Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԳԷՏԸ։ Անհաւասար է պատմաբանը։ Անիկա ֆրազ ներ կը շինէ, որոնք իբր` թէ քերթողական նկարագիր պիտի ունենան։ Բայց որոնք հասարակ ու բռնազբօսիկ հռետորութենէ մը անդին չեն անցնիր։ Անիկա պատմող ըլլալէ աւելի՝ նոթագրող մը կը ներկայանայ իր ամբողջ գործին մէջ։ Նախ՝ տեսնելու ձեւ չունի։ Այսինքն՝ դէպքերը, իբր կեանք, բաբախուն իրականութիւն չեն տպաւորեր զինքը։ Անոնք տողի, գլուխի կը վերածուին շատ անգամ, ինչպէս ողջ մէկը՝ երբ պատնուած դագաղ կը դրուի։ Նոյնպէս անձերը տարտամք են։ Գիրքին մեծագոյն մասը պատմողին անձնական, անմիջական շրջանակի մարդերով է լեցուած։ Բայց անոնցմէ ոչ մէկը մեր մտքին մէջ սեփական դէմքով մը չի գծագրուիր։ Զինքը կապող, բանտարկող ոստիկանն անգամ չենք ճանչնար։ Ու այս տեսնելու ձեւը ընդհանուր է ամբողջ գիրքին համար։ Կը զարտուղի, երբ բնական մեծ աղէտներ (երկրաշարժ, հրդեհ, սով) կամ՝ դասական վկայագրութիւններ կը նկարէ։ Այս տեսակ էջեր են իր համբաւաւոր սովի պատկերացումները, ուր իրողութիւններ կան անշուշտ, բայց այնպէս մը շարակարգուած, ընդլայնուած, որ մարդ շարադրական փորձ մը կարդալու պատրանքը կ՚ունենայ։ Յովհաննէս պատմաբանը  կ՚օգտուի մա՛նաւանդ Եղիշէէն, երբ անոր տուած վիճակներուն նման կացութիւններու հետ գործ ունի։ Այս տկարութիւնը պատճառ է, որ գիրքին մէջ դրուագները պակսին բոլորովին։ Բայց անոնք կային իրականութեան մէջ։ Շրջանը մեր պատմութեան ամենէն փաթեթիկ շրջանն է գուցէ։ Իշխաններ ու անհատներ պայքարած են անշուշտ հարաւէն եկողներուն դէմ։ Ու անշուշտ մեծ բանակներու ոտքին կոխան է եղած երկիրը։ Բայց այս ամէնը տրուած են շատ հարեւանցի, այնպէս որ՝ երբ գիրքը կը գոցես, մտքիդ մէջ ոչ մէկ կարկառուն գիծ կը մնայ։