Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բայց եթէ միայն մեզի հասած պատմական տեղիքներու վրայ հիմնուելով դատենք Հայաստանի Վարդապետներուն այս խիստ պահպանողականութեան աններող արտայայտութիւնները, չափազանց նախանձախնդրութենէ աւելի բան մը պիտի չգտնենք ատոնց մէջ. որովհետեւ Հայոց Եկեղեցւոյն թէ՛ յոյն եւ թէ՛ լատին եկեղեցիներու միջեւ մշակուած մերձեցումի յարաբերութիւնները եթէ դատենք իրենց հետեւանքէն՝ պէտք է խոստովանիլ որ անիրա՛ւ են արեւելեան վարդապետներ. վասն զի այսօրուան Հայ Եկեղեցին իր պաշտամունքին ու արարողութեանց կարգուսարքով, որ ամէն տեղ ընդհանրացած է եւ նոյն է, ժամանակին տեղի ունեցած աղմուկները եւ վրդովմունքները չեն արդարացներ։ Հայց. Եկեղեցին իր նկարագիրը եղծող բան մը չէ զոհած յոյն եւ լատին եկեղեցիներուն՝ իր միութենական շարժումներուն եւ ձեռնարկներուն մէջ։ Նոյն իսկ թունդ լատինամիտ Անաւարզեցիի կարգադրութիւններէն միմիայն մնացած է Մեծացուսցէ շարականներուն ամէնօրեայ ասմունքը, մինչ յառաջագոյն միայն Կիրակի օրերը կ՚երգուէին ատոնք։
       Ուրեմն պէտք է ենթադրել թէ աւելի զօրաւոր պատճառներ մը կային դէպի լատինականութեան առնուած քայլերու մէջ որ արեւելեանք կը վրդովէին եւ շատ ձայն կը բարձրացնէին։ Եւ ստուգիւ Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիին առ Հեթում Ա. գրած թուղթին մէջ, 1248ին, իբրեւ պատասխան Իննովկենտիոս Դ. ( Տե՛ս Գիրք Թղթոց, էջ 503-509), պապի մէկ թուղթին ինչպէս նաեւ Գրիգոր Անաւարզեցիի առ Հեթում Բ. գրած նշանաւոր թուղթին մէջ ( Տե՛ս Կղեմէս Կալանոսի Միբն. Հայոց Ս. Եկեղեցւոյն, ընդ մեծի Ս. Եկեղեցւոյն Հռովմայ, Ա. Հատոր, էջ 435-450), Հայոց Եկեղեցւոյն դէմ բանադրանքի եւ կապանքի ակնարկութիւններ մը կան։ Դժբախտաբար մեզի չէ հասած, Իննովկենտիոս Դ. Պապին այն թուղթը, որուն պատասխանած է Կոստանդին Կաթողիկոս, հնգետասան սխալներ ի վեր հանելով ատոր մէջ։ Վերջապէս գիտենք Մխիթար Սկեւռացիի Պատասխանիքէն, գրուած 1262ին, թէ Ուրբանոս Գ. Պապի Լեկաթը կամ ներկայացուցիչը ի՛նչպիսի ամբարտաւանութիւններով կը յոխորտայ Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիի հասցէին եւ անոր պատկառելի պատգամաւորութեան երեսն ի վեր։
       Այս չլուսաբանուած տեղիքներ իրաւունք կուտան մեզի ենթադրել թէ արեւելեան վարդապետներ մեզի ծանօթներէն շատ աւելի զօրաւոր պատճառներ եւ ապացոյցներ ունէին, երբ կը ծառանային Կիլիկիոյ Դարպասին եւ Կաթողիկոսարանին դէմ, եւ վերջապէս կ՚որոշէին վերահաստատել Աթոռը Էջմիածնի մէջ։