ԲԱՐՏԻՆԵՐԸ
Տանս
առջեւի
ջըրհորին
քով
Պապս
է
տընկեր
զոյգ
մը
բարտի.
Լոյսն
Աստղիկին,
դողդոջելով,
Անոնց
վրայ
նախ
կը
կաթի:
Այնքա՛ն
մօտիկ
են
իրարու՝
Որ
նոյն
սիւքով
կը
թրթըռան,
Մէկն
իր
երգը
երբ
որ
թողու՝
Միւսն
իր
շունչով
կ'աւարտէ
զայն:
Մըրրիկներուն
մէջ
հերարձակ
Գըրկըւած,
խո՜ր,
կը
հեծեծեն.
Եւ
կը
բըզզան
լուսնակին
տակ
Փեթակներու
պէս
լուսեղէն:
Հարսըս
ու
ես,
անոնց
կըրթնած,
Կը
նըստինք,
հոն,
ամէն
գիշեր:
Տերեւներն
յար
կ'երգեն
յուզուած
Այն
զոր
կը
զգանք
ու
չենք
ըսեր:
Մազերն
անոր՝
երբ
մազերուս
Խառնել
կու
գայ
յանկարծ
քամին՝
Զոյգ
բարտիները
սիրասոյզ
Աստղերուն
մէջ
կը
համբուրուի՜ն: