Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441-էն մինչեւ մեր օրերը)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Եւդոկացի Կարապետին եւ Սարաձորեցի Ստեփանոսին ժամանակները պատմական կարեւորութիւն ունին ո՛չ միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին վերակազմութեան կողմէն, այլ նաեւ Կ. Պոլսի Հայ պատրիարքութեան ստեղծման կողմէն, որու հետ միշտ սերտ յարաբերութիւն եւ խնդիրներ ունեցան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ եւ Կ. Պոլսի Պատրիարքներ՝ փոխադարձաբար երկու աթոռներու վրայ ելեւէջ ըրին։
       Այս է պատճառը որ կ՚ուզենք հոս ալ արձանագրել Կ. Պոլսի պատրիարքութեան ծագումը ։
       Մենք մեր ազգային մատենագրութեան պատմութեան ոսկեդարեան շրջանէն ի վեր գիտենք որ Հայք կ՚երթեւեկէին Բիւզանդիոն = Կ. Պոլիս , ուսումնական, վաճառականական եւ քաղաքական նպատակներով, եւ ասկէ զատ այդ մայրաքաղաքի մէջ կային նաեւ բնակութիւն հաստատող Հայեր։
       Բայց թէ ե՞րբ սկսաւ Կ. Պոլսի հայոց իբրեւ առանձին համայնք կազմակերպումը, իրենց եկեղեցիներով, այս մասին միջնադարեան պատմագիր մը , Միխայէլ Ասորի, ըստ Շապօի հրատարակութեան, տեղեկութիւն կուտայ մեզի ըսելով թէ՝
       -«Մինչեւ Ալեքսիս կայսեր ժամանակը մեր (= Ասորւոց ) ազգը եւ Հայոց ազգը մէյ մէկ եկեղեցի ունէին Կ. Պոլսի մէջ, եւ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ կային՝ Քահանայ մը, աշխարհական վաճառականներու մարմին մը եւ ուրիշներ»։
       Քաղկեդոնական խնդիրներու հետեւանքով Ալեքսիս Ա. Կոմնենոս (1081-1111) այրել տուաւ այդ երկու եկեղեցիները եւ անոնց սրբութիւնները փողոց թափելով առաթուր կոխել տուաւ մոլեռանդ ռամկին։
       Գիտենք նաեւ թէ Յուսիկ Եպս. Ստինպոլայ ներկա՛յ էր Սիսի ժողովին, 1307 Մարտ 19ին։
       Դարձեալ գիտենք որ 1360-61ին Ղալաթիոյ մէջ Հայք ունէին եկեղեցի մը՝ նուիրուած «Սրբոյն Սարգսի Զօրավարին եւ որդոյ նորա Մարտիրոսի» ։
       Այս բոլորը պատմական ապացոյցներ են եւ կը հաստատեն թէ Հայք շատ հին ժամանակներու մէջ հաստատուած գաղութ մը կը կազմէին Կ. Պոլսի մէջ, իրենց եկեղեցիներով եւ եպիսկոպոսներով։
       Իսկ 1438ին գրուած Ձեռնադրութեան Գիրք մը, Տրապիզոնցի Յակոբ Աբեղայի մը ձեռքով, կը հաստատէ որ այդ տարին արդէն Կ. Պոլսի աթոռին վրայ Առաջնորդ է Յովակիմ Արքեպիսկոպոս։
       Գիրքը գրուած է ուղղակի ի վայելումն Արհի Եպիսկոպոսին Տէր Յովակիմին Կոստանդնուպաւլսի, եւ յետոյ, 1543-ին, մահդասի Մարիամու մը կողմէն նուիրուած է Կ. Պոլսի Պատրիարք Աստուածատուր Վարդապետին ։
       Այս յիշատակարանի ստոյգ տեղեկութիւններով կը սրբագրուի Չամիչեանէն մինչեւ Օրմանեան կրկնուած այն անճիշդ պատմութիւնը թէ Յովակիմ Պրուսայէն բերուած ըլլայ Կ. Պոլիս՝ Ֆաթիհի հրամանով, Կ. Պոլսի առումէն (1453) յետոյ եւ նշանակուած Պատրիարք Հայոց։
       Յովակիմի համար գրուած այդ Ձեռնադրութեան Գրքի թուականէն (1438) մինչեւ Կ. Պոլսի առումը (1453) Ֆաթիհի կողմէն տասնըհինգ տարի կայ. եւ քանի որ Յովակիմ Արքեպիսկոպոս 1438-ին, այսինքն Կ. Պոլսի առումէն 15 տարի յառաջ արդէն Առաջնորդ է Կ. Պոլսի Աթոռին վրայ, կրնայ ենթադրուիլ որ 1438-էն յառաջ ալ Առաջնորդ եղած ըլլայ Պրուսայի, եւ ըստ Չամչեանի աւանդածին, այն ատենէն ծանօթացած ըլլայ սուլտան Մէհմէտին, որ քիչ յետոյ Ֆաթիհ (յաղթական ) պիտի հռչակուէր՝ տիրելով Կ. Պոլսի վրայ։
       Մեր պատմութեան համար սա՛ է կարեւորը, թէ երբ ասդին, Կիլիկիոյ մէջ, Եւդոկացի Կարապետ եւ յաջորդը Ստեփանոս Սարաձորեցի, կը կազմակերպեն կաթողիկոսութիւնը Եգիպտոսի Մէլիքներուն հովանաւորութեամբ, այդ միջոցին Օսմանցիք կը տիրեն Կ. Պոլսի, որու Առաջնորդը, Պատրիարք կը հռչակուի Ֆաթիհի կողմէն՝ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան հաւասար դիրքով եւ իրաւասութիւններով։
       Ի՞նչ եղաւ այս նորահաստատ պատրիարքութեան դիրքը հանդէպ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որուն հետ ապագային վարչական խնդիրներ պիտի ունենար։
       Ըստ մեզ շատ պարզ է այս հարցման պատասխանը։
       1441-էն յառաջ Կ. Պոլիս եւ շրջակայք կախուած էին Կիլիկիոյ Աթոռէն, եւ այդպէս ալ մնացին երկար ատեն, քանի որ Էջմիածին շատ հեռու էր իրենցմէ, եւ Կիրակոս Վիրապեցւոյ գահազրկութեան հետեւանքով ստեղծուած խառնակ վիճակը Էջմիածնի մէջ, չէին կրնար Կիլիկիոյ Աթոռին վաղեմի իրաւասութիւնները չէզոքացնել մէկ անգամէն։
       Օրմանեան Սրբազան ալ կ՚ընդունի այս իրողութիւնը, դիտել տալով թէ Օսմանցիներուն հպատակ հայերը բնական կերպով մը Սիսին կապուեցան (Ազգպտմ. էջ 2143 եւ 2156) եւ յետոյ, երբ Կ. Պոլսի դիրքը բարձրացաւ եւ զօրացաւ, այն ատեն է որ «հետզհետէ տկարացան Կիլիկիոյ յարաբերութիւնները եւ զօրացան Էջմիածնի հետ կապակցութիւնները, մինչեւ որ վերջնականապէս առաջինները խլուեցան, եւ երկրորդներուն տեղի տուին » (Անդ, էջ 2187-88)։
       Իսկ Կիլիկիա քաղաքականօրէն մնաց Ձորապետներու իշխանութեան ներքեւ մինչեւ որ վերջնականապէս Օսմանեան կայսրութեան նահանգ դարձաւ շուրջ 1584-ին։