Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա .
       Ջուղայեցիի աշակերտին եւ յաջորդին կենսագրութենէն քանի մը կարեւոր գիծեր միայն հասած են մեզի, այն ալ ասդին անդին ցրուած, Ձեռագրաց յիշատակարաններուն մէջ. իսկ անոր նկարագրին վրայ անվերապահ գովեստներ արձանագրուած են պատմութեան մէջ։
       Յովհաննէս Դ. Անթէպցի , հետեւցնելով թէ՛ իր գրածներէն եւ թէ՛ իր մասին գրուածներէն, եղած է շնորհքով պատրաստուած կրօնաւոր մը։ Յովհաննէս կը ներկայանայ պատմութեան մէջ իր շեշտուած հոգեւոր նկարագրով, իբրեւ գիրքի եւ գրչի մարդ, իբրեւ բազմաշակերտ ուսուցիչ, իբրեւ գործունեայ առաջնորդ՝ իր պաշտօնին եկեղեցական եւ վարչական ճիւղերուն մէջ։
       Ջուղայեցիի վրայ գրելու ատեն մենք տեսանք արդէն Անթէպցին, որ նախ Հռոմ ղրկուեցաւ կարեւոր պաշտօններով, եւ յետոյ Երուսաղէմի պարտքերուն վճարման աշխատութեան մէջ շատ գործունեայ դեր մը ունեցաւ. նախ Սեբաստիոյ թեմին մէջ հանգանակութիւն կատարեց ի նպաստ Երուսաղէմի եւ 500 կարմիր ոսկի ձեռք բերաւ, եւ յետոյ Ջուղայեցին զինքն նշանակեց պետ ա՛յն պատգամաւորութեան, զոր ղրկեց Երուսաղէմ, ուր վճարեց Ս. Յակոբին պարտքերը, մաքրագործեց մայրավանքը, կարգ ու կանոն դրաւ հոն , վերադարձաւ Հալէպ եւ իր գործունէութեան մանրամասն հաշիւը ներկայացուց Ջուղայեցիին եւ վերջապէս դժբախտութիւնն ունեցաւ իր իսկ ձեռքով հողին յանձնելու մահտարաժամի զոհուած իր սիրելի վարդապետին մարմինը։
       Չունինք Անթէպցիի մանկութեան ու պատանութեան վրայ տեղեկութիւններ։ Եթէ ենթադրութեամբ մը նշանակել ուզենք թուականը իր ծննդեան , հաւանաբար 1550ին շուրջ պէտք է դեգերիլ, մտածելով որ 50 տարեկանին կաթողիկոսացած ըլլայ իր ուսուցչին պէս։ Միւս կողմէն սակայն Ս. Յակոբի Թիւ 516 (582) Ձեռագրի յիշատակարանին մէջ իր իսկ ձեռքով տուած է ընտանեկան տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն ինքն Անթէպցի է եւ իր ծնողքն են Յակոբ եւ Թամամ. ունեցած է երեք եղբայր, որոնց երկուքը մեռած են տարաժամ մահով, իսկ երրորդը, Առաքել, ողջ է 1586ին ։
       Յովհաննէս Դ. թէեւ ծնած է Անթէպ, բայց իր մանկութենէն սնած եւ ուսած է Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ, աշակերտելով, ըստ Չամչեանի, նախ Խաչատուր Բ. ի, թերեւս շատ կարճ ժամանակ մը, եւ յետոյ Ջուղայեցւոյն՝ երկա՜ր ատեն . վասն զի Անթէպցին կը պարծի իբրեւ աշակերտ Ջուղայեցւոյն եւ ոչ թէ Խաչատուր Բ. ի։ Անթէպցին իր կաթողիկոսութենէն յառաջ շատ գործունեայ կեանք մը ունեցած է, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ եւ դուրսը, կոչուելով այլեւայլ կարեւոր պաշտօններու։ Ասոնց մէջ, ժամանակագրական կարգով, առաջինն է իր Հռոմ երթը Ջուղայեցիի կողմէն։ Այս վերջնոյն վրայ գրելու ատեն մենք տեսանք թէ Վատիկանի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին միջեւ բանակցութիւն տեղի կ՚ունենար Սիդոնի եպիսկոպոսին միջնորդութեամբ։ Երկիրը խաղաղ չէր քաղաքականօրէն, ձորապետներ իրենց հրոսակներով կ՚ասպատակեն ամէն կողմ. հայ ժողովուրդը մասնաւորապէս կը հարստահարուէր Էջմիածնէն մինչեւ Սիս, Փոքր-Ասիոյ եւ Կիլիկիոյ բոլոր տարածութիւններուն վրայ, քամուելով նիւթապէս եւ բարոյապէս։ Ճէլալիներու բռնութիւններն ու հարստահարութիւնները մա՛նաւանդ ահուսարսափի մատնած էին երկիրը։ Քաղաքական այսպիսի պայմաններու մէջ էր երկիրն ու հայ ժողովուրդը, երբ Սիդոնի եպիսկոպոսը հրահանգ կ՚ստանար Հռոմէն աշխատելու որ հայ եւ ասորի եկեղեցիները յորդորէ միանալու Հռոմի եկեղեցւոյն հետ։ Մենք այս անցուդարձերը պատկերացուցինք Խաչատուր Բ. ի եւ Ջուղայեցիի վրայ գրելու ատեն, եւ տեսանք թէ հայք, իբրեւ պայման, ի՞նչ պատասխան տուին Սիդոնի եպիսկոպոսին Հռոմի եկեղեցւոյն հետ միանալու համար. - ամէնէն յառաջ ազատեցէք մեզ, ըսին, սա՛ հարստահարութիւններէն, մնացածը դիւրին է։
       Ջուղայեցին, որ Խաչատուր Բ. ի ատենէն եւ անոր անունով, շատ մօտէն զբաղած էր միութեան խնդրով եւ բանակցած Սիդոնի եպիսկոպոսին հետ, կ՚ուզէր անձամբ երթալ Հռոմ եւ ուղղակի տեսակցիլ Պապի հետ միութեան մասին, բայց անկարելի եղաւ այդ. հետեւաբար, իր կաթողիկոսացումէն անմիջապէս ետքը գրեթէ, իրեն տեղ Անթէպցին ղրկեց Հռոմ, Գրիգոր ԺԳ. Պապին։ Ջուղայեցին այս առթիւ Պապին ուղղեալ նամակին մէջ սա՛ բառերով կը ներկայացնէ իր պատգամաւորը. - Յովհաննէս եպիսկոպոս իմ եղբայրս է , հասկացող եւ քարոզող մարդ, պզտիկուց մեծցած է պարկեշտ վարքով, ճգնաւորի մը նման. - Ճորովեցայ ի յընտրել զիմ եղբայր վարդապետն Յովհաննէս եպիսկոպոսն հասկացող եւ քարոզող եւ պարկեշտ վարուք ճգնութեամբ ի փոքունց (Պալճեան, էջ 309)։
       Անթէպցին այս առթիւ քանի մը հայ պատանիներ ալ պիտի զետեղէր Հռոմի դպրոցին մէջ եւ պիտի հսկէր հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան գործին, եթէ Պապը ձեռնարկէր ատոր, պիտի սորվէր նաեւ Նոր Տոմարը։
       Ի՞նչ եղաւ ելքը այս պատգամաւորութեան. - թէեւ լուռ է պատմութիւնը այս մասին, բայց հաւանական է որ Անթէպցին յուսախաբ եղաւ՝ մօտէն դիտելով մեծահամբաւ Հռոմի անկարողութիւնը հանդէպ իրենց հեռուներէն տածած յոյսերուն. թերեւս իր տարած հայ պատանիներ ընդունուեցան դպրոց, ինքն ալ սորվեցաւ Նոր Տոմարը, բայց ինչպէս որ դիտել տուինք նախորդ գլխուն մէջ, հզօրն Հռոմ հայերէն Աստուածաշունչ մը անգամ չկրցաւ տպագրել՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը գոհացուցած ըլլալու համար. իսկ միութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները մնացին Սիդոնի եպիսկոպոս Լէոնարդոյի ծանօթ տեղեկագրի սահմանին մէջ։
       Անշուշտ շատ մեծ լոյս պիտի սփռէր տեղեկութիւն մը նոյն ինքն Անթէպցիի գրչէն իր պատգամաւորութեան ելքին վրայ, որ թաղուած կը մնայ պատմութեան մթութիւններուն մէջ. այնպէս որ ինծի ծանօթ յիշատակարաններու մէջ նոյնիսկ ոեւէ ակնարկութիւն չկայ Անթէպցիի դէպի Հռոմ ըրած ուղեւորութեան մասին։
       Անթէպցիին, իր կաթողիկոսութենէն յառաջ, կատարած երկրորդ պաշտօնն է Սեբաստիոյ մէջ իր ըրած հանգանակութիւնը ի նպաստ Երուսաղէմի եւ Ջուղայեցիի կողմէն իր առաքումը Երուսաղէմ, պատգամաւորութեան մը գլուխը, պարտքերու վճարման համար։
       Այս մասին ալ գրեցինք արդէն երբ պատմեցինք Երուսաղէմի պարտքերը վճարելու համար Ջուղայեցիին կազմակերպած համազգային հանգանակութիւնը եւ ըրած կարգադրութիւնները։
       Անթէպցին շատ մօտիկ յարաբերութիւն ունեցած է Սեբաստիոյ հետ։ Ի նպաստ Երուսաղէմի իր ըրած հանգանակութեան առթիւ այսպէս կը գրէ. - «Սոյնպէս եւ ես նուաստս Յովհաննէս վարդապետս Անթէպցի , աշակերտ նորին (=Ջուղայեցւոյ ) ի Սեբաստիոյ եկեալ առ ինքն ի Հալապ , հինգհարիւր կարմիր ոսկիով Սուրբ Երուսաղէմայ համար»։
       Այս տողերէն այնպէս կ՚ուզեմ հետեւցնել թէ Անթէպցին պաշտօնով մը Սեբաստիա կը գտնուի շարունակ, թէեւ որոշ չէ այդ պաշտօնը։ Դարանաղցին երկու յիշատակութիւն ունի Անթէպցիի մասին, որոնք կ՚ուժաւորեն ենթադրութիւնս։ Նախ Ճգնիկ Յակոբ վարդապետի համար կ՚ըսէ թէ Սեբաստիա գնաց եւ հո՛ն աշակերտեցաւ Յովհաննէս վարդապետին, որ յետոյ կաթողիկոս եղաւ (Դրնղցի. էջ 336)։ Ապա կը պատմէ դէպք մըն ալ որ կը պատահի Սեբաստիոյ Բռգնիկ գիւղին մէջ, եւ Յովհաննէս կաթողիկոս, այն ատեն «դեռ վարդապետ », հո՛ն կը գտնուի։ Իսկ դէպքն է Կարմիր Արախճին մականունով Վարդան Աբեղայի մը պատժուիլը Անթէպցիին ձեռքով։ Այս աբեղայն, առանց ունենալու պէտք եղած ուսումը եւ ստացած ըլլալու վարդապետական ճշմարիտ գաւազան, իբրեւ վարդապետ կը շրջի եւ կը շահագործէ եղեր վարդապետութիւնը. այդ հանգամանքով կը մտնէ նաեւ Սեբաստիոյ վիճակը եւ Բռգնիկի մէջ կը հանդիպի Անթէպցիին, որ երեւան կը հանէ անոր տգիտութիւնը, կը խայտառակէ զայն եւ իր իսկ ձեռքով կը պատժէ, եւ յետոյ զայն կը տանի Ս. Նշան վանքը որպէսզի քաղաքային իշխանութեան յանձնէ խաբեբան, բայց վանքին եպիսկոպոսին ու տօլւաթաւորներուն խնդրանքին վրայ չ՚առներ այդ քայլը, այլ կ՚առնէ անոր ձեռքէն ինչ որ ունի եւ վանքին կուտայ զանոնք, եւ կը պատուիրէ անոր որ ոեւէ տեղ չներկայանայ իբրեւ վարդապետ եւ չխօսի եկեղեցիներու մէջ. եթէ լսեմ չար համբաւդ, կ՚սպառնայ Անթէպցին, թուղթ կ՚ուղարկեմ ուր որ ալ գտնուիս, եւ պատժել կուտամ քեզ (Դրնղցի. էջ 418-19)։ Պիտի տեսնենք նաեւ որ Անթէպցին Սեբաստացի աշակերտներ ալ ունի, որոնք կ՚երեւի թէ նոյն իսկ Սեբաստիայէն սկսելով աշակերտած են իրեն եւ հետեւած են իր կաթողիկոսութեան ատեն ալ։
       Անթէպցիին Սեբաստիոյ հետ ունեցած այս յարաբերութիւնները պատահական չեն թուիր ինձ. պաշտօն մը ունեցած է այդ կարեւոր քաղաքին մէջ. թէեւ չեմ կրնար ճշդել առ այժմ թէ ի՛նչ էր այդ պաշտօնը։ Ուսուցի՞չ էր արդեօք կամ նուիրակ, - թերեւս երկուքը միանգամայն։ Աւելի Առաջնորդ եղած է պիտի ըսէի, բայց իր անունը կը պակսի Սեբաստիոյ Առաջնորդներու գաւազանին մէջ ։ Յայտնի է սակայն որ կարեւոր դիրք մը եւ պաշտօն մը ունի Անթէպցին Սեբաստիոյ մէջ։
      
       Բ .
       Անցնինք իր կաթողիկոսութեան։
       Անթէպցին իր իսկ գրչով արձանագրելէ ետքը Սեբաստիայէն գալը Հալէպ, Երուսաղէմ երթալը, վերադարձը Հալէպ եւ Ջուղայեցիին տարաժամ մահն ու թաղումը 1601ին (Յունիս 2), կ՚ըսէ. «Եւ այսպէս զկնի հինգ ամսոյ եւ ես ելի ի Հալպայ , եկի յԱտանա մխիթարել զաթոռակալ քահանայսն եւ զիշխանսն Կիլիկեցւոյ , որ աստ Ատանա ժողովեալ էին. (զ)որ եւ զկնի բազմադիմի մխիթարական բանից , ապա կուտեալ բոլոր բնակիչք գաւառիս ի վերայ իմ թէ մի (?) վասն Աստուծոյ առաջնորդ հայրենի աթոռոյ քո (?). վասն զի եւ ես ի սոյն աթոռս էի վարժեալ ի մանկութենէ . եւ այսպէս հարկիւ արկին զանձն իմ ի լուծս աստուածային եւ հաւանեցուցին կրկին շինութիւն առնել Սուրբ Լուսաւորչի Աթոռոյն . որ եւ ողորմութեամբն Աստուծոյ բարձաք զՍուրբ Աջն , այլ սրբութեամբն , հանդերձ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ , որք եւ էին ընդ իս Ստեփանոս Եպիսկոպոսն Ատանայ եւ Մկրտիչ Եպիսկոպոսն Զէյթընոյ , Սարգիս Եպիսկոպոսն Հաճնոյ , եւ այլ քահանայք եւ իշխանք , զոր բերեալ հասուցաք իւր բնական հանգիստն , եւ կարողութեամբն Աստուծոյ , աղօթիւք եւ օրհնութեամբ նստուցին ի հայրապետական աթոռ զնուազեալ եւ զվերջին ծնունդն եկեղեցւոյ , զիս՝ զՅովհաննէս վարդապետս , թվին ՌԾ (=1601)։ Որ եւ կարողութեամբն Աստուծոյ , շինութեամբ եւ նորոգութեամբ կատարեցաւ ամենայն ինչ» (Զմմառի Թիւ 331 Ձեռագրի յիշատակարանէն)։
       Իսկ Սիսի Մաշտոցին մէջ այսպէս յիշատակագրած է իր կաթողիկոսացումը.
       -«Ես նուաստ Յովհաննէս վարդապետս Անթպցի շնորհաւք եւ ողորմութեամբն Աստուծոյ , նստեալ աթոռ հայրապետութեան Սըսայ ի մեծ թվին Հայոց ՌԾԱ * դեկտմբ . Հոռոմոց Ի . աւուր կիրակէի». այսինքն՝ 1602 Դեկտեմբեր 20, կիրակի օր։
       Թէ Անթէպցին ինչե՞ր ըրաւ կաթողիկոսանալէ ետքը, ի՞նչպիսի գործերով եւ խնդիրներով զբաղեցաւ. - այս հարցումներուն ուղղակի պատասխան մը չենք գտներ իր յիշատակարաններուն մէջ, բացի իր սա հաւաստումէն թէ «որ եւ կարողութեամբն Աստուծոյ, շինութեամբ եւ նորոգութեամբ կատարեցաւ ամենայն ինչ ». այսինքն՝ Սիսի մայրավանքին մէջ նոր շէնքեր շինուեցան եւ հիներն ալ նորոգուեցան։ Սիս, իբրեւ կաթողիկոսարան, իր մայրավանքով, նշաւակ եղած է ձորապետներու եւ բռնաւորներու զօշաքաղութիւններուն, ինչպէս նաեւ բնական անխուսափելի վնասներու, անձրեւի եւայլնի հետեւանքով։ Աջը եւ ուրիշ սրբութիւններ Ատանայի մէջ կը պահուին , հարստահարիչներու ձեռքէն ազատելու համար, կաթողիկոսներ ստիպուած են Հալէպ նստիլ, եւ ի հարկէ այս պայմաններու մէջ, երբ Անթէպցին Սիս հասաւ կաթողիկոսանալու համար, տեսաւ թէ մայրավանքը պէտք ունէր իր շինարար խնամքին, եւ ըրաւ ինչ որ կարելի էր։ Հաւանաբար իր համեստութենէն չէ տուած աւելի մանրամասնութիւն, եւ բաւականացած է արձանագրելով թէ Աստուծոյ կարողութեամբ ամէն բան եղաւ շինութեան եւ նորոգութեան կողմէն։
       Սակայն ներքին եւ արտաքին կարեւոր դէպքեր տեղի ունեցան Անթէպցիին կաթողիկոսութեան ընթացքին։
       Ներսէն՝ ամէնէն կարեւոր դէպքն է Հալէպի մէջ Պետրոս Կարկառեցիին կաթողիկոսացումը. այս դէպքը այնքան կարեւոր է որ թէ՛ Անթէպցին եւ թէ՛ բոլոր Կիլիկեցիք լրջօրէն զբաղեցան ատով. ո՛չ միայն անոր համար որ կաթողիկոսութիւնը երկուքի կը բաժնուէր այդ կերպով, այլ նաեւ այն պատճառով որ Կարկառեցին աննշան դէմք մը չէր։ Ժամանակին նշանաւոր վարդապետներէն մէկն էր ան, որ աջակից եղած էր Ջուղայեցւոյն, Երուսաղէմի հանգանակութեան մէջ, եւ ինչպէս որ կ՚ենթադրենք, բարեկամն էր Անթէպցիին, վերջապէս շնորհքով անձնաւորութիւն մը, որ կ՚երկպառակէր եւ կը տկարացնէր կաթողիկոսական իշխանութիւնը։ Խնդիրը կերպով մը կարգադրուեցաւ յետոյ՝ Գրիգոր Կեսարացիի միջնորդութեամբ եւ Կարկառեցիին ալ վախճանումով վերջացաւ երկպառակութիւնը, ինչպէս որ պիտի տեսնենք յաջորդ գլխին մէջ։
       Դուրսէն ալ, դիտել տուինք արդէն, երկիրը մատնուած էր քաղաքական անիշխանութեան։ Ճէլալիներէն հրոսակ մը կ՚ասպատակէր Ատանան եւ Սիսը, տեղացի ձորապետներն ու բռնաւորները նուաճելու համար։
       Տեսանք թէ Ջուղայեցիի ատեն Ճէլալիներէն Սաթուրճի Օղլուն կը յարձակէր Ատանայի եւ Սիսի վրայ՝ Մոհտի օղլուները նուաճելու եւ երկիրը կողոպտելու համար։
       Իսկ Անթէպցիի ատեն ալ դարձեալ Ճէլալիներէն Դաւիլն էր որ կը յարձակէր Սիսի եւ Ատանայի վրայ նուաճելու համար տեղացի բռնաւորները եւ կողոպտելու համար երկիրը։
       Դաւիլի արշաւանքը, ըստ Անթէպցիի, տեղի կ՚ունենայ 1605ին, երբ ինքն, Սիսի մայրավանքին շինութիւններն ու նորոգութիւնները աւարտելէ ետքը, թեմական այցի ելած էր, եւ այդ միջոցին կը գտնուէր Կեսարիա, ուրկէ կը վերադառնայ Ատանա 1605ի աւագ տօներուն եւ կը մնայ հոն։ Եւ ահա մեծպահոց երկրորդ շաբթուն վերջը Դաւիլ յանկարծ կը հասնի Մամեստիա եւ անկէց ալ Ատանա։ Ատանացիք կը դիմադրեն Դաւիլին, բայց չեն կրնար յաղթել. երկու կողմէն իրարու զարնուելով կը հասնին Ատանայի Կարմնջայ Դուռը, ուր Դաւիլ մարտկոցներ կը շինէ եւ կ՚ամրանայ։ Լեռնցի զինուորներ, որ «Սօխթայք անուանէին », օգնութեան կը հասնին Ատանացիներուն եւ օր մը առտուն կանուխ կը յարձակին Դաւիլի մարտկոցներուն վրայ, կը ցրուեն զանոնք եւ կը մատնեն փախուստի Կարմնջէն անդին, բայց քաղաքացի (Ատանացի ) զօրքեր անխոհեմօրէն Սօխթաներուն ետեւէն կ՚երթան աւար ընելու ցանկութեամբ, փոխանակ անոնց հետ միացած կռուելու թշնամիին դէմ, որ օր մը, արեւածագին յետադարձ յարձակում մը կը գործէ կատաղութեամբ , կը զարնէ Սօխթաները, կ՚անցնի գետը, որուն ջուրը շատ քաշուած էր այդ միջոցին, կը գրաւէ մարտկոցները, եւ կը մտնէ Պաղջա Միջին։ Օրը Ծաղկազարդ է, Դաւիլ մինչեւ երեկոյ չի մտներ քաղաքը, բայց կը մտնէ հետեւեալ Աւագ Երկուշաբթի օրը, կ՚աւրէ եւ կ՚աւերէ ամէն կողմ, եւ կը նստի քաղաքի մեծ հրապարակը («Մայտան »)։ Սօխթաներ՝ միայն իրենց նշանաւորներէն 80 զոհ կուտան այս կռիւի մէջ, թող աննշանները, կ՚ըսէ Անթէպցին, որոնք բազմաթիւ էին։
       Ատանայի բոլոր երեւելիները կը լքեն իրենց տուներն ու ստացուածները եւ կ՚ապաւինին միջնաբերդը, ժողովուրդը անոնց կը հետեւի. Սիսեցիներն ալ կը մտնեն բերդը, բայց շատեր դուրս կը մնան։
       Նոյն ինքն Անթէպցին ալ կ՚ստիպեն Սսեցիք որ բերդ մտնէ, բայց սա չ՚ուզեր, այլ սուրբ Աջերուն եւ միւս սրբութիւններուն արկղը Աջապահ Մհի. Մինասին հետ կը ղրկէ բերդը, եւ ինքն դուրսը կը մնայ մինչեւ գիշերուան առաջին պահը՝ շուարուն եւ լալագին, եւ օգտուելով Կամուրջի Դրան բացուելէն, «ի խնամսն Աստուծոյ յուսացեալ », իր աշակերտներուն հետ կ՚ելլէ Ատանայէն, եւ մոլար ճամբաներով կը հասնի իր աթոռը , Սիս։
       Դաւիլ երեսուն օր կը մնայ Ատանա, կը կողոպտէ քաղաքը, իսկ միջնաբերդ ապաստանող քրիստոնեաներուն գլխագին կը կտրէ, կը գանձէ զանոնք եւ կը հեռանայ մեծ աւարով։
       Անթէպցիի կաթողիկոսութեան ընթացքին կատարուած ուրիշ կարեւոր դէպք մըն է նաեւ Երուսաղէմի մէջ Պարոնտէր Գրիգորին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։
       Յիշատակարանի մը համաձայն, զոր տեսեր է Սաւալան, Յովհաննէս 1614ին ալ կուգայ Երուսաղէմ, թէ՛ ուխտի եւ թէ՛ շնորհաւորելու համար Պարոնտէրի եպիսկոպոսութիւնը եւ այս առթիւ մեռոն ալ կ՚օրհնէ Ս. Յակոբի մէջ։ Բայց մեզ կը թուի թէ Անթէպցին աւելի ծանրակշիռ պատճառ մը ունէր Երուսաղէմ գալու համար. որովհետեւ ինքն առաջին անգամ չէ որ ուխտի պիտի գար. թերեւս քանի մը անգամ այցելած էր Ս. Յակոբ, եւ մենք այդ այցելութիւններէն մէկը տեսանք արդէն, երբ Ջուղայեցիի կողմէն ղրկուեցաւ Երուսաղէմ պատգամաւորութեան մը գլուխը, պարտքերու վճարման եւ ներքին կարգադրութեանց համար։ Ստոյգ է որ Ջուղայեցիի ատեն Ս. Յակոբ շունչ առած էր պահ մը, իբրեւ հետեւանք պարտքերու վճարման. բայց յաջորդ տաս տասներկու տարիներու ընթացքին դարձեալ ինկած էր պարտքերու ներքեւ եւ կացութիւնը աւելի եւս ծանրացած էր, եւ այս անգամ ալ Բաղիշեցի Մեծն Բարսեղ եւ Վարագի առաջնորդ Մարտիրոս վարդապետ, Արահու կոչուած , ինչպէս նաեւ Գրիգոր Կեսարացի, դարձեալ ազգային հանգանակութեամբ վճարած էին պարտերը, եւ Արդար կոչուած Դաւիթ եպիսկոպոսին տեղ, որ Սիդոնի եպիսկոպոսին տեղեկագրին մէջ յիշուած չորս գիտուն վարդապետներէն մէկն է, դրած էին Պարոնտէրը, զայն եպիսկոպոս ձեռնադրել տալով նոյն իսկ Ս. Յակոբի մէջ, Էջմիածնի Աւետիս կաթողիկոսին, զոր Ջուղայեցի խօճաներ, Պարոնտէրին զօրավիգները, իրենց հետ միասին բերած էին Երուսաղէմ այս նպատակով։
       Պարոնտէրը եպիսկոպոս ձեռնադրելու իրաւունքը Պետրոս Կարկառեցիին էր, որ Հալէպի մէջ կաթողիկոսացած էր, իբրեւ պատրիարք կամ կաթողիկոս Երուսաղէմի, ինչպէս որ պիտի տեսնենք Կարկառեցիին վրայ խօսելու ատեն, բայց սա վախճանած էր 1608ին, որով երկպառակութիւնը ինքնին վերցած, եւ օրինաւոր կաթողիկոսը, Յովհաննէս Անթէպցին, իր աթոռին վրայ էր, եւ ասո՛ր էր Պարոնտէրը եպիսկոպոս ձեռնադրելու իրաւունքը։ Հետեւաբար Աւետիս կաթողիկոսին Երուսաղէմ բերուիլը եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կատարել տալու նպատակով, հանելուկ մը կը դառնայ. բայց մենք կ՚ենթադրենք որ սերտ կապ մը ունի այդ Կարկառեցիին կաթողիկոսացումին հետ, որուն վրայ պիտի խօսինք յաջորդ գլխին մէջ։
       Արդ, պահ մը ընդունելու Սաւալանի տեղեկութիւնը, թէ Անթէպցին 1614ին Երուսաղէմ եկած ըլլայ ուխտի եւ շնորհաւորութեան համար, շատ բանաւոր է ենթադրել որ ան եկաւ նաեւ ցոյց տալու համար որ ի՛նքն է Երուսաղէմի վրայ իրաւասութիւն ունեցողը եւ ո՛չ թէ Աւետիս կաթողիկոս, եւ ասոր ապացոյց կը համարինք Անթէպցիին մեռոնօրհնէքի հանդէս կատարելը Ս. Յակոբի մէջ, Աւագ Շաբթուն -անշուշտ Աւագ Եշ. օր -Զատկի առթիւ հաւաքուած ուխտաւոր Հայոց մեծ բազմութեան առջեւ։ Ասիկա Երուսաղէմի աթոռին վրայ իր ունեցած կաթողիկոսական իշխանութեան եւ իրաւասութեան հանդիսաւոր արտայայտութիւնն էր ըստ մեզ, որով պաշտօնապէս կը հերքուէր Հալէպի մէջ քանի մը տարի յառաջ ստեղծուած երկպառակութիւնը կռթնելով Կարկառեցիի նման նշանաւոր վարդապետի մը անձնական հմայքին եւ անոր ցաւալի համակերպութեան վրայ։
       Մեռոնօրհնէքը կաթողիկոսի մը իրաւունքն է, եւ Անթէպցին այդ հազուադէպ հանդէսը կը կատարէ Երուսաղէմի մէջ. իբրեւ պատրիարք կամ կաթողիկոս Երուսաղէմի։ Անթէպցիին կատարած մեծահանդէս մեռոնօրհնէքը թելադրանք մը կ՚ըլլայ Երուսաղէմի Ասորւոց եպիսկոպոսին, որ ինքն ալ մեռոն օրհնէ Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ, իր եկեղեցւոյն ծէսով , Աւագ Եշ. օր, հաւանութեամբ Յովհաննէս կաթողիկոսին եւ Դաւիթ եւ Պարոնտէր Գրիգոր եպիսկոպոսներուն, որոնք անձամբ ալ ներկայ կը գտնուին այդ հանդէսին (Սաւալան, Ձեռ. էջ 675)։
       Ըստ Լեհացի Սիմէոն Դպրի, ՌԿԵ=1616ին Յովհաննէս կաթողիկոս դարձեալ Երուսաղէմ կը գտնուի, եւ Զատկի Ճրագալոյցին Ս. Գերեզման կը մտնէ.
       -«Եւ մեր Պարոնտէրն (Գրիգոր ) Յովհաննէս կաթողիկոսին հրամեցէք արար . եւ զգեցաւ շուրջառ , եմիփորոն , եւ զթագն եդ ի գլուխ որպէս ի ժամ պատարագին . եւ տեսին զհայոց կանթեղն վառած , ուստի եւ Լուսաւորչի Կանթեղ կոչի , որ է խորած . անտի լուցանեն զպատրոյգսն . եւ ելեալ ի դուրս կարգաւ ամէն առաջնորդ իւր ազգին տայ լոյս»։
       Լեհացին Երուսաղէմէն մեկնելու առթիւ կ՚ըսէ.
       -«Էր ընդ մեզ եւ հոգեւոր Տէրն Յովհաննէս կաթողիկոս։ Վասնորոյ Պարոնտէր Առաջնորդն ուղարկէր զմեզ մինչ ի Չէշմէլուն , որ է կէս խօնախ։
       Իսկ մեք երթալով երթայաք եւ լայաք . եւ յետս դարձեալ հայէաք ի սուրբ յԵրուսաղէմ եւ հառաչէաք ի խորոց սրտէ։
       Եւ այս Չէշմէլուս երկու մեծ չաշմա կայր , ուստի յորդ աղբիւր բխէր։ Դարձեալ Պարոնտէր Գրիգորն կերակուր երետ եւ անուշ գինի , այլեւ փիլաֆ ետ եփել եւ մխիթարէր զմեզ սիրով . եւ զգիշերն անդ օթեցաւ ընդ մեզ»։ (Հանդէս Ամսօրեայ, 1934, Թիւ 11-12. էջ 564 եւ 566)։
       Դարանաղցին ուրիշ դէպք մըն ալ կը պատմէ Անթէպցիի վերաբերութեամբ, ըսելով թէ Գրիգոր Կեսարացի, իրեն հետ կ՚առնէ Յովհ. կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ Էրզրումցի Մինաս եւ Սըսեցի Քացախ կոչուած Մինաս վարդապետները եւ կը տանի Կ. Պոլիս, Յովհաննէս Խուլի դէմ իր պայքարը շարունակելու համար, բայց Խուլը կը յաջողի պետական ուժով երեքն ալ արտաքսել տալ Կ. Պոլսէն։ Այս դէպքը պատահեցաւ, կ՚ըսէ Դարանաղցին, 1613 Մայիս 25ին (էջ 180-81)։
       Սակայն 1611-1621՝ Կեսարացիին երկրորդ անգամ պատրիարքութեան շրջանն է. ուրիշ խօսքով, Կեսարացին արդէն Կ. Պոլսի մէջ է 1613ին եւ տէրը իր աթոռին։ Ստոյգ է որ Կեսարացին եւ Խուլը կռիւներ ունեցան իրարու հետ, երկուքն ալ ուժով դէմքեր, Խուլը կաթոլիկամիտ, Կեսարացին թունդ հայադաւան, ունէին իրենց զօրաւոր կուսակիցները , երկուքն ալ փոխադարձաբար երեք անգամ ինկան պատրիարքական աթոռէն եւ դարձեալ ելան. բայց Դարանաղցիին պատմած դէպքը, իր այդ ձեւին մէջ, անհաւանական կը թուի մեզ։
       Անթէպցին կրնայ Կ. Պոլիս գացած ըլլալ երկու Մինասներու հետ, որոնցմէ Քացախը արդէն իր աշակերտն էր, որ իր յաջորդն ալ եղաւ, թերեւս իր իսկ թեմական գործերուն համար. կարելի է ըսել նաեւ որ Անթէպցիին ներկայութիւնը Կ. Պոլսի մէջ, իբրեւ ձեռնադրողը եւ բարեկամը Կեսարացիին, հաճելի եղած չըլլայ Խուլի եւ իր կուսակիցներուն եւ տեղի տուած ըլլայ այդ տգեղ դէպքին. բայց, ամէն պարագայի մէջ, Դարանաղցին շփոթ է եւ 1613 թուականը անյարմար։
       Պէտք է միշտ նկատի առնել որ Դարանաղցին աղուոր խօսք մը չունի Կեսարացիին համար, այնպէս որ աններելի անիրաւութիւններ ըրած է ան իր պատմութեան մէջ այդ հոյակապ դէմքին հանդէպ։ Իր կիրքը եւ ատելութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ Դարանաղցին միշտ գէշ մեկնէ Կեսարացիին վերաբերեալ դէպքերը, եւ նոյն իսկ լռութեան դատապարտէ անոր հոյակապ ծառայութինը թէ՛ Կիլիկիոյ աթոռին եւ թէ՛ Երուսաղէմի պարտուց վճարման գործին մէջ։
       Առ այժմ ասկէ աւելի տեղեկութիւններ չունինք Անթէպցիի 19 տարուան կաթողիկոսական գործունէութեան նկատմամբ։
       Կ՚անցնինք իր մահուան, որ տեղի է ունեցեր եղերական պարագաներու մէջ, ըստ Դարանաղցիի պատմութեան։ Անթէպցին դարձեալ Ատանա եկած է 1621ին, ուսկից Սիս վերադառնալու ատեն, իր աշակերտներուն հետ, ճամբան կը հիւանդանայ, կ՚իջեցնեն զինքն հիւղ մը, ուր անմիջապէս կ՚աւանդէ հոգին։ Իր մարմինը, ջորիի վրայ, կը տանին Սիս. ճամբան դիմացէն եկող քանի մը ձիաւոր զինուորներ տեսեր են որ իբրեւ թէ «հուր կու բորբոքի եղեր ի վերայ դիի մարմնոյն ». եւ երբ մօտ կուգան յուղարկաւորներուն, կ՚ըսեն, ինչո՞ւ պահեցիք կրակը, անկից տուէք մեզի որ ծուխ քաշենք։ Հանգուցեալին աշակերտները չեն հասկըցեր թէ ի՞նչ կ՚ըսեն այդ ձիաւորներ, քանի որ իրենք կրակ չունէին. բայց անոնք շարունակելով ճամբան, մերթ ընդ մերթ իրենց ետեւ կը դառնան եւ կը տեսնեն եղեր կրակը, եւ Ատանա հասնելէ ետքն ալ համբաւեր են իրենց տեսած երեւոյթը, նոյն իսկ հետաքրքրեր են Ատանայի փաշան։
       Դարանաղցի այս պատմութիւնը լսեր է Կիրակոս անուն աբեղայէ մը, որ աշակերտած է Անթէպցիին եւ Ատանայէն Սիս գացող աշակերտներէն մէկն ալ ան եղած է։
       Վերջապէս մարմինը կը տանին Սիս եւ կը թաղեն, եւ թաղման ատեն ալ երկինք կը սգայ, կը մթննայ, կ՚որոտայ, կը փայլատակէ, սաստիկ անձրեւ մը կը տեղայ, որ շատոնց «չէր եկել ». խիստ երաշտ է եղեր երկիրը, երեք գիշեր ու ցերեկ կ՚անձրեւէ եւ աշխարհ կը ծովանայ. այս երեւոյթը կը տեսնեն թէ՛ իսլամներ եւ թէ՛ քրիստոնեաներ եւ փառք կուտան Աստուծոյ։
       Գրեթէ բառ առ բառ յառաջ բերինք Դարանաղցիին հրաշակերտ պատմութիւնը, պարզապէս մատնանիշ ընելու համար սա իրողութիւնը թէ այս զրոյցներ ուղղակի արդիւնքն են Յովհաննէս Դ. ի բարութեան եւ սրբութեան, որով նշանաւոր եղած է ան իր բոլոր կեանքին մէջ եւ նոյն իսկ իր կենդանութեան կոչուած է ԲԱՐԵԲԱՐՈՅ։
       Այս մասին դարձեալ Դարանաղցին է որ կուտայ հետաքրքրական մանրամասնութին մը, հետեւեալ կերպով.
       - «Շատ խոնարհ էր, հեզահոգի, ընկերասէր, այցելու եւ խնամատար որբերու եւ այրիներու. իր ողորմածութեամբը կը նմանէր Յովհաննէս Աղեքսանդրացւոյն. դժբախտաբար իր յաջորդները իրեն նման բարեգործութիւն չէին ըներ։ Յովհաննէս Դ. այնպէս կը խնամէր Սիսի աղքատերն ու կարօտները որ ո՛չ որբը կուլար, ո՛չ այրին ահուվախ կ՚ընէր։ Ինչպէս Յոպպէցի Այծեմնիկի անշունչ մարմնին վրայ կուլային, այնպէս ալ Սիսի աղքատներն ու կարօտները ասոր գերեզմանին վրայ կ՚ողբային եւ կ՚ըսէին. «Ելի՛ր, անուշիկ եւ գթած հայրիկ եւ տե՛ս անայցելուներս եւ անտէրունչներս, որբ մնացինք»։
       Ճգնասուն, սրբասէր, հաւատացեալ, գիտուն, գործունեայ կաթողիկոսի մը նկարագրին ամբողջ պատմութիւնը խտացուած է այս քանի մը պարզ տողերու մէջ, որոնք լիովին կ՚արդարացնեն իրեն տրուած ԲԱՐԵԲԱՐՈՅ ստորոգելին։
       Ձեռագիր Մաշտոցի մը մէջ այսպէս յիշատակագրուած է Անթէպցիին մահը.
       - «Ի յառաջնորդութեանն սուրբ ուխտիս իմ հոգեւոր հաւրս Տէր Մկրտիչ Արքեպիսկոպոսին։ Եւ ) հայրապետութեանն Տեառն Տէր Յովհաննէս կաթողիկոսին , որ վախճանաւ ի յայսմ ամի։ Աստուած ողորմի իւր հոգւոյն , Ամէն։ Ի թուաբերութեան Հայոց ՌՀ» (=1621
      
       Գ.
       Յովհաննէս Դ. հռչակաւոր եղած է իբրեւ վարդապետ։ Դարանաղցին կ՚ըսէ (էջ 319) Ազարիայի աշակերտները եղան «հռչակաւորք եւ պերճականք», ինչպէս «Մեծ Յովհաննէս վարդապետն Անթափցի՝ երաժիշտ եւ բարձրաբարբառ քարոզ տիեզերաց»։ Ս. Յակոբի Թիւ 2625 Ձեռ. Աւետարանը գրուած է Հալէպ, 1612 ին «ի հայրապետութեան տանս Կիլիկիոյ Տեառն Տէր Յովհաննէս քաջ եւ անյաղթ փիլիսոփային»։ Ուրիշ Ձեռագիր մը դարձեալ Հալէպին (Թիւ 56 Սաղմոս ) գրուած է 1619ին, «ի հայրապետութեան Տեառն Տէր Յովհաննէս կաթողիկոսին եւ երաժիշտ քաջ րաբունապետին»։ Իսկ Առաքել Դաւրիժեցի, որ ժամանակակից պատմագիր մըն է, նշանաւոր վարդապետներու գաւազանը կազմելէ ետքը, կ՚ըսէ. - «Այլ եւ երկու անուանի վարդապետ այլ գրեցից , Յովհաննէս Անթափցին , որ է կաթողիկոս Կիլիկեցւոց , եւ Գրիգոր Ղայսարցին յԱռաջին Հայոց , բանիբուն եւ սիրող իմաստասիրական հանճարոյ»։ Յովհաննէս ի մերոց Ներսէսեանցն է, եւ Գրիգոր՝ ի Թորոսի աշակերտացն » (Առքլ. Դաւրիժեցի, Գլ . ԼԲ.
       Այս բոլոր ստորոգելիներ, երաժիշտ, բարձրաբարբառ քարոզ, քաջ եւ անյաղթ փիլիսոփայ, անուանի վարդապետ, բանիբուն եւ սիրող իմաստասիրական հանճարոյ, եւ այլն, կարելի է ըսել որ սովորական չափազանցութիւններէն եղած ըլլան որոնց կը հանդիպինք ձեռագիրներու մէջ։ Սակայն անհիմն չեն ատոնք բոլորովին։ Միայն մեր այսօրուան հասկցողութեամբ պէտք է այդ փայլուն բառերուն տալ իրենց իսկական իմաստը։ Այսինքն՝ Անթէպցին լիովին ունի վարդապետէ մը պահանջուած ուսմունքը եւ կարողութիւնը. ան լաւ գիտէ եկեղեցական երգեցողութիւնը եւ կ՚երգէ, երաժիշտ մըն է։ Փիլիսոփայ բառին ալ պիտի տայինք իր միջնադարեան իմաստը, որ է երաժիշտ, երգեցող. բայց «քաջ եւ անյաղթ » բառերը թոյլ չեն տար որ փիլիսոփայն զրկէինք իր իմաստասէրի նշանակութենէն ալ։ Բարձրաբարբառ քարոզիչ մըն է ան, այսինքն՝ պերճախօս հռետոր մը, որուն բեմը չի լռեր. դաս կուտայ, այսինքն Սուրբգիրք կը մեկնէ թէ՛ իր աշակերտերուն եւ թէ՛ ժողովուրդին, եւ միշտ կը քարոզէ։ Միանգամայն քաջ առաջնորդ (քաջ րաբունապետ ) մըն է Անթէպցին կամ վարիչ մը։ Դաւրիժեցիին որակումները կը հաստատեն այդ բոլորը, քանի որ թէ՛ Անթէպցին եւ թէ՛ Կեսարացին բանիբուն (պերճախօս, հռետոր ) են եւ իմաստասէր, եւ ասոր համար եղած են իրենց ժամանակին անուանի վարդապետերը։
       Դաւրիժեցին կէտ մըն ալ մատնանիշ կ՚ընէ Անթէպցիին վրայ որ շատ ուշագրաւ է, այսինքն՝ Յովհաննէսի վարդապետական գաւազանը կը կապէ Ներսիսեանց, հետեւաբար եւ Սիւնեաց դպրոցին՝ Գրիգոր Տաթեւացիի եւ Ազարիայի միջոցաւ։
       Իրաւունք ունէինք սպասել որ այսպիսի անուանի վարդապետի մը գրչէն արժէքաւոր բաներ մը հասած ըլլային մեզի. որովհետեւ դժուար է մտածել թէ վարդապետ մը, որ իր բոլոր կեանքին մէջ դասախօսէ, քարոզէ, վարչական ամէնէն բարձր պաշտօններ վարէ եւ բան մը չգրէ ատոնց մասին։ Դժբախտ իրականութիւնը ա՛յն է սակայն որ Անթէպցիէն իբրեւ գիրք բան մը չէ հասած մեզի, բացի ձեռագիրներու մէջ գտնուած քանի մը յիշատակարաններէ, արձակ եւ ոտանաւոր, որոնք զուրկ են գրական եւ մատենագրական արժէքներէ, թէեւ ատոնք իրենց նշանակութիւնը ունին պատմական տեսակէտէ։ Ատոնք դարձեալ ցոյց կուտան Անթէպցիին գրասիրութիւնը, բառին ամէնէն լայն իմաստով. որովհետեւ ան գիրք կը գրչագրէ եւ գրչագրել կուտայ, կը գուրգուրայ հին եւ թանկագին ձեռագիրերու վրայ եւ կը վերանորոգէ զանոնք փճացումէ ազատելու համար, նոյն իսկ իր կաթողիկոսութեան ատեն։
       Անթէպցիին ինծի ծանօթ յիշատակարաններուն մէջ պատմական կարեւորութիւն ունեցողներն են. նախ Ս. Յակոբի Թիւ 582 Ձեռագրինը, Վարդան Վարդապետի Մեկն. Հինգ Գրոցն Մովսիսի, ընդօրինակուած 1586ին, եւ այդ առթիւ բաւական երկար յիշատակարան մը գրած է ատոր մէջ։ Երկրորդն է Զմմառի Թիւ 331 Ձեռագիրը, Մաշտոցներու ձեռագիր հաւաքածոյ մը, որուն մէջ Անթէպցին կը պատմէ, տեսանք արդէն, Երուսաղէմի պարտուց վճարման մէջ Ազարիա կաթողիկոսին գործունէութիւնը, Ազարիայի մահը, իրեն կաթողիկոսութիւնը, Սաթուրճիի եւ Դաւիլի արշաւանքները։
       Այս երկու յիշատակարանները, որոնցմէ արդէն օգտուեցանք, եւ ուրիշները կը դնենք այս գլխուն վերջը, Անթէպցիի գրչէն ճաշակ մը տալու դիտումով, եւ միանգամայն զանոնք հրատարակած ըլլալու համար իրենց բնագրին մէջ։
       Աջապահեան Եփրեմ կաթողիկոսի մէկ ակնարկութիւնը հետեւեալ տողերու մէջ։
       -«Ազարիայն այն սրբազան
      . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
       Ի Բերիա առեալ վախճան,
       Յիւրըն աթոռ չեղեալ ժաման.
       Տեառն Յովհաննու նստեալ փոխան,
       Այն որ բանիս է վիպաբան»
      
       այնպէս կարծել տուած է որ իբրեւ թէ Անթէպցին գրած ըլլայ «Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու Պատմութիւնը » եւ կամ պատմութիւնը իր ժամանակին։ Չամչեան կ՚ըսէ թէ Յովհաննէս այդ մասին գրած է «ի յիշատակարանս իւր գրոց » (Պտմ . Հայոց Գ. էջ 536) ։
       Ստուգիւ կ՚սպասուէր որ Անթէպցին գրի առած ըլլար, զոր օրինակ, իր Հռոմի պատգամաւորութեան պատմութիւնը, Կարկառեցիին կաթողիկոսացման միջադէպը Հալէպի մէջ, Կեսարացիին միջամտութեամբ եղած կարգադրութիւնը, Կեսարացիին իրմէ եպիսկոպոս ձեռնադրուելուն պարագան, եւայլն, որոնց մասին ուրիշ տեղերէ կցկտուր տեղեկութիւններ մը հասած են մեզ։ Բայց, ինչպէս որ արդէն դիտել տուի, իմ պրպտումներս ցոյց տուին թէ Անթէպցին իբրեւ պատմութիւն ոեւէ գիրք չէ գրած։ Իսկ Եփրեմ կաթողիկոս իր «այն որ բանիս է վիպաբան» տողով կ՚ակնարկէ Անթէպցիի այն յիշատակարանին, որ կը գտնուի Զմմառի Ձեռագրին մէջ։
      
       ԱՆԹԷՊՑԻԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
       Անթէպցին հասուցած է բազմաթիւ աշակերտութիւն մը, որոնցմէ ոմանց անունները արձանագրած է Դարանաղցին իր պատմութեան մէջ, դիտել տալով թէ անոնցմէ մէկը «եղեւ լաւ եւ ընտիր, Սեբաստացի Ներսէս»։
       Ներսէսը արդէն պիտի տեսնենք իբրեւ կաթողիկոս, այն ատեն կը խօսինք իր վրայ։
       Դարանաղցին (էջ 333) կը յիշատակէ նաեւ «անուանի եւ երեւելի աշակերտ » մըն ալ, Անթէպցիին անդրանիկ աշակերտը, այս ալ Սեբաստացի, նախապէս այրի երէց մը, «երաժիշտ եւ կատարեալ ժամասաց », որ երկար ատեն «առաջնորդ»ը եղած է Հրեշտակապետ վանքին Սեբաստիոյ։ «Յետ ժամանակի » Կ. Պոլիս կ՚երթայ իր վանքին պէտքերուն համար, վերադարձին կը հանդիպի Քոթիա քաղաքը եւ կը վախճանի հոն 1622ին։
       Յակոբ Ճգնիկ, մականուն Թըթիկ, բնիկ Կամախցի, սիրահար կրօնաւորական կեանքի, նախ կը հետեւի Պարոն Ճգնաւորին, յետոյ կը միաբանի Աւագ վանքին, վերջապէս Սեբաստիա կ՚երթայ եւ կ՚աշակերտի (Անթէպցի ) Յովհաննէս վարդապետին, որմէ կ՚առնէ վարդապետական գաւազան , առաքեալներու պէս աղքատ եւ գծուծ կերպարանքով կը շրջի եւ կը քարոզէ, յետոյ կ՚երթայ Կ. Պոլիս, Սուլումանասդրի Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ կը վախճանի 1615 Հկտմ. 15, եւ կը թաղուի «ի Պալըխլուն ի նշանաւոր տեղւոջն»։
       Կիրակոս Աբեղայ որ, ինչպէս տեսանք, Անթէպցիին յուղարկաւորութեան մասին հրաշալի զրոյցներ պատմեց Դարանաղցիին (էջ 331-32)։
       Մինաս վրդ. Քացախ, բնիկ Սըսեցի, որ իր մանկութենէն իսկ «առ ոտս Յովհաննէս Կաթողիկոսին էր սնեալ եւ վարժեալ ». թէեւ յետոյ կը հեռանայ Յովհաննէսի քովէն եւ ասոր վախճանումէն ետքը կաթողիկոս կ՚ըլլայ։
       Մեսրոպ վրդ ., Պուղտանաց աշխարհէն, մօր կողմէն ռուս, որ իր մանկութենէն աշակերտած է Յովհաննէս Կաթողիկոսին։ Թէեւ «քան զչափն ի վեր աշխոյժ էր մտօք եւ քաջախօս եւ բարեձայն », բայց «անառակ չար » մըն էր, կ՚ըսէ Դարանաղցին, այնպէս որ նոյն իսկ կ՚ընդվզի Յովհաննէսին դէմ, վերջապէս իր հայրենիքին մէջ վերջ կուտան իր անառակութեան՝ թունաւորելով զինքն 1626ին (Դրնղցի. էջ 428)։
       Ղազար Բաբերդցի, գեղարուեստասէր վարդապետ մը, որ Հալէպ կ՚երթայ Յովհաննէս Կաթողիկոսին մօտ, կը կենայ ատեն մը եւ գաւազան կ՚առնէ եւ Պուղտան եւ Կաֆա կը քարոզէ, վանք կը շէնցնէ, կը մատնուի Թաթար խանին Կաֆայի մէջ, կը չարչարուի, կաշառով կ՚ազատեն զինքն եւ կը վախճանի 1634ին (Դրնղցի. էջ 408-410)։
       Վատիկանի հայերէն ձեռագիրներէն Թիւ 30ի մէջ (էջ 60) կը յիշատակուի «Յակոբ Եպսն. Ատանայ եւ աշակերտ Յովհաննէս Կթղ. ի»։
       Իսկ Թիւ 84 Ձեռագրին մէջ (էջ 184), ինքն Յովհաննէս կը յիշատակէ իր հոգեւոր որդիացեալներէն, Տէր Խաչատուր Եպիսկոպոս Զեթունցին եւ Տէր Ղազար Քահանայն։
       Անանիա Շիրակացւոյն մէկ գործը գրուած է երկու գրիչներէ. մին Աստուածատուր վարդապետ, աշակերտ Յովհաննէս կաթողիկոսի, իսկ միւսը Յովսէփ Մոնոզոն, աշակերտ Կարկառեցի Պետրոսի։
       - «Եր. 71ա. - «Զսակաւ գծողս յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր եւ զիս զանարժանս զՏէր Աստուածատուր աշակերտս՝ առ ոտս Յովհաննէս Կաթողիկոսի դեգերեալ կամք, եւ գծեալ անմեղադիր լերուք » ( Արարատ Ամսագիր, 1896, Ապրիլ, էջ 201-202)։
      
       ԱՆԹԷՊՑԻԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՆԵՐԸ
       Ժամանակագրական կարգով յառաջ կը բերենք Անթէպցիի գրչէն ա՛յն յիշատակարանները, որոնց հանդիպած ենք։
       Այնպէս կը կարծենք որ ուրիշ ձեռագիրներու մէջ ալ յիշատակարաններ գրած ըլլայ Անթէպցին, եւ եթէ Չամիչեանին ակնարկութիւնը -«ի յիշատակարանս իւր գրոց » -Զմմառի Ձեռագրի յիշատակարանին չէ, այն ատեն կ՚ենթադրենք որ Ս. Ղազարի (Վենետիկ ) Մատենադարանին մէջ պիտի գտնուին պատմական յիշատակարաններ Անթէպցիին գրչէն։
       Ձեռագիր Թիւ 2309 Ս. Յակոբի մատենադարանին Տաթեւացւոյն եւ Որոտնեցւոյն գործոց հաւաքածոյէն. Տաթեւացւոյ Երգ Երգոցի մեկնութեան վերջը Անթէպցին իր ձեռքով գրած է յիշատակարան մը, որուն նմանահանութիւնը կը դնենք հոս։
       - «Ընդ առաջին աշխատաւորացն շարադրողացն եւ շարագրողաց ածաշունչ . սբ . կտակիս զիս զնուաստ եւ զտառապեալ ոգիս զՅովհաննէս վարդապետս Յանթըպցի , զնորոգող եւ ըստ ժամանակեայ վայելող ըսհոգէբուխ ածային . գանձիս . Աղաչեմ կողկողագին դիմօ եւ արտասուաթոր աչօք զքաշ պըւետիկոսքդ եկեղեցւոյ զի յիշեսջիք սրտի մտօք ի Տէր։ Եւ դուք յիշեալ լիջիք ի Քրիստոսէ Այն . մերոյ ամէն։ ՌԽԶ» (= 1597)։
       -«Ընդ առաջին եւ ընդ միջին
       Ստացողաց այս սուրբ տառի,
       Եւ ինձ վերջին ստացօղի
       Եւ նորոգող ի յայս սուրբ կտակի,
       Ինձ Յովհաննու բանասիրի
       Եւ սոսկ անուամբ վարդապետի,
       Սնմամբ վարժմամբ Կիլիկեցի
       Արքայանիստ մեծ աթոռի,
       Աստուածապահ Սիս քաղաքի,
       Քսան եւ մին Յոբել ինին,
       Հազարաւ Ծ . թուականին (=1601),
       Շնորհօք յաջոյն աստուածային,
       Կաթողիկոս յայսմ նահանգին,
       Զձեզ աղաչեմ» եւ այլն, (Տաշեան Ցուցակ, էջ 394 բ)։
       Հալէպի եկեղեցւոյն Թիւ 132 Ձեռագիր Սաղմոսէն. գրուած է Զեթուն 1604ին, Մկրտիչ Աբեղայի եւ Խաչատուրի ձեռքով,
       -«Ի յերկիրս Գերմանիկոյ , ի գիւղաքաղաքն ի Զէթուն , ընդ հովանեաւ Սրբոյ Հրեշտակապետին եւ այլ ամենայն Սրբոցն Աստուծոյ եւ սրբութեանցն որ աստ կան ի յաւգնութիւն քրիստոնէիցս եւ մեղաւորացս . ի կաթողիկոսութեան Կիլիկիոյ Տէր Յովհաննէսին , եւ ի հայրապետութեան Տէր Ծերուն արքեպսկսի . ի լաւ եւ ընտիր աւրինակէ , Յովհաննէս Գառնեցի կոչեցելոյ։ Յիշատակ է Մկրտիչ եպսին . եւ իւր ծնողաց»։
      
       Սթանօզի (Անկիւրիոյ թեմ ) Թիւ 8 Ձեռագիր Աւետարանին (գրուած ՉԼԹ =1290) յիշատակարանէն.
       -«… Արդ վերստին նորոգեալ կազմեցաւ սբ . Աւետարանս ի թուականիս Հայոց ՌԾԶ (=1607), ձեռամբ մեղաւոր ծառայիս Աստուծոյ Յակոբ Աբեղիս , եւ ի հայրապետութեան Տն . Տր . Մելքիսեդեկի Վաղարշապատցոյն։ Եւ մերոյ րաբունի հայրապետին Տր . Յովհաննէս Կաթողիկոսին , եւ նորին ձեռնադրեալ ա՛րհ եպիսկոպոսին մեծ եւ րաբունի Գրիգոր վարդապետին Կեսարիացոյն… ի մայրաքաղաքս ի Գաղատիայ , ընդ հովանեաւ սբ . Աստուածածնին եւ սորին աթոռակալ Տէր Աւագին», եւ այլն։
      
       Հալէպի եկեղեցւոյն Թիւ 49 բոլորգիր Աւետարանէն։ Աւետարանը նորոգուած է 1553ին «ի դասն սբ. Գէորգայ » եւ 1609ին նուիրուած է Խալիֆի (Խալֆէթի ) Ս. Ներսէս եկեղեցւոյն Անթէպցիին ձեռքով եւ վկայութեամբ. յիշատակարանն ալ իր ձեռագիրն է.
       -«Յիշատակ է փրկական սբ . Աւետարանս Հռոմկլայոյ Խալիֆցի Սարգսին , եւ կողակցին իւրոյ Ծաղկին , եւ օրհնեալ որդւոցն Յովհանին , Գրիգորին , Աբրահամին , Ներսէսին , Բարողին եւ իւրեանց որդւոցն եւ ընտանեաց եւ ամենայն յարեան մերձաւորացն ի դուռն Սբ . Ներսէս եկեղեցւոյն որ ի գեղն ի Խալիֆին . ՌԾԸ (=1609) թվին , ձեռամբ եւ վկայութեամբ հօր մերոյ Տէր Յովհաննէս կթղկսին . լաւ պահողքն օրհնին ի Աստուծոյ եւ ամենայն սրբոցն եւ ի մէնջ . ամէն»։
      
       Զմմառի Թիւ 372 Ձեռագրին (Մաշտոց Ձեռնադրութեան եւ Ժողովածոյք ) Յիշատակարանը . Թղթ. 670.
       -«Գրեցաւ գիրքս այս որ կոչի Ձեռնադրութեան ի թվին ՌԾԹ (=1610) ի հայրապետութեան Տեառն Տէր Յովհաննէս Րաբունապետի , ձեռամբ մեղսամած գրչի Մանուկի , ի խնդրոյ Խուճա (=խօճա ) Խուշիկանն , որ ետ գրել զսուրբ գիրքս , եւ ետ ի մղտեսի Տէր Ղուկաս Արքեպիսկոպոսին , յիշատակ իւր եւ որդւոցն եւ դստերաց եւ կողակցին իւրոյ Տէօվլէթին , եւ ամենայն արեան մերձաւորացն , ամէն։ Եւ գրեցաւ ի մայրաքաղաքն Ատանա , ընդ հովանեաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյս . եւ ես գրիչս աղաչեմ զընթերցողք , զի լի սրտիւ յիշէ . եւ որ յիշէ , յիշեալ լիցի ի Տէր . ամէն»։
       Անթէպի եկեղեցւոյ Ձեռագիրներէն, որոնք փոխադրուեցան Երուսաղէմ Ս. Յակոբայ Մատենադարանը, բոլորգիր Աւետարանի մը յիշատակարանը.
       -Զվերջի(ն ) նորոգող սբ. Աւետարանիս զսուտանուն Գրիգոր դպիրս Հռոմկլացիս յիշեցէք ի Քրիստոս։ Այլեւս զՋուղայեցի զԽոճայ Գրիգորն, որ նորոգել ետուն զսբ. Աւետարանս իւր հոգւոյն եւ ծնողացն, հօրն Հայրապետին եւ մօրն Դշխոյին Աստուած ողորմի։ Կազմեցաւ սբ. Աւետարանս ի թվին ՌԿԹ (=1620) ի Յունիս(ի ) ԻԲ (=22) ի կաթողիկոսութեան Տէր Յովհաննէսին եւ ի յառաջնորդութեան Տէր Ըստեփանոս Եպսկին. եւ Տէր Մելքէսէդ քհյին։ Դարձեալ յիշեցէք ի Քրիստոս զկազմողս եւ զպատճառ եղեալ քհն. զՏէր Մելքիսէդն որ է սպասաւոր Սբ. Ներսէս Կլայեցւոյն, եւ սբ. եկեղեցեաց Սբ. Աստուածածնին եւ Սբ. Ստեփանոսին ի յօգնութիւն մեզ…»։
       Ս. Յակոբի Մատենադարանին մէջ ուրիշ ձեռագիր մըն ալ կայ (Աւետարան մը, Թիւ 1948), գրուած ՊԶԱ=1432ին, Աւագ վանքի մէջ (Երզնկա ?), զոր յետոյ կ՚ստանայ Ապանայ գիւղէն Տ. Պօղոս քհյ։ Վերջին ստացողին յիշատակարանը կարեւոր է Խալիֆի պատմութեան համար։
       - «Այլ եւ վերջի ստացող զսուրբ Աւետարանս ի վայելումն անձին ի գաւղս որ կոչի Խալիֆի , ընդ հովանեաւ Սբ . Աստուածածնի եւ Սբ . Թէոդորոսի եւ Սբ . Գէորգայ , ի թվին ՋԾԴ (=1504) գրեցի զսա։ Եւ արդ ես անպտուղ բարեաց□ սուտանուն Գրիգոր Քահանայն յիշեցէք ի Քրիստոս եւ յԱստուած իւր սուրբ արքայութեանն . ամէն։ Եւ զհայրն իմ զՏէր Յովհաննէս Քհյ ., որ փոխեալ է առ Քրիստոս , եւ զմայր իմ զԹամամ եւ զեղբայր իմ զՏէր Մկրտիչ Քհյ ., եւ զորդին իմ նորընծայ զՏէրայտուր (Տէր Ատուր կամ Տիրատուր ) եւ զՄարտիրոս Քհյ . եւ զՍարգիսն , զՄխիթարն , եւ զկենակիցն իմ զԹագուհին , եւ զհարսն իմ զՄարթայն , որ հանգուցեալ են առ Քրիստոս . ամէն»։
       Պահպանակ թղթի վրայ. - «Զվերջի կազմողս զանարժան Գրիգոր Պրաձորցիս յիշեցէք ի Քրիստոս , եւ դարձեալ զերեցփոխրան Խարաճան եւ զկողակիցն իւր զԽաթունն եւ զդուստրն իւր զԹագուհին եւ զՊլպուլն եւ զեղբօրորդին զԹորոսն եւ զկողակիցն զԹագուհին…։
       Կազմեցաւ սբ . Աւետարանս ի թվին ՌԿԸ (=1619) հոկտեմբերի Է (=7), ի գիւղն Խալիֆին , ի դուռն Ս . Ներսէս եկեղեցւոյս։
       Ի թվին ՌՃԺԸ (=1669) ստացաւ զսբ . Աւետարանս Տէր Մովսէսն յիշատակ հոգւոյ իւրոյ եւ իւր ծնողացն Յովանիսին եւ Մրվաթին , եւ …»։
      
       Այս վերջին երկու յիշատակարաններ պատմականապէս կարեւոր են. որովհետեւ ցոյց կուտան թէ 17րդ դարուն եւ յետոյ՝ դեռ շէն էր Հռոմկլայի շրջակայքը, եւ հաւանաբար նոյն իսկ Հռոմկլայի մէջ, թէեւ աւերակ, բայց հայ բնակչութիւն կար։ Մենք 1889ին անձամբ տեսած ենք աւերակ Հռոմկլայի մէջ լքուած տուներ, որոնց որմնադրութիւնը կամ շինուածքը Հռոմկլայի կործանած շէնքերուն պէս հին չէին։ Ծանօթ Եղիազար Կաթողիկոսը, որ նշանաւոր է իբրեւ գործիչ, Արղնի, Երուսաղէմ, Կ. Պոլիս, եւ որ վերջապէս կոչուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռին (1681-1691), Հռմկլայեցի է (թէեւ Անթէպցի ալ ըսուած է ), այսինքն կամ բուն Հռոմկլայի մէջ ծնած եւ կամ Հռոմկլայի վիճակին մէջ տեղ մը, թերեւս Խալիֆի մէջ կամ Անթէպ, որ շատ հեռի չէ Հռոմկլայէն ։
       Հռոմկլային մօտիկ եւ ատոր դիմացը, Եփրատի արեւելեան ափին վրայ է Խալիֆի գիւղը, որ հայաբնակ եղած է Անթէպցիին ատեն ալ։ Խալիֆի, որ մեզի ծանօթ է Խալիֆէթի անունով, գրեթէ տաճկաբնակ է։ Հին ատեններ ունեցած է եկեղեցի Ս. Ներսէս անունով, անշուշտ Շնորհալիի յիշատակին, եւ եկեղեցիներ Ս. Թէոդորոս եւ Ս. Գէորգ։ Մենք 1889 ին Խալիֆէթի ալ այցելած ենք. քանի մը տուն հայեր կային մօտիկ քաղաքներէն եկած, բայց ո՛չ եկեղեցի կար ո՛չ ալ դպրոց։
       Խալիֆի կը նշանակէ Խալիֆային (=կաթողիկոսին ) պատկանող։
       Ս. Յակոբի Թիւ 582 Ձեռագրէն։
       Այս Ձեռագիրն է Վարդան վրդ. ի Մեկնութիւն Արարածոց գործը , զոր գրած է 1261ին Սանահին վանքին Առաջնորդ Համազասպ Եպս. ի եւ փակակալ Գրիգոր վրդ. ի խնդրանքով ։ Ընդօրինակութիւնը եղած է Սիսի մէջ 1586ին, առաջին երեք տետրակները Անթէպցիի ձեռքով, իսկ մնացածը Յովսէփ Քահանայի ձեռքով, Յիշատակարանը Անթէպցին շարադրած է , իսկ Յովսէփ Քահանայն ընդօրինակած է։ Բոլորգիր է գրչութիւնը, բաւական մաքուր եւ սիրուն, բայց անխնամ իբրեւ ընդօրինակութիւն։ Կ՚երեւի այս Ձեռագիրը անգամ մը դուրս ելած է Սիսի Մատենադարանէն որ Սիմոն կաթողիկոս ձեռք կը բերէ զայն եւ դարձեալ կը նուիրէ իր նախկին տեղը, ըստ հետեւեալ յիշատակարանին, որ գրուած է Ձեռագրիս վերջը դատարկ մնացած երկու թուղթերէն առաջինին վրայ. - «Վերստին յիշատակ է Սեբաստացի Սիմէոն կթղկսին՝ ի մայրաքաղաքն Սիս, թվին ՌՁԸ (=1639) Արարածոց Մեկնիչ»։
      
       ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ
       - «Փա՜ռք անըսկզբանն եւ անեղին Հաւր եւ պատճառին բոլորիցս։
       Փա՜ռք Որդւոյ անկատարածին եւ անսկզբանն սկսեալ ի Հաւրէ անժամանակաբար։
       Փա՜ռք եւ Հոգւոյն Սրբոյ ելաւղին ի Հաւրէ բխմամբ անհատաբար , Առաւղին յՈրդոյ եւ լցողին զԵկեղեցի իւր սուրբ , այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից . ամէն։
       Ի թուականութեանս մերում հայկազեան տումարի հազարերորդի , ի քառորդ՝ տասն աւելորդի» (1000+25+10=1035+551=1586)։
       Եւ ի հայրապետութեանն յայսմ նախանգի Տանս Կիւլիկոյ Տեառն Ազարիայի եղեւ սկիզբն եւ աւարտ գրոցս»։
       Նուաստ ստացողիս բաղձանք մաղթանաց բանիս, առ որս ձեռնհասդ էք։
       Եւ արդ՝ ես Յովհաննէս վերջին եւ նուազեալ ծնունդս Եկեղեցւոյ, ամենամեղ եւ եղկելի անձամբս ի սաստիկ ալեաց յուզմանէ ապշեալս, եւ անղեկ եւ աննաւաստի, նայ եւ ոչ փոքր ինչ մակոյկ որ է մասն բարի յիս երեւի, զի թերեւս առից սակաւ մի ոգի։ Այլ ընդ մեծամեծ մեղացն, որ յինէն գործեցան, փոքունքն սուզեալ ոչ երեւին։ Զի թէեւ հարկանիմ դատմամբ անաչառ յիշողին զանցանս, սակայն ոչ ձէթ եւ ոչ պատանք, զի բոլորս իմ ապականեալ. ոգի, միտք եւ մարմին, եւ կամ կաշկանդեալ յոլով դեգերմամբ թէ ո՞ւր եւ կամ երբ խարխարեալ նաւս ընկղմի։ Եւս առաւել սաստիկ ջերման եւ ամպրոպ հրակայլակ, անանջատ վա(յ)րուք ցտեալ մաշեն զերկուս մասունս, զտիրականն ասեմ եւ զծառայական։ Եւ չունիմ ինչ ակընկալութիւն բարի գործոց, այլ խոստովանիմ անկեղծ զի չարին եղէ (յ)արբանեակ, եւ զժամ բարի գործոյն չարաչար վճարեցի։ Որ եւ ոչ ունիմ խեցի զի ըստ Յոբայ առեալ զթարախն իմ քերիցեմ։ Այլ միայն զԱստուծոյ եւեթ բուռն հարից զշնորհէն, եւ (յ)այն ձեր միջնորդելով. եւ սագս այսր չեմ կարի յուսա(յ)կտուր կամ անհաւատ ի պատճառէն փրկութեան։ Աղաչեմ սրտառուչ եւ արտասուաթոր դիմաւք եւ թաւալիմ յոտս ընթերցողացդ եւ լսողաց, տո՛ւք ինձ ձեռն զի մի՛ ընկղմեցայց ի ծով մեղացս որ զբեկեալս ունիմ նաւ։
       Եւ զի այս յուսովս յաւժարեցայ գրել եւ ստանալ, եւ վարձկան եղէ յայս քաղցր յայգիս մշակս չար եւ ջերմեռանդ սիրով զսկիզբն արարեալ գրեցի մինչ ի Գ. տետրն, բայց ոչ կարացի պարապել յաղագս տկարութեանս եւ ընթերցման գրոց որո (որոյ ?) եմ ի ծառայութիւն, վասն որոյ կալայ վարձկան ի յայգիս հոգեւոր զեղբայր ոմն Յովսէփ քահանայ, եւ նմա ետու (յ)աւարտել։ Խնդրեմ ոմն աղաւթք սուրբ ի սիրոյ եկեալ յառաջ, եւ լի սուրբ սրտիւ, եւ կէսք ողորմած կամօք իբր չար մատնեալ գերողի, եղբայրօրէն կարեկցել, եւ այլք զբազկաց տարածումն առ երրեակն միակ ի խունկ տուք նուէր, քաւել եւ արգելուլ յինէն զկրկին մահ։ Եւ որք սուրբ հոգովն աւծայք իշխանք յեկեղեցի, զմեծն եւ զսոսկալին զարիւնն ասեմ Աստուծոյ եւ մարմինն տալ փոխան ընդ Հաւր Աստուծոյ ընծայ, որ հաւատացի եւ հաւատամ զի փրկիմ։ Եւ որք զայս մասունս բարեաց յԱստուծոյ առէք պտուղ նշանաց, զնոյն տրիտուր տո՛ւք տուողին ձեզ շնորհաց, զի անցուսցէ զիրաւադատ ցասումն իմոց յանցանաց։ Ուստի երկուցեալ դողամ յահէն եւ ոչ զղջացեալ յապուշ նկատեմ եւ կամ սարսափած . եւ արդ իմ յոյսն Աստուած է եւ (յ)այն ձեր միջնորդելովն. արգահատեցէք հիքոյս. մի՛ խնայէք ասել, Աստուած քաւեա(յ ) ողորմութեամբ եւ բուժեա զչար կեղ ախտին եւ զժահաշարաւ դժնեայ որդամբք լցեալ վերին բարերար սպունգաւն ջնջեա, զի սպիքն ոչ երեւեսցին, եւ որք լսէքդ ասացէք այո՛(յ ), ամէն, եղիցի։ Եւ որք զսուրբ տառս խնամէք եւ զմեզ յիշէք, եւ դուք յիշիք եւ խնամիք , ամէն։
       Եւ դարձեալ աղաչեմ զպատուական հայրքդ մեր զքաջ պըւէտիկոսքդ Եկեղեցւոյ եւ զհոգեւոր հարազատ եղբայրքդ մեր զդասսդ աշակերտեալ մանկանցդ, յորժամ վայելէք յայսմ յորդահոս հոգէբուղխ գետոցս եւ աստուածատունկ դրախտէս դասիւ կամ ընթերցմամբ, յիշէք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր զհոգեւոր հայրս մեր եւ զլուսատուն հոգւոց մեր, զՎերադիտողս Հայոց զՏեառն Տէր Ազարիա(յ ), որ յայժմս դեգերեալ կամք իմաստս գիտութեան սորա(յ ). զոր տէր Աստուած պահեսցէ պարագայց ամաւք ի պարծանս մեր եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ . Ամէն։
       Նաեւ զսպասաւոր եւ զարքեպիսկոպոս Աթոռոյս Ս. Լուսաւորչին եւ հաւրս մերոյ զՏէր Մարտիրոսն եւ զՏէր Վարդան կր(օնա)ւորն եւ զերեքեան աշակերտեալ եղբայրքս իմ զՏէր Դանիէլն եւ զՏէր Մկրտիչն, եւ զիս զյետնեալ հողիկս Յովհաննէսըս Յանթփցիս աղաչեմ յիշել ի տէր սրտի մտօք. ընդ սոցին եւ զմարմնաւոր ծնաւղքն իմ, զհայր(ն ) իմ զԱկոբ եւ զմայրն իմ Թամամ եւ զէրկոսեան եղբարքս իմ զԱխիճանն, զփոխեալն տարաժամ մահուամբ առ Քրիստոս, եւ զԱռաքելն որ է պահեալ շնորհաւք բարերարին Աստուծոյ ի մխիթարութիւն ամենաթշուառ անձինս եւ զայլ ամենայն (յ)արեանառու մերձաւորսն իմ, աղաչեմ յիշել ի Քրիստոս եւ դուք յիշեալ լիցիք ի Քրիստոսէ յԱստուծոյն մերոյ ամէն, ամէն , ամէն։
       Այլ եւ արդ եւ ես աղաչեմ զձեզ զսուրբ տեսանողքդ եւ զվայելողքդ (յ)այսմ աստուածային տառից եւ պատգամաց նախամեծ մարգարէին Մովսէսի յիշել յաղօթս զնուաստ եւ զանպիտան գրիչս Յովսէփ քահանայ եւ զծնօղսն ըզՍտեփաննոս եւ ըզ մայրն իմ զՄարգարիտն եւ զեղբայրսն զՄկրտիչն եւ զՂազարն եւ զՎարդանն եւ զԽաչատուրն եւ զքուերն իմ Թագուհին եւ զկենակիցն իմ եւ զերկոսեան դեռաբուսիկ որդիս իմ զՄակարն եւ զԹորոսն եւ զերկու դուստրս իմ զԽանտեր եւ զՀռոբսիմէն եւ զայլ ամենայն արեանառու մերձաւորսն իմ, աղաչեմ յիշել ի Տէր եւ դուք յիշեալ լիցիք։
       Դարձեալ սղա [լա ] նաց եւ ծռագրութեան գրչիս չլինել մեղադիր, զի եւ օրինակս էր որ սխալ եւ էր որ եղծեալ էր, եւ ես ի մէջ պանդխտութեան գրեցի եւ բազում վիշտս եւ նեղութիւնս կրեցի եւ տրտմութեամբ (յ)աւարտեցի, որպէս եւ դուք քաջ գիտէք զանցս անցից ղարիպին։
       Գրեցաւ ի մայրաքաղաքն ի Սիս։
       Զմմառի Թիւ 331 Ձեռագրէն, որ հաւաքածոյ մըն է Մաշտոցներու եւ Պատարագամատուցի մը, գաղափարուած 1687ին, Վահկա, Գրիգոր Բ. (Պիծակ ) Կաթողիկոսի համար, նորընծայ Աւետիս վրդ. ի ձեռքով։
       Թագաւորօրհնէքի վերջը դրուած Յիշատակարաններու շարքին. թղթ. 124բ -135բ։
       (Կարմիր թանաքով) «Եւ արդ աստանօր դուզնաքեա(յ ) բանիւք կամիմ գրիւ ծանուցանել զդիպուած Տանս Կիլիկւոյ քաղաքիս Սըսայ. (սեւ թանաքով ) վասն զի ի ՌԽԹ (=1600) թվականիս մերոյ , յաւուրս յառաջաւորելոյն սրբոյն Սարգսի Զօրավարի , յաւուրս շաբաթոյն , եկն ոմն Սաթուրճի անուն բազում զօրօք [յ]Անթապոյ , ի վերայ Սաւռիոյ , եւ սպան զՊարոն տեղւոյն , հանդերձ մեծամեծօքն , եւ եկն ի Սիս , յաղագս Սօղդայք անուանեալ ապստամբիցն , որոց գլուխ նոցին Մոհդի օղլի ասէին , զոր բռնութեամբ մտաբերէր տիրել , յաշխարհիս Սըսոյ։ Որ ես սա ի գալ Սաթուրճուն , ձգեալ զքաղաքս , փախեաւ , եւ բնակիչք քաղաքիս՝ թողեալ զինչս զըստացուածս իւրեանց , առեալ զորդիսն եւ զընտանիսն իւրեանց փախեան։ Եւ թէպէտ շնորհքն Աստուծոյ ազատեաց անփորձ զդասս հաւատացելոցն ի չար բռնաւորէն կանամբք եւ անմեղ գառամբքն , բայց յընչից եւ ապրանաց եւ եկեղեցական զարդուց շատ պակասութիւն եղաւ քաղաքիս , որք կողոպտեցին չար եւ անօրէն մարդակերպ գազանքն . նայ եւ գանձուց սուրբ Լուսաւորչին անօթս եւ զարդս գեղեցկագոյնս եւ բազում զարդս եկեղեցեաց գտեալ ի պահարանս թաքստեան , կողոպտեալ տարան չարադէմ գազանքն ընդ իւրեանս։
       Իսկ զպարծանք պարծանաց մերոց , զՍուրբ Աջերն հետ Լուսաւորչին եւ այլ սրբութեամբն , այր մի բարեմիտ եւ աստուածասէր Մինաս անուն , հետ իւր եղբօրորդւոյն Տէր Ղազար քահանային , որ էր լուսարար Սուրբ Աջերուն , զոր մեծաւ հնարիւք եւ իմաստութեամբ , թողեալ զամենայն ինչս իւր մարմնական , առեալ զգանձս աստուածային , փախստեամբ ազատելով բերէ ի յԱտանա այրն աստուածասէր Մինաս։ Եւ էր ի սոյն ժամանակս յաջորդ եւ կաթուղիկոս հայրապետական Աթոռոյն Սըսոյ ամենագովելի եւ շքեղապանծ փառօք զարդարեալն ի յԱստուծոյ Տէր Ազարիա , զոր վասն Սուրբ յԵրուսաղէմայ պարտուցն երեք ամ հեռացեալ ] Աթոռոյն ընդ Արեւելս , եւ էր Ս . Աջն ի Ատանայ։ Զկնի երից ամաց եղեւ գալուստ նորա ի Հալէպ։
       Սոյնպէս եւ ես նուաստս Յովհաննէս վարդապետս Անդէպցի , աշակերտ նորին, ] Սեբաստիոյ եկեալ առ ինքն ի Հալապ , Շ . (=500) կարմիր ոսկով Սուրբ յԵրուսաղէմայ համար . որ եւ առաքեաց զիս ի Սուրբ յԵրուսաղէմ , ընդ Դաւիթ Եպիսկոպոսի Երուսաղէմացւոց եւ այլ հաւատարիմ եւ ճարտարախօս արամբք գնացաք ընդ պարտատէր զրխանսն (?). զոմանս աղաչելով , զոմանս տեղաց փաշայովն երկեցուցեալ , զորոց զբնաւն տվաք , զորոց զկէսն , եւ զվճարեցածն զոր վճարեցաք եղեւ ԺԶ. Ռ (=16, 000) մառչիլ , որ է ղուրուշ . եւ բազում արդիւնս եկեղեցւոյ զարդուց ազատեցաք ի գրաւոյ տեղեացն , եւ ուրախութեամբ Զատիկ արարեալ փառաւորեցաք զանմահ թագաւորն զՔրիստոս։
       Իսկ ի դառնալս մեր ի Հալապ , բերաք զպախի մնացած պարտքերոյն Ը . Ռ . (=8000) ոսկի , որ մնաց եւ ԺԶ. Ռ . (=16000) վճարած . զոր բերեալ առաջի Տեառն Տէր Ազարիայ Կաթողիկոսին , զոր տեսեալ զբազմութիւն պարտուցն գոչէր ահագին ձայնիւ եւ ոգւոց հանեալ հիանայր թէ ո՛րպէս է ելեալ այսքան պարտքս։
       Եւ մինչդեռ այս վարանումս էաք , յանկարծակի եղեւ սմա հիւանդանալ . վասն զի սաստիկ մահտարաժամ կայր , եւ այսպէս հինգ օր ի մահիճս անկեալ աւանդեաց զհոգին առ Աստուած , եւ խաւար կալաւ զտունս Հայոց որ այսպիսի պայծառ արեգակնէս զրկեցաք։ Վասն որոյ եւ ես որբացեալս ի քաղցրատեսիլ հօրս , Յովհաննէս վարդապետս , բազում ողբով եդի ի դիր հանգստեան . որոյ կենդանի աղօթք եւ օրհնութիւնն ի վերայ մեր միշտ եղիցի , եւ զհոգի նմին ընդ երկոտասան սուրբ Առաքելոցն դասեսցէ Տէր Քրիստոս . ամէն։
       Վասն զի այսպէս եղեւ մահ լուսաւոր հոգւոյն . ի ՌԾ (=1601) թվականին , այր յիսնամեայ նստաւ յաթոռ ամս ԺԷ (=17)։ Եւ այսպէս զկնի հինգ ամսոյ եւ ես ելի ի Հալապայ եկի յԱտանայ մխիթարել զաթոռակալ քահանայսն եւ զիշխանսն Կիլիկեցւոց , որ աստ Ատանայ ժողովեալ էին . զոր եւ զկնի բազմադիմի մխիթարական բանից , ապա կուտեալ բոլոր բնակիչք գաւառիս ի վերայ իմ թէ մի վասն Աստուծոյ առաջնորդ հայրենի Աթոռոյ քո . վասնզի եւ ես ի սոյն աթոռս էի վարժեալ ի մանկութենէ . եւ այսպէս հարկիւ արկին զանձն իմ ի լուծս աստուածային եւ հաւանեցուցին կրկին շինութիւն առնել Սուրբ Լուսաւորչի Աթոռոյն . որ եւ ողորմութեամբն Աստուծոյ բարձաք զՍուրբ Աջն , այլ սրբութեամբն հանդերձ , ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ . որք եւ էին ընդ իս Ստեփանոս Եպիսկոպոսն Ատանայ եւ Մկրտիչ Եպիսկոպոսն Զէյթնոյ , Սարգիս Եպիսկոպոսն Հաճնոյ , եւ այլ քահանայք եւ իշխանք . զոր բերեալ հասուցաք իւր բնական հանգիստն , եւ կարողութեամբն Աստուծոյ , աղօթիւք եւ օրհնութեամբ նստուցին ի հայրապետական Աթոռ զնուազեալ եւ զվերջին ծնունդս Եկեղեցւոյ , զիս՝ զՅովհաննէս վարդապետս , թվին ՌԾ (=1601)։ Որ եւ կարողութեամբն Աստուծոյ , շինութեամբ եւ նորոգութեամբ կատարեցաւ ամենայն ինչ։
       Եւ ի ՌԾԴ (=1605) թվին եկն ոմն , զոր Դաւիլ ասէին , Ռ . եւ Շ . (=1500) հետեւակօք եկն նստաւ ի Սիս . եւ բնակիչք քաղաքին ամենեքեան ի բերթն ամրացան , եւ չարաթոյն գազանքն շատ անգամ հնարեցան եւ ոչինչ չկարացին առնել . ո՛րչափ եկին՝ ամօթալից դառնային։ Բայց մինչեւ ցերեսուն օր նստաւ , եւ ապա իբրեւ զմթացեալ ամպ ցրուեալ ոչնչացաւ։ Բայց զկնի կորստեան պիղծ զօրուն յիմարաբար փախստեամբ ի բերթէ եւ ի քաղաքէ իւրեանց՝ ի յԱտանա լցեալ լինէին ի յահէ չար բռնաւորին Դաւիլայ . վասն զի Ատանայ յաղագս պահապանաց բռնութեանցն ամենայն կողմանց ի նա հաւաքեալ լինէին . այսպէս եւ մեր ժողովուրդս Սըսոյ ի Ատանա ժողովեալ եղեն վասն կրկին գալստեան պղծոյն։ Եւ այս [յ]որժամ եղեւ ես ի Կեսարիա էյի եւ անտի եւ ես իջեալ եկի ի Ատանա յաւուրս Աւագ եւ գլխաւոր տօնիցն։
       Եղեւ յաւուրս քառասնորդաց պահոցն , զկնի երկու շաբաթուցն , յանկարծակի եկն չարահամբաւն Դաւիլ իւր պիղծ վոհմականօքն . եկն ի Մամեստիա , եւ անտի յԱտանայ . զոր ելեալ յԱտանու զօրքն ընդ առաջ , եւ ոչ կարացին զդէմ ունել , այլ բախելով զմիմեանս եկեալ հասին ի Կարմնճա դուռն քաղաքին , եւ արտաքոյ դրանն մարտկոց արարեալ ինքեանց՝ զդրօշս իւրեանց ի վերայ հաստատեալ , եւ ի մէջ մարտկոցին ղօղեալ արտաքուստ ի ներքս կապարընկէցս լինէին . նոյնպէս եւ քաղաքացիքն ի ներքուստ։ Զբազում աւուրս եւ ոչ կարացին խախտել զմարտկոցս նոցին կամ զդրօշս նոցա։ Մինչ մի ժողովեալ զլեռնաբնակ հետեւակ զօրսն զոր զՍօխդայք անուան[է]ին , զոր եկեալ նոքա բազում խրոխտանօքն կամէին ցրուել զմարտկոցս նոցա , եւ արարին իսկ . զի յաւուր միում , վաղ ընդ առաւօտս , իբր զպարս մեղուաց [յ]արձակեցան ի վերայ նոցա կապարընկէց լինելով առ նոսա , ցրուեալ զմարտկոցս նոցա փախստական արարին ի Կարմնջէն . բայց ձիաւոր զօրքն քաղաքացիք յիմարապէս զհետ Սօխդայիցն ելեալ յաղագս աւարի , եւ ոտնահարութիւն արարեալ ոչ կարացին մղել ի պատերազմ . վասն զի չարակերպ գազանքն յորժամ տեսին զեղեալ գործսն , զարթեան որպէս նետ ի կապարճից , եւ ահագին գոչմամբ յառաջ մղեալ ի պատերազմ զհետ նոցա . եւ օրն էր արեգական ծագման ժամու , եւ ի երկոցունց կողմանց ճայթմանց ձայնիցն իբր զօր կատարածի զլսօղքս ահաբեկ առնէր , եւ այսպէս յաղթահարեալ քաղաքացիքն ի նոցանէ յետս ընկրկեալ , ոմանք ձիով ի ջուրն անկան , ոմանք զձիս ձգեալ փախեան։ Իսկ նոքա զմարտկոցն առեալ եւ բազում աւարաւ ելեալ նստան ի մեծ մայտանին . բայց խոցեալքն ի նոցանէ ի սեւագունդ զօրացն ի Սօխդայիցն էր ոգիք Ձ . (=80) նշանաւորք , թո՛ղ զաննշանսն։ Եւ այսպէս ի մեծ վտանգի անկաւ քաղաքն Ատանայ ի յահէ չարաթոյն հինիցն։ Եւ մինչ[եւ ի ] Ծաղկազարդն երկարեցաւ դաւ նոցա , նոքա արտաքոյ եւ սոքա ի ներքուստ բազում հնարս հնարեցան զգետն անցանել եւ ոչ կարացին . զի սոքա զդէմ ունէին նոցա . բայց բան մարգարէին դէպ եղեւ առ մեզ որ ասէ . եթէ ոչ Տէր պահէ զքաղաք , ի նանիր տքնին պահապանքն նոցայ . վասն անհուն եւ համատարած գետն [յ]որ քաղաքացիք յուսացեալ էին , զի իբրեւ զԵփրատէս յոլովագոյն էր գետն . բայց [յ]աւուրս Ծաղկազարդին այնքան նուազեցաւ ջուրն գետոյն , մինչ զի չարաբարոյ զօրքն ամենեքեան ընդ գետն անցանելով [յ]արձակեցան որպէս զմարախ ընդ քաղաքակողմն եւ քաղաքացի զօրքն առ ափն գետոյն արեամբ թաւալեալ լինէին , եւ բազումք արիւնաներկ եւ խոցեալ մարմնովք ի քաղաքն անկեալ լինէին . եւ այսպէս [յ]աւուրս Ծաղկազարդին , յայգվէ մինչեւ ցերեկոյ , լցեալ եղեն պաղչա միջին , եւ ի քաղաքն ոչ մտին յաւուր յայնմիկ մինչեւ ցերեկոյ . բայց գլխաւոր քաղաքին ընդ այլ մեծամեծսն ո՛չ կարացին կալ , այլ ձգեալ զտունս եւ զստացուածս ի միջնաբերթսն եւ փախեան . սոյնպէս եւ բոլոր ամենայն բնակիչքն ի բերդն ամրացան . նաեւ մեր Սըսոյ ժողովուրդքն ի բերթն մտին եւ բազումք ի դուրս մնացին . նաեւ զիս շատ լալով աղաչեցին մտանել ի բերթն եւ ոչ մտի , այլ ետու զարկղ եւ զտապանակ Սուրբ Լուսաւորչին հանդերձ ամենայն սրբութեամբն ի ձեռն հաւատարիմ եւ աստուածասէր առն [յ]առաջասացեալ , մհդսի . Մինասա[յ ] ի բերթն , եւ ես կացեալ մինչ ի յառաջին ժամ գիշերոյ շիւարեալ դիմօք անկեալ կայի լալագին , մինչ[եւ ] որ ի խնամոցն Աստուծոյ բացեալ եղէն դրունք Կարմնճին , եւ ես , ի խնամքն Աստուծոյ յուսացեալ , ելի աշակերտ քո եւ ընդ մոլար ճանապարհաւ եկեալ հասայ ի յԱթոռն ի Սիս։ Իսկ չար բռնաւորն ի լուսանալ Աւագ ԲՇ. ին մտաւ ի քաղաքն եւ նստաւ իբրեւ զտէր քաղաքի . թալանեաց զքաղաքն ամենայն , եւ ապա գին եհատ ի բերթն եղեալ քրիստոնէից , եւ առեալ զգինս նոցա եթող զնոսա . եւ երեսուն օր նստաւ յԱտանա[յ ], եւ ելեալ գնաց մեծ աւարաւ։
       Լամբրոնացւոյ Պատարագի Մեկնութեան օրինակ մը, գրուած Սիս, ընդ հովանեաւ Ս. Լուսաւորչի, ՉՀԳ =1324ին, զոր ստացած է Անթէպցի Յովհաննէս Կաթողիկոս։ Սեփ. Վատիկանի Մատենադարանին, Թիւ 84, էջ 184։
       -«Ընդ առաջին եւ ընդ միջին գրաւղացն եւ ստացաւղացն աստուածեղէն տառիս եւ սուրբ կտակիս։ Եւ զվերջին եւ զնուազեալ ծնունդս Եկեղեցւոյ , զՅովհաննէս վրդտս . Անթպցի սնմամբ եւ վարժմամբս Կիւլիկեցի , որ եւ շնորհաւք ամենազաւր սուրբ հոգւոյն կարգեալ վերատեսուչս կաթողիկոս այսմ նահանգիս աստուածապահ մայրաքաղաքիս Սըսա տեսեալ զսուրբ մատեանս զայս առ մեզ հասեալ ի յառաջին հարցն մեր ի Սրբոյն Ներսէսէ Լամբրոնացւոյ եւ ընդ նոյն ժամանակս եղեալ աստուածապսակ թագւորացն մեր Բագրատունեաց եւ խաչիւ զաւրացեալ իշխանացն մեր մինչեւ ցառ մեզ հասեալ եւ մեք տեսեալ զսա սրտատոչոր անձկութեամբ իբրեւ զհայր եւ զեղբայր ի տարաշխարհի եղեալ աշխարհացն առ մեզ հասեալ , եւ մեք նուաստացեալքս ի յոգունցս եկեղեցւոյ ետու գաղափարաւ աւրինակել երկու գրչաւ հոգեւոր որդիացելովքս մեր , Տէր Խաչատուր Եպիսկոպոսիւ Զեթունցոյ եւ Տէր Ղազար Քահանայիւ եւ [յ]ետ աւրինակելոյն տեսաք զսայ որ թուխտն ծերացեալ եւ թուլացեալ էր , վասն որոյ եւ նուաստ Յովհաննէս տկար ձեռամբս եւ մատամբս առաջմանէ մինչեւ ցվերջին նոր նշայելով եւ կոկելով կապելով եւ կազմելով նորոգեցի զսուրբ մատեանս հանդերձ աշակերտեալ մանկամբքս ի փառս վերնոյն Սիովնի եւ ի պարծանս սուրբ եկեղեցւոյ . վասն որոյ արտասուաթոր աչաւք աղաչեմք զդասքդ սուրբ պըւէտիկոսացդ սուրբ Եկեղեցւոյ եւ զսուրբ երամսդ աշակերտեալ մանկանցն որ ի ընթեռնուլն կամ ի վայելելն ի յայսմ ածապարգեւ սուրբ սեղանոյս , յիշեսջիք եւ մեղաց թողութիւն խնդրելով ողորմի ասացէք ինձ հող եւ մոխիր եղեալ Յովհաննիսիս եւ ինձ ձեռնտու եղեալ աշակերտեալ մանկանցն , այլ եւ թախանձանաւք պատճառ եղեալ որդւոցս մեր լի սրտիւ Աստուած ողորմի ասելով յիշեսջիք ի մաքրափայլ յաղաւթս ձեր , եւ Տէր Աստուած մեր ձեզ յիշողացդ եւ Ողորմի ասողացդ ողորմեսցի իւր միւսանգամ գալստեանն , ամէն։ Հայր մեր որ յերկինս։
       Եղեւ նորոգումն սուրբ կտակիս ՌԿԷ (=1618) թվականիս մեր , ի մայրաքաղաք՝ Հալապ , ձեռամբ եւ հրամանաւ նուաստագոյն Յովհաննէս կաթողիկոսի . յիշողքդ եւ Ողորմի ասողքդ յիշեալ լիջիք եւ ողորմութիւն գտջիք ի Քէ . Այ . մերոյ , որ է աւրհնեալ անզրաւ յաւիտենին . ամէն»։
      
       Ս. Յակոբի Թիւ 958 Ձեռագրէն, որու Բ. Մասն է «Վերլուծութիւնք… Արիստակիսի գրչի», նօտագրուած Անթէպցիի գրչով 1586ին։
       -Փա՜ռք Փրկչին եւ յիշատակ Գրչին,
       Աստուած ողորմի գրոցս ստացողին,
       Տէր Ազարիայ Հայոցս Վերադիտողի,
       Քաջ հըռետոր րաբունայպետի.
       զիս զՅովհաննէսս աշակերտ սորին
       աղաչեմ յիշել ի սուրբ մատենեանըս (sic)ի
       Քերականիս որոյ անունըն այսպէս կոչի,
       զի լոյսատու է սայ մանկանց Սիոնի.
       եւս առաւել գրոց աշակերտի,
       որոց ոչ թագչի բան ի սոյն Տառի,
       փափագողացն ջերմեռանդ սրտի.
       Զձեզ աղաչեմ եղբայրք նազելի,
       հանդիպողացդ յայս բուրաստանի,
       երբ ընթեռնուք յաւգտիք բան ի սմի,
       յիշման առնէք դուք զմեզ արժանի։
       Զլուսատուն հայկազան զարմի,
       ԶԱզարիայ րաբունին բարի,
       Զիս զաշայկերտ եւ զծառայ սորին,
       որ զսակաւ գիծս գրեցի
       եւ փծուն գրչաւս ըզսայ նաւտրեցի,
       փափագանացս ես իմոց հասի,
       զհրամանս Տեառն իմ կատարեցի։
       Թուականիս Ռ եւ Լն. ի
       Ե աւելորդ կայր ի յայսմ ամի (ՌԼԵ=1586)
       որ զսակաւ գիծս յաւարտ հանի,
       աւրհնեալ է Աստուած համայնի . ամէն։
      
       Դարձեալ աղաչեմ զձեզ եղբայրք որ ի սխալանաց եւ ի պակասութեան նաւտրիս անմեղադիր լինիք, զի թէ շե՜շտ եւ թէ կետ եւ թէ կիտ, եւ ստորակիտ, եւ այլ որ ինչ արուեստ կայ ի սմա դու իմաստուն եւ ճարտար մտաւք քննեայ. զի ես խիստ տառապանօք գրեցի. զի ոչ թանաք ունէի եւ ոչ շիքրոն ի վերայ ծնկիս եւ ի վերայ բարցին նաւտրեցի. այնոր համար արհեստին փոյթ չեղայ։
      
       ՀԱԼԷՊԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ 1616-ին
       Սիմէոն Լեհացին հետեւեալ տողերու մէջ կը նկարագրէ Յովհաննէս Կթղին. Երուսաղէմէն վերադարձը, ուխտաւորներով, 1616ի Զատկէն յետոյ, որ այդ տարին պատահեցաւ Մարտի 31ին։
       -«Իսկ յորժամ մեք ի Հալապ ժամանէաք՝ կէս աւուր ճանապարհ դէմ մեզ երեկ Հայոց ազգն, արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, երիտասարդք եւ կուսանք, այլեւ Ասորիք, Խբդիք, Մարունիք, նաեւ Թուրքաց. զի ատաթ է յորժամ յԵրուսաղէմայ ըխտաւորք գան, պիտոր դէմ գնան։
       Ապա զի Հոգեւոր Տէր ընդ մեզ էր եւ քաղաքին առաջնորդն , վասն այն առաւել պատիւ արարին , եւ քաղաքն դղրդեցաւ։
       Այլեւ Խոճայ Պէտիկն եկաւ երկու եղբարբք , հեծեալ ի սպիտակ ձի արապի . ոսկիակազմ ականակուռ , ընդելուզեալ ակամբ եւ մեծագին մարգարտօք սանձն , թամբքն եւ այեարն , որ փայլզփայլի տայր ոսկին եւ ակունքն եւ չափրազն դիպակաց պղպջուն եւ մեծածախ։ Ունէր ընդ իւր բազում ճորտ եւ ծառայ , սիբահիք եւ ենկիչարիք , որպէս փաշայ մի։
       Եւ իբրեւ մերձեցաւ նա՝ իջաւ ի ձիոյն եւ անկաւ յոտս Կաթողիկոսին , ողջունեաց զնա։ Եւ իբրեւ նստաւ եպիսկոպոսօք , վարդապետօք եւ քահանայիւք եւ բազմամփոխ ժողովրդօք , որք եկեալ երանի տային աչացն , եւ զաջն համբուրէին։ Եւ անտի դարձեալ առ ուխտաւորս եւ առ ծանօթս , առ սիրելիս եւ բարեկամս , ունելով ընդ ինքեանս րախի , գինի , կերակուր եւ այլն . եւ ուրախացեալ ընդ գալուստ նոցա , գրկախառն համբուրէին զմիմեանս եւ նստեալ ի ճաշ՝ զուարճանային։ Եւ ոչ ոք մնաց որ ծանօթ չունաց (չունայ ?) կամ սիրելի , բայց յինէն ։
       Եւ յետ ճաշուն , առեալ զՀոգեւոր Տէրն եւ զՂուկաս Եպիսկոպոսն եւ զայլսն՝ տանէին ի քաղաքն , եւ երկու կողմանց բազմամբոխ ժողովուրդն որպէս պարիսպ էր՝ քրիստոնեայք եւ այլազգիք։
       Եւ հարկանէին կանայք զշրթունս եւ ձայն իմն ածէին ըստ սովորութեան Արապաց։ Նաեւ յեկեղեցիս հանդիսաւորս այսպէս առնէին կանայք ։
       Եւ այսպէս մեծաւ փառօք մուծին ի դարպասն։
       Եւ ես տխուր դիմօք եւ լի սգով երթայի մինակ ի հեռաստանէ . սրբէի զաչս եւ գոհանայի զԱստուծոյ։
       Եւ այն օր Խոճայ Պէտիկն մեծ ընթրիս արար եւ ուրախութիւն մինչեւ յիրիկունն»։
       Սիմէոն Լեհացի բաւական հետաքրքրական նկարագրութիւն մը ունի Հալէպի Կաթողիկոսարանի եւ Յովհաննէս Անթէպցիի մասին, որուն ուղեկից եղած է 1616ի Զատկէն յետոյ՝ նորէն Երուսաղէմէն Հալէպ վերադարձին։
       Հասանք, կ՚ըսէ Լեհացին , «ի հռչակաւոր եւ մեծահամբաւ մայրաքաղաքն Հալապ. եւ հոգեւոր Տէրն (Յովհաննէս Անթէպցին) տարաւ զմեզ ընդ իւր ի դարպասն. եւ իջաք եպիսկոպոսարանն։ Եւ կայր չորս եկեղեցի հուպ միմեանց մերձ դարպասին՝ մէկ բակ, մէկ Մարոնի, մէկ Հոռմի, երկու Հայի՝ Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Քառասունք. եւ յայսմ ամի նոր նորոգած էր եւ մեծցուցած՝ լայն եւ ընդարձակ, գմպէթաշէն եւ սայլակապ, յոյժ գեղեցիկ եւ վայելուչ. եւ շինօղն էր Խոճայ Սանոս՝ եղբայր Խոճայ Պետիկին…
       Եւ այս քաղաքս մեծ պէնտէր է եւ շահրիստան . եւ յինքն կայ Հնու-հնդուստանու մարդ , ամէն տեղաց վաճառական . եւ ինչ կումաշ կամիս , անդ գտանես։ Նստի անդ չորս պալիօս։
       Եւ մեր Սուրբ Աստուածածնայ ժամն երեք խորան ունին ֆռանկք , որ ամէն շաբաթ եւ կիրակի գան պատարագ առնեն . եւ թէ մերոնք պատարագեն , նոքա Սուրբ Քառասունք երթան։
       Բայց Մարունիք մեծ սէր եւ հնազանդութիւն կ՚առնեն մեր առաջնորդին . երբ ժամուն կ՚ելնեն , գան զաջն համբուրեն եւ արձակումն խնդրեն . եւ թէ ժամէն ելած չեն , անչափ պիտոր կենան որ ժամն արձակի , խաչ առնուն , ապա երթան . իսկ Հոռոմք զայս ոչ առնեն։
       Կան եւ Ասորիք յոլով եւ անուանիք . ունին քարէ եկեղեցիք այլ տեղ։
       Եւ կայր մերձ եպիսկոպոսարանին քարէ խցեր հայոց։
       Եւ կաթողիկոսարանն ունէր ներքնատուն , միջնատուն եւ վերնատուն վիմաշէն։
       Եւ Պատրիարգն սուրբ Երուսաղէմայ եւ կաթողիկոս Սըսայ էր Յովհաննէս Կաթողիկոս , որ միշտ ի Հալապ նստէր։
       Կայր եւ վարդապետ մի Յովհաննէս Ուռհայեցի եւ արքեպիսկոպոս մի Տէր Խաչատուր . լաւ տէր վարպետ մի , որք էին հիւրասէրք , հեզ եւ առատաբան։
       Կայր այլ եպիսկոպոս երեք . հինգ աբեղայ եւ հինգ երէց , եւ երեքհարիւր տուն հայի կայր։ Իմաստունք , փարթամք , գեղեցկատեսիլ , նման Ջուղեցւոց եւ Յամթեցւոց՝ անուանիք եւ մեծ վաճառականք , որ մարդ ամաչէր երեսվին հայիլ։
       Կայր Խոճայ Ղանտիլն եւ այլ համբայք նորա՝ քառսուն հազար , յիսուն հազար բեռան տէր։
       Այլեւ տներն մեծագին , տաշած եւ կոփած , բարձր եւ մեծ , նման Յամթայ տներուն՝ տասն , տասնուհինգ հազար ղուռուշի։
       Ունին եւ մարդավարութիւն . եւ են մեծ վաճառականք . գնան Հնդուստան , Պաղտատ եւ Ասպահան։
       Ունին եւ ազնիւ կերակուրք . եւ է ազգ մի ճաշ , զոր մըխլա կոչեն , նման պէօրէկի , քառսուն յիսուն ձու ածեն եւ զանազան բանջարօք , եւ աւելի քաբար դնեն , որ է , առանց մսի ի տապակի եդեալ տան ի փուռն . զարմանալի համ ունի։
       Եւ զգեստ է նոցա սօֆ , խութնի , աթլաս , եւ վաթսուն , եօթանասուն , հարիւր չլայ չուխայ։
       Բայց հայնակ , ոչ թուրքնակ չի գիտեն , միայն արապնակ զրուցեն . եւ գիր ընթեռնուն արպի լաւ , ոչ միայն աշխարհականք , այլեւ քահանայք։ Եւ զամենայն գրեանս արապի լեզու թարգմանած , որպէս Լեհցիք եւ Ստամպոլցիք հայնակ չգիտեն։
       Եւ է քաղաքն պարսպաւոր՝ աշտարակօք եւ ամրոցիւք։ Ունի տասն դուռն , եւ ունի զատ ի բերթէ հիսար մի յոյժ ամրոց , անտաշ քարէ , բարձր եւ սուր , նման Համուսայ բերթին . բայց սա ա՛յլ բարձր եւ մեծ , եւ բոլորն խանտակ , ի վերայ բարձրաւանդակ տեղւոջ , եւ անդր յոլով թօբեր հանած պատուհանիցն ի դուրս։ Եւ խանտակին մէջն մեծ եւ խոր , ու ջուր կայր . եւ ինչ ազգ ճանաւար ուզես , անդ տեսանես։ Եւ յայս կողմն ջրին նասիմին է պառկել , որում վրայ երկու ծառ բարակ եւ երկայն բուսել է։
       Եւ ունի ՅԿԵ (=365) խան աւուր գլուխ , մի քան զմին լաւ , եւ անթիւ խանութ , կրպակք , պէզէսդան եւ այլն . եւ ինչ բան ուզես՝ անդ գտնուս , զի մեծ շահրիստան է։
       Այլ եւ ֆռանկի խաներն , ուր պալիօսքն նստին , լաւ չուխայ , աթլաս , քէմխայ եւ ֆռանկի խումաշ գտանես։
       Նոյնպէս ազնիւ բաղանիք եւ ջուրն առողջ , լի եւ առատ։
       Եւ կացաք անդ ամիս մի , զի մեծ սէր եցոյց մեզ Հոգեւոր Տէր» (=Յովհաննէս Անթէպցի (Հանդէս Ամսօրեայ, 1933, Մարտ-Յունիս, էջ 307-308 եւ 318-319)։
      
       Կաթողիկոսարանիս գանձատան մէջ կը պահուի ընտիր գրչագիր Աւետարան մը , գրուած ի Հռոմկլայ 1248-ին Կոստանդին Բարձրբերդցի կաթողիկոսի ժամանակ, արդեամբք Տէր Ստեփանոս Դրան եպիսկոպոսի, Կիրակոս գրչի ձեռքով։
       Այս Աւետարանը մնացած է Բարձրբերդի եկեղեցւոյ մէջ, իբրեւ թանկագին յիշատակ, իբրեւ «թագաւորական եւ թագաւորաց Աւետարան », բայց 1591-ին Բարձրբերդցիք յանիրաւի կ՚ենթարկուին 2000 ֆլօրին տուգանքի եւ զայն վճարելու համար կը ծախեն այս Աւետարանը։ Ատանացի Ստեփանոս քահանան 200 ոսկիի կը գնէ եւ յիշատակ կը դնէ Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։
       Այդ թուականէն 15 տարի յետոյ, 1606-ին, Բարձրբերդի իշխանները կը հաւաքուին Յովհաննէս Կաթողիկոսին քով եւ կը խնդրեն որ իրենց Աւետարանը վերստին գայ իր տեղը, Բարձրբերդի եկեղեցին։ Կաթողիկոսը կը միջնորդէ, «Մեծահաւատ իշխան մի Աստուածատուր անուն » կուտայ 200ղրշ. եւ Աւետարանը կը վերադառնայ Բարձրբերդ.
       - «Եւ խորհուրդ արարեալ միաբան ժողովուրդք մեծամեծաւքն , եւ եկեալ ի Տեառն Տէր Յովհաննէս Կաթողիկոսն, եւ ասացին թէ, Հոգեւոր Տէր, մեզ դատաստան արա եւ զմեր պապենի յիշատակն ի մեզ տուր. եւ ելեալ բազում իշխանք եւ քահանայք թէ մեք գնեցաք. ԺԵ. տարի է, է՛ր կու տանք։ Եւ ժողովեալ զամենեսին երկու կողմանց եւ արար մեզ դատաստան Կիլիկիոյ, որ Սիս ասի, առաջնորդն եւ կաթողիկոսն հանդերձ (քանի մը բառ ջնջուած ) եւ սպասաւոր սբ. Լուսաւորչի աջոյն եւ բազում քահանայիւք եւ ժողովրդաւք , եւ արար դատաստան, եւ առեալ զԱւետարան՝ ետուր առաջին յիշատակ եդեալ Բերթն, եւ եկեալ ի Բարձըրբերթու յիշխանաց մի ոմն բարի եւ աստուածասէր մեծահաւատ իշխան մի Աստուածատուր անուն եւ ասաց թէ հոգոյս ես կառնեմ, եւ ետուր երկու հարիւր ղուրիշ իւր հալալ ապրանացն, եւ ասաց թէ կու կամին եւ կամք չունին զԱւետարանս ինձ տալ, թող բերեն զերկու հարիւր ղուրիշն եւ միաբան Բարձր բերթու ժողովրդեանն թող լինի, եւ աւրհնեալ ժողովուրդն կամք ունէին առնալու. ապա ժամանակին դառնութենէն ոչ կարացին առնուլ, եւ տեսեալ բարի հաւատով պայծառացեալն եւ աստուածային շնորհաւքն զարդարեալ իշխանաց իշխանն պարոն խոճայ Աստուածատուրն եւ իւր եղբայրն մղտսի. Թորոսն եդին զամենայն սէրքն աշխարհի ի բաց, եւ փառք Քրիստոսի տալով ստացան զսա եւ ետուն երկու հարիւր ղուրիշ իւրեանց հալալ արթեանցն եւ արարին իւրեանց բարի յիշատակ յաւիտենից», եւայլն։
       Տէր Աստուած Յիսուս Քրիստոս յիշատակի սուրբ Աւետարանիս բարեխօսութեամբ ողորմեա վերոյ գրեալ հաւատացելոցս եւ հրաւիրեա զգոգ նահապետին արդարոյ եւ Աբրահամու եւ հանգոյ զհոգի սորայ Խոճայ զԱստուածատուրին եւ եղբաւր մղտսի . Թորոս տարւիշին որ ստացան եւ գնեցին սուրբ Աւետարանս իւրեանց հոգոյն երկու հարիւր ղուրիշ, հալալ արթեանցն, առաջի Սըսոյ առաջնորդի եւ Տեառն Տէր Յովհաննէս Կաթողիկոսի (ջնջուած են քանի մը բառեր ) Լուսաւորչի սուրբ աջոյն եւ առաջի ոսկիազարդ Ալեքսիանոս վարպետի եւ այլ բազում ժողովրդեամբ գնեցին զսա երկու հարիւր ղրշ. այլ ոք ո՛չ ունի իշխանութիւն մերձենալ ի սա կամաւն Աստուծոյ Ամէն. Հայր մեր որ. յիշատակն աւրհնութեամբ եղիցի»։