Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՄԱՏԵՆԱԳԻՐՆԵՐԸ (ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ)  

Պարտք կը զգամ հոս արձանագրել գոհունակութիւնը անոնց, որ մեր գիրքը կը սիրեն, հանդէպ այն շարժումին, որ Ամերիկայէն կու գայ դարձեալ։ Անհատական կամ խմբական միջոցներ վերջապէս հատորի մը տանիքին տակ կը մէկտեղեն ոմանց ցանուցիր գործերը: Իմ մասին, այս «բարերարութիւնը» ես արժանի կը գտնեմ այնքան մը գնահատութեան, որքան չէ թերեւս տաճարի մը կառուցումը շքեղ, բայց օտար ոստաններու մէջ, ուր անոր կը սպասէ քանի մը տարի յետոյ միւզէոնի մը փառքը: Վասնզի գիրք մը երբեմն այնքան բարիք կ՚ընէ, որքան չեն ըրած տասը ժամ ու հինգ դպրոց միասին։ Քաղքենին, ե րէկուանը, մեր երկրին մէջ եկեղեցի ու վարժարան կ՚երազէր, բայց ժլատ էր չափազանց գիրքին հանդէպ։– Չեմ մօտենար անոր մտայնութեան հանդէպ գրողին, կարմիր կու գայ աչքերուս։– Նոր քաղքենին գուցէ կ ՚ անգիտանայ իր ժեսթին տարողութիւնը։ Աւելորդ չէ յիշեցնել իրեն, թէ մագաղաթը աւելի կ ՚ ապրի, քան մարմարը։ Ի՞նչ է եկած մեզի մեր պատմութենէն, անոր այսպէս ըսուած փառքերէն, քանի մը գիրքերէ դուրս: Ու ի՞նչն է նորէն, որ այսքան կործանումներէ յետոյ, քանդուած ծիածանի մը նման մեր գլուխներուն կը յամառի թրթռալ ու տեւել։ Ունի՞նք աւելի կախարդ յոռութք մը, քան մեր գրականութիւնը։ Որ մեր տղաքը կապէ մեր ցեղին ու մեր ճակատագրին։ Անոնք, որ գիրք մը կը տպեն, հեցուկ կը կապեն մեր հոգիին խորտակուած սիւներուն։

Յ. ՕՇԱԿԱՆ («Զուարթնոց», 1930, թիւ 7)

 

* * *

Յ. Օշական Մեր հին մատենագրութեան շուրջ ունի բաւական լայն վերլուծումները։ Այդ աշխատանքի ծիրէն ներս ունի լույս ընծայած կտորներ « Զուարթնոց » ամսագրի, Ազգ. հիւանդանոցի « Տարեցոյց »ի, Թէոդիկի « Տարեցոյց »ի եւ « Սիոն »ի մէջ, որոնց մէջէն առնուած են այս հատորը բաղկացնող կտորները՝ սկսելով Սահակ Պարթեւ հայրապետի « Մանկութիւն » եւ « Պատանեկութիւն » ենթախորագրեալ վերլուծական էջերէն մինչեւ Ներսես Լամբրո ն ացի։ 

« Համապատկեր Արեւմտահայ գրականութեան » Ժ. հատորի մէջ (էջ 304), Օշական կը հաստատէ, որ այս շարքէն մշակած է « Գողթան Երգեր », « Յաճախապատում », « Եզնիկ », « Խորենացի », « Յովհաննէս Դրասխանակերտցի », « Գրիգոր Նարեկացի », « Գրիգոր Մագիստրոս », « Յ ովհաննես Սարկաւագ », « Մատթէոս Ուռհայեցի » « Մխիթար Հերացի » եւ « Մխիթար Գօ շ »։ 

Իր վկայութեամբ (նոյն, անդ) «Այս անուններէն Մագիստրոս, Նարեկացի, Շնորհալի, Լամբրոնացի գտած են լրիւ ու ս ում ն ասիրութեան մը նախապայմանը արդարացնող յօրինուածք։ Օշական այդ մարդերը թաթխած է իրենց շրջաններուն հոգեխառնութեանցը ծոցը ու հետապնդած անոնց մէջ ցեղային գիծեր, հայ հոգիին շառայլները»։ 

Ինչպէս կ՚երեւի այս հատորը ամբողջական ըլլալէ շատ հեռու կը մնայ, միւս կտորներու անյայտութեան պատճառաւ։ Սակայն Օշականի վերլուծական ինքնուրոյն մօտեցումի շահեկանութենէն մղուած լոյս կ՚ընծայենք զայն իր ներկայ բովանդակութեամբ։