Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

IV
Երկու հսկայ քաղաքակրթութիւններու բաղխումը. Հայը՝ ճնշուած այդ բաղխումին մէջ. Պայքարը կրօնական գոյն կ’առնէ. Զրադաշտականութիւն եւ Քրիստոնէութիւն՝ քով քովի. Հայը Եւրոպականութեան զինուոր կը դառնայ. Հայոց ներքին երկպառակութիւնները. Յոյներու քաղաքական անմտութիւնը. Պարսիկներու ձգտումը՝ հայերը որսալու մասին. Հելլենականութիւն. Ոսկեդարի շարժումը եւ անոր արդիւնքը։

Դարեր անցան։

Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ սկսուած պայքարը դադար չառաւ։ Երբեմն դանդաղ եւ երբեմն ուժգին՝ վերջապէս ժամանակին հետ առաջացաւ, աստիճանաբար զօրացաւ ու երկու հակառակորդ բանակներ հանեց իրարու դէմ։ Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան բանակը կազմեցին արեւմտեան ձգտումներով տոգորուած ցեղերն ու երկիրները, իսկ Արեւելեան Քաղաքակրթութիւնը մնաց Ասիոյ մէջ բնակող ազգերուն փայփայած ձգտումն ու մշակութական հայեցողութիւնը։ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրող ժողովուրդները պահ մը նկատողութեան չառնելով, ամբողջ ասիական պետութիւններն ու ցեղերը կը կազմէին հսկայական բանակը Արեւելեան Քաղաքակրթութեան, որուն գոռոզ առաջապահն էր Պարսկական պետական-զինուորական կազմը, մինչեւ որ Է. Դարուն վերջին քառորդին արաբական արշաւանքը Արեւելեան Քաղաքակրթութեան կամ Ասիականութեան խնամակալութիւնը յափշտակելով յանձնեց նախ Մահմետական արաբներուն եւ ապա մոնկոլ-թաթարական ցեղերուն եւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի Քաղաքակրթութիւններուն պատերազմը փոխադրեց տարբեր գետնի վրայ։

Այս պայքարը անտարակոյս հետզհետէ աւելի հիմնական պայմաններով կը շրջապատուէր՝ քանի՛ քաղաքակրթութիւնը կը տարածուէր ամեն կողմ, ատելութիւնը ժառանգական կը դառնար եւ արեւելեան ու արեւմտեան ձգտումները աւելի խոր դրոշմ կը կրէին։

Մեզի ծանօթ է արդէն թէ ի՛նչ էր Հայ ժողովուրդին դիրքը՝ երկու քաղաքակրթութիւններու այս բաղխումին մէջ։ Աշխարհագրութիւնը անոր ճակատագիրը վճռեր էր՝ դնելով զինքը այնպիսի կէտի մը վրայ, որ իրեն ո՛չ մէկ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր չէզոք մնալու եւ ինքնապահպան ուղղութեան մը հետեւելու։ Հայը պէտք էր ըլլար՝ կա՛մ ներգործական եւ կա՛մ կրաւորական։ Պատմական այս ուղիին մէջ Հայ կեանքին տատանումները բացայայտ են, բայց ընդհանրապէս կրաւորական եղած է անոր դիրքը մինչեւ Քրիստոնէա-Հայկական մեծ ու անդրանիկ խաչակրութիւնը՝ Շաւարշանի ճակատամարտը։ Հայ պատմութեան մէջ հազիւ երբեմն կը նշմարուին կարկառուն բարձունքներ, որոնք ներգործական հայութիւն մը կամ հայկական պետական-կազմ մը կը ներկայացնեն, տարտամօրէն. անկից անդին հետեւողականութի՛ւնն է հայուն ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ տիրող գիծը։ Մենք հայկական հետեւողական քաղաքականութիւնը դատապարտելու իրաւունքը չենք տար ինքզինքնուս, բայց սա միայն կ’ուզենք ըսել թէ Հայկական Պատմութիւնով հետաքրքրուող ժամանակակից պատմագէտներ կան, որոնք նոյն ինքն այդ դրութեան մէջ կը գտնեն երկար դարերու հալածանքներու, քաղաքական փոթորիկներու, աւերներու ու կոտորածներու բոլոր արհաւիրքներու, փրփրակուտակ կոհակներու սպառնական շունչին տակ Հայ ժողովուրդին իր նահատակ-գոյութիւնը պահպանելու յաջողելուն գաղտնիքն ու դիւցազնութիւնը։

Պարսից գահուն եւ դրացի արեւելեան երկիրներու հետ Հայոց ունեցած վաճառականական, դիւանագիտական, պետական եւ այլ յարաբերութիւնները աւելի մօտիկ պահած էին զանոնք Արեւելեան Քաղաքակրթութեան, շրջապատուած ըլլալով արեւ[ե]լ[եան] ձգտումներուն ներկայացուցիչներէն։ Եւ միջավայրը՝ դարերու ընթացքին մէջ, արեւմուտքէն եկող այս ժողովուրդը համակերպեցուցած իր ճակատագրին՝ կամաց կամաց արեւելքի զինուոր դարձուցած էր։

Սակայն Հայ ժողովուրդին ճակատագիրը տարբեր ուղղութի՛ւն պէտք է որ առնէր։ Անիկա արեւմտականութեա՛ն զինուոր պէտք էր որ ըլլար։ Իր ծագումը, իր ընդունակութիւնները, խառնուածքը, ձգտումները եւ ամեն ինչ արեւմտեան էին։ Իրերու ընթացքը տկարացուցած էր այս բոլորը եւ արեւելականութեան ոգին տեղաւորած իր մէջ։ Յեղաշրջութիւն մը բաւական էր ամեն ինչ փոխելու։ Արեւելականութեան մոխիրին տակ արեւմտականութեան կայծերը կային, որոնք պիտի կայծկլտէին եւ շողային անմիջապէս՝ եթէ գտնուէր այդ մոխիրը խառնող ձեռք մը։ Հայը՝ ո՛րչափ ալ համակերպած ըլլար իր ճակատագրին, կրկին անոր խառնուածքին մէջ անանկ տարրեր կային, որոնք արեւելեան բրտութիւններու ընդունակ չէին կրնար դարձնել զինքը։

Այդ ձեռքը Քրիստոնէական Կրօնն եղաւ։

Ահա պայքարին ուղղութիւնը կը սկսէր փոխուիլ այլ եւս հետզհետէ։ Արեւելքի եւ արեւմուտքի քաղաքակրթութիւններու կռիւը տիրապետական միտումներէ առաջնորդուած էր նախ, ազդեցութեան նախանձախնդրութենէ, ապա դարձած էր քաղաքակրթութեան, մտայնութեան եւ ձգտումներու հակադրութիւն, ու ատոնցմէ վերջ կը բարեխառնուէր աւելի զօրաւոր եւ բնորոշական ամփոփումով մը, որ գլխաւոր առանցքն ըլլալու սահմանուած էր։ Պայքարը կրօնական գոյն կ’առնէր։ Ասիոյ ծոցէն, Պաղեստինի խորերէն ծնած Քրիստոնէութեան վարդապետը, Յիսուս, հալածուած նոյն ինքն ասիացիներէն, Հրէաներէն, իր առաքեալներուն ու աշակերտներուն միջոցաւ իր վարդապետութիւնները կը սփռէր ու կը քարոզէր հեռաւոր երկիրներու մէջ, Եւրոպական աստղերու տակ։ Արեւմտականութեան ներկայացուցիչ ազգերու կրօ՛նն ըլլալու կոչուած էր Քրիստոնէութիւնը, որ չես գիտեր ի՜նչ տարօրինակութեամբ Պաղեստինը իրեն խանձարուր ունեցած էր, թերեւս հաստատելու համար այն ճշմարտութիւնը թէ «Մարգարէ ի գաւառի իւրում պատիւ ոչ ունի»։

