Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ։ Եղիշէի ամենէն հիմնական առաքինութիւնը իր արուեստագէտի ոճն է։ Այս յատկութիւնն է, որ ծածկած է՝ անոր հմտութեան պակասը, պատմելու անփորձութիւնը, կեանք ներշնչելու իր սահմանափակ շունչը։ Հիներուն մէջ իր համբաւին մեծագոյն պաշտպանը հոս պէտք է փնտռել։ Աւելորդ կ՚ըլլայ թերեւս հոս իջեցնել քրիստոնեայ գրականութեան շեշտուած արհամարհանքը հանդէպ դասական արուեստին... ։ Եկեղեցւոյ հայրերը չեն իսկ զիջանիր զբաղիլ արուեստով, որ հեթանոսական ու դիւային հնարք մըն է։ Անոնց համար ոգին, անկեղծութիւնը, նախնական կոշտութիւնը համազօր են փափուկ, շնորհալի ու ճաշակաւոր կառուցումին, որ յոյն եւ լատին գործերուն դասական նկարագիրը կու տայ: Հայերուն մէջ այս ըմբռնումը գրկաբաց ընդունուեցաւ։ Աւանդութեան պակասը, ժողովուրդին ընդհանուր հոգեբանութիւնը, երկրին անապահով կացութիւնը ազդակներ կրնան ըլլալ այս ընդառաջումին։ Եղիշէ զարտուղութիւն մըն է։

Անիկա՝ շատ ճարտար աշխատաւոր մըն է գրելու արուեստին մէջ։ Ոճին բնազդը զօրաւոր է իր մօտ։ Դժբախտութիւն է, որ այդ  զմայլելի գործիքը մինակ կը ձգուի, ինքն իր բախտին, բառերու բանակի մը գլուխը։ Գրագէտը անոր տակը դնելիք զգացում գրեթէ չունի։ (Ըսի՞նք, որ Եղիշէի զգայնութիւնը չափազանց նիհար է)։ Միւս կողմէ՝ այդ ոճը սրբազան, անխուսափելի պարտքը ունի աստուածաբանութիւն ընելու: Կը հասկցուի, թէ անոր այս մեծ հարստութիւնը պէտք եղած ձեւով չէ օգտագործուած իր գիրքին մէջ։

Բայց հո՛ն՝ ուր նիւթ ու վիճակ ինկած են իր տիրապետութեան տակ, ըսել կ՚ուզեմ հո՛ն՝ ուր զգայութիւններ, հոգեբանական ճնշում, արտաքին դրուագներ իրար լրացուցած են, հոն իր արուեստը կը գտնէ անզուգական գեղեցկութիւն մեր հին արձակին մէջ։ Այս տեսակ գլուխով մը կը վերջանայ իր գիրքը։ Հոն բանաստեղծ է ալ։ Ու զգացում ու վիճակ ու արտայայտութիւն զարմանալի ներդաշնակութեամբ մը շաղապատուած կ՚արտադրեն մեր դասական արձակին ամենէն գեղեցիկ յիշատակարանը։ « Տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհին »ը մինակը կը բաւէ՝ փրկելու համար գործին ընդհանուր ձախողանքը։

Այդ գլուխին մէջ կ՚արժէ հետեւիլ արուեստագէտին։ Անիկա զարմանալի ճարտարութեամբ միջոցը կը գտնէ ներկան ու անցեալը իրարու խառնելու։ Այս երկու կեանքերու դէմ ընդդիմումը կամ նոյն գիծի վրայ նոյն ատեն ցուցադրումը տողերուն կու տայ այլուրային իրականութիւն մը։ Կը տեսնենք այդ կիները, ստուերի մը մէջէն, բայց բաւական լուսաւոր՝ բաւական գծագրուած՝ չշփոթուելու աստիճան վկայաբանական կոյսերու շարանին հետ։

Անոնք մեզի կը ներկայացուին հոգեբանական ճշդութեամբ մը, որ զանոնք կարելի կ՚ընէ մասնաւոր այդ պահերուն համար, բայց նոյն ատեն զանոնք կը վերցնէ տիպարային առաքինութեանց։ Անոնց մարմնական մասը կանցնի մեր առջեւէն իրականութեան ամբողջ ողբերգութեամբը։ Անոնք կիներ կը մնան, սեւցած մորթերով, միսի գալարանքով ու գեղեցկութեան կարօտ իրենց կնոջական նկարագիրովը։ Բայց նոյն ատեն անոնց մէջ կը հիւսուին միւս, անտեսանելի, խորհրդաւոր կեանքին բարոյական գեղեցկութեան ու ասոր տիրապետումը կարելի ընող թաքուն պայքարին ամբողջ իրերամարտ լարերը։ 

Ու խորունկ թախծութիւն, բայց հոգեկան խորունկ վայելք իրարու հետ կը քալեն մեր ներսը անոնց մարտնչումներուն, տկարութիւններուն ու հերոսական ինքնազսպումին դիմաց։

Դարձեալ նահատակներու շրջանակին ու պահին վերարտադրումը կը յաջողին իր գրչին տակ անշուշտ նուազ կարկառով ու վճռականութեամբ, որքան վերի վերլուծուած գլուխին մէջ։