Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

Ա

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ հնութեան եւ յունութեան շնորհք ունող հայկական անուանց մէկն է Երիզա, որ մեր հայրենի երկրին քանի մը կողմերը յիշուելէն զատ` կու գ տուի նաեւ Յունաց կողմերը, եւ Կիւլիկիոյ արեւմտեան դրացի գ աւառաց մէկուն կար Երիզա անուամբ եպիսկոպոսանիստ քաղաք մ ՚ այլ: Նշանաւոր պատճառ եւ ծա գ ում մը պէտք է ունեցած ըլլայ այս անունս, բայց ստու գ ութիւնն անյայտ է ինծի, եւս եւ որ լեզուէն ծա գ իլը, ի Հայոց (ինչպէս կ ՚ ուզեմ կարծել` մեր երկրին հնութեանն եւ ազ գ աց չուարան ըլլալուն համար), եթէ դիպուածով յօտարաց ի մեզ մտած. - վասն զի եթէ այս անուանս նախնական պատճառը սեպեմք երկրի նշանակութիւն մը, ոչ միայն մեր` այլ եւ արաբացի եւ գ երմանական լեզուաց մէջ մեր Երէզ բառին համաձայն եւ համանիշ բառք կան: Յոյնք ունին առասպելեալ անձինք այլ Երիս կամ Երէզ անուամբ, ինչպէս խռովարար դիցուհին մ ՚ այլ Էրիս` որ է ըստ նշանակութեանն եւ ըստ ձայնին հետ (կռիւ ատելութիւն) եւ անշուշտ հեռի է Երիզայ անուանադրութենէն: Բայց անունը թողլով եւ իրաց գ ալով կու գ տնեմք որ այդ անունը կրող տեղեաց մէջ ամենէն նշանաւորն եւ մնայունն եղած է մեր Բարձր Հայոց աշխարհին եւ Եփրատ գ ետոյն նոր ձեւացեալ եզերաց վրայ կան գ նուած Երէզ աւանն, որ 2000 տարուան յիշատակաւ այսօր այլ ծանօթ է ամենուն Երզնկա անուամբ քաղաք մը, Էրզընճեան ըստ Թորքաց, կամ Երզընկեան, Էրզիռումի կուսակալութեան վիճակաց մէկն հիմայ, իսկ մեր նախնեաց եւ տէրութեան ատեն գ լխաւոր քաղաք Եկեղեաց հռչակաւոր գ աւառին, որ շատ ծանօթ էր Յունաց Ա գգ իլիղինի կոչմամբ եւ Լատինաց` Ալլիլիղէնի կամ Չելղէնէ: Ո'վ որ Փոքր Ասիոյ միջնաշխարհէն ի Հայս կ ՚ երթար, կամ ի Հայոց` հոն, կ ՚ անցներ յԵկեղեաց եւ յԵրիզայ, ինչպէս որ Գ դարուն վերջը եւ Դին սկիզբը, Տրդատայ եւ Լուսաւորչի գ ործոց եւ գ նացից մէջ կու յիշեն ժամանակակից պատմիչք: Բայց միան ճամբու վրայ ըլլալուն համար չէր Երզնկայի շնորհքն, այլ եւ երկրին հան գ ամանաց, եւ ամենէն աւելի կրօնական դիպաց համար:

Եփրատ գ ետ Կարինէն իջնելով եւ Դերջանէն անցնելով` դէպ ի յարեւմտեան հարաւ կ ՚ երթայ, երկու մեծ լեռնա գ օտեաց մէջ, որոց մէկն ի հարակոյ կ ՚ անջըրպետէ իր զու գ ակից Մուրատ (Արածանի) գ ետոյ հովնտը, միւսն` յարեւմտից Փոքր Հայոց գ աւառները եւ գ ետերը. այս միջոցիս վրայ է Եկեղեաց կամ Երզնկայի գ աւառն, արեւմտեան հիւսիսէն դէպ ի արեւելեան հարաւ տարածուած, մեծաւ մասամբ Եփրատայ աջ եւ հիւսիսային կողմը, ուսկից կ ՚ ընդունի այն գ աւառին գ լխաւոր վտակը` հիմա Վազկերտ ըսուած, որ պիտի ըլլայ Վասակերտ կամ Վասակակերտ, այս անուամբ աւանի մը քովէն անցնելուն համար, շինուած ի Դ դարու, եւ անշուշտ անով գ ետակին հին անունը խափանաց, որ էր Գայլ գ ետ, եւ որոյ եզերքն էր Երէզ աւանն, ինչպէս որ հիմայ այլ մօտ է անոր Երզնկա քաղաքն, թէ եւ հին եւ առաջին Երիզայ բնիկ յատակին վրայ չըլլայ: Երբեմն քաղաքներ այլ տեղափոխութիւն կ ՚ ընեն, մանաւանդ ուր որ շատ ժաժ եւ կործանումն կ ՚ ըլլայ, ինչպէս հոս: Երզնկայի գ աւառն` Դերջանայ եւ Կամախայ մէջ` լուսնաձեւ կամ ձուաձեւ տարածուած է, իբրեւ 20 մղոն երկայնութեամբ եւ 7-8 մղոն լայնութեամբ գ ետինն 4000 ոտքի չափ բարձր է ծովուն երեսէն, որով ձմեռը բաւական ցուրտ կ ՚ ըլլայ, բայց շատ պակաս ի Կարնոյ, (ուր ինչուան 25 Րէօմ. զրոյէն վար կ ՚ իջնէ ջերմաչափն, իսկ հոս իբրեւ 10). ամառն այլ աւելի տաք կ ՚ ըլլայ ինչուան 30 շուքի մէջ, եւ պէտք կ ՚ ըլլայ որ բնակիչքն շրջակայ լերանց վրայ ի հով ելնեն. ապա թէ ոչ թէ տաքն եւ թէ քիչ մ ՚ այլ ճապաղեալ ջուրեր` կրնար ջերմով վնասել: Հանդերձ այսու Երզնկա դեռ բարեխառն եւ ուարճալի վիճակաց մէկն է ի Հայս, վայելուչ դիրքերով եւ տեսարաններով, միան գ ամայն եւ բարեբեր. որուն մէկ պատճառն այլ գ ետնին կազմութիւնն է, տակը կրակ, վրան ջուր, վասն զի հրաբղխային է կազմուածքն, ինչպէս յայտնի է եւ իր ժաժերէն այլ, ծծմբային ջերմուկներէն այլ. կ ՚ արժէր որ երկրաբան եւ հանքաբան մը լաւ քննէր այս կողմերում լեռները, որոնք հովտին շրջապատն առած` կարծես թէ անոր գ եղեցկութեամբը կու ըզմայլին, իրենք այլ պակաս գ եղեցիկ չըլլալով: Հարաւային կողմէն կու տարածուին Տուժիկ լեռներն, տեղ տեղ կանաչ տեղ տեղ սեւ երբեմն չոր երբեմն դալար կողմերով, սիրուն ու ահաւո՜ր տեսարաններով. փէշերնին դէպ ի հովիտը փռած են, վրանին բազմաթիւ գ եղեր պարտիզաց եւ ծառաստանաց մէջ կու ծիծաղին, իբրեւ թէ ծաղիկ քաղելու ելած անձինք ըլլան. որոնց ետեւէն լերանց հարաւային անտառածար գ ա գ աթներն երբեմն սեւ սեւ գ մբէթներու պսէս երկինք քաշուած կ ՚ երեւան, երբեմն թուխ ու կանաչ վարա գ ուրի մը պէս Երզնկայի հորիզոնը կու չափաւորեն: Արեւելքէն հեռուէն Բարձր Հայոց լեռներն ամպերու պէս երբեմն կ ՚ երեւան երբեմն կու ծածկուին. արեւմուտքէն ալ հեռու չէ սրբազան Սեպուհն, որ կարծես թէ դեռ Լուսաւորչի վերջին շունչերը կը շնչէ Երզնկային վրայ, ուսկից առջի ան գ ամ Հայաստանի վրայ քրիստոնէութեան շունչերն փչեր էր. հիւսիսային հեռու սահմաններէն ալ Գայլ գ ետն աճապարող ճամբորդի մը պէս գ ալով` դէպ ի քաղքին արեւմուտք կը մօտենայ, բայց չի հասնիր այնչափ մօտ` որչափ կու հասնէր ասկէ 2000 տարի առաջ, եւ անկէց ալ դէպ ի հարաւ երթալով` կը խառնի եդեմական Եփրատ գ ետոյն ծեր ու ծաղկած ծոցը, որ այս կողմերս Ֆրա գ կու կոչուին, եւ բուն Երզնկայի սօտիկ` Սեւ ջուր կ ՚ ըսուի յայլազ գ եաց: Այս ջուրս որ հովտին պտղաբերութեան մեծ օ գ նականն է` անոր եզերքներէն առաջ կու գ այ` լերանց ստորոտիցը քծնելով, ուր որ շատ տեղ քարոտ ճամբու պատահելով` երբեմն հանդարտորէն իբր աստիճան ընելով այն դարերէն կ ՚ անցնի ձիւնափրփուր ալիքներով, երբեմն ալ սրդողածի պէս ուժ տալով կ ՚ անցնի կը վազէ անոնց մէջէն, հետն ալ մեծ մեծ քարերու կտորներ` ոչ անախորժ դղրդմամբ մը` քշելով տանելով. ինչուան որ անոնցմէ ազատած երթայ իր գ լխաւոր պաշտօնը կատարէ, հովիտը խմցընելով: Գետինն` որ ներսէն հրաբղխի երկրի մը բարեյարմար տաքութիւնն ունի` դրսէն ալ այս անուշ ջուրը գ ըտնալով` կը բանայ ծոցը ամեն տեսակ ընտիր պտուղներ բղխելու, որոնք ինչուան Կարնոյն կողմերը եւ ուրիշ կողմեր ալ կը ղրկուին: Չեմ գ իտեր թէ պտղոց տեսակն աւելի է հոս թէ ազնուութիւնն, բայց ետքինս կը յաղթէ, ինչ որ կը բուսցընէ` ամենն ալ ընտիր է, խաղող, թութ, դեղձ, սալոր, տանձ, խնձոր, մեղրապոպ, եւ այլն ինչուան թզենի ալ, եւ թէպէտ ցորենի գ աւառ չէ, բայց ունի պատուական ընդեղէններ, ալ հունձքն ալ կլիմային եւ գ ետնին ուժովը` կանուխ կու հասնին: բայց պէտք չէ մոռնալ երզընկայի պտղոց մէջ` իր համեղ փափուկ ծիրանե գ ոյն ծիրանն ալ, որ արեւմուտքի աշխարհքներ պտղոց մէջ. Հայկական անուամբ կու պատուի. անշուշտ այս հովիտս ծիրանն է որ Լուկուլլոսի եւ իր հռոմայեցի զօրքերուն ախորժակը զմայլեցուց, եւ հետերնին առած Իտալիա փոխադրեցին անոր կուտերը (թերեւս Հայաստանէն շահած ամենէն մեծ աւարնին աս ըլլալով), եւ ինչուան հիմայ հոն Արմենիաքա անունը կը պահէ: Մշակութիւնը հարիւրի չափ գ եղերու յանձնուած է, որ վերոյիշեալ լերանց եւ հովտին մէջ սփռած են բայց վայելքին կշիռքն երբեմն Քիւրտերուն նիզակովը կու կշռուի: այս ազ գ ը հոս երկու ցեղ ունի, Պալապան եւ Շեխ-Հասան կամ Հիւսէյին ըսուած, որ ձմեռները կ ՚ իջնեն շէնքի տակ, լաւ եղանակները լեռներուն մէջ կ ՚ անցընեն իրենց հօտերովը, որոնց պարարտ արօտներ կան լեռնադաշտակներուն մէջ. գ րեթէ անկախ ինքնա գ լուխ կը տիրեն այս կողմերուս. լերանց նեղ անցքերը բռնած` ճամբորդներէ անցքի հարկ կը պահանջեն: Լուսաւորչի ուխտաւորներն ալ` ուխտէն առաջ այս անհաճոյ հարկը պէտք է տան. բայց դեռ երջանիկ են որոնք որ նեղութեան քրտինքով արիւննին կը դնեն, վասն զի Քիւրտին նիզակը սուր է. անոր համար հիմայ շատ գ եղեր անմարդաբնակ են:

Բ

Դառնանք հիմայ քաղքին, որ հովտին արեւմտեան անկիւնը նստած է, եւ գ եղերուն պէս զուարճալի տեսք ունի, կանաչութեամբ զարդարուած, տուներն ալ որ 3000 էն աւելի են` բաւական վայելուչ են տեսքով: Բնակչաց իբրեւ երրորդ մասը մերազ գ իք են, մնացածքն մահմէտականք: Քանի մը եկեղեցիներէն զատ Երզնկա նշանաւոր շէնք մը չունի, եւ ոչ հնութեան արձան, խիստ շատ ան գ ամ երկրաշարժներէ կործանած ըլլալուն համար, որ ոչ հեթանոսութեան առջի դարերուն սրբազան եկեղեցեաց խնայեցին:

Մեր պատմութեան մէջ Քրիստոսէ դար մը առաջ կու սկսի Երզնկայի անունն եւ փառքն. այն ատեններն Երէզ քաղաքաւան մ ՚ էր, Եկեղեաց գ աւառին գ լխաւոր տեղը: Արտաշէս Ա մեր թա գ աւորն` որ Արամ հայկազուն նահապետէն ետեւ առաջին աշխարհակալ եւ ծովակալ եղաւ, Յունաստանի տիրած ատեն` հոն գ տած տաճարներուն մէջ հարստութեամբ եւ ճարտարութեամբ երեւելի կուռքերուն շատը` Հայաստան ղրկեց. ասոնց մէջ կար Արտեմեայ անդրի մ ՚ ալ, որ կու կարծուի այն հռչակաւոր անդրին` որուն համար հիներն կ ՚ առասպելէին թէ երկընքէն իջած էր եւ Ղրիմու Տաւրիդեան կողմերը կու պաշտուէր հազար տարիներով առաջ. Տրոյայ պատերազմէն ետեւ Ա գ ամեմնոնի Յունաց առաջնորդին աղջիկը Եփի գ ենիա հոն փոխադրեցաւ Անահտայ ձեռքով, որ իր տաճարին մէջ ծառայութիւն ընէ. վերջը երբ իր Ովրեստէս եղբայրն ալ այն կողմերն ընկաւ նաւակոծութեամբ, մէկտեղ կուռքն առին փախան, եկան յԱր գ ոս Յունաստանի ու հոն կան գ նեցին, որով բոլոր Յունաստանի մէջ մեծապաշտօն եղաւ: Հազար տարի անցնելէն ետեւ մեր Արտաշէս զաս ալ առաւ Յունաստանէն եւ ղրկեց ի Հայաստան. եւ դեռ հրաման չտուած ուր կան գ նելուն վրայ, ինքը մեռաւ Յունաստանի կղզեաց մէջ. զկուռքն ալ` Հայաստան բերողներն ալ` Երէզի մօտիկ Անի ամրոցը պահեցին, հանդերձ յոյն քուրմերով` որ չէին ուզած անկէ զատուելու. Տի գ րան Բ իր հօրը տեղ անցնելով, հրամեց որ Անիէն հանեն կուռքը եւ Երէզ աւանին մէջ կան գ նեն: Հայք որ շատոնց Անահտայ ջերմեռանդն էին` իրենց դիցուհին կարծելով զսա` մեծ յար գ ութեամբ սկսան պաշտել. թա գ աւորներն ալ գ աւառին շատ երկիրները` տաճարին կալուածք տուին. անոր համար բոլոր այն երկիրներն Անահտական գ աւառ ըսուեցան, եւ մեհեաններով ու քուրմերով լցուեցան. ամեն կողմէ նուէրք կու գ ար տաճարներուս: Այս նուիրաց հետ դիցուհւոյն նուիրած եզներ ալ կային, որոնցմէ ճերմակներն եւ ընտիրներն իրեն հաճոյա գ ոյն զոհ սեպուած էին. ասոնց ճակատը ջահաձեւ խարան զարկած` որ ոչ ոք չդիպչի` կու թաղուին որ խումբ խումբ արածին Եփրատայ եւ Գայլի խոտաւէտ ափունքներն: Երէզի բնակչաց մեծ մասն եւ քովիններն` Անահտայ ծառայողք տաճարներուն մէջ` նուիրաբերաց եւ ուխտաւորաց, եւ տօները կատարելու` հանդիսիւ. գ արնան եւ աշնան մէջ մեծահանդէս թափորով ջահերով կը պտըտցընէին կուռքը մեհենէն դուրս չորս դի. յատուկ Անահտայ մեծ տօնը նաւասարդի 15ին կը կատարէին, 15 օր տարե գ լխէն կամ Արամազդայ տօնէն ետեւ, որով կ ՚ երեւի ալ թէ Հայք եօթօրեայ շափաթական շրջան ունէին, եւ Արամազդէն վերջը Անահիտն էր իրենց մեծ աստուածն. ինչպէս որ Տրդատ թա գ աւորն ալ իր դիցամոլութեանն ատեն մեղադրելով կ ՚ ըսէր Լուսաւորչի. «Մեծ Անահտայ տիկնոջ, որ է փառք ազ գ իս մերոյ եւ կեցուցիչ. զոր թա գ աւորք ամենայն պատուեն, մանաւանդ թա գ աւորն Յունաց. որ է մայր ամենայն մարդկան բնութեան, եւ ծնունդ է մեծին արի Արամազդայ… որով կեայ եւ կենդանութիւն կրէ երկիրս Հայոց»: Այս խօսքերէն կու տեսնուի որ Հայոց Անահիտն սեպուած է Աթենաս, մայր զ գ աստութեանց, ինչպէս Պղատոն ալ Տիմէի գ րոց մէջ Աթենաս կը սեպէ զԱնահիտ` Նիիթ անուանելով` ե գ իպտական կոչմամբ. բայց իմաստնոց մէջ շատ վէճ կայ Անահտայ վրայ, եւ հաւանական կ ՚ երեւի որ Հայոց հին Անահիտն` Ա Տի գ րանայ ատենները` Ասորւոց դիցուհւոյն նման Բնութեան աստուած էր, շատ տեղ ալ Յունաց Արտեմիս կամ ի գ ական լուսին սեպուածն, իբրեւ քոյր Միհր աստուծոյ, այսինքն արեւու:

Երբոր Տրդատ Յունաստանէն գ ալով մտաւ ի Հայաստան հալածելով զՊարսիկս, առջի պարտքը սեպեց Անահտայ պաշտօնը, զոր եւ կատարեց հանդիսիւ. եւ այլ աւելի պատիւ մ ՚ ընելու համար` հրամմեց Գրի գ որի որ այն ատեն իր ծառայութեան մէջն էր եւ իրեն սիրելի, որ ուրախութեան սեղանին վրայէնծաղկըներն առնու եւ նոր տերեւներ ալ կտրելով`տանի Անահտայ բա գ նին նուիրէ: Ահա այս հրամանիս վայրկեանն էր ի յաւիտենից դիտուած մեր ազ գ ին հո գ եւոր ծննդեանը: Ամեն Լուսաւորչի որդւոց պէտք է յայտնի ըլլան` այն հրամանէն ետքը պատահածներն, որով եւ աւելորդ ինծի հոս կրկնելն. միայն չեմ կրնար լռել իմ անձնական զուարճութիւնս երախտա գ իտական պարտքի մը պէս այս տեղս, ուր իմ հո գ ւոյս սերմն ալ 1500 տարի առաջ ծլեր էր իմ Լուսաւորչիս շնչին մէջ, այս դաշտերս իր սուրբ արեամբն ոռո գ ուած էին. աւելի անոնց կաթիլներովն էր հոն գ րուած գ աւառ Լուսաւորչի` քան թէ գ րոց աանդութեամբ, հոն յղացաւ Հայոց հո գ եւոր անձնաւորութիւնը, որ 13 տարի Արտաշատու վիրապին մէջ երկնելով` ընծայուեցաւ Վաղարշապատու դաշտին մէջ: - Ո՜րչափ փոխուած էր այն Տրդատն` երբոր երկրորդ ան գ ամ Գրի գ որի հետ 15 տարիէն ետեւ` եկաւ անհատական բա գ իններուն դիմաց, եւ զայն` որ մայր զ գ աստութեան կ ՚ անուանէր, ճանչնալով մայր մոլորութեան` հրամմեց ոչ ծաղկով ու տերեւով պատուել, հապա մրճով ու բրչով փլցընել մանաւանդ թէ Քրիստոսի խաչովն, եւ անոր տեղ կան գ նել ճշմարիտ զ գ աստութեանց մօրն` Տիրամօրն աթոռը. եւ նաւասարդի 15ը հաստատուեցաւ տօն Աստուածածնի, որ կ ՚ երեւայ թէ վերափոխմանն ըլլայ, ինչպէս որ ընդհանուր եկեղեցին այլ նոյն օրերը կու կատարէ այս տօնս: Իրաւամբ հոս պէտք է կանչել, Անանիա հին վարդապետին հետ. «Օրհնեալ ես դու լուսանկար առա գ աստ, որ շքեղաճոխ նազանօք զօրացար ի վերայ պատկերացն դրօշելոց, եւ հարեալ խորտակեցեր զանսուրբ պաճուճանս դիցանուէր եւ քաջապերճ պանծանաց Անահիտն տիկնոջ»: Անշուշտ այս տաճարիս տեղն կան գ նուեցաւ արժանապէս Աստուածամօրն եկեղեցին, զոր թէպէտ յայտնապէս չեն յիշեր մեր պատմիչք, այլ Պրոկոպիոս Յոյն պատմիչն կու վկայէ, թէ Ոսկեայ Կոմանայի տաւրիական Անահտայ մեհենին տեղ` հիմայ եկեղեցի է, գ իտեմք որ մեր Անահտայ անդրին ալ ոսկեղէն էր:

Գ

Երզնկայի հին դարերուն դիպուածներն մութի մեջ մնացեր են, ամենէն պայծառ ժամանակն է ԺԳ եւ ԺԴ դարերն: Թէ եւ ոչ փառաւոր եւ ուրախալի` բայց ամենէն նշանաւոր դէպք քաղաքիս կրնան ըսուիլ իր ժաժերն եւ կործանմունքն, որոց առաջինն կու յիշուին յամին 1012, վերջինն 1784 միջոցն այլ 20 ան գ ամէն աւելի, երբեմն գ րեթէ բոլոր քաղաքը կործանելով, երբեմն մեծ կամ պզտիկ մաս մը, եւ իր բնակչացը գ երեզման ընելով իրենց տուները. եթէ միայն նշանակուած մեռելոց թիւը գ ումարենք 200, 000 կ ՚ ըլլայ, անշուշտ աւելի այլ կորած են հոն` ուրիշ չնշանակուած ատեններն այլ մէկտեղ. ըսել է որ Հայաստանի մէջ Երզնկա կու նմանի այն հարաւաին Իտալիոյ գ եղեցիկ քաղաքաց (որոնց գ րեթէ զու գ աստիճան եւ աշխարհա գ րական դրիւք, լայնութեան), ուսկից չեն կրնար հեռանալ տա գ նապեալ բնակիչքն, կու վախեն եւ կու սիրեն, որքան սաստիկ եւ դժնդակ է երկրին աներեւոյթ երեսն, այնքան բարի եւ անուշակ դրսի երեսն: Մեր պատմիչներէն զատ` քանի մ ՚ արեւմտեան կամ եւրոպացի ժամանակակից հեղինակք եւ ճամբորդք այլ կու յիշեն այս դիպուածներս, որոց գ ուցէ հնա գ ոյնն է Րիւպրիւքի Փռանկ եւ Փրանկիսկեան կրօնաւորն, զոր Պապն Հռովմայ դեսպան խաւրեր էր առ Ղանն Թաթարաց, եւ ի դարձին` յամին 1255 տեսաւ առջի տարին հանդիպած մեծ ժաժին ահաւոր նշաններն եւ աւերածները. որոնց տակ զատ յաղքատաց` 10, 000 ունեւր մարդիկ թաղուած էին, կ ՚ ըսէ, եւ երեք որ ձիով անցնելով կու տեսնէինք զարհուրելի պատառածներ գ ետնին երեսը, եւ մեծամեծ քարակոյտներ` որք լեռներէն փրթելով ծածկեր էին ձորակները, այնպէս որ եթէ ժաժն քիչ մ ՚ այլ երկայն քշէր` ստու գ իւ պիտի կատարուէր Եսայի մար գ արէին ըսածն, «Ամենայն ձորք լցցին եւ ամենայն բլուրք խոնարհեսցին», մեր յիշատակա գ իրք` 16, 000 հո գ ի կորսուած կ ՚ ըսեն այս ան գ ամուս: - Յամին 1471 այլ Յովսափատ Պարպարոյ Վենետկեցին անցաւ Երզնկայէն, եւ քաղաքին կէսը կործանած գ տաւ` քանի մը տարի առաջ եղած սասանութենէն. մեր յիշատակա գ րաց մէջ այս թուականէն առաջ 1562 ին եղածը կու գ տնեմք, յորում 30, 000 հո գ ի մեռան, կ ՚ ըսեն:

Ասոնցմէ երեւելի եւ Միջին դարուց ամենէն մեծ ճանապարհորդն Մարդոյ Բոլոյ` աւելի լաւ ատեն մ ՚ անցաւ յԵրզնկայէ, յամին 1300, յորում շէն էր քաղաքն, Թաթարաց իշխանութեան տակ, Ներսէս եպիսկոպոսին ատեն, ինչպէս կ ՚ ըսէ_ բնակչաց մեծ մասն Հայք էին, իրենց գ լխաւոր ձեռա գ ործն էր բամբակեայ խժապատ կտաւն, զոր ամեն տեղի նման կտաւներէն ընտիր կու սեպէ, miglior bocherame (կամ bocassini del mondo, որ է Թուրքաց պօղասը կոչածն, եւ մինչեւ ցայժմ ասոնց մէջ անուանի է քաղքիս կտաւն, մինչեւ առակի պէս կ ՚ ըսէն. նոյնպէս կու գ ովէ Մ. Բոլոյ քաղքին բաղնիքներն այլ` ուրիշ տեղերէն վեր դնելով: - Անկէ 14 տարի վերջը (1314) երեք Իտալացի Փրանկիսկեան քարոզիչք նահատակուեցան յԵրզնկա, եւ Հայ երեց մը թաղեց զանոնք պատուով, իսկ կաթուղիկոսն Հայոց պատուիրեց յիշատակել զանոնք յեկեղեցին, այսպէս կ ՚ աւանդէ անոնց ժամանակակից մէկ ընկերն. մեր պատմըչաց մէջ չկայ այս բանիս յիշատակն. այլ անոր տեղ եւ անկէ առաջ ուրիշ ազ գ ային նման ցաւալի դիպուած մը, որ է սպանումն Սար գ ս արքեպիսպոպոսի քաղաքին:

ԺԳ դարուն կիսէն սկսեալ կու յիշատակուի այս անձս 30 տարի գ ովութեամբ, շատ բարի կարդաց եւ շինութեանց համար, որոց գ ործակից էր եւ որդին, վասն զի աշխարհի կար գ ալ մտեր էր. այս որդին էր Պարոն Յովհաննէս, քաղքին ազ գ այնոց վերակացուն. ժամանակին յիշատակա գ իր մը կ ՚ ըսէ Սար գ սի համար, պատուեալ յԱստուծոյ, մեծարեալ յազ գ աց եւ յազանց եւ ի թա գ աւորաց մեծաց». այս մեծ թա գ աւորներն էին կայսերք Յունաց եւ Ղանք Թաթարաց, սուլտանն Իկոնիոնի եւ թա գ աւորք Հայոց: Հուլաղու ղանին կողմանէ դեսպանութեամբ ղրկուեցաւ առ Միքայէլ Պալէոլո գ կայսր եւ անոր Դեսպինա (Տիրուհի) Մարիամ դուստրը տարաւ ի կնութիւն ղանին. Հուլաղու մեռած ըլլալով` (1266) որդին Ապաղա ղան առաւ զայն, եւ այս առթիւ կ ՚ ըսուի թէ Սար գ իս Անտիոքայ պատրիարքին հետ մէկտեղ մկրտեցին զԱպաղա, վասն զի առաջուց յանձն առեր էր քրիստոնեայ ըլլալ: Քանի մը տարի ետեւ (1269) Սար գ իս հիմնարկեց Ս. Փրկիչ մեծ եւ հոյակապ եկեղեցին, որուն գ մբէթը կան գ նեց 1274ին, եւ վրան այլ յաղթական խաչը: Յաջորդ տարին երբ Երզնկայի քով հին Թիլ գ իւղին մէջ գ տուեցան մեծին Ներսիսի նշխարքն` Սար գ իս բերաւ զանոնք եւ դրաւ իր նոր շինած եկեղեցւոյն մէջ, ուր եւ թողուց հայրապետին սուրբ աջը. իսկ ձախ բազուկը տարաւ հան գ ուց գ ետոյն անդիի կողմը Տիրաշէն ըսուած վանքը. «Իմաստաբար եւ մեծ յուսով արարեալ խոհեմականն տէր Սար գ իս ՚ ըսէ ականատես վկայ մը, որոյ վրայ յետոյ պիտի խօսիմ), զի զերկոսեան բազուկսն եւ զձեռսն` առատաձիր շնորհիւ լցեալ տեառն Ներսիսի` զերկրորդ մեր Լուսաւորչին` սահմանէր յերկուս կողմանս գ ետոյն, որպէս թէ տարածեալ ունելով զթեւսն հովանի գ աւառին»: Քանի մը տարի ետեւ (1279) Թաթարք ուրիշ կողմ զբաղած ըլլալով` Թուրքք առին Երզնկա քաղաքը, եւ ատելութեամբ վրէժ խնդրելով` սպանեցին զՍար գ իս եւ զՊարոն Յովհաննէս 38 գ լխաւոր անձամբք: Լսեց եկաւ շուտով Ապաղա ղան, տիրեց քաղաքին, հալածեց ատելիները, մխիթարեց Սար գ սի մերձաւորները, պատուասիրեց անոր թոռները: - Թաթարաց բարեկամութիւնն շատ երկար չտեւեց` երբոր սկսան իրենք այլ տկարանալ, եւ Թուրք ցեղերն զօրանալ, որք ԺԴ դարուն մէջ տիրեցին այս քաղքիս եւ շրջակայից. ասոնցմէ էր Թահէրդան կամ Թախրադան, որ անձնատուր եղաւ Թէմուր Լէնկի (1393), եւ առաջնորդ ու գ ործակից անոր աւերանացը, որոց մէկ գ ործն այլ եղաւ Սար գ սի շինած հոյակապ Ս. Փրկիչ կաթուղիկէն քակել, հանդերձ ուրիշ եկեղեցիներով: - ԺԴ դարուն մէջ Երզնկա զանազան տերանց կամ բռնաւորաց ձեռք ընկաւ, այսինքն Լէնկթիմուրի յաջորդաց, Ա գ եւ Գարա գ օյունլու Թուրքաց, եւ երբեմն երբեմն Պարսից եւ Օսմանեանց, մինչեւ այս ետքիններուս ձեռք նորէն անցնելով յամին 1514, մնաց մինչեւ հիմայ:

Եկեղեցական հան գ ամանք այս քաղաքս Յունաց ինքնակալութեան ատեն աւելի ծաղկած էր, Զ դարէն սկսեալ, յորում Յուստինիանոս կայսր նորո գ ելով` անուանեց Յուստինիանուպօլիս, եւ եպիսկոպոսի աթոռ եղաւ, որ եւ Յունաց ժողովքներուն մէջ ստէպ կու յիշուի. միայն թէ այդ Յուստինիանու նորո գ ած քաղաքն բուն հիմկու Երզնկայի հետ նոյն ըլլալն յայտնի չէ. վասն զի եւ ամենեւին յունարէն արձանա գ իր մը գ տուած չէ հոս, բաց ի քանի մ ՚ անծանոթ նշանա գ իրներէ որ պարսպաց քարերուն վրայ կ ՚ երեւին. ուր կան նաեւ Սէլչու գ եանց (Ղօնիայի սուլտանաց) քանդակք եւ նշանք: Իսկ մեր ազ գ ային եպիսկոպոսներէն քիչ կու յիշուին յԵրզնկա. նոյնպէս եւ եկեղեցիներէն, որք պէտք է բազմաթիւ եղած ըլլան մեր Արշակունի քրիստոնեայ թա գ աւորաց ատեն. մանաւանդ որ ատեն մը վերջին թա գ աւորաց մէկն այլ հոս նստաւ. բայց պատմութեան մէջ Լուսաւորչի շինած Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն վերջ մինչեւ Սար գ սի շինած կաթուղիկէն` միայն Ս. Գէոր գ եկեղեցի մը կու գ տնեմ յիշուած յամի 1223:

սկ թէ կրօնական եւ թէ գ իտնական անձանց մէջ երեւել կամ ինծի յայտնիներն` յԵրզնկա, ԺԳ-ԺԵ դարուց միջոցն ծաղկած են, որոց առաջին` նախայիշեալն Սար գ իս արքեպիսկոպոս, անոր ժամանակակից Յովհաննէս Վ. Պլուղ կամ Ծործորեցի, Ստեփանոս Գ կաթուղիկոս` որ գ երի բռնուեցաւ ի Հռոմկլայ յԵ գ իպտացւոց, Կոստանդին Երզնկացի բանաստեղծն. ԺԴ դարուն մէջ Մովսէս Վարդապետ Երզնկացի խրատա գ իր, Կիրակոս Վ. աշակերտ Յ. Որոտնեցւոյ, որ քաղքին ազատութեանն համար աղաչաւոր երթալով առ Լէնկթիմուր` վախէն պըռկունքն պատռեցան, եւ լալով ետ դարձաւ. - քիչ առաջ իր վարժապետն` մեծահռչակ Որոտնեցին` եկեր էր յԵրզնկա, եւ հոս ուրիշներէն զատ իրեն պէս եւ աւելի անուանի եղած Գրի գ որ Տաթեւացւոյն` վարդապետական գ աւազան տուեր էր. - ԺԵ դարուն վերջը Երզնկայի եպիսկոպոս էր Մարտիրոս մը, որ երկայն ճամբորդութիւն մ ՚ ըրած է յԵւրոպա` բայց շատ կարճ նշանակած է: Աղեքսանդր Զ Պապն ասոր գ իր մը տուած է ընծայութեան, որուն օրինակն պահուած կայ: ԺԷ դարուն վերջն այլ Երզնկայի եպիսկոպոս էր յետոյ անուանի Աւէտիք պատրիարքն Կոստանդնուպօլսի:

Դ

Այսքան անձանց մէջ ամենէն յատուկ Երզնկայի կոչուածն, միան գ ամայն եւ ամենէն արդիւնաւորն գ րականութեամբ եւ գ իտութեամբ` ըլլալով Պլուղն Յովհաննէս, կ ՚ արժէ որ ոչ միայն քաղքին հետ աւելի պնդութեամբ կապուած ըլլայ իր յիշատակն, այլ եւ մեր մտաց մէջ, Հայկակ, մանաւանդ որ գ րա գ էտք մեր լեզուին յստակութեան կամ վայելուչ գ րողաց վերջինը կու սեպեն զսա, արժանի է որ ամեն բանասիրաց սիրելի ըլլայ` այն բանասէրն` որ ուսմանց սէրը, հո գ եկան կրթութեան եռանդն եւ խոհեմութիւնը հաւասար իրարու կապեր էր, որ բոլոր կեանքն իմաստութեան նուիրած` եղաւ ճարտար գ րիչ, բանաստեղծ, քերական ճարտասան, մեկնիչ, տոմարա գ էտ, քարոզիչ վարդապետ եւ աստուածաբան: Եւ առաւել սիրելի եւ յար գ ելի եւ գ ովելի է այն անձն` որ ազ գ ին կարծեաց երկպառակութեան ատեն, դժուարին եւ դժբաղդութեան ատեն ալ, կրցաւ խոհեմութեամբ ճամբայ բանալ սիրով միաբանութեան առաջնորդաց եկեղեցւոյ: Արժանի էր հռչակելու այն վարդապետը` որ իր նախնի արժանաւոր հայրապետները ներբողներով եւ եր գ երով հռչակեց, միաբանակեցաց ժողովքներն արթընցուց եւ զուարթացուց, սուրբ եկեղեցիները սրբաբանութեամբ զարդարեց, հայ թա գ աւորաց արքունիքն ալ` պերճաբանութեամբ: Բայց ափսո՜ս որ այսպիսի անձի մը վարքն ամբողջ ծանօթ չէ մեզի, հապա միայ իրեն գ րոց եւ քանի մ ՚ ալ ժամանակակցաց յիշատակարաններէն կրնամք տեղեկութիւն առնուլ իր արդիւնական կենացը:

Յովհաննու ծնած տարին` ինչպէս` մեռածն ալ` յայտնի չէ, բայց հաւանական է թէ ծնած ըլլայ իբր 1250ին, եւ մեռած ի 1326: Զանազան մականուններ ունի այս վարդապետս, որոնց առաջին եւ սովորականն է Երզնկացի կամ Եզնկայեցի, «Երզնկայ քաղաքը ծնած ըլլալուն համար. բաղդով աս վարդապետին բուն իր ձեռքով գ րած մէկ գ իրքը տեսայ, ուր գ րեր էր «Նուաստ եւ տկարո գ ի Յովհաննէս Եզնկայեցի սպասաւոր բանի», եւ այլն. ուր եւ տ գ էտ անձ մը` Եզնկայեցի բառին ետքի գ րերը քերեր եւ Եզնկայ եպիսկոպոս ձեւացուցեր էր: Բուն ծննդեան տեղն է Աբկայ գ եղն, ըստ աւանդութեան հիմակուան Եզնկացւոց: Երկրորդ սովորական մականուն է Պլուզ, որ կու կարծուի թէ կա'պուտաչուի ըլլալուն համար` ըսուած է, կամ մանաւանդ հասակաւ պզտիկ ըլլալուն համար. Երզնկացիք հիմայ այլ պլզտիկ կ ՚ ըսեն եւ ոչ պզտիկ: Երրորդ մականունն է Ծործորեցի, երկայն ատեն Արտազ գ աւառին Ծործոր գ եղին Ս. Աստուածածնի վանքը բնակելուն համար, ինչպէս ինքն ալ կու վկայէ յիշատակարանի մը մէջ: Հոս ալ նշանակել կամ դիտել տալ կ ՚ ուզեմ, որ Կիրակոս Երզնկացին այլ Ծործորեցի ըսուած է: Չորրորդ մականուն մ ՚ ալ կ ՚ ընծայէ ձեռա գ իր շարական մը հին կար գ աւորութեամբ գ րուած գ եղեցիկ գ րով եւ աղէկ թանաքով, որուն գ րերն նման են Յովհաննու ձեռա գ րին զոր վերն յիշեցի. եւ տեղ մը կայ հին գ րչով գ րած այս պզտի յիշատակարանս. «Յովհանէս Եզնկացւոյն է գ իրս, մականուն Մաշածին». այս մականունս որ իր ժամանակը գ րած կ ՚ երեւի իրեն ձեռա գ իր շարականին վրայ, չեմ գ իտեր ի'նչ պատճառաւ արուած է իրեն, եւ ոչ ալ թէ Մաշածին` մաշած բառին սեռականն սեպելու է, թէ մաշ եւ ծին բառերէն բարդած, ինչպէս կրնայ ալ կարծուիլ:

Յովհաննէս անոնցմէ մէկն եղած է` որ կրնային ըսել Իմաստնոյն, եւ իրեն իսկ անուանակից եւ ազ գ ակից` Հայոց մեծ Իմաստասիրին հետ, թէ Մանուկ էի մտավարժ եւ ո գ ւոյ բարւոյ դիպեցայ. կ ՚ երեւի թէ ծնողքն ալ հո գ ունեցեր են պզտիկուց զինքը ուսման տալու. իր մէկ բաղդն ալ այս եղաւ որ իր հայրենիքը Լուսաւորչի լերան վանքերով շրջապատած էր, որոնց մէջ դեռ բաւական գ րքեր եւ գ րա գ էտներ կու գ տուէին. եւ աւելի բաղդն ալ այս էր` որ իր տղայութեան ատեն` Երզնկա քաղքին քաղաքական իշխանն էր Յովհաննէս պարոնը, հո գ եւոր տեսուչն ալ էր` այն պարոնին հայրն Սար գ իս արքեպիսկոպոսն, երկուքն ալ աշխարհաշէն եւ ջանասէր եւ ջանասիրաց ձեռք տուող: Երզնկացին առջի ուսմունքներն ըրաւ Ս. Մինասու անապատ ըսուած վանքը, Սեպուհ լերան սրբազան շուքին տակ. վերջը անոր քովի վանքերն ալ պտըտելով` մեղուի նման քաղեց անոնցմէ ինչ որ իր իմաստասէր մտաց պատուական գ տաւ. բայց անոնցմով գ ոհ չըլլալով` ելաւ հեռու տեղուանք ալ պտըտելու գ իտութիւն ժողվելու համար:

Այն ատենները Հայոց մէջ ամենէն անուանի վարդապետ ճանչցուած էր Վարդան Արեււելցին, եւ թէ Կիւլիկիոյ արքունիքը թէ արեւելեան Հայաստանի մէջ պատկառելի եղած. այս բազմահմուտ եւ բազմա գ իր վարդապետս իր վերջին տարիները քաշուեր էր Հայոց եւ Վրաց սահմաններուն մօտ Հաղբատ եւ Սանահին հռչակաւոր վանաց մէջ տեղ` Կայենոյ ձոր ըսուած տեղը, ուր որ պզտի վանք մը կար, հոն նստէր եւ դեռ աշակերտաց դաս կու տար. Յովհաննէս ալ գ նաց անոր քով, եւ կ ՚ երեւի թէ ինչուան անոր մահը հոն կեցաւ, եւ կ ՚ անուանէ զինքն «Աշակերտ հո գ ելից հօրն եւ սուրբ վարդապետին Վարդանայ»: Յովհաննէս դարձաւ Երզնկայ, ուր յաջորդ տարին (1272) հոն մեծ դիպուած մը հանդիպեցաւ. այսինքն սրբոյ Մեծին Ներսիսի մարմինն գ տուեցաւ, 640 տարուընէ վեր փլած Թիլ գ եղին եկեղեցւոյն տակ, եւ Սար գ իս արքեպիսկոպոսին ձեռքով փոխադրուեցաւ յԵրզնկայ: Այս գ իւտիս եւ փոխադրութեանն ոչ միայն ականատես կու կարծուի Երզնկայեցին, այլ եւ կ ՚ երեւի թէ ինքն է անոր պատմութիւնն ալ գ րող եւ գ եղեցիկ ճարտասանական ըսող` փոխադրութեան հանդիսին մէջ, ճառ մ ՚ ալ արքեպիսկոպոսին հրամանաւն, ինչպէս որ գ րուածքին ոճէն գ ուշակեն բանասէրք: Բայց ասկէ յայտնի եւ փառաւոր յիշատակ մ ՚ ալ թողուց Եզնկացին Ս. Ներսիսի վրայ, «Որ զլոյսն անճառ» եր գ ած շարականովն, որ ընտիր շարականաց կու հաւասարի` ազնիւ շարադրութեամբ եւ իմաստներով եւ վառվռուն եռանդեամբ, այս շարականս եր գ եց` երբոր Լեւոն Գ Հայոց թա գ աւորն լսելով Ս. Ներսիսի նշխարաց գ իւտը` եկեղեցի մը նուիրեց այն մեծ հայրապետին:

Երզնկացին քանի մը տարի հայրենեաց սահմաներէն հեռացած չերեւար. գ ուցէ Սար գ իս արքեպիսկոպոսին քով կը ծառայէր, ինչուան անոր անպարտ սպանումը իր որդւոյն հետ մէկտեղ: Տարի, մը ետեւ, 1280 ին, Ս. Գրի գ որ վանից միաբանքն` միաբանութիւննին նորո գ ելով` խնդրեցին իրմէ որ իրենց կանոններ գ րէ. ինքն ալ գ րեց «Կանոնք եւ սահման միաբանութեան եղբարց` որք աստուածային սիրով միաբանեցան յեղբայրութիւն միմեանց` յԵզնկայ, ի ՉԻԹ…». եւ կու սկսի. «Բանն Աստուած որ բանիւ գ ոյացոյց ամենայն արարածս», եւ այլն: Այս յիշեալ վանքերուն մէկուն մէջ գ տայ Փիլոնի Եբրայեցւոյ ճառերուն թար գ մանութիւնը` գ րուած կիսակատար` Երզնկացւոյն համար:

աջորդ տարին ելաւ Յովհաննէս հեռու ճամբորդութիւն մ ՚ ընելու, «Գնալ յաստուածային քաղաքն Երուսաղէմ ի տեսութիւն տնօրէնութեան Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ», ինչպէս ինքն կ ՚ ըսէ. ճամբորդութիւնը Կիւլիկիայէն ըրաւ, որ հոն տեղի թա գ աւորական եւ հայրապետական ջանքով պայծառացած գ իտութեանց ճաշակն ալ առնու: Յակոբ կաթուղիկոսն ուսումնասէր եւ խոհեմ անձն` սիրով ընդունեցաւ զՅովհաննէս, եւ ճանչնալվ անոր տաղանդը` իրեն ուսումնարանին վերակացու դրաւ, քերականական եւ մեկնական ուսմանց` եւ տեսնելով որ ինչուան անանկ քաջ մեկնիլ մը չըլլայ անկարելի է համբակաց մեր նախնեաց շինած յունարէնէն յարմարցուցած քերականութիւնը հասկանալ, աղաչեց իրեն որ այն քերականին դիւրահասկանալի մեկնութիւն մը գ րէ, որովհետեւ թէպէտ շատերն իրմէ առաջ գ րեր էր, բայց ամենքն ալ դժուար եւ մթին: Յանձն առաւ Երզնկացին, թէպէտ չկրցաւ մէկէն կատարել: Բայց իր համբաւն լսուեցաւ արքունեաց մէջ. Լեոն թա գ աւոր զինքը պատուեց, ինքն ալ իր հանճարովն զուարճացուց արքունիքը: Ռուբինեան թա գ աւորք Եւրոպայի թա գ աւորաց քանի մը սովորութեանց հետ` անոնց ասպետութիւնն ալ ընդուներ էին, որ իրենց Ձիաւոր կ ՚ ըսէին, եւ Ս. Վլասի անունով ասպետութիւն մ ՚ ալ հաստատած էին, նման Տաճարականաց եւ Մալդայի ասպետաց, Երզնկացւոյն հոն եղած ատեն Լեւոն թա գ աւորին երկու որդիքն Հեթում եւ Թորոս, որք վերջը երկուքն ալ թա գ աւորեցին, կարճութեան հասակ հասնելով` Ձիաւոր ընտրուեցան ուրիշ իշխանազանց եւ արքունի պաշտօնէից որդւոց հետ մէկտեղ, այս հանդիսին մէջ Երզընկացին հրաւիրուեցաւ ատենական ճառ մը խօսելու, եւ բնարան դրաւ Առաքելոյն խօսքը. «Ամենայն անձն որ ընդ իշխանութեամբ է), եւ այլն, ճառին սկիզբն է. «Յարաժամ բաղձանօք նորալուրն եւ նորա գ ործն սիրելի եւ ախորժական լինել», եւ այլն, ես այս ճառին դեռ վերնա գ իրն միայն տեսած եմ: Թա գ աժառան գ ն Հեթում մասնաւոր սէր կապեց Երզնկացւոյն, զոր վերջը իր պարոնութեան կամ թա գ աւորութեան ատենն ալ կրկին ան գ ամ ընդունեցաւ ի Կիւլիկիա: Իշխանք եւ եպիսկոպոսք ալ ճանչցան եւ պատուեցին Երզնկացւոյն հանճարը: Սսոյ մայր եկեղեցւոյն մէջ Քրիստոսի աստուածայայտնութեան օրը ճառ մը խօսեցաւ: Անարզաբայ Գրի գ որ եպիսկոպոսին առջեւ, որ եղաւ վերջը կաթողիկոս խօսեցաւ ուրիշ ճառ մ ՚ այլ բնարան դնելով «Սքանչելի եղեւ գ իտութիւն քո», եւ այլն: Նոյնպէս Կոռիկոսի Ստեփանոս վարդապետին հրաւիրանոքն ալ եկեղեցւոյ վրայ ճառ մը խօսեցաւ: Այսպէս ուրիշ յիշատակներ ալ թողուց` ի Կիւլիկիա, որ որչափ իր իմաստուն անուանը պատիւ են, այնչափ ալ իր իմաստութիւնը ճանչցող եւ յար գ ող անձանց: Երանի՜ այն աննախանձ ժամանակին եւ բաղդին, որ հանճարն իր արժանաւոր պատիւը եւ խրախոյսը գ տեր էր Հայոց մէջ. երանի՜ այնպիսի իմաստուն վարդապետաց, այնպիսի իմաստասէր իշխանաց եւ իմաստայար գ եպիսկոպոսաց: Գրչա գ րի մը մէջ հանդիպեցայ այս բանիս. «Յոհաննէս քահանայի աշակերտի գ րոց` ի բան քերականին որ ասէ. Անուն է մասն բանի հոլովական. ասացեալ` յորժամ դարձաւ յուխտիցն ի տեղի ուսմանն առ աշակերտակիցսն իւր, ի սուրբ վարդապետացն ժողովեալ բանից. Աստուածային ձեռին օծեալն», եւ այլն. - կրնար կարծուիլ թէ մեր Երզնկացւոյն ըլլայ այս ճառս (որուն միայն քիչ մը սկիզբն գ րուած էր), բայց յայտ է որ կամ աւելի առաջ երիտասարդութեան ատենն ըրած պիտի ըլլայ այս ուխտա գ նացութիւնս, կամ բնաւ ուրիշ Յովհաննէս մ ՚ է այս. վասն զի Երզնկացին իր քերականի մեկնութեանը վրայ տուած տեղեկութեան մէջ ամենեւին չի յիշեր այսպիսի բան մ ՚ այլ երբեմն գ րած ըլլալը:

Ե

Արդ մեի ծանօթ եւ իր յիշած ճամբորդութենէն եւ Կիւլիկիայէն դառնալէն ետեեւ` գ նաց 1284 ին ի Տփղիս Վրաց մայրաքաղաքը, ուր Վրաց հետ Հայոց հին իշխանազանց մնացորդքն ալ կային, թէպէտ ինքն գ րոց եւ գ րա գ իտաց հետ կ ՚ ուզէր պարապիլ, բայց համբաւն իրմէ առաջ անցնելով` զինքն ընդունելի ըրաւ հոն տեղի բարեսեր իշխանաց եւ հայրապետաց ալ. օր մը Քարիմատին ըսուած Հայոց Ոմեկ մեծ իշխանին շինած եկեղեցւոյն մէջ ներբող մը խօսեցաւ, որուն մէջ երկնից զարդուն նկարա գ րութիւն մ ՚ ալ ըրաւ, Ոմեկայ կտրիճ որդին Վաղթան գ ` այնչափ զմայլեցաւ այս խօսուածքին` որ աղաչեց զԵրզնկացին առանձին գ րուածք մը ընել երկնից վրայօք. Տփղիսի Յովհ. եպիսկոպոսն ալ վրայ տուաւ. այն ատեն Երզնկացին ալ գ րեց «Յաղա գ ս երկնային շարժման», եւն, երկնային մարմնոց եւ անոնց շարժմանն վրայօք, այն ատենուան գ իտութեան յարմար: Այս բանս ինքնին հեղինակն կու պատմէ. «Ախորժելի եղեւ (բանս մեր) զուարթամիտ պատանոյն Վաղթանկայ, որ էր որդի կրսեր հռչակաւոր անուն Պարոն Ոմեկին, եւ մայրենի ազ գ աւ թոռն մեծ իշխանին Ջալալին` տեառն Խաչենայ, որդի մոր բարեպաշտի, որ էր Քրիստոսի օրինօքն զարդարեալ յո գ ի, եւ ի խնդիր բանիս յորդորդ զորդի: Սա խնդրեաց ի մէնջ յաղա գ ս Երկնի եւ նորին շարժմանն յոր հարկեալ յորդորեաց զտկարութիւնս մեր մեծազ գ ի եպիսկոպոսն տէր Յոհանէս, ազնուական զարմից եւ բարետոհմիկ հարց ծնունդ. որ եւ շարժեալ ի սիրոյ եւ ի յուսոյ խնդրողաց, եւ ակն առեալ ի պատուոյ շնորհաշուք տեառն եւ գ երապատիւ եկեղեցւոյ գ լխոյն ի նրբաշաւիղ եւ ի կորովամիտ բանից սուրբ հարցն եւ վարդապետաց մերոց եւ իմաստախոխ արանց` պարզեալ գ րեցի համառօտ բանիւ եւ աշխարհական խօսիւք վասն դիւրահասկանալի լինել ընթերցողաց»: Այս գ րուածս կարդալով ուրիշ իշխան մ ՚ ալ Ապլոց անուն` ուզեց որ աւելի զուարճալի ոճով նոյն բաներուն վրայ դարձեալ գ րէ: Երզնկացին ալ հազար տող ոտանաւորով երկնից նկարա գ րութիւն մ ՚ ըրաւ եւ ընծայեց իշխանին: Այս քերդուածին սկիզբն է:

«Յամենահրաշ գ ործս Արարչին որ գ ոյացան`

Մեծ եւ ահեղ ըսքանչելիք ներ գ ործեցան»:

ուր երբեմն կու նկարա գ րէ, երբեմն դիմառնաբար կու խօսի երկնից հետ.

Ո՜վ սքանչելի ձեզուն յարկի այս մեծի տան,

Ի Բարձրելոյն բանէ ձ գ եալ որպէս խորան…

Դու յարկ մեծին ձեռամբ շինեալ արքայական

Ջահ ի բարձանց ի քեզ կախեալ անշիջական,

Դու անթառամ ծաղկանց լուսոյ մեծ բուրաստան`

Որք յանդաստանս քո գ եղեցիկ ծաղկա գ րեցան.

Ոչ պարանոց քո լանջա գ եղ զարդարեցան,

Այլ բովանդակ մարմին եւ անձըն շքեղացան». եւ այլն:

Երբեմն այլ արեւուն վրայօք կ ՚ ըսէ.

Այլ եւ զպայծառ լուսոյն աղբիւր միշտ հոսական`

Ըզ գ եղեցիկ ակն աշխարհի լոյս ցուցական,

Զնա ի կամարըս քո բերես ջահ փայլական,

Որ զկերակուրն հըրոյ բաշխէ բնաւից պիտան.

Սա մեզ խըրատ որ ըստ օրէ քարոզական,

Ըզմահ եւ զկեանք օրինակէ դէմ յանդիման

Առաւօտուն ծա գ մամբ` ըզծնուոնդըն մայրական,

Ի երեկոյին թաղմամբ` ըզմուտն ի գ երեզման,

Յարեւելից գ եղով ծա գ է փեսայանման,

Արա գ ապէս զընթացս առեալ հըսկայական,

Զարե գ ական արդարութեան պատմէ ըզբան,

Զաննիւթ լուսոյն մեզ քարոզէ լոյսն եղանակն»:

Երզնկացին Վրաց կողմերէն կ ՚ երեւի թէ Հայոց այն ատեն անուանի վանքերուն այլ այցելութեան ելած ըլլայ. եւ եթէ իր անուամբ եւ մականուամբ ուրիշ Ծործորեցի մ ՚ այլ չկայ` իրենն եւ այն ճառն որոյ խորա գ իրն է. Յովհաննէս վարդապետի Ծործորեցոյն արարեալ ի բանէն Եսայեայ որ ասէ. Հո գ ի Տեառն ի վերայ իմ». որոյ վերջաբանին մէջ շնորհակալ ըլլոլով Աստուծոյ խնամոցն իր վրայօք վասն ծնընդեանն եւ զար գ ացմանը, կ ՚ աւելցընէ նաեւ ուսումնական վարժիցն համար. եւ ի մտաւորն ծնունդ եւ ի բանին ծնողութիւն եւ յերկունս մտաւոր աշխատութեանցն արժանացայ կոչիլ, տկար եւ ցաւա գ ին մարմնովն, եւ ի մէջ ծփան ալեաց ծովածուփ աշխարհիս եւ տրտմաբեր կրից կենցաղոյս, առաջնորդեաց ինձ հո գ ին է էառ առ ոտս բարիոք նաւուղզելի եւ իմաստուն կատարողապետի: Եւ այսր ամենայնի պատճառ եւ առթող եղեալ եւ մեզ գ ետս Եփրատէս, անուանակիր որդւոյն Ամսովսայ, հռչակեալս ի տանս Թար գ ոմայ, որպէս նա յորդոցն Եբերայ»: Այս վերջի խօսքերս կ ՚ ակնարկեն յԵսայի Նշեցի, Սիւնեաց Գայլեձորոյ վանաց մեծահռչակ վարժապետն, որ յամին 1284 նստեր էր յաթոռ առաջնորդութեան, եւ 50 տարի վարդապետեց, տարիքով եթէ պզտիկ այլ չէր, գ ոնէ հասակակից պիտի ըլլար մեր Երզնկացւոյն, բայց գ ուցէ անկէ առաջ վարդապետական պատուոյ հասած էր, եւ այն անուանի վարժարանին գ լխաւոր ըլլալով` թուի թէ Երզնկացին խոնարհաբար իրեն այլ վարդապետ կամ գ ոնէ ուսմանց բար գ աւաճող կու ցըցընէ զնա մեծարանօք:

Յամին 1287 հանդիպած Երզնկայի մեծ սասանութեան ատեն` կ ՚ երեւի թէ Յովհաննէս անկէ հեռու չէր, մօտակայ վանքերուն մէջ ըլլալով, ուր յաջորդ տարին Սեպհոյ սուրբ Գրի գ որ մեծ վանքին մէջ դարձեալ իր պերճախոս լեզու հանդիսացաւ: Գեղեցիկ եւ շատ գ ովելի սովորութիւն ունէին Լուսաւորչի լերան վանականներն եւ ուխտաւորներն բազմութեամբ վարդապետաց եւ քահանայից` ժողովելու այն մեծ վանքին մէջ, եւ տարուէ տարի ներբողական ճառով պատուելու մեր ազ գ ին հո գ ւոց անմահ Լուսաւորիչը, այն տարին Երզնկացին խօսեցաւ «Յարազուարճ խնդութեամբ բերկրեալ» ճառը, ուր Լուսաւորչի հետ իր հայրենի գ եղեցիկ գ աւառին սիրովն ալ վառուած, եւ չորս կողմի բնութեան ազուորտեսարաններով միտքը նկարած, բանաստեղծութեան եւ ճարտասանութեան շնորհքով զանոնք կու նկարա գ րէ, մանաւանդ Սեպուհ լեռը եւ Մանեայ այրքն եւ բոլոր Դարանաղեաց լեռները: Այս նկարա գ րութեանց համառօտ եւ աշխոյժ եւ աւելի վսեմ բովանդակութիւնն է «Լերինք ամենայն» ըսուած ընտիր շարականն, զոր ինքն եր գ ած է. թէպէտ ոմանք Խորենացւոյն կ ՚ ընծայեն զայս, եւ արժանի իսկ է, երաթէ եւ հաւանական: Աւելի ւանական է որ Երզնկացին եր գ ած ըլլայ մէկայլ երկայն այբուբենական շարականն. «Այսօր զուարճացեալ», թէպէտ զայս ալ ոմանք Խորենացւոյն կ ՚ ընծայեն: Ներբողէն տասը վերջը եր գ ած է զայս: Կ ՚ երեւի թէ Լուսաւորչի ներբողկ խօսաց տարին` խօսեցաւ անոր որդւոց եւ թոռանց վրայ ալ ճառ մը, որ առջինին հետ մէկտեղ տպա գ րեցաւ նախ ի Կոստանդնուպօլիս, թէպէտ յայտնի վկայութիւն մը չկայ թէ այն ճառն ալ իրեն ըլլայ: Ճառերէն զատ համառօտ պատմութիւն մ ՚ ալ կայ Լուսաւորչի` Երզնկացւոյն անունով, որոյ սկիզբն է.

«ՅԱդամայ ԻԱ նահապետ Աբրահամ». եւ այլն:

Լուսաւորչի վանքերուն մէջ իր տղայութեան ուսումնարանը` Ս. Մինասը ընտրեց Երզնկացին, քիչ մը ատեն դադրելու եւ շատոնց խոստացած քերականութեան մեկնութիւնը գ րելու. որովհետեւ Մշու Ս. Կարապետէն ալ` Յովհաննէս անունով վարդապետս մը եկաւ նոյն բանը աղաչեց, աշակերտներն ալ յորդորեցին. վերջապէս ձեռք զարկաւ. եւ նախ ետեւէ ըլլալով ժողվեց իրմէ առջի քերականի մեկնիչներն, արդեն Յովհաննէս Պարոնն անոնցմէ վեց հատ մէկ գ իրք օրինակել տուեր էր. որք էին Մովսէս քերթողահայր, Դաւիթ փիլիսոփայ: Բարսեղ վարդապետ, իրեք ալ անանուն, որոնց մէն անշուշտ էր Ստեփանոս, մէկն ալ թերեւս Մամբրէ, իսկ Երզնկացին ասոնցմէ զատ գ տաւ Համամ արեւելցւոյն եւ Գրի գ որ Մա գ իստրոսի մեկնութիւններն ալ, Արիստակէս վարդապետին բառա գ իրքն եւ վերծանութեան կանոններն ալ ձեռքն ունէր. զայս ամենքը քննելով` պարզ մեկնութիւն մը գ րեց այն հին քերականին, զոր նախնիք կարծես թէ միտք յօ գ նեցընելու կամ սրելու համար գ րած էին:

Ասկէ զատ ուրիշ համառօտ քերականութիւն մը կամ քերականի մեկնութիւն մ ՚ ալ հեղինակաբար գ րեց, առանց առջի հեղինակաց վկայութիւնները բերելու եւ իրարու հա գ ցընելու, ինչպէս էր առջինը: Այսառաջին մեկնութիւնը զոր հեղինակն կ ՚ անուանէ «առաջին պտուղ յանապատի կենաց», եւ իբրեւ իր առաջին ոճով գ րուած գ իրքը կու սեպէ, ընծայեց իր երախտաւոր եւ սիրելի Բ Հեթում թա գ աւորին` երկրորդ ան գ ամ Կիւլիկիա գ ացած ատենն, 1293 ին: Հոն գ տուեցաւ նաեւ այն աշխարհին դժբաղդութեան ատեն, Ե գ իպտոսի Ալֆի սուլտանին ասպատակութեամբը, որուն համառօտ պատմութիւնն ալ գ րած է քերականին յիշատակարանին մէջ: Հեթումէն առաջ իր պապն ալ եւ անուանակից Ա Հեթում քերականի մեկնութիւն մ ՚ ուզեր էր Վարդան վարդապետէն, այն ալ գ րեր էր. այսպէս երկու մեծ թա գ աւորք` պապ եւ թոռն փափա գ եղան քերականի մեկնութեան եւ երկու մեծ վարդապետք` վարպետ եւ աշակերտ` գ րեցին եւ ընծայեցին անոնց, եւ իրենց աշխատանքը նախ թա գ աւորական ձեռքերու վրայ դնելով` աւելի հաճոյ աւանդեցին մեզի:

Յովհաննէս ԺԳ դարուն վերջերը գ նաց Հայաստանի Արտաղ գ աւառը, ուր Ս. Թադէոս առաքեալ Ծործոր գ եղին մօտ վանք մը շիներ էր Աստուածածնի անուամբ. ինքն ալ հոն թաղուելով` Թադէի վանք ալ կ ՚ ըսուէր տեղը. այս ատեն Զաքարիա եպիսկոպոսն էր նոյն վանքին ալ թեմին ալ առաջնորդն եւ Ծործորեցի կ ՚ ըսուէր. ասիկա մեծ պատուով ընդունեցաւ զԵրզնկացին եւ սիրով կը պահեր քովը, ուր այն ալ իր փնտըռած հանդարտութիւն եւ իմաստութիւնը գ ինելով` սիրեց թէ տեղը եւ թէ տեղին գ լխաւորը, եւ երկուքն ալ մէկ սիրտ մէկ հո գ ի միաբանեցան թեմին հո գ եւոր եւ մտաւոր յառաջադիմութեան համար: Հո գ եւոր իշխանութիւնն կը մեծարէր զիմաստութիւնը, իմաստութիւնն ալ կը պատուէր զհո գ եւոր իշխանութիւնը, խոհեմութիւնը զերկուքն ալ կը հաւասարեցընէր:

Զ

Երզնկացւոյն հոս բնակած ատենը երկու մեծ կրօնական դիպուած պատահեցաւ ազ գ երնուս, մէկն էր Կիւլիկիոյ Հայոց թա գ աւորաց լատին եկեղեցւոյ հետ կրկին միաբանութիւնն. Գրի գ որ Անաւարզեցի կաթողիկոս` Հեթում եւ Լեւոն թա գ աւորաց հաւանութեամբ Սսոյ մէջ ժողով մը գ ումարեց 1305 ին, եւ ուրիշ վարդապետաց հետ հրաւիրեց Զաքարիա եպիսկոպոսն եւ իր հին բարեկամն Երզնկացին ալ. բայց իր մահը վրայ գ ալով` ասոնք չ գ ացին. նոյնպէս երբ Կոստանդին կաթուղիկոս յաջորդեց զԳրի գ որ եւ հրաւիրեց զասոնք` Յովհաննէս խոհեմութեան ճամբայ սեպեց չերթալը, ինչու որ Սիւնեաց արքեպիսկոպոսն Ուռպելեան Յովհաննէս որ միան գ ամայն գ րեթէ իշխան էր իր երկրին` եւ մեծ ազդեցութիւն ունէր շրջակայ կողմերուն, կաթողիկոսին մտացը հաւանեալ չէր, ինչպէս որ գ րով ալ իմացուց իր միտքը թէ կաթուղիկոսին եւ թէ Զաքարիայի: Զաքարիա պատասխան դրեց շատ իմաստութեամբ եւ զ գ ուշութեամբ, համաձայն կաթուղիկոսին մտացը. ասոր համար Ուռպելեանը դժարեցաւ: Արդ որպէս զի այս դժուարութիւնը աւելի չզայրանայ եւ ժողովըրդեան խաղաղութիւնն ալ չխռովի` Զաքարիա եւ Երզնկացին միջին եւ զ գ ուշաւոր ճամբայ սեպեցին` թղթով միաբանիլ կաթուղիկոսին հետ, անձամբ չըշարժել տեղերնէն, որ Ուռպելեանը չ գ ր գ ռեն: Բայց տասը տարի վերջը` երբոր կաթուղիկոսն նորէն Ատանայի ժողովքը գ ումարեց Օշին թա գ աւորին հրամանաւ ( 1816), Երզնկացին իր ծերութեան ատեն վերջին ան գ ամ գ նաց Կիւլիկիա` Զաքարիայի կողմէն ժողովքին ներկայանալու, եւ հաւանելով անոր կանոններուն որ կը հաստատէր զՍսոյ ժողովը` դարձաւ յԱրտազ: Այս ճամբորդութիւնս Երզնկացւոյն մեծ գ րաւոր գ ործքի մ ՚ ալ պատճառ եղաւ. վասն զի գ տաւ ի Կիւլիկիա Ս. Ներսիսի Շնորհալւոյ սկսած Մատթէի աւետարանին մեկնութիւնը, որ ինչուան եօթներորդ գ լուխը մեկներ էր եւ անկատար թողեր, իբր 150 տարի վերջը, Երզնկացին տեսաւ Շնորհալւոյն բուն ձեռնա գ իրը, եւ յորդորուեցաւ շարունակելու աւետարանին մեկնութիւնը եւ գ լուխ տարաւ. ինչպէս ինքն իսկ կու պատմէ, նախ յիշելով թէ ինչպէս հանդիպեցաւ գ րքին, եւ թէ ինչու կիսկատար մնացեր էր. եւ թէ «Թէպէտ ոմանք նախ քան զմեզ ձեռնարկեցին գ րել ի վերա շարադրութեաննորին, սակայն ոչ էր կար գ աւոր որպէս սրբոյն, այլ հատակոտոր արարեալ զբանս առաջին մեկնըչաց, նա եւ զբնաբանութին աւետարանին արտաքս մերժեալ, ուստի ոչ գ այր զիրաւ յիմացումն ընթերցողացն: Յաղա գ ս որոյ ես նուաստս ի յետինս յորդիս Սիոնի ապիկար ո գ իս Յոհաննէս Երզընկացի, սպասաւոր բանի, բնակեալ ի վիճակ սուրբ առաքելոյն Թադէոսի` ի վանս Ծործորու կոչեցեալ, ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնիս, այլ եւ ժողովեալ առ մեզ բանասէր անձինք ի յուսումն կրթութեան աստուածաշունչ տառից լսելութեան, յորոց յորդորմանէ եւ ի փափա գ ելի խնդրոյ` եղեալ ի մտի առնել հաւաքումն մեկնութեան…: Եւ արդ եղեւ գ րութիւն սորա ի թիւ մարդեղութեան տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի ՌՅԺԶ որոյ զօրութեամբ բուռն հարցուք զբանէս». եւ այլ: Այս գ իրքը գ րելէն քիչ տարի ետեւ (1335ին) օրինակող մը այսպէս կ ՚ ըսէ, յետ խօսելու Շնորհալւոյն վրայ. «Նաեւ այլ ոմն յետ այնքան ժամանակաց, զոր Հո գ ին չարժեաց, յաշխարհեն Դարանաղեաց ի նահան գ էն Եկեղեաց, որ է շիրիմ մերոյն հովուապետի եւ Լուսաւորչի Հայկազեանս զարմի, Յոհանէս վարդապետ կոչեցեալ Ծործորեցի, յոյժ աշխատանօք եւ քրտնաջան վաստակօք կատարեալ զմեկնութիւն սորա, էր զոր ի հնոցն սրբոց ժողովեաց, եւ է զի ի յիւրում կորովամիտ իմաստութենէն համառօտեաց, խիստ պարզ եւ յստակ, դիւրին լսողաց, յաւարտ ի գ լուխ էած. զոր Տէր Յիսուս հատուսցէ նորա ընդ հարիւրաւորքն եւ ըիդ վաթսնաւորքն եւ ընդ երեսնաւորքն` վարձս բարեաց ի յանեբեկ աւուրն. եւս եւ ծնողացն նորա եւ ուսուցչաց նորա, որ այսպիսի պտուղ քաղցր մեզ ընծայեցին, եւ ամենեցուն վարձահատոյց լինի Քրիստոս, որ զՅովհաննէս վարդապետն Ծործորեցի սրտի մտօք յիշեն յԱստուած ողորմին եւ ի Հայր մեր որ յերկինս»:

Է

Երկրորդ մեծ կրօնական դիպուածն այս էր, որ այն ետքի տարիներն` Լատինացւոց կողմանէ, առաջին ան գ ամ Դոմինիկեան կամ Քարոզիչ ըսուած միանձունք եկան ի մեծ Հայաստան, որոնց գ լխաւորն էր Բարթուղիմէոս անունով հո գ եսէր անձ մը, որ եպիսկոպոս ալ եղաւ. ասոնք բարեմտութեամբ սկսան աշխատիլ Հայոց եւ Լատինացւոց մէջ միաբանութիւն հաստատելու. եւ այս բանիս միջոց մ ՚ ալ սեպեցին լատին Ս. Հարց եւ վարդապետաց գ րուածներն հայերէն թար գ մանել. ասոր համար աշակերտներ ժողովեցին եւ սկսան լատին լեզուն սովրեցընել. իրենք ալ հայերէնը կը սովրէին, թէպէտ երկուքն ալ անկատար սովրելով` ըրած թար գ մանութիւննին ալ հայկաբանութեան համը կորսընցուց, եւ լատինաբանութեամբ աւրեց հայ լեզուն. մանաւանդ երբոր տ գ իտաբար հարկաւոր սեպեցին լեզուն ծռել` որպէս զի յամենայնի Լատինաց համաձայն ըլլայ ըսածնին եւ գ րածնին. ասոնցմէ ելան Ունիթոր ըսուած կէս լատինածէս Հայ Դոմինիկեան կրօնաւորք Նախիջեւան գ աւառին մէջ, որոյ մէկ վիճակին անուամբ յետոյ կոչեցան եւ Ջահկեցիք, որոնց պատճառաւ եղած բարիքն եւ չարիքն ալ յայտնի է: Բայց առջի բերան շատ խոհեմութեամբ կը վարուէին եւ մեծ օ գ ուտ միաբանութեան կու խոստանային. զոր ճանչնալով Զաքարիա եպիսկոպոսն եւ իր սրտակիցն Յոհ. Երզնկացի` ընդունեցան զանոնք իրենց թեմը, եւ Երզնկացին չխնայելով իր ծերութիւնը` հետեւեցաւ լատին լեզուի, գ ուցէ Կիւլիկիա եղած ատենն ալ հետեւած էր, օ գ նեց թար գ մանութեան մեծահռչակ Ս. Թովմայի Ա գ ուինացւոյ գ ործոց մէկ մասին, որուն ժամանակակից այլ էր Երզնկացին. վասն զի իր առջի ան գ ամ Կիւլիկիա եղած ատեն վախճանեցաւ այս մեծ Սուրբս (յամին 1282). իսկ անոր գ րուածներէն` բաց յայլոց` Եօթն Խորհրդոց վրայ գ րածն մահուանէն հազիւ 40 տարի ետեւ (1321) «Թար գ մանեցաւ ի ձեռն սրբոյ ումեմն եպիսկոպոսի, Տէր Բարդուղիմէոսի, որ է ազ գ աւ լադին, եւ քաղ(եցաւ) միջնորդութեամբ լուսամիտ վարդապետին Յովհաննու Ծործորեցւոյ»: Ասիկայ եղած կ ՚ երեւի իր ետքի գ րաւոր աշխատութիւնն, բայց նշանաւոր աշխատութիւն մը: Երզնկացին միշտ ճշմարտութիւն եւ իմաստութիւն եւ ազ գ ին օ գ ուտը դիտելով, այս բանիս մէջ ալ միաբանեց զասոնք իր մտքին եւ սրտին մէջ, ոչ իբրեւ զոմանս` ճշմարտութեան պատուող երեւնալով, առանց աջ ու ձախ նայելու` զազ գ ն ոտքի տակ առող, եւ ոչ իբրեւ զայլս ազ գ ասիրութիւն պարծենալով` ազ գ ին մէջ գ տածը յամառութեամբ պաշտպանող: Առակ է թէ Իմաստուն մարդն իր կարծիքը կու փոխէ. եւ երբ հաւատոց վրայ ըլլայ ճանչցածն` ոչ միայն իմաստութիւն այլ եւ պարտք է այնպէս ընելն: Այսպէս ըրաւ անշուշտ Երզնկացին` ի Կիւլիկիա եւ յԱրտաղ, տեսնելով եւ լսելով քանի մը կրօնական խնդրոց պայծառ մեկնութիւն, որոց հակառակը գ տնելով երբեմն մեր ազ գ ային քանի մը մեծանուն վարդապետաց գ րուածով` օրինակել տուեր էր մէկտեղ, եւ յառաջաբան մը գ րեր էր, յորում կ ՚ ըսէ. «Յոլով ժամանակօք եւ աշխատութեամբ բազմաւ ստացայ զայս երեք գ իրքս (Անանիայի, Խոսրովկայ եւ Սարկաւա գ այ)… զոր եւ գ տի ես յայլ եւ յայլ տեղի եւ ժամանակի, եւ ստացայ զերիս գ իրսն. եւ ի նոցունց դարձեալ ետու գ րել եւ առ միմեանս եդի, եւ արարի մի գ իրս», եւ այլն: Իր իսկա գ իր օրինակն է իմ ձեռքս անցածն, եւ գ իրն կրնայ վայելուչ գ րութեան օրինակ ըլլալ, եթէ ոչ եւ իր հին վարդապետութիւնն: Որչափ այլ չափաւորութիւն եւ խոհեմութիւն բանեցուցած ըլլայ` շատ դժար էր որ Լատինաց մօտենալուն համար` ոմանց զ գ ուշանալի եւ ատելի եղած չըլլար, կենօք եւ յետ մահուն. արդէն վերոյիշեալ Մատթէի աւետարանի մեկնութեան հին օրինակին մէջ, որ իր մահուընէ քիչ տարի վերջ գ րուած է, հակառակող ձեռք մը ջանացեր է աւրել թէ Յովհաննու անունը, թէ յիշատակարանին մէջ Լատին քարոզչաց վրայ գ ովեստը եւ թէ գ րոց մէջ քանի մ ՚ անոնց վարդապետութեան համաձայնութիւնը:

Ը

Երզնկացւոյն ետքի տարիները մեծ երկրաշարժ մը եղաւ Արտազ գ աւառը եւ Թադէի վանքն ալ կործանեցաւ: Զաքարիա նորէն շինեց, եւ կ ՚ երեւայ թէ չթողուց որ Երզնկացին հոնկէ հեռանայ, եւ հաւանական է թէ հոն ալ կնքեց իր բազմարդիւն կեանքը, թէպէտ եւ որոշ յիշատակ մը չկայ մահուանը եւ իր թաղմանը վրայ: Հաղբատայ վանքին գ երեզմանատան մէջ ան գ իր գ երեզման մը կու ցուցընեն ինչուան այսօր` Երզնկացւոյն է ըսելով. բայց ես ուրիշ տեղուանք ալ հանդիպած եմ ասանկ երեւելի մարդկան երկու տեղ գ երեզման, կամ տեղէ տեղ մարմինը փոխադրելուն համար, կամ սխալ կարծիքով: Ուր ալ որ եղած ըլլայ գ երեզմանն` թէ եւ ան գ իր, աւելի փառաւոր յիշատակ եւ տապանա գ իր սեպելու է Մխիթար Ապարանեցւոյն ըսածն, թէ «Քաջութեանն եւ սրբութեանն (Երզնկացւոյն) վկայեն ամենայն ծրա գ րեալ գ րեանքն եւ մեկնութիւնք եւ սքանչելիք սուրբ գ երեզմանոյն»: Այս ծրա գ րեալ մատեանքն են վերի յիշածնիս, եւ անոնցմէ զատ շատ գ րուածքներ. ինչպէս են «Խրատք հասարակաց քրիստոնէից». պարզ եւ ռամկաց դիւահաս ոճով, խրատական ոտանաւորներ տղոց եւ կրօնաւորաց համար. սրբազան եր գ եր, ինչպէս են Ջրօրհնեաց տաղքն` Յամենայն ժամ օրհնեմք զքեզ, եւ Այսօր ձայնն հայրական եւ Վարդավառի գ անձն` Յանճառ լուսոյն, Աստուածածնի Վերափոխման վրայ այբուբենի կար գ ով տաղ մը, եւ այլն: Մեկնութիւն սաղմոսաց. Համառօտ հարանց վարք մը եւ խրատք, Քարոզք, Աղօթք, Քաղուածք վարդապետական բանից, եւ այլն, եւ այլն: Մեծացուսցէ մեկնութիւն. Քաղուած Անանիայի (Նարեկացւոյ) գ րոց ընդդէմ Թոնդրակեցւոց. Գովասանութիւն Կաթուղիկոսաց եւ Եպիսկոպոսաց (որ տարակուսական գ րուածք մը կ ՚ երեւի). գ ուցէ նոյնպէս ըլլան եւ իր անուամբ յիշուած Աշխարհացոյցն եւ Տրամաբանութիւնն. իրն է նաեւ Եօթն Խստաճարակաց շարականն. Յաւուրս վերջին ժամանակի: - Այս յիշեալ գ րուածոց մէջ ամենէն յար գ ի եւ ընտիրներն կ ՚ երեւին Ճառերն կամ Քարոզքն, որ 30էն աւելի կան, ոմանք Սաղմոսաց վրայ, ոմանք Տօնից եւ եկեղեցական հանդիսից, յորոց զոմանս ի Կիլիկիա խօսած է, զոմանս իր հայրենիքը, եւ զոմանս ուրիշ կողմեր. յայտ է թէ շատն այլ գ րած ըլլայ յԱրտազ, գ ուցէ եւ ի Հաղբատ:

Եթէ այս եւ եթէ ասոնց նման բազմապատիկ գ րուածոցը, միան գ ամայն եւ առաքինի վարուցն համար, թէ իր աննախանձ ժամանակակիցներէ եւ թէ քիչ մը վերջիններէ մեծամեծ գ ովութեամբ կու յիշուի Երզնկայեցին, եւ կ ՚ ընծայուին իրեն այսպիսի մակդիրք. Րաբունի, Յո գ նիմաստ հռետոր, Անյաղթ վարդապետ, Լուսամիտ վարդապետ, Պատուելի, Ընտրեալ, Սուրբ, եւ այլն. որոց անշուշտ յետինք եւ երկայք այլ արժանի պիտի սեպէին զինքը, եթէ գ ործերն եւ գ րուածներն աւելի ծանօթանային եւ հրատարակուէին: Փափա գ ելի էր մեզ գ իտնալ եւ Մխ. Ապարանեցւոյն յիշած սքանչելիքն անոր սուրբ գ երեզմանին. յուսալով այլ որ աւելի հաւատալի ըլլան քան Ղազար Ջահկեցի կաթուղիկոսին պատմածներն` անոր կենդանութեան ատեն ըրածին, չեմ գ իտեր ո՞ր գ րուածքէ կամ աւադութենէ առած. զոր եւ դու, Հայկակ, կրնաս կարդալ գ ոնէ իբրեւ աւանդութիւն, եւ կարծիք մը Անոյ կործանման պատճառին, որ սովորաբար 1319ին աւրուած կարծուէր մեծ երկրաշարժէն. բայց դեռ անկէ շատ տարի ետքն այլ բնակուած ըլլալուն վկայ են իր եկեղեցեաց քանի մ ՚ արձանա գ րութիւնքն: - Հիմայ մտիկ ըրէ Ջահկեցւոյն պատմութեանը:

Թ

«Այս վարդապետս ազդմամբ սուրբ Հո գ ւոյն գ նաց ի յԱնի` քարոզել եւ խրատել զնոսա, զի դարձցին ի մոլորութենէ եւ ի չար գ ործոց իւրեանց. մտեալ յաւա գ եկեղեցին օթեցաւ զ գ իշերն. եւ ոչ ոք կալաւ փոյթ յանձին գ նալ առ նա առ ի հարցանել եւ ողջունել զնա. այլ իբրեւ հնչեցուցին զժամն գ իշերային` գ նաց յեկեղեցին, եւ զյետին տեղին ետուն նմա. եւ նա կայր խոնարհութեամբ. եւ յարձակման ժամուն գ նաց ի խուցն. եւ բնաւ ոչ ոք մօտեցաւ առ նա: Իսկ ի ցերեկն իբրեւ զեղխեցին եւ արբեցան, ապա եկին մօտ վարդապետին: Եւ զի հասակաւ կարճ էր երանելին, վասն որոյ եդին երկայն գ րակալ, զի ի ձ գ տիլն ծաղր արասցեն զնա. իսկ նա ի շնորհաց Հո գ ւոյն սրբոյ զամենայն ընթերցմունս ի բերան առեալ` առանց գ րի անսխալ ասէր ստու գ ութեամբ: Այլ ի տուէ եւ ի գ իշերի խրատէր մեծաւ հո գ աբարձութեամբ, եւ նոքա ոչ անսային բնաւ եւ ոչ դառնային ի մեղաց, վասն որոյ անկաւ մահ սաստիկ. զի աներեւոյթքն իբրեւ մարմնաւոր երեւելով` խոցոտէին յայտնապէս զմանկունս ի գ իրկս մարցն եւ զայլս ի մահիճս, զոմանս ի մէջ քնոյն եւ զայլս եւ յարթունս: Իբրեւ տեսին քաղաքացիքն զպատուհասս եկեալ ի վերայ իւրեանց, յայնժամ կալեալ ըմբռնեցին զսուրբ վարդապետն եւ եդին ի բանտի ի նսեմ եւ ի ժահահոտ տեղի մի. ասելով, եթէ պատարա գ արա եւ հաշտեցո ընդ մեզ զԱստուած` որպէս եւ ասացեր. ապա թէ ոչ` մեռանիս ի ձեռաց մերոց: Իսկ նա պատասխանի ետ եւ ասէ. Ահա կրկին բարկացուցիք զԱստուած. եւ նոքա ոչ անսային. եւ անճարացեալ յերկիւղէ նոցա` յանձն էառ մատուցանել պատարա գ, եւ ելեալ գ նաց յեկեղեցին. եւ յորժամ էջ ի սեղանոյն ի խնկարկել, յայնժամ ել հուր ի բուրվառէն եւ այրեաց արս չորեք հարիւր, որպէս ի հնումն Նաբաթ եւ Աբիութ: Եւ իսկոյն զղջացեալ անկան առ ոտս սուրբ վարդապետին, եւ հայցէին ի նմանէ զթողութիւն, եւ խոստանային դառնալ ի մեղաց իւրեանց

«Եւ յետ սակաւ աւուրց սկսան կրկին գ ործել զչարիս եւ թաւալիլ եւ յախտս պղծութեանց: Յայնժամ բարկացեալ Տէր առաքեաց գ ազանս չարս եւ այլակերպս, որ գ ային ի մէջ գ իշերի երամակօք եւ մտանէին տանէ ի տուն, զպատանեակս եւ զմանկունս տեսանէին արտաքս տանց իւրեանց գ իշատեալ ոմանց զձեռս եւ ոմանց զոտս, ոմանց գ լուխս, եւ ոմանք կիսամեռ անկեալ կային արիւնաթաթախ եւ դիաթաւալ: Այլ եւ կին մի ունելով զմիամօր որդի` որ յափշտակեալ եղեւ ի գ ազանաց գ այ արտասուօք անկանի առ ոտս վարդապետին ասելով. Արդ օ գ նեա տառապելոյս, զի միամօր է ինձ վասն զի պահեալ էի զամենայն պատուիրանս քո, եւ արդ պահեմ մինչեւ ցմահ: Յայնժամ տեսեալ վարդապետին զհաւատս կնոջն նման Քանանացւոյն, յաղօթս եկաց առ Տէր. յայնժամ գ ազանքն որ զանդամս տղային յափշտակեալն էին` ակներեւ բերեալ եղին առաջի սրբոյ վարդապետին. եւ վարդապետն առեալ զանդամս տղային դնէր եւ շարէր եւ ձ գ էր իւրաքանչիւր տեղիսն. եւ սկսաւ աղօթել առ Աստուած այսպէս. Տէր Յիսուս, որպէս յարուցեր զմիամօր որդի այրւոյն ի Նային քաղաքի, նոյն զօրութեամբդ եւ ողորմութեամբդ յարս զսա եւ կենդանացս, վասն զի անմեղ է. այլ եւ տեսցեն մերձ եղեալքն զզօրութիւնս քո եւ դարձըցին ի չարեաց իւրեանց: Յայնժամ եռաց կատարեալ մարմինն, կցեցաւ ոսկր առ ոսկր եւ կենդանացաւ, եւ դարձաւ հո գ ի մանկանն եւ յարուցեալ կան գ նեցաւ: Իսկ որ շուրջն կային իբրեւ տեսին զսքանչելիսն` գ ահի հարեալ անկան առ ոտս վարդապետին եւ մեղայ գ ոչէին, եւ վաղվաղակի գ նացեալ բերէին զդիակունս առաջի վարդապետին եւ աղաչէին զի յարուսցէ. իսկ սուրբ վարդապետն Յովհաննէս եկաց յաղօթս եւ գ ոչեաց ասելով. Ով ոք անմեղք են ի սոցանէ` եղիցի նոցա բժշկութիւն, ապա թէ ոչ` Աստուած վրէժխնդիր լիցի ըստ հաճոյից իւրոց: Յայնժամ դիմեցին զայլք ի վերայ նոցա յանկարծակի եւ պատառեցին ակներեւ, զբազումս ի նոցանէ: Եւ ի տեսանելն զայս ամենայն ափշեցան ահիւ մեծաւ, եւ սկսան խստապէս մեղայ գ ոչել եւ դառնալ ի չար գ ործոց:

«Եւ յետ երից ամաց մոռացան զառաջին հարուածսն, եւ սկսան կրկին ի տիղմ թաւալիլ, ասելով թէ առաջին հարուածքն ի պատահմանէ եղեւ, եւ ոչ թէ առաջին հարուածքն ի պատահմանէ եղեւ, եւ ոչ վասն մեղաց մերոց: Եւ դարձեալ եկն վարդապետն Յովհաննէս, եւ սկսաւ քարոզել, եւ իբրեւ տեսին զնա զի կրկին յանդիմանէր զնոսա, բարկացան եւ սկսան ասել ընդ միմեանս, եթէ է մեր քակտիչ. եւ խորհեցան խորհուրդ նանիր, եւ արբուցին նմա թմբա գ եղս եւ թափեցին ի խելաց, եւ ապա մերկացուցին զնա եւ արկին ի վերայ սայլի, եւ այնպէս մերկ եւ խայտառակ ի մէջ քաղաքին շուրջ ածեալ մունետկաւ ծաղր առնէին զնա. եւ ապա բերեալ կախեցին զամբիւղիւ ի դուռն աւա գ եկեղեցւոյն, զի մտանօղք եւ ելանօղք տեսցեն: Եւ յետ ժամուց ինչ անցելոց զարթեաւ ի թմրութենէ. եւ զ գ աստացեալ ետես զինքն այնպիսի կերպարանօք. սկսաւ յո գ ոց հանել եւ լալ դառնապէս: Եւ լուեալ զձայնն` իսկոյն իջուցին եւ բրածեծ արարեալ աքսորեցին զնա. պատուիրելով եւ ահացուցանելով, եթէ այսուհետեւ մի' տեսցուք զքեզ աստ, ապա թէ ոչ` չարաչար մեռանիս ի ձեռաց մերոց: Եւ տեսեալ զայս ամենայն վարդապետին Յովհաննու` ել ի վերայ բարձր բլրի միոյ եւ անէծ զքաղաքն. կրկնեաց ծունր ասելով. Տէր, այլ ոչ լինիմ երաշխաւոր. այսուհետեւ զոր ինչ կամիս` այնպէս արա: Եւ յանկարծակի էջ սաստիկ բարկութիւն յԱստուծոյ, եւ սկսաւ քաղաքն շարժիլ եւ տապալիլ պարսպացն: Եւ զայն տեսեալ ամենայն ոք` ստէպ ընթացմամբ փոյթ ընդ փոյթ բուռն հարեալ ի ձեռաց ընտանեաց եւ զաւակաց իւրեանց` եւ տարադէպ ելեալ վտարեցան. թողլով զքաղաքն եւ զեկեղեցիս եւ զոսկէզօծ պալատս եւ զծաղկաւէտ դաշտս իւրեանց, որպէս փախստական»: