Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԳԷՏԸ

Այս մանկունակ պատմողը առաջնակարգ գրագէտ մըն է բալեբախտաբար։ Անոր գրիչին տակ կեանք, գեղեցկութիւն ու մեծութիւն կը հագնին դրական տիպարները։ (Մեծն Ներսէս, Դանիէլ Ասորի, Մամիկոնեան սպարապետները, Դրաստամատն ներքինին)։ Ու խորունկ իրականութիւն, ահաւոր ու օրինակելի կարկառի (relief) կը տարուին դարձեալ բացասական տիպարները (Արշակ, Պապ, Արծրունի Մերուժան, եւայլն)։

Պէտք է կարդալ այն շքեղ պատկերը, զոր կու տայ անիկա մեծ հայրապետին՝ Ներսէսի վրայ։ Վկայաբանօրէն պարզ ու ժուժկալ, բայց շօշափուած, դիտողութիւնով զօրացած ոճի մը մէջ անիկա կը գծէ անոր արտաքին գեղեցկութիւնը (որուն նմանը չէր կարելի տեսնել ուրիշ տեղ), հոգիին անհուն կորովը, անոր մարգարէական մեծութիւնը, երբ թագաւորներ կը սաստէ ու չարութիւնը, մեղքը, անառակութիւնը, հայրենադաւութիւնը կը պարսաւէ։ Ու անոր անձանձիր նուիրումը իր հօտին, հիւանդներուն ու մուրացկաններուն իր անձնդիր սպասաւորումը, երկրին մէջ բարենպատակ հաստատութեանց համար իր վատնած անհուն վաստակը։ Գրագէտը այնքան տարուած է իր տիպարէն, որ չի կրնար մէկ գլուխով տալ այս ամէնը։ Ու միշտ պատեհութիւն կը ստեղծէ փառաբանելու համար իր հերոսը։ Ու Մովսէսի պէս դէմք կ՚ըլլայ հայրապետը անոր գրիչին տակ։ Ու տարօրինակը հո՛ն է, որ Աստուածաշունչին մէջ մեզի հաճելի եկող մարգարէին մօտիկ Բիւզանդի Ներսէսը պզտիկ չի մնար։ 

Պէտք է կարդալ նորէն այն ահաւոր նկարը, զոր գրագէտր կու տայ թագաւորէն (Արշակ)։ Առաջին իսկ տողերէն մենք կը տեսնենք ասիացի բռնակալը, որ անգութ է, կասկածոտ, դիւրահաւան, ընչաքաղց ու հեշտամոլ։ Ոը նախարարութիւնները կ՚անճիտէ, անոնց հողերը կը գրաւէ ու իր եղբօր տղաքը կը սպաննէ՝ ունենալու համար անոնցմէ մէկուն կինը` Փառանձեմը։ Որ վտանգի պահուն վախկոտ է չափազանց ու կը զգուշանայ ճակատամարտներու մասնակցելէ, բայց չի խղճահարիր կասկածի վրայ նախարարներ մորթելէ ։ Ու անոր հոգին, որ աւելորդապաշտ է ու անարի։ Անիկա չի կրնար առանց հայրապետին միջամտութեանը ինքզինքը պարտադրել իր ժողովուրդին։ Որ կը ձանձրացնէ իր նախարարները իր չրած պատերազմներովը, ու տղու մը պէս կ՚երթայ իյնալու Շապուհին ծուղակը։ Ու այս ամենուն հետ՝ ահաւոր պատկերը անոր մոլութիւններուն։ Անոր յիմարութիւնը, Արշակաւանը եւ, մանաւանդ՝ մահուան տեսարանները։ 

Դարձեալ, անհատներէն ետքը, Բիւզանդ գիտէ դէպքեր տալ։ Գրեթէ միակն է ինք մեր պատմիչներուն մէջ, որ պատմել գիտնայ։ Այսինքն՝ դէպքի մը պարունակած ամբողջ խռովքը, իրադարձութեանց անձուկը, գործողութեանց բուռն, եղերական, կսկծալի թափը, ճակատագրական ու հզօր փաթեթիք ը, որոնք արքունիքները կը ներկայացնեն ամէն տեղ ու գրեթէ ամէն ատեն, ասոնք ամէնքը գիտէ շահագործել։ Ու դիտելի է, որ այս արդիւնքին կը հասնի անիկա տարօրինապէս պարզ արուեստով մը։ (Մի մոռնաք, որ նախնական գրականութեան մը թերեւս երկրորդ գիրքն է իր գիրքը)։ Այս տեսակէտով գլուխ–գործոցներ են Փառանձեմի վէպը, Արշակի եւ Շապուհի տեսակցութիւնը գինիի առջեւ, մոգերէն յանձնարարուած վրանի գետինին վրայ, Ներսէսի թունաւորումը, Անյուշ բերդի եղերական խնճոյքը։