Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ո՛Վ ԴԱՐ, Ո՛Վ ԴԱՐ…

Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար, Ապագան՝ արփագունդի մը նըման՝
Արշալուսուած արգանդէդ պիտի ելլէ շողարձակ:
Վերջալոյսին գինիներն, եւ անուշ կաթն աստղերուն
Հըսկայական քու ծիծերդ գեղեցկօրէն կ'ուռեցնեն:
Ոճիրներու քըստմնելի անկողնին մէջ պառկեցար.
Թալթըլեցաւ մեծ Երազդ արիւններու լիճին մէջ.
Բայց վերեւէդ սաւառնող հիւսիսայգերը բոլոր
Կողերուդ մէջ ծորեցին արարչահիւթն Աստուծոյ,
Եւ գաղափարն, իր թեւերն արծիւի պէս տարածած,
Կը հըսկէ քու երկունքիդ գալարումները հըզօր:
Պիտ' ըլլաս ջա՛հն Յաւէրժին, յո՛յսը կեանքին պիտ' ըլլաս:
Ժամանակի պարեխին ճակատին վրայ երկնամուխ
Ամպրոպաճայթ, կայծակներ պիտի Անունըդ կըռեն
Մարգարտայեռ պիտ' ըլլան մագաղաթներն՝ որոնց մէջ
Կամքիդ հըրդեհն ու մուրճիդ կայծերն պիտի ծըրարուին:

Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար, Եփրեմի ասպետական քա՛ջ Ոգի…

Ժողովուրդներն աւասիկ կը խորտակեն շըղթաներն
Եւ անոնցմով տէրն իրենց կատաղօրէն կը ձաղկեն:
Արեւելքն իսկ կը զարթնու՝ նըման այն թարըմ հարսին՝
Որ վարդի պէս դուրս կ'ելլէ առագաստին քօղերէն.
Աւանդական Քաղաքներն՝ անըրջանքով պարըսպուած՝
Արդ կը խռովին ծովու պէս, եւ հընոցի պէս կ'եռան՝
Ուր կը հալի լուծն երկաթ, օրէնքն ոսկի կը ձուլուի:
Մոխիրի եւ կապարի հրեղէն անձրեւ կը տեղայ
Իրանին վրայ: Կը մեռնին կարապներն ալ Մեղկութեան
Իսպահանի արիւնոտ վարդերուն տակ՝ գըլխիկոր…
Կը սասանի Սասանաց Տունն հիմունքին վրայ զաղփաղփ:
Էնճումանի շեմին վրայ կը կոտրի թուրն արքային…
Ի՜նչ վատ փախուստ Շահերու, Սատրապներու կըռտըւած՝
Որոնք կ'երթան ծառայել Արեւմուտքի թագերուն՝
Գոգնոցի պէս առջեւնին կապած իրենց ծիրանին:
Ամեհագեղ երիվարն աստեղաբիբ Եփրեմին
Հրեղէն պայտն իր կը դընէ Դարեհներուն գահին վրայ՝
Թողլով որ իր հետքին վրայ ծըլի Յոյսի վարդենին
Եւ արիւնած ժողովուրդն, հաւատքով լի, կ'օրօրէ
Շիրիմին վրայ Իրանին՝ Պարսկաստանի օրօրանն:
Հո՛ս, ուր Թուրքը կը հընձէր, Հայաստանէն Բիւզանդիոն,
Նո՛ր արշալոյս կը պոռթկայ նահատակներուն շիրիմէն:
Հայը՝ լըքուած դարերէն, բայց Յաւէրժէն ընտըրուած,
Նո՛ր Իսրայէլ, մոխիրով ու կայծովն իր օճախին
Գիշերը ռումբ կը շաղուէ, առտուն պատանք կը զգենու՝
Եւ իր արեան ովկիանին վիհին յատակը իջած՝
Կը խուզարկէ իր սիրտով, հանճարովն իր կը գըտնէ
Ազատութեան մարգարիտն, ո՛վ Դար, թագի՛դ իսկ համար:
Աչքերը ա՛լ մարդկային Խիղճին արփւոյն կը բացուին.
Կըրնայ դահիճը նընջել՝ զի Մոնղոլն ա՛լ կը զարթնու.
Ու եղեռնի սուսերներն այսօր ահա կը շողան
Աւելի՛ բարձր ու արդար յաղթանակի մը համար:
Ըստամպոլի ուղիներն, առջի անգամ ըլլալով,
Ժողովուրդի հեղեղներ կ'առաջնորդեն՝ դէպի վեհ
Նըպատակի մը ազնիւ, այսօր այլեւս հասկըցուած:
Դուրս կը փըսխէ բըռնակալն իր արիւնները լակած,
Եւ Ասիոյ շեմն արդէն ծիրանեփայլ կը կարմրի…
Մինչդեռ անդին գեղեցիկ խոյացումով կը քանդեն
Գոգն ու Մագոգն իրենց հաստ աւանդական պարիսպներն.
Եւ զըմըռսուած կուռքերուն, կընքըւած հին օրէնքին
Թաւալման ձայնը կու գայ շեփորներուն երախէն,
Ասդին՝ արդէն ռուսական Մարզերուն վրայ կ'որոտան
Հըրաւէրները կըռուին, եւ խոստումներն Երազին…
Բեւեռներուն մէջ ռումբերն ամպերու պէս կը գոռան:
Սառնակոյտերը, նըման ադամանդեայ ժայռերու,
Կը թաւալին: Արջերն իսկ ընդվըզումի շեփորէն
Սարսափահար աչքերով հիւսիսայգին կը նային:
Մինչ կը կանգնեն բանտերն յաղթ՝ անդին կ'իյնան պալատներն
Հաւնոցներու պէս անարգ՝ մըրրիկներէն գերփըւած:
Կ'անցնին ռումբերն Ֆինլանտէն մինչեւ Կավկասը խըրոխտ,
Եւ պայթիւնին մէջ իրենց, իրենց բոցին մէջ աղուոր,
Վարդենիի հըրավառ անտառակներ կը ծաղկեն:
Կ'արթննան ճիղմ հասակներն, ուժն ըստեղծող կ'արթըննայ՝
Բոցն ու արիւնը իրենց հեղեղին մէջ հափափիչ
Կ'առնեն, կը գլեն, կը քըշեն, կ'ընկըղմեն վիհն Անցեալին
Կըռարձաններն ոսկեձոյլ, քըրմապետներն ընչաքաղց,
Օրինագիրքն իւղոտած եւ գայիսոնը ցեցոտ:
Կ'անցնի՜ն, կ'անցնի՜ն, Աստուածնե՛ր, անմահացած մարդօրէն,
Պրոմեթէնե՜ր, որոնք յաղթ հասակներով արփամերձ,
Վե՛րն, Աստուծոյ ոտքին տակ մանգաղն իրենց երկարած՝
Կը հնձեն դաշտերն աստղածուփ, անդաստանները լուսնին.
Ու երկնային կըրակով՝ Երկիրը մեր կը ցանեն:

Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար, Ֆերրերի արիւնաթաթախ խրո՛խտ Ոգի…
Կ'ըլլայ Սպանիան՝ հըրաբուխ, եւ Բորթուգալը՝ հըրդեհ:
Ցուլ ժողովուրդն եղջիւրներն իբրեւ շանթեր կը ցըցէ
Մատրիտի մեղկ գահին դէմ, ճորտն Հըռովմի Աթոռին:
Կուատալուփ կը կարմրի ըմբոստներու արիւնով,
Եւ իր սահանքը կ'երգէ պարեխներուն մէջ. Վըրէ՜ժ…
Անտալուզի աղջիկները, շուշանով պըսակուած,
Խոստովանիլ չե՛ն երթար, այլ փաղանգին մէջ ըմբոստ
Կ'առուգանան: Դրօշակներն Ընկերահաշտ հայրենեաց
Քամիներուն կը յանձնեն մազերնուն հետ թըխածուփ:
Մարդկային Միտքն ընկերվար, կու գայ բանալ վերջապէս
Իմաստութեան Ըսփինքսին ապառաժէ շըրթունքներն.
Հրէշն ամենուն կը խօսի, կը սորվեցնէ ամենուն.
Կը պատռտէ անխընայ ճիրաններու տակ արնոտ
Սըտութեան Գիրքը՝ բոլոր դասակարգեալ քուրմերուն:
Արեւելքէն Արեւմուտք, եւ Հիւսիսէն մինչ Հարաւ
Քաղցը կ'ոռնայ շան մը պէս, Քաղցն Յիսուսի պէս կու լայ.

Ու վերջապէս միակ Զոհ, ու վերջապէս միակ Ուժ,
Իմաստութիւնն ալ կ'ըլլայ՝ ցարդ Տառապեալն ըլլալուն
Ա՛ն, աշխարհիս իբր առանցք, կու տայ օրէնք մ'աննըման՝
Զոր չը ճանչցաւ Սոկրատէս, հազի՛ւ Քրիստոս երազեց.

Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար, դու Նեռի աշխարհացունց մռա՛յլ Ոգի…

Եկեղեցին կը սարսի իր սեմերուն վրայ կաւէ:
Բոլոր շըղթան Իմաստակ Ուսուցումին չի՛ զօրեր
Աւետարանը լըծել անոր ոգւոյն հետ անհաշտ:
Հովիւներուն սըրտին մէջ կը յայտնուին գայլերն հին,
Կը նախընտրեն ա՛լ հօտերն, հոգիներն ա՛լ կը սիրեն
Երթալ ազատ թափառիլ աստղերուն տակ Խորհուրդին՝
Քան թէ հըլու մակաղիլ ճիրաններու տակ նենգող:
Լումաներու փոխարէն՝ Պապերն ի զուր կը տըքնին
Բանալ դըռները Դրախտին՝ բալիքներով ժանգոտած:
Վանքերու մէջ բոզութիւնը շուայտօրէն կը կըտղի.
Զոյգ մեղքերն այր ու կընոջ՝ կ'ապրին միակ ցանկութեամբ…
Կ'ըլլայ Հռովմ՝ նոր Սոդոմ, Երուսաղէմ՝ նոր Գոմոր:
Աստուծոյ Գառը ի զո՛ւր իրենց խրախի բագնին վրայ
Անոնք կ'հանեն աճուրդի, շըռայլօրէն կը բաղխեն
Արքայութեան հաճոյքներն, ու կըրակները Դժոխքին.
Մենաշնորհով կրօնքներուն անոնք ի զուր կը սպառնան.
Ժողովուրդն ա՛լ կը մռընչէ՜ վէրքին ցաւէն դարաւոր.
Կ'ուզէ որ Աչքն Աստուծոյ՝ ազատ մարդուն խիղճին մէջ
Ազատօրէ՜ն ցոլանայ… Սաւոնառի հեստ հոգին
Ահա նորէն կ'արթըննայ մենաստանի մէջ ապրող
Անկեղծներուն սըրտին մէջ. Ըմբոստութիւնը նո՛յնիսկ
Բաղեղնապատ վանքերու կամարին տակ կը փըրփրի:
Չորս ծագերու չորս գոռոզ Եկեղեցիքն աւասիկ
Իրարու դէմ անգա՛մ մ'ալ ընդդիմամարտ կը փըշրին:
Ո՜վ Պըռունո, այն խարոյկն՝ ուր սուրբի պէս այրեցար,
Եւ որուն կայծը ըսե՞մ բուրվառէ մ'իսկ դըրուեցաւ,
Այժըմ, վրէժիդ ի խընդիր, զայն կ'արծարծեն զաւակներդ,
Եւ անոր մէջ կը նետեն Հասուններու կեղծ ուրարն,
Աղերսարկու կոնդակներն, բոլոր թուղթերն իմաստակ,
Եւ յիշատակն արիւնոտ Գալուիններու, եւ մատնին
Քարձ Պապերուն, որով քսան դարեր ամբողջ կընքեցին
Ճըշմարտութեան լոյս բերանն, ու լոյս ըղեղը Մարդուն:
Պատրիարքներ գահազուրկ, Պատրիարքներ ընկեցիկ,
Որոնք եղան ներքինին Համիտներու Հարեմին,
Որոնք իրենց լանջախաչն արիւններով պըճնեցին,
Կը թաւալին աւասիկ ճակատագրին մըրըրկէն,
Եւ Մարդկութիւնն ողջակէզ, ու Մարդկութիւնը հերոս,
Ճակատագիրը իսկ է, արդարադատ Նեռն իսկ է՝
Զոր ինքն Աստուա՛ծ խոստացաւ, զոր ինքն Աստուա՛ծ ուղարկեց:

Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար, դե՛հ անցիր, եւ թող քու մէջ միշտ ապրին
Ջըղաձիգ մարտ, ողջակէզ, պայքար, անկում, յաղթանակ…
Յաւէրժութեան ծոցին մէջ Սափոր մ'ես, լի՛ արիւնով,
Ե՛ւ ըղեղով, ե՛ւ կամքով, ե՛ւ զոհերու հաւատքով:
Վառ հընոց մ'ես՝ ուրկէ դուրս, ճակտին դըրած Արշալոյս,
Պիտի Աշխարհը ելլէ նորոգուա՜ծ ու գեղեցի՜կ
Եւ պիտ' ըլլայ արժանի Արեւին շուրջ դառնալուն…

Ո՛վ Դար, ո՛վ Դար յուսագեղ, դու Մարդկութեա՜ն Առաւօտ…