Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XV
Օսմանցիք՝ իրականութեան տէր. Հայերը՝ Պոլսոյ մէջ. Առաջին հայ պատրիարքը. - Թուրքիոյ վարչական ձեւը. Հայ կեանքը՝ Տաճկաստանի մէջ. Ստրկամտութեան ոգին. Գիտակցութեան զարթնում. Թուրքիոյ քայքայման շրջանը. Պետութիւնը բարեկարգելու փորձեր. Նոր միտքով քաղաքագէտներ. Կիւլխանէի Խաթթը շէրիֆը եւ Թանզիմաթ. 1856ի Խաթթը հիւմայունը.

Մեր այս պատմական վերլուծման ընթացքին մէջ բացատրեցինք արդէն թէ ի՛նչ կերպով Օսմ. ցեղերը արեւմուտք արշաւեցին, Հայաստանի տիրեցին, Օսմանեան Պետութիւնը կազմակերպեցին եւ Կ. Պոլսոյ գրաւումէն վերջ՝ այլեւս Փոքր Ասիոյ մէջ իրականութեան տէր դարձան բոլորովին։ Ֆաթիհ Սուլթան Մէհէմմէտ Բ. Կ. Պոլսոյ մէջ հաստատուելէն վերջ երբ 1461ին Պրուսա գնաց, արքունի հրովարտակով Թուրքիոյ բոլոր Հայոց պատրիարք հռչակեց Պրուսայի Յովակիմ Եպիսկոպոսը։ Հայոց պատրիարքութեան հաստատումէն շատ առաջ հայերը արդէն ո՛չ միայն յարաբերութիւն ունէին Բիւզանդիոնի եւ Բիւզանդեան կայսրութեան հետ, այլ եւ ԺԴ. դարուն սկիզբները Հայ գաղութը Կ. Պոլսոյ մէջ եպիսկոպոսական թեմ մը ունէր։ Թաթարիստան անցած եւ Աժտէրխանի կողմերը բնակութիւն հաստատող բազմաթիւ հայեր, հոն խաղաղ կերպով չկրնալով ապրիլ՝ Խրիմի Քէֆէ քաղաքը գաղթեցին ապա։ Այս քաղաքի հայ վաճառականները կը երթեւեկէին Ճենովական նաւահանգիստները, որոնցմէ մէկն ալ էր Կալաթա (այժմու Կ. Պոլսոյ Ղալաթիան)։ Քէֆէցի Կոզմոս անուն Հայու մը Ճենովացիներէն տեղ մը գնելով Ս. Գրիգոր Եկեղեցին շինելը կ’ապացուցանէ թէ նոյն իսկ Ղալաթիոյ մէջ բաւական հայեր կային հաստատուած։ Հետզհետէ Խրիմէն, ինչպէս նաեւ Մայր-Հայրենիքէն բազմաթիւ հայեր վազեցին Պոլիս եւ հոն հաստատուեցան։ Ֆաթիհի ազնիւ վերաբերումը հայոց նկատմամբ ամեն կողմերու հայերը կը գրաւէր։ Հայը, ուշիմ եւ ընդունակ ցեղ մը, կը խոստանար շէնցնել Օսմ[անեան] երկիրները եւ կուգար անոնց քաղաքակրթիչ տարրը հանդիսանալ։ Ֆաթիհ շա՛տ լաւ ուսումնասիրած էր այս բանը, եւ ճիշդ ատո՛ր համար էր որ ամեն կողմ հայերը կը քաջալերէր եւ միջոցներ ու դիւրութիւններ կ’ուզէր տալ, որպէսզի անոնք անկաշկանդ կերպով գործեն՝ վաճառականութեան եւ արհեստներու մէջ։ Եւ սակայն Հայաստանը տակաւին խաղաղ օրեր պէտք չէ անցներ։ Գուցէ Հայ կեանքը աւելի՛ հանդուրժելի ըլլար Օսմանեան տիրապետութեան ներքեւ, եթէ վիթխարի բռնակալութիւն մը եւս չըստեղծուէր՝ անոր կողքին։ Ատ՝ վերակազմուած պարսկական միապետութիւնն էր, Շահերու կայսրութիւնը։ Կարելի էր ենթադրել թէ այս երկու կրօնակից պետութիւնները համաձայնութեամբ ապրելու էին։ Սակայն Թուրքիան, իբրեւ ուղղափառ (սիւննի) իսլամութեան ներկայացուցիչ՝ ներողամտութիւնը չէր կրնար ունենալ որ իր քով ապրէր ու զօրանար շիի աղանդաւորներու հիմնած պետութիւնը։ Ասոր համար է որ, տակաւին չզօրացած, սկսուեցան Օսմանօ-Պարսկական սարսափելի կռիւները, որոնք մինչեւ ԺԹ. դար տեւեցին։ Խեղճ հայը, բոլորովին անմեղ կերպով, բաղդին բերումով, այս երկու երկիրներու կռիւներուն մէջտեղ ամենէն շատ վնասուողը եղաւ եւ ոտից կոխան դարձաւ։ Առանց ասոր ալ արդէն թաթարական պետութիւններու վարչական ձեւը բաւական էր կեղեքելու համար խեղճ ժողովուրդը։ Վեհապետին այս կամ այն բարի տրամադրութիւնը նշանակութիւն չունէր երկրին մէջ ապրող հպատակներուն համար, քանի որ զանգուածը չէր կրնար ըմբռնել պետական քաղաքականութիւնը եւ յետոյ իւրաքանչիւր շրջան կառավարող պաշտօնեայ լիազօրութեամբ կը գործէր՝ տուրքեր հաւաքելու եւ կամ տեղական գործեր կարգադրելու մէջ։ Իսկ ո՞ր պետական պաշտօնեան պէտք է համակիր վերաբերում ունենար դէպի այլակրօն ցեղերը եւ մանաւանդ դէպի հայերը։ Ատկէ զատ արդէն գահակալներու տրամադրութիւններն ալ միապաղաղ եւ շարունակական չէին կրնար ըլլալ անշուշտ, քանի որ անձերու մէջ մարմնացած պէտք է ըլլար երկրին քաղաքականութիւնը։ Իրերու այս դրութիւնը, միացած իսլամական ըմբռնումներու հետ, առաջ բերած էր տակաւ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու խտիրը, առաջինին գերադասութիւնը, իսկ երկրորդին՝ ստրկութիւնը։ Րայեան կթան կովն էր, որուն կեանքը, պատիւն ու ինչքը կը վերաբերէին իսլամներուն, որոնք, իրենց ըմբռնումով, ազատ էին իրենց ուզած կերպով վարուելու անոր հետ, իբրեւ ստորադաս, իբրեւ հպատակ։ Տակաւ պետական օրէնսդրութիւնն ալ եկած էր նուիրականացնելու եւ յաւերժացնելու իսլամին գերակայութիւնը եւ քրիստոնեային անձին ստորնացումը։ Ուրիշ կերպով գոյութիւն պահպանել կարելի չէր, բայց եթէ քծնելով մատնելով, շողոքորթելով եւ մէկ խօսքով ստրկանալով։ Այս զզուելի դրութեամբ կազմուեցաւ քրիստոնեայ ազդեցիկներու եւ պաշտօնեաներու աղտոտ դիփը, հայ կապալառու հարկահաւաքներու եւ վաշխառուներու լէգէոնը։ Այս չարիքները եկան լրացնել նաեւ Հայ կղերները, որոնք, իրենց փառասիրական ձգտումներով տոգորուած, անխղճօրէն՝ մոռցան իրենց պարտականութիւնը, դիրքը, պաշտօնը, կոչումը եւ գլորուեցան ճահիճին մէջ՝ արձանագրելով շատ տխուր էջեր՝ Տաճկահայոց պատմութեան մէջ։ Եւ այսպէս՝ հարկերու տարապայման ճնշումը, եէնիչէրիական անիծապարտ դրութիւնը, քրիստոնեաներու հալածանքը եւ այլ աննպաստ պայմաններ՝ բարոյական սնանկութիւն յայտարարեցին։ Ստրկամտութեան ոգին զօրացաւ եւ մէկ կողմէ ստեղծուեցաւ ազդեցիկ, աղա, էֆէնտի եւ ամիրայ դասակարգը, խունկ ծխող մեծ ու պզտիկ բռնակալներու առջեւ, սնած ու զարգացած բռնակալութեան ու բռնապետներու բարիքներով, եւ միւս կողմէ երկրագործ, աշխատաւոր եւ էսնաֆ դասակարգը, միշտ հարստահարուող, միշտ կեղեքուող եւ մի՛շտ ալ հալածական, առաջինը մոռցած իր ազգը, աստուածը եւ ամէն ինչ եւ անունով միայն հայ, իսկ երկրորդը՝ իր վիշտին ու զրկանքներուն մէջ՝ իրական հայը, իրական ազգասէրը։

Եւ սակայն մարդկութիւնը կը յառաջդիմէր։ Հայոց մէջ եւս մտաւորական գործունէութիւնը թափ կ’առնէր, 1703ին կը հիմնուէր Մխիթարեան Միաբանութիւնը եւ Կ. Պոլսոյ մէջ հետզհետէ կը ստեղծուէր իմացական գործունէութիւն։ Այս բաւական չէր անշուշտ Պետութեան ճակատագրին վրայ ազդելու համար։ Գիտակցութիւնը սկսած էր թուրք քաղաքագէտներու մէջ ալ։ Թուրքիոյ պատմութեան երկու գլխաւոր շրջաններէն առաջինը, նուաճման եւ տիրապետութեան շրջանը, անցած էր արդէն։ Պատմութեա՛ն կը վերաբերէին այլեւս այն օրերը, երբ Սեւ Ծովն ու Միջերկրականը մեծ մասով օսմանեան ջուրեր էին եւ Մուհամմէտ Բ. կը սպառնար Ս. Պետրոս եկեղեցիին մէջ գարի կերցնել իր ձիուն։ Յաջորդած էր անկումի շրջանը, որ սկսաւ ԺԷ. դարէն։ Միայն զինուորական ազգ մը ըլլալը եւ տիրապետական ոգին չէր բաւեր։ Քաղաքակրթութիւն հարկաւոր էր, Եւրոպայի նմանիլ, Եւրոպական պետութիւն դառնալ անհրաժեշտ էր։ Ուստի օսմանեան պետութեան բարենորոգման խնդիրը ստեղծուած էր։ Հոգ չէ թէ անյաջող ըլլան բարենորոգման փորձերը, այսուհանդերձ անոնք միշտ կը կրկնուին, որովհետեւ ԺԹ. դարուն մէջ Թուրքիոյ գոյութիւնը միայն անոնցմով կարելի էր երաշխաւորել։

Բարենորոգման առաջին փորձն սկսաւ զինուորական վերակազմութեամբ։ Գերմանիայէն Մոլթքէ զօրավարը հրաւիրուած էր բանակին կանոնաւորութեանը համար։ Եէնիչէրիները երբեմն օգտակար եղան Օսմ[անեան] գահուն, բայց վերջապէս այլասեռուելով փորձանք դարձան թէ՛ կառավարութեան եւ թէ րայեաներուն։ Բնական է որ Սուլթան Մահմուտի պէս վեհապետ մը ըմբռնէր այս բաները եւ փորձէր ջնջել եէնիչէրիութիւնն ու եէնիչէրիները։ 1826ին վերջացաւ այս զինուորական բարբարոս դասակարգը, որ միշտ արգելք եղած էր բանակին վերակազմութեան։ Բարեկարգուեցաւ զինուորական ոյժը, բայց ատիկա բաւակա՞ն էր։ Ժամանակին ոգիին համապատասխան քաղաքացիական ազատութիւններ պէտք էին։ Քրիստոնէի եւ մահմետականի խտիրը՝ Պետութեան առջեւ, օրէնքին առջեւ, դասակարգերու եւ առանձնաշնորհումներու գոյութիւնը՝ այլ եւս երկար կեանք չէին կրնար ունենալ։ Եւրոպայէն ռամկավարական գաղափարները կը հոսէին։ Քաղաքական յեղաշրջութիւններու ալիքները Օսմ[անեան] պետութեան սահմաններու մէջ կը հասնէին, ներքին դժգոհութիւնները շատցած էին, Յունաստան արդէն անկախ հրատարակուած էր եւ Պալքանեան հպատակ ազգերը կ’արթննային հետզհետէ։ Ապագայ աղէտը գուշակող թուրք քաղաքագէտներ կային։ ԺԸ. դարուն մէ՛ջ իսկ Կիւզի պէյ յանդգնած էր մատնանշել երկրին քայքայիչ ուղղութիւնը, քրիստոնեաները հալածելու քաղաքականութեան վնասակարութիւնը եւ պետութեան բարեկարգութեան պէտքը։ Բայց ո՞վ էր որ մտիկ պիտի ընէր։ Շա՜տ քիչուոր էին գիտակիցները։ Բաժակը լեցուած էր սակայն։ Սուլթան Մահմուտ մեռաւ. անոր յաջորդը Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ, որ ըմբռնած էր բարենորոգման պէտքը, Րաշիտ փաշայի խորհրդով հրատարակեց Կիւլհանէի Խաթթը շէրիֆը (1839 նոյմ. 3), որ թանզիմաթ կոչուած օրէնսդրութեանն գործադրութիւնը կ’ապահովէր։ Թանզիմաթի օրէնսդրութիւնը խմբագրած էր Րաշիտ փաշա՝ հիմնուած Կիւլհանէի խաթթը շէրիֆին վրայ։ Սուլթան Մէճիտ իր այդ համբաւաւոր հրովարտակով, իր հպատակներուն, առանց ազգի, ցեղի եւ կրօնի խտրութեան, կը շնորհէր կեանքի, ինչքի եւ պատիւի ապահովութիւն, տուրքերու արդար բաշխում, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն եւ լեզուի, կրօնի ու ազգային առանձնաշնորհումներու ազատ կիրառութիւն։ Բայց մէկ օրէն միւսը հրովարտակով մը կարելի՞ էր իրարու միացնել դարերէ ի վեր ատելութեան անդունդին երկու ծայրերը կեցող մահմետականներն ու ոչ-մահմետականները։ Ի՞նչպէս պիտի ըմբռնէր միւսլիւմանը թէ այսուհետեւ իսլամ եւ ոչ-իսլամ հաւասար էին։ Այն պաշտօնեաներն ու դասակարգերը, որոնց լայն իրաւունքները կրճատուած էին այս կերպով, դիտմամբ կը գրգռէին իսլամ ժողովուրդը՝ քրիստոնէից դէմ։ Այս կերպով մեծամեծ խռովութիւններ եւ յուզումներ առաջ եկան Էտիրնէի, Իզմիրի, Կեսարիոյ, Գոնեայի եւ ուրիշ գաւառներու մէջ։ Սուլթանը ստիպուեցաւ 1845ին ուրիշ հրովարտակով մը բացատրել առաջինը, որպէս զի թիւրիմացութիւններ չըլլան։ Երկար ատեն թուղթի վրայ միայն մնացին բարենորոգչական հրամանները։ Խրիմի պատերազմէն վերջ, 1856ին, Եւրոպական Պետութեանց ստիպումով եւ Ալի ու Ֆուատ փաշաներու խորհուրդով Սուլթան Ապտ-իւլ-մէճիտ կը հրատարակէ իր նշանաւոր Խաթթը հիւմայունը, որ աւելի՛ կը հիմնաւորէր ու կը լայնցնէր Կիւլհանէի Խաթթը շէրիֆը ։ Հետեւեալը Խաթթը Հիւմայունին բովանդակութիւնն է։

1. Ապահովութիւն իւրաքանչիւր անհատի կեանքին, գոյքին եւ պատիւին։

2. Հաստատութիւն այն իրաւունքներուն, որոնք երբեւիցէ տրուած են քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններու։

3. Իւրաքանչիւր համայնքի հոգեւոր գործերը պիտի կառավարուին համապատասխան բարձր հոգեւորականութենէն։ Րայեաներու աշխարհական գործերը պիտի կառավարուին աշխարհական եւ հոգեւորական պատգամաւորներէ բաղկացած խառն ժողովի միջոցաւ։

4. Առանձին դիւրութիւններ կը տրուին՝ եկեղեցիներ շինելու եւ վերանորոգելու համար։

5. Ո՛չ մէկ պաշտօնեայ առաւելութիւն տալու է այս կամ այն ազգութեան, որոնք հաւասար են իրարու։ Մահմետականները արհամարհանքով չպիտի վերաբերուին դէպի միւս կրօնները։

6. Կրօնափոխութեան համար ո՛չ մէկը, նոյնիսկ քրիստոնէութիւնը ընդունող մահմետականը, պէտք չէ՛ դատապարտել։

7. 8. Ամեն մէկ թրքահպատակ, առանց կրօնի եւ ազգի խտրութեան, իրաւունք ունի պետական դպրոցներու մէջ ուսանելու եւ ամեն տեսակ ծառայութեան մտնելու։

9. 10. 11. Համապատասխան դատարանները պիտի վճռեն քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու մէջ ծագած վէճերը առանց որեւէ կողմնակալութեան։

12. Քրիստոնեաներն իրաւունք ունին զինուորական հարկին փոխարէն կամ անձամբ ծառայել իբրեւ զինուոր եւ կամ իրենց տեղը ուրիշ մէկը վարձել։

13. Մէճլիսները պիտի բարեկարգուին։

14. Օտարները իրաւունք ունին Թուրքիոյ մէջ սեփական հողեր ձեռք բերելու։

15. Հարկահանութիւնը պիտի կանոնաւորուի։

16. Պիտի աւելնան հանրօգուտ աշխատութիւնները։

17. Իւրաքանչիւր տարի պետական եկամուտներու ու ծախքերու նախահաշիւը պիտի կազմուի։

18. Րայեաներն ալ Պետական Խորհուրդին մէջ պատգամաւոր պիտի ունենան։

19. Կաշառակեր պաշտօնեաները խիստ կերպով պիտի պատժուին, դրամական սիսթէմը պիտի կանոնաւորուի, նորանոր ճամբաներ, ջրանցքներ եւայն պիտի շինուին։

 

Թուրքիոյ մէջ եղած բարենորոգչական փորձերուն եւ մասնաւորաբար Թանզիմաթի վրայ ծանրանալով, մենք մէկ կողմէ ի նկատի ունինք ժամանակակից պատմական էջի մը լուսաբանութիւնը եւ միւս կողմէ այն՝ որ Թանզիմաթը իր որոշ դերն ունի Հայոց ազգային գիտակցութեան արթննալուն մէջ։