Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, որ այնքան կարեւորութիւն ստացաւ 1441ին, այսինքն`Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսական Աթոռի վերանորոգութեան առթիւ եւ յետոյ, մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, դժբախտաբար չենք գիտեր թէ ե՞րբ շինուեցաւ եւ կազմուեցաւ իբրեւ մասնատուփ։
       Կ. Կոստանեանց 1896-ին Արարատ Ամսագրին մէջ (Հմր. 5 եւ 6), փոքրիկ ուսումնասիրութեան մը նիւթ ըրաւ «Ս. Լուսաւորչի Աջը », եւ յետոյ արտատպութեամբ առանձին տետրակի մը վերածեց զայն ։ Այս Ուսումնասիրութեան մէջ Աջին խնդիրը դիտուած է պատմական քանի մը կարեւոր անկիւններէ, բայց չէ՛ լուծուած. ճիշտ այն պատճառաւ որ լուծման համար ո՛չ միայն կը պակսին պատմական հաստատուն տեղիք եւ տուիք, այն նաեւ մասունքներու խնդիրը, իրենց ծագման եւ վաւերականութեան տեսակէտէն լուծուելիք խնդիր մը չէ, բովանդակ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ , մա՛նաւանդ երբ խնդիրը կը դառնայ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին դարերու սուրբերու եւ անոնց նշխարներուն կամ մասունքներուն շուրջ։
       Միայն Աւանդութիւնն է որ օգնութեան կը հասնի մեզ այս անլուծելի խնդրին մէջէն ելնելու. աւանդութիւնը, որ չի յերիւրուիր, բայց կրնայ այլայլիլ, ձեւափոխուիլ յաճախ, եւ ճոխանալ յերիւրանքներով, ժամանակի ընթացքին, բազմապիսի կերպերով, ցո՛րչափ բերանացի տեղեկութիւններով եւ զրոյցներով կը պահուի այդ աւանդութիւնը, եւ ցո՛րչափ իբրեւ պատմութիւն գրուած տեղեկութիւններն ալ նոյն ինքն այդպիսի այլայլած եւ ձեւափոխուած աւանդութիւններու արձանագիրներն են, լաւ եւս արձագանգները, առաւել նուազ ճշդութեամբ, ի՛նչ որ կախուած է աւանդութիւնը պատմագրողին խղճմտութենէն։
       Մեր Ս. Գ. Լուսաւորչի մահը եւ թաղումը մարդկային ընկերութեան անսովոր պայմաններու մէջ տեղի ունեցած են, եւ այս մասին մեզի հասած բոլոր տեղեկութիւններ, իրենց հակասութիւններով եւ հաւանականութիւններով` աւանդական արժէք մը կը ներկայացնեն միայն, անշուշտ թանկագին եւ սխրալի արժէք մը։ Հետեւաբար, ես պիտի չփորձեմ հոս քննութեան ենթարկել Լուսաւորչի մահուան եւ թաղման պարագաները եւ ատոնց պատմագրեալ աւանդութիւները, այլ ուղղակի պիտի անցնիմ Լուսաւորչի նշխարքներուն (մասունքներուն ) վայելած պաշտելի յարգանքին Հայ Ժողովուրդի մէջ, եւ այդ տեսակէտէն քննել Աջին նշանակութիւնը եւ ատոր մասին գրուածները։
      
       Ղ. Փարպեցւոյ տեղեկութեան համեմատ Լուսաւորչի նշխարները արդէն ձեռքի տակ են եւ յարգանքի առարկայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ, զոր օրինակ, Վարդանանց Պատերազմէն յառաջ։ Փարպեցին կը պատմէ թէ երբ կեղծուրաց նախարարներ Տիզբոնէն վերադարձան Հայաստան, «ողջք եւ ոչ ողջք, կենդանի եւ կիսամեռ », դիմաւորուեցան եկեղեցական դասու կողմէն, որք բերած էին «ընդ ինքեանս զնշան կենսատու խաչին եւ զնշխարս սրբոյ առաքելանման նահատակին Գրիգորի, զձայն սաղմոսաց », եւ այլն, . Փրպց. էջ 55)։ Ինչպէս կ'երեւի Հայ հոգեւորականութիւնը խաչով եւ Լուսաւորչի նշխարով կը մասնակցէր հանդէսներու եւ կը փառաւորէր զանոնք։ Փարպեցին կը պատմէ դարձեալ թէ Վահան Մամիկոնեան երբ Տիզբոն գնաց եւ վերադարձաւ յաղթանակով, այս երթեւեկի առթիւ Յովհան Մանդակունի, ժամանակին Կաթողիկոսը, Խաչով եւ Լուսաւորչի նշխարներով ուղարկեց եւ դիմաւորեց Հայոց Սպարապետը. - «Եւ եկեալ զօրավարն Հայոց Տէրն Մամիկոնենից Վահան յաշխարհս Հայոց, որում ընդ առաջ ելանէր սուրբ այրն Աստուծոյ Կաթողիկոսն Հայոց Յոհան , պատուական նշանաւ խաչին եւ սուրբ նշխարօք ճգնազգեաց նահատակին Գրիգորի, որովք եւ յուղարկեացն իսկ ի դուռն զամենեսեան» (Անդ. էջ 176)։
       Լուսաւորչին մահը կը դրուի Նիկիոյ ժողովէն ետքը, 325ին վերջը կամ 326ին սկիզբը։ Հակառակ այլազան եւ հակասական աւանդութիւններու , որոնք յօրինուած են Լուսաւորչի նշխարաց գիւտին եւ ատոնց տեղափոխութեան եւ բաշխումներու շուրջ (Չամչեան Պտմ. Հայոց, Ա. էջ 653-660), կ'երեւի թէ Լուսաւորչի նշխարները, հաւանաբար իրենց ամբողջութեամբ, Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ առարկայ էին յարգանքի։ Եւ եթէ այս յարգանքի մասին առաջին վաւերական տեղեկութիւնը կը գտնենք Փարպեցւոյն մօտ, 450ին, այդ կը նշանակէ թէ Լուսաւորչին ոսկորները երկար ատեն թաղուած չեն մնացած զոր օրինակ Թորդանի քահանայապետական դամբարանին մէջ, եւ 450-էն շատ յառաջ առարկայ եղած են յարգանքի, հաւանաբար գլխաւոր կամ մայր եկեղեցիներու մէջ։ Ս. Վրթանէս Կաթողիկոս (333-341), Փ. Բիւզանդի պատմածին համաձայն, օրէնք դրաւ որ Հայրենիքի փրկութեան համար մեռնողներ, իբրեւ Սուրբ յիշատակուին եկեղեցւոյ մէջ։ Եւ այդ սկզբունքով ինքն հաստատեց Վաչէ Մամիկոնեանի յիշատակը եկեղեցւոյ մէջ։ Տարակոյս չկայ որ այս կարգադրութիւնը մեծապէս խանդավառեց հայ ժողովուրդին կրօնական եւ հայրենասիրական զգացումները։ -Շատ նշանակելի հատուած մը ունի Ղ. Փարպեցին, որուն վկայ կ'արժէ ուշադրութիւն դարձնել այս տեսակէտէն։
       Երբ Վահան Մամիկոնեան որոշեց կռուիլ Պարսից դէմ, իր ափ մը հաւատարիմ զինակիցները , կռիւը սկսելէ յառաջ, Դուինի Ս. Գ. Լուսաւորչի եկեղեցին գացին` ուխտով եւ աղօթքով զօրանալու համար եւ հաղորդուեցան Յովհան Մանդակունիի ձեռքով։ Անոնք խնդրեցին Աստուծմէ որ Լուսաւորչին եւ բոլոր սուրբերուն, մա՛նաւանդ նոր նահատակներու (Վարդանանց ) ճգնութիւնը եւ Փրկչի Սուրբ Խաչին զօրութիւնը օգնական ըլլայ իրենց ։ Այս վկայութիւնը կը հաստատէ որ ո՛չ միայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, այլ նաեւ դեռ նոր նահատակեալ քրիստոսասէր հայեր, այսինքն` Վարդանանք, Հայաստանի եկեղեցիներուն մէջ կը յիշատակուէին, ըստ կանոնադրութեան Ս . Վրթանէս Հայրապետի։ Վահանի շարժումը կ'իյնայ 480-81ին։ Մեզ համար, իրենց պատմական արժէքի կողմէն, այնքան կարեւորութիւն մը չունին Լուսաւորչի նշխարներուն գիւտին կամ յայտնութեան շուրջ յօրինուած զրոյցներ, ցո՛րչափ Ղ. Փարպեցին կը հաւաստէ թէ առաքելանման եւ ճգնազգեաց նահատակին Գրիգորի նշխարքը յարգանքի առարկայ էր հայոց եկեղեցիներուն մէջ, թէ Յովհան Մանդակունի Փրկչին խաչին նշանով եւ Լուսաւորչին նշխարներով կ'օրհնէր Վահան Մամիկոնեանը եւ անոր խումբը ։
       Երկրորդ պատմական ստոյգ տեղեկութիւնը, Լուսաւորչի նշխարներու մասին կը գտնենք Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոսի ժամանակ (641-661)։ Լուսաւորչի անուան նուիրեալ եկեղեցիներ շինուեցան Հայաստանի մէջ, եւ ասոնց հնագոյնն է Դըւնայ Ս. Գրիգոր եկեղեցին։ Ներսէս Շինող կառուցանել տուաւ նոր չնաշխարհիկ Մայր եկեղեցի մը, Ս. Էջմիածնի մօտիկ, ծանօթ Զուարթնոց Եկեղեցի կոչումով, իբրեւ յիշատակ այն Տեսիլքին, որուն մէջ երկնային Զուարթունք (հրեշտակներ ) տեսնուեցան Լուսաւորչին այդ տեղ։ Յովհ. Պատմաբան կ'ըսէ թէ Ներսէս Շինող այս հոյակապ եկեղեցւոյն գմբեթաբարձ չորս սիւներուն ներքեւ թաղել տուաւ Լուսաւորչին նշխարները, բացի գլուխէն, որուն համար շինել տուաւ յատուկ գզրոց մը եւ պահեց եկեղեցւոյ մէջ ի տես հաւատացեալներու։
       Ինչպէս որ կը տեսնուի, պատմական այս երկու տեղեկութիւններու մէջ Լուսաւորչին նշխարները կը յիշուին ընդհանուր կերպով. այսինքն` Փարպեցին որոշ կերպով չ՛ըսեր թէ Յովհան Մանդակունիին ձեռք առած նշխարները կմախքին ո՞ր մասերն էին. իսկ Ներսէս Շինողի պարագային` միայն Գլխուն անջատման խօսքը կայ, եւ Յովհան Պատմաբան իր խօսքով այնպէս կարծել կուտայ թէ Զուարթնոց եկեղեցւոյն չորս սիւներուն տակ ամբողջ կմախքը չորս մասի բաժնուած եւ թաղուած ըլլայ` բացի գլխէն կամ գանկէն ։ Արդեօք Մանդակունիին շօշափած նշխարնե՞րն էին անոնք` որ Ներսէս Շինող թաղել տուաւ Զուարթնոց սիւներուն ներքեւ։ Այս բոլոր հետաքրքրական կէտեր մթութեան մէջ են։ Եկեղեցւոյ նախկին սովորութիւնն էր սրբոց նշխարները թաղել հողի մէջ։ Մասնատուփերու կամ գզրոցներու մէջ մասունք պահելու սովորութիւնը վաղնջական հանգամանք չունի։ Հետեւաբար չենք գիտեր եւ չենք կրնար ճշդել պատմական ապացոյցներով թէ Լուսաւորչին Աջը կամ Աջերը ե՞րբ զատուեցան իր ամբողջ կմախքէն կամ նշխարքէն, որո՞ւ ձեռքով եւ ո՞ւր ։
       Միայն ստոյգ կերպով գիտենք թէ Լուսաւորչի Աջը Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին , Փրկչական սուրբ խաչի նշանէն ետքը ուրիշ նուիրական անօթներու կամ սրբութիւններու շարքին կը յիշատակուի եւ կը գործածուի հանդիսաւոր առիթներով` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսարանին մէջ։ Դարձեալ Կիլիկեան շրջանին է որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Լուսաւորչի Աջին մէջ կը դրուի այնպիսի հասկըցողութիւն մը, կապ մը, որ օտար է մեր եկեղեցւոյ ոգւոյն եւ շնորհաբաշխութեան հոգեւոր իմաստին. այնպէս որ կաթողիկոսական աթոռին արժանաւոր եւ նոյն իսկ անարժան թեկնածուներուն խելքով, ո՛վ որ տէրն է Լուսաւորչի Աջին, ա՛ն է Հայոց Կաթողիկոս, եւ այսպիսի անհիմն հասկցողութեան հետեւանքներով է որ Աջեր գողցուեցան կամ անյայտացան, յայտնուեցան կամ նոր Աջեր շինուեցան, եւ նոյն իսկ պատմիչ մըն ալ, Առաքել Դաւիրիժեցին, տարուելով Աջին շուրջ կազմուած այդ թիւր կարծիքներէն ու պայքարներէն , համարձակեցաւ ըսել, թէ «Ի վերայ Աջոյն եւ Էջմիածնի ամենայն ազգն Հայոց կապեալ կան» . Դաւ. էջ 200)։
       Դաւիթ Արքեպիսկոպոս Թոռնիկեան այդպիսի թիւր կարծիքներով է որ ստեղծեց Աղթամարի կաթողիկոսութիւն մը, երբ անդին` Հռոմկլայի մէջ, Գրիգոր Գ . Պահլաւունի կաթողիկոսացած էր (1113), պատճառելով թէ իրենց մօտ թաղուած է Վահան Կաթողիկոս (968-969) թէ հո՛ն է Լուսաւորչին Սեղանը, Քօղը, Գաւազանը, մաշկեղէն գօտին, «եւս եւ սուրբ աջ նորուն », ինչպէս նաեւ Ս. Հռիփսիմէի հողաթափը, եւ այլն, եւ այլն (Չամչեան Գ. էջ 37)։ 1114ին Սեւ լեռան ժողովով Թոռնիկեան մերժուեացաւ իբրեւ սուտ կաթողիկոս, որ աւելի Վասպուրականի տաճիկ իշխանին կաշառ տալով, ստեղծած էր Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը քան թէ ապաւինելով վերոյիշեալ աւանդներու կամ անօթներու վրայ, որոնց վաւերականութիւնը վիճելի էր։
       Չամչեան դիտել կուտայ թէ Սեւ լեռան ժողովէն քանի մը տարի ետքը, Աղթամարէն գողցան Լուսաւորչի Աջը, Գաւազանը եւ Քօղը եւ բերին Հռոմկլայ, Գրիգոր Կաթողիկոսին (Չամչեան, նոյն անդ Իսկ Օրմանեան, ընդհակառակն, կ'ըսէ. - «Այստեղ աւելցնենք թէ Լուսաւորչի աջին Աղթամարի մէջ գտնուիլը (Չամչ Գ. 37) հիներէն յիշուած չէ, եւ կ'երեւի թէ զգաւազան ամենազօր աջոյն` խօսքը (Արծ. էջ 349), սխալ մեկնուած եւ գաւազանը աջին հետ շփոթուած է (Ազգպտմ. էջ 1351)։
       Սեւ լեռան ժողովին մէջ` որոշուեցաւ որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւնը Կիլիկիոյ մէջ պէտք է կատարուի Հայաստանի Չորս գլխաւոր վարդապետական Աթոռներու հաւանութեամբ, այսինքն` Բջնիի, Հաղբատայ, Թադէոս Առաքեալի (Արտազ ) եւ Տաթեւու վանքերուն, որոնք կրնային ներկայացնել այն ատեն բովանդակ Հայաստանը, որպէս զի ասդին անդին փառասէր եկեղեցականներ իրենց կուսակիցներուն կռթնելով եւ տաճիկ իշխաններու կաշառ տալով` պառակտումեր չըստեղծեն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ (Հմմտ. Ազգպտմ. էջ 1354-55)։ Աջի եւ նուիրական ուրիշ անօթներու խօսք չկայ այս որոշման մէջ. բայց այս լռութիւնը չի նշանակեր թէ կաթողիկոսական աստիճանին վայել արտաքին զգեստներ եւ նշաններ ինչպէս նաեւ կաթողիկոսի կիրառութեան յատուկ նուիրական անօթներ չկային. ընդհակառակն կայի՛ն ատոնք, ինչպէս գլխաւորապէս մատանի, գաւազան եւ քօղ, խաչ, եւ այլն , բայց ո՛չ այն իմաստով որ անպատճառ ասոնք Լուսաւորչէն ժառանգուած աւանդներ նկատուէին։
       Յայտնի կ'երեւի այս բոլոր տեղեկութիւններէն թէ Լուսաւորչի նշխարքը վա՛ղ ժամանակներէ ի վեր յարգանքի առարկայ էին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ, եւ Փարպեցիի պատմագրած հանդիսաւոր առիթներով կը հաստատուի այս իրողութիւնը , բայց Լուսաւորչի Աջ ըսուած մասունքի նկատմամբ ո եւ է յայտնի յիշատակութիւն չկայ պատմութեան մէջ։ Այսու ամենայնիւ մենք կ'ընդունինք թէ կա՛յ Լուսաւորչի Աջին աւանդութիւնը։
       Ինչպէս որ դիտել տուինք, մեր կարծիքով, Աջին շուրջ շինուած եւ գրուած պատմութիւններ կապուած են Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Կիլիկեան շրջանին հետ։
       Բարսեղ Ա. Կաթողիկոս (†1113 Մայիս 26), պատմածի մը համեմատ, կ'ուզէ Լուսաւորչի Աջը իր քով, Արղնի բերել տալ Աղթամարէն, բայց Աղթամարցիք չեն տար Աջը, վախնալով որ կրնայ վտանգուիլ այդ խառնակ ժամանակներու մէջ։ -Բայց այս պատմածը վաւերական չի թուիր ըլլալ։ Վասն զի Բարսեղ Կաթողիկոս այցելութեան կ'ելլէ Կիլիկիայէն դէպի Հայաստան, (1093) կ'երթայ Անի, անկից կ' անցնի Աղթամար եւ ատեն մը կը նստի հոն. եւ անկից ալ հետզհետէ կ'այցելէ Ախաթ , Հենի, Արկլ եւ վերջապէս Արղնի, եւ այդ տեղէ՛ն է որ մարդ կը ղրկէ Աղթամար եւ կ'ուզէ Լուսաւորչի աջը, քօղը, գաւազանը, մաշկեղէն գօտին, բայց ինչպէս ըսինք, Աղթամարցիք չեն տար, եւ Բարսեղ կը վերադառնայ Անի (Հմմտ. Չամչեան Գ. էջ 15-16)։ Զարմանալի է որ Բարսեղ անձամբ կ'երթայ Աղթամար, ատեն մը կը նստի հոն, եւ այդ առթիւ իբրեւ Կաթողիկոս չի հրամայեր որ բերեն իրենց յանձնեն այդ սրբութիւնները, եւ Աղթամարէն հեռանալէ ետքը կ'զգայ ատոնց պէտքը եւ Արղնիէն մարդ ղրկելով Աղթամար` կ'ուզէ զանոնք։ Ասիկա շատ տրամաբանական չի թուիր մեզ։ Եւ որովհետեւ Բարսեղ Կաթողիկոսին Աջն ուզելը եւ մերժուիլը, պատմական ուրիշ աղբիւրներով չէ հաստատուած, Օրմանեան իրաւունք ունէր շփոթութիւն մը ենթադրելու ատոր մէջ։
       Դարձեալ, եթէ կաթողիկոսներուն օրհնութեան եւ օծման առթիւ անհրաժեշտ է Ս. Լուսաւորչի Աջին ներկայութիւնը, այն ատեն հարկ կ'ըլլայ ըսել թէ կաթողիկոսական շարք մը ձեռնադրութիւններ թերի եղած պիտի նկատուին. զոր օրինակ` նոյն ինքն Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի ձեռնադրութիւնը, քանի որ այդ միջոցին Աջը Աղթամար կը գտնուէր Թոռնիկեան Դաւթի ձեռքին տակ։ Այսպէս նաեւ Բարսեղ Անեցին, որ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի հաւանութեամբ եւ յանձնարարութեամբ Կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ Հաղբատի մէջ, Աղուանից Ստեփան Կաթողիկոսի ձեռքով, բուն Հայաստանը կառավարելու համար, իբրեւ գործակից կամ «Աթոռակից » Պահլաւունիի, եւ ձեռնադրուեցաւ առանց Լուսաւորչի Աջին։ Բայց Դաւիթ Թոռնիկեան, որ Լուսաւորչի Աջով Կաթողիկոս օծուած էր Աղթամարի մէջ, մերժուեացաւ Սեւ լերան ժողովի վճռով։ Ուրեմն, իրողութեան մէջ, Լուսաւորչի Աջը էական չէ եղած կաթողիկոսական իշխանութեան լրման կամ վաւերականութեան համար։ Այս դիտողութիւնները կարեւոր են` գնահատելու համար Լուսաւորչի Աջին բուն նշանակութիւնը, որու մասին պիտի խօսինք յետոյ։
       Գալով կիլիկեան շրջանի աջապատումին, այս մասին ուղղակի եւ անուղղակի յիշատակութիւններ կան։
       Երբ, 1120ին , Գրիգոր Գ. Պահլաւունի ա՛լ անհանդուրժելի գտաւ Տլուքի Ծովք դղեակը, [ուր ծնած եւ սնած էին իր Շնորհալի եղբօր հետ ] ապահովութեան կողմէն, ըստ Կիրկոս պատմագրի. «ապա ետես զբերդն (=զՀռոմկլայ )` բարձեալ զսրբութիւնսն իւր, եւ զսպասք եկեղեցւոյ, տարեալ եդ անդ ի պահեստի, առ բարեմիտ կին իշխան մի, ազգաւ Փռանգ» եւն. (Կիր. էջ 61)։ Այս սրբութիւններու եւ սպասներու մէջ հարկաւ կային նաեւ կաթողիկոսութեան եւ կաթողիկոսի անձին վերաբերեալ աւանդներ ու անօթներ ալ, թէեւ ատոնց եւ ոչ մէկը յատուկ անունով չէ յիշատակուած։
       Ս. Ներսէս Շնորհալիի (1166-1173) կոնդակներուն մէջ կը գտնենք Ս. Լուսաւորչի Աջին եւ ուրիշ սրբութիւններու յիշատակութիւնը։
       Նախ իր ծանօթ հիանալի ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆին սկիզբը, որ կ'ըսէ. «Ողջոյն սիրոյ եւ խաղաղութեան հասցէ յաստուածընկալ եւ փրկական սրբոյ Նշանէս, եւ ի հրեղէն լեզուաց հոգւոյն ընդունողաց Առաքելական Նշխարացս, եւ ի սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Աջէս եւ յԱթոռոյս» ։
       Երկրորդ «Առ Եպիսկոպոսս եւ Վարդապետս Հայաստանեայց` վասն սիրոյ եւ միաբանութեան ընդ Յոյնս» Կոնդակին սկիզբը. - «Ողջոյն սիրոյ եւ խաղաղութեան հասցէ յաստուածընկալ Սրբոյ Նշանէս Վանկոյ եւ յԱռաքելական Նշխարացս եւ ի Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Աջէս եւ յԱթոռոյս եւ իմէնջ»։
       Երրորդ, Կարսի Առաջնորդ Խաչատուր Եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան վկայականին սկիզբը եւ մէջը.
       Սկիզբը. - «Ողջոյն սիրոյ եւ խաղաղութեան հասցէ յաստուածընկալ Սուրբ Նշանացս եւ յառաքելական նշխարացս եւ ի Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Աջէս եւ յԱթոռոյս եւ ի մէնջ»։
       Մէջը. - «Կատարեցաք ի վերայ դորա (Խաչատուր քահանայի ) զաստուածային խորհրդածութեանցն ձեռնադրութիւնս` յաստիճան եպիսկոպոսութեան վերակոչելով` կենսակիր խաչիւս եւ աստուածախօս Աւետարանաւս եւ Սուրբ Լուսաւորչին Աջով»։
       Չորրորդ, Սամոսատիա քաղաքի Թորոս քորեպիսկոպոսին եւայլն ուղղուած Կոնդակին սկիզբը, Արեւորդեաց դարձին համար. - «Ողջոյն սիրոյ եւ օրհնութեան առաքեմք յաստուածընկալ Սրբոյ Նշանէս եւ ի Սուրբ Լուսաւորչին Աջէս եւ Աթոռոյս»։
       Կոստանդին Բ. կաթողիկոսի ատեն (1286-89) Աջը կը գտնենք Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ։ Ստ. Օրբէլեան շատ սրտառուչ առիթով մը կը յիշատակէ Աջին գործածութիւնը։ Կոստանդին Կատուկեցի, Խորին մենաստանին վանահայրը, ծանօթ պրօնագործ մականունով, կաթողիկոս եղաւ «ձեռամբ թագաւորին հայոց Լեւոնի ». ինքն Օրբէլեան ալ ներկայ էր այս փառաւոր հանդէսին։ Կոստանդին կաթողիկոսական աթոռ բազմելէ ետքը Օրբէլեանը եպիսկոպոս ձեռնադրեց Սիւնեաց Աթոռին համար։ Կոստանդինի կաթողիկոսութեան երրորդ տարին մեռաւ Լեւոն, եւ «պայազատէ զտէրութիւն նորա երէց որդին Հեթում », որ հակառակորդ մը եղաւ Կոստանդին կաթողիկոսին, որովհետեւ չկրցաւ գործիք ընել զայն իր լատինասէր քաղաքականութեան . հետեւաբար, իրեն համամիտ եպիսկոպոսներով եւ իշխաններով բռնադատեց կաթողիկոսը որ հրաժարի։ Կոստանդին կաթողիկոս առանց ընդդիմութեան համակերպեցաւ, եւ Սիսի մօտիկ, Գլխիբացի կոչուած Եպիսկոպոսարանին մէջ, հագաւ կաթողիկոսական զգեստը, ձեռքն առաւ Լուսաւորչի Աջը, օրհնեց հայոց թագաւորութիւնը եւ բոլոր աշխարհը , եւ գոհաբանական աղօթք մըն ալ ընելէ ետքը` հանեց զգեստը, դրաւ արծաթ ափսէի վրայ, հանեց նաեւ իր եպիսկոպոսական սքեմը եւ ծանրագին մատանին, տուաւ Հեթումի պատգամաւորներուն, եւ հագնելով իր ճգնաւորական նախկին մազեղէն հագուստները, մեկնեցաւ Գլխիբացէն։
       Այսուհետեւ Աջը կը գտնենք դարձեալ Հռոմկլայի մէջ, Ստեփանոս Դ. կաթողիկոսի ատեն (1290-1292), երբ Հռոմկլայ կ'իյնայ եգիպտական բանակի առջեւ (1292, Յուլիս 28ին ) եւ կաթողիկոսարանին բոլոր սրբութիւնները, որոնց մէջ Լուսաւորչի Աջն ալ կաթողիկոսի հետ գերի տարուեցան Եգիպտոս։
       Օրբէլեան սա՛ մանրամասնութիւնները կուտայ -չենք գիտեր ո՛րչափ ճշդութեամբ - Հռոմկլայի կաթողիկոսարանին սրբութեանց համար.
       -«Յորում կային անպատմելի սրբութիւնք եւ նշխարք առաքելական եւ հայրապետական եւ ամենայն գլխաւոր մարտիրոսացն, եւ փառաւորագոյնն մերոյս գրոհի` Աջ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի եւ գաւազանն եւ Աթոռն եւ Սեղանն, յորոյ վերայ պատարագէր զՔրիստոս, եւ Հողաթափն, նաեւ շղարշն, որ է դաստառակ Սրբոյն Հռիփսիմեայ, եւ Պերեզոտն ներկեալ արեամբ։ □«եւ առեալ յաւարի զբերդն` կապտեցին կողոպտեցին զամենայն սպաս եկեղեցւոյն եւ զանկշռելի գանձն աստուածային, եւ զամենայն ստացուածսն, բայց զեկեղեցին ո՛չ քակեցին (Օրբել. Բ. էջ 190-191)։ Կոստանեան «անկշռելի գանձ աստուածային»ով կ'իմանայ Լուսաւորչի Աջը։
       Օրբէլեանի յիշած եւ թուած այս սրբութեանց մէջ կը պակսի Վանկոյ Ս. Նշանը, որ ինչպէս տեսանք, միշտ առաջին տեղը կը բռնէ Շնորհալիի կոնդակներուն սկիզբը յիշուած սրբութիւներուն մէջ։ Բայց, հաւանաբար, Օրբէլեան «անկշռելի գանձ աստուածային»ով կ'ակնարկէ Վանկոյ Ս. Նշանին, եւ ո՛չ թէ Աջին, ինչպէս որ Կոստանեանց կ'ուզէ իմանալ։
       Բնիկ Հռոմկլայեցի մը սակայն, Թումաս Քահանայ, որ Հռոմկլայի առումէն մէկուկէս տարի յառաջ Կիլիկիա կուգայ, Երուսաղէմ ուխտի երթալու նպատակով, եւ այդ միջոցին կը պատահի Հռոմկլայի անկման դժբախտութիւնը, կը յիշատակէ Վանկոյ Ս. Նշանը, իր ձեռագրած ԳԻՐՔ ԹՂԹՈՑԻ յիշատակարանին մէջ.
       -«Ուր եւ բազումք մանաւանդ բնաւքն սննդակիցք իմ եւ ազգայինք ի պէս պէս մահս, եւ ի գերութիւն վարեցան մեծ թշուառութեամբ, արտաքս քարշեալք ի մայրենի գրկաց պանձալի դղեկին, զորոյ յիշատակ երջանկութեանն, եւ զայժմու թշուառութեանն, որպէս ի դէպ է հարազատ զաւակի առ սիրելի ծնաւղսն, եւ ոչ առանց արտասուաց բերեմ։ Վասն զի գերեալ եղեւ եւ՛ Աջ Սրբոյն Գրիգորի եւ՛ հռչակաւոր նշանն Սուրբ Վանկոյի, առ ոտն ընկեցեալ նշխարհք ոսկերաց Սրբոց Վկայիցն։ Նաեւ աստուածաբնակ եւ երկնանման շքեղաշուք եւ գերապայծառ սուրբ Տաճարն, զՍրբոյն Գրիգորի ասեմ եւ Տիրամաւրն Սրբուհւոյ Աստուածածնին, եւ յանուն Որդւոյ նորա Սուրբ Փրկչին, կոխան եղեւ` եւ աւթարան անհաւատիցն» (Գիրք Թղթոց, էջ 537, Յիշատակարան)։
      
       Ի՞ՆՉ ԵՂԱՒ ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐԷՆ ԳԵՐԻ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՋԸ
       Պէտք է ըսել որ Աջին բուն պատմութիւնը, որ հետզհետէ կարեւորութիւն կ'ստանայ Սիսի եւ Էջմիածնի միջեւ, կը սկսի ատոր գերութեամբ։ Օրբէլեան, որ ժամանակակից է իր պատմագրած դէպքերուն, կ'ըսէ թէ Ստեփանոս կաթողիկոս վախճանեցաւ Գահիրէի մէջ։ Քրիստոնեաներ հրաման առին Հռոմկլայի յաղթականէն եւ «տարան յեկեղեցի Հաբաշի Ասորեացն, եւ պատուով եդին ի հանգստի»… իսկ «ամենայն սրբութիւնքն որ գերեցան, կորեան անհետ եւ անգիւտ, եւ բնաւ ոչ երեւեցան, թէեւ բազում անգամ յոյզ եղեւ ի թագաւորէն Հեթմոյ (Օրբէլ. Բ. էջ 192)։
       Օրբէլեանի խօսքը շատ պարզ է եւ վճռական, կարելի է ըսել նաեւ` պատմական խօսք։ Եգիպտոս տարուած բոլոր սրբութիւններ կորած կորսուած են, ատոնց հետքը չէ՛ գտնուած, անհետ եւ անգիւտ։
       Օրբէլեան յետոյ դառնացած սրտով իր խօսքերը կ'ուղղէ Հեթում Բ. ի, եւ իր հոգեւոր ծնողին դէմ եղած բռնութեան եւ անիրաւութեան իբրեւ աստուածային վրէժ եւ հատուցում մը կը նկատէ Հռոմկլային անկումը, կաթողիկոսին գերութիւնը եւ սրբութեանց անհետ կորուստը.
       -«Ահա տեսեր ո՛վ դատաւորդ եւ զրպարտիչդ հայրապետին քո` եթէ ո՛րպէս փոյթ ընդ փոյթ էառ պատուհասին ի վերայ եւ խնդրեաց իրաւունս. զի զոր դու ի Գլխիբացի եկեղեցւոյն արտաքսեցեր, նա զքոյդն արտաքսեաց ի մեծ Աթոռոյ Հռոմկլային, զոր դու քո ձեռամբդ մերկացուցեր ի զգեստուն, նա մերկացոյց ձեռամբ սուլտանին Մըսրայ զքո եդեալ Հայրապետն . զոր դու ի կապանս եւ ի բանդ առաքեցեր ի Լամբրոն բերդ, նա զքոյն առաքեաց ի կապանս եւ ի բանտ անզերծանելի զնտանին Մըսրայ։
       Ո՞ւր են այժմ զգեստքն հայրապետական, ո՞ւր թագն պատուական, ո՞ւր Աջն եւ Գաւազանն եւ Աթոռն Սրբոյն Գրիգորի որով պարծէիք. աւա՜ղ անմտութեանս մերոյ. եթէ յո՛րպիսի տուգանս եւ ի պատուհաս մատնեցաք» (Օրբէլ. Բ. էջ 192)։
       Օրբէլեան իր պատմութիւնը կը կնքէ 1299ին։ Ինքն ժամանակակից է Հռոմկլայի առման, եւ Աջին եւ բոլոր սրբութեանց գերեվարութեան Ստեփանոս կաթողիկոսի հետ։ Արդ` 1293էն մինչեւ 1299, եթէ Աջն եւ ուրիշ սրբութիւնք վերադարձած ըլլային, Օրբէլեան անպատճառ սրտագին ցնծութեամբ պիտի արձանագրէր այդ յիշատակելի դէպքը քանի որ Աջին վերադարձը պատմողներ 1295էն ասդին չեն դներ զայն։ Ընդհակառակն, Օրբէլեան սրտի ցաւով կը հարցնէ Հեթում Բ. ին, ո՞ւր է Աջը Լուսաւորչին, ո՞ւր գաւազանը, ո՞ւր Աթոռը, որով կը պարծէիք□։ - Կ՛արժէ մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնել մա՛նաւանդ նոյն ինքն Հեթում Բ. ի գրած ծանօթ ոտանաւորին, որուն մէջ, ինչպէս որ դիտած է Չամչեան, Հեթում Բ. կը յիշէ Աջին գերութիւնը, պատահած հարուածները, բայց չի յիշեր Աջին գերեդարձը կամ գնումը իր կողմէն. եւ Հեթում կը գրէ իր ոտանաւորը 1295ին□ (Հմմտ. Չամչեան Գ. էջ 385)։
       Բայց հակառակ Օրբէլեանի հաւաստումին, Սմբատ Սպարապետի Տարեգիրքին շարունակողը, կ'ըսէ.
       -«Ի թուին 841 եկն Աշրաֆ սուլտանն Մսրայ ի վերայ Հռոմկլային շատ զօրօք, եւ կռուեցաւ ի վերայ բերդին շատ օրեր. էառ զնա, եւ զամենայն սուրբ մասունսն որ անդ էին , եւ զԱջ Սուրբ Գրիգորի եւ զկաթողիկոսն եւ զեպիսկոպոսքն եւ զքահանայք եւ զսարկաւագունք շատք ծառայ տարաւ ի Մսր։ Եւ անդ մեռաւ կաթողիկոսն Տէր Ստեփանոս։ Կարծեմ թէ յանիրաւ իրաւանց եղեւ վասն Տէր Կոստանդեայ աքսորելոյ. զի այս ամէնս վասն նախանձու եղեւ»։ Այս տողերը կարծես Օրբէլեանի դառն հառաչանքներուն մէկ արձագանգը եղած ըլլային։
       Եւ յետոյ կը շարունակէ.
       -«Եւ ի սոյն աւուրս Պարոն Հայոց Հեթում գնեց զԱջն Լուսաւորչին, եւ զամենայն մասունս ի յանօրինաց, եւ եբեր ի Սիս։ Եւ դրին կաթողիկոս զՏէր Գրիգոր» (Սմբատ, էջ 126)։
       Աջի գերադարձի «պատմութեան » համար շատ հետաքրքրական են Սըսեցի ունիթոռ Ներսէս Պալիենցին գրածները։ Պալիենց կը գրէր ԺԴ. րդ դարու կիսուն (1348)։ Հռոմկլայի առումը եւ Աջին վերադարձը, ըստ Պալիենցի տեղի ունեցած են հետեւեալ կերպով.
       -«Ընդ այսմ իսկ ժամանակս, յամս Տեառն 1292, եւ թվական հայոց 741, ասացեալ սօլտանն Եգիպտոսի ԱշրաՖն, զկնի առմանն եւ աւերմանն Աքեայոյ, եւ զկնի իբրեւ ջնջեաց բնաւին զքրիստոնէիցն իշխանութեան տեղի եւ զանուն եւս ի Սուրբ Երկրէն եւ սեհլէն (=ծովեզերքէն ), ապա այնուհետեւ յարձակէր վիշապն այն չար ի վերայ Ազգին հայոց եւ ելեալ զօրօք գայր ի Միջագէտս, մերձ ի սինօռն Որհայոյ քաղաքին, եւ եկեալ պաշարէր զհայրապետական դղեակն հայոց, որ կոչէր Կլայ Հօռոմական, որ էր կաթողիկոսանիստն հայոց լեալ ի բազում ժամանակաց։ Եւ պաշարեալ զայն Սուլտանին խիստ եւ պնդագոյն կռուով, իբր ոչ կարէին պահել այլ քրիստոնեայքն։ Քանզի յղել էր անդ թագաւորն հայոց զքեռին իւր զՊարոն Ռէմունտն բազում ընտիր մարդօք, զոր Տաճկնին ոչ էին կարացել առնուլ զբազում ամս կռուով. այլ բաբանովն փլուցին զամենայն պարիսպն եւ նաղմեցին եւ եկին ի մէջ բերդին ծակն եւ ի յատակէ շրջել ուզէին։ Իսկ իբրեւ տեսին, որք ի ներս էին եթէ ի վաղիւն կամին դնել զհուրն եւ շրջել զբերդն, ուզեցին ամանաթ, այսինքն է վստահութիւն գնալ յոտս նոցա։ Սակայն սօլտանն ոչ ընկալաւ զհայցուածս նոցա. վասն զի նախ ինքն բազում անգամ ասացեալ էր եթէ տուք զբերդտ, եւ ես զձեզ զամենեսեան թողում ընչիւք գնալ։ Իբր այլ ինչ ոչ ճար գտանէին ի վաղիւն, Կաթողիկոսն հայոց Տէր Ստեփաննոս, մականուն Հռոմայեցի, որ էր ի բերդն, զգեցաւ զգեստն իւր հայրապետական, նոյնպէս ամենայն եպիսկոպոսունքն եւ երիցունք ընդ նմա, եւ խաչիւքն եւ ամենայն կահիւք սրբութեան գնացին յոտս Սուլտանին։ Զոր իբրեւ ետես չար բռնաւորն այն, եթուք, ասեն, ի վերայ կաթողիկոսին, ասելով թէ զայդ յառաջին օրն ընդէ՞ր ոչ արարեր։ Բայց այնչափ արար վասն այնմ գնալոյն, զի հրաման եհան զոչ ոք սպանանել։ Արդ` սոյն կերպիւս էառ նոյն սօլտանն յայնմ աւուր եւ զՀռոմկլայն։ Եւ զկաթողիկոսն եւ զամենայն բազմութիւն քրիստոնէիցն աւելի քան զ30, 000ոգիս, գերիս տարան ի Մսըր` ի բանտ եւ ի ծառայութիւն։ Այլ իբրեւ տարաւ զայն ամենայն ի Բաբելոն գոռոզն այն, երկրորդ Բաղդասարն, ահա աջն հայրական գրէր ընդդէմ նորա եւս. զի անկաւ մահ ի նոսա եւ մեռանէին ամենեքեան, զոր զգուշացուցին զնա առաջնորդքն իւր եւ գիտնականքն եթէ վասն քրիստոնէիցն Առաջնորդին գերութեան լինին այս հարուածք։ Եւ կոչեալ սուլտանին զԿաթողիկոսն, ասաց. ընտրեա՛ քեզ զու կամիս արս քսան, եւ ա՛ռ քեզ զմեծ եւ զփառաւոր սրբութիւն քո, զոր ունէիր ի ձեռինդ մինչ իջեր ի բերդէն քո, եւ գնա՛ վաղվաղակի յերկրէս իմոյ. քանզի հաւատամ եթէ անցցէ մահս յերկրէս իմմէ։ Եւ Կաթողիկոսն էառ զԱջն Սրբոյն Գրիգորի, եւ եդ Սօլտանն արս ընդ նոսա եւ ծախս, զի բերին զնոսա ի Հայս։ Նա եւ եղեւ իսկ, զի(յ)ելանելն Կաթողիկոսին եւ Աջոյն Սրբոյ, դադարեաց մահն ի նմին աւուր։ □Իսկ իբրեւ եկին ի Հայք, նոյն կաթողիկոսն, վասն զի աշխատեալ էր եւ խոցեալ յոգի, յետ սակաւուց, յամն յայն մեռանէր։ Եւ եդին իւրեանց կաթողիկոս զՏէր Գրիգոր Տուրքերիցանց» (Գաւազանագիրք Հռոմայեցւոց Պապից եւ Կայսերաց, Թիւ 41 Ձեռագիր, Ազգ. Մատենադարանին Կ. Պոլսոյ, էջ 240-241։ Հմմտ. Չամչեան Գ. էջ 289, 383-84).
       Ուրեմն Լուսաւորչի Աջի վերադարձի մասին երկու պատմութիւն կայ. մին ժամանակակից պատմագիր Օրբէլեանի, որ, ինչպէս տեսանք վերեւ, կը հաւաստէ թէ Հռոմկլայի Կաթողիկոսարանէն կապտուած կողոպտուած եւ Եգիպտոս տարուած բոլոր սրբութիւններն ու սպասներն ալ կորան անհետ եւ անգիւտ. իսկ միւսը` վերջէն յօրինուած «պատմութիւն » մը, Սմբատ Սպարապետի Տարեգիրքը շարունակողի եւ Ներսէս Պալիենցի կողմէն. եւ Պալիենցի պատմութեան մէջ ալ երկու ուշագրաւ կէտեր կան, որոնց համեմատ նախ Ստեփանոս կաթողիկոս կը վերադառնայ ի Հայք, նոյն իր գերութեան տարին, բայց շուտ կը մեռնի, իր կրած յոգնութիւններուն եւ հոգեկան տագնապներուն հետեւանքով. եւ երկրորդ` Ստեփանոս կաթողիկոս կը վերադառնայ «ի Հայք », կարծես Ս. Լուսաւորչի Աջը միայն բերած ըլլալու համար. վասն զի մնացած սրբութիւններու եւ սպասներու մասին ակնարկութիւն մը իսկ չկայ։ Վանկոյ Ս. Նշանը, որ դիտեցինք արդէն, Լուսաւորչի Աջէն աւելի սրբազան աւանդ մըն էր Հռոմկլայի կաթողիկոսարանին մէջ, գոնէ չի յիշուիր։ Պալիենցին «պատմութիւն»ը յօրինուած է պարզապէս Աջին վերադարձը պատմականացնելու դիտումով, այն ալ Ստեփանոս կաթողիկոսի ձեռքով, ինչ որ հակառակ է իրողութեան. վասն զի աշխատեալ եւ յոգի խոցեալ դժբախտ կաթողիկոսը, ըստ Օրբէլեանի, Շամի մէջ, Աշրաֆի կողմէն ժողովրդեան ցուցադրուելէ վերջը, շղթայակապ գերի տարուեցաւ Եգիպտոս, բանտի մէջ մնաց տարի մը, բանտի մէջ մեռաւ եւ թաղուեցաւ Գահիրէ, «յեկեղեցի Հաբաշի Ասորեացն»։
       Չամչեան, որ դիտած է Պալիենցի հակապատմական հաւաստումները, եւ միւս կողմէն շուարած պատմական ստոյգ տեղեկութիւններու հանդէպ, կ'ըսէ. «որոյ վասն եւ մեր տարակուսեալ` իբր անորոշ իմն եդաք յետ դարձի Սրբոյ Աջին Լուսաւորչին, թէ Ստեփաննոս` *կացեալ ի վտարանդութեան իւրում ամ մի` մեռաւ //. ոչինչ նշանակեալ զտեղին, ա՞նդ արդեօք մեռաւ թէ ի հայս. կամ թէ ի՞նքն էր արդեօք` որ եբեր զաջն ի հայս, թէ յետ մահու նորա դարձուցաւ»։
       Իսկ Աջի վերադարձի մասին հետեւեալ դիտողութիւնները կը կցէ Չամչեան, անորոշ թողլով իր եզրակացութիւնը.
       -«Ըստ այսմ անորոշ մնայ, թէ ո՛րչափ ժամանակ եկաց Աջն ի գերութեան. Ներսէս Պալիենց ոչ ցուցանէ աւելի քան զմի ամ. նոյնպէս եւ ոմանք ամ մի դնեն, եւ այլք ամ մի եւ կէս. իսկ եթէ հայեսցուք ի բանս Հեթմոյ թագաւորի, համարի իբր երկու ամ. զի նա ասէ, թէ գրեալ է զոտանաւոր յիշատակարան իւր ի թւին հայոց ՉԽԴ (=1295). եւ ցուցա՛ն է` թէ ի գրել իւրում զայն` չեւ եւս էր դարձեալ աջն, եւ տակաւին կային Եգիպտացիք ի հարուածս վասն գերութեան աջոյն , յասելն. *եւ այժմ կան դեռ հարուածեալք, անձամբք յանձինըս բաժանեալք //. եւ զի սկիզբն գերութեան լեալ էր ի թուին հայոց. ՉԽԲ (=1293). աստի յայտ լինի` թէ մինչեւ ի ՉԽԴ տարին դեռ չէր լեալ դարձ գերութեանն , զի յետ այնորիկ սկսաւ դադարիլ հարուածն. եւ որպէս երեւի, զկնի քանի մի ամսոց յետ գրելոյ յիշատակարանին Հեթմոյ լեալ իցէ դարձն» (Չամչեան Գ. էջ 385)։
       Կոստանեանց, առանց ուշադրութիւն դարձնելու Աջի վերադարձին շուրջ շինուած պատմութեան հակասութիւններուն, կ'ըսէ. «Օրբէլեանի խօսքերից երեւում է որ դեռ 1294 թուին Հեթում Բ. թագաւորն հետամուտ եղաւ Ս. Աջը գտնելու. անշուշտ, նրա հետամտութիւնը մի թագաւորի վայել միջոցներով էր լինում, սակայն մեզ հաւաստի յայտ չէ թէ ի՞նչ ճանապարհով գտաւ նա եւ Եգիպտոսից վերադարձրեց Ս. Լուսաւորչի Աջը» (Կ. Կոստ. Էջ 35-36)։ Բայց նկատի առնելով նախնեաց նախանձախնդրութիւնը, որոնք ամէն գնով կ'աշխատէին հայոց եկեղեցիներէն կողոպտուած սրբութիւնները ազատել պիղծ ձեռքերէ, «այդպէսով հաւանական է կարծել, կ'ըսէ, որ Հեթումին յաջողուել է վերադարձնել, եթէ ոչ բոլոր, գէ՛թ նշանաւոր սրբութիւնները» (նոյն անդ)։
       -Դժբախտաբար Օրբէլեանի «խօսքերից » այդպիսի բան մը չ'երեւիր։ Կոստանեանց ենթադրութեամբ կը խօսի, որ եթէ ծանօթ ըլլար Սմբատ սպարապետի Տարեգիրքի շարունակողին, անշուշտ վճռական կերպով պիտի ըսէր թէ Հեթում Բ. յաջողեր է գնել բոլոր մասունքները եւ ոչ թէ «գէթ նշանաւոր սրբութիւնները»։
       Աջը անհրաժեշտութիւն մը նկատուած էր Կաթողիկոսութեան համար, եւ վերջապէս այդ կապտուած կողոպտուած եւ Եգիպտոս տարուած եւ անհետ եղած նուիրական աւանդը կամ պէտք էր ձեռք բերուէր ամէն գնով, եւ կամ ատոր տեղը լեցնելու համար նոր մը պէտք էր շինուեր իբրեւ խորհրդանշան Ս. Լուսաւորչի Աջին։
       Հետեւաբար, Հեթում Բ. ի վերագրուած այդ արիութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը պատմականօրէն ստոյգ ըլլայ կամ ոչ, այլեւս շատ տարբերութիւն չ'ըներ, որովհետեւ Հռոմկլայի անկումէն, 1292 Յուլիս 28, առ առաւելն մինչեւ 1298, Յուլիս 23, Սմբատի թագաւոր օծման թուականը, Ս. Լուսաւորչի Աջ մը կայ, դժբախտ Ստեփանոս Կաթողիկոսի յաջորդ եւ Հեթում Բ. ի գաղափարակից, լատինամէտ եթէ ո՛չ լատինամիտ , Անաւարզեցի Գրիգոր Է. Կաթողիկոսին ձեռքը, որով թագաւոր կ'օրհնէ եւ կ'օծէ զՍմբատ, Սիսի մէջ. - ժողովեցան «ի հոյակապ մայրաքաղաքն Սիս, ի տօնի մեծի Աստուածայայտնութեանն. իսկ սրբագործ Կաթողիկոսն Հայոց Տէր Գրիգոր` ամենայն Եպիսկոպոսօք եւ համագումար ժողովով եւ բոլոր ուխտիւ եկեղեցւոյն, եւ Աջով Սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի, եւ աստուածային Աւետարանաւն, ձեռս ի վերայ եդեալ` աւանդեաց նմա (=Սմբատայ ) զաստիճան եւ զօծումն թագաւորութեան», եւ այլն (Սիսուան, էջ 225 Բ.
       -Ալիշան 1296ին կը դնէ Սմբատ թագաւորին օծումը. Կ. Յ. Բասմաջեան` 1297-1298ին, իսկ Օրմանեան` 1298 Յուլիս 23 ին։
       Ինչպէս որ կը հաստատուի այս տեղեկութիւններով 1292-1298, վեց տարիներու ընթացքին, Լուսաւորչի Աջ մը գոյութիւն ունեցած է Սիսի կաթողիկոսարանին մէջ։ Եթէ ընդունինք «աւանդութիւն»ը, Հեթում Բ. ի ջանքերով կամ զոհողութիւններով Աջը վերադարձուած պիտի ըլլայ ի Սիս 1295ին. իսկ եթէ Օրբէլեանի վճռական հաւաստումին համեմատ ընդունինք թէ Աջը միւս բոլոր սրբութիւններու հետ կորսուեցաւ անհետ եւ անգիւտ, այն ատեն պէտք է ըսել թէ նոր Աջ մը շինուեցաւ այդ կորսուածին տեղը։
       Ի նպաստ աւանդութեան կարելի է յիշել Վանկոյ Ս. Նշանին գոյութիւնը Սիսի մէջ, Թոխաթցի Կարապետ Կաթողիկոսի ատեն (1448 -†1477). որովհետեւ Վանկոյ Ս. Նշանն ալ, որ Հռոմկլայի կապտուած կողոպտուած սրբութիւններու գլխաւորներէն մէկն է, պէտք է գնուած ըլլայ Աջի հետ եւ բերուած Սիս, եթէ երբեք Վանկոյ Ս. Նշանին յիշատակը պահելու համար այդ անունով նոր շինուած Ս. Նշան մը (խաչ ) չէ այդ, եւ կամ եթէ նոյն իսկ աւելի հին ժամանակներու մէջ` Հռոմկլայի Վանկոյ Ս. Նշանէն առնուած մասունք մը։
       Բայց մենք հակամէտ ենք ընդունելու Սմբատայ Տարեգրքին շարունակողին հաւաստումը թէ Հեթում Բ. վերջապէս յաջողած ըլլայ ձեռք բերել Եգիպտոս տարուած Աջը եւ միւս Սրբութիւնները եւ վերահաստատած Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ։
      
       ԱՋԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
       Աջին պատմութիւնը մեծ կարեւորութիւն մը կ'ստանայ Ս. Էջմիածնի Աթոռին վերանորոգութեան կամ վերահաստատութեան առթիւ։ Որովհետեւ Աջը անյայտ կ'ըլլայ Սիսի մէջ եւ կը յայտնուի յԷջմիածին. կամ կը գողցուի Սիսէն եւ կը բերուի Էջմիածին. կամ նոյն իսկ Սիսի մէջ անյայտ կ'ըլլայ ատեն մը եւ յետոյ կը գտնուի հոն։
       Կարապետ Կաթողիկոսի յիշատակարանին համաձայն, Գրիգոր Մուսաբէկեանէն ետքը, Սիսի Աթոռը «Հինգ ամ խափանեալ մնաց` վասն անյայտ լինելոյ Սուրբ Աջին մերոյ Լուսաւորչին, եւ յետոյ գտեալ (Կարապետ Կաթողիկոս ) նորոգեաց զՍուրբ Աթոռս» (Հյպտմ. էջ 574։ Հմմտ. Ազգպտմ. էջ 2119 եւ 2142)։ Ահա՛ կարեւոր խնդիր մը, Աջը ի՞նչ կերպով անյայտ եղաւ եւ ի՞նչ կերպով գտնուեցաւ։
       Ըստ աւանդութեան հին ժամանակներէ ի վեր Աջպահներու տոհմ մը կար, որ կը պահէր Աջը։ Արդեօք Աջպահներու տոհմը դադրա՞ծ էր Աջը պահելէ, որ անյայտ կ'ըլլայ այն։ Արդեօք Աջպահներու վրայ բռնութի՞ւն ի գործ դրուեցաւ` որ Աջը ձեռքէ հանեցին. արդեօք կաշառուեցա՞ն։ Միւս կողմէն, ինչպէս որ քիչ ետքը պիտի տեսնենք Յիշատակարանի մը մէջ, Մուսաբէկեան Գրիգոր Կաթողիկոս եւ իր եպիսկոպոսներ խստիւ կը խոշտանգուին Աջին կորստեան առթիւ։ Այսպէս` բաւական դժուարին խնդիր մըն է Աջին կորուստն ու գիւտը։ Օրմանեան պարզապէս կ'ըսէ. «Իսկ անյայտացումը (Աջին ) պէտք է վերագրել այն Կիլիկեցի եպիսկոպոսներուն, որոնք Արեւելեանները փոխադրութեան կը քաջալերէին իրենց նամակով, եւ այդ նպատակով Մեծոփեցիին կը դիմէին» (Ազգպտմ. էջ 2100)։
       Անյայտացում եւ գողացում տարբեր բաներ են։ Եւ 1438-1441 թուականներուն միջեւ յօրինուած է գողութեան պատմութիւնը, գրեթէ միեւնոյն շրջանակին եւ միջավայրին մէջ, եւ միեւնոյն մտայնութեան արդիւնք են։ Առհասարակ Ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ են գողացման մասին եղած ժամանակակից արձանագրութիւներ, որոնցմէ ինձ ծանօթները յառաջ կը բերեմ այս տեղ.
       -«Եւ ՊՁԸ (=1438) թուին գողացան զԼուսաւորչի Աջն ի Սիս. եւ առին Վրացիքն զԳողգոթայ ի Հայոց. եւ հուր անկաւ յերկնից ի Մըրմուտ (=Նէմրուտ ) եւ շատ տարի այրեց զայն սարերն». - Թովմա Վարդապետ Մինասենց. ժամանակակից մը. (Նօտարք. էջ 118 եւ 127 Ծնթ. Մանյ. էջ 340, Մանր Պտմգրք. էջ 497)։
       -«ԶԼուսաւորչի Աջն գողացան ի Սսոյ եւ բերին յԷջմիածին, եւ զԽորվիրապայ Հայր Տէր Կիրակոս Կաթուղիկոս օրհնեցին» (Անդ. էջ 123. Հմմտ. Ջամբռ. էջ 77)։
       -«Ի թուին Հայոց Մեծացն ՊՂ. (=1441), յամսեանն Մարտի, որ օր տասն հինգ էր, աւուր Չորեքշաբթի, (գրեցաւ գիրքս ) ընդ հովանեաւ Ս. Աստուածածին, □եւ այլ բազմահաւաք սրբոցս` որ աստ կան. ի Հայրապետութեան Տեառն Գրիգորի Կաթողիկոսի ամենայն Հայոց. ի Սուլթանութեան Եգիպտացւոց` եւ յաշխարհակալութեան Մելիք Տահարի` որ մականուն Չախմախ կոչի, ի դառն եւ ի նեղ ժամանակի□ ։
       Եւ յայսմ ամի ՊՂ (=1441), դարձեալ յայլ իմն պատահումն հանդիպեցաւ հայոց ազգիս. քանզի Աջ Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի, որ կայր Հեմի (? ) քանի ժամանակ□(=ի Սիս ) քաղաքի , որ յաշխարհին (Կիլիկ)եայ` անյայտ եղեւ. ոչ գիտեմք թէ գողացա՞ն. եւ ոչ գիտեմք (թէ ) ինքզինքն ծածկեց. եւ ի մեծ նեղութիւն կան եւ ի տրտմութիւն` Հայոց Ազգս վասն այս պատճառի. եւ զկաթուղիկոս Գրիգոր (=Մուսաբէկեան ) բազում չարչարեցին, եւ այլ եպիսկոպոսք ընդ նմա` վասն Աջին Լուսաւորչին` եւ ոչ գտին զնա. որ յուսամք ամենասուրբ Հոգին Աստուած` զի յայտնեսցէ զԱջ Սուրբ Լուսաւորչին մերոյ ի ձեռն ընտրելոյ եւ արդարոյ առն միոյ, որպէս զփայտն Սուրբ Խաչին ի ձեռն Կիւրղի. եւ որպէս զինքն Լուսաւորիչն ի ձեռն հովուացն. եւ որպէս զԽաչն Վարագայ ի ձեռն Թոդկայ սուրբ ճգնաւորի, եւ որպէս զնշխարն սուրբ Քօշիցն ի ժամանակն վերջին. ամէն եւ եղիցի» (Անդ, էջ 125, Հմմտ. Ազգպտմ. էջ 2099-2100)։
       -«Եւ ի միւս ամին ՊՂԱ(=1442) Սուրբ Աջն Գրիգորի մեր Լուսաւորչին գողացեալ եղեւ ի Սսոյ, եւ տարեալ ի Հայս ի յԷջմիածին` նորոգեցին զնա եւ նոր կաթուղիկոս նստուցին Կիրակոս անուն. զոր Թումայ վարդապետն յիշէ ի մէջ Լանկթիմուրի պատմութեան»։ Վարդան Վրդ. Բաղիշեցի, պատմիչ (Անդ, էջ 127)։
      
       Աւետարանի մը յիշատակարանէն, գրուած 1461ին, Կողուց վանքին մէջ.
      
       -«Ի ժամանակս որ զԱջն ի Սսոյ բերին ի յԷջմիածին, ի հայրապետութեան Տէր Գրիգորի, ի թագաւորութեան Ջհանշահի□» (Նօտարք, էջ 198)։
      
       Յայսմաւուրքի մը յիշատակարանէն, գրուած Արծկէ ՊՂԱ (=1442) ին։
      
       -«Ի հայրապետութեան Տեառն Կիրակոսի ընդհանուր հայոց կաթուղիկոսի, որ է արժանաժառանգ մեծ Աթոռոյ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին` ի տեղի իջման Միածին Բանին Աստուծոյ։ Վասն զի զԱջ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին գողացան ի Սսոյ եւ բերեալ եդին իւր սեպհական Աթոռին. եւ այս ի խնամոցն Աստուծոյ»։ (Անդ, էջ 129)։
       Բայց այս գողացման պատմութեամբ խնդիրը չլուծուեցաւ։ Արդէն տեսանք թէ Եւդոկիացի Կարապետ կաթողիկոս անյայտացած Աջը գտած եւ նորոգած է Կիլիկիոյ Աթոռը։ Եւ անշուշտ այս աւանդութիւնը ամուր մնաց Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ, այսինքն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ է Լուսաւորչի Աջը, այն ալ ստուգիւ աջ Աջը։
       Առաքել Դաւրիժեցին է որ Աջին այս հետաքրքրական պատմութիւնը կ'աւանդէ մեզ։ Դաւրիժեցին 1645ին, Փիլիպպոս Կաթողիկոսի կողմէն Նուիրակ կ'երթայ դէպի Արեւմուտք, կը հասնի Ամասիա եւ հոն կը հանդիպի Սեբաստիոյ Առաջնորդ Ներսէս եպիսկոպոսին, որ յետոյ (1648-1654) կաթողիկոս եղաւ Կիլիկիոյ։ Ներսէս եպիսկոպոս, խօսակցութեան ընթացքին, օր մը կը հարցնէ Դաւրիժեցւոյն.
       «Յորժամ օրհնէք զմեռոն` զո՞ր սրբութիւն բերէք ի վերայ».
       Դաւրիժեցին կը պատասխանէ. «զԱջն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին, եւ զԱջն Թադօոսն Սրբոյ Առաքելոյն եւ Սուրբ Նշանն, որ ի կենաց փայտէն, եւ զԳեղարդն, որ մխեցաւ ի կողսն Տեառն»։
       Ներսէս եպիսկոպոս թողլով միւսները, կը հարցնէ.
       «Զայդ որ Լուսաւորչի Աջ ասես, Աջո՞յ Աջն է թէ ձախոյ».
       Դաւրիժեցին կ'ըսէ. «աջոյ Աջն է»։
       Ներսէս եպիսկոպոս դիտել կու տայ Դաւրիժեցւոյն.
       «Բնակիչք Կաթուղիկոսարանին Սսոյ ասեն ` թէ ստուգիւ եւ հաւաստեաւ Աջն Սուրբ Լուսաւորչին ա՛յն է, որ ի Սիս է. եւ բերեն վկայ ստուգութեան նորին զայն բանն` որ ի Շարադրութիւնս Հայրապետաց գրեալ է վասն Ստեփաննոսի Հայրապետին եւ վասն Լուսաւորչի Աջոյն. որ գրեալ պատճեն ա՛յս է. Տէր Ստեփաննոս ամս չորս. ի սորա աւուրս եղեւ անհնարին աղէտ. զի անօրէն գոռոզ Սուլթանն Եգիպտոսի քանդեալ աւերեաց զԱթոռ Լուսաւորչին Սրբոյն Գրիգորի զԿլայն Հռօմէական եւ ի սուր սուսերի մաշեաց զամենայն, եւ զմնացեալսն խաղացոյց ի գերութիւն , ընդ որս եւ զՀայրապետն սուրբ, եւ անդ վախճանի։ Եւ զԱջ սուրբ Լուսաւորչին Գրիգորի անդ տարեալ. եւ յորժամ եմուտ ընդ ապարանս նոցա, պատժեաց զնոսա մահուամբ, որպէս ի ձեռն տապանակին զայլազգիսն, մինչ զի անհամար եւ անթիւ էին մեռեալքն, մինչեւ դարձուցին զԱջ ձեռն սուրբ Լուսաւորչին Գրիգորի յերկիրն Կիլիկիոյ առ բարեպաշտ թագաւորն Հեթում, եւ ապա դադարեաց ցասումն ի նոցանէն։ Արդ` նոքա այսու վկայութեամբս ասեն, թէ այն Աջն, որ ի Սիս էր, ստուգիւ այն է Աջն Սրբոյ Լուսաւորչին։ Իսկ զայդ Աջդ, զոր արդ դուք ունիք յԷջմիածին, ո՞րպէս գիտէք թէ այդ Լուսաւորչի Աջն է. եթէ ունիք վկայութիւն ի նախնեաց վասն դորին` ցուցէք» ։
       Դաւրիժեցին կը լռէ Ներսէս եպիսկոպոսի այս պատճառաբանութեան առջեւ, վասն զի կ'ըսէ, «պարզամտութեամբ ունէաք հաւատ հաստատ առ Աջն այն, եւ ի նոյն հաւատոցն ոչ երկմտեցաք »։ Թէեւ կը լռէ Դաւրիժեցին, բայց միւս կողմէ կ'աշխատի «բազում հոգաբարձութեամբ » վկայութիւններ գտնել գիրքերէն, ոչ թէ, դիտել կուտայ, իր համոզումը կամ հաւատքը հաստատելու համար, այլ ճշմարտութիւնը երեւան բերելու եւ այս մասին հետեքրքրուողներուն ալ պատասխան մը տալու նպատակով։
       Եւ այս ծրագրով, Դաւրիժեցին, իր Նուիրակութեան ընթացքին, կ'զբաղի Աջին խնդրով, ամէն կարգի ծերունի եկեղեցականներու հետ կը խօսի, հին Ձեռագիրներ կը փնտռէ եւ կը կարդայ ատոնց յիշատակարանները, կը գտնէ «բազում վկայութիւն », որոնց ամէնէն հաւաստիները կ'ընտրէ եւ կը շարակարգէ իր պատմութեան մէջ։ Այս կերպով, Դաւիրիժեցին եօթը Ձեռագիրներու Յիշատակարններէն «վկայութիւն » յառաջ կը բերէ` ցոյց տալու համար թէ Աջը վերացած կամ գողցուած է Սիսէն եւ բերուած է Էջմիածին։
       Այս եօթը ձեռագիրներն են.
       1. - Աւետարան մը գրուած ՊՁԸ=1439ին, «ի վանս որ կոչի Արգելան . - ի հայրապետութեան Լուսաւորչին. քանզի յայսմ ամի վերացեալ եղեւ Աջն ի Սսոյ, եւ ո՛չ գիտեմք զի՛նչ եղեւ, ի յառաջնորդութեան սրբոյ ուխտիս Մկրտիչ Վարդապետին»։
       2. - Ճաշու գիրք մը, գրուած ՊՂ=1441ին, «ի քաղաքն Արծկէ», - «Ի հայրապետութեան մեծի Աթոռոյն որ էր ի Սիս, խափանեցաւ . զի զԱջն Սուրբ Լուսաւորչին անտի գողացան. եւ յամս երկու ազգս Հայոց անտերունջ մնաց, ի դառն եւ ի չար ժամանակիս` զի թուականս հայոց ՊՂ. էր, որ այս ամենայն բանս եղեւ» (Հմմտ. Նօտարք, էջ 126)։
       3. - Յայսմաւուրք մը, գրուած ՊՂ=1441ին, «ի քաղաքն Վան կոչեցեալ, «Ի հայրապետութեան մեծի Աթոռոյն Սսոյ` որ յայսմ ամի Լուսաւորչի Աջն գողացեալ տարան, եւ Աթոռն ունայն մնաց, ի դառն եւ ի չար ժամանակի, ի պարոնութեան Ջհանշահին□»(Հմմտ. Նօտարք, էջ 126)։
       4. - Դարձեալ` Յայսմաւուրք մը, գրուած ՊՂԱ=1442ին, - «Ի կաթողիկոսութեան Տեառն Կիրակոսի. որ ի յայսմ ամի եղեւ ժողով եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց, ի մայրաքաղաքն Վաղարշապատ. որոց էր գլուխ մեծ րաբունապետն Թովմայ, եւ Յովհաննէս վարդապետն, եւ եդին զՏէր Կիրակոսն յԷջմիածին կաթուղիկոս ամենայն հայոց. եւ նոր նորոգեցաւ Աթոռ Սուրբ Լուսաւորչին Գրիգորի, ըստ տեսլեանն մեծին Ներսէսի հայրապետին եւ Սահակայ Պարթեւին, եւ մերոյս Առաջնորդի սուրբ ուխտին Վարագայ` Յովհաննէս եպիսկոպոսին. ի թագաւորութեանն Ջհանշահի»։
       5. - Դարձեալ` Ճաշոց գիրք մը, սկսած ի «սուրբ ուխտս Մատնավանք եւ աւարտած ի քաղաքն Արծկէ, յամի ՊՂ (=1441), եւ երկրորդ ամի ի թագաւորութեան Ջհանշահի որդւոյ Ղարայիւսուֆին. եւ ի հայրապետութեան Աթոռոյ Լուսաւորչին մերոյ տեղապահի Տէր Կիրակոս ընդհանուր հայոց կաթուղիկոսի . զի մինչ ի սոյն ամս Աջն Լուսաւորչին մերոյ Գրիգորի ի Սիս էր. եւ ամենայն ազգս Հայոց հնազանդեալ էաք Աթոռոյն Կիլիկիոյ. եւ այժմ շնորհիւ նորին եւ օգնականութեան Հոգւոյն Սրբոյ, վերստին եկն ի նոյն Վաղարշապատ Էջմիածին շողակաթի Տաճարին , եւ հաստատեցաւ Աթոռ հայկազեան սեռի, գերապատիւ եւ հրաշափառ, զոր պահեսցէ հաստատուն Տէր Յիսուս. ամէն» (Հմմտ. Նօտարք, էջ 131-132)։
       6. - Դարձեալ Աւետարան մը, գրուած ՊՂԳ=1444ին. - «Եւ արդ` սկսեալ եղեւ սուրբ Աւետարանս յԱրղնի , ի վերադիտողութեան հայկազեան սեռի երկուց կաթուղիկոսաց Տէր Գրիգորին եւ Տէր Կիրակոսին. զի յորժամ գրեցաւ սուրբ Աւետարանս այս Դ (=4) ամ էր որ Լուսաւորչի Աջն կորեր էր ի Սսոյ` եւ ել համբաւն ի Վաղարշապատ. վասն որոյ ժողովեցան վարդապետք. եպիսկոպոսք, քահանայք, եօթն հարիւր անձն, եւ հաստատեցին զԱթոռն յԷջմիածին, եւ եդին զոմն Կիրակոս անուն, այր առաքինի եւ ճգնաւոր, կաթուղիկոս, եւ հաստատեցին զաթոռ սուրբ Լուսաւորչին։ Արդ աւարտեցաւ սուրբ Աւետարանս ի յամուր դղեակս յԱրղնի□ի թուականութեան Հայոց ՊՂԳ ամին» (Հմմտ. Նօտարք, էջ 132-133)։
       7. - Դարձեալ Յայսմաւուրք մը, որուն կը հանդիպի Դաւրիժեցին Անկիւրիոյ Ս. Հոգի եկեղեցւոյն մէջ, գրուած ՋԺ=1461ին։ «ի քաղաքն Արճէշ», - «Ի հայրապետութեան Տեառն Զաքարիայ կաթուղիկոսի ամենայն հայոց, եւ ի բռնակալութեան ազգին նետողաց Ջհանշահ փատշահին, որ ել բազում հենիւք եւ անթիւ զօրօք»…։
       Զաքարիա, թէեւ «կաթուղիկոս ամենայն հայոց » կոչուած է այս Յիշատակարանին մէջ, բայց Աղթամարայ կաթողիկոսն է, որ յետոյ Էջմիածնի Աթոռն ալ գրաւեց Ջհանշահի պաշտպանութեամբ , ընդունելով անկէ միանգամայն Աջը. - «Որոյ ընդ առաջ գնացեալ մեծ հայրապետն Տէր Զաքարիայն, աթոռակալ Սուրբ Խաչին Աղթամարայ, որ էր թագաւորազն ի թոռանց եւ ի շառաւիղէ արքայն Գագկայ, բազում ընծայիւք եւ պատարագօք. զոր յոյժ սիրով ընկալաւ զնա արքային արքայից Ջհանշահ փատշահն եւ դշխոյն Բէկում խաթունն, եւ պատուեալ մեծարեցին զնա, եւ ետուն նմա խլայ եւ պարգեւ զԱջ Լուսաւորչին մերոյ սրբոյն Գրիգորի, եւ զպատիւ Պատրիարքութեան։ Որոյ առաջնորդութեամբն Աստուծոյ եւ կամաւ սուրբ Լուսաւորչին եւ հրամանաւ Փատշահին, եկեալ յաստուածարեալ եւ յաստուածանկար սուրբ Գրիգորաշէն եւ երկնահանգէտ կաթուղիկէ սուրբ Էջմիածինն, յառաքելաշնորհ աթոռ սրբոյն Գրիգորի, եւ նստաւ ինքնակալ պատրիարք ընդհանուր ամենայն քրիստոնէական ազգի, որք են ընդ ամենայն ոլորտս տիեզերաց, եւ արարեալ զաշխարհ ամենայն լինիլ մի հօտ եւ մի հովիւ ընդ բանին Տեառն, եւ հովուէր զամենեսեան ի հաւատս ուղղափառ նիկիական սուրբ դաւանութեան ։»
       Դաւրիժեցւոյն տեսած բոլոր Ձեռագիրներն ալ գրուած են Աղթամարի կաթողիկոսութեան շրջանակին մէջ, Ջհանշահի թագաւորութեան ժամանակ եւ Աղթամարի Զաքարիա կաթողիկոսի ատեն. եւ ատոնց Յիշատակարաններն ալ միեւնոյն ոգին ունին եւ միեւնոյն շեշտը . այնպէս որ շատ բան չեն ապացուցաներ, այսինքն` այդ յիշատակագրութիւնները կարդալէ ետքը, քննադատօրէն չենք գիտեր թէ ո՞ւր է Լուսաւորչի իրական Աջը, աջ կամ ձախ տարբերութիւն չ'ըներ այս պարագային, ի Սի՞ս թէ յԷջմիածին։ Սաչափը յայտնի է որ 1438-1441, Աջի անյայտացման կամ գողացման պատմութիւն մը կայ, բայց կա՛յ նաեւ Աջին գիւտին պատմութիւնը Սիսի մէջ, կապուած Եւդոկացի Կարապետ Կաթողիկոսի գահակալութեան հետ։ Եւ Աջին կամ Աջերուն կորստեան կամ գիւտին շուրջ յօրինուած պատմութիւններ, ամէնքը մէկ արժէք ունին. հետեւաբար, իբրեւ պատմական իրողութիւն, չենք գիտեր թէ ի՞նչ կերպով Լուսաւորչի աջ կամ ձախ Աջը, իբրեւ մասունք, արծաթեայ աջաձեւ մասնատուփի կամ մասնատուփերու մէջ զետեղուած ըլլայ։ Աւելի բանաւոր եւ անշուշտ նաեւ աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ ըսել, որ վաղեմի աւանդութեան մը համաձայն, ի յիշատակ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Աջեր շինուեցան հայոց կաթողիկոսարաններուն մէջ, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ խաչեր կը շինուին, «կենաց փայտի » մասունքով կամ առանց այդ մասունքի, եւ որոնց ամէնքն ալ, նուիրական անօթներ ու աւանդներ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու մէջ։ Եւ ասոր ապացոյցը սա՛ է որ ո՛չ միայն Էջմիածին եւ Սիս Լուսաւորչի Աջ ունին մէյ մէկ հատ, այլ նաեւ Աղթամար եւ Երուսաղէմ ալ ունին Լուսաւորչի Աջեր, այսինքն` Աջաձեւ մասնատուփեր։
       Աւելի զարմանալի երեւոյթ մը կայ նաեւ 1441էն անմիջապէս ետքը, Էջմիածնի Աթոռին վերահաստատութեան շուրջ։ Դարերէ ի վեր Էջմիածին լքուած, աւերուած, ոտնակոխ եղած հաւատքի եւ կրօնի թշնամիներու կողմէն, կարծես հրաշքով մը ո՛չ միայն կը վերակենդանանայ, այլ նաեւ կը ճոխանայ բազմաթիւ սրբութիւններով, որոնք չես գիտեր ինչպէս կը ծագին եւ կը ծաւալին։
       Այս տեսակէտէն շատ նշանաւոր է Մակուեցի Գրիգոր կաթողիկոսին մէկ կոնդակը, որուն մէջ յականէ յանուանէ յիշատակուած են տասը հատ այլեւայլ Աջեր, եւ տասը հատ այլ այլեւայլ սրբութիւններ, միայն իբրեւ գլխաւորներ։
       Մակուեցի կամ Ջալալբէկեան Գրիգոր կթղս. փառասէր դէմք մըն է։ 1441ին, Էջմիածնի պատմական ժողովին ներկայ չէր ան։ Խլկոնց Կիրակոսին պէս ճգնաւորի մը վերահաստատեալ կաթողիկոսական Աթոռին բարձրացումը շատ ծանր եկաւ իրեն. հետեւեաբար ի գործ դրաւ իր բոլոր հնարագիտութիւնը, եւ նոյն իսկ առանց խտիր դնելու միջոցներու ընտրութեան մէջ, ամէնէն կեղտոտ եւ սուտ ամբաստանութիւններ տարձայնեց Վիրապեցիի մասին, եւ բռնադատեց զայն որ հրաժարի Աթոռէն։ Սուրբ մարդը սիրով տեղի տուաւ փառասէր Գրիգորին, որ եղաւ կաթողիկոս ամենայն հայոց` Էջմիածնի Աթոռին վրայ։ Այս Գրիգորը, ինչպէս կ'երեւի, անմիջապէս հոգ տարած է Աթոռը ճոխացնել այնպիսի սրբութիւններով, որոնք թանկագին յիշատակներու կապուած են։ Հայ ժողովուրդի բարեպաշտութիւնը գրգռող բոլոր նուիրական անուններ եւ իրեր համախմբուած են Էջմիածնի մէջ։ Այլ եւս բաւական չէ Լուսաւորչի Աջը, ուրիշներ ալ պէտք են կամ պէտք եղած են։ Մակուեցին 1445ին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Էջմիածնի մէջ, մշոյ Ս. Յովհաննէս վանքին Առաջնորդ Կարապետ վարդապետը, որուն ձեռնադրութեան իբրեւ վկայական գրուած է այս կոնդակը` ամէն կողմէ հետաքրքրական վաւերագիր մը իր ոճով եւ բովանդակութեամբ, որ բարեբախտաբար չէ՛ կորած եւ ժամանակին հրատարակուած է Փիրղալէմեանի Նօտարքին մէջ։
       Մակուեցին կ'ըսէ իր կոնդակին մէջ.
       -«Մեծաւ հանդիսիւ յաստուածաբնակ Տաճարի սուրբ Էջմիածնի ի Կաթողիկէիս Վաղարշապատոյ, ի յամսեան Յունիս Ը (=8) ի մեծ թուին ՊՂԴ (=1445), յաստուածամուխ սուրբ Գեղարդեամբ եւ յաստուածընկալ Սուրբ Նշանաւս, եւ ԺԲ (=12) սուրբ նշանօքս. եւ շնորհաբաշխ Աջով մեր Սուրբ Լուսաւորչին Գրիգորի, եւ այլ երկոտասան Աջերովս առաքելական եւ հայրապետական. եւ օրհնեցաք զԿարապետ աբեղայս ձեզ եպիսկոպոս եւ հոգեւոր առաջորդ» (Նօտարք, էջ 140. 144)։
       Կոնդակին սկիզբը միառմի յիշուած են այս սրբութիւնք եւ Աջեր, բայց փոխանակ տասներկուքի, տաս տաս հատ, որոնք երկու որոշ խումբեր կը ներկայացնեն.
       Առաջին խումբ
       1. - Ս. Գեղարդ.
       2. - Փուշ պսակ.
       3. - Բեւեռք.
       4. - Վարշամակ.
       5. - Գետարգել Ս. Նշան.
       6. - Կարմրական Ս. Նշան.
       7. - Լրջական Ս. Նշան.
       8. - Աստուածընկալ Ս. նշան
       9. - Կենսաբեր Ս. Նշան.
       10. - Պատկեր Ամենափրկչի. եւ այլ բազում սուրբ նշանք։
       Երկրորդ խումբ
       1. - Աջ Յովհաննու Կարապետին.
       2. - Աջ նախավկայ Ստեփաննոսի.
       3. - Աջ Թադէոսի Առաքելոյն.
       4. - Աջ Գրիգորի Լուսաւորչին.
       5. - Աջ Արիստակիսի Հայրապետին
       6. - Աջ Սահակայ Պարթեւի.
       7. - Աջ Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետին.
       8. - Աջ Ղեւոնդեայ երիցու Ղեւոնդեանց.
       9. - Աջ Ստեփաննոսի Քհյ. ի Հռիփսիմեանց .
       10. - Աջ Սուքիասայ Սուքիասեանց. եւ այլ բազում Աջեր, որ աստ կան։
      
       Ո՞ւր պահուած էին այս սրբութիւններ եւ Աջեր 1441էն յառաջ, կամ ի՞նչ կերպով մէջ տեղ ելան ատոնք եւ ճոխացուցին Էջմիածնի սրբութեանց գանձարանը։- Տարակոյս չկայ թէ ասոնց մէջ կային աւանդաբար վաւերականներ, բայց մեծ մասամբ նոր շինուեցան իբրեւ խորհրդանշանական յիշատակներ, բարեպաշտիկ դիտաւորութեամբ։
       Հայոց բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները իրենց յատուկ նուիրական առարկաներ ունէին եւ թանկագին առարկաներ, որոնք սակայն բազմաթիւ պատճառներով չկրցան պահուիլ. «Կենաց փայտեր », յիշատակի համար շինուած արծաթի խաչեր, վաւերական եւ ենթադրական մասունքներ, արծաթապատ Աւետարաններ, Տնօրինական պատկերներ, մասնաւորապէս Ծնունդ, Մկրտութիւն, Խաչելութիւն, Յարութիւն, Համբարձում, ինչպէս նաեւ Սրբոց պատկերներ, մանաւանդ Լուսաւորչի եւ իր յաջորդներուն անունով նկարուած, եւն. եւն ., ոչ եւս են . բայց ամէն անգամ, ի հարկին, նոր նոր կը շինուին արուեստագէտներու ճաշակին եւ շինել տուողներու քսակին համեմատ։ Եկեղեցիներու կողոպտումներ, հրդեհումներ, գողութիւններ, գերեվարութիւններ հարուստ եւ ստոյգ պատմութիւններ ունին մեր ազգային պատմութեան մէջ, որոնք եթէ դասաւորուէին եւ ամփոփուէին հատորի մէջ, ինքնին պիտի տեսնուէր թէ յափշտակութեան եւ փճացումի ենթարկուած այդ բոլոր նուիրականութիւններէն հազիւ թէ բան մը երկու կրնար ճողոպրիլ եւ պահուիլ։ Բայց հայուն ջերմեռանդն զգացումը ոչ կը յափշտակուի, ո՛չ ալ կը փճանայ։ Նիւթական կորուստներ եւ փճացումներ եւս առաւել կը բորբոքեցնեն այդ զգացումները, եւ ահա՛ դարձեալ զարդարուած եւ ճոխացած են իր եկեղեցիներ, բազմապատիկ սրբութիւններով։ Եւ պէտք է ընդունիլ որ այն այլազան սրբութիւններ, որոնց մէկ պաշտօնական ցանկը կը գտնենք, Վիրապեցիի յաջորդին Կոնդակին մէջ , նորակերտ բաներ են մասամբ կամ ամբողջովին, անգամ մըն ալ շեշտենք, բարեպաշտիկ զգացումներով, ժամանակներու կրօնական եւ հոգեկան պահանջումներուն գոհացում տալու համար, եւ նախնեաց աւանդութիւնները, անոնց նուիրական աւանդներն ու անօթները վերահաստատելու դիտումով, ինչ որ ինքնին արժէքաւոր է արդէն, վե՛ր ամէն քննադատութենէ։
       Վասն զի ամենեւին պատմական եւ շիտակ չէ՛ Ա. Դաւրիժեցւոյն հաւաստումը թէ բոլոր Հայոց ազգը «կապեալ » եղած ըլլան «ի վերայ Աջոյն »։ Հայոց Ազգը յարգած է Աջը, իբրեւ խորհրդանիշ մը, իբրեւ յիշատակ մը իր Լուսաւորչին, բայց ամենեւին Աջին չէ՛ կապած իր կրօնական գոյութիւնը, ոչ ալ նուիրապետութեան վեւերականութիւնը եւ շնորհաբաշխութեան դրութիւնը։ Աջին տրուած բացառիկ կարեւորութիւնը, ըստ մեզ, հետեւանք է կաթողիկոսական Աթոռներուն բազմացումը խափանելու հարկին։ Եւ ասիկա որոշ շրջանի մը, այսինքն Կիլիկեան շրջանի մէջ, ինչ որ մասնաւոր ուժգնութեամբ կը շեշտուի 1441ին, Աթոռին վերանորոգութեան եւ վարահաստատութեան հետ Էջմիածնի մէջ։
       Օրմանեան խօսելով Աջի գողութեան եւ յայտնութեան պարագաներուն վրայ, կ'ըսէ. «Մենք միտ չունինք պնդել թէ առանց Աջին` Հայոց կաթողիկոսութիւն չի կրնար ըլալ. սակայն չենք կրնար չճանչնալ թէ այս եղած է ազգին մէջ տարածուած համոզումը»… (Ազգպտմ. Էջ 2110)։ Այս նախադասութեան երկրորդ մասը շիտակ չէ բոլորովին. վասն զի սկիզբէն ի վեր այդպիսի տարածուած համոզում մը չկայ հայ ազգին մէջ. այլ ինչպէս որ դիտել տուինք, շիտակ կրնայ ըլլալ շրջանի մը համար միայն։
      
       ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԱՋԸ
       Աջի մասին մեր տուած ծանօթութիւնները ամբողջացնելու համար պէտք է շարունակել այս Աջապատումը եւ տեսնել թէ ինչե՜ր անցան դարձան Աջին շուրջ։
       Աջը , որ 1441 ին յայտնուեցաւ Էջմիածնի մէջ, գրեթէ քսան տարի ետքը կը գտնուի Պարսկաստան։ Թէ ի՞նչպէս եւ ի՞նչ նպատակով Աջը փոխադրուած կամ փախցուած է Պարսկաստան, այս մասին առաջին աղբիւրէ տեղեկութիւն մը չունինք։ Պէտք էր որ Ա. Դաւրիժեցին յիշած ըլլար այս պարագան, բայց նա, որ երկու գլուխ նուիրած է Աջին պատմութեան (ԺԷ. եւ Լ ., էջ 198-214 եւ 414-431), բոլորովին լուռ է այս մասին։ Միայն Չամչեանն է որ կ'ըսէ. երբ Մակուեցի Գրիգոր կաթողիկոս գժտեցաւ իրենց աթոռակից Արիստակէսի հետ, կաթողիկոսարանի վարդապետներէն մէկը, Սարգիս, «գողացեալ յԷջմիածնայ զԱջ Լուսաւորչին, տարաւ ի Դաւրէժ. եւ սպասէր անդ գալստեան Ջահանշահայ, զի առցէ ի նմանէ հրաման իշխանութեան լինել կաթողիկոս» (Չամչեան Գ. էջ 503)։ Աջին այս գողացումը տեղի ունեցած է 1460ին։ Բայց Աղթամարայ Զաքարիա կաթողիկոսը աւելի ճարպիկ փրթաւ, թանկագին նուէրներով փութաց Ջահանշահին եւ անոր տիկնոջ Բէկում խաթունին, որոնք անկեղծօրէն համակրեցան Զաքարիային, եւ, Դաւրիժեցիին խօսքերով, «պատուեալ մեծարեցին զնա, եւ ետուն նմա խլայ եւ պարգեւ զԱջ Լուսաւորչին մերոյ սրբոյն Գրիգորի, եւ զպատիւ պատրիարքութեան» (Դաւրիժեցի, էջ 421)։ Զաքարիա այսպէս պետական ուժով կուգայ Էջմիածին, երբ հոն երկու կաթողիկոսներ կային արդէն, եւ կը հաստատուի։ Սակայն չի կրնար երկար մնալ Էջմիածնի մէջ. վասն զի խիթալով իրեն համար նիւթուած դաւանքէ մը, Աջը առնելով գաղտուկ խոյս կուտայ Էջմիածնէն եւ կու գայ Աղթամար, իր բնիկ Աթոռը, եւ կը հաստատուի հոն 1462 ին։
       Դաւրիժեցին կը պատմէ թէ Զաքարիա Էջմիածնէն Աղթամար տարաւ ո՛չ միայն Աջը, այլ նաեւ խաչալամ (խաչվառ ) մը, որուն մէկ կողմին վրայ նկարուած է Տէրունական պատկերը Փրկչին, իսկ միւս կողմը Լուսաւորչին, Տրդատ թագաւորին եւ Հռիփսիմէ կուսին պատկերը, եւ սուրբ ուրարը, ոսկեթելով յօրինուած գունագեղ, զարմանալի ձեռագործ մը (Դաւրիժեցի, էջ 423, հմմտ. էջ 428)։
       Այն Սարգիս վարդապետը, որ Աջը գողցաւ Էջմիածնէն եւ տարաւ Պարսկաստան, վերջապէս կաթողիկոս ալ եղաւ օր մը, Սարգիս Բ. անունով (1469-1474), զոր Աջտար տիտղոսով մկրտեց Օրմանեան, «աւելի տգեղ կոչում մը խնայելով» (Ազգպտմ. էջ 2177-78)։ Սարգիս կարծես խղճահար` Աջը Էջմիածնէն հանելուն համար, անկեղծօրէն կը փափաքէր Էջմիածին վերադարձնել զայն ամէն գնով։ Օծոպեցի Վրթանէս եպիսկոպոս որոշեց Սարգիս կաթողիկոսին փափաքը իրագործել, եւ հետեւաբար գաղտուկ հեռացաւ Էջմիածնէն, բոլորովին ծպտեցաւ , կաղ, աղքատիկ աշխարհական մը եղաւ, գնաց Աղթամար` ծառայութեան մտաւ, եւ վերջապէս իր ուշիմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ ամէնուն վստահութիւնը գրաւեց, եւ եղաւ լուսարար։ Այլեւս դիւրին էր Վրթանէսի համար Աջը ձեռք բերել, քանի որ Աղթամարի բոլոր սրբութիւնները իր բանալիին տակ էին։ Օր մը Ջուղայեցի փերեզակներ եկած էին Աղթամար, իրենց էշերով եւ ապրանքներով. Վրթանէս էշերէն մէկուն կուրտինը ճեղքեց եւ ատոր մէջ զետեղեց Աջը, վառը եւ ուրարը, եւ կարեց ճեղքուածը։ Այս բոլորը Վրթանէս եւ իշուն տէրը միայն գիտէին։ Փերեզակը ելաւ Աղթամարէն, բռնեց Ջուղայի ճամբան. քանի մը օր ետքը Վրթանէս ինքն ալ անյայտացաւ։ Աղթամարցիք ուշ արթնցան։ Մարդ հանեցին ճամբաները, հարցուցին ճամբորդներուն թէ սանկ կաղ մարդ մը տեսա՞ծ էին արդեօք։ Ոչ ոք կաղ մարդ մը կրցած էր տեսնել։ Վերջապէս Վրթանէս հասաւ Ջուղա, գտաւ փերեզակը, հանեց սրբութիւները իշու կուրտինին մէջէն առօք փառօք տարին Նախջեւան եւ անկից ալ Էջմիածին։ Օծոպեցին եօթը տարի ծառայած էր Աղթամարին` Աջը ձեռք բերելու եւ Էջմիածին վերադարձնելու համար։ Եւ յաջողեցաւ վերադարձնել, բայց Սարգիս կաթողիկոս չկրցաւ տեսնել Աջին վերադարձը, որովհետեւ արդէն վախճանած էր 1474ին։ Վրթանէս իր այս Աջագողի կամ Աջաբերի ծառայութեան համար Աթոռակալ եղաւ ցո՛րչափ կենդանի էր։ Երբ շատ ծերացաւ գնաց Օծոպու Վանքը, մեռաւ իր ազգականներուն մօտ, ՋԽԲ=1493ին, թաղուեցաւ այդ վանքի մէջ։ Էջմիածնի կաթողիկոսներուն համար աւանդութիւն եղաւ ամէն տարի այցելել Օծոպ եւ պատարագ մատուցանել Վրթանէս եպիսկոպոսի հոգւոյն համար, եւ դրամ բաշխել վանականներուն եւ հոգեհաց աղքատներուն։ Դաւրիժեցին կ'ըսէ թէ այս հայրենապատուէր կտակը պահուեցաւ մինչեւ Դաւիթ եւ Մելքիսեդ կաթողիկոսներուն ժամանակ։
       Աջը սակայն անխախտ չմնաց Էջմիածնի մէջ։ Շահապպաս Ա. Արարատի հայերը կը փոխադրէ Պարսկաստան, «որպէս զի աւերեսցի աշխարհն հայոց` եւ շինեսցի աշխարհն պարսից ». եւ որպէս զի տարագիր ժողովուրդը կապուի մնայ Պարսկաստանի, Շահապպաս , նոյն ինքն նշանաւոր եւ գիտուն հայոց խորհրդով կ'որոշէ Աջը Էջմիածնէն փոխադրել Ասպահան, եւ նոր Էջմիածին մըն ալ շինել տալ Ասպահանի մէջ` Վաղարշապատի Էջմիածնին քարերով։ Բայց Խօճայ Նազարի խորհրդով Շահապպաս կը փոխէ իր որոշումը եւ կ'առաջադրէ նոր Էջմիածինը շինել տալ Ասպահանի քարերով եւ հողով։
       Դաւիթ եւ Մելքիսեդ Աթոռակից կաթողիկոսներուն ամօթալի պայքարներուն հետեւանքով եւ Շահապպասի հրամանով ո՛չ միայն Աջը կը փոխադրուի Ասպահան , այլ նաեւ Էջմիածնի տաճարի շէնքէն քանի մը կարեւոր քարեր, առաջադրուած նոր Էջմիածնի շինութեան մէջ գործածուելու համար։ Աջի հետ կը բերեն նաեւ « մէկ ոսկետուփ եւ մեծագին Աւետարան, եւ մէկ արծաթեայ խաչ » եւ կը յանձնեն Շահպպասին, որ զանոնք կը քննէ մի առ մի, եւ Աջը բռնելով կը համբուրէ, եւ կը դնէ վար կամ կը պահուի Խօճայ Սաֆարին տունը, «ընդ նշխարաց սրբուհւոյ Կուսին Հռիփսիմեայ եւ ընդ այլոց սրբութեանցն, որք անդէն կային»։
       Աջը այսպէս կը մնայ Ասպահան մինչեւ Փիլիպպոս կաթողիկոսի ժամանակ։
       Ջուղայեցիք կը դժկամէին վերադարձնել Աջը Էջմիածին։ Փիլիպպոս կաթողիկոս նկարագրի մարդ էր , վերջապէս անձամբ գնաց Պարսկաստան։ Շահապպաս մեռած էր։ Անոր թոռը Շահսէֆի էր Շահը, պատանեակ մը։ Փիլիպպոս կաթողիկոս, Ասպահան բնակող Երեւանցի երեւելիներուն հետ խորհրդակցութեամբ, «սկսաւ շրջիլ ի դրունս իշխանաց թագաւորին », եւ առատ առատ նուէրներով հաճեցուց ամէնուն ալ սիրտը . եւ վերջապէս «լցեալ զուտ ոսկի դահեկան յսկուտեղ` եւ ընդ նմին գրեալ թուղթ արզայի` մատոյց առաջի Շահսէֆի արքայի, խնդրելով ի նմանէ հրաման` տալոյ զԱջ Սրբոյ Լուսաւորչին »։ Փիլիպպոս կաթողիկոս կը յաջողի պետական հեղինակութեամբ վերցնել Աջը Խօճայ Սաֆարի տունէն, կը բերէ Խոջենց եկեղեցին, կիրակի մը Ս. Պատարագ կը մատուցանէ, կը բանայ Աջը, Ջուղայեցիք ուխտի կուգան, կը մխիթարուին, բայց չեն ուզեր որ Աջը հանուի իրենց ձեռքէն։ Փիլիպպոս կթղս. գաղտնի փոխադրել կուտայ զայն Ջուղայու վանքը, անկից Ջուղայաբնակ Երեւանցիներուն քով, եւ անկից ալ, միշտ գաղտուկ, Բիրին ջլու քարվանսարը, ուր Գողթնեցի Մարգար անուն հայ վաճառականի մը բեռներուն մէջ կը դնեն եւ կը հասցնեն Դաւրէժ։ Ջուղայեցիք լուր չունեցան Փիլիպպոս կաթողիկոսի այս արագ կարգադրութիւններէն։ Փիլիպպոս ինքն ալ փութաց ճամբայ ելնել վաճառական Մարգարի ետեւէն, հասաւ Դաւրէժ, առաւ Աջը «եւ բերեալ հասոյց ի սուրբ Էջմիածինն, ի նորին սեպհական Աթոռն » ՌՁԷ=1638ին (Դաւիրժեցի, էջ 321)։
       Այնուհետեւ Աջը կը մնայ Էջմիածնի մէջ. 200 տարիներու ընթացքին, 1438-1638, կաթողիկոսներու պէս չարչարուելէ, թափառելէ եւ հայ ժողովուրդի տարագրութեանց եւ տառապանքներուն իբր խորհրդանշան ձեռքէ ձեռք, տեղէ տեղ քաշքշուելէ, գաղտնի եւ յայտնի շահերու իբր գործիք իր դերը կատարել է ետքը։
       Աջը , հիմայ Ս. Էջմիածնի Աւանդատան սրբութիւններէն մէկն է։ այլեւս հին կռիւներ եւ խօսքեր տեղի չեն ունենար անոր շուրջ, ինչպէս որ ունեցած է Մայր Աթոռի վերահաստատութեան սկիզբէն մինչեւ Փիլիպպոս կաթողիկոսի ժամանակ։ Այժմ նուիրական եւ թանկագին խորհրդանշան մըն է ան Էջմիածնի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելական տքնութեանց։