Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԸ։ Կը բաղկանայ հարիւր ութսուն եւ եօթը գլուխներէ։ Առաջին գլուխը տեսակ մը ծրագիր է, ուր գործին մեծ գիծերը կու տայ ու առաջին մասին մէջ արագ ընթանալը կը պատմէ։ Յետոյ կանցնի բուն նիւթին։ Այսինքն՝ աշխարհածնութիւնը մը (cosmogonie) կը յօրինէ՝ հետեւելով Խորենացիին։ Բոլոր ազգերը կը ծնին, ինչպէս հայը։ Ու Խորենացիէն համառօտուած կու տայ հայկազնեան աւանդական հարստութիւնը, յետոյ՝ Արշակունեաց հարստութիւնը, մարզպանները եւ ոստիկանները։ Մինչեւ իր ականատեսի վկայութիւնները, գիրքը զուրկ է շահեկանութիւնէ։– Բայց Բագրատունեաց հարստութենէն իր պատմածները, մա՛նաւանդ իր կաթողիկոսացումէն ետքը իր տեսածները եւ քաշածները, Սմբատ, Աշոտ, Գագիկ (Բագրատունի եւ Արծրունի թագաւորներ) Եուսուփ, Բուղա, Աւշին, Նոր, Բշր ոստիկանները։ Յետոյ՝ ինչպէս Աշոտին մօտ (Շա հ ն շ ա հ ), պատուասիրուիլը։

Ինչպէս կը տեսնուի այս արագ թուումէն, գրքին մեծագույն մասը կը գրաւեն իր անձնապէս տեսած ու ապրած դրուագները։ Վերջաբանին մէջ ողջ մը կայ, նման Խորենացիի գրածին։