ՇԻՐՄԻ
ՄԸ
ՎՐԱՅ
Ամպի
մը
տակ
լուսինն
յանկարծ
կը
մարի,
Կը
լռէ
հովն,
ամէն
աստղեր
միառմի
Ասուպ
կ'ըլլան,
կ'ըլլան
վարդերն
ալ
վէրքեր:
Ով
անանուն
շիրիմ,
դու
որ
անտարբեր
Ու
երազկոտ
կը
նայիս
դէպի
երկին՝
Մարդիկ
այսօր,
ո՜հ,
գիր
առ
գիր
լըզեցին
Այդ
բառը
քու
քարիդ
վրայէն
սրբազան,
Ահա,
ինչո՞ւ
թէ
ճերմակ
է
մնացած
ան: