Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Սեմին վըրայ արշալոյսին նորափայլ,

Զոր յաղթական սուրդ արիւնեց, ո՜վ քերթող,

Կ՚ողջունեն քեզ ձայներ՝ ցեղին այն մըռայլ

Որուն ընծայ բերիր անուանդ վէս կոթող։

 

Արիւնաներկ հայ պատմութեան մութ էջին՝

Պիտի շողայ անջինջ՝ անունդ ոսկետառ,

Եւ երկրաբնակ դժբախտ եղբայրն իմ վերջին՝

Պիտի յիշէ զքեզ սըրտագին, ո՜վ Քիյեառ։

 

Իսկ ես՝ թաղծոտ Արեւելքին հիր ծաղիկ,

Հին հայութեան աւերներէն՝ խըլեակ սին,

Առ քեզ, ո՜վ մարդ, իբր հոգենուէր երախտիք,

Կը բերեմ խունկն արիւնաներկ իմ ուխտին։

 

Ու կը թոթուէ քընարս՝ լարերն իր խզուած

Անկիւնին մէջ մութ ոճրապարտ օրուան հին,

Մինչ խընդութիւնն ազատ երգին յաղթապանծ

Կը լեցընէ ամայութիւնն իմ սըրտին։

 

Եւ ջերմեռանդ ուխտիս իբըր վեհ վըկայ,

Ջինջ կապոյտին խորութեանց մէջ մըշտավառ,

Իմ նախահօր անմեռ աչքերն հեռակայ

Պիտի քըթթեն իրենց հրճուանքն անբարբառ։