Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ներսէս բնիկ Սեբաստացի է, որդի Կարապետի եւ մհի. Խաթունասի։ Ծննդեան թուականը չգտանք։ Եղբայր մը ունի, մհի. Տէր Աստուածատուր, որ նորընծայ քահանայ մըն է 1640ին։ Ներսէս ինքն ալ ամուսնացեալ երէց մըն է, բայց «կինն վաղամեռ լինելով » կ'այրիանայ երիտասարդութեան ատեն, կ'երթայ Սիս, կ'աշակերտի Անթէպցի Յովհաննէս Կաթողիկոսին, եւ անկէ կը սորվի «զամենայն կրթութիւն եւ վարժումն մանր երգոց երաժշտականութեան եւ ընթերցումն աստուածաշունչ գրոց » (Դրնղ. 337)։
       Ներսէս «լաւ եւ ընտիր » աշակերտն է Յովհաննէս Կաթողիկոսին (անդ, էջ 321), որու վախճանումէն յետոյ կ'աշակերտի Մինաս Կաթողիկոսին եւ անկէ կ'առնէ վարդապետական գաւազանը եւ եպիսկոպոսական աստիճանը, հաւանաբար 1621ին, այսինքն Մինասի կաթողիկոսութեան սկիզբը։
       1623 եւ 1626 տարիներու մէջ Ներսէս Կ. Պոլիս է, ուր կը գործակցի Դարանաղեցւոյն եւ արտաքսել կուտան Մելքիսեթ Կաթողիկոսը իրեն մարդերով (անդ, 285). որովհետեւ Ներսէս «ճշմարտութեան իրաւանցն Աստուծոյ ջատագով էր » եւ սրբասէր։
       Ներսէս առաջնորդ կը կարգուի Սեբաստիոյ 1637ին, ըստ Սեբաստիոյ պատմագիր Յովհաննէս եպիսկոպոսի (Դիւան Ժ. ), իսկ ըստ Ներսէսի Աստուածաշունչի Յիշատակարանը շարունակողին ՌՁԳ=1634ին Ներսէս առաջնորդ է արդէն եւ կը յաջողի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերաշինութեան հրամանը ստանալ Սուլթան Մուրատէն, որ Սեբաստիա եկած էր այդ տարին Պաղտատ երթալու առթիւ։
       Տեսանք վերեւ որ Սիմէոն Բ. ի Կաթողիկոսութիւնը 15 տարի տեւած է, բայց հինգ տարի հրաժարելով իր տեղը դրած է Ներսէսը։ Թէ Սիմէոնի 1633-1648 տարիներուն միջեւ ո՞ւր պէտք է դնել Ներսէսի տեղապահութեան հինգ տարիները, - ասիկա որոշ չէ։
       Ներսէս համակրելի եւ ուշագրաւ անձնաւորութիւն մըն է Սեբաստիոյ առաջնորդական աթոռին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական գահուն վրայ։
       Սեբաստիոյ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյն վերաշինութիւնը արդիւնք է Ներսէսի արթնամիտ գործունէութեան, եւ Հայոց Եկեղեցւոյն հետ Յունաց Եկեղեցւոյն ալ շինութեան համար իր նուիրած ջանքերը ցոյց կուտան ազատախոհ եւ ստուգապէս քրիստոնեայ մտքի մը պայծառութիւնը։
       Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ աթոռներուն յարաբերութեանց բարւոքումը Ներսէսին վարչագիտութեան եւ ազգասիրութեան փառաւոր փաստն է, որ երեւան բերաւ Երուսաղէմի ժողովին մէջ, 1652ին, հասկցողութեան գալով Փիլիպպոս Կաթողիկոսին հետ, որուն այնքան խիստ կշտամբողական ուղղած էր իր նախորդը, Սիմէոն Կաթողիկոս։
       Ներսէս իր եկեղեցականներուն եւ եկեղեցւոյն բարեկարգութեան ալ աշխատած է , յիշատակարանի մը դրուատալից վկայութեան համեմատ։ Հալէպի Թիւ 61 Ձեռագիր Սաղմոսը գրուած է հոն, ՌՃԳ (=1654ին) «ի Կաթողիկոսութեան Սբ. Աթոռոյն Կիլիկիոյ Տեառն Տէր Ներսէս քաջ րաբունապետի, որ բազում աշխատանս կրեաց վասն Ազգիս մեր, եւ ուղղեաց զկարգս եւ Սահմանադրութիւն Եկեղեցականաց»։
      
       ՆԵՐՍԷՍ ԵԿԵՂԵՑԱՇԷՆ
       Ներսէս Կաթողիկոսի եկեղեցաշինութեան պատմութիւնը Գ. Վ. Սրուանձտեանց այսպէս գրականացուցած է իր Թորոս Աղբարին մէջ (Մասն Ա ., երես 155-156).
       -Քաղաքիս (Սեբաստիոյ ) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ կայ հնաշէն փոքրիկ մզկիթ մը , զոր Հայք Ս. Լուսաւորիչ կը կոչեն. արդարեւ դիրքն յարեւելս է եւ գմբէթ վեղարաձեւ ի գագաթան։ Կ'աւանդեն թէ շինուած է եղեր սա յաւուրց եւ ի յիշատակ գալստեան Ս. Լուսաւորչին ի Սեբաստիա. բայց Տաճկաց բռնութեան օրերը, երբ տաճիկ մը համարձակ էր մտնել տները, եկեղեցիները, ուզածն ընել, ուզածը տանիլ, - ո՜հ օրեր, որոց հետքը չէ անհետացեր տակաւին տեղ տեղ մինչեւ իսկ մեր օրերը, - ներս կը մտնէ մօլլայ մը Ս. Պատարագի ժամուն եւ սեղանն ելլելով Էզան կը կանչէ, ու կը յայտարարէ թէ՝ այս վայրկեանէս ալ բան չունի հոս Քրիստոնեան, որովհետեւ մզկիթ եղաւ ասիկա. բայց մեծ շնորհ մը կ'ընէ թոյլ տալով տէրտէրին՝ եկեղեցական գրեանքն եւ սպասքն առնլու եւ մեկնելու. եւ ահա նոյն օրէն Ս. Լուսաւորիչը կը տաճկցընեն ։
       Իսկ Ներսէս Կաթողիկոսն Սսոյ □Սեւաստ կը գտնուի. Օսմ. արքայն Սուլթան Մուրատ Դ. ին կը դիմաւորէ անոր Բաղդադէն վերադարձին, եկեղեցական հանդիսիւ, եւ օրհնութեամբ եւ ընծաներով. հաճութեան եւ մեծարանաց կ'արժանանայ մեր Հոգեւոր Տէրն (այսպէս կ'անուանեն մինչեւ այսօր այս ժողովրդասէր հայրապետն Սուլթանն կը հրամայէ, - Ուզէ՛, ի՞նչ կ'ուզես։- Ապրած կենաս, Թագաւոր, կը պատասխանէ Հոգեւոր Տէրն, եւ կը պատմէ Ս. Լուսաւորչին դէպքը, ու կը խնդրէ որ իրեն շնորհուի։- Փոխանակ այս մէկին, եօթն եկեղեցի շինելու շնորհը կ'ընեմ քեզ, կ'ըսէ Սուլթանն. եւ ահա այն օր կը շինուի անոր մօտ արդի Ս. Սարգիս եկեղեցին. այս առթիւ թաղուած էր սոյն եկեղեցւոյ մէջ Հոգեւոր Տէր՝ Ներսէսն . իսկ վեց Եկեղեցիքն գիւղերու մէջ շինուած են, ամէնքն ալ Ս. Սարգիս անունով»։
       Սեբաստացի Յովհաննէս տարբեր կերպով պատմագրած է միեւնոյն դէպքը.
       -Այս օրեր (1635 Մայիս 12, ԳՇ. ՞ ) Տաճկաց թագաւոր Սուլթան Մուրատ Սեբասիա եկաւ, մնաց 17 օր եւ յետոյ պատերազմի գնաց Պարսից դէմ։
       Այն ատեն Սեբաստացի Ներսէս Վարդապետ, «այր վսեմ եւ հանճարեղ » որ յետոյ Սսոյ Կաթողիկոս եղաւ, օգտուեցաւ դիպուկ առիթէն, իր քով հրաւիրեց մեր նահանգի վանքերուն առաջնորդները. այսինքն՝ Ս. Նշանի Անդրէաս Արքեպիսկոպոսը , Ս. Հրեշտակապետի Նիկողայոս Եպիսկոպոսը, Ս. Անապատի Յովհաննէս Եպիսկոպոսը, Ս. Գէորգի Մկրտիչ Եպիսկոպոսը, Խնդրակատարու Յովհաննէս Եպիսկոպոսը, ազգի մեծերը միասին, եւ ասոնց հետ աղերսագիր մը մատուցին թագաւորին եւ հրաման ուզեցին, որպէս զի Ս. Սարգսի փոքրիկ մատուռը նորոգեն շինեն եւ հրապարակական եկեղեցի մը ընեն զայն։ Տէրը քաղցրացուց թագաւորին սիրտը մեր տառապեալ Ազգին վրայ, շնորհեց հրամանագիրը, Ներսէս մեծ Վարդապետը ուրախութեամբ առաւ զայն, ձեռնարկեց գործի, քարաշէն շինեց տաճարը ամրակառոյց եւ կամարազարդ յօրինուածով, 1636ին։
       Ս. Սարգսի նորոգութենէն ու շինութենէն յետոյ, 1637ին, Սեբաստիոյ Արքեպիսկոպոսը, Անդրէաս Ա. մեռաւ եւ թաղուեցաւ Ս. Նշան Վանքը, եւ անոր յաջորդեց Ներսէս Վարդապետ եւ Արքեպիսկոպոս, «այր յառաջադէմ եւ յաջողակ ի մեծագործութիւնս » (Դիւան Հայոց Պատմութեան, Գիրք Ժ.
      
       ՆԵՐՍԷՍ ԽԱՂԱՂԱՍԷՐ (ԺՈՂՈՎ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ)
       Երկու աթոռներու միջեւ տիրող անհասկացողութիւնն ու հակառակութիւնը չէր կրնար երկար տեւել եւ պէտք չէր որ տեւեր։
       Կարելի չէր Սիմէոն Կաթողիկոսի մտայնութեամբ կարգադրել խնդիրը, ոչ ալ Փիլիպպոս Կաթողիկոսի յոխորտանքով։ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքական կեանքին ճակատագրական հետեւանքով էր որ սկիզբէն ի վեր, մէկէ աւելի կաթողիկոսական աթոռներ գոյութիւն ունեցան մեր եկեղեցւոյ մէջ, եւ 17րդ դարուն ալ Մայր Աթոռոյ Պարսիկ գերիշխանութեան եւ Կիլիկիոյ աթոռին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գտնուիլն էր պատճառը որ երկու աթոռներ ո՛չ միայն կը պահէին իրենց գոյութիւնը, այլ նաեւ կաթողիկոսներ ազատ եւ զօրաւոր կ'զգային իրենք զիրենք։
       Այս զգացումով է որ Սիմէոն դիտել կուտար Փիլիպպոսին. «Սակայն երկրի մերում չես կարող՝ առնել ինչ. հանդարտ կաց. զի այս երկիրս Օսմանեան երկիր է. սոցա դատաստանն ուղիղ է» եւայլն։
       Սիմէոնի վախճանումէն յետոյ փոխուեցաւ կացութիւնը։ Յաջորդը Ներսէս ցոյց տուաւ թէ իրօք խոհեմ, հանճարեղ եւ հեռատես կաթողիկոս մըն է ինք, ինչ որ կը հաստատուի յիշատակարաններու մէջ իրեն ուղղուած գնահատականքի արտայայտութիւններով։
       Օսմանեան եւ պարսիկ կառավարութեանց մէջ տարիներէ ի վեր մղուած պատերազմները լռած էին երկարատեւ զինադադարով մը։
       Փիլիպպոս կաթողիկոս օգտուեցաւ հաստատուած խաղաղութենէն եւ Հալէպ-Երուսաղէմի գծով ուզեց երթալ Կ. Պոլիս, վերջ տալու համար հոն պատրիարքական Աթոռի շուրջ գրգռուած յուզմանց եւ կաթոլիկութեան երեսէն յառաջ եկած պառակտումներու։
       Փիլիպպոս Կաթողիկոս ուղեկիցներու շքեղ խմբով մը հասաւ Հալէպ, հոն հանդիպեցաւ Ներսէս Կաթողիկոսին եւ միասին այցելեցին Ս. Քաղաք, 1652ի Զատկին առթիւ, բազմաթիւ ուղեկիցներով եւ ուխտաւորներով։ Ներսէսին կ'ուղեկցին իր միաբաններէն տասը հոգի։ Անոնց հետ է անշուշտ Հալէպի Առաջնորդ Խաչատուր Սեբաստացի, յիշուած Ղրիմեցիի ոտանաւորին մէջ։
       Պատմագիրները իբրեւ պատահական դէպք մը ներկայացուցած են երկու կաթողիկոսներուն իրարու հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ, 1652ին։ Այսպէս ըստ Դաւրիժեցւոյ Փիլիպպոս Կարինէն կ'երթայ Երուսաղէմ եւ հոն կը գտնէ Ներսէսը . ժամանակակից յիշատակագրի մը համաձայն նա «ի յայսմ ամի (=1652) եկաւ Փիլիպպոս Կաթողիկոսն Էջմիածնայ ի Բերիայ, եւ գնացին ի հետ Ներսէս Կաթողիկոսին ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ ։
       Իսկ մենք հիմնուելով այս վերջին յիշատակագրութեան վրայ, կ'ենթադրենք որ երկու կաթողիկոսներու կողմէ յառաջագոյն ծրագրուած էր այս հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ, անշուշտ թղթակցութիւններէ եւ հասկցողութեան մը գալէ յետոյ։
       Փիլիպպոս Կթղս ., ըստ Դաւրիժեցւոյն (էջ 325) որ անձամբ կը ճանչնար զայն, կը վկայէ թէ «էր այր կարի խորհրդական եւ հանճարեղ, աշխարհաշէն եւ արդիւնարար»։
       Դաւրիժեցին միեւնոյն վկայութիւնը կրնար տալ նաեւ Ներսէսի մասին, զոր անձամբ տեսած էր Ամասիոյ մէջ, երբ Ներսէս թեմական այցելութեամբ հոն կը գտնուէր, Սեբաստիոյ Առաջնորդ եղած ատեն, 1645ին ։ Դաւրիժեցին շահեկան խօսակցութիւն մը ունեցաւ Ներսէսի հետ Լուսաւորչի Աջին շուրջ, ինչպէս որ տեսանք Աջերու վրայ գրելու ատեն։
       Խաղաղութեան քաղաքին մէջ երկու կաթողիկոսներ խաղաղութեամբ խօսեցան եւ խորհրդակցեցան երկու աթոռներու միջեւ յուզուող խնդիրներու վրայ Ս. Յակոբի կամարներուն տակ։
       Երկու կաթողիկոսներու հետեւորդ եկեղեցականներէն զատ բազմաթիւ ուխտաւորներ ալ եկած էին Երուսաղէմ, իրենց հայրապետները տեսնելու եւ անոնց օրհնութիւնը առնելու համար։
       Երուսաղէմի պատրիարքն էր այն ատեն Աստուածատուր Տարօնեցի (1645-1664), Պարոնտէր Գրիգորին յաջորդը, բաղձացող երկու աթոռներու հաշտութեան։
       Ըստ ոմանց հարիւր էր թիւը Երուսաղէմ գտնուող կարգաւորներուն եւ հազար՝ աշխարհականներունը ։
       Ղրիմեցի Մարտիրոս Վարդապետ, որ ոտանաւորով մը յիշատակագրուած է Երուսաղէմի Ժողովին ներկայ եղող եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ այլոց անունները, հետեւեալ թիւերը կուտայ, 2 կաթողիկոս, 8 եպիսկոպոս, 18 վարդապետ, կրօնաւորք 35է աւելի, բոլորը 63 հոգի. ասոնցմէ զատ 60է աւելի քահանայ. սարկաւագունք եւ դպիրք հաշուի մէջ չեն. բոլոր ուխտաւորներուն թիւը, մեծ ու փոքր, 1000է աւելի է։
       Ի հարկէ այս բազմութենէն չէ որ կազմուեցաւ Երուսաղէմի ժողովը։ Ղրիմեցին 30 հոգիի անունները տուած է միայն, Կաթողիկոսական երկու աթոռներու կողմէն եւ Երուսաղէմէն, մէջն ըլլալով նաեւ ինքն Ղրիմեցին եւ ոտանաւորը խնդրող Վարդան Աբեղայ։
       Այդ անուններն են.
       Փիլիպպոս Կաթողիկոս Էջմիածնի.
       Դաւիթ Վարդապետ Շօշեցի.
       Բարսեղ Վարդապետ Շօշեցի.
       Ներսէս Վարդապետ Տաթեւացի.
       Առաքել Վարդապետ Շուռոթեցի.
       Գաբրիէլ Վարդապետ Երեւանեցի.
       Յովհան Վարդապետ Երեւանեցի.
       Յովհաննէս Վարդապետ Մուղնեցի, Առաջնորդ Տիգրանակերտի.
       Յովհան Վարդապետ Արղնեցի.
       Մինաս Վարդապետ Եւդոկիացի, Առաջնորդ Գաղատիոյ.
       Գրիգոր Վարդապետ Վանեցի.
       Աւետիս Վարդապետ Վանեցի.
       Խաչատուր Վարդապետ Բաղէշացի.
       Թորոս Վարդապետ Կեսարացի.
       Նիկողոս Վարդապետ.
       Ներսէս Սեբաստացի Կաթողիկոս Կիլիկիոյ
       Խաչատուր Վարդապետ, Առաջնորդ Բերիոյ.
       Սահակ Եպիսկոպոս Վանայ Գաւառին.
       Մարկոս Եպիսկոպոս Սասնոյ.
       Յովհաննէս Եպիսկոպոս Ակնայ.
       Ստեփանոս Եպիսկոպոս, Առաջնորդ Մոկաց Գաւառին.
       Ծեր Միքայէլ Եպիսկոպոս Բաղէշցի.
       Պետրոս Եպիսկոպոս Սըսա վիճակին.
       Աստուածատուր Եպիսկոպոս Երուսաղէմի
       Խաչատուր Վարդապետ Չնքուշցի.
       Առաքել Վարդապետ Բաբերդցի.
       Թորոս Եպիսկոպոս (պատարագիչ).
       Ոնոփրիոս Եպիսկոպոս.
       Մարտիրոս Ղրիմեցի.
       Վարդան Աբեղայ։
      
       Թէ ժողովը ե՞րբ գումարուեցաւ, ո՞րչափ տեւեց, եւ այլ կարեւոր կէտեր կը պակսին։
       Դաւրիժեցին, որ իբրեւ պատմագիր առաջին աղբիւրն է Երուսաղէմի Ժողովին, կ'ըսէ, «հանուր ժողովն գումարեալ, եկեղեցականք եւ աշխարհականք միաբանութեամբ խոնարհեցան ի հրամանս հայրապետին Փիլիպպոսի, եւ հաստատեցին կանոնական բանս երեքտասան գլուխ, զորս համառօտիւ նշանակեցից աստէն, որոց
       Առաջինն է սէր եւ միաբանութիւն երկուց աթոռոց Կաթողիկոսացն Էջմիածնի եւ Սսոյ , եւ իւրաքանչիւր Կաթուղիկոս զիւրոյ վիճակի նուիրեալն ձեռնադրեսցէ եւ մի զայլոց . եւ թէ դէպի լինիցի զի ձեռնադրեսցէ յայլմէ վիճակէ զոք , յիւրում վիճակին տեղաւորեսցէ զնա . եւ ձեռնադրեալն՝ թէ յայնմ կաթողիկոսի վիճակէ փոխեսցի յայլ կաթուղիկոսի վիճակ , անընդունելի լիցի։
       Երկրորդ՝ զի ինքն նուիրեալն եւս մի համարձակեսցի առ այլ կաթուղիկոս գնալ՝ թողլով զիւրն , այլ առ իւր կաթուղիկոսն։
       Երրորդ՝ զի թարց խնդրանաց ժողովրդեան եւ վկայական թղթոյ մի՛ ձեռնադրեսցի ոք յեպիսկոպոսութիւն։
       Չորրորդ՝ ամենեւին զինչ եւ իցէ պատճառաւ ոք եպիսկոպոս զայլոց վիճակ մի յափշտակեսցէ։
       Հինգերորդ՝ միոյ վիճակի մի՛ լիցին երկու եպիսկոպոսունք եւ երկու առաջնորդք , բայց թէ կարի մեծ ինչ պատճառ ի մէջ գայցէ։
       Վեցերորդ՝ մի համարձակեսցի եպիսկոպոս՝ յայլմէ վիճակէ զոք ձեռնադրել . ապա թէ համարձակեսցի՝ լուծցի ինքն եւ իւր ձեռնադրեալն։
       Եօթներորդ՝ զի եպիսկոպոս թէ ոչ հրամանաւ կաթուղիկոսին իւրոյ՝ այլ կաշառօք եւ այլազգեաց բռնութեամբ համարձակեալ իշխեսցէ այլոց վիճակի , լուծցի ի կարգէն։
       Ութերորդ՝ մի՛ համարձակեսցի ոք վարդապետ անխտրաբար տալ իշխանութիւն վարդապետութեան ամենայն ումեք , եթէ ոչ իցէ նուիրեալն կատարեալ ուսմամբ եւ առաքինութեամբ եւ հասակաւ եւ աստուածային երկիւղիւ՝ եւ վկայեալ յամենեցունց . զի այսու պատճառաւ բազում անկարգութիւնք եւ գայթակղութիւն մտին յեկեղեցի . եւ թէ ստունգանեալ քամահիցեն զայս հրաման , տուող իշխանութեանն անկցի ի պատւոյն , եւ առող իշխանութեանն անընդունակ լիցի։
       Իններորդ՝ քահանայ եւ այլ ժառանգաւոր յիւրմէ եպիսկոպոսէ ընկալցի ձեռնադրութիւն հաւանութեամբ իւրոյ ժողովրդեանն . եւ եթէ ոչ այսպէս՝ լուծցի։
       Տասներորդ՝ զիրաւունս եւ զհասոյթս , որ ի ժողովրդենէն կարգեալ է եպիսկոպոսաց եւ երիցանց , ըստ հրամանի հայրապետական կանոնաց , առցեն եպիսկոպոսք եւ երիցունք , զի մի՛ զմիմեանս զրկեսցեն . որոց վասն տրտունջ եւ դժգոհութիւնս յոլովս լսեմք հանապազ։
       Մետասաներորդ՝ երիցունք մի զրկեսցեն զիրեարս՝ զմիմեանց ծուխն եւ զհասոյթն յափշտակելով . կամ կեղծաւոր բարեձեւութեամբ եւ կամ այլազգեաց բռնութեամբ . այլ իւրաքանչիւր ոք իւրով բաժնաւն բաւականասցի , եւ եթէ ոչ այսպէս , վստահողն լուծցի ի կարգէն։
       Երկոտասաներորդ՝ յորժամ հանդերձեալ իցեն դնել նշան ումեմն աղջկան յաղագս ումեմն երիտասարդի , մի՛ իշխեսցեն առնել զայդ կանայք կամ ժողովրդականք կամ երիցունք առանց քննութեան , եւ կամ առանց գիտելոյ առաջնորդին . այլ քահանայքն քարոզեսցեն բազում աւուրս ի մէջ եկեղեցւոյն , եւ ծանուսցեն առ հասարակ ամենեցուն . զի գուցէ ոք տեղեակ իցէ ազգացեղութեան նոցա . որոյ ի լսելն եկեալ յառաջագոյն ծանուսցէ . եւ այսպէս յետ բազում քննութեանց թէ ոչ գտցի ազգացեղութիւն ի մէջ նոցա , ապա յայտ յանդիման ամենայն քահանայից եւ ժողովրդոց՝ քահանայք օրհնեսցեն զնշանն զայն , եւ հաստատեսցի գործն։
       Երեքտասաներորդ՝ այրի երիցունք , թէ իցեն պարկեշտք եւ ծերք , եւ կամ ունիցին մանկունս սնուցանելոյ՝ կացցեն յեկեղեցին , եւ եթէ ոչ այսպէս , գնասցեն ի վանս եւ յանապատս եւ եթէ ոչ գնասցեն , ի բաց կացցեն ի ժառանգութենէ եւ ի կարգէ» (էջ 331-333)։
       Դաւրիժեցին դիտել կուտայ թէ այս կանոնագիրը թէ Ներսէս Կաթողիկոս, թէ Աստուածատուր պատրիարք, եւ թէ բոլոր վարդապետներ, եպիսկոպոսներ եւ իշխաններ ստորագրեցին եւ կնքեցին, անշուշտ Փիլիպպոս Կաթողիկոս ալ, եւ սիրայօժար տարին իրենց երկիրները։
       Այս կանոններուն լիակատար օրինակը կայ շատ տեղեր, կ'ըսէ պատմագիրը, «եւ տակաւին կան նովին ուխտիւն եւ սիրովն՝ շնորհօքն Քրիստոսի » (Անդ. 334)։
       Երանի՜ թէ մինչեւ վերջը յարգուէին այս ուխտին կամ դաշնագրին պայմանները։ Բայց անդրագոյն դէպքեր ցոյց կուտան թէ այս ուխտով ճշդուած եւ արգիլուած խնդիրներ դարձեալ արծարծուեցան Փիլիպպոսի եւ Ներսէսի մահէն յետոյ։ Երեւանցի Սիմէոն Կաթողիկոս խստիւ կը քննադատէ Աջպան Կաթողիկոսներուն արարքները. իսկ Գէորգ Դ. ի եւ Քէֆսիզեան Մկրտիչ կաթողիկոսներու ընդհարումները որոնց ժամանակակից եղած ենք, շատ վնասներ պատճառեցին եւ մեծապէս տուժեց Կիլիկիոյ աթոռը։
       Երուսաղէմի ժողովը խաղաղութեամբ վերջացաւ։ 1652ին Զատիկը տօնուեցաւ կրկին ցնծութեամբ։
       Փիլիպպոս Կաթողիկոս, իբրեւ ուխտաւոր գեղեցիկ յիշատակ մը թողուց Երուսաղէմ, Ս. Յակոբի բեմն ու յատակը շինել տալով, մարմարակերտ մոզայիքով, եւ ըստ իւր ծրագրեալ ուղեգծին, գնաց Կ. Պոլիս. իսկ Ներսէս Կաթողիկոս, վերադարձաւ Կիլիկիա, բայց այնքան նեղութիւն կրեց ի բռնութենէ անօրինացն որ պահ մը հանգիստ ընելու համար գնաց Սեբաստիա եւ վախճանեցաւ հոն եւ թաղուեցաւ իւրակերտ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, աջ դասին ետեւը, հիւսիսային կողմը։
       Երուսաղէմի ժողովը գումարուեցաւ 1652ին , իսկ Ներսէս վախճանեցաւ 1654ին։ Դժբախտաբար չենք գիտեր այս երկու տարիներու միջոցին ե՞րբ գնաց Սեբաստիա եւ որ ամսոյ մէջ վախճանեցաւ Կիլիկիոյ այս նշանաւոր կաթողիկոսը։
       Ներսէսի գերեզմանը ուխտատեղի մը եղաւ Սեբաստացիներու համար։
       Նաթանեան Պօղոս Վարդապետ այսպէս կը նկարագրէ այդ գերեզմանը.
       - «Եկեղեցւոյն մէջ ժողովրդոց յատկացեալ աջ դասին ետեւի կողմը կայ վեց թիզ երկայնութեամբ եւ հինգ թիզ բարձրութեամբ սեւ մարմարեայ քարով Սեբաստացի Ներսէս հոգելոյս Հայրապետի շիրիմը, սքանչելի կերտուածքով, որուն Սեբաստացիք Հոգեւոր Տէր անունը կուտան, եւ նոյն շիրմին վրայ կը տեսնուի հետեւեալ մահարձանը.
       -Փոխումն Ս . Հայրապետիս Կաթուղիկոս Տէր Ներսէս ՋՂ . իսկ նորոգումն գերեզմանիս ՌՄՂ-ին արդեամբ ազնիւ Յարութիւն Գըրքիլիկեանի մրգածախի»։
      
       Ամէն ամսագլխուն հայ կանայք անպատճառ կ'երթան քահանայի մը ձեռօք կ'օրհնուին նոյն գերեզմանին վրայ, ինչպէս որ հնօրեայ սովորութիւն եղած է (Տղգր. Ընդհ. Վիճակին Սեբաստիոյ, էջ 97-98)։
       Սրուանձտեանց ալ ընդօրինակած է այդ տապանագիրը, երկու տարբերութեամբ. մահուան թուականը ՌՂ է փոխանակ ՋՂի, իսկ նորոգողին մականունը Ղըռիխլիկեան . Աղբար, Բ., էջ 152), Թէ ՋՂ (=1541) եւ թէ ՌՂ (=1641) սխալ են։ Նաթանեանի ՋՂը սխալ ընթերցումի արդիւնք է. որովհետեւ անոնցմէ յառաջ Հ. Ն. Սարգիսեան ուստի եւ Ալիշան՝ ունին ՌՂ, որ պէտք էր ըլլալ ՌՂԷ (=1648)։ Քանդակողը կամ մոռցած է Է տառը եւ կամ ՌՂը այնպէս մը քանդակած էր ի սկզբան որ Ռ տառին երկրորդ թեւը Է ալ կարդացուցէր, եւ հաւանաբար գերեզմանի նորոգման ատեն Ռ տառին վրայ այդ նրբութիւնը չէ դիտուած եւ փորագրուած է ՌՂ։
       Նախիջեւանու Շոռոթ գիւղէն Առաքել Վարդապետ , որ Փիլիպպոս Կաթողիկոսի ուղեկից էր իր բոլոր ճամբորդութեան մէջ, Աստուածաշունչ մը գնած է, որու յիշատակարանին մէջ կը պատմէ Փիլիպպոսի այցը Երուսաղէմ եւ Կ. Պոլիս, առանց ակնարկելու Երուսաղէմի ժողովին. իսկ հետաքրքրական տեղեկութիւն կուտայ Փիլիպպոսի այն կարգադրութեանց մասին, զորս ըրաւ Կ. Պոլսի մէջ.
       -«Արդ՝ վերստին նորոգեցաւ սուրբ գիրքս Առակացն Սողոմոնի , եւ այլոց իմաստասիրաց , ի տիրապահ եւ հռչակաւոր քաղաքս որ կոչի Կոստանդնուպօլիս , ի թվաբերութեանս հայոց ՌՃ եւ երկրորդի (=1653), ի հայրապետութեան սուրբ Էջմիածնի խստակրաւն եւ խարազնազգեաց առնն Աստուծոյ՝ հայոց վերադիտողի Տեառն Փիլիպպոսի , որ յայսմ ամի պատահել սմա աստ։
       Քանզի երկու ամաւ յառաջ ելեալ ի սուրբ Աթոռոյն , շրջագայեաց ընդ Հայաստանեայցս , քարոզելով զբանն կենաց , եւ գնացեալ յԵրուսաղէմ յերկրպագութիւն Տեառն լուսընկալ սուրբ գերեզմանին , եւ այլ ոտնակոխ տեղեաց Տեառն տնաւրինականաց . որ եղեւ իսկ առաջնորդութեամբ Սուրբ Հոգւոյն։ Զի մեծաւ հանդիսիւ եւ աշխարհախումբ ժողովով բազում վարդապետօք եւ յոլով եպիսկոպոսաւք նա՛եւ անթիւ քահանայիւք եւ ուխտիւք եկեղեցւոյ կատարեաց զուխտ իւր՝ բազում զուարճութեամբ։
       Եւ անդուստ եկեալ ի Բիւզանդիա՝ մայր քաղաքաց , ըստ խնդրոյ աստ եղեալ քրիստոնէիցն , զի բազում շահս եւ աւգուտս եղեւ սոցա . մի՝ զի գոյր երկպառակութիւն ի մէջ սոցա . զի ոմանք ներսցի եւ ոմանք դրսցի անուանէին . եւ այսմ անուանակոչութեանց բազում վնասս ծնանիւր . քան զի զմիմեանս մատնէին եւ աւերս ուժգինս ածէին ի վերայ իրերաց . եւ սա այնքան միաբանս արար , մինչ զի մի հաւտ եւ մի հովիւ եղեն։ Եւ երկրորդ՝ զի եկեղեցիքն սուտանուն պատրիարգաց պարտուց ներքոյ էին՝ մինչեւ ցԻ . եւ ի Ռ . (=20, 000) ղուրիշ . սա զամենայն վճարեաց եւ նզովիւք փակեաց՝ զի ա՛յլ պատրիարգ մի՛ նստցի անդ։ Եւ երրորդ՝ զի զխանգարեալ կարգս հաստատեաց , եւ անկարգութիւնս յոքունս կարգաւորեաց եւ ուղղեաց։
       Եւ աստուստ չու արարեալ գնաց յաթոռ իւր։
       Եւ էր սոյն աւուրս , որ էր Նոյեմբեր ամսոջ Թ . (=9) եւ ի տօնի Յովհաննու Ոսկեբերանի սրբոյ , ի մէջ գիշերի՝ ի վաղորդեան չորեքշաբաթոջ անկաւ եանղուն բոլոր Պաղաստանին , եւ այրեալ հրդեհեաց թուով ՃՌ . (=100, 000) ընդ տուն եւ ընդ խանութ , եւ արար բազում վնասս տաճկաց եւ ոչ քրիստոնէից , եւ թէ ոմանց պատահեալ՝ եւ զայն եւս թերագունից» (Սարգիսեան Ցուցակ, էջ 172)։
      
       ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԺՈՂՈՎԸ
       Մեծահրաշ ծագմանէ Միածին Բանին
       Վեշտասաներորդի ի հարիւրերորդին,
       Միով քառիւ տասանց շարադրեալ թվին,
       Եւ ի չորեքտասան թիւ յարաբարդին (=1654)։
      
       Այլեւ յաբեդական մերում գրոհին,
       Երկեակ քառից հարիւր կատարեալ թվին,
       Վեցերորդ յոբելեան ի նոյն թվեսցին,
       Եւ միակ թըվին, որ է առանձին (=1101)։
      
       Րաբունապետք Հայոց մեծաց մեր զարմին,
       Ժողովեալ կուտեցան մեծն ի Պաղեստին,
       ՅԵրուսաղէմ քաղաք մեծի արքային,
       Անդ ուր է Գերեզման մերոյ կենսատուին։
      
       Տեղեաց եւ այլ բազում սուրբ տընաւրինին,
       Եւ ի սուրբ ծնընդեան յանբանից այրին,
       Մեծի փափաքանօք յանդր գումարին,
       Յերկըրպագութիւն ի փառս Արարչին։
      
       Ի թիւ շարադրեսցուք զհովիւք մեր հաւտին,
       Որք կան աստ հաւաքեալ մեծի երամին,
       Եւ կարգաւ գրեսցուք մինչեւ աւարտին,
       Տեսցուք զորքանութիւն մեծի ժողովին։
      
       Րամից գլուխ կարգեալ մեծ դիտապետին,
       Տեառն Փիլիպպոս Կաթուղիկոսին,
       Վերադիտող մեծի Իջման Միածնին,
       Յաջորդող աթոռոյն Սուրբ Լուսաւորչին։
      
       յՈլովք վարդապետաց որ ընդ իւր եկին,
       Էին ամենեքեան աշակերտք նորին.
       Դաւիթ եւ Բարսեղ Շաւշ քաղաքացիքն
       Եւ Ներսէս կոչեցեալն Տաթեւացին։
      
       Սոցին ընկեր Առաքել Շուռոթեցին,
       Գաբրիէլ եւ Յոհան Երեւանեցիքն,
       Յովհաննէս Վարդապետն, որ է Մուղնեցին,
       Տեսուչ Տիգրանակերտ մայրաքաղաքին։
      
       Ապա Յոհանն կոչեցեալն Արղնեցին,
       Մինաս Եւդոկիոյ մեծ քաղաքացին,
       Որ է հովիւ Գաղատացւոց նահանգին,
       Սոքա եւ այլ բազում աշակերտք սոցին։
      
       Բայց ե՛ն եւ այլ վարդապետք ըստ կարգի նոցին,
       Գրիգոր եւ Աւետիս Վանեցի կոչին,
       Խաչատուր բանիբուն մեծ Բաղէշացին,
       Թորոս Կեսարացի եւ Նիկողոսին։
      
       Եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթուղիկոսին,
       Ներսէս Սեբաստացի քաջ հովուապետին,
       Այլ եւ Խաչատուրի իւր աշակերտին,
       Որ է տեսուչ Բերիա մեծ քաղաքին։
      
       Ղամպարք են լուսատու հոգւոց մարդկային,
       Սոքա ամենեքեան որ են ի կարգին,
       Րաբունապետք արբեալք ի շնորհաց հոգին,
       Եւ են մաքրիչք հոգւոց մեղաց փըշային։
      
       Իսկ եպիսկոպոսացն, որ են ընդ սոցին,
       Թվեսցուք եւ զանուանս նոցա ըստ կարգին,
       Սահակ եպիսկոպոս Վանայ գաւառին,
       Եւ Մարկոս Սասընցի, Յովհաննէս յԱկին։
      
       Այլ եւ Ստեփաննոսի Մոկաց գաւառին,
       Եւ Միքայէլ կոչեցեալ ծեր Բաղէշցին,
       Պետրոս եպիսկոպոս Սըսա վիճակին.
       Սոքա ամենեքեան հովիւք են հաւտին։
      
       Սարտեղին ? հրեղինաց սրբոյ քաղաքին,
       Որ է արքայանիստ անմահ արքային,
       Դամբարանի սրբոյն Յակոբայ մեծին,
       Փառաւորեալ երկնակառոյց տաճարին։
      
       Աթոռակալ Տեսուչ այս մենաստանին,
       Աստուածատուր կոչեալ րաբունապետին,
       Խաչատուր Վարդապետըն Չնքուշցին,
       Եւ Առաքել Բաբերդցի միաբանք նորին։
      
       Ցանկալին զըւարթնոց յանմահ խորհրդին,
       Պատարագիչ Թորոս Եպիսկոպոսին,
       Ոնոփրիոս լեցի եպիսկոպոսին,
      . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . (պակաս)։
      
       Եւ այլ կրօնաւորաց բազումք ընդ սոցին,
       Կան ի սպասու կացեալ սրբոյ Տաճարին,
       Առ ոտս Աստուածատուր մեծ վարդապետին,
       Առ ի հնազանդութիւն հրամանաց նորին։
      
       Այլ եւ ի թիւ համօրէն մեծի եւ փոքրին,
       Ասասցուք ի կարգի զի յայտնի լիցին,
       Երկու կաթուղիկոս գլուխք ժողովին,
       Տասն եւ ութ վարդապետք կան ի միասին։
      
       Լուարուք ի կարգի ասացեալն բանին,
       Ութն եպիսկոպոս ի թիւ համարին.
       Կրօնաւորք երեսուն եւ հինգ աւելին,
       Ամենեքեան վաթսուն եւ երեք լինին։
      
       Էրէցք որք աշխարհի քահանայք կոչին,
       Վաթսուն եւ այլ աւել եւ նոքա լինին.
       Սարկաւագունք եւ դպիրք ի թիւ ոչ մտին,
       Ձանձրութիւն լսաւղացդ զի մի՛ լինիցին։
      
       Բայց թէ Ժողովս ամէն ի մի հաւաքին,
       Ըսկսեալ ի մեծաց մինչեւ ցփոքրին,
       Հազար կամ այլ աւել գոյ թիւ ժողովին,
       Որք են յուսով եկեալ յերկրպագութիւն։
      
       Աստանօր ցընծացեալ բերկրեց յուժգին
       Տեսլեամբ յանմահական լուսոյն երկնային,
       Ազատեալ ի մեղաց կապից բանսարկուին,
       Գրեցաւ յորդեգրութիւն Հաւրն Երկնաւորին։
      
       Նայ եւ զայս պատմեցից ձեզ բանս ի կարգին,
       Աստանօր նորոգումն եղեւ ուխտին,
       Սուրբ Յակոբայ մեծահռչակ Տաճարին
       Ձեռամբ Փիլիպպոսի մեծ կաթուղիկոսին։
      
       Սակաւ բանս յարմարեալ գրեցաւ ի քարտի,
       Ի Սուրբ Երուսաղէմ աւրհնեալ քաղաքի.
       Ձեռամբ Ղրիմեցի սոսկ Մարտիրոսի,
       Սակըս մեծի խնդրոյն Վարդան Աբեղի։
      
       Անկիւրիոյ Կարմիր Վանքի Մատենադարանի Թիւ 77 Ձեռագրէն, որ հաւաքածոյ մըն է, գրուած 1652-56, ձեռամբ Համթեցի Թորոս Եպիսկոպոսի (Տես իմ Մայր Ցուցակ, էջ 307-314)։
       -«Յետ վախճանի Մելքիսէթի արհի եպիսկոպոսի Առաջնոյ (ՌԿԷ =1618) յաջորդեաց ի նոյն Աթոռն Անդրէաս Արքեպիսկոպոսն։ Յաւուրս սորա արքայ Տաճկաց Սուլթան Մուստաֆայն առաքեաց զԹաթար խան ի վերայ Շահաստանու. եւ յանցանելն ընդ Սեբաստիայ բազում նեղութիւնս եւ անհնարին վիշտս հասոյց տառապեալ Ազգիս մերոյ ծանր հարկապահանջութեամբ, եւ այլովք, եւ արար զքաղաքս որպէս աւերակ բուոյ։
       Յետ այսորիկ եկն ի քաղաքս Սեբաստիոյ Ապազայ Բդեշխն եւ սա եւս բազում նեղութեամբ տառապեցոյց զազգս մեր խղճալի ՌՀ (=1621)։ Մայիս 12. ՌՁԴ (1635). յաւուրս այսոսիկ արքայն Տաճկաց Սուլթան Մուրատն եկն ի Մայրաքաղաքս Սեբաստիա ) յաւուրս Երեքշաբթի , եւ կեցեալ աստ , յաւուրս 17 գնաց ի Պարս պատերազմ։
       Յայնժամ Սեբաստացի Ներսէս Վարդապետ , այր վսեմ եւ հանճարեղ , որ եւ յետոյ եղեւ կաթողիկոս Սսոյ , դիպուկ ժամ վարկացեալ , ժողովեաց առ ինքն զԱռաջնորդս Վանօրէից Նահանգիս . Անդրէաս Արքեպիսկոպոսն Սուրբ Նշանի Աթոռոյս , Նիկողայոս Եպիսկոպոսն Սուրբ Հրեշտակապետի , Յօհաննէս Եպիսկոպոսն Սուրբ Անապատի , Մկրտիչ Եպիսկոպոսն Սուրբ Գէորգայ , Յօհաննէս Եպիսկոպոսն Խնդրակատարու , հանդերձ մեծամեծօք Ազգիս։ Սոքօք գիր աղերսանաց մատուցեալ Արքային , խնդրեցին զհրաման , զի զփոքրիկ մատուռն Սրբոյն Սարգսի նորոգեալ շինեսցեն եւ արասցեն հրապարակական եկեղեցի։ Եւ Տէր քաղցրացոյց զսիրտ Թագաւորին ի վերայ տառապեալ Ազգիս մերոյ , շնորհեաց զհրամանագիրն , զոր ընկալեալ մեծի վարդապետին Ներսէսի բազմաւ խնդութեամբ , զձեռն ի գործ արարեալ (ձեռն ի գործ արկեալ . ՞ ) շինեաց զտաճարն քարաշէն , ամրակառոյց եւ կամարազարդ յօրինմամբ , ՌՁԵ (=1636)։
       Յետ շինութեան եւ նորոգութեան Եկեղեցւոյ Սրբոյն Սարգսի , յաջորդ ամի , ՌՁՁ (=1637), փոխեցաւ առ Քրիստոս Առաջին Անդրէաս Արքեպիսկոպոսն Սեբաստիոյ , եւ թաղեցաւ ի Վանս Սրբոյ Նշանի , եւ յաջորդեաց նմա Սեբաստացի Տէր Ներսէս Վարդապետն եւ Արհի Եպիսկոպոսն . այր յառաջադէմ եւ յաջողակ ի մեծագործութիւնս։
       Սա յետ մետասանամեայ դիտողութեան իւրոյ , ընտրեցաւ կաթողիկոս Սսոյ Աթոռոյն , ՌՂԷ (=1648), լեալ յաջորդ Սեբաստացի Տեառն Սիմէօնի կաթողիկոսին։
       Հանդիպեալ սորա ընդ Փիլիպպոսի կաթողիկոսին , յԵրուսաղէմ քաղաքի ի միում ժամանակի , սակս ինչ ինչ բարեկարգութեանն արարին ժողով։ Յետ ժողովոյն դարձաւ ի Սիս Կիլիկիոյ . եւ նեղեալ ի բռնութենէ անօրինացն՝ ելեալ անտի եկն ի Սեբաստիա(յ ), յիւր հայրենի խանձարուր , եւ կեցեալ աստ ի Սեբաստիա ժամանակ ինչ , փոխի առ Քրիստոսն , յոյսն բնաւից։ Եւ եդաւ մարմին նորա ի տապանի յիւրակերտ եկեղեցւոջ Սրբոյն Սարգսի յետ կոյս , յաջ դասին , ի հիւսիսոյ կողմանէ։ Եւ պատուի շիրիմ նորին մշտավառ կանթեղօք . եւ ի դամբարանէ նորա լինի բժշկութիւն ամենայն ցաւոց հաւատով դիմողացն . եւ կոչի ի բնակչացն Գերեզման Հոգեւոր Տիրոջ։
       Սա եկաց կաթողիկոս ամս իբրեւ վեց կամ հինգ եւ ամիսս քանի մի։
      
       Յովհ. Սեբաստացի, Մանր Մատենագիրք, էջ 400-402։ (Դիւան Հայոց Պատմութեան. Գիրք Ժ.
       Ներսէսի աշակերտ եղած է Երզնկացի Յակոբ Վարդապետ, անդ էջ 404։
       Թաւրիզի Հայ. Ձեռագրաց Ցուցակին մէջ (էջ 114-116) Հրաչեայ Աճառեան կը նկարագրէ Ձեռագիր մը (Մեկն. Մատթէի, Դաւիթ Անյաղթ եւ Տօմար) գրուած ի Բերիա (Հալէպ), որու գլխաւոր գրիչն է Եւդոկիացի Կարապետ Երէց, իսկ վերջի 325-335 թերթերը գրած է Սեբաստացի Ներսէս Վարդապետ, որ գիրքին ստացողն է։ Թուական ՌՁ (=1631) եւ ՌՁԲ (=1633)։
       -էջ 33-՞ Բ. «Գրեցաւ ձեռամբ մեղսամած գրչի, միայն անուամբ վարդապետի Սեբաստացի Ներսէսի, ի մայրաքաղաքն Բերիայ ընդ հովանեաւ Սբ. Աստծածնի. եւ Սբ. Քառասունք Եկեղեցեաց. յառաջին ամի հայրապետութեան Սիմէոն Կաթողիկոսի Սեբաստացոյ որ ի Կիլիկիայ. թվական Հայոց ՌՁԲ (=1633) Մարտ ամսոյ ԻԹ. ՞։ Յիշեցէք ի մաքրափայլ յաղոթս ձեր սրբազան ընթերցողք ԱԾ. ողորմի ասելով հանդերձ մերովս հաւատացելոցս ի ՔՍ. աղաչեմ»։
       Իսկ էջ 264 բ. ի յիշատակարանիկէն կ'երեւի թէ - որուն ուշադրութիւն չէ ըրած Աճառեան -, Ձեռագրիս առաջին մասը գրուած է յԵւդոկիա ընդ հովանեաւ Ս. Նիկողայոսի եւ Ս. Ածածնի.
       -«Զըստացող սրբոյ քաղուածուիս Մատթէոսեան գլխի Տէր Ներսէս Սեբաստացի քաջ Րաբունապետի որ ըստացաւ զսայ յիշատակ յաւիտենից ձեռամբ անարհեստ եւ փծուն գրչի մեղապարտ թողաթցի Կարապետ իրիցի. Ամի Ռ. Ձ. (=1631) թվի. ընդ հովանեաւ սբ. Նիկողայոսի եւ Սբ. Ածածնի»։
       (Ասոր տակ)։
       -«Զվերջի ստացող սորայ Ղազար Բանասէր Բիւզանդացի, ամի Ռ. Ճ. Ը. (=1659) թվի. որք ընթեռնուք Ած., ողորմի ասացէք»։