ըլլար իրեն թողուած դիրքը կամ բռնադատեալ կացութիւնը: Աստուածատուրի մահուամբ Մարտիրոս նովին իսկ պատրիարքութիւնը ստանձնեց, որուն համար նախապէս ստացած հրովարտակներ ունէր, եւ արդէն ալ փոխանորդի անունով պատրիարքութեան վարիչն էր:

 

1767. ԵՂԻԱԶԱՐԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻԼԸ

Աստուածատուրի մահը նորէն կը գրգռէ Եղիազարը` Պրուսայի հանգիստը թողուլ եւ Կ. Պոլիս գալ եւ իր կաթողիկոսութիւնը վերակենդանացնել, Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ձեռք ձգելով: Նպաստաւոր պարագայ մըն էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքին փոխուած ըլլալը: Սարգիս Թէքիրտաղցին, որ սկիզբէն Եղիազարի հակառակորդը եղած էր ( § 1755), վախճանած էր 1670-ին, եւ Էտիրնէքաբուի գերեզմաննոցը թաղուած (90 ԱՄՍ. 202): Ժամանակամիջոցիս համար բաւական նորանշան եղելութիւն մըն էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքի մը բնական մահուամբ պաշտօնին մէջ մեռնիլը: Սարգիսի յաջորդած էր Ստեփանոս Մեղրեցի, Էջմիածինի միաբաններէն, նոյն ինքն որ 1660 տարւոյ մեծ հրդեհին պատմութիւնն էր գրած ( § 1740), եւ որ անշուշտ նորէն Կ. Պոլիս կը գտնուէր նուիրակութեան պաշտօնով, հանդարտաբարոյ եւ ըստ կարի գրոց աշակերտ եւ կիրքերու չծառայող անձ մը (ՉԱՄ. Գ. 715): Ուրիշ պարագայ մըն ալ կար` որ կրնար Եղիազարը քաջալերել: Երուսաղէմի աթոռին վրայ եղող եւ իջնող պատրիարքներէն` թէ ոչ ամէնքը, գոնէ շատերը, դրամական ոյժով նպատակնին յառաջ վարելու համար, նոյնիսկ սուրբ սպասները գրաւի դնելով փոխառութեանց կը դիմէին, որով աթոռին կալուածները կը նուազէին եւ տաճարին գանձարանը կը պարպուէր: Միաբանութիւնը այդ անտեղութեան առջեւն առնելու համար կառավարութենէ հրաման հանել տալ կ՚ուզէր, զի պատրիարքունք Երուսաղէմի մի իշխեսցին մխել զձեռս ի կալուածս եւ ի կարասիս վանաց (ԱՍՏ. Ա. 391), եւ այդ մասին յատուկ գանգատ ալ կ՚ընէին Մարտիրոսի դէմ, թէ զամենայն կալուածս եւ զստացուածս վատնեաց ի կամս իւր եւ կորոյս (ԱՍՏ. Ա. 394): Եղիազար այդ մասին անբասիր կրնար ըսուիլ, զի մեծահարուստ ըլլալով, ոչ միայն աթոռէն բան մը չէր հաներ, այլեւ իրենէն զայն կը պայծառեցնէր: Այդ պարագաներ, եւ Քէօբրիւլիօղլուի առջեւ Ապրոյի պաշտպանութիւնը, եւ նոյնինքն մեծ եպարքոսին Եղիազարի վրայ կազմած լաւ գաղափարը ( § 1761) չմոռնանք կաշառքներուն ոյժն ալ, գործը դիւրացուցին, եւ անգամ մըն ալ Եղիազար կրցաւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան հրովարտակ ստանալ, եւ կրկին զօրութեամբ Երուսաղէմ դառնալ ու աթոռին տիրանալ, կաթողիկոսակերպ ճոխանալ, եւ անոնց որ իրեն կը դիմէին կաթողիկոսական շնորհաբաշխութիւններ ընել, առանց պնդելոյ նոյնը տարածել Թուրքիոյ բովանդակ Էջմիածնահպատակ վիճակներուն վրայ: Իսկ Մարտիրոս Կաֆացին ստիպեալ Երուսաղէմը կը թողու, եւ Կոստանդնուպոլիս կու գայ, բայց Երուսաղէմի պատրիարքի անունը պահելով` իրեն համար առաջնորդարան մը կը բանայ այստեղ, եւ Երուսաղէմի օրհնութեան կոնդակներ գրելով եւ ցրուելով, նուէրներու կամ աւելի ճիշդ հասոյթի աղբիւր մը կը պատրաստէ իր անուանական պատրիարքութեան: Հրովարտակ ալ կ՚առնէ իր պատրիարքութեան համար, եւ ուրիշ մըն ալ` ինքը չմեռած ուրիշը պատրիարք չ՚անուանելու համար, սակայն ասոնցմով մէկտեղ Կ. Պոլսէ չհեռանար, գոհանալով այստեղ հաւաքած գումարներով (ԱՍՏ. Ա. 378): Իսկ Եղիազար 1671-ին վերանորոգած իշխանութիւնը անխափան կը պահէ 10 եւ աւելի տարիներ, Երուսաղէմի վրայ անվրդով իշխանութեամբ եւ կաթողիկոսական անունով, մինչեւ որ Էջմիածինի Մայրաթոռի վրայ իբր օրինաւոր կաթողիկոս բազմելու փափաքին կը հասնի:

1768. ՅԱԿՈԲ ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ

Յակոբ կաթողիկոսի Կ. Պոլիս եղած միջոցին Երեւանի կուսակալը փոխուած էր, եւ Աբաս խանի տեղ եկած էր Սաֆի խան, ծագմամբ Լէզկի, որ աչք տնկէր էր իւրացնել զծովն եւ զայգին զոր Յակոբ շինել տուած էր էջմիածինի քովը ( § 1728) բայց Մատթէոս աթոռակալ կամ տեղակալ դիմադրեց, բուն տիրոջ բացակայութիւնը եւ իր իշխանութիւնը չունենալը պատճառելով: Հազիւ թէ Յակոբ դարձաւ եւ խանին տեսակցութեան գնաց, Սաֆի փոխադարձաբար Էջմիածին գալով, նորէն խնդրեաց զծովս, այսինքն է ջրամբարները, բայց Յակոբ անհնարութիւնը յայտնեց ըսելով, թէ կեանք մեր եւ կենդանութիւն անոնցմէ է (ԶԱՔ. Բ. 77), որովհետեւ արտեր ու այգիներ անոնցմով կ՚ոռոգուէին ( § 1728): Ասկէ ետքը Յակոբ կ՚ուզէ Ասպահան երթալ եւ շահ Սիւլէյմանին ներկայանալ, որ քիչ առաջ 1666-ին յաջորդած էր հօրը Շահաբաս Բ-ին: Սա նոյնն է որ երբեմն Շահսէֆի Բ. ալ կոչուեցաւ (ԶԱՔ. Բ. 84): Յակոբ պարտք կը զգար արտասահմանէ դարձին իր յարգանքը մատուցանել, միանգամայն տուրքը վճարել եւ ընծաներ ալ տանիլ, իսկ Սաֆի արգելք կը դնէր` կասկածելով որ իր վրայ պիտի գանգատի: Ուստի երբ Յակոբ վերջապէս ճամբայ ելաւ, զայն Աստապատէ ետ դարձուց, եւ Երեւանի մէջ Ս. Անանիայի Անապատը ի դիպահօջ արար, եւ ոչ մի կերպով չուզեց ազատ թողուլ: Միանգամայն զանազան անձերէ գումարներ փոխ առաւ էջմիածինի անունով, իբրեւ թէ աթոռին պարտքերը վճարելու համար, սակայն ինքն լափեաց, ոչ Յակոբի յանձնեց չկրնալով խնդրանքով իր ազատութիւնը ստանալ Սաֆիէն, փախուստի միտքը ունեցաւ, օգտուելով պահապաններու թոյլատուութենէն, որոնց հետ ստէպ ելանէր եւ գնայր ուր եւ կամէր: Գարնանային միջոցին ի Յունաց աշխարհէն (ԶԱՔ. Բ. 78), այսինքն Օսմանեան գաւառներէն ուխտաւորներու գալուստը լաւ առիթ մըն էր, ուստի կանուխէն իր գոյքերը ճամբայ հանեց դէպի Արտաւիլ, եւ Համբարձման օրը 1668 ապրիլ 30-ին հեծաւ զջորի իւր եւ Նորագեղոյ առապար ճանապարհաւ եկաւ Եղիվարդ, եւ շարունակ ձիավարելով եւ քաջասիրտ եւ աներկիւղ ուղեկիցներ առնելով, հետզհետէ հանդիպեցաւ Նիգի Ձորոյբերան, Լօռիի Դսեղ, եւ Աղուանից Բարկուշատ գիւղերը, մինչեւ հասաւ Պարսկաստանի Արտաւիլ քաղաքը, ուսկից հանդարտ գնացքով անցաւ Ասպահան (ԶԱՔ. Բ. 79): Այնտեղ նախապէս փոխարքայ Էհտիմալ-Տէլուաթի հետ տեսակցեցաւ, եւ մատոյց թագաւորին համար նուէրները, սաթէ մոմտան մը, բուստէ պատկեր մարդոյ, 10 ոսկի ժամացոյց, եւ այլ ինչ պատշաճաւոր, եւ 50 ոսկի նոր հրովարտակի համար: Միանգամայն բացատրեց իր Թուրքիա երթալուն շարժառիթը, այն է Էջմիածինի տուրքը զլացող Տաճկահայերը նորէն հպատակութեան բերել, որուն հաստատութիւնն էր Օսմանցոց սուլտանէն առած հրովարտակը ( § 1763), զոր ներկայեց, եւ վրայ բերաւ Սաֆի կուսակալէն կրած հակառակութիւնը եւ անիրաւութիւնը (ԶԱՔ. Բ. 81): Սաֆի ալ իր կողմէն Յակոբի փախուստը իմանալուն, եւ բոլոր հետազոտութիւններուն պարապի ելլալուն վրայ, ծանր ամբաստանութիւններով տեղեկագիր մը ղրկած էր (ԶԱՔ. Բ. 80), բայց փոխարքան կանուխէն ալ Սաֆիին հակառակորդ էր, եւ ըստ այնմ ալ ներկայացուց գործը թագաւորին, որ վճռեց, եթէ խունթկարն զմերն սիրէ, մեք ընդէflր ոչ սիրեմք, եւ հրամայեց կաթողիկոսը պատուել, իսկ Սաֆին պատժել, մերկացնել եւ կապել, կողոպտել այնպէս որ մինչեւ ցկանանց ոտացշորն եւս հանցէն, եւ շղթայակապ բանտարկել Վարդաջուրի բերդը, Գուլապի գաւառը: Այսպէս ալ կատարեց Ատրպատականի կուսակալ Միրզա Իպրահիմ, որուն յանձնուեցաւ վճիռին գործադրութիւնը (ԶԱՔ. Բ. 82), իսկ կուսակալութիւնը տեղապահութեամբ վարեց Սարուխան բէկ իբր ամս երկուս (ԶԱՔ. Բ. 89):

1769. ՈՆՈՓՐԻՈՍ ԵՐԵՒԱՆԵՑԻ

Նկատողութեան արժանի են Ոնոփրիոս Երեւանեցիի վերջին անցքերն ալ: Արդէն ճանչցուցած ենք այդ անհանդարտ եւ անխիղճ եկեղեցականը, որ իր կեանքին սկիզբէն ամէն տեսակ ապօրինութեանց մէջ գտնուած էր ( § 1751): Ժողովուրդ Կարկուտ մականունը տուած էր անոր, որ աւերիչ բնաւորութեան նշանակ է: Վերջին անգամ Յակոբ կաթողիկոսի հրամանով Էջմիածին գալէն ետքը ( § 1763), նոր նենգութիւններ հնարած էր Յովհաննավանքի առաջնորդ Յովհաննէս եպիսկոպոսի դէմ, սուտ մուրհակներով եւ անտեղի պահանջներով, թէպետեւ շուտով խայտառակուած էր: Յակոբ կաթողիկոս Էջմիածին դառնալով եւ ըրածը լսելով, բաւական սեպեց յանդիմանել եւ սաստեալ լռեցոյց (ԶԱՔ. Բ. 86), բայց եւ միանգամայն Գեղամայ գաւառին նուիրակութեան ղրկեց: Երբ կաթողիկոսը ի դիպահոջ եղեւ ( § 1768): Ոնոփրիոս Սաֆի խանին կողմը բռնեց կաթողիկոսին դէմ, յուսալով կուսակալին միջնորդութեամբ կաթողիկոսութեան հասնիլ, եւ սուտ լուրեր ալ կը տարածէր, թէ Ոնոփրիոսին կաթողիկոսութեան ռաղամ է գալիս: Բայց երբ իրաց կերպարանը փոխուեցաւ եւ կործանեցաւ խանն, Ոնոփրիոս ուզեց Ասպահան ապաւինիլ, բայց Սաֆին եւ գործակիցները պատժելու եկող պաշտօնէին մարդիկը, Նիգբա գիւղը ետեւէն հասան, ձերբակալեցին եւ Զանկեանի մէջ շղթայակապ բանտարկեցին: Այս անգամ ալ Յակոբ զայն ազատեց եւ ետ ի նա վերակացութիւն գործոց տանն կաթողիկոսարանին, եւ միամտութեամբ սէր ունէր ընդ նա: Իսկ չարն այն ոչ դադարէր գաղտնի առնել զլրբութիւնն, եւ առանց գիտելոյ կաթողիկոսին արար պարտս բազում: Յակոբ կաթողիկոս Էջմիածին դառնալով, երբոր տեսաւ որ իր հրովարտակը ետեւէն չհասաւ, պարտաւորուեցաւ նորէն Ասպահան դառնալ, եւ աղերսամատոյց ըլլալ, եւ հրովարտակը շնորհուեցաւ: Միանգամայն ստացաւ զարքունական խիլայն ըստ սովորութեանն, գեղեցիկ պատմուճան ոսկէնկար եւ գօտի պատուական, եւ սամուր վերարկու, եւ գլխոյ քծափ որ է մատնիլ, եւ երիվար զօրեղ (ԶԱՔ. Բ. 87): Այդ առթիւ Ռոստոմի որդի Սաֆիղուլի խան Երեւանի կուսակալ անուանուեցաւ, եւ շահը ի նա յանձնեաց զկաթողիկոսն: Ոնոփրիոս դիմաւորելու էր գացած, եւ ի դարձին նոր կուսակալին հետ փութաց շուտով Երեւան հասնիլ` մերձակայ Ծննդեան տօն ինքը կատարելու դիտմամբ, եւ ճրագալոյցին Երեւան մտաւ, մինչ կաթողիկոս ետեւէն կու գար: Ոնոփրիոս զգեստաւորուած էր, առնել ջրօրհնէք առաջի խանին, եւ ահա կը հասնի կաթողիկոսը: Նոր կուսակալի հրամանով Ոնոփրիոսէ հանելով զգեստները, զգեցուցին կաթողիկոսին, եւ արարին մեծահանդէս ջրօրհնէք առաջի խանին, որ եւ հրաման ըրաւ կաթողիկոսին, զի որպէս եւ կամի առնել ընդ Կարկուտին, արասցէ: Յակոբ որ այնչափ ներողամիտ եղած էր Ոնոփրիոսի հետ, անոր վերջին նենգութիւնները լսելով եւ յանդգնութիւնը տեսնելով, զայն կարգալոյծ ըրաւ ի մէջ եկեղեցւոյ, եւ առեալ մկրատ խուզեաց զգլուխն եւ ապա զմօրուսն: Ոնոփրիոս կ՚աղաչէր, Մօրուսս մի խուզէր. որուն կաթողիկոսը կը պատասխանէր. Ով ատելի Աստուծոյ, դու ասացեալ ես, թէ ես հատանեմ զգլուխ կաթողիկոսին եւ հաստատեմ զնա ի վերայ Իջման տեղին, առնել ի վերայ նորա պատարագ, արդ մեծ իցէfl մօրուս քո քան զգլուխ իմ: Կարգալոյծ Ոնոփրիոսը շղթայակապ բանտարկուեցաւ յառաջին զնտանն (ԶԱՔ. Բ. 88), որ մահահոտ եւ խաւարային բուրգ մի ըսուած է (ԶԱՔ. Բ. 70): Երբոր սենեակը խուզարկեցին, գտին մի բեռն զգեստ կանանց, եւ երբոր զմլքերոյ կապալայքն, այսինքն կալուածներու վաւերագիրները ուզեցին, նա ուրանայր. բայց երբ բրածեծ արարին զնա ի բանտին, քեռորդւոյն ձեռքով Երեւանէ բերել տուաւ, որոնց մէջ գտնուեցան կաթողիկոսութեան հետապնդելուն գիրերն ալ: Բանտին մէջ երկար չապրեցաւ, զի կացեալ անդէն աւուրս ինչ հեծեծանօք մեռաւ (ԶԱՔ. Բ. 80): Թէպէտեւ պատմիչը տարի չի նշանակեր, այլ հաւանական կ՚երեւի վերոյիշեալ ջրօրհնէքը դնել 1670 յունուար 6-ին, հինգշաբթի օր, նկատելով որ ամս երկուս կը դրուի Սարուխանի կուսակալութեան տեղապահութիւնը (ԶԱՔ. Բ. 89): Իսկ Ոնոփրիոսի մահը կրնայ դրուիլ նոյն տարւոյ մարտի մէջ, հետեւցնելով միայն աւուրս ինչ բանտին մէջ ապրած ըլլալէն: Աւելորդ չէր այդ մանրամասնութիւնները գրել մարդու մը վրայ, որ թէպէտ անարժան, բայց չարութեանը մէջ ճարտար դէմք մը եղած է:

1770. ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ԽՍՏՈՒԹԻՒՆՔ

Սաֆիղուլի խան, որուն յանձնած էր շահ Սիւլէյման կաթողիկոսին պաշտպան կանգնիլ, շատ շուտ սկսաւ նորաբոյս չարիս գործել: Թաւրէզէ բոզ կանայս բերել տալով Երեւանի մէջ հաստատեաց, եւ այս մասին պատմիչը կը յաւելու, ոչ էր բնաւ սովորութիւն մերս աշխարհի պահել բոզս (ԶԱՔ. Բ. 89), ինչ որ եթէ բառացի ուղիղ է, լաւ գաղափար կու տայ Հայաստանի քաղաքներուն վրայ: Իսկ Պարսիկներուն մասին դիտելի է, որ նոյնինքն թագաւորն ալ իր կիրքերը յագեցնելու համար, բռնութեամբ տայր բերել զկանայս մեծամեծ իշխանացն (ԶԱՔ. Բ. 83): Սաֆիղուլիի չարիքը ժողովուրդին վրայ ալ կը տարածուէին, զի կեղեքելով ու բռնանալով դրամ դիզելու կը նայէր: Հրամայեց մեծատուն եւ օտարական մեռելները չթաղել` վճարմամբ հրամանագիր չստացած. գողերը չէր պատժեր, այլ միայն տուգանք կամ բաժին առնելով կը թողուր ազատաբար գործել. անձրեւի ատեն քրիստոնէից կ՚արգիլէր տուներէ ելլալ, որով առեւտուրը կը վնասուէր իսլամներու չէր ներեր քրիստոնէից եկեղեցիներ մտնել, մինչդեռ ասոնք ստէպ այն տեղեր կ՚երթային բժշկութեան համար: Այդ պատճառներով նոյնիսկ Պարսիկներ իրեն դէմ բողոքող եղան, եւ պաշտօնանկութիւնը հետապնդեցին: Հարկահանութեան խստութիւններուն մասին ալ իբրեւ նմոյշ կրնայ ծառայել, նոյնիսկ Զաքարիա Քանաքեռցի պատմիչին հօրը պատահած արկածը: Ասլան աղա անուն դասալիք Օսմանցի մը, Պարսիկներէ պաշտօնի դրուած, Քանաքեռի վրայ հարկահաւաք կու գայ, որպէս զի գրեսցէ գլուխս արանցն եւ ամենայն իրացն, ըստ այնմ գլխահարկ պահանջելու համար: Ամէն տանուտէրներ սկսան ներկայել իրենց արու զաւակները եւ մերձաւորները: Մկրտիչ Քանաքեռցի, Զաքարիայի հայրը, Խաչատուր որդին առջեւ ձգած, եւ Զաքարիան շալակած կը ներկայանայ: Ասլան տեսնելով որ տղաքը փոքր եւ կաղ եւ թիւր ոտամբ են, որով տուրքէ ազատ պիտի մնան, կը բարկանայ եւ կը հրամայէ Մկրտիչը գետինը պառկեցնել, լաւ մը թրջել, եւ մէկ մը գլխուն` մէկ մըն ալ ոտքերուն վրայ նստեցնելով չորս հոգիի ծեծել կու տայ այնչափ` որ Մկրտիչ անշնչացաւ եւ համարեցին զնա մեռեալ: Պատճառն էր, իբր թէ ողջ տղաքը ծածկելով խեղանդամները ներկայացուած ըլլայ: Նոյն գիւղի մէջ Բարսեղ եւ Ղազար անուն երկու անձերու եղունգները հանել կու տայ, Մարուգէ անուն անձ մըն ալ մէկ ձեռքէն կախել տալով գանակոծել կը հրամայէ: Ծերերը ապահարկ նկատելու համար նշան ըրած էր, որ չկարենան գլուխնին շիտակ եւ ձեռուընին առջեւնին բռնելով քալել: Իսկ տղայոց համար ալ նշան ըրած էր որ վիզերնուն չափ թելի մը ծայրերը, ակռաներով բռնած ատեննին` օղակը կարենայ գլուխնուն վրայէն անցնիլ (ԶԱՔ. Ա. 66): Այսպիսի քմահաճ կարգադրութիւնները կը յիշենք իբրեւ նմոյշ այն բռնութեանց եւ հարստահարութեանց, որոնց ներքեւ կը հեծէին Պարսից հպատակ Հայերը, ոչ ուստեք պաշտպանութեան յոյս մը ունենալով, եւ կատարելապէս մատնուած ըլլալով առանց օրէնքի եւ առանց խիղճի պաշտօնէութեան մը ձեռքը:

1771. ԼԱՏԻՆԱՑԵԼՈՑ ԸՆԹԱՑՔԸ

Պարսկական տիրապետութեան ներքեւ կը գտնուէին տակաւին մաս մը լատինացեալ Հայեր, որոնք թէպէտ շատ նուազած էին Որոտնեցիի եւ Ղրիմեցիի ատենէն ( § 1394) բայց չէին ջնջուած, եւ կը շարունակէին Ունիթորներուն աշխատութիւնները, որչափ ալ Պօղոս Փիրօմալլիի ձեռքով ընթացքնին քիչ մը փոխուած էր, եւ փոխանակ կրօնամոլ խստութեանց` շահեցողական զիջողութիւններ կը ցուցնէին ( § 1676): Բայց ասկէ աւելի իրենց նպաստաւոր կը դառնար պապերուն կողմէն Պարսից թագաւորներուն առջեւ եղած միջնորդութիւնը, որպէս զի յատուկ պաշտպանութիւն շնորհուի իրենց հաւատակիցներուն: Պարսից թագաւորներն ալ մտադիր կ՚անսային, որովհետեւ այդ կերպով Եւրոպայի մէջ համակրութիւն շահելու եւ Եւրոպացիներէ ձեռնտուութիւն գտնելու դուռեր կը բացուէին: Ըստ այսմ երբ Պօղոս Ե. պապին կողմէ յատուկ պատուիրակ նշանակուած Պօղոս Չիթթատինի կրօնաւորը (padre Paolo Cittadini), Դոմինիկեաններէ զատ Կարմեղական եւ Օգոստինեան միաբաններու ընկերակցութեամբ 1615 դեկտեմբեր 13-ին Մեծ Շահաբասին ներկայացաւ Ֆահրապատ քաղաքը, թագաւորը Ունիթորներու կեդրոն եղող Երնջակին Հայ կառավարիչ նշանակեց, մանկաժողովը արգելեց, գրաւուած ինչքեր դարձուց, եւ զանազան դիւրութիւններ շնորհեց (ՍԻՆ. 394): Ունիթորական խումբը ասկէ քաջալերուելով իր քարոզութիւններուն եւ գործունէութեան աւելի զարկ տալու սկսաւ, եւ այդ միջոցին կ՚իյնան Օգոստինոս Բաջենց` Նախիջեւանի ունիթոր եպիսկոպոսին, եւ իր գործակից Պօղոս Փիրօմալլիի ճիգերն ու Հայերէ տեսած մօտաւորութիւնները, զորս յիշեցինք Փիլիպպոս կաթողիկոսի վրայ գրած ատեննիս ( § 1676): Կրօնաւոր նոր պատուիրակ մըն ալ Ուրբանոս Ը. պապին կողմէ ներկայացաւ շահ Սաֆիի 1637 հոկտեմբեր 13-ին, Թովմաս Վիտալ Իտալացի Դոմինիկեանը (padre Tommaso Vitali), եւ արտօնութիւն ստացաւ վանական վարժարաններ բանալ Ջահուկ եւ Ապարաներ գիւղերը, որ այնտեղ աշակերտներ պատրաստուելով եւ Հռոմի մէջ կատարելագործուելով` հռոմէադաւան քարոզիչներ դառնան (ՍԻՆ. 396): Այդ ձեռնարկին աւելի ոյժ տուաւ յիշեալ Պօղոս Փիրօմալլին, որ 1654-է 1664 Նախիջեւանի ունիթորական աթոռը կառավարեց, բայց տեղական խնդիրներու պատճառով Իտալիոյ մէջ թեմակալութեան փոխադրուելով, Պիսինիանօ (Bisignano) քաղաքը մեռաւ 1667 դեկտեմբեր 28-ին (ՍԻՆ. 397): Հռոմէադաւաններու պաշտպանութեան համար նոր միջնորդութիւն մըն ալ ըրաւ Աղեքսանդր Է. պապը, 1664-ին յատուկ դիմում ընելով Շահաբաս Բ-ին (ՍԻՆ. 398), երբ Գաղղիոյ պետութիւնն ալ այդ նպատակին ոյժ տալու ձեռնարկեց: Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւոր 1667 յունիս 26-ի պաշտօնագիրով շահ Սիւլէյմանին կը ծանուցանէր, թէ ինքն է կաթոլիկ Հայերու հովանաւորը, եւ փոխադարձ բարեկամութեան եւ օգնութեան առաջարկներ կ՚ընէր, կաթոլիկներու պաշտպանութեան պայմանով: Պարսիկ թագաւորին համար անտարբեր չէր Արեւմուտքի բարեկամութիւնը, որ կրնար զինքը ապահովել Օսմանեան պետութեան յարձակումներէն, ուստի ընդարձակ խոստումներ կու տար, եւ բաւական չափով ալ անոնք կ՚իրականացներ. հակառակ որ Լուդովիկոս թագաւոր 1674-ին յատուկ նամակով Նախիջեւանի Ունիթոր եպիսկոպոսին կ՚աւետէր իր միջնորդութեան արդիւնաւորումը, եւ աւելի եւս աշխատելու եւ խնամք ցուցնելու խոստումներ կ՚ընէր (ԼԷՕ 298): Այդ ընդոստ ակնարկներ բաւական են ցուցնել, որ թէպէտ բաւական ամփոփուած էր Ունիթորներուն գործունէութիւնը, եւ իրենց հինգ եպիսկոպոսարանները մէկի վերածուած էին ( § 1750), սակայն կերպով մը աւելի զօրաւոր եղած էր անոնց դիրքը շնորհիւ Եւրոպական պաշտպանութեան, ինչ որ պէտք էր ազդու տպաւորութիւն գործէր ընդհանուր Հայութեան վրայ:

1772. ԼԱՏԻՆԱԿԱՆ ԳՐԳԻՌՆԵՐ

Հայերուն կացութեան տկարանալուն պատճառներէն աւելի մեծն ալ, եկեղեցական բարեկարգութեան անկումն եւ եկեղեցականներու անփառունակ ընթացքն էր: Ինչ որ վերեւ պատմեցինք Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւններուն կաշառքի զօրութեամբ ձեռքէ ձեռք յափշտակուելուն մասին, կրնայ իբրեւ նշանակ առնուիլ` թէ ինչ հոգւոյ տէր էին բարձրաստիճանները, եւ ինչ ուղղութեան կը հետեւէին ստորին դասակարգերը, եւ թէ ինչ ընթացք կրնար ունենալ ասոնցմէ առաջնորդուած ժողովուրդը: Մենք չենք քաշուիր իրականութիւնը մերկապարանոց ներկայել, ողբալով հանդերձ հայադաւան Ուղղափառ եկեղեցւոյ ցաւալի արկածները. բայց չենք ալ հանդուրժեր, որ եղելութիւնք այլափոխուին եւ այլագունուին, տալով անոնց այնպիսի կերպարան մը որ իսկականը չէ: Երբոր կաշառքն է որ կը տիրէ, կեղեքումներ եւ անիրաւ շահագործութիւններ անոր ուղիղ արտադրութիւններն են, եւ այս կարգին կը մտնեն նաեւ դիւրաւ տրուած ստորագրութիւններ եւ յայտարարութիւններ, երբոր անոնք հնչուն արդիւնքով կը փոխանակուին: Պապութիւնը ամէն կողմը ցրուած կրօնաւոր քարոզիչներով` իր ձեռնարկներուն համար պէտք եղած նիւթական միջոցները չէր խնայեր. քարոզիչներն ալ ճարտար էին անոնք շահագործելու, վճարեալ յայտարարութիւններ կորզելով, եւ զանոնք իբր յաղթական աւար պապերուն մատուցանելով. Իսկ յայտարարութիւն տուողներն ալ ուրախ կ՚ըլլային թանկագնոյ վաճառելով իրենց կեղծիքը, եւ առատացնելով առերեւոյթ գրութիւններ, առանց փոխելու իրենց ընթացքն ու գործը, սովորութիւնն ու կիրառութիւնը, եւ կրկին կրկին կը դառնային անգամ մը տրուած յայտարարութեանց, կրկնապատկելով անոնցմէ սպասուած շահագործութիւնը: Կը յիշուի թէ Խաչատուր Սեբաստացին 1665-ին 13 եպիսկոպոսներու եւ 9 վարդապետներու հետ` Աղեքսանդր Է պապին, եւ 1668-ին Դաւիթ Բերիացին Կղեմէս Թ. պապին` հպատակութեան գիրեր յղած ըլլան (ՉԱՄ. Գ. 698): Ասոնք դրամի զօրութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իրարու ձեռքէն խլելու ելլողներն են, որոնց համար գիտենք թէ իրենց դաւանութեան եւ ծէսին պատշաճները երբեք չփոփոխեցին, բայց պահանջուած ստորագրութիւնները չզլացան, երբոր անոնք թանկանգնոյ վաճառելու համար գնողներ գտան: Այդ բանին Լատիններն ալ տեղեակ էին, զի վերոյիշեալ Խաչատուրի համար կը գրէ Փիթու, թէ էր խաբեբայ որպէս եւ այլքն (ԲՌՆ. 35): Նախանձայոյզ հռոմէադաւան կարծուած Նիկոլին համար ալ կը գրէ, թէ համաձայնութիւն կը ցուցնէր` զի մի զթոշակսն կորուսցէ (ԲՌՆ. 163): Մենք այնչափ չենք զարմանար շահասիրական ոգւով գործող այդ անարժաններուն վրայ, որչափ կը զարմանանք կրօնասիրական սկզբունքով խօսող հռոմէադաւաններուն վրայ, որ այսպիսիներուն ձեռքէն խլուած գիրերը, իբրեւ առաքելական հայրերու վկայութիւններ, եւ իբրեւ ներհուն աստուածաբաններու ուսումնասիրութիւններ կ՚ընդունին ու կը ներկայեն: Միանգամայն անոնցմով կը կազմեն հռոմէականութեան ապացոյցները, եւ անոնցմէ կ՚ուզեն քաղել Հայոց եկեղեցւոյ դաւանական սկզբունքները:

1773. ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԵՐ

Գիտենք թէ այս նենգամիտ եւ շահադէտ անձանց հետ կային բարեմիտներ ալ, որոնք ոչ թէ անձնական շահադիտութեան նպատակով, այլ հանրային օգուտի մը տեսակէտէն դրդեալ, եւ անհրաժեշտ հարկին ներքեւ կքելով, չէին քաշուեր հռոմէականութեան մերձաւորութիւն ցուցնել, եւ մինչեւ աստիճան մըն ալ անոր պահանջած պայմաններուն համակերպիլ: Եւրոպական զարգացման մէջ յառաջադէմ երկիրները, եւ մասնաւորապէս Արեւելքի հետ յարաբերութեան մէջ գտնուող ազգերը, Լատին տարրին կը պատկանէին այն ատեն, եւ անոնց մէջ նախընթաց էին Իտալականները` եւ հետեւորդ Գաղղիականները, երկուքն ալ կրօնամոլ հռոմէականութեան մէջ տոգորեալ, եւ պապական հոգեւոր գերիշխանութեան հլու հպատակ, եւ անոր ակնարկութեանց գործադիր: Որպէս զի իրենց ունեցած զարգացումէն ուրիշի մասնակցութիւն կամ հաղորդակցութիւն շնորհեն, հռոմէական դաւանութիւնը իբրեւ անհրաժեշտ պայման կը պահանջուէր, որով բուռն ձգտմամբ զարգացման դիմող Հայեր, նոյն լուծին ներքեւ խոնարհելէն տարբեր եղանակ չունէին` իրենց սիրտին փափաքը եւ միտքին ծարաւը յագեցնելու համար: Ուստի եթէ ոչ ներքնապէս եւ պաշտօնական երեւոյթով համակերպելու կը զիջանէին, եւ այսպիսիներու մէջ ընտրելագոյն անձեր ալ կը գտնուէին: Ոսկանն ալ տեսանք հաւատոյ դաւանութիւն ստորագրել, որպէսզի տպարան բանալու արտօնուի ( § 1747), այն Ոսկանը որուն տպարանէն կ՚ելլային գիրք հերետիկոսականք եւ ոչ ուղղագրեալք հռոմէական տեսակէտով (ԲՌՆ. 45), եւ որոնց մէջ էին բանք բազումք անպատշաճք զԼատինացւոց եւ զհռոմէական հաւատոց, այլ եւ գովութիւնք ուռուցիկք վասն այլադաւան Հայոց (ԲՌՆ. 215): Արդէն իրենք ալ տեղեակ պէտք է ըլլային Հայերուն ներքին ուղղութեան, զի դաւանութիւն տուող Ոսկանն ալ` կաթոլիկ համարէր կ՚ըսէին (ԲՌՆ. 232), եւ իրենցմէ էր չէին ըսեր: Խնդիրի նիւթ չենք ուզեր ընել, թէ մինչեւ ուր հնար է մղել այդ բարեմիտ կեղծիքներուն արդարացումը, Հայ եկեղեցւոյ թոյլատու եւ լայնախոհ սկզբունքներուն հիմնուելով ալ. այլ գիտենք եւ համոզուած ենք, թէ կեղծիքը տկարներու նախադասած զէնքն է, եւ գուցէ այն հարկն է որ զօրէնս լուծանէ, եւ զիրենք ալ կ՚արդարացնէ: Միայն չենք գիտեր թէ զօրաւոր ըսուողին համար արդեօք իրական արդիւնք մըն էfl բռնութեամբ առնուած խօսքը, կամ թէ երկնային ըսուած ճշմարտութիւններ` կրնան քաղուիլ կեղծեալ յայտարարութիւններէ, թէ ոչ նոյնիսկ ճշմարտութիւն ցուցուածներն ալ կեղծիքի աստիճանին կ՚իջեցնեն:

1774. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ

Բարեմիտ կեղծիքներու դասակարգին պէտք է զուգակցենք ազգային գործիչներու այն կարծիքին ալ, որով օտար եկեղեցւոյ մը հետ ուզած են փնտռել քաղաքական կամ եկեղեցական օգնութեան հիմերը: Այդ նպատակին հետապնդումը տեսանք հին դարերու մէջ Յոյներու հետ փորձուած, երբոր Հայերը անոնցմէ կը յուսային իրենց քաղաքական կացութեան եւ պետական գրութեան պաշտպանութիւնը: Նոյնը փորձեցին յաջորդ դարերու մէջ Լատիններուն հետ, երբոր տեսան անոնց Արեւելք արշաւանքները, եւ իսլամական տարրերու դէմ պարզած ոյժն ու յաղթանակը: Այն դարուն մէջ` որուն վրայ կը գրենք, այլեւս Հայուն համար անյոյս էր պետական դրութեան եւ ազգային իշխանութեան վերանորոգումը, եւ այս չէր կրնար ըլլալ իրեն նպատակը: Բայց իրեն հարստահարեալ եւ լքեալ եւ անօգնական դիրքը, եւ իսլամական կրկին պետութեանց քմահաճ կամքին մատնուիլը, անհատական հաճոյից ձեռք խաղալիք դառնալը, եւ անխիղճ եւ անօրէն կուսակալներէն տառապիլը, զիրենք կը յուսադրէր, թէ ոչ կացութեան բարւոքումը, գոնէ մեղմացումը ձեռք ձգել, եթէ Արեւմուտքէ զօրաւոր ձեռք մը իրենց պաշտպան կանգնէր: Այս ակնկալութեան ալ իբր հիմ կամ նշան կրնային առնել հռոմէադաւան օտարազգիներուն եւ համազգիներուն` պապերու եւ թագաւորներու եւ հանրապետութիւններու կողմէ հովանաւորուիլը, եւ անկէ յառաջ եկած որեւէ չափով օգուտը: Այս տեսութեան հետեւողներէն ոմանք, անհատաբար գործելով, կրնային հիմնապէս եւ անպայման կերպով հռոմէադաւանութեան յարիլ, սակայն անոնք որ հանրային պաշտօնեայ կամ գործիչ լինելու պարտքը կը վայելէին, երբեք անպայման յարակցութեան ձեւին հետեւող չէին, այլ կը փափաքէին փոխադարձ բանակցութեամբ այնպիսի գետին մը գտնալ, որ Հայ եկեղեցւոյ ինքնութիւնը պահելով, եւ հայադաւան եւ հայածէս դրութեան հիմնակէտերը չխախտելով, երկկողմանի համակրութիւն մը կարենար կնքուիլ: Մինչեւ աստիճան մը կրնային զիջողութիւններ եւ զոհողութիւններ ալ յանձն առնել, միայն թէ Հայ եկեղեցւոյն եւ դաւանութեան, աթոռին եւ ծէսին ինքնութիւնը չջնջուէր, եւ պապական ամենակուլ ձգտումներու չափաւորութիւն մը ապահովուէր: Այդ դիտողութիւնները հարկ սեպեցինք այստեղ յառաջ բերել, զի նորանոր երեւոյթներու հանդէպ պիտի գտնուինք առաջիկային, եւ հռոմէականութեան Հայոց համար խօսից եւ գործոց առարկայ ըլլալը պիտի տեսնենք, անոր հետեւող կամ զայն փորձող ընտիր անձնաւորութեան ձեռնարկներն ալ պիտի պատմենք, ուստի կարեւոր էր ընդհանուր տեսութեամբ մը խնդիրը լուսաբանել: Ամէնէն աւելի պէտք է շեշտենք, թէ հռոմէականութեան մօտաւորութիւն ցուցնելով եւ բանակցութեանց մտնելով, համաձայնութեան մը հասնելու փափաքը կամ ջանքը, երբեք կանխաւ ընդունելութիւն կամ անպայման համակերպութիւն ըսել չէ. եւ ցորչափ վերջնական եւ կանոնական, վաւերական եւ պաշտօնական որոշում մը տեղի ունեցած չէ, բանակցողներ իրենց դիրքը կորուսած կամ միտքը փոխած չեն կրնար ըսուիլ:

1775. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԱԹՈՌԸ

Պատմութեանս շարայարութեան անցնելով, պէտք է քաղենք Յակոբ կաթողիկոսի վերջին տարիներու եղելութիւնները, որոնք համեմատաբար հանդարտ անցան եւ նոր միջադէպներ չեն ներկայեր: Էջմիածինի մէջ Յակոբ կաթողիկոս վերջին անգամ Ասպահանէ դառնալէ, եւ 1670 Ծնունդի ջրօրհնէքը Երեւանի մէջ կատարելէ ետքը ( § 1769), Էջմիածին եկաւ, եւ այնտեղ դադարեցաւ մինչեւ 1678 տարին, մատակարարութեամբ եւ մասնաւոր շինութիւններով զբաղեցաւ, եւ վշտակիր սիրտով դիտեց այն աղետալի անցքերը, որոնք թէ իր շուրջը եւ թէ հեռու տեղերը կը կատարուէին: Տոչորուեցաւ եկեղեցւոյն վնասներով եւ ազգին վտանգներովը, եւս առաւել ցաւելով որ չունէր այն միջոցները եւ այն ոյժերը` որոնք պէտք էին եկեղեցւոյն բարեկարգութիւնը եւ ազգին բարօրութիւնը պատրաստելու եւ իրականացնելու համար: Աղթամարի աթոռը կը շարունակէր այն աննշանակ դրութեան մէջ, զոր իր կարգին յիշեցինք ( § 1649): Հաւաքարանը իբր կաթողիկոս կը յիշէ Պաղտասարն ու Կարապետ Քռնածը, որոնց կը յաջորդէ Մարտիրոս Մոկացին, Նանենց գիւղէն եւ Գուռճի ազգատոհմէն, Փշրուկ մականուանեալ, որուն օրով Մոկացիք ու Շատախցիք իրարմէ կը գժտին. եւ Շատախի իշխան Եզդին Շէր, իր գաւառը Էջմիածինի թեմ հռչակելով, Յակոբ կաթողիկոսէ վարդապետ մը կը խնդրէ իբր կաթողիկոսցու, եւ Յակոբ ալ կը զրկէ 1661-ին մէկ մը` որուն անունը յիշուած չէ (00. ԲԻԶ. 1197): Գուցէ այս պարագան էր որ Ոսկանի թելադրեց Աղթամարը Էջմիածինի արքեպիսկոպոսարաններուն կարգը դասել ( § 1750): Սակայն Մարտիրոս թող չի տար որ բաժանումը տեղի ունենայ. շուտով Շատախ կ՚իջնէ, եւ ազդեցութեամբ կամ բռնութեամբ, այսինքն տեղական կուսակալին ալ միջամտութեամբ, ոչ միայն Շատախը կը հպատակեցնէ (00. ԲԻԶ. 1198), այլեւ Վան, Բերկրի, Արճէշ, Խլաթ, Բաղէշ, Մուշ, Խօշապ, եւ մինչեւ Ամիդ, իրեն ներքեւ առնելու հրովարտակ կը ստանայ, սուլտան Մահմուտէ, յայտարարելով թէ այս գաւառներ ընդ տէրութեամբ քով են, սակայն ի յերկիրն Պարսից նստող խալիֆայն, զարդիւնս սոցա ժողովեալ տանի յերկիրն Պարսից (ՋԱՄ. 93): Բայց Յակոբ կաթողիկոս կը յաջողի նոր հրովարտակով վիճակները ետ առնուլ, եւ Վանայ առաջնորդ Պօղոս վարդապետի վրայ կը դարձնէ, իբրեւ վիճակ Վարագայ, առանց յիշելու Էջմիածինի անունը, որովհետեւ թշնամութիւն գոյր ի մէջ Պարսից եւ Օսմանցւոց: Յակոբ խոհեմութիւն սեպեց Էջմիածինի անունը չտալ, զի հատցին թունալի լեզուք նոցին, որք զմեծ քէն առեալ, արծարծէին ի յականջս Օսմանցւոց, թէ զարդիւնս տանին ի յերկիրն Պարսից: Երեւանեցին ցաւելով կը յաւելու, թէ մինչեւ ցայժմ ունին զայս սովորութիւն` Օսմանցւոց կողմանց սեւագլուխքն (ՋԱՄ. 95): Յակոբ գործին վերջնական յաջողութեան համար հաճեցաւ վճարել տալ Մարտիրոսին` եւ Աղթամարի իշխող Ապտուլլահ Չէլէպիին, անոնց պահանջած գումարները իբրեւ իրենց առձեռն ծախքերուն եւ վնասներուն փոխարէն (ՋԱՄ. 94): Մարտիրոս այլեւս նոր փորձ չըրաւ, եւ վախճանեցաւ 1663-ին:

1776. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Մարտիրոսէ ետքը Աղթամարի կաթողիկոսներուն կարգին կը յիշուին Պաղտասար մը եւ Ստեփանոս մը, եւ Մարկոս Արճիշեցի Բլուրմակ գիւղէն: Ասոնցմէ ետքը կու գայ Յովհաննէս Թիւթիւնջին, որ Կ. Պոլսոյ պատրիարք եղած էր 1663-ին ( § 1741), եւ 1664-ին պատրիարքութենէ հանուած ( § 1755), 1665-ին կրկին զայն ձեռք ձգած ( § 1758), եւ 1667-ին կրկին վտարուած ( § 1764): Այս անգամ այլեւս Կ. Պոլսոյ մէջ յաջողելէ յոյսը կտրած, դարձած էր իր հայրենական Վասպուրականը, ուր կրցաւ 1667-ին Աղթամարայ կաթողիկոս ըլլալ, եւ 14 տարի աթոռի վրայ մնալ: Պէտք է ընդունիլ թէ Թիւթիւնճիին կաթողիկոսութիւնը իր մահուամբը վերջացած է, զի ժամանակագրութիւնը չ՚արդարացներ 1683-է ետքը Կ. Պոլսոյ պատրիարք ըլլալը, եւ իբր անհիմն զրոյց պիտի նկատուի պատրիարքութենէ ետքը կարգաթող ըլլալը, որոնց արձագանք եղած է Աղթամարի Հաւաքարանը (00. ԲԻԶ. 1298): Ոչ մի յիշատակ չունինք Թիւթիւնճիին կաթողիկոսական գործունէութենէն, եւ կ՚երեւի թէ յիշատակաց արժանի արդիւնք ալ ունեցած չէ: Չենք ալ գիտեր թէ ինչ կերպով կարգադրած է նա Յակոբ կաթողիկոսի հետ, Էջմիածինի վճարումը ( § 1741):

1777. ԿԻԼԻԿԻԱ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Կիլիկիոյ աթոռին վրայ լարաբաժին եղած սահմաններով կը գտնուէին Խաչատուր Սեբաստացին եւ Դաւիթ Բերիացին կամ Կարկառեցին ( § 1753), եւ ցուցակագիրներուն տարբերութիւնները իրարու քով բերելով կրնանք ըսել, որ թէ Խաչատուր (ՉԱՄ. յաւ. 111) եւ թէ Դաւիթ (09 ՕՐԱ. 263), միեւնոյն 1679-ին մեռած են: Բայց իրենց մահուամբ ալ բաժանումը վերջացած չէ, զի Խաչատուր Մինտէրճիին տեղ նստած է Սահակ Մէյխանէճին, եւ Դաւիթին տեղ Ազարիա, Կարկառեցիին տեղ ուրիշ Կարկառեցի մը: Սահակի Մէյխանէճի մականունին բացատրութիւնը չենք գտներ, թէ արդեօք գինեպան կամ գինեպանի զաւակ եղած էր, թէ ոչ պարզապէս արբշիռ մը: Իսկ Ազարիա Գանըպեանց ազգատոհմէն սերած, եւ Ղաթրանի մականուն ստացած է, որ ձիւթի նման սեւաթոյր եղած ըլլալու իմաստը կու տայ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներքին անցքերուն, եւ կրկնակ աթոռակալներուն գործերուն վրայ աւելի մանրամասնութիւններ չունինք: Իսկ Երուսաղէմի մէջ Եղիազար պատրիարքութիւնը կը վարէր 1671-էն իվեր, կաթողիկոս անունն ալ պահելով եւ զօրաւոր հակառակորդ մը չունէր` որուն դէմ մաքառիլ պարտաւորուէր, զի Մարտիրոս Կաֆացին իրեն համար նորահնար դիրք մը շինած էր: Երուսաղէմի պատրիարքութեան անունով Կ. Պոլիս կը մնար, եւ կը գոհանար յանուն Երուսաղէմի հաւաքուած նուէրներով եւ ուխտի դարպասներով ( § 1767): Սուրբ Տեղեաց մէջ Հայերու սեփականութեանց դէմ ոտնձգութիւնները չէին դադարած, եւ Եղիազարի օրով նորանոր դատեր բացուցեան եւ վարուեցան Ս. Հրեշտակապետի պատին, Բեթղեհէմի եկեղեցւոյն, Բեթղեհէմի գերեզմանատան, Ս. Փրկիչի գերեզմաննոցին, եւ Ս. Յարութիւնի դռնապաններուն պահանջմանց համար, որոնք միշտ Հայերուն նպաստաւոր վճիռներով վերջացան, շնորհիւ ընդհանուր ազդեցութեան եւ առատաձեռն հարստութեան զորս ունէր Եղիազար, եւ յաջող ու ճարպիկ գործակատարութեան Խաչատուր եպիսկոպոսին, որ Եղիազարի աջակիցն էր եւ դատարաններու առջեւ խօսողն ու փաստաբանողը (ԱՍՏ. Ա. 395-399): Այս առթիւ յիշենք թէ 1676 յունուար 25-ին կայսերական հրովարտակով Ս. Գերեզմանին խնդիրն ալ վերջացաւ, եւ Լատիններուն պահանջները մերժուելով, անոր պահպանութիւնը` բանալիներով, գոյքերով ու կանթեղներով մէկտեղ Յոյներուն իրաւունքը ճանչցուեցաւ (ԺՈՒ. 284):

1778. ԼԵՀԱՀԱՅՈՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Լեհահայոց գործերը պատմած ենք մինչեւ Յակոբ կաթողիկոսէ նուիրակ յղուած Պօղոս Եւդոկիացի վարդապետին բռնի վտարումը 1655 հոկտեմբեր 29-ին ( § 1744), ուսկից ետքը Կղեմէս Կալանոս եւ Ալսիզիոս Փիթու աւելի համարձակութեամբ հետեւեցան Լեհահայերը լատինացնելու ձեռնարկին, իրենց վարժարանէն ելած նորահաս երիտասարդները քահանայացնելով, իբրեւ կամակատար գործիքներ, զի հին քահանաներ միշտ դժկամակ էին նորամուտ փոփոխութեանց, եւ առիթներէ կ՚օգտուէին անոնք թօթափելու համար: Այսպէս էին Ներսէս Եազլովիցի նախանդամ երէցը (ԲՌՆ. 161), եւ Արեւելք ձեռնադրուած երկու Լեհաստանցի քահանաներ, որոնց մէկը Յովհաննէս Բեռնարդովիչ է կոչուած (ԲՌՆ. 170), իսկ միւսին անունը չէ յիշուած (ԲՌՆ. 169), որոնք վերջէն, գոնէ առերեսս, ստիպուեցան հպատակիլ, Կալանոսի կողմէն պետական զօրութեամբ սպառնացուած վտանգներու հանդէպ: Իսկ Նիկոլ միշտ իր երկդիմի ընթացքը կը շարունակէր, սկիզբները դիմադրութիւն ցուցնելով լատինամիտ փոփոխութեանց ժողովուրդէ չլքուելու համար, եւ վերջէն համակերպութիւն յայտնելով, ինչպէս կը գրէ Փիթու, թէ Նիկոլին հետ յաջողէր մեզ յամենայնի` վասն ամի ամի թոշակին երկերիւր դահեկանաց (ԲՌՆ. 42): Հայոց կաթողիկոսին կողմէն նոր նուիրակ մը կը հասնէր Ուլահաց երկիրը, որ գիրերով կը ջանար Լեհահայերը իրենց հայրենաւանդ դաւանութեան եւ ծէսին մէջ պահել, սակայն միշտ միեւնոյն կերպերով ընդունայն եղեն ջանք նուիրակին (ԲՌՆ. 52): Ճիշդ այդ միջոցին կը մեռնի Կղեմէս Կալանոս, Իլվովի մէջ 1666 մայիս 14-ին, եւ Հայոց մայր եկեղեցւոյն մօտը կը թաղուի մայիս 17-ին: Կալանոս 56 տարեկան մեռած կ՚ըսուի (ԲՌՆ. 52), որով 26 տարեկան եղած կ՚ըլլայ երբ Վրաստան ղրկուեցաւ, եւ 30 տարեկան երբ Կ. Պոլսոյ Հայոց մէջ սկսաւ աշխատիլ ( § 1692): Քիչ առաջ մեռած էր եւ Բոնավենդուրա աշխատաւոր եղբայրը (ԲՌՆ. 178), որով միայն մնաց Ալսիզիոս Փիթու, եւ Կալանոսի յաջորդեց փոխանակ տեսչի պաշտօնով, թէպէտ 28 տարեկան էր տակաւին, եւ միջակ յուսմունս, այլ յաջողակ էր ի լեզուս, եւ լիովին տեղեակ Կալանոսի ուղղութեան (ԲՌՆ. 178): Փիթու ինքզինքը դրաւ Իլվովի լատին արքեպիսկոպոսին եւ Լեհաստանի պապական նուիրակին տրամադրութեան ներքեւ, որով կրցաւ դիմադրել Նիկոլի պահանջներուն դէմ: Իրեն աջակից ունեցաւ Յովհաննէս Կերիմովիչ Հայ եպիսկոպոսը, որ Նիկոլին քեռայրին եղբայրն էր, եւ անոր փոխանորդութիւնը կը վարէր: Կերիմովիչ Լեհաստանի մէջ Լատինաց մօտ առնելէ ետքը Էջմիածին գացած էր, եւ մինչեւ Պուղտանի կամ Մոլտավիոյ եպիսկոպոսութեան բարձրացած, ժողովուրդին հետ գժտած եւ Երուսաղէմ քաշուած, իբր 7 տարի հոն մնացած յետոյ Հռոմ երթալով հռոմէադաւանութիւն ընդունած, իբր 5 տարի ալ հոն կեցած, ետքէն Լիվօռնոյ անցած, եւ վերջապէս Իլվով գալով Կալանոսի պաշտպանութեամբ փոխանորդ նշանակուած էր (ԲՌՆ. 50):

1779. ՓԻԹՈՒԻ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆԸ

Փիթու իր առաջին քաջութիւնը ցուցուց Իլվովի վանական եկեղեցւոյն աւագերէց Սիմէոն քահանային դէմ, որ հաւատարիմ կը մնար Հայ ծէսին ամբողջութեան: Անոր մօտ իրեն աշակերտներէն երիտասարդ քահանայ մը դրաւ, եւ անոր վկայութեամբ Սիմէոնը բանտարկել տուաւ: Հայոց քաղաքապետին սպառնացաւ, թէ Սիմէոնը պաշտպանելով զգլուխ իւր տուժեսցի (ԲՌՆ. 58), վերջապէս կերպ կերպ բարուրանքներով քահանան աքսորել տուաւ 1666 յուլիս 16-ին (ԲՌՆ. 61): Անկէ ետքը Փիթու` Նիկոլն ու Կերիմովիչ մէկտեղ առնելով Լեհաստանի հայաքաղաքները այցելութեան կ՚ելլայ, ծիսական փոփոխութիւնները հաստատելու: Յուլիս 31-ին Եազլովից կը հասնին, ուր յաջորդ օրը, հին տոմարով յուլիս 22-ին Վարդավառի տօն կը կատարեն, եւ կանխաւ յիշուած փոփոխութիւններէն զատ ( § 1744), Յայսմաւուրքի մէջ ալ 41 կարծեցեալ մոլորութիւններ ուղղագրեցին, զորս միառմի կը յիշէ Փիթու (ԲՌՆ. 64-67): Օգոստոս 12-ին կ՚երթան Կամենից, ուր մեծ դժուարութեան կը հանդիպին ժողովուրդին կողմէն, եւ մինչեւ հոկտեմբեր 6 այնտեղ կը մնան, եւ ամէն տեսակ սպառնալիք, պետական միջամտութիւն, արքայական հրաման, եւ ճարտար դարձուածներ կը գործածեն մինչեւ որ կերպով մը Կամենիցացիները նորամուտ փոփոխութեանց յանձնառու ընեն, գոնէ առ երեսս (ԲՌՆ. 93): Իրենց յաջողութեան որոշիչ փաստ կ՚ընեն Էջմիածինի նուիրակ Պօղոս Եւդոկիացիէ ( § 1744) գրուած երկդիմի նամակ մը (ԲՌՆ. 92): Հռոմէականութեան այդ յաջողութիւնները տեղի կ՚ունենային շնորհիւ Նիկոլի, որուն կողմէ կը տրուէին փոփոխութեանց հրամանները, եւ Հռոմի պապութիւնն զայն կը պաշտպանէր եւ կը վարձատրէր, թէպէտեւ շատ լաւ գիտէր թէ որպիսի ոք էր իրեն գործիք ըրած անձը: Պապական պաշտօնեաներ իրենց նամակներով կը հաստատէին, թէ գայթակղութիւնք տարօրինակք են զորս առնէ արքեպիսկոպոսն Հայոց Իլվովայ, ունելով կանայս կասկածելիս` ընդ որս կեայ եւ հաղորդութիւնս առնէ, թէ չուզեր ելանել ի տղմոյն յոր թաթաւեալն է (ԲՌՆ. 99), եւ թէ ժպրհեցաւ կոչել անդրէն առ ինքն զկինն, զոր արձակեալ էր ( § 1743): Պէտք կը զգային որ Նիկոլ թողցէ զկենցաղ իւր խայտառակ եւ արձակեսցէ զկանայսն (ԲՌՆ. 101), բայց միւս կողմանէ լաւագոյն կը սեպէին, յետս կալ ի կատարելոյ զյանձնարարութիւն պատուէրին, զի մի' այսու խափանեսցի այն խորհուրդ օգտակար (ԲՌՆ. 102): Անգամ մը Նիկոլ կը պատրաստուի Հռոմ երթալ Փիթուի ընկերակցութեամբ, եւ 1667 սեպտեմբեր 26-ին կու գան Քրաքով (Krakow կամ Cracovie), բայց Թաթարներու եւ Խազախներու ասպատակութեանց պատճառով, միտքերնին փոխելով Իլվով կը դառնան հոկտեմբեր 19-ին, ուր գործը ձեռք կ՚առնէ Յովսէփ Կարացիոլի կրօնաւորը (Giuseppe Grazioli), որ Հռոմէ Կալանոսի յաջորդ նշանակուած էր: Սա շահելու կերպերը չգիտնալուն, Նիկոլի կողմէ խստութեանց կը հանդիպի, իր ձեռնարկներուն դիմադրութիւն կը տեսնէ, եւ հիւանդութեան մէջ ալ արգահատանք չի գտնար, եւ կը մեռնի 1667 դեկտեմբեր 30-ին, 39 տարեկան եղած ատեն: Նորէն առժամեայ տեսչութեան անցաւ Փիթու, որ գիտէր երբեմն շողոքորթելով եւ երբեմն պնդելով Նիկոլը գործածել (ԲՌՆ. 109): Հաւանեցաւ իսկ անոր ընկերանալ` երբ 1668 յուլիս 31-ին Նիկոլ Կամենիցի եւ Եազլովիցի տօնավաճառներուն կ՚երթար` իր սովորական ձիերու առեւտուրին համար (ԲՌՆ. 111), որուն կը ներուէր այս գործը, երբ միւս կողմէն կը բանտարկուէր հայ վարդապետ մը` որ նոյն տօնավաճառին մէջ ի վաճառականութիւն էր պարապեալ: Բայց գումար մեծ արծաթոյ գործը կը կարգադրէ, եւ վարդապետը ազատ կը թողուի (ԲՌՆ. 188): Փիթու այս առիթէն օգտուեցաւ նոյն տեղերը հռոմէադաւանութեան տարածման աշխատելու, եւ Նիկոլի հետ Իլվով դարձան սեպտեմբեր 6-ին (ԲՌՆ. 112): Այդ մանրամասնութիւնները յառաջ կը բերենք որպէսզի մօտէն տեսնուի, թէ ինչ միջոցներ կը գործածուէին, եւ ինչ անձեր գործիք կ՚ըլլային Հայերը հռոմէադաւանութեան բռնադատելու համար:

1780. ՆԻԿՈԼ ՀՌՈՄ ԿՈՉՈՒԱԾ

Պապական նոր նուիրակ Գալիատիոս Մարէսքօթթի (Galeazzo Marescotti), տեսնելով թէ ինչպիսի այպանելի վարուք կենցաղավարէր Նիկոլ, եւ ոչ դադարէր ի ձեռնադրելոյ զանձինս անարժանս, համոզեց զայն Հռոմ երթալ, եւ 1668 հոկտեմբեր 11-ին ուղեւորեցաւ Նիկոլ, իր երկու որդիներու հետ, եւ Հռոմ հասաւ դեկտեմբեր 31-ին (ԲՌՆ. 113), 20 հետեւորդներով եւ 21 ձիերով (ԲՌՆ. 204): Կրկին էր Հռոմի նպատակը Նիկոլը Հռոմ բերելուն մէջ: Եթէ մէկ կողմէն անոր անառակ կեանքը իրեն գործին պատուաբեր չէր, միւս կողմէն ալ Նիկոլի փոփոխամիտ ընթացքը ոչ միշտ նպաստաւոր կ՚ըլլար Հռոմի նպատակին: Անոր հեռացմամբ եւ Կերիմովիչի տկարամիտ տեղակալութեամբ, աւելի դիւրին պիտի ըլլար Լատին կրօնաւորներուն`  սկսուած գործը յառաջացնել, Լեհերու պետական ոյժն ալ իրենց կողմը ունենալով: Այդ ոգւով աշխատեցաւ Փիթու` Նիկոլի հեռանալէն ետքը, եւ Կերիմովիչի ձեռքով հետզհետէ հեռացուց հին քահանաները, եւ անոնց տեղ նորահաս երիտասարդներ դրաւ իրենց աշակերտներէն, եւ ծիսական փոփոխութիւնները ընդարձակեց նորանոր հերետիկոսութիւնս գտնալով Հայ եկեղեցւոյն մէջ: Փիթուի յաջողութիւնները զայն արժանի ըրին 1670-ին տեսուչ առաքելութեան անուանուելու պաշտօնապէս (ԲՌՆ. 209), մինչ ցայնվայր փոխանորդութեամբ կը վարէր գործը: Ներքին գժտութիւն մը պիտի կարենար գործին վնասել: Փիթուի ընկեր ղրկուած Յովսէփ Պակաթթա Վերոնացին (Giuseppe Bagatta da Verona), որ 1670 յունիս 22-ին Իլվով կը հասնէր, ատեցող էր Հայոց եւ չէր համաձայներ Փիթուի ճարտար շահեցողութեանց, ուստի խոչընդոտն լինէր յամենայնի, այնպէս որ տեսնալով թէ չէր այլեւս հնար համբերել, անոր ընթացքին, հեռացնելու հարկը կը ծագէր, եւ 1671 յուլիս 15-ին Պակաթթա կը դառնար Իտալիա (ԲՌՆ. 212): Այդ միջոցին կը յիշուի Թադէոս Համազասպեան երէցին Լեհաստան գալը, Ոսկանի տպագրած գիրքերը վաճառելու ( § 1748): Փիթու կը հակառակի, պնդելով մանաւանդ Դավրիժեցիին պատմութեան վրայ, որուն մէջ խստիւ պախարակուած են Նիկոլի գործերը (ԴԱՎ. 279), բայց Կերիմովիչի թոյլտուութեամբ, Թադէոս վաճառեաց անդ գիրս ինչ, եւ այլովքն էանց յերկիրն Մոլտավիոյ եւ Վալախիոյ (ԲՌՆ. 216): Փիթու հարկ տեսնալով նորանոր նպաստներ եւ կարգադրութիւններ ստանալ Հռոմէ, 1671 հոկտեմբեր 26-ին Իլվովէ մեկնեցաւ, եւ 1672 յունուար 16-ին Հռոմ հասաւ, իսկ Լեհահայերը լատինացնելու գործը բաժնելով յանձնեց իր ընկերներէն Օգոստինոս Լօպէլլի եւ Հերոնիմոս Պօսսի կրօնաւորներուն (Agostino Lobelli եւ Girolamo Bossi), որոնք չորս ամիս առաջ յունիս 23-ին Լեհաստան հասած էին (ԲՌՆ. 213), առաջինին յանձնեց վարչականն ու կրթականը, եւ երկրորդին մատակարարականն ու դրամականը (ԲՌՆ. 217):

1781. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Պատմութիւնը որոշակի չի պատմեր, թէ ինչ կը մտածուէր եւ ինչ կը գործուէր Էջմիածինի մէջ Լեհահայերու կացութեան նկատմամբ: Ընդհանուր յիշատակներ միայն կը ցուցնեն թէ գործը բարձիթողի եղած չէր: Պօղոս Եւդոկիացիին նուիրակութենէն ետքը ( § 1744), Վալաքիոյ նուիրակին Լեհահայերով զբաղիլը յիշեցինք ( § 1778), նոր պարագայ մըն ալ այս անգամ կ՚ելնէ առջեւնիս: Նիկոլի Լեհաստանէ հեռացած ըլլալը լսուելով, Յակոբ կաթողիկոս, հերձուածող կաթողիկոս Էջմիածնի կոչուած Լատին պատմիչէն (ԲՌՆ. 218), պատեհը յարմար կը տեսնէ եպիսկոպոս մը ղրկել Լեհաստան, իբրեւ Նիկոլի յաջորդ, եւ այս պաշտօնին կը կոչէ Թէոդորոս Վարդանովիչ վարդապետը, որդի ականաւոր դատաւորի Հայոց Իլվովի, եւ եղբօրորդի Ստեփանոս Վարդանովիչ վարդապետի, որ կը կոչուի քարտուղար կաթողիկոսին, եւ է նոյնինքն Ստեփանոս Իլվովացի կամ Լեհացի վարդապետը ( § 1712), յազատ տանէ Վարդանեանց (ԿԱՄ. 140), այլուր յազատ տանէ Պերնադովեանց ըսուած (ԿԱՄ. 144), Վարդան հայկական անունին լատինակերպ ծամածռութեամբ: Թէոդորոս Լեհաստանի լատին հաստատութեանց մէջ ուսանելէ, եւ փիլիսոփայական գրութեանց վրայ ի պայքար հակաճառութեան ալ մտնելէն ետքը, Էջմիածին կոչուած էր հօրեղբօրմէն, եւ քահանայութեան եւ վարդապետութեան բարձրացած: Այս անգամ ալ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1671 օգոստոս 13-ին Վերափոխման կիրակին (ԿԱՄ. 259), Լեհահայոց եպիսկոպոս ձեռնադրուելով դեռ եւս ի պատանի տիս, Լեհաստան կը ղրկուէր (ԲՌՆ. 219) 1671 օգոստոս 28 կոնդակով (ԿԱՄ. 265), ժողովուրդը հովուելու իբրեւ աթոռակալ եւ տեղապահ եւ Նիկոլի մահուընէ ետքը իբր առաջնորդ հովիւ եւ տեսուչ (ԿԱՄ. 264): Բայց քանի մը օր ետքը 1671 սեպտեմբեր 1-ի կոնդակով, առաքելական եւ հայրապետական իշխանութեամբ ուղղակի առաջնորդ հովիւ եւ տեսուչ Լեհած երկրին կ՚անուանուի Թէոդորոսը (ԿԱՄ. 260), որպէսզի իշխանութիւնը վարէ` Հայոց եկեղեցւոյ կանոնաց համեմատ, զոր Լատինը կը մեկնէ, զի դարձուսցէ զժողովուրդն Հայոց, որ միութեամբն խառնեալ էր յեկեղեցին Հռոմայ, անդրէն յիշխանութիւն հերձուածող կաթողիկոսին: Փիթու տակաւին Հռոմ չէր հասած, երբոր Թէոդորոս Լեհաստան հասաւ, բայց չ՚ուզեց ետ դառնալ, եւ ուղեւորութիւնը շարունակեց: Լոպէլլի եւ Պոսսի դիմեցին Լեհաց Միքայէլ Վիսնէցովսքի թագաւորին (Koributh Wisnoviecki), որ 1669-ին յաջորդած էր հրաժարեալ Յովհաննէս Քազիմիրի, պնդելով մանաւանդ թէ Իլվովի Հայ եպիսկոպոսը դեռ կենդանի է եւ յաջորդին ընտրութիւնը պահեալ է արքային Լեհացւոց: Այսու հանդերձ Թէոդորոս հանդիսապէս Իլվով մտաւ, բայց այս անգամ անոր դէմ ելաւ Կերիմովիչ, որովհետեւ ինքն կը տածէր յոյս ընդունելոյ Հռոմէն զյաջորդութիւնն (ԲՌՆ. 220): Գործը պետութեան առջեւը ելաւ, Թէոդորոս ալ Վարշաւա գնաց, Լեհահայոց բռնած ուղղութիւնը ինքն ալ պաշտպանեց, թէ Հայերը իրենց կաթողիկոսով արդէն միացած են Հռոմի եկեղեցիին հետ, եւ ոչ թէ նոր միութիւն մը կը կնքեն, սակայն հակառակ կողմը զօրացաւ: Առաջարկուեցաւ որ Հռոմ երթայ, բայց յանձն չառաւ, եւ ստիպուեցաւ Վենետիկ իջնալ, անկէ Արեւելք երթալու համար, եւ ուղղակի Բերիա գնաց: Կը յիշուի թէ Թէոդորոս վերջէն Սպանիա գացած (ԲՌՆ. 221), եւ այնտեղ Դոմինիկեան վանքը քաշուած ըլլայ հռոմէականութիւն ընդունելով, սակայն Լատին պատմիչն ալ չի հաւատար Թէոդորոսի հռոմէադաւան դառնալուն, եւ կը գրէ թէ մեծի կասկածանաց է գործն, եւ դժուարին է նման հաւատալ (ԲՌՆ. 222): Թէոդորոսի գերեզմանը կը յիշուի Հռոմի մէջ, ուր մեռած է 1700 փետրուար 12-ին (ԿԱՄ. 259): Անգամ մըն ալ դիտել կու տանք թէ հայադաւանութիւնը, իր թոյլատու եւ լայնախոհ սկզբունքներուն զօրութեամբ, երեք առաջին ժողովներու դաւանութեան համաձայնող եկեղեցիները` քրիստոնեայ ընդհանրական եկեղեցիէն դուրս չէր սեպեր, որով կրնար անոնց հետ միութեան մէջ հռչակել զինքն: Իսկ Թէոդորոսի Սպանիա անցնելուն պարագաները, եւ անոր վախճանը ուրիշ կողմէ ծանօթ չեն:

1782. ՀՌՈՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Թէոդորոսի միջադէպը Հռոմը գրգռեց լրջօրէն մտածել Լեհահայերուն եկեղեցական վարչութեան, Նիկոլի անձին եւ անոր յաջորդութեան վրայ: Մէկ կողմէն խորհուեցաւ լատին զօրաւոր միաբանութեան մը յանձնել գործը, բայց Թէաթինեանց կարգապետը յանձն չառաւ այդ ծանրութեան ներքեւ մտնել, թէպէտ Փիթու հետամուտ էր խորհուրդը իրագործել: Մտածեցին Դոմինիկեանց ալ դիմել, որոնք մեծ հաստատութիւն ունէին Վարշաւայի մէջ, սակայն սոյն խորհուրդն ալ չիրականացաւ: Նիկոլը չէին ուզեր նորէն ետ ղրկել, նկատելով անոր անառակ կենցաղը եւ անհաստատ բնաւորութիւնը եւ երկդիմի ընթացքը, մինչ միւս կողմէն Հայեր հետզհետէ աւելի դժուարութեանց եւ վտանգներու ենթարկուած լինելով, մինչեւ իսկ Նիկոլի ներկայութիւնը նուազագոյն չարիք կը սեպէին: Հռոմ մտածեց Նիկոլի քով օգնական մը նշանակել յաջորդութեան իրաւունքով, եւ հետզհետէ միտքը դարձուց Հայազգի եւ Իլվովացի հայր Պատրիալովիչ Դոմինիկեան կրօնաւորին, Յովհաննէս Քրիստոստուրովիչ Զամոստիայի աւագերէցին, եւ փոխանորդութիւն վարող Յովհաննէս Կերիմովիչ եպիսկոպոսին վրայ, բայց չկրցաւ կատարեալ վստահութիւն կազմել: Ամէնքը աչքերնին դարձուցին Վարդան Յունանեան Եւդոկիացի աշակերտին վրայ (ԲՌՆ. 228), որ առաջ Լեհաստանի մէջ Կալանոսի եւ Փիթուի ձեռքին ներքեւ կրթուած, 1670 օգոստոսին Անգեղոս Փեվերաթի կրօնաւորին հետ (padre Angelo Peverati) Հռոմ էր ղրկուած (ԲՌՆ. 209), եւ երկու տարի ալ ի քաղաքական դպրանոցին Հռոմայ զարգանալով, կատարելապէս Հռոմի վստահութեան արժանացած էր (ԲՌՆ. 228): Այդ միջոցին տեղի կ՚ունենար Օսմանեանց արշաւանքը Լեհաստանի դէմ` Քէօբրիւլիւօղլուի հրամանատարութեամբ, որ 1672 օգոստոս 1672 օգոստոս 26-ին Կամենիցը նուաճեց, եւ սեպտեմբեր 9-ին Իլվովը գրաւեց (ԺՈՒ. 282): Լոպելլի եւ Պոսսի Քրաքովա փախան, դպրոցնին քանդուեցաւ, աշակերտներ ցրուեցան, եւ պարտաւորեալ Լեհահայերու եւ Իլվովի Հայ աթոռին համար ըլլալիք կարգադրութիւններ յետաձգուեցան (ԲՌՆ. 224): Միջոց ժամանակէն օգտուեցաւ Հռոմ Հայոց պատարագամատոյցը եւ ուրիշ ծիսական գիրքերը ուղղագրել տալու ըստ օրինակի Լատինացւոց, յատուկ յանձնաժողովի մը ձեռքով, որուն կ՚անդամակցէին Ալոիզիոս Փիթու Իլվովի տեսուչը, Սեբաստիանոս Գերմանացի` Դոմինիկեան կրօնաւոր մը, վերոյիշեալ Վարդան Յունանեան, եւ Հռոմի մէջ թարգմանչութիւն ընող Բարսեղ եւ Յովհաննէս քահանաներ (ԲՌՆ. 225): Ասոնց գործը այնչափ աղաւաղ եւ աղճատեալ, եւ լեզուն նորատի իմն լեզու հայկական ըսուելու չափ խճողեալ էր, որ Հռոմ ալ իրեն տրուած տեղեկութեանց հիմնուելով հրատարակութիւնը չ՚արտօնեց (ԲՌՆ. 226):

1783. ՆԻԿՈԼԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Սակայն միանգամ ընդ միշտ պէտք էր վերջ տալ Լեհահայոց գործին, ստացուած արդիւնքը չկորսնցնելու, եւ զայն հետզհետէ յառաջացնելու համար, մանաւանդ որ յաջորդ 1673 տարւոյ ամարան մէջ Յովհաննէս Սոպիէսքի յաղթութիւն մըն ալ տարած էր Օսմանեանց վրայ (ԺՈՒ. 283): Ըստ այսմ 1673 սեպտեմբեր 5-ին Փրոփականտայի ժողովը յատուկ գումարում ունեցաւ, Փիթուի առաջարկած տասը պայմանները քննելու, որոնք Կալանոսեան աւանդութեամբ եւ շահեցողական հոգւով կազմուած էին, եւ որոնց առաջինն էր` Արգելուլ Հայոց դառնալ ի միութենէն ի լատինականութիւն (ԲՌՆ. 234): Հայերուն ազգային զգացումները չվիրաւորելու միջոց: Բայց այս անգամ ալ որոշում չտրուեցաւ: Փիթու հետամուտ էր Իլվով դառնալ, իր առաջին աշխատութեանց վտանգուիլը նախատեսելով, եւ Հռոմը կը համոզէր որ Նիկոլը վերադարձնէ, յարմար օգնականի ընկերակցութեամբ, վստահացնելով թէ ծերունի ոք ամաց իբրեւ ութսնից, եւ այն ալ հոգս ունելով զորդւոց իւրոց, չի կրնար այլեւս վնասակար դառնալ (ԲՌՆ. 226): Վերջնական որոշումը տրուեցաւ 1673 նոյեմբեր 17-ի ժողովին մէջ, եւ դեկտեմբեր 2-ին Փիթու Հռոմէ մեկնեցաւ, եւ 1674 փետրուար 1-ին Իլվով հասաւ, եւ իսկոյն ձեռնարկեց քանդուած դպրոցը վերաշինել, աշակերտներ հաւաքել, եւ ժողովուրդը հռոմէական պահանջներու համաձայնեցնելու գործը առջեւ վարել, թէպէտեւ մարտ 30-ին Լոպելլիի մեռնելովը` Փիթուի օգնական մը պակսած էր (ԲՌՆ. 245): Սոյն միջոցին Իլվով նորէն պաշարուեցաւ Օսմանցիներէն, բայց անվնաս ազատեցաւ Սոպիէսքիի ձեռքով, որ քիչ առաջ Միքայէլի մահուան վրայ Լեհաց թագաւոր ընտրուած էր (ԺՈՒ. 283): Փիթու կ՚աշխատէր Նիկոլի վերադարձն ալ կարգադրել Յունանեանի յաջորդական օգնականութեամբ, ուստի այս մասին Լեհաց արքունիքին հաւանութիւնն ալ ստացաւ, եւ Հռոմի հաղորդեց: Նիկոլ Յունանեանը ձեռնադրեց Եպիփանիոյ անուանական տիտղոսով, եւ անմիջապէս ուղեւորեցաւ, եւ յուլիսին Քրաքով հասաւ մինչ Յունանեան ետեւէն կու գար: Օսմանեանց կրկին Իլվովի վրայ յարձակելնուն պատճառով, ինչպէս յիշեցինք, ուղեւորութիւննին յապաղեցաւ, եւ հազիւ հոկտեմբեր 2-ին երկուքը միասին Իլվով մտան, եւ մեծ հանդէսով ընդունուեցան, եւ 27-ին արքունիք ներկայացան: Փիթու կը յուսար թէ այլեւս Նիկոլ իրեն հրահանգներուն հլու հպատակ կը մնայ, սակայն շուտով սկսան փոխադարձ տժգոհութիւններ, զի ոչ միայն Նիկոլ շուտով ի նախնի կարգ կենցաղավարութեան դարձաւ, այլեւ ագահութեան կեղեքումներով, Լատիններուն նեղութիւն պատճառելով, Յունանեանը անարգելով, եւ նմանօրինակ միջադէպներով առաջին ժամանակները վերանորոգեց: Իր նախկին սիրուհին ալ նորէն իր խնամոց ներքեւ առաւ, զոր ամուսինը լքած էր, տեսնելով որ Նիկոլ յաճախակի այցելութիւն նորա գնայ: Երբոր կինը հիւանդացաւ, Ս. Խաչի վանքին մէջ բնակեցուց, եւ երբոր մեռաւ մեծաւ շքով եւ հանդիսաւորութեամբ եւ բազմածախս ագապաւ յուղարկաւորութիւն կատարեց, եւ Փրանկիսկեանց եկեղեցւոյն մէջ թաղեց: Նիկոլի այդ կինէն ունեցած զաւակներուն համար գրուած է, թէ առ յոռի դաստիարակութեանց իւրեանց, ոչ լաւագոյն ինչ լիցին` քան զհայր իւրեանց (ԲՌՆ. 28):

1784. ՆԻԿՈԼԻ ՄԱՀԸ

Նիկոլ Իլվով դառնալէն ետքը հինգ տարի եւս ապրեցաւ` խոր ծերութեան հասնելով, բայց եւ խորապէս սուզուելով այն անտեղի կենցաղին մէջ, որուն հետեւեցաւ բոլոր իր երկարակեաց կեանքին եւ երկարատեւ պաշտօնավարութեան մէջ, որ 1626-ին Մելքիսեդեկէ ստացած ձեռնադրութենէն ( § 1638) մինչեւ 1681 իր մահուան թուականը (ՉԱՄ. Գ. 643), 55 տարի տեւած է, եւ 22 տարեկան ձեռնադրուած ըլլալով 77 տարեկան մեռած է: Հռոմէականներու մէջ մեծապէս պատուուած է անոր անունը իբր գլխաւոր գործիչ այդ ձեռնարկին: Այլ եթէ լաւ քննէին գործին պարագաները, պիտի չհամարձակէին այդչափ գովել բարձրաստիճան եկեղեցական մը, որ ընդհանուր գայթակղութեան առարկայ էր իր հրապարակային շնութեան կեանքովը. եւ առաջնորդարանի մէջ կը պահէր ու կը պատուէր կուսաստանէ խլուած կին մը, եւ անկէ ստացած երկու ապօրէն զաւակները, եւ մինչեւ Հռոմ ալ միասին կը տանէր` աշխարհի ցուցադրելով ամենայն անամօթութեամբ: Եւ երբ բռնադատեալ կը բաժնուի պոռնիկէն, ժամանակ անցնելէն ետքը նորէն զայն մօտը կ՚առնէ երիտասարդական օրերը վերանորոգելու: Բայց գոնէ հռոմէականութեան հետեւելուն մէջ ուղղամտութիւն եւ անկեղծութիւն ունենար, զի առաջին դիմումը` իր ապօրէն ձեռնադրութիւնը ժողովուրդին բռնութեամբ ընդունել տալու նպատակով սկսաւ, եւ մինչեւ վերջն ալ ուրիշ արդիւնք չունեցաւ, բայց եթէ դրամական փոխարինութեան ծառայեցնել եւ իբրեւ վարձկան ծառայ Հռոմի կամքը կատարել, մինչ ժողովուրդէն ալ շահը չդադրեցնելու համար Հռոմի հրահանգներուն ալ սրտով չէր համակերպեր: Մէկ կողմէ Հռոմէ յղուած Լատին պաշտօնեաները կը նեղէր, ժողովուրդին լաւ երեւնալու համար, եւ միւս կողմէ ժողովուրդը բռնութեամբ եւ հարստահարութեամբ եւ կեղեքումներով կը նեղէր Հռոմի հաճոյական երեւնալու համար: Փիլիպոս կաթողիկոսի առջեւ հայադաւան եւ հայածէս կանոններու կատարելապէս յանձնառու կ՚ըլլար` աթոռը ձեռքէ չհանելու համար, իսկ Հռոմի պատուիրակներուն առջեւ ամէն պայմանի հաւանութիւն կը ցուցնէր` դիրքը պահպանելու համար: Հռոմայ իշխանութիւնք եւ պաշտօնէութիւնք, որոնք այդ ամէնը լաւ գիտէին, ինչպէս պատմութեանս ընթացքին մէջ տեսնուեցաւ, չքաշուեցան երբեք այդպիսի մէկու մը ձեռքով նպատակներուն հետեւիլ, յայտնի ցուցնելով որ ոչ կրօնքի սրբութիւնը կամ հաւատքի ուղղութիւնը, ոչ խղճի ճշմարտութիւնը կամ բարոյականի մաքրութիւնն էր դիտուած նպատակը, այլ միայն տիրապետութեան ձգտումը եւ իշխանութեան տենդը, որուն համար կ՚արդարանային ամէն միջոցներ եւ կը սրբանային ամէն միջնորդներ, բաւական էր որ նպատակին հասցնէին: Բայց եթէ միջոցներ եւ միջնորդներ իրենց գոյնն ու բնոյթը գործին վրայ ալ կը ցոլացնեն, ինչպէս ուղիղ միտքը կը ցուցնէ եւ ուղիղ խիղճը կը սորվեցնէ, հռոմէականք պէտք է այդ հետեւանքը ճանչնան իրենց գործին եւ իրենց նպատակին վրայ ալ, որուն համար գործածուած միջոցներէն եւ միջնորդներէն քանիները յիշեցինք, քանիներ ալ առաջիկային պիտի տեսնանք:

1785. ՄԵՂՐԵՑԻՆ ԵՒ ՅԱՋՈՐԴՆԵՐ

Կ. Պոլսոյ աթոռին վրայ թողուցինք Ստեփանոս Մեղրեցին, որ 1670-ին նստեցաւ ( § 1767), եւ խոհական ու խաղաղասէր անձի համբաւ կը վայելէր, եւ կրցաւ իր ժամանակին վրայ քիչ ու շատ ազդել, որով կուսակցական ելեւէջներ իր օրով պահ մը լռեցին: Բայց դժբախտաբար հանդարտութիւնը հաստատուն չեղաւ, եւ ոչ ալ երկար եղաւ իր պաշտօնավարութիւնը, ու 1674-ին վախճանեցաւ: Գերեզմանաքարին վրայ յիշուած 1673 թուականը ետքէն գրուած սխալ մը կը կարծուի (ՉԷԼ. 304): Մահուան պարագաներուն վրայ ընդ աղօտ տեղեկութիւն մը կու տայ Քէօմիւրճեան, որ Պալըքլը թաղուածներուն կարգը կը յիշէ. Եւ Ստեփանոս Մեղրեցի աստ պատրիկ, կամ պատրիարք, որ լեալ պարտապան` Պապաճաֆէրէն հանինք, երկաւուրբք էառ զվախճան (ՉԷԼ. 51): Կ՚երեւի թէ պատրիարքարանի օտարներուն ունեցած պարքերուն համար բանտարկուած է, եւ ազատուելէն երկու օր ետքը մեռած է, հարկաւ սիրտի ցաւէն եւ բանտի նեղութենէն: Նոյն իսկ պատրիարքի մը բանտարկուիլը` շփոթութեանց եւ յուզմանց նշանակն է, եւ պարտքին պարագան ու անոր չվճարուիլն ալ իսկոյն այդ միտքին կը տանին: Ասկէ կը հետեւցնենք, թէ Մեղրեցիին վերջին օրերը նորէն ընդդիմադիր կուսակցութիւններ հրապարակ իջած էին, եւ պատրիարքութեան տիրանալու ճիգերը երկկողմանի միտումներ բորբոքած: Մեղրեցիին յաջորդը Յովհաննէս մըն է մականուանեալ Թօփալ, որ է Կաղ, զոր ոմանք Ամասիացի վարդապետ եւ ուրիշներ Սամաթիացի երէց կը կոչեն (ՉԱՄ. Գ. 715): Տեղերու անունները հնար է համաձայնեցնել` ծննդավայրին ու բնակավայրին տարբերութեան պատշաճեցնելով, իսկ աստիճաններն ալ կը համաձայնին, եթէ ըսենք թէ քահանայութենէ ետքը վեղար առած է պատրիարքանալուն առթիւ, որուն օրինակները պակաս չեն: Այդ ենթադրութեամբ Յովհաննէս առաջին քահանայն կ՚ըլլայ պատրիարքութեան բարձրացած, ինչ որ շատ արմանք պէտք չէ պատճառէ, երբ կը տեսնանք, որ ոչ կանոնով եւ ոչ օրինաւոր ընտրութեամբ կ՚որոշուէր պատրիարք եղող անձը, այլ բաւական էր քիչ մը կուսակիցներ շահիլ, պէտք եղած գումարը ճարել, եւ պետական հրովարտակը գնելով պատրիարքարանին տիրանալ: Այդ բանին կրնար ձգտիլ քահանայ մըն ալ, ինչպէս կը ձգտէր եպիսկոպոս մը կամ վարդապետ մը, մանաւանդ որ այս միջոցին քահանայութիւնը շատ զօրաւոր էր, եւ վեց գլխաւոր եկեղեցիներու աւագերէցներն էին որոնք իրենց քահանայ ընկերներով ամբոխավարութեան դերը կը վարէին եւ աղմուկներ կը յուզէին, ինչպէս տեսանք Աստուածատուր Թըլթըլը ( § 1761), եւ Անդրէաս Ճէհէննէմ-Մէրտիվէնին ( § 1733): Այդ երէցները, որ այս ու այն եպիսկոպոսին կողմը զօրացնելով իրենց ազդեցութիւնը կը շատցնէին, շատ բնական էր որ քայլ մը եւս յառաջելով ուղղակի իրենց համար աշխատէին: Յովհաննէսի պատրիարքութիւնը յանկարծ կը վերջանայ, ինչպէս յանկարծ սկսած էր, եւ պատմական աղբիւրներ չենք գտներ պարագաները բացատրելու: Ասոր օրուան կը հանդիպի Չինիլիհամամ թաղի հրկիզուած Ս. Սարգիս եկեղեցւոյն ( § 1640) վերաշինութեան ձեռնարկը, եւ չաւարտած քանդուիլը (ՉԱՄ. Գ. 715). այլ թէ որչափ ինչ արժանիք ունէր Յովհաննէս վերաշինութեան մէջ, կամ մեղադրանք փլչուելուն մէջ, մեզի անծանօթ կը մնան, միայն կ՚երեւի թէ իրեն համար չարաբաստիկ եղաւ փլուզումը, եւ աթոռէն անկումը յառաջ բերաւ: Ուրիշ պարագայ մըն ալ, որ մտադրութենէ պէտք չէ վրիպի, Մարտիրոս Կաֆացիին անձն է, որ իբր Երուսաղէմի պատրիարք կամ առաջնորդ անունով Կ. Պոլիս կը նստէր, եւ հարկաւ անտարբեր չէր Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին հանդէպ, զայն իրեն սեփականելու, կամ թէ իր կուսակիցը անոր վրայ բազմեցնելու նպատակով: Որչափ ալ կարեւոր նկատուի Կաֆացիին ընթացքը այդ շփոթներուն նկատմամբ, սակայն որոշ կերպով ճշդուած չենք գտներ անոր դերը Յովհաննէսի անկումին մէջ:

1786. ԱՆԴՐԷԱՍ ԵՒ ԿՐՊՈՅ

Յովհաննէս տարին չի բոլորեր աթոռին վրայ, եւ իրեն ընդդիմադիր կը տեսնէ ուրիշ երէց մը, որ է ծանօթ Ճէհէննէմ-Մէրտիվէնի Անդրէասը, Թըլթըլեանց ամբոխապետը եւ Կաֆացիին հին բարեկամը ( § 1761), որոնք սակայն այլեւս իրարու բարեկամ չեն մնար, երբ Անդրէաս կը յաջողի 1675-ին Յովհաննէսը տապալել եւ ինքն բարձրանալ, հոգ ալ չընելով վեղար առնել եւ վարդապետ կոչուիլ, որով առաջին անվեղար պատրիարքն եղած կ՚ըլլայ: Հարկաւ Կաֆացիին Կ. Պոլսոյ մէջ իբրեւ պատրիարք ճոխանալն, ու ժողովրդական հասոյթներէն լաւ մաս մը իւրացնելն է, որ Անդրէասը գրգռած է անոր դիրքը խախտելու, եւ Կաֆացին իր ազդեցութիւնը գործածած է զայն տապալելու, որով Անդրէաս ալ Յովհաննէսին նման շուտով կը ստիպուի տեղի տալ ուրիշ երէցի մը: Մարտիրոս իր յաջողութեան համար ունէր անշուշտ կաշառի ոյժը, բայց շուտով ուրիշ պարագայ մըն ալ կը հասնէր անոր ձգտումները քաջալերելու: Քէօբրիւիւօղլու Ահմէտ փաշա, որ հիւանդ էր արդէն, ուզեց Մէհէմմէտ Դ. սուլտանին ընկերանալ, երբոր սա Լեհերու պատերազմէն ետքը Ադրիանուպոլիս կը դառնար, բայց ճամբան հիւանդութիւնը սաստկանալով 1675 հոկտ. 30-ին մեռաւ Պուրկազի մօտ Գարապիպէրի ագարակին մէջ, 42 տարեկան, բայց 15 տարի մեծ եպարքոսութիւն վարած (ԺՈՒ. 285), եւ իրեն յաջորդեց Գարա Մուսթաֆա փաշա, բնիկ Մարսուանցի, թագաւորին քեռայրը եւ Քէօբրիւլիօղլուին մանկութենէ ընկերակիցը (ԺՈՒ. 286): Մարտիրոս փութաց նոր եպարքոսը իրեն շահիլ, ուստի պէտք եղած միջոցները ձեռք առաւ իր դիրքն ամրացնելու եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան նոր հրովարտակ ստացաւ, բայց Երուսաղէմ երթալ չփորձեց եւ բաւականացաւ Եղիազարի իբր իր փոխանորդի հրահանգներ ղրկել, եւ ինքն Կ. Պոլսոյ մէջ Երուսաղէմ վանքին եւ ուխտին պատկանող հասոյթները հաւաքել: Անդրէաս այդ առթիւ իր ընդդիմութիւնը սաստկացուց, սակայն յաջողութիւն չունեցաւ, զի Մարտիրոս կրցաւ զայն պաշտօնէն վտարել, եւ անոր տեղ իրեն հլու հպատակ, գաւառացի անուս քահանայ մը պատրիարք անուանել տալ, որ էր Կարապետ Կեսարացին, զոր ժողովուրդը հեգնօրէն Տէր Կրպոյ կը կոչէր: Կաֆացին անոր աստիճանը բարձրացուցած ըլլալու համար փութաց վեղար տալ, եւ Տէր Կրպոն սկսաւ Կրպոյ Ռաբուն կոչուիլ (ՉԱՄ. Գ. 717): Պատրիարքական փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ 1676-ին վերջին ամիսները, եւ Կարապետ աթոռը պահեց երեք տարիի մօտ մինչեւ 1679, ինչ որ ժամանակին շփոթութիւններուն նայելով երկարատեւ կրնայ ըսուիլ:

1787. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Կ՚երեւի թէ ընդդիմութեանց գլխաւորներ Կարապետը մէկ կողմ թողած, ուղղակի Կաֆացիին դէմ սկսած էին մաքառիլ, անշուշտ իրենց գրգռութիւնը ու միջոցները ստանալով Եղիազարէն, որուն համար անտարբեր կրնար ըլլալ Կ. Պոլսոյ պատրիարք եղող անձը, բայց կենսական էր Երուսաղէմի պատրիարք անունով գործող Կաֆացին տապալել: Քանի որ Երուսաղէմի առաջնորդ անունով պաշտօն մը բաւական ժամանակէ իվեր ստեղծուած էր. զայն ոչնչացնել անհնար էր, կառավարութեան առջեւ ալ պաշտօնի փոխանցումն էր` ճանչցուած եւ գործածուած եղանակը: Այս պիտի ըլլայ պատճառը որ փոխանակ Մարտիրոսի ստեղծած ինքնահնար պաշտօնին անգոյութեան հետապնդելու, զայն ուրիշի փոխանցելու կերպին են հետեւած Կաֆացիին հակառակորդները, Եղիազարի հովանաւորութեամբ: Առաջին առջեւ նետուողը Ճէհէննէմ-Մերտիվէնի Անդրէասն է, զոր Կաֆացին պատրիարքութենէ հանած էր, բայց 1677-ին սկիզբները Կաֆացիին պաշտօնը ձեռք կը ձգէ պետական հրովարտակով: Մարտիրոս եւ Կարապետ միացեալ ոյժերով Անդրէասի դէմ կ՚ելլեն, եւ 1678-ին զայն վար կ՚առնեն, եւ նորէն Կաֆացին է որ Երուսաղէմի առաջնորդութեան հրովարտակ կը ստանայ: Սակայն Յովհաննէս, նախկին պատրիարք ( § 1785) կը յաջողի զօրանալ եւ Կաֆացին հալածել, եւ իրեն սեփականել անոր պաշտօնը, այսինքն Երուսաղէմի առաջնորդի կամ պատրիարքի անունն ու հասոյթը (ՉԱՄ. Գ. 619), որ կրնար Երուսաղէմի փոխանորդութիւն կամ գործակալութիւն ըսուիլ, քանի որ Եղիազար էր որ իսկապէս Երուսաղէմի աթոռին վրայ կը գտնուէր, առանց սակայն որեւէ յարաբերութիւն ունենալու Կ. Պոլիս նստողին հետ: Այս փոփոխութիւնը տեղի ունեցաւ 1679-ին: Սակայն այս անգամ ընդդիմադիրները միայն Կաֆացին հետապնդելով չգոհացան: Կրպոյ Ռաբունն ալ պատրիարքութենէ հանելու ձեռնարկեցին: Պատրիարքութեան հետապնդողը այս անգամ աշխարհական մըն էր, Սարգիս անուն, Էքմէքճի մականուանեալ, զի բանակին հացի հայթայթիչն էր, եւ աննշան մէկը չէր, բայց փափաք զգալով ինքն վայելել պատրիարքութեան օգուտները, իսկոյն քահանայ կը ձեռնադրուի, եւ իբր Սարգիս երէց պատրիարքութեան հրովարտակ կը ստանայ նոյն 1679 տարին, նախընթաց քահանաներուն հետեւողութեամբ, եւ շնորհիւ այն յարաբերութեանց զոր ունէր պետական շրջանակներու մէջ, գուցէ ալ պատրիարքութեան հետ կը պահէր իր առաջին արհեստը: Չենք ուզեր աւելի դիտողութեանց մտնել ժամանակին կացութեան վրայ, զի պատմուած պարագաներ բաւական են ցուցնել թէ ինչ անկումի հասած էին եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը, պատրիարքութիւնն ու ազգութիւնը, կամ մէկ խօսքով Հայութիւնը:

1788. ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այդ ամէն դժպհի եղելութեանց լուրերը կը հասնէին Յակոբ կաթողիկոսի ականջը, որ արդէն աչքով ալ տեսած էր Երուսաղէմի ( § 1759) եւ Կոստանդնուպոլսոյ անցուդարձերը ( § 1763) տեղեկութիւն առած էր Լեհաստանի գործողութեանց վրայ, եւ իրեն շուրջն ալ Էջմիածինի մէջ պակաս չէին անտեղութիւններ, եւ հնար չէր որ չի մորմոքեր եկեղեցասէր հայրապետին սիրտը, եւ չի մտածէր ազդու դարման հայթայթել այդ անկարգութեանց, եւ ազգային եկեղեցւոյն հնարաւոր բարեկարգութիւնը պատրաստել: Ամէն միտք շուտով կը յարի այն առարկային` որ իր աչքերուն դիմաց կը կանգնի եւ կաթողիկոսին տեսութեան աւելի մօտ գտնուողները հռոմէական կրօնաւորներն էին, որոնք Հայաստանի մէջ կը տեսնուէին անդստին Ունիթորներու օրերէն, եւ կը շարունակէին իրենց գործունէութիւնը աւելի կամ նուազ ընդարձակութեամբ, բայց միշտ միակերպ ուղղութեամբ: Ասոնք երբեմն սաստիկ մոլեգնութեամբ Հայութիւնը ջնջելու եւ լատինութիւնը տեղը դնելու կը ջանային, բայց բաւական ժամանակէ իվեր աւելի շահեցողական ուղղութիւն մը ընդգրկած էին, Հայոց ազգային զգացումները շոյելով, ընդհանուր գիծերու մէջ հայկական ձեւերը պահելով, եւ աստ եւ անդ բառերու կամ նախադասութիւններու կամ շարժումներու փոփոխութեամբ գոհանալով, միայն թէ պապական իշխանութեան հպատակութիւնը կամ համակերպութիւնը բացարձակ կերպով ապահովուէր, ապագային թողլով աստիճանապէս յառաջացնել փոխակերպութիւնը: Արդէն բացատրեցինք Դոմինիկեան Փիրօմալլիի եւ Թէաթինեան Կալանոսի ու Փիթուի այդ ուղղութեամբ կատարած մերձեցումները: Ասոնց ետեւէն եկած էին աւելի ճարտար եւ աւելի ճկուն գործիչներ, Յիսուսեան միաբաններ Իգնատիոս Լոյոլայի աշակերտութենէն, Եզուիտ կամ Ճիզվիթ (Gesuita) կոչուած: Ասոնք տիրող պետութեան հետ ալ բարեկամութիւն հաստատելու կերպերը գիտէին, բնութեան եւ աստղերու գիտութեանց թեթեւ հմտութեամբ իսկ մարդիկներ կը զարմացնէին, բժշկական եւ առողջաբանական դեղերով եւ հրահանգներով ժողովուրդը կը գրաւէին, եւ այս կերպով ճամբայ կը բանային իրենց նպատակին համաձայն ներշնչումներ թելադրելու: Պէտք չէ եւս մոռնալ, որ ինչ ալ ըլլային հռոմէական քարոզիչներուն ներքին սկզբունքները, նենգամիտ ուղղութիւնները, սուտակասպաս միջոցները, եւ նորահնար վարդապետութիւնները, աչքի զարնող արտաքին բարեկարգութիւն մըն ալ կը պահէին, կանոնական ձեւեր ունէին, անձնուրաց կ՚երեւէին, եւ մանաւանդ մեծերնուն հրամաններուն անսալու եւ հրահանգներուն հետեւելու ճշդապահութեամբ կը փայլէին, որոնք աւելի կը շեշտուէին Արեւելքի մէջ, ուր կանոնական բարեկարգութիւնը եւ խստապահանջ հրամանակատարութիւնը շատ ետեւ մնացած էին: Եկեղեցական խնդիրներու վրայ մտածողներ, պէտք էր խորունկ տպաւորութիւն զգային այդ շօշափելի հակադրութեանց հանդէպ: Արեւմտեան գործիչներ ուրիշ նպաստաւոր գետին մըն ալ ունէին, եւ այս էր Արեւելքի մէջ տեսնուած բռնական տիրապետութեան դէմ, զօրաւոր պաշտպանութեան ակնկալութիւնը, եւ նիւթական օգնութեանց առատութիւնը, բան մը ուսկից հնար չէր որ չի շարժուեր ու չի գրաւուեր ամէն վշտացեալ ու հարստահարեալ սիրտ, եւ ամէն արկածեալ ու աղքատացեալ մարդ:

1789. ՅԱԿՈԲԻ ԴԻՄՈՒՄԸ

Այդ գաղափարներ կը գրաւէին Յակոբ կաթողիկոսի միտքն ալ, որ շատ կանուխէն իր եկեղեցւոյն դժբախտ կացութեան գիտակից, եւ անոր լաւագոյն կերպարան մը տալու փափաքող, բայց տեղւոյն եւ պայմաններուն պահանջմամբ անձուկ շրջափակի մէջ մնացած, եւ շուրջը տեսածով տպաւորուելու ստիպուած, սկսած էր մտածել, թէ ինչ կերպով արդեօք կրնար օտարին վրայ տեսած առաւելութիւնները ազգային տարրին վրայ փոխանցել, եւ ուրիշ եկեղեցւոյ վրայ իրագործել: Այդ գաղափարը նոր չէր Յակոբին միտքին մէջ: Երբոր առաջին անգամ 1665-ին նա Զմիւռնիա եկաւ, անկէ Երուսաղէմ, անկէ ալ Կ. Պոլիս ճամբորդեց ( § 1759), այսպիսի նպատակ մը ունեցած էր: Նա կ՚ուզէր Օսմանեան մայրաքաղաքի եւ Եւրոպացւոց հետ յարաբերութեան մտնել եւ ուսումնասիրել, թէ ինչպէս հնար է այդ միտքը իրականացնել, եւ ինչ միջոցներով Արեւմտեան առաւելութիւնները Արեւելեաններուն վրայ պատուաստել: Նա պատրաստ էր այդ նպատակին համար, եթէ հարկ ըլլայ, Արեւմուտք ալ երթալ, որուն կեդրոնը այն դարուն մէջ Հռոմն էր: Եւրոպացի ուղեւոր մը, որ 1670-ին Զմիւռնիայէ Անգղիա երթալու համար Իտալիայէ կ՚անցնէր, այնտեղ շշուկ մը լսած է, թէ Հայոց առաջին պատրիարքը, իր մի քանի մետրապոլիտների ուղեկցութեամբ, շուտով գնալու է Հռոմ (ԼԷՕ. Ա. 242), բայց թէ քանի մը ամիս Իտալիա մնալով ալ` այդպիսի բան մը չէ տեսած: Եւ ինչպէս պիտի տեսնար 1670-ին, քանի որ արդէն 1667-ին Յակոբ կաթողիկոս ետ դարձած եւ Էջմիածին գացած էր ( § 1764): Մեզի համար շատ դիւրին է այդ կէտը վերլուծել: Յակոբ կ՚ուզէր Արեւմուտքէն օգտուիլ, եւ անոնց ձեռնտուութեամբ Հայ եկեղեցին բարեկարգել եւ Հայ ազգութիւնը բարեզարդել, բայց երբեք չէր ուզեր Հայ եկեղեցին իր ինքնութենէն հանել եւ ազգը լատինացնել: Իր նպատակին վրայ հաստատուն, իր ծրագիրին վրայ ամուր, կաթողիկոսը հարկաւ մասնաւոր տեսակցութիւններ եւ խորհրդաբար բանակցութիւններ ունեցած է Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ ասոնց արձագանգն է, որ մինչեւ Իտալիա եկեղեցական պետութեան, այսինքն պապական թագաւորութեան մէջ լսուած է, երբ Յակոբ Լատիններուն իսկական ծրագիրը իմանալով, ետ կեցած էր իր միտքէն, եւ դարձած էր Էջմիածին: Իսկ եթէ Էջմիածին դառնալէն երեք տարի ետքն ալ զրոյցը կը լսուէր Իտալիոյ մէջ, նշան է որ ոչ խզելով այլ յուսադրելով բանակցութիւնը փակած էր: Իրականութիւնն այն է, զոր Եւրոպացի ուղեւորն ալ լաւ թափանցած էր, թէ Հայոց պատրիարքը նոյնքան հեռու էր մի որեւէ օտար եկեղեցուն հպատակուելու դիտաւորութիւնից, որքան Հայաստանը հեռու է հռոմէական կրօնի աթոռից (ԼԷՕ. Ա. 242):

1790. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Եթէ Յակոբ կաթողիկոս հեռու էր եկեղեցին հպատակեցնելու եւ ձուլելու եւ ինքնութիւնը կորսնցնել տալու գաղափարէն, բայց լքած չէր համաձայնութեան օրինաւոր գետին մը գտնելու գաղափարը, միշտ ենթադրելով որ դիմացինները նոյնչափ ուղղամիտ ըլլան իրենց պահանջներուն մէջ, որչափ ինքն ալ միամիտ էր իր առաջարկներուն մէջ: Յակոբի Կ. Պոլիսէ մեկնելէն եւ համաձայնութեան հետապնդութենէն տասը տարիներ անցած էին, եւ Յակոբի տակաւին իր առաջին միտքին վրայ ըլլալուն նշանները կը տեսնենք: Հարկաւ այդ միջոցին մէջ իրեն մօտեցան Հայաստան գտնուող տարբեր միաբանութիւններէ աբեղաները, հարկաւ Յակոբ տեսակցեցաւ եւ խորհրդակցեցաւ բանիմաց եւ բարեմիտ Հայերու հետ, եւ այդ ճիգերու հետեւանքը պէտք է ըլլայ այն յատուկ խորհրդակցութիւնը, զոր կազմեց 1678-ին (ԼԷՕ. Ա. 239), եւ որուն մասնակցեցան վեց եկեղեցական աստիճանաւորներ եւ վեց աշխարհական անձեր (ԼԷՕ. Ա. 240): Տիրապէս հնար չէ այդ գումարումը ժողով կոչել այն իմաստով, որով կ՚իմանանք մենք ազգային ժողովները, զի պաշտօնական ոչ մի հանգամանք չէր ներկայեր, անոր համար մենք ալ խորհրդակցութիւն ըսինք: Այդ խորհրդակցութեան մասին տեղեկութիւնը տուողը, ոչ աղբիւրը կը ցուցնէ եւ ոչ բնագիրը առջեւ կը բերէ` որ կարենայինք աւելի ճշդութեամբ խօսիլ, միայն կանխահաս կը տեսնենք այդ խորհրդակցութեան վերագրուած որոշումը, թէ ժողովը վճռում է հպատակութիւն յայտնել պապին (ԼԷՕ. Ա. 239): Համաձայնութեան նպատակով բանակցութեան մտնելու, եւ բացարձակապէս հպատակութիւն յայտնելու միջեւ, մեծ տարբերութիւն կայ, եւ երկուքը իրարու շփոթելու չէ, Յակոբին վերագրելով միտքեր, զորս ունեցած չէ, եւ որոնցմէ միշտ հեռու մնացած է, թէպէտ ամենայն յօժարութեամբ ուզած է համաձայնութեան կերպ մը գտնել եւ այդ միտքով բանակցիլ: Էջմիածինի խորհրդակցութեան մտնող աշխարհականներ Արցախեցի կամ Ղարաբաղցի են եղած, լեռնային գաւառներու խրոխտ ժողովուրդին զաւակներ, որոնք աւելի առջեւ ալ յարած ունէին աչուընին, քաղաքական ազատութեան դիրք մըն ալ ստեղծել, եւ իրենց գլխաւորն էր ծերունի Պռօշ իշխանը, որուն կողմէն գումարման ներկայ էր իր որդին, Իսրայէլ Օրի, զի ծերունին ստիպեալ էր տունը մնալ (ԼԷՕ. Ա. 423): Խորհրդակցութենէն պատգամաւորութիւն մը կազմուեցաւ, որ Արեւմուտք երթալով եղած խորհուրդները պիտի մշակէր, տեսակցէր, բանակցէր, եւ պատշաճը պիտի որոշէր: Յակոբ կաթողիկոս, արդէն ութսնամեայ, չվարանեցաւ անձամբ ուղեւորիլ: Նշանակութեան արժանի է, որ պատգամաւորութիւնը նախ Էջմիածինէ Տփղիս գնաց (ԶԱՔ. Բ. 91), պարտքերուն համար հանգանակութիւն բանալու խօսքով, բայց առանց Պարսիկ կուսակալին իմաց տալու: Անշուշտ Վրաց իշխաններուն հետ ալ տեսակցեցաւ, եւ հակառակ Երեւանի կուսակալէ եկած պատուիրակին անսալով ետ դառնալու, ուղեւորութիւնը շարունակեց, Սեբաստիա հանդիպեցաւ, եւ նաւով Կ. Պոլիս անցաւ (ԶԱՔ. Բ. 91): Մենք խորհրդակցութեան ամբողջ գաղտնիքը ձեռուընիս չունինք, ըստ որում գաղտնի պահուած էր ժամանակին ալ, իսկ մէջտեղ կը խօսուէին Եղիազարի հակաթոռ կաթողիկոսութեան, եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին շփոթութեանց խնդիրները, որոնց կարգադրութեան համար կ՚ուղեւորէր ծերունազարդ հայրապետը: Նա իր ուղեկից եւ պաշտօնակից ընկերներով Կ. Պոլիս հասաւ 1679 դեկտեմբերին, որ կը ցուցնէ թէ 1678-ին խորհրդակցութենէն ետքը տակաւին զբաղած են միտքերնին հասունցնելու, ատեն մըն ալ Վրաստան մնացած են` Վրացիներու հետ համերաշխ գործակցութիւն մը ծրագրելու համար, եւ անկէ ետքը ուղեւորած են Կ. Պոլիս:

1791. ՅԱԿՈԲ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Բաւական հետաքրքրական պէտք է ըլլային կաթողիկոսին Կ. Պոլսոյ մէջ անցուցած օրերուն գործերը, եթէ կանոնաւոր տեղեկութիւններ գրուած ըլլային, կամ մեր ձեռքը գտնուէին: Եղելութեանց արդիւնքն ալ լոյս չի սփռեր, վասնզի ոչ մի գործ չէ լրացած դեկտեմբերէ օգոստոս ութը ամիսներուն մէջ, զորս Յակոբ անցուց Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր եւ մեռաւ եւ թաղուեցաւ: Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան մասին գիտցուածը` Էքմէքճի Սարգիս երէցին 1680-ին պաշտօնէ հանուելով` Կրպոյ Ռաբունին նորէն պատրիարք ըլլալն է, որ շփոթութեանց վերջանալ, կամ աթոռին կանոնական ձեւ մը տալ ըսել չէ, անուս Կեսարացիին պաշտօնի անցնելովը: Միայն կը ցուցնէ թէ Յակոբ կաթողիկոս լաւ յարաբերութեանց մէջ գտնուած է Մարտիրոս Կաֆացիին հետ, որուն պաշտպանեալն էր Կրպոյ: Մարտիրոս նոյն ատեն ամէնէն կարկառուն դէմքն էր Կ. Պոլսոյ մէջ, որ Թօփալ Յովհաննէսն ալ Երուսաղէմի առաջնորդութենէն մերժած, եւ պաշտօնը նորէն իրեն վերադարձուցած էր Խոսրովեան եւ Ջահուկեան եւ Արեւելցի խումբերուն օգնութեամբ: Յակոբի մօտ իբրեւ մտերիմ խորհրդական կը տեսնանք Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը, որուն անունը ուրիշ անգամներ ալ տուինք, իբրեւ հմուտ եւ ուսումնական, իբրեւ գործիչ եւ խոհական անձնաւորութիւն մը: Երեմիա որդի էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ տէր Մարտիրոսին (ԹՈՐ. Բ. 401), եւ իր ուսումնական զարգացմամբ թէ ազգային շրջանակին մէջ եւ թէ կայսերական պաշտօնատանց մէջ դիրք եւ յարգանք կը վայելէր, իբրեւ կարող գրիչ եւ ճարտար թարգմանիչ, ուստի եւ Չէլէպի պատուանունին արժանացած: Երեմիա տպարան մըն ալ բացած էր Կ. Պոլսոյ մէջ 1667-ին, որ սակայն երկար տեւողութիւն չունեցաւ, զի ընդունելութիւն չգտան իր պատրաստած անհարթ, աղաւաղ ու մանրագիր տառերը, բաղդատուելով Ոսկանի պատրաստած ընտիր տառերուն հետ (ՀԴՊ. 209): Պէտք է կարծել թէ Երեմիայի հաղորդուեցան Էջմիածինի խորհրդակցութեան մէջ հաստատուած գաղտնի տեսութիւնները, եւ անկէ յարմարագոյն խորհրդական մը չէր կրնար գտնել կաթողիկոսը, թէ օտարաց հետ յարաբերութեան մտնելու, թէ պետական զգուշաւորութիւնները կարգադրելու, եւ թէ ազգային կազմակերպութեան կէտերը ճշդելու համար: Երեմիայի կը վերագրուի այն խորհուրդն ալ, որով որոշուեցաւ յատուկ հրաւիրագիր ղրկել Եղիազարի որ Կ. Պոլիս գայ, եւ նոյն ինքն Մարտիրոս Կաֆացին, Եղիազարի հնօրեայ մրցակիցը, հրաւիրակ ղրկուեցաւ Երուսաղէմ Եղիազարը համոզելու: Յակոբի կողմէ գրուած հրաւիրագիրին մէջ Եղիազարի տրուած` Սիրեցեալդ իմ ի Քրիստոս պատուական եղբայր կոչումը, եւ եկ այսր, եւ խորհուրդ արարեալ գտցուք ելս հնարից յօգուտ ազգին` առաջարկը (ՉԱՄ. Գ. 718), բաւական են ցուցնել թէ ընդարձակ եւ կենսական խնդիրի մը մասին խորհրդակցութեան կը կոչուէր Եղիազար, եւ Կաֆացիին անձամբ հրաւիրակ երթալը` կարեւորագոյն կէտ մը հաղորդելիք ըլլալը կը հաստատէ: Երուսաղէմի մէջ ալ ամէն ակնկալութենէ վեր սիրալիր կ՚ըլլան երկու անհաշտ մրցակիցներուն յարաբերութիւնները, եւ Կաֆացին մինչեւ իսկ միջնորդ եւ աղաչաւոր կ՚ըլլայ, որ Եղիազար իբր օրինաւոր կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կատարէ (ՉԱՄ. Գ. 719): Քանի որ որոշ տեղեկութիւններ չունինք ձեռուընիս, կը պարտաւորուինք գիտցուած պարագաներու ներքին նշանակութիւնները զննել:

1792. ՅԱԿՈԲԻ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ

Յակոբ դեկտեմբերին հասած էր Կ. Պոլիս, հարկաւ միջոց մը նախապատրաստական խորհրդակցութեանց զբաղեցաւ, եւ մինչեւ որ Կաֆացիին երթալը որոշուի, եւ մինչեւ որ նա Երուսաղէմ ուղեւորի, օրեր անցան, եւ Բուն բարեկենդանը հասաւ, որ 1680 փետրուար 21-ին կ՚իյնար: Մեծպահքը եւ Զատիկը ուխատաւորութեան միջոց էր, եւ Եղիազարի յարմար չէր Երուսաղէմէ հեռանալ, ուստի հրաւէրին պատասխանեց ուխտաւորութեան միջոցին լրանալէն ետքը գալու պատրաստականութեամբ, եւ հաւանական է կարծել, որ նոյն ինքն Կաֆացին բերաւ Եղիազարի պատասխանը: Ինչպէս նաեւ հետեւցնել, թէ տեսութեանց համաձայնութիւն մը կայացաւ Յակոբի ու Եղիազարի, Մարտիրոսի ու Երեմիայի միջեւ: Անշուշտ այդ միջոցին մասնաւոր բանակցութիւններ ալ տեղի ունեցան Յակոբի կողմէն կարեւոր անձերու հետ, թէ ազգային շրջանակին մէջ, եւ թէ պապական ներկայացուցիչներու հետ, որոնցմէ երկու անուններ յիշուած կը գտնենք, Գասպար Կասփարինի (Gaspare Gasparini) անուանական արքեպիսկոպոս Կիւղիկոնի եւ պապական փոխանորդ (ԱԶԱ. 127), եւ Փրանկիսկոս Ճիլի (Francesco Gili), Յիսուսեան միաբանութեան մեծաւոր (ԿԱԹ. 164), որոնց հետ հաւանաբար բանակցութիւն տեղի ունեցած է, բայց արդիւնքը բացասական եղած է, եւ ոչ մի գոհացուցիչ հետեւանք գոյացած չէ: Ոմանք այդ հետեւանքը կը վերագրեն ներքին անհամաձայնութեան, իբր զի Յակոբի քաղաքական ծրագիրը համակրութիւն չէր գտնում Հայ հոգեւորականութեան մէջ (ԼԷՕ. Ա. 243), սակայն մենք բնաւ պէտք չենք տեսներ այդպիսի մեկնութեան, որ կ՚ենթադրէ Յակոբի վրայ յամառ հետապնդում եւ կուրօրեն համակերպութիւն հռոմէական պահանջներուն, մինչ ոչ մի նշան կամ փաստ չկայ մէջտեղ կաթողիկոսին այդպիսի դիտում վերագրելու: Յակոբ մեծ եւ ընդարձակ ծրագիր մը ունէր, Հայութեան երկու մեծ բարիքներ պատրաստել, արտաքին հովանաւորութիւն եւ ներքին բարեկարգութիւն, եւ այս նպատակին օգտակար կը դատէր Հռոմի հետ համաձայնութիւն մը, բայց ոչ երբեք կը մտածէր Հայ եկեղեցւոյ ինքնութիւնը ջնջել, Հայ եկեղեցւոյ ազատութիւնը զոհել, Հայ եկեղեցւոյ լայնախոհ սկզբունքները ուրանալ, եւ Հայ եկեղեցին Հռոմի եկեղեցւոյն ստրկացնել: Նորա տեսութիւնը վեհ եւ բարձր էր, քրիստոնէական ուղղամիտ եւ անխարդախ միութեան գետին մը ստեղծել, եւ անկէ օգտուիլ իր ազգին բարօրութեան եւ իր եկեղեցւոյն բարեկարգութեան համար: Կ՚ընդունինք թէ յոյժ բարեմիտ էր Յակոբ` Լատին քարոզիչներուն փաղաքշական խօսքերուն հաւտալով, եւ թէ չափազանց միամիտ էր` Հռոմն ալ իր տեսութեանց եւ համոզմանց համաձայն ենթադրելով. բայց բնաւ չենք գտներ նշան մը, որ բացարձակապէս Հռոմի հպատակելու նպատակ ունեցած ըլլայ: Նոյն իսկ ութը ամիսներ Կ. Պոլիս մնացած ըլլալով եզրակացութեան մը յանգած չլինիլը, եւ Հռոմ երթալու չձեռնարկելը, նշան են իր ուղղամիտ եւ հաստատամիտ ըլլալուն, եւ նպատակին վրայ ամուր կենալուն:

1793. ՅԱԿՈԲԻ ՄԱՀԸ

Յակոբ կաթողիկոսի ծրագիրին մէջ կար ուղեւորութիւնը մինչեւ Հռոմ ալ երկարելու միտքը, բայց պայմանական էր, որ յուսալից նշան մը տեսնէր իր ուղղութեան համաձայն: Բայց ըլլայ իր միտքին համապատասխան սկզբնաւորութիւն չգտնելը, ըլլայ մայրաքաղաքին մէջ հոգեւորական եւ ազգային խոհական դասակարգերուն դժկամակութիւնը, ըլլայ Եղիազարի յապաղիլը` որուն հետ համամիտ գործելու նպատակ ունեցած էր, անոր կարողութենէն եւ ճարպիկութենէն օգտուելու համար, ըլլայ վերջապէս բանակցութեանց երկարիլը, ասոնցմէ որն եւ ըլլայ բուն պատճառը, կամ թէ բոլորն ալ մասնակի կերպով պատճառ եղած ըլլան, իրականութիւնն այն է, որ Յակոբ Կ. Պոլսէ անդին չկրցաւ անցնիլ, եւ Հոգեգալուստէն ետքը, որ մայիս 30-ին կը հանդիպէր, հիւանդացաւ, եւ օր քան զօր տկարացեալ, ոչ միայն ուղեւորութեան, այլ եւ գործելու անբաւական եղաւ, մինչեւ որ լի աւուրբք, 82 տարեկան եւ 4 ամսական հասակին մէջ (ԿԱԹ. 163), վախճանեցաւ Կոստանդնուպոլիս 1680 օգոստոս 1-ին, կիրակի օր, Վարդավառէն 15 օր ետքը: Յակոբ կաթողիկոսի օթեւանը պէտք է Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին եղած ըլլայ, որ գերեզմանն ալ Բերիայի գերեզմանատան մէջ եղաւ, ի քաղաքն Ղալաթայ, ի հասարակաց գերեզման, ի տեղի որ կոչի Բէկօղլի, ուր ցարդ կը տեսնուի իր շիրիմը Հոգեւոր Տէր անունով ճանչցուած, եւ բարեպաշտներու ուխտատեղի եղած: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է երկուշաբթի օր օգոստոս 2-ին, եւ գերեզմանին վրայ երեք տակ աթոռ հաստատեցին կ՚ըսէ պատմիչը, զոր գերեզմանին ներքեւ քար շարելու մասին կրնայինք իմանալ, սակայն ի վերոյ բառը կը թելադրէ, շիրիմին երեք աստիճանով բարձրացած ըլլալուն վրայ իմանալ, ինչպէս որ աչօք իմովք տեսի կը գրէ Զաքարիա Քանաքեռցին (ԶԱՔ. Բ. 91), եւ ինչպէս մենք ալ կը տեսնանք տակաւին: Յակոբ կաթողիկոսի մահուան առթիւ մտադրութեան եւ քննութեան արժանի կէտն է անոր անունով տեսնուած մի գիրը, որուն հիմնուելով հռոմէականք գոհունակութեամբ կը հռչակեն, թէ միով աւուրբք յառաջ քան զմեռանիլ իւր, ետ թղթով զդաւանութիւն ուղիղ հաւատոյ, ընդունելով ի նմին զայն ամենայն զոր ընդունի հռոմէական սուրբ եկեղեցի (ՉԱՄ. Գ. 719): Մեր պատմիչներ այսպիսի բանէ մը տեղեկութիւն չունին, այսու հանդերձ կան ոմանք որ կ՚ընդունին, թէ մի այսպիսի դաւանական թուղթ հաւանօրէն տուած կը լինի Հայոց Կաթողիկոսը (ԶԱՄ. Բ. 34), բայց մենք այդ կարծիքին պիտի չկարենանք համաձայնիլ:

1794. ՄԱՀՈՒԱՆ ՃԻՇԴ ՕՐԸ

Նախապէս պէտք է դիտել որ Յակոբի մահը օգոստոս 1-ին տեղի ունեցած է, եւ ոչ օգոստոս 2-ին: Իրաւ տապանագիրին մէջ կը կարդանք, Հազար հարիւր քսան եւ ինն Հայոց թըվի, երկրորդ աւուր ամսոյն Հռոմայ օգոստոսի, եւ ոչ ամսոյն Հոռոմոց (ԿԱԹ. 165), սակայն այդ արձանագրութիւնը որ անագան գրուած է հիւսնական խալիֆա Զաքարիայի կողմէ, տապանին բուժիչ ախտից մարմնականի յայտնուելէն ետքը, շփոթած է թաղման օրը մահուան օրին հետ: Անոր համար տապանին մէկ անկիւնը աւելցուցած կայ, թէ Սուրբ հօրս յանգում յեղեւ թվ. ՌՃԻԹ օգոստոսի Ա.: Պատմիչն ալ կ՚ըսէ թէ յաւուր` յորում հանգուցեալ են զնա ի տապանի, երկուշաբթի պատահեալ (ԶԱՔ. Բ. 91), եւ 1680-ին երկուշաբթին կ՚իյնայ ճշդիւ օգոստոս 2-ին: Արդ Յակոբի բերնով գրուած դաւանագիրը օգոստոս 1 թուական կը կրէ, թէ հայերէն (ԿԱԹ. 164) եւ թէ գաղղիերէն օրինակներու (ԱԶԱ. 128), եւ թէ Յունանեանի մէջ (ՏԱՇ. 112), որով կը հաստատուի, թէ դաւանագիրը ոչ թէ միով աւուրբ յառաջ քան զմեռանել իւր գրուած է (ՉԱՄ. Գ. 719), այլ նոյնիսկ մեռած օրը: Արդ ամէն հետաքնին միտք կրնայ մտածել, թէ ինչ արժէք կրնայ ունենալ 82 տարեկան ծերունիի նոյնիսկ մահուան վայրկեանին տուած յայտարարութիւնը, որ 8 ամիս շարունակ Լատին աբեղաներու հետ ալ շփման մէջ գտնուելով, եւ երկու ամիսէ իվեր հիւանդացած ալ ըլլալով, չէ ուզած եւ չէ մտածած այդպիսի յայտարարութիւն մը տալ, թէպէտեւ անշուշտ իրեն մօտեցող հռոմէականներ այդպիսի գրութիւն մը ձեռք անցնելու ջանք ունեցած են: Նոյն իսկ գրուածին պարունակութիւնն ու ոճն ալ, որուն մէջ կը յիշուին 82 տարեկան եւ 4 ամսական ըլլալը, 26 տարի հայրապետութիւն վարած ըլլալը, Կասբարինիի եւ Ճիլիի ( § 1792) ներկայ ըլլալը, եւ ուրիշ շատ մը երկրորդական պարագաներ, յայտնի կը ցուցնեն թէ ծերունի հոգեվարքի գրելուն կամ թելադրելուն կամ մտածելուն յարմար գրութիւն չէ, այլ ուրիշներէ պատրաստուած եւ նեղ վայրկենի մը մէջ իբր թէ ստորագրել տրուած գիր մըն է: Եթէ բնագիրը մէջտեղ ըլլար, կրնար նոյնիսկ ստորագրութիւնը զննուիլ, թէ ութսունամեայ հոգեվարքին դողդոջուն մատերէն ելած կրնաflյ ըսուիլ: Հետեւաբար երբեք արժէք եւ նշանակութիւն ունեցող գրուած մը չի կրնար ըսուիլ այդ չափ ալ հռոմէականք` պայծառ ու լուսաւոր հաւատոյ դաւանութիւն (ԿԱԹ. 163), կամ ջերմեռանդութեամբ ճանչցուած ու ընդգրկուած դաւանութիւն (ԱԶԱ. 125) տեսնան այդ կեղակարծ գրութեան մէջ:

1795. ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Բայց պէտք է ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ նկատողութեան առնել: Յակոբի դաւանագիրին թէ հայերէնը (ԿԱԹ. 163) եւ թէ գաղղիերէնը (ԱԶԱ. 125), Հռոմի դիւաններէն հանուելով իբր թէ բառական եւ տառական ճշդութեամբ հրատարակուած են հռոմէականութեան պաշտպաններէն: Այդ հայերէնը երեսունուեօթը տողի ընդարձակութիւն ունեցած ատեն, գաղղիերէնը իննսունուհինգ տող գրուած մըն է, եւ ըսել թէ այս երկուքը` իբր իսկական բնագիր եւ իբր նոյն վաւերագիր առջեւ կը բերուի: Կը սիրեն կարծել թէ ընդարձակ թարգմանութիւն ըսելով (ԿԱԹ. 164) կրնան արդարացնել եւ իբր վաւերական եւ պաշտօնական ներկայացնել այդ տեսակ խարդախ խեղաթիւրումները: Ընդհակառակն ամէն խղճամիտ քննադատ կրնայ համարձակ ըսել, թէ երկու կեղակարծ գրուածներ են, ճարտար հռոմէականներէ պատրաստուած, եւ իբրեւ իրենց յաջողակութեան արդիւնք պապութեան ներկայացուած, փոխադարձ վարձքին կամ գովեստին արժանալու համար. քանի որ իրենց երկար բանակցութիւններով արդիւնք մը ձեռք չէին կրցած ձգել, եւ դիւրին միջոց մըն էր` այլեւս ձայն հանել չկրցող հանգուցելոյն բերանը ուզած խօսքերնին դնել: Մանաւանդ որ այսպիսի բան մը, եթէ իրօք տեղի ունեցած ըլլար, պէտք չէր անծանօթ մնար կաթողիկոսին շուրջը գտնուողներէն, մանաւանդ թէ պէտք էր որ հանրութեան մէջ ալ լսուէր, եւ իւրաքանչիւրին ձգտումներուն համեմատ գովասանքի կամ մեղադրանքի նիւթ ըլլար, եւ ազգին մէջ շշուկ տարածուէր եւ շփոթութիւն ծագէր, եւ ոչ թէ բոլորովին անծանօթ մնար, եւ հայրապետը իբր հաւատարիմ ուղղափառ հայադաւան պատուուէր եւ գովուէր, օրհնաբանուէր ու բարեբանուէր, եւ սրբութեան համբաւով փառաւորուէր: Մինչ ամէն ազգային յիշատակարաններ եւ պատմութիւններ բացարձակապէս կ՚անգիտանան այդպիսի եղելութիւն մը, որ շատ կարեւոր միջադէպ մը պէտք էր կազմէր, եթէ իրական ըլլար: Հարկ կը զգանք նաեւ մտադրութիւն հրաւիրել գաղղիերէնին մէջ տեսնուած անճշդութեանց վրայ, որ ընդունելով հանդերձ թէ մահուանէ քանի մը վայրկեան առաջ գրած է այդ դաւանագիրը, եւ անոր կաթողիկոսութեան քսանուվեցերորդ տարին է, զայն եօթանասուն տարեկան եւ չորս ամսական կը հաշուէ (ԱԶԱ. 126), եւ 1670 տարին թուական կը դնէ (ԱԶԱ. 128) 1680-ին կատարուած մի բանին, որ տպագրական սխալ ալ չէ, վասնզի յառաջ բերող հեղինակն ալ իբր 1670 տարւոյ վաւերագիր կը ներկայացնէ (ԱԶԱ. 124): Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ` երեք տարի ետքը 1673-ին իբր Յակոբէ ի կենդանութեան գրուած գիր մըն ալ կը յիշէ, եւ հասցէէն աւելի բան մը յառաջ չի բերեր (ԱԶԱ. 128), որով նամակի հասցէի մըն ալ հաւատոյ դաւանութեան զօրութիւն վերագրած կ՚ըլլայ: Ըստ այսմ տրուած բացատրութիւններէն ետքը շատ կը նուազի, լաւ եւս կը ջնջուի, այդ տեսակ գիրերու կարեւորութիւնը, որոնք կեղակարծ ձեռքերով Հռոմ կը ղրկուէին, իսկ իրենց բուն տեղը ոչ իրականութիւն ունէին եւ ոչ հետք կը թողուին:

1796. ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԵՏՔԸ

Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսին անձնաւորութեան եւ արժանիքին վրայ շատ եւս խորհրդածել պէտք չենք տեսներ, քանի որ պատմութեանս կարգին քանիցս դիտողութիւններ ու նկատողութիւններ ալ յառաջ բերինք իր գործերուն վրայ: Ութսնամեայն անցուցած եւ ծանրածանր արկածներու մէջ յոգնած ծերունի մը, երբոր առոյգ երիտասարդի պէս ձեռնարկներէ եւ ուղեւորութիւններէ չի քաշուիր, տարօրինակ հոգւոյ զօրութեամբ ճոխացեալ կերպարան մը կը ներկայացնէ ըստ ինքեան: Յակոբ նախանձայոյզ եկեղեցական եւ նախանձախնդիր հայրապետ մը լինելով հանդերձ, իր մտադրութիւնը կը սեւեռէ ոչ միայն կրօնական եւ կրթական բարեկարգութեանց վրայ, այլեւ ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգին ապագային վրայ, եւ անոր կենցաղական ու քաղաքական վիճակն ալ իր ջանքերուն առարկայ կ՚ընէ, եւ դուրսէն հովանաւորութիւններով ու նիւթական օգնութիւններով կը խորհի ազգին անկեալ կացութիւնը բարձրացնել, եւ արկածեալ վիճակը երջանկացնել: Յակոբ այդ նպատակով բանակցութիւններու ալ կը մտնէ, համամիտներ կը ճարէ, խորհրդակցութիւններ կը կատարէ, եւ պէտք է որ նշանակելի միտք մը եւ գնահատելի սիրտ մը ճանչցուի: Եթէ իր ծրագիրը չ՚արդիւնաւորուիր, այն ալ դարձեալ իրեն համար արժանաւորութեան փաստ մըն է, զի խոհական չափաւորութեամբ գիտէ զիջողութեանց սահմաններն ալ ճշդել, եւ չ՚ուզեր անոնք անցնիլ` իր եկեղեցւոյն ինքնութիւնը եւ իր ազգին իսկութիւնը ոտնակոխ ընելով: Ժողովուրդը, որ ստէպ իր յարգանքը կը կշռէ, ոչ այնչափ բարձր միտքերու տեսութիւններով, որչափ զգալի բարութեան ու առաքինութեան, պարկեշտութեան ու բարեպաշտութեան պարագաներով, ամէնէն զօրաւոր վկայութիւնը տուած է իր հայրապետին, անոր գերեզմանը իբրեւ ուխտատեղի ճանչնալով մահուան առջի օրերէն սկսելով, եւ անկէ ակնունելով եւ ընդունելով երկնային շնորհաց պարգեւներ: Քանաքեռցին կը վկայէ, թէ Յակոբի գերեզմանը առնէ սքանչելիս եւ բժշկութիւնս, եւ որովհետեւ երկուշաբթի եղած է թաղման օրը, յամենայն երկուշաբթի առնեն պատարագ քահանայքն Ղալաթու, եւ գնան ի գերեզմանն հայրապետին, զի ժողովուրդք գան յուխտ եւ օրհնեն զգերեզմանն, եւ տան խաչհամբոյր: Եւ կը յաւելու թէ եւ ես գնացի անդ եւ ետու պատարագ առնել (ԶԱՔ. Բ. 91): Այդ առթիւ կը պատմէ թէ նշանաւոր Տաճիկ մը, իշխան մեծ առաջի վազրին, Փիր Եաղուպի այսինքն Յակոբ կաթողիկոսի հրաշքով անդամալուծութենէ բժշկուելով, անոր գերեզմանին ծառայութիւն կ՚ընէր (ԶԱՔ. Բ. 92): Յակոբի գերեզմանին ուխտաւորութեան սովորութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ` Հոգեւոր-Տէրի անունով, բայց շաբաթ օրեր. թէպէտ չենք գիտեր թէ երբ փոփոխուած է սկզբնական երկուշաբթի օրը: Գուցէ ամենօրեայ պատարագի հին սովորութեան դադրելուն, եւ շաբաթ օրեր պատարագ մատուցանելու նոր սովորութեան հետեւողութեամբ: Հոգեւոր-Տէրին գերեզմանը մեծ հռչակ ունեցաւ վերջերս Բերիայի գերեզմանատունին գրաւումը արգելելով, երբ որոշում տրուեցաւ զայն մերձակայ զօրանոցին մարզանքի հարթավայր դարձնել: Եւ այս օրերս ալ (1912 մարտ) նորէն նկատողութեան առարկայ դարձաւ, երբ անոր մօտը ամփոփուեցան այն ոսկերոտիքը, որոնք հանուեցան գերեզմաննոցին երկայնքին վրայ ետ քաշուած մասէն, զոր պէտք եղաւ քաղաքապետութեան յանձնել, Բանկալթի կոչուած մեծ փողոցը ընդարձակելու համար:

1797. ՅԱՋՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ

Յակոբի ուղեկից եւ գործակից եղող պատգամաւորութեան երեք եպիսկոպոս եւ երեք աշխարհական անդամները (ԶԱՄ. Բ. 34). իրենց պաշտօնը վերջացած նկատեցին կաթողիկոսին մեռնելովը, եւ որոշեցին ետ դառնալ: Աշխարհականներէն մէկը միայն, Պռօշ իշխանին որդին Իսրայէլ Օրի` ետ չի դարձաւ, այլ ճանապարհը շարունակելով դարձաւ Վենետիկ, եւ անկէ Գաղղիա, զինուորութիւն սովորելու համար (ԼԷՊ. Ա. 243), առաջինը ըլլալով Հայերու մէջ շատոնց մոռցուած ասպարէզին հետեւիլ: Վերջին ատեններ` միայն տպարան բանալու կամ կրօնաւոր ըլլալու կամ առեւտուր ընելու համար` Հայեր Եւրոպա կ՚անցնէին: Երբոր Յակոբ կաթողիկոս Կ. Պոլիս կը հիւանդանար եւ կը վախճանէր, Եղիազար արդէն Երուսաղէմէ մեկնած էր, իր խոստման համաձայն, եւ Կ. Պոլիս մօտեցած ատեն լսեց Յակոբի մահը, եւ չուզեց յառաջել, ճամբան փոխեց եւ Երուսաղէմ դարձաւ (ՉԱՄ. Գ. 179): Յակոբի մեռնելովը ոչ միայն կը դադարէր Կ. Պոլիս գալուն նպատակը, այլեւ Եղիազարի դիրքը կրնար անակնկալներու հանդիպիլ, գուցէ եւ վնասուիլ, մինչ Երուսաղէմի մէջ կազմուած դիրք մը ունէր, եւ այնտեղէն տիրաբար կրնար իր գործերը կարգադրել, ունեցածը պահել, գուցէ եւ լաւագոյն դիրք մըն ալ կազմել: Կաթողիկոսը աթոռէն հեռու մեռած ըլլալով, Էջմիածինի միաբանութիւնը առիթ չունեցաւ, կամ թէ չհամարձակեցաւ, քանի մը օրուան մէջ յաջորդն ընտրել եւ նստեցնել, ինչպէս եղած էր Յակոբի ընտրութեան ատեն ( § 1723): Ներքին կառավարութեան գլուխը մնաց Ստեփանոս Իլվովցի եպիսկոպոսը, որ Յակոբի մեկնած ատեն իբր փոխանորդ նշանակուած էր, եւ մեռնելէն ետքը տեղապահ նկատուեցաւ (ՀԴՊ. 296): Միաբանութիւնը խոհական ուղղութեամբ սպասեց որ Կ. Պոլսոյ հետ համաձայն կերպով գործէ: Բայց այնտեղ ալ բաժնուած էին կարծիքներ, եւ գլխաւոր խնդրոյ կէտը Եղիազարի անձն եւ անոր հակաթոռ կաթողիկոսութեան դիրքն էր, որուն աւելի գործունէութիւն եւ ընդարձակութիւն տալ սկսած էր Եղիազար Յակոբի մահուանէ ետքը: Մայրաքաղաքին մէջ բազմաթիւ ազդեցիկ կուսակիցներ ունէր, որոնք առիթը նպաստաւոր կը գտնէին անոր ձգտումներուն գոհացում տալ, եւ պէտք է ըսել թէ Յակոբ կաթողիկոս իր վերջին անգամ Կ. Պոլիս գտնուած ատեն շատ մեղմ կերպով սկսած էր խօսիլ եւ վարուիլ Եղիազարի նկատմամբ, մինչեւ իսկ շատ հաւանական է, որ ինքն տեղի տալու եւ հրաժարելու մտադիր էր, մանաւանդ եթէ այդ նպաստաւոր ըլլար իր մեծ գաղափարին: Արդէն բացատրեցինք վերջին հրաւիրագիրին ոճը եւ Կաֆացիին հրաւիրակ յղուելուն կէտերը ( § 1791): Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան աթոռին վրայ կը գտնուէր Կրպոյ Ռաբուն ( § 1791), որ թէպէտ 1680 տարւոյն մէջ, Յակոբի մահուանէ քիչ ետքը պատրիարքութենէ հեռացուած էր, եւ Թորոս Կոստանդնուպոլսեցի, Քէօմիւրճեանէ Մորոս կոչուած երէցը (ՄԽԻ. 29) աթոռը գրաւած էր (09. ՕՐԱ. 111), սակայն Կրպոյ 40 օրէն կրցած էր զայն տապալել, եւ երկրորդ անգամ պատրիարքութեան բարձրանալ (ՉԱՄ. Գ. 721): Կրպոյ յայտնի համամիտ կը տեսնուէր Եղիազարի կողմին, եւ Էջմիածինի հետ ալ բանակցութիւնք կը շարունակէին 1681 տարւոյն ընթացքը: Անհնար էր որ ինքն Եղիազար ալ իր մասին պէտք եղած ճիգերը թափած եւ միջոցները գործածած չըլլայ: Վերջապէս Մայրաթոռոյ միաբանութիւնն ալ համոզուեցաւ, որ թէ եկեղեցւոյ խաղաղութեան տեսակէտէն, եւ թէ միաբանութեան նիւթական օգտին տեսակէտէն, նպաստաւոր էր ճարտար ու կարող եւ ունեւոր Եղիազարին Էջմիածին գտնուիլը: Ուստի հաւանեցան այդ որոշման, Պարսիկ կուսակալն ալ համոզեցին, եւ Պարսիկ արքունիքին հրովարտակն ալ ստացան, եւ այս կերպով աթոռին յաջորդութեան խնդիրը լուծուեցաւ 1691 յուլիսին, տարի մը վարանոտ վիճակէ ետքը, բայց դեռ բաւական ատեն անցաւ, մինչեւ որ Մայրաթոռը իր նոր գահակալը տեսնար:

1798. ԿԱՐԾԵՑԵԱԼ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԸ

Այսպէս է սովորական աղբիւրներէն քաղուած պատմութիւնը, սակայն վերջին օրերուն մէջ Երուսաղէմի մատենադարանապետ Մեսրոպ Նշանեան վարդապետ, պարապութեան միջոցին համար Սահակ անունով կաթողիկոսի մը խնդիրը մէջտեղ հանեց (12. ՏԱՃ. 369): Նա գտեր է որ 1680 օգոստոս 10-ին, այսինքն Յակոբի վախճանէն ինն օր ետքը գրուած նամակին մը մէջ, երկու վարդապետներ` Գրիգոր Կեսարացի եւ Աստուածատուր` Կ. Պոլիսէ Երուսաղէմ գրեր են թէ Յակոբ իրեն յաջորդ ցուցած է զԻսահակ վարդապետն, եւ թէ նոյն ինքն Եղիազարի եւ Մարտիրոս Կաֆացիին յանձնարարած է հոգալ զայս: Իսկ Քէօմիւրճեանն Յակոբի վրայ գրած ողբին մէջ տեղ մը ըսեր է, թէ զկտակ արարեալ, զտէր Սահակն ընտրեալ է: Ուրիշ տեղ մըն ալ գրեր է, թէ Էջմիածինի մէջ զԻսահակ սուրբ հայրապետն մեծարեն յաթոռն սուրբ նախնի, եւ մեզ գիր մխիթարանաց օրհնութեամբ նորոգ ժամանի (12 ՏԱՃ. 370): Բայց խնդիր է գիտնալ թէ այդչափը կը բաւէfl արդեօք նոր անուն մը աւելցնելու հայրապետական ցուցակին մէջ: Մեր տեսութեամբ Յակոբի կտակը փափաք մըն է եւ ոչ եղելութիւն, եւ իրականութեան փաստ չէ, քանի որ Յակոբ ինքն ալ գործը նախատեսած է, եւ հաւանած է որ զով ոք կամին` ընտրեալ դիցէն յաթոռն (12 ՏԱՃ. 369): Կը մնայ մեկնիլ Էջմիածինի րաբունեաց խմբին գործը, որ Սահակը մեծարեն յաթոռն, եւ անկէ եկած` գիր մխիթարանաց օրհնութեամբ ըսուածը (12 ՏԱՃ. 370): Սակայն պէտք չենք զգար, մեծարեն ըսուածը օծում իմանալ, եւ գիր մխիթարանաց ըսուածը, հայրապետական անդրանիկ կոնդակ իմանալ: Միաբանութիւնը կրնայ պատուոյ ցոյց ըրած ըլլալ, եւ Սահակը իբր հայրապետութեան տեղակալ ճանչնալ, եւ Կ. Պոլիս ալ մխիթարութեան գիր ղրկել Յակոբի մահուան վրայ, բայց թէ Սահակ եւ թէ միաբանութիւն իրաւամբ սպասած կ՚ըլլան, որ տիրող երկպառակութիւնը եւ հակաթոռութեան կնճիռը փակուի, եւ այնպէս պաշտօնական ծիսակատարութեանց անցնին: Այս բանին ստուգութիւնը կը քաղենք, Կաֆացիին Էջմիածին լուր ղրկելէն, որ մի գուցէ թարց հարցանելոյ այսր կողմանց առնէք կաթողիկոս (ԶԱՔ. Բ. 106): Տարի մը ետքն ալ, 1781 յուլիս 21-ին, միաբանութեան Եղիազարի գրած նամակին մէջ Սահակի անուն չկայ, եւ աթոռը բոլորովին դատարկ ցուցուած է (ՍՏՈ. 111): Եթէ Սահակի մը Էջմիածին կաթողիկոս նստած ըլլալը ստոյգ ըլլար, պէտք չէր զայն լռեր Քանաքեռցին, եւ ոչ ալ զայն պիտի զանց ընէին Երեւանեցին եւ Շահխաթունեան, որոնք կաթողիկոսներու յաջորդութիւնը կազմած են Էջմիածինի դիւանին եւ յիշատակներուն հետեւողութեամբ, եւ Սահակի գոհութիւնն իսկ կ՚անգիտանան: Հետեւապէս Քէօմիւրճեանի ողբին անորոշ մէկ բացատրութիւնը բաւական չենք սեպեր նոր կաթողիկոս մը հաստատելու, եւ զայն անմիջապէս թուահամարի ներքեւ ալ առնելու, ինչպէս կ՚աճապարէ ընել Նշանեանը (12 ՏԱՃ. 371): Սահակի անունը ընդունողներ, պէտք էր նախապէս պատմութենէ ստուգէին թէ ով ոք էր այդ Սահակը, որ թերեւս ամէնէն առաջ տեղապահութեան կոչուած Սահակ Մակուեցին ըլլայ ( § 1759), յետոյ Ատրպատականի առաջնորդ, ուսկից ետքը Մատթէոս եղաւ տեղապահ, եւ վերջին անգամ ալ Ստեփանոս Իլվովացին էր այդ պաշտօնը վարողը ( § 1797): Ասկէ զատ պէտք էր պարզել թէ ինչպէս եղաւ Սահակի կարծեցեալ կաթողիկոսութեան վախճանը, թէ ինչպէflս դադարեցաւ, եւ իflնչ հանգամանքներով ինքն մերժուեցաւ որ Եղիազարի տեղ բացուի: Առառաւելն յառաջ բերուած վկայութիւններէ կրնար քաղուիլ, թէ Սահակ` որ Յակոբի կողմէն կաթողիկոսացու ցուցուած էր, Մայրաթոռոյ տեղակալութիւնը վարողն էր Յակոբի մեկնելէն ետքը, թէպէտ Իլվովցին յիշուած է իբրեւ տեղապահ, կամ թէ Ատրպատականէ տեղապահութեան կոչուեցաւ Յակոբի մահուանէ ետքը: Մեր պատճառաբանութեան եզրակացութիւնը կը հաստատեն ուրիշներն ալ, թէ Սահակ առաջնորդ Ատրպատականի, Յակոբէ ցուցուեցաւ մահուընէ 10 տարի առաջ, բայց չընտրուեցաւ, եւ թէ ինքն ալ կը սոսկար այս աստիճանէ իբրեւ ծանրակշիռ բեռէ մը: Այս առթիւ նորէն Սահակն ալ եռանդուն կաթոլիկ ցուցնելու ջանքեր կը կրկնուին (12. ԱՄՍ. 579), սակայն Սահակ ալ Յակոբի նման, առանց իր հայադաւանութիւնը զոհելու` զինքն ընդհանուր եկեղեցւոյն միութեան մէջ ճանչցող մը եղած կ՚ըլլայ:

1799. ՄԽԻԹԱՐ ՎԱՆԵՑԻ

Եղիազարի օրինաւոր կաթողիկոսութեան միջոցին չանցած, պէտք է որ մեր սովորութեան համեմատ քաղենք վերջին ժամանակամիջոցին նահատակուած նոր վկաներուն յիշատակները եւ ուրիշ ազգային եղելութիւններ` որոնք ընդհանուր պատմութենէն անջատ կը մնան: Ժամանակագրական կարգով նախ յիշենք Մխիթար Վանեցին, որ խելօք, կորովի, քաջաբան, ձիավար, զինախաղաց, եւ ուժնդակ երիտասարդ մըն էր, եւ այս պատճառով այլազգի իշխաններէն եւ զինուորականներէն ալ սիրուած (ԴԱՎ. 421): Օր մը որ Մխիթար տանը մէջ երգով ու քնարով ուրախական ակումբ մը ունէր, այլազգի տղաներ տունը կը պատեն եւ անհանգիստ կ՚ընէն: Մխիթարին հայրը ցրուելու կ՚ելլայ, իսկ տղաքներ անոր կը զարնեն: Մխիթար բարկանալով տղայոց ետեւէն կ՚իյնայ, եւ ոչ միայն կը հալածէր, այլ հայհոյութեամբ անարգէր զհաւատս եւ զօրէնս տղայոց, եւ չէր ալ լռեր երբոր Տաճիկներէն ոմանք իրեն կ՚ազդարարէին: Կրօնամոլ խումբ մը զինքը ձերբակալելով կը բանտարկէ, Եէնիչէրիները կ՚ազատեն, եւ միջոց մը իրենց մօտ պահելէ ետքը կ՚արձակեն: Սակայն կրօնամոլներ նորէն կը ձերբակալեն եւ դատաւորին կը տանին, բայց սպանութեան հրաման չելլալուն, կապեալ զձեռն ի յետս եւ գլուխ ի բաց եւ բոկոտն քաղաքին մէջ կը պտտցնեն` ծեծելով, նախատելով, տանջելով, եւ ուրացութեան ստիպելով որ ազատի: Մխիթար արիութեամբ կը մերժէր, մանաւանդ թէ իր քրիստոնէութիւնը կը փառաբանէր առանց միտք դնելու ազգականներու եւ բարեկամներու առերեսս ուրացութեան յորդորներուն, ոչ ալ կուսակալին խոստումներուն: Մխիթար հանապազօր նորոգուած ձաղանքէն եւ տանջանքէն եւ չարչարանքէն չէր տկարանար, մինչեւ որ օր մըն ալ ոմն չարագոյն ի սուխտոցն, այսինքն է կարդացողներէն մէկը առաջին անգամ սուրով կը զարնէ, ընկերներն ալ կը հետեւին, եւ փողոցին մէջ կը սպաննեն, ոտքը չուան անցնելով քաղաքէն դուրս կը քաշկռտեն, եւ դիակը կը քարկոծեն եւ քարերու ներքեւ կը ծածկեն: Մխիթարի նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ 1656 նոյեմբեր 12-ին, եւ միւս օր հրաման ստանալով մարմինը հանդիսով թաղեցին ի դիրս Հայոց (ԴԱՎ. 424): Մխիթարի մահուան թուականը, հայկական տարեթիւով 1105 գրուած ըլլալուն, եւ այդ տարւոյ ամանորը 1655 հոկտեմբեր 9-ին իյնալուն, ոմանք Մխիթարի նահատակութիւնը 1655 նոյեմբեր 12-ին կը դնեն (ՆՈՐ. 472). սակայն չենք կարծեր թէ պատմիչը ճշդութեամբ միտք դարձուցած ըլլայ հնաւանդ ամանորին, քանի որ ամսաթիւն ալ հայկականով չէ գրուած:

1800. ԱՒԵՏԻՍ ՈՍՏԱՆՑԻ

Ուրիշ Վասպուրականցի նահատակ մըն ալ Աւետիս Ոստանցին է, որ աղքատ շինական ըլլալով, ապրուստի կարօտութենէն Աղբակի Բաբլասան գիւղը կը փոխադրուի ընտանեօք, եւ Լօռիքան բերդի տէր Բաքտար քուրդ իշխանին ծառայութեան կը մտնէ (ԴԱՎ. 425): Իր այլազգի ծառայակիցներ, նախանձեալ ընդ նա, սուտ ամբաստանութիւն կ՚ընեն իրենց տիրոջ, թէ Աւետիս մահմետական ըլլալ խոստացած է, բայց Բաքտար ականջ չի կախեր: Ասոր վրայ կը դիմեն գլխաւոր իշխան Խուսրէվ փաշային, եւ երբ այն ալ Աւետիսը հարցուփորձելով զրպարտութիւն ըլլալուն կը համոզուի եւ կարեւորութիւն չի տար, այս անգամ իրենց հաւատակիցներու մոլեռանդութիւնը կը գրգռեն, որոնք կ՚առնեն բռնի իրենց հետ կը տանին Աւետիսը, եւ առաջ պատիւներով, զգեստներով եւ համադամներով կը փորձեն շահիլ որ ուրանայ. եւ երբ կը մերժէ, սպառնալիքներու կը ձեռնարկեն, եւ սուրերու ծայրերով մարմինը կը ծակոտեն, այնպէս որ մարմինին վրայ ոչ մնաց ձեռնաչափ տեղի մի անծակ, եւ բոլորովին արիւնլուայ Փիզանի հրապարակը կը տանին ու կը գլխատեն 1656 մարտ 20-ին: Մարմինը իշխանէն յանձնուեցաւ եղբօրը Թափառուկ Ոստանցիի, որ եկեղեցական արարողութեամբ թաղել տուաւ Առակ գիւղի գերեզմաննոցը (ԴԱՎ. 428):

1801. ԳԱԲՐԻԷԼ ՂԱԼԱԹԻԱՑԻ

Գաբրիէլ Ղալաթիացի էր ծննդեամբ, թէպէտ ծնողքը Տիվրիկի Խուռնավիլ գիւղէն էին: Գաբրիէլին եղբայրը տաճկացած եւ Եէնիչէրի զինուոր էր, Գաբրիէլն ալ անոր կ՚այցելէր մերթընդմերթ, եւ այդ կերպով ինքն ալ համակերպեցաւ թլփատուիլ եւ Եէնիչէրի գրուիլ, եւ Կրէտէի պատերազմներուն մէջ ալ գտնուեցաւ: Սակայն սիրտը հանդարտ չէր, քրիստոնէութեան դառնալու համար Եւրոպա կը փախչէր, եւ 12 տարի այն կողմեր կը շրջէր: Ս. Յակոբ առաքեալի եւ Ս. Պետրոս ու Ս. Պօղոս առաքեալներուն ալ ուխտի կ՚երթար (ՆՈՐ. 484), որ ըսել է Սպանիոյ Քօմփօսթէլլա եւ Իտալիոյ Հռոմ քաղաքները կ՚այցելէր: Բայց միշտ խիղճը կը խայթէր, ուստի ուրացութիւնը եւ տուած գայթակղութիւնը քաւելու փափաքով Կ. Պոլիս կը դառնայ 1662 օգոստոսին: Քիչ մը ատեն ծնողաց տունը փակուած կը մնայ Ղալաթիա, եւ սեպտեմբեր 14-ին Խաչվերացի օրը կ՚երթայ ի գերեզմանս Հայոց (ՆՈՐ. 485), որ Բերայինը եղած կ՚ըլլայ, եւ երկուշաբթի եկեղեցի կ՚երթայ, անշուշտ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչը, կը խոստովանուի եւ կը հաղորդուի: Երեքշաբթի շուկայ ելլելուն կը ճանչցուի, եւ իբր մահմետականութենէ ետ դարձող ատեան կը հանուի, եւ հաւատքին հաստատուն ըլլալուն կը բանտարկուի, եւ միւս օր կրկին հարցափորձէ ետքը կախաղանի կը դատապարտուի, եւ կը կախուի առ փողոցս քաղաքի, որուն տեղը ճշդել դժուար է: Նահատակութիւնը տեղի ունեցած է 1662 սեպտեմբեր 17 Խաչին չորեքշաբթին, իսկ մարմինը երկու օր կախաղանի վրայ թողուելէ ետքը ուրբաթ առտու ծովը կը նետուի (ՆՈՐ. 489):

1802. ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՓԱՅԵՑԻ

Վայոցձոր գաւառի Արփա գիւղին մէջ Խաչիկի նորահաս աղջիկը Ազիզ, կամ աւելի ուղիղ Ազիզէ, իսկ հայերէն կոչմամբ Պատուական, նշանուած էր Միրման անուն երիտասարդի մը, որ յաւուր միում անկաւ ընդ նմա, եւ ժամանակը լրանալուն Պատուական զաւակ մը ունեցաւ: Ձայնը տարածուեցաւ, Մուրատ խան Նախիջեւանի կուսակալը ուզեց երիտասարդը ձերբակալել, բայց նա փախաւ, ուստի աղջիկը բռնել տուաւ: Երբ կը յանդիմանէր զայն իբրեւ բոզ ու պոռնիկ, Պատուական ինքզինքը պաշտպանեց` իրարու նշանուած ըլլալնուն պարագայով. բայց Մուրատ զայն իւրացնելու դիտմամբ ուրացութիւն առաջարկեց, որ պատիժէ ազատի: Աղջկան հաստատամտութիւնը քանիցս փորձելէ ետքը, վերջապէս կը հրամայէ որ մէջքէն կապելով մզկիթին մինարէյէն կախէն, եւ այնտեղ սպառնալեօք ուրացութիւն առաջարկեն, եւ եթէ նորէն չի հաւանի, չուանը կտրելով վար թողուն. ինչպէս որ ալ ըրին, եւ բարձրէն իյնալով նոյն տեղը նահատակուեցաւ: Պատուական Արփայեցիին նահատակութեան թուական նշանակուած է 1669 (ԶԱՔ. Բ. 128), իսկ օրը ճշդուած չէ:

1803. ԲԱՂՏԱՍԱՐ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Բաղտասար Եւդոկիացի նահատակուած է ի Կարին: Պատմական պարագաները շատ քիչ տարբերութեամբ կը գտնենք թէ յատուկ վկայաբանէ մը (ՆՈՐ. 490) եւ թէ Քանաքեռցիէ գրուած (ԶԱՔ. Բ. 120), բայց աւելի ճիշդ կը կարծենք առաջինը, զի Քանաքեռցին կը խոստովանի թէ հարցի զԹուրք ընկեր նահատակին, եւ գրեցի որպէս լուայ (ԶԱՔ. Բ. 124). մինչ առաջինը իբր ականատես իր գիտցածը կը գրէ կատարեալ մանրամասնութիւններով: Բաղտասար պզտիկ տարիքին մէջ հօրմէն որբ կը մնայ, եւ իր մեծ եղբօր Անտոնի կողմէ կոշկակարի մը քով կը դրուի, եւ անոր հետ Զմիւռնիա կ՚երթայ: Այնտեղ բռնութեամբ զինքը կ՚իսլամացնեն եւ կը թլփատեն 13 տարեկան եղած ատեն (ՆՈՐ. 490), սակայն տղան դժկամակ ըլլալով, քրիստոնէութեամբ ապրելու նպատակով Եւդոկիա կը դառնայ` նոյնիսկ կօշկակար վարպետին խորհուրդով (ԶԱՔ. Բ. 121), բայց այնտեղ ալ մայրն ու եղբայրները կը կասկածին, եւ կը յորդորեն որ Օսմանեան սահմաններէն ելնէ, եւ Էջմիածինի կողմերը երթայ, ինչպէս որ ալ կը կատարէ: Մայրտաճարը ու զանազան վանքեր ուխտի կը պտտի, եւ վերջապէս վանքի մը մէջ կը հաստատուի, որուն անունը յիշուած չէ, ու 7 տարի կը մնայ (ՆՈՐ. 491) Զաքարիա վարդապետի մը մօտ (ԶԱՔ. Բ. 122), սաղմոս ու շարական սորվելով եւ վանքին ծառայելով: Վարդապետին մահուընէ ետքը, նոյն վանքը կը թողու, եւ 2 տարին եւս շրջեալ աստ եւ անդ, վերջէն Երեւանի մէջ քրիստոնեայ կօշկակարի մը մօտ աշխատելու եւ վաստըկելու կը մտնէ (ՆՈՐ. 491): Այնտեղ կը ճանչցուի Եւդոկիացի Հայէ մը, ուսկից կը լսէ Կարնեցի Տաճիկ մը, եւ միտքը կը դնէ խաբկանօք պատանին Կարին տանիլ, եւ այնտեղ իսլամութեան վերադառնալու ստիպել: Այս միտքով, իբրեւ թէ Եւդոկիացի ըլլար, եւ պատանին իրեններուն դարձնելու յանձնարարութիւն ունենար, կը համոզէ միասին ուղեւորիլ. անոր ունեցած դրամներն ալ ձեռքէն կ՚առնէ, եւ Կարին հասնելուն իր միտքը կը գործադրէ, եւ Բաղտասարին իսլամացած ըլլալը Եուսուֆ կուսակալին կը հաղորդէ (ԶԱՔ. Բ. 122): Երբոր լուրը մէջտեղ կ՚ելլայ, Բաղտասար հոգեւորապէս զօրանալու համար իսկոյն կը խոստովանուի եւ կը հաղորդուի Մեծահրաշի Կիրակէն, որ է ըսել 1672 մայիս 19-ին: Բաղտասար կը ձերբակալուի, եւ առաջին հարցուփորձէ ետքը կը բանտարկուի, ուր նորէն կը հաղորդուի Յակոբ քահանայի մը ձեռքով (ՆՈՐ. 492), որ երբեմն լեալ էր մաքսապետ (ԶԱՔ. Բ. 124): Չորս օր ետքը կրկին կը հարցուփորձուի, եւ արիաբար քրիստոնէութիւնը խոստովանելուն վրայ, գլխատման վճիռ կը տրուի, եւ կը տարուի Կանայ դուռնէն դուրս (ՆՈՐ. 493) ի բլուրն որ ասի Սուրբ Նշան (ԶԱՔ. Բ. 124), եւ կը գլխատուի Գայիանեանց տօնին երեքշաբթի օրը, 1672 յունիս 4, ժամը 6-ին (ՆՈՐ. 494). իսկ Քանաքեռցիի համեմատ, 1664 Հռիփսիմեանց տօնին օրը ժամը 8-ին (ԶԱՔ. Բ. 124), որ կը հանդիպի յունիս 7-ին: Այլ ինչպէս ըսինք, կը նախադասենք առաջին վկայաբանին գրածը, թէպէտեւ Քանաքեռցին ալ կ՚ըսէ, թէ ի ժամ նահատակութեան սրբոյն ոչ պատահեցայ, այլ ի վաղիւն հարցի զԹուրք ընկեր նորա (ԶԱՔ. Բ. 124), որով գոնէ իր Կարին գտնուած թուականը ճշդութեամբ նշանակած պէտք կ՚ըլլար ենթադրել: Բաղտասարի տարիքը, թէպէտ իբր պատանի կը յիշուի (ԶԱՔ. Բ. 126), այլ 13 տարեկանին փորձանքի հանդիպած, 7 տարի վանք մը մնացած, 2 տարի եւս շրջած, եւ զանազան ուղեւորութիւններ ըրած ըլլալը հաշուելով, իբր 25 տարեկան չափահաս երիտասարդ մը եղած պետք է ըլլայ: Նահատակին մարմինը թաղուած է Կարին ի հարաւակողմն եկեղեցւոյն, ի ներքոյ որմոյն (ԶԱՔ. Բ. 124), ուր ցարդ կը տեսնուի գերեզմանի քարը, առանց արձանագրութեան, բայց միշտ իբրեւ նահատակի գերեզման պատուուած Կարնեցիներէն:

1804. ԿԱՐՆԵՑԻ ՎԿԱՆԵՐ

Ուրիշ Կարին կատարուած նահատակ մըն է Յակոբ Կարնեցի, Ղուլիկեան ազգատոհմէն (ՆՈՐ. 500), թերեւս Ղուլիկենց որդի` իբր սպասաւորութեան մէջ գտնւող հօր որդի, զի ինքն ալ գզիր կը կոչուի (ԶԱՔ. Բ. 125), այսինքն է թաղապետութեան սպասաւոր: Սուտ վկաներ կ՚ամբաստանեն թէ խոստացաւ տաճկանալ, եւ ամբողջ Յինանց միջոցին բանտարկելէ եւ սովալլուկ չարչարելէ եւ երեք անգամ ատեան հանելէ ետքը, կը քարկոծեն նոյն Ս. Նշանի վրայ, ուր զԲաղտասարն սպանին, 1673 Գայիանեանց տօնին օրը (ՆՈՐ. 500), որ է ըսել մայիս 27-ին: Իսկ Քանաքեռցին Բաղտասարէ 3 տարի ետքը կը դնէ Յակոբի նահատակութիւնը, որ կ՚ըլլայ 1667-ին, եւ գերեզմանը մերձ ի գերեզման Բաղտասարին (ԶԱՔ. Բ. 125). բայց մենք առաջին հաշիւը կը պահենք, իբրեւ աւելի վաւերական աղբիւրէ քաղուած: Իսկ գերեզմանին մասին յայտնի նշան մը չի տեսնուիր, գուցէ Կարնոյ Տաճարին ետեւի մասին մէջ գտնուի: Ուրիշ Կարնեցի մըն ալ նահատակուած է Կ. Պոլսոյ մէջ, բնիկ Կան գիւղէն, զբաղմամբ բեռնակիր, որուն միայն նահատակութեան օրը նշանակուած է 1682 մայիս 19, իսկ պարագաները չեն պատմուած (ՉԱՄ. Գ. 656): Ասոնցմէ զատ 1673-ին վկայած են երեք անանուն նահատակներ ալ, մին Կարնեցի, երկրորդը Սեբաստացի, եւ երրորդը Քէօբրիւքէօյցի, որ թէպէտ յոմանց Կամուրջ գիւղ թարգմանուած է (ՉԱՄ. Գ. 656), այլ պէտք է իմանալ Բասէնի Քէօբրիւքէօյ գիւղին վրայ, որ է հին Վաղարշաւանը:

1805. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ

Գրիգոր Տաթեւացի կայտառ եւ գեղեցիկ դիմօք մանուկ մը, բնիկ Տաթեւ գիւղէն, Մշոյ Ս. Կարապետի ուխտի եկած ըլլալով, տեղացի այլազգիներէն կը բռնադատուի ուրանալ, հարկաւ իրենց հաճոյից ծառայեցնելու համար: Երբոր ոչ ողոքանքներով եւ ոչ խոշտանգանքներով չեն կրնար մանուկը հաւանեցնել, սաստիկ կը չարչարեն, եւ գլուխը կտրելով կը նահատակեն 1676-ին, իսկ մարմինը վանականներ վերցնելով կը թաղեն յեզր գերեզմանատան վանիցն Ս. Կարապետի (ՉԱՄ. Դ. 655), զոր պէտք չէ իբր գերեզմաննոցէ դուրս իմանալ, այլ մեծ գերեզմաննոցին ծայրը, ուր նշանաւոր անձեր ալ թաղուած են:

1806. ԴԱՒԻԹ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Դաւիթ Մելքոնեան Սեբաստացի երիտասարդ մըն էր ամաց իբր եօթն երից այսինքն 21 տարեկան (ՆՈՐ. 505), աղքատ եւ անուս, որ Սիահ շեխին բաղնիքը վարսավիր մտեալ էր, միակ քրիստոնեայ բոլոր Տաճիկ սպասաւորներուն մէջ: Անգամ մը շաբաթական հասոյթնին բաշխած ատեննին ընկերները Դաւիթին կը ձայնեն, Մէլուն կեավուր, եկ եւ առ, եւ Դաւիթ զայրանալով կը պատասխանէ, ոflվ իցէ կեավուր, ես Էրմէնի լեալ (ՆՈՐ. 505): Այս պատասխանին առաջին մասը մեկնելով, եւ իբր թէ կեավուր չեմ ըսել, իսլամ եմ ըսել ըլլայ, բաղնեպանները շեխին կը խօսին թէ Դաւիթ իսլամութիւն ընդունած է, եւ վկայութիւննին երդումով կը հաստատեն: Դաւիթ կ՚ուրանայ ասանկ բան մը ըսած ըլլալը, եւ շեխը իբրեւ ազատելու միջոց իսլամութիւն ընդունիլը կ՚առաջարկէ: Ասկէ կը սկսին Դաւիթի հարցուփորձերը շեխին եւ դատաւորին եւ կուսակալին ատեանները, եւ իգործ կը դրուին բանտարկութիւններ եւ չարչարանքներ, ինչպէս աքցաններով մարմինը կտտել, գլխիվայր կախել, մէկ ձեռքէն կախել, բրածեծ տանջել, անսուաղ պահել, եւ ուրիշ տեսակ տեսակ չարչարանքներ, որոնք իբր 20 օր շարունակեցին, մինչեւ որ վերջապէս փոսի մը մէջ կիսովի թաղելով եւ քարկոծելով նահատակեցին, Վարդանանց տօնին օրը, երից եռ հարիւրից, եւ մին հարիւրի, եւ այլ եռ երեսնից, եւ երկոտասնի, այսինքն է 1677 տարւոյ փետրուար երկ մետասանի, այսինքն 22-ին (ՆՈՐ. 514): Մարմինը յօշոտելով շուներու առջեւ նետելու հրաման կը տրուի, բայց քրիստոնեայք կաշառօք զմարմինն սուրբ թափեալ` պատուով կը թաղեն Սեբաստիոյ Սուրբ Քառասունք գերեզմաննոցը (ՆՈՐ. 513): Վկայաբանը Միքայէլ Բարղամեան, իրաւամբ կը զարմանայ անուս եւ տգէտ բաղնեպանի մը կողմէ յայտնուած անօրինակ արիութեան վրայ (ՆՈՐ. 515): Շատերուն վրայ ալ մեծ տպաւորութիւն գործած է անոր օրինակը, եւ յատկապէս կը յիշուի Գասպար Սեբաստացին: Կռուան մականունով ճանչցուած, ուսեալ եւ տեղեակ քրիստոնէութեան անձ մը, որ 25 տարի առաջ ուրացած էր, եւ արդէն ալեւոր եղած: Դաւիթի նահատակութիւնը դիտելով, եւ ինքն իր վրայ ամչնալով ընկեց ի բաց զփակեղն սպիտակ, եւ այս պատճառով դատաւորին ատեանը հանուեցաւ, եւ համարձակ քրիստոնէութիւնը դաւանելուն համար, կախաղանի դատապարտուեցաւ, եւ այնպէս նահատակուեցաւ նոյնիսկ Դաւիթին նահատակուած տեղը, անկէ երկու ամիս ետքը 1677 ապրիլ 22-ին (ՆՈՐ. 519), որ կը հանդիպի Աշխարհամատրան կիրակէին: Այս տեսակ նահատակութիւններ ուրիշ տեղեր ալ` շատ եղած են անշուշտ, այլ մենք միայն յիշատակուածները կրնանք անցընել մեր պատմութեան կարգը:

1807. ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐ

Հայ տպագրութեան պատմութիւնը հասուցինք մինչեւ Ոսկանի մահը ( § 1748), եւ դիտել տուինք որ 1674-էն ետքը չխափանեցաւ տպագրական ձեռնարկը, ինչպէս եղած էին նախընթաց փորձերը: Մարսիլիոյ տպարանը իբր ժառանգութիւն մնաց Սողոմոն Լեւոնեան քեռորդւոյն, բայց Թադէոս Համազասպեան ալ ընկեր էր. գործին մէջ կը գտնուէին նաեւ Նասիպ Գրիգորեան գործակատարը եւ Մատթէոս Յովհաննէսեան Վանանդեցի չարաբարդողը կամ գրաշարը: Ժամագիրքի տպագրութիւնը, որ Թադէոսի քսութեանց պատճառով Ոսկանի մահուան ալ պատճառ եղած էր, Թադէոսի ձեռք նորանոր նենգութեանց առիթ եղաւ, որ կարծես անձնական շահէ աւելի գործին վնասելու կ՚աշխատէր (ՏՊԱ. 119): Հռոմէ գրաքննիչ ղրկուած Յովհաննէս Յակոբեան, Հոլով մականուանեալ խառնակիչին քննութենէն ետքն ալ, Թադէոս ժամագիրքին դէմ ամբաստանութիւններ կը տեղացնէր պետական եւ եպիսկոպոսական ատեաններուն առջեւ, իրեն գործակից գտնելով Թովմաս Հայրապետեան քահանայ մըն ալ, որ Մարսիլիա հանդիպելուն եպիսկոպոսարանէն քննիչ նշանակուեցաւ: Թովմասի չափազանց լատինամոլութիւնն մինչեւ իսկ Գաղղիական կառավարութեան առջեւ նկատողութեան առնուեցաւ, եւ ատենական հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ, իբրեւ Գաղղիական եկեղեցւոյ ազատութեանց դէմ վարուող, եւ Հռոմի հաւատաքննութեան գործակատարութիւն ընող. եւ հազիւ կրցաւ ինքզինքը արդարացնել եւ անդատապարտ մնալ, բայց 1683 փետրուար 25-ին վճիռով Հայ տպագրութեանց այլեւս չխառնուելու հրաման ստացաւ (ՏՊԱ. 127): Այդ եղելութեանց երեսէն շատ նեղութեանց ենթարկուեցան Սողոմոն եւ Նասիպ եւ Մատթէոս, թէպէտ նոյն միջոցին Ժամագիրքի, Սաղմոսի, եւ Հոլովին հեղինակած ճարտասանութեան, եւ ուրիշ մանր գիրքերու տպագրութիւնները կրցան աւարտել (ՏՊԱ. 118): Պէտք է յիշատակենք եւս Բարսեղ Կոստանդնուպոլսեցի եւ Յովհաննէս Յակոբեան քահանաներուն Հռոմի մէջ ալ կատարած մոլեկան շահատակութիւնները, որոնք ոչ միայն Հայ ծիսական գիրքերը իրենց անձկամիտ ուղղութիւններով խանգարեցին ու աղաւաղեցին, այլեւ Հայ լեզուն ալ ուղղելու յանդգնեցան, նորահնար հոլովումներով եւ խոնարհումներով, որուն համար Հոլով մականուն ստացան: Ասոնց գործը աննշանակ մնացած կ՚ըլլար, եթէ Հռոմ տպագրել տուած չըլլար 1674-ին Հոլովներու քերականութիւնը, եւ 1677-ին անոնց աղաւաղած պատարագամատոյցը եւ ուրիշ ծիսական գիրքեր (ՉԱՄ. Գ. 662): Հոլովներու արտառոց քերականութիւնը, ուրիշ տարածեալ դասագիրք չգտնուելուն պատճառով, հրապարակին վրայ ազդեցութիւն գործեց, եւ գրական լեզուին խանգարման մէջ նշանակելի դեր ունեցաւ բաւական երկար ժամանակ: Այսչափ ինչ Յակոբ կաթողիկոսի օրով կատարուած եղելութեանց մասին: