Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ  (1852-1929)
 

Զարթօնքի սերունդին լիութեան օրերուն, մենք ունինք Պոլսոյ մէջ Խասգիւղի դպրոցը որուն ընդհանուր ձգտումները ըլլալով հանդերձ շարունակութիւնը զիրենք անմիջապէս կանխող սերունդին, յաւելում մըն են այդ սերունդի թէ՛ գաղափարագրութեան եւ թէ՛ ստեղծագործութեան վրայ կատարուած: Չերազ համբաւի կը հասնի 1868ին, այսինքն վեշտասանամեայ, գրականութեան մէջ որ նուիրագործուած անուններ կան, փառապսակ գեղեցկութիւններ եւ ներկային ինչպէս պատմութեան մտատեսութեանը համար ընկալուչ իմացականութիւններ։ Հզօր ստեղծումի շունչն է, Ալիշանի մէջէն, որ կը տարածուի արեւմտահայ մտաւոր ընտրանիին վրայ, ձեւով մը ծանր, երբեմն շատ իրաւ, չըսելու յամար խոր գիրքերու: Այն տարին ուր Պէշիկթաշլեան իր աչքերը կը գոցէ, Չերազի քերթուածները հակասութիւններ չեն, քանի որ նոյն զգայնութեան մէկ ուրիշ կերպարանքն է որ մարմին կը դառնայ Ներսէսեան–Շահնազարեան ուսանողութեան ներսը։ 1929ի վերջերը Մինաս Չերազ, «լցեալ աւուրօք եւ փառօք», օտարութեան մէջ, կը ձգէ սա մեր աշխարհը։ Վաթսունէն աւելի տարիներու գրական վաստակի մը ամպհովանին չունի պաշտպան իր յիշատակին համար, զի այդ վաթսունէ աւելի տարիները լեցուն են գործունէութեամբ մը որ իր կարգին սրտառուչ ողբերգութիւն մըն է

Բանաստեղծ, քննադատ, ատենաբան, ուսուցիչ, գործիչ (յեղափոխական երանգով), դիւանագէտ, զանազան պատուիրակութեանց տիտղոսաւոր առաքեալ, հռետոր, օրագրող, գիտուն, վիպող, - բոլորը տարազներ են որոնք այդ վաթսուն տարիներուն աս ու ան մասին մէջ բացուեցան, գործեցին, փակուեցան, մեզ, այսինքն ճիշդ երեք սերունդ, ձգելով արդար այն շփոթանքին մէջ որ արդիւնքն է այսքան ներհակ տուրքերու իրարու մօտ դրուելուն: Երբ ուզենք այդ տարազներէն ոեւէ մէկը մեր սիրական մեթոտով վերլուծել, ստիպուած ենք ըսելու աշխարհք մը բաներ, բոլորն ալ իրաւ ու ապրուած՝ այս  մարդուն հետ։ Ան որ 1870ի զեփիւռը երգեց` պատանի մըն է այնքան իրաւ որքան ան միւսը որ նոյն այդ թուականներուն պիտի պոռար իր Տրտունջք ը։ Ան որ 1930ի մօտերը ազգային Կենսագրական Միւսիոններ ը խմբագրեց, իրաւ էր այնքան որքան ատկէ քիչ մը առաջ մեռնող Որբերեանը որ իր յիշատակները կը պատմէր, նոյն այդ ժողովուրդին տագնապներէն։ Եւ սակայն ահա տարօրինակը։ Չերազին գրչէն ելած եւ իրարմէ վաթսունէ աւելի տարիներով անջրպետուած այդ երկու կտորներուն ներսը արդի քննադատութիւնը ո՛չ բանաստեղծ կը ճանչնայ, ո՛չ ալ պատմիչ մը։ Ու աւելի տարօրինակ՝ սա իրողութիւնը որ 1943ի Համապատկեր ի հեղինակին համար ճիշդ այս նկատումը ճիշդ է դարձեալ մօտ քառասուն տարի առաջ Շիրակ ի խմբագրին համար (1905, Վահան Թէքէեանի Արեւանկար ը)։ Մինաս Չերազ իր բոլոր տիտղոսները պտտցուցած է իր ետեւէն, անոնցմէ եւ ո՛չ, մէկը ըլալով. այդ բոլորին թելադրած իրողութիւններէն անշուշտ անմասն, անժառանգ յիմար մը չըլլալով, այլ նոյն ատեն այդ բոլորէն թելադրուած իրողութիւններուն հանդէպ որոշ անբաւարարութեամբ մը անդարմանելի կերպով կնքաւոր: Մինաս Չերազ անունին տակ իմ Համապատկեր ը կ՚աշխատի լուծել, այսինքն հասկնալի ընել այս տարօրինակութիւնը։