Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան մեր մատենագրութեան մէջ իր որոշ տեղը, իմաստը ունեցող անուն մըն է։

Դեռ կանխահաս է մտածել այդ տեղին տրուած ըլլալով գործին անտիպ քանակը։ Բայց այժմէն կարելի է անոր իմաստը սեւեռել ջանալ։

Հիներէն, անիկա գրեթէ միակ դէմքն է որ արդի յղացքով գրագէտը թելադրէր իր մէջ։ Աշխարհականի իր հանգամանքը չունիմ նկատի, այս վարկածին մէջ։ Այլ անոր գործէն բաձրացող ընդհանուր տպաւորութիւն մը։

Այսպէս

Հիներուն մօտ ո՛չ մէկը որ ունենար սա մարդուն բազմակողմանի գրական նկարագիրը ։ Չեմ կրկներ ասկէ առաջ ըսուածները։ Բաւ է հաստատել հոս որ այդ գործը, այդ իսկ բարիքով, անփոխարինելի վկայութիւն մըն է աշխարհէ մը, ժողովուրդէ մը, դարէ մը։ Գիտէք թէ իրարմէ հեռու սեռերէ ինչ իրագործումներ կը պաշտպանեն իր անունը։ Ո՛չ ոքի մօտ, մինչեւ իր օրերը, շատ մը բաներ միանգամայն արտայատող սա ձգտումները որոնք, որքան ալ անհատական, կը պատկանին, անդրադարձ օրէնքներով, իրենց շրջաններուն ու կը նկարեն զանոնք ։ Մեր ԺԷ րդ դարը, առանց իրեն, պիտի պակսէր ոչ թէ պատմական ճշմարտութենէ (Առաքել Դաւրիժեցին շատ աւելի արժանահաւատ պատմիչ մըն է, ինչպէս Գրիգոր Դարանաղցին՝ աւելի վարպետ գրագէտ մը), այլ գոյնէ, ներքին իրականութենէ, տեսակարար ( specifique ) համէ, որոնք դարուն մէջ ամենէն կանուխ սրբուող տարրեր են, խուսափուկ, նրբին բայց այլապէս շահեկան։ Ի՛նչ փոյթ որ այս վայելքին հասնելու համար ընթերցողը ըլլայ ստիպուած անդադար կռիւ մղելու հսկայական մեղքերու դէմ, բառերու հեղեղին ու լեզուական բարբարոսութեան, վասնզի մեր տագնապը կը վարձատրուի այն ամբողջական պատկերով որ այդ դարը կը զետեղէ մեր գիտակցութեան մէջ, անջնջելի գիծերով։ Դրէք, ամէն մէկ դարու համար, Երեմիա մը, ԴՈՒՔ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅԻՔ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ։

Երեմիայի շունչը, ուրիշ արժանիք։ Նկատի չունիմ գիրքերուն թիւն ու ծաւալը։ Մեկնողական, հաւաքչական, հմտական ձգտումներ աշխատանքի ոգիի մը յայտարարն են անշուշտ, շատ շատ՝ լրջութիւն, հպարտութիւն։ ԺԷ րդ դարուն, տպարանին մօտէն անցնող (հաստատած է տպարան ուրկէ լոյս է ընծայած երկու հատոր) այդ գրագէտը, Աստուած գիտէ ինչ հզօր թելադրանքներ ունէր իրեն զօրաւիգ երբ իր ժամերը յատկացուց քերթուածին, քրոնիկին, պատմութեան, վէպին. այսինքն իր օրերու գրական կարելի բոլոր սեռերուն մշակումին։ Գրեց, միշտ գրեց, ոչ թէ այժմեան մատենադարանին կռթնած գործաւորին մասնագիտացած դիւրութեամբը, միջոցներովը, այլ թափառական, անապահով հոգիով։ Ու անիկա գէթ վանական մըն ալ չէր, պաշտպանուելու համար ահաւոր արգելքներէ։ Անոր մեծատարած գործը այս կերպով կը բացատրէ անոր մէջ ստեղծագործ շունչին տարողութիւնը։ Մեր հին մատենագիրները հոգեւոր նպատակներու կը սպասարկեն երբ մագաղաթին պաշտօնեան կը դառնան։ Երեմիա ուրիշ որակէ զգացումներ, զգայութիւններ հետապնդեց։ Այս մարդուն մէջ աշուղ մը կար։

Կը կենամ, քիչիկ մը երազուն, անոր խառնուածքին ալ դիմաց։ Անիկա հաղորդ է մեր մատե­նագրութեան բոլոր ձգտումներուն որոնք իր մէջէն պիտի շարունակուին այդ Պոլիսին կեանքովը։ Պատմիչ է, ինչպէս պէտք է ըլլան մեր մէջ բոլոր գրիչ շարժողները։ Բանաստեղծ է, ինչպէս պարտաւոր են ըլլալ ծանրագլուխ, ծանրաբեռն ու սրբազնասուրբ կաթողիկոսներ։ Երգահան մըն է նման Երզնկացիներու, Թլկուրանցիներու։ Ողբասաց ՝ ինչպէս իր ժողովուրդը։ Ու այս ամենուն հետ, նաեւ Պոլսեցին, այսինքն գերի ժողովուրդի մը զաւակ որ հարկին տակն է  քանի մը զգայութիւններ ճարել իր մէկ հատիկ ջղային դրութեան, ու քերթել օտարներուն լեզուովը։

Այդքան հեռուէն, անիկա տարտամ կերպով մը, կը թուի թելադրել կարելի գրականութիւն մը այդ Պոլիսէն, որմէ հատուած մը ըլլար Վենետիկը, իր Մխիթարեաններով։ Երեմիայի ոգին մենք կը գտնենք արեւմտահայ սկսման շրջանին երբ մեր զարթօնքի սերունդին գործիչ-գրողները չեն վախնար ոեւէ սեռէ, ու կարիքին համաձայն կը գրեն ճառ, ոտանաւոր, պատմութիւն, դասագիրք, թատրոն, տնտեսագիտութեան ընթացք, հաւասար այլուրութեամբ որքան պարզմտութեամբ։

Երեմիայի նպաստը մեծ է մեր պատմութեան։

Իր անձը, տարօրինակ, դժբախտ, անհաւասար, կը մնայ հաւատարիմ մեր գրականութեան վաւերական դէմքերուն ուրուապատկերին։

Իր մէկ երկու քերթուածները անմահ էջերը կուտան մեր բանաստեղծութեան։

 

ՎԵՐՋ