Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Դ. ՀՌՈՄԿԼԱՅԵՑԻ

1186. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Անտարակոյս է որ Կատուկեցիին կաթողիկոսարանի գործերէն հեռանալովը, անոնց ղէկը մնաց Անաւարզեցիին ձեռքը, որ Սիսի մէջ եւ Հեթումի մօտ` պէտք եղած կարգադրութիւնները կը կատարէր: Նոյնպէս ստոյգ պէտք է ընդունիլ, որ եթէ 1286-ի ընտրութեան ատեն ալ ջանքեր եղան Անաւարզեցին կաթողիկոսութեան բարձրացնելու, եւ միայն Լեւոնի իշխանութեամբը այն խափանուեցաւ ( § 1168), հարկաւ միեւնոյն նպատակը կար այս անգամ ալ, երբ Հեթում լատինամոլը կը թագաւորէր, եւ այնչափ ջանքեր եղած էին Կատուկեցին գահընկէց ընելու: Սակայն երկու բարեկամները մտածած էին, թէ շատ յայտնի պիտի ըլլայ դիմումնին, եթէ այդ կէտն ալ իրականանայ, եւ հարկաւ լուր ալ առած էին թէ Արեւելքի մէջ լաւ տպաւորութիւն ըրած չէր իրենց գործը, եւ լաւ ընդունելութիւն գտած չէ Սկեւռացի Ստեփանոսի պատգամաւորութիւնը: Ուստի լաւագոյն կը սեպեն այնպիսի կաթողիկոս մը դնել, որ անունը միայն ունենայ, եւ գործը միշտ իրենց երկուքին ձեռքը մնայ: Այս նպատակով առանց սպասելու, որ պատգամաւորը դառնայ եւ Արեւելեայց պատասխանը պաշտօնապէս հաղորդէ, կը կանխեն կաթողիկոսական ընտրութեան ձեռնարկել, եւ աթոռ կը բարձրացնեն զՍտեփանոս ոմն անապատաւոր ( ՕՐԲ. Բ. 188): Կիլիկեան խմբակին այդ հնարքը` մէկ-երկու տարիով կը կանխէր Հռոմի մէջ կատարուած նոյնօրինակ դարձուածէն, որ երբ Նիկողայոս Դ-ի 1292-ին մեռնելէն ետքը, յաջորդութեան պայքարներով երկու տարի պարապ կը մնար աթոռը, 1294-ին պապական աթոռը կը բարձրացուէր Պետրոս Մորոն (Pietro di Moron) անապատաւորը, որ Կեղեստինոս Ե կոչուեցաւ: Ստեփանոսի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, 1290-ին ( ՍՄԲ. 125), անշուշտ տարւոյն առջի օրերը: Ինքն բնիկ էր Եկեղեաց կամ Երզնկա գաւառի երբեմն արքունական Խախ 153) գիւղէն ( ՍԱՄ. 163), բայց կանուխէն Կիլիկիա եկած, Հռոմկլայի հայրապետանոցին մէջ մնացած, եւ ետքէն անապատական կեանքի նուիրուած, եւ սովորաբար Հռոմկլայեցի մականունով ճանչցուած ( ՍՄԲ. 125), որ կրճատութեամբ Հռոմայեցի ( ՍԱՄ. 152), եւ երբեմն ալ Կլայեցի գրուած է: Օրբելեան կը կոչէ զայն, այր լաւ եւ լի ամենայն առաքինութեամբ ( ՕՐԲ. Բ. 188), եւ յայտնի ըլլալով Օրբելեանի ատելութիւնը` Կատուկեցիին հակառակորդներուն մասին, զորս վաշտուէր եւ ջեռեալ նախանձու եւ հեռիւ կը կոչէ ( ՕՐԲ. Բ. 186), կը հետեւցնենք, թէ Ստեփանոս Հռոմկլայեցին մաս չէր ունեցած անոնց հետ, այլ միամիտ ու ապիկար լինելուն համար կաթողիկոսանալու արժանի տեսնուած է: Այս կերպով հայրապետական իշխանութիւնը, թէ ոչ իրաւապէս, բայց իրապէս Անաւարզեցիին ձեռք մնացած է, Հեթումի հետ համերաշխ գործակցութեամբ լատինամոլ ուղղութիւնը յառաջացներու համար: Ստեփանոս Սկեւռացին երբ պատգամաւորներէն դարձաւ, տեսաւ որ նախ քան զպատասխանիսն Արեւելեայց գործը վերջացած, եւ նորընտիր Ստեփանոսը` է հաստատեալ յաթոռ կաթողիկոսութեան ( ՕՐԲ. Բ. 188), եւ գործը լրացած է առանց Արեւելեայց մասնակցութեան:

1187. ԼԱՏԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԱԼԸ

Պէտք չէ որ Ստեփանոսի գործունէութենէն բան մը սպասենք, ոչ միայն անոր համար, որ ինքն գրեթէ իր առաջին անապատական առանձնութիւնը կը շարունակէր Հռոմկլայի մէջ, երբ բոլոր գործեր Սիսի մէջ կը կարգադրուէին Անաւարզեցիի եւ Հեթումի ձեռքով, այլեւ անոր համար, որ շատ համառօտ եղաւ իր իշխանութեան տեւողութիւնը, եւ այն ալ փոթորկալից արկածներու մէջ: Եգիպտոսի սուլտանները նոր արշաւանքներ բացած էին Ասորիքի վրայ վերջնական կերպով բնաջինջ ընելու համար Լատին կամ քրիստոնեայ տէրութիւնները, որոնք Երուսաղէմն ու Անտիոքն ալ կորսնցնելէ ետքը, տակաւին իրենց ձեռքը կը պահէին Տրիպոլիսը, Պտղոմայիսը, Տիւրոսը, Սիդոնը ու Վերիտոնը: Ալփի սուլտան ( ՀԵԹ. 85), որ Ելչի-Կուման ( ՀԵԹ. 74) եւ Մէլէք-էլ-Մանսուր ալ կոչուած է, 1289-ին առաւ Տրիպոլիսը Փռանգ գոնդի կամ Լատին կոմսի մը նենգութեամբ, եւ անհուն եւ անհամար Քրիստոնեայս կոտորեց ու գերեց, եւ եկեղեցիներ ալ քանդեց ու այրեց ( ՕՐԲ. Բ. 188), եւ ասոր վրայ Լատիններ կեդրոնացան Պտղոմայիսի մէջ, որ է Աքիա, Աքայիա ( ՕՐԲ. Բ. 189) եւ Աքոն ( ՀԵԹ. 74) ալ գրուած: Ալփի սպանուեցաւ յաջորդ տարին` արշաւանքը չնորոգած. եւ իրեն յաջորդեց որդին Աշրաֆ, որ Խալիլ-Աշրաֆ, կամ Մէլաշարաֆ կամ Մէլատափէրահ ( ՀԵԹ. 74) ալ կոչուած է: Սա միւս տարին, 1291-ին արշաւեց Ասորիք Պտղոմայիսը գրաւելու, ուր կեդրոնացած էին բոլոր Լատիններուն մեծամեծները, Երուսաղէմի եւ Անտիոքի իշխանները եւ պատրիարքները, եւ երեք ասպետական կարգերուն, Դամփլուն եւ Ըսպիթալուն եւ Ալամանուն ( ՕՐԲ. Բ. 189), այսինքն Տաճարական եւ Հիւրընկալ եւ Տեւտոնեան ասպետութեանց հրամանատարները: Պտղոմայիս ալ ինկաւ Եգիպտացւոց ձեռքը նոյն 1298 տարին, եւ բեկաւ Լատիններուն վերջին յոյսը, որոնք թողին առանց պատերազմի զՍուր, զՍայտէ, զՊէյրութ, այսինքն, Տիւրոսն ու Սիդոնն ու Վերիտոն բերդաքաղաքները, եւ յայսմ ամի ջնջեցաւ Քրիստոնէութիւնն ի սէհլէն ( ՀԵԹ. 85), այսինքն արեւմտեան քրիստոնեաներուն իշխանութիւնը Ասորիքի ծովեզերքէն ջնջուեցաւ: Իբրեւ քրիստոնեայ իշխանութիւն կը մնար այդ կողմերը, միայն Հայոց թագաւորութիւնը, եւ այն պիտի ըլլար այնուհետեւ Եգիպտացւոց յարձակումներուն նպատակակէտը: Քանի որ Հայոց թագաւորութիւնը Լատիններուն հետ սերտ յարաբերութիւններով, խնամէական կապերով, եւ կրօնական ու եկեղեցական համաձայնութիւններով, Եգիպտացւոց աչքին առջեւ իբր Լատին իշխանութեանց մաս կը նկատուէր: Հետեւապէս ալ պիտի չհանդարտէին, մինչեւ որ զայն ալ կործանեն, ինչպէս որ շարունակեալ հարուածներով եւ հետզհետէ տկարանալով եւ ամփոփուելով, վերջապէս ինկաւ 1275-ին 84 տարի ետքը: Արդէօք տարբեր պիտի ըլլաflր Հայոց Կիլիկեան թագաւորութեան բախտը եթէ լատինական կապակցութիւններէ բաժնուելով, բարեկամական յարաբերութիւններ մշակէր իր հարեւան պետութեանց հետ: Եղելութեանց շարքը ենթադրական մակաբերութիւններով լուծել դիւրին չէ, բայց իրական եւ դրական է, որ լատինական յարաբերութիւններ գրգռեցին Եգիպտացւոց թշնամութիւնը, որ չվերջացաւ մինչեւ որ Հայոց իշխանութիւնն ալ չկործանեցաւ:

1188. ՕՐԲԵԼԵԱՆՔ ԵՒ ԹԱԹԱՐՆԵՐ

Երբ այս արկածներ տեղի կ՚ունենային Ասորիքի մէջ, լաւագոյն կացութիւն մը կը տիրէր Սիւնիքի կողմերը, որ Արեւելեան Հայութեան կեդրոն դարձած էր Օրբելեանց իշխանութեան ներքեւ: Տարսայիճի որդիներ եւ եղբօրորդին յեռեալք սիրով ընդ միմեանս կային հանդարտութեամբ, Ելիկում եւ Ջալալ եւ Լիպարիտ մարմնական իշխանութեամբն պայծառանային, եւ եղբայրն իւրեանց տէր Ստեփանոս` հոգեւոր շնորհօք եւ բարձր տիրապետութեամբ շքեղանայր ( ՕՐԲ. Բ. 179): Ելիկում երկու որդի ունեցած էր, Բուրթէլ ու Բուղտայ անուն, եւ դուստր մի զոր ամուսնացուցած էր Էաչի Պռոշեան իշխանին հետ: Հինգ որդի ալ Լիպարիտ ունէր, որոնց երէցն էր Սմբատ, Սագունեանց փեսայացած, իսկ երկրորդը` Յովհաննէսը Ստեփանոս մետրապոլիտ իրեն քովն առած էր աշակերտութեան, իրեն յաջորդ պատրաստելու համար, եւ այս նպատակով սնոյց զայն եւ վարժեաց ուսմամբ եւ ած ի քահանայութեան ( ՕՐԲ. Բ. 179): Օրբելեան կը յիշէ Մամքան քոյր մըն ալ ունենալը, բարի անձնաւորութիւն մը ( ՕՐԲ. Բ. 238): Իսկ այդ վկայութիւնները տուած ատեն կը յայտարարէ, թէ պէտք չէ կարծուի իբրեւ մէկը որ զիւր ազգ յարգէ եւ պատուէ, վասնզի ինքն ի բազմաց զսակաւն եւ զճշգրիտն գրած է ( ՕՐԲ. Բ. 179): Սիւնեաց խաղաղ կացութեան հովանաւորն էր եղած Արղուն խան, եւ կացութիւնը շատ չէր փոխուած իր յաջորդին Քեզաթունի կամ Ռեզայիտի օրով 1175), թէպէտ անձնատուր էր բոլորովին ի զեղխութիւնս, եւ վերջէն խեղդամահ եղեւ յաւագաց իւրոց 1292-ին, եւ իրեն յաջորդեց Պայրու կամ Պայտուն իր ազգականը, որուն համար կը գրէ Հեթում, թէ արար բազում շնորհս քրիստոնէից, ( ՀԵԹ. 59): Բայց իսլամութեան յարողներ դժկամակ եղեն իրեն դէմ, եւ իրենց կողմը վաստկելով Արղունի որդին Ղազանը, զայն հալածեցին, եւ Ղազանը նստեցուցին նոյն 1292 տարին: Սակայն Օրբելեան, որ աւելի մօտէն տեսած է անձերն ու գործերը Պայտունին համար ալ կ՚ըսէ, թէ եղեւ Մահմետի օրինօքն, եւ վարէր զարքայութիւնն իւր թոյլ եւ վատթար եւ անարի տմարդութեամբ: Նա ինքն Պայտուն ստիպած է Ջալալ Տարսայիճեանը, Օրբելեանի եղբայրը, որ իրեն բերէ Ամարասի մէջ պահուած Ս. Գրիգորիսի գաւազանը 98), եւ 36 ակերով համակ ոսկի, աստուածահրաշ խաչը, զորս յետոյ Ապաղա խանի կինը Տեսպինա 1141) ձեռք ձգած եւ Կոստանդնուպոլիս է յղած ( ՕՐԲ. Բ. 218): Պայտունի իշխանութիւնը տեւած է միայն գարունէ աշուն, եւ ինքն ալ Ղազանի ձեռք իյնալով սպանուած է ( ՕՐԲ. Բ. 220): Իսկ Ղազանի յաղթանակին հրամանատարն եղած է Նէվրուզ կամ Նաւրուզ, որ թարգմանի Նաւասարդ ( ՕՐԲ. Բ. 219), որուն բանակը ձեռնարկած է ամէն կողմ եկեղեցիներ քակել, քրիստոնեաներ կողոպտել, քահանաներ թլփատել, ժողովուրդը կոտորել, կին ու տղայ գերել: Նոյն բաները Նախիջեւանի կողմերն ալ ըրած է, իսկ Տաթեւը Օրբելեան ազատած է կաշառօք եւ բռնութեամբ, մինչ Արտաղու եպիսկոպոս տէր Տիրացուն չարչարուած ու նախատուած ու կողոպտուած է անոնցմէ ( ՕՐԲ. Բ. 221): Այսուհանդերձ Ղազանի համար գրուած է, որ թէպէտ առաջ խիստ եցոյց զանձն առ քրիստոնեայս, այլ յետ հաստատելոյ զտէրութիւնն սկսաւ պատուել եւ սիրել զքրիստոնեայս ( ՀԵԹ. 60):

1189. ԹԱԹԱՐԱՑ ՀԵՏ

Եթէ ուզենք ալ կարծել թէ Ղազան իր քաղաքագիտական դիտումներով կատարած է այդ փոփոխութիւնը, սակայն հնար չէ մտադրութիւն չդարձնել Հայոց կողմէ եղած ջանքերուն ալ: Հազիւ թէ Ղազան իշխանութեան տիրացաւ` Ստեփանոս փութաց անոր այցելել, եւ ինքն կը վկայէ թէ բարձրագոյն ի նմանէ ընկալոք փառս քան յայլոցն, ինչ որ հարկաւ Ստեփանոսի անձին եւ խօսքերուն գործած տպաւորութեան արդիւնքն էր: Ղազանի տուած շնորհներուն մէջ կար նաեւ Ստեփանոսի տրուած արտօնութիւնը, որ կարենայ ի շրջելն զխաչ զառաջեաւ ունել եւ բարձրագոյն շրջեցուցանել, միանգամայն պարգեւեց անոր փալիչայ ոսկի, որ էր տախտակ ի չափ թզոյ միոյ եւ կիսոյ, գրեալ ի վերայ զանունն Աստուծոյ եւ զանին, ինչ որ կ՚երեւի թէ ուրիշ տեղ բալիշ կոչուած նշանին հետ միեւնոյն բանն էր 1141): Օրբելեան իր այցելութեան ելքը անակնկալ ողորմութիւն կ՚անուանէ ( ՕՐԲ. Բ. 231), եւ ասով քիչ առաջ Նէվրուզի ձեռօք կատարուած բռնութեանց կ՚ակնարկէ: Հեթում թագաւորն ալ իր մասնակցութիւնը ունեցած կ՚երեւի այդ գործին մէջ: Նա կանուխէն մեկնած էր Կիլիկիայէ որ Քեղաթուին յաջորդ Պայտունը շնորհաւորէ, սակայն սա արդէն Ղազանի յարձակումովը զբաղած էր, եւ Հեթում պարտաւորուեցաւ Մարաղայի մէջ սպասել Քաղդէացի պատրիարքին մօտ, մինչեւ որ գործը յստակուի: Իսկ երբ Պայտունն ինկաւ եւ Ղազան գահին տիրացաւ եւ բարձրացաւ, փութաց անոր մատուցանել իր մեծարանքը: Այս առթիւ Ղազան հեգնօրէն դիտել տուաւ, թէ նա ոչ իրեն, այլ Պայտունի համար ճամբայ ելած էր, որուն Հեթում կը պատասխանէ, թէ իրենք Թաթարաց գերագահ իշխանութիւնը կը պատուեն, ով ոք ալ ըլլայ զայն վարողը, ինչ որ Ղազանի հաճելի կու գայ եւ մեծաշուք պատուով կ՚ընդունի Հեթումը: Սա ալ համարձակութիւն կ՚առնէ ծանուցանել արքայի զանցս աղետից քրիստոնէից, որուն Ղազան կը պատասխանէ, թէ ես ոչ գիտեմ զայդ, այլ Նաւռուզն գործեաց զամենայն, եւ Հեթումի խնդրանօք կը հրամայէ առժամայն գրել հրովարտակ ընդ ամենայն աշխարհն իր իշխանութեան, զի մի իշխեսցեն ձեռնարկել յեկեղեցիս եւ քրիստոնեայս, այլ խաղաղութեամբ բնակեսցէ ամենայն ոք, զիւր հաւատ եւ պաշտօն համարձակ ունելով: Ըստ այսմ ալ կը սկսի խաղաղութիւն տիրել երկրին մէջ, եւ գլխաւորապէս Հայերուն մէջ: Իսկ Հեթում մեծաւ պատուով եւ շքեղաշուք փառօք կը մեկնի Ղազանի մօտէն, եւ կը դառնայ յաշխարհն իւր Կիլիկիա ( ՕՐԲ. Բ. 222): Նէվրուզի մասին ալ անտարբեր չմնաց Ղազան, ոչ միայն զայն պաշտօնանկ ըրաւ եւ տեղը նշանակեց Խութլուշահ իշխանը, այր բարի, եւ յոյժ բարեկամ եւ օգնական քրիստոնէից, այլ եւ իմանալով Նէվրուզի դաւաճանութեան խորհուրդները, հալածեց զայն ի Խորասան, եւ անկէ ի ներքսագոյն Խորասան, մինչեւ որ անհետ կորստեամբ ջնջեաց զնա յերկրէ: Նէվրուզը հալածող գունդերուն մէջ էին նաեւ Լիպարիտ եւ Էաչի 1188), որոնք թուք արձակեալ յերեսս Նաւռուզին մեծ անարգանք ձաղէին: Օրբելեան Նէվրուզի այս վախճանը պատմելով, կը հառաչէ. Ահա տեսէք զեղջիւր եկեղեցւոյ, եւ կը կնքէ բարձրացնելով գոհութիւն եւ փառք այսպիսի խնամողին զեկեղեցի իւր ( ՕՐԲ. Բ. 223):

1190. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Կիլիկիոյ կողմէ գործերուն ընթացքը շատ հանդարտ վիճակ չունէր, վասն զի Տրիպոլիսի եւ Պըտղոմայիսի հետզհետէ անկումը` յայտնի սպառնալիք մըն էր Հայոց համար` որոնք ինչպէս ըսինք, լատին իշխանութեանց շրջանակին մէջ կը նկատուէին, եւ Լատիններն ալ Ասորիքը ամբողջապէս պարպելէն ետքը` իրենց միակ ապաւէն եւ յենարան կը նկատէին Կիպրոսի թագաւորութիւնը ծովին մէջ, եւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը ցամաքի վրայ, եւ անոնց մէջ կը հաւաքէին իրենց մնացորդները: Հեթում Բ ալ կանխած էր, եւ իրենց նոր կացութիւնը յայտնելով, նոր օգնութիւններ խնդրած էր Նիկողայոս Դ պապէն, եւ պապն Եւրոպական իշխաններուն յորդորներ ուղղած էր նոր խաչակրութիւն կազմել եւ Արեւելեան քրիստոնէից օգնութիւն հասցնել: Միեւնոյն նպատակով էր անշուշտ Հեթումի այցելութիւնը Թաթարներու խանին, զոր արդէն յիշեցինք 1189): Եկեղեցական գործերուն գալով, կ՚երեւի թէ Ստեփանոս այնչափ հլու հպատակ չէր ըլլար Անաւարզեցիին եւ Հեթումի հրահանգներուն, որ Կալանոս կը գրէ թէ առաջնորդէր տգիտութեամբ եւ հպարտութեամբ մեծաւ ( ԿԱԼ. 411), ինչ որ Կալանոսի բերանը Հռոմի հանդէպ ստրկական ընթացք չունենալ կը նշանակէ: Իսկ իբրեւ տգիտութեան եւ հպարտութեան փաստ կը ցուցուի, թէ հրաման տուեր է Սմբատ իշխանի մը ամուսնանալ իր ազգակից Յոպպէի Գուիտոն իշխանին դստեր Զապէլի հետ: Լատիներէնին մէջ ըսուած է, թէ արենակցութեան երրորդ աստիճանի ազգակից են եղեր, եւ Ստեփանոսի ընթացքին համար լրբենի բառն ալ աւելցուցած է, զոր Կալանոս չէ համարձակած հայերէնին մէջ ալ դնել, գոհանալով պնդել, թէ արենակցութեան արտօնութիւն տալը պատշաճի միայն գլխաւոր հայրապետին ընդհանուր եկեղեցւոյ, որ է մեծ հայրապետն Հռոմայ ( ԿԱԼ. 412): Աւելի յայտնի եւ նշանակալից փաստի պէտք չմնար իմանալու համար, թէ ինչ ստորին զգացումներ կը տածէին լատինամիտներ եւ հռոմէադաւաններ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

1191. ԾՌԱԶԱՏԻԿԻ ԽՆԴԻՐԸ

Ուրիշ պարագայ մըն ալ եկաւ յիշեալ 1292 տարին լատինամիտներու շահատակութեանց ասպարէզ բանալ, որ է ծռազատիկը, որ անգամ մըն ալ կը հանդիպէր 1197 թուականէ 95 տարի ետքը, որուն վրայ խօսած ենք իր տեղը 1053): Թէ տոմարական անստերիւր հաշիւը, եւ թէ ժամանակակիցներէն Հեթում թագաւորի ( ՀԱՅ. 519), եւ Հեթում պատմիչի ( ՀԵԹ. 85) վկայութիւնները 1292 տարին կը ցուցնեն իբրեւ ծռազատիկի տարի, ուստի Օրբելեանի պատմութեան մէջ` յերկրորդ ամին սորա եղեւ շփոթումն զատկաց խօսքը, որ կարծես թէ Անաւարզեցիի կաթողիկոսութեան երկրորդ տարիին կ՚ակնարկէ, պէտք է իմանալ քիչ վերը յիշուած Ստեփանոս կաթողիկոսի երկրորդ տարիին վրայ, եւ իսկ յետ այսր փոքրիկ հատուածը միջանկեալ սեպել ( ՕՐԲ. Բ. 193), վասնզի անհնար է 1295-ին տանիլ ծռազատիկի տարին, որուն տոմարական հաշիւէն զատ` պատմական պարագաներն ալ կը հակառակին: Ծռազատիկի հաշիւը ոչ միայն Հայերը Յոյներէն կը զատէր, Էասեան եւ Իրիոնեան տոմարներուն տարբերութեամբը 383), այլեւ Լատիններէն ալ, որոնք Իրիոնեան տոմարով կ՚ընթանային: Լատիններ լեցուն էին Կիլիկիոյ մէջ, լատինամիտներ կ՚իշխէին Հայերուն վրայ, եւ տարւոյն սկիզբներէն մօտալուտ զատիկի տարբերութիւնը մեծ յուզմունքներու առիթ տալ սկսած էր, զի Լատիններ կը պատրաստուէին ապրիլ 6-ին զատիկ տօնել, մինչ Հայերը զայն պիտի տօնէին ապրիլ 13-ին: Հեթում թագաւոր կանխեց գործը քննութեան ենթարկել տալ, հրամայեց լինել ժողով ( ՀԱՅ. 519), որուն ոմանք, Ստեփանոս կաթողիկոսն ալ ներկայ եղած կ՚ուզեն ըսել ( ՉԱՄ. Գ. 286), սակայն Հեթում իր յիշատակարանին մէջ անոր անունը չի տար, եւ Օրբելեան Անաւարզեցիին կը վերագրէ գործը, թէ հայրապետն մեր տէր Գրիգոր` աստանոր սխալեաց մեծապէս եւ ի բաց եկաց ի ճշմարտութենէն ( ՕՐԲ. Բ. 194): Հետեւապէս կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուած ժողով մը չեղաւ որոշում տուողը, այլ Անաւարզեցիին նախագահութեամբ ուսումնասիրութեան խորհրդակցութիւն մը, որ որոշում տուաւ ապրիլ 6-ին Զատիկ տօնելու: Իսկ այս առթիւ Անաւարզեցիին հայրապետ կոչուիլը, ոչ թէ նոյն միջոցին հայրապետ գտնուած, այլ յետոյ հայրապետ եղած ըլլալուն իմաստն ունի, եւ շատ սովորական է ամէն հեղինակներու` յետագայ աստիճանին անունով յիշել նախընթաց գործողութիւնները, մինչեւ իսկ կաթողիկոսի մը համար ծնաւ կ՚ըսենք, եւ չենք իմանար թէ կաթողիկոսութիւնը վրան ծնած ըլլայ: Հեթում երկարօրէն կը պատճառաբանէ, թէ ուղիղը յունալատին հաշիւն էր, եւ թէ Հայոց հաշիւը ի սուրբ զատկին մոլորութիւն էր, եւ իբր հաստատութիւն կը յաւելու, յետոյ զլուսինն աչօք տեսաք ( ՀԱՅ. 519), իբրեւ թէ կարենար իր աչքով կշռել լուսինի լրման վայրկեանը, մինչ Էասեան եւ Իրիոնեան տոմարներու տարբերութիւնը, քանի մը վայրկեաններու վրայ հիմնուած հաշիւ է, թէ լրումը շաբաթ օրուան վերջը, թէ ոչ կիրակի օրուան սկիզբը կը հանդիպի: Ինչ եւ իցէ, Անաւարզեցիի եւ Հեթումի կարծիքը զօրացաւ, եւ թագաւորը բռնութեամբ տօնեաց եւ ետ տօնել ամենայն աշխարհին Կիլիկեցւոց զօր Ծառզարդարին` իբր տօն Յարութեան, եւ արար Զատիկ: Բայց ոչ միայն Հայաստանի վիճակները, եւ Երուսաղէմի Հայերը ապրիլ 13-ին կատարեցին Զատիկի տօնը, այլ նոյնիսկ Կիլիկիոյ մէջ ալ պարկեշտ վաներն ոչ ընկալան, նաեւ բազումք յեպիսկոպոսաց եւ ի վարդապետաց ոչ հաւանեցան Հեթումի կարգադրութեան, եւ որոնք որ աւելի երկիւղալից էին, ի ծածուկ պահեցին, այսինքն Զատիկ ընելէ ետքը աւագ շաբաթ ըրին, եւ նորէն գաղտնի զատիկ տօնեցին: Իսկ դէմ դնողներէն բազումք գանեալ եւ աքսորեալ հալածական եղեն ( ՕՐԲ. Բ. 195): Օրբելեան իբր մխիթարական եւ Հայոց դրութեան ոյժ տուող պարագայ մը կը յիշէ, թէ Երուսաղէմի մէջ աւագ շաբաթ երեկոյին իջնող լոյսը, ի մերն իջաւ ճշմարտիւ ի ճրագալուցի աւուրն, ինչպէս հաստատած են Երուսաղէմ գտնուող եւ ականատես եղող Հայաստանցի վարդապետներ ( ՕՐԲ. Բ. 194):

1192. ՀՌՈՄԿԼԱՅԻ ԱՌՈՒՄԸ

Սակայն Կիլիկեցւոց բարեբախտ չեղաւ յունալատին զատիկին հետեւողութիւնը: Զատիկէն քիչ օր ետքը Աշրաֆ սուլտան ահեղ զօրութեամբ Ասորիք դարձաւ, այս անգամ ալ Լատիններուն վերջին ապաւէն եղող Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը ջնջելու միտքով. եւ յայսմանէ սարսեալ երկիրն Կիլիկեցւոց` գաղթեցան ի լերինս եւ յամրոցս բերդին ( ՀԱՅ. 501): Իսկ եգիպտական բանակը ամէն կողմ աւերած եւ կոտորած սփռելով, ուղղուեցաւ շիտակ Հռոմկլայի հայրապետանիստ բերդին վրայ, որ Հայոց նշանաւոր ամրութիւններէն մէկն էր, եւ յարմար չէր Աշրաֆի զայն ետեւէն թողուլ, Կիլիկիոյ ներսերը արշաւած ատեն: Այլ եւս Եգիպտացի սուլտաններուն նպատակը լոկ ասպատակութիւն չէր, այլ իրենց տիրապետութիւնն ալ ընդարձակել: Պատմիչները բնաւ յիշատակութիւն մը չունին, թէ Հայոց թագաւորական գունդեր Հռոմկլայի պաշտպանութեան փութացած ըլլան, բայց Հռոմկլայ ինքն իրեն ալ մնացած, բաւական երկար դիմադրութիւն ըրաւ Եգիպտացիներուն` իր անառիկ դիրքովը եւ ճարտարարուեստ եօթնապարսպեան ամրութիւններովը: Պաշարման տեւողութիւնը բազում աւուրս ( ՍԱՄ. 153) կամ շատ օրեր ըսուած է ( ՍՄԲ. 126), իսկ Օրբելեան հեռուէ լսելով ամսօրեայ ժամանակաւ պատերազմէ ետքը գրաւուած կ՚ըսէ զքաղաքն, եւ ապա զներքին բերդն, եւ ապա զբարձրագոյն Կլայն ( ՕՐԲ. Բ. 190), շարունակ պատերազմելով բարձրաձիք բաբանօք ծանր քարանց, քարահատ արուեստականօք եւ բազմափոր դարանամտօք ( ՀԱՅ. 501): Իսկ կատարեալ գրաւումը ցուցուած է յուլիս 28 օրը ( ՍԻՍ. 556), որ է ըսել Զատիկէն երեքուկէս ամիս ետքը: Հեթում թագաւոր իր յիշատակարանին մէջ այնպէս իմն կը ցուցնէ, թէ ինքն Կիլիկիա եղած ըլլայ Հռոմկլայի գրաւման միջոցին, եւ Թաթարները կը մեղադրէ թէ ազգ նետողացն հեղգացան, եւ անոր համար Եգիպտացիք առաւել յոխորտացեալ զմեզ որսացին գազանացեալ: Բայց չըսեր թէ ինքն ինչ ըրած է Հռոմկլայի պաշտպանութեան համար ( ՀԱՅ. 518), եւ ոչ ալ կը յիշէ, թէ ինչ օգնութիւն տեսաւ Լատիններէն, որոնց այնչափ յարած էր: Վերագոյն պատմեցինք Հեթումի Թաթարներուն տուած այցելութիւնը, ուր գտնուեցաւ Պայտունի իյնալուն եւ Ղազանի բարձրանալու միջոցին 1189), ինչ որ յաշնանային ժամանակն տեղի ունեցաւ ( ՕՐԲ. Բ. 218), եւ ասկէ կրնանք հետեւցնել, որ Հռոմկլայի իյնալէն ետքն էր, որ Հեթում Արեւելք գնաց, Թաթարներու հետ բարեկամութիւնը պնդելու եւ Եգիպտացւոց դէմ օգնութիւն փութացնելու համար:

1193. ԳԵՐՈՒԹԻՒՆՔ ԵՒ ԱՂԷՏՔ

Սոսկալի եղաւ Հռոմկլայի առնուելուն աղէտը, զոր ժամանակակիցներ Երուսաղէմի կործանումին կը նմանցնեն: Բոլոր ապարանքներ կործանեցան եւ եկեղեցիներ կոխան եղան, որոնցմէ Թովմաս Հռոմկլայեցի քահանայն անունով կը յիշէ Ս. Գրիգոր, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Փրկիչ շքեղաշուք եւ գերապայծառ սուրբ տաճարները, բնակիչները ի պէս պէս մահս ջարդուեցան, եւ շատ շատեր ի գերութիւն վարեցան ( ԹՂԹ. 537): Գերի ինկողներուն մէջ էին եւս Ստեփանոս կաթողիկոս, 12 եպիսկոպոսներ, բազում քահանաներ եւ սարկաւագներ: Կոտորածին չափ մեծ եղաւ աւարառութիւնն ալ, զի կապտեցին, կողոպտեցին զամենայն սպասս եկեղեցւոյն եւ զամենայն ստացուածսն: Եւ այս կարգին կը յիշուին Աջ սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի, եւ գաւազանն եւ աթոռն եւ սեղանն, յորոյ վերայ պատարագէր զՔրիստոս, եւ հողաթափն նաեւ շղարշն` որ է դաստառակ սրբոյն Հռիփսիմեայ, եւ պարեգօտն ներկեալ արեամբ, եւս եւ նշխարք առաքելական եւ հայրապետական եւ ամենայն գլխաւոր մարտիրոսաց ( ՕՐԲ. Բ. 190), ինչպէս նաեւ հռչակաւոր Նշանն սուրբ Վանկոյի ( ԹՂԹ. 537): Հարկաւ այդ սրբութեանց մեծահարուստ մասնատուփերն կամ պատեանները էին որ աւարառուներու քաղցը շարժեցին, բայց կրնային ալ յուսալ որ թանկագնոյ զանոնք քրիստոնեաներուն վաճառեն: Երբ որ Ստեփանոս կաթողիկոս Աշրաֆի առջեւ կը հանուի, սուլտանը դիտել կու տայ, որ իրենք հարիւր տարիէ իվեր Հռոմկլային գրաւման կ՚աշխատէին եւ չէին յաջողէր, եւ կը հարցնէ թէ ընդէր եղեւ այս, զի այժմ ի քո կաթողիկոսութեան այսպէս դիւրաւ առաւ ի մէնջ: Կաթողիկոսը խոնարհաբար կը պատասխանէ, թէ կ՚երեւի որ վասն մեղաց մերոց եղեւ, եւ սուլտանը վրայ կը բերէ, թէ իրաւ ալ ինքը երեք անգամ յուսահատելով ետ դառնալ կը մտածէր, բայց երեք անգամ ալ արգիլուեցաւ, որով յայտնի կ՚ըլլար թէ Աստուածն ձեր մատնեաց զձեզ եւ զբերդդ ի ձեռս իմ ( ՕՐԲ. Բ. 191): Պատմիչն այդ խոսքերը յիշելով, անուղղակի կ՚ուզէ ակնարկել Հեթումի հետեւած լատինամիտ կամ հռոմէադաւան ուղղութեան: Աշրաֆ Հռոմկլային մէջ բերդապահներ դնելէ, եւ ամրութիւններուն նորոգուիլը հրամայելէ ետքը, երբ կը պատրաստուէր առջեւ երթալ, եւ ջնջել ամենեւին Կիլիկիոյ թագաւորութիւն ( ՀԱՅ. 519), ետեւէն լուր եկաւ թէ Եւրոպացի բանակ մը հասած է Եգիպտոս եւ Աղէքսանդրիան պաշարած: Եկողները Նիկողայոս պապին յորդորներուն վրայ ճամբայ ելլող խաչակիրներն էին, որուն համար ալ Հեթում յատուկ խնդրանք հասուցած էր պապին քանի մը Փրանկիսկեան կրօնաւորներու դեսպանութեամբ ( ԿԱԼ. 416): Այս պատճառով Աշրաֆ ստիպուեցաւ Կիլիկիոյ արշաւանքը ետ թողուլ, եւ իր երկրին պաշտպանութեան դիմել, որով կ՚ըսէ Հեթում, իսկ մեք շնորհիւ պահեալ եղաք, որպէս ճնճղուկք յորսոյ զերծաք ( ՀԱՅ. 519): Աշրաֆ Հռոմկլայի գերիները եւ աւարները մէկտեղ կը տանէր, Դամասկոսի մէջ ցուցանէր քաղաքացեացն զկաթողիկոսն շրջեցուցանելով ընդ հրապարակսն, եւ Եգիպտոս հասնելով կը բանտարկէր երկաթի կապանօք ( ՕՐԲ. Բ. 191):

1194. ԱՐԿԱԾԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Սմբատի շարունակողը Հռոմկլայի առումը եւ Ստեփանոսի գերութիւնը պատմելէն ետքը կ՚աւելցնէ. Կարծեմ թէ յանիրաւ իրաւանց եղեւ, վասն տէր Կոստանդեայ աքսորելոյն, զի այս ամէնս վասն նախանձու եղեւ ( ՍՄԲ. 126), եւ գործուած անիրաւութեան հանդէպ` աստուածային պատիժ մը կը համարի վերահաս արկածը: Միեւնոյն միտքը առանց երկուանաց յայտնած էր Օրբելեան, երբոր Հռոմկլայի առնուելուն պատմութիւնը կը սկսէր ըսելով, թէ բարկացաւ Տէր ի վերայ Ասքանազեան ազինս Հայոց, յիշեաց զզրպարտութիւնն Կոստանդեայ, եւ զարթեաւ ի վրէժխնդրութիւն իւրոյ եկեղեցւոյն ( ՕՐԲ. Բ. 190): Իսկ պատմութիւնը աւարտելէն ետքը, յուզեալ բարառնութեամբ կը սկսի յանդիմանել անձ մը, զոր` ո՜վ դատաւորդ եւ զրպարտիչդ հայրապետին քո կոչելով, յայտնապէս կ՚ակնարկէ Հեթում Բ. թագաւորին, այլ անունը տալ չի համարձակիր ( ՕՐԲ. Բ. 192), զի դեռ եւս Հեթում կենդանի էր եւ կը թագաւորէր, երբ ինքը կը գրէր ( ՕՐԲ. Բ. 256): Արկածին պարագաներն ալ մանրամասնելով, անոր ըրածը եւ կրած վնասը դէմ դէմի դնելով կը շարունակէ. Զոր դաւ ի Գլխաբացի եկեղեցւոյն արտաքսեցեր, նա ըզքոյդն արտաքսեաց ի մեծ աթոռոյ Հռոմկլային: Զոր դու քո ձեռամբ մերկացուցեր ի զգեստուն, նա մերկացոյց ձեռամբ սուլտանին Մըսրայ զքո եդեալ հայրապետն: Զոր դու ի կապանս եւ ի բանտ առաքեցեր ի Լամբրոն բերդ, նա զքոյն առաքեաց ի կապանս եւ ի բանտ անզերծանելի զընտանին Մըսրայ: Անկէ ետքը եղած կորուստներն ալ թուելով, հայրապետական զարդերը, պատուական թագը, Լուսաւորչի Աջը, կաթողիկոսական գաւազանը, եւ նոյնիսկ աթոռանիստ հայրապետանոցը, կը հառաչէ. Աւա՜ղ անմտութեանս մերոյ, եթէ յորպիսի տուգանս եւ պատուհասս մատնեցաք ( ՕՐԲ. Բ. 192): Այդ սրտառուչ խօսքերը պերճախոս յայտարարութիւններ են այն զգացմանց, որոնք կը տիրէին նոյն ատեններ Կատուկեցիին գահընկեցութեան վրայ, եւ այն աննպաստ տեսութեանց` որով կը նկատուէին Հեթումի եւ Անաւազեցիի լատինամիտ գործերը: Օրբելեան Հռոմկլայի հայրապետանոցին վրայ խօսելով, անոր հիմնարկութիւնը կը վերագրէ Գրիգորիս կաթողիկոսի, որ եւ Վկայասէր կոչեցաւ ( ՕՐԲ. Բ. 192), զոր իզուր սխալ կը կարծէ հրատարակիչը` Գրիգոր Բ. Վկայասէրի վրայ իմանալով ( ՕՐԲ. Բ. 358), զի Օրբելեանի իմացածն նոյն ինքն Գրիգոր Գ. Պահլաւունին է, Ներսէս Շնորհալիի եղբայրը ( ՕՐԲ. Բ. 193), որուն Վկայասէր ալ կոչուած ըլլալը իր տեղը յիշած ենք 953): Իսկ հայրապետական աթոռին Հռոմկլայի մէջ մնալը 140 տարի կը հաշուէ ( ՕՐԲ. Բ. 193), ինչ որ կը համապատասխանէ մեր ժամանակագրութեան ալ, որ 1149-ին դրինք անոր սկիզբը 944), եւ անկէ մինչեւ 1292, ճիշդ 143 տարի անցած է: Իսկ Հռոմկլայ նստող հայրապետները կը համրէ տասն ինչպէս որ մենք ալ դրինք, Պահլաւունիէն մինչեւ Հռոմկլայեցին, երկու ծայրերն ալ մէջը համրելով:

1195. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՄԱՀԸ

Որչափ ալ Աշրաֆ հապճեպ ետ դարձաւ, սակայն Կիլիկիոյ մէջ ահ ու դողը չվերջացաւ, մանաւանդ երբ լսուեցաւ, թէ Աշրաֆ յաջողեցաւ Աղեքսանդրիոյ վրայ յարձակող Եւրոպացիները վանել, որով ահիւ եւ դողալով էր հանապազ ի լսելիս ամենեցուն` հռչակ երկիւղի գալստեան նորա, եւ յոյժ նեղութիւնս եւ ի տառապանս էր յայսմ ամի ազգս Հայոց, ինչպէս կը գրէ Բաղնեկունքցի Նորոզէ քահանայ 1292-ին ( ԹՈՐ. Բ. 436): Սակայն Աշրաֆի չյաջողեցաւ յարձակումը նորոգել, որովհետեւ սպանաւ ի ծառայէ իւրմէ, որ ակն ունէր սուլտանանալ, այլեւ ինքն յայլոց սպանաւ, եւ սուլտանութիւնը անցաւ Մէլիքնազիրի, կամ Նասըր-Մուհամէտի, Աշրաֆի եղբօր: Բայց քանզի կարի մանուկ էր, խնամակալ անուանուեցաւ Կիպողա, կամ Քէթպողտ թաթարը, որ ծառայ գնեալ եղած էր, բայց Նասըրը բանտարկել տալով, սուլտանութիւնը սեփականեց Մէլիքհատէլ կամ Մէլիք-էլ-Ատիլ անունով: Այդ եղելութիւնք տեղի ունեցան 1293-ին, որ տարին եղեւ այնչափ սով, զի ամենայն Սարակինոսք մեռանէին, եթէ քրիստոնեայք առ սէր շահից չյաճախէին պարէնս ( ՀԵԹ. 74): Այդ պարագաներուն կ՚ակնարկէ Հեթում թագաւոր, երբ Եգիպտացիներուն վրայ խօսելով կ՚ըսէ, թէ այժմ կան դեռ հարուածեալք, անձամբ յանձինըս բաժանեալք, իսկ մեք շնորհիւ պահեալ եղաք ( ՀԱՅ. 519): Այդ խառնակ միջոցին էր որ երջանիկ եւ փառաւորեալ կաթողիկոսն Ստեփանոս, ինչպէս Օրբելեան կը կոչէ Հռոմկլայեցին, եղեալ ամ մի ի բանտի վախճանեցաւ ի նմին: Եգիպտոսի մայրաքաղաքին Քայիրի կամ Գահիրէի մէջ եղող քրիստոնեաներ, զորս տեղացի Ղփտիներէն աւելի այնտեղ գտնուող Հայերուն վրայ ի դէպ է իմանալ, յաջողեցան հրաման ստանալ բանտարկեալ կաթողիկոսին արժանաւոր թաղումն ընելու, եւ տարան յեկեղեցին Հաբաշի Ասորեացն, եւ այն տեղ պատուով եդին ի հանգստի ( ՕՐԲ. Բ. 192): Որոշ տեղեկութիւններ կը պակսին յիշուած եկեղեցիին եւ Ստեփանոսի գերեզմանին վրայ, իսկ մահուան թուականը պէտք է նշանակել 1293, գերութենէ տարի մը ետքը: Օրբելեանի կողմէ տրուած պատուաւոր կոչումները նորէն կը հաւաստեն, թէ ամէնուն համոզմամբ Ստեփանոս մասնակցած չէր Կատուկեցիին դէմ գործուած անիրաւութեան, թէ անիկայ թէպէտ պարզամիտ անապատական, հլու գործիք ալ չեղաւ Անաւարզեցիին ձեռքը 1130), եւ թէ պարզապէս անմեղ զոհ մը եղաւ ուրիշներու ապօրինի գործունէութեան: Անտարակոյս է, որ իբր սրբակրօն անապատաւոր մը, համբերութեամբ կրեց նա նաեւ շղթայակապ բանտարկութիւնը, եւ գրեթէ մարտիրոս մը եղաւ իր բազմաչարչար վախճանովը, եւ միայն Կալանոսի պէս մոլեռանդի մը անօրինակ զգացումը կրնար գրել, թէ առեալ յաստուածային բարկութենէն զպատիժ հպարտութեան իւրոյ, մեռաւ ի ներքոյ թշուառական եւ դառնալի ծերութեան ( ԿԱԼ. 416):