Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ԱՌԻՒԾ ԳԵՒՕՆ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

Վալլահ, էլ չեմ սպասեր։

Չէ, ախպերս, «մէկ շաբաթ սպասեցէք» պատուիրեց մեզ պարոն Լեւոնը։ Դեռ երկու օր ալ ունինք. եթէ խապար մը չելաւ, այն ատեն շատ լաւ, ճամբայ կ՚ելլենք։

Սարսախ սարսախ կը խօսիս,   բարկացան Առիւծ Գեւօն,   մէկ շաբաթն ալ անցաւ, երկուքն ալ։ Փառք Աստուծու, ես ալ խելք ունիմ, հաշիւ բռնել գիտեմ…

Գեւօ, Աստուածդ սիրես, մենք հինգշաբթի գիշեր եկա՞նք թէ չէ…

Հա՛, հինգշաբթի գիշեր։

Որ էդպէս է, ուրբաթ մէկ, շաբաթ երկու, կիրակի երեք, երկուշաբթի չորս, երեքշաբթի հինգ, էս օր էլ չորեքշաբթի…

Ծօ, աւանակ, ինծի Առիւծ Գեւօ կ՚ըսեն, դո՞ւն ինծի հաշիւ ընել պիտի սովրեցնես, ծօ՛, քեզի որ կ՚ըսեմ օխթը, ութը օր անցաւ, ուրեմն անցաւ, հասկցա՞ր, ալ բերանդ չբանաս… Բայց որ կ՚ուզես երկու օր մ՚ալ սպասել, քու խօսքդ թող էղնի։ Աստուած պելադ տայ, քեզի ընկեր չտուին ինձ, գլխուս փորձանք տուին, կոտոշով փորձանք։ Ի՜նչ ընեմ, ճտիս մեղքն ես, ճար չունիմ՝ պիտի քաշեմ…

Լեւոնի Սուրբ Խաչ վանքէն մեկնելու օրէն իսկ, Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան անվերջ շուն ու կատու խաղցեր էին։ Մարագի մէջ իրարու կողքի երկնցած՝ Առիւծ Գեւօն գիշերները կը լուսցնէր անընդհատ ծխելով եւ հայհոյելով Թոփալ Սատանային, որ յարդի վրայ երկնցած՝ հանգստօրէն կը խռկար։ Մեր Առիւծ Գեւօն մարագի մէջ բանտարկուելու անսովոր, կը պնդէր երթալու մասին։ Ան իւրայատուկ կերպ մը ունէր օրերը հաշուելու, որ սովորական թուաբանութեան հետ նմանութիւն չունէր։ Երկրորդ օրէն սկսած՝ կռիւը փրթաւ երկու ընկերներու միջեւ։

Ծօ՛, մեռելի տղայ, շաբաթը շատո՜նց անցաւ,   կ՚ըսէր Առիւծ Գեւօն՝ երկար բեխերը ոլորելով,   ի՞նչ նստեր ենք, երթանք Հայոց Ձոր Մոսոյի քով։

Թոփալ Սատանան մատներու վրայ օրերու հաշիւը բռնելով՝ վերջ ի վերջոյ կը համոզէր ընկերը դեռ օր մ՚ալ սպասելու։ Այդ օր սակայն, Առիւծ Գեւոյի համբերութիւնը մագլցեր էր սանդուխի ամենավերի աստիճանը, այլեւս Թոփալ Սատանայի մատի հաշիւներն ալ չէին զօրեր զայն համոզելու։

Որ գիշեր եղաւ, հայտա՛, ճամբայ կ՚ելլենք, հասկցա՞ր, Սատանայ։ Ա՛լ բերանդ չբանաս, վալլահ, ձեռքէս փորձանք մը կ՚ելլէ… էս քանի՜ շաբաթ եղաւ, նստեր՝ վանքի հացը կ՚ուտենք։

Թոփալ Սատանային կը մնար համաձայնիլ ընկերջ պահանջին, ալ աւելի զայն չգրգռելու համար։ Սակայն կէս օրուան մօտ, Կուռուպաշի Պաղտօն անակնկալօրէն յայտնուեցաւ վանքի մէջ։ Առիւծ Գեւոյի հետ հին ընկերներ էին։ Պաղտօն յայտնեց, որ Լեւոնէն լուր կայ, այդ գիշեր իսկ պէտք է Այգեստան անցնին։

Տեսա՞ր, խօսքը Առիւծ Գեւոյին ուղղելով ինքնավստահ շեշտով, ըսաւ Թոփալ Սատանան,   որ կ՚ըսէի սպասե՜նք…

Ծօ, ձէ՛նդ կտրէ՛,   թունդ բարկացաւ մեր Գեւօն,   իմ հաշիւովս հինգ վեց օր եղաւ գալերնիս, տահա մէկ երկու օր ալ ունէինք… Ա՛լ բերանդ մի բանար Թոփալ։ Հա՛ Պաղտօ, ուրեմն այս գիշեր կ՚երթանք։

Մթնելուն ես կուգամ, ձեզ առաջնորդելու։ Հիմա մէկ՝ վանահօր մօտ երթամ։

Քաղաք երթալու լուրը առնելով, այլեւս Առիւծ Գեւոյի քէֆին քէֆ չէր հասներ։ Փափախը ծռեց ու յանկարծ բռունցքի ուժեղ հարուած մը իջեցուց Թոփալ Սատանայի մէջքին։

Հը՞, Թոփալ, որ կ՚ըսէի համբերենք, քիչ մ՚ալ սպասենք, անշուշտ խապար մը կ՚ելլէ մեր պարոն Լեւոնէն։ Մէրը չմեռնի անոր. աշխարհ տակնուվրայ ընես, նորէն մէջտեղ կ՚ելլէ… Հապա ի՞նչ գիտցար, մե՛նք, հին յեղափոխականներս էդ թաւուր մարդ ենք։ Ծօ, մեզի գերեզման ալ դնեն՝ նորէն չհաւատաս, օխտը օրը չանցած, անկէ ալ դուրս գալու կերպը կը գտնանք։ Հէ՜յ, հէ՜յ, ասկէ աւելի ծանր օրեր տեսած է Առիւծ Գեւօն. ծօ, աս օրերը ի՞նչ են որ։ Երբ որ մեծ ջարդի տարին… Ծօ՛, բերանդ չբանա՞ս, ի՞նչ ես անլեզու հայվանի նման նստեր երեսիս կը նայիս. Հայր Աբրահամի կնի՞կը դարձար…

Ղովտի կնիկը,   ընկերջ սխալը ուղղեց Թոփալ Սատանան։

Ծօ քեզի ալ, Ղովտին ալ, Աբրահամին ալ բան մը պիտի ըսէի, մեղայ, մեղայ… բերանդ բաց, երկու խօսք խօսէ։

Ախպեր, մարդու կա՞րգ կուտաս խօսելու… Մէկ սաղ սալամաթ Այգեստան հասնէինք…

Հա՜յ հո՜ւյ, ծօ, Այգեստան ալ կ՚երթանք, աշխարհի ծէրն ալ. բաւական է որ Առիւծ Գեւոյի հետ ես… փափախդ ծռէ, քեզի էնպէս ապահով Այգեստան մտցնեմ որ ինքդ ալ չիմանաս…

Եանի ճամբան գիտե՞ս,   տարակուսած հարցուց Թոփալ Սատանան։

ճամբա՞ն մի, - Առիւծ Գեւօն ինքնավստահ կերպով ձախ ձեռքի ափը պարզեց ու աջի ցուցամատով սկսաւ գիծ մը քաշել ափին մէջ,   ծօ՛ Թոփալ, էս մեր վանքն է, էյ ըսէ՛, էս լէ Հաճի Պէքիրի Ղշլան է, ախպօրս ըսեմ, էս լէ ճամբան, հասկցա՞ր։

Է՜, լա՛ւ, ըսենք թէ հասկցայ։

Արդէն դու որ խելք ունենայիր դդում գլխուդ մէջ, էդ պոյին չէիր մնար։ Ես ալ մարդ գտայ՝ շունչ կը հատցնեմ քեզի համար… Ծօ, հա՛յվան, էս Ղշլան է, էս լէ Խոշապու ճամբան։ Ղշլան չհասած՝ քիչ մը աջ կը ծռինք, յետոյ շիտակ Այգեստան, պրծաւ գնաց… հիմա հասկցա՞ր…

Հա՛, հա՛ ախբերս, հասկցայ,   կարճ կապելու մտքով Գեւոյի հետ համաձայնեցաւ Սատանան՝ ընկերոջ բարկացած տրամադրութենէն գուշակելով, որ Առիւծ Գեւօն շուտով բռունցքի օժանդակութեան պիտի դիմէր, ըսածը հասկցնելու համար։

Հազիւ մթնած, մեր երկու բարեկամները Պաղտոյի հետ ճամբայ ելան ու առանց պատահարի հասան այգեստան, Փաշի փողոցը ու թագնուեցան այն պատանիի մօտ, որու հետ նախօրօք խօսած էր Լեւոնը։ Առտու լուսը չբացուած՝ Լեւոնը եկաւ ընկերներուն քով։

----

Այդ երեկոյ հազիւ մթնել սկսած, Մելօն եկաւ Լեւոնի մօտ, եւ երկուքը միասին դուրս եկան փողոց։ Մանտապուռի մէշէն անցնելով՝ քիչ ատենէն հասան Կլոր Դարի թրքական փողոցները, քայլերնին ուղղած դէպի Քաղաքամէջ։

Այդ շրջանի փողոցները բոլորովին ամայի էին։ Մելօն հեռատեսութեամբ այդ ճամբան ընտրած էր։ Ընդհանրապէս թրքական թաղերուն մէջ զինուորական հսկողութիւն գոյութիւն չունէր, եւ ինչո՞ւ էր պէտք հսկողութիւնը, երբ թուրքերը փատիշահի հոգեսուն զաւակներն էին, առանձնաշնորհեալ դիրքի մէջ, իսկ հայ յեղափոխականներն ալ ոեւէ ատեն այդ շրջաններով չէին անցներ։

Լեւոնն ու Մելօն, ամայի փողոցներով կէս ժամէ աւելի քալելէ վերջ, մօտեցան Հայկավանք կոչուած վայրին, որ ատենօք հայկական գերեզմանատուն մըն էր, ուր դեռ մէկ երկու տապանաքարեր կ՚երեւէին։

Հիմա պէտք է զգուշութեամբ շարժիլ, կը մօտենանք արդէն,   շշնջալով խօսեցաւ Մելօն,   Օհաննէսը անշուշտ մեզի կը սպասէ։ Ես առաջ կ՚անցնիմ։ Հինգ տասը քայլի վրայ հետեւէ ինձ. ես ինչ որ ընեմ, դուն ալ միեւնոյն կ՚ընես։

Մելօն առաջ ինկաւ։ Բաւական յառաջանալէ վերջ, ելան Սղգեայի Ջաղտէն։ Մարդ մարդասան չկար։ Խաւարի մէջ կ՚երեւէր քաղաքի արեւելեան պարիսպը։ Հոդ ճանապարհը ուղիղ եռանկիւն մը կազմած՝ երկու մասի կը բաժնուի։ Մէկ թեւը կ՚երկարի դէպի հիւսիս, Դաւրէժի Դուռ եւ Աւանց գիւղը, գլխաւոր նաւահանգիստը Վանայ ծովու վրայ, իսկ միւսը՝ գլխաւոր թեւը շեղակի կ՚իջնայ դէպի Թազա Դարկեախ կամ Նոր Դուռ ըսուած փողոցը, որու ձախ կողմը պետական շէնքերն են, կառավարչատունը, ոստիկանատունը, իսկ աջ կողմի վրայ քաղաքամէջը եզերող պազարը, պետական բանտը, որ ուղիղ քաղաքամէջի հարաւ-արեւելեան անկիւնը կը գտնուի, արեւելեան պարսպի ծայրը։

Ժամանակով Վան քաղաքը ամբողջովին շրջապատուած էր հողէ շինուած ժանիքաւոր շատ հաստ պարսպով մը։ Դարերու ընթացքին հարաւային պարիսպը քանդուած էր՝ հետզհետէ մեծցող քաղաքին տեղ բանալու համար։ Արեւմտեան կողմը դեռ կը մնար պարսպի կտոր մը, իսկ Արեւելեան պարիսպը, կամ Դաւրէժի Դրան կողմը, զարմանալի կիսաքանդ պարիսպով, իր կարգին պարիսպն ալ շրապատուած էր լայն փոսով մը։ Այդ փոսը ջրով կ՚ողողէին քաղաքացիք, երբ թշնամին մօտենար քաղաքի պարիսպներուն։

Ուրբաթ Առուն՝ Այգեստանը եւ Կլոր Դարը կտրելով անցնելէ վերջ, քաղաքի արեւելեան պարիսպէն տասնեակ մը քայլ հեռաւորութեամբ կ՚երկարի, ու Թազա Դարկեախ փողոցը լայնքէն կտրելով՝ կ՚երթայ կը միանայ Կուռուպաշի գետակին։

Սղգեայի Ջաղտէէն եկող մը, որ չ՚ուզեր Դաւրէժի դռնով քաղաք մտնել, անպատճառ պիտի անցնի այն տեղով, ուր Ուրբաթ Առուն՝ պարսպին քսուելով կամուրջի տակէն կ՚անցնի։ Այդ կամուրջը միացման կէտն է Սղգեայի Ջաղտէին եւ Թազա Դարկեախին, միեւնոյն ժամանակ արեւելեան պարսպի հարաւային ծայրը։ Ուղիղ այդ կէտի վրայ պարսպէն ներս շինուած է պետական բանտը, միայարկ ընդարձակ շինութիւն մը։

Ինչպէս ըսինք, Մելօն առջեւէն կ՚երթար։ Մէկ ալ Լեւոնը նկատեց, որ ընկերը չորեքթաթ՝ ատեն մը առաջանալէ վերջ, փոսի մը մէջ անյայտացաւ։ Լեւոնը հետեւեցաւ Մելոյի օրինակին։ Երբ մօտեցաւ փոսին, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Ուրբաթ Առուն, Մելոյի գլուխը բարձրացաւ փոսի մէջէն ու լսուեցաւ անոր շշնջոցը.

Զգոյշ վար ցատկէ, էս կողմը սարսափելի տղմոտ է։

Կուզէ կուզ, իրարու ետեւէ սկսան առուի հունով առաջանալ, մինչեւ որ հասան կամուրջին։

է՛, հիմա՞,   հարցուց Լեւոնը։

Մելօն չպատասխանեց եւ ընկերոջ ձեռքէն բռնած՝ մտաւ կամուրջի թանձր մթութեան մէջ։

Ծօ, Օհաննէս,   շշնջաց Մելօն,   ծօ, Օհաննէս…

Էստեղ եմ, Մելօ, ինչո՞ւ ուշացար, էդ հետինդ ո՞վ է…

Պարոն Լեւոնը… տէ, մի տնտնար, տնաքանդ, արդէն ուշացած ենք, շուտով ներս մտիր։

Կամրջի տակ սաստիկ մութ էր, Լեւոնը չէր կրնար բան մը զանազանել, նոյնիսկ Օհաննէսը, որու ձայնը սակայն շատ մօտէն կուգար։

Հետեւէ՛ ինձ, - լսուեցաւ Մելոյի ձայնը,   հա էդպէս, փէշէս բռնէ, հիմա ծունկի եկուր, գլուխդ վար պահէ, չորեքթաթ ծակէն ներս մտիր… շուտով ծակը կը լայնանայ…

Լեւոնը մեծ դժուարութեամբ Մելոյի քղանցքը բռնած՝ ծակէն ներս մտաւ։ Գարշելի հոտ մը կար հոդ։ Գրեթէ սողալով նեղ անցքէն, թերեւս տասնեւհինգ քայլաչափ առաջանալէ վերջ, Լեւոնը աւելի ազատօրէն սկսաւ շարժիլ։

Հիմա հանգիստ կրնաս կանգնիլ,   լսուեցաւ ՄԵլոյի ձայնը,   ծօ, Օհաննէս մոմպատը կպուր։

Սեւ ձիւթի նման թանձր խաւարը յանկարծ գունաթափուեցաւ, երբ Յովհաննէսը լուցկի մը զարնելով՝ մոմպատը վառեց։ Քիչ քիչ Լեւոնի աչքերը վարժուեցան՝ կէս խաւար լոյսով շրջապատը տեսնելու։

Երկարաւուն ընդարձակ սենեակ մ՚էր գտնուած տեղը։ Ոչ մէկ պատուհան կար, միայն առաստաղէն օդի պաղ հոսանք մը գուշակել կուտար, թէ վերէն բացուածք մը գոյութիւն ունի։ Սենեակի մէկ կողմը, յատակի վրայ, նոր փորուած հողի կոյտեր թափուած էին իրարու վրայ։ Երբ Լեւոնի աչքերը աւելի պարզօրէն սկսան տեսնել, ան նոր միայն նկատեց, որ այդ սենեակի հակադիր կողմերուն վրայ երկու անցքեր բացուած էին։ Անշուշտ ատոնցմէ մէկով ներս մտած լինելու էին, մտածեց Լեւոնը, բայց թէ ո՞րն էր մուտքի ծակը՝ այդ դժուար էր ըսել։

Էս ո՞րտեղ կը գտնուինք,   զարմացած հարցուց Լեւոնը։

Մելօն ու Յովհաննէսը զբաղած էին գետին թափուած քեանքեանի գործիքները հաւաքելով եւ պարկի մը մէջ լեցնելով։

Ինչ ըսի՞ր,   հարցուց Մելօն։

Էս ո՞րտեղ ենք։

Քաղաքի հինաւուրց պարսպի մէջ. էսպէս շատ ուրիշ սենեակներ ալ կան… Էս անցքը մեր բացածն է, դէպի բանտի բակի տակը կ՚երթայ… Հիմա էս կողովը վերցուր եւ հետեւէ մեզ։ Ծակը լայն բացեր ենք, կկզելու պէտք չունիս, համարձակ կրնաս քալել։

Իսկ ինչո՞ւ արտաքին մուտքը այնքան փոքր բացեր էք։

Չնկատուելու համար։ Երբ ամէն ինչ պատրաստ կը լինի, մէկ երկու ժամուան աշխատանք է լայնացնելը։ Տէ երթանք, արդէն ուշ մնացեր ենք։

Լեւոնը կողովը շալկած՝ հետեւեցան ընկերներուն։ Ծակը շեղակի բաւական մը վար իջնելէ վերջ՝ հորիզոնական ուղղութիւն մը կը ստանար։ Տասը քայլ անդին սակայն, բացուած անցքը կը վերջանար։ Մելօն ու Յովհաննէսը մօտեցան, քլունկով եւ կարճ փետատով սկսան աշխատանքի։ Հողի կարծրացած զանգուածը առանց դժուարութեան կը քանդուէր, երբեմն միայն խոշոր քարեր գործը կը դանդաղեցնէին։ Լեւոնը շարունակ կողովը կը լեցնէր հողով ու պարսպի միջի սենեակը վերադառնալով՝ կը դատարկէր յատակի վրայ։

Հինգ ժամ անընդհատ աշխատեցան արիւն քրտինք մտած՝ առանց հանգստանալու։ Անցքը վեց արշինով երկարած էր։

Է՛, էս օրուան համար այսքանը բաւական է,   ժամացոյցը նայելով ըսաւ Մելօն,   երեք բրէն պարոն Վահէի սենեակի տակ կը հասնինք։ Աստուծով հինգ վեց օրէն…

Իսկ հիմա ո՞րտեղ կը գտնուինք,   հարցուց Լեւոնը՝ ճակատի քրտինքը սրբելով։

Բանտի բակին կէսը հասանք։ Այդ բակը վրայ կը բացուին չորս ղովուշներու պատուհանները, թէեւ մուտքերը հակառակ կողմը կը գտնուին։ Երրորդ ղովուշի մէջ բանտարկուած է պարոն Վահէն։

Բայց չէ՞ որ առանձին չէ։

Ի հարկէ, չէ. իրեն հետ այդ միեւնոյն ղովուշին մէջ էն քիչը քսան-երեսուն հոգի մ՚ալ գտնուելու են…   Ի՞նչ կրնանք ընել. այդ մարդիկն ալ ուզենք չուզենք՝ պիտի ազատուին Վահէի շնորհիւ։

Այդ մասին մտածել իսկ չարժէ… Թող միայն Վահէն ազատուի, հետն ալ քսան մը բանտարկեալ…   Թերեւս այդ բանտարկեալները աւելի փոքր չարագործներ են. քան դրսի ազատութեան մէջ գտնուողները։

Երթա՛նք, ուշացանք,   գործիքները հաւաքելով ըսաւ Մելօն,   շատ ճամբայ ունինք երթալիք մինչեւ կոչնակի զարնելը։

Եւ երեքը միասին դուրս եկան անցքէն՝ սենեակին մէջ ձգելով գործիքները եւ մտան մուտքի նեղ անցքին մէջ։

----

Գետնափոր անցքին մէջ երկու օր աշխատելէ վերջ, Լեւոնը այլեւս հնարաւորութիւն չունեցաւ այդ աշխատանքին մասնակցելու։ Ստիպուած էր հեռանալ Փաշի փողոցէն, ուր իր եւ երեք ընկերներուն ներկայութեան լուրը բերնէ բերան տարածուած էր։ Ատկէ զատ իր ներկայութիւնը Այգեստանի կեդրոնական թաղի մը մէջ անհրաժեշտ դարձած էր։ Հարցն այն էր, որ դաւաճանը, գիտցած պահեստները կառավարութեան մատնելէ վերջ, աջ ու ձախ սպառնալով ահաբեկած էր ժողովուրդը եւ գտած ու կառավարութեան յանձնած էր երկու նոր պահեստներ եւս, որոնց գոյութեան մասին, ինք առաջուց գաղափար իսկ չունէր։

Այդ պայմաններու մէջ, ամէն բանէ առաջ, հրամայական անհրաժեշտութիւն մը դարձաւ հրէշի գործը վերջացնելը։ Լեւոնը կը գիտակցէր, թէ ինչ գնով ալ լինէր, պէտք էր այդ խնդիրը կարգադրել։

Փաշի փողոցը Այգեստանի ծայրը՝ մեկուսացած հանգամանք մ՚ունէր։ Լեւոնը իր ընկերներով եւ երկու նոր զինուորներով, որոնք պատանեկան խումբին կը պատկանէին, փոխադրուեցան Փոքր Քէնտիրճիի վրայ նայող տուն մը։ Տան պատուհանները կը բացուէին ուղիղ Սղգեայի Ջաղտի վրայ։ Այդ տունը յարմար դիրք մ՚էր հսկելու դաւաճանի քայլերուն, որ շրջապատուած զինուորներով ազատ համարձակ կը պտըտէր Սղգեայի Ջաղտի վրայ, թէեւ Այգեստանի ներքին փողոցները մտած ժամանակ ծայրայեղ զգուշութիւն կը բանեցնէր, նոյնիսկ կը ծպտուէր։

Առիւծ Գեւօն ու Թոփալ Սատանան հրացանները կողքերնին դրած՝ նստած էին պատուհաններու քաշուած վարագոյրներու ետեւ եւ անոնց արանքէն ուշադիր կերպով փողոցի անցուդարձի վրայ կը հսկէին։ Դաւաճանը եթէ երեւնար, առանց այլեւայլի պիտի կրակէին։ Այդ էր Լեւոնի կարգադրութիւնը։

Ծօ, Թոփալ, էս օր աչքս կը խաղայ… Վալլահ, էս օր խապար մը պիտի ելլէ…

Աջ աչքը որ խաղայ՝ խեր է կ՚ըսեն, ձախն որ խաղայ՝ շառ է։

Ծօ, աջ աչքս էր, առտու երկու անգամ խաղաց, վալլահ, էս օր խեր բան մը պիտի եղնի։

Անօթի հաւը երազին մէջ կուտ կը տեսնէ,   յօրանջելով փիլիսոփայեց Սատանան,   էս երկրորդ օրը եղաւ արձանի նման նստեր ենք… ոչ եկող, ոչ գացող…

Պարոն Լեւոնը ի՞նչ կ՚ընէ ներսը։

Ի՞նչ պիտի ընէ. նստեր՝ երկան երկան նամակներ կը գրէ… Գեւօ՛, գիտե՞ս քաղաքին մէջ ի՞նչ կը խօսին…

Առիւծ Գեւօն, ընկերոջը նայեցաւ հետաքրքրութեամբ։

Հա ծօ՛, ի՞նչ կը խօսին։

Կ՚ըսեն թէ պարոն Վահէն… լեզուս վրայ չ՚երթար՝ որ ըսեմ…

Հա՛, ես ալ լսեր եմ… Առիւծ Գեւօն երկար ա՜խ մը քաշեց,   Թոփալ էս շունը մեր մէջքը կոտրեց… Ծօ Վասակի ծնունդ, ա՜խ, մէկ մը դէմս ելլէիր։

Է, ի՞նչ կ՚ընէիր։ Շատ շատ կիւլլէ մը…

Չէ հա՛, սարսախ, կիւլլէն մարդու համար է, դէմդ կռուող դուշմանի համար. էդ Վասակը ծէրը սրցուցած ղազըխի վրայ պէտք է նստեցնել…

Որ ի՞նչ…

Որ քառասուն օր չարչարուելէ վերջը սատկի։ Տահա ատ ալ քիչ է… Հէ՜յ, հէյ, դաւաճան Դաւօ՛, որ մէկ ձեռքս անցնէիր, մէկ ղազխ մը սրցնէի, մէկ ղազխ մը սրցնէի…

Սուս Գեւօ՛, աչքդ բաց,   վարագոյրի բացուածքին մօտեցնելով դէմքը՝ շշնջաց Թոփալ Սատանան,   զօրք կ՚անցնի։

Սատանայի բռնած պատուհանը, տան անկիւնի մօտ բացուած լինելով, հնարաւորութիւն կուտար անոր, Ջաղտէի երկայնքով դէպի Համուտ Աղայի կողմը ինկած ընդարձակ տարածութիւն մը տեսնելու։

Տղա՛յ… պատանի նոր զինուորներէն մէկուն խօսքը ուղղելով հրամայեց Առիւծ Գեւօն,   շուտ գնա, պարոն Լեւոնը կանչէ… Ծօ, Թոփալ, շատուո՞ր են…

Տաս տասներկուք մը կան։ Հրացանները պատրաստ, աչքերնին աջ ու ձախ տնկած՝ կամաց կամաց կը շարժին… օհօ՜, օհօ՜… հըմ… բան մը կայ…

Ծօպ ի՞նչ կայ… համբերութիւնս հատցուցիր, շան զաւակ…

Զօրքի ետեւէն բեռցուած սէլ մը կուգայ…

Թոփալ, բե՞ռը ինչ է, դուն անկէ խապար տուր։

Հեռու է, չեմ կրնար ջոկել… համբերէ, սէլի ետեւէն ալ զինուորներ, տաս-քսան հատ մ՚՚ալ անոնք…

Լեւոնը այդ գիշեր հազիւ լուսացուցած՝ նստեր էր նամակներ գրելու Պիծային ու Գէորգին։ Մանրամասնօրէն նկարագրելով քաղաքի կացութիւնը, բանտարկուածներու վիճակը, Վահէի սպառնացող կախաղանը, դաւաճանի շահատակութիւնները, ժողովուրդի յուսալքուած վիճակը՝ Լեւոնը երկարօրէն կ՚անդրադառնար գործունէութեան նոր ուղղութեան մը, որու ծանրութեան կեդրոնը անհրաժեշտօրէն պիտի փոխադրուէր գաւառ՝ Կառկառ կամ Շատախի շրջանը։

Նամակները վերջացնելով՝ Լեւոնը քովը կանչեց տան փոքրիկ աղջիկը, հազիւ վեց տարեկան, Արտամետի խնձորի նման կարմիր թշերով պզտիկ մը, ու վար ճամբեց, որ թոնրատան մէջ սպասող պառաւ կինը իր մօտ ճամբէ։ Փոքրիկը ցատկռտելով դուրս ելաւ սենեակէն, ու քիչ վերջ դրան մէջ երեւցաւ պառաւ կին մը, ճմռթկուած դէմքով, հազիւ մերկութիւնը ծածկած հազար գոյնանի ցնցոտիի մէջ։

Այդ պառաւը ընթերցողի նախածանօթ Բերդակցի Ալմաստ մօրքուրն էր։

Հա՛, քէ մեռնիմ, պարոն Լեւոն,   ձեռքի փայտին վրայ կռթնելով մօտեցաւ պառաւը,   նամակները հա՞զր են…

Վերջացաւ, մարէ։ Հիմա ճամբայ կ՚ելլես, էս գիշեր կը մնաս Արտամետ կամ Սուրբ Վարդան, մէկէլ օր կը հասնիս Ախավանք… նամակներս կը յանձնես Աղթամարի նաւավար Մակարին։ Հասկցա՞ր, ուրիշ մարդու չտաս…

Ողորմի հօրդ, Ալմաստ մօրքուրդ էդքա՞ն ալ խելք չունի. գործիդ նայէ, դուն լապ ըսէ, ես լապլապուն կը հասկնամ։

Լեւոնը, երբ կը խօսէր Ալմաստ մօրքուրի հետ, պառաւի ձեռքէն փայտն առաւ, վարի ծայրի խցանը հանեց, նամակները ոլորելով կոխեց բացուած ծակին մէջ, դարձեալ խցանով ծակը գոցեց եւ փայտը երկարեց պառաւին.

Աստուած հետդ, մարէ… հիմա ճամբայ ե՛լ։

Աստուած քէ պախի… ես էղնիմ չեղնիմ որ ի՞նչ, դուն անուշ մնաս, ազգն անուշ մնայ։

Հազիւ թէ պառաւը մեկնած, Լեւոնը սկսաւ նոր նամակ մը գրելու պատրաստուիլ, երբ Առիւծ Գեւոյի ղրկած պատանի զինուորը ներս մտաւ՝ յայտնելով որ փողոցի  մէջ արտակարգ շարժում մը կը նկատուի եւ որ զինք կը կանչեն կողքի սենեակէն։

Վայրկենաբար չանթան հաւաքելով՝ Լեւոնը մտաւ ընկերներու գտնուած սենեակը։

Ի՞նչ կայ։

Թոփալ Սատանան առանց պատասխանելու աչքով փողոցի կողմը ցուցուց։ Լեւոնը երկար նայելու պէտք չունէր՝ հասկնալու համար սայլի եւ անոր ընկերացող զինուորներու նշանակութիւնը։ Անշուշտ այդ գիշեր դաւաճանը նոր պահեստ մ՚ալ ձեռք անցուցած էր։

Տղաք, չանթաները,   կարգադրեց Լեւոնը Թոփալ Սատանայի տեղը բռնելով, կապկպեցէք, բան չձգէք… թերեւս Դաւօն սէլը շրջապատող զօրքի մէջ գտնուի։

Առիւծ Գեւօն, անմիջապէս չանթան մէջքին կապելով, նորէն նախկին տեղը գրաւեց։ Հին հայդուկը, հրացանը ափին մէջ սեղմած, վարագոյրի ծայրը քիչ վերցուց եւ կատաղի հայեացքով փողոցի անցուդարձին հետեւեցաւ։ Ա՜խ թէ Դաւօն մօտեցող զինուորներու մէջ գտնուէր։ Առիւծ Գեւօն թերեւս աղօթեց ալ, որ իր ենթադրութիւնը ուղիղ դուրս գար։ Մինչ այդ, իր դիրքի պատճառով, մեր Գեւօն մօտեցող ոչ սայլը եւ ոչ ալ զինուորները կրնար տեսնել։ Մէկ ալ երեւցան փողոցի լայնքով ցրուած զինուորները, հրացանները պատրաստ բռնած, աչքերնին տան պատուհաններուն, շարքով կուգային, ամէն պատահականութեան պատրաստ վիճակի մէջ։

Զինուորներու տեսքը այն ազդեցութիւնը գործեց Առիւծ Գեւոյի վրայ, ինչ որ անսպասելիօրէն մօտեցող շուն մը, անկիւն մը սեղմուած կատուի վրայ կ՚ունենայ։ Անօրինակ կատաղութեամբ վառուեցան Գեւոյի աչքերը, դէմքը սպրթեցաւ, ու ատամները կճրտացնելով, հրացանի բունը սեղմեց ափին մէջ։

Շատ զաւակներ, շատ ծնունդներ, կը քրթմնջէր ինքնիրեն, վարի շրթունքը արիւնելու աստիճան խածնելով։

Բայց երբ զինուորներէն վերջ սայլը մտաւ Առիւծ Գեւոյի տեսողութեան սահմանին մէջ, բեռնաւորուած հրացաններու խուրձով, փամփուշտակալներով, մեր բարեկամի կատաղութիւնը չափ ու սահմանը անցաւ։ Առիւծ Գեւոյի աչքերուն առջեւ կանաչ կարմիր կայծեր երեւցան, աւելի շուտ բնազդօրէն, առանց ինքնիրեն հաշիւ տալու, հրացանը կռթնցուց ուսին ու նշան բռնելով՝ սայլը քշող զինուորի վրայ կրակեց։

Այդ մէկ հատիկ հրացանի պայթիւնը աննկարագրելի իրարանցում մը առաջ բերաւ։ Փողոցի զինուորները, իրար անցած՝ սկսան աջ ու ձախ կրակել ու փախչիլ դէպի ետ, սայլը ճամբու մէջտեղ ձգելով։ Պակաս շփոթութեան պատճառ չեղաւ անակնկալ հրացանի պայթիւնը սենեակի մէջ գտնուողներուն՝ մասնաւորաբար Լեւոնի համար, որ Թոփալ Սատանայի հետ ծունկ չոքած անկիւնի մօտ գտնուող պատուհանի առջեւ, վարագոյրի արանքէն զինուորներու անցքը կը դիտէին, դաւաճանը անոնց մէջ գտնալու յոյսով։

Առաջին մէկ երկու րոպէին ոչ ոք հասկցաւ կատարուածը։ Սայլէն քանի մը քայլ անդին երկու զինուորներ ինկած էին, իսկ մնացածներէն մաքրուած էր փողոցը։ Մէկ ալ Լեւոնը գլուխը ետ դարձուց, ու տեսաւ Առիւծ Գեւօն։ Դէմքը այլակերպուած՝ անվերջ հայհոյանքներ մրթմրթալով, Առիւծ Գեւօն կը շարունակէր կրակել. ծառներու արանքէն փախչող զինուորներու ետեւէն։

Գեւօ՛, դադրեցո՛ւր, տեղէն ցատկելով գոռաց զայրացած Լեւոնը,   այս ի՜նչ յիմարութիւն ըրիր,   եւ սակայն անմիջապէս զգաց, որ բարկանալու ժամանակը չէ, որ եղածը եղած է արդէն եւ պէտք է առիթէն օգտուիլ։

Թոփալ, տեղէք մի շարժիր. տղաք, ետեւէ՛ս, սայլի ապրանքը,   ու Լեւոնը դուրս թռաւ սենեակէն։

Բայց Առիւծ Գեւօն կանխած էր Լեւոնը։ Առանց փափախի, արծաթախառն մազերը հողին տուած, ան երկու ոստիւնով հասաւ սայլի քով եւ ձախ ծունկը գետին դրած՝ փախչող զինուորներու վրայ սկսաւ կրակել։

Լեւոնն եւ ընկերները երկ-երկու ցինկէ տուփեր գրկելով՝ տուն մտան եւ իրենց բեռները փողոց թոնրատան մէկ անկիւնը դրին։ Երբ կրկին անգամ փողոց վազեցին նորերը բերելու, Լեւոնը տան սեմին վրայ արձանացած կանգ առաւ։ Չտեսնուած պատկեր մ՚էր աչքին առջեւ պարզուած տեսարանը։ Կողքի տուներէն կին, երեխայ, նոյնիսկ պառաւ մամիկներ փողոց թափած էին, ու ինկած սայլին վրայ։ Քրքջալով, իրարու օգնելով, սայլի մէջ դիզուած ապրանքը կը կրէին տուն։ Նոյնիսկ Լեւոնի թագնուած տան փոքրիկ աղջիկը, երկու փամփուշտակալ շալկած՝ բեռան ծանրութեան տակ օրօրուելով, ուրախ ուրախ տուն կը վազէր։

Վարդուհի, էդ ի՞նչ կ՚ընես, աղջիկ,   որպէս թէ խոժոռած հարցուց Լեւոնը։

Երեխան վայրկեան մը շփոթած՝ նայեցաւ Լեւոնի դէմքին, շրթները վրայ բերաւ եւ պիտի սկսէր լալ, երբ Լեւոնի դէմքի վրայ մեղմ ժպիտ մը նկատելով՝ շրթները երկարած, թոթով լեզուով ըսաւ.

Խոլեմ թլքելու գլուխը… մել ապլանքն ի, ո՞ւլ կը տանին,   եւ հնչեղ ծիծաղով դռնէն ներս փախաւ։

Հազիւ մէկ երկու րոպէ անցած՝ սայլը բոլորովին դատարկուած էր եւ միայն մեծ թիթեղէն տուփ մը կը մնար վրան։ Թէեւ քանի մը կիներ փորձեցին այդ տուփն ալ շալկած փախցնել, բայց շատ ծանր լինելուն, թողուցին եղած տեղը։ Լեւոնը կարծես պարզ հանդիսատես մը լինէր։ Առաջին անգամ սայլի քով վազելէն վերջ, դրան կշտին յինած, տեղէն չէր շարժած։ Մինչ տեղացի երկու ընկերները կիներուն կ՚օգնէին, Լեւոնը կը մտածէր հետեւանքի մասին։ Առիւծ Գեւօն կարծես սայլէն չէր  ուզեր բաժնուիլ, անիւի ետին դիրք բռնած՝ հոն ալ գամուեր մնացեր էր։ Արդեօ՞ք վիրաւորուած է, ինքզինքին գալով մտածեց Լեւոնը ու հազիւ թէ երկու քայլ առաւ անոր մօտ երթալու, երբ փողոցի վերի եւ վարի կողմերէն բազմաթիւ հրացաններ պայթեցան, ու օդը լեցուեցաւ գնդակներու վզզոցի անախորժ ձայներով։

Գեւօ՛,   ինքզինք դրան մէջ նետելով՝ գոռաց Լեւոնը,   Գեւօ…

Առիւծ Գեւօն՝ աչքերը արիւնով լեցուած՝ վայրկեան մը նայեցաւ Լեւոնին, որպէս թէ հասկցած չլինէր Լեւոնի կանչին իմաստը ու դարձեալ սկսաւ կրակել, կուրծքը տուած սայլի անիւին։

Հա՛, եկայ…

Գեւօ՛, շո՛ւտ…

Գեւօն բոլորովին հանդարտօրէն հնգանոց թիթեղ մ՚ալ ամրացնելով հրացանի պահեստին՝ բթամատովը փամփուշտները վար մղեց եւ ատոնք ալ իրարու վրայ կրակելէ վերջ, ծանր ու մեծ բարձրացաւ տեղէն ու անհոգ քայլուածքով մը դէպի դուռը ուղղուեցաւ, մինչ բազմաթիւ գնդակներ վզզալով կողքէն կ՚անցնէին։

Գեւօ՛, շո՛ւտ…

Հա՛, պարոն Լեւոն։

Հազիւ թէ դրան մօտեցեր էր մեր Առիւծ Գեւօն, երբ Լեւոնի պողպատէ ձեռքը աքցանի նման ուսէն բռնած՝ դռնէն ներս նետեց զայն։

Շո՛ւտ, Գեւօ՛, տղաքներուն հետ պատուհանները բռնեցէք, ես հիմա կուգամ։

Թոնրատան մէջ, ուր սայլի վրայէն բերուած ապրանքը մէկտեղած էր, բազմաթիւ դրկից կիներ հաւաքուած էին։

Քոյրեր, լաւ գործ կատարեցիք,   թոնրատնէն ներս մտած, ժպտալով ըսաւ Լեւոնը,   բայց ձեր սկսած գեղեցիկ գործ կիսատ մի՛ ձգէք… Մենք դեռ ատեն մը զօրքը կը զբաղեցնենք, իսկ դուք ապրանքը կրեցէք Թերլեմեզենց այգին, լեցուցէք քէօշկին մէջ… Տէ՛, ձեզ տեսնամ։

Կիներէն ամէն մէկը բան մը վերցնելով՝ իրարու ետեւէ այգիի դռնով դուրս ելան։

Ժամանակն էր որ Լեւոնը վեր բարձրանար։ Սանդուխամատները երկերկու ցատկելով՝ Լեւոնը մտաւ տղոց սենեակը։

Հիմա արդէն կանոնաւոր կռիւ մը սկսած էր։ Սայլին հետեւող պահակները թէեւ առջի բերան փախած էին, բայց վրայ հասնող պահակախումբերով ուժովցած, փողոցի հակառակ կողմերէն հետզհետէ կը մօտենային դէպի սայլը, անընդհատ աջ ու ձախ կրակելով։

Սայլի դէպքն ու անոր յաջորդող կռիւը կանխամտածուած ձեռնարկ մը չէր եղած։ Առիւծ Գեւոյի անհաշիւ քայլը պատճառ դարձած էր անսպասելի կռուին։ Բախտաւոր ելք մը ունեցեր էր այդ դէպքը, եթէ միայն նոր բարդութիւններ չառաջանային։ Լեւոնը կարգադրեց, որ տղաքը գոհանան որոշ հեռաւորութեան մը վրայ պահելով զօրքը եւ խուսափին արիւնահեղութենէ, եղածը արդէն բաւական համարելով։

Առիւծ Գեւօն երիտասարդ զինուորներէն մէկուն հետ նախկին դիրքը բռնած էր, Թոփալ Սատանան միւս երիտասարդի հետ՝ անկիւնի պատուհանը։ Լեւոնը ոտքի վրայ, երբեմն մէկուն, երբեմն միւսին կը մօտենար՝ աչալուրջ հետեւելով զօրքի շարժումներուն, որոնք տան պատերու տակէն սողալով, փողոցի հակադիր կողմերէն զգուշութեամբ կը մօտենային։

Մէկ ալ փողոցի մէջ ընդհանուր գոռոց մը փրթաւ, ու զօրքը երկու կողմէն եաշասուն պոռալով վազեցին դէպի ճամբու մէջ մնացած սայլը։ Գետակցօրէն թէ անգիտակցօրէն, այդ ոչ ոք չի կրնար ըսել, մեր Առիւծ Գեւօն, հրացանի խողովակը դարձուց եւ սայլի վրայ մնացած թիթեղէ մեծ տուփին նշան բռնելով՝ կրակեց։

Յանկարծ կարծես սարսափելի երկրաշարժ մը հիմէն ցնցեց ամբողջ թաղը։ Զարհուրելի որոտում մը լսուեցաւ, տները երերացին, փողոցի վրայ գտնուած տուներու ապակիները փշուր փշուր եղան, ծառերու ջարդուած ճիւղերը օդը բարձրացան, բազմաթիւ տներու ծեփերը թափեցան։

Լեւոնը սենեակի պատին զարնուելով՝ գետին փռուեցաւ գրեթէ անզգայ վիճակի մէջ։ Թոփալ Սատանան ու ընկերը, որոնք դիրքը ճիշդ սայլի դիմացն էր, ամբողջովին ծածկուեցան առաստաղէն թափած կիրի ծեփով։

Առիւծ Գեւօն շշմած մնացեր էր նստած տեղը։ Հրացանը կողքին ինկած էր, գլխու փափախը քանի մը քայլ անդին։ Երկու ձեռքերով գլուխը բռնած՝ եղան նման կը տքար։

Վա՜յ, զարկուայ… մեռայ… վալլահ ես մեռայ…

Պայթիւնին հետեւեցաւ զարմանալի լռութիւն մը։ Ոչ մէկ հրացանի ձայն։ Ամբողջովին թաթախուած փոշիի մէջ, էն առաջ Լեւոնը ինքզինքը գտաւ ու ոտքի ցատկեց չորս բոլորը նայեցաւ։

Գեւօ՛…

Ախ, պարոն Լեւոն, ես մեռայ, ես զարկուայ…

Գեւօ ջան,   Լեւոնը երկու ոստիւնով ցատկեց Գեւոյի մօտ, գրկեց՝ ու տեղէն բարձրացուց զայն,   բան չկայ, Գեւօ՛, ոտքդ գետին դիր… բան չկայ.

Առիւծ Գեւոյի ճակտէն արիւնը առատօրէն կը հոսէր։ Ջարդուած պատուհանի ապակիի կտորներէն մէկը, խորունկ ճեղք մը բացած էր ճիշդ յօնքերուն մէջտեղը։

Թոփալ Սատանան, որ պարզապէս շշմած էր, ինկած տեղէն երերաց, ճիգ մը ընելով բարձրացաւ ու զարմացած չորս բոլորը կը նայէր։ Էս ի՞նչ էր պատահած իրեն հետ։

Լեւոնը Գեւօն թողնելով վազեց երիտասարդ զինուորի մօտ։ Տղան աչքերը բացած՝ կովի անիմաստ հայեացքով պիշ պիշ կը նայէր Լեւոնին, առանց տեղէն շարժելու։

Ծօ՛, Թոփալ, ես մեռայ,   սրտաճմլիկ ձայնով մը ըսաւ Առիւծ Գեւօն,   ես մեռայ, տնաքանդի տղայ։

Չէ, հա,   Գեւոյի ճակատէն վազող արիւնը տեսնելով՝ վախեցած պոռաց Թոփալը, ցատկեց ընկերոջ մօտ ու գրկեց զայն,   Գեւօ, Գեւօ ջան…

Գլխէս զարկուայ…

Պինդ կեցիր, Գեւօ ջան, բան չկայ…

Ես պիտի մեռնիմ, Սատանայ, ես պիտի մեռնիմ։

Գեւօ՛…

Գիտէի գլխուս գալիքը, արդէն առտու ձախ աչքս խաղաց… Օ՜ֆ, ես մեռայ, կիւլլէն ճակտէս մտաւ,   ու Գեւօն ձեռքը ճակատին քսելով՝ շշմած հայեացքով կը նայէր սեփական արիւնին։

Ձախ աչքդ չէր, ԳԵւօ դուն ըսիր որ աջ աչքդ խաղաց…

Չէ, ձախն էր…

Աջը ըսիր…

Ծօ՛, ես քու…, - բարկութեամբ ոտքի ցատկեց Առիւծ Գեւօն՝ բոլորովին մոռցած, որ ինք մեռած կամ մեռնելու մօտ էր, որ կիւլլէն ճակատէն անցած էր։

Բայդ օդի մէջ բարձրացած բռունցքը այն դիրքով ալ մնաց յանկարծ, ու Գեւօն բոլորովին ինքզինք գտած՝ ապշած ընկերոջ երեսն ի վեր բարձրաձայն ծիծաղիլ սկսաւ.

Ծի, սարսախ, կատակ կ՚ընէի։

Քիչ թէ շատ շշմած, բայց բոլորն ալ ոտքի վրայ, կրկին հրացանները ձեռք առած էին։ Լեւոնը կիսաքանդ պատուհանին մօտենալով՝ փողոցը դիտեց։ Կառքի հետքն իսկ չէր մնացած. ճամբու վրայ խորունկ փոս մը կ՚երեւար միայն, որ առաջ չկար, ու շրջակայ ծառերու ճիւղերէն կախուած՝ թշուառ եզներ պատառ պատառ եղած մսերը, փորոտիքը։

Փողոցը բոլորվին ամայի էր։ Թուրք զինուորներու մէկ մասը Համուտ Աղի ղշլան ապաստանած էր, միւս մասը՝ շունչը առած Խաչ փողոցի պահականոցը։

Մենք քաշուինք,   կարգադրեց Լեւոնը. - քանի զօրքը սահմռկած է, հեռանանք։ Տղաք փամփուշտի դատարկ կեղեւները հաւաքեցէք, հետք մը չմնայ։ Տէ՛, Գեւօ, առաջ անցիր։