Քրիստոնէութեան երեւումը խառնած էր մոխիրը եւ Հայոց մէջ արեւմտականութեան ոգին արթնցուցած էր շատ մեղմիկ։ Ասիական ձգտումներ թմրեցուցած էին հայ ժողովուրդը եւ անտարբեր ու նոյն իսկ թշնամի դարձուցած՝ Եւրոպային ու արեւմտականութեան։ Նոյն համեմատութեամբ ալ անշուշտ շատ դժուար պիտի ըլլար անոր զարթնումը։

Եւ այդպէս ալ եղաւ։

Հակառակ այն ճշմարտութեան որ հայերը քրիստոնէութիւնն ընդունող առաջնագոյն ժողովուրդներէն մին եղած են, շատ ուշ ընդգրկած են զայն համայնական ընդհանուր ընդունելութիւնով։ Անհատներ եւ ընտանիքներ քրիստոնէական կրօնն ընդունած են, բայց ամբողջ ժողովուրդը ո՛չ միայն վարանած է զայն ընդունելու, այլ եւ՝ իր բոլոր ոյժովը թշնամի դարձած ու կռուած է անոր դէմ։ Քրիստոնէութիւնը Հայաստան մտցնելու առաջին փորձը տեղի ունեցած է Աբգար ասորի թագաւորին օրով, երբ Թադէոս առաքեալ հոն եկած էր պրօպագանտ ընելու իր վարդապետին ճշմարտութիւնները։ Սա բաւական յաջողութիւններ ձեռք բերած էր եւ կրնար աւելի եւս հաւատացեալներ պատրաստել, եթէ հեթանոսական յետաշրջութիւնը (reaction) յաղթական հարուած մը չտար Հայոց քրիստոնէական ձգտումներուն։

Եւ սակայն պէ՛տք էր որ Քրիստոնէութիւնւը յաղթանակէր, ի՛նչ արգելքներ ալ ելլէին, որովհետեւ պէ՛տք էր որ հայը արեւմտականութեան զինուոր դառնար։

Աբգարի օրերէն մինչեւ Լուսաւորչի օրերը մօտաւորապէս երեք հարիւր տարի անցած էր։ Արեւմտեան Հայաստանը երկար ատեն Յունաստանի եւ Հռովմայեցւոց ձեռքը մնացած ըլլալով, տեղւոյն հայ ազգաբնակչութիւնը ամեն կերպով պատրաստուած էր Քրիստոնէութիւն ընդունելու եւ վերջապէս Յոյն քաղաքակրթութեան հետեւելու։ Աշխատութիւն մը այդ ուղղութեամբ՝ միշտ արդիւնաբեր կրնար ըլլալ։ Սակայն կային անդին մեծամեծ խոչընդոտներ, զորս հարթել շատ ալ դիւրին չէր՝ ո՛չ Լուսաւորչի եւ ո՛չ ալ Արեւմտականութեան որեւէ առաքեալի համար։

Արեւելեան Հայաստանի դարեւոր դրացնութիւնը Պարսիկներուն հետ, անոնց եւ իրենց մէջ գոյութիւն ունեցող մտայնական հաւասարակշռութիւնն ու ներդաշնակութիւնը, ինչպէս եւ քաղաքական ու պետական յարաբերական կապերը որոշ հոսանք մը ստացած էին դէպի պարսկական քաղաքականութիւն։ Քաղաքական այդ հոսանքին մէջ կը համրուէին նշանաւոր նախարարութիւններ, ինչպէս Սիւնիք եւ Արծրունիք գլխաւորաբար, որոնք Պարսկաստանի սահմանին վրայ գտնուելով՝ անտարակոյս ջատագովը պիտի դառնային պարսիկները սիրաշահելու եւ այս կամ այն կերպով զանոնք գոհացնելու ուղղութեան։ Իսկ Պարսիկին համար ո՛չ մէկ ատեն հեշտ կրնար ըլլալ հայոց Քրիստոնէութիւն ընդունիլը՝ իր քաղաքական շահերուն տեսակէտով։ Կային ոչ-արհամարհելի դիւանագէտ մեծ դէմքեր ալ, որոնք ո՛չ միայն տեսականին մէջ պաշտպան ու հաւատարիմ ախոյեանը դարձան Պարսիկ քաղաքականութեան, այլ եւ ապա՝ գործով իսկ ասպարէզ եկան, յանուն իրենց ըմբռնումներու եւ յանուն քիչ մ’ալ փառասիրութեան…։ Ապաքէն ի՞նչ էր Վասակի ձգտումն ու քաղաքական դաւանանքը։ Ո՞չ ապաքէն ան խորապէս համոզուած էր թէ հայ ժողովուրդին բռնելիք միակ ուղղութիւնը պարսկական քաղաքականութեան ընդգրկումն ու հետեւողականութիւնն է։

Արդ, պէտք է ընդունինք որ քաղաքական երկու որոշ հոսանքներ գոյութիւն ունէին Հայաստանի մէջ այն ատեն, երբ Քրիստոնէութիւնը կուգար մուտ գործել։ Մին Արեւմտա-Յունական, իսկ միւսը՝ Արեւելա-Պարսկական։ Աշխարհագրութիւնն էր որ իր դերը կը կատարէր հոս ալ։ Արեւելեան Հայաստանի ազգաբնակչութիւնը ընդհանրապէս եւ անոր ղեկավարները մասնաւորապէս հետամուտ էին պարսկական քաղաքականութեան եւ հետեւաբար ալ Արեւելեան Քաղաքակրթութեան, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի ազգաբնակչութիւնն ու իր առաջնորդողները պաշտպանն էին Յունական Քաղաքականութեան եւ հետեւաբար ալ Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան։

Հայեցակէտներու նոյնութիւն առաջ բերելը ինքնին շատ դժուար էր անշուշտ, քաղաքականութեան տեսակէտով, մինչդեռ կը մնար տակաւին կրօնական խնդիրը։

Մինչեւ հոս երկու Քաղաքակրթութիւնները այսպէս թէ այնպէս ընդդիմադիր ոյժեր էին. հիմա այդ մարտնչող հոսանքը կուգար զօրացնել կրօնական տարբերութիւն մը, որ ժամանակի ընթացքին տեսակ մը սեփականութիւն դարձած էր այլեւս երկու կողմերուն համար ալ։ Քրիստոնէութիւն եւ Զրադաշտականութիւն [1], արեւմտեան եւ արեւելեան կրօններ կը ներկայանային հիմա, ու պայքարը բնականօրէ՛ն կ’առնէր՝ կրօնական գոյն եւ միեւնոյն ատեն ալ՝ աւելի սուր կերպարանք։ Ա՛յս է պատճառը որ Հայաստանի Դ. եւ Ե. Դարերու բոլոր քաղաքական եւ ազգային անցքերը կրօնական գոյն ունին առանց բացառութեան։ Ա՛յս է պատճառը որ այդ անցքերուն մէջ հայեր չեն վարանած իրարու դէմ նոյն իսկ զէնք վերցնելու եւ ճակատելու… պատմութեան մէջ հայկական մեծագոյն անմիաբանութեան օրինակը տալու համար։ Քննական պատմութիւնն ու գիտութիւնը ցեղային այդ անմիաբան ոգին կը վերագրեն բացատրուած այս պարագաներուն, պայմաններուն ու ըմբռնումներուն։ Այսպէ՛ս կը մեկնեն նաեւ Ե. Դարու Հայկական խաչակրութեան միջոցին Վասակի բռնած քաղաքականութիւնը, Արծրունեաց եւ Սիւնեաց նախարարութիւններու հետեւած բացասական, Մամիկոնեաններու՝ դրական եւ Բագրատունիներու չէզոք ուղղութիւնը։

Ուստի Լուսաւորիչ, իբրեւ Արեւմտականութեան ներկայացուցիչ-գործիչը, որպէսզի յաջողէր, պէտք է հետեւէր արմատական քաղաքականութեան, իրեն զօրավիգ ունենալով Տրդատի թագաւորական բոլոր հեղինակութիւնը, անոր պետական-զինուորական ոյժն ու զօրութիւնը։

Եւ ահա հալածանքը կը սկսէր հեթանոսներու դէմ, բնականաբար մա՛նաւանդ Արեւելեան Հայաստանի մէջ, ուր հակահոսանք կար։ Արեւելականութեան պաշտպան կուսակցութիւնը բոյն դրած էր եւ պատրաստ խոչընդոտներ ստեղծելու Քրիստոնէութեան դէմ։ Ատկէց զատ արմատացած, դարերու ընթացքին մէջ ժողովուրդին սրբութիւնը դարձած «հեթանոսական կրօնը» ի հարկէ կարելի չէր դիւրութեամբ խլել եւ անոր տեղ մտցնել Նոր կրօնք մը։ Ըմբռնելու համար թէ ի՛նչ կորովի կերպով գործել ուզեց Լուսաւորիչ, կ’արժէ դիմել Դ. Դարու պատմիչ Ագաթանգեղոսին մասնաւորապէս եւ ուրիշներու ալ ընդհանրապէս, որոնք տարօրինակ եռանդով մեզ կը պատմեն թէ Գրիգոր եւ իր երանելի յաջորդները ի՛նչպէս «Հայաստանի ամէն մէկ անկիւնը պտտելով՝ մեհեանները կը կործանէին, քուրմերը կը հալածէին, մեհենական զարդերը կը փճացնէին, հեթանոսական սպասները, քանդակներն ու գրուածները կ’ոչնչացնէին» եւայլն։

Վերջապէս Քրիստոնէութիւնը կը յաղթանակէ։ Ատիկա սակայն չէր նշանակեր բոլորովին բնաջնջումը այն ձգտումներուն ու հոսանքներուն, որոնք արդէն իսկ գոյութիւն առած էին Հայաստանի մէջ։ Անոնք դիւրութիւնով չէին կրնար սպաննուիլ։ Բոլոր հայութիւնը Քրիստոնէութիւնը ընդունած էր, այո՛, բայց ո՛չ թէ Արեւմտեան Քաղաքակրթութիւնը, որուն կը վերաբերէր այդ Նոր կրօնը։ Արեւելեան Քաղաքակրթութեան պաշտպանները տակաւին կը պահպանէին իրենց համակրութիւնը՝ Արեւելքին հանդէպ, քաղաքական, ընկերային եւ այլ պատճառներով, որոնք անբանաւոր ալ չէին ինքնին։

Համակրանքի, ձգտումներու եւ դիւանագիտական հայեցողութիւններու այս տարբերութիւնները անտարակոյս ներքին անհամաձայնութիւններ պիտի առաջացնէին. ինչ որ ըրին արդէն։ Պարսիկները, իրենց քաղաքականութիւնն հետապնդող հոսանքը ուժովցնելու համար որեւէ ջանք չէին խնայեր, որով աւելի եւ աւելի կրնային ապահով ըլլալ իրենց շահերուն պաշտպանութեան, եւ հետամուտ էին միշտ գիտակ մնալու Արեւմուտքի եւ մասնաւորաբար Յոյներու տրամադրութիւններուն, որպէս զի յարմարագոյն ժամանակին կրօնական արշաւանքով մը ջնջէին Լուսաւորչի գործունէութեան հետքերն իսկ։ Յոյները քաղաքական անմտութիւն ցոյց տուին սակայն, չկրնալով օգտուիլ Հայոց տրամադրութիւններէն եւ անոնց Արեւմուտքի հանդէպ ցոյց տուած համակրութիւնէն։ Յունա-Պարսկական բոլոր բաղխումներուն մէջ հայերը կոչուած էին շատ մեծ դեր մը կատարելու, այնպէս որ Յոյներու համար ամենէն խելացի գործելակերպը պիտի ըլլար շարունակ զօրացնել Յունական քաղաքակրթութիւնը եւ Արեւմուտքի համակիր կուսակցութիւնը, որպէս զի Հայաստանը դառնար լուրջ պատուար մը պարսկական արշաւանքներուն կամ տիրապետական քմահաճոյքներուն դէմ։ Այդ պատմական միեւնոյն սխալները միշտ ունեցած են Յոյները՝ Հայերու վերաբերմամբ, եւ ա՛յնչափ առաջ տարած են անփութութիւնը որ Ե. Դարու մէջ, երբ Քրիստոնէութեան անունով Հայ ժողովուրդը յուսահատական պայքար կը մղէր Յազկերտի բանակին եւ մոգերու դէմ, Յոյներ դաւաճանութիւնն ունեցած են անտարբեր հանդիսատեսներ ըլլալու։ Յոյներու միակ հետապնդութիւնը եղած է կրօնական գերակշռութիւն պահել Հայերու վրայ եւ քաղաքականապէս զոհողութիւններէ հեռու փախչիլ, առանց նկատելու թէ Հայաստանը իրենց համար կրնար ըլլալ շատ զօրաւոր նեցուկ մը՝ իրենց քաղաքակրթութեան կամ ազդեցութեան տարածմանը համար՝ Ասիոյ մէջ։ Այս ճշմարտութիւնը հասկցան հայերը եւ ասպետական ոգիով մը, որ պատուաբեր է մեզ համար, շուռ տուին կրօնապէս Յոյներու ազդեցութենէն՝ Քաղկեդոնի Ժողովին առթիւ եւ այնուհետեւ մինակ, միսմինակ, ինչպէս յաճախ, տարին Քրիստոնէութեան լուծը՝ Փոքր Ասիոյ մէջ պաշտպանելու համար Արեւմուտքի կրօնն ու քաղաքականութիւնը։

Բայց մինչեւ այդ՝ արեւմտականութեան կամ տարբեր բառերով հելլենականութեան հոսանքը արդեն գիտակից գործունէութիւն մը ունեցած էր Հայաստանի մէջ։ Գր. Լուսաւորիչին յաջորդող մեր բոլոր հայրապետները հելլենականութեան պաշտպաններ էին մեծ մասով։ Հետզհետէ Մեծն Ներսէս, Սահակ Պարթեւ եւայլն կրթական ղէկը ձեռք առնել ուզեցին եւ դպրոցներու ու ուսումնարաններու մէջ աշխատեցան պատրաստել սերունդ մը, որ բոլորովին ազատած ըլլար հայ-հեթանոսական հին կրօնին ազդեցութիւնէն եւ Քրիստոնէութեան ջահակիրը դառնար։ Հելլենականութեան ներկայացուցիչներու հետեւած ուղղութիւնը շատ արդիւնաբեր էր անշուշտ։ Ե. Դարու սկիզբը Հայ գիրերու գիւտը ահա կուգար աւելի՛ եւս հիմնաւորել Քրիստոնէական կրօնն ու հայ-ազգային պատմական անհատականութիւնը, իր կրօնական, ազգային ու զարգացական երեք տեսակէտներով, եւ անոր կը յաջորդէր Ոսկեդարի շարժումը ու թարգմանիչներու հիանալի բոյլին ամենագնահատելի գործունէութիւնը։

Ոսկեդարի շարժումը հետեւաբար հելլենականութեան առաջխաղացումն էր հիմնական եւ արագ։ Արեւելեան հոսանքը պիտի տկարանար անշուշտ եւ կը տկարանար ալ։ Հայոց աչքերը դարձած էին Աթէնք, Կեսարիա, Հռոմ եւ այլն, ամենքն ալ Արեւմ[տեան] Քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի կեդրոններ։

Յազկերտ կը դիտէր այս բոլորը եւ Յոյներէն քաշուելով՝ կը սպասէր յարմարագոյն րոպէին ոչնչացնելու համար Հայաստանի մէջ Քրիստոնէական ոգին, որ միշտ «քար-գայթակղութեան» պիտի ըլլար պարսկական հաշիւներուն առջեւ եւ մէկ անգամէն ասիականութեան յաղթանակը պիտի ապահովէր։

Կրնա՞ր ըլլալ ատիկա։ Պարսիկ արքունիքին հաշիւները ճի՞շտ էին։ Կարելի՞ էր այլեւս Քրիստոնէութիւնը ջնջել Հայաստանի մէջէն։ Ասոնք հարցեր են, որոնց պատասխանը իրերու ընթացքը եւ պատմութիւնը տուին, հաստատելով թէ Քրիստոնէութիւնը պէ՛տք է տեւական դառնար եւ Հա՛յն ալ անպայման ըլլար Եւրոպականութեան կամ Արեւմ[տեան] Քաղաքակրթութեան զինուոր։

Ոսկեդարի մեծ առաջդիմական շարժման եւ հելլենականութեան ոգիին արդիւնքը եղաւ հինգերորդ դարու մէջ տեղի ունեցող Վարդանանց Պատերազմը Շաւարշանի դաշտին վրայ. Ճակատամարտ մը, որ ուրիշ բան չէր, բայց եթէ Քրիստոնէութեան եւ Զրադաշտականութեան զինուորներուն, Արեւելականութեան (Պարսիկ) եւ Արեւմտականութեան (Հայ) սոսկալի բաղխումը, եւ ո՛չ թէ լոկ քաղաքական կամ ցեղային սեղմուկ բնոյթ ունեցող սովորական պատերազմ մը։

Աշխարհի մեծ եւ վճռական պատերազմներէն մին էր Վարդանանց Պատերազմը, որ Զրադաշտականութեան մեծագոյն հարուածը տուաւ։

Մնացածը գիտենք արդէն։ Այսպէս թէ այնպէս նահատակուող դիւցազուններու արիւններուն կարմիրովը ոռոգուեցան հայ եկեղեցիին հիմերը։ Զոհեր շատ տրուեցան, այո՛, Վարդանանց ճակատամարտին մէջ կամ անկէ վերջը։ Բայց Քրիստոնէութիւնը յաղթանակեց եւ Հայը այնուհետեւ վճռականօրէն դարձաւ Արեւմուտքի եւ Արեւմտականութեան զինուորը, միս մինակ տանելու համար, աւա՜ղ, խաչակրութիւն մը, որ նահատակութիւն կը պահանջէր։

Ատո՛ր համար է արդէն որ նահատակ Եկեղեցի դարձաւ Հայ Եկեղեցին եւ Նահատակ Ժողովուրդ՝ Հայ Ժողովուրդը։



[1]            Զրադաշտականութիւնը Մոգերու Օրէնքն էր, Պարսից Կրօնը, որուն մեկնիչներն ու պահպանիչներն էին քուրմերը՝ մոգ անունով։ Հիմնադիրն է Զրադաշտ, որ հաւանաբար Զ. կամ Է. Դարու . Ա. ) մարդ է։ Հին արիական կրօնը բարեփոխեց Զրադաշտ և անոր մասնաւոր սահմաններուն մէջ դրաւ՝ իր Զենտ-Աւեստա կրօնական գիրքով։ Զրադաշտականութեան մէջ երկուութիւն (duality) կ’ընդունուի, այսինքն բարիի և չարի, լոյսի և խաւարի արարչութիւն։ Բարիին արարիչն է Ահուրա Մազդան ն (Արամազդ, Որմիզդ), որ կը նշանակէ Տէր Ամենիմաստ, իսկ չարինը՝ Այնրօ-Մայինուսը (Ահրիման, Արհըմն), որ կը նշանակէ չարակամ։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեռքին տակ ունէր բազմաթիւ ոգիներ՝ իր կամքին սպասաւորող։ Լոյս և խաւար, բարի ու չար միշտ կը կռուին իրարու հետ, բայց յաղթութիւնը Լոյսին ու Բարիինն է։ Ժամանակի ընթացքին մէջ մոգերը շատ բաներ ըստ քրմաց մեկնեցին և Զրադաշտական կրօնը իր նախնական պարզութենէն հեռացուցին։ Մոգերը կը ներկայացնէին կազմակերպուած նուիրապետութիւն և բազմաթիւ էին։ Մոգերու ընդհանուր գլուխը կը կոչուէր Մովպետական կամ Մովպետ։