Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սահակ Վարդապետին պատրաստած դասագրքերը կը ներկայացնենք այստեղ իրենց հրատարակութեան թուականի կարգաւ, առանց նայելու անոնց Ա. կամ Բ. եւ կամ Գ. տպագրութեան։
      
       Ա.
       ՀԱՄԱՌՕՏ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒն, ԲՆԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ , ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ.
       փոքր 80 եւ 364 էջնոց գրքոյկ մը, յաւելուածական երկու տախտակներով, ուր պատկերացուած են երկրաչափական եւ եռանկիւնաչափական գիծեր եւ ձեւեր, արեգակնային դրութեան վերաբերեալ խնդիրներ բացատրելու եւ լուսաբանելու համար։
       Սահակ Վարդապետ իր սարկաւագութեան ատեն պատրաստած է այս դասագիրքը եւ տպագրել տուած է 1874-ին, «յերուսաղէմ Տպարանի Սրբոց Յակովբեանց »։ Սկիզբը դրուած ԱԶԴը անշուշտ Յառաջաբանի տեղ, կուտայ ներածական ծանօթութիւն դասագրքի նպատակին եւ բովանդակութեան մասին։ Այս դասագիրքին հրապոյրը աւելցուցած է վերջին մասը, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ։
       Խապայեան կը հաւատայ որ Հայ մանուկը լաւ սովրելու է իր հայրենեաց աշխարհագրութիւնը եւ պարտաւոր է ուսանիլ ընդարձակօրէն եւ կանուխ Ժամանակաց, այսինքն նախակրթութեան շրջանէն, որովհետեւ այս դասագրքին մէջ շատ համառօտ եւ խիտ տեղեկութիւններ միայն տրուած են Հայաստանի մասին, հետեւեալ ծրագրով.
       -«Սահման-լերինք - լճեր-գետեր-եղանակ օդոց-բուսաբանութիւն-կենդանիք-բնակիչք-քաղաքական վարչութիւն-Մեծ Հայք - Մեծ Հայոց գլխաւոր գաւառներ, քաղաքները եւ տեղերը -Շարունակութիւն գլխաւոր քաղաքաց եւ տեղեաց - Փոքր Հայք-Յետ ժամանակաց Հայաստանի միացած նահանգներ-բաժանումն նոր Հայաստանի - Օսմանեան Հայաստան - Ռուսի Հայաստան-Պարսից Հայաստան. էջ 310-354։
      
       Բ.
       ՆՈՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔ ՏԻԵԶԵՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ, փոքր 80 էջ 255, դարձեալ յաւելուածական երկու տախտակներով, Բ. տպագրութիւն է ասիկա 1884-ին, Երուսաղէմ, առաջին տպագրութիւնը 1876, էջ 240։
       Առաջին տպագրութեան Յառաջաբանը նոյնութեամբ դրուած է այս հրատարակութեան սկիզբը, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ոեւէ փոփոխութեան ենթարկուած չէ դասագիրքը։
      
       Լսենք ուսուցչին խօսքերը Տիեզերագրութեան եւ անոր Դասագրքի մասին։
       -«ՏԻԵԶԵՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ որ կ'ուսուցանէ գլխաւորաբար մեր մոլորակային դրութեան կազմութիւնը եւ կը բացատրէ այն օրէնքները, որով այս երկնային մարմինները, ընդ որս եւ մեր երկիրը իբրեւ մոլորակ, կը կառավարուին, կարեւոր ուսումներէն մին է։ Հարկ չեմք տեսներ այս տեղ ընդարձակօրէն թուել անոր օգուտները եւ կարեւորութիւնը. բաւական է՛ գիտնալ, որ այս ուսումը ներկայ դարուս սկիզբէն յառաջադիմական մեծամեծ քայլեր առաւ. տիեզերախօսական շատ ճշմարտութիւններ պարզուեցան. բազմաթիւ եւ օգտակար գիւտեր եղան. այս ամենը` այն ուսման կարեւորութեան ապացոյցներ են։ Մարդը, որ առաջ զինքը շրջապատող երկնային երեւոյթներուն անտեղեակ էր, եւ շատ անգամ բնական երեւոյթ մի շատ ազգեր տգիտութեան պատճառաւ մեծ արհաւրանաց մէջ կը ձգէր, այսօր շնորհիւ այս ուսման գիտե եւ կը մեկնէ այդ երեւոյթներուն պատճառը, գիտէ մոլորակային դրութիւնը կազմող մարմնոց բնական եւ տարրաբանական կազմութիւնը, գիտէ անոնց շարժումներն եւ շարժմանց տիրող օրէնքները եւ գիտէ վերջապէս նոցա իւրաքանչիւրին հեռաւորութիւնը եւ մեծութիւնը։ -Ահաւասիկ համառօտիւ Տիեզերագրութեան օգուտները։
       Գիտութիւն մի , երբ բաց ի չոր ու ցամաք ծանօթութիւններէ, կամ բաց ի մտաց զարգացումէ, չը բաւականացըներ մարդոյ սիրտը եւ չը լցուցաներ նորա հոգին երկնային զմայլմամբ եւ զարգացմամբ, ի կարեւորացն է, բայց ո՛չ ի կարեւորագունից։ Այս համեմատութեամբ աւելի պարզ կ'որոշուի Տիեզերագրութեան միւս բնական ուսումներէն ունեցած գերազանցութիւնը. վասն զի ո՞ր ուսումն է աւելի արժանի մարդոյ խոկմանց, աւելի ընդունակ նորա սիրտը եւ հոգին լցուցանելու երկիւղած զարգացմամբ եւ կրօնական սուրբ զգացմամբ, ուսումն հրաշակառոյց տիեզերաց, քան ուսումն լուսասփիւռ աստեղաց, որք անդադար կը թաւալին մեր գլխուն վերայ. ի մի բան քան ուսումն Երկնից, որ ըստ Մարգարէին Պատմեն զփառս Աստուծոյ եւ զարարածս ձեռաց նորա։
       Այսու համոզմամբ կը յուսամք թէ մեր ներկայ աշխատութեամբ եթէ ոչ առաջին, գոնեա՛ կարեւոր եւ օգտակար գործ մի նուիրեցինք ուսումնասէր Հայ մանկտւոյն։ Թէեւ մեզմէ շատ առաջ այլք փութացած են այս ծառայութեան մէջ, սակայն մեր գլխաւոր ջանքն եղած է աւելի նորագոյն եւ կարեւորագոյն ծանօթութիւններով ճոխացնել եւ կանոնաւոր բնական կարգաւ մի` ուսմունքը դիւրամատչելի ընել։ Այս նպատակաւ ուսման նիւթին համեմատ վեց գլուխներու բաժնեցինք. առաջին` Երկիրը դրինք, որ մեզ ամենամերձաւորն եւ մեր բնակութեան տեղին է. երկրորդ` Հաստատուն աստեղք, երրորդ` Արեգակն, չորրորդ` Լուսինը, հինգերորդ` Մոլորակային դրութիւն, վեցերորդ` Տոմար. եւ ամենէն վերջը` քսան եւ մէկ խնդիրներ յաւելցուցինք ուսանողաց կրթութեան համար նոյն իսկ դասագրքէն քաղուած, զոր ուսանողք առանց արուեստական Գունտի իբրեւ թուաբանական խնդիրներ պիտի լուծեն։ Ամենէն աւելի խնդրոց լուծումը պիտի երաշխաւորէ ուսանողաց վիճակը. վասն զի երբ ուսման բուն ոգւոյն չեն թափանցած , անպատճառ պիտի տկարանան խնդրոց լուծման մէջ։ Առ այս կը խնդրեմք, որ Ուսուցիչք առաջնորդեն ուսանողաց. դասագրքին մէջ շատ տեղեր միայն թիւեր դրուած են առանց մանրամասն հաշուոց իբրեւ վերջնական արդիւնք. պիտք է որ ուսանողք ինքնին փորձեն գործողութեամբք անոնց ստուգութիւնը։
       Որչափ որ մեր այս գործը զանազան թերութիւններէ զերծ չէ, սակայն կը յուսամք, որ Մեծարգոյ Ուսուցիչք պիտի ընդունին ներողամիտ ոգւով եւ համակրութեամբ, որով եթէ Հայ-մանկտին սակաւ ինչ օգտի, մեք` մեր աշխատութեան վարձն ու պսակը լիովին ստացած կ'ըլլամք»։
      
       Գ.
       ԲՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ի պէտս Դպրոցաց, փոքր 80, էջ 377, եւ ցանկ նիւթոց, էջ 379-384. «Աշխատասիրեց Ս. Ե. Խապայենց », տպագրուած 1888-ին, Երուսաղէմ, «Հրամանաւ Տնօրէն Խորհրդոյ Ս. Աթոռոյս»- «Ի յիշատակ Թալասցի հանգուցեալ Ազգասէր Աշըգեան Յակովբ Էֆէնտիի եւ Բարեհամբաւ Գերդաստանի իւրոյ»։
       Պատկերազարդ է այս դասագիրքը, եւ ուշագրաւ` լեզուի կողմէն, որովհետեւ թէքնիք բառերը «յարմարութեամբ շինուած են, կենդանիներու եւ տունկերու կազմութենէն եւ յատկութիւններէն առնելով, ինչպէս որ աշխատասիրողն դիտել տուած է իր ԱԶԴին կամ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆին մէջ։
       -«Ազգ. Դպրոցաց համար ԲՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ յարմար եւ ըստ կարելւոյն բաւականարար Դասագիրք մի նուիրելու բաղձանքով ներկայս պատրաստուած է Գաղղիարէն լաւ դասագրքերէ առաջնորդուելով. իւր համառօտութեան մէջ զանց առնուած չեն ուսանելու արժանաւոր կենդանիները , տունկերը եւ հանքերը։ Այսու, եթէ ո՛չ բնութեան ուսման ընդարձակ սրահը, գոնեա՛ կը յուսամք, որ ուսանողք այդ սրահին նախագաւիթը պիտի առաջնորդուին։
       Հայերէնի մէջ պակսած արհեստական կամ ուսումնական բառերը յարմարութեամբ շինուած են, կենդանեաց կամ տնկոց կազմութենէն եւ յատկութիւններէն առնելով. իսկ շատ քիչերունը անփոփոխ հնչմամբ նոյնը պահուած։
       Ամբողջ գործը չորս մասերէ կը բաղկանայ, որք են Կենդանաբանութիւն, Բուսաբանութիւն, Հանքաբանութիւն եւ Երկրաբանութիւն»։
      
       Դ.
       ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ, Դ.
       Տպագրութիւնն է ձեռքի տակ ունեցածնիս, փոքր 8 0 էջ 327, վերջը` Համառօտ Աշխարհագրութիւն Սրբազան Պատմութեան, էջ 329-336 եւ Ցանկ Նիւթոց, Էջ 337-340։ Տպգր. ՌՅԽԵ =1896, Երուսաղէմ։ Ա. Տպագրութիւնը 1877։
       Այս դասագիրքը հետեւողութիւն մըն է Կովկասի դպրոցներու համար պատրաստուած եւ 1863-ին Թիֆլիզի մէջ հրատարակուած աշխատութեան Պ. Ս. ի կողմէն։ ՂԶ (=96) հատուածներու մէջ ամփոփուած են Հին Կտակարանին գլխաւոր դէպքերուն եւ դէմքերուն պատմութիւնները, ճոխացած յաւելուածներով եւ ծանօթութիւններով։
       Սահակ Սրբազան կը յայտարարէ որ դաստիրակութիւնը եթէ չհիմնուի կըրօնքի վրայ, չի կրնար ընձեռել ակնկալուած օգուտները։
       Այս համոզումով նա պատրաստած է այս դասագիրքը, որուն Դ-րդ տպագրութիւնը ցոյց կուտայ թէ լաւ ընդունելութիւն գտած է ան հայ դպրոցներու մէջ։
      
       Տեսնենք իր ՅԱՌԱՋԱԲԱՆը.
       -«ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ շինուածքը եթէ կրօնական ուսման վերայ չը հիմնուի անկարող է ընձեռել մարդկային ընկերականութեան այն օգուտները, որոնք ընդհանրապէս դաստիարակութենէն կ'ակնակալուին։ Ինչպէս մարդը երկու որոշ մասերէ բաղկացած է, այն է ի հոգւոյ եւ ի մարմնոյ, նոյնպէս եւ դաստիրարակութիւնը իւր վախճանին նկատմամբ կրկին է. մին կ'ասուի մտաւոր դաստիարակութիւն եւ միւսն` բարոյական։ Մտաւոր դաստիարակութեան օժանդակ միջոցներն են արտաքին գիտութիւնները, որք մարդոյ մտաւոր կարողութեանց զարգացման կը ծառայեն. իսկ բարոյական դաստիարակութեան միակ օժանդակն է կրօնական ուսումը, որ յաւէտ մարդոյ սիրտն եւ հոգին կը կրթէ։
       Ինչ անհամեմատ առաւելութիւն, որ ունի հոգին մարմինէն, նոյն առաւելութիւնը ունի բարոյական դաստիարակութիւնը մտաւոր դաստիարակութենէն. առաջինը մարդոյ սիրտը կը դիւթէ, կը հմայէ եւ կը կապէ այն գերագոյն Էակին հետ, որ աղբիւր է կատարեալ երջանկութեան եւ փառաց. թռիչ կը տայ մարդոյ հոգւոյն, որով կը վերասլանայ այն բարձր գաւառները, ուր տիւն է աներեկ, լոյսն է անստուեր եւ կեանքն է անթառամ։ Ուրեմն ո՛ր ուսումը ա՛յնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ կարող է լինել կրօնի ուսումէն առաւել, որ արարածը Արարչի ծանօթութեան կ'առաջնորդէ, կ'ուսուցանէ մարդուն` Աստուծոյ հետ ունեցած կապակցութիւնները, կ'ուսուցանէ իւր պարտաւորութիւնքն առ Աստուած եւ առ ընկերն. կ'ուսուցանէ այնպիսի փրկարար ճշմարտութիւններ, առանց որոյ անհնարին է չը սայթաքիլ եւ գլորիլ ի մեղս եւ յապականութիւն. վերջապէս կ'ուսուցանէ այն պատգամները եւ պատուէրները, որոց կատարումն անհրաժեշտ է մարդ-արարածոյն ի լինել հաճոյ Աստուծոյ եւ երջանիկ կրկին կենաց մէջ։
       Բայց որովհետեւ ամեն կրօնական ուսմանց հիմը Հին Կտակարանն է, որով Աստուած իւր կամքը եւ ողորմութիւնը կտակած է բովանդակ մարդկութեան, ուրեմն իրաւամբ կարող եմք ասել, որ Հին Կտակարանի պատմութիւնը դաստիարակութեան մէջ վերելութեան առաջին աստիճանն է։ Աւելորդ կը համարեմք ընդարձակօրէն խօսիլ սոյն ուսման օգտակարութեան եւ կարեւորութեան վերայ. վասն զի ուրախ եմք, որ մեր ազգին մէջ եթէ ո՛չ կատարելապէս, գէթ մասամբ զգալի եղած է սոյն ուսման կարեւորութիւնը եւ մեծ յոյս ունիմք, որ օր ըստ օրէ առաւել զգալի պիտի լինի շնորհիւ Ազգ. Կրօն. Ժողովոյ, որոյ առաջին եւ նուիրական պարտաւորութիւնն է կրօնական ուսումնը ազգին մէջ ծաւալելու եւ արմատացնելու միջոցները խորհիլ եւ դիւրացնել։
       Այս մասին մեք եւս, իբրեւ ազգային դաստիարակութեան յետին մշակ, մի օգտակար ծառայութիւն առնելու սուրբ բաղձանքով Հին Կտակարանի պատմութեան սոյն դասագիրքը պատրաստեցինք հետեւելով 1863-ին Թիֆլիզ տեղական բարբառով հրատարակուած Դասագիրքին, որ ունի այս վերնագիրը. -
       ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ՏՂԱՅՈՑ ԵՒ ԱՂՋԿԱՆՑ ՀԱՄԱՐ. աշխատ. Պ. Ս□եանց։ Այս առթիւ Մեծարգոյ աշխատասիրողին մեր շնորհակալութիւնը մատուցանելով` կը յուսամք որ անդէպ չպիտի համարի տեղ տեղ մեր արած յաւելումները եւ ինչ ինչ ծանօթութիւնները, որոնք օգտակար կարող են լինել ո՛չ միայն նորուս մանկանց, այլ եւ չափահաս ընթերցողաց։
       Ներկայիս իբրեւ դասագիրք ունեցած յարմարութեան, առաւելութեան եւ օգտակար եղանակի մասին կը թողումք, որ իւրաքանչիւր Ուսուցիչ ինքնին փորձե եւ վկայէ։ Ահա՛ այս վկայութիւնը եւ ազգային մանկտւոյն քաղելիք օգուտը պիտի լինին մեր շիթ մը քրտան պտուղը։
       Ս. Վ . ԽԱՊԱՅԵՆՑ
      
       ՈՒՐԻՇ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
       Բացի այս դասագիրքերէն Սահակ Վարդապետ կազմեց Երուսաղէմի Օրացոյցները 1878-1881, Յարութիւն Զէնճիրճեանի մեկնումէն յետոյ։
       1874-1881 խմբագրապետը եղաւ ՍԻՕՆ Ամսագրին, ըլլալով միանգամայն Տեսուչ Տպարանի, Անդամ Տնօրէն ժողովոյ, երբեմն ալ Ատենապետ միաբանական Ընդհանուր Ժողովոյ։
       Ս. Յակոբի տպարանէն լոյս տեսնող բոլոր հրատարակութիւններ պէտք է անցնէին իր աչքէն եւ ձեռքէն։
       Եկաւեան Թադէոս Վարդապետի ծանօթ Համաբարբառին (Բառարան Ս. Գրոց ) տպագրութեան հսկեց Սահակ Վարդապետ եւ սրբագրեց անոր փորձերը, օժանդակութեամբ իր աշակերտներուն։
       1880-ին գրեց գրքոյկ մը, ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԵՊՀԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ, ԸՆԿԵՐՈՎԻ ԻՐԱՒԱՆՑ, ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆՑ Ի ՏՆՕՐԻՆԱԿԱՆ ՏԵՂԻՍ, Հրամանաւ Պատրիարքի Ս. Երուսաղէմի, Տ. Յարութիւն Սրբազան Արքեպիսկոպոսի։
       Մեր ձեռքին տակ ունեցածն է այս գործին Բ. Տպագրութիւնը, փոքրիկ 80, էջ 132, 1890, Տպ. Ս. Յակոբ, Երուսաղէմ։
       Սահակ Վարդապետ, առ համեստութեան, իր անունը չէ դրած այս գրքոյկին վրայ, ո՛չ ալ ԱԶԴին կամ Յառաջաբանին վերջը։
       Բժիշկ Ստեփան Փաշա Արսլանեան, Ազգ. Կդրնկն. Վարչութեան Քղքկն. Ժողովին Փոխ-Ատենապետը, արտասովոր պատուիրակութեամբ Երուսաղէմ կու գար, Ս. Յակոբի տնտեսական վիճակն ուսումնասիրելու համար։ Այդ առթիւ է որ այս գրքոյկը լոյս կը տեսնէ երկրորդ անգամ։
       Այս տետրակը Առաջնորդ մըն է, գրել-կարդալ գիտցող ուխտաւորներու ձեռքը։ Հնուց ի վեր զգացուած պէտք մը, որ այլեւայլ ատեններ, այլազան ձեւով լրացուցած են նախնիք։ Ասոնցմէ քանի մը հատը, Քէֆսիզեան Մկրտիչ Կթղ. ի գրածն ալ միասին, լոյս տեսած են։ Խապայեանի գործը հակիրճ, ամփոփ եւ ընտիր խտացում մըն է, եւ լիովին լուսաւոր գաղափար մը կուտայ անոնց որ կ'ուզեն գիտնալ թէ Հայ Ազգը ինչե՞ր ունի Երուսաղէմի մէջ եւ ի՛նչպէս կը պահպանէ իր դարաւոր իրաւունքները Սուրբ Տեղերու մէջ։
       Գործիս Բ. րդ Տպագրութեան առթիւ հետեւեալ տողերը գրած է Սահակ Վարդապետ իբրեւ ԱԶԴ.
       -«Ներկայ Տետրակս կը պարունակէ Տնօրինական Ս. Տեղեաց մէջ Ազգ. սեպհականութիւնները , Յունաց եւ Լատինաց հետ ընկերովի իրաւունքները, արարողութիւնները եւ սովորութիւնները` հաստատեալք ի վաղ ժամանակաց եւ նուիրագործեալք Եգիպտոսի եւ Օսմանեան բարեյիշատակ Սուլթանաց հրովարտակներով։
       Թէեւ Ս. Աթոռոյս նախկին բազմաշխատ Միաբանները այս մասին անփոյթ չեն գտնուած, այլ ժամանակի ներածին չափ աշխատած են Ազգին ծանօթացնել Ս. Տեղեաց մէջ իւր իւաւունքները, մանաւանդ Յովհաննէս Եպիսկոպոս, Հանէ Վարդապետ կոչեցեալ, իւր ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ, եւ Մկրտիչ Վարդապետ Արծրունեանը ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ Ս. ՔԱՂԱՔԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ, ըստ տեղւոյն գրած եւ որոշած են Ազգային մէն մի իրաւունքները, թէեւ ո՛չ կարգաբանութեամբ։ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, կամ ՈՒՂԵՑՈՅՑ Ս. ՏԵՂԵԱՑ Գրքոյկին մէջ եւս ո՛չ սակաւ ծանօթութիւններ կային այս նիւթին վերայ. բայց առաջինները սպառած` եւ երրորդը անբաւական ընթերցող ազգայնոց հարցասիրութիւնը գոհացնելու, ներկայս պատրաստեցաւ եւ առաջին անգամ հրատարակուեցաւ 1880 թուին։
       Գործոյս գլխաւոր աղբիւրներ եղած են վերոյիշատակեալ տպեալ Պատմութիւններէն զատ, նաեւ ձեռագիր յիշատակարաններ, Տեսչաց արձանագրութիւններ, հին հրովարտակներ, իսկ արարողութեանց եւ սովորութեանց մասն Շաբաթական եւ Տարեկան Թափորներու տպեալ տետրակներ։
       Առաջին տպագրութեան սպառումը ապացոյց է, որ բարեպաշտ ազգայինք կը հետաքրքրուին իմանալ այն ամեն իրաւունքները, զոր կը վայելէ Ազգը երկար դարերէ հետէ շնորհիւ Օսմանեան Տէրութեան եւ աշխատութեամբ Միաբանութեան Սուրբ Յակոբեանց»։
      
       Քանի որ Սահակ Վարդապետի ուսումնական գործերուն յատկացուցինք այս հատուածը, պատշաճ է որ յիշատակագրենք նաեւ անոր անդրագոյն աշխատութիւնները։
       Ասոնց առաջինն է ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ՏՊԱԳԻՐ ՍՈԿՐԱՏԻ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՁԵՌԱԳՐԻՆ, 80 տետրակ մը, էջ 95, տպ. 1998, Երուսաղէմ։
       Այս գործը ո՛չ հեղինակութիւն է, ո՛չ ալ թարգմանութիւն, այլ բանասիրական գործ մը, արդիւնք մանր եւ խղճամիտ աշխատութեան մը։
       Ս. Էջմիածնի Միաբան Մեսրոպ Վարդապետ (Մագիստրոս ) հրատարակած էր Սոկրատ պատմագրի հայ թարգմանութիւնը, Մայր Աթոռոյ մէկ Ձեռագրին համեմատ։ Այս Ձեռագիրը քննադատօրէն չէր կրնար նախատիպ ըլլալ հրատարակութեան մը, որ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէր. որովհետեւ այդ Ձեռագիրը չէր ելած վարպետ գրչի մը ձեռքէն. լի՛ վրիպակներով եւ պակասաւոր իբրեւ Ձեռագիր։
       Սահակ Սրբազան այդ տպագրութիւնը կը բաղդատէ Երուսաղէմի Ձեռագրին հետ, գործ ընտիր գրչի, եւ երեւան կը բերէ ուղիղ ընթերցուածները եւ կը լեցնէ Էջմիածնի Ձեռագրին պակասը։
       ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ խորագրին ներքեւ գրուած հետեւեալ տողերը, տետրակին սկիզբը, ցոյց կուտան թէ Սահակ Սրբազան ի՛նչ պարագաներու մէջ ձեռնարկած է այս Բաղդատութեան։
      
       -«Ի Ս. Էջմիածին տպեալ Մեծ-Սոկրատայ եւ Ս. Երուսաղէմի ձեռագրին Բաղդատութիւնը ըրի »Արարատ»ի մէջ հրատարակելու համար կրկին նպատակաւ։
       Ա. -Յիշեալ պատմութեամբ հետաքրքուող Հայ բանասէրները` սխալ ընթերցմամբ, որք իրենց յաճախութեամբ պատմութիւնը խրթնացուցեր են, սխալ գաղափարներ կազմելէ զերծ պահպանելու։
       Բ . - Արժ. Մեսրոբ Վարդապետին, հմուտ Հրատարակչին դիւրութիւն տալու, որ իրենց` Բազմասխալ եւ պակասագիր օրինակը վերականգնէ եւ նոյնին երկրորդ հրատարակութիւնը աւելի կատարագործէ։
       Այս կրկին պատճառներով անցեալ տարւոյ Օգոստոսին փութացի Ա. Գրքի հարեւանցի եւ մասնական բաղդատութիւնը ղրկել «Արարատ»ի խմբագրութեան, որ Սեպ. -Հոկտ. ամսաթիւին մէջ հրատարակած էր Հ. Մեսրոբի Դիտողագրով։
       Թէեւ ամբողջ գործին բաղդատութիւնը ըրած վերջացուցած էի տպագրեալ օրինակին վրայ, բայց զանազան յարգելի պատճառներով միջոց չէի ունեցած նոյնը ի մի ամփոփելու այլ երբ կարդացի Մեսրոբ Վ. ի ջերմ ցանկութիւնը իւր Դիտողագրոյն մէջ ամբողջ բաղդատութիւնը ունենալու մասին, առանց ժամանակ կորսնցնելու Ժողովեցի` մօտ եօթն հարիւրի չափ սխալ, պակաս եւ այլն ընթերցուածները, եւ տարւոյս սկիզբը ղրկեցի «Արարատ » խմբագրութեան։
       Ցարդ տեղեկութիւն մը չունեցայ ո՛չ հրատարակութեան եւ ո՛չ ժամանման մասին։ Գուցէ կորսուած լինի, եւ Մոսրոբ Վարդապետ ի զուր կասկածներու մատնուած` թէ երուսաղէմացիք կը զլանան իրենցմէ ուզուածները։ Այսպիսի կասկածները փարատելու միակ եւ յարմարագոյն միջոցն էր, առանձինն հրատարակել համաչափ դիրքով. ինչպէս Ս . Էջմիածինը ըրած է Ա. Գրոց բաղդատութիւնը, որպէս զի պատմութիւնը ի ձեռին ունեցողները յարմարութիւն ունենան միասին կազմել տալու։
       Գործին ամբողջութեան համար աւելորդ չը սեպեցի դնել ըստ կարգին Էջմիածնայ օրինակին թերի մասերուն Յոյն բնագրից թարգմանուածները, եւ անոնց հանդէպ Երուսաղէմի օրինակին համապատասխան կտորները։ Սեղբեստրոսի վարուց բաղդատութիւնն ալ աւելցուցի։
       Վերեւ յիշուած կրկին պատճառներէն զատ, մի երրորդ պատճառ, որ գլխաւոր դրդիչն եղաւ այս բաղդատութեան ձեռնարկելու, յայտնած եմ «Արարատ»ի խմբագրութեան ուղղուած նամակիս մէջ, զոր աստ յառաջ կը բերեմ։
      
       Պատուարժան խմբագրութիւն
       «Արարատ « Ազգօգուտ Ամսագրին
       յԷջմիածին
       Մեծ ու փոքր Սոկրատները շնորհակալութեամբ ստացայ, զոր հաճած էր Արժ. Աշխատասիրողը իմ անուան նուիրել։
       Յառաջաբանի (ԻԴ ) այս եզրակացութիւնը, «Արդեօք Երուսաղէմի Ձեռագիրը Արարատեան դաշտից չէ՞ տարուել Հնդկաստան Շահաբասի գաղթականութեան ժամանակ եւ արդեօք նա համարեա մեր Ձեռագրի ժամանակակից լինելով` միմեանցից արտագրուած չե՞ն ». - առիթ տուաւ ինձ գոնէ Ա. գիրքը բաղդատել, յորմէ կ'եզրակացնեմ, կրկին Ձեռագիրները միմեանցից բոլորովին տարբեր օրինակներէ արտագրուած են. Երուսաղէմինը աւելի վստահելի եւ ընտիր օրինակ է լեզուի օրինաց համաձայն ընթերցուածովք. ուստի Էջմիածնի օրինակին մէջ, Սա, Դա, Նա, դերանուանց սեռականներուն, յատուկ անուանց ուղղականներուն, կամ նախդրիւ - տրականներուն ծայրը յ աւելորդ տառը չը կայ մեր Ձեռագրին մէջ. յօդերու եւ նախդիրներու անհաճ կրկնութիւնք եւ ըստ պահանջելի տեղեաց պակասութիւնք հազուադէպ են. բայերու աներեւոյթները եւ անցեալ ընդունելութիւնք անխտիր միմեանց տեղ գործածուած չեն եւ ո՛չ կատարեալին եզակի երրորդ դէմքը իբրեւ անցեալ ընդունելութիւն եւ փոխադարձաբար։
       Մենք այս մանր մունր տարբերութիւնք, որ ամեն էջի մէջ կը վխտան, զանց ընելով` գլխաւոր տարբերութեանց ցանկ մի պատրաստելով ներփակեալ կը ղրկեմք պատուական «Արարատ»ի խմբագրութեան, զոր եթէ պատշաճ եւ օգտակար դատէ, հրատարակութեամբ բանասիրաց ուշադրութեան յանձնէ։
       Բաղդատութեան ցանկին մէջ թուանշանները էջերը ցոյց կը տան, իսկ տառանիշները` տողերը . ներգծեալք կրկին օրինակաց տարբեր ընթերցուածներն են, եւ փակագծեալք, ինչպէս (սուրբ ) թագաւորն կամ եպիսկոպոսն մեր օրինակին մէջ պակսածներն են համաձայն բնագրին։
       Այս առթիւ աւելորդ չեմ համարեր ուղղել Արժ. Հօր մի ուրիշ սխալը , թէ Երուսաղէմ խնդրել է իրենց Ձեռագրի մէկ ընդօրինակութիւնը, որպէս զի բաղդատութեամբ ի լոյս ածէ։ Երուսաղէմ միտք ունեցած չէ Սոկրատի հրատարակութեան, վասն զի իւր միջոցները աննպաստ են, գոնէ առ այժմ, այդպիսի ծանր եւ լուրջ գործի ձեռք տալ, այլ խնդրուած է ընդօրինակութիւնը թերթատուած ձեռագիրը կարգադրելու համար։ Երանի՜ չը զլացուէր. թերեւս բաղդատութիւն մի ընելով իրենց կը վերադարձուէր, եթէ ցանկութիւն յայտնէին, որով ներկայ հրատարակութիւնը աւելի կատարեալ կը լինէր։ Թերի մասերու խնդրանքը չէ հասած առ մեզ, որով չեմք կարողացել բաւականութիւն տալ Արժանապատիւ Հօր։
      
       ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՊԱՅԵԱՆ
       1897 Թ. Օգոստոս 20
       յԵրուսաղէմ։
      
       Երուսաղէմէն դուրս պաշտօն վարած է իբրեւ Տեսուչ Դամասկոսի միայն 28 օր։
       1881 Օգոստոս 7-ին վանքի պարտուց բարձման համար Ռուսաստանի նուիրակ կը կարգուի Մամբրէ Վրդ. Մարկոսեանի հետ, կ'երթան Էջմիածին եւ Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ Այսր Կովկասի նուիրակութիւնը կը յանձնուի Սահակ Վարդապետին, իսկ Յայնկոյս Կովկասինը` Մամբրէ Վարդապետին։
       Սահակ Վարդապետ կուգայ Թիֆլիզ եւ տարի մը կ'սպասէ մինչեւ կայսերական արտօնութեան ստացումը եւ այդ միջոցին կը քարոզէ Թիֆլիզի եկեղեցեաց մէջ եւ համակրանք կը վաստկի եւ համբաւ կը շինէ, այնպէս որ Աղեքսանդր Մելեանց փափաք կը յայտնէ օր մը հրատարակուած տեսնել Խապայեանի քարոզները։
       1882 Մայիսին մէջ Էջմիածին կ՛երթայ Միւռոնօրհնէքի առթիւ։
       Գրեթէ 5 տարի մնաց Կովկաս 1881 էն մինչեւ 1886 Դեկտեմբեր եւ հանգանակեց մօտաւորապէս 6000 օսմ. ոսկի։ Այս գումարը մաս առ մաս Կ. Պոլիս Պատրիարքարան կը ղրկուէր Երուսաղէմի պարտուց բարձման Յանձնաժողովին։
       Իր նուիրակութեան պաշտօնին միջոցին արեւելեան Շիրակ 50 օրեր անցուցած է, գիւղէ գիւղ շրջելով եւ իւրաքանչիւր գիւղի բնակչութեան, եկեղեցւոյ, դպրոցի, օդի, ջուրի մասին հակիրճ ծանօթութիւններ գրի առնելով, զորս յետոյ կը տեսնենք հրատարակուած Մատթէոս Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ, իսկ վերջերս 1937-ին Կաթողիկոսարանիս Դպրեվանուց Տպարանէն հրատարակուեցաւ գրքոյկի ձեւով, 80 եւ 111 էջ «ՅԻՍՈՒՆ ՕՐ Ի ՇԻՐԱԿ » անունով։
       Սահակ Վարդապետ մինչ նուիրակութեամբ Կովկաս կը գտնուէր, 1885 Մարտ 7-ին, Երուսաղէմի մէջ Միաբանական Ընդհ. Ժողովի 33 քուէներու 21-ի մեծամասնութեամբ Լուսարարապետ ընտրուեցաւ, նոյն տարւոյ Նոյմ. 24-ին նոր Կաթողիկոս Մակարէն Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Մամբրէ Վրդ. Մարկոսեանի հետ եւ աճապարեցին Կովկասէն վերադառնալ, Դեկտ. 16-ին Պոլիս հասան եւ 1886 Յունուար 9-ին արդէն Երուսաղէմ էին, ուր Սահակ Եպիսկոպոս լուսարարապետութեան պաշտօնը ստանձնեց, միեւնոյն ժամանակ Ժառանգաւորաց Վարժարանի մէջ ուսուցչութիւն ընելով, եւ իբրեւ Լուսարարապետ, իր պաշտօնի պահանջման համաձայն, ցմիշտ Տնօրէն Ժողովոյ անդամ մնալով, ու այդ պաշտօնները վարեց մինչեւ Կաթողիկոս ընտրուելով Երուսաղէմէն մեկնումը , գրեթէ 17 տարիներ։ Երուսաղէմի Գանձատունը բոլորովին լուսարարապետի կը յանձնուէր առանց հաշուի, առանց ցուցակի, եւ միայն Սահակ Կաթողիկոսի յաջորդ Գաբրիէլ Վրդ. Անոյշեանի մահուանէն վերջ, Յարութիւն Պատրիարքի կողմէ առաջին անգամ ըլլալով Ս. Յակովբեանց Վանուց Գանձատան պարունակութիւնը ցուցակագրուեցաւ եւ այդ առթիւ միայն, ցուցակագրող վարդապետները տեսան թէ Երուսաղէմի գանձատունը ո՜րքան գեղեցիկ կերպով վերաշինուած էր, Լուսարարապետ Սահակ Եպիսկոպոսի հսկողութեամբ եւ ծախքով, թէ ինչպէս թանկագին շուրջառները, մասնաւորապէս պատրաստուած գլաններու վրայ փաթթուած էին, ծալքերէն մաշումի առաջքը առնելու համար, նոյնպէս մարգարտայեռ թագերը, որոնց մարգարիտները ինկած էին, յեռուլ տուաւ Զենոբ Պէյ Մէրամէթճեանի աղջիկներուն, որոնք Կ. Պոլսէն ուխտի եկած էին իրենց հօր հետ եւ վարպետներ էին ձեռագործի։
       Ահա գրեթէ մանրամասնօրէն պատմեցինք Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկոսի աշակերտական, սարկաւագական, վարդապետական եւ եպիսկոպոսական կեանքը եւ անոր շարունակական ծառայութիւններն գրեթէ միշտ Ս. Յակովբէն ներս, ինչպէս ըսինք, իբրեւ Տեսուչ Դամասկոսի միմիայն 28 օր պաշտօնավարած է դուրսը եւ 5 տարիի չափ ալ ի Կովկաս նուիրակութիւն ըրած է, որ յարաբերական տեսակէտով պատասխանատու պաշտօն մը չէր. եւ երկիցս` Մակար Ա-ի եւ Խրիմեանի կաթողիկոսական ընտրութեանց առթիւ յանուն Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատգամաւոր գացած է Էջմիածին, իսկ երկիցս ալ իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընտրութեան Պատուիրակ գնացած էր Ատանա, իսկ մնացեալ կեանքը, 18 տարեկանէն մինչեւ 53 տարեկան անցուցած է վանական մթնոլորտին մէջ, ինքզինքը տալով գրական եւ բանասիրական աշխատութեանց, որոց մէջ կը գտնէր իւր գոհունակութիւնը։ Արտաքին գործեր, վարչական յարաբերութիւններ, ելեւմտական զբաղումներ երբեք զինքն չէին հատաքրքրեր։ Ահա այսպիսի վանական կեանքի մէջ սնած, ապրած եւ ուսումնական կեանք մը ունեցող անձ մը կը կոչուէր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, անշքացած, լքուած գահի մը վրայ, կառավարելու համար 13 ընդարձակ թեմեր 250, 000 ժողովուրդով, որոնք իրենց նորընտիր Կաթողիկոսէն կ'սպասէին հոգեւոր , մտաւոր եւ բարոյական սնունդ եւ նիւթական օժանդակութիւն իրենց ազգային հաստատութեանց բարգաւաճումին համար։