Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌԱԶՄԻ ՇԵՓՈՐ

Ա

Ընդո՛ստ, ոտքի՜։ Ամբողջ հեշտանքը քաղքին
Ագացեցէք. Ձեզի համար թող մեռնին
Վարդերը գիրգ, եւ թող պաղին ձեզ համար
Անկողիններն. ո՛վ Հայրենեացըս թըշուառ
Մատղաշ Ուժեր, երիտասա՜րդ Հոգիներ,
Թող առնական բիրտ կեանքն ըլլայ կեանքը ձեր
Հեշտօրօր երգը խեղդեցէք վայելքին…
Ընդո՛ստ, ոտքի՜։

Եղէք ուժեղ, շանթածի՜ն.
Մըկանունքով հըզօր, սըրտով վրիժառու.
Իբրեւ ծըծած կեանքն հազար արեւու.
Ձեր երակներն Եփրատի պէս թող հոսին,
Եւ Ձեր ռունգները վառոդի բարկ ծուխին
Թող բացուին լա՜յն. օ՛ն, ուզեցէք ռազմնարի
Ազատութեան, դընել նըժար նըժարի
Երկիրը ձեր, ձեր արեան հետ միասին.
Ուզեցէք ջինջ օդն ընդարձակ երկընքին,
Շանթի լոյսով վերելքն հընչուն ժայռերու,
Մըրրիկներուն մէջ բախումներն ահարկու.
Հեղեղներուն, սիրեցէք երգը հըսկայ.
Արծուի թեւերը ձեր վըրայ, ձեր վըրայ
Երկինքը բաց, երկինքը լա՜յն։

Բ

Օ՛ն, յառա՜ջ,
Եւ դուք, եւ դուք, գերութեան մէջ բազմատանջ
Ո՛վ լըլկըւած Սըրտեր, ձեզի՛, ո՛վ Վըշտեր,
Ձեզի՜ կ՚ըսեմ. դէպի կըռիւ, դէպ՚ դաշտեր.
Ձեզի կ՚ըսեմ. ծոցէն մութին, զըրկանքին
Ելլէք. կեանք չէ՛ այդ՝ լոկ ըստուերն է կեանքին
Ոստումով խրոխտ, մըռընչիւնով մը հըրձիգ,
Ելլէք բանտէն թաց, հիւղերէն սառուցիկ՝
Որոնց մէջ մորթը կը դեղնի անհրապոյր,
Եւ խեղճ հոգին, ջլատուած, փետո՛ւր առ փետուր
Կը մերկանայ, արծիւ որ չիղջ կը փոխուի.
Ելլէք մըգլոտ նըկուղներէն, նողկալի
Մարդկային որջ, կախաղանի խեղդանեն
Որով կեանքի սուրբ իրաւունքն աշխարհէն
Կը վերցընեն - (սոսկո՜ւմ, ոճի՜ր ժանտ եւ հին,
Որ կը դընէ մարդուս ամէն մէկ մազին
Ներքեւ զայրոյթ մը Աստըծոյ չափ մեծղի.
Յիմա՜ր եղեռն, եղեռն անարգ, հեստողի
Որ Ալլահին անուամբ կ՚ըլլայ ըսպաննող)։

Գ

Ո՛վ ժողովուրդ, ո՛վ հայ վիշապ, ո՛վ Դըժոխ,
Ոտքի՜, ոտքի՜, ալ ըսթափէ, հաւաքուէ,
Շողով միացիր, եւ խաւարէդ ալ լուծուէ.
Մինչ բիւր գըլուխ՝ մէկ սիրտ եղիր, յաղթ հիդրայ
Խորհէ. Պէտք է, եւ մըռընչէ. Պիտ՚ ըլլա՛յ.
Իբրեւ ովկիան, իբրեւ ջըրվէժ ու հեղեղ
Քու կենդանի ալիքներուն մէջ, ահեղ
Ամէն ժայռի դէմ պահէ մռունչ եւ բախիւն.
Թումբերն պատռէ, ժայթքէ փըրփուր ափերուն
Բիբերն հանէ քեզ կաշկանդող կրանիդին.
Անշարժութեան ճակտին ոռնա. Վա՛տ, անդի՜ն։
Լեցուր վիրապն՝ որ յորդանքիդ դէմ անյագ.
Միշտ կը բացուի, թափուր շիրիմ բոլորակ.
Ներշընչէ լոյս, արտաշընչէ հուր, մոլուցք.
Կոճղը խըլէ (արշաւիդ դէմ փայտէ բռունցք)
Ելիր քաղքէն ընկըղմելով ճամբուն վրայ՝
Կախաղան, գահ, ճընշող օրէնք եւ շըղթայ՝
Որ է՝ շիլ Մահը, Բըռնութիւն, Գերութիւն,
Փըտած հիմեր՝ որք կը բըռնեն Տէրութիւնն.
Եւ մաքրէ բեր կոհակներուդ ջուրովն հին
Արցունքն հայուն սեմէն, արիւնը՝ թուրքին.
Եւ տարածուէ՜. խընկարկութիւնն հովերուն,
Կորովն հողին, Սեւանայ բա՛շը փըրփրուն
Ընդգրկէ դու. երկընքին հետ միացիր…
Օ՛ն, մեծութիւնն ու լայնութի՜ւնն. օ՛ն, կարմիր,
Տե՛ս արշալոյսդ։ Խորտակէ լուծդ։ Ակռաներդ
Վագրի հորձքով թող պատըռտին փերթ առ փերթ
Ձեռքն որ ջանքիդ կէսը իրեն կը շորթէ.
Այգիի մէջ միշտ Բըռնակալը որդ է…
Ազատ քըրտնէ։ Եղիր զաւակ Թորգոմեան։
Սիրով ձուլուած դէպի յառա՜ջ յաղթական.
Դէպի Բնութիւն, ազատութիւն, դէպի շող,
Դէպի հունձքեր, դէպի հովերն ու Ստեղծող։
Լայն եւ ազա՜տ։ Շարժէ, խոպա՛, Ժողովո՜ւրդ,
Գաղափարի՛ առիւծ, ցատկէ ժայռ եւ խութ.
Յաղթ քայլերուդ առ հորիզոնն առաջնորդ,
Բարձրութիւնդ՝ աստղն, Մասսեաց վիհերն՝ իբրեւ պորտ.
Կըրունկին տակ լըքում լաց.
Եւ տարածուէ, եւ բաց թեւեր տիտանի.
Արգելքն թող իյնայ ոտքիդ տակ, թող մեռնի,
Ըլլայ սահման քեզ՝ Աստուա՜ծ…