Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՄԻՉԻՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԳՈՐԾԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ. Մովսէսը թերեւս ծագումով ու դաստիարակութեամբ հայ, բայց պաշտօն կը վարէ աղուանից կաթողիկոսարանը։ Այնպէս որ՝ իբր հայկական մատենագիր մեզ կը շահագրգռէ անուղղակի ձեւով մը։ Անիկա վերջին ներկայացուցիչը կարելի է նկատել Ե. դարու մեծ դպրոցին, որ հիւսիսական ազգերուն կրօնական ու թերեւս ալ մշակութային միութիւնը երազեց ու այդ ուղղութեամբ անձանձիր աշխատեցաւ։ Մաշտոցի կենսագրին թռուցիկ տեղեկութիւնը հոն արդէն լայն իմաստով քաղաքականութիւն մըն է։ Մեր պետական տկարացումը եւ անկախութեան բարձումը պատճառ եղած են այդ գեղեցիկ երազին քանդումին։ Աղուանները աւելի կորովի ժողովուրդ՝ տակաւ իջնելով Կովկասի բարձրերէն թափանցած մեր երկրին մէջ։ Ու քրիստոնէութիւնը ընդունելու եւ սեպհական աթութայ ունենալէ ետքը կազմված են առանձին իշխանութիւնը, որ իբր մշակոյթի լեզու կը գործածէ հայերէնը, իր լեզուն « խեցգեկագոյն. վայրենի » ըլլալուն պատճառաւ։