3.
ԱՐՏԱՇԷՍ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
(1873-1915)
/103/
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
ունի
տարօրինակ
շրջան
մը,
դուրսէն
այնքան
յորդ
թելադրանքներով,
ներսէն
այնքան
անկայուն,
զոր
դժուար
է
տարազի
կապել։
Ատիկա
շրջանն
է
այն
վեց
տարիներուն,
որոնց
վերջինը
կը
յանգի
Մեծ
Պատերազմի
սկզբնաւորութեան։
Առաջինը
այդ
տարիներուն
կը
զուգադիպի
բախտորոշ
տարողութեամբ
ուրիշ
իրողութեան
մը
—
ատիկա
հռչակումն
է
թուրքերու
Բ.
Սահմանադրութեան
(1908-1914)։
Ո՛չ
մէկ
գրականութիւն
չի
կրնար
անգիտանալ
թուականը։
Մերը՝
ամենէն
շատ,
քանի
որ,
մի՛
մոռնաք
սա
ճշդումը,
գրականութիւնն
է
գետը
ժողովուրդի։
Ահա՛,
ուրեմն,
ձեզի
քանի
մը
թուականներ։
1909–ին
կը
մեռնի
Թովմաս
Թերզեան,
«
լցեալ
աւուրբք
»,
բայց
մա՛նաւանդ
փառօք։
1911–ին՝
նոյն
պայմաններով՝
Մկրտիչ
Աճէմեան:
Ինքնաբերաբար
գրչիս
կը
ներկայանանան
ա)
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան,
որուն
առաջին
յօդուածները
կ՚երեւան
եօթանասնական
թուականներուն
(Չերազ,
որ
Եղիայի
հետ
է
սկսած,
պիտի
մեռնի
1930–ի
մօտերուն),
բ)
Միսաք
Մեծարենց,
որուն
չարիքի
ամպերէն
կալանաւոր
աստղը
պիտի
շարունակէ
տառապիլ
այդ
շրջանին
ու
անկէ
ետքն
ալ,
մինչեւ
որ
յապաղած,
բայց
արդար
յարգանք
մը
յաջողի
տարտղնել
թուխպ
ու
տրտում
այդ
բոդիները
ու
ազատագրէ
գողտրիկ
փառքը
անոր
աստղին
(վասնզի
Մեծարենցի
արուեստը,
զգայնութիւնը,
բանաստեղծութիւնը
հաղորդ
են
այն
ամէն
յոյզերուն,
խռովքներուն,
որոնք
վեցամեակի
արուեստագէտներուն
բոլորին
ալ
մէջը
կը
մնան
տիրական,
հաշտ
խորագոյն
ընդունակութեանց)։
1913–ին
Եսայեան
Սանուց
Միութիւնը
(որուն
ետին
սխալ
չըլլար
արեւմտահայ
գրականութեան
սպայակոյտը
տեսնել),
կը
տօնէ
Յա/104/կոբ
Գուրգէնի
յոբելեանը,
մարդու
մը,
որմէ
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ոչինչ
ժառանգած,
այլ
գտած
է
երկար,
տաժանելի
արգելանք,
աշխարհաբարին
վրայ
իր
յարձակումներէն
անկախաբար,
գրաբարը
սրտի
արտայայտութեան
ատակ
դաւանելու
միամտութեամբ
մը
ուռած
։
Միշտ
այդ
թուականներուն
(1913)
տպագրութեան
համար
պատրաստ
է
Տիկին
Եսայեանի
գլուխ–գործոցը,
«Աւերակներուն
մէջ»։
Նոյն
պայմաններով
մամուլին
յանձնուած
է
Վ.
Թէքէեանի
գլուխ–գործոցը,
«Հրաշալի
յարութիւն»ը։
Կու
տամ
ուրիշ
քանի
մը
թուականներ.
1910–ին
«Ցեղին
սիրտը»,
Վարուժան,
որմէ
ուրիշ
գլուխ–գործոց
մը՝
«Հեթանոս
երգեր»,
1914–ին։
Ու
ըլլալու
համար
հետեւողական,
կը
յիշեմ
«Խաչուած
երազներ»ը
(Հրանդ
Նազարեանց),
որ
իր
բախտը
կը
փորձէ։
Սուրէն
Պարթեւեան,
1910–ին,
կը
հանէ
իր
պատմուածքները
(«Քայքայում»
եւ
«Հայուհին»)։
«Կերոններ»ը
(Վ.
Մալէզեան),
1911–ին։
Զօհրապի
պատմուածքները,
փնտռուած
իրենց
վերադիրներով
(«Կեանքը
ինչպէս
որ
է»,
«Խղճմտանքի
ձայներ»,
«Լուռ
ցաւեր»)
կը
մտնեն
հատորի
կեանքին։
«Ցայգալոյս»
(Ռ.
Զարդարեան)՝
1910–ին։
«Ամբողջական
գործը»
(Սիամանթօ)՝
1914–ին։
«Նոր
քնար»
(Արտաշէս
Յարութիւնեան)՝
1912–ին։
Գիրքերու
սա
թուումը
կը
փորձեմ
պաշտպանել
մտայնութեանց
ալ
յատկանշական
փաստերով։
«Հանդէս»ը
(եթէ
յիշենք
Չէօկիւրեանի
«Ոստան»ը։
Երիտասարդ
«Ազդակ»ը
անկնիք
ժամադրավայր
մըն
է։
«Ազատամարտ
յաւելուած»ը,
օրաթերթին
սակառը,
գործածելով
բառը
խմբագրական
առումով),
որ
կանխող
շրջանին
(1900-1908)
կենդանի,
քիչ
մը
հոսհոս
սպասավայր
մըն
էր,
հասարակաց
ու
ատով
հաճելի,
այն
շրջանին
կը
տժգունի
օրաթերթի
փառքէն։
Ըսես
մէկէն
արձակուած
բնային
արեւմտահայ
միտքին
քաղաքական
թեւերը։
/105/
Պոլսոյ
մէջ
ունինք
չորս
օրաթերթ
(թուրքերուն
ալ
թիւը
չորսը
չ՚անցներ),
ուր
ինքնաբերաբար
կը
կեդրոնանան
մեր
գրականութեան
ձգտումները,
համապատասխան
մտայնութեանց
բեմը
հանդիսացած։
Կու
տամ
աւելի
լուրջ
անուններ
—
«Ազատամարտ»,
որ
քաղաքական
կուսակցութեան
մը
օրկանը
ըլլալուն
չափովը,
կը
ձգտի
կեդրոնավայր
մը
դառնալ
արեւմտահայ
գրականութեան
հին
ու
նոր
ուժերուն,
իր
աշխատակիցներուն
մէջ
ունի
Հրանդը,
Ռ .
Զարդարեանը,
Վարուժանը,
Սիամանթօն,
Երուանդ
Օտեանը
(որ
տարիներով
հաճոյքը
հալածեց
յեղափոխութիւնը
հալածելու
եւ
1909–ի
«Հայրենիք»
օրաթերթին
պահ
մը
աշխատակցելէ
ետք,
խելքը
գտաւ
եռոտանիի
մը
վրայ
հաստատելու
իր
սեղանը,
գրելու
համար
առտուան
«Բիւզանդիոն»ի
մէջ,
կէսօրին
«Ժամանակ»ի
մէջ,
իրիկունը
«Ազատամարտ»ի
մէջ).
Արտաշէս
Յարութիւնեանը,
որ
կը
կրկնէր
Օտեանի
իմաստութիւնը,
աւելի
տարբեր
նպատակներով,
Տիկին
Եսայեանը,
Գեղամ
Բարսեղեանը,
Ռ.
Սեւակը,
դիտելու
համար
քանի
մը
յատկանշական
անուններ։
Տիրան
Չրաքեան
իր
վերջին
արձակները
կը
ստորագրէ
«Բիւզանդիոն»ի
եւ
«Ոստան»
եռամսեային
մէջ։
Սուրէն
Պարթեւեան
Իզմիրի
«Դաշինք»էն
ետք
Գահիրէ
կը
հիմնէ
«Հոսանք»ը։
Վ.
Թէքէեան,
փորձելէ
ետք
1890–ի
«Հայրենիք»ը
ողջնցնել
1909–ին,
կը
հրատարակէ
«Շիրակ»ը
(որուն
առաջին
հիմնարկումը
կատարուած
էր
1905–ին,
Եգիպտոս)։
Թլկատինցին
ունի
տարեցոյցները,
պահպանողական
թերթերն
ու
հանդէսները։
Զանց
կընեմ
խօսիլ
Ամերիկեան
թերթերէն
ու
հանդէսներէն,
միշտ
այդ
վեցամեակին։
Միտք
բանի՞ն
սա
թուումներուն,
թուականներուն։
—
Սա
շատ
պարզ
իրողութիւնը,
թէ
արեւմտահայ
գրականութեան
համար
բախտորոշ
այդ
թուականին
(1914),
սա
վեց
տարիները
եղան
շրջանը,
կրկէսը
լրիւ
երեք
սերունդներու
եթէ
ոչ
պայքարին,
/106/
գէթ
պարզեցին
սրտառուչ
հանդէսը
միատարր
հոգեբանութեան
մը
—
մեր
ժողովուրդի
այն
խորունկ
հարստութեան,
որ
իմացական
կեանքի
փաստն
էր,
անոր
անկայուն
պատմութեան
արհաւրալից
տարիներուն։
Այդ
խանդը,
հաւատքը
հիմա,
Սփիւռքի
օտարութեանց
խորէն,
հերոսութիւն
է
մկրտել
նուաստացուցիչ
վերադիրներով։
1910–ին
մենք
կը
հաւատայինք
մեր
ժողովուրդին։
Ու
մեր
ըրած
գրականութիւնը,
ըլլալով
հանդերձ
անաւարտ,
անյարիր,
արարք
մըն
էր
հոգեկան
հարստութեան։
Եթէ
ներկ,
փոշի
ու
աղմուկ
քիչ
մը
զգալի
եղան,
արժեզրկելու
չափ
զօրաւոր
չէին
այդ
շրջանը
սակայն։
Ու
ահա
ուրիշ
իրողութիւններ։
Նոյն
այդ
թուականներուն,
առանց
որ
ո՛չ
ոք
անդրադառնար
ասոնց,
տեղի
ունեցան
մէկէ
աւելի
հրաշքներ։
Անվերադարձ
իրենց
մեկնումը
ըրին
մեր
գրականութեան
ածուներէն
աղմկոտ,
նիհար
անուններ,
ընդհանրապէս
տաղաչափ,
որոնք
խօսեցուցած
էին
իրենց
վրայ,
գրականութեան
մէջ
ո՛չ
ներելի
միջոցներով։
Այդ
մարդոց
անունները
կը
գտնէք
դուք
1900–1909
հանդէսներէն
ներս։
Ուրիշներ,
իրենց
լիալիր
փառքին
մէջ,
երբ
ոչ
ոք
կը
կասկածէր
իրենց
հզօր,
փառաբանուած
անձնականութեան
հաստատ
արժէքէն,
իրենք
իրենց
շիջան,
իրենց
տարիքին
պայծառութեանը
մէջ,
կրելով
հանդերձ
իրենց
դափնիները։
Ի՞նչ
էր,
որ
յանկարծահաս
ամպի
մը
նման
ըրաւ,
այնքան
շլացիկ
անունը
Տիկին
Զապէլ
Ասատուրի,
որ
1900-1909–ին
տիրական
աստուածացում
մըն
էր։
Հերոսական
իր
ընդդիմութիւնը
կ՚արձանագրեմ
հոս
իր
ոտանաւորները
վերախմբելու
այս
ու
այն
թելադրանքներէն
չտարուելով։
Տիկինը
պիտի
դիմանար
փորձութեան։
Գերեզմանէն
վտարուած
ուրուականի
մը
իր
վերջին
յաճախանքէն
յետոյ
(«Այգեկութք»,
Ա.
Փանոսեան,
որուն
անուան
փաստը
անկարելի
է
հերքել,
գործը
կռնակէն
վտարելով
հանդերձ
Տիրոջը
այգիէն),
Տիրան
Չրաքեան
հետզհետէ
կը
սուզուի
իր
փառասիրութեանց
ճահիճն
ի
վար,
իր
հանճարային
այլուրութիւնը
ոսկեզօծող
ուրացումներով
ու
անհեթեթ
տարփողանքով
մը,
արժէքներու
հասgէին,
որոնք
ո՛չ
խակ
էին
եւ
ո՛չ
ալ
հասուն։
Սուրէն
Պարթեւեան
կ՚անցնի
վճռապէս
լրագրութեան,
ընդմիշտ
մեռնելով
գրականութեան
համար
(Գահիրէի
«Հոսանք»ը,
1912,
նախաբանն
է
իր
անորակելի
«Տարեցոյց»ներուն
(Եգիպտահայ),
որոնք
այնքան
արագ
սպաննեցին
/107/
այդ
տարօրինակ
տաղանդին
կարելի
մարդկայնութիւնը,
երեւան
բերելով
գրական
բարքեր)։
Այս
շիջումներէն
ամենէն
տրտումը
—
որովհետեւ՝
անիրաւը
—
էր
ապահովաբար
ան,
որ
տնօրինուեցաւ
Արտաշէս
Յարութիւնեանին,
լման
տասնամեակ
մը
իրական
դատաւորը
պոլսահայ
գրականութեան,
բոլորը
հանդէսներուն
մէջ
իր
բարձրացած
աթոռով
ու
բարձրագոյն
վէճերու
մէջ
իր
անվերականգնելի
վճիռներով։
Ան
նոյն
ատեն
շրջանին
առաջնակարգ
պուետիկոսն
էր
ու
պատուակալ
աշխատասիրող
մը
գրելու
կերպերը
յիշեցնող
ամէն
նիւթի։
Հրաշքի
պէս
բան
մըն
էր
այդ
շքեղ
համբաւին
կեցած
տեղը
գօսանալը։
Եւ
սակայն
ստոյգը
այն
էր,
որ
Մալկարացի
գեղարուեստագէտ–քննադատ
ին
տաղանդը
(ինչ
որ
ունէր
անշուշտ
արդար
ու
ինչ
որ
կը
դիզուէր
վրան
դուրսէն,
արդար
կամ
անարդար,
արդիւնքը
չի
փոխուիր)
աւելի
քան
գտած
էր
իր
լիութիւնը,
լրջութիւնը,
հասունութիւնն
ու
կորովը։
«
Ազատամարտ
յաւելուած
»ին
մէջ
իր
գրադատականները
ուղղակի
ապացոյցներ
էին
կիրքէ
զերծ
(գաղիացիք
կըսեն
serein),
նստուկ,
ամուր
յօրինուածքներ
էին,
ազատագրուած
ըլլալով
սնոտիքէն,
տխուր
գրական
բարքերու
արգասիք
անիմաստ
ջղայնոտութենէն,
իմաստուն
հառաչով
մը,
որ
իր
խառնուածքէն
կու
գար
ու
հարուստ՝
մտածումները,
որոշ
համակրանքով
եւ
ընդհանուր
գաղափարներու
հանդէպ
ծնունդ
առած
հետաքրքրութեամբ
մը,
որոնցմէ
չէր
այցուած,
երբ
զանազան
բեմերէ
իր
պատգամները
կը
հոսէր
ափիբերան
մարդոց։
«Մեհեան»
(1914)
հանդէսին
մէջ
ան
ստորագրած
է
իր
ամենէն
իրաւ
խօսքերը,
ձեւով
մը,
որ
ամենէն
քիչ
կը
յիշեցնէ
ասպարէզէն
լրագրողը,
քրոնիկագիրը։
Այդպէս
եղաւ
համեստ,
խոհական
ու
տրտում.
ան
հազիւ
կը
յիշեցնէր
ունայնամիտ
աքլորը
—
զոր
եղաւ
երբեմն
—
կամ
անհանդարտ
հողմացոյցը
—
որուն
չվարանեցան
նմանցնել
զինքը
իր
հակառակորդները
—
սանկ
չորս–հինգ
տարի
առաջ,
իրականին
մէջ
մեր
ամենէն
տիտղոսաւոր
մունետիկը,
որուն
կոտրածը
կոտրած,
թափածը
թափած
էր
անվերադարձ։
Այս
ամէնը
աշխարհի
մէջ
պատահական
տրտմութիւններ
են։
Իր
մահէն
տարի
մը
առաջ
—
կը
մեռնէր
քասառունը
հազիւ
անցած
—
իր
մտքին
կորովին
սա
փաստերը
կ՚արձանագրեմ։
Բայց
ահա
աւելին։
Պատերազմէն
անմիջապէս
առաջ,
շատ
քիչեր
միայն
կը
մտաբերէին,
որ
այդ
boudé;
sensé,
առնուազն
թափանցող
տարազին
ետին
դեր
էր
ունեցեր
քերթող
մըն
ալ,
իր
օրին
վաւերական
փառքով
մը,
մէկէ
աւելի
դիւաններով
(«
Լքուած
քնար
»,
«
Երկունք
»),
որոնցմէ
երրորդը,
վերջինը,
«
Նոր
քնար
»,
դեռ
ատեն
չէր
գտած
չորցնելու
տպագրութեան
մելանը։
/108/
Բանաստեղծին
սա
շիջումը,
խաւարումը,
բացարձակ
որքան
վերջնական,
զիս
ո՛չ
անակնկալի
կը
բերէր,
ո՛չ
ալ
դեռ
կը
յուզէ
զիս
այսօր։
Ունեցել
եմ
Արտաշէսի
հետ
այդ
տխուր
վէճերը,
դժուար
եւ
սակայն
անխուսափելի,
երբ
կը
մտադրէր
«Նոր
քնար»ը
յանձնել
տպագրութեան։
Ան
ունէր
իրեն
համար
բաւարար
փառք,
իր
առջի
դիւաններուն
առիթովը,
մկրտուած
ու
դամբարանուած,
այս
ու
այն
նշանաւոր
կամ
աննշան
անուններու
կնիքովը։
Ունէր
մանաւանդ
հասկցողի,
դիտողի,
expert-ի
իր
վարկը,
արեւմտահայ
գեղարուեստագէտ-քննադատի
ամենազօր
տարազն
ալ
մենաշնորհը
—
բոլորը
ջախջախիչ
փաստեր
ընդդէմ
գիւղացիի
մը
շատ
մասնակի,
շատ
ինքնատիպ,
գրեթէ
բացառիկ
որակուելու
արժանի
զգայնութեան,
որուն
/109/
անունով
ես
կ՚ընէի
իրեն
դէմ
վերապահումներս։
Վիճաբանութիւն
մը
չէր
անշուշտ
տեղի
ունեցածը։
Ատկէ
միշտ
խոյս
եմ
տուած։
Յետոյ,
կային
անոր
ընթերցումները,
սիրական
օտար
հեղինակները,
որոնց
գործերուն
հանդէպ
իր
հիացումը
վատ
չէր
իր
ունեցածէն
եւ
որոնց
անունով
խօսեր
ու
դատեր
էր
տարիներով։
Իմ
վերապատութիւնը
—
այսօր
կը
զգամ
ատիկա
յստակ
—
գինն
էր
փոփոխութեան
մը,
որ
կատարուած
էր
բանաստեղծութեան
մէջ,
մեր
ամէնուն
աչքին
առջեւ,
բայց
այնքան
արագ,
որ
չէինք
կրցած
հետեւիլ
այդ
դեղաշրջումին
փուլերուն։
Արտաշէս
Յարութիւնեան
իբրեւ
քերթող,
իր
նկարագիրը
հագած
գործիք
մըն
էր,
որոշ
իր
յօրինուածութիւնը
վերջնականապէս
գտած,
կաղապարած,
նուազ
առաձիգ,
ընկալուչ՝
նոր
պաշտօններու։
Ես
նոր
մըն
էի
իր
մօտ,
լարուած
ու
անհունապէս
առանձին,
ընկալուչ։
«
Ցեղին
սիրտը
»
միայն
հռետորական
ազգայնութիւն
մը
չէր
բանար
իր
աչքերուն,
այլեւ
այն
ահաւոր
իրականութիւնը,
որ
կեանքին
հարցն
է
ամէն
գրականութեան
համար։
Արտաշէս
Յարութիւնեան
ինծի
հետ
էր,
երբ
կը
խօսէր
Վարուժանի
արուեստին
թեքնիք
կատարելութենէն,
մեր
լեզուն
գործածելու
մէջ
անոր
տիրական
շնորհէն,
բայց
կը
վարանէր
անցնիլ
անկէ
անդին,
ըսել
կ՚ուզեմ
չէր
տարածեր
իր
հիացումը
տաք,
բաբախուն
այն
ոգիին
ալ,
որ
կը
կենսագործէ
մեր
բառական
կառոյցները։
Կը
հասկնար
անշուշտ
այդ
շունչը,
որ
նորոգուած
մխիթարութիւն
մը
իբրեւ
մօտիկ
էր
դատապարտութեան
(ինչպէս
աւելի
յետոյ
պիտի
ըսէր
Կ.
Զարեան
տարբեր
ազդակներ
է
թելադրուած,
իր
իմացապաշտ
եւ
պատկերամոլ
հռետորութիւնը
սքողելու),
բայց
որ
իրաւ
արուեստինն
է
ամէն
տեղ
ու
ատեն։
Մեր
վիճաբանութիւնները
…։
Կը
խօսիմ
անոնցմէ
ալ,
քիչ
մը
անդին,
երբ
վերլուծեմ
դատողը։
…
Անուշիկ
խորշի
մը
խորը,
ոսկորի
պէս
ճերմկցած
ուռիի
մը
պառկուկ
բունին
վրայ
նստած,
ան
կը
կարդար
քերթուածը,
տրտում,
իմաստուն
իր
աչքերը
գրեթէ
ամէն
տողի
թուղթէն
բաժնելու
ստիպուած,
ներսէն
թելադրանքով
մը,
հետեւելու
համար
անոր
արձագանգին
ինձմէ
ներս։
Կը
տառապէի
սա
դիւրազգածութեան
հաշւոյն,
որ
անսովոր
էր
ինծի։
Կը
լուծուէին
/110/
տողերը,
մեզ
հովանաւորող
ծառին
մեղմ,
բայց
ընդարձակ
փսփսուքին
մէջ,
որ
ձայնական
լեռնաշխարհ
մը
կը
թուէր
հայթայթել
քերթուածին
փուլ,
չըսելու
համար
խուլ
շէնքին։
Կը
դողդողային,
ձայնէն
քիչ
մը
աւելի
դիմացկուն
ու
քաղցր՝
պատկերները,
եւ
հակառակ
անոր,
որ
ծառէն
նոր
քաղուած
պտուղներու
կը
նմանէին,
կ՚աղօտէին
մեծ
արագութեամբ,
կ՚անգայտանային,
կը
լուծուէին
մշուշին
ծոցը,
որ
նոյնն
էր
երկինքի
կամ
իմ
հոգիի
երեսին,
առանց
իրենք
զիրենք
կարենալ
կերպադրել
ու,
պարտադրելու
ու
կը
կորսուէին
…
անարձագանգ։
Կը
զգար
այս
հոսումը,
խուսափումը
Արտաշէս
Յարութիւնեան
տաղանդաւոր
բանաստեղծը։
Կ՚իյնար
թուղթը
ձեռքէն։
Կը
պաղէին
աչքերը։
Ու
վէճը։
Ան
իրեն
կը
ներէր
հաշտեցնել
իմ
անզգամութիւնը,
վերապահութիւնը
այն
անբաւարարութեան,
որ
բնախօսական
ինչպէս
հոգեբանական
մարզին
վրայ
իրականութիւն
է։
Մարդեր
իրենց
բոլոր
անբաւարարութիւնները
իրենց
հետ
կը
բերեն,
ծնունդէն։
«Բանաստեղծական
զգայնութեան
պակաս
մը,
իմ
մէջ,
ոչ
ոճիր
էր
ոչ
ալ
աղէտ
մը»,
—
կը
տրամաբանէր
պատուական
քննադատը,
—
«վիպող,
դատող
շնորհներու
բարիքին
դէմ»։
Այդ
օրերուն
ես
կ՚ընէի
սկիզբը
իրապաշտ
հեղինակի
մը,
ստորագրելով
պատմուածքներ
(«Խոնարհները»
կը
պարտիմ
իր
թելադրութեան),
բոլորովին
անտարբեր
ոճի
նրբութիւններէն,
որոնց
հանդէպ
իմ
արհամարհանքս
աւելի
յետոյ
միայն
պիտի
փոխուէր
հոգեյատակի
։
Աւելորդ
էր
պաշտ/111/պանելու
փորձ
մը
այդքան
վսեմ
պատրանքի
մը
դիմաց։
Ինքզինք
արդարացնելու
համար
ուրիշներու
մօտ
ձրի
շնորհներ
բաշխելն
էր
ատիկա,
այն
օրերուն,
իմ
աչքիս։
Իմ
մասին
մտածել
ինծի
չի
ներել,
ո՞ւր
մնաց
իրեն։
Բայց
սրտառուչ
էր
իր
յամառութիւնը,
երբ
ինձմէ
կ՚ուզէր
փաստեր,
իմ
վերապահութիւնը
արտայայտող։
Բռնազբօ՞ս։
—
Չէին
այլ
տողերը,
վասնզի
ամէն
մէկ
բառ
կը
նմանէր
ծաղիկի
մը,
որ
փրցուած
իմ
շուրջի
նկարէն
ու
դրուած
էր
այդ
թուղթին
վրայ։
Սո՞ւտ :
—
Չէին
այդ
տողերը,
վասնզի
անոնց
տակէն
թաւալող
զգացումները
երկուքս
ալ
կ՚առնէինք
քով
քովի,
տունէն,
խանութէն,
պարտէզէն,
ուր
կ՚ըլլայինք
այնքան
յաճախ։
Հռետորեա՞լ։
—
Չէին
դարձեալ
անոնք,
Արտաշէս
Յարութիւնեան
ինծի
հետ
նոյն
սարսափը
կ՚ապրէր
գրական
այդ
մեղքին
հանդէպ։
Այն
ատե՞ն։
Բայց
ես
ինչ
գիտնամ։
Դժբախտ
քերթուա՞ծը։
Որմէ
դժուար
էր
թերութիւն
մը
առանձնացնել։
Բայց
որուն
մեծագոյն
թշուառութիւնը
կու
գար
կնիքի,
անձնականութեան,
ինքնատպութեան,
նորութեան,
ինքնաբերութեան
որոշ
ՊԱԿԱՍԷ
ՄԸ,
ինծի
համար
չափազանց
զգալի,
ծանր
կշռող
նոյնիսկ,
քանի
որ
իմ
ախորժակները
կը
հակէին
դէպի
այդ
կողքերը
գրական
ստեղծագործութեան։
Կը
տառապէի
այդ
լեզուին
տժգոյն
ու
ողորկ,
սովորական
ու
հաստատ
յօրինուածութենէն։
Կը
տառապէի
այդ
քերթուածին
տրամաբանական,
գրեթէ
քննադատական
ընդլայնումէն,
զայն
ոտքի
հանող
երկրաչափական
մտածողութենէն,
ուզելով
այս
ամէն
իմացական
արժանիքներուն
դէմ
այն
պուտ
մը
խենթութիւնը,
զոր
յետոյ
նշանաբան
պիտի
ընէինք
մերինին։
Չափուած
բառե՛ր,
անշո՛ւշտ։
Բայց
որոնք
զիս
կը
խոցէին
Արտաշէս
Յարութիւնեանի
գրիչին
տակ։
Ի՞նչ
հարկ
վերադառնալ
Պէրպէրեանի,
Թերզեանի,
Աճէմեանի
փառքերուն,
երբ
Վարուժանի
քերթուածները
կը
պտըտէին
բերնէ
բերան,
հակառակ
անոր,
որ
կու
գայլին
շատ
աւելի
հեռու
տաղաչափներու
ազդեցութեանցը
ընդմէջէն։
Երիտասարդ
քերթողը
կերպը
գտած
էր
Մխիթարեան
գրքունակ
հռետորութիւնը
այլապէս
կենագործելու։
Արտաշէս
Յարութիւնեան
խորապէս
պարկեշտ
մարդ
մըն
էր
ու
կը
հաւատար
կարգ
մը
առաքինութիւններու
(իր
ընդվզումները
մեր
քաղաքակրթութեան
դէմ
դրական
էին
ու
պահեց
առնուազն
բարոյական
քաջութիւն
մը
մահուան
մէջ
ու
հետ,
ա/112/ւելի
վերջը,
երբ
իմ
ու
իր
գլուխը
փնտռուեցան
թուրքերուն
կողմէ),
երբ
պաշտպանելու
ատեն
իր
քերթուածը,
չէր
ներել
իրեն
անգութ,
անոպայ,
շփացած
ուրացումներ,
այնքան
ընթացիկ
Պոլսոյ
գրողներուն
համար։
Ինծի
հետ
էր
Սիամանթօն
չափելու
արարքին
մէջ,
անոր
հռետորական
դիւրութիւնը,
ֆրազ
կազմելու
ճարպիկութիւնը
վերածելու
աստիճան
հիւանդագին
արժանիքի։
Իր
քերթուածին
առիթով
սա
շեղումները
լայնօրէն
կը
փոխարինէին
իմ
տառապանքը,
վասնզի
մեր
խօսակցութիւնը
կը
դառնար
կենդանի
դատումի
արձակ
կրթանք
մը։
Հաւասար
կիրքով
կ՚արհամարհէինք
«Աբուլալա
Մահարի»ն
(Աւետիք
Իսահակեան)
ու
կը
մերժէինք
հրապարակին
հիացումը,
որ
նման
բոլոր
հիացումներուն՝
անբացատրելի
է
յաճախ։
Խորունկ
տպաւորութիւն
ըրաւ
իմ
վրայ
իր
անկեղծութիւնը
Վահան
Թէքէեանի
քերթողութեան
հանդէպ։
«Շիրակ»ի
մէջ
(1905,
Եգիպտոս)
Վահան
Թէքէեան
աւելի
քան
խիստ
էր
եղած
«Երկունք»ի
հեղինակին
համար։
Արտաշէս
Յարութիւնեան
ոչինչ
կը
մոռնար,
որպէսզի
ըլլար
մոռցած
Վահանին
անգթութիւնը։
«Ոստան»ի
մէջ
անոր
քերթուածներուն
ընթերցումը
ըրինք
սակայն
խաղաղ
ու
խորունկ
վայելք
մը
իբրեւ։
Արտաշէս
Յարութիւնեան
համեստութենէ
վեր
պայծառամտութեամբ
մը
ճշդեց
իր
տպաւորութիւնը
—
մեր
մէջ
ապրող
ամենէն
լաւ
բանաստեղծը
ընդունելով
զայն։
Մոռցած
էր,
թէ
կը
խաղար
սեպհական
վարկին
հետ։
Ու
ինծի
չափ
խոր
կը
զգար
մռայլութիւնը,
անգամ
բաւ
ու
անդարման,
ուր
նետեր
էին
հրապարակի
կիրքերը
այդ
մեծատաղանդ
բանաստեղծը,
լայն
չափով
կուսակցական։
Մէկ
էր
մեր
զարմացումը,
զայն
գտնելով
այդ
կռիւներուն
մոլուցքին
մէջ
այդքան
խորասոյզ։
Ան
մթնշաղի
մը
մէջ
մտնող
խոստում
մըն
ալ
ըրաւ
ինծի,
Վահանի
հատորին
հրատարակութեան
առիթով
վճարել
արդարութեան
իր
պարտքը
անոր
տաղանդին
։
Պարագաներ,
այլապէս
եղերական,
պիտի
արգիլէին
զինք
այդ
սրտառուչ,
գրեթէ
կտակային
խոստումը
յարգելէ։
Ընդհանուր
Առաջին
Պատերազմին
յայտարարութիւնը
քայքայումն
էր
մեր
գրականութեան։