Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

3. ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (1873-1915)

/103/ Արեւմտահայ գրականութիւնը ունի տարօրինակ շրջան մը, դուրսէն այնքան յորդ թելադրանքներով, ներսէն այնքան անկայուն, զոր դժուար է տարազի կապել։ Ատիկա շրջանն է այն վեց տարիներուն, որոնց վերջինը կը յանգի Մեծ Պատերազմի սկզբնաւորութեան։ Առաջինը այդ տարիներուն կը զուգադիպի բախտորոշ տարողութեամբ ուրիշ իրողութեան մը ատիկա հռչակումն է թուրքերու Բ. Սահմանադրութեան (1908-1914)։ Ո՛չ մէկ գրականութիւն չի կրնար անգիտանալ թուականը։ Մերը՝ ամենէն շատ, քանի որ, մի՛ մոռնաք սա ճշդումը, գրականութիւնն է գետը ժողովուրդի։

 

Ահա՛, ուրեմն, ձեզի քանի մը թուականներ։

1909–ին կը մեռնի Թովմաս Թերզեան, « լցեալ աւուրբք », բայց մա՛նաւանդ փառօք։ 1911–ին՝ նոյն պայմաններով՝ Մկրտիչ Աճէմեան: Ինքնաբերաբար գրչիս կը ներկայանանան ա) Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որուն առաջին յօդուածները կ՚երեւան եօթանասնական թուականներուն (Չերազ, որ Եղիայի հետ է սկսած, պիտի մեռնի 1930–ի մօտերուն), բ) Միսաք Մեծարենց, որուն չարիքի ամպերէն կալանաւոր աստղը պիտի շարունակէ տառապիլ այդ շրջանին ու անկէ ետքն ալ, մինչեւ որ յապաղած, բայց արդար յարգանք մը յաջողի տարտղնել թուխպ ու տրտում այդ բոդիները ու ազատագրէ գողտրիկ փառքը անոր աստղին (վասնզի Մեծարենցի արուեստը, զգայնութիւնը, բանաստեղծութիւնը հաղորդ են այն ամէն յոյզերուն, խռովքներուն, որոնք վեցամեակի արուեստագէտներուն բոլորին ալ մէջը կը մնան տիրական, հաշտ խորագոյն ընդունակութեանց)։ 1913–ին Եսայեան Սանուց Միութիւնը (որուն ետին սխալ չըլլար արեւմտահայ գրականութեան սպայակոյտը տեսնել), կը տօնէ Յա/104/կոբ Գուրգէնի յոբելեանը, մարդու մը, որմէ արեւմտահայ գրականութիւնը ոչինչ ժառանգած, այլ գտած է երկար, տաժանելի արգելանք, աշխարհաբարին վրայ իր յարձակումներէն անկախաբար, գրաբարը սրտի արտայայտութեան ատակ դաւանելու միամտութեամբ մը ուռած [1] ։ Միշտ այդ թուականներուն (1913) տպագրութեան համար պատրաստ է Տիկին Եսայեանի գլուխ–գործոցը, «Աւերակներուն մէջ»։ Նոյն պայմաններով մամուլին յանձնուած է Վ. Թէքէեանի գլուխ–գործոցը, «Հրաշալի յարութիւն»ը։ Կու տամ ուրիշ քանի մը թուականներ. 1910–ին «Ցեղին սիրտը», Վարուժան, որմէ ուրիշ գլուխ–գործոց մը՝ «Հեթանոս երգեր», 1914–ին։ Ու ըլլալու համար հետեւողական, կը յիշեմ «Խաչուած երազներ»ը (Հրանդ Նազարեանց), որ իր բախտը կը փորձէ։ Սուրէն Պարթեւեան, 1910–ին, կը հանէ իր պատմուածքները («Քայքայում» եւ «Հայուհին»)։ «Կերոններ»ը . Մալէզեան), 1911–ին։ Զօհրապի պատմուածքները, փնտռուած իրենց վերադիրներով («Կեանքը ինչպէս որ է», «Խղճմտանքի ձայներ», «Լուռ ցաւեր») կը մտնեն հատորի կեանքին։ «Ցայգալոյս» . Զարդարեան)՝ 1910–ին։ «Ամբողջական գործը» (Սիամանթօ)՝ 1914–ին։ «Նոր քնար» (Արտաշէս Յարութիւնեան)՝ 1912–ին։ Գիրքերու սա թուումը կը փորձեմ պաշտպանել մտայնութեանց ալ յատկանշական փաստերով։ «Հանդէս»ը (եթէ յիշենք Չէօկիւրեանի «Ոստան»ը։ Երիտասարդ «Ազդակ»ը անկնիք ժամադրավայր մըն է։ «Ազատամարտ յաւելուած»ը, օրաթերթին սակառը, գործածելով բառը խմբագրական առումով), որ կանխող շրջանին (1900-1908) կենդանի, քիչ մը հոսհոս սպասավայր մըն էր, հասարակաց ու ատով հաճելի, այն շրջանին կը տժգունի օրաթերթի փառքէն։ Ըսես մէկէն արձակուած բնային արեւմտահայ միտքին քաղաքական թեւերը։

/105/ Պոլսոյ մէջ ունինք չորս օրաթերթ (թուրքերուն ալ թիւը չորսը չ՚անցներ), ուր ինքնաբերաբար կը կեդրոնանան մեր գրականութեան ձգտումները, համապատասխան մտայնութեանց բեմը հանդիսացած։ Կու տամ աւելի լուրջ անուններ «Ազատամարտ», որ քաղաքական կուսակցութեան մը օրկանը ըլլալուն չափովը, կը ձգտի կեդրոնավայր մը դառնալ արեւմտահայ գրականութեան հին ու նոր ուժերուն, իր աշխատակիցներուն մէջ ունի Հրանդը, Ռ . Զարդարեանը, Վարուժանը, Սիամանթօն, Երուանդ Օտեանը (որ տարիներով հաճոյքը հալածեց յեղափոխութիւնը հալածելու եւ 1909–ի «Հայրենիք» օրաթերթին պահ մը աշխատակցելէ ետք, խելքը գտաւ եռոտանիի մը վրայ հաստատելու իր սեղանը, գրելու համար առտուան «Բիւզանդիոն»ի մէջ, կէսօրին «Ժամանակ»ի մէջ, իրիկունը «Ազատամարտ»ի մէջ). Արտաշէս Յարութիւնեանը, որ կը կրկնէր Օտեանի իմաստութիւնը, աւելի տարբեր նպատակներով, Տիկին Եսայեանը, Գեղամ Բարսեղեանը, Ռ. Սեւակը, դիտելու համար քանի մը յատկանշական անուններ։ Տիրան Չրաքեան իր վերջին արձակները կը ստորագրէ «Բիւզանդիոն»ի եւ «Ոստան» եռամսեային մէջ։ Սուրէն Պարթեւեան Իզմիրի «Դաշինք»էն ետք Գահիրէ կը հիմնէ «Հոսանք»ը։ Վ. Թէքէեան, փորձելէ ետք 1890–ի «Հայրենիք»ը ողջնցնել 1909–ին, կը հրատարակէ «Շիրակ»ը (որուն առաջին հիմնարկումը կատարուած էր 1905–ին, Եգիպտոս)։ Թլկատինցին ունի տարեցոյցները, պահպանողական թերթերն ու հանդէսները։ Զանց կընեմ խօսիլ Ամերիկեան թերթերէն ու հանդէսներէն, միշտ այդ վեցամեակին։

 

Միտք բանի՞ն սա թուումներուն, թուականներուն։

Սա շատ պարզ իրողութիւնը, թէ արեւմտահայ գրականութեան համար բախտորոշ այդ թուականին (1914) [2], սա վեց տարիները եղան շրջանը, կրկէսը լրիւ երեք սերունդներու եթէ ոչ պայքարին, /106/ գէթ պարզեցին սրտառուչ հանդէսը միատարր հոգեբանութեան մը մեր ժողովուրդի այն խորունկ հարստութեան, որ իմացական կեանքի փաստն էր, անոր անկայուն պատմութեան արհաւրալից տարիներուն։ Այդ խանդը, հաւատքը հիմա, Սփիւռքի օտարութեանց խորէն, հերոսութիւն է մկրտել նուաստացուցիչ վերադիրներով։ 1910–ին մենք կը հաւատայինք մեր ժողովուրդին։ Ու մեր ըրած գրականութիւնը, ըլլալով հանդերձ անաւարտ, անյարիր, արարք մըն էր հոգեկան հարստութեան։ Եթէ   ներկ, փոշի ու աղմուկ քիչ մը զգալի եղան, արժեզրկելու չափ զօրաւոր չէին այդ շրջանը սակայն։ Ու ահա ուրիշ իրողութիւններ։ Նոյն այդ թուականներուն, առանց որ ո՛չ ոք անդրադառնար ասոնց, տեղի ունեցան մէկէ աւելի հրաշքներ։ Անվերադարձ իրենց մեկնումը ըրին մեր գրականութեան ածուներէն աղմկոտ, նիհար անուններ, ընդհանրապէս տաղաչափ, որոնք խօսեցուցած էին իրենց վրայ, գրականութեան մէջ ո՛չ ներելի միջոցներով։ Այդ մարդոց անունները կը գտնէք դուք 1900–1909 հանդէսներէն ներս։ Ուրիշներ, իրենց լիալիր փառքին մէջ, երբ ոչ ոք կը կասկածէր իրենց հզօր, փառաբանուած անձնականութեան հաստատ արժէքէն, իրենք իրենց շիջան, իրենց տարիքին պայծառութեանը մէջ, կրելով հանդերձ իրենց դափնիները։ Ի՞նչ էր, որ յանկարծահաս ամպի մը նման ըրաւ, այնքան շլացիկ անունը Տիկին Զապէլ Ասատուրի, որ 1900-1909–ին տիրական աստուածացում մըն էր։ Հերոսական իր ընդդիմութիւնը կ՚արձանագրեմ հոս իր ոտանաւորները վերախմբելու այս ու այն թելադրանքներէն չտարուելով։ Տիկինը պիտի դիմանար փորձութեան։ Գերեզմանէն վտարուած ուրուականի մը իր վերջին յաճախանքէն յետոյ («Այգեկութք», Ա. Փանոսեան, որուն անուան փաստը անկարելի է հերքել, գործը կռնակէն վտարելով հանդերձ Տիրոջը այգիէն), Տիրան Չրաքեան հետզհետէ կը սուզուի իր փառասիրութեանց ճահիճն ի վար, իր հանճարային այլուրութիւնը ոսկեզօծող ուրացումներով ու անհեթեթ տարփողանքով մը, արժէքներու հասgէին, որոնք ո՛չ խակ էին եւ ո՛չ ալ հասուն։ Սուրէն Պարթեւեան կ՚անցնի վճռապէս լրագրութեան, ընդմիշտ մեռնելով գրականութեան համար (Գահիրէի «Հոսանք»ը, 1912, նախաբանն է իր անորակելի «Տարեցոյց»ներուն (Եգիպտահայ), որոնք այնքան արագ սպաննեցին /107/ այդ տարօրինակ տաղանդին կարելի մարդկայնութիւնը, երեւան բերելով գրական բարքեր)։ Այս շիջումներէն ամենէն տրտումը որովհետեւ՝ անիրաւը էր ապահովաբար ան, որ տնօրինուեցաւ Արտաշէս Յարութիւնեանին, լման տասնամեակ մը իրական դատաւորը պոլսահայ գրականութեան, բոլորը հանդէսներուն մէջ իր բարձրացած աթոռով ու բարձրագոյն վէճերու մէջ իր անվերականգնելի վճիռներով։ Ան նոյն ատեն շրջանին առաջնակարգ պուետիկոսն էր ու պատուակալ աշխատասիրող մը գրելու կերպերը յիշեցնող ամէն նիւթի։ Հրաշքի պէս բան մըն էր այդ շքեղ համբաւին կեցած տեղը գօսանալը։ Եւ սակայն ստոյգը այն էր, որ Մալկարացի գեղարուեստագէտ–քննադատ ին տաղանդը (ինչ որ ունէր անշուշտ արդար ու ինչ որ կը դիզուէր վրան դուրսէն, արդար կամ անարդար, արդիւնքը չի փոխուիր) աւելի քան գտած էր իր լիութիւնը, լրջութիւնը, հասունութիւնն ու կորովը։ « Ազատամարտ յաւելուած »ին մէջ իր գրադատականները ուղղակի ապացոյցներ էին կիրքէ զերծ (գաղիացիք կըսեն serein), նստուկ, ամուր յօրինուածքներ էին, ազատագրուած ըլլալով սնոտիքէն, տխուր գրական բարքերու արգասիք անիմաստ ջղայնոտութենէն, իմաստուն հառաչով մը, որ իր խառնուածքէն կու գար ու հարուստ՝ մտածումները, որոշ համակրանքով եւ ընդհանուր գաղափարներու հանդէպ ծնունդ առած հետաքրքրութեամբ մը, որոնցմէ չէր այցուած, երբ զանազան բեմերէ իր պատգամները կը հոսէր ափիբերան մարդոց։ «Մեհեան» (1914) հանդէսին մէջ ան ստորագրած է իր ամենէն իրաւ խօսքերը, ձեւով մը, որ ամենէն քիչ կը յիշեցնէ ասպարէզէն լրագրողը, քրոնիկագիրը։ Այդպէս եղաւ համեստ, խոհական ու տրտում. ան հազիւ կը յիշեցնէր ունայնամիտ աքլորը զոր եղաւ երբեմն կամ անհանդարտ հողմացոյցը որուն չվարանեցան նմանցնել զինքը իր հակառակորդները սանկ չորս–հինգ տարի առաջ, իրականին մէջ մեր ամենէն տիտղոսաւոր մունետիկը, որուն կոտրածը կոտրած, թափածը թափած էր անվերադարձ։ Այս ամէնը աշխարհի մէջ պատահական տրտմութիւններ են։ Իր մահէն տարի մը առաջ կը մեռնէր քասառունը հազիւ անցած իր մտքին կորովին սա փաստերը կ՚արձանագրեմ։ Բայց ահա աւելին։ Պատերազմէն անմիջապէս առաջ, շատ քիչեր միայն կը մտաբերէին, որ այդ boudé; sensé, առնուազն թափանցող տարազին ետին դեր էր ունեցեր քերթող մըն ալ, իր օրին վաւերական փառքով մը, մէկէ աւելի դիւաններով Լքուած քնար », « Երկունք »), որոնցմէ երրորդը, վերջինը, « Նոր քնար », դեռ ատեն չէր գտած չորցնելու տպագրութեան մելանը։

/108/ Բանաստեղծին սա շիջումը, խաւարումը [3], բացարձակ որքան վերջնական, զիս ո՛չ անակնկալի կը բերէր, ո՛չ ալ դեռ կը յուզէ զիս այսօր։ Ունեցել եմ Արտաշէսի հետ այդ տխուր վէճերը, դժուար եւ սակայն անխուսափելի, երբ կը մտադրէր «Նոր քնար»ը յանձնել տպագրութեան։ Ան ունէր իրեն համար բաւարար փառք, իր առջի դիւաններուն առիթովը, մկրտուած ու դամբարանուած, այս ու այն նշանաւոր կամ աննշան անուններու կնիքովը։ Ունէր մանաւանդ հասկցողի, դիտողի, expert-ի իր վարկը, արեւմտահայ գեղարուեստագէտ-քննադատի ամենազօր տարազն ալ մենաշնորհը բոլորը ջախջախիչ փաստեր ընդդէմ գիւղացիի մը շատ մասնակի, շատ ինքնատիպ, գրեթէ բացառիկ որակուելու արժանի զգայնութեան, որուն /109/ անունով ես կ՚ընէի իրեն դէմ վերապահումներս։ Վիճաբանութիւն մը չէր անշուշտ տեղի ունեցածը։ Ատկէ միշտ խոյս եմ տուած։ Յետոյ, կային անոր ընթերցումները, սիրական օտար հեղինակները, որոնց գործերուն հանդէպ իր հիացումը վատ չէր իր ունեցածէն եւ որոնց անունով խօսեր ու դատեր էր տարիներով։ Իմ վերապատութիւնը այսօր կը զգամ ատիկա յստակ գինն էր փոփոխութեան մը, որ կատարուած էր բանաստեղծութեան մէջ, մեր ամէնուն աչքին առջեւ, բայց այնքան արագ, որ չէինք կրցած հետեւիլ այդ դեղաշրջումին փուլերուն։ Արտաշէս Յարութիւնեան իբրեւ քերթող, իր նկարագիրը հագած գործիք մըն էր, որոշ իր յօրինուածութիւնը վերջնականապէս գտած, կաղապարած, նուազ առաձիգ, ընկալուչ՝ նոր պաշտօններու։ Ես նոր մըն էի իր մօտ, լարուած ու անհունապէս առանձին, ընկալուչ։ « Ցեղին սիրտը » միայն հռետորական ազգայնութիւն մը չէր բանար իր աչքերուն, այլեւ այն ահաւոր իրականութիւնը, որ կեանքին հարցն է ամէն գրականութեան համար։ Արտաշէս Յարութիւնեան ինծի հետ էր, երբ կը խօսէր Վարուժանի արուեստին թեքնիք կատարելութենէն, մեր լեզուն գործածելու մէջ անոր տիրական շնորհէն, բայց կը վարանէր անցնիլ անկէ անդին, ըսել կ՚ուզեմ չէր տարածեր իր հիացումը տաք, բաբախուն այն ոգիին ալ, որ կը կենսագործէ մեր բառական կառոյցները։ Կը հասկնար անշուշտ այդ շունչը, որ նորոգուած մխիթարութիւն մը իբրեւ մօտիկ էր դատապարտութեան (ինչպէս աւելի յետոյ պիտի ըսէր Կ. Զարեան տարբեր ազդակներ է թելադրուած, իր իմացապաշտ եւ պատկերամոլ հռետորութիւնը սքողելու), բայց որ իրաւ արուեստինն է ամէն տեղ ու ատեն։ Մեր վիճաբանութիւնները …։ Կը խօսիմ անոնցմէ ալ, քիչ մը անդին, երբ վերլուծեմ դատողը։ Անուշիկ խորշի մը խորը, ոսկորի պէս ճերմկցած ուռիի մը պառկուկ բունին վրայ նստած, ան կը կարդար քերթուածը, տրտում, իմաստուն իր աչքերը գրեթէ ամէն տողի թուղթէն բաժնելու ստիպուած, ներսէն թելադրանքով մը, հետեւելու համար անոր արձագանգին ինձմէ ներս։ Կը տառապէի սա դիւրազգածութեան [4] հաշւոյն, որ անսովոր էր ինծի։ Կը լուծուէին /110/ տողերը, մեզ հովանաւորող ծառին մեղմ, բայց ընդարձակ փսփսուքին մէջ, որ ձայնական լեռնաշխարհ մը կը թուէր հայթայթել քերթուածին փուլ, չըսելու համար խուլ շէնքին։ Կը դողդողային, ձայնէն քիչ մը աւելի դիմացկուն ու քաղցր՝ պատկերները [5], եւ հակառակ անոր, որ ծառէն նոր քաղուած պտուղներու կը նմանէին, կ՚աղօտէին մեծ արագութեամբ, կ՚անգայտանային, կը լուծուէին մշուշին ծոցը, որ նոյնն էր երկինքի կամ իմ հոգիի երեսին, առանց իրենք զիրենք կարենալ կերպադրել ու, պարտադրելու ու կը կորսուէին անարձագանգ։ Կը զգար այս հոսումը, խուսափումը Արտաշէս Յարութիւնեան տաղանդաւոր բանաստեղծը։ Կ՚իյնար թուղթը ձեռքէն։ Կը պաղէին աչքերը։ Ու վէճը։ Ան իրեն կը ներէր հաշտեցնել իմ անզգամութիւնը, վերապահութիւնը այն անբաւարարութեան, որ բնախօսական ինչպէս հոգեբանական մարզին վրայ իրականութիւն է։ Մարդեր իրենց բոլոր անբաւարարութիւնները իրենց հետ կը բերեն, ծնունդէն։ «Բանաստեղծական զգայնութեան պակաս մը, իմ մէջ, ոչ ոճիր էր ոչ ալ աղէտ մը», կը տրամաբանէր պատուական քննադատը, «վիպող, դատող շնորհներու բարիքին դէմ»։ Այդ օրերուն ես կ՚ընէի սկիզբը իրապաշտ հեղինակի մը, ստորագրելով պատմուածքներ («Խոնարհները» կը պարտիմ իր թելադրութեան), բոլորովին անտարբեր ոճի նրբութիւններէն, որոնց հանդէպ իմ արհամարհանքս աւելի յետոյ միայն պիտի փոխուէր հոգեյատակի [6] ։ Աւելորդ էր պաշտ/111/պանելու փորձ մը այդքան վսեմ պատրանքի մը դիմաց։ Ինքզինք արդարացնելու համար ուրիշներու մօտ ձրի շնորհներ բաշխելն էր ատիկա, այն օրերուն, իմ աչքիս։ Իմ մասին մտածել ինծի չի ներել, ո՞ւր մնաց իրեն։ Բայց սրտառուչ էր իր յամառութիւնը, երբ ինձմէ կ՚ուզէր փաստեր, իմ վերապահութիւնը արտայայտող։ Բռնազբօ՞ս։ Չէին այլ տողերը, վասնզի ամէն մէկ բառ կը նմանէր ծաղիկի մը, որ փրցուած իմ շուրջի նկարէն ու դրուած էր այդ թուղթին վրայ։ Սո՞ւտ : Չէին այդ տողերը, վասնզի անոնց տակէն թաւալող զգացումները երկուքս ալ կ՚առնէինք քով քովի, տունէն, խանութէն, պարտէզէն, ուր կ՚ըլլայինք այնքան յաճախ։ Հռետորեա՞լ։ Չէին դարձեալ անոնք, Արտաշէս Յարութիւնեան ինծի հետ նոյն սարսափը կ՚ապրէր գրական այդ մեղքին հանդէպ։ Այն ատե՞ն։ Բայց ես ինչ գիտնամ։ Դժբախտ քերթուա՞ծը։ Որմէ դժուար էր թերութիւն մը առանձնացնել։ Բայց որուն մեծագոյն թշուառութիւնը կու գար կնիքի, անձնականութեան, ինքնատպութեան, նորութեան, ինքնաբերութեան որոշ ՊԱԿԱՍԷ ՄԸ, ինծի համար չափազանց զգալի, ծանր կշռող նոյնիսկ, քանի որ իմ ախորժակները կը հակէին դէպի այդ կողքերը գրական ստեղծագործութեան։ Կը տառապէի այդ լեզուին տժգոյն ու ողորկ, սովորական ու հաստատ յօրինուածութենէն։ Կը տառապէի այդ քերթուածին տրամաբանական, գրեթէ քննադատական ընդլայնումէն, զայն ոտքի հանող երկրաչափական մտածողութենէն, ուզելով այս ամէն իմացական արժանիքներուն դէմ այն պուտ մը խենթութիւնը, զոր յետոյ նշանաբան պիտի ընէինք մերինին։ Չափուած բառե՛ր, անշո՛ւշտ։ Բայց որոնք զիս կը խոցէին Արտաշէս Յարութիւնեանի գրիչին տակ։ Ի՞նչ հարկ վերադառնալ Պէրպէրեանի, Թերզեանի, Աճէմեանի փառքերուն, երբ Վարուժանի քերթուածները կը պտըտէին բերնէ բերան, հակառակ անոր, որ կու գայլին շատ աւելի հեռու տաղաչափներու ազդեցութեանցը ընդմէջէն։ Երիտասարդ քերթողը կերպը գտած էր Մխիթարեան գրքունակ հռետորութիւնը այլապէս կենագործելու։ Արտաշէս Յարութիւնեան խորապէս պարկեշտ մարդ մըն էր ու կը հաւատար կարգ մը առաքինութիւններու (իր ընդվզումները մեր քաղաքակրթութեան դէմ դրական էին ու պահեց առնուազն բարոյական քաջութիւն մը մահուան մէջ ու հետ, ա/112/ւելի վերջը, երբ իմ ու իր գլուխը փնտռուեցան թուրքերուն կողմէ), երբ պաշտպանելու ատեն իր քերթուածը, չէր ներել իրեն անգութ, անոպայ, շփացած ուրացումներ, այնքան ընթացիկ Պոլսոյ գրողներուն համար։ Ինծի հետ էր Սիամանթօն չափելու արարքին մէջ, անոր հռետորական դիւրութիւնը, ֆրազ կազմելու ճարպիկութիւնը վերածելու աստիճան հիւանդագին արժանիքի։ Իր քերթուածին առիթով սա շեղումները լայնօրէն կը փոխարինէին իմ տառապանքը, վասնզի մեր խօսակցութիւնը կը դառնար կենդանի դատումի արձակ կրթանք մը։ Հաւասար կիրքով կ՚արհամարհէինք «Աբուլալա Մահարի»ն (Աւետիք Իսահակեան) ու կը մերժէինք հրապարակին հիացումը, որ նման բոլոր հիացումներուն՝ անբացատրելի է յաճախ։ Խորունկ տպաւորութիւն ըրաւ իմ վրայ իր անկեղծութիւնը Վահան Թէքէեանի քերթողութեան հանդէպ։ «Շիրակ»ի մէջ (1905, Եգիպտոս) Վահան Թէքէեան աւելի քան խիստ էր եղած «Երկունք»ի հեղինակին համար։ Արտաշէս Յարութիւնեան ոչինչ կը մոռնար, որպէսզի ըլլար մոռցած Վահանին անգթութիւնը։ «Ոստան»ի մէջ անոր քերթուածներուն ընթերցումը ըրինք սակայն խաղաղ ու խորունկ վայելք մը իբրեւ։ Արտաշէս Յարութիւնեան համեստութենէ վեր պայծառամտութեամբ մը ճշդեց իր տպաւորութիւնը մեր մէջ ապրող ամենէն լաւ բանաստեղծը ընդունելով զայն։ Մոռցած էր, թէ կը խաղար սեպհական վարկին հետ։ Ու ինծի չափ խոր կը զգար մռայլութիւնը, անգամ բաւ ու անդարման, ուր նետեր էին հրապարակի կիրքերը այդ մեծատաղանդ բանաստեղծը, լայն չափով կուսակցական։ Մէկ էր մեր զարմացումը, զայն գտնելով այդ կռիւներուն մոլուցքին մէջ այդքան խորասոյզ։ Ան մթնշաղի մը մէջ մտնող խոստում մըն ալ ըրաւ ինծի, Վահանի հատորին հրատարակութեան առիթով վճարել արդարութեան իր պարտքը անոր տաղանդին [7] ։ Պարագաներ, այլապէս եղերական, պիտի արգիլէին զինք այդ սրտառուչ, գրեթէ կտակային խոստումը յարգելէ։ Ընդհանուր Առաջին Պատերազմին յայտարարութիւնը քայքայումն էր մեր գրականութեան։


 



[1]     1900-1908 շրջանին մէջ գրաբար—աշխարհաբար յանգած մկնա–գորտամարտը կը հագնի գրական նկարագիր, լեզուականէն անկախ։ Տիգրան Եէլքէնճեան ոսկերիչը այդ օրերում մամուլին մէջ կը կատարէ գրաբար թարգմանութիւններ մեզմէ ինչպէս օտարներէն, աւելորդ անգամ մըն ալ փաստելով, թէ որքան ունայնամտութիւն կայ գրականութեան սպասին մէջ, գրեթէ միշտ։ Ո՛չ ոք, որ հասկցնէր պատուական տաղաչափին, թէ վաթսուն տարի առաջ այս աշխատանքը աւելի համեստ յաւակնութիւններով կատարեր էին Մխիթարեան աբբաները եւ ձգած են գեղեցիկ մեռելներ։ Բայց ահա՛ անմեկնելին. 1900–ին դարձեալ մենք կը կատարենք աշխարհաբար Շնորհալիի մը ժամանակավրէպը։ Քերթողական շատ ապահով թեքնիքը Դուրեան Սրբազանին վրիպանքէն աւելի բան մըն է Շնորհալիէն կատարուած աշխարհաբար պեղումներուն մէջը։

[2]     1915–ին հայ միտքին վրայ գործադրուած եղեռնը, մեր բոլորին համար դեռ պատերազմը չաւարտած, գտեր էր իր իմաստը։ Մեր գրողներուն սա անճիտումը կանխագոյն կարգադրութիւն մըն էր, մեր ժողովուրդին ճակատագիրը մեզի պարզ ընող։ 1919–ին, երբ հոսկէ ու հոնկէ, վերապրողները իրար գտան Պոլսոյ մէջ կրկին, գրականութեան սպասը կը թուէր անկարելի։ Կը յիշեմ, Տիկին Եսայեանի հետ եղերական տեսակցութիւն մը, Պոլիս։ Ընելիք չունէին, իր կարծիքով, արեւմտահայ գրողները։ 1922–ին, երբ այդ վերջին խումբն ալ, հալածական, կը ձգէր Պոլիսը, արեւմտահայ գրականութիւնը պիտի դիմանար տակաւին քսան մը տարի։ Երկրորդ Մեծ Պատերազմէն առաջ իրական արժէքներ էին Կ. Զարեան, Համաստեղ, Բ. Նուրիկեան, Փայլակ Միքայէլեան, Շահան Շահնուր, Շաւարշ Նարդունի, Բ. Թօփալեան, Վազգէն Շուշանեան, Օհան Կարօ, Ոստանիկ, Ն. Պէշիկթաշլեան, յիշելու համար քանի մը անուններ, ո՛րը՝ ամբողջացուցած իր գրական յեղաշրջումը, որն ալ ամբողջացնելու վրայ։ Հայ միտքը չէր մեռած։

[3]     Վերափառքը ուրիշ իրողութիւն մըն է, գրողի մը կեանքովը հազիւ համեմատելի։ կու գայ օրը, երբ Ովիտիոսի մը, նոյնիսկ Վիրգիլիոսի մը փառքերը կը նորոգուին, ամէն վերածննդային պատահմունքներէ անկախաբար: Կատարուածը գրական վերածնունդը չէ հոս, այլ այն շահեկանութիւնը, զոր ունին հնութեանց թանգարանին մէջ անցեալին վկայութիւնները: Ով որ մեր հին մատենագրութիւնը պրպտեր է գրական հետաքրքրութիւններով, ինքզինք կը զգայ կործանած ցեղին դիմաց անհուն շատախօսութեանց, որոնց պաշտպանութիւնն են ստանձնած դարերով մեր մեծ անձնաւորութիւնները։ Դուք կ՚անգիտանաք տխուր փաստը, որուն համեմատ մեծագոյն բանաստեղծներէն Ս. Ներսէս Շնորհալի հեղինակն է 20. 000 տող ոտանաւորներու, հազիւ քանի մը հարիւրը այսօր կը խօսի մեզի, մնացեալը՝ մոխիր: Անշուշտ Շնորհալիին վերափառքը, միշտ գրական տեսակէտէն, արդիւնք է այդ հարիւր տողերուն եւ ոչ թէ 20. 000–ին: Անոնք, որ երկու հարիւր տարի վերջը պիտի ուսումնասիրեն արեւմտահայ գրականութեան առաջին 60–70 տարին, թերեւս պիտի գտնեն քանի մը ճշմարիտ, մեզմէ անտեսուած՝ գոհարներ, բայց որոնց հեղինակները ապահովաբար ո՛չ Թերզեանը, ո՛չ Նար-Պէյը, ո՛չ Չօպանեանը եւ ո՛չ Արտաշէս Յարութիւնեանը կրնան ըլլալ, այսքան այս անուններով պայմանաւոր գրական իրողութիւնները իրենք զիրենք լիալիր սպառած են իրենց ողջուցը, հալած մոխիր միայն իջնելով մոռացումին փոսը: Ինչ որ դիմացեր է երկու սերունդի ճաշակներուն, ասոնց քմայքին կամ զայրոյթին, կ՚ընծայէ որոշ բախտ վերափառքի մը համար։ Ալիշանի աշխարհաբար քերթուածները կրնան օր մը ուշադրութիւն ստեղծել, իբրեւ, նմոյշներ ո՛չ թէ զգայնութեան, խառնուածքի մը ճշմարիտ փառքին, այլ այն բոլոր ունայն բաներուն, որոնց համար հոգի կու տայ գրական քննադատութիւնը, երբ կ՚աշխատի անցեալին կամարներուն ներքեւ ծածկուած կեանքին բարձունքն ի վար։ Այն ատեն մենք կ՚ըլլանք երախտագէտ Ալիշանին, որ մեզի կը պարզէ 1850–ի հայրենասէր ու միայն այդ եղող աբբայի մը մտքին պատկերը։ Ու այդքան։ Բայց մենք այսօր ալ կը սիրենք «Նորահրաշ»ը (Շնորհալի)։

 

[4]     Գրական ստեղծագործութիւնը մեղք մը ըլլալէ աւելի հոգեկան բարեխառնութիւն մըն է ու դուրս, հետեւաբար, մեր կամքէն։ Արտաշէս Յարութիւնեան իր շատ մը տկարութիւնները յաղթահարած էր, բայց պարտուած էր այդ մէկէն։ Աւելի վերջ, իմ կարգիս, խնայելու համար սեպհական տառապանքը, ես գործադրեցի հերոսական արարքը չկարդալ իմ մասիս գրուած թեր կամ դէմ որեւէ բան։ Գնած էի խաղաղութիւնը, տգիտութեան մը գնով։

[5]     Յարութիւնեանի քերթողութեան արտաքին մասը թելադրուած է այդ պատկերներէն, որոնք անոր գիւղէն հայթայթուած են։ Աւելի անդին, ես կու տամ գիծերը այդ բնութեան։ Հոս դիտել կու տամ, որ այդ օրերուն, անոր ու իմ աչքին ապրող այդ իրերը պտուղ, ծառ, ծաղիկ, դաշտ ու աղբիւր, հովի պար ու աստղերու նժոյգ քերթուածին մէջ անդրադարձումներ չէին, այլ այդ ամէնէն փրթած խակ բաներ։ Իրականութի՛ւն, որքան կ՚ըլլայ։ Բայց արուե՞ստը։ Ատոր վախն էր, որ զիս պիտի պաշարէր, երբ այդ իրականութիւնը սեղմելու համար պիրկ իմ բազուկներս կը գտնէին հում նիւթ, որ նոյնն է մեր բոլորին բազուկներուն ներքեւ։ Արուեստը ուրիշ տեղ է, ուրիշ բան է։

[6]     Բախտի խնդիր, անշուշտ: Գրելու արուեստի մը յիմարութիւնը չեմ պաշտպանած, ո՛չ թէ յանուն ինքնատիպութեան, այլ վասնզի նման գիտութիւն մը անիմաստութիւն է։ Դուք պիտի ունենայիք, ամէն տարի, առնուազն քանի մը միլիոն գրագէտ։ Իմ դէմ բանաձեւուած մեղադրանքը կու գայ սակայն ոճի տագնապէ, զոր ահա կ՚ուրանամ հոս։ Մտքէս չէ անցած բառ մը փոխել որեւէ գրութենէ, բայց երեսուներկու անգամ թուղթ եմ պատռած գտնելու համար պարզուկ նախադասութիւնը, «Դուռը զարնուեցաւ…», որով կը սկսի «Ծակ պտուկը»ը, մէկ շունչով գրուած։ Ոճի հարցը, կամաւոր միութիւնը, անհասկնալի ըլլալու չարախինդ փառասիրութիւնները ես եմ, որ ամենէն աւելի խարանած եմ ուրիշներու մօտ։ Ու յիմարութիւն պիտի ըլլար չսպաննել զանոնք իմ իսկ ներսը։ Մեծութիւն եւ խորութիւն իրարու մօտիկ, բայց երբեք նոյն բաները չեն։

[7]     1914–ի մուտքին էր, որ լոյս պիտի տեսնէր «Հրաշալի յարութիւն»ը։ Արտաշէս Յարութիւնեան Պոլիս էր այդ թուականին, կործանած իր տունն ու տնտեսութիւնը վերստին կազմելու ու չարքաշ, հերոսական աշխատանքին տրամադրելով իր ուժերը։ Գրական բարձրագոյն հաճոյքներու սպասարկու այդ իրաւ, իմաստուն մարդը ընդուներ էր ապահովագրական շրջուն պաշտօնեայի պարտականութիւնը, հացը հանելու սրբազան պարտքով։ Ան կը շրջէր գաւառէ գաւառ ու կը խօսէր հանդիպած տեղը մեր արժէքներէն։