Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ 

Փարպեցիին գործը իբր պատմութիւն՝ մեր դասական մատենագրութեան ամենէն յաջողներէն մէկն է, չըսելու համար նոյնիսկ ամենէն յաջողը։ Անիկա դարու մը կեանքը կը պատմէ մեզի, որուն կէսը ինք ապրեցաւ ու կէսին ալ տարեգրութիւնները դեռ շատ թարմ էին։ Ինչ որ կը հաղորդէ պատմիչը, գրեթէ միշտ դուրս չելլեր պատմական իրողութեան սահմանէն։ Նոյնիսկ Վահանի անհաւատալի կռիւները, երեսուն հոգիով երեք հազարներ ցիրուցան ընելը հասկնալի եւ իրական կը մնան։ Եթէ երբեմն կը շեղի դէպքերու դրուագումէն ու բարոյախօսութիւն կ՚ընէ, գիտէ շահեկան մնալ, բարքերու պատկերացումով ու պարսաւին պղպեղովը համեմելու համար քարոզին աստուածաբանական ու ընթացիկ զօրութիւնը, միօրինակութիւնը, կէտեր՝ որոնք խորապէս կը վիրաւորեն Եղիշէն։ Վարդանանց պատերազմ ին դրուագը, իբր պատմութիւն՝ ունի վաւերագրական (documentaire) տոկունութիւն, ինչպէս նաեւ ականատեսի անփոխարինելի կենդանութիւն [1] ։ Անշուշտ՝ շրջանին յուզեալ հանգամանքը պիտի ազդէր պատմիչին վրայ ու պիտի կոտրէր անոր թափը, դասական ընդլայնումներու այնքան նուիրուած իր բնական միտումը, հելէն պատմագիրներու մօտ ուսումնասիրուած կառուցման ու չարաշարման ընդունակութիւնները։ Ասոնք կը պակսին ու այս պակասը դէպքերէն՝ կ՚անդրադառնայ անոնց պատկերացումին։ 

 


 



[1]        Արշաւիր Կամսարական իբր ականատես գիտէ դէպքերը։ Փարպեցի զայն կը յիշատակէ իբր աղբիւր իր պատմածներուն։