Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

IX
Հայկական գաղթականութիւններ. Քրիստոնէական ուսումնական արշաւանք. Սասանեաններու Հայաստանէն հանած գաղթականութիւնները. Արաբներու եւ Յոյներու հալածանքը. Իտալահայ գաղութ. Դէպի Թաթարիստան, Խրիմ, Ռումանիա, Թրանսիլավանիա եւ Հունգարիա. Լեհաստանի Հայոց գաղթականութիւնը. Հնդկահայերը. Հոլանտան գաղթավայր. Հայերը՝ իբրեւ վաճառական ժողովուրդ. Հայ մտաւորականութիւնն ու գաղթականութիւնները. Հայ գրչագիրեր. Հայերը Պարսկաստանի, Ռուսաստանի եւ Տաճկաստանի մէջ։

Պատմական այն ուղղութիւնը, որ առած է Հայ Կեանքը, շատ բնականօրէն պէտք է ծագում տար գաղթականութեան։ Տնտեսական Գիտութիւնը կ’ապացուցանէ թէ գաղթականութիւնը անխուսափելի երեւոյթ մըն է, որ անպայման յառաջ կուգայ երկրի մը կամ ժողովուրդի մը մէջ, երբ կը պակսին բարւոք ապրելու հնարաւորութիւնները եւ կեանքի պայքարի վերջին ծայր սաստկացած կ’ըլլայ։ Այսպէս եղած է ամեն երկիրներու մէջ։ Այսօր շատ մը մեծ պետութիւններ գաղթավայրեր կը պատրաստեն, գաղթականութիւններ կը ստեղծեն եւ Մայր Հայրենիքին ճիւղերը կը տարածեն ամեն կողմ։ Անշուշտ տնտեսական ու քաղաքական որոշ ծրագիրներու շուրջ կը կազմուին գաղթային առաջնորդութիւններ, ու հոդ՝ տիրապետող մարմինը իր մասնաւոր հայեացքն ու ձգտումն ունի։ Հայկական գաղթականութիւնները պետական որոշ առաջադրութեան մը արդիւնքը չեն սակայն, այլ՝ քաղաքական ամենավատթար դրութենէ մը, հալածանքէ, սովէ, հուրէ, կոտորածէ ու աւերէ ահաբեկ փախած թշուառ ժողովուրդի մը սրտակեղեք խուճապը։ Ակամայ գաղթականութիւն մը ուրեմն։ Հայրենի օճախ մը, որուն շուրջը թունաւոր իժեր կը պատին, տեսակ մը վանողական, բացասական ելեկտրականութիւնով իրմէ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ կը վտարէր իր հարազատ զաւակները։ Կեանքերու անապահովութիւնը, մահուան սարսափը, անվերջանալի կեղեքումներ, հարստահարութիւն, պատուաբեկութիւն, վաղուան անստուգութիւնը հայութիւնը կը լեցնէին յոռետես տրամադրութիւններով։ Անուշիկ Հայրենիքը, Մայր Հայաստանը այլեւս իր հրապոյրը կորսնցուցած՝ չէ՛ր այն հարազատ մայրը, որ հիւթեղ ու կենսալից կաթ կը ջամբէ երախաներուն։ Անոր ստինքներէն կարծես թոյն կը կաթկթէր։ Ու կը փախչէր ամեն մարդ, կը փախչէ՜ր, առանց իր ետին նայելու, ահով ու սարսափով լի, ետին թողած մխացող աւերակները, հրդեհներու բոցեր, սովին ահաւոր ուրուականը բլրացած դիակներու կոյտեր ու մահուան խաւարը։ Կը փախչէին ահաբեկ՝ մտաւորականը թէ ռամիկը, ազնուականը թէ անտոհմիկը, ամեն սեռէ ու հասակէ։

Շատ հետաքրքրական է Հայ գաղթականութիւններու պատմութիւնը։

Հայոց ամենէն մեծ գաղթականութիւնները կը վերաբերին ԺԴ. ԺԵ. ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն. բայց պատմութիւնը ցոյց կուտայ թէ աւելի հին դարերու մէջ ալ սկսած է հայ ժողովուրդը գաղթել։ Թողելով այն, որ Հայ ցեղին Ուրարտուի մէջ երեւումն ինքնին գաղթականութեան մը հետեւանքն է, Քրիստոնէութեան Հայաստան մտնելէն վերջ, երբ Հայոց ու պարսից մէջ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները կը խզուին, եւ Հռոմի աշխարհակալութեան կամ, որ նոյնն է, արեւմտեան քաղաքակրթութեան դէմ կռուող հայ ժողովուրդը լքելով մինչեւ այդ ատեն իր պաշտած դրօշը, այնուհետեւ կը դառնայ արեւմտեան քաղաքակրթութեան միակ ախոյեանը Արեւելքի մէջ, եւ լուսաւորութեան ջահակիրը, Պարսիկները միշտ ջանադիր եղած են հայութիւնը ցրուել եւ շատ մը ընտանիքներ Պարսկաստանի ամեն կողմերը տարածել, որպէսզի ջլատուի հայ ուժը, եւ պարսից երկիրն ալ օգտուի անոր ընդունակութիւններէն։

Քրիստոնէութեան Հայաստան մտնելէն անմիջապէս վերջ Գր. Լուսաւորիչի եւ կամ անոր յաջորդներուն ձեռքով կազմակերպուած էր արդէն ուսումնական գաղթականութիւն մը՝ դէպի Աթէնք, Կեսարիա, Հռոմ, Եդեսիա, Բիւզանդիոն եւ վերջապէս արեւմտեան քաղաքակրթութեան կեդրոնները։ Այս ուսումնական արշաւանքին ուղղակի հետեւանքն էր ինքնին հելլենականութեան շարժումը եւ ոսկեդարու մտաւորական յեղաշրջութիւնը։ Այնուհետեւ կը սկսին պարսկական հալածանքները։ Սասանեան Արտաշիր բիւրաւոր հայեր քշեց Պարսկաստան՝ իր երկրին ամայի տեղերը շէնցնելու, եւ մշակել տալու համար։ Շապուհ Բ. Դ. դարուն մէջ շատ մը բազմամարդ քաղաքներ կործանեց եւ 700, 000 հայ տարաւ ու բնակեցուց երեք նահանգներու մէջ։ Յազկերտ Բ. ի հրամանով, հայերու խուռն բազմութեամբ Պարսկաստանի հեռաւոր նահանգները տարուիլը իր մանրամասնութեամբ արձանագրուած է Հայոց Պատմութեան մէջ։ Մահմետական տիրապետութեան ատեն արաբացիները շատ մը բռնութիւններ ու անգթութիւններ գործելէ զատ Հայաստանի մէջ, մեծ բազմութիւն մըն ալ գերի տարին Եգիպտոս, Արաբիա, Սիւրիա եւ Պաղեստին։ Միայն Եգիպտոսի մէջ 30, 000 հայեր կային, որոնք թէ՛ Խաչակիրներուն օգնեցին եւ թէ արեւմուտքի վաճառականութեան միջնորդ դարձան։ Այս տեսակէտով Յոյներն ալ քիչ վնաս չի հասցուցին Հայոց։ Կայսրները ամեն տեսակ միջոցներ ի գործ դրին հայոց ընդհանուր միութիւնը խզելու եւ իրենց բաժնին մէջ ապրող հայութիւնը յունացնելու։ Քաղկեդոնի ժողովէն վերջ այնպիսի բարոյական ճնշումներ ի գործ դրուեցան Յունահայաստանի մէջ՝ Յոյներու կողմէ որ շատ մը հայեր կորսնցուցին իրենց ազգութիւնն ու կրօնը։ Երկար ատեն մայրենի լեզուի գործածութիւնն արգիլուած էր։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ, որովհետեւ արեւելեան Հայաստանի մէջ կացութիւնը ծայր աստիճան յուսահատական էր եւ անհանդուրժելի, ուստի կրկին շատ մը հայեր կը գաղթէին բիւզանդական նահանգները, գոնէ ողջ մնալու համար։ Ասոնք իրենց բոլոր կարողութիւնները տրամադրելի ըրին Նոր Հայրենիքին եւ մեծ նպաստ մատուցին տեղական քաղաքակրթութեան։ Նամանաւանդ ձեռք բերին ահագին ազդեցութիւն, այնպէս որ Յուստիանոսէն վերջ Բիւզանդական գահուն վրայ բազմեցան տասնը չորս հայ իշխաններ եւ ամբողջ 200 տարի փառքով կառավարեցին անոր ժողովուրդը։ Հաւատարմութիւնը, որով սրտանց կապուեցաւ հայ ժողովուրդը բիւզանդական շահերուն, մղեց Յոյները, որպէսզի Հայաստանի բնակիչները գոնէ փոխադրեն Կ. Պոլիս, Թրակիա եւ այլեւայլ նահանգներ։ Այս գաղթականները տարածուեցան Խրուաթիա, Թեսալիա, Մակեդոնիա, Պուլկարիա եւ այլն։ Նոյն իսկ հայ թագաւոր մը ունեցանք (Սամուէլ Դերջանեցի) պուլկարական գահուն վրայ։

Ռուբինեանց թագաւորութեան կործանումէն յետոյ Կիլիկիայէն դուրս եկած 30, 000 հայ գաղթականներ տարածուեցան հետզհետէ Կիպրոս, Հռոդոս, Կրետէ եւ Եւրոպայի զանազան երկիրները։ Իտալական քաղաքներէն Վենետիկ, Ճենովա, Բիզա, Հռոմ, Նաբոլի, Միլան եւ այլն գլխաւոր հայ կեդրոններ դարձան։ Ապա ԺԶ. դարուն Ջուղայէն եկող գաղթականներ աւելի զօրացուցին Վենետիկի հայ գաղութը։ Իտալիոյ գաղթական Հայերը նախ մեծ արտօնութիւններ վայելեցին թէեւ, բայց ապա լատին կղերին կողմէ բռնութեան ենթարկուեցան։ Այսպէս ամբողջ Իտալիոյ մէջ ցրուած Հայութիւնը կորսուեցաւ գրեթէ։ Միայն երբեմն երբեմն յիշատակներ կան զանազան թաղերու, փողոցներու եւ եկեղեցիներու մէջ։

Երբ Թաթարները տիրեցին Հայաստանի, շատ մը Հայեր բռնի տարին ու բնակեցուցին Սարայ, Աժտէրխան, Ղազան։ Ասոնք թէ՛ լաւ պատերազմիկ էին եւ թէ խաղաղութեան ատեն ճարպիկ առեւտրականներ, այնպէս որ թաթարները եթէ վարպետութիւնն ունենային օգտուելու հայոց ընդունակութիւններէն, երկրին համար պիտի ըլլար շատ շինարար Հայոց դերը. սակայն թաթարները յիմարաբար՝ բռնութիւնով ու բարբարոսութեամբ պատասխանեցին հայոց ուշիմութեան։ Հայերը, ճարահատ, փոխադրուեցան Խրիմի թերակղզին, որ կը գտնուէր այն ատեն Ճենովացիներու տիրապետութեան ներքեւ։ Հետզհետէ Խրիմը դարձաւ հայոց համար գաղթային զօրաւոր կեդրոն մը, ուր ձեռք բերին հայերը շատ լաւ դիրք։ Ամեն կողմ շէնցաւ, բնակչութիւնը բազմապատկուեցաւ եւ աղքատիկ Խրիմը դարձաւ հարստութեան աղբիւր. միայն Թէոդոսիայի մէջ 100, 000 բնակիչ կար։ Թաթարներն ու Օսմանցիները զօրանալով սպառնացին Խրիմի. այն ատեն ահագին հայ գաղթականութիւն մը անցաւ Մոլտավիա, Լեհաստան եւ Հունգարիա։ Ռումանիոյ կամ Մոլտա-Վալաքիոյ հայերը առաջ այնպիսի ստուար մեծամասնութիւն մը կազմեցին որ իրենց ձեռքը կեդրոնացուցին բոլոր իշխանութիւնը։ Ունէին փառաւոր եկեղեցիներ, դպրոցներ, առեւտրական հսկայ ձեռնարկներ եւ այլն։ Օսմանցիներու եւ Լեհերու պատերազմը սակայն խանգարեց Ռումանահայոց հանգստութիւնը եւ անոնք կրկին ստիպուեցան ապաստանիլ Թրանսիլվանիա, ուր հիմնեցին Կերլա կամ Հայաքաղաք (Արմիէնշտատ) եւ Պաշտպալով։ Ձեռք բերին ինքնավարութիւն։ Ունէին Հայկական դատարան, ոստիկանութիւն եւ այլն։ Շատ հարստացան Թրանսիլվանիոյ հայերը. դարձան կալուածատէր, ազնուական եւ պետական ամեն գործերու մէջ լսելի ընել տուին իրենց ձայնը։ Գաթոլիկ կղերը ամէն ջանք ի գործ դրաւ գաղթական հայոց ազգութիւնն ու կրօնը խլելու համար։ Եւ յաջողեցաւ ալ։

Հայ գաղթականութիւններու մէջ յայտնապէս նշանակելի տեղ կը բռնեն Լեհաստանի հայերը՝ թիւով, գործունէութիւնով, ու «որքան ցաւալի, նոյնքան խրատական իրենց պատմական բաղդ»ով։ Լեհաստանի հայ գաղթականութիւնը կը հաշուուի 40, 000 տուն կամ մօտաւորապէս 200, 000 հոգի, որոնք երեք գլխաւոր հոսանքներով կեդրոնացած են 1) Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն վերջ. 2) Ալփասլանի արշաւանքին ժամանակ, 3) Խրիմը Օսմանցիներուն ձեռքը անցնելէն վերջ։ Հայերը Լեհաստանի մէջ հաստատուած էին գլխաւորաբար Կալիցիոյ նահանգին Լէմպէրկ կամ Իլվով քաղաքը ու Կամենից։ Կազիմիր Գ. Կամինիցի թագաւորը, որ իր պատերազմներուն ատեն ալ օգնութեան հրաւիրած էր հայերը, առանձին արտօնութիւններ եւ ինքնավարութիւն տուաւ իրեն հպատակութեան ներքեւ գտնուող հայերուն (1344)։ ԺԵ. դարուն վերջերն արդէն հայերը (Կամենիցի եւ Իլվովի) ունէին Վոյթ կոչուած ինքնավարական կազմակերպութիւնը, որ վեց դատաւորէ եւ քառասուն խորհրդականէ բաղկացած մարմին մը ըլլալով, Հայոց գործերը կը վարէր ազգային սովորութիւններու եւ Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ին համաձայն։ Ընդունուած լեզուն՝ Անիի բարբառն էր նախ, բայց երբ ետքէն Թաթարիստանէն հայ գաղթականութիւն մը եկաւ, ստիպուեցան թաթարերէնը գործածել, վասնզի այս վերջինները ուրիշ լեզու չէին հասկնար։ Հայերու վայելած արտօնութեանց շնորհիւ Լեհաստանի մէջ հաստատուեցան շատ մը նոր գիւղեր ու քաղաքներ, երկրին ներքին ու արտաքին վաճառականութիւնը բարգաւաճեցաւ եւ շատ մը հայեր մեծամեծ ծառայութիւններ բերին այս Գաղթավայր-Հայրենիքին։ Բայց Լեհահայոց հանգիստը շուտով խանգարուեցաւ։ Նիկոլ Թորոսովիչ անբարոյական եպիսկոպոսը ամեն նենգամիտ եւ չարահնար միջոցներ ի գործ դրաւ հայերը պապական դարձնելու համար։ Իր աշակերտը Վարդան Յունանեան վարդապետը շարունակեց իր վարպետին գործը ու վերջապէս յաջողեցաւ Իլվովի հայ ժողովուրդը անջատել Մայրենի Եկեղեցիէն եւ Հռոմի կապել։

Եւրոպայի մէջ հաստատուած հայ գաղթականութիւններու բաւական կարեւոր մէկ կեդրոնն ալ կարելի է նկատել Հոլանտան։ Ամսդերտամի մէջ նոյն իսկ հայ տպարան ունեցած ենք։

Ասիոյ մէջ, Հնդկաստանի հայերը գաղթած են Պարսկաստանէն եւ ցրուած են Սուրադ, Մատրաս, Կալկաթա, Չեզրա եւ Պոմպէյ։ Միեւնոյն լաւ ընդունելութիւնը գտած են հայ գաղթականները Հնդկաստանի մէջ ալ՝ շնորհիւ իրենց ուշիմութեան եւ գործունէութեան։ Անգլիացիներու Հնդկաստանի տիրած ժամանակ հայերը կատարեցին շատ պատուաւոր դեր եւ պատկառանք ներշնչեցին թէ՛ Անգլիացիներուն եւ թէ՛ Հնդիկներուն։ Արեւելեան Հնդկաստանի ընկերութեան մէջ գործօն դեր ունէին Հայերը։ Նոյն իսկ Հայ նախարարներ ունեցած ենք Հնդկաստանի մէջ։ Իրենց վայելած դիւրութեանց հետեւանքով Հայերը մեծ զարգացում ստացան։ Ունէին փառաւոր հասարակական հաստատութիւններ, տպարան, ուսումնարան, եկեղեցի եւ այլն։ Առաջին հայ լրագիրը Ազդարար, լոյս տեսաւ Մատրասի մէջ 1793ին Շմաւոնեան Յարութիւն քահանայի խմբագրութեամբ։ Հնդկահայերը իրենց ազգային զգացումն ալ պահպանած էին։ «Հայաստանը դրամով ազատելու» ծրագիրներ ունեցան քանի մը անգամ։ Պատկառելի կտակներ թողուցին ուսումնական գնահատելի ձեռնարկներու անունով. ինչպէս Սամուէլ Մուրատի կտակը՝ Մուրատեան վարժարանին համար, Ռափայէլ Ղարամանեանինը՝ Ռափայէլեան վարժարանին համար եւ այլն։ Անգլիացիներու տիրապետութենէն ետքը Հայերը անկարող եղան յաղթական դուրս գալ մրցումէն եւ պահել իրենց նիւթական նախանձելի դիրքը եւ հետզհետէ ցրուեցան Հնդկական Արշիպեղագոսի կղզիները, գլխաւորաբար Ճավա եւ մինչեւ Չինաստանի ծովեզերքները։

Գաղթական այս բոլոր հոսանքներու արդիւնքն այն եղած է որ Հայութիւնը ցրուած է ամբողջ աշխարհի զանազան կողմերը։ Վերջին երեսնամեակին, երբ հալածանքները շատցած են եւ ամերիկեան գոլէճներ անգլիագէտ երիտասարդութիւն մը հասցուցած են, ուժեղ գաղթականութիւններ կազմուած են Պուլկարիա եւ Ամերիկա, ուր մտաւորական որոշ գործունէութիւն ցոյց տուած են հայերը, սերտիւ կապուած Տաճկահայոց բաղդին եւ կարեկիր ճնշուած հայութեան։

Ամեն երկիրներու մէջ ալ, ուր հայկական գաղթականութիւնը հաստատուած է, Հայը ցոյց տուած է վաճառական, ուշիմ եւ գործունեայ ժողովուրդի մը յատուկ ամեն ընդունակութիւններ։ Մասնաւորաբար փայլած է վաճառականական ասպարէզին մէջ։ Չինաստանէն մինչեւ Անգլիա եւ Ափրիկէի հիւսիսակողմը հայերը իբրեւ վաճառական գործած են եւ ընդարձակ յարաբերութիւններ մշակած բոլոր ազգերու հետ։ Ամեն տեղ շինարար աշխատանքի ձեռնարկած է Հայը, շէնցնելով ու բարեզարդելով։ Թէ՛ հին եւ թէ՛ նոր գաղթականութիւններու ժամանակ հայ մտաւորականներ ալ ապաստանած են հոս ու հոն։ Միջին դարու հալածանքներու միջոցին հայկական գրչագիրներու պահպանութիւնը կը պարտինք գաղթական մտաւորականներուն։ Եւ հարկ չի կայ ըսել թէ պատմականօրէն ու բանասիրօրէն ի՜նչքան թանկագին են ձեռագիրները։ Հայկական Յեղափոխութեան եւ ճգնաժամին ատեն եւս Եւրոպա, Ամերիկա եւ Եգիպտոս ապաստանած հայ մտաւորականները մասնաւորապէս յեղափոխականներ, իրենց գրական ու բեմական գործունէութեամբ ազգային զգացումն ու հայկական ոգին վառ պահած են հայկական գաղթականութիւններու մէջ։ Մենք կը ցաւինք ի հարկէ Հայութեան այս ցրուած վիճակին վրայ, սակայն կ’ըմբռնենք միեւնոյն ատեն այն զօրեղ պատուաստումը, որ կարելի է առաջ բերել այլեւ այլ միջավայրերու մէջ ապրող Հայերու կրած լաւագոյն ազդեցութիւններէն։ Կորսուած մասերը չենք հաշուեր այլեւս։ Պատմութիւնը թող արձանագրէ միայն։ Բայց ամեն պանդխտացող անձնաւորութենէ ու ընտանիքէ կը սպասենք օժանդակութիւն մը այն բունին, որուն ոստերն են իրենք ալ։

Հայկական ամենամեծ զանգուածները կը գտնուին այժմ Տաճկաստանի, Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ։