ՎՀՈՒԿԸ
Ձեռքէս
բըռնեց
վըհուկն,
եւ
իր
Քարայրին
քով
ինծի
ըսաւ.
–«Ափիդ
մէջ
կայ
երեք
կընճիռ.
Երեք
ճամբայ
առջեւդ
ելաւ:
Մին
ցամաքէն
քեզ
կը
տանի
Լուսնի
լոյսով
մինչեւ
անտառ՝
Ուր
կը
պարէ
կոյս
մ'հոլանի…
Ցուպըդ
կոտրէ՛
ու
մի՛
երթար:
Միւսը
ծովէն
է
ակօսուեր.
Քեզ
կը
տանի
կըղզին
դալար՝
Ուր
կը
վազեն
ոսկի
գետեր…
Ղեկըդ
փըշրէ՛
ու
մի՛
երթար:
Երրորդ
ճամբան
է
երկինքէն.
Պարզէ՜
թռիչներըդ
սեփական.
Մինչեւ
աստղերը
սիրտդ
այրեն
Շարունակէ՛
դուն
այդ
ճամբան»:
