Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՂԹԱՆՔԻ ՁԱՅՆԵՐ

Հո՛ս է հըմայքն։ Եւ կը դառնան հոգիներ
Ադրիականի դէպ սա սիրուն կըղզեակի՛ս՝
Որ կը կըրէ ցընցուղն լոյսի կենսական
Եւ սուրբ մագնիս մ՚երախտիքի, մաղթանքի։
Ան՝ լըրթագոյն կուրծին վըրայ ջուրերուն
Բոցի ջահ մ՚է, զոր փախցուցին դէպի հոս՝
Արեան, կոծի, կողոպուտի Աշխարհէն,
Ինչպէս երբեմն Լուսաւորիչն՝ կեսարեայ։
՚Ի այսօր կու գան ահա անկեղծ հոգիներ՝
Եւ աւելի՝ որդիքն հերոս՟սերունդին,
Այրիացած Մորմ՚ զաւակներն շըղթայի։
Կու գան անուշ խընդութեան մի ըզգացմամբ
Զոր կը կըրեն սըրտերնուն մէջ թարմօրէն.
Պիտի մեկնին խընդի ուրիշ ըզգացմամբ
Երբ մաղթանքնին Յոբելեարին միանայ։
Կու գա՜ն, ցանցիր ճառագայթնե՜ր արիւնոտ,
Ջեռուցուելու մէկըզմէկէ իրարմով։
Անձա՜յն, միայն հըռըլտիւնի՜ շըրթունքներ,
Յօրինելու ձայն մը զըւարթ կեցցէի։
Կու գան ուրախ, պայծառադէմ, հեւհեւուն։
Եւ դուք, խընդրենք, Արհիապատիւ Տէր, առէ՜ք,
Մաղթանքն՝ որ Ձեր կեանքին համար բերեր ենք,
Եւ խորարմատ մեծարանքներն՝ Ձեր անձին։
Ձերին անձին՝ որ սքեմի մէջ՝ ջերմեռա՜նդ
Եւ վարդագոյն գըտակին տակ՝ գործունեա՜յ
Ըրաւ իրեն յիսուն տարին բեղնաւոր,
Մայիսի մէկ ճառագայթին պէս ջերմին՝
Որուն ներքեւ կը բացուին բիւր պըտկունքներ.
Որ երկդարեայ աբբայական ճոկանին՝
Վեցերորդ աջն եղաւ արժան եւ խոհեմ,
՚Ի յետոյ չորրորդ ճակատն՝ խոյրին նուիրական,
Որ մինչեւ ցարդ քաջալոյս շող մը մըտքի
Սեւեռած միշտ հեռո՜ւն իր նաւը վարեց՝
Խաչն ըրած ղեկ, եւ գիտութիւնն՝ առագաստ.
Հայուն գանգէն ի՛նքն ալ առած խորշ մ՚ամուլ՝
Վայրահակ, լուռ, լուռ գործողն է գործունեան,
Չափչըփեց զայն, եւ սերմանեց քըրտնելով։
Դըրաւ Հայկի աշխարհին ճիշտ դէմ դիմաց
Նազովրեցւոյն անհուն աշխարհն հոգեկան
Եւ բուռերով եւ խանդերով համակշիռ՝
Առջինին լո՜յս սըփռեց, վերջնոյն ալ՝ կնդրուկ։
Արդ, ո՜վ սըրտեր, ո՜վ եղբայրներըս դասի,
Կամ գիտութեան ո՜վ ծարաւի ընկերներս,
Որ, ո՛հ, կապրիք՝ ողջմըտութեան շողերով
Ապարօշի բըզըկտումին համար լոկ,
Եւ յոյսերով հայ ծիրանւոյն յօրինման…
Դուք՝ ժողվեցէք այսօր եւ նըման այսօրներ.
Դուք՝ ժողվեցէք Անոր համար՝ որ մէկն է
Դընողներէն հայուն վէրքին բալասան,
Առնողներէն հայուն ամպէն՝ սեւ քօղեր.
Ամէն ծաղիկ ցօղով լալկան, առտըւանց,
Միո՛յ արեւուն գըթոտ սըրտին չի՞ յառիր։
Եկէք՝ հիւսենք զոյգ մը մաղթանք միաբան
Արշալոյսի առջի ժըպտին պէս՝ մաքո՜ւր,
Քահանայի մը առաջին, կամ վերջին
Պատարագին նըման անկե՜ղծ եւ տրոփի՜ւն.
  - Տէ՛ր, հոս տեղի Ձեր պըսակին դափնիի
Թող յաջորդէ Երանութեան խոյրն երկնի.
  - Տէ՛ր, ինչպէս արդ Քըրիստոսի Յարութիւնն՝
Հասնիք օրհնել օր մ՚ալ հայո՜ւն Յարութիւնն։
3 ապրիլ, 1904