Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՍԿԻԱՄԱՅՐ ԴԻՑՈՒՀԻՆ

Ո՛վ ինձ կու տար Ամանորի հրճուանքն հին
Նաւասարդի մարգարտավառ ջինջ առտուն,
Սոյրն եղջերուոց, վազելն ազատ եզներուն.
Ո՛վ ինձ կու տար հանդարտ ծուխը ծըխանին,

Գինով հոգիս՝ անլուռ բամբիռ՝ ցընծագին
Կը հագներգէ յուշն հինօրեայ տօներուն՝
Եւ կը փորձէ հընչել քնարն իմ թրթռուն՝
Վաղնջուց փառքն Աստուածուհւոյն ոսկեծին:

Ըզգաստութեան, իմաստութեան մա՛յր, թոյլ տուր
Ոգել պարծանքդ՝ հոգւոյս խանդովն երկնատուր,
Եւ քընարիս բիւր լարերը թող թընդա՜ն:

Յետամնաց վիպասանն եմ շուարուն…
Իցիւ շունչըս ձուլուէր երկնից հովերուն
Եւ յաւիտեա՜ն հընչէր նոր երգն այս Գողթան: