Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սսոյ Մաշտոցին մէջ Ղազար Կթղս. այսպէս արձանագրած է իր գահակալութեան թուականը.
       -«Նուաստս . Ղազար Կթղս . երկրորդ Զէթունցի , նստայ յաթոռ հայրապետութե . ի Սիս քաղաքին , որ եմ հաւրեղբաւրորդի Սիմէոն կթղկսին . թվին Հայոց ՋՂԴ (= 1545). յիշեցէք յաղաւթս ձեր»։
      
       Ահա՛ մեր ձեռք հասած բոլոր տեղեկութիւնը թէ Ղազար՝ Զեթունցի երկրորդ կաթողիկոսն է Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ, թէ հօրեղբօրորդին է նախորդ Սիմէոն կաթողիկոսին։ Երկու տարի տեւած է Ղազարին կաթողիկոսութիւնը եւ ըստ Ալիշանի տեղեկութեան, թաղուած է Ֆռնօս (Սիսուան, էջ 537)։
       Զեթուն երեք կաթողիկոս տուած է Կիլիկիոյ աթոռին, Սիմէոն Ա ., Ղազար եւ Խաչատուր Բ. (Հմմտ. Սիսուան, էջ 186), վերջինը պիտի տեսնենք քիչ ետքը։ Օրմանեան երեք Զեթունցիներուն գրեթէ իրարու ետեւէ կաթողիկոսանալուն երեւոյթը կ՚ուզէ մեկնել սա ենթադրութեամբ որ իբրեւ թէ Սսեցիք տկարացած ըլլան այս միջոցին եւ ընդհակառակն Զեթուն զօրացած, Կիլիկիոյ մնացորդ հայ իշխաններուն հո՛ն ամփոփուելուն հետեւանքով՝ 1415ին, եւ դիտել կուտայ թէ Ղազարին յաջորդը, Թորոս Ա. ՝ Սսեցի ըլլալուն համար բռնադատուեցաւ քաշուելու իր աթոռէն, իսկ անոր յաջորդ Խաչատուր Ա. Չորիկ, իբրեւ թէ Զեթունցի ըլլալուն համար կաթողիկոսացաւ Զեթունցիներու պաշտպանութեամբ (Ազգպտմ. էջ 2259)։
       Բաւական սրամիտ մեկնութիւն մըն է ասիկա, բայց ըստ մեզ շատ դժուար է համաձայնեցնել զայն պատմութեան. մա՛նաւանդ Չորիկի Զեթունցի ըլլալուն փաստը քաղել իր հայրենակիցներուն պաշտպանութենէն, պատմական չի թուիր մեզ. վասն զի Չորիկի մասին մեզի հասած տեղեկութիւններու մէջ ոեւէ յիշատակութիւն չկայ թէ ան Զեթունցի եղած ըլլայ. ընդհակառակը Չորիկ իր արժանիքով կաթողիկոս եղած է «ընտրութեամբն Աստուծոյ », ինչպէս որ պիտի տեսնենք քիչ ետքը։