Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱԽԱՂԱՆԸ

Խատիճէն Վահէի ձերբակալուելու հետեւանքով, շաբաթներէ ի վեր իսկական դժոխք մը կ՚ապրէր։ Թէեւ Լեւոնի հետ ունեցած տեսութենէն վերջ սրտին մէջ յոյս մը ծագեր էր Վահէն ազատուած տեսնելու, բայց ամէն անցած օր իր ունեցած հաւատքէն բան մը հետը կը տանէր։ Ամէն օր սովորական ժամուն, կուգար Սոնիայի մօտ։ Կուգար անոր քովը ազատօրէն լալու, սրտի դառնութիւնները թափելու Սոնիայի առջեւ, մինչ տանը մէջ, ամուսնոյն ներկայութեանը պէտք էր ուրախ, խնդումերես երեւնար։

Այդ ծանր ապրումներու շրջանին, Խատիճէի միակ մխիթարութիւնը Սոնիան դարձած էր։ Կէս օրէ վերջ կուգար Սոնիայի մօտ, դէմքը երկարած, աչքերը շատ լալէ սովորական փայլը կորսնցուցած, երեխայի նման կը փարէր անոր եւ հոնգուր հոնգուր կ՚արտասուէր։ Բայց ամէն անգամ ալ բարեկամուհիին խօսքերէն յուսադրուած՝ մեղմօրէն ժպտելով կը մեկներ։

Սոնիան, թէեւ Վահէն փախցնելու ծրագրի մանրամասնութիւններուն անծանօթ էր, բայց գիտէր որ, Լեւոնի եւ ընկերներու կողմէ ինչ որ գաղտնի աշխատանք կը կատարուէր։ Այդ արդէն որոշ գրաւական մը կը համարէր յաջողութեան։ Վերջի օրերը, աւելի շուտ բնազդօրէն, կը զգար, որ ձեռնարկի պահը մօտեցեր է։

Այն օրը, երբ քիչ վերը նկարագրուած անցքերը տեղի կ՚ունենային բանտին մէջ, Յակոբը Լեւոնէն տոմսակ մը բերաւ Սոնիային։ Երկտող մ՚էր։ Լեւոնը այդ գրութեամբ կը խնդրէր, որ եթէ հնարաւոր է, Սոնիան համաձայնի իր մօտ պահել, քանի մը օրուան համար, երկու շատ կարեւոր ընկերներ։ Սոնիան ուրախութեամբ համաձայնեցաւ, բայց երբ Յակոբը յայտնեց, որ ինք այդ գիշեր ստիպուած է դուրսը անցընել ու հազիւ թէ լուսաբացի մօտ պիտի կրնայ վերադառնալ, Սոնիան անմիջապէս գլխի ինկաւ, որ այդ երեկոյ անսովոր դէպք մը տեղի պիտի ունենայ։

Բացակայութիւնդ վնաս չունի, ես առանձին ալ կրնամ մնալ, բայց անկեղծ կերպով ըսէ, Յակոբ եղբայր, դու գիտե՞ս թէ այդ երկու փախստականները ովքե՞ր են։

Հա, անշուշտ, ծոծրակը քերելով տատամսոտ պատասխանեց մեր Ուրանցցի բարեկամը։

Կրնա՞ս ինծի ըսել, չէ՞ որ վերջապէս ես պիտի տեսնեմ զիրենք, ինձմէ ծածկելը իմաստ չունի։

Անշուշտ կրնամ ըսել, չեմ կարծեր թէ պարոն Լեւոնը քեզմէ ծածկել ուզէր։ Այս գիշեր, ու Յակոբը ձայնը ա՛լ աւելի ցածցնելով՝ Սոնիայի ականջին բաներ մը փսփսաց։

Օ՜, ուրախացած բացագանչեց Սոնիան ու աշխուժով ձեռքերը իրարու շփեց,   ուրեմն ամէն ինչ պատրաստ է…

Այո՛…

Մինա՞կ պիտի երթաս, թէ ընկերներով։

Անշուշտ ընկերներով։

Իսկ պարոն Լեւո՞նը

Ի հարկէ միասին։ Այո՛, մութը կոխելուն կը մեկնիմ անոր մօտ։ Յետոյ, չորս ընկերներով կ՚երթանք քաղաքամէջ։ Քու մասիդ կը մտածեմ։ Մինակ պիտի մնաս, օրիորդ։ Ափսոս որ Մարիամը մօտդ չես կրնար պահել… շատախօս է… գիտցածն ու չգիտցածը դրկիցներուն կը պատմէ։

Իմ մասին բնաւ մի մտահոգուիր, ես մինչեւ ձեր վերադարձը արթուն կը սպասեմ, միայն կը խնդրեմ որ ըսես՝ Լեւոնին վտանգ մը… ըսել կ՚ուզեմ,   Սոնիան աճապարեց ըսածը ուղղել, դէմքը բոլորովին շառագունած,   ըսել կ՚ուզեմ թէ՝ գնացողներուդ վտանգ կը սպառնա՞յ, թերեւս հանդիպում մը ունենաք։

Հազիւ թէ, ապահովցուց Յակոբը,   մինչեւ Քաղաքամէջ պիտի երթանք, այդքան միայն, թէեւ ո՞վ գիտէ, կրնայ միշտ անակնկալ մը պատահիլ։ Է՜հ, շատ դարդ մի ըներ, մենք աւելի ծանր օրեր տեսած ենք…

Երանի յաջողէիք։ Երթալէդ առաջ Շէյթանը թոնրատան մէջ կապէ, նորէն օյին մը չխաղայ մեր գլխուն։

Կէս օրէ վերջ սովորական ժամուն եկաւ Խատիճէն։ Անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին զգալի կերպով փոխուած էր մանկամարդ կինը։ Սաստիկ նիհարած, դէմքին վրայ ապրած տառապանքը խոր գծերով դրոշմուած էր։ Հազիւ Սոնիայի հետ առանձնացած՝ փարեցաւ ընկերուհիին եւ գլուխը յենած անոր կուրծքին՝ սկսաւ արտասուել։

Նո՛ւ, հրեշտակս,   փաղաքշելով ընկերուհիին մազերը շոյեց Սոնիան,   նու, սիրելիս, հանդարտէ… շատ լաւ լուր մ՚ունիմ քեզի հաղորդելու։

Սոնիա, ա՜խ, Սոնիա,   ու մանկամարդ կնոջ աչքերը դեռ արցունքոտ, նոր յոյսով մը վառուեցան,   պարոն Լեւոնէն լուր կա՞յ, այս որքա՜ն երկար սպասեցի, եթէ միայն գիտնաս թէ ինչ  սարսափելի դժոխք մը կ՚ապրիմ, ցերեկը հանգիստ չունիմ, գիշերը՝ քուն։

Երեխա՛յ, կարծես միայն դու կը տառապիս, չէ՞ որ Վահէն մեր ալ թանկագին ընկերն է։

Գիտեմ, Սոնիա, գիտեմ. բայց իմ ցաւս, ապրած սարսափս… երբեմն աչքերս կը գոցուին, ու կոշմար երազ մը, զարհուրելի պատկեր մը կը ցցուի առջիս…

Շուտով ատոնք անցած երազ մը կը դառնան։

Ուրեմն պարոն Լեւոնէն լուր մը կայ, ի՞նչ կ՚ըսէ, ի՞նչ լուր։

Այս երեկոյ, շշնջաց Սոնիան,   այս երեկոյ պիտի փախցնեն Վահէն ու ընկերները։ Նախապատրաստական աշխատանքները լրացած են, ու ամէն ինչ պատրաստ է։

Այս… այս… այս երեկոյ,   ու Խատիճէն յորդառատ արցունքներ թափելով՝ մէկ կը ծիծաղէր, մէկ կը գրկէր ու գորովանքով կը համբուրէր Սոնիան,   Սոնիա, հրեշտակս… Աստուած իմ, ուրախութենէս պիտի խենթանամ, մի՞թէ ճշմարիտ կ՚սես, Սոնիա, անգինս, Վահէն պիտի ազատի…

Համբերէ, օր մ՚ալ համբերէ, Խատիճէ, պիտի տեսնես որ ամէն ինչ յաջող պիտի վերջանայ, դու ալ պիտի մոռնաս այս արցունքները, տառապանքդ։

Բայց Սոնիա, անգինս, ես ինչպէ՞ս համբերեմ մինչեւ վաղը, ինչպէ՞ս համբերեմ… գէթ քանի մը խօքով փախուստի մանրամասնութիւնները յայտնէ։ Ինչպէ՞ս պիտի փախցնեն… խօմ վտանգաւոր չէ՞…   Ախ, եթէ գիտնաս, որքա՜ն արիւն արցունք լացի ես շաբաթներէ ի վեր… ուրեմն, այս գիշեր ազատուած կը լինի, Վահէն ազատուած կը լինի։ Է՛ն, է՛ն սարսափելի բանը, գիշեր ցերեկ աչքիս առջեւ է,   ու Խատիճէն ակամայ դողաց ու աչքերը զարհուրանքով լայն բացուեցան. ցերեկը աչքիս կ՚երեւայ, գիշերները երազիս մէջ… Թող Վահէն փրկուի միայն, ես այլեւս ոչինչ, ոչինչ կ՚ուզեմ…   բայց անցնի այս կոշմարը, իմ Վահէս ազատի։

Մթնիլ սկսած էր, երբ Յակոբը վեր բարձրանալով՝ յայտնեց, որ կառքը եկած է եւ Հիւսէյին բէկի ծառան խանումին կը սպասէ։ Բաժնուելու պահուն Խատիճէն գրկեց Սոնիան եւ ականջին փսփսաց.

Սոնիա, անգինս, եթէ կրնաս, առտու հանդիպէ կամ լուր մը ղրկէ։

Անշուշտ… թէեւ ատոր պէտք չես ունենար, իմ գալէս առաջ ինքդ կը լսես արդէն։

Խատիճէի մեկնելէն քիչ վերջ, Յակոբն ալ այգիներով ճամբայ ելաւ, Լեւոնի մօտ երթալու համար։ Այդ օր ընկերներով Սաթենիկենց տունը թագնուած էր Լեւոնը։ Կարգին մթնած էր, երբ թոնրատան դուռը ճռնչալով բացուեցաւ եւ Յակոբը ներս մտնելով՝ քիւրսիի շուրջը շարուած գտաւ ընկերները։

Հա, եկա՞ր Յակոբ, մենք ալ քեզի կը սպասէինք, գլուխը վեր վերցնելով ըսաւ Լեւոնը ու նորէն իր աշխատանքին դարձաւ, մինչ ընկերները զայն չխանգարելու համար՝ ցած ձայնով կը շարունակէին իրենց խօսակցութիւնը։

Վա՜հ, Տաճա՛տ, դո՞ւն  ալ հոս,   ուրախացած մօտեցաւ Յակոբը եւ գրկելով պատանին՝ ջերմօրէն համբուրեց,   ապրիս, տղամարդու  գործ տեսար…

Տահա ինչե՜ր պիտի ընէ,   ինքնաբաւականութեամբ երկար բեխերը շոյելով ըսաւ Առիւծ Գեւօն, քովը տեղ բանալով որ Յակոբը նստի,   մէկ երկու ամիս որ ձեռքիս տակ մնայ, առիւծի ձագ պիտի դարձնեմ Տաճատը, դուն վերջէն պիտի տեսնես թէ դեռ ինչեր պիտի ընէ աս տղան։ Առիւծ Գեւօն մարդու աչքին մէջ նայելով ինչ ջուրի մարդ լինելը ոէկէն կը հասկնայ։ Այս տղուն խմորը ուրիշ խմոր է. մեծ ախպօրս ըսեմ, մենք ալ ժամանակին ասոր պէս, կրակի մէջ նետուող լակոտ էինք։ Հէ՜յ, հին ժամանակներ, մեծ կոտորածի տարին, որ Իւչ Քիլիսէ ուխտի կ՚երթայի…

Պէ՛ ախպեր, դուն ալ նորէն Իւչ Քիլիսէէն սկսար,   Առիւծ Գեւոյի խօսքը կտրեց Թոփալ Սատանան, մէկ Յակոբը լսենք, որքա՜ն եղաւ որ իրար չենք տեսած։

Ծօ՛, նորէն քեզի ի՞նչ գրողս դիպաւ,   Թոփալ Սատանային սաստեց Գեւօն,   մարդ քովդ բերանը բանալու չէ։ Է՜ Յակոբ, Ղզլճայի կռիւէն ասդին իրարու հանդիպած չէինք. քէֆդ, հալդ, մեծ ախպեր։

Է՜, կ՚ապրինք, Գեւօ… Ե՞րբ պիտի շարժուինք…

Առիւծ Գեւօն առանց պատասխանելու Լեւոնի կողմը նայեցաւ, որպէս թէ ըսել ուզէր, ախր ես ի՞նչ գիտնամ՝ ասոր հարցնելու է։

Յակոբ, կ՚ուզե՞ս փարթի մը թրիֆ խաղանք,   Առիւծ Գեւօն առանց սպասելու որ դիմացինը հաւանութիւն յայտնէ, փափախի մէջէն իւղոտ քարտերու ծրարը հանեց ու սկսաւ խառնել,   էս Թոփալ Սատանան հիչ մէջէն չէ, արդէն ծտի չափ խելք ալ չունի։

Եա՛, էս օր վեց փարթի տարի, դեռ երես ալ ունիս կ՚ուրանաս։ Հը՞, էնպէս չէ՞, Տաճատ…

Ծօ, Կաճէտու ծուռ,   աչքերը բարկութեամբ ոլորելով, ընկերոջ խօսքը կտրեց Առիւծ Գեւօն,   ծօ, դուն ո՜վ, զիս յաղթողը ո՜վ, ես էնպէս հանաքի համար երբեմն կը ձգեմ որ… Յակոբ, թուղթը կտրէ՝ նայիմ…

Վազ անցիր, Գեւօ, թերեւս հիմա ճամբայ ելլենք… Իմ զէնքերս ո՞ւր են…

Էս տղու ձեռքի հրացանը պիտի վերցնես,   Առիւծ Գեւօն տեղացի երկու պատանիներէն մէկը մատնանշեց. - էս ու Տաճատը հոս պիտի սպասեն։ Դեռ ատեն կայ ճամբայ ելնելու, բայց քանի որ չես ուզեր խաղալ… խօսքդ թող լինի։ Հէ՜յ անցած օրեր կը յիշե՞ս, Յակոբ, ինչ գեղեցիկ կարճ կազակի մոսին մը ունէիր ձեռքդ Ղզլճայի կռուին։ Բոլոր հայդուկներու աչքը վրան էր… Ախպեր, ի՜նչ մեղքս պահեմ… մտքէս կ՚ըսէի, Աստուած չընէ, եթէ Յակոբին բան մը պատահելու լինի, ձեռքի հրացանը ես պիտի վերցնեմ։ Զօռ կռիւ էր, լաւ ջարդեցինք, բայց մենք ալ ի՜նչ տղաք կորսնցուցինք, ամէն մէկը մէկ մէկ ասլան։

Առիւծ Գեւօ,   անհամարձակ խնդրեց Տաճատը, բերնէ բերան լսած եմ այդ կռուի մասին։ Եթէ պատմէիր…

Ծօ՛, տղաս, քեզի չպատմէ, ալ որո՞ւն պատմէ Առիւծ Գեւօն, ու փափախը կողքի ծռելով՝ սկսաւ Առիւծ Գեւօն։

Տաճա՛տ, տղաս, երեք օրէ ի վեր անօթի էինք…   Գործոթի կռուէն վերջ անցանք Յաղթայ տաղ, ցերեկ մը հոն մնացինք, անկէ ալ անցանք Ղզլճայի լեռը։ Անօթութենէ փորերնիս վընկ վընկ կ՚ընէր… Գէշ աղէկ բարձրացանք սարը… Պարոն Գէորգը երեք մասի բաժնեց խումբը… Հէ՜յ, լուս իջնայ վրադ, Նիկոլ ջան, ոնց որ մարգարէ։ «Գեւօ», ըսաւ, «էս օր կամ բան մը կը գտնանք ուտելու կամ քիւրտերը մեզի կ՚ուտեն»… Մեր տասնեակը Կոճայ կողմը դիրք բռնած էր։ Ամէն մէկս գէշ աղէկ դիրք մը բռնած՝ կը սպասէինք։ Քանաքեռցի Յակոբը ինձմէ երկու քայլ հեռուն քարի մը տակ պառկած էր։ «Վալլահ, տեղէս չեմ շարժիր կ՚ուզէ քիւրտը գայ, կ՚ուզէ թուրքը, անօթութենէ աչքս խաժ մաժ կը տեսնէ», կ՚ըսէր ողորմած հոգին… Համբարը, որ հարցնես, աժդահար հասակով երեսն ի վար պառկած՝ տքալով փորը կը տրորէր… Ծօ՛, աւանա՛կ, կը բարկանամ վրան, կարգին նստէ, էր ի՞նչ անճոռնի ձէներ կը հանես։ «Մեծ ախպեր, կ՚ըսէ Համբարս,   փորիս մէջ քամի կայ»։ «Ծօ՛, կ՚ըսեմ, քամին էդ դդում գլխիդ մէջն է. ել, տեղդ շէնքով շնորհքով նստէ»… Էս Թոփալ Սատանան ալ անոր քովը երկնցած՝ շան պէս կը վնկար…

Հա՛, դուն ալ ուրիշներու չանթաները կը խառնշտկէիր՝ բրդուճ մը հաց գտնելու համար,   Գեւոյի խօսքը կտրեց չարացած Թոփալ Սատանան,   դէմքդ չոր չարխի նման ճմրթկած էր, փորդ մորդ հալած, բարակացաւ ունեցողի նման դեղնած կ՚երեւէիր…

Սո՜ւս, ծօ՛, ուղտի կաշին նորէն իշու բեռ մը կը լինի. դուն ալ ատեն սատկած շան նման կ՚երեւայիր աչքիս… հիմա ալ արդէն մեծ բան մը չես, բաւական է որ ուժով մը փչեմ՝ տեղէդ կը թռչիս… Հա, Տաճատ, տղաս, ոչ ոքի վրայ հալ չէր մնացեր շարժելու…

Հապա վարժապե՞տը…

Առիւծ Գեւոյի խոժոռ դէմքը զարմանալի քնքուշ արտայայտութիւն մը ստացաւ, երբ վերյիշեց Վարժապետը, այն քնքուշ, մեղմ պատանին, որուն սակայն այնքա՜ն կը նեղացնէր ինք։

Հա՛, երկնքի լուսերուն մէջ խաղայ անոր հոգին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի աթոռին առջեւ…

Գեւօ՛, Գեւօ՛,   սաստելով ընկերոջ խօսքը կտրեց Թոփալ Սատանան,   ծօ, մեղք մի գործեր… Վարժապետւ փռոտ էր…

Առիւծ Գեւօն շշմած՝ վայրկեան մը ունկնդիրներուն նայեցաւ։ Իսկապէս, Վարժապետը փռոտ էր։ Արդեօ՞ք անոր հոգին ալ հայ քրիստոնեաններու նման եօթերորդ երկինքը կրնար բարձրանալ, ուր Հայր Աստուածը, Յիսուս Քրիստոսը, Մարիամ Աստուածածինը ու բոլոր սուրբերը իրենց յատուկ տեղերն ունէին։ Այս, շատ բարդ հարց մ՚էր Առիւծ Գեւոյի համար։ Աչքերը խոժոռած նայեցաւ Թոփալ Սատանային, որ յիմարաբար այսքան ծանր խնդիր մը մէջտեղ նետած էր։ Բարկութեամբ փափախը յօնքերուն վրայ բերաւ ու բռունցքը քիւրսիի վրայ իջեցնելով՝ վճռական ձայնով մը շարունակեց.

Փռոտ մրոտ չեմ գիտնար. Աստուած լուսաւորէ մեր Վարժապետի հոգին, աջակողմեան սուրբերու դասին մէջ Սուրբ Գէորգի մօտ աթոռ մը տայ անոր։ Աղջկայ պէս համեստ, ասլանի սիրտ ունէր մեր Վարժապետը… «Քա, հարս, էդ ի՞նչ կ՚ընես», խնդալով կը հարցնեմ անոր։ «Մեծ ախպեր», կ՚ըսէ մեր Վարժապետը, գլուխը վեր առնելով, «բանջար կը քաղեմ. էս խոտերը կ՚ուտուին»… Վա՜խ, ինչ ասլան տղաքներ կորսնցուցինք էին քամբախտ կռուին մէջ… Մէկ ալ կռիւը սկսաւ Հէ՜յ, հէ՜յ, անօթի սատկած տղաքը մէկ մէկ ասլան կտրեցան։ Թֆանքը վերցնողը քարի մը տակ չոքեցաւ… Մեր դիրքը էն առաջօք էր։ Սարը բարձրանալուն՝ աչքիս հանդիպած էր այդ տեղը, մտքէս ըսի՝ էս տեղը բռնելու յարմար դիրք մ՚է…

Պարոն Գէորգը ընտրեց դիրքերը,   Գեւոյի քիչ առաջուան ըսած խօսքերէն նեղացած՝ Թոփալ Սատանան ընմիջեց զայն, ուզելով ցոյց տալ, որ Գեւօն պատմած ատեն իր դերը կը չափազանցէր։

Որ ի՞նչ… հելէ դու խօսքի մի՛ խառնուիր… Մէկ էսոր բերնին նայեցէք։ Տօ, սարսախ, իմ մտքէս անցաւ՝ ըսի։ Ի հարկէ, պարոն Գէորգը դիրքերը ցուցուց… Ըսելդ ի՞նչ է… Տաճա՛տ, դու ատ Թոփալի խօսքերուն կարեւորութիւն մի տար, անոր լեզուն ջաղացքի չախչախ է։ Հա՛, էն կը պատմէ, մէկ ալ կռիւը սկսաւ, երկինք երկիր շարժ եկան, ամէն կողմէ բիւր բիւրաւոր գնդակներ տեղացին մեր դիրքերու վրայ, ոնց որ կարկուտ… Ծօ՛, Թոփալ, մէկ ալ որ բերանդ բացեր ես… Ախպօրս ըսեմ, մրջիւնի նման թուրքն ու քիւրտը սարի փէշերով սկսան բարձրանալ։ Իրարու ձէն կուտանք, պարոն Գէորգի սուլիչի ձէնը կ՚առնենք, ողորմած հոգի Նիկոլը իր կարգին կը հրամայէ՝ «տղաք, կրակեցէք. փամփուշտը խնայել», հէյ հէյ, ալ տուր որ կուտաս, շողգամի նման սկսանք ջարդել… Հա՜յ, հո՜ւյ, քրտերն ու զօրքը…

Թոնրատան դուռը ճռնչալով բացուեցաւ, եւ Սաթենիկը ներս մտնելով մօտեցաւ Լեւոնին։

Այգիի կողմէն երկու մարդ կուգան…

Շատ լաւ, իմ սպասածներս լինելու են։ Գեւօ՛, մէկ դուրս ելիր՝ տես թէ ովքե՞ր են։

Քիչ անցած՝ Մելօն, Քեանքեան Յովհաննէսն ու Առիւծ Գեւօն ներս մտան թոնրատունը։

Մելօն մօտեցաւ եւ խոր հոգոց հանելով՝ նստաւ Լեւոնի մօտ, յոգնած շարժուձեւով մարդու մը նման որ ամբողջ օրը քալեր է, շանր բեռ մը շալակին։

Հը՞, խեր է, Մելօ՛,   շարունակելով գրել հարցուց Լեւոնը,   դեռ ճամբայ ելլելու բաւական ժամանակ կա՞յ։

Մելօն առանց պատասխանելու գլուխը կախեց եւ խոր հառաչանք մը արձակեց։ Տիրեց զարմանալի խոր ու ճնշիչ լռութիւն մը։ Առիւծ Գեւօն իսկ, Մելոյի դէմքը տեսնելով՝ պատմութիւնը կիսատ ձգած, ակնապիշ կը նայէր անոր։

Ձեռքի գրիչը վար ձգելով՝ Լեւոնը բարձրացուց գլուխն ու շիտակ Մելոյի աչքերուն նայեցաւ։ Մելոյի դէմքը ամբողջ ողբերգութիւն մը կը պատկերէր…

Հը՞, Մելօ՛, ի՞նչ կայ,   սիրտը դող ինկած հարցուց Լեւոնը։

Ամէն ինչ փճացաւ,   գլուխը տխրութեամբ տարուբերելով խօսեցաւ Մելօն,   ամէն ինչ փճացաւ, ալ ճամբայ ելլելու պէտք չկայ, վերջացաւ։ Կառավարութիւնը գտած է գետնափորը, բանտը զինուորական կրկնակ շղթայի տակ առնուած է…

Լեւոնի դէմքը վայրկեանաբար մոխիր կտրեցաւ, ի զուր շրթները կը շարժէր՝ առանց ձայն մը կարենալ հանելու։ Շուրջինները, բացի Մելոյէն ու Քեանքեան Յովհաննէսէն, թէեւ գետնափորի գոյութեան մասին գաղափար չունէին, բայց գիտէին, որ այդ գիշեր շատ կարեւոր ձեռնարկի մը պիտի մասնակցէին եւ որ այդ ձեռնարկը Վահէի եւ ընկերներու ազատուելու հետ կապ մ՚ունէր։

Դիւրին է երեւակայել Մելոյի խօսքերէն վերջ բոլորի զգացած դառն յուսախաբութիւնը։

Բայց, բայց ինչպէ՞ս… Մելօ՛ ինչպէ՞ս կառավարութիւնը գլխի է ինկած, մինչեւ կոկորդը բարձրացած հեծկլտուքը զսպելով՝ հազիւ կրցաւ հարցնել Լեւոնը,   չէ՞ որ մեր երեքէն զատ ոչ ոք չէր գիտեր… ուրեմն…— դառն ժպիտ մը խաղաց Լեւոնի դէմքին վրայ։

Մելօն բռնեց Լեւոնի հաշմուած ձեռքը, եւ ուժող մը սեղմեց, որպէս թէ ձեռքի սեղմումով ուզէր վստահութիւն ներշնչել անոր։

ՉԷ՛, պարոն Լեւոն, մատնութեան խնդիր չկայ… ձիւնհալ է, գետինը խխում ջուր կտրած վիճակի մէջ, մեր քօռ բախտէն, բանտի տանիքի ջրթանն ալ, դու մի ըսեր, ուղիղ գետնափորի վրայ կը վազէ եղեր… Անտէր մնայ էս օրուան անձրեւը, բակի հողը այնքան ջուր կը ծծէ, որ կէս օրէ վերջ յանկարծ բակի գետինի մէկ մասը կը չոքի, երկու կողմերէն ծածկելով մեր անցքը… Առջի բերան թուրքերը գլխի չեն իյնար թէ ինչու այդ յանկարծական փլուզումը, բայց երբ նոր բացուած փոսը կ՚իջնան, ամէն բան յայտնի կը դառնայ, փոսի երկու կողմերէն կը տեսնեն բացուած անցքը։ Մարդ կ՚իջեցնեն անցքերուն մէջ, ու ամէն ինչ յայտնի կը դառնայ։

Յետո՞յ, յետո՞յ,   մեքենայաբար հարցուց Լեւոնը։

Կամուրջի մօտ տասնեակ մը զինուորներ կանգնած՝ անցքի բերանը կը պահեն։ Բանտը շրջապատուած է զօրքով։ Քաղաքամէջէն վերադարձող հայերէ շատեր խուզարկուեցան։ Մէկ երկուքին սաստիկ ծեծեցին թուրքերը։ Իսկ թէ բանտին մէջ ի՞նչ կ՚անցնի կը դառնայ՝ ոչ ոք չի գիտեր… Ոչ մէկուն թոյլ չեն տար դուրս գալ բանտէն, նոյնիսկ կարտիաններուն արգիլուած է իրենց տները երթալ։ Մեր բարեկամն ալ դուրս չէ եկած դեռ, թէեւ Նշանը մինչեւ ուշ ատեն խանութը բաց պահեց, սպասելով որ լուր մը ստանայ։ Վաղը յայտնի կը լինի…

Ուրեմն, ամէն յոյս կորա՜ւ,   դառնօրէն խօսեցաւ Լեւոնը։

Պէտք է անմիջապէս ուրիշ միջոց մը մտածել, մտածենք, տեսնենք թէ ի՞նչ կրնանք ընել։

Այո՛, եթէ միայն մեզ ժամանակ տան նոր միջոց մը գտնալու։ Տղաք, պատրաստուեցէք։ Հմայեակենց տունը պիտի երթանք այս գիշեր… Յակոբ, վերադարձիր օրիորդ Սոնիայի մօտ։ Կը պատմես լսածիդ մասին… Մելօ՛, վաղը իրիկուն անպատճառ մօտս եկուր, Հմայեակենց տունը, հետդ մասնաւոր խօսելիք ունիմ։

Մինչ տղաքը սաստիկ ընկճուած զէնքերնին կը կապէին, Լեւոնը ձեռքերը մէջքին վրայ կապած՝ գլուխը կախ, թեթեւ մը կաղալով թոնրատան երկայնքին ետ ու առաջ կը քալէր, գլխուն սարսափելի հարուած մը կերած գինովի նման։

----

Երկու կարտիաններ թեւերէն, իսկ Սարի Մէհմէտ աղան ալ ոտքերէն գրկած՝ հասցուցին Վահէն բանտապետի կարգադրած ղովուշը, ուր այնքան շատ բանտարկեալներ կային, որ ազատ շարժուելու տեղ իսկ չկար։

Մինչ այդ, բոլոր ղովուշներու մէջ արդէն շրջան ըրած էր գետնափոր անցքի պատմութիւնը, ընդհանուր յուսախաբութիւն մը առաջացնելով։

Ամէն ազգի բանտարկեալ, անգամ մը բանտարկուած, այլեւս ետին կը ձգէ դրսի աշխարհի հակամարտութիւնները, թշնամութիւնները եւ առանց այլեւայլի ընդհանուր միութիւն մը կազմած՝ կառավարութեան հանդէպ ընդդիմադիրի դիրք մը կը բռնէ։ Այս հոգեբանական պատճառով ալ, ծրագրուած փախուստի անյաջողութիւնը, մանաւանդ Վահէի եւ ընկերներու բանտապետի սենեակը տարուիլը, որու նշանակութիւնը շատ պարզ էր բանտարկեալներէն շատերու համար, մեծապէս տխրեցուցած էր այն ղովուշի մարդիկը, ուր փոխադրեցին Վահէն։

Առաջին տպաւորութեամբ, բանտարկեալները կարծեցին, թէ եթէ Վահէն մեռած ալ չէ, անշուշտ հոգեվարք վիճակի մէջ կը գտնուի։ Գլուխը ետ ինկած, դէմքը բոլորովին գունաթափ ու աչքերը կիսախուփ, Վահէի վրայ կենդանութեան նշան մը չէր երեւնար։ Միայն երբեմն խոր շնչառութիւն մը առնելով՝ մեղմօրէն կը հեծեծէր։ Բանտարկեալները, իրենց անկողինները ա՛լ աւելի իրարու մօտեցնելով, ղովուշի վերի անկիւնը տեղ մը բացին Վահէի համար՝ մէկը իր բարձը տուաւ, ուրիշ մը ներքնարկ մը, վերմակ մը, ու բազմաթիւ ձեռքեր զգուշութեամբ պառկեցուցին Վահէն։

Աստուած, Աստուած, հառաչեց ծերունի քիւրտ աւազակ մը, որ թուրք թահսիլտար մը կողոպտելու եւ զափթիա մը սպաննելուն համար ութ տարիէ ի վեր բանտարկուած էր. թուրքի տունը քանդուի, գազանն իսկ ինկածին վրայ ձեռք չի բարձրացներ։ Աստուածային օրէնքի, շարիաթի դէմ է բանտարկեալը տանջելը… Թուրքը մարդակեր բորենիէն ալ վատ է… Աստուած անոր տունդ քանդէ…

Միեւնոյն ղովուշին մէջ կը գտնուէր մեր վաղածանօթ Գարեգինը ուրիշ տասնեւչորս ընկերներով, որոնք քանի մը օրէ ի վեր զնտաններէն փոխադրուած էին այդ սենեակը։ Երբ բախտակից ընկերները տեսան Վահէն այդ վիճակին մէջ, շրջապատեցին զայն, ու Գարեգինը կողքին կողքին նստելով՝ թաց շորով մը սկսաւ վիրաւորի ճակատը զովացնել։ Բանտարկեալի մը մօտ գոնեակ ալ ճարուեցաւ, ու քանի մը կաթիլ կաթեցուցին Վահէի սեղմուած շրթներէն ներս։

Սարի Մէհմէտ աղան, բանտապետի հրամանի համաձայն, բանտարկեալի մօտ մնաց։ Այդ մարդը, որ բանտարկեալներու սարսափն էր, զարմանալի կերպով ընկճուած տեսք մ՚ունէր։ Գլուխը կրծքին կախած՝ իրարու ետեւէ սիկարէթ կը քաշէր, երբեմն ցաւակից հայեացք նետելով Վահէի դէմքին։

Վահէ՛, Վահէ՛,   ընկերոջ վրայ ծռած կը շշնջար Գարեգինը՝ յուսահատօրէն ձեռքերը տրորելով,   Վահէ՛, սիրելիս, աչքերը բաց, տես ովքեր շրջապատեր են քեզ…

Երբ Վահէն գրկած բանտապետի սենեակէն դուրս կը բերէին, կարտիաններէն մէկը ձախող շարժումով մը այնպէս մը սեղմած էր Վահէի դուրս ինկած թեւը, որ այլեւս ցաւին չդիմանալով՝ Վահէն նուաղած էր։ Անկողնին վրայ երկնցած, աչքերը կիսախուփ, Վահէն հետզհետէ ինքզինք կը գտնար, կը լսէր ընկերներու խօսակցութիւնը, առանց սակայն աչքերը բանալ կարենալու, կարծես վարագոյր մը իջած լինէր աչքերուն առջեւ, Դժուարութեամբ, բայց վերջապէս կիսախուփ աչքերը բացաւ շուրջիններուն նայեցաւ ու հայեացքը կանգ առաւ Գարեգինի դէմքին։ Ճանչցաւ։ Շատ մեղմ ժպիտ մը խաղաց դէմքին վրայ։

Վահէ՛, Վահէ՛…

Այո՛…

Բան չկայ, Վահէ՛, մէկ երկու օրէն ոտքի կ՚ելլես…

Վահէն չպատասխանեց, բաւականացաւ ընկերոջ աչքերուն նայելով, բայց այդ հայեացքը այնքան պերճախօս էր, որ Գարեգինը սարսուռ մը զգաց ու կծկուեցաւ վիրաւոր ընկերոջ մօտ, կարծես անոր պաշտպանութեանը ապաւինելու համար։

Վահէն հիմա արդէն յստակօրէն կը յիշէր բանտապետի սենեակի մէջ կատարուածը, իր ծեծուիլը, թէժ շամփուրը, բայց ամէն բանէ աւելի սպայի բարկութիւնը եւ ըսած յատկանշական խօսքերը դրոշմուած էին մտքին մէջ. «Գիտես որ վաղը առտու… արդէն ծեծելու ալ չէին… Այդ վիճակի մէջ տեսնողները ի՞նչ պիտի ըսեն»…

Վահէի համար պարզ էր այդ խօսքերու իսկական իմաստը։ Երբեք խաբուսիկ յոյս մը չէր ունեցած բանտարկութեան շրջանին։ Գիտէր թէ՝ ի՞նչ կրնայ սպասել թրքական արդարադատութենէն։ Ասով մէկտեղ վերջի հնարաւորութիւնը փախուստի, թեւաւորած էին զինք, յոյսի ուժեղ աղբիւր մը դառնալով իր մէջ։ Մանաւանդ վերջի օրերը, փախուստը այնքան մօտիկ եւ անկասկածելի կը թուէր, որ արդէն կատարուած իրողութեան մը խաբկանքը կը պատճառէր Վահէին ու ընկերներուն։

Ու ահա, յանկարծ ամէն յոյս, ամէն ակնկալութիւն մէկ հարուածով կը վերնար մէջտեղէն, ու կը մնար Վահէն դէմ յանդիման իրեն սպառնացող վաղուան հետ։

Երբ Վահէն դժուարութեամբ աչքերը բանալով, վրան կախուած Գարեգինի մտահոգուած դէմքը տեսաւ, փորձեց հին օրերու նման ուրախ դէմք մը ցոյց տալ ընկերոջը, բայց ոտքերուն եւ մանաւանդ թեւի անտանելի ցաւը ճմռթկեց դէմքը։ Անկարող էր ազատօրէն խօսելու։

Սարի Մէհմէտ աղան, որ Վահէի անկողնին մօտ ծալապատիկ նստած կը շարունակէր ծխել, քիւրտ բանտարկեալի մը հետ խօսքի բռնուելով, իմացաւ, որ խօսակիցը լաւ ղրըղճի մ՚էր ու կոտրուածներէ կը հասկնար։ Խնդրեց, որ Վահէի ոտքի ուռած բշտիկները խնամէ, մանաւանդ, եթէ կրնայ, տեղէն ելած թեւը տեղը ձգէ։ Բանտարկեալ քիւրտը գործի անցաւ, Վահէի վիրաւոր թեւը մերկացնելով՝ սկսաւ մաժել, մինչ Վահէն ատամները սեղմած՝ կ՚աշխատէր ցաւին դիմանալ։

Մէհմէտ աղա,   ցաւէն կծկուած դէմքին վրայ թոյլ ժպիտ մը խաղցնելով՝ Վահէն խօսքը ուղղեց բանտապետին,   ինչո՞ւ էս նեղութիւնը կուտաք ինծի…   միեւնոյնը չէ՞, թեւը դուրս ինկած կամ ոչ…

Վահէ էֆէնտի, դուրս ինկած թեւը սարսափելի ցաւ կը պատճառէ…

Իսկ վաղը առաւօտեան ցաւը աւելի՞ պակաս պիտի լինի… հէ՞, ինչ կ՚ըսես Մէհմէտ Աղաս,   ու նշանակալից հայեացքով մը Վահէն նայեցաւ կարտիաններու գլխաւորին։

Մէհմէտ Աղան, առանց պատասխանելու, օֆ մը քաշեց, շփոթած դէմքը մէկդի դարձուց ու սիկարէթի ծուխը ուժով մը ներս քաշեց։

Ղրըղճի քիւրտը, բաւական երկար ատեն Վահէն չարչարելէ վերջ, որպէս թէ թեւը տեղը ձգեց, ոտքի բշտիկները եռացած ձէթով տաղեց ու պարտքը կատարած մարդու գոհունակութեամբ քաշուեցաւ իր անկիւնը։

Կամաց կամաց ղավուշի բանտարկեալներէն ամէն մէկը իր տեղաշորի վրայ երկնցած քնացաւ, Վահէի մօտ մնացին Գարեգինը, երկու ուրիշ ընկերներ եւ Սարը Մէհմէտ Աղան։ Ոչ ոքի բերանը չէր գար բան մը խօսելու. ամէն մէկը ինքն իր մէջ ամփոփուած՝ մռայլ մտքերու անձնատուր եղած էր։ Եթէ մէկը կար, որ դեռ ինքզինքը կը պահէր, առանց անձնատուր լինելու ընդհանուր յուսաբեկութեան, ան ալ Վահէն էր։

Է՜, Գարեգին,   առատ մազերը թափ տալով խօսեցաւ Վահէն՝ աշխատելով ձայնին ուրախ հնչիւն մը տալ,   մեր տղայ, չխօսկան հարսի նման մունջ մի մնար, գիշերը երկար է, դեռ մինչեւ լուսաբաց որքա՜ն ժամանակ ունինք… Դարտ մի ըներ, վաղուան օրն ալ կ՚անցնի ուրիշ օրերու նման, այդ մասին չարժէ սրտաբեկ լինիլ։ Այդ ալ կ՚անցնի, հա՛, Գարեգին, երնէկ հիմա Ձիաթռնուկի վրայ գտնուէինք, անուշ ձէնովդ մէկ Հոռովելը կլկլացնէիր…   Կը յիշե՞ս, անցեալ տարի գարնան, անգամ մը Վերին Վարագ հաւաքուած էինք, արեւը չծագած Աստղկան Բերդը բարձրացանք խմբով։ Էն ի՜նչ հոյակապ տեսարան էր, որ այն տեղէն պարզուեցաւ մեր առջեւ։ Անգամ մը Արագածի կատարէն տեսած էի արեւի ծագումը, անգամ մ՚ալ Աստղկան բերդէն։ Կը յիշե՞ս, Գարեգին, Արաուլի լեռնաշղթայի կատարները հրդեհուած էին, եւ արեւը կրակէ ահայգին գունդի մը նման ոստոստելով՝ դուրս կուգար կրակ ծովի մէջէն… Աստղկան Բերդը, Կորդկան քարը, Սիփանը, Արտոսը ու բոլոր լեռներու գագաթները արեւի ճառագայթներով ողողուած էին, մինչ վարը, խաւարի մէջ թաղուած քաղաքը չէր երեւնար… Հրաշք պատկեր մ՚էր… Մեր նախահայրերը ի զուր չէ որ Աստղկան Բերդը կառուցին Արեւ Աստուածին երկրպագելու համար… Անկարելի է որ մարդ այդ տեղէն արեւի ծագումը տեսնէ ու իր հոգուն մէջ չզգայ բնութեան մեծ աստուածութիւնը… Հեթանոս հայը բնապաշտ ու հզօր, քրիստոնեայ հայը երկնային թագաւորութեան երազանքովը օրօրուած՝ մեղկացաւ… Է՜, սիրելիս, մեր ժողովուրդին հզօր Վահագն աստուածները են պէտք, քան Յիսուն Նազովրեցի մը… Չէ, գլուխդ մի՛ շարժեր, գիտեմ որ իմ տեսակէտս չես բաժներ… Ըսէ՛ տեսնեմ, ի՞նչ կը կարծես ո՞րը աւելի լաւ կը լինէր, վաղը առտու փշէ պսակ մը ունենալ գլխիս, գառան նման հեզ ու խոնարհ, թէ՞ լեցուն մաուզէր ատրճանակ մը ձեռքիս մէջ… Անշուշտ, ճաշակի խնդիր է, ես վերջինը կը նախընտրեմ… Անշուշտ, ճաշակի խնդիր է, ես վերջինը կը նախընտրեմ… Հա՛, մաուզէր ըսի, միտքս ընկաւ… պէտք է գրել Լեւոնին, որ Մազենց տունը փոքր պահեստ մը ունինք, բուխերիկի մէջ շինուած, այդ պահեստի տեղը միայն Պիծան ու ես գիտէինք, պէտք է այդ տեղէն հեռացնել։ Մէկ ալ Կառկառի ժողովրդական զէնքերը պէտք է հաւաքել… Պիծան ծանօթ է… Բայց այդ մասին ես կ՚աշխատիմ գրել, դեռ մինչեւ առտու շատ ժամանակ կայ…

Բայց ինչո՞ւ վաղը առաւօտեան մասին կը շեշտես, կարծես թէ առաւօտեան…

Բայց Գարեգինը չկրցաւ խօսքը շարունակել, բան մը դէմ առաւ կորկորդին մէջ։

Իրաւ որ ինչո՞ւ համար, ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար, թերեւս քմայք մը,   մեղմօրէն ծիծաղելով Մէհմէտ Աղային՝ թուրքերէն շարունակեց. Ոտքերուս ցաւը բաւական մեղմացաւ, եռացած ձէթը շատ օգտակար եղաւ։ Կարծես քու օգնութեամբ կրնամ քալել։ Կ՚ուզեմ պէտքարան երթալ,   ու խորհրդաւոր ձեւով մը նայեցաւ կարտիաններու պետին։

Մեծ դժուարութեամբ, Մէհմէտ Աղան վիրաւորը հասցուց մինչեւ ճէմիշները, ու հոն մէջքը տուած պատին՝ համբերութեամբ սպասեց Վահէի դուրս գալուն։ Երբ ժամ մը վերջը Վահէն դուրս եկաւ, Մէհմէտ Աղան նշմարեց, որ երիտասարդի աչքերը թրջուած էին, ու ան բուռն ճիգ մը կը թափէր սովորական ուրախ տրամադրութիւնը կեղծելու։

Դեռ ճեմիշներու փոքր բակէն դուրս եկած չէին, երբ Մէհմէտ Աղան զգաց, որ Վահէն ջերմօրէն իր ձեռքը կը սեղմէ։

Շնորհակալ եմ քեզմէ, Մէհմէտ աղա, շշնջաց Վահէն,   էվէլ պակաս հէլալ ըրէ։ Էս փոքր գումարը իմ չնչին նուէրս թող լինի… Այս ծրարն ու նամակը կը յանձնես Նշանին, շատ բարեւ կ՚ընես իրեն, տեսածիդ պէս կը պատմես…

Մէհմէտ Աղան բառ մը չկրցաւ արտասանել։ Գլուխը անդին դարձուց, որ Վահէն չտեսնէ զգացած ցաւէն ճմռթկած դէմքը։ Մեքենաբար Վահէի յանձնած ծրարն ու նամակը ծոցը կոխեց ու կիսովին շալկելով զայն՝ հասցուց ղովուշը։

Գարեգինը բոլորովին վաստակաբեկ, երկար սպասելէ յոգնած, երկնցած Վահէի անկողնին կուշտը կը քնանար։

Չէ, Մէհմէտ Աղա, ձայն մի՛ տար, թող հանգիստ քնէ… արդէն իմ քունս ալ կուգայ, քիչ մը երկննամ…

Վահէն աչքերը գոցեց ու փորձեց քնել։ Հակառակ որ արտեւանունքները քնատութենէ կը կոտտային, միտքը զարմանալի կերպով արթուն՝ կը գործէր։ Հին ու նոր պատկերներ մէկը միւսին կը յաջորդէին արագօրէն։ Վահէն ինքն ալ չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ երեւակայութիւնը տարաւ զինքը մինչեւ Գերմանիա, Միւնխէն քաղաքը, ուր տարիներ առաջ անցուցած էր ուսանողական երջանիկ օրեր։ Կենդանի կերպով երեւակայութեան մէջ պատկերացաւ իր փոքր սենեակը, մաքուր անկողինով ու գրքերով ծանրաբեռնուած սեղանը, որուն առջեւ այնքա՜ն ժամեր կռացած կարդացեր էր խելօք համարուած հեղինակներու գործերը, որպէսզի յետոյ ալ… Ու Վահէն հեգնօրէն ժպտաց։

Զանազան պատկերները իրարու կը յաջորդէին, եւ Վահէն հոգեկան բաւականութեամբ բոլորովին անձնատուր եղած էր անոնց։ Թրքական բանտի մէջ, աղտոտ խշտեակի վրայ երկնցած՝ ան կ՚ապրէր հին անցած օրերը։ Ամենէն աւելի վառ գոյներով պատկերացաւ երեւակայութեանը մէջ Թադէոս Առաքեալ վանքի մէջ անցուցած օրերն ու Խատիճէն։ Այդ վերյիշումը կենդանացուց զինք ու միաժամանակ անհնարին ցաւ մը զգաց։ Վաղանցիկ շքեղ երազ մը, ու առաւօտեան՝ վերջին վարագոյրի միակ դերակատարը պիտի լինէր ինք։ Ապա Խատիճէն, այն մանկամարդ կինը, որ այնքան հզօր կերպով գերեց զինքը՝ իր թափուր սրտի տիրուհին դառնալով, ի՞նչ էր վիճակուած անոր եւ զաւկին։ Հազիւ երկու անգամ միայն տեսած էր փոքր Ալին, իր հարազատ զաւակը, որ մեծնալով պիտի դառնար Հայտարանցիներու ապագայ բէկը։ Սրտի դառն կսկիծ մը զգաց Վահէն ու ատամները սեղմելով՝ հեծկլտուքը զսպեց։

Հետզհետէ իրարու յաջորդող պատկերները սկսան մշուշոտիլ, ու Վահէն գիտակցութիւնը կորսնցուցած՝ քնացաւ։ Ղովուշի վերի անկիւնը, պատի վրայ ամրացած նաւթի աղտոտ լապտերը հազիւ կը լուսաւորէր ընդարձակ սենեակը, ուր բանտարկեալները խշտիկներու վրայ երկնցած՝ կը խորդային, բացի Սարի Մէհմէտ Աղայէն, որ Վահէի գլխավերեւը նստած՝ իրարու ետեւէ գլանիկներ պլլելով, ագահօրէն կը ծխէր, տխրօրէն Վահէի դէմքը դիտելով։

Ամբողջ բանտին մէջ շշուկ մ՚իսկ չէր լսուեր, միայն երբեմն միջանցքի մէջ քալող կարտիաններու ոտքերուն խուլ ձայնը կը խանգարէր ծանր լռութիւնը։ Ճնշող խաղաղութեան մէջ ժամերը ժամերու կը յաջորդէին, մինչ Մէհմէտ Աղան, առանց դիրքը փոխելու, կը շարունակէր ծխել։

Շուտով արշալոյսը կը ծագէր։ Յանկարծ կարտիաններու պետը ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ։ Միջանցքի մէջ լսուեցաւ բազմաթիւ մարդոց ոտքերու աղմուկը։ Սարի Մէհմէտ Աղան գիտէր թէ այդ ինչ կը նշանակէ, ու լեցուած աչքերով, նայեցաւ Վահէի գունաթափ դէմքին։ Գլուխը բարձրացուց, ու հայեացքը դուրս նետեց բակին վրայ բացուող պատուհանէն։ Սկսած էր լուսնալ։ Բանտի միջանցքին մէջ, մօտեցող համաչափ քայլերու դոփիւնը կը հնչէր Մէհմէտ Աղայի ականջներուն։ Մէկ ալ ղովուշի ծանր դուռը չրխկալով բացուեցաւ ու սեմին վրայ երեւցան բանտապետն ու սպան, իսկ անոնց ետեւէն զինուորներու սուիններու պսպղոցը։

Մինչ այդ, ղովուշի բանտարկեալները դրան բացուելու ձայնէն արթնցած, ստուերներու նման լուռ, նստան իրենց խշտիկներու վրայ։ Բոլորի սահմռկած հայեացքները կեդրոնացան Վահէի ուղղութեամբ, որ անխռով կը քնանար։

Վահէ Էֆէնտի, Վահէ էֆէնտի, արթնցիր, Վահէ էֆէնտի,   մեղմօրէն քնացողի ուսը ցնցելով՝ ըսաւ Մէհմէտ Աղան,   արթնցիր, ժամանակ է երթալու։

Հա՛, ի՞նչ կայ,   ընդոստ արթննալով հարցուց Վահէն եւ յանկարծ դրան առջեւ կանգնած բանտապետն ու սպան տեսնելով՝ ամէն ինչ հասկցաւ։

Բանտապետն ու սպան հանդարտ քայլերով մօտեցան Վահէին, մինչ վերջինս Մէհմէտ Աղայի օգնութեամբ կ՚աշխատէր պառկած տեղէն բարձրանալ։

Երթալու ժամանակ է, Վահէ էֆէնտի,   խռպոտ ձայնով խօսեցաւ բանտապետը։

Բարի լոյս բանտապետ, բարի լոյս, զապիտ էֆէնտի, չէի կարծեր թէ այնքան երկար քնած եմ, երթալու ժամանակ է, հա՞… Ես պատրաստ եմ… Բանտապե՛տ, չէ՛, շիկացած շիշերու պէտք չկայ զիս ոտքի հանելու… Տաղելու մէջ շատ վարպետ ես, խօսք չ՚ուզեր։ Կ՚երեւի թէ՝ հայրդ ժամանակին քէպապճի մ՚էր։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս պայտար մ՚էր… Ինչ որ ալ լինի, վարպետ մարդ մ՚ես…

Դուք ալ օգնեցէք Մէհմէտ Աղային,   կողքի կարտիաններուն հրամայեց բանտապետը,   երկու կողմերէն թեւերը մտէք։

Հա՛, այդպէս, տաբատէս բռնեցէք,   խօսքը ուղղեց կարտիաններուն, որոնք կը փորձէին օգնել Վահէին ոտքի ելլելու. զիս քալեցնելու նեղութիւնն ալ դուք քաշեցէք։ Անշուշտ շատ հեռու լինելու չէ երթալիք տեղերնիս,   կառավարչատան հրապարակը, ընդարձակ տեղ մ՚է, թամաշաճիներ ալ շատ կ՚առնէ… Է՜, զապիտ էֆէնտի, ինչպէ՞ս կը զգաք այս առտու, կը յուսամ որ գիշերը հանգիստ քնացաք… Է՜, ինչպէ՞ս վերջացաւ ձեր հարցաքննութիւնը, երէկ գիշեր ընկերներս խօսեցուցի՞ք, ձեր ուզած անունները իմացա՞ք… ՉԷ՞, դժգոհ կ՚երեւիք, դէմքերնիդ արդէն կը ցուցնէ, որ շատ ալ գոհ չէք մնացեր… Է՞հ, ի՞նչ ընենք, զարմանալի խենթ մարդիկ կան աշխարհի մէջ… կը նախընտրեն շիշերով տաղուիլ քան բերաննին բանալ…

Դժուարութեամբ, բայց ոտքի հանեցին Վահէն, երկու կարտիանները թեւերը մտած։

Գարեգին, սիրելիս, մօտեցիր…

Վահէ՛, Վահէ՛…

Պինդ կեցի՛ր, բան չկայ, բոլոր ընկերներուն համբոյրներս, մնաս բարով…

Գարեգինի հետ համբուրուելով, Վահէն երկու կարտիաններու օգնութեամբ ոտքերը քսքսելով՝ մօտեցաւ ղովուշի դրանը։ Ամէն ինչ որ կարելի էր ջարդոտել, ջարդուած էր Վահէի մարմնի վրայ, բացի գլուխէն։ Առատ ու երկար մազերով, կենդանի աչքերով, հեգնոտ ժպիտով, այդ շքեղ գլուխը աջ ու ձախ կը դառնար՝ արձանացած բանտարկեալներու՝ մէկ երկու սիրալիր խօսք ուղղելու համար։

է՛, պապա, խօսքը ծերունի քիւրտ աւազակին ուղղեց Վահէն,   էվէլ պակաս հէլալ ըրէ… շատ դարտ մի ըներ, աս ալ կ՚անցնի… աշխարհը ոչ քոնն է, ոչ իմս։

Եարաբպիմ, Եարաբպիմ,   ծունկերը ծեծելով կը հեծկլտար ծերունի քիւրտը։

Քանի մը քայլ անդին Վահէն կանգ առաւ զառամած թուրք բանտարկեալի մը առջեւ, որու հետ երբեմն տամա կը խաղար։

Ալի Աղա, տամայի վերջի խաղը ես տարի… սրտիդ մ՚առներ, իմ ճամբաս էսպէս ալ վերջանալու էր Առաքել, դատարանի մէջ ինքզինքդ պահել գիտցիր, ամենալաւ պատասխանը, չեմ գիտեր, չտեսայ, է…

Աջ ու ձախ բանտարկեալներուն հետ խօսելով երբ ղովուշի դրան սեմին հասաւ, Վահէն գլուխը ետ դարձուց ու անյողդողդ ձայնով մը խօսքը ուղղեց սենեակի մէջ գտնուողներուն.

Եղբայրներ, էվէլ պակաս հելալ ըրէք, մնաք բարով…

Որպէս թէ հինաւուրց գերեզման  մը լինէր ղովուշը։ Ձայն ծպտուն չելաւ։ Շատեր, լուռ կ՚արտասուէին, բայց ոչ մէկ շրթունք շարժեցաւ երթաս բարով մաղթելու։ Ախր ինչպէ՞ս երթաս բարով ըսէին այդ կենսուրախ երիտասարդին, որ թերեւս կէս ժամ վերջ գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրէր։ Գարեգինը ինքն իր վրայ կծկուած՝ հեծկլտալով կ՚արտասուէր։

Միջանցքի աղմուկէն բոլոր ղովուշներու բանտարկեալները արթնցեր էին։ Դռներու վրայ բացուած փոքր ծակերու մօտ բազմաթիւ գլուխներ խռնուած՝ վերջին անգամ մ՚ալ կ՚ուզէին տեսնել Վահէ էֆէնտին։ Բակին վրայ նայող պատուհաններու երկաթէ ձողերուն մէջ կ՚երեւային իրարու վրայ բարձրացած բանտարկեալներու գլուխները։ Շատեր կ՚արտասուէին։

Բակին մէջ երեք տասնեակ զինուորներ եւս կը սպասէին՝ սուինաւոր հրացանները պատրաստ բռնած։ Անոնք սպայի հրամանին վրայ՝ չորս կողմէն կարգով շրջապատեցին Վահէն։

Հրացանները ուսերո՛ւդ,   ջոկատի գլուխը անցնելով հրամայեց սպան,   իլէրի՜, ա՛րշ։

Զինուորները համաչափ քայլերով դիմեցին դէպի բանտի մուտքի դուռը։ Բանտի առջեւ բացուող նեղ փողոցը լեփ լեցուն էր զինուորներով, որոնք երկու մասի բաժնուած՝ հազիւ նեղ անցք մը ձգած էին։ Երբ Վահէն, բանտապետի, երկու կարտիաններու եւ Մէհմէտ Աղայի ընկերակցութեամբ մտան երկուստեք շարուած զինուորներու արանքը, զօրքը սկսաւ առաջանալ նեղ փողոցով դէպի Թազա Թարկեախ կոչուող դուռը։

Այնքան խիտ զօրքի շարքերով շրջապատուած էր Վահէն, որ չէր կրնար շուրջը տեսնել, ամէն կողմէն միայն զօրք ու փալփլող սուիներ կ՚երեւային։ Բայց երբ Թազա Թարկեախէն դուրս եկան կառավարչատան առջեւ երկարող լայն փողոց, երկուստեք զօրքը քիչ հեռացաւ՝ լայն անցք մը բաց ձգելով, որու մէջէն կը քալէին Վահէն ու բանտի պաշտօնեաները։

Մէհմէտ Աղա, Սէլամլըքի ժամանակ Սուլթանն իսկ այսքան շուքով չեն տանիր,   հեգնօրէն ծիծաղելով ըսաւ Վահէն,   մաշալլահ, խեղճ, անհաւատ հայու մը այսքան պատիւ… Հը՞, բանտապե՛տ, Վանի մէջ ալ զօրք մնացե՞ր է,   կ՚երեւի շատ ալ հանգիստ չէք, ո՞վ գիտէ, ինչեր կրնան պատահիլ։ Օ՜, հասանք արդէն։

Լուսնալ սկսած էր։ Վարագայ լերան կատարները ոսկեզօծուած կը փալփլէին։ Հակառակ կառավարութեան ձեռք առած միջոցներուն, այդ առտու Վահէի կախուելու լուրը տարաձայնուեր էր, ու ահագին բազմութիւն մը շուրջանակի հաւաքուած՝ անհամբեր կը սպասէր կառավարչատան առջեւ։ Գրեթէ բացառաբար թուրք խուժան մ՚էր։ Հազիւ պատահաբար եկած հինգ վեց արհեստաւոր հայեր ներկայ էին, որոնք առտու շատ կանուխ Այգեստանէն քաղաքամէջ իջնալնուն, բազմութիւն մը հաւաքուած տեսնելով, հետաքրքրութենէ մղուած, խառնուած էին թուրք խուժանին։

Բնութեան հոյակապ գեղեցկութիւն մ՚էր Վասպուրականի վերջալոյսն ու արշալոյսը։ Վահէն՝ կարօտով հայեացքը դարձուցած դէպի Վարագայ սարը։ Որքա՜ն երջանիկ օրեր ապրած էր ընկերներով այդ սարի բարձունքներուն վրայ։ Ու հիմա՞… Եթէ Վահէի սիրտը սարսափելի ցաւէն կծկուեցաւ, արհամարհական ժպիտը սակայն, չլքեց դէմքը։ Կարտիաններու օգնութեամբ կը քալէր, շքեղ գլուխը բարձր բռնած, կարծես անգիտակից իրեն սպառնացող սարսափելի վախճանին։ Յանկարծ զօրքը անշարժ կանգնեցաւ։ Կանգ առին եւ կարտիանները։ Վահէն կարծես երազէ մը արթնցած՝ շուրջը նայեցաւ։ Ընդարձակ բոլորակի մը մէջը կը գտնուէր, իսկ այդ բոլորակի մէջտեղը, հազիւ երեք չորս քայլ իրմէ հեռու, սիւն մը տնկուած էր։ Սիւնէն կախուած պարանը առաւօտեան մեղմ քամիէն հանդարտօրէն կը ճօճուէր։

Վահէն վայրկեան մը երկուք կիտած յօնքերով նայեցաւ սիւնին, ճօճուող պարանին ու հետզհետէ լայնացող ժպիտ մը ծածկեց երեսը։ Հանդարտօրէն դառնալով քովը կանգնող սպային՝ բոլորովին անտարբեր ձեւով մը ըսաւ.

Սիւնը շիտակ չեն տնկած, դէպի ետ ծռած կ՚երեւի… բայց վնաս չունի, ծանրութիւնս ալ մեծ բան մը չէ… նոյնիսկ բանտապետի ծանրութեանն ալ կը դիմանայ… Անանկ չէ՞։ Չէ՛, մի վախնար, Սուլթանի հաւատարիմ ծառաները չեն կախեր, ձեր կարգը վերջէն պիտի գայ։

Ու բանտապետի երեսն ի վեր ծիծաղեցաւ։

Մինչ կարտիան մը կ՚օգնէր Վահէին ոտքի վրայ մնալու, մէկ ուրիշը անոր ձեռքերը բարակ չուանով մը ետեւէն իրարու կապեց։ Ուղիղ սիւնի դէմն ու դէմը, աթոռներու վրայ բազմած էին կառավարական բարձր պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ օտար քօնսիւլներու թարգմանները։ Անոնց շարքին կծկուած էր Քաղաքամէջի քահանաներէն մէկը, որ վերջի պահուն կանչած էին, առանց յայտնելու թէ ինչո՞ւ համար։

Երբ Վահէն կանգնեցուցին ուղիղ սիւնի տակը, աթոռի մը մօտ, դատարանի քարտուղարներէն մէկը ոտքի ելլելով՝ սկսաւ կարդալ Սուլթանի իրատէն, որով կը հաստատէր մահուան վճիռը։ Բոլորը ոտքի ելած՝ կ՚ունկնդրէին։ Վերջացաւ։ Ոստիկանապետը, մօտենալով փսփսաց քահանայի ականջին։

Ծերունի քահանան, բոլորովին գունաթափ, ոտքերն ու ձեռքերն դող ելած, մօտեցաւ Վահէին, մինչ արցունքի խոշոր կաթիլներ ալեփառ մօրուքին վրայ կ՚իյնային։

Զաւա՛կս, նահատակ զաւակս… Աստուած օգնէ քեզ… Աստուած իմ, աստուած… զաւակս, բան մը ունի՞ս ըսելիք… խոստովանանք մը…

Բանտէն դուրս գալէն վերջ, առաջին անգամ լինելով Վահէի մարմարէ դէմքին վրայ վշտի վաղանցուկ արտայայտութիւն մը նկարուեցաւ։ Տխրօրէն դիտեց քահանան ու ինզինք հաւաքելով մեղմօրէն ըսաւ.

Տէր հայր, քեզի բան չունիմ ըսելիք, իմ ըսելիքս ասոնց համար է։ Շնորհակալ եմ որ եկար… Իմ հայրս ալ ծերունի մ՚էր քեզի նման, ձեռքդ մօտեցուր՝ համբուրեմ…

Մինչ Վահէն իրեն երկարուած ձեռքը կը համբուրէր, քահանան ծռեցաւ ու հարազատ հօր քնքշութեամբ Վահէի ճակատը համբուրեց։

Զաւակս… հայրենիքի նահատակ զաւակս…

Բայց քահանան այլեւս չկրցաւ շարունակել։ Ոստիկանապետը խստօրէն անոր թեւէն բռնած՝ մէկդի քաշեց ու դառնալով սիւնի քով կանգնած բոշա երիտասարդին, հրանայեց.

Հայտէ՛, շուտ գործիդ անցիր…

Վահէն բարձրացուցին աթռին վրայ, բոշա երիտասարդն ալ ուրիշ աթոռի մը վրայ բարձրացաւ, պարանի սապոնած օղակը անցուց Վահէի վիզը ու վար իջաւ, ձեռքը դրած Վահէի կանգնած աթոռի յենարանին, տրուած նշանի մը վրայ աթոռը Վահէի ոտքերուն տակէն ետ քաշելու համար։

Դատարանի քարտուղարը մօտենալով՝ բարձր ձայնով մը հարցուց.

Դատապարտեալ Վահէ, արդարակորով դատարանի որոշումով եւ Օգոստափառ Վեհապետի հրամանով, որու գահը յաւիտեանս յաւիտենից անսասան պիտի մնայ, քու անիծապարտ գաղափարներուդ, եւ գործած ոճիրներուդ համար, դատապարտուած ես կախուելու։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, վերջին խօսքի իրաւունք ունիս, թերեւս խնդիրք մը, աղերս մը ունիս։

Խնդի՞րք, աղե՞րս… անշո՛ւշտ, մեռնող մը բան մը կ՚ունենայ խնդրելու…

Վահէի դէմքին վրայ չար ժպիտ մը խաղաց, երբ տեսաւ, թէ ինչպէ՞ս աթոռներու վրայ բազմած պաշտօնեաները իրարու ականջի սկսան փսփսալ։

Պիտի խնդրէի,   շարունակեց Վահէն հեգնօրէն, որ այս բոշան հեռացնէք աթոռիս քովէն, մինչեւ որ խօսքս վերջացնեմ…

Քարտուղարի գլխի հաւանութեան նշանին վրայ, ոստիկանապետը բոշայի թեւէն բռնած քանի մը քայլ ետ տարաւ զայն։

Այսպէս աւելի լաւ է., երկար ըսելիք չունիմ, դատարանի մէջ խօսեցայ արդէն… Հարցուցէք դատաւորին, թէեւ ան շատ ալ չախորժեցաւ ըսածներէս։ Այնպէս չէ՞, դատաւոր պէյ։ Շատ մեծ բազմութեամբ եկած էք բարի ճանապարհ մաղթելու ինձ։ Շնորհակալ եմ։ Թուրք մեծահոգութեան նշան է… Կախաղանի չուանը վիզս անցուած է արդէն, երթալէ առաջ կ՚ուզէի մեծ աւետիս մը տալ ձեզ։ Ես որ քանի մը վայրկեան վերջը յաւիտենականութեան պիտի միանամ, որոշակի կը լսեմ օսմանեան կայսրութեան փլուզումի ճարճատիւնը…   Դուք չէ՞ք լսեր… Վա՜յ ձեզի, որ ականջ ունիք եւ չէք լսեր, աչք ունիք ու չէր տեսներ… Դուք անընդունակ դիտելու, կը փորձէք կախաղաններով սարսափեցնել հայ ժողովուրդը. մե՛նք յեղափոխականներս պատրաստ ենք ծիծաղելով դիմաւորել մահը։ Բայց դուք այդ չէք կրնար հասկնալ։ Աւելի վատ ձեզ համար։ Մենք հայրենիքի ազատութեան համար ուրախութեամբ կը մեռնինք, դուք ձեր գոյութիւնը պահելու համար, սարսափով կ՚ապրիք… Մոնկոլական գիշատիչ բնազդով, դարեր շարունակ դուք քանդեցիք, դուք առանց շէնցնելու, ամայացուցիք մեր շէն երկիրը… Հիմա ես ձեզի կ՚ըսեմ. Դուք քանդելով պիտի քանդուիք, ամայացնելով պիտի ամայացնէք ձեր օճախը. որովհետեւ դուք անարժան ժողովուրդ մ՚էք, դուք անէծք մ՚էք մարդկութեան երեսին նետուած։ Դուք չսովրեցաք բարձր իտէալի մը համար զոհուիլ… Դուք չսիրեցիք հայրենիքը, որովհետեւ դուք այս երկրին մէջ օտարներու նման ապրեցաք։ Դուք քանդեցիք ու կողոպտեցիք միայն։ Դուք եկեր էր ականատես լինելու իմ մահուան։ Լաւ, ուրեմն, տեսէք, թէ ինչպէ՞ս կը մեռնի հայ յեղափոխական մը… Կեցցէ՛ ազատութիւնը… կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը…

Եւ Վահէն բոլորովին անսպասելի շարժումով մը աթոռը մէկդի հրեց ոտքի տակէն։ Մարմինը ծանրօրէն երկու ոտք վար ինկաւ։ Պարանի օղակը սեղմուեցաւ եւ անկման ուժգնութենէն կոտրեց Վահէի վզոսկրը։

Հազիւ չորս հինգ վայրկեան նոր մորթուած վառեակի նման թպրտաց Վահէն ու մէկ ալ բոլորովին թուլցած՝ մարմինը անկենդան կախուեցաւ պարանի ծայրէն՝ թեթեւակի ճօճուելով։

Վահէն մեռած էր